Հայ Կեանք թիւ 04 05/08/2016

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Ա Թիւ 4

Զինեալներու Խումբ Մը Կը Գրաւէ Երեւանի Երեբունի Շրջանի Ոստիկանական Կեդրոնը

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Դատապարտում Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Կիրակի 17 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան Երեւանի Ոստիկանական մէկ կեդրոնին վրայ խումբ մը զինեալներու գործած յարձակումը: Տարածաշրջանի ապահովական եւ պատերազմական ամենավտանգաւոր զարգացումներու այս օրերուն, ԹուրքԱզրպէյճանական կողմին՝ Հայրենիքին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներուն առջեւ եւ Արցախի հարցով բանակցութիւններու վտանգաւոր այս հանգրուանին կատարուած նման անպատասխանատու արկածախնդրութիւն մը աւելի քան դատապարտելի է մինչ անոր հետեւանքները անդարմանելի վնաս կրնան հասցնել Հայրենիքի ներքին ապահովութեան եւ դժուար վիճակ դիմագրաւող տնտեսութեան:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծարայութեան ԱԱԾ տարածած յայտարարութենէն յայտնի եղաւ թէ Յուլիս 17-ի առաւօտեան ժամերուն Հիմնադիր Խորհրդարան կազմակերպութեան «Սասնայ Ծռեր» խումբը զէնքի ուժով գրաւած է Երեւանի Էրեբունի շրջանի ոստիկանութեան Պահակապարեկային Ծառայութեան (ՊՊԾ) կեդրոնը: Փոխհրաձգութեան պատճառաւ մահացած է ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոեանը։ Վիրաւորուած են, երկու ոստիկաններ ինչպէս նաեւ «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամ Թաթուլ Թամրազեանը։ Ապստամբները կեդրոնի գրաւման ընթացքին պատանդ վերցուցած են ոստիկանութեան պետի տեղակալ գեներալ Վարդան Եղիազարեանը, Երեւանի փոխոստիկանապետ գնդապետ Վալերի Օսիպեանը եւ 8 ոստիկան եւս, որոնցմէ երկուքին ազատ արձակած են: «Սասնայ Ծռեր»-ի ներկայացուցած պահանջներն են՝ ազատ արցակել իրենց առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանին, չզիջել Արցախի տարածքներ և Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: Ոստիկանութիւնը շրջափակած է ամբոխջ տարածքը, մինչ բանակցութեան փորձեր կը կատարուին։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ ներկայ հանգրուանը կը կարօտի համահայկական ուժերու գերլարումի եւ ո՛չ նման քաղաքական թէ այլ արկածախնդրութեան եւ այս առումով իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայրենի պետականութեան: Ամէն պարագայի հիմնուելով իր դաւանանքին եւ սկզբունքներուն վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը դատապարտէ քաղաքական թէ ընկերային փոփոխութիւններ յառաջ բերելու պատճառաբանութեամբ տարուած ահաբեկչական կամ զինեալ որեւէ գործողութիւն եւ կը հաւատայ, որ ի պահանջեալ հարկին միայն ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ միջոցներով է, որ նման նպատակ մը կարելի է հետապնդել: Վերջապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով կը ցաւակցի այս դէպքին զոհ գացած Հայ ոստիկանին ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ 17 Յուլիս 2016


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Բրիտանիան նոր վարչապետ ունի Մեծ Բրիտանիայի ներքին գործերի նախկին նախարար Թերեզա Մէյը Յուլիսի 13-ին Պուքինգեմեան պալատում Էլիզաբեթ Երկրորդից ստացել է նոր կառավարութիւն կազմելու առաջարկ: Այսպիսով՝ Մէյը պաշտօնապէս դարձել է Մեծ Բրիտանիայի 76-րդ վարչապետը և Բրիտանիայի կառավարութեան երկրորդ կին ղեկավարը: Բրիտանիայի նոր վարչապետը Տաունինգ-սթրիթի նստավայրում իր ողջոյնի խօսքում ասել է, որ իր նպատակն է ամրապնդել կապը Միացեալ Թագաւորութեան մաս կազմող ազգերի միջև: Նա ընդգծել է անարդարութեան և անհաւասարութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը՝ աւելի շատ հնարաւորութիւններ տալով աղքատ ընտանիքներին, գործազուրկներին և աղքատութեան շեմին գտնուող մարդկանց: «Մենք բոլորս Բրիտանիան աւելի լաւը կդարձնենք»,- խօստացել է Թերեզա Մէյը: Գոծերը ստանձնելուց մի քանի ժամ անց Գերմանիայի կանցլեր Անկելա Մերկելի և

«Հայ Կեանք » Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․Համբիկ -Սահակ Մարուքեան

«Χάι Γκιάνκ» Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

«Hye Gyank» Electronic Periodical Publication Athens-Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան, հրապարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր հրատարակիչներու տեսակէտը։

Ֆրանսիայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ հեռախօսազրոյցներում Մէյը տեղեկացրել է, որ մտադիր չէ վերանայել Brexit-ի արդիւնքները, սակայն իր կառավարութեանը անհրաժեշտ է լրացուցիչ ժամանակ՝ ԵՄ-ից Բրիտանիայի դուրս գալու շուրջ բանակցութիւններ սկսելու համար: Ինչպէս ասել է Մէյի մամուլի քարտուղարը, հեռախօսազրոյցներում նա ընդգծել է «բրիտանացիների կամքը կատարելու իր մտադրութիւնը»: Ստանձնելով պաշտօնը՝ Թերեզա Մէյը սկսել է ձևաւորել Բրիտանիայի նոր կառավարութիւնը:

Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ է յղել Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Թերեզա Մէյին Նախագահ Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ է յղել Մեծ Բրիտանիայի և Հիւսիսային Իրլանդիայի Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Թերեզա Մէյին՝ Միացեալ Թագաւորութեան Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի և երկրի Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Այս մասին յայտնում են նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցների հետ կապերի վարչութիւնից: «Վստահ եմ, որ Ձեր բազմամեայ քաղաքական փորձառութեան շնորհիւ Դուք Միացեալ Թագաւորութիւնը կուղղորդէք զարգացման և բարգաւաճման ճանապարհով` դիմագրաւելով առկայ բոլոր մարտահրաւէրներին և արձանագրելով նոր յաջողութիւններ։ Հայաստանը կարեւորում է Միացեալ Թագաւորութեան հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ մեր երկու ժողովուրդների միջև բարեկամութեան յետագայ խորացումը։ Լիայոյս եմ, որ համատեղ ջանքերի շնորհիւ կկարողանանք որակական նոր մակարդակի բարձրացնել մեր բարեկամական կապերը և նոր շունչ յաղորդել երկկողմ օրակարգին` ի բարօրութիւն մեր երկրների։ Մաղթելով յաջողութիւններ Ձեր պատասխանատու առաքելութեան մէջ՝ Ձերդ Գերազանցութեանն եմ յղում խորին յարգանքներիս հաւաստիքը»,-ասուած է ՀՀ Նախագահի շնորհաւորական ուղերձում:


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 3

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 27-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԱՄԱՒՈՐՈԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը, կուսակցութեանս Գերագոյն Ժողովն է եւ յաջորդողը՝ պատմական նախորդ 26 Գերագոյն Ժողովներուն։ ՌԱԿի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին առթիւ եւ առաջին անգամ ըլլալով, ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը խորհրդանշականօրէն գումարուեցաւ՝ 26-27 Մայիս 2016-ին քաղաքամայր Երեւանի մէջ, որուն Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահը՝ Տիար Սերժ Սարգսեան յղեց իր ողջոյնի խօսքը։ Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը՝ որ ներկաներուն փոխանցեց Հայաստանի նախագահին ժողովիս յղած խօսքը։ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին Պաշտօնական Բացումին յաջորդող օրը՝ այս պատմական համագումարին առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, ներկայ եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառի ներկայացուցիչը: ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին իր Օրհնութեան Գիրը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը: Նկատի ունենալով կարգ մը մարդոց ապատեղեկատուութեան նպատակով վերջերս տարածած անճիշդ եւ յերիւրանքներով լեցուն գրութիւնները, որոնք կը հետապնդեն հանրութիւնը սխալ կողմնորոշելու նպատակ, ինչպէս նաեւ կը նպատակադրեն անարդարօրէն վարկաբեկել պատմական կարեւորութիւն եւ օրինական իրարայաջորդականութիւն ունեցող՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, պարտք կը զգանք միանգամընդմիշտ յստակացնելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու հետեւեալ իրողութիւնը, որ կը վերաբերի անոր կազմակերպչական ընթացքին. ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին հրաւիրող՝ ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն ներկայացուած էին աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 19 շրջանակներէն 16-ին պատգամաւորներու ընտրութեանց ժողովներու փաստաթուղթերը եւ համապատասխան լիազօրագրերը, ստուգեց ներկայացուած փաստաթուղթերը, որոնք համահունչ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կանոնագրութեան հետեւեալ յօդուածներուն՝ Յօդ. 79 – Իւրաքանչիւր շրջանակ պատգամաւոր կ’ընտրէ իր շրջանակի անդամներէն եւ կամ ի հարկին ուրիշ շրջանակի պատկանող ընկերներէն, պայմանաւ որ անոնք ընտրելիութեան հանգամանքը ներկայացնեն: Յօդ. 80 – Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն եւս կրնան պատգամաւոր ընտրուիլ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին համար, պայմանաւ որ անոնք ձայն չունենան Կեդրոնական Վարչութեան համարատուութեան ատեն: Վերոյիշեալ օրինական թղթածրարին ամբողջացումին հիման վրայ, ստուգուեցաւ ներկայութիւնը հետեւեալ 16 շրջանակներու ընտրեալ պատգամաւորներու կամ անոնց օրինականօրէն փոխարինող փոխ-պատգամաւորներու՝

1. ՌԱԿ Արեւմտեան Գանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Ստեփան Պ. Փարթամեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Վարդօ Փափազեանի եւ ատենադպիր՝ ընկերուհի Մելինէ Քեվրանեանի կողմէ):

2. ՌԱԿ Կեդրոնական Գանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Էօժէն Քարաճեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Նուպար Երկանեանի կողմէ): Շարունակութիւնը էջ՝ 17


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Ժողովուրդին, Եկեղեցիին Եւ ՌԱԿ-ի Նուիրեալ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Տարիներ շարունակ այս ազնուական ընտանիքի մեծ հայր, ՌԱ Կուսակցութեան ատենապետ, ղեկավար Նահապետ Նահապետեանին հետ բազմաթիւ հանդիպումներ կ’ունենայինք, քաղաքամայր Երեւանի «Արմենիա» հիւրանոցին մէջ: Յաճախ ընտանեօք հանդերձ, Արժանթինահայութեան պատուաւոր ղեկավարներու պատուիրակութեանց հետ, կտրել-անցնելով Ատլանտեանն ու Միջերկրականը, միշտ ներկայ էին Պուէնոս Այրէսի Նահապետեանները՝ Մայր Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութեանց: Կեանքը միշտ անակնկալներ կը վերապահէ մեզի…: Որպէս լրագրող տարիներու երազանքս իրականացաւ, երբ վերջերս շաբաթով մը այցելեցի Լատինական Ամերիկայի թէ Սփիւռքի լաւագոյն եւ ամէնէն կազմակերպուած գաղութներէն մէկը՝ Պուէնոս-Այրէս. 18 ժամեայ թռիչքը իր բոլոր դժուարութիւններով մոռացութեան մատնուեցաւ, երբ օդակայանին մէջ մեզի դիմաւորեց միշտ ժպտադէմ ու բարեհամբոյր Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, որ իր բոլոր կարելի միջոցներով օգտակար պիտի դառնար, որպէսզի մեզի համար «պատմական» լրագրողական առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուէր: Պուէնոս-Այրէսի «Արմենիա» հռչակաւոր փողոցը, որ իսկապէս փոքր Հայաստան կը համարուի, անցեալ դարու սկիզբէն, մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնէն եւ Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»ի պարպումէն ետք, այս հիւրընկալ երկիրը ապաստանած հայերուն եւ Արժանթինի բազմազգ բնակչութեան կողմէ ունի յիշարժան կառոյցեր: 1931-ին կառուցուած Ազգային Առաջնորդարանին, եկեղեցիին ու դպրոցին կողքին, մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ վեր բարձրացած է «Սարդարապատ» ՌԱԿ կեդրոնը, ուր լոյս կը տեսնէ նոյնանուն «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը՝ Տիանա Տէր Կարապետեանի խմբագրութեամբ, միաժամանակ տեղի կ’ունենան ցուցահանդէսներ, մշակութային հանդիպումներ, դասախօսութիւններ, դէմ-հանդիման գտնուող ՀԲԸՄ-ի շքեղ կեդրոնատեղիի ղեկավարութեան հետ, ինչպէս միշտ եղած է անցեալին: Կարելի է յստակօրէն նկատել այն յարգանքն ու պատիւը, որ կը վայելէ այժմ արդէն ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընտրուած Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան՝ գաղութի թէ պետութեան մօտ: Ան կ’աշխատի նաեւ Արժանթինի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովներու մէջ, որպէս ղեկավար, պետական արհեստավարժ գործիչ: Բազմաթիւ բռնատիրութիւններ տեսած «արծաթեայ» Արժանթին, հակառակ իր անսահման

բնական հարստութիւններուն ու ռազմավարական դիրքին՝ միշտ ենթարկուած է գեր-տէրութիւններու կողմէ յարձակումներու, դաւերու, պետական թէ ռազմական յեղաշրջումներու, հազարաւոր քաղաքական բանտարկեալներով: Սակայն այսօր երկիրը յաղթահարելով ֆինանսական դժուարութիւնները ոտքի կը կանգնի, միաժամանակ պաշտպանելով իր քաղաքացիին, մասնաւորաբար ծագումով հայերու բոլոր մարդկային եւ ազգային իրաւունքները: Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցելութեան մէջ, մեծ է նպաստը Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի, որ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէր իսկապէս ապրող ու գործող Սուրբ, այս եկեղեցական արտակարգ անձնաւորութեան հետ, որ Արժանթինի հայոց ջերմ բարեկամն էր ու հիացողը՝ հայ քրիստոնեայ եկեղեցուոյ անցեալով ու հայոց մշակոյթով: Հայոց սրբազան հողին վրայ իսկ, Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Սրբազան Պապին, ընդունելով հայրական օրհնութիւնը եւ շնորհակալութիւնը՝ իր այցելութիւնը մեծ յաջողութեամբ կազմակերպելու համար: Նկատի առնելով, որ ՌԱԿ-ի նորընտիր ատենապետը այդ խիստ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնեց կուսակցութեան համար դժուարին օրերուն: «Արժանթինի մէջ եղած է ու պիտի մնայ ՌԱԿ-ը, իր կառոյցներով, միշտ կամուրջները ամուր պահելով ՀԲԸՄ-ի եւ դաշնակից ու գաղափարակից բոլոր միութիւններու եւ կուսակցութեանց հետ: Ճիշդ է, որ առաքելութիւնս դժուար է, սակայն ջանք ու ճիգ պիտի չխնայեմ միաւորելու մեր սիրելի կուսակցութիւնը», հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց այս ազնիւ, հայ ժողովուրդին, եկեղեցիին ու կուսակցութեան անվերադարձ նուիրեալ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան:

