ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §²½¹³Ï¦Ç
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.518 - 12 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013 - лé. (54 11) 4775 7595
Ødzó»³É Ú³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝ
Ð
³Ûáó ò»Õ³ëå³Ýáõû³Ý 100³Ù»³ÏÇ ë»ÙÇÝ ³õ»ÉÇ ù³Ý »ñµ»ù ³ÝÑñ³Å»ßï ¿ ÙdzëÝ³Ï³Ý Ùûï»óáõÙÝ»ñáí áõ ѳٳï»Õ ç³Ýùáí ¹ÇÙ³·ñ³õ»É г۳ëï³ÝÇ Ð³Ýñ³å»ïáõû³Ý, ²ñó³ËÇ, æ³õ³ËùÇ áõ ê÷ÇõéùÇ ³éç»õ ͳé³óáÕ Ù³ñï³Ññ³õ¿ñÝ»ñÁ£ Îáã ÏþáõÕÕ»Ýù Ù»ñ ÅáÕáíáõñ¹ÇÝ áñ 100³Ù»³ÏÇ ÝßáõÙÁ ³Ù¿Ýáõñ»ù ϳï³ñáõÇ Ñ³Ù³Ñ³ÛÏ³Ï³Ý ï³ñáÕáõû³Ùµ áõ Ùdzó»³É ݳ˳ӻéÝáõÃÇõÝÝ»ñáí£ Ä³Ù³Ý³ÏÝ ¿ áñ Ù»ñ ù³Õ³ù³Ï³Ý ³ß˳ï³ÝùÝ»ñáõÝ Ù¿ç µ³óáõÇ å³Ñ³Ýç³ïÇñáõû³Ý Ýáñ ¿çª ׳ݳãáõÙ¿Ý áõ ¹³ï³å³ñïáõÙ¿Ý ³Ý¹ÇÝ£ ²Ûë áõÕÕáõû³Ùµ ѳñÏ ¿ Ù¿Ïï»Õ»É Ù»ñ ³ÝųٳÝó»ÉÇ »õ ³ÙµáÕç³Ï³Ý Çñ³õáõÝùÝ»ñáõ Ó»éùµ»ñÙ³Ý ù³Õ³ù³Ï³Ý áõ ûñÇÝ³Ï³Ý »ñ»ëÝ»ñáõ áõëáõÙݳëÇñáõÃÇõÝÝ»ñÁ »õ å³Ñ³Ýç³ïÇñ³Ï³Ý ÉÇóù ï³É ÐÐ ä»ï³Ï³Ý Ú³ÝÓݳÅáÕáíÇ Ý³Ë³Ó»éÝáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ£ Îáã ÏþáõÕÕ»Ýù ÐÐ Çß˳ÝáõÃÇõÝÝ»ñáõݪ ÉÇáíÇÝ ³Ý¹ñ³¹³éݳÉáõ ѳÛ-Ãáõñù ³ñӳݳ·ñáõÃÇõÝÝ»ñáõ Ïáñͳݳñ³ñ Ñ»ï»õ³ÝùÝ»ñáõÝ, ÐÐ ²½·³ÛÇÝ ÄáÕáíÇݪ Çñ ûñ³Ï³ñ·¿Ý Ùdzݷ³ÙÁݹÙÇßï ѳݻÉáõ ³Ýáñ í³õ»ñ³óÙ³Ý Ñ³ñóÁ »õ ÐРܳ˳·³ÑÇݪ Û»ïë Ïáã»Éáõ Çñ ëïáñ³·ñáõÃÇõÝÁ£ г۳ëï³ÝÇ ³Ýíï³Ý·áõû³Ý ³å³ÑáíáõÙÁ, ÑáÝ ÅáÕáíñ¹³í³ñ³Ï³Ý áõ ÁÝÏ»ñ³ÛÇÝ ³ñ¹³ñ ϳñ·»ñáõ ѳëï³ïáõÙÁ »õ Ù»ñ å»ï³Ï³Ýáõû³Ý ͳÕÏáõÙÝ áõ ѽûñ³óáõÙÁ ³é³çݳϳñ· Ññ³Ù³Û³Ï³ÝÝ»ñ »Ý£ ²é³õ»Éª ³ÝÑñ³Å»ßï ¿ ϳë»óÁÝ»É Ñ³Ûñ»ÝÇùÁ ¹³ï³ñÏáÕ ³ñï³·³ÕÃÁ »õ ³½·áíÇÝ
¹ÇÙ³·ñ³õ»É ³Û¹ Éáõñç íÁï³Ý·Á áñáß³ÏÇ Íñ³·ÇñÝ»ñáí£ ä³ñïÇÝù ݳ»õ Û³ïáõÏ Ã³÷ ï³É г۳ëï³Ý-Áê÷Çõéù Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»-
ñáõÝ, ½³ÝáÝù ¹³ñÓÝ»Éáí ÙÁݳÛáõÝ, ɳõ³å¿ë ϳñ·³õáñáõ³Í »õ ÷á˳¹³ñÓ Ñ³ëϳóáÕáõÃÇõÝÝ»ñáõ áõ ß³ñáõÝ³Ï³Ï³Ý Ùß³ÏÙ³Ý ÙdzëÝ³Ï³Ý ·áñÍÁÝóóÇ íñ³Û ˳ñëËáõ³Í£ ²ñó³ËÇ ÇÝùÝáñáßÙ³Ý Çñ³õáõÝùÇÝ Ñ³Ù³ñ ³ß˳ñÑáí Ù¿Ï ï³ñáõáÕ Ù»ñ ù³ñá½ã³Ï³Ý áõ ù³Õ³ù³Ï³Ý å³Ûù³ñÁ ѳñÏ ¿ Áݹ³ñÓ³Ï»É ß»ßï³¹ñ»Éáíª ÈÔÐÇ ×³Ý³ãáõÙÁ Çñ ÷³ëï³óÇ »õ ë³Ñٳݳ¹ñáõû³Ùµ ³Ùñ³·ñáõ³Í ë³ÑÙ³ÝÝ»ñáí£ Ü³»õª ËÃ³Ý Ñ³Ý¹Çë³Ý³É é³½Ù³í³ñ³Ï³Ý Ý߳ݳÏáõÃÇõÝ áõÝ»óáÕ Ñ³Ù³Ñ³ÛÏ³Ï³Ý ³ÛÝ µáÉáñ ݳ˳ӻéÝáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ, áñáÝù ÏÁ ÙÇïÇÝ ³Ùñ³åݹ»É ²ñó³ËÇ å»ï³Ï³Ýáõû³Ý ÑÇÙ»ñÁ »õ ³å³Ñáí»É ³Ýáñ ïÝï»ë³Ï³Ý ½³ñ·³óáõÙÁ£ æ³õ³ËùÇ å³ñ³·³ÛÇÝ, ³ÝÑñ³Å»ßï ¿ ³½·áíÇÝ Ý»óáõÏ Ï³Ý·ÝÇÉ Çñ å³ïÙ³Ï³Ý ÑáÕ»ñáõÝ íñ³Û ³åñáÕ Ñ³Ûáõû³Ý Çñ³õáõÝùÝ»ñáõÝ »õ Ó»éݳñÏ»É ³Ýáñ ÁÝÏ»ñ³-ïÝï»ë³Ï³Ý Çñ³íÇ׳ÏÇ µ³ñ»É³õÙ³Ý ù³ÛÉ»ñáõ£ ê÷Çõéù³Ñ³Ûáõû³Ý å³ñ³·³ÛÇݪ Ð³Û ¸³ïÇ Ù³ñ½¿Ý Ý»ñë í»ñçÇÝ ï³ëݳٻ³ÏÝ»ñáõ ϳñ»õáñ Ó»éùµ»ñáõÙÝ»ñáõÝ íñ³Û å³ñïÇÝù ˳ñëË»É å³Ñ³Ýç³ïÇñáõû³Ý ÃÕóÍñ³ñÇ ³ñͳñÍáõÙÁ£ Æñ ë»÷³Ï³Ý
ç³Ýù»ñáõÝ ÏáÕùÇÝ ê÷ÇõéùÁ ϳñÇù áõÝÇ Ý³»õ ÐÐ å»ï³Ï³Ý Ñá·³Íáõû³Ý ³é³ç ï³Ý»Éáõ ѳٳñ ѳ۳å³Ñå³ÝÙ³Ý áõ ѳ۳ϻñïÙ³Ý Çñ ϳñ»õáñ³·áÛÝ ³é³ù»ÉáõÃÇõÝÁ£ ÆëÏ áã ¹³ë³Ï³Ý ê÷ÇõéùÇ Ýáñ Ó»õ³õáñáõáÕ ßñç³ÝÝ»ñáõÝ å³ñïÇÝù ѳÕáñ¹»É ϳ½Ù³Ï»ñå ѳõ³ù³Ï³Ý Ï»³ÝùÇ Ñ³ëϳÏóáÕáõÃÇõÝ »õ ½³ÝáÝù ÙÕ»É Íñ³·ñáõ³Í ³ß˳ï³ÝùÇ£ êáõñdzѳÛáõû³Ý ³åñ³Í ﳷݳåÁ Ù»ñ µáÉáñÇÝ ï³·Ý³åÝ ¿£ ²Û¹ Ï»ÝëáõÝ³Ï ·³ÕáõÃÁ ѳٳ½·³ÛÇÝ áõß³¹ñáõû³Ý, ·áõñ·áõñ³ÝùÇ áõ ûųݹ³Ïáõû³Ý Ïǽ³Ï¿ïÁ ÏÁ ÙÝ³Û áõ åÇïÇ ß³ñáõݳϿ ÙÝ³É ÙÇÝã»õ ˳ճÕáõû³Ý ѳëï³ïáõÙ áõ ³ÙµáÕç³Ï³Ý í»ñ³Ï³Ý·ÝáõÙ£ ä³ñïÇÝù ÙÕ»É áÕç ѳÛáõÃÇõÝÁ áñå¿ë½Ç ³Ý ëáõñdzѳÛáõû³Ý µ³½Ù³ÃÇõ ϳñÇùÝ»ñáõÝ Ñ³ëÝ»Éáõ ÏáÕùÇݪ ×Ç· ó÷¿ ³Ýáñ ³Ýíï³Ý·áõû³Ý »ñ³ßËÇùÝ»ñ ³å³Ñáí»Éáõ£ ø³ç ÏÁ ·Çï³ÏóÇÝù, áñ ѽûñ гÛñ»ÝÇù áõ Û³ÝÓݳéáõ ê÷Çõéù, áñå¿ë ½Çñ³ñ ³ÙµáÕç³óÝáÕ, ½Çñ³ñ ·ûï»åݹáÕ ûÕ³ÏÝ»ñ, ÙdzëÝ³Ï³Ý ×Ç·»ñáí åÇïÇ ß³ñáõݳϳµ³ñ í»ñ³Ñ³ëï³ï»Ý ³ß˳ñѳë÷Çõé ѳÛáõû³Ý Ù¿Ï ÅáÕáíáõñ¹ ÁÉɳÉáõ ѳݷ³Ù³ÝùÁ »õ Ù»Í áõ ³ÙµáÕç³Ï³Ý г۳ëï³ÝÇ Ï»ñïáõÙÇ Ñ³õ³ïáÛ Ñ³Ý·³Ý³ÏÁ£ êàòº²È ¸ºØàÎð²î ÐÜâ²Îº²Ü Îàôê²ÎòàôÂÆôÜ Ð²Ú ÚºÔ²öàÊ²Î²Ü ¸²ÞܲÎòàôÂÆôÜ è²Øβì²ð ²¼²î²Î²Ü Îàôê²ÎòàôÂÆôÜ ä¿ÛñáõÃ, 9 ¸»Ïï»Ùµ»ñ
²Ñٻà î³õáõÃûÕÉáõ
«Հայաստան պէտք է յարգէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»
