Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Ե., թիւ 1(85)
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի առթիւ «Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի՛ քաղաքացիներ, Աշխարհասփիւռ սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շուտով կշրջենք մեր պատմութեան եւս մէկ՝ 2019 թուականի էջը: Կշրջենք ապագայի հանդէպ յոյսով ու հաւատով, նոր ակնկալիքներով ու սպասումներով: Անցնող 2019 թուականն ազգային ու պետական նպատակները նորովի ուրուագծելու տարի էր: Մենք միասին անցանք մեր պետականութեան ամրապնդման եւս մէկ փուլ: Շարունակութիւնը էջ 4
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ամանորի շնորհաւորական ուղերձը «Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Սփիւռքի հպարտ հայութիւն: Ձեզ դիմում եմ ուղիղ եթերում, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի սրտից՝ Հանրապետութեան Հրապարակից, որտեղ 2018 թուականի գարնանը իրար հետ իրականացրեցինք Ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնը: Շարունակութիւնը էջ 26
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի Ամանորի ուղերձը «Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայրենիս եւ ի Սփիւռս, Ամանորի տօնական այս երեկոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից հայրական սիրով Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքներն ենք բերում ամենքիդ: Ամանորը ժամանակի իւրօրինակ սահմանագիծ է հինի եւ նորի, անցեալի եւ ապագայի միջեւ եւ առիթ՝ գնահատելու անցած ուղին, արարուած լաւն ու բարին, թոյլ տրուած սխալները, որովհետեւ դրանց անկեղծ ու շիտակ գնահատականն է պայմանաւորում այն տեսլականն ու ակնկալութիւնները, որոնցով մուտք ենք գործում 2020 թուական: Շարունակութիւնը էջ 34
ՀԲԸՄի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Նոր Տարուայ ուղերձը Սիրելի անդամներ եւ համակիրներ, Այս տարին կը նշէ տասնամեակի մը աւարտը, որուն ընթացքին տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային բոլոր մարզերու մէջ, համակարգային տարողութեամբ արագընթաց զարգացումներ տեղի ունեցան, գլխաւորաբար իբր արդիւնք համաշխարհայնացումին եւ թուայնական գիտութեան ճարտարագիտական իրագործումնրուն: Այս զարգացումները իրենց անխուսափելի ազդեցութիւնը ձգեցին, ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նոյնպէս աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ: Շարունակութիւնը էջ 32
Էջ 2
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ԱՐՑԱԽԻ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՄԱՍԻՍ ՄԱՅԻԼԵԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 13-ին գումարուեցաւ Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան հերթական նիստը, որ կը վարէր Արցախի ՌԱԿ ատենապետ (նախագահ) Բարդուղ Գալստեանը: Օրակարգին մէջ ներառուած էր երկու հիմնախնդիր. 1. 2020-ի գարնան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած թեկնածուներէն որեւէ մէկու թեկնածութիւնը պաշտպանելու վերաբերեալ: 2. Կուսակցութեան համամասնական ցուցակով խորհըրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ: Սպառելով օրակարգի մէջ ամրագրուած հարցերը՝ հանրապետական վարչութիւնը միաձայն ՈՐՈՇԵՑ՝ 1. 2020թ-ի գարնան ԱՀ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ պաշտպանել Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ հաշուի առնելով անոր՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած բազմամեայ փորձը, դիւանագիտական արհեստավարժ մօտեցումներ ցուցաբերելու հմտութիւնը, քաղաքական գործունէութեան անբասիր ճանապարհը եւ ԱՀ միջազգային ճանաչման, Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման, ԱՀ քաղաքական ու տնտեսական ապագայի նկատմամբ ունեցած տեսլականը: 2. Կուսակցական համամասնական ցուցակով աներկբայօրէն մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ առողջ դաշինքի եւ փոխհամաձայնութեան շրջածիրէն ներս համագործակցիլ քաղաքական այն ուժերու հետ, որոնք, կարեւորելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքի արտայայտումը, մեր ընդհանուր հայրենիքի առջեւ ծառացած խընդիրները եւ մտահոգուած ըլլալով Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման հետագայ ճանապարհներով, պիտի սատարեն Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ նպատակ ունենալով համատեղ ուժերով աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ազատ ընտրութեան իրաւունքի իրագործման, ինչպէս նաեւ բացառել արմատացած ուժերու կողմէ վարչական ռեսուրսի կիրառման հնարաւոր փորձերն ու ձայներու փոշիացումը:
“Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան
Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան
Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com
News in Pages 15-20 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը կ’ողջունէ Արցախի իր կառոյցի՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին աջակցելու որոշումը Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանրապետական վարչութիւնը օրերս յայտարարած է, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Արցախի հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Մասիս Մայիլեանին, նկատի ունենալով վերջինիս քաղաքական մեծ փորձն ու Արցախի քաղաքական ու տնտեսական ապագայի նկատմամբ անոր տեսլականը: Քաջածանօթ ըլլալով Մասիս Մայիլեանի անձին ու երկար տարիներու գործունէութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, Սփիւռքի իր բոլոր շրջանակներով մեծապէս կ’ողջունէ Արցախի իր կառոյցին՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին աջակցելու որոշումը, վստահ ըլլալով, որ Մայիլեան լաւագոյնս պիտի արդարացնէ իր հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը: Վարչութիւնս նաեւ խանդավառութեամբ կ’ողջունէ Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը սատարող ուժերու հետ դաշինքի միջոցաւ՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հաւատալով, որ այդպիսով, ՌԱԿ-ի դաւանած գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելով, մեր կառոյցը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու Արցախի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման: Այս առիթով անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ հայրենի մեր զոյգ իշխանութիւններուն, որպէսզի Սփիւռքի հետ համատեղ ուժերով իրագործեն համայն հայու-
Էջ 3
Հայաստանի վարչապետը Եռաբլուր այցելեց
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: «Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներու նախաշեմին այցելած ենք «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին»,- գրած է ան իր ֆեյսպուքեան էջին:
Յաջորդ տարի մենք պիտի շարունակենք համատեղ աշխատանքը. Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է ռուս-հայկական դաշնակցային կապերու.ու համատեղ աշխատանքներու, կառուցողական համագործակցութեան հեռանկարները, տարբեր ոլորտներու մէջ հիմնուած բարեկամութեան եւ հոգեւոր մտերմութեան դարաւոր աւանդոյթներու վրայ: թեան գերագոյն շահերը պաշտպանելու գերնըպատակը: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Ռաֆֆի Պալեան Մայք Խարապեան Ատենադպիր Ատենապետ Դեկտեմբեր 17, 2019
Հայ Կեանք
Էջ 4
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի առթիւ Շարունակութիւն էջ 1-էն
Որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ, որպէս մեծ ընտանիք՝ մեր առաջնահերթ խնդիրները եւ գերակայութիւնները չեն փոխուել։ Սակայն 2020 թուականին մեր յոյսերը պէտք է վերափոխուեն ու շարունակեն դառնալ գործնական քայլեր եւ արդիւնքներ։ Եւ ես բոլորիս մաղթում եմ ողջամտութիւն, կարգապահութիւն, կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հանդուրժողականութիւն: Ամէն Աստուծոյ օր մենք մտածում ենք մեր մեծ ու փոքր ընտանիքների մասին՝ մեր տան ու մեր Հայրենիքի մասին: Հայրենիքը սկսւում է ընտանիքից: Իսկ ընտանիքից սկսւում է մեր միասնական Հայրենիքի՝ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Մեր հաւաքական կամքը Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում ունի դրսեւորման մէկ ճակատ՝ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն եւ հզօրութիւն: Ընտանիք... Ընտանիքը նաեւ հոգեւոր ու բարոյական անվտանգութեան երաշխիքն է, մեր արժեհամակարգի հիմքը, մեր լեզուն, մեր հաւատքը, մեր եկեղեցին, մեր ժառանգութիւնը, մեր ազգային արժէքները, մեր բանակը, մեզ պահապան յուսալի ամրոցը... Չմոռանանք նաեւ, որ մեր ընտանիքի անդամ են մեզ անծանօթ անցորդը, հացթուխը, որը գիշերով մեզ համար հաց է թխում, սահմանին կանգնած զինուորը, որի ծնողը եւ ընտանիքը սրտատրոփ սպասում են նրան, բժիշկը, որը մարդու կեանքը փրկելով՝ դառնում է նրա հարազատը, ծաղկավաճառը, որից գնած ծաղիկներով ուրախացնում ենք մեր սիրելիներին, հող մշակող գիւղացին, որն իր բարիքներն է հասցնում բոլորիս, մանկապարտէզի դայակը, որը խնամում է մեր փոքրիկին, իւրաքանչիւրը, ով սէր, երջանկութիւն, ուշադրութիւն, հոգատարութիւն է պարգեւում մանուկներին... Սէրը, համերաշխութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը թող իշխող լինեն բոլոր ընտանիքներում, նաեւ մեր քաղաքական եւ հասարակական կեանքում... Հոգատարութիւնը ընտանիքի հանդէպ հոգատարութիւն է Հայրենիքի հանդէպ՝ Գիւմրիից Գորիս, Սիւնիքից Լոռի, Արցախից Տավուշ... Եկէք ընտանիքով ճանաչենք Հայրենիքը։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ մեր վաղուայ օրն է, մեր ապագան, Հայրենիքի ապագան: Ապագան հիմնուած է կրթութեան, գիտելիքի, մշակոյթի
եւ նոր տեխնոլոգիաների վրայ: Հայաստանը կարո՛ղ է եւ պէ՛տք է դասուի այն երկիրների շարքը, որոնք փոքր են, սակայն՝ յաջողած ու հզօր, որոնք ունեն լսելի ձայն։ Մենք ունենք շատ յստակ առաւելութիւն. փոքր պետութիւն ենք, բայց՝ համաշխարհային ազգ։ Լինենք նաւահանգիստ համաշխարհային տուեալների ովկիանոսում: Ծրագրաւորումից գնանք դէպի արհեստական բանականութիւն, մաթեմատիկայից՝ դէպի մաթեմատիկական մոդելաւորում, ֆիզիկայից, քիմիայից, կենսաբանութիւնից՝ դէպի գիտական նորարարութիւններ: Բայց յիշենք, որ անհնար է յաջողութեան հասնել բարոյականութեան եւ մշակոյթի անապատում: Հանդուրժող լինենք միմեանց հանդէպ, սակայն անհանդուրժող՝ անհանդուրժողականութեան, կոռուպցիայի եւ հասարակական պարսաւելի երեւոյթների հանդէպ: Հայրենիքը չի կարող տնտեսապէս հզօր լինել, եթէ այնտեղ գերակայողն օրէնքը չէ։ Մենք պէտք է օրէնքի երկիր լինենք ոչ միայն լաւ օրէնք ընդունելով, այլեւ օրէնքը յարգելով եւ կիրառելով: Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները պէտք է ընկալուեն ոչ թէ որպէս սոսկ իրաւաբանական փաստաթուղթ, այլ՝ որպէս մշակոյթ եւ կենսակերպ։ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Թող 2020 թուականը լինի նոր ձեռքբերումների եւ յաղթանակների տարի: Թող խաղաղութիւնը եւ յաջողութիւնն ուղեկցեն մեր երկրին, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին, մեր ժողովրդին Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում, մեր ընտանիքներին, մեզնից իւրաքանչիւրին: Առանձնայատուկ բարեմաղթանքներս եմ յղում բոլոր զինծառայողներին, պատերազմի հաշմանդամներին եւ նահատակուած հերոսների ընտանիքներին, միայնակ կամ ծերանոցում գըտնուող հայրենակիցներին, բազմազաւակ ընտանիքներին, առողջապահութեան աշխատակիցներին եւ նրանց խնամքի տակ գտնուող հիւանդներին, Հայաստանի Հանրապետութեան մանուկ քաղաքացիներին, Բոլորին... Թող Աստուած պահապան լինի մեր Հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ հայ Ժողովուրդին: Շնորհաւոր Նոր Տարի»:
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 5
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ 2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Անտարակոյս կը գտնուինք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան հանգրուանի մը առջեւ, արժեւորելու մեր ժողովուրդի միասնական պահանջատիրական պայքարը։ Այլընտրանք չկայ այլեւս, հայութիւնը իր գոյամարտը միացեալ ուժերով պիտի յառաջ տանի ու պահանջէ իր ամբողջական յաղթանակը եւ կամ՝ պիտի հրաժարի իբր ինքնուրոյն ազգ արեւին տակ գոյութիւն ունենալէ։ Այսօր, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ միշտ պէտք է մնայ իրաւատէրը Հայ Դատին, ժամանակն է, որ ձգտի ու գործակցի, միասնաբար աշխատելու հայութեան «Մեծ երազի» ճամբուն վրայ իրանանացնելու Հայ Դատի հետապնդման ու ռազմավարական նոր մտածելակերպը ու գործելակերպը հեռանկարային պատրաստութեամբ։ Հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքէն դուրս կ՚ապրի. ան կը ներկայացնէ մեծ ներուժ ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ՝ բարոյական քան նիւթական առումով։ Հայ ժողովուրդը իր հաւաքական ու մանաւանդ հայրենի պետական ընդվզումն ու կամքը արտայայտեց Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին, որոնք կրցան միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը գրաւել ու հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին նկատմամբ համակրանք ստեղծել։ Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձի կիզակէտը դարձաւ Հայ Դատի արդար պահանջատիրութիւնը։ Բնականաբար Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է շարունակուի վերանորոգ վճռակամութեամբ, ու ժամանակն է որ մեր ազգային դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ դրուի շեշտը՝ Ցեղասպանութեան հատուցման վրայ անտարակոյս, որուն հասցէն ու թիրախը պէտք է դառնայ ցեղասպանը ու այդ շրջագիծէն ներս մասնակից դարձնելով միջազգային համայնքը։ Միացեալ Նահանգներու տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցէն ետք թափուած աշխատանքները նահանգային մակարդակով ու մանաւանդ Ցեղասպանութեան դարադարձէն ետք, պաշտօնական նահանգային որոշումով 49 նահանգներ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցան որպէս ոճիր մարդկութեան դէմ, միանալով ՄԱԿ-ի անդամ 31 երկիրներուն, որոնց առաջինը դարձաւ Ուրուկուէյը 1965-ին։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչնե-