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 5

Բրիտանիոյ Պատմական Բաժանումէն Ետք ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ Բրիտանիա Միացեալ Եւրոպայի ճաշակը առնելէ, քառասունհինգ տարի եւրոպական կաշկանդումները վայելելէ ետք, յաջողեցաւ ազատագրել ինքգինք Պրիւքսէլի ենթակայութեան ծանր լուծէն։ Գէթ այսպէս կ’որակեն «Միութեան» հակառակորդները…։ Եւրոպայէն բաժանումը պետական ծրագրումէն աւելի, ժողովրդային ընդվզումի անմիջական արդիւնք էր, տրուած ըլլալով, որ Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի քուէարկողները մինչ կը մերժէին բաժնուիլ Եւրոպայէն, Անգլիոյ եւ Ուէյլզի բնակչութեան զգալի մասը արտայայտեց իր զզուանքն ու ազատ, անջատուած ապրելու ցանկութիւնը։ Անմիջապէս պէտք է յայտնել, որ Անգլիոյ բնակչութեան ժխտական կեցուածքին հիմնական պատճառը տասնամեակներէ ի վեր քննարկուող եւ չլուծուող գաղթականութեան հարցն է։ Գաղթականներ, որոնք ազատ մուտքի իրաւունքը չարաշահած՝ կու գային հարաւային Եւրոպայէն, Եուկոսլաւիայէն, Փորթուկալէն, Թուրքիայէն։ Անգլիացին իր քաղաքին, գիւղին կամ թաղամասին մէջ ուզած էր իր անցեալին, նախապաշարումներուն, յիշատակներուն հետ ապրիլ՝ անվրդով, հանգիստ։ Անոր կեանքը խանգարուած էր Եւրոպական Միութեան օրէնքին, օտար աշխատողներու ազատ երթեւեկին, եկամուտներու անհաւասարութեան եւ ընկերային ու տնտեսական տարբեր պատճառներով։ Ընդվզումը, որ յառաջացած էր, ուղղուած էր Լոնտոնի կառավարութեան անկարողութեան եւ կեանքը հաւասարակշիռ պահելու անճրկութեան դէմ։ Բրիտանացի քաղաքացիներու մեծամասնութեան աննախադէպ որոշումը, Հինգշաբթի, Յունիս 23-ին՝ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու, թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ՛ Միութեան տարածքին, յառաջացուց ցնցիչ վիճակ մը տնտեսական կառոյցները խախտելով, առաջնորդեց վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը՝ հրաժարելու եւ նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ դարձնելով ներքին կառոյցը՝ Բրիտանական Միութեան։ «Մեկնում»ը իրագործած զանգուածը բաժանումը պատմական յաղթանակը կը նկատէ Բրիտանական ժողովրդապետութեան ընդդէմ Եւրոպական Միութեան դիւանակալութեան այլանդակութեան դէմ։ Լոնտոնի պահպանողական նախկին քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն, որ գլխաւորած էր «Մեկնում»ի ժողովրդային շարժումը, յայտնեց, թէ «Բրիտանացի ժողովուրդը վերականգնեց բրիտանական ժողովրդավարութիւնը», իսկ Անկախութիւն կուսակցութեան պարագլուխ Նիկել Ֆարաժ յայտարարեց. «Անկախութեան արշալոյսը կը ծագի

Միացեալ Թագաւորութեան վրայ…»։ Բաժանումին դէմ պայքարողները, որ քուէարկողներուն 48 տոկոսը կը կազմեն, եւ 2 միլիոն եւրոպացի քաղաքացիները, որոնք չէին կրնար քուէարկել, «Մեկնումը» կը նկատեն տխրութիւն, զայրոյթ, խուճապ յառաջացնող երեւոյթ։ Ողբերգութիւն մը՝ Բրիտանիոյ համար։ Պատմական քուէարկութեան մօտաւոր արդիւնքը՝ 52 առ հարիւր «Մեկնումի» ի նպաստ էր, իսկ 48 տոկոսը՝ «Մնալու»։ «Մնալու» ազդակին ի նպաստ քուէարկողներուն շարքին են սկովտիացիներու եւ հիւսիսային իրլանտացիներու մեծամասնութիւնը, որոնց համար եւրոպական կապուածութիւնը տնտեսական եւ կիսանկախ գործառնութեան ու մտածողութեան առիթներ կը ստեղծէր։ Ուրեմն, վերադարձ մը կէս դար առաջուան վիճակին եւ Լոնտոնէն կախուածութեան իրականութեան՝ անընդունելի կը թուին այլեւս։ Այս բաժանումին կրնայ յաջորդել երկրորդ բաժանում մը. ներքին ահաւոր բաժանումի մը շարժումը կրնայ կեանք առնել։ Սկովտիան ու Հիւսիսային Իրլանտան ամբողջական անկախացումի ընթացքը որդեգրելու պատրաստ են։ Արդէն, հազիւ քուէահամարը աւարտած՝ հիւսիսէն տարածուիլ սկսաւ Անգլիայէն բաժանումի ըսի-ըսաւները։ Սկովտիոյ Առաջին Նախարարը, Նիքոլա Սթըրճըն յայտնեց, թէ «Սկովտիան քուէարկեց Եւրոպայի մէջ մնալ», հասկցնելով որ Միացեալ Թագաւորութենէն անջատուելով անկախանալ փորձող Սկովտիան հանրաքուէի պատրաստ է։ Իսկ Հիւսիսային Իրլանտան անկախանալէ աւելի, Իրլանտայի հանրապետութեան հետ հասարակաց սահմանը ջնջելով, սրբագրած կ՛ըլլայ 95 տարիներու անջատ իր գոյութիւնն ու Բրիտանիային կապուածութիւնը։ Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի քաղաքական ապագան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ այս բաժանումէն ետք։ «Միութեան» ջատագով մը, վարչապետը ակամայ գլխաւորեց բաժանումի առաջնորդող շարժումը։ Հոկտեմբերին վստահաբար պիտի հրաժարի ան, եթէ ոչ՝ աւելի կանուխ։ Անմիջապէս որ յայտարարուեցաւ քուէարկութեան արդիւնքը՝ տարաձայնուեցաւ Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ Պորիս Ճոնսընի վարչապետութեան կարելիութիւնը։ Շարունակութիւնը էջ՝ 6


Հայ Կեանք

Էջ 6

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Բրիտանիոյ Պատմական Բաժանումէն Ետք․․․ Շարունակութիւն էջ՝ 5-էն

Այդ վարկածն ալ անիմաստ դառնալէն ետք, արդարադատութեան քարտուղար Մայքըլ Կով կը դառնայ զօրաւոր թեկնածու մը վարչապետի աթոռին, որու ձգտողներուն շարքին են նաեւ ներքին գործերու քարտուղար Թերեզա Մէյ, եւ երեք ուրիշ քարտուղարներ։ Վարչապետութեան հարցը պիտի յստականայ Սեպտեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ։ *** Եւրոպայէն հեռացումը, որուն Brexit բառակերտումը ստեղծուեցաւ, տնտեսապէս օգտակար եւ նոյն ատեն վնասակար կրնայ ըլլալ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ մնացեալ Եւրոպային համար։ Բրիտանիոյ ներկայութիւնը միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններուն մէջ եւս պիտի ազդուի այս բաժանումին հետեւանքով։ Տեղեկատուութեանց բաշխում Բրիտանիան գործակիցն էր Հինգ Աչքեր կոչուող տեղեկատուութեան բաշխումի անկախ ընկերակցութեան՝ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Նոր Զելանտայի անգլիախօս երկիրներու կողքին։ Համաշխարհային այս տարօրինակ, անպաշտօն կազմակերպութիւնը թափանցած է աշխարհի լրատուական բոլոր ցանցերէն ներս եւ տեղեկատուութիւններու ներքին բաշխումը անթերի կը գործէր։ Աւանդականօրէն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները իրարու վստահող երկու գերհզօր ուժերն են այս մարզէն ներս։ Եւրոպական Միութիւնը ատենէ մը ի վեր կը քաջալերէր տեղեկատուութեանց արդար բաշխում մը եւրոպական 28 անդամ պետութիւններուն միջեւ, յաճախ վտանգելով ապահովութիւնն ու գործողութիւնները։ Ըստ Սի.Այ.Էյ.ի Ընդհանուր Տնօրէն Մայքըլ Հէյտընի, «Եւրոպական գործակալութիւններուն յաճախակի շեղումները պատճառ կը դառնան անդամ տէրութեանց բնակիչներուն անապահովութեան. որոշ չափով մը, Պրիւքսէլ որպէս եւրոպական կեդրոն կը հետապնդէ այս գործողութիւնները, ի վնաս ընդհանուր ապահովութեան»։ Եթէ Բրիտանիան յաւելեալ ճնշումով մը աւելի մխրճուէր եւրոպական ապահովութեան հարցերուն մէջ, Միացեալ Նահանգները մտահոգութեամբ պիտի մօտենար աշխարհի ապահովութեան հարցերուն։ Նոր իրականութեան մէջ, երկու աւանդական բարեկամները կրնան խորացնել իրենց գործակցութիւնը՝ տեղեկութիւններու փոխանցումներու մարզէն ներս։ Պաշտպանութիւն Յաւելեալ ճնշում մը նկատելի էր Պրիւքսէլի կողմէ՝ յառաջացնելու զինական լայն գործակցութիւն մը։ Ամերիկեան կողմը բոլորովին տարբեր ուղղութեան կը ձգտի, մանաւանդ երբ ներքին դժուարութիւն մը սկսած էր յառաջանալ ՆԱԹՕ-ի անդամներուն մօտ։ Վերջերս, զինակցութիւնը հերթական

ռազմափորձեր կատարեց Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներու գործակցութեամբ, վստահեցնելու համար անդամները, որ ՆԱԹՕ-ն լրջօրէն կը մտահոգուի Ռուսաստանի կողմէ ստեղծուած հարցերով։ Գերմանիոյ արտաքին նախարարը առարկեց, ՆԱԹՕ-ն ամբաստանելով որպէս ռազմամոլ, նոյն ատեն ցոյց տալով միասնակամ ճակատի խախտում մը։ Ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ ՆԱԹՕ-ն իր յատուկ բանակը ունենար։ ՆԱԹՕ-ի ռազմափորձերը պիտի արտօնուէի՞ն։ Պրեքսիթին շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու շրջանակները գէթ ապահով պիտի զգան Բրիտանիոյ հետ ռազմական վստահելի գործակցութեամբ։ Առեւտուր եւ տնտեսութիւն Քուէարկութեան նախօրէին, նախագահ Օպամա բրիտանական խումբի մը կը յայտնէր, թէ Պրեքսիթին ի նպաստ քուէն, Բրիտանիոյ պիտի շնորհէր առեւտրական նպաստաւոր համաձայնագիր մը Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Ուաշինկթըն երկար պիտի չսպասէ աշխարհի հինգերորդ մեծագոյն տնտեսութեան հետ, այսինքն՝ Բրիտանիոյ հետ, առեւտրական նոր դաշինք մը ստորագրելու։ Աշխարհաքաղաքական կարելիութիւններ Միացեալ Նահանգներ-Բրիտանիա աշխոյժ գործակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ անգլիախօս աւանդական պետութիւններուն՝ հինգ մեծերուն, առաւել՝ Հնդկաստանի համար, դիւրացնելով առեւտրական ցանցերու, ռազմագիտական ընկերակցութիւններու եւ նոյն մտածողութեան ծառայող պետութիւններու գործակցութիւնը՝ ընդդէմ, օրինակ՝ չինական ազդեցութեան տարածումին։ Ահազանգ մը՝ Եւրոմիութեան Բրիտանական անջատումը կը կարծուի որ ահազանգ մը կրնայ դառնալ Եւրոպական Միութեան մնացեալ 27 անդամներուն համար, վերականգնելու Միութեան հին, աւանդական, նախա-70-ական թուականներու նպատակները, այսինքն՝ բոլորին նպաստաւոր առեւտրական կապերը, փոխանակ քաղաքական անհարկի կաշկանդումներ ստեղծելով՝ բարդացնելու անդամներու յարաբերութիւնները։ Պրեքսիթը յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ, Միութիւնը անժողովրդական դառնալ սկսած է քիչ մը ամէն երկրի մէջ։ Բրիտանիոյ այս անջատումը ահազանգ մըն է, թէկուզ մէկ երկրի բաժանումով, որ Եւրոպա դառնայ տնտեսապէս աւելի ճկուն եւ քաղաքականօրէն աւելի յարաշարժ ու պատշաճող։ Ժամանակի կը կարօտի յայտնագործելու համար այս բաժանումին իսկական պատճառները։ «Նոր Օր»

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 7

Նախագահներ՝ Սարգսեան եւ Օլանտ քննարկած են Լ.Ղարաբաղի հիմնահարցը

Սամցխէ-Ջաւախքի Ճոպարեթ Գիւղին Մէջ 5000 Տարուան Պատմութիւն Ունեցող Բնակավայր Յայտնաբերուած է

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շաբաթ՝ 9 Յուլիս 2016-ին, Վարշաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: ՀՀ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն մէջ Ֆրանսուա Օլանտի հետեւողական աջակցութեան եւ կարեւոր դերակատարման համար, ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ իրապէս կը հպարտանան Ֆրանսայի հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալու իրողութեամբ: Նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութիւնը տարիներու ընթացքին նկատելիօրէն ընդլայնուած է։ ԵՄ երկիրներու շարքին Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալով առաջատար դիրք զբաղեցնող երկիրներէն մէկը: Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծի ընդունման համար, որուն մէջ մեծ է նախագահ Օլանտի անձնական ներդրումը: Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: ՀՀ նախագահը կարեւոր համարած է Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող

Սամցխէ-Ջաւախքի Ճոպարեթ գիւղին մէջ, յայտնաբերած են Արաքս գետի մշակութային բնակավայր: Այդ նմուշները կը պատկանին Ք.Ա. 4-րդ դարու կէսերուն: Ասպինձայի քաղաքապետութեան Ճոպարեթ գիւղի Արաքս գետի մշակութային բնակավայրը ունի մօտ 5000 տարուան պատմութիւն: Այս մասին կը յայտնեն Akhaltskha.netէն: Ասպինձայի քաղաքապետութեան տեղեկատուութեամբ՝ այդ տարածքին մէջ կ’իրականացուին հնագիտական աշխատանքներ: Տուեալ հետազօտութիւնները կ’իրականացուին Վրաստանի Ազգային Թանգարանի եւ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի միասնական ուժերով: Հնագիտական արշաւախումբը գտած է թէրասներու արթեֆաքդներս։ Յայտնաբերուած են քարէ շինութիւններ, բնակելի եւ տնտեսական ամբարներ, շտեմարաններ, կրակարաններ եւ ամանեղէնի տարբեր տեսականի:

երկիրներէն մէկուն, աշխոյժ դերակատարութիւնը բանակցային ճանապարհով հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործին եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահ Օլանտին նաեւ անձնական ջանքերու հետեւողական ներդրումին համար: Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Օլանտ երկուստեք կարեւորած են Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ ընդունուած յայտարարութիւններու ամրագրուած դրոյթներուն անվերապահ կատարումը: Նախագահները մտքեր փոխանակած են ԼՂ հիմնախնդրի լուծման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու հեռանկարին շուրջ:


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Առաջին Երիտասարդական Հաւաքը

Յուլիս 11-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներու հետ համագործակցութեամբ իրականացուող «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան ողջունեց երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հաւաքին ընթացքին պիտի ըլլան շատ հետաքրքիր հանդիպումներ, պիտի կազմակերպուին քննարկումներ, հնչեն տեսակէտներ: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Համոզուած եմ, հաւաքը սկիզբ կը դնի հետաքրքիր ծրագրի, կը միաւորի ձեզ, կ’ոգեւորի ձեզ, որ գաք, օգնէք, հզօրացնէք եւ ուժեղացնէք մեր Հայրենիքը: Երկար քննարկելուց յետոյ ընտրել ենք երեք ուղղութիւններ, որ բնորոշ են հայ ժողովրդին, Հայաստանին: Բժշկութեան ասպարէզում մենք յաջողութիւններ ունենք, բայց հզօր ներուժ ունենք, որը աւելի առաջ գնալու գրաւական է: Բարձր տեխնոլոգիաների բնագաւառում էլ, կարծում եմ, մեր երիտասարդները կարող են միջազգային փորձը տեղայնացնել, բերել Հայաստան, փորձել Հայաստանում կիրառել իրենց գիտելիքները, տաղանդը: Երրորդ ուղղութիւնը հայկական շահերի պաշտպանութիւնն ու մետիա ոլորտն է: Հայաստանը կանգնած է հզօր արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրների առջեւ: Հայ դատն այսօր երեք կարեւոր ուղղութիւն ունի` Հայաստանի հզօրացում, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծում, եւ առաջնորդուելով Համահայկական հռչակագրի պահանջներով` հայ ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքների վերականգնում: Ամփոփելով խօսքս նշեմ, որ հայ ժողովուրդը երկու նպատակ ունի` ստեղծել հզօր, ուժեղ Հայաստան եւ պահպանել աշխարհում հայի տեսակը, հայի արմատը, ունենալ մրցունակ

ժողովուրդ»: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց երիտասարդներուն դերը հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման հարցին մէջ: Նախարարը շեշտեց. «Երիտասարդութեան խնդիրն այսօր հայկական տեսակի պահպանումն է, այն մի նոր հանգրուանի բերելը: Այս հաւաքն այդ շատ կարեւոր հարցի լուծմանն է միտուած: Որն է հայ տեսակի առաքելութիւնը 21-րդ դարի նոր մարտահրաւէրների լուծման գործում: Աշխարհը որոնումների մէջ է, դասակարգւում են ժողովուրդները: Արդեօք ունա˚կ ենք ապացուցել մեր քաղաքակիրթ տեսակի առկայութիւնը: Այսօր շատ դժուարութեամբ հայ ժողովուրդը Հայաստանում, Արցախում եւ աշխարհում փորձում է ձեւաւորել իր ապագան, լուծել հայկական շարունակականութեան եւ լինելիութեան խնդիրը: Ցանկանում եմ, որ նման հաւաքները լինեն յաճախակի եւ մասնագիտական կողմնորոշմամբ»:

ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ աւելցուց. «Բոլորս ընդգրկուած ենք հայ ազգի հզօրացման գործին մէջ: Մեր կազմակերպութիւնը, որ այս տարի կը նշէ իր 110 ամեակը, եւ աշխարհի 70 քաղաքներու մէջ կառոյցներ ունի, շատ լաւ կը գիտակցի, որ Սփիւռքը չենք կրնար հզօր պահել, եթէ հզօր Հայրենիք չունենանք: Մեր ամենակարեւոր հզօրութիւնը մարդուժն է: Տրամաբանական է, որ պէտք է միացնենք բոլորիս ուժերը յաջողութեան հասնելու համար»: «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Ժաքլին Գարաասլանեան շեշտեց, որ արդէն պէտք է գաղափարէն անցնիլ աշխատանքի: «Երիտասարդները մեր ամենագեղեցիկ եւ հզօր ուժն են». նշեց ան: «Այբ» դպրոցի տնօրէն, «ABBYY» ընկերութեան փոխնախագահ Արամ Փախչանեան ողջունելով Շարունակութիւնը էջ՝ 10


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Տեղի Ունեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Պաշտօնական Բացումը

Պաշտօնապէս բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 13-րդ միջազգային կինոփառատօնը, որ նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25-րդ յոբելեանին: Մինչ հանդիսաւոր կարմիր գորգի արարողութիւնն ու փառատօնի բացումը` Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ ՀՀ ոստիկանութեան փողային նուագախումբի կատարումներուն ներքոյ բացուեցան գործարկու (օփերատոր) Ալպերթ Եաւուրեանի, բեմադրիչ Էտմոնտ Քէոսայեանի եւ Տմիթրի Կէսայանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղերը: Այնուհետեւ այս տարուայ փառատօնի հիւրերը անցան հրապարակին վրայ տեղադրուած կարմիր գորգով, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը։ «Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանն ու փառատօնի վաղեմի գործընկեր Վիւասել-ՄԹՍ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան համատեղ ազդարարեցին փառատօնի պաշտօնական բացումը: Յարութիւն Խաչատրեան խնդրեց հանդիսատեսին մէկ վայրկեան լռութեամբ յիշել 4 Յուլիսին կեանքէն հեռացած իրանցի բեմադրիչ, «Ոսկէ Արմաւենիի Ճիւղ»-ի մրցանակի դափնեկիր Ապաս Քիառոստամին:

Էջ 9

Հռոմի Պապը խօսած է Ատրպէյճան եւ Վրաստան այցի հրաւէրը ընդունելու պատճառներուն մասին

«Վատիկանի ռատիօ»-ն կը տեղեկացնէ, որ Հռոմի Պապը աշնան դարձեալ պիտի այցելէ Հարաւային Կովկաս. Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 2 Սրբազան քահանայապետը պիտի ըլլայ Ատրպէյճան եւ Վրաստան: Այս մասին ան յայտնած է Յունիս 30-ին` Վատիկանի մէջ: Պապը խօսած է այդ երկիրներ այցի հրաւէրը ընդունելու պատճառներուն մասին. պատճառներէն մէկը այդ հողերուն վրայ, այլ կրօններու ու մշակոյթներու հետ երկխօսելու ոգիով, քրիստոնէական հնագոյն արմատներու առկայութիւնն է: Միւս պատճառը դէպի խաղաղութիւն յոյսն ու ճանապարհը ամրապնդելն է: Պապը ըսած է, որ ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն կը պահանջէ մեծ հետեւողականութիւն ու մշտական քայլեր, որոնք աստիճանաբար պէտք է աճին: Ան յոյս յայտնած է, որ բոլորը եւ իւրաքանչիւրը իրենց աւանդը պիտի ներդնեն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործին:

Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի կայանայ Ապաս Քիառոստամիի «The Road» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ բեմադրիչի «Taste of Chery» ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Երեկոյի ընթացքին յայտարարուած է, որ Եւրոպական կինոակադեմիան մրցանակ շնորհած է Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանին`արժանացնելով զայն «Եւրոպական կինոմշակոյթի գանձ» տիտղոսին: Բացման արարողութեան ընթացքին ցուցադրուած են «Աշխարհի մեծագոյն արուեստագէտներից ու մրցութային ծրագրին մէջ ընդգրկուած ֆիլմերը, ռեժիսորներից մէկը` Ապաս Քիառոստամին, մեր նաեւ դատական կազմը: փառատօնի եւ հայ ազգի ու կինոյի լաւագոյն Արարողութիւնը եզրափակած է Համօ բարեկամներից էր, նա չորս անգամ մասնակցել է Բեկնազարեանի «Զարէ» կինոնկարի «Ոսկէ ծիրան»-ին: Իր լուսանկարների ամբողջ ցուցահանդէսը նա նուիրեց Փարաճանովի անուան ցուցադրութիւնը, որ ուղեկցուած է Վահագն Հայրապետեանի եւ «Աքուստիկ գոյներ» թանգարանին: Այսօր նրա յուղարկաւորութիւնն է, եկէք յարգենք նրա յիշատակը»,- նշած է Յարութիւն ստեղծագործութիւններու կենդանի կատարումով: Խաչատրեանը: Լուսանկարները` Մարիամ Լորեցեանի


Էջ 10

Հայ Կեանք

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Ծանօթացան ՀՀ Բարձագոյն Կրթական Հաստատութիւններու Ծրագիրներուն

Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն համար ուսումնական ծրագիրէն յետոյ կազմակերպուած էր ՀՀ բարձագոյն կրթական հաստատութիւններու ծրագիրներու շնորհանդէս: ԵՊՀ գրադարանին մէջ ներկայացուեցան ԵՊՀ-ի, Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիքական, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական, Վ.Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական, «Եւրասիա» միջազգային, Երեւանի Հիւսիսային, ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ (ՀՎՀ) համալսարաններու, ֆրանս-գերմանական ճարտարագիտական ինստիտուտի պաքալաւրիատի եւ մագիստրատուրայի ծրագիրները, ընդունելութեան կարգը, պայմանները, կրթական ծառայութիւնները: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գործարկուող «Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն եւ հակառակը» փոխարկիչ ծրագիրը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար Էդուարդ Մանուկեան: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս ամէն տարի կազմակերպուող նման ձեռնարկները կը նպաստեն, որ աւարտող մասնակիցներէն շատերը շարունակեն ուսումը հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնցմէ շատերը, դառնալով հայագէտ-մասնագէտներ, կը վերադառնան եւ հայապահպան գործունէութիւն կը ծաւալեն իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ` ներգրաւուելով հայ համայնքներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն (ներառեալ` երիտասարդական), կրթամշակութային հաստատութիւններուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, նախաձեռնելով Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստանալու գործը: Յիշեցնենք, որ նոյն օրը «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի Երիտասարդ առաջնորդներու եւ

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին»․․․ Շարունակութիւն էջ՝ 8-էն

հաւաքի մասնակիցները, նշեց, որ շատ ոգեւորուած է, որ վերջապէս մեկնարկած է շատ սպասուած ծրագիրը եւ մեծ յոյսեր կը կապէ երիտասարդներուն հետ: «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին նպատակն է համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ գիտնականները, աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններուն մէջ ուսանող հայ ուսանողները` Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ քննարկելու եւ մշակելու գործակցութեան նոր մօտեցումներ, առաջարկելու համագործակցութեան ծրագիրներ` ի նպաստ Հայաստանի զարգացման: Համաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն», «Տե ղեկատուական արուեստագիտութիւններ», «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ մամուլ» աշխատանքային խումբերու մէջ: Համաժողովի ծիրէն ներս կը կազմակերպուին նաեւ թեմատիկ քննարկումներ, հանդիպումներ ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ, մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ համապատասխան մասնագիտական հաստատութիւններ: «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքը իր աշխատանքը կ’աւարտէ «IDeA» հիմնադրամի հովանիի ներքոյ Դիլիջանի մէջ իրականացուող ամփոփիչ նիստով: Հաւաքին կը մասնակցի 90 երիտասարդ Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Չեխիայէն, Լաթվիայէն, Շուէտէն, ՌԴ-էն, Մոլտովայէն, Սինկափու­րէն, ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Հայաստանէն:

համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցները այցելած էին «Դէպի Հայք» հիմնադրամ, ուր հանդիպեցան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեանին եւ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ:


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Հայաստանի Արտաքին Պարտքը Կը Կազմէ 4 Միլիառ 432 Միլիոն Տոլար 31 Մայիս 2016-ի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը կազմած է 4 միլիառ 432 միլիոն տոլար` Ապրիլ 30-ի 4 միլիառ 459 միլիոն տոլարի դիմաց, կը տեղեկացնեն Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն:

Էջ 11

ԼՂՀ Նախագահական Պալատին Մէջ Քննարկուած են 2017-ին Արցախի Մէջ Կայանալիք Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպման Առընչուող Հարցեր

Արտաքին պարտքը նուազած է մօտ 27 միլիոն տոլարով: Վերոնշեալ 4 միլիառ 432 միլիոն տոլարէն կառավարութեան պարտքը կազմած է 3 միլիառ 943 միլիոն տոլար, իսկ Կեդրոնական դրամատանը` 489 միլիոն տոլար:

CNN-ը Հայաստանը Կը Դասէ Լաւագոյն Գինեգործական Ուղղութիւններու Շարքին

Ամերիկեան հեղինակաւոր CNN պարբերականը Հայաստանը ներառած է 15 լաւագոյն գինեգործական ուղղութիւններու շարքին: «Իտալացիները կ՛ըսեն, որ «ուտելիքը առանց գինիի նման է առանց արեւի օրուան»: Իրականութեան մէջ շատ մշակոյթներու համար գինին ուտելիքի կարեւոր մասն է, եւ գինիի արտադրութիւնը Միջերկրածովեան տարածաշրջանէն տարածուած է բոլոր մայրցամաքներ: «Գինիի արժեւորումը բարձր մակարդակի վրայ է եւ յանգեցուցած է գինեգործական երթուղիներու յառաջացման, երբ Գերմանիան 1935 թուականին բացած է իր սեփական Վայնշտրասէն (Գինիի երթուղին): «Այսօր գինեգործական երթուղիներն ու զբօսաշրջային պտոյտները աւելի հիասքանչ են, քան առաջ` կարեւորէն (Պորտօ) եւ գեղարուեստականէն (Քէյփ Թաուն) մինչեւ պատմականը (Հայաստան) ու անսպասելին (Պրազիլը)», «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ կը գրէ պարբերականը, ներկայացնելով 15 լաւագոյն գինեգործական երթուղիները: Աւստրալիայէն, ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիայէն, Փորթուկալէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Չիլիէն, Գանատայէն, Իտալիայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն ետք պարբերականը անցում կը կատարէ դէպի Հայաստան` Վայոց ձոր: «Համաձայն Աստուածաշունչին` Հայաստան աշխարհի մէջ գինիի արտադրութեան առաջին տարածաշրջանն է, քանի որ անիկա Արարատ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Յուլիսին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, ՀՀ սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը եւ երկու կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2017 թուականին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման առընչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Համահայկական խաղերուն իրականացումը Արցախի մէջ մարզամշակութային կեանքի զարգացման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման տեսանկիւններէն` ընդգծելով, որ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի իրականացուի խաղերը ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպելու ուղղութեամբ: Հանդիպման ներկայ եղած են ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: լերան լանջերուն է, ուր Նոյ ջրհեղեղէն ետք տնկեց առաջին որթը: «Հնագէտները կը համաձայնին, որ ոչ վաղ անցեալին այստեղ յայտնաբերուած է 6100 տարուայ հնութեան գինեգործարան: «Տեղական Արենիի բազմազանութիւնը դարեր շարունակ մնացած է անփոփոխ` շնորհիւ բարձր դիմացկունութեան: Վայոց ձորը այն տարածաշրջանն է, ուր գինիի արարման կը նպաստեն տարեկան 300 արեւոտ օրերը: «Ամենաշատ կազմակերպուող պտոյտները տեղի կ՛ունենան այն տարածքներ, ուր կայ աննման կարմիր Areni Noir-ը, որ 2012 թուականին Հայաստանը դրաւ միջազգային գինեգործական քարտէզի վրայ», կը նշէ CNN-ը:


Էջ 12

Հայ Կեանք

Իսրայէլի Քնէսէթին Մէջ

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

վճարելու ճշմարտութեան համար, բայց այդ է ճիշդ ուղին, որքան ալ դժուար թուի այդ»։ Առաջարկը ղրկուեցաւ Կրթական Նախարարութեան յատուկ յանձնախումբի մը, որպէսզի բանաձեւէ պահանջքը։ Այսպիսով կրկին անգամ կը ձգձգուէր ճանաչման պահանջքը։

Մինչայդ, Քնէսէթի մուտքին հաւաքուած էին հայ եւ մեզի զօրակցող հրեայ հասարակական գործիչներու կազմակերպութիւններու յայտնի ղեկավարներ, որոնք բարձրաձայն ելոյթներով պահանջեցին մեր ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչումը։ Ելոյթներ ունեցան Հայոց կողմէն Պրն. Սերոբ Սահակեան, Դոկտ. Ժորժէթ Աւագեան, իսկ մեր հրեայ բարեկամներուն կողմէ Փրոֆ. Եաիր Երեքշաբթի, Յուլիս 5-ին, Իսրայէլի Քնէսէթին մէջ Օրօն, նախկին Դեսպան Պրն. Մայքըլ Օրըն, Այման հերթական անգամ ըլլալով պիտի քննարկուէր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը։ Օտս, Մոշէ Ռազ, Թալ Հայման եւ ուրիշներ։ Այս առթիւ Սաղիմահայ Միացեալ Մարմինը մուտքի Խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ խօսք առին Տով Խենին, արտօնութիւն ստանալով ներկայ գտնուեցաւ Նախման Շայի եւ ԹալիՓլոսքօ, իսկ վարչապետին խորհրդարանէն ներս կայանալիք քննարկման տեղակալներէն Ցախիա Նեքվի առաջարկեց մեր ժամուն, որ տեւեց շուրջ մէկ ժամ։ Ելոյթներ հայցը կրկին անգամ ղրկել Կրթական ունեցան մեր դատին պաշտպան եւ հայութեան նախարարութեան յատուկ յանձնախումբին, առ ի համակրող երեսփոխաններ, որոնք քննարկում։ ցեղասպանութեան հետ առընչուող մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ ետք խնդիր Թէեւ հայերս ու մեր հրեայ զօրակցողները դրին անոր ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ հիասթափուած դուրս եկանք Խորհրդարանի խօսնակ Պրն. Եուլի Էտըլշթէյն խորհրդարանէն, այսուամենայնիւ հոգեկան որոշ նշեց. «Մենք զմեզ պէտք է անջատենք ընթացիկ եւ բաւարարուածութիւն մը զգացինք, որ մեր հարցը ժամանակաւոր օգուտներէ եւ պէտք է ճանչնանք կրկին անգամ քննարկուեցաւ եւ անիկա «մեռած» Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը»։ կամ սպառած հարց մը չէ։ Ապա Meretz կուսակցութեան ատենապետուհի Մ.Գ. Տիկ. Զեհավա Կալ ըսաւ, թէ թէեւ գին մը կայ Երուսաղէմ

1625-ի Ձեռագիր Տօնացոյցը Փոխանցուած է Մայր Աթոռին

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 1625 -ի ձեռագիր Տօնացոյց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը: Արծաթեայ կրկնակազմով մատեանը հայ արծաթագործութեան լաւագոյն նմուշներէն է եւ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ դպրոցը: «Մենք ուրախ ենք, որ բարեպաշտ հաւատացեալները հասկանում են, որ իրենց ընտանեկան սրբութիւնները` ժառանգաբար փոխանցուած, պէտք է փոխանցեն բուն օրրանին, եկեղեցուն, որտեղ դրանք բաց կը լինեն հանրութեան համար», – ըսած է Մայր Աթոռի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու

տնօրէն Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը: Ձեռագիրը ընդօրինակած է Յովհաննէս քահանան 1625-ին, կազմը պատրաստած է արծաթագործ Շահմիր Կարապետը 1656-ին: Առաջին էջին վրայ պատկերուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը` արքայական ընտանիքը մկրտելու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածին Մայր Տաճարը, Արարատը եւ Նոյեան տապանը: Երկրորդ էջին` Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը եւ Ներսէս Շնորհալին:


Էջ 13 Հայ Կեանք «Հայաստանի Բնակչութիւնը Թուրքիոյ ՄԷջ Յայտնաբերուած Կը Կազմէ 2 Միլիոն 998 Հազար» Է Աբգար Թագաւորի Ընտանիքի ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչ Գերեզմանը Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա Յովհաննիսեան` ներկայացնելով «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագիրի ծիրէն ներս, 2016 թուականին կատարուած «Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան իրավիճակային վերլուծութիւն» հետազօտութիւնը յայտարարած է, թէ 2016-ի Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը կազմած է 2 միլիոն 998 հազար (այս ցուցանիշը նախորդ տարուայ Յունուար 1-ի դրութեամբ նուազած է 14 հազարով): «Աւելին, այս տարուայ առաջին եռամսեակի տուեալներով` բնակչութեան թիւը նուազել է եւս 4000-ով: Այսինքն բնակչութեան թիւը կազմում է 2 մլն 998 հազար մարդ», նշած է Աննա Յովհաննիսեան աւելցնելով, թէ նուզման նոյն արագութիւնը շարունակուելու պարագային 2017 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի պակսի 16 հազարով: Իսկ ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեանի խօսքով` հնարաւոր է 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կազմէ 3 միլիոն 100 հազար: «Այսօրուայ իրավիճակի մէջ հաշուի առնելով ներկայի գործօնները, Հայաստանի մէջ 2050 թուականին դրական առումով կարելի է, որ 3 միլիոն 100 հազար մարդ ըլլայ, իսկ եթէ բացասականը դիտարկենք` 1 միլիոն 700 հազար մարդ: Բայց այս մէկը պարզապէս կանխատեսութիւն է: Ապրիլ 2-ի վիճակի կրկնութեան ժամանակ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ մէկ ժամուայ ընթացքին», ըսած է ան: Գ. Հայրապետեանի խօսքոով` «65 եւ աւելի տարիքի մարդիկ կը կազմեն բնակչութեան 11 %-ը, որուն մէջ կանանց թիւը 50%-ով կը գերազանցէ տղամարդոց թիւին, եւ մեր կանխատեսումներով 2050 թուականին տարեց բնակչութիւնը պիտի

Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Շանլըուրֆա (Ուրֆա) քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է հայկական թագաւորական տոհմին պատկանող դամբարան: Արցախփրէսի փոխանցմամբ` թրքական Hurriyet Daily News-ը կը յայտնէ, որ շուրջ 45 հազար քառակուսի մեթր տարածքին մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած են շուրջ 80 շիրիմ: Ատոնց շարքին ամենաբարձրադիր վայրին մէջ կը գտնուի ամենամեծ գերեզմանը, որ, ենթադրաբար, կը պատկանի Եդեսիոյ արքայ Աբգարի ընտանիքին: Գերեզմանը ունի սենեակ տաս մարդու համար: Յայտնաբերուած է նաեւ խճանկար` ասորերէն գրութեամբ:

ըլլայ 22 %-ը` մօտաւորապէս 1/4-ը: Ասիկա պիտի ազդէ նաեւ տարեցներու կախեալութեան գործակիցի աճին: Այս առումով լուրջ մտահոգութիւն ունինք, որովհետեւ եթէ 80ականներու վերջին ունեցած ենք 8/1-ի յարաբերակցութեամբ գործակից, այսինքն` 8 աշխատող կը վճարէին 1 չաշխատողի համար, այսօր այդ թիւը մօտ 4 է»:


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Radisson Blu Հիւրանոցը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ռետիսըն պլու հոթել Երեւան»-ի բացման արարողութիւնը: Հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միուն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ հպարտ է, որ վերջապէս «Ռետիսըն պլու»-ն մուտք գործեց նաեւ Երեւան: «Մենք կը ցանկանք մեր առանձնայատուկ ծառայութիւնները բերել Հայաստան: Կը կարծեմ, որ ամենագլխաւորը հիւրանոցի տեղն է, որ կը գտնուի շատ հանգիստ տարածքի մէջ, եւ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրնաք հասնիլ քաղաքի իւրաքանչիւր վայր», ըսած է ան եւ նշած, որ Ռետիսըն պլուն Քարլսըն Ռեզիտոր հիւրանոցային խումբի մասը կը կազմէ, որ բարձրակարգ հիւրանոցային ցանց է: «Ասիկա հիանալի նախապայման կը ստեղծէ, որ

հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստան բերելու նոր ճանապարհորդներ, որոնք կու գան թէ՛ գործի, թէ՛ ուղղակի հանգստանալու համար», ըսած է ան եւ նշած, որ «Կոլտըն փալես» ընկերութեան հետ կառավարման պայմանագիր ստորագրած են: Ան աւելցուցած է, որ հիանալի յարաբերութիւններ ունին հիւրանոցի սեփականատէրերուն եւ հիմնադիրներուն հետ: Վաճառքներու եւ առեւտուրի տնօրէն Մարիամ Ստամպոլցեան նշած է, որ հիւրանոցին մէջ ընդհանուր սենեակներուն թիւը 142 է, 19-ը բարձրակարգ համարներ են, որոնց մէջ արքայական եւ նախագահական, ուր կայ «թագաւոր համար նախատեսուած անկողին»: Ան ըսած է, որ հիւրանոցը ունի 6 հանդիպման սրահներ, ամենամեծ սրահին մէջ կը տեղաւորուին երկու հարիւր հոգիներ, կայ սփայ սրահ` եօթ բուժման կէտերով, քսանհինգ մեթրնոց լողաւազան եւ ճաշարաններ: «Կրնամ ըսել, որ քաղաքի լաւագոյն ճաշարաններէն մէկն է «Ատ աստրա»-ն, որ հիւրանոցի նոր կառուցուած մասնաշէնքին մէջ է. ad astra կը նշանակէ դէպի աստղերը: Կարելի է ըսել, որ այս մէկը քաղաքի միակ պիզնըս հիւրանոցներէն է, որ ունի շլացուցիչ այգի», ըսած է ան եւ նշած, որ հիւրանոցի սենեակներուն գիները մրցակցային են եւ մօտաւորապէս կը սկսին միջինը 80 000 ՀՀ դրամէն` ըստ օգտագործուելիք ժամանակին: Լուսանկարը՝ PHOTOLURE-ի

«Հազարուրմէկ Եկեղեցիներու Քաղաք»ը՝ Անին Եունեսքոյի Ցուցակին Մէջ Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին՝ ներգրաւուած է ՄԱԿ-ի Եունէսքոյի ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան Twitter-եան էջով: Հայ ժողովուրդի մշակոյթի գանձերու պատսպարանը եղած Անի քաղաքը ճանչցուած է նաեւ, որպէս «Հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք» անունով:


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 15

Դեսպան Չարչօղլեանը հաւատարմագրերն է յանձնել Յունաստանի նախագահին

աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար՝ դեսպան Չարչօղլեանը Յունաստանի նախագահին փոխանցեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյնները` ընդգծելով, որ Հայաստանը Յանձնման արարողութեանը յաջորդած մեծապէս շահագրգռուած է Յունաստանի հետ առանձնազրոյցի ժամանակ նախագահ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր Փաւլոփուլոսը շնորհաւորեց դեսպանին պաշտօնը ոլորտներում սերտ համագործակցութեան ստանձնելու կապակցութեամբ և յաջողութիւն ամրապնդմամբ, ընդարձակմամբ ու մաղթեց առաքելութեան իրականացման շարունակականութեամբ: ընթացքում: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Նախագահ Փաւլոփուլոսի խնդրանքով դեսպան դեսպան Չարչօղլեանն իր ակտիվ Չարչօղլեանը ներկայացրեց ապրիլի սկզբին գործունէութեամբ էլ աւելի կամրապնդի հայԱտրբէյջանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յունական երկկողմ բարեկամական սանձազերծած ագրեսիայի արդիւնքում յարաբերութիւնները` միաժամանակ իր հակամարտութեան գօտում ստեղծուած աջակցութիւնը յայտնելով դեսպանին իր իրավիճակը և բանակցային գործընթացի առաքելութեան իրականացման գործում։ վերսկսման համար անհրաժեշտ պայմանների Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ստեղծման ուղղութեամբ ձեռնարկւող ջանքերը: ընդունելութեան և իր առաքելութեանն Յուլիսի 21-ին Յունաստանում ՀՀ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանն իր հաւատարմագրերը յանձնեց Յունաստանի Հանրապետությեն նախագահ Փրոկոպիոս Փաւլոփուլոսին։

Տիգրանակերտի Մէջ Պեղումները Վերսկսած Են Արցախի Տիգրանակերտ հնավայրին մէջ Յուլիս 1էն մեկնարկած են պեղումները: Ֆինանսաւորումը կ’իրակացաուի ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ,Panorama.am-ին տեղեկացուցած է Տիգրանակերտի արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանը: «Յատուկ հանդիպում եմ ունեցել Արցախի վարչապետի հետ, ով ապահովել է պեղումնրի ֆինանսաւորումը»,- նշած է ան: Հ.Պետրոսեանի խօսքով, այժմ կ’աշխատին ամրացուած թաղամասի պարիսպներուն երկու շարքին վրայ. «Այստեղ շատ հետաքրքիր բան է բացւում. ոչ միայն պարիսպներ, այլ նաեւ պարիսպներին կից հարթակներ կամ թեռասաներ, որոնք բարդ կառուցուածք ունեն»: Արշաւախումբի ղեկավարը ըսած է, որ պեղումներ կը կատարուին վաղ քրիստոնէական հրապարակին վրայ, մասնաւորապէս առաջին

բազիլիկ եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածին մէջ: Հ. Պետրոսեանը նշած է, որ ֆինանսաւորումը մեծ չէ, երեւի պեղումները կը շարունակուին մինչեւ Օգոստոս 10: «Տիգրանակերտը շատ մեծ յուշարձան է, ցաւում եմ, որ այդ ծաւալները շատ մանր, համեստ քայլերով ենք կարողանում իւրացնել»,- ըսած է արշաւախումբին ղեկավարը: Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբը 2005 թուականին յայտնաբերած է Հայոց արքայ Տիգրան Բ Մեծի (9555 թթ. մ.թ.ա.) կողմէ Արցախի մէջ հիմնած Տիգրանակերտ քաղաքը: Ան Տիգրանի անունը կրող միակ բնակավայրն է, որուն տեղը ճշգրտօրէն պարզուած է, եւ որ կ’ենթարկուի հնագիտական հետազօտութեան:


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

2 ՄԼՆ 157 ՀԱԶԱՐ 270 ՀԱՅԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ 8 ՄԼՆ 140 ՀԱԶԱՐ 500 ՀԱՅԻՆ ՅՈՎԻԿ ԱՖԵԱՆ

Աշխարհում 10 միլիոնից աւել հայ կայ, աւելի կոնկրետՙ 10մլն 297 հազար 770: Այս ուսումնասիրութեան հեղինակը Time to Analyze անկախ վերլուծական կենտրոնն է, որը հիմնուել է աշխարհի տարբեր երկրներում գործող հայկական կառոյցների, ինչպէս նաեւ միգրացիոն ծառայութիւնների տրամադրած տուեալների վրայ: Ընդ որում, նոյն ուսումնասիրութիւններից պարզ է դարձել, որ այս 10մլն 297 հազար 770 հայերից 8մլն 140 հազար 500-ն ապրում է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններից դուրս, հիմնականումՙ ԱՄՆ-ում, Ռուսաստանում, Ֆրանսիայում, Իրանում, Լիբանանում, Արգենտինայում եւ Սիրիայում: Ստացուում է, որ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններից ներս ապրում է 2մլն 157 հազար 270 հայ, ինչն էլ իր հերթին նշանակում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններից ներս ապրում է ոչ աւել, քան 2մլն հայ: Այսինքն, երբ յաջորդ ընտրութիւններին իրենց քուէարկութեամբ մասնակցի ՀՀ-ի 2մլն-ից աւել քաղաքացի, ապա կարելի է բողոքի ցոյց անել... Time to Analyze անկախ վերլուծական կենտրոնի դիմաց, իհարկէ, եւ ոչ թէ ԿԸՀ-ի դիմաց, ինչն արդէն հետաքրքրական չէ: Բայց այս տուեալներն ինձ հետաքրքրական թուացին բոլորովին ուրիշ պատճառով: Եթէ անգամ դրանք ճիշդ են, իսկ դրանք, ըստ տպաւորութեանս, աւելի ճիշդ են, քան ՀՀ-ի պաշտօնական տուեալները, ապա առաջանում է մի հարց. իսկ այսՙ դրսում ապրող 8մլն 140 հազար 500 հայից քանի՞սն է գոնէ մէկ անգամ եղել Հայաստանում, քանի՞սը հայերէն գիտի, գոնէ հասկանում է: Ենթադրենք 7մլն-ը, ուղիղՙ չափազանցուած, բայց ուղիղ: Այսինքն 1մլն 140 հազար 500 հայ այսօր հայերէն չգիտի, ոչ էլ հասկանում է եւ Հայաստանում երբեք չի եղել, բայց սա դեռ խնդիրը չէ: Խնդիրը հետեւեալն է. այնՙ որ 7մլն հայ, որոնք հասկանում են հայերէն, խօսում են եւ Հայաստանում գոնէ մէկ անգամ չեն եղել, չեն ցանկանում ապրել Հայաստանում: Ինչո՞ւ, այս հարցին կայ 2մլն 157 հազար 270 պատասխան, չնայած եթէ հարցը հանրաքուէի դնենք, ապա, ինչպէս բոլոր հանրաքուէներում, Այո-ն կյաղթի, անկախ նրանից տրուած հարցին պատասխանո՞ւմ է, թէ՞ ոչ: Հասկանալի է անշուշտ, որ այս 7 միլիոն չցանկացողները խիստ պայմանական են 7 միլիոն, գուցէ աւելի քիչ են, հաստատ աւելի քիչ են, բայց դա նշանակում է, որ աւելի շատ են աշխարհում ապրող այն հայերը, որոնք ոչ հայերէն խօսում-

հասկանում են, ոչ էլ գոնէ մէկ անգամ Հայաստանում եղել են: Ամէն դէպքում, հաշուի առնելով բնակչութեան թիւը, առաջարկում եմ վերանուանել Հանրապետութիւնըՙ Հայաստանի բառի փոխարեն օգտագործելով Սփիւռքի բառը, այսինքնՙ Սփիւռքի Հանրապետութիւնՙ ՍՀ, կարելի է նաեւ շեշտել Հանրապետութեանՙ Խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելը եւ երկիրը կոչելՙ ՍԽՀՙ Սփիւռքի Խորհրդարանական Հանրապետութիւն: Մայրաքաղաքի հարցում, անշուշտ, որոշ վէճեր կլինէն, մասնաւորաբարՙ Լոս Անճելէսի եւ Մոսկուայի միջեւ, բայց որպէսզի ոչ ոք չնեղանայ, առաջարկում եմ մայրաքաղաք հռչակել Լոնտոնը. համ հայեր կան, համ Արեւմուտք է (արեւմտամետները չեն նեղանայ), համ էլ Եւրոմիութիւն չէ (ռուսամետները չեն հուզուի): Չի բացառուում, որ Բրիտանիան իր մայրաքաղաքը մէկ այլ պետութեան մայրաքաղաք հռչակելու մեր ցանկութիւնը բաւարարի պայմանով, որ Հանրապետութիւնը կոչուի Բրիտանական, մենք էլ կարող ենք սիրով բաւարարել բրիտանացիների պայմանն ու երկիրը կոչել ՍԲԽՀՙ Սփյուռքի Բրիտանական Խորհրդարանական Հանրապետութիւն: Դե պատկերացրէք, մայրաքաղաքըՙ Լոնտոն, տարածքըՙ ծովից ծովի փոխարենՙ օվկիանոսիցՙ օվկիանոս, բնակչութիւնըՙ 10մլն 297 հազար 770 մարդ, քեֆերի ու յուղարկաւորութիւնների վայրըՙ նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք: Արցախը կարող է եւ չմիանալ այս ամէնին, այդ պարագայում էլՙ երկու հայկական հանրապետութիւն ունենալու նպատակով, այսինքն մէկըՙ հայկական, միւսըՙ բրիտանական, բայց մենք հո գիտե՞նք, որ բրիտանացիներն իրականում հայ են, օրինակՙ անգլիական Մանչեսթէր Իւնայթեդ ֆուտպոլային թիմի ֆուտպոլիստներց մէկը Հենրիկ Մխիթարեանն է: Առաջարկը, թէեւ, քննարկումներ պահանջող է, բայց կարծում եմ քննարկումների արժանի էՙ նախքան միաձայն ընդունուիլը: Իսկ հիմա լուրջ, կամ 2մլն 157 հազար 270 հայի նամակըՙ 8մլն 140 հազար 500 հային. «Մենք լաւ ենք, դիմանում ենք, շաբաթը երկու օր ապրում ենք, աւելի յաճախՙ սիրում ենք, մշտապէսՙ երազում ենք, երբեմնՙ քնած: Ընտրում էլ ենք, աւելի ճիշդՙ ընտրութիւններին մասնակցում ենք, ճիշդ է ոչ բոլորով, բայց դա կարեւորը չէ, կարեւորն այն է, որ բոլորի ձայնը ընտրութիւնների ժամանակ չի անցնում, ինչպէս ձեր երկրներում: Շարունակութիւնը էջ՝ 26


