Imprenta 13541 22 5 2014 armenio

Page 1

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §²½¹³Ï¦Ç

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.541 - 22 سÛÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

ΰÁë¿ ÎÇñû سÝáÛ»³Ý

«Ոչ ոք կը պատկերացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ժիւրէ մաս պիտի կազմէ մաքսային կամ Եւրասիական միութեան»

Հ

այ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ մանոյեան, մեկնաբանելով Եւրասիական տնտեսական Յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն վերջին յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի չանդամակցի մաքսային միութեան, նշեց, որ մաքսային միութեան պաշտօնակատարը այլ բան չէր կրնար ըսել: Ըստ մանոյեանի, ոչ ոք կը պատկերացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ժիւրէ մաս պիտի կազմէ մաքսային կամ Եւրասիական միութեան: մանոյեան աւելցուց, որ խնդիրը գործնականն է, այսինքն` որքանո՛վ մաքսային / Եւրասիական միութեան անդամները հետամուտ պիտի ըլլան, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները տարբեր ըլլան այսօրուան կարգավիճակէն: Կիրօ մանոյեան յայտնեց, որ եթէ մաքսային միութեան անդամները առանց հարցը իրաւականօրէն լուծելու չբարձ-

Շ

րացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անդամակցութեան հարցը, որեւէ խնդիր չկայ, բայց խնդիրը այն է, որ, որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, մաքսային միութեան անդամ պետութիւններէն մէկը կամ երկուքը (խօսքը, մասնաւորաբար, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մասին է) Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի մղումով արդէն կ՛ուզեն բարձրացնել այդ հարցը: «Եթէ բարձրացնեն, արդէն հարց պիտի ստեղծուի», նշեց մանոյեան: Ան ընդգծեց, որ ատիկա վերջաւորութեան յայտնի կ՛ըլլայ, այսինքն` հարցը այն է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական, ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ: Անկէ կախեալ է ամէն բան: մանոյեան նշեց, որ եթէ ամէն պարագայի որոշում տրուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ պէտք է մաքսակէտեր ըլլան, ապա այդ պարագային չի կարծեր, որ Հայաստանի որեւէ քաղաքական ուժ պիտի համաձայնի Հայաստանի` մաքսային միութեան

անդամ դառնալուն: Նշենք, որ օրեր առաջ Երեւանի, մոսկուայի, Ասթանայի ու մինսքի միջեւ կազմակերպուած տեսակամուրջի ժամանակ Եւրասիական տնտեսական Յանձնաժողովի Զարգացման եւ համարկման բաժանմունքի միջազգային գործակցութեան բաժինի պետ Անթոն Ազարով յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մաքսային / Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցը նոյնիսկ չի քննարկուիր, եւ միութեան սահմանները պիտի անցնին Հայաստանի Հանրապետութեան` ներկայիս ընդունուած սահմաններով: Արձագանգելով Ազարովի յայտարարութեան` տեսակամուրջին հայկական կողմէն մասնակցած Արտակ Զաքարեան` Ազգային ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու մնայուն Յանձնախումբի նախագահը, մասնաւորաբար յայտնած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ մաքսային սահման չի կրնար ըլլալ:

Համամասնական դրութեան վերաբերեալ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցած օրինագիծին վերաբերեալ ձեւաւորուած է միասնական կարծիք

աբաթ, 17 մայիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերու` Հ.Յ.Դ.ի, Հայ Ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Հանդիպումին քննարկուած է Հ.Յ.Դ. խըմբակցութեան ներկայացուցած համամասնական համակարգին անցնելու օրինագիծը: Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը հրատապ նկատած է համամասնական ընտրական համակարգին անցնելու իրենց օրինագիծը, ինչ որ արժանացած է նաեւ

քառեակի միասնական հաւանութեան: Չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւնները նկատել տուած են, որ այն ընտրական համակարգը, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ, ըստ էութեան կը նպաստէ համակարգի խեղաթիւրման, եւ մեծամասնական ընտրական համակարգով կ՛ընտրուին անոնք, որոնք կը նպաստեն իշխանութեան վերարտադրումին: Հանդիպումին քննարկուած է նաեւ յառաջիկայ օրերուն կառավարութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուելիք նոր նախագիծերու հարցը: քառեակի քաղաքական ուժերու տե-

սակէտները այդ նախագիծերուն շուրջ բաւական մօտ են իրարու: Ուստի, բացառուած չէ, որ անոնք միասնական որոշումով հանդէս գան: Հետագայ միասնական քաղաքական օրակարգերու եւ հանրային միջոցառումներու մասին քննարկումներ տեղի պիտի ունենան այս շաբթուան ընթացքին: Հաւանականութիւն կայ, որ տեղի ունենան միասնական հանրահաւաքներ, որոնց պահանջը եւ օրակարգը պիտի յստականայ յառաջիկայ օրերուն: քառեակը անդրադարձած է նաեւ կուտակայինի վերաբերեալ օրինագիծին:

Արեւմտեան եւրոպայէն հնչած ձայնը “թէ՛- թէ՛”-ն պէտք է աշխատի

Պ

ետական այցով Երեւան ժամանած Ֆրանսայի նախագահին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները ընդհանուր մէկ խորապատկերի վրայ դիտարկելով կարելի է որոշ հետեւութիւններ ընել արցախեան հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման ուղղութեամբ Փարիզի դիրքորոշումին, ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին եւ յայտարարուած առաջադրանքին մասին: Այս բոլորին մէջ պէտք է առանձնացնել նախագահ Հոլլանտի յայտարարութիւնը Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող: մանաւանդ ըմբռնելի նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան` մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը: Նախ մէջբերենք Ֆրանսայի նախագահին երեք առիթներով այս մասին կատարած յայտարարութիւններու ամփոփումը: «Հայաստանի համար կարելի է գտնել խելամիտ ձեւ Եւրոպական միութեան հետ ընկերակցելու համար: Յատուկ ձեւ Հայաստանի համար: Եւրոպան պէտք է Հայաստանի հետ ընկերակցելու համաձայնագիր ընդունի: Հայաստանը կրնայ երթալ Ռուսիոյ հետ մաքսային միութիւն, ես ատոր մէջ խնդիր չեմ տեսներ.- Կարելի է համագործակցիլ Եւրոպական միութեան հետ` չհրաժարելով մաքսային միութենէն: մենք պէտք է աշխատինք ատոր շուրջ»: Փորձենք մեկնաբանել. Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարելի է գտնել իւրայատուկ ձեւաչափ Եւրոպական միութեան հետ ընկերակցութեան պայմանագիրը կնքելու համար: մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը արգելք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական միութեան հետ ընկերակցի: Եւրոպական միութիւնը ի՛նք է, որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւ պէտք է գտնէ իրականացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրոպական միութեան հետ ընկերակցումը: Իսկ ա՛յս առաջադրանքին համար «մենք»ը կրնար նշանակել թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Եւրոպական միութիւնը, բայց այս պարագային առաւելաբար Եւրոպական միութիւնը, քանի որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափը գտնելու առաջարկը կը վերաբերի Պրիւքսէլին: Ուրեմն. Եւրոպական միութիւնը ղեկավարող հիմնական գերուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը կ՛առաջադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցումը Եւրոպական միութեան: Եւ երբ կը յստակացնէ նաեւ, որ մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը խոչընդոտ չէ այս գործընթացին համար, խորքին մէջ կը ջրէ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի պատասխանատուներուն ա՛յն յայտարարութիւնները, որոնք ընկերակցութեան պայմանագիրը կ՛ընկալէին տնտեսական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները ճշդող իբրեւ մէկ համապարփակ փաստաթուղթ եւ որոնք կը ճշդէին, որ մաքսային միութիւնը եւ Եւրոպական միութիւնը անհամատեղելի են եւ թէ մաքսային միութեան ճամբան ընտրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար միաժամանակ ընկերակցիլ Եւրոպական միութեան հետ: Այսպիսով սակայն, հող կը շահի Պրիւքսէլի ճամբան Արեւմտեան Եւրոպայէն եւ ոչ թէ Արեւելեանէն տեսնող քաղաքական վարկածը: Փաստօրէն Եւրոպական միութեան համեմատաբար ուշ անդամակցած Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու շրջանակներուն մօտ առկայ հակառուս տրամադրութիւնները յանգեցուցած էին Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ղեկավարներուն բացարձակացնելու ընկերակցութեան պայմանները «կամ-կամ»ի տեսութիւնը առաջ քշելով: Իրաւացի էր Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրանեսթի օրւան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, երբ կը շեշտէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դէպի Եւրոպա համարկումը պէտք է անցնի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներէն, որոնք ճշդած ու ամրագրած են եւրոպական չափանիշերը եւ կը շարունակեն գծել Եւրոպայի աշխարհագրա-քաղաքական սահմանները: Եւրոպական միութիւնը ղեկավարող գլխաւոր ուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը պարտաւորութիւնը կը դնէ Պրիւքսէլի ուսերուն: Պրիւքսէլն է, որ նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ պէտք է ճշդէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որպէսզի անիկա կարենայ ընկերակցիլ իրեն հետ: Հետագայ իրադրութիւնները անշուշտ որոշիչ դեր կ՛ունենան այս նոր ձեւաչափի կայացման կամ չկայացման մէջ: Այժմ պարզ է, որ Հոլլանտը կ՛առաջադրէ «թէ՛-թէ՛»ին կամ «ե՛ւ-ե՛ւ»ին աշխատիլը: Որուն համար ալ Եւրոպական միութեան կը յանձնարարէ պատրաստել նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ մը:

Պէյրութ


ARMENIA

II

Æëñ³Û¿É

²ñó³Ë

Բանակը սպառազինուած է լաւագոյն զէնքերով

Ա

րցախեան պատերազմի 1994ի հրադադարի 20ամեակին առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան բանակի հրամանատար զօրավար մովսէս Յակոբեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ վերջին երեք տարւան ընթացքին աւելի շատ սպառազինութիւն ձեռք բերուած է, քան 17 տարուան ընթացքին։ Արցախի պաշտպանական բանակի հրամանատարը զգուշացուցած է նաեւ հակառակորդը, յայտնելով որ հայկական զինուած ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան պատժիչ գործողութիւններ իրականացնել, քանի որ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ: միւս կողմէ ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ վերստին անդրադարձան մոսկուայի կողմէ Երեւանի փոխանցուելիք «Իսկանտէր-2» արտաձգային հեռահար հրթիռերուն մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ հրթիւռները շուտով պիտի յանձնուին հայկական բանակին։ «Իսկանտէր-2»ի հասողութիւնը 400 քիլոմեթր է։ Նշենք, որ Երեւան արդէն ունի «Իսկանտէր» հեռահար հրթիւռներու նախնական տիպի մի քանի կայաններ։

ԱտրՊէՅճԱՆ ԿԸ ՊԱտրԱՍտՈւԻ ԼԱՅՆԱԾԱւԱԼ ՌԱԶմԱՓՈրձԵրՈւ

ԵրԵւԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին այս տարուան Յունիս 26ին սկսելիք լայնածաւալ ռազմափորձերուն համար: Իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ՝ ատրպէյճանական «էֆ.Փի.էյ.» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ռազմափորձերը պիտի տեւեն քանի մը օր եւ մեծագոյնը պիտի ըլլան Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ: Սահմանապահ եւ ներքին զօրքերու ստորաբաժանումներ եւս պիտի մասնակցին անոնց, որոնց ընթացքին պիտի փորձարկուի Ատրպէյճանի զինուորական ուժերուն կողմէ նոր գնուած սպառազինութիւնը: Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ռազմափորձեր կատարած էին Նախիջեւանի մէջ, իսկ այս ամսուան սկիզբը՝ հայկական զօրքերու հետ շփման գիծին մերձակայքը:

г۳ëï³Ý

Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ծախսերը պետական գաղտնի՞ք պիտի դառնան

Կ

առավարութիւնը կ՚առաջարկէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին, վարչապետին ծախսերը այսուհետեւ դարձնել պետական գաղտնիք: մայիս 15ին Խորհրդարանին մէջ բուռն քննարկման նիւթ դարձած նախագիծին համաձայն՝ Ազգային Ապահովութեան Ծառայութիւնը անհրաժեշտ կը համարէ գաղտնիք դարձնել, օրինակ` որքան գումար ծախսուած է բարձրաստիճան անձերու սնունդին, պանդոկներուն կամ ճամբորդութիւններուն համար՝ պնդելով, թէ այդ տեղեկատւութեան հրապարակումը կը վտանգէ անոնց ապահովութիւնը: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վստահ են, որ իշխանութիւնները որոշած են օրէնքը փոխել անցեալ տարի նախկին վարչապետին շուրջ բարձրացած աղմուկէն յետոյ, երբ պարզուեցաւ, որ տիգրան Սարգսեան քանի մը ճամբորդութեան համար պիւտճէէն ծախսած է շուրջ 200 հազար տոլար:

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 22 سÛÇë 2014

Ի

քնեսեթի մէջ քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը

սրայէլեան «ճերուզալէմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Խորհրդարանի` քնեսեթի բանբեր Եուլի էտելշթայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման ժամանակ նշած է, որ իբրեւ Հրեաներ` իրենք պէտք է ճանչնան հայ ժողովուրդի կրած տառապանքները, նոյնիսկ եթէ իրենք ոեւէ մէկը ատոր համար չմեղադրեն: Ան ընդգծած է, որ այդ քըննարկումը չի դատապարտեր որեւէ ժամանակակից երկիր: «մենք ոեւէ մէկը չենք մեղադրեր, այլ կը գործենք իբրեւ Հըրեաներ՝ հաւատարիմ մնալով ճշմարտութեան: մենք չենք կրնար մերժել պատմութիւնն ու մարդկային արժէքները՝ մեկնելով դիւանագիտական կամ քաղաքական զգուշութենէն», աւելցուցած է էտելշթայն: Իսրայէլեան օրաթերթը կ՚աւելցընէ, որ քնեսեթի մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը ներկայացուցած է