րու տան օրակարգի վրայ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը, բազմիցս անգամ կարելի չեղաւ վաւերացման արժանացնել, բայց մնայուն ու ամբողջական յաջողութեամբ պատմական յաղթանակ արձանագրեց 2019 Հոկտեմբերին, երբ Ներկայացուցիչներու տան 296-րդ բանաձեւը վաւերացուեցաւ ստանալով 405 քուէ, որպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւն։ Իսկ 2019 Դեկտեմբեր 12-ը պէտք է նկատել 21-րդ դարու հայ ժողովուրդի արդար դատի պահանջատիրութեան համար կարեւոր թուական մը, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը ամբողջութեամբ իր 100 անդամներով վաւերացուց 150-րդ բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ճանչցընելով եղածը որպէս ոճիր մարդկութեան դէմ, միանալով 1916-ի նոյն կառոյցի առած որոշման Օսմանեան կայսրութեան դէմ, Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի օրերուն։ 2020 թուականը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը պէտք չէ դառնայ։ Այդ թուականը պէտք է արժեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու մանաւանդ իրագործումներով, որոնք ո՛չ միայն մնայուն հետք կը ձգեն մեր հաւաքական կեանքէն ներս, այլ նաեւ նոր մղում կու տան մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը հանգրուանային եւ ուսումնասիրուած կերպով պէտք է փոխադրուի նաեւ Թուրքիա։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով ազգապատկան եւ եկեղեցապատկան կալուածները, ինչպէս նաեւ անհատական կալուածներու եւ ինչքերու ցանկագրումը պէտք է կատարուի համահայկական չափանիշով ու մասնագիտական մօտեցումով։ 2020 թուականը դարադարձը կը հանդիսանայ պահանջատիրական պայքարի։ 20-րդ դարու հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջերէն մէկը կը հանդիսանայ Չորք Մարզպանի երրորդ ապստամՇարունակութիւնը էջ 28
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Փաշինեան կարեւոր դիտարկումներ կատարած է Արցախի մասին
Երեւանի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահութիւն յայտնած է՝ թէ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները, որոնք պիտի ստանան ժողովուրդի քուէն, կառուցողական ներգրաւում պիտի ունենան ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ գործըթնացին։
Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին
Նախատեսուած է, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները Արցախի մէջ պիտի կայանան գալիք տարուան Մարտի վերջը կամ Ապրիլի սկիզբը: Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը անցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի ու Արցախի նախագահներ Արմէն Սարգըսեանի եւ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ։ Վարչապետը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ հնչեցուցած էր այս Մարտին Ստեփանակերտի մէջ կայացած անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ առաջին նիստին՝ բանակցային գործընթացին պաշտօնական Ստեփանակերտի ներգրաւածութիւնը էական է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ առաջընթաց արձանագրելու համար։ «Ակնյայտ է, որ Արցախեան հիմնահարցում հնարաւոր չէ արձանագրել որեւէ նշանակալից առաջընթաց առանց ժողովրդական վստահութեան առկայութեան եւ արտայայտման: Այս տեսակէտից առաւել քան էական է հակամարտութեան գօտում ապրող մարդկանց կարծիքը, քանի որ նրանք են լինելու խաղաղ կարգաւորման որեւէ տարբերակի հետ կապւած օգուտների եւ ռիսքերի անմիջական կրողը: Այս իրողութիւնն առաւել քան ընդգծում է Արցախի ժողովրդի եւ նրա կողմից ընտրուած իշխանութեան դերը խաղաղ կարգաւորման գործընթացում: Արցախում գալիք տարուայ Շարունակութիւնը էջ 7
«GALLUP International Association»-ի իրականացուցած հարցումներու մասնակիցներու 46,6%-ը լիովին կը վստահի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 38,5%-ն ալ նշած է, որ աւելի շատ կը վստահի: Այս մասին 23 Դեկտեմբերին հրաւիրւած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՃԻ ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:
«Քաղաքացիներէն խնդրած ենք գնահատել, թէ որքանով կը վստահին ներքոյ շարադրեալներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին լիովին կը վըստահի հարցուածներու 46,6%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,5%-ը, իշխանութիւններուն լիովին կը վստահի 19,4%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,1%-ը, խորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 7%-ը, աւելի շատ կը վստահի` 21,7-ը, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 5,2%-ն, իսկ աւելի շատ կը վստահի 13,6%-ը»,- ըսած է Նաւասարդեանը: Հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ:
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 7
ԱԳ նախարարութիւնը կ’անդրադառնայ Ագուլիսի հայերու ջարդին
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Հայաստան առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան ու խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին, որուն կարգին՝ Արցախի մէջ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան՝ անդրադառնալով Նախիջեւանի մէջ Ագուլիսի հայերու ջարդերու 100-ամեայ տարելիցին։ Ան ըսաւ. «Այսօր մենք յիշատակում ենք Ագուլիսի հայերի եղեռնագործութեան 100-րդ տարելիցը: Մէկ դար առաջ՝ 1919թ. Դեկտեմբերի 24ից 25ը խաղաղ հայ բնակչութիւնը ենթարկուեց զան-
գուածային կոտորածի, իսկ Նախիջեւանի այս հինաւուրց հայկական բնակավայրը վերածուեց աւերակի»: «Արժանայիշատակ է, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի պատասխան այս ջարդերին, դիմել էր միջազգային հանրութեանը եւ, մասնաւորապէս՝ Անտանտի երկիրներին՝ իր տարածքում իրականացուող բռնութիւնները կանխարգելելու եւ տարածաշըրջանի հայերի անվտանգութիւնն ապահովելու կոչով»: «Դժբախտաբար Նախիջեւանի հայերի դէմ գործած յանցանքները չսահմանափակուեցին միայն 20-րդ դարի պատմութեամբ, այլեւ նոր դրսեւորում ստացան մեր օրերում, երբ ատրպէյճանական իշխանութիւնները, վերջնականապէս հայաթափելով Նախիջեւանը, իրականացրին նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ զանգուածային ոչնչացումը: Արդիւնքում ամբողջովին աւերուեցին հազարաւոր քրիստոնէական յուշարձաններ՝ այդ թւում եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր՝ Ջուղայում, Ագուլիսում եւ այլուր: Ատրպէյճանական բանակի զինծառայողների կողմից միջնադարեան քրիստոնէական արուեստի գլուխգործողներ համարուող Ջուղայի հազարաւոր խաչքարների ոչնչացումը, որը փաստագրուած է տեսաձայնագրութեամբ, կը մնայ համաշխարհային պատմութեան մէջ որպէս մշակութային վայրագութիւնների անգերազանցելի դրսեւորում»: «Այսօր, այս ողբերգական դէպքերից հարիւր տարի անց Հայաստանն առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքն իր պատմական հայրենիքում, այդ թւում՝ Արցախում», յայտնեց Նաղդալեան:
Փաշինեան կարեւոր դիտարկումներ... Շարունակութիւն էջ 6-էն
Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններն այս տեսակէտից ստանում են յաւելեալ կարեւորութիւն: Հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած բոլոր հիմնարար փաստաթըղթերը կամ ներառում են Արցախի ընտրուած իշխանութիւնների մասնակցութեան յղում, կամ հաստատուել են Արցախի ընտրուած իշխանութիւնների ներկայացուցիչների կողմից», - ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեանը։
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը 50 հազար տոլար կը փոխանցէ Լիբանանի Հայոց Թեմին ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռը 50 հազար տոլար նուիրեց Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի անիկա տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման քայլերուն: Այս առիթով, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին, Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը եւս կ’ապրի ծանր օրեր: Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին համատեղ ջանքերով այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս պիտի գանք եւ պիտի շարունակենք մեր հայապահպանման եկեղեցանուէր, ազգաշէն եւ հայրենակերտ առաքելութիւնը»:
Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը 1990-2019 թուականներուն Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, երկրի մշտական բնակչութեան թուաքանակը 1990 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի տարեսկիզբը աստիճանաբար նուազած է: Եթէ 1992 թուականի տարեսկիզբին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը կազմած է 3 միլիոն 633,3 հազար, ապա արդէն տարեվերջին այդ թիւը կազմած է 3 միլիոն 463,7 հազար: Այսինքն՝ միայն այդ տարին ՀՀ մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է 169,6 հազարով: Աս 1990-2019 թուականներու միջակայքը տարեկան կտրուածքով նուազման ամենամեծ ցուցանիշը եղած է: 1993 թուականին մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է 107,0 հազարով, իսկ 1994 թուականին՝ 96,4 հազարով: Այս միտումը շարունակուած է նաեւ 1993-94 թուականներուն. այդ տարիներուն գաղթի բացասական մնացորդը, համապատասխանաբար, կազմած է նուազ 138,6 հազար եւ նուազ 122,9 հազար: Հետագայ տարիներուն եւս շարունակուած է մշտական բնակչութեան թիւի նուազումն ու գաղթը, բայց աւելի դանդաղ ընթացքով: 2016 թուականէն սկսեալ մշտական բնակչութեան թիւը 3 միլիոնի շեմէն իջած է: Եթէ 2010 թուականին մշտական բնակչութեան թիւը եղած է 3 միլիոն 55,2 հազար մարդ, 2015-ին՝ 3 միլիոն 10,6 հազար, ապա 2016 թուականին արդէն կազմած է 2 միլիոն 998,6 հազար մարդ:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11-ին Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը 12 Յունուարին պիտի մատուցէ իր առաջին պատարագը։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն, որ 11 Յունուարին Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի գահակալման արարո ղութիւնը։ Նշենք, որ 11 Դեկտեմբերին Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրուած է Սահակ Մաշալեանը։
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 9
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը` Ծերակոյտին մէջ. Արձագանգները եւ հետագայ անհրաժեշտ քայլերը ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
1915-ի Ցեղասպանութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, առաջին անգամ ըլլալով, 12 Դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ` հանրապետական տարբեր ծերակուտականներու կողմէ, երեք շաբաթ անընդմէջ Սպիտակ տան պահանջով զայն արգելափակելէ ետք: Այդ ժամանակէն սկսեալ ես անթիւ հեռաձայններ եւ ելեկտրոնային նամակներ ստացած եմ հայերէ, որոնք կը հարցնեն, թէ այս բանաձեւը իր ուղեկից բանաձեւին հետ միասին, որ մեծամասնութեամբ ընդունուած է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, արդեօ՞ք այժմ պիտի ներկայացուի նախագահ Տոնալտ Թրամփի` առ ի ստորագրութիւն: Նախապէս շատ գրած եմ այս թեմային մասին, սակայն կարիք կայ կրկնելու, որ այս երկու բանաձեւերը «առանձին» բանաձեւեր են, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Սպիտակ տուն չեն յղուիր, եւ նախագահէն չի պահանջուիր ստորագրել զանոնք: Սա երկու բանաձեւերու վերջակէտն է: Եթէ այս երկու բանաձեւերը ներկայացուէին Քոնկրէսի երկու պալատներուն որպէս «համատեղ բանաձեւ», ապա ստորագրութեան համար պէտք է որ այնուհետեւ ներկայացուէին նախագահին: Այսուամենայնիւ, անկախ բանաձեւի տեսակէն, եթէ Թրամփ ուզէ, կրնայ օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը 24 Ապրիլ 2020-ի իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ: Թէեւ 29 Հոկտեմբեր 2019-ին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երրորդ անգամն էր, որ ընդունած է նման բանաձեւ, Ծերակոյտի բանաձեւը 12 Դեկտեմբեր 2019-ին պատմական է, քանի որ 1915-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը այսպիսի բանաձեւ ընդունած է` օգտագործելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը: Աւելի՛ն. այս երկու «առանձին» բանաձեւերը օրէնքի ուժ չունին, հետեւաբար որեւէ իրաւական հետեւանք չունին: Անոնք պարզապէս կը համարուին «Քոնկրէսի կարծիքը»: Այսուամենայնիւ, այս երկու բանաձեւերու ընդունումը եւ միջազգային լրատուական միջոցներու կողմէ անոնց լուսաբանումը զայրացուցած
են Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Որոշ թուրք պաշտօնեաներ յայտարարութիւններ տարածեցին` դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը եւ սպառնալով ամերիկեան զօրքերը դուրս վռնտել Թուրքիոյ օդանաւային երկու խարիսխներէն… Թուրք պաշտօնեաները փորձեցին նաեւ նուազագոյնի հասցնել այս բանաձեւերուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք «ընդհանրապէս ոչ մէկ արժէք ունին»: Թրքական կառավարութիւնը այնքան հեռու գնաց, որ ստիպեց իր խորհրդարանին բանաձեւ ընդունիլ` դատապարտելով Ծերակոյտը` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ կանչեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սեթըրֆիլտը` ըսելով անոր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, միաժամանակ պնդելով, որ բանաձեւը «ընդհանրապէս որեւէ արժէք չունի»: Այդ պարագային ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ լոպիիստներու վրայ` փորձելով արգելափակել բանաձեւի ընդունումը Քոնկրէսի մէջ: Ինչպէ՞ս կրնայ «անարժէք» բանաձեւը վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, եւ ինչո՞ւ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն կը սպառնայ` վռնտել զայն թրքական օդանաւային խարիսխներէն: Նոյնքան վիրաւորական են Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու կողմէ Ծերակոյտի բանաձեւին վրայ կատարուած յարձակումները: «Բանաձեւի ընդունումը… պատմական փաստերը կեղծելու փորձ է եւ ատոր գործածումը` որպէս քաղաքական ճնշման միջոց», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Լէյլա Ապտուլլայեւան: Բանաձեւը «կը ծառայէ միայն հայկական լոպիի շրջանակներու աղտոտ նպատակներուն», աւելցուց ան: Հայաստանի պաշտօնեաՇարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը` Ծերակոյտին մէջ. Արձագանգները եւ հետագայ անհրաժեշտ քայլերը Շարունակութիւն էջ 9-էն