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 17

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 27-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԱՄԱՒՈՐՈԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ Շարունակութիւն էջ՝ 3-էն

3․ ՌԱԿ Արեւելեան Գանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Արա Ահարոնեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 11.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Վարուժան Քեշիշեանի կողմէ): 4․ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Ռաֆֆի Պալեան, Գէորգ Գրիգորեան, Յակոբ Նազարեան, Մայք Քիւթնէրեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 11.07.2015 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Ռաֆֆի Պալեանի եւ ատենադպիր՝ Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ): 5․ ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Նորայր Մկրտիչեան եւ Յարութիւն Տիրացուեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Նորայր Մկրտիչեանի եւ ատենադպիր՝ Յարութիւն Տիրացուեանի կողմէ): 6․ ՌԱԿ Հարաւային Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Սերխիօ Նահապետեան եւ Մայք Խարապեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի եւ ատենադպիր՝ Հրայր Շահինեանի կողմէ): 7․ ՌԱԿ Մեծն Բրիտանիայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերով՝ Վարդան Ուզունեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Վարդան Ուզունեանի կողմէ): 8․ ՌԱԿ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Վազգէն Էսկիճեան, Գլոտ Չավուշ, Յակոբ Անդրէասեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Վազգէն Էսկիճեանի եւ վ-ատենադպիր՝ Կարապետ Սայապալեանի կողմէ): 9․ ՌԱԿ Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Հրայր Հովիւեան եւ Ենովք Գաճոյեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 21.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Հայկ Լեփեճեանի եւ ատենադպիր՝ Տաթեւիկ Գրիգորեանի կողմէ): 10․ ՌԱԿ Արցախի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Բարդուղ Գալստեան եւ Վահրամ Արզումանեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 22.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Հանրապետական Վարչութեան դիւանին կողմէ): 11․ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Սեւակ Յակոբեան եւ Վիգէն Ասիլեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 23.07.2015 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Միքայէլ Վայէճեանի եւ ատենադպիր՝ Սեւակ Յակոբեանի կողմէ): 12․ ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ (Հալէպ) Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Լեւոն Պըլքեան եւ Ալեքսան Գարատանայեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Լեւոն Պըլքեանի եւ վ-ատենադպիր՝ Ենովք Գաճոյեանի կողմէ): 13․ ՌԱԿ Հարաւային Սուրիոյ (Դամասկոս) Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերուհիով՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 20.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Գէորգ Կէօնճեանի կողմէ): 14․ ՌԱԿ Յորդանանի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Անդրանիկ Լեփեճեան եւ Յակոբ Յակոբեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 23.03.2016 թուակիր Շարունակութիւնը էջ՝ 18


Հայ Կեանք

Էջ 18

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 27-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԱՄԱՒՈՐՈԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ Շարունակութիւն էջ՝ 17-էն

պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Ներսէս Ներսէսեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Անդրանիկ Լեփեճեանի կողմէ): 15․ ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Յակոբ Շէօհմէլեան եւ Յակոբ Փանոսեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 10.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Շէօհմէլեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Սարօ Նագգաշեանի կողմէ): 16․ ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Խորէն Գալընեան եւ Էտի Մանուկեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 12.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Հրայր Ճըղալեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Խորէն Գալընեանի կողմէ): Ժողովին օրինականապէս մասնակցելու իրաւասութենէ դուրս կը մնային հետեւեալ 3 շրջանակները՝ Իրաք, Յունաստան եւ Կիպրոս (իրենց կազմալոյծ վիճակին պատճառով, որուն որպէս հետեւանք տեղական օրինական ժողով մը չէին յաջողած գումարել՝ ընտրելու իրենց պատգամաւոր(ներ)ը: Ներկայութեան ստուգումէ ետք, որ ի յայտ բերաւ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին ներկայ գտնուելու օրինական իրաւասութիւնը ունեցող թիւով 36 պատգամաւորներէն 29 -ը պատգամաւորներու օրինական կարգավիճակով ներկայութիւնը, որոնք մեծամասնութիւն կազմելով՝ հաստատուեցաւ ժողովի բացման օրինականութիւնը, որմէ ետք միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ օրուայ դիւանը կազմուած հետեւեալ ընկերներէ՝ ընկեր Էօժէն Քարաճեան՝ ատենապետ, ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան՝ փոխ-ատենապետ, ընկեր Հրայր Հովիւեան՝ ատենադպիր եւ ընկեր Արա Ահարոնեան՝ փոխ-ատենադպիր: Ընտրեալ դիւանը ոչ մէկ շրջանակէ կամ անհատ շարքայիններէ գրաւոր կամ բերանացի առարկութիւն ստացաւ՝ ինչ կը վերաբերի ժողովի օրինականութեան: Աւելին՝ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի նախօրէին գումարուած էր՝ Ընդհանուր Ղեկավարութեան Խորհրդակցական Ժողով մը, որուն հրաւիրուած էին աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի պատասխանատու ընկերները անխտիր: Սոյն խորհրդակցական ժողովը, որ քննարկեց Կուսակցութեանս առջեւ ծառացող խնդիրներ՝ յաջորդող օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի դիւանին ներկայացնելու համար՝ խորհրդակցական ժողովին առաջարկները առ ի քննարկում, իր կարգին ո՛չ մէկ առարկութիւն ստացաւ՝ ինչ կը վերաբերի յաջորդող օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին օրինականութեան նկատմամբ: Ընդհակառակը՝ անոր ներկայ եղաւ նաեւ ընդդիմադիր կամ այսպէս կոչուած վերականգնումի շարժումի համադրող՝ ընկեր Վարդան Նազիրեանը, որ իր համադրած շարժումին կողմէ ոչ թէ առարկութիւն կամ գանգատ չներկայացուց, այլ՝ յաջորդ օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ ընտրելի՝ Կուսակցութեանս ատենապետութեան իր թեկնածուութիւնն ալ առաջարկեց…: ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի օրուայ դիւանը ամենայն խղճմտութեամբ եւ կուսակցական կարգապահութեամբ վարեց երկօրեայ ժողովը, որ ընթացաւ համերաշխութեամբ եւ դրական բարձր մթնոլորտի մէջ, քննարկելով իւրաքանչիւր շրջանակի տեղեկագիրը, միասնաբար սերտելով ապագայի ծրագիրներ եւ հաստատելով Կուսակցութեանս յառաջիկայ ռազմավարութիւնը։ Աւարտին ընտրուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական նոր Վարչութիւնը, որ Կուսակցութիւնս պիտի ղեկավարէ յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին։ Օրուայ դիւանը նաեւ հրապարակեց ու Հայ Ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձուց՝ ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։ Հիմնուելով վերոյիշեալ փաստացի տուեալներուն վրայ, ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին եւ անկէ բխած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան օրինականութիւնը կասկածի տակ առնելու ոեւէ փորձ կամ նենգօրէն տարածուած անճիշդ եւ յերիւրածոյ տեղեկութիւններ, կը վիրաւորեն արժանապատուութիւնը բազմաթիւ ազնիւ ընկերներու, որոնք Շարունակութիւնը էջ՝ 19


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 19

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 27-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԱՄԱՒՈՐՈԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ Շարունակութիւն էջ՝ 18-էն

իրենց տունն ու գործը ձգած մղոններ ճամբորդած են՝ կատարելու կուսակցական գերագոյն եւ սրբազան պարտականութիւն մը, որն է անխափան գումարումը մեր սիրելի կուսակցութեան Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին: Նենգամիտ ապատեղեկատուութիւն տուողները այն միեւնոյն մարդիկն են, որոնք իրենց արբանեակներով տասնեակ տարիներէ ի վեր այս միեւնոյն յոռի վարքագիծը որդեգրած են: Կատարուած եւ կատարուող նման չարամիտ փորձեր ուրիշ բան չեն՝ եթէ ոչ ժողովրդավարական ընտրական գործընթացէ դուրս մնացած կամ ձախողած կողմի հոգեբանութիւն, որուն կարելի էր մեծահոգութեամբ մօտենալ՝ եթէ ան վերածուած չըլլար անձնական մաղձի, որ նկատի չունենալով ամէն սրբութիւն՝ կը փորձէ անխնայ հարուած հասցնել այս տարի իր 95-ամեակը ամբողջացնող Հայ աւանդական կուսակցութեան մը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վարկին ու միասնականութեան: ՌԱԿ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի մը օրուայ դիւանին այս աննախընթաց յայտարարութիւնը՝ Աստուծոյ եւ Հայ ժողովուրդին առջեւ ու պատմութեան համար գերագոյն պարտականութիւն մըն է, որովհետեւ անարդար յերիւրանքներու հանդէպ լուռ մնալը համազօր է նոյնքան ծանրակշիռ ոճիրի: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Օրուայ Դիւանի Ատենադպիր Հրայր Հովիւեան

Ատենապետ Էօժէն Քարաճեան 16 Յուլիս 2016

WikiLeaks-ը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Մասին Նիւթեր Պիտի Հրապարակէ

WikiLeaks-ը «Թուիթըր»-ի մէջ ազդարարած է, որ շուտով աւելի քան 100 հազար փաստաթուղթեր պիտի հրապարակէ թրքական իշխանութիւններուն մասին: «Պատրաստ եղէք կռիւի, երբ մենք հրապարակենք աւելի քան 100 հազար փաստաթուղթեր` Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութեան կառոյցներու մասին», նշուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ: 15 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ խումբ մը բարձրաստիճան զինուորականներու

նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման չյաջողած (կամ չաւարտած) փորձը ճնշուեցաւ ոստիկանութեան, կառավարութեան հաւատարիմ մնացած զինուորական ստորաբաժանումներու եւ «խաղաղ» բնակչութեան մէկ մասի ճնշումով: Վերջին տուեալներով յեղաշրջման փորձի հետեւանքով մահացած են աւելի քան 200 մարդիկ եւ ձերբակալուած մօտ 7 հազար ուրիշներ, աշխատանքէ ազատուած են 8 հազար ոստիկաններ եւ յիսնակ մը դատախազներ: Յեղաշրջման կազմակերպման մէջ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներ, մինչ Կիւլենի կողմնակիցները կը հերքեն մեղադրանքները:

Անմահ հերոսներու արիւնով ազատագրուած հայրենիքի ամէն մի դիզ հող, կարելի չէ բանակցային զիջումի կամ փոխ-զիջումի նիւթ ըլլայ։


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»ը Միայն Լօզունգ Չէ՛ ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն, թէ՛ հայ բանակի զինուորականները, թէ՛ կամաւորները «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» եզրը լօզունգի նման գործածեցին տպագիր եւ եթերային մամուլի թղթակիցներուն հետ. միւս կողմէ, մեր քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը, ընդունելէ ետք ատրպէյճանական կողմէն եկած զինադուլի առաջարկը՝ սկսաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդներուն կողմէ խմբագրուած Մատրիտի (Յուլիս 2007) եւ ապա Քազանի (Յունիս 2011)՝ գրեթէ համաձայնեցուած, բայց ձախողած հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան ծրագիրներուն մասին կրկին անգամ խօսելու: Մինչեւ այս վերջին արտայայտութիւնները, վերոյիշեալ քաղաքներուն անունով կոչուած ծրագիրներուն մասին շատ բան չէր փոխանցուած հանրութեան: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, թէ անոնք կը պարունակէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Պաշտպանական ուժերու ազատամարտիկներուն ազատագրած Պատմական Հայաստանի 7 տարածքները աստիճանաբար Ատրպէյճանին վերադարձնելու եւ փոխարէնը՝ ԼՂՀի բնակչութեան ինքնորոշման հանրաքուէի մը խոստումին գլխաւոր կէտերը: Սոյն աշխատութիւնը պիտի ջանայ ցոյց տալ, թէ «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին»ը սոսկ լօզունգ չէ, այլ կը բխի ԼՂՀի եւ հետեւաբար ամբողջ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան պահանջէն: Առաւել, այս աշխատանքին մէջ յիշուածները նոր գիւտարարութիւններ չեն. նախապէս յիշուած են քաղաքական, զինուորական, կուսակցական, պատմական եւ մշակութային գործիչներու կողմէ. պարզապէս հարկ է, այս օրերուն վտանգաւոր առոգանութեամբ հոլովուող տարածքներու վերադարձին դէմ հաստա՛տ կերպով, անգամ մը եւս շեշտել իրաւատէր հայ ժողովուրդին կեցուածքը: Նաեւ, այս աշխատանքը պիտի չմանրամասնէ կարգ մը բացարձակ իրականութիւններ, որոնք անվիճելի են գոնէ պահանջատէր հայուն համար. – Թէ՝ ազատագրուած այդ 7 տարածքներուն համար, հայութիւնը եւ մանաւա՛նդ արցախահայութիւնը վճարած է շա՜տ սուղ՝ իր լաւագոյն զաւակներուն, ազատամարտիկներուն (ազատութեան մարտիկներուն) կեանքը, անհաշիւ զինական ու նիւթական միջոցներ եւ անչափելի տառապանք: – Թէ՝ այդ տարածքները հայութեան ծագումին առաջին օրէն իսկ մաս կազմած են Հայաստանի թագաւորութիւններուն, իշխանական տոհմերուն կամ Մելիքութիւններուն: – Թէ՝ արիւնով ազատագրուածը թուղթով չի վերադարձուիր: Յաղթանակով աւարտած պատերազմը դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ պարտութեան կարելի չէ՛ վերածել, ի՛նչ ալ ըլլայ ճնշումներուն տարողութիւնը. իսկ եթէ որեւէ

միաւոր փորձէ այդ մէկը ընել, ապա կ՛արժանանայ իր ժողովուրդին կողմէ զգետնումի: – Թէ՝ Ատրպէյճանը Հայաստանէն բազմապատիկ անգամ աւելի կը ծախսէ, եւ գոնէ ցարդ, միջոցներն ու կապերն ալ ունի իր բանակը ուժեղացնելու, զինանոցը բազմացնելու եւ արդիականացնելու: – Թէ՝ Թուրքիան, Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, ծրագրած եւ մինչեւ այսօր փորձած է յաջողցնել Փանթուրքիզմը, նախ՝ միանալով Ատրպէյճանին, հասնելու համար Կեդրոնական Ասիոյ իր ցեղակիցներուն, այդպիսով՝ կտրելու ռուսական ծաւալողական ձգտումները դէպի հարաւ: Հայ ժողովուրդն ալ, որպէս առաջին արգելք այս նպատակին, հարկաւոր է վերացնել, Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլայ ան (Հայոց Ցեղասպանութեամբ), թէ Արեւելահայաստանի (կասեցուած Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսայով), թէ Արցախի (կասեցուած 1988-1994ի Շարժումով ու գոյամարտով)։ Հայութենէն ետք, վերացնելու հերթը այդ ճամբուն վրայ բնիկ միւս ժողովուրդներունը եղած է եւ է՛ ներկայիս եւս՝ յոյներ, ասորիներ եւ քիւրտեր։ Վերլուծութիւնը հարկ է կատարել հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բազմազան երեսներով, որոնք կրնան նաեւ ամբողջական չըլլալ, բայց հարկ է զանոնք մեկնարկել։

Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ԼՂՀ-ի եւ Խորհրդային ժամանակաշրջանի ԼՂԻՄ-ի քարտէս

ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ Արցախը, Խորհրդային Միութեան օրերուն ճանչցուած որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ (ԼՂԻՄ), 1988էն մինչեւ 1991 քանիցս կը փորձէ սահմանադրական ճանապարհներով միանալ Հայաստանին՝ դիմելով Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն, սակայն միշտ ալ կը մերժուի անոնց կողմէ: 1991ին, Արցախ կը յայտարարէ իր անկախութիւնը եւ կը ստեղծուի ԼՂՀը: Յետագայ տարիներուն, ատրպէյճանցիք պատերազմի ուժով կը փորձեն ճնշել արցախահայութեան ազատատենչութիւնը, ու կը սկսի Արցախի գոյամարտը, որ արիւնալի, երկարատեւ Շարունակութիւնը էջ՝ 21


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 21

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»ը Միայն Լօզունգ Չէ՛ Շարունակութիւն էջ՝ 20-էն