Իսրայէլի «մերէց» ընկերվարժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալ-Օն, որ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղած է մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակը ճանչնալու զայն: «Կառավարութիւնը պէտք չէ զոհաբերէ ցեղասպանութեան ճանաչումը յանուն ժամանակաւոր շահերու: Ամէն անգամ դիւանագիտական իրավիճակը տարբեր է: Երբ մենք կ՚ուզենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, չենք ճանչնար ցեղասպանութիւնը, սակայն, երբ ի յայտ կու գայ մարմարայի հարցը, մենք մեր մըտքերը կը փոխենք», ըսած է ան: Ըստ անոր, իբրեւ Ողջակիզում տեսած ազգ իրենք չեն կրնար շարունակել անտեսել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ «ԼիքուտԻսրայէլը մեր տունն է» քաղաքական միաւորման անդամ Ռեւեն Ռիվլին` յիշեցնելով, որ

աշխարհը կը շարունակէ Հայերուն հարցին մասին լռել: «Ինծի համար ծանր է ներել այն ազգերը, որոնք կ՚անտեսեն մեր ողբերգութիւնը, ուստի մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ այլ ազգի ողբերգութեան նըկատմամբ: Ատիկա մեր բարոյական պարտականութիւնն է՝ իբրեւ ժողովուրդ եւ իբրեւ Հըրեայ», նշած է Ռիվլին: Ապա Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի փոխարէն առաջարկին պատասխանած է Զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտաու, որ իր կարգին համակարծիք է քնեսեթի միւս անդամներուն, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Հրեաներու բարոյական պարտաւորութիւնըն է: քննարկման աւարտէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ առաջարկը ղրկուած է քնեսեթի Արտաքին Յարաբերութեանց եւ Պաշտպանութեան Հարցերու Յանձնախումբին:

ºõñáå³

Թուրքիոյ դէմ 90 միլիոն եւրոյի տուգանք՝ Կիպրոս ներխուժումին համար

մ

արդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը (մԻԵԱ) Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ 1974ին Կիպրոս ներխուժման համար 90 միլիոն եւրօ վճարել: Ինչպէս ծանօթ է 2001ին մԻԵԱն «Կիպրոսը ընդդէմ Թուրքիոյ» գործին մէջ Անգարան մեղաւոր ճանչցուած էր մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի դրոյթներու բազմաթիւ խախտումներով, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գրաւած էին կղզիի հիւսիսային հատուածը: Օրին, սակայն, չէր յստա-

կացուած փոխհատուցման գումարին չափը: Այժմ Սթրազպուրկի դատարանը պարտադրած է Անգարային` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում 30 միլիոն եւրօ վճարել անյայտ կորսուած անձերու ընտանեկան պարագաներուն եւ 60 միլիոն եւրօ` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում քարփաս թերակղզիին մէջ բնակող Յոյն կիպրացիներուն: «Կիպրոսի կառավարութիւնը պէտք է ստացած գումարները փոխանցէ առանձին զոհերուն` Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու յանձնախում-

բի հսկողութեան տակ», ընդգծած են մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանէն աղբիւրներ: Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ տաւութօղլու մեկնաբանելով մԻԵԱի որոշումը, նշած է, որ անիկա կը վնասէ կղզիի համայնքներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթին: Աւելի՛ն, ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այդ գումարը պիտի չվճարէ` նշելով. «մենք նըպատակայարմար չենք նկատեր դատարանի վճիռին գործադրումը: Դատարանը զանցած է իր լիազօրութիւնները»:


ARMENIA

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 22 سÛÇë 2014

III

ä³ïٳϳÝ

Ֆրիտեոֆ Նանսէն՝ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայ Դատի անկեղծ պաշտպանը

Հ

այ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն իրենց արժանի տեղը գրաւած բազում հայասէրներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ լուսապսակով կը ներկայանայ նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնը։ 84 տարի առաջ, մայիս 13ին, առ յաւէտ փակուեցան այնքան դաժանութիւն եւ տառապանք տեսած աչքերը Նորվեկիոյ մեծանուն այս զաւակին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային հերոսի դափնեպսակին արժանացուցած է Նանսէնը, իսկ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ բեկորներու յիշողութեան մէջ երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը պահպանուի անունը այս եզակի հայասէրին։ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ Նանսէն առընչըւեցաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1922-1923էն սկսեալ, բայց այնուհետեւ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, Նորվեկիոյ այս ազնըւական զաւակը ծառայեց քսաներորդ դարու Առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան վէրքերու դարմանումին եւ ցաւերու ամոքումին։ Ծնած էր 1861 Հոկտեմբեր 10ին, քրիսթիանիա քաղաքի (այժմու մայրաքաղաք Օսլոյի) արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Հայրը յաջողած ու յարգուած իրաւաբան մըն էր, որ իր բարեպաշտ ու աստուածավախ վարքով խոր անդրադարձ ունեցաւ Նանսէնի կազմաւորման վրայ։ «Անձնական պարտաւորութեան եւ բարոյական սկզբունքի» շեշտակի զգացողութիւնը Նանսէն ժառանգած էր իր հօրմէ։ Իսկ մայրը, որ բընութենապաշտ էր եւ բացօթեայ մարզանքներու մեծ հակում ունէր, իր զաւկին մէջ զարգացուց մարզիկի (դահուկորդ) եւ կենդանաբանի ու ովկիանոսագէտի ընդունակութիւնները։ Այդ ճամբով էր, որ Նանսէն դարձաւ միաժամանակ մեծ մարզիկ ու հետախոյզ, գիտնական եւ գրող, պետական գործիչ եւ աշխարհահռչակ մարդասէր։ Երիտասարդական իր շըրջանին, անընդմէջ ութ տարի շարունակ, Նանսէն հանդիսացաւ Նորվեկիոյ դահուկարշաւի ախոյեանը։ 1880ին ընդունուեցաւ Օսլոյի Համալսարանի բնական գիտութեանց բաժինը եւ նուիրւեցաւ կենդանական մարմիններու նեարդային համակարգի ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ ովկիանոսագիտական հետազօտութիւններու։ 1887ին իր աւարտած ուսումնասիրութիւնը՝ կենդանի էակներու նեարդային կեդրոնական դրութեան մասին, Նանսէնի ապահովեց բնական գիտութեանց տոքթորի աստիճան, անոր առջեւ