Թ
ուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Երեւան կատարելիք այցելութենէն քանի մը օր առաջ կրկին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տաւութօղլու «Հապերթուրք» պատկե-
րասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ մենք գերազանց յարաբերութիւններ հաստատենք Հայաստանի հետ, միեւնոյնն է` անոնք վտանգուած պիտի ըլլան այնքան ժամանակ, քանի տակաւին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն չէ հաստատուած»:
«Մենք շաւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի հետ: Միակ բացակայ օղակը Հայաստանն է: Եթէ հայերը կը ցանկան մաս կազմել այս ընդհանուր պատկերին, ապա պէտք է յարգեն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», նշեց ան:
Գիւմրին աշխարհաքաղաքական ուշադրութեան կեդրոն
Ե
րկրաշարժի 25ամեակին առիթով լոյսին բերուող մտածումներուն ու հրապարակումներուն քաղաքական հնչեղութիւն տալը, կամ անոր հետ կապուած երեւոյթները քաղաքականացնելը ճիշդ պիտի չըլլար լրագրական բարոյագիտութեան (էթիքայի) դիտանկիւնէն: Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յարգումը ինքզինք կը պարտադրէ նման պահերու, եւ այդ յարգումի սկզբունքէն մեկնած կը դիտարկուին շինարարական աշխատանքները, զոհերու հարազատներուն հասած օժանդակութիւնները, բնակարանային շինութիւնները, քաղաքի վերակառուցումը ընդհանրապէս եւ վերականգնողական համապատասխան աշխատանքները: Աղէտի գօտիի մասին է խօսքը ընդհանրապէս, բայց առաւելաբար Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաք Գիւմրիին, որ երկրաշարժի կեդրոնն էր: Իսկ Գիւմրի անունը, եթէ նախ եւ առաջ նման պահու երկրաշարժի բոլոր հետեւանքներու վերացման աշխատանքները կը յուշէ, զուգահեռ կ՛ընդգծէ նաեւ աշխարհաքաղաքական բեւեռի վերածուելու յայտարարութեամբ քաղաքական բեմին վրայ ներկա՛յ յայտարարող երկրի ղեկավարին այցելութիւնը: Գիւմրիի Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալը, ռուսական ռազմակայանի ընդարձակումը, նոր զօրքի ժամանումը եւ անշուշտ Մոսկուայի թիւ մէկ ղեկավարին այցելութիւնը ցուցանիշ են քաղաքին տրուած կարեւորութեան, այս պարագային տարածաշրջանային մակարդակով: Պարզ էր ու ակնկալելի, որ Անգարան պիտի անհանգստանար Գիւմրիի վրայ նման կեդրոնացումներու արձանագրումով: Եւ եթէ մէկ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին թրքական կողմը եւրոպական ֆինանսաւորումով կ՛ականազերծուէր, ընդհանրապէս Անգարայի կողմէ աշխուժացած խաբկանքի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, միւս կողմէ այլ սահմաններու վրայ ռուսական ռազմակայանը կ՛ընդարձակուէր եւ նոր զօրախումբով կը համալրուէր: 25 տարի առաջ աւերուած Գիւմրին մոխիրներէն յարութիւն կ՛առնէր, կը վերականգնէր եւ քաղաքի տեսք կը ստանար վերջին շրջանին: Գիւմրին այժմ, շրջանային ու նաեւ միջազգային իրադարձութիւններու նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ ռազմաքաղաքական յատուկ կարեւորութիւն կը ստանար: Գիւմրի կատարուած այցելութիւնը կը հետեւէր Հայաստանի Հանրապետութեան համար վճռորոշ օրերու: Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումի յայտարարութեամբ եւ Վիլնիւսի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագրի նախաստորագրութեան արարը կորսնցուցած Երեւանը, միջազգային ընտանիքին կը փոխանցէր, որ ինք պատրաստ է շարունակելու բազմաշառաւիղ (բազմավեկտոր) քաղաքականութիւնը: Գիւմրի կատարուած թէ՛ այցելութիւնը ինքնին, թէ անոր հետեւած տարածաշրջանային ընդգրկուածութիւն ունեցող բազմաթիւ համաձայնագրերու կնքումը եւ ռազմակայանի ընդարձակման հետ կապուած նոր որոշումները, յայտնապէս կը դժուարացնեն Երեւանի յայտարարած բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան կիրարկումը: Գիւմրին սակայն, ոչ միայն Մոսկուայի համար, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան համար, այլ ուղղութեամբ անշուշտ, ռազմավարական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող աշխարհագրական միջավայր է: Անկախ սահմանադուռերու անցակէտերէն, Գիւմրին Կարսին հետ այն քաղաքն է, որ պիտի կամրջէ երկու երկիրները: Ռուսիոյ համար զսպելու թրքական թափանցումները դէպի Կովկաս, իսկ Եւրոպական Միութեան համար` Կովկասէն դէպի Եւրոպա կարեւոր մայրուղի հարթելու: Երկրաշարժի 25ամեակի զոհերու յիշատակի յարգումը ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող է. ասկէ զատ Գիւմրին, իր վրայ կեդրոնացուց ռազմաքաղաքական կարեւորութիւն: Երկրաշարժով աւերուած Գիւմրին վերականգնած է այսօր 25 տարի ետք: Ոչ միայն վերականգնած, այլ ստացած աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն: Պէյրութ
ARMENIA
II
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013
г۳ëï³Ý
Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ 1988ի աւերիչ երկրաշարժին 25ամեակը
Շ
աբաթ 7 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ յարգուեցաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Օրուան ընթացքին մարդաշատ էին ինչպէս Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Մարդիկ երկրաշարժէն քառորդ դար ետք դարձեալ կ՛այցելեն աղէտին զոհ գացած հարազատներու շիրիմները` սգալու անոնց կորուստը: Սպիտակի երկրաշարժի 25ամեակին առիթով քաղաք այցելած հիւրերը` քաղաքական, դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Ֆրանսայի խորհրդարանի Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի Գիւմրիի մէջ գտնուող անդամները, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած անմեղ զոհերու յուշարձանին մօտ ժամը 11:41ին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատու Վարդան վրդ. Նաւասարդեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Âáõñùdz
Նոր զարգացումներ Տինքի սպանութեան դատին
Պ
ոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ Դեկտեմբեր 3ին տեղի է ունեցած է «Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան՝ վերսկսած դատավարութեան նոր նիստը: Ըստ Radikal-ին՝ ուշագրաւ զարգացումներ տեղի ունեցած են. սպանութեան դրդողներէն համարուող Էրհան Թունճէլ գլխաւոր մեղքը բարդած է ոստիկանութեան վրայ` յայտարարելով. «Մեր դիմաց կանգնածը ոչ թէ ոստիկանութիւն է, այլ հրոսակախումբ»: Թունճէլ, մասնաւորապէս, որպէս սպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ մատնանշած է Տրապիզոնի Ապահովութեան ծառայութեան ռազմավարական վարչութեան նախկին պետ Ռամազան Աքեիւրէքը: «Անոնք յանցագործ խմբակցութեան անդամներ են, սակայն յաջողած են խոյս տալ՝ զիս դարձնելով թիւ մէկ մեղադրեալը», ըսած է Թունճէլ: Ան այս անգամ ալ չէ նշած շօշափելի որեւէ յանցագործ կազմակերպութեան անուն` կրկնելով նախապէս իր ըրած յայտարարութիւնը, թէ Տինքի սպանութեան գործին մէջ ներգրաւուած է «Էրկէնեքոն»էն աւելի ազդեցիկ կառոյց մը` ընդգծելով, որ ան ո՛չ կառավարութիւնն է, ո՛չ ալ ծանօթ կրօնապետ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համայնքը: Սակայն աւելցուցած է, որ պետութիւնը աշխատավարձ կու տայ այդ հրոսակախումբի անդամներուն: Իր ամբողջ ելոյթի ընթացքին Թունճէլ փորձած է արդարացնել ինքզինք` պնդելով, որ ինք Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ որեւէ կապ չունի, ընդհակառակն` փորձած է կանխել, եւ կարելի է զինք միայն որպէս վկայ ներգրաւել: Դատավարութեան ընթացքին Հրանդ Տինքի ընկերները Պոլսոյ Արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպած են:
öáõÃÇÝÇ ³ÛóÁ
Շ
Բողոքի ցոյցեր եւ միջադէպեր Երեւանի մէջ
ուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած թուականին՝ Դեկտեմբեր 2ին, նախագահ Փութին Հայաստան այցելած է՝ հոծ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Ռուսաստանի նախագահը անմիջապէս Գիւմրի գացած է, ուր իր պաշտօնակից Սերժ