ճակատումներէ եւ հազարաւոր զոհերէ ետք, 1994ին կը յանգի զինադադարի, հայկական կողմի յաղթանակներէն, 7 տարածքներուն ազատագրումէն, սակայն նաեւ կարգ մը հողատարածքներու կորուստէն ետք (ԼՂԻՄի Շահումեանը, հատուածներ Մարտակերտէն ու Մարտունիէն եւ Հայաստանին նախապէս պատկանող Արծուաշէնը): Այժմ՝ թիւերու մասին: Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի հետ ցամաքային ոչ մէկ կապ ունեցած ԼՂԻՄի՝ Խորհրդային Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն երկարութիւնը շուրջ 650 քլմ. եղած է, ներառեալ՝ վերոյիշեալ կորուսեալ տարածքները (Շահումեան եւ հատուածներ Մարտակերտի ու Մարտունիի շրջաններէն): 1994ի զինադադարէն ետք, Քարվաճառ-Քաշաթաղ (Քելբաջար-Լաչին) միջնատարածքով Հայաստանի հետ անոր հողային միացումով, Ատրպէյճանի հետ շփման գիծի երկարութիւնը կը վերածուի շուրջ 220 քլմ.ի: 220 քլմ. փոխան 650ի. գրեթէ 3 անգամով աւելի կարճ: Նոյն ատեն, Հայաստանի սահմաններու երկարութիւնը Խորհրդային Ատրպէյճանին հետ շուրջ 800 քլմ. եղած է, ներառեալ՝ Արծուաշէնը եւ Նախիջեւանը: 1994ի զինադադարէն ետք, սահմաններու երկայնքը երկու անկախ երկիրներուն միջեւ կը վերածուի շուրջ 480 քլմ.ի, Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքով ԼՂՀին հետ միացումով ու Արծուաշէնի կորուստով։ 480 քլմ. փոխան 800. 40 տոկոսով աւելի կարճ: ԼՂՀի եւ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանին հետ նախկին սահմաններու երկարութիւնը միասնաբար՝ շուրջ 1450 քլմ.ը, 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, փոխան ներկայի 700 քլմ.ին, պիտի պահանջէ կրկնապատիկ թիւով զինուորներ (ու կամաւորներ) եւ միջոցներ, թէ՛ խաղաղութեան, թէ՛ պատերազմի պարագային: Այլ խօսքով, եթէ հայոց ցամաքային բանակը՝ Հայաստանի ու Արցախի միասնաբար, կը հաշուէ շուրջ 70,000 զինուոր (ըստ International Institute for Strategic Studies կազմակերպութեան «The Military Balance 2013» պարբերական տեղեկագիրին), եւ ենթադրելով, թէ ամբողջ այս բանակը տեղակայուած է միայն Ատրպէյճանի դէմ հայկական սահմանները պաշտպանելու՝ առանց զինուոր տրամադրելու ա՛լ աւելի վտանգաւոր Թուրքիոյ ու յարաբերաբար բարեկամական Վրաստանի ու Իրանի սահմաններուն, ապա ներկայի 700 քլմ.ի պարագային ունինք շուրջ 100 տրամադրելի զինուոր ու սպայ՝ իւրաքանչիւր քլմ.ին, կամ 1 զինուոր՝ իւրաքանչիւր 10 մեթրին համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Ազատագրուած 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, իւրաքանչիւր քլմ. -ի համար կ՛ունենանք միայն 49 տրամադրելի զինուոր ու սպայ, կամ 1 զինուոր՝ իւրաքանչիւր 20 մեթրի համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր,

առանց փոխարինողի: Քառօրեայ պատերազմէն ետք, փորձեցէք գործնականի խոշորացոյցով դիտել վերոյիշեալը եւ պիտի տեսնէք անվտանգութեան ցնդումը: Ճիշդ այս պատճառով է նաեւ, որ ճնշում կը բանեցուի հայկական կողմին վրայ՝ հողատարածքներու վերադարձով նաեւ միջազգային խաղաղապահներու տեղադրումը ընդունելու համար, որովհետեւ Ատրպէյճան (ի մասնաւորի) գիտէ, թէ հայկական կողմը, առանձինն, դժուարութիւն պիտի ունենայ այդքա՛ն երկար սահմաններ պահելու. առաւել, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրել կամ չտեղադրելը նո՛յնն է, որովհետեւ անոնք աշխարհի վրայ ո՛ւր որ գործուղղուած են, միայն խորհրդանշական ներկայութիւն եղած են, նոյնիսկ զոհեր տուած, բայց ո՛չ մէկ տեղ միջամուխ եղած զինուորական գործողութիւններու, հետեւաբար՝ ցեղասպան Ատրպէյճանի սպառնալիքը միշտ առկայ պիտի մնայ: ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ Ազատագրուած տարածքներուն բարձրադիր լեռներէն կը բխի Արցախի Թարթառ գետը, որ հանրապետութեան հիւսիսի, Մռավի լեռնաշղթայի կիրճերէն ու ձորերէն հոսելով՝ կը կազմէ Սարսանդի ջրամբարը, որ ջուր կը հայթայթէ Մարտակերտ քաղաքին եւ կ՛որոգէ ամբողջ Մարտակերտի մարզի արօտավայրերը: Սարսանդի ջրամբարը այնքա՛ն կարեւոր է, նոյնիսկ՝ Ատրպէյճանի համար, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի խաղաղարար համանախագահները անոր նիւթը ըրին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին, որպէսզի հակառակորդները համատեղ ու միասնաբար օգտուին անոր ջուրերէն: Նման է պարագան նաեւ ԼՂՀի Խաչենագետին, որ նոյնպէս կը բխի ազատագրուած տարածքներէն: Վտանգաւորը ազատագրուած տարածքներու յանձնումով այն է, որ Թարթառի ու Խաչենագետի ակունքները եւ ընդհանրապէս ԼՂՀի ջրային մատակարարման 85 տոկոսը պիտի անցնին ատրպէյճանցիներու հսկողութեան տակ, ու ինչպէս ԼՂՀի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը բազմիցս յայտարարած է (տես՝ «Ապառաժ», 15 Յուլիս 2015), անոնք պիտի դառնան թունաւորման անգամ մը եւս ենթակայ, ինչպէս 1990ականներու սկիզբները ատրպէյճանցիք նախընթացը արդէն իսկ կատարած են, մինչեւ այդ տարածքներու ազատագրումը ԼՂՀ ազատամարտիկներուն կողմէ: Վտանգը առկայ է նաեւ Հայաստանի Որոտան եւ Արփա գետերու պարագային, որոնք նոյնպէս կը բխին ազատագրուած Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքի լեռներէն ու կը հոսին Սիւնիքի լեռներու կիրճերուն մէջ: Շարունակութիւնը էջ՝ 22


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»ը Միայն Լօզունգ Չէ՛

Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի լեռնաշղթաներու քարտէս

Շարունակութիւն էջ՝ 21-էն

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ Երկրորդ ազդակ է Արցախի լեռնաշղթաներուն Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ կը ընձեռած բնական պաշտպանութիւնը: գտնուին, այլ յուշարձաններու շարքին, հայ մշակոյթի հոգեւոր բազմաթիւ կոթողներ՝ Հիւսիսի Մռավի լեռնաշղթայի արեւմտեան մասը Դադիվանքի համալիրը, Ծիծեռնավանքը, Ծառա կը գտնուի ազատագրուած տարածքներուն մէջ, Ս. Աստուածածինը, Զօրախաչ Ս. Աստուածածինը, եւ անոնց յանձնուելուն պարագային՝ կը կորսուի Ամուտեղը եւ Ձորավանքը: ԼՂՀի հիւսիսային անանցանելի պարիսպը: Կ՛արժէ երկու խօսք աւելի ըսել ասոնցմէ երկուքին Արցախ լեռնաշղթան (նախկին Ղարաբաղ մասին. լեռնաշղթայ) կ՛երկարի ԼՂՀի հիւսիսէն հարաւ: Դադիվանքը հիմնուած է Ա. դարուն, ըստ Անոր արեւմտեան լանջերը կը գտնուին Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ, աւանդութեան՝ Յիսուսի աշակերտներէն որուն յանձնուելուն պարագային՝ ԼՂՀի Հայաստան գործուղղուած Ս. Թադէոս Առաքեալի արեւմտեան լեռնաշղթայ-պարիսպին արեւմտեան սաներէն՝ Ս. Դադիի մասունքներուն վրայ: Ներկայ լանջերը կը կորսուին հայոց համար: համալիրը սկսած է կառուցուելու ԺԲ. դարուն: Բազմիցս քանդուած է արշաւող բանակներու Նոյն միջնատարածքի կորուստով, Հայաստանի կողմէ, սակայն ամէն անգամ վերակառուցուած է արեւելեան սահմանային բարձունքներուն աւելի՛ շքեղ եւ որպէս աւելի՛ կարեւոր կեդրոն հայ (Արեւելեան Սեւանի, Վարդենիսի եւ Սիւնիքի լեռնաշղթաներ) ապահովութիւնը եւս կը կորսուի, մատենագիտութեան, արուեստի ու եւ սահամանամերձ մարզերը կը դառնան թիրախ հոգեւորականութեան: Ծիծեռնավանքն ալ (հիմնուած Դ.-Ե. դարերուն) ատրպէյճանական ամէնէն սովորական զինանոցին: վերջին ազատագրումին յաջորդած 1994ի զինադադարէն ետք, վերստացած է ուխտատեղի Երրորդ ազդակ մը. ազատագրուած Աղդամը ըլլալու իր հանգամանքը. հոն տեղի կ՛ունենան Ասկերանէն հազիւ 15 քլմ., իսկ մայրաքաղաք տարեկան փառատօն եւ հանդէսներ։ Ստեփանակերտէն 25 քլմ. հեռու է: Աղդամի վերադարձուելուն պարագային, գրեթէ դաշտային Իսկ Աղդամի մօտերը, ազատագրուած ճանապարհով, վերջինները կը դառնան գրաւիչ տարածքներուն մէջ կը գտնուի Արցախի պատառ ատրպէյճանական նոյնիսկ ցամաքային Տիգրանակերտը (Տիգրան Մեծի կողմէ արշաւանքներու, ինչ որ նպատակն էր Ապրիլեան կառուցուած, Ն.Ք. Ա. դարուն), ուր 2006ին քառօրեայ պատերազմին ընթացքին պեղումներ սկսած են եւ յայտնաբերուած ձախողեցուած մէկ փորձին: հնութիւններուն համար աւելի ուշ թանգարան բացուած է: Շարունակութիւնը էջ՝ 23


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 23

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»ը Միայն Լօզունգ Չէ՛ Շարունակութիւն էջ՝ 22-էն

«Պատմութիւնը մեզ շատ փաստերով ցոյց է տալիս, որ նուաճող ազգերի ահաւոր յորձանքները Կը բաւէ յիշեցնել Նախիջեւանի՝ քանի մը տարի գալիս ընդհարւում էին Ղարաբաղի լեռնաստանին, առաջ մեծ աղմուկ հանած խաչքարերուն փշրւում էին ու ետ դառնում: … Առանց քանդումի պարագան, Պաքուի ու Ղարաբաղի լեռնաստանին, անհնարին է ատրպէյճանական նախապէս հայաշատ միւս երեւակայել Հայաստանի սրտի՝ այն է՝ քաղաքներու հայկական եկեղեցիներուն եւ Արարատեան երկրի պաշտպանութիւնը յուշակոթողներուն աւերումի օրինակները հիւսիսային եւ արեւելեան տափաստաններից» (առանց տակաւին խորանալու Արեւմտահայաստանի մեր հոգեւոր, մշակութային ԼԷՕ (1860-1932), պատմաբան, «Երկերի Ժողովածու», հատոր 3: ու պատմական հազարաւոր կոթողներու բռնի աւերուած իրավիճակին մէջ), եզրակացնելու «Երբե՛ք առանց Սիւնիքի եւ Արցախի: Առանց համար ազատագրուած տարածքներու Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ պատմական գանձերուն սպասող ճակատագիրը՝ ողնաշարին՝ մեր ամբողջական հայրենիքը վերադարձուելու պարագային: գոյութիւն ունենալ չէ՛ կարող» ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ (1886-1955), զօրավար, «Ազատ Սիւնիք» (Իմ Պատուիրանները): ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ- ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ «Մեր դէմ սկսուած պատերազմի վերջնական Ազատագրուած տարածքներուն մաս կը կազմեն արդիւնքի մասին ես գիտեմ մէկ ճշմարտութիւն. Կովսական (նախկին Զանգելան), Մեխակաւան ունենալու ենք ազատ Ղարաբաղ: Ազգովին (նախկին Ջաբրայիլ), Քաշունիք (նախկին պարտադրուած ենք յաղթելու, որովհետեւ դրուած Ղուբաթլի) եւ Վարանդա (նախկին Ֆիզուլի) է Արցախի հայութեան լինել-չլինելու հարցը: Մեր քաղաքները՝ իրենց շրջաններով, որոնք ԼՂՀն ողջ պատմութեան ընթացքում հայոց միացուցին հարաւ-արեւմուտքէն՝ Հայաստանին, գոյապայքարի առջեւից ընթացող իսկ հարաւէն՝ Իրանին, եւ այդպիսով ԼՂՀ արցախահայութիւնը պարտուելու տարբերակ տարածքները հասան մինչեւ Արաքս գետ եւ չունի, որովհետեւ պարտութիւնը՝ դա վերջն է…» Իրանի սահման ու վերացուցին Հայաստանի ԲԵԿՈՐ-ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ (1959-1992), հարաւին՝ Մեղրիի շրջանին սպառնացող ազատամարտիկ, հրամանատար, («Բեկորը Ատրպէյճան-Նախիջեւան անցք բանալու եւ Ինչպէս Որ Կար», հեղինակ՝ Արմէն Հայաստանը Իրանէն կտրելու վտանգը, որ յաճախ Դանիէլեան): քրքրուած է միջազգային քաղաքականութեան եւ *** մամուլին մէջ: Բոլոր վերոյիշեալները նկատի առած, Մատրիտի եւ Քազանի առաջարկութիւններուն արցախահայութեան ու բնականաբար ամբողջ մէջ, տարածքներու վերադարձին կողքին կը հայութեան անվտանգութիւնը սակարկութեան խօսուի նաեւ Ատրպէյճանին՝ դէպի Նախիջեւան նիւթի կարելի չէ վերածել. առեւտուրի եւ Հայաստանի հարաւէն ազատ անցք տալու «փոխ»զիջումի առարկայ կրնան դառնալ միայն մասին: հաւասար արժէք ներկայացնող հարցեր, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, Արցախի գոյամարտի երեւոյթներ կամ առարկաներ: Իսկ յաղթող կողմի առաջին օրերէն ի վեր, փակեցին Հայաստանի պարագային կշիռքը ծանրօրէն կը թեքի իր կողմը: հետ իրենց սահմանները: Հայաստանի Հայկական քաղաքական-դիւանագիտական հիւսիսային դրացիին՝ Վրաստանի սահմանները վերնախաւը, մանաւանդ սահմանագիծի մեր բանուկ են, սակայն՝ միշտ վտանգի ենթակայ, բանակայիններուն կողմէ ատրպէյճանցիներուն ըլլա՛յ Վրաստանի Ռուսիոյ հետ ունեցած կայծակնային յարձակումները թաղող իւրաքանչիւր տագնապի ժամանակ, թէ սխրագործութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդին հայկական Ջաւախքը Վրաստանի կողմէ կողմէ իրեն տրուած իրաւունքը ունի՝ անզիջող ճնշուելու նուազագոյն առիթին: Հետեւաբար եւ դժբախտաբար, Հայաստանին, ապահով «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» պայմանը առեւտուրի համար, կը մնայ միայն Իրանի դնելու բանակցութիւններու սեղանին եւ իր ցամաքային սահմանագիծը, որ ռազմավարական կարգին, իր դիրքերը պահելու, թէկուզ իր առումով որքա՛ն երկարութեամբ պահուի, բաժանմունքի զոհերուն գնով, մեր ցանկացած այնքա՛ն աւելի բարենպաստ արդիւնք կրնայ Միացեալ Հայաստանի արեւելեան նահանգները ունենալ: ամրագրելու: Ազատագրուած տարածքներու վերադարձին պարագային, ո՛չ միայն ԼՂՀն կը կտրուի Իրանէն, «Ասպարէզ» այլ կը վերակենդանանայ Հայաստանին սպառնացող վերոյիշեալ ճակատագրական վտանգը: *** Հոս տեղին է բերել քանի մը մէջբերումներ՝ ընդհանրապէս հայութեան համար Արցախ Աշխարհի կարեւորութեան մասին.