(մահուան 84ամեակին առիթով)

բանալով հեղինակաւոր Պերկընի թանգարանի գիտաշխատողի նախանձելի ասպարէզը։ Հազիւ համալսարանէն վկայուած, 1888ին, Նանսէն ձեռնարկեց տարիներու իր երազին իրագործման՝ հիւսիսային բեւեռը հետազօտող առաքելութեան մը կազմակերպումին։ Սառցակալած ովկիանոսը կտրելով դէպի հիւսիսային բեւեռ յառաջանալու եւ էսքիմոներու կեանքին, ինչպէս նաեւ կենդանական աշխարհի առանձնայատկութեանց մօտէն ծանօթանալու հետախուզական առաջին այդ առաքելութիւնը ամիսներ տեւեց՝ բնական դաժան պայմաններ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու եզակի փորձառութիւն մը շնորհելով Նանսէնի։ Երիտասարդ հետախոյզին եւ նեարդաբանութեան ու ովկիանոսագիտութեան մասնագէտին համար այդ առաքելութիւնը պարզապէս սկիզբ մը եղաւ։ Նանսէն կազմակերպեց նաեւ հետախուզական երկրորդ առաքելութիւն մը, որուն յաջողութեան համար յղացաւ գաղափարը սառցակալած ովկիանոսը կտրելու յարմարութիւններով օժտուած բոլորակաձեւ նաւու մը կառուցման («Ֆրամ»՝ «դէպի յառաջ» անուանեց իր նաւը)։ Նանսէն ոչ միայն կարելի դարձուց երկրորդ առաքելութեան յաջողութիւնը, այլեւ՝ իր առաջին նուաճումը ունեցաւ՝ ազնիւ նպատակի մը համար նիւթական աղբիւրներ գըտնելու յետագայ իր ասպարէզը նախապատրաստելով։ Հետախուզական ու գիտական իր ծառայութեանց առ ի գնահատանք՝ Նանսէն նշանակուեցաւ Օսլոյի համալսարանի նորահաստատ ովկիանոսագիտութեան բաժնի վարիչ-տնօրէն, պաշտօն՝ որ շուտով անցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար դէպի Նանսէն պետական գործիչի հանրային ու քաղաքական աշխոյժ ծառայութեան ասպարէզը։ մինչեւ 1900ականները Նորվեկիա մաս կը կազմէր Շուէտի թագաւորութեան։ Բայց անկախութեան ձգտումները եւ ազգային ուրոյն պետականութեան ստեղծման պահանջները սկսած էին լայն հող գտնել Նորվեկիացիներու մօտ։ Նանսէն դարձաւ դրօշակիրը Նորվեկիոյ անկախացման։ Յարաբերութիւնները սրած ու լարւած էին Շուէտացիներուն եւ Նորվեկիացիներուն միջեւ։ Նանսէն ի գործ դրաւ անձ-