ներէն եւ ընդհանրապէս անոնց յարակից բոլոր ոլորտներէն: Փութին եւս իր խօսքին մէջ ընդգծած է տնտեսական այն բոլոր առաւելութիւնները, զորս Հայաստան պիտի ստանայ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան շնորհիւ: Ռուս ղեկավարը ի մէջ այլոց շեշտած է նա-
Ապա, անոնք այցելած են Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ քով գտնուող Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին բարձրացուած յուշակոթողը եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են: Հոնկէ, Փութին եւ Սարգըսեան մեկնած են Ծիծեռնակաբերդ, ուր նոյնպէս ծաղկեպըսակներ զետեղած են Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին:
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ
Սարգսեանի հետ մասնակցած է հայ-ռուսական միջշրջանային երրորդ համաժողովին: Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ նշելով այն տնտեսական առաւելութիւնները, զորս Հայաստանին պիտի ապահովէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: Վերջին երեք ամիսներու զարգացումներէն ետք, մինչ դեռ հազիւ երեք օր առաջ եւրոպացի ղեկավարներու հետ լեզու գտնելու դժուար իրավիճակին մէջ յայտնուած էր, նախագահ Սարգսեան այս անգամ ալ սիրաշահ խօսքեր արտասանած է իր ռուս պաշտօնակիցին: Ըսած է, թէ երեք ամիս անցած է Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի մտադրութեան մասին յայտարարութեան պահէն, սակայն արդէն հսկայական աշխատանք կատարւած է: Ընդունուած է Եւրասիական տընտեսական բարձրագոյն խորհուրդի համապատասխան որոշումը: Ստորագրուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբերու միջեւ յուշագիր մը: Հայաստանի նախագահը շատ փայլուն պատկեր մը պարզած է ՀայաստանՌուսաստան յարաբերութիւն-
եւ իր երկրին տարածաշրջանային վճռական քաղաքականութիւնը՝ ըսելով, որ Ռուսաստան պիտի չհեռանայ Կովկասէն եւ հոն աւելի պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը: Անդրադառնալով Հայաստանի ընտրութեան՝ ան շեշտած է, որ հարցը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Մաքսային Միութեան միանալուն, բայց կայ նաեւ այնուհետեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հեռանկարը: Աւելցուցած է, որ իր ժամանումէն ետք նախագահ Սարգսեանի հետ ճամբուն վրայ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին վերջինս իրեն յայտնած է, թէ հայաստանցի փորձագէտները եւ տնտեսագէտները ըրած են անհրաժեշտ բոլոր հաշիւները, դրականն ու բացասականը կշռած, ու կատարած են իրենց ընտրութիւնը Մաքսային Միութեան ի նպաստ: «Ատիկա Հայաստանի ժողովուրդին եւ հայաստանեան ղեկավարութեան գերիշխան ընտրութիւնն է: Բնականաբար, Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ Հայաստանի հետ գործակցութեան զօրավիգ կանգնելու համար», ընդգծած է ռուս ղեկավարը: Գիւմրիի մէջ երկու նախագահները այցելած են ռուսական սահմանապահ 102րդ զօրամասի կեդրոնատեղին:
Ինչպէս կ՚ակնկալուէր՝ բոլորը չէ, որ գրկաբաց կը սպասէին Ռուսաստանի նախագահին: Անոր այցելութեան եւ Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Երեւանի կեդրոնը՝ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ: Ոստիկանները փորձած են կասեցնել ցուցարարներու երթը Ազատութեան հրապարակէն դէպի կառավարութեան շէնք, ինչ որ պատճառ դարձած է բախումներու: Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի հետ բանակցութիւններէն ետք՝ ոստիկանները համաձայնած են բանալ ճամբան, որմէ ետք կառավարութեան շէնքին շուրջ նոյնպէս պատնէշ կազմած են: Ցուցարարները «Ազա՛տ, անկա՛խ Հայաստան», «Սերժի՛կ, հեռացի՛ր», «Ո՛չ՝ Խորհ. Միութեան» եւ այլ կոչերով, պաստառներով քալած են դէպի կառավարութեան շէնք, ուրկէ կը ծրագրէին երթալ դէպի նախագահական նստավայր, ուր տեղի կ՚ունենար երկու ղեկավարներուն հանդիպումը: Ոստիկանութիւնը, որ արտօնութեան բացակայութեան պատճառաբանութեամբ՝ ապօրինի յայտարարած էր ցոյցը, անոր մասնակիցներուն երթը կասեցուցած է կառավարութեան շէնքէն դէպի նախագահի նստավայր հատուածին: Ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմուած պատնէշը ճեղքելու փորձեր կատարած 110 ցուցարարներ ձերբակալւած, ապա ազատ արձակուած են:
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013
î»ë³Ï¿ï
Ծագող արեւի երկիրը. պարարտ հող հայերուն համար
Ա
նցեալ ամիս առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Ճափոն հիասքանչ երկիրը: Թոքիոյի «Նարիթա» օդակայանին մէջ հազիւ ոտքս դրած, կարծէք յայտնուեցայ գերիրապաշտ երկրի մը մէջ. այնքան լաւ, որ անհաւատալի կը թըւէր… Առաջին բանը, զոր կը նկատես, ճափոնցիներու ծայրայեղ քաղաքավարութիւնն է: Հիւրերուն առջեւ շարունակ խոնարհելով անոնց ողջոյնը անհամեմատելիօրէն աւելի յարգալից է, քան՝ մեր սովորական ձեռքսեղմումը: Ես զարմացայ, երբ պարզեցի, որ անոնք բոլորին միեւնոյն հիանալի ծառայութիւնը կը մատուցեն՝ առանց յաւելեալ վճարումի: Ոչ ոք կողմնակի գումար կը ստանայ, ներառեալ՝ մատուցողներն ու կառատուներու սպասարկողները: Ճափոնը կատարեալ մաքրութեան երկիր է: Ոչ մէկ տեղ կրնաս աղբ գտնել: Որեւէ տեղ աղբի կուտակումներ չկան: Փողոցին մէջ չես տեսներ նոյնիսկ ծռմռուած կամ փոշոտ ինքնաշարժ մը: Նոյնիսկ շինանիւթեր տեղափոխող բեռնատարները ծածկուած են ցանցով եւ բեռնման հրապարակէն դուրս գալէն առաջ զանոնք կը լուան, որպէսզի կեղտը չթափի քաղաքի փողոցներուն մէջ: Զարմանալի է, որ Թոքիոն հարուածած փոթորիկէն ետք նոյնիսկ փողոցներուն մէջ աղբի մնացորդներ չկային: Ի լրումն այս բոլորին, Ճափոնի մէջ յանցագործութեան ցուցանիշը շատ ցած է՝ շնորհիւ բնակչութեան հանգիստ պահւածքին եւ զէնքի բացակայութեան: Թէեւ Թոքիոյի մայթերը մարդաշատ են, սակայն ամէն մէկը իր գործին կ՛երթայ՝ առանց ուրիշները հրելու կամ հրմշտելու, վիճելու կամ ձայնը բարձրացնելու: Վարորդները կը յարգեն երթեւեկութեան կանոնները եւ իրենց ինքնաշարժները կը վարեն սահմանուած կարգով՝ առանց միւսներուն առջեւը կտրելու կամ ձայնային ազդանշան տալու: Փողոցներուն մէջ կարելի է տեսնել բժշկական դիմակներ կրող մեծաթիւ անձեր: Կը թուի, թէ անոնք այդ ձեւով իրենք զիրենք կը պաշտպանեն անցորդներէն՝ կրիփով կամ այլ հիւանդութեամբ չվարակուելու համար: Սակայն կը պարզուի, որ նոյնինքն դիմակով մարդիկ հիւանդ են կրիփով: Անոնք այնքան ուշադիր ըլլալով՝ չեն ուզեր, որ իրենց ժահրերը փոխանցուին միւսներուն։ Ճափոնական սրբավայրեր եւ հին պալատներ այցելելէն բացի, այս հեռաւոր երկրին մէջ ես կարելիութիւն ունեցայ մասնակցելու հայութեան վերաբերող ձեռնարկներու: Ուրախութեամբ գիտցայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դես-
պանատուն ունէր Թոքիոյի մէջ: Դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը եւ կցորդ Մոնիքա Սիմոնեանը սիրալիր ընդունեցին զիս եւ համառօտ ներկայացուցին իրենց անխոնջ ջանքերը՝ ուղղուած երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման: Մենք քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին եւ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն: Բաւական հաճելի անակընկալ էր Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպած համերգը՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110ամեակին: Երեք անուանի երաժիշտներ՝ դաշնակահարներ Արմէն Բաբախանեանը եւ Ջուլետա Վարդանեանը եւ թաւջութակահար Արամ Թալալեանը Հայաստանէն յատուկ ժամանած էին այդ եզակի երեկոյթին համար: Ճափոնական լսարանը, օտար երկիրներու դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ քանի մը հայ ուսանողներ ու գործարարներ մեծապէս տպաւորւած էին Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ եւ երաժիշտներու վարպետ կատարումով: Նոյնիսկ հանդիպեցայ ճափոնցի գիտնականի մը, որ վարժ կը խօսէր հայերէն: Առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի ճափոնական առոգանութեամբ հայերէն: Զիս հիւրընկալող ճափոնցիները կազմակերպած էին հանդիպումներս Թոքիոյի եւ Քիոթոյի քանի մը մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր տնօրէններու հետ, որոնց հետ քննարկեցի ճափոնական ներդրումներու կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ: Շատ տպաւորիչ էր Քիոթոյի համալսարանի ցօղունային բջիջներու աճեցման ժամանակակից գիտահետազօտական տարրալուծարանը: Այդ նոյն օրը բացառիկ առիթ ունեցայ դասախօսութիւն տալու խումբ մը փայլուն ուսանողներու եւ անոնց դասախօսներուն: Անոնք բաւական լաւ անգլերէն գիտէին եւ բազմաթիւ