ները պէտք է խիստ արձագանգեն` դատապարտելով Ատրպէյճանի ժխտողական յայտարարութիւնը, որ Ատրպէյճանը կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան յանցակից` դէպքէն ետք: Իբրեւ պատիժ` Հայաստան պէտք է յայտարարէ, որ ժամանակաւորապէս կը սառեցնէ Արցախի վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ: Թէեւ կը սպասուէր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խարազանէր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը, մեզ կը ցաւցնէ այն փաստը, որ Պոլսոյ նորընտիր hայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան երկար հարցազրոյց տուած է թրքական «Սապահ» թերթին` ծերակոյտի բանաձեւը անուանելով «ոչ այնքան բարոյական»: Թէեւ հասկնալի է, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ պատանդներ են, զրկուած` մարդկային հիմնական իրաւունքներէ, այսուամենայնիւ, պատճառ չկար, որ պատրիարքը, որ ընտրուած էր ծերակոյտի բանաձեւի ընդունումէն միայն օր մը առաջ, այդքան ջանք թափէր` թութակի պէս կրկնելով Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քարոզչութիւնը… Ան ոչ միայն դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, այլեւ ըսաւ այնպիսի վիրաւորական բաներ, ինչպէս` կոչ, որպէսզի պատմական յանձնաժողովը ուսումնասիրէ, թէ արդեօ՞ք տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւն, կեղծ պնդում, որ որոշ հայեր ռուսական զօրքերու կողմը եղած են օսմանեան ուժերու դէմ գրոհելու ատեն, մեղադրանք հայերուն եւ թուրքերուն` զիրար կոտորելու մէջ, նաեւ կոչ հայերուն եւ թուրքերուն` համատեղ լուծում գտնելու առանց «երրորդ կողմերու» միջամտութեան եւ աջակցութիւն` տխրահռչակ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ընդունման, երկու երկիրներու կողմէ: Ասոնք բոլորը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ առաջ քաշուած առարկութիւններ են: Պատրիարք Մաշալեան իր հարցազրոյցի աւարտին յայտարարեց. «Ես քաղաքական գործիչ չեմ, այս (հարցին մէջ) կայ քաղաքական երեւոյթ»: Մաշալեան պէտք է որ հրաժարէր «Սապահ»-ի հետ հարցազրոյց ունենալէ` պարզապէս յայտարարելով, որ ինք հոգեւոր առաջնորդ է եւ չ’ուզեր ներքաշուիլ քաղաքական հարցերու մէջ: Ինչ կը վերաբերի պատրիարքի այն առաջարկին, որ երրորդ երկիրները պէտք չէ ներգրաւուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ամբողջապէս սխալ է: Եթէ չըլլային Սփիւռքի լոպիիստական ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ապա աշխարհը արդէն
վաղուց մոռացութեան մատնած էր այս հարցը… Ժխտողականներու եւ ստախօսներու կողմը ըլլալու փոխարէն` պատրիարք Մաշալեան պէտք էր անխոնջ աշխատանք տանէր նոյնինքն Թուրքիոյ ներսը ճշմարտութիւնը հաստատելու համար: Ասիկա ամէնէն քիչն է, որ կարելի է ակնկալել Աստուծոյ մարդէն…: Վերջապէս, թէեւ պատրիարքը թութակի պէս կը կրկնէր թրքական ժխտողական դիրքորոշումները, մենք վստահ չենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իրականութեան մէջ ճնշում կը գործադրէ անոր վրայ, որպէսզի հարցազրոյց տայ «Սապահ»-ին: Թերեւս ան ինքնակամօրէն կատարած է այդ, որպէսզի առաւելներ շահի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` ակնկալելով, որ Անգարան շուտով կը հաստատէ իր ընտրութիւնը որպէս պատրիարք: «Այս համայնքին մէջ ոչ ոք կը փափաքի քուէարկել պետութեան կողմէ հաւանութեան չարժանացած ոեւէ պատրիարքի օգտին», «Սապահ»-ին ըսած է Մաշալեան: Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ պատրիարքը հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ… Քանի որ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները շտապեցին շնորհաւորել Պոլսոյ նորընտիր պատրիարքը, կ’ուզէի գիտնալ, թէ արդեօք «Սապահ» թերթին Մաշալեանի տուած վախկոտ յայտարարութիւններէն ետք, երկու կաթողիկոսները յետս չե՞ն կոչեր իրենց շնորհաւորանքները եւ չե՞ն դատապարտեր հայոց պատրիարքին ժխտողական յայտարարութիւնները… Հայաստանի պետական պաշտօնեաները, ներառեալ` նախագահը, վարչապետը եւ արտաքին գործերու նախարարը, հանդէս եկան յայտարարութիւններով` շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին եւ ամերիկահայերուն` Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցելու համար: Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ բանաձեւին ընդունումը կը նուազեցնէ Հայաստանի ապահովութեան գծով թրքական սպառնալիքը, ան, ցաւօք, աւելցուց, որ կը զօրակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման` «առանց նախապայմաններու»: Եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պաշտպանէ Հայաստանի ապահովութիւնը, ապա ինչո՞ւ պէտք է վարչապետը ըսէ, որ` «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգի հարց չէ»: Յաջորդ քայլերու առումով, ժամանակն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմէ Համաշխարհային դատարան (Արդարադատութեան միջազՇարունակութիւնը էջ 13
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 11
Հայ զանգուածները կրկին յուզուած են Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակով ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Հողը մի կենդանի էակ է, նա ունի իր հոգին, եւ առանց հայրենիքի, առանց հարազատ հողի հետ սերտ կապի` մարդ չի կարող գտնել իրեն, իր հոգին: ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ Հայը իր հոգին գտնելու համար իրմէ խլուած հողի վերադարձի նպատակով պէտք է ապրի եւ գործէ: Տարիներու աշխատանք, մարդկային եւ նիւթական ներդրում, վերջապէս` երկու յաջորդական յաջողութիւններ. Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան այնքա՜ն ակնկալուած եւ երազուած ճանաչումը, Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի հայերուն համար հոգ-կան մեծ բաւարարութիւն է: Ժամանակակից մարդը, նաեւ հայը` մասնաւորաբար, եթէ դեռ վառ պահած է իր իրաւունքին գիտակցութիւնը, Արշակ Չօպանեանի մանուկին պէս պիտի ըսէր իւրաքանչիւր ճանաչումէ ետք, ես ի՞նչ ընեմ հոգիով, նոյնիսկ եթէ Չօպանեան եւ իրեն պէս այլ երէցներ, հաւատացեալի պէս, բոլոր միամիտներուն պէս, իւրաքանչիւր ճանաչումէ ետք յուզումնախառն պահեր կ’ապրին հոգեկան բաւարարութիւն առթած գինովութեամբ: Ամերիկայի զոյգ օրէնսդիր ժողովներու Ցեղասպանութեան ճանաչումը յաջողութիւն մըն է, եթէ ճառ խօսինք, պիտի ըսենք յաղթանակ` ուրացման եւ ժխտումի ամէն կարգի անբարոյութիւններու, մոռացումներու եւ վատութիւններու դէմ: Բայց ան պէտք ունի լրացման. Ամերիկայի նախագահն ալ պէտք է ճանաչման յայտարարութիւն ընէ` առանց հայոց ակնկալութիւնը օրօրելու մեծ եղեռն կամ նման սովորական դարձած ճապկումներու: Կը նշանակէ, որ պայքարը կը շարունակուի, եւ կրկին պիտի սպասենք, ինչպէս ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին, Ամերիկայի նախագահին յայտարարութիւնը: Wait and see… Չորս ամիս: Հարիւր տարւան բաղդատած` չորս ամիսը մանրուք է: Թէեւ, զոյգ ժողովներուն որոշումներուն հունով, նախագահը այսօր ալ կրնայ խօսիլ: Անկասկա՛ծ, օրէնսդրական մարմիններու ճանաչումը բարոյական յաղթանակ մըն է` ընդդէմ ճշմարտութիւնը եւ գործուած ոճիրը ժխտող պետութեան մը, որ ունի հզօրութիւն, լայն միջոցներ եւ ազգայնամոլ կոյր զանգուած: Բայց ինչ ալ
ըսենք եւ գրենք, կողոպտուած, անիրաւուած, ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենահանուած պահանջատէր ժողովուրդի մը տեսանկիւնէն քաղաքական յաղթանակ չեն ճանաչումները: Մենք մեզի եւ մեր խօսակիցներուն հետ անկեղծ պէտք է ըլլանք. ճանաչումները քաղաքական բնոյթ չունին, անոնք բարոյական, մխիթարական եւ քիչ մըն ալ հաճոյախօսական են: Առանց բացասական համարուելու զգուշաւորութեան` թող թոյլ տրուի ճանչցողներուն եւ ճանաչման յաղթանակով ուրախացողներուն հարց տալ, թէ ի՞նչ բան կը ճանչնան, ի՞նչ բան կը ճանչցուի, ի՞նչ ընելու համար: Ի հարկէ գիտենք, որ բոլոր այն երկիրները, խորհրդարանները եւ քաղաքապետութիւնները, որոնք ճանաչում կը քուէարկեն, նկատի ունին հայոց լայնածիր ջարդը, որ կը միտէր ազգի մը բնաջնջման, որ կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն: Ճանաչումով զոհերը կեանքի պիտի չվերադառնան: Կրնանք մտածել, որ ճանչցողները բարոյական վերաբերում ունին, ոճիրի մը դիմաց մարդկային խիղճի վկայութիւն կը բերեն, մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ: Այս ճանաչումները կը նմանին սգոյ արարողութեան մը, թաղման կարգ կամ հոգեհանգիստ (requiem), որմէ ետք պարտականութիւնը կատարածի գոհունակութեամբ, կը շարունակենք ապրիլ, կեանքը կը շարունակուի: Բայց ինչ որ պատահած էր, կեանքի սովորական աւարտ մը կամ ճանապարհային վթար չէր: Մարդիկ բնաջնջուած էին, ինչպէս այսօր կը բնաջնջենք միջատները` պաշտպանելու համար մեր մշակուած դաշտերը: Մարդիկ չէին մեռած պատերազմի մը ընթացքին, ինչպէս կ’ըսուի` պատուոյ դաշտին վրայ, որմէ ետք, զոհերու յաջորդները այս կամ այն ձեւով կը հաշտուին, ինչպէս` Ֆրանսան եւ Գերմանիան, նոյնիսկ` Գերմանիան եւ հրեաները: Արդարութիւնը իր խօսքը ըսած էր, վճիռ արձակած էր, պատասխանատուութիւնները Շարունակութիւնը էջ 12
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ զանգուածները կրկին յուզուած են Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակով Շարունակութիւն էջ 11-էն
ստանձնուած էին, պատիժներ սահմանուած, եւ հատուցում եղած էր: Քաղաքական միտքի փիլիսոփայութեան ծանրակշիռ սխալ է հայկական պարագան նմանցընել ամէնուրեք ճանչցուած, ընդունուած եւ դատապարտուած Հրէական ողջակիզման, որ ահաւոր ոճիր մըն էր իր միլիոնաւոր զոհերով, անկասկած` ցեղասպանութիւն: Հայկական պարագան ալ, բաղդատութեամբ, միլիոնաւոր զոհերով, անկասկա՛ծ ցեղասպանութիւն էր: Բայց այս նմանութիւն-բաղդատութիւնը անբաւարար է հայկական պարագայի իսկական պատմաքաղաքական եւ ընկերամշակութային նկարագիրը բնորոշելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաժակաճառի կը նմանի` առանց հայ ժողովուրդին դէմ գործուած պատմաքաղաքական ոճիրի ըմբռնումին, որ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄը եղաւ: Ոչ մէկ տեղ կը հանդիպինք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին եւ այդ պահանջը բաւարարող որոշումներուն մէջ ժողովուրդի մը հայրենահանման եւ հայրենազրկման յիշատակման: Հետեւանք. ոճիրէ մը ետք վերապրողները եւ անոնց յաջորդները դեռ կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն ապրիլ Ցեղասպանութիւնը, որուն համար հնարուած է մշակութասպանութիւն եզրը, այսինքն ցեղասպանութիւնը դեռ ընթացքի մէջ է: Սպառողական ընկերութեան եւ համաշխարհայնացման մէջ ընդգրկուած, հայրենահանուած ժողովուրդի մը մնացորդացը կը պատշաճի եւ կը բաւարարուի բարոյական պարգեւով: Ես ի՞նչ ընեմ հոգիով… Ազգը ի՞նչ ընէ ճանաչման տիրացուական մխիթարական պարգեւով… Ի՞նչ բերին Ուրուկուէյէն սկսեալ մինչեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, անթիւ քաղաքապետութիւններու ճանաչումները: Հայկական հարցը մազաչափ յառաջխաղացք ունեցա՞ւ: Հայկական հարցը պարզ եւ անլոյծ խնդիր մըն է. ան ժողովուրդի մը իր հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքն է, որ բռնաբարուած է ցեղասպանութեամբ եւ հայրենահանումով, որոնց դարմանը մխիթարական եւ օդին մէջ ըսուած խօսքի մշուշը չէ, այլ գործուած զոյգ ոճիրներէն առաջինի` յանուն համամարդկային բարոյական արդարութեան դատապարտութիւնն է եւ երկրորդի պարագային` վերապրողներու եւ անոնց ժառանգներու իրենց հայրենիքի տիրութիւնը վերա-
գըտնելու կենսագործող վճիռը: Այդ վճիռի պահանջի եւ անոր գործադրութեան կամքը կը բացակայի մեզ յուզող ճանաչումներուն մէջ: Խօսինք աւելի պարզ: Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որպէս օրէնք հրապարակումը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ճանաչումը, հայրենահանուած հայուն բռնագրուած հայրենիքէն թիզ մը հող վերադարձնելու մասին կը խօսի՞ն: Ինչո՞ւ չենք ըսեր եւ մեզմէ աւելի քաղաքական փորձ եւ աւելի գիտակ Ֆրանսան, Ամերիկան եւ ուրիշներ` չեն ըսեր, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հայու հայրենիքի բռնագրաւման եւ իւրացման համար, այդ ոճրային միտումը եւ անոր գործադրութիւնը պէտք է դատել, դատապարտել եւ իրաւունք վերականգնել: Ինչ որ կայ հրապարակի վրայ, օրէնքներու շղարշով բառերու հանդէս կամ կռիւ է. լոկոմաշի (logomachie): Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տեղեկագիրներուն մէջ ալ արձանագրուած է Հայոց , Ցեղասպանութիւնը, Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի հին թուղթերը կը վկայեն, նպատակ ունենալով ցեղասպանութեան կանխումը եւ պայքարը փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրականութեան, այդ Պենժամեն Ուիթեքըրի տեղեկագիրն էր, որ անուղղակի ճանաչումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան, որպէս օրինակ յիշուելու համար ՄԱԿի կողմէ: Բայց ինչպէս իրարու յաջորդած ճանաչումները, նաեւ ՄԱԿի տեղեկագիրը մնացին եւ կը մնան տպաւորիչի եւ յուզիչի սահմաններուն մէջ: Ոչ մէկ վճիռ եւ կամք` սխալները սրբագրելու եւ իրաւունք վերականգնելու: Ճանաչումները եւ ՄԱԿի արձանագրութիւնները,համագումար, յանձնառութեան եւ գործադրութեան առաջնորդող քաղաքական որոշումներ չեն: Անոնք կը նմանին մեծ սրահներու մէջ կարեւոր առիթներով հնչած տերեւ չշարժող բանգէտներու ճառերու: Իրաւունքի վերականգնումի մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն կամ որոշում կայ: Ա՛յս պէտք է յիշեցնել եւ կրկնել: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարած եւ պայքարող ուժերը իրենք ալ չեն խօսիր այդ ոճիրի իսկական դրդապատճառին եւ հետեւանքին մասին. հողի բռնագրաւման քաղաքականութեան հետեւանք էին ցեղասպանուՇարունակութիւնը էջ 13
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 13
Հայ զանգուածները կրկին յուզուած են Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակով Շարունակութիւն էջ 12-էն
թիւնը եւ հայրենահանումը: Զբօսաշրջիկ քաղաքագէտի պարզ տրամաբանութեան կոչ ընելով` պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն քարընկէց մը հեռու, այս պատկեր չէ, ա՛լ պարզ իրականութիւն, երբ կը կանգնիք Ախուրեանի ափին եւ քար մը կը նետէք սահմանին միւս կողմը, կը պարզուի հայոց մայրաքաղաք Անին: Եթէ ճանաչում քուէարկողները երթան մինչեւ հայոց առաջին մայրաքաղաքը, մոմ մը վառեն Աղթամարի եկեղեցիին մէջ, թերեւս իրենք իրենց հարց կրնան տալ, թէ ինչո՞ւ հայ ճարտարապետի հայ եկեղեցիին տէրը հայը եւ Հայաստանը չեն: Թող ներուի ինծի յաղթանակի գինովութիւն չապրիլ ամէն անգամ, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներ ըլլան: Զանոնք արձանագրենք մեր բարեկամներու ցանկին վրայ: Այդքա՛ն: Բայց անոնք պատմութիւն եւ իրաւունք իրենց ճիշդ հունին մէջ դնողներ չեն: Եւ մեր յուզումները, խանդավառութիւնները, յաղթանակածի սոսկ համայնքներու էսթեպլիշմընթային աղմուկի կը նմանին, քանի որ Հայկական հարցին լուծումը փապուղիէ դուրս չեն բերեր: Ամերիկային պէտք է յիշեցնել, որ միջազգային որոշման մը պատճառով իր նախագահի գծած քարտէսին տէր չէ. Ուիլսընեան սահմաններ: Ֆրանսայի հարցնել, թէ ինչո՞ւ պզտիկ դաշնակիցին խոստացուած Կիլիկիան յանձնեց ցեղասպանին` բարենիշ տալով անոր: Յիշեցնել նաեւ Անգլիոյ` իր վարչապետ լորտ Սեսիլի յանձնառութիւնը, ըստ որուն, պատերազմէն ետք (Ա. Համաշխարհայինէն), Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեան հետք պիտի չմնար: Ճանաչումներէն անդին` ազգի իրաւունքի վերականգնման քաղաքականութիւնն է էական, որ ո՛չ բարոյական պարգեւ է եւ ո՛չ ալ տիրացուական մխիթարութեան որոնում: Հայկական հարցը իր գլխուն վրայ կանգնեցընելով` տեղ չենք հասնիր, զայն պէտք է կանգնեցընել իր ոտքերուն վրայ, որպէսզի երբ ուրիշներ մեզ կը խաբեն (խաբած են), գէթ մենք մեզ չխաբենք: Ամերիկեան Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտն ալ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիան տրտնջաց: Յետոյ ի՞նչ: Կը մտածեմ, որ եթէ վաղը, մէկ ամիսէն, մէկ տարիէն, հրապարակ գանք, որ բռնագրաւած Հա-