նական մեծ հեղինակութիւն վայելող հանրային դէմքի եւ յաջող բանագնացի իր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի առճակատումի չերթան զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները։ Յատկապէս երկու ուղղութիւններով մեծ եղաւ Նանսէնի անձնական ներդրումը Նորվեկիոյ անկախացման մէջ։ Առաջի՛ն. հակառակ անոր, որ Նորվեկիացիներու մեծամասնութեան մօտ ուժեղ էր յետանկախացման շրջանի Նորվեկիան լիարժէք հանրապետութիւն հռչակելու տրամադրութիւնը եւ Նանսէնի կողմնակիցները կը փափաքէին զինք տեսնել Հանրապետութեան նախագահի կամ վարչապետի պաշտօնին, այսուհանդերձ Նանսէն պահու թելադրանքով առաջնորդուեցաւ, անձնական փառասիրութիւններ չունեցաւ եւ մտածեց, որ թագաւորական կարգեր հաստատելով եւ Դանիոյ թագաւորական ընտանիքէն քարլ իշխանը նորանկախ Նորվեկիոյ թագաւորութեան գահին բազմեցնելով՝ կարելի պիտի ըլլար Շուէտի թագաւորին համաձայնութիւնը ապահովել։ (Նանսէն ճիշդ կողնորոշւած էր եւ իշխան քարլ դարձաւ 1905ին իր անկախութեան տիրացած Նորվեկիոյ Հաաքոն Եօթներորդ թագաւորը)։ Երկրո՛րդ. ի նպաստ Նորվեկիոյ անկախութեան ժամանակի եւրոպական ամենէն ազդեցիկ ուժին՝ մեծն Բրիտանիոյ համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով, Նանսէն ուղղուեցաւ Լոնտոն, ուր աւելի քան ամիս մը մնաց եւ սերտ կապեր հաստատեց թէ՛ թագաւորին, թէ՛ ալ վարչապետին հետ։ Ապահովեց նաեւ մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Նորվեկիոյ անկախութեան միջազգային ճանաչումին։ 1905ին անկախ Նորվեկիոյ հաստատումէն ետք, Նանսէն ստանձնեց Նորվեկիոյ դեսպանի պաշտօնը մեծն Բրիտանիոյ մօտ, 1906էն 1908։ մինչ միջազգային իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու իմաստով դեսպանութեան այդ տարիները արդիւնաւէտ եղան, անձնական կեանքի առումով եղան ծանր դժբախ-

տութեան ժամանակաշրջան մը, որովհետեւ 1907ին Նանսէն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ էվա Նանսէնը։ Կնոջ կորուստէն ետք Նանսէն հըրաժարեցաւ պետական ծառայութենէ եւ իր լրիւ ժամանակը յատկացուց համալսարանական պաշտօնավարութեան եւ աղջկան հոգատարութեան։ Բայց մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ տեւեց կեանքի այդ եղանակը։ Պատերազմի բռնկումին հետ, Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, բայց տընտեսական դժուարութեանց առջեւ կանգնեցաւ, երբ միացեալ Նահանգները պատերազմի մէջ մտան եւ արգելք դրին դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման վրայ։ Նանսէնի վիճակեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, այս անգամ Ուաշինկթընի մօտ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար։ Այդ առաքելութիւնը եւս յաջողութեամբ աւարտեց Նանսէն։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի օրերուն սկսած էր հասուննալ Ազգերու Լիկայի կազմութեան գաղափարը։ Նանսէն սրտանց ջատագովը եւ աջակիցը եղաւ Լիկայի կազմութեան ճիգերուն։ Եւ երբ կազմուեցաւ Ազգերու Լիկան, շտապ կարգով Նանսէնի առաջարկուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի տարածքին ցիրուցան դարձած գերմանացի ռազմագերիներու հաւաքման, պատսպարման եւ տուն դարձի ծայր աստիճան պատասխանատու առաքելութիւնը։ Հակառակ խորհրդայիններու սկզբնական դժկամութեան, Նանսէն յաջողեցաւ ընդունելի խօսակից մը դառնալ պոլշեւիկներուն եւ պատուաբեր արդիւնքի տարաւ Լիկայի կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։ Իր այդ յաջողութիւնը հիմք ծառայեց, որպէսզի Ազգերու Լիկան Նանսէնի յանձնէ Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր այդ պաշտօնին վրայ, պատմական տարողութեամբ նուաճում մը արձանագրեց Նանսէն, երբ Յունաստան-Թուրքիա պատերազմին եւ Իզմիրի աղէտին հետեւանքով յառաջացած աւելի քան մէկ միլիոն յոյն եւ հայ տեղահաններու Յունաստան տեղափոխութիւնը, իսկ Թրակիոյ շրջանէն շուրջ կէս միլիոն Թուրքերու Թուրքիա տեղափոխութիւնը յաջողութեամբ կազմակերպեց։ Նաեւ կեանքի կոչեց գաղթականներու անցա-

գրային յատուկ դրութիւն մը, որ Լիկայի օրհնութեան արժանացաւ եւ աւելի քան 52 երկիրներու կողմէ ճանչցուեցաւ՝ Նանսէնեան Անցագիր անունը ստանալով եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ ի զօրու մնալով։ Իր այդ նուաճումին համար, 1922ին, Նանսէն արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան մըրցանակին։ Նոյն այդ շրջանին էր, որ Ազգերու Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի իր պաշտօնով, Նանսէն լծուեցաւ մեծ Եղեռնէն վերապրած հայ գաղթականութեան հոգատարութեան դժուարին աշխատանքին։ Նանսէն 1925ին Հայաստան այցելեց, մօտէն հետեւելու համար Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրող արեւմտահայ գաղթականութեան հոգատարութեան գործին։ Ան միաժամանակ միջին Արեւելքի մէջ ցրուած հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը դարձաւ եւ մինչեւ իր վախճանը 1930ին, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան վէրքերը դարմանելու եւ մեծ վիշտը ամոքելու համար։ մեծ մարդասէրին եւ հայապաշտպանին յիշատակին նուիրւած յուշատետրի այս հակիրճ սիւնակը կ՚արժէ եզրափակել հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին վերաբերեալ Նանսէնի հետեւեալ խորհրդածութեամբ, որ միանգամայն անոր պատգամն է մեր սերունդներուն. «Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական Հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ՚արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ: Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին՝ իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր: Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»… Պատահականօրէն չէ կատարւած Նանսէնի այն հաստատումը, թէ՝ «Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է: Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»: ՆԱԶԱրէԹ ՊէրՊէրԵԱՆ