հարցումներ ուղղեցին, թէեւ ինծի ըսած էին, որ ճափոնցի ուսանողները սովորաբար չեն հարցներ: Իմ ելոյթիս մէջ ես լուսաբանեցի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Արցախեան հակամարտութիւնը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, «Արաբական գարուն»ը, «մխիթարութեան կիներու» վիճայարոյց հարցը եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Թոքիօ վերադառնալէն ետք հիւրընկալողներս զիս զարմացուցին՝ ներկայացնելով «Տը Ճըփեն Թայմզ» թերթի 4 Հոկտեմբեր 1998ի թիւին պատճէնը, ուր կէս էջնոց յօդուած հրապարակւած էր Հայաստանի համար իմ՝ իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահի, կատարած մարդասիրական աշխատանքներուս մասին: Վերջին հանդիպումս ճափոնցի պետական բարձրաստիճան երեք պաշտօնեաներու հետ էր, որոնց հետ մանրամասնօրէն քննարկեցի Ճափոնի յարաբերութիւնները Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ: Ճափոնի համալսարանի ուսանողներուն եւ կառավարութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած զրոյցներէն հասկցայ, որ հայ ժողովուրդը սովորութիւն դարձուցած է իր քաղաքական բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ բոլորովին անտեսելով Ասիոյ ռազմավարական բազմաթիւ կարեւոր երկիրներ: Թերեւս քաղաքական եւ տնտեսական տեսանկիւնէ աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ ընդլայնել մեր գործունէութեան դաշտը՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով այն երկիրներուն վրայ, որոնց քաղաքացիները գրեթէ ոչինչ գիտեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
III
¸³Ýdz
سÙáõÉÁ Ï°³Ý¹ñ³¹³éÝ³Û Ð³Ûáó ò»Õ³ëå³Ýáõû³Ý
«Հայերու պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է»
Ն
ՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ».- Դանիոյ մէջ այս օրերուն մամուլը կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին մասին եւ դէմ կու գայ Թուրքիոյ ու Դանիոյ Ազգային գրադարանի գործակցութեամբ ծրագրուած ցուցահանդէսի մը դէմ: Բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ այժմ կը խօսին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կ՛ըսեն, որ հայերու այս տխուր պատմութիւնը մեր ալ պատմութիւնն է: Ցեղասպանութեան մասին այս շարժումը ծնունդ առաւ, երբ անցեալ Ապրիլ ամսուան ընթացքին հրատարակուեցաւ պատմաբան եւ համեմատական ցեղասպանութեան մասնագէտ Մաթիաս Պոռնլունտի մէկ գիրքը, որուն խորագիրն էր` «Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ»: Այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէր անհերքելի փաստեր ու վկայութիւններ` Թուրքիոյ մէջ 1915-1923 թուականներուն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին: Հայաստանի «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, թէ այս գիրքին հրատարակութենէն ետք դանիական մամուլի մէջ շարք մը յօդուածներ հրատարակուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով: Ասոնցմէ ամէնէն ուշագրաւներն էին «Քրիսթելիկթ Տակպլատ» թերթի մէջ 4 Նոյեմբերին հրատարակուած քանի մը յօդուածները: Յօդուածներէն մէկուն հեղինակն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Պենիամին Քրասնիկ, որ գրած է յօդուած մը` այսպիսի խորագրով` «Թուրքիոյ դեսպանութիւնը կը տատանի այլընտրանքային ցուցադրութեան կապակցութեամբ»: Քրասնիկ իր յօդուածին մէջ պատմած է, որ Թուրքիոյ դեսպանութեան ու Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին միջեւ 2012 թուականին ստորագրուած էր