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Սեւրի պայմանագրի ստորագրումը (10 Օգոստոս 1920) Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրն ստորագրուել է 1920 թ-ի օգոստոսի 10-ին, Փարիզի Սեւր արուարձանում: Պայմանագրով` Հայաստանը պէտք է ստանար 90 հզ. կմ2, իսկ ՀՀ-ի հետ կունենար 161330 կմ2 տարածք՝ Սեւ ծով ելքով: Պայմանագրի 88-93-րդ յօդուածները վերաբերում են Հայաստանին: Սեւրի պայմանագիրը կնքուել է Թուրքիայի սուլթանական կառավարութեան եւ Առաջին աշխարհամարտում (1914–18 թթ.) յաղթանակած դաշնակից պետութիւնների՝ Մեծ Բրիտանիայի, Ֆրանսիայի, Իտալիայի, Ճափոնիայի, Պելգիայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Բորթուգալիայի, Ռումինիայի, Հայաստանի, Չեխոսլովաքիայի, Սերպերի, Խորուաթների և Սլովենների

պետութիւնները: Սեւրի պայմանագրի հիմքում դրուել են 1916ին Լոնտոնում ստորագրուած Սայքս-Պիկոյի գաղտնի համաձայնագրի (նախատեսում էր Օսմանեան կայսրութեան ասիական տիրոյթների բաժանումը Մեծ Բրիտանիայի և Ֆրանսիայի միջեւ) ու 1920-ի Սան Ռեմոյի (Իտալիա) խորհրդաժողովի որոշումները:

թագաւորութեան, Հեջազի (արաբական թագաւորութիւն) միջեւ: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կողմից պայմանագիրն ստորագրել է պատուիրակութեան ղեկավար Աւետիս Ահարոնեանը: Վերջինս եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ, Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւնների հետ կնքել են լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների, դիւանագիտական և առեւտրական յարաբերութիւնների վերաբերեալ: Միջազգային իրաւունքի տեսակէտից` ՀՀ-ն, որպէս պայմանագրի մասնակից, ճանաչել են պայմանագիրն ստորագրած միւս բոլոր

Պայմանագիրը բաղկացած է 13 մասից եւ 433 յօդուածից: Թուրքիան Հայաստանը ճանաչել է որպէս «ազատ ու անկախ պետութիւն»: Թուրքիան և Հայաստանը համաձայնել են Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի վիլայեթներում (նահանգներ) 2 պետութիւնների միջև սահմանազատումը թողնել ԱՄՆ-ի նախագահի որոշմանն ու ընդունել նրա որոշումը եւ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու ու յիշեալ սահմանագծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքների ապառազմականացման վերաբերեալ բոլոր առաջարկները: Ատրբէյջանի և Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները որոշուելու էին այդ պետութիւնների հետ ուղղակի Շարունակութիւնը էջ՝ 25


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 25

Սեւրի պայմանագրի ստորագրումը Սեւրի պայմանագրի Յօդուած 89. Թուրքիան և Հայաստանը, ինչպէս և Բարձր պայմանաւորուող կողմերը, համաձայնւում են Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայեթներում Թուրքիայի և Հայաստանի միջև սահմանատումը թողնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների որոշմանը և ընդունել ինչպէս նրա որոշումը, նոյնպէս եւ այն բոլոր միջոցառումները, որոնք նա կարող է առաջարկել Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագծին յարող օսմանեան բոլոր թերիթորիաների ապառազմականացման վերաբերեալ: Շարունակութիւն էջ՝ 24-էն

բանակցութիւնների միջոցով: Եթէ այդ տէրութիւններին չյաջողուեր համաձայնութեան գալ, ապա գլխաւոր դաշնակիցները խնդիրը պէտք է լուծէին յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ՝ տեղում: Սեւրի պայմանագրով թոյլատրուել է բնակչութեան կամաւոր փոխանակում. 18-ից բարձր տարիք ունեցող անձիք կարող էին քաղաքացիութիւն ընտրել տարածաշրջանի մէկ այլ երկրում՝ իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեանը համապատասխան, որտեղ նրանք մեծամասնութիւն էին կազմում: Այդ մարդիկ պահպանում էին իրաւունքն անշարժ գոյքի նկատմամբ: Անօրինական էր յայտարարուում լքեալ գոյքի մասին օսմանեան կառավարութեան 1915-ի օրէնքը: Թուրքիայում ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութիւնը, կեանքը, ազատութիւնն ու հաւասարութիւնն օրէնքի առաջ պէտք է ապահովեր կառավարութիւնը: Պայմանագրի «Պատիժներ» մասում թուրքական կառավարութիւնը ճանաչել է դաշնակից պետութիւնների իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի օրէնքներն ու կանոնները խախտած մարդկանց: Պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ Վրաստանը, Ատրպէյջանը, Հայաստանը և Պարսկաստանը Պաթումի նաւահանգստով ազատ ելք ունենան դէպի Սև ծով: Դաշնակիցները բարեացակամօրէն են վերաբերուել Կարսից Ճորոխի հովիտով դէպի Պաթում «Հայկական միջանցքի» գաղափարին, սակայն պայմանագիրն ստորագրելու պահին Վրաստանը դրա փոխարեն հայերին առաջարկել է երկաթուղի կառուցել Վրաստանի տարածքով: Եւ քանի որ թերեւս յայտնի չէր Տրապիզօնի նաւահանգստի՝ Հայաստանին պատկանելիութեան հարցը, յատուկ յօդուածով Հայաստանին երաշխաւորել են տարանցման արտօնութիւններ ու այդ նաւահանգստի մի մասի առյաւէտ վարձակալութիւն: ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Ուիլսոնը 1920-ի նոյեմբերի 22-ին իր որոշումը յանձնել է Եւրոպական տէրութիւններին: Որոշման համաձայն՝ Հայաստանը պէտք է ստանար Վանի

Յունաստանի Վարչապետ Ելեֆթերիոս Վէնիզելոս կը ստորագրէ Սեւրի Պայմանագիրը։

և Պիթլիսի վիլայեթների աւելի քան կէսը, Էրզրումի վիլայեթի հիմնական մասը, Տրապիզօնի վիլայեթի արեւելեան հատուածը՝ ներառեալ համանուն քաղաքը: Ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը 90 հզ. կմ2 էր և ՀՀ-ին ապահովում էր ելք դէպի Սեւ ծով: Սեւրի պայմանագրով լուծուելու էր Անկախ և Միացեալ Հայաստանի ստեղծման հարցը, սակայն այն մնաց թղթի վրայ: Քեմալական Թուրքիան չի ճանաչել սուլթանական Թուրքիայի ստորագրած պայմանագիրը: Քեմալականները, օգտուելով միջազգային նոր իրադրութիւնից, հասել են Սեւրի պայմանագրի վերանայմանը, իսկ 1922–23-ի Լօզանի (Շվեյցարիա) խորհրդաժողովում` նրա վերացմանը: Դաշնակիցները ճանաչել են Մուստաֆա Քեմալի՝ Անկարայի կառավարութիւնը և նրա իրաւունքը բոլոր այն տարածքների նկատմամբ, որոնք Սեւրի պայմանագրով տրուելու էին Հայաստանին: Աւելին, նրանք ճանաչել են Թուրքիայի նոր սահմանները, որոնք ընդգրկել են նաեւ Արեւելեան Հայաստանի նախկին շրջանները՝ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն: Սեւրի պայմանագիրն այսօր էլ մնում է որպէս յուշագիր Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու` հայ ժողովրդի իրաւունքի մասին:


Էջ 26

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Ամերիկացի Ցեղասպանագէտը ԱՄՆ-ի Նախագահի Թեկնածուներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածուները պէտք է արտայայտեն իրենց յստակ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է անկախ հետազօտող, Զօրեան հիմնարկի Ցեղասպանութիւն եւ մարդու իրաւունքներու համալսարանական ծրագիրի անդամ եւ «Ցեղասպանագիտութիւն» միջազգային ամսագիրի նախկին խմբագիր Սամուէլ Թոթեն, Զօրեան հիմնարկի պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ: «ԱՄՆ-ը տասնամեակներ շարունակ խուսափած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ կը շարունակէ այդ մէկը ընել` ելլելով քաղաքական նպատակայարմարութենէ: ԱՄՆ-ի նման դիրքորոշումը ուղիղ հակառակն է Գերմանիոյ օրինակին: Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ոչ միայն ընդունեց իր իսկ ազգի ներգրաւուածութիւնը՝ 1915 թուականի դէպքերուն, այլ նաեւ անուանեց մարդկութեան այս ողբերգութիւնը իր անունով` Ցեղասպանութիւն: Պունտեսթակի քուէարկութիւնը պէտք է ծառայէ որպէս վառ օրինակ միւս ազգերուն համար, որոնք տակաւին նոյն դիրքորոշումը ունին, ինչպէս ԱՄՆը», «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է ան: Ցեղասպանագէտին խօսքով ԱՄՆ-ի այժմեան կառավարութիւնը պէտք է օրինակ վերցնէ անցեալէն: «Ան կրնայ արժէքներ որդեգրել իր նախնիներէն, մասնաւորաբար դեռ Ցեղասպանութեան տարիներուն օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուէն, որ տեղեկացուցած էր այդ ժամանակ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար

Ռոպերթ Լանսինկին հայերու սպանդին մասին: Այդ ժամանակներէն ի վեր Մորկընթաուն եւ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը սկսան աշխատանքներ տանիլ տարբեր ուղղութիւններով: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այդ մեծածաւալ ջանքերը ուղղուած էին միլիոններու հասնող դրամահաւաքներու կազմակերպման եւ կարիքաւորներու տրամադրման: Այլ խօսքով ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը եւ ամերիկացիները կը հրաժարէին ըլլալ հայերու բնաջնջման կողմնակիցները: Անոնք կը հրաժարէին հերքել այդ պատմական իրողութիւնը», նշած է ան: Սամուէլ Թոթենի կարծիքով` ԱՄՆ-ի այժմեան դիրքորոշման պատճառը թերեւս՝ Թուրքիոյ ճնշումներուն տուրք տալն է: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այժմ արդէն ԱՄՆ-ի համար պարզապէս բարոյական հարց չէ, այլ երկիրի արժանահաւատութեան: Ինչպէս կրնայ ԱՄՆ -ը դատապարտել այլ երկիրներու մէջ իրականացող մարդու իրաւունքներու խախտումները, կիրառել պատժամիջոցներ, երբ ան չի կրնար ազնուօրէն առերեսուիլ անվիճելի պատմական փաստի հետ: Նախագահ Օպամայի համար ուշ չէ փրկել իր համբաւը եւ արժանահաւատութիւնը երկիրին հանդէպ` միջազգայնօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս է ճիշդ ժամանակը», ընդգծած է Սամուէլ Թոթեն:

Անմահ հերոսներու արիւնով ազատագրուած հայրենիքի ամէն մի դիզ հող, կարելի չէ բանակցային զիջումի կամ փոխ-զիջումի նիւթ ըլլայ։ 2 ՄԼՆ 157 ՀԱԶԱՐ 270 ՀԱՅԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ 8 ՄԼՆ 140 ՀԱԶԱՐ 500 ՀԱՅԻՆ Շարունակութիւն էջ՝ 16-էն

Մեր սիրտը լեռներում չէ, քանի որ մենք ամբողջովին ենք լեռներում, նոյնիսկ նրանք, ովքեր ապրում են Արարատեան դաշտավայրում: Գիտենք, թէ ինչ է ինտերնետը, աւելինՙ օգտուել էլ գիտենք, անգլերէն էլ գիտենք, ռուսերէն մանկուց գիտենք, չնայած մոռանում ենք: Ռաբիս էլ չենք լսում, որովհետեւ մեր ռաբիս երգիչներն արդէն ձեզ մօտ են երգում, երգում եւ ապրում: Իսկ ով ռաբիս չի երգումՙ այդքան փող չունի, որ գայ ձեզ մօտ երգի, երգի եւ ապրի: Կարօտում ենք եւ դրանով իրար նման ենք,

կաշառք էլ ենք տալիս, կաշառուում էլ ենք, մի խօսքով պայքարում ենք կոռուպցիայի դէմ, որի դէմ դուք էլ էք պայքարում (թէ հսկայ փորձ ունէք), այնպէս որ կոռուպցիան ու կարօտն այն երկու բաներն են, որոնցով իրար նման ենք: Իսկ տարբեր ենք մի բանովՙ չնայած լարուած երկրներում դուք էք ապրում, բայց մենք ենք լարուած ապրումՙ «Ծապլւար»-ի մէջ: Բայց մենք ուխտել ենք պայքարն առաջ մղել ամէն միջոցներով: «Մի քիչ փող ուղարկէք փութով»: «ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 27

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ենթակայ է ծրագրաւորուած յարձակումի մը, որուն գործնականապէս ձեռնարկողները վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, զանազան պիտակներու եւ պատճառաբանութիւններու ետին պահուըտած` անձնական նպատակներ հետապնդող «ընկերներ» են դժբախտաբար: 95-ամեայ բեղուն պատմութիւն ունեցող Հայ ազգային կուսակցութիւն մը վարկաբեկելու, բաժնելու կամ փլուզումի ենթարկելու անջատողական այս փորձերը, ոչ միայն ՌԱԿ-ի անդամակցութեան երդումի դրժում են, այլ՝ Հայ ազգին ու անոր պանծալի պատմութեան դէմ՝ լարուած դաւ, որ համազօր է գերագոյն դաւաճանութեան: Վերջերս «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անունով ինքնահռչակ խմբակին տարած գործունէութիւնը, մէկ նոր դրսեւորումն է վերոյիշեալ այդ ազգադաւ գործունէութեան, որուն կը միտին խումբ մը մարդիկ, որոնց հետապնդածը շատ հեռու է «Վերականգնում» եւ «Միութիւն» հասկացողութիւններէն: Յառաջ տարուած գործունէութիւնը կը մատնանշէ կասկածելի նպատակներ հետապնդող կործանիչ ընդդիմութիւն մը, որ տարիներէ ի վեր շարունակ փոփոխական դերակատարումներով ու դերակատարներով՝ խորքին մէջ սակայն միեւնոյն «ղեկավարութեամբ», այսօր նոյնպէս եւ աւելի ուժգին կերպով կը շարունակէ իր յարձակողական եւ անջատողական ռազմավարութիւնը, արգելքներ դնելով կուսակցութեան բնականոն զարգացման առջեւ ու կը միտի տարանջատելով կազմալուծել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (հաւանաբար նաեւ մոռցնել տալու համար իրենց կողմէ փոշիացած կուսակցապատկան ունեցուածքները)։ Հակառակ այս բոլորին, նորընտիր՝ միակ օրինական ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս իր ընտրութեան առաջին իսկ օրէն, յանուն կուսակցութեանս միասնականութեան, ջանք չխնայեց անկեղծ երկխօսութեան դիմելու՝ համագործակցութեան սրտբաց ու մեծահոգի առաջարկներով, վեհանձն զիջումներով, ինչպէս նաեւ կարգի հրաւիրելու ազնիւ փորձերով: Սակայն ի զուր: «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» նորահնար պիտակով ինքնահռչակ այդ հին ու նոր խմբակի այսպէս կոչուած պարագլուխները, համախոհութեան մեր բոլոր ճիգերուն պատասխանեցին անտրամաբանական

պահանջներով եւ վերջնագրերով ու վերջապէս հանդէս գալով 25 Յունիս, 2016 թուակիր յայտարարութեամբ մը, որ եկաւ թագադրելու այդ պիտակին տակ կործանիչ աշխատանք տանող «ընկերներու» եւ իրենց հետեւող կարգ մը մոլորեալներու քանի մը այսպէս կոչուած ժողովներն ու յայտարարութիւնները: Վերոյիշեալ 25 Յունիս , 2016 թուակիր անջատողական եւ կուսակցութեան աւանդական կառոյցը փլուզել փորձող տխրահռչակ յայտարարութեան անմիջապէս եկաւ արձագանգելու, իր հիմնադրութեան պայմաններէն շեղած՝ ուրիշ շատ մը եղելութիւններու կարգին, նաեւ 95-ամեայ Կուսակցութեանս սուրբ դրօշն ու զինանշանը իւրացնել փորձող՝ Հայաստանի մէջ գործող ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան վերջին 7 Յուլիս 2016 թուակիր պատեհապաշտական եւ նոր իւրացումներու ձգտող յայտարարութիւնը: Աւելի ուշ, վերոյիշեալ խմբակը՝ 15 Յուլիս , 2016 թուակիր նոր հաղորդագրութեամբ մը (թիւ 7) հանդէս եկաւ այս անգամ ալ նորահնար «սկզբունքային հակամարտութեան» խորք մը տալ փորձելով՝ զուտ անձնական կիրքերու եւ յաւակնութիւններու վրայ հիմնուած իրենց ընդդիմութեան: ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնն ալ իր կարգին աւելի ակներեւ դարձնելով աշխարհասփիւռ 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իւրացնելու իր յաւակնութիւնը, այլ առիթով մը պաշտօնապէս արտայայտուեցաւ սփիւռքի իր անգոյ կառոյցներու անունով: Ի տես վերոյիշեալ սանձարձակ օրինազանցութիւններուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կը յայտարարէ՝ 1. Այսպէս կոչուած «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անուան տակ գործող խմբակը կասկածելի նպատակներ հետապնդող, զարտուղի եւ օրինազանց վիճակ մը կը ներկայացնէ, որ ոչ մէկ կապ ունի Կուսակցութեանս օրինական կառոյցին հետ: 2. Այս խմբակը գլխաւորողներն ու անոնց հետեւորդները կը գտնուին կուսակցական կարգապահութիւնը խախտող եւ մինչեւ դաւաճանութեան հասնող ընթացքի մը մէջ, որ շուտով պիտի ունենայ իր կարգապահական միջոցառումներու հետեւանքները: 3. Հայաստանի ՌԱԿ Հանրապետական Շարունակութիւնը էջ՝ 27