յաստանը վերադարձուի իրաւատիրոջ, քաղաքավար խօսակիցներ եւ լսողներ կրնան ըսել, որ ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջեցիք, բաւարարեցինք ձեր պահանջը, հիմա ինչո՞ւ եկած էք նոր պահանջով մը, որուն մասին երէկ չէիք խօսեր: Հայկական հարցի սահմանափակումը ցեղասպանութեան ճանաչման զսպաշապիկին մէջ հայ քաղաքական միտքին համար խոտորում է, որ այսօր պէտք է սրբագրել, որպէսզի օրէնքներ, յայտարարութիւններ եւ յուզումներ էականը չմոռցընեն, հոգեհանգիստ չըլլան վասն մեր ներկայի եւ ապագայի միտքերուն եւ արարքներուն: Եւ օր մը Ռուբէն Որբերեան բանաստեղծին պէս չերգենք. Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան, Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին, Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի՛ մը նման… 16 Դեկտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը` Ծերակոյտին մէջ. Արձագանգները եւ հետագայ անհրաժեշտ քայլերը Շարունակութիւն էջ 10-էն
գային դատարան)` պահանջելով Թուրքիայէն բոլոր այն բաները ինչ որ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան պատճառով: Անոնք են` 1) Վճարել դրամական հատուցում` Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու դիմաց, 2) Վերադարձնել զոհերու ժառանգներուն բոլոր անձնական ունեցուածքները, ինչպէս` տուները, ագարակները, դրամատնային հաշիւները եւ դրամատնային պահարաններու մէջ գտնուող արժէքաւոր իրերը, 3) Վերադարձնել եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ գերեզմանատուները Թուրքիոյ հայ համայնքին, 4) Ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ զայն միացնել Հայաստանի Հանրապետութեան: Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Էջ 14
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն Շուէտի Բարձրագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահներու պահանջը՝ արտայանձնել յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։ Թրքական Gazeteduvar–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիան կը պահանջէ Ռակըպ Զարաքօլուն՝ անոր մեղադրելով PKK–ի հետ կապեր ունենալու մէջ։ Դատարանի որոշումը պէտք է հաստատէ նաեւ Շուէտի խորհրդարանը։ Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուն յայտնի իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ է Թուրքիոյ մէջ։ Անոր գլխաւորած «Պելկէ» հըրատարկչատան մէջ տպագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր։ Զարաքօլուն 2011-ի Փետրուարին եւ 2013-ի Դեկտեմբերին այցելած էր Հայաստան։
Մաշալեան Պատրիարք «Օսմանեան շրջանին այստեղ 2,5 միլիոն հայ կ'ապրէր, այժմ՝ 40-60 հազար» Կ․ Պոլսոյ հայոց նորընտիր Սահակ Բ․ Պատրիարք Մաշալեանը ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է թրքական «A Haber» լրատուականին։ Պատրիարքը խօսած է ԱՄՆի Ծերակոյտի կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի մասին: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու անցեալի ու ներկայի առումով ան կրկին ակնարկած է երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան դէպքերուն, Մաշալեան բաւարարուեցաւ՝ ըսելով. «Մեր անհատական զարգացման մէջ, 1915-ի դէպքերը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին, վիշտը վերապրած ընտանիք չկայ: Օսմանեան շրջանին 2-2,5 միլիոն հայեր կային: Այս պահուն, Թուրքիոյ մէջ 40-60 հազար հայեր կ’ապրին: Վերջին 100 տարիներուն ընթացքին այս հողերուն վրայ ապրող հայերու թիւի կտրուկ նուազում տեղի ունեցած է»: Բանաձեւին ընդունման վերաբերեալ Մաշալեան ըսաւ, որ այդպիսի իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով: «Եթէ երկու երկիրները չկարենան նստիլ եւ խօսիլ այս նիւթերուն մասին, զանոնք օրակարգի պիտի բերեն Անգարայի հետ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմավարական հարցեր ունեցող եր-
կիրները», շեշտեց պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ ինք անձնապէս կը վիրաւորուի, որ վիշտ ապրած մարդոց յիշողութիւնները կ’օգտագործուին՝ իբրեւ գործիք օրուան քաղաքականութեան մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ փոքրամասնութիւններու համար ամէնէն բարենպաստ շրջանը Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարման ժամանակահատուածն է:
Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Senator Bob Dole Honored by Republic of Armenia
WASHINGTON, DC — Armenia’s Ambassador to the US Varuzhan Nersesyan met with prominent US statesman, former Senator and great friend of Armenia and Armenians Bob Dole on December 17. On behalf of the President and Prime Minister of the Republic of Armenia, Ambassador Nersesyan passed their greetings and the best wishes and handed over the “Order of Honor” bestowed on Senator Dole for his considerable contribution to the development and enhancement of the friendly relations between Armenian and the USA. Ambassador Nersesyan expressed profound gratitude to Senator Dole for his tireless efforts in 198090s for the recognition of the Armenian Genocide, which in their turn contributed to the recent adoption of resolutions H.Res. 296 by the House of Representatives and S.Res. 150 by the Senate. Senator Dole noted that he was satisfied with such an impressive outcome of the long fight for justice. Reminiscing his great friend, Doctor Hampar Kelikian, who saved his life during the WWII, Senator Dole underlined that he was always proud of his friendship with Armenians and Armenia. Ambassador Nersesyan told the Senator about the recent wide-scale democratic reforms in Armenia and the positive dynamics in Armenia-US relations following the Velvet Revolution. He also informed Bod Dole about the cooperation with his native State of Kansas, particularly between the Kansas National Guard and Armed Forces of Armenia. Senator Dole expressed his readiness to assist in these endeavors. The “Order of Honor” is awarded for notable services in protecting state and national interests of the Republic of Armenia as well as for significant contributions to building, strengthening, and promoting friendship and reinforcing peace between peoples.
Էջ 15
Prosecutors to Reopen Probe Of 1999 Armenian Parliament Killings
Former Prime minister Vazgen Sarkisyan (L) and Parliament speaker Karen Demirchyan assassinated in the 1999 attack on parliament
YEREVAN (RFE/RL) — Law-enforcement authorities have decided to resume a criminal investigation into the 1999 armed attack on the Armenian parliament which left its speaker Karen Demirchyan, Prime Minister Vazgen Sarkisyan and six other officials dead. They were killed by five gunmen who burst into the National Assembly and sprayed it with bullets on October 27, 1999. The gunmen led by an obscure former journalist, Nairi Hunanyan, accused the government of corruption and misrule and demanded regime change. They surrendered to police after overnight negotiations with then President Robert Kocharian. They were subsequently tried and sentenced to life imprisonment. Some relatives and supporters of the assassinated officials still suspect Kocharian and his successor President Serzh Sarkisian (no relation to Vazgen), who was Armenia’s national security minister in October 1999, of masterminding the killings to eliminate powerful rivals. Both men repeatedly dismissed such suggestions during and after a serious political crisis caused by the killings. Throughout his and his henchmen’s marathon trial Hunanyan insisted that he himself had decided to seize the parliament without anybody’s orders. In 2004, investigators formally stopped looking for other individuals possibly involved in the attack, citing a lack of evidence. Last week, Anahit BakhCont. on page 17
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Armenia’s Air Force Equiped with State-of-the-Art Sukhoi Su-30SM Fighter Jets aircraft, cruise missiles, other rockets and drones. The Defense Ministry in Yerevan said on Monday that they will “considerably” strengthen Armenia’s air defenses. Russia has always been the principal source of military hardware supplied to the Armenian army. Membership in Russian-led Collective Security Treaty Organization (CSTO) allows Armenia to acquire Russian weapons at knockdown prices and even for free. GYUMRI — Armenia demonstrated on Friday for the first time four Sukhoi Su-30SM fighter jets which it has purchased from Russia. Prime Minister Nikol Pashinyan, Defense Minister Davit Tonoyan and other Armenian officials watched at an airbase in Gyumri their test flights carried out by Russian pilots. Pashinyan and Tonoyan then greeted the pilots and sat in one of the jets’ cockpits. “Today is a very important day for us because stateof-the-art multirole Su-30SM planes, considered our main [arms] acquisition of this year, are arriving,” Pashinyan said in video remarks broadcast live from the scene.
Armenian Armed Forces Acquire New Anti-aircraft Missile Systems
“This acquisition marks a turning point for the security of Armenia and our people,” he added. A Russian-Armenian contract on the delivery of the Su-30SM jets was signed early this year. The financial terms of the deal are still not known. Tonoyan said in February that Yerevan plans to buy eight more such aircraft in the coming years. Pashinyan noted on Friday that the Armenian military has received their “first batch.” The Armenian Air Force had no fighter jets until now. It consisted of 15 or so low-flying Su-25 aircraft designed for air-to-ground missions. Su-30SM can perform a much broader range of military tasks with more long-range and precisionguided weapons. It is a modernized version of a heavy fighter jet developed by the Sukhoi company in the late 1980s. The Russian military first commissioned such jets in 2012. The four warplanes arrived in Gyumri just days after the Armenian military demonstrated new and sophisticated air defense systems also acquired from Russia. With a firing range of at least 15 kilometers, the Tor-M2MK systems are designed to shoot down
YEREVAN — The Armenian Armed Forces have acquired new “TOR-M2KM” anti-aircraft missile systems, training equipment for commanders and operators, refueling machines and other systems. Accompanied by Defense Minister David Tonoyan and Chief of the General Staff of the Armed Forces Artak Davtyan, Prime Minister Nikol Pashinyan attended the presentation of the new systems. Highlighting the ongoing efforts to supply the Armed Forces with the latest technical facilities, the Prime Minister emphasized that the process will be consistent and continuous. “Manufactured in 2019,” he added. “This is one of our most important achievements this year. I can’t say anything about quantity; it is a military secret.”
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 17
100th Anniversary of the Agulis Pogroms Commemorated YEREVAN — “Today, Armenia is more than determined to defend and ensure the right of the Armenian people to exist and peaceful development in their historical homeland, including in Artsakh,” Spokesperson for the Ministry of Foreign Affairs of Armenia Anna Naghdalyan said in a statement on the 100th anniversary of the Agulis pogroms targeting the Armenian inhabitants of the village. “Today is the 100th anniversary of the massacre of Armenians in Agulis. A century ago, on December 24-25, 1919, the peaceful Armenian population was massacred, and this ancient Armenian settlement of Nakhichevan was turned into ruins,” Naghdalyan noted. The government of the first Armenian republic in response to these pogroms appealed to the international community and, in particular, to the countries of the Entente with a call to prevent violence on its territory and ensure the security of the Armenians of the region. “Unfortunately, crimes against the Armenians of Nakhichevan were not limited to the history of the 20th century only, but they also received a new manifestation in our days, when the Azerbaijani authorities, having finally evicted the Armenians from Nakhichevan, also carried out a systematic and massive destruction of the Armenian cultural heritage. As a result, thousands of Christian monuments were completely destroyed, including churches, monasteries and khachkars (cross stones – ed.) In Dzhug, Agulis and other places. The destruction by the Azerbaijani army of thousands of khachkars of Dzhugi, considered to be masterpieces of medieval Christian art, which is documented in video recordings, will remain in world history as an unsurpassed manifestation of cultural barbarism,” the spokeswoman emphasized.