համաձայնութիւն մը, որպէսզի բացուի ցուցահանդէս մը` հետեւեալ խորագրով` «Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», այլ խօսքով` «իբր թէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւն»: Ըստ Քրասնիկի, գրադարանի տնօրէն Քոլտինկ Էրլանթ ուժեղ քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ թուրքերու հետ իր կատարած այս գործակցութեան պատճառով, Դանիոյ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած ծանր ճնշումի պատճառով ցուցահանդէսին բացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականի մը, փոխուեցաւ նաեւ ցուցադրութեան անունը, որ կոչուեցաւ` «Թուրք-հայկական յարաբերութիւնները Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանին»: Այնուհանդերձ, գրադարանի ու դեսպանատան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է: Բայց Թուրքիոյ դեսպանատունը տակաւին անհրաժեշտ նիւթերը չէ յանձնած գրադարանին, եւ քանի որ գրադարանին ծրագիրները արդէն ճշդուած են, յայտնի կը դառնայ, որ ցուցահանդէսին բացումը պիտի չհասնի 2014 թուականին: Այնուհանդերձ, մամուլը շարունակ կը յիշեցնէ Մաթիաս Պոռնլունտի քննադատութիւնը` Թուրքիոյ դեսպանատան հետ կնքուած համաձայնութեան կապակցութեամբ: Անոր պնդումով, այսպիսի համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը անմտութիւն է: Գրադարանի տնօրէն Պոլտինկ Նիլսեն մեծ քանակութեամբ բողոքի նամակներ ստացած է աշխարհի զանազան կողմերէն եւ այս ճնշման տակ է, որ պարտաւորուեցաւ փոխել ամէնէն առաջ ցուցահանդէսին անունը, որ հիմա աւելի անվնաս դարձած է: Յօդուածի վերջաւորութեան թերթն ալ յայտնած է այն կարծիքը, թէ Դանիոյ կառավարութիւնը պէտք է բարձրաձայն ըսէ այն, ինչ որ պէտք է ըսէ, այսինքն այն, որ մասնագէտներն ու հետազօտիչները ըսած են: Այն, թէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ցեղասպանութիւն կատարուած է հայերու նկատմամբ: Դանիոյ կառավարութիւնը, այսպէս չընելով` կը թոյլատրէ, որ Թուրքիա շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Անտերս Էլեփեք Մաթսենի կողմէ հրատարակուած գիրք մը, որ կը կոչուի «Դեռահաս Աուրորա Մարտականեանին յուշերը Ցեղասպանութեան մասին» եւ` «Հիմա փաստերը տեսար, յետոյ ի՞նչ պիտի ընես» յօդուածը կը ցոլացնեն լրագրողին այն տպաւորութիւնները, որ ան ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այցելելէ ետք: Պիրքէ Փեթերսըն ստորագրած է յօդուած մը, որուն խորագիրն (Þ³ñ.Á ¿ç IV)
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ARMENIA
IV
Âáõñùdz
Անատոլուի միայն 9 եկեղեցիներու մէջ կրօնական արարողութիւններ կ՛արտօնէ
Պ
ՈԼԻՍ, «Մարմարա».Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած էր թղթակցութիւն մը, որով յայտնի կը դառնայ, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր Անատոլուի տարածքին կը ճանչնայ միայն ինը եկեղեցիներ, որոնք թանգարանի վերածւած ըլլալով հանդերձ՝ կրնան եկեղեցւոյ պաշտօն ալ կատարել: Մնացեալներուն մէջ կրօնական արարողութիւն կատարելու արտօնութիւն չկայ։ Իսկ թէ այս ինը թանգարանեկեղեցիները ի՞նչ չափանիշերով ընտրուած են պետութեան կողմէ՝ յայտնի չէ։ Փոքրամաս նու թիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս կը գանգատի ու կ՛ըսէ, թէ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները այսպիսի կարգադրութենէ լուր չունէին, իսկ եթէ նըմանօրինակ ընտրութիւն մը պիտի կատարուէր, ապա պէտք էր, որ ատիկա կատարուէր պատկան համայնքներու հետ խորհրդակցաբար։ Այս խնդիրը օրակարգի եկած է, երբ չէ արտօնուած Սինոփի եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն կատարել։ Յոյները ուզեցին արարողութիւն մը կատարել նաեւ Այվալըքի Թաքսիյարհիս անունով եկեղեցիին մէջ։ Յունաց պատրիարքարանը Ապրիլ 15ին դիմած էր Այվալըքի կուսակալութեան, որպէսզի Սեպտեմբեր 29ին արարողութիւն մը կատարուի Այվալըքի եկեղեցւոյ մէջ։ Կուսակալութիւնը դիմած է մշակոյթի նախարարութեան, որ միայն արարողութենէն երեք օր առաջ մերժողական պատասխան մը տուած է։ Այս մերժումը արդարացւած է այն պնդումով, թէ ընդունուած ինը եկեղեցիներու ցանկին վրայ Այվալըքի Թաքսիյարհիս եկեղեցին չկար։