Էջ 28

Հայ Կեանք

Շարունակութիւն էջ՝ 27-էն

Վարչութիւնը յետայսու եթէ շարունակէ 95-ամեայ կուսակցութիւնս իւրացնել ձգտող իր սանձարձակ յայտարարութիւններն ու գործելաձեւը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, ստիպուած պիտի ըլլայ վերոյիշեալ Հանրապետական Վարչութեան հետ իր ունեցած բարոյական կապերը վերատեսութեան ենթարկելու, ի պահանջեալ հարկին հասնելու վերջնական խզումի: Այս առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ’ուղղէ իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան՝ 1. Չտարուիլ վերոյիշեալ խմբակներուն կեղծ կարգախօսներով: 2. Հարցադրել եւ լաւ ուսումնասիրել տուեալ մարդոց յետին եւ կուսակցակործան աշխատելաձեւը: Այս առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ’ուղղէ հայրենի թէ սփիւռքեան պետական, եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

միութենական հաստատութիւններուն, զգուշանալու վերոյիշեալ այսպէս կոչուած «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անունը կրող խմբակին հետ գործակցելէ: Վերջապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս այս յայտարարութեամբ կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ աւելի եւս կազմակերպելու եւ հզօրացնելու աշխարհասփիւռ իր կառոյցները, միեւնոյն ժամանակ քայլեր առնելով Հայրենիքի մէջ շուտով ստեղծելու զինք ներկայացնող իսկական եւ օրինապահ կառոյց մը, միասնաբար հետապնդելու եւ իրագործելու Հայրենակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մեր իտէալը՝ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն Հայ ազգին: Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան Ատենադպիր Ատենապետ

ՀԲԸ Միութիւնը 325,000 ԱՄՆ տոլար է հանգանակել բանակի համար տղաներին: ՀԲԸՄ-ի «Օգնենք Արցախին» դրամահաւաք արշաւի արդիւնքում առ այսօր հանգանակուել է աւելի քան 325,000 ԱՄՆ տոլար: Աջակցութեան առաջին փուլում, Մայիս ամսին, ՀԲԸՄ-ն ֆինանսական օգնութիւն է տրամադրվել ապրիլեան մարտերի ընթացքում ծանր վիրաւորուածներին, տեղահանուածներին, ինչպէս նաև մեր զոհուած զինուորների ընտանիքներին:

Հ. Բ. Ը. Միութիւնը շարունակում է ապրիլեան պատերազմից յետոյ իր նախաձեռնած Արցախի աջակցութեան ծրագիրը: Այսօր առաւօտեան կնքուեց պայմանագիր ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան և ՀԲԸՄ-ի միջև, որով ծրագրի այս փուլում Հ.Բ.Ը. Միութիւնը բանակին է տրամադրում անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներ, այդ թւում՝ 2000 հատ արեան հոսքը դադարեցնող բժշկական C.A.T. ամրալարեր, իսկ առաջիկայ երեք ամիսների ընթացքում նաև 2 շարժական թուային ռենտգեն սարքեր Երևանի և Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցների համար: Կտրամադրուեն նաև 2 շտապ օգնութեան անւասայլակներ՝ համալրուած վերակենդանացման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներով, որոնք կտեղադրուեն ուղղաթիռներում, ինչը թոյլ կտայ անհրաժեշտութեան դէպքում աւելի արագ ու արդիւնավետ բուժօգնութիւն ցուցաբերել մեր

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Հայ Կեանք

Էջ 29

Հայրենիքի Մէջ Մեկնարկեց ՌԱԿ-ի «ՄԻՐԱՔ» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժումը

Կիրակի, 24 Յուլիս 2016-ին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ, Հայրենիքի մէջ ՌԱԿի Պատանեկան-Ուսանողական Շարժման մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող անդրանիկ հաւաքը: Կայացաւ ՌԱԿ-ի «ՄԻՐԱՔ» ՊատանեկանՈւսանողական շարժման առաջին հանդիպումը: «ՄԻՐԱՔ» որպէս տարիքային աւելի մատղաշ խումբ եկաւ ամբողջացնելու՝ քանի մը ամիս առաջ դարձեալ Հայրենիքի մէջ մեկնարկած «ԵՌԱԿ» երիտասարդական շարժումին: Հանդիպման ներկայ էին արդէն Հայաստան հաստատուած սուրիահայ եւ Հայրենի շուրջ 50 պարմանուհիներ եւ պատանիներ։

Ստեղծուեցաւ նաեւ «ՄԻՐԱՔ»ի վարչական կազմը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան: Հանդիպման ներկայ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար երէց անդամներ Աւստրալիայէն, Պէյրութէն, Սուրիայէն եւ Քուէյթէն: Երիտասարդներուն իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ ՌԱԿ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Հայկ Լեփեճեանը: Ան խօսելով Աւստրալիոյ ՌԱԿ-ի շրջանակի մասին յայտնեց, որ ներկայիս շրջանակը ունի շուրջ 200 գործունեայ անդամութիւն, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի ներքին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ կազմակերպուած ազգային միջոցառումներուն: Ան նաեւ նշեց, որ իր շրջանակը մեծապէս հետաքրքրուած է Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի երիտասարդութեան միջեւ կապերը սերտացնելու գործով, զայն համարելով կարեւոր աշխատանք:

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Երեւանի մէջ պատանեկան-ուսանողական շարժում մը առաջացնելու գործը վստահուած էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան երեւանաբնակ անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանին, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ի մի հաւաքեց նշեալ խումբը:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Բ. Փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, իր հերթին լսելով պատանիներու ապագայ ծրագիրները, փափաքներն ու ձգտումները, որպէս երէց ընկեր յորդորեց զանոնք եւ խոստացաւ ի պաշտօնէ ամէն կերպ աջակցիլ անոնց իրականացման համար: Նոյն խանդավառութիւնն ու խրախուսական խօսքերը կիսեցին ներկայ միւս ղեկավար ընկերները: Ընկ. Պըլըխեան խօսքի աւարտին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շարունակութիւնը էջ՝ 30


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

«Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 22-ին Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու մեկնարկով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ՀՀ Նախագահի բարձր հովանիի ներքոյ: ՀՀ Նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ցուցադրուեցաւ «Իմ Հայաստան-2014» տեսաֆիլմը: Ելոյթ ունեցան փառատօնին մասնակցելու համար աշխարհի 25 երկիրներէ ժամանած 48 պարախումբերը` Պոսթընի «Սայաթ-Նովա», Պուէնոս Այրէսի «Մասիս», Մոսկուայի «Կիլիկիա», «Վարդավառ», «Հայասա», Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի», Ափշերոնսկի «Ուրարտու», Գրասնոտարի «Արմաւիր», «Նարեկ», Թիֆլիսի «Անի», «Վանք», «Տարօն», Սթաւրոփոլի «Նայիրի», Տոնի Ռոստովի «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Զուարթնոց», Թեհրանի «Զարթօնք», Սոչիի «Լոո», Գալուկայի «Տաշիր», Ջաւախքի «Վաչիան», «Պարալէթ», Արմաւիրի «Արարատ», Մայքոփի «Նայիրի» եւ «Վարդանանք», Կելէնճիկի «Նուռ եւ Անի», Խարքովի «Արաքս», Աթէնքի «Աւետիս», Սպահանի «Կռունկ», «Էրեբունի», Պէյրութի Համազգայինի «Քնար», Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի «Մեղրի», Նիւ Ճըրսիի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբերը, Արցախի պարի պետական անսամպլը: Փառատօնի մասնակիցներուն իրենց կատարումներով ողջունեցին երգիչներ Գէորգ Հաճեան, Արսէն Գրիգորեան, Մասիս Մինասեան: Փառատօնի բացման աւարտին մասնակիցներուն ողջունեց ու բարի երթ մաղթեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. ««Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի

սիրելի՛ մասնակիցներ, Սփիւռքից ժամանած թանկագին քոյրեր եւ եղբայրներ, ջերմութեամբ ու սիրով ողջունում եմ ձեզ Հայրենիքում եւ շատ ուրախ եմ, որ մեծ ոգեւորութեամբ էք եկել մասնակցելու մշակութային եզակի այս փառատօնին, որին պատրաստուել էք մօտ երկու տարի: Աշխարհի տարբեր անկիւններում պարտադրանքով հանգրուանած հայն իր ինքնութեան պահպանման համար Հայաստանի հողի ընդերքից սնունդ եւ ուժ առնելու անհրաժեշտութիւն ունի: Հող հայրենին իմաստաւորւում է նաեւ մշակոյթով, լեզուով ու հաւատքով, որոնք ամրութիւն եւ ոգի են հաղորդում իւրաքանչիւրիս: Մշակոյթը մեր դէմքն է, հայի անձնագիրն աշխարհում, եւ չափազանց մեծ է խորհուրդն այն բանի, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը հիւրընկալում է 25 երկրից ժամանած մեր հայրենակիցներին, քանզի մենք այն նուիրել ենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնների անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններին:.....»

Հայրենիքի Մէջ Մեկնարկեց ՌԱԿ-ի «ՄԻՐԱՔ» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժումը Շարունակութիւն էջ՝ 29-էն

գանձապահ ընկ. Վարդան Ուզունեանին եւ ԹՄՄ-ի «Լոնտոն Թրասթին»՝ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի տրամադրման, ինչպէս նաեւ Պրն. Արմէն Ծուլիկեանին ՝ այս հաւաքի իրականացման մէջ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Այնուհետեւ Ընկ. Տիգրան Չալեան, կուսակցութեան պատմութեան հակիրճ պատմական ակնարկ մը տալէ ետք, շեշտեց Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին գործող Թէքէեանի կառոյցներէն ներս տարուած աշխատանքներու դերը՝ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան պահպանման գիծով ու որպէս թէքէեանականներ զայն այսօր եւս շարունակելու կարեւորութիւնը: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ սուրիահայ պարմանուհիներն ու պատանիները մասնաւորաբար եղած են Հալէպի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներ, որոնք փափաքը ունին իրենց տարիներու գաղութային կուսակցական եւ միութենական փորձառութիւնը կիսել իրենց Հայրենի նոր ընկերներուն հետ:


Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Տերեւաթափ

Հայ Կեանք

Էջ 31

Սիրելի եւ Յարգելի Սգակիր ներկաներ Այսօր մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուի՝ մեր գաղութի գործօն՝ հաստատ եւ անփոփոխ գաղաբարականի տէր ազգային մը՝ ընկեր Արիս Հազարեանը, որ կեանք մը ամբողջ հաւատարիմ մնաց՝ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի վեհապետութեան, Հայաստան աշխահին՝ Հայրենի հողին՝ ժողովուրդին եւ պետականութեան, ինչպէս նաեւ իր կեանքին հանդէպ սկզբունքներուն եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան։ Հայաստան՝ Հայաստանեայց Եկեղեցի՝ մնացին իր կեանքի տեւողութեան, իր մտածումներուն՝ իր խոհերուն՝ իր հետաքրքրութիւններուն՝ իր համոզումներուն սեւեռումը։ Հոգեպէս կը խռախուսուէր՝ Հայրենիքի գիտական նուաճումներով եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ պատուաբեր յաջողութիւններով, միշտ հետաքրքրուելով՝ հայրենի գիտական եւ գրական նորութիւններով եւ գեղարուեստական յառաջդիմութիւններով։

28 Յուլիս 2016 երեկոյան ժամերուն մշտապէս իր աչքերը փակեց Յունահայ գաղութի ծանօթ ազգաիններէն Արիս Հազարեանը։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 30 Յուլիս 2016 Փէրիսթէրի-ի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Աթէնքի 3րդ գերեզմանատունը։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան վերջաւորութեան Տիգրան Քաջիկեան դամբանական կարդաց Յունաստանի ՌԱԿ Շրջանակին կողմէ։ (Խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել քովի սիւնակը։)

Արիսը՝ որպէս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շրջանաւարտ, միշտ հաւատարիմ եւ գործօն անդամ մնաց՝ Հ․Բ․Ը․ Միութեան բարեսիրական, ուսումնական, մշակութային գաղափարախօսութեան, եւ որպէս վարչական իր երկարամեայ մասնակցութիւնը բերաւ ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովին։ Մելգոնեան Հաստատութենէն ժառանգած էր իր սէրը հանդէպ հայերէն լեզուին՝ միշտ շարունակական պահելով իր կապը հայ մշակոյթին հետ։ Արիս Հազարեանի ազգային՝ եկեղեցական գործունէութիւնը եղած է տեւական եւ մասնաւորապէս տարիներ շարունակ մաս կազմած է Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դպրաց դասին։ Ան եղած է Արարատ Մշակութային Մարզական Միութեան գործօն՝ զօրաւոր՝ հիմնական ոյժերէն մէկը եւ իր անդամակցութիւնը արժեւորած է տեւական աշխատանքով։ Տարիներ շարունակ եղած է վարչական անդամ,պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու մէջ եւ մանաւանդ՝ Արարատի երգչախումբին եւ յաճախ թատերական գործունէութեանց մէջ։ Արիսը եղած է նաեւ հաւատարիմ Ռամկավար Ազատական Կուսակցական մը, միշտ մնալով հաստատ իր կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ սկզբունքներուն,եւ այդ բոլոր իր անձնական տեսակէտները, արտացոլած են, կեանքի հանդէպ՝ իր ունեցած տեսական հայեցակէտերը եւ կամ իր խոր համոզումները՝ ըլլայ այդ Հայաստանին եւ կամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Այսօր մեզմէ կը բաժնուի ճշմարիտ հայ մը, ճշմարիտ հաւատացեալ մը, ճշմարիտ հայրենասէր մը եւ ճշմարիտ գաղափարի տէր կուսակցական մը եւ մանաւանդ հաւատարիմ զինուոր մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կողմէ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր որդւոյն Կարպիսին եւ ընտանիքի անդամներուն, Վաղինակ Գալայճեանին եւ իր բոլոր հարազատներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ զինքը արժանի ընէ արքայութեան լոյսին։ Հողը թեթեւ գայ վրադ հաւատարիմ ընկեր Արիս։


Էջ 32

Հայ Կեանք

«Սասնայ Ծռեր» Զինուած Խումբի Անդամները Վար Դրին Զէնքը Եւ Յանձնուեցան Իշխանութիւններուն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ 17 յուլիսէն Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ Ծռեր» զինուած խմբաւորման անդամները վար դրած են զէնքը եւ յանձնուած իշխանութիւններուն: «Սոյն թուականի 30 եւ 31 Յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան Պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը աւարտած է», ըսուած է ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեան աւելի վաղ «Առաջին լրատուական»ին խօսելով ըսած էր, թէ իրենք դէմ ըլլալով արեան հեղումին որոշած են վար դնել իրենց զէնքերը: Աւետիսեան նաեւ ըսած էր, թէ իրենք յետ այսու «ռազմագերիներ» են:

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016

Ցոյցերը Համակարգող Խորհուրդը Կը Դադրեցնէ Իր Գործունէութիւնը

Պարեկապահակային գունդի տարածքի գրաւումէն ի վեր սկիզբ առած հանրահաւաքները, ցոյցերն ու երթերը համակարգող խորհուրդը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը: Այս մասին կը յայտնէ համակարգող խորհուրդի անդամ Ալպերթ Բաղդասարեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ: «Համակարգող խորհուրդը, որուն անդամն եմ նաեւ ես, յայտարարած է իր գործունէութեան դադրեցման մասին` մեկնելով այն բանէն, որ մեծ մասը` նաեւ Ալեք Ենիգոմշեան, կալանուած կամ ձերբակալուած է, մէկ մասն ալ ինչ-ինչ պատճառներով ի վիճակի չէ շարունակելու իր գործունէութիւնը»: Ուստի կը նկատեմ աննպատակայարմար, ոչ արդիւնաւէտ ու նաեւ անօգտակար` իմ կողմէ «Սասնայ Ծռեր»-ի գործողութեամբ պայմանաւորուած շարժումը համակարգող խորհուրդի անունով գործելը»:

Արցախի Սահմանագիծին Վրայ Զինադադարի Խախտումները Ազերիական Կողմէ Կը Շարունակուին

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ

զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդի կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտած է 35 անգամներ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 200 կրակոցներ: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.