Prosecutors to Reopen Probe Of 1999 Armenian Parliament Killings Cont. from page 15
shyan, the wife of the slain parliament vice-speaker Yuri Bakhshyan, petitioned Armenia’s Office of the Prosecutor-General to overturn that decision. Bakhshyan lawyer, Zaruhi Mejlumyan, told RFE/ RL’s Armenian service on Thursday that the office has granted the request, meaning that the Special Investigative Service will have to reopen the inquiry. Mejlumyan said the prosecutors have also given her and her client access to materials of the suspended probe. “There are materials which can be sufficient grounds for continuing the investigation,” she said without elaborating. Some observers expected a renewed probe of the parliament shootings in the weeks leading up to the
prosecutors’ decision. In October this year, a parliament deputy extremely critical of Kocharian visited Hunanyan at a Yerevan prison and talked to him for two hours. The lawmaker, Arman Babajanyan, claimed to have received important information from the jailed ringleader but did not publicize it. Babajanyan’s statements fueled speculation that the current Armenian authorities may implicate Kocharian in the 1999 killings. The former president is already in jail, standing trial on charges mostly stemming from the 2008 post-election violence in Yerevan. He denies the accusations as politically motivated. Aram Sarkisyan, Vazgen Sarkisyan’s brother and successor who has for years alleged Kocharian’s possible involvement in the attack, cautioned later in October that Hunanyan’s potential fresh testimony must not be taken at face value. He said Hunanyan could falsely incriminate the ex-president in hopes of being released from prison.
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Էջ 18
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ARMENIAN COLLAGE & PHILANTHROPIC ACADEMY IS WITH YERVANT ZORIAN
On December 12, 2019, Dr. Yervant Zorian paid a curtesy visit to the Armenian College and Philanthropic Academy of Kolkata. Dr. Zorian, Central Board member of Armenian General Benevolent Union (AGBU), the largest Diaspora organisation was welcomed by Very Rev. Father Movses Sargsyan, Mr. Sunil Sobti and Mr. Never Sargsyan. During the meeting they discussed about the Armenian college and churches as well as Armenian community in India. Dr. Zorian was pleased to learn about community initiatives and college’s vision to become one of the prominent and advanced educational institutions in India and in the larger SAARC region. The guest of honor has been provided with a briefing about the college’s future plans and efforts to achieve excellence in provision of quality education. Possible further cooperation opportunities were discussed particularly establishing links between the Armenian College of Kolkata and Armenian Virtual College (AVC) of AGBU – an online education platform to provide knowledge in the Armenian Studies for anyone in any point of the world. Within the framework of the visit Dr. Zorian had a spontaneous meeting with senior students of the Armenian College. While Dr. Zorian told his inspirational story about how he managed to promote growth from a start-up to a corporation, the students had a chance to ask questions to Dr. Zorian. The
message of Dr. Zorian was: “To think of a goal in life and be passionate about it”. A tour in the premises of the college were arranged after which Dr. Zorian expressed his gratitude and appreciation for the impressive work that the College is engaged in protecting Armenian identity, community in India as well promoting Armenian culture. He noted the significant positive changes in comparison with his visit in 2005. Dr. Zorian is a Chief Architect and Fellow at Synopsys, as well as President of Synopsys Armenia. He received an MS degree in Computer Engineering from University of Southern California, a PhD in Electrical Engineering from McGill University, and an MBA from Wharton School of Business, University of Pennsylvania.
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 19
AGBU Celebrates a Decade of Showcasing Armenian Musical Talent at Carnegie Hall
All musicians perform “Scherzo on Themes” by Komitas.
On the sixth of December, a diverse audience of music lovers congregated at the Weill Recital Hall in the world-renowned Carnegie Hall to celebrate the tenth anniversary of the AGBU Performing Artists in Concert, organized by the AGBU New York Special Events Committee (NYSEC). The concert raised over $50.000 for AGBU performing arts initiatives worldwide. Commemorating a decade of emerging Armenian artists and Armenian culture, the concert featured the extraordinary talents of young Armenian musicians who have honed their performance skills with the help of AGBU Performing Arts scholarships. The AGBU New York Special Events Committee is proud to celebrate the achievements of talented Armenian students from around the world who have received AGBU Scholarships from to help them pursue studies in the performing art NYSEC, founded in 2004, is comprised of 11 dedicated volunteers committed to organizing cultural and educational events that showcase these rising stars in the greater New York area. “This concert presents their great versatility, mastery, and artistry in their chosen genre,” said NYSEC Chair Nila Festekjian. “We are thrilled to have assembled such an outstanding representation of talent.” The annual event is just one of the many examples of how the AGBU Performing Arts Department (PAD) has been educating global audiences about Armenian culture through varied programs and international events. This year’s emerging and established artists are from an array of countries including Armenia, Japan, Russia, Syria and the United States. The concert debuted the vocal talents of soprano Anush Avetisyan, piano protégé Nara Avetisyan, and violin virtuoso Karen Israelyan, alongside Yulia Musayelyan and Mher Mnatsakanyan, who displayed their command of ancient Armenian folk instruments such as the duduk and zurna.
Performance of Pardy Minassian’s “Lour Da Loure,” winner of 2018 AGBU Sayat Nova International Composition Competition with Anush Avetisyan (voice), Yulia Musayelyan (duduk) Mher Mnatsakanyan (zurna) Lauren Williams Oulbegian (oboe) Cornelia Sommer (oboe).
Guitarist Saro Babikian and Pardy Minassian opened the concert rendered children’s folk songs by Komitas, continuing the worldwide commemoration of the great Armenian musician’s 150th anniversary. Oboist Lauren Williams Oulbegian joined bassoonist Cornelia Sommer in performing George Philip Telemann’s “Partita No. 1.” Sixteen-year-old cellist Laura Navasardian amazed the audience with her dexterity in performing Aram Khachaturian’s “Dance of Aisha,” “Waltz,” and “Sabre Dance” accompanied by the violin and piano. AGBU Performing Arts Scholarship offer grants for full-time study in the arts to gifted students at the undergraduate and graduate level. Performers hail from prestigious institutions such as the Julliard School, Yale School of Music, Cleveland Institute of Music, the Vienna Conservatorium, and the Yerevan State Komitas Conservatory. The biennial AGBU Sayat Nova International Composition Competition has been inviting musicians of all heritages to submit original pieces based on a selected theme since 2006. Designed to introduce Armenian traditions to a wider audience, the competition encourages applicants to compose pieces for an ensemble of western classical and Armenian traditional instruments, drawing inspiration from Armenian poets. This year’s theme was women’s rights in Armenia, drawing inspiration from 20th century poet Silva Kaputikyan. The three winners receive a cash prize in addition to the opportunity to perform in prestigious venues. PAD Director Hayk Arsenyan pointed out that this year, they were able to enlist a wider panel of judges from around the world, thanks to a powerful software application VoxNovus which makes remote participation a Cont. on page 20
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
AGBU Celebrates a Decade of Showcasing Armenian Musical Talent at Carnegie Hall
Cont. from page 20
streamlined and effective process. The winner of the competition Aleppo native Pardy Minassian, conducted the premiere of her original composition Lour Da Loure (“News, it’s News”), based on the love story by Kaputikyan. According to her, the shepherd in this forbidden romance is intended to “represent the Armenian nation” likening the shepherd’s perseverance to win the hand of the daughter of a noble family to Armenia’s indominable spirit, despite the class barriers of the time. With powerful spoken words from Avetisyan, accompanied by a duduk rendition by Yulia
Karen Israelyan (violin) Laura Navasardian (cello) and Nara Avetisyan (piano) perform pieces by Aram Khachaturian.
Performers, NYSEC committee members, and PAD Director Hayk Arsenyan assemble for a group photo.
Musayelyan, traditional zurna notes from Mher Mnatsakanyan, in addition to oboe melodies from Lauren Oulbegian and bassoon tunes from Cornelia Sommer, this avant-garde fusion of traditional Armenian instruments and Western-influenced poetic oration captivated the audience. “The journey from Aleppo to Carnegie Hall is nothing short of miraculous,” stated AGBU Scholarship Program Officer Leslie Williams. “It is thanks to you, our generous audience members and the AGBU Special Events Committee, that Pardy is here tonight. And since we’re in New York, as Sinatra sang it best, ‘If you can make it here, you can make it anywhere.’” The evening concluded with a lively arrangement of Grigor Arakelian’s piece “Scherzo on Themes by Komitas,” performed by all ten musicians, a final tribute to the beloved Komitas. Donors joined the artists in a post-concert dinner to celebrate the concert’s success. “The goal of this concert was achieved,” said Hayk Arsenyan, the director of PAD. “We wanted to showcase the talents of scholarship recipients at a prestigious venue and raise funds to help future generations of artists connect with the world through AGBU.”
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 21
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Ամփոփ պատմական ակնարկ մը Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան անցեալը լի է սխրագործութիւններով եւ «գրոց յիշատակի» դէպքերով: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքի անձնազոհութեան: Գրիգոր Պատրիարք երբ ստանձնեց իր պաշտօնը, պատրիարքութիւնը խեղդուած էր ահաւոր պարտքերու մէջ եւ կրնար կոսնցնել Ս. Աթոռն ալ, կալուածներն ալ եւ վանքապատկան սրբավայրներն ալ: Կացութիւնը ճգնաժամային էր: Օրուան Պատրիարք Հայրը՝ Գրիգոր Շղթայակիր (17041715) կ’որոշէ դիմել անձնազոհութեան ամէնէն յատկանշական միջոցին: Ան կ’որոշէ շղթայակապ շրջիլ հայկական բնակավայրերը՝ Հալէպ, Արեւմըտեան Հայաստան, Կիլիկիա, Պոլիս եւ այլուր եւ գումար հանգանակել վասն Միաբանութեան փըրկութեան: Քանի մը տարի շրջագայելէ ետք հայ աւանդապահ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մեծով փոքրով, առետրականներով թէ ամիրաներով կ’իրականացնեն Պատրիարք հօր սուրբ երազանքը: Մեր պատրիարքութիւնը կ’ազատուի, բայց Գրիգոր Պատրիարք կը շարունակէ մնալ իր շղթաներով, մինչեւ որ ազգին երեւելիները ի վերջոյ կը համոզեն զինք որ մէկդի նետէ իր շղթաները, որովհետեւ օտարներու աչքին կրնայ ժխտական տպաւորութիւն թողել ատիկա: Այդ շղթաները այսօր կը պահուին Ս. Յակոբայ գանձարանին մէջ: Ունեցած ենք այլ Պատրիարք հայրեր, որոնք համեստութիւնը ունեցած են անձամբ այցելելու Մեքքա, Սալահետտին Էյուպին բարեացակամ գտնուած է Միաբանութեան հետ եւ յատուկ հրովարտակով հաստատած է Հայոց իրաւունքները՝ խիստ տպաւորուած օրուան պատրիարքի իմաստութեամբ, Պատրիարքութիւնը ընդառաջ գացած է Մեմլուքեան եւ Օսմանեան սուլթաններուն՝ յանուն Միաբանութեան յարատեւութեան եւ հայապատկան սրբատեղիներու պահպանման: Սրբոց Յակոբեանց տաճարը նուիրուած է երկու Յակոբներուն։ Ըստ քրիստոնէական եւ հայկական աւանդութեան, Տաճարը իր նախնական ձեւին մէջ կառուցուած է Քրիստոսի աշակերտներէն եւ Յովհաննու Մկրտիչի եղբօր` Յակոբի նահատակման վայրին վրայ. ան քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ կը նկատուի առաջին նահատակը։ Միւս Յակոբը Տեառնեղբայրն է, Քրիստոսի