ARMENIA

IV

êáõñÇ³Ï³Ý ï³·Ý³å

Վագըֆ տարուած 18 քեսապահայերը հասան Լիբանան

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 22 سÛÇë 2014

àõñáõÏáõ³Ñ³Û λ³Ýù¿Ý

Ուրուկուայի պատգամաւոր Ռուպէն մարթինէս Ուէլմոյի նամակը Թուրքիոյ դեսպանին Ð³Û ÅáÕáíáõñ¹Ç µ³ñ»Ï³Ù Û³ñ·»ÉÇ àõñáõÏáõ³ÛóÇ å³ï·³Ù³õáñÇ ³Ûë Ûëï³Ï å³ï³ëË³Ý Ý³Ù³ÏÝ ¿ñ áñ ÛÕ»ó ²ñųÝÃÇÝÇ ¢ àõñáõÏáõ³ÛÇ Ï³é³í³ñáõÃÇõÝÝ»ñáõ Ùûï ·ïÝáõáÕ Ãáõñù ¹»ëå³ÝÇÝ£ Ð.Ú.¸. àõñáõÏáõ³ÛÇ Ð³Û ¸³ïÇ Ú³ÝÓݳËáõÙµ

Ո

Պ

էՅրՈւԹ, «Ազդակ».- Թրքական տարածքներէ հայկական քեսապ գիւղին վրայ կատարուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայերը, Ուրբաթ, մայիս 17ի կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան: Պոլիս-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկան մարմիններուն եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանել Պէյրութ: Լիբանանի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը անհրաժեշտ դասաւորումները կատարած է քեսապահայերու կեցութեան վայրերը ապահովելու առումով: Թուրքիայէն Պէյրութ հասած քեսապահայերն են. Յակոբ Կիրակոսեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Բաբգէն ճուրեան, Նուարդ ճուրեան, Ասպետ ճուրեան, Յակոբ ճուրեան, Գարուն Թիթիզեանճուրեան, Սաթենիկ Թիթիզեան, Սրբուհի Թիթիզեան, Սերոբ Սուլեան, Ծովինար Սաղտըճեան-Սուլեան, մովսէս Արապեան, մարթա Արապեան, Ներսէս Թանկուկեան, Անահիտ Ահարոնեան, Գարուն տէր Սահակեան, Զաւէն Յովսէփեան, ճորճ քորթմոսեան:

Հ

տէր Զօրի մէջ նահատակուեցաւ հալէպահայ Անդրանիկ քահքէճեանը

ԱԼէՊ.- Ուրբաթ, 16 մայիսին, տէր Զօրի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի զինուոր 1991ի ծնունդ Անդրանիկ (Անդօ) քահքէճեանը: Անդոն ՀմԸմական էր: Հալէպի Լրատուական գրասենեակը կը յայտնէ, որ 18 մայիսին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռին պատճառով քանդուած շէնքի փլատակներու տակէն գտնուած է Յարութ մարգէեանի (1958ի ծնունդ) անշնչացած մարմինը: Լրատուական գրասենեակը նաեւ կը յայտնէ, որ 18 մայիսին, ժամը 18.30ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած կազի շիշէ պատրաստուած հրթիռին պատճառով հինգ հոգի վիրաւորուած են: Վիրաւորներն են՝ Ալիս Պոյաճեան, Հայկանոյշ միրզոյեան, Դալար միրզոյեան, Նուարդ մարգէեան եւ Անդրանիկ մալաքեան:

ւրուկուայի Խորհրդարանի միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի, ինչպէս նաև մԵրԳՕՍՈւր Խորհրդարանի նախագահ, Հայ Դատի պաշտպան և զօրակից Ռուպէն մարթինէս Ուէլմօ, նամակ մը ստացաւ Արժանթինի և Ուրուկուայի պետութիւններու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանէր Գարագաասէն, վարչապետ էրտողանի, մեր բոլորին ծանօթ, Հայոց ցեղասպանութեան 99րդ տարեդարձի առթիւ հայութեան և միջազգային հանրութեան յըղած ուղերձի լրիւ բովանդակութիւնը, ուր Թուրքիոյ վարչապետը իր «ցաւակցութիւնը» կը յայտներ ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն։ Հ.Յ.Դ. Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ստանալէ ետք պատգամաւոր Ուէլմոյի հաւանութիւնը, հայ մամուլին թարգմանաբար ներկայացնելու իր պատասխան նամակը թուրք դեսպանին, կը հրապարակենք զայն։ «Թուրքիոյ դեսպանութիւն Պր. դեսպան Թանէր Գարագաս Ողջոյններ, Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ուղղարկած Թուրքիոյ Վարչապետ Պր. Ռէճէպ Թայիպ էրտողանի հրապարակած Ապրիլ 24ի ուղերձի լրիւ բովանդակութեան համար, որուն ծանօթ էի, քանի որ ան պատգամ մըն էր միջազգային հանրութեան։ Իմ պարտականութիւնս կը սեպեմ ձեզի տեղեկացնելու թէ, Ուրուկուայի Արևելեան Հանրապետութիւնը 1965 թուականէն սկսեալ, անվերապահօրէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 20 1965ին թիւ 13 326 օրէնքի միջոցով, որմէ ետք իմ երկիրս վերածուեցաւ միջազգային Ընտանիքի մէջ առաջինը որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Visite nuestra renovada página

www.diarioarmenia.org.ar facebook/Diario ARMENIA twitter: @diarioarmenia

Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar

4812-4993 www.hotelwilton.com.ar

Ռուպէն մարթինէս Ուէլմօ

ճիշտ այդ օրը Ուրուկուայի Խորհրդարանի մէջ, ընթացք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան պատգամաւորներ և իմ երկրի բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց պատգամը փոխանցեցին այդ առիթով։ Վերջերս, Ուրուկուայի Խորհրդարանը 4 Նոյեմբեր 2011ին թիւ 18 834, յօդուած 205ի բանաձևի մը հիման վրայ, օրէնք մը որդեգրեց յանձնարարելով Կրթութեան և մշակոյթի Նախարարութեան, որպէսզի յառաջացնէ Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարան, նպատակ ունենալով տարածելու հայոց մշակոյթը և տեղեկութիւններ հաւաքելու հայ գաղթականութեան մասին։ Բոլոր այդ դրոյթները միաձայնութեամբ որդեգրուած են Ուրուկուայի բոլոր քաղաքական համակարգի կողմէ, առանց որևէ արարկութեան։ Ուրուկուայը համաձայն իր աւանդութեան, հաւատարիմ կը մնայ պահպանելու մարդու Իրաւունքները և Հայոց Հարցը մեզի համար, վճռուած է ինչ որ արժանի կը գտնենք թէ, ճանաչումն ու հատուցումը միակ ճանապարհն է որմէ պէտք է

անցնիլ, հարթելու համար ճըշմարիտ հաշտեցման ուղին։ Ուրուկուայը երիտասարդ երկիր մըն է, անով հանդերձ, ան ձևաւորուած է տարբեր գաղթականական ալիքներու վրայ ուր մարդիկ մեր հողերը եկած են, ձգտելով հեռու մնալ ատելութեան և այլ տխուր հանգամանքներէ և կարելի է ըսել թէ մենք, խորագոյն փորձարութիւն ձեռք ձգած ենք որ մեզի հասցուցած է խօսքի ազատութեան, արդի լրիւ ժողովրդավարական համակարգի և լիարժէք ապահովման, թէ խաղաղութեան և թէ մարդու իրաւունքներու ճանապարհին։ Այնպէս որ, առանց խորանալու և վերլուծելու վարչապետ էրտողանի ուղերձը, ուր վստահաբար շարք մը տարաձայնութիւններու պիտի հանդիպիմ, պէտք է արտայայտըւիմ որ այն համերաշխութիւնը որ մենք Ուրուկուայցիներս կը տածենք հանդէպ հայ նահատակներուն, զգացած ենք մեր մորթին վրայ։ Ուրուկուայը սկզբունքներու երկիր է և այս ձևով կը շարունակէ գործել, պարզ այն պատճառով որ կը փափաքինք որ աշխարհը մեզի այսպէս ճանչնայ և կառչած կը մնանք այն ազնիւ սկզբունքներուն, ուր մեր ազգային հերոս Խօսէ Արթիկասը կ՜ըսեր «Ազատութեան հետ, մարդու չեմ վիրաւորեր և ոչ ալ կը վախնամ»։ Հաճելի է ինծի համար ստանալ ձեր գրութիւնը և անոր կըցւած ձեր երկրի բարձրագոյն ղեկավարի ուղերձը։ Կ՚ողջունեմ ձեզի և յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր կարևոր առաքելութեան մէջ։ Ջերմօրէն՝ ՌՈւՊէՆ մԱրԹԻՆէՍ ՈւէԼմՕ Ուրուկուայի Ազգային պատգամաւոր»


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.