Այս պատճառով, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պուրսայի երեսփոխան Այքան Էրտեմիր նամակ մը գրած է մշակոյթի նախարարութեան՝ հարց տալով, թէ որո՞նք են այդ ինը եկեղեցիները, ուր կրօնական արարողութիւն արտօնւած է. նախարարութիւնը պատասխանած է, թէ այդ ինը եկեղեցիները անոնք են, որոնք այսօր իբրեւ թանգարան կը գործածուին: Հոն կարելի է արողութիւն կատարել՝ պայմանաւ, որ նախապէս արտօնութիւն ստացուի։ Այս ինը եկեղեցիներուն կարգին են Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին ու Տրապիզոնի Սիւմէլա յունական վանքը։ Այս երկուքի պարագային եւս, տարին միայն մէկ անգամ կարելի է արարողութիւն կատարել։ Նաեւ, տրուած ըլլալով, որ այս եկեղեցիները թանգարանի վերածուած են ու հոն մուտք գործելը վճարովի է, արարողութեան օրը եւս այցելուներէն մուտքի դրամ կը գանձուի։ Լաքի Վինկաս կ՛առարկէ ու կ՛ըսէ, որ գոնէ արարողութեան օրը մուտքի դրամ պէտք չէ պահանջուի, որովհետեւ մարդիկ պաշտամունքի կու գան ու պաշտամունքի եկողները պէտք չէ դրամ վճարելեն։
Հ
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013
àõñáõÏáõ³Ñ³Û λ³Ýù¿Ý
արաւային Ամերիկա իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, ՀՀ ԱԺի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ անոր նախագահ Հովիկ Աբրահամեանի, Նոյեմբեր 21ին ժամանեց Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ։ Երկու օր տևած այցելութեան ընթացքին, Հովիկ Աբրահամեանը և իրենընկերացողպատւիրակութեան անդամները, որոնց հետ էր նաև Արժանթինի և Ուրուկուայի մօտ ՀՀ լիազօր դեսպան Վահագն Մելիքեանը և պատւոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանը, բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան երկրիս տարբեր պետական կառոյցներու և անոնց ղեկավարներու հետ, ուր հիմնական խօսակցութիւններու կեդրոնը Հայաստան-Ուրուկուայ ջերմ բարեկամութեան աւելիով ամրապնդելն էր։ Հայաստանի ԱԺի պատգամաւորները, առանձին հանդիպումներ ունեցան Ուրու կուայ-Հա յաստան միջ-խոր հրդա րա նա կան բարեկամութեան Յանձնաժողովի անդամներուն հետ, որու ընթացքին շեշտուեցաւ խորհրդարանի մակարթակով երկուստէք ծրագիրներ մշակելու և խորացնելու իրենց կապերը զանազան ոլորտներու մէջ։ Հովիկ Աբրահամեանը իր կարգին կարևոր հանդիպումներ ունեցաւ թէ երկրիս փոխ նախագահի և թէ արտաքին գործոց նախարարի հետ, որոնք ծառայեցին ոչ միայն գոյութիւն ունեցող բարեկամական զօրաւոր կապերը աւելիով ամրապնդելու, այլև միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցելու ի շահ երկու պետութիւններուն։ Պատուիրակութիւնը նաև հանդիպում ունեցաւ Ուրուկուահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր պատւոյ սեղանով մը հիւրասիրւեցաւ։ Առիթ եղաւ այցելելու Առաքելական Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին մօտէն շփուելով մեր գաղութի անդամներուն հետ։ ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ Մոնթէվիտէօ-Ուրուկուայ
«Հայերու պատմութիւնը մեր... (Þ³ñ. ¿ç III-Ç)
է` «Հայերու պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է»: Իր յօդուածին մէջ ան կ՛անդրադառնայ Պորլընտի գիրքին` յիշատակելով պատմական փաստեր եւ լուսանկարներ ու քարտէսներ: Ան կը նշէ, որ ամբողջ Եւրոպան վկայ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ չէ միջամտած: Ան կը մէջբերէ Պորլընտի այն խօսքերը, թէ այդ պատահարներու ընթացքին սպաննուած աւելի քան մէկ միլիոն հայերու պատմութիւնը Եւրոպայի պատմութեան մէկ մասն է: Թուրքիա ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ փոխհատուցման խնդրին պատճառով, քանի որ Թուրքիոյ տնտեսութեան գերակշիռ մասը հայերէ բռնագրաւուած ինչքերէն գոյացած է:
Հայաստանի ԱԺի պատուիրակութիւնը Մոնթէվիտէոյի մէջ