մեծ եղբայրը, որ եղաւ Երուսաղէմի Ա. Եպիսկոպոսը։ Նահատակ Յակոբ գլխատուած է Հրեաստանի Հերոդ արքային կողմէ 44 թ. Ք.ե: Անոր գլուխը կը գտնուէր Տաճարի հիւսիսային պատին մէջ կառուցուած խորհրդաւոր մատուռի մը մէջ, ապա Սուրբին գլուխը փոխադրուած է աւելի ապահով տեղ մը Մայր Տաճարի խորանին տակ։ Այս իսկ պատճառաւ Մայր Եկեղեցին կը կոչուի նաեւ ԳԼԽԱԴՐԻ տաճար։
Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնն այսօր Այսօր, Քրիստոնէութեան հոգեւոր մայրաքաղաք Երուսաղէմի պատմական տարածքէն (Հին քաղաք) ներս, ի Բեթղեհէմ եւ Եաֆֆա ու Յորդանան գետի ափին, հայութիւնը ներկայութիւն մըն է իր հայապատկան սրբատեղիներով: Պէտք է անպայման նշել նաեւ թէ Սուրբ Յարութեան տաճարի (ուր կը գտնուի Տիրոջ Որդւոյն Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը) մէկ երրորդը հայութեան կը պատկանի, որուն հոգը սիրայօժար իր Շարունակութիւնը էջ 22
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ Շարունակութիւն էջ 21-էն
ուսերուն վրայ կը տանի նաեւ Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը: Դեռ վերջերս երեք յարանուանութիւններ միասնաբար ի հիմանց նորոգեցին Ս. Գերեզմանը, որուն ծախսերուն մէկ երրորդը հոգաց Հայաստանեայց Եկեղեցին: Անհարկի յոխորտանքի պէտք չկայ, բայց պէտք է ըսեմ թէ Հին Քաղաքը (պարիսպէն ներս) շատ բան պիտի կորսնցնէր իր հմայքէն եթէ յանկարծ օր մը հայութիւնը կորսնցնէր իր ունեցածը: Հին Քաղաքի մէկ հինգերորդը հայութեան կը պատկանի: Այստեղ պէտք է նշեմ թէ Երուսաղէմի վրայ քրիստոնէական (Խաչակրաց) թագաւորութեան շրջանին, հայազգի Մելիսենտէ բարեպաշտ թագուհին (Պոլտուին թագաւորի կողակիցը), որ եղած է շատ աւելի ազդեցիկ ու սիրուած քաղաքական ու պետական կին գործիչ մը (1105-1161) քան կարգ մը այլ թագաւորներ ու իշխաններ: Ան պատկառելի բարերարութիւններ կատարած է Հայ Երուսաղէմին՝ նուիրելով նոր կալուածներ եւ ամրապնդելով Միաբանութեան դիրքերը (թաղւած է Գեթսեմանէի Ձիթենեաց պարտէզի Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Երուսաղէմը (եւ Իսրայէլը) սուղ քաղաք մըն է եւ ունի մաքսային ու հարկային խիստ օրէնքներ, որոնցմէ ոչ մէկը կրնայ խուսափիլ, հետեւաբար այս եւ այլ պատճառով Պատրիարքութիւնը յաճախ կը յայտնուի նիւթական ծանր վիճակներու մէջ, բայց բարեբախտաբար այդ նոյն Միաբանութիւնը իր զոհողութիւններով, հայ հարուստներու նուիրատուութիւններով, հայ ուխտաւորներու մեծ ու փոքր սրտաբուխ նուէրներով, Պաղեստինեան հեղինակութիւններու օժանդակութեամբ յաջողած է դուրս գալ ճգնաժամերէ: Տողերուս հեղինակը 2014-2017 թուականներուն պաշտօնավարած է Պատրիարքութենէն ներս որպէս «Սիոն» ամսաթերթի պատասխանատու խմբագիր, Թարգմանչաց վարժարանի աւարտական դասարանի արեւմտահայերէնի ուսուցիչ, Հոգեւոր Ընծայարանի արեւմտահայերէնի եւ Սփիւռքի պատմութեան դասախօս բարձր կարգի ուսանողներուն եւ սարկաւագներուն եւ մասնակի խորհրդական Պատրիարք Հօր: Այս ընթացքին աշխատանքիս բերումով կրնամ ըսել բաւական քաջատեղեակ եմ մեր յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն կամ խնդիրներուն: Այս օրերուն Միաբանութիւնը պէտք է հոգայ բազմաթիւ ծախսեր՝ պաշտօնեաներու աշխատավարձ, տասնեակներով Միաբանութեան ան-
դամներու սնունդի ապահովութիւն, բժշկական ապահովութիւն, կենցաղային ծախսեր (ելէկտրական ու ջուրի հոսանքներ, մաքրութիւն), սպասարկող ինքնաշարժներ, ճամբորդական ծախսեր եւ այլն: Ասոնց դիմաց Միաբանութեան եկամուտները խիստ անբաւարար են տասնամեակներ առաջ կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ կատարուած վարձքային ոչ-արհեստավարժ որոշումներու հետեւանքով, կարգ մը հոգեւորականներու անխոհեմ քայլերու պատճառով եւ այլն: Վերջին տասնամեակին բարեբախտաբար հայրենի հարուստ ձեռնարկատէրեր ի Հայաստան եւ Ռուսաստան, զգալի նուիրատուութիւններով ու շինարարական ծախսերու մասնակցութեամբ մեղմացուցած են մեր բեռը: Իմ գնահատմամբ, ըլլայ Երուսաղէմի թէ Բեթղեհէմի հայապատկան սրբավայրերը այս քաղաքներուն ամէնէն աչքի զարնող վայրերէն են. բոլոր զբօսաշրջիկներն ու ուխտաւորները, որոնք թէկուզ հարեւանցի կը ծանօթանան Միաբանապատկան սրբավայրերուն հիացումով ու պատկառանքով կ’արտայայտուին: Երուսաղէմի հայկական տարածքը գտնուելով դէպի Դաւիթ թագաւորի գերեզմանը եւ հրեաներու Լացի պատը տանող ճամբուն վրայ, յանկարծ «կը յայտնաբերեն» մեր պատկառելի շինութիւնները, ընծայարանը, Ցեղասպանութեան յուշարձանը, խաչքարերու կոթողը՝ իւրաքանչիւրը նուիրուած Արեւմտահայաստանի քաղաքներէն մէկուն: Շատեր նոյնիսկ լսած չըլլալով «հայ» եւ «Հայաստան» անունները, ինքնաբերաբար անզուսպ ցանկութիւն մը կ’ունենան իրենց անտեղեակութիւնը սրբագրել, անոնք կը փափաքին մեր կալուածներէն ներս մտնել՝ հարցնելով թէ արտօնուա՞ծ են դարպասէն ներս մտնել: Շարունակութիւնը էջ 23
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 23
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ Շարունակութիւն էջ 22-էն
Ի հարկ է մեր անթուլ եւ արթուն պահակները սիրով ներս կը հրաւիրեն զանոնք: Ես անձնապէս յաճախ, երբ առիթներով գտնուած եմ պահակատունը, առաջնորդած եմ այդ խումբերը եւ ցոյց տուած եմ մեր տեսարժան անկիւնները՝ յաճախ ակնարկելով Ցեղասպանութեան: Այս խումբերը շատ յաճախ լուր ալ չեն ունեցած թէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կատարուած է հայերու հանդէպ, եւ հարցուցած են, թէ կա՞յ թանգարան, որպէսզի այցելեն եւ աւելի ամբողջական գաղափար ունենան մեր ազգին մասին: Վերը ըսի «տեսարժան անկիւններ»: Ահաւասիկ անոնք՝ նախ Սրբոց Յակոբեանց խիստ տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր տաճարը հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն յատկանիշներով, ապա Մեծ բակը, բնակելի տուները բակին շուրջ եւ աւելի խորքերը, Ս. Թորոս մատուռը, որ կը ծառայէ որպէս գրապահոց-մատենադարան շուրջ 4․000 մատեաններով, որոնց թագն ու պսակը կը հանդիսանայ հայ մեծագոյն մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի Կիլիկիոյ թագաւորութեան Կեռան Թագուհիի Աւետարանը (1272): Տպաւորիչ ու գողտրիկ եկեղեցի մըն է Ս. Հրեշտակապետացը, որուն բակին մէջ կը գտնուի «Քրիստոսի հրաշագործ ձիթենին»: Վեջինիս ճամբուն վրայ կառուցուած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց հռչակուած վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան: Դպրոցէն քիչ առաջ իր տպաւորիչ տեսքով կանգնած է նախկին ընծայարանը (գործ՝ Պալեան եղբայրներու), վերջինիս յարակից շինութիւնները՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան արդիական գրադարանը եւ Մարտիկեան թանգարանը: Այս վերջինս Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած է որպէս որբանոց, որուն պատերուն վրայ մինչեւ օրս կը կարդացուին որբերու անուն-մականունները իրենց ծննդավայրերուն յիշատակութեամբ: Վերջերս այս շինութիւնը կը նորոգուի Նուրհան պատրիարք Մանուկեանի ծրագրով վերածուելու համար ցեղասպանութեան թանգարանի՝ միաժամանակ արտացոլելով ու ներկայացնելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակութային նուճումները: Խիստ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն այս մէկը այն առումով որ գտնուելով Միաբանութեան տարածքին մէջ անիկա առիթ պիտի տայ օրական հարիւրաւոր այցելուներու, որպէսզի մօտէն ծանօթանան Հայ ժողովուրդին ու անոր անկոռնչելի դատին:
Նախքան Բ. մասին անցնիլը, պէտք է ըսեմ թէ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը միակ երաշխիքն է հայ գաղութին, որուն կարեւորագոյն մասը կ’ապրի վանքէն ներս եւ կը վայելէ Պատրիարքութեան հովանաւորութիւնն ու նեցուկը: Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը բացառիկ հաստատութիւն մըն է գաղթաշխարհի թէ հայրենի հայութեան համար. Անիկա մեր հայութեան պատիւն է, որով իւրաքանչիւր հայ պէտք է հպարտ զգայ, այցելէ Քրիստոնէութեան համար բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այս եւ այլ սըրբավայրերը:
Հոգեհանգիստ
Յունաստանի մելգոնեանցի սան սանուհիները, հոգեհանգիստ կը խնդրեն անմահ բարերարներ՝ Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու անթառամ յիշատակին, ինչպէս նաեւ՝ հաստատութեան հանգուցեալ բոլոր կրթական մշակներու յիշատակին: Հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Կիրակի, 12 Յունուար, 2020-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին Փերիսթէրիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հարիւր տարիներու պատերազմը… Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նախակրթարանի եւ երկրորդականի դըպրոցական տարիներուն` Պէյրութ, մեր կրթական ծրագրին մէջ նաեւ ներմուծուած էին պատմութեան դասապահերը` թէ՛ հայոց պատմութիւն, թէ արաբերէն լեզուով «թարիխ», որ մէկ մասն էր պետական քննութիւններու ծրագրին: Իսկ պետական քննութիւնները մեր ժամանակ պիտի սկսէին նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի սերթֆիքայի քննութիւններէն հասնելու համար իններրորդ դասարանի պըրըվէի քննութիւններուն, ապա պաքալորէայի քննութիւններուն` առաջին եւ երկրորդ մասերով: Բայց պատմութեան դասապահերուն մէջ հետաքրքրական կերպով կային կրկնուող իրականութիւնները: Վերջապէս, չէ՞ որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»… Մեր կրթական ծրագրին մէջ, գէթ` երեք պետական քննութիւններու պարագային, կար կրկնուող պատմութիւնը: Հոն էին Լեռնալիբանանի կառավարիչները եւ մեզի հպարտութիւն ներշնչող Տաուտ փաշան, որ հայ էր, պիտի հասնէինք նաեւ մինչեւ վերջին կառավարիչը` Յովհաննէս Գույումճեան փաշան, որ նոյնպէս… հայ էր: Մեզի համար այլ երկընտրանք չէինք կըրնար տեսնել` բացի հայուն անունները գոց սորվելէ: Եւ պիտի չուշանար Մայիս վեցը` Լիբանանի նահատակաց տօնը եւ անոր պատմութիւնը: Նախակրթարանի տարիներէն սկսեալ եւ հետեւողականօրէն միջնակարգ եւ բարձրագոյն` կային քսանեւմէկ քաղաքական ու մտաւորական գործիչներու կախաղանները եւ անոց նահատակութիւնը, որոնք բոլորը պիտի մարմնաւորուէին Պուրճի կեդրոնական հրապարակի Նահատակաց յուշարձանին մէջ: Իրարու ետեւէ գալարուող այս նոյն պատմութիւններուն մէջ կար նաեւ միջազգային պատմութեան բաժինը եւ անոր մեծագոյնը` հարիւր տարիներու պատերազմը միջին դարուն, արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Անգլիոյ թագաւորութեան եւ ֆրանսական արքունիքի միջեւ, երբ հինգ թագաւորական սերունդներ անհատնում պայքարներ մղած են: Այդ տարիներուն մեր պատանեկան մտածողութեամբ եւ երեւի անմեղ հայեացքով մը կեանքին ընդհանրական վիճակներուն ու անցուդարձերուն հարց պիտի տայինք: Բայց ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ պատերազմ մը հարիւր տարի երկարի: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ կրնային տոկալ ու ապրիլ, հապա կեանքե՞ր` ի՞նչ տեսակի բովանդակութիւն եւ ընթացք պիտի ունենային պատերազմական վիճակի մէջ: Ու հապա հաշուա՞րկը… Հարիւր երկար տարի-
ներ… Կեանքի փորձն ու փորձառութիւնը պիտի սորվեցնէին, որ մարդուն, հաւաքականութեան եւ երկիրներու պատմութիւնը եւ անոր հոլովոյթները կրնային երկար եւ երկարաշունչ ըլլալ: Ասիկա աւելիով սկսանք սորվիլ եւ անդրադառնալ`որպէս լիբանանցիներ, երբ սկսան 1975 Ապրիլի քաղաքացիական կռիւները: Երեւի ոչ կռիւ…այլ` պատերազմ… «Թարիխ»-ի դասերը ամբողջացուցած էինք: Սորված էինք այդ բոլոր կրկնուող պատմութիւնները` նախակրթարանէն սկսեալ: Հասած էինք աւարտական տարին` երկրորդական բաժնին մէջ, երբ սկսաւ մեր… երկար տարիներու պատերազմը: Մեր սորվածին նմանութեա՞մբ… Հարիւր տարիներու պատերա՞զմը… Եթէ պատերազմը եղաւ հանգրուանային, այսպէս ըսած` կռիւ-խաղաղութիւն «փուլային» թէ «փաթեթային» տարբերակներով, բայց ընդհանուր մթնոլորտը միշտ ալ անորոշ էր: Պատերազմկռիւը ընթացաւ տարբեր բովանդակութիւններով եւ պարունակներով` մէկ կողմէ զինուորական առճակատումներու նաեւ` քաղաքական-համայնքային: Մթնոլորտներ, որոնք մէկ-մէկ ապրեցանք իւրաքանչիւրը իր «համոյթով»: Այդ օրերուն` 1975 տարիներուն, չեմ գիտեր, եթէ կրնայի պատկերացընել, թէ պիտի հասնէինք այսօր` 2019 տարուան վերջաւորութեան, երբ պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէր… 1975 երկրորդական վարժարանի մեր աւարտական դասարանէն երեւի մնացինք միայն երկու դասընկերներ`ամբողջ Լիբանանի մէջ: Իմ բարեկամները մէկ-մէկ սկսան լքել երկիրը` չուզելով ապրիլ այս անապահով վիճակներուն մէջ: Կային տակաւին «մարգարէական» տեսութիւնները այդ օրերէն սկսեալ. «Այս խնդիրները երկար են: Աւելի Շարունակութիւնը էջ 25
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 25
Հարիւր տարիներու պատերազմը… Շարունակութիւն էջ 24-էն
լաւ է` ձգել ու երթալ»: Ճի՞շդ էին…երեւի…չեմ գիտեր․․․Հապա՞ ես ու իմ նմաննե՞րը… Սխալեցա՞նք…Առիթը չունեցա՞նք… Այսպէս պիտի քակէինք մեր ապրած օրերու իւրաքանչիւր օղակը, որուն հետ ու անոր մէջէն` մեր ապրած իւրաքանչիւր փորձառութիւնը: Վախը, սարսափը, ճնշումը, ընկճուածութիւնը, առեւանգումները եւ հասնելով…մահուան` մօտիկ եւ հեռաւոր անձինք: Այդ իւրաքանչիւր օղակին մէջ կար կեանք մը, որ ապրեցանք` թէկուզ, անորոշ: Կեանքը չէր կեցած…Կը շարունակուէր…Այդ շարունակուող եւ իրար կապուած սարսափազդու օղակներուն մէջէն սկսայ տեսնել, որ իմ սորված «թարիխ»-ի դասերս որքան իրական են եղեր, թէ նոյնքան իրական է հարիւր տարիներու պատերազմը։ Մեր կեանքերուն մէջ սկսան նաեւ կազմաւորուիլ լիբանանեան, բայց նաեւ լիբանանահայու ապրելու վճռակամութիւնը եւ կեցուածքը: Այդ կեցուածքին հետ` նաեւ նկարագիրը: Սկսանք սորվիլ, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել լիբանանցի ըլլալ, բայց նաեւ` հայ…եւ վերջապէս` լիբանանահայ: Լիբանանահայ գաղութի ու անոր ղեկավարութեան միասնական ու հաւաքական «դրական չէզոքութիւնը» ցոյց տուաւ, որ տագնապին ու պատերազմին հոլովոյթներուն մէջ գաղութին որդեգրած կեցուածքը եղաւ հեռատես եւ գաղութը խնայեց աւելի ծանր վնասներէ ու կորուստներէ, քան այն, ինչ որ պատերազմը պատճառեց: Վերջապէս, պատերազմական կեանք ապրեցանք, եւ կարելի չէ ըսել, որ վնաս երբեք չունեցանք, անպայմանօրէն ունեցանք, բայց անիկա նուազ էր: Ասիկա արդիւնք էր գաղութի խոհեմ կեցուածքին եւ միասնական դիրքորոշումին: Եթէ 1990-ին զինուորական առճակատումները, այսպէս ըսած, դադրեցան, բայց ոչ երեւի` համայնքային-քաղաքական, քաղաքացիական ու, տակաւին, տնտեսական եւ ընկերային: Մենք սորվեցանք, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքի թնճուկը որքան ներքին է ու տակաւին, արտաքին: Մեր այս գեղեցիկ երկիրը միշտ ալ «քաշքըշուքի» ենթարկուած է իր համայնքային-քաղաքական կառոյցներուն միջեւ: Մեր 1975 թուականի որդեգրած միասնական կեցուածքն ալ փոխուեցաւ եւ ստացաւ տարբեր պիտակ: Երեւի մեր երկրի տարիներու վրայ երկարած ընդհատումբախում եւ պայքարով լեցուն կեանքերուն մէջ կեցուածքնե՞րն ալ կրնան փոխուիլ…Բայց այդ փոխուած կեանքերով նաեւ սորվեցանք, որ մեր երկրին քաղաքական-ընկերային թէ համայնքային «վերիվայրումներուն» մէջէն, եթէ ոչ միշտ, յաջողութիւններ արձանագրեցինք` որպէս լիբանանա-
հայ գաղութ, հոն էր, ուր առանձին գործեցինք: Այսօր Լիբանան դարձեալ ճգնաժամի մէջ է: Այս ալ հարիւր տարիներու մէկ շաղկապն է: Ներկայ ճգնաժամը որակուած է որպէս ըմբոստութիւն` տիրող փտածութեան եւ կաշառակերութեան ընդհանուր իրավիճակին դէմ` պայքար: Յստակ է, որ դարձեալ անորոշ վիճակի մէջ մտած ենք որպէս երկիր, ի տարբերութիւն նախկին վիճակներուն` մինչեւ այսօր տակաւին չկան զինեալ առճակատումներ, աղօթենք ու մաղթենք, որ այդ մէկը չըլլայ. այսուհանդերձ, տագնապն ու անորոշութիւնը իրենց ծանրագոյն վիճակին մէջ առկայ է: Նկատի ունենալով, որ գործիս բերումով անընդհատ ճամբորդութիւններ կը կատարեմ, հետեւաբար ստիպուեցայ վերջին այս իրադարձութիւններուն քանիցս գիշերել Պէյրութի օդակայանի մէջ` խուսափելու համար ճամբաներու փակումէն եւ թռիչքին չհասնելու կացութենէն: Եւ հոն` օդակայանի ոչ հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ, սկսայ մտածել այն երկար ճամբուն մասին, որ քալեցինք Լիբանանի մէջ: Այդ երկար ճամբուն թիւերու եւ տարիներու հաշուարկը եղաւ արդէն քառասունեւհի՞նգ…Տակաւին չենք հասած հարիւր տարիներու «տեսլականին»…Բայց արդէն բաւարար է հասկնալու, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ կեանքը այն պատմութեան դասերուն մէջ, որ սորվեցանք: Ընդհանրապէս փորձած եմ այդ «ինչո՞ւ» հարցումներուն մէջ ինքզինքս չչարչրկել: Ինչո՞ւ իմ բարեկամներն ու ընտանիքի հարազատները պիտի մեկնէին այլ տեղ, եւ ես կեանքս պէտք էր շարունակէի Միջին Արեւելքի մէջ: «Ինչո՞ւն» երեւի պատասխան չունի: Չեմ ալ գիտեր, թէ հարիւր տարիներու պատերազմի ժամանակ երբեւիցէ ունէ՞ր: Բայց կայ միւս հարցումը` «ի՞նչ ըրինք» եւ «ի՞նչ պիտի ընենք»: Չեմ գիտեր, թէ հորիզոնին վրայ կ’երեւի՞ շուտափոյթ լուծում: Պիտի տեսնել, թէ ինչպէս երկիրը, նոյնպէս ալ մենք` որպէս լիբանանահայ գաղութ կ’անցնինք ապահովական եւ յատկապէս տնտեսական-ընկերային ճգնաժամէ ու մանաւանդ` անորոշութենէ: Տակաւին չենք խօսիր ընկճուածութեան, հոգեբանական ու հոգեկան տագնապներու մասին… Պէտք է նաեւ յստակացնել եւ ընդունիլ, որ լիբանանահայ գաղութի կարողականութիւնը` մարդուժի, ղեկավարութեան ու այլ, այն չէ, ինչ որ էր 1975 տարիներուն: Եթէ այս օրերու ճգնաժամի ու տագնապի պարունակը տարբեր է, քան այն, ինչ որ էր քառասուն եւ աւելի երկար տարիներ առաջ, տակաւին կը մնայ տագնապը իր բոլոր բովանդակուՇարունակութիւնը էջ 26
Հայ Կեանք
Էջ 26
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ամանորի շնորհաւորական ուղերձը Շարունակութիւն էջ 1-էն
Անցնող 2019 թուականը հետյեղափոխական առաջին ամբողջական տարին էր եւ 2018 թուականի Դեկտեմբերի 31-ի իմ ամանորեայ ուղերձում ձեզ խոստացել էի, որ 2019 թուականի ընթացքում մենք նուաճելու ենք նոր բարձունքներ, արձանագրելու ենք նոր յաջողութիւններ եւ առաջին հերթին մեր երկրի սոցիալ տնտեսական կեանքում: Ուրախ եմ փաստել, որ տեսանելի, շօշափելի ու չափելի բազմաթիւ արդիւնքներ ենք արձանագրել անցնող տարուայ ընթացքում: 2019 թուականի արդիւնքներով Հայաստանը ամենամեծ տնտեսական աճն է ունենալու ոչ միայն մեր տարածաշրջանում, ոչ միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքում, ոչ միայն ԱՊՀ-ում եւ հետխորհրդային ողջ տարածքում, այլեւ ենթադրաբար՝ Եւրոպական տարածաշըրջանում: Հայաստանը վստահաբար 2019 թուականի տնտեսական աճի ցուցանիշներով աշխարհի առաջատար երկիրների թիւին է դասուելու: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կարող են տեսնել եւ զգալ մեր տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները. 2019 թուականի ընթացքում Հայաստանում նորոգուել են այնքան ավտոճանապարհներ, որքան 2015, 16, 17 թուականներին միասին վերցրած: Բարձրացել են զինուորականների, փրկարարների, ուսուցիչների, անտառապահների, բազմաթիւ բուժաշխատողների աշխատավարձեր, 2020 թուականի Յունուարի մէկից բարձրանում են բոլոր տեսակի կենսաթոշակները եւ նպաստները, աւելանում է նուազագոյն աշխատավարձը:
Իրականացւում են զուտ սոցիալական ծրագրեր. պիւճէի միջոցների հաշուին մանկատան 300 սաներ, ում պետութիւնը դեռ 2003 թուականից բնակարան յատկացնելու պարտաւորութիւնն ունի, ի վերջոյ ստանում են բնակարաններ: Լուծուում է զինթոշակառուների բնակարանային խնդիրը, ինչի համար յատկացուել է աւելի քան 8 միլիառ դրամ: 1 միլիառ 500 միլիոն դրամ է յատկացուել 121 փախստական ընտանիքների բնակարանով ապահովելու համար. նման ծրագիր Հայաստանում նախկինում երբեք չի իրականացուել: Եւ ուրախ եմ արձանագրել, որ հիմա Հայաստանը գտնւում է աղքատութեան՝ ամենացածր մակարդակի վրայ, նման հաշուառում իրականացընելու մեկնարկի օրուանից ի վեր: Մեր երկրի միջազգային պահուստները հասել են աննախադէպ ծաւալների, գերազանցելով 2,8 միլիառ տոլարը, 2019 թուականի պետական պիւճէի հարկային եկամուտները գերակատարուել են աւելի քան 100 միլիառ դրամով: Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ ծրագրեր է իրականացնում, որոնց միջոցով հազարաւոր ընտանիքների աջակցում է աշխատանքով յաղթահարել աղքատութիւնը եւ կառուցել բարեկեցութիւն: Կարեւոր է ընդգծել նաեւ, որ 2018 թուականի Մայիսից ի վեր Հայաստանում ի յայտ է եկել շուրջ 84 հազար նոր աշխատատեղ, անշեղօրէն նուազում է գործազուրկների թիւը: Դեռ աւելին, այսօր Հայաստանում հազարաւոր թափուր աշխատատեղեր կան: Շարունակութիւնը էջ 31
Հարիւր տարիներու պատերազմը… Շարունակութիւն էջ 25-էն
թիւններով: Այս տագնապը ստեղծած է տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ, ընկերային բարդութիւններ, անորոշութիւններ: Ընդունինք նաեւ, թէ շատ պիտի ըլլայ լիբանանահայերու թիւը, որոնք պիտի ուզեն գաղթել: Ահա հոս կը սկսի մեր պարտականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, որ այս բոլոր իրավիճակները դիմագրաւենք դարձեալ հաւաքական միտքով եւ կեցուածքով` հաւաքականը իր ներքին ու արտաքին ծաւալներով: Ներքինը` ներլիբանանեան մեր կեանքերուն տալ միասնական կազմակերպչական ընթացք եւ կառոյց, բայց նաեւ` արտաքինը: Արտաքինը` գաղթող ուզողները նաեւ համադրուած ու կազմակերպուած ձեւով
առաջնորդել մայր հայրենիք: Ուշադիր ըլլանք, որ այս ճգնաժամին ու քաոսային իրավիճակներուն մէջէն լիբանանահայը իր փրկութեան լաստը «հոս» թէ «հոն» չնետէ… Հարիւր տարիներու պատերազմը: Մեր պատմութեան իւրաքանչիւր դասը դարձաւ ու կը դառնայ ապրող իրականութիւն: Այդ օրերուն` միջին դարաշրջանին իր ապրող կեանքով, մեր օրերուն` իմ եւ իւրաքանչիւրիս եւ մեր բոլորին ապրող փորձառութեամբ: Այս փորձառութիւնը պէտք է վերածել ապրելու եւ գոյատեւելու հրամայականի: Հրամայական` ապրելու եւ գոյատեւելու հաւաքական ջանքով: Հաւաքական ջանքը`«հարիւր տարիներու պատերազմի» մէջէն ու տակաւին…
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 27
Լեզուաբանական
Ուղղագրական առեղծուած մը ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Եթէ ձեզմէ մէկը յանձն առնէ «Նոր հայկազեան»-ն ու «Արմատական»-ը մանրակրկիտ թերթատել, ապա պիտի նկատէ, որ մեր բառերուն եւ արմատներուն գանձարանը եղող այս զոյգ բառարաններուն մէջ չկայ որեւէ միաւոր, որուն մէջ յ տառէն առաջ ե կամ է գտնուի. այլ խօսքով՝ չունինք՝ ո՛չ եյ եւ ո՛չ էյ: Առ այժմ մէկ կողմ ձգենք էյ-ը՝ աւելի ուշ կը տեսնենք զայն: Գայթակղեցուցիչ է բացակայութիւնը եյ-ին, քանի որ այս հնչիւնախումբը համարժէքն է հնդեւրոպական ei-ին, որուն աւելի կամ պակաս կը հանդիպինք մեզի ծանօթ հնդեւրոպական բոլոր լեզուներուն մէջ. --յունարէն՝ apodeixis, ardeia, enchéleis, eis, poseidon, apoikeia, politeia... --լատիներէն՝ dei, deinde, diei, eia, hei… --ֆրանսերէն՝ sein, seize, treize, reine, serein… --անգլերէն՝ eight, heir, height, weird… --իտալերէն՝ dei, lei, mei, nei, sei, saprei, vorrei... --գերմաներէն՝ ein, zwei, arbeit, eleison, heinz, schreiben, zeitung, Heinrich Heine, weil... --ռուսերէն՝ Лейка -- ցնցուղ (ֆրանսերէն douche ըսուածն է) Клейстер -- օսլայի խիւս, շրէշ, Сейнер -- ծովային ձկնորսանաւ, Затейник -- սրամիտ, հնարամիտ, զուարճախօս, կատակաբան, Шлейф -- քանի մը իմաստ ունի՝ տուտք, քարշակ, տեսակ մը տափան, տեսակ մը ուռկան,... Իսկ մեր բառերու եւ քերականութեան սերտողութիւնը կը թելադրէ եյ երկբարբառի բազմաթիւ պարագաներ, որոնք սակայն...բացակայ են, չկա՜ն: Հապա ո՞ւր են անոնք, եւ ի՞նչ առեղծուած է այս: Ահա նման առեղծուածի մը լուծումին է որ կը լծուինք հիմա: *** 1) Աչքի առաջ ունենանք կարդալ բայի ներկան եւ անկատարը, որոնք կու տան՝ կարդամ–կարդաս–կարդայ (լ> մ-ս-յ) կարդայի–կարդայիր–կարդայր (լ> յի-յիր-յր)
Ուրեմն ներկայի մէջ կարդալ-ին լ բաղաձայնը դարձաւ մ-ս-յ, իսկ անկատարի մէջ ան դարձաւ յի-յիր-յր: Ասոնք հայերէնի դիմային մասնիկներն են անխտիր մեր բոլոր բայերուն, այսինքն՝ այս մասնիկներուն շնորհիւ է, որ հայերէնի աւելի քան եօթը հազար բայերը առանց որեւէ բացառութեան դէմք, թիւ, ժամանակ ու եղանակ կը ստանան: Հիմա այս դիմային մասնիկները փոխադրենք ել լծորդութեան բայի մը վրայ. օրինակ՝ վազել-ին: վազե-մ վազե-ս վազե-յ վազե-յի վազե-յիր վազե-յր Ուրեմն այս յարացոյցին մէջ կը գտնենք չորս բայաձեւեր, որոնք պէտք է եյ ունենային եւ չունին. այդ եյ-ին փոխարէն մենք կը գտնենք է՝ վազէ, վազէի, վազէիր, վազէր: Այսինքն՝ փոխանակ գրելու եյ, Մեսրոպ կանոնագրած է գրել է: 2) Առնենք հիմա ուրիշ բառախումբեր. օրինակ՝ աշտեայ, երկաթեայ, քրիստոնեայ բառերը, որոնց նմանութեամբ ունինք մեծաթիւ ուրիշ բառեր եւ որոնք կը վերջանան եայ եռաբարբառով: Այս բառերը շեշտափոխութեան, պատմական հնչիւնափոխութեան եւ բառակազմութեան բերումով՝ նախ կը կորսնցնեն իրենց եռաբարբառին ա ձայնաւորը, որ կը դառնայ՝ եայ>եյ, իսկ այս վերջինին փոխարէն մենք կը գտնենք է. Այսինքն՝ աշտեայ > աշտեյ > աշտէ երկաթեայ > երկաթեյ > երկաթէ քրիստոնեայ > քրիստոնեյ > քրիստոնէ Օրինակ՝ քրիստոնեայ-քրիստոնէականքրիտոնէութիւն... Ուրեմն այստեղ եւս ե ու յ իրարու հանդիպելով տուած են է եւ ոչ թէ եյ: 3) Հիմա տեսնենք քանի մը մեկուսի բառեր: ***Մեր ձէթ բառը փոխառութիւն է քիչ մը անծանօթ սեմական աղբիւրէ: Շատ հաւանաբար ասորերէնէ: Բոլորս գիտենք, որ գոնէ արդի արաբերէնի մէջ ան կ’արտասանուի զեյթ: Թրքերէնի մէջ ան նմանապէս զեյթ կ’արտասանուի: Մեզի փոխատու լեզուին մէջ ալ ան պէտք է ունեցած ըլլայ այս նո՛յն արտասանութիւնը, եւ ուրեմն երբ օրին նոր փոխ առինք զայն ձէթ ուղղագրութեամբ, մենք ալ այս Շարունակութիւնը էջ 28
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Ուղղագրական առեղծուած մը Շարունակութիւն էջ 27-էն
Ծանօթ.– Օտարին զ հնչիւնը հայերէն դիւրաւ կը դառնայ ձ. օրինակ՝ պարսկերէն darzak հայերէն տուած է դերձակ, ուր z>ձ:
զուներուն մէջ կը համապատասխանէ մերթ կարճ e-ի, մերթ երկար ē-ի եւ ոչ ուրեմն ei երկբարբառին: Զանց կ’ընեմ մանրամասն օրինակները՝ տաղտկալի չդարձնելու համար յօդուածս. հետաքըրքրուողները կը յղեմ Հ. Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ին մէջ այդ լեզուներէն կատարուած փոխառութիւններու ցանկերուն: *** Երկու խօսք ալ էյ-ին մասին:
***Սեր եւ սէր Այս բառերը պէտք է զանազանուէին իրենց արտասանութեամբ, այլապէս Մեսրոպ տարբեր ուղղագութեամբ պիտ չգրէր զանոնք: Իսկ ո՞ւր էր այդ զանազանութիւնը. պարզ է՝ առաջինը կ’արտասանուէր ser, իսկ երկրորդը կ’արտասանուէր seir, այսինքն՝ սեյր: Եւ ճիշդ այս վերջին արտասանութիւնն ալ յանգած է սէր ուղղագրութեան:
Այս երկտառը ներկայիս կը գտնենք միայն օտար յատուկ անուններու մէջ, ինչպէս՝ Ալէյ, Պէյրութ, Պոմպէյ, Զէյթուն, Ռէյֆուն եւ այլն եւ որոնց ուղղագրութիւնը տգիտութեան հետեւանք է, քանի որ այդ օտար անուններուն մէջ լսուող ու գրուող երկբարբառը մեր վերը տեսած ei-ն է, որ երբեմն ալ ey-ով կը գրուի (օրինակ՝ Beirut Beyrouth) որուն համարժէքը հայերէն եյ է:
բառը անշուշտ կ’արտասանէինք ձեյթ եւ ոչ թէ ձեթ, ինչպէս այսօր կ’արտասանենք: Եւ այս ձեյթ արտասանութիւնն ալ յանգած է ձէթ ուղղագրութեան՝ է-ով (եյ>է):
Եզրակացութիւն Ուրեմն մեր է տառը յղացուած է իբրեւ եյ-ը փոխարինող երկբարբառ մը: Այլ խօսքով՝ ան երկբարբառ մըն է, եւ ճիշդ այս պատճառով ալ գրաբարի արդի ձեռնարկներու մէջ ան չի դասուիր պարզ ձայնաւորներու շարքին: Մեսորպեան այբուբենի 36 տառերէն 35-ը պարզ հնչիւններ նշած են, միայն մէկ հատը՝ է-ն, երկբարբառային է, այսինքն՝ կը նշէ երկու հնչիւն՝ ե+յ: *** Ժամանակը քանդած է մեր երկբարբառները, բոլո՛րը[1], նաեւ եյ երկբարբառը, այս վերջինը մասնաւորաբար դարձած է ե՝ կորսնցնելով իր յ կիսաձայնը: Ահա թէ ինչու մենք այսօր սեր եւ սէր բառերը կ’արտասանենք նո՛յն ձեւով: Նոյնհետայն ե կ’արտասանենք բոլոր է-ով գրուող բառերը: Այլ խօսքով՝ է=եյ երկբարբառը այլեւս գոյութիւն չունի աշխարհաբարի մէջ, եւ ճիշդ այս պատճառով ալ Մանուկ Աբեղեան 1922-ին մեր այբուբենէն վըտարեց է տառը, քանի անոր համապատասխանող ուրոյն հնչիւն չունինք: Սակայն աւանդութեան սիրոյն կը պահենք այդ վաղեմի է-ն: Ծանօթ.– Ընթերցողը պէտք է զգուշանայ թիւրիմացութենէ մը, որ հետեւեալն է. մեր արդի ուղղագրութեան բոլոր է-երը եյ երկբարբառի ներկայացուցիչներ չե՛ն անպայման: Ունինք յունական, ասորական եւ պարսկական բազմաթիւ փոխառութիւններ, որոնք գրուած են է-ով, որ այդ լե[1] Մեր բազմաթիւ երկբարբառներէն մնացած է միայն «իւ»-ն, երբ զայն կ’արտասանենք «ու-թիւն»-ին մէջ. օրինակ՝ բարու-թիւն, մաքրու-թիւն, մեծու-թիւն: Իսկ ան կը չքանայ, երբ այս նոյն բառերը կ’արտասանենք՝ բարութ-յուն, մաքրութ-յուն, մեծութ-յուն տարբերակով:
Քանի որ է համարժէք է եյ-ի, փոխարինենք զայն Ալէյ-ին մէջ, եւ պիտի ունենանք՝ Ալեյյ, իսկ այսպէս արտասանուող տեղի անուն չկայ, թող որ արտասանելի ալ չէ ան: Պարագան նոյնն է բոլոր միւսներուն համար: Ուրեմն նմանները պէտք է հայերէն տառադարձուէին եյ-ով՝ Պոմպեյ, Ալեյ, Զեյթուն, Ռեյֆուն եւ այլն:
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ 2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ Շարունակութիւն էջ 5-էն
բութիւնը՝ Յուլիս 22-23 օրերուն (1920), որուն յաջորդեց Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութիւնը Օգոստոս 4-5 (1920), գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոս՝ Միհրան Տամատեանի։ Աւելին, նոյն տարուայ Օգոստոս 10-ին Սեւրի մէջ ստորագրուեցաւ պատմական դաշնագիր մը, որուն հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընը առաջադրեց որպէս իրաւարար վճիռ Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելիք Արեւմտահայաստանի 4 նահանգները։ Այսօր, 100 տարի ետք, վերապրող ու պահանջատէր սերունդին պարտքն է ու պարտականութիւնը անմիջապէս ձեռնարկել մօտիկ անցեալին մաս կազմող մեզի վիճակուած պապենական հողին վերադարձը իր իրաւատիրոջ։ 21-րդ դարու այս կարեւոր հանգրուանին հայ ժողովուրդը պէտք է ներկայանայ միաձայն, մէկ կեցուածքով ու մէկ պահանջատիրութեամբ, հանդիսանալով մեր հզօրութեան աղբիւրը որպէս տեսլական ու յանձնառութիւն մեր պահանջատիրութեան։ Կարեւոր պէտք է դարձնել համահայկական Շարունակութիւնը էջ 30
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» 2020
Արձանագրութիւնները սկսած են։ Զարմանազան» 2020՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, Յուլիս 12-էն մինչեւ Օգոստոս 7: Պիտի ունենայ միաժամանակ երեք բաղադրիչներ. 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական ծրագիր մը, 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը, Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն, ու վաւերացուած Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին (Ինալքոյին) կողմէ։ Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին։ Ասոնց կարգին՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, երաժշտական եւ մարմնային արտայայտութեան զարգացում, թատերական խաղեր, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային եւ մարզական խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ։ «Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է։ Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբին մասնակիցները անհրաժեշտ է որ գիտնան առնուազն միջին մակարդակով հայերէն մը։ Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, 15 ուսուցիչ միայն կ՚ընդունի։ Ծրագիրը կ՚առա·
·
·
Էջ 29
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ՝ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
Լիբանանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական զարգացումները անդամալուծած են երկրին առեւտրական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլեւայլ գործունէութիւնները: Մեկնելով այս մտահոգիչ իրավիճակէն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց ՀԵԸ-ի բոլոր սկաուտական շարժումներուն, վարչութիւններուն եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Գրասենեակին միջոցով բարեգործական ծառայութիւններու օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Կոչ կ’ուղղենք Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցիլ լիբանանահայութեան զօրավիգ կենալու մեր ճիգերուն: Բոլոր ան հայորդիները որոնք կ’ուզեն օգտակար դառնալ, բարեհաճին հեռաձայնել ՀԵԸ-ի գրասենեակ հեռ: 04 523 043 կամ 81 366 074: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ։ Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք www.gulbenkian.pt/ armenian-communities կայքէջը։ Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 19 Յունուար 2020, Կրինուիչի ժամով ժամը 23։00-ին։ Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատենք 6 Փետրուար 2020-ին։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծըրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։
Էջ 30
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
«Արմէնփրես»-ը մուտք կը գործէ նոր հարիւրամեակ. պետական գործակալութիւնը 101 տարեկան է
Հայաստանի առաջին` «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը կը նշէ հիմնադրման 101-ամեակը: «Արմէնփրես»-ը հիմնադրուած Է 1918-ի Դեկտեմբեր 18-ին, երբ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Ազգային Խորհուրդի որոշումով ստեղծուեցաւ նախադէպը չունեցող պետական լրատուական` Հայկական հեռագրական գործակալութիւնը: Ներկայիս «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնը կը գործէ որպէս փակ բաժնետիրական ընկերութիւն, որի բաժնետոմսերը կը տնօրինէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Գործակալութիւնը ամենահինն է Հայաստանի մէջ: Ներկայ դրութեամբ այն կը թողարկէ շարք մը լրատուական ժապաւէններ` պաշտօնական, քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մարզային, տարածաշրջանային, միջազգային, մշակութային, մարզական, հարցազրոյցներ, նկարներ եւ վիտէո նորութիւններ: 2017-ի Նոյեմբերին ՀՀ կառավարութիւնը «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ռեսպուբլիկա Արմենիա» եւ «Հանրապետութիւն» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները «Արմէնփրես» փակ բաժնետիրական ընկերութեանը միացման ձեւով վերակազմակերպելու որոշում ընդունեց: «Արմէնփրես»-ի գործակիցները կը պահպանեն գործակալութեան առաջատար դերը հայաստանեան լրատուադաշտի եւ ամուր հիմքեր կը ստեղծեն տարածաշրջանային եւ միջազգային լրատուական հարթակներու՝ գործակալութեան ներկայութիւնն ապահովելու եւ զարգացնելու առումով: Գործակալութիւնը գործնապէս կը լուսաբանէ եւ միջազգային առաջատար լրատուամիջոցներուն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, հակահարուած տալով ատրպէյճանական քարոզչութեանը ու եղած է եւ կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան
միջազգային ճանաչման, թուրքական մերժողականութեան բացայայտման առաջատար դիրքերու վրայ։ Գործակալութիւնը օրական կը հրապարակէ մի քանի հարիւրի հասնող լուր հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներով։ «Արմէնփրես»-ը արթիւնաւոր կերպով կը գործէ ընկերային գրեթէ բոլոր հարթակներու մէջ։ Այն Հայաստանի եզակի լրատուամիջոցներէն է , որի դիմատետրի էջը վերիվայրեցուած է եւ որն ցանկագրուած է News google.com եւ Bing news միջազգային համակարգերու եւ «Յանդեքս» նորութիւններու կողմէ: Գործակալութեան կայքը կը համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներուն եւ հասանելի է թէ համակարգիչներու, թէ «խելացի» հեռախօսներու համար: «Արմէնփրես»-ը ունի բազմաթիւ բաժանորդներ ինչպէս Հայաստանի այնպէս ալ արտերկրի մէջ: «Արմէնփրես»-ի բաժանորդներու ցանկին մէջ բացի զանգուածային լրատւութեան միջոցներէն կան դեսպանատուներ, միջազգային կազմակերպութիւններ, դրամատուներ, վերլուծական կեդրոններ եւ այլն:
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ 2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ Շարունակութիւն էջ 28-էն
նկարագիրն ու տարողութիւնը, լուսարձակի տակ բերելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ընդհանրական երեւոյթները շեշտելով, ինչպէս նաեւ ներդաշնակելով ու համադրելով՝ հզօրացնելու համար որպէս մէկ ամբողջական համակարգ։ Այլ խօսքով, որպէս իրաւատէրը ու պահանջատէրը մեր արդար դատին, մեր պահանջքը պէտք է միասնաբար լսելի դարձնենք միջազգային համայնքին, որուն համար անհրաժեշտ են շիտակ ու անաղմուկ օգտագործել արդիական տեղեկատուական ու հաղորդակցական բոլոր ազդու միջոցները։ Ժամանակն է գիտակցելու մեր հաւաքական պարտաւորութեանց։ Ստեղծագործ ժողովուրդի մը արդար դատին ու հատուցման պահանջատիրութիւնը, պէտք է գիտնանք վառ պահել դարադարձային այս կարեւոր հանգրուանին, քանի այդ ժողովուրդը գիտցաւ գոյատեւել, ունենալ անկախ պետականութիւն, ու հիմա ալ պիտի շարունակէ մնալ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ իրեն վիճակուած իրաւունքներուն, մինչեւ իրականացումը հայ ժողովուրդի «Մեծ երազին»։
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 31
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ամանորի շնորհաւորական ուղերձը Շարունակութիւն էջ 26-էն
Սիրելի հայրենակիցներ. Մեր ձեռքբերումների ցանկը դեռ երկար կարելի է շարունակել: Այս թուարկումը, սակայն, անում եմ ոչ միայն 2019 թուականը ամփոփելու, այլեւ 2020 թուականի մեր նշաձողերը սահմանելու համար: Նոր տարին դիմաւորում ենք բարձր տրամադրութեամբ, ամրապնդուած ինքնավստահութեամբ, սեփական ուժերի եւ ապագայի նկատմամբ նորոգուած հաւատով: 2020 թուականը պիտի դառնայ այս համազգային տրամադրութեան, ինքնավստահութեան ու հաւատի անհատականացման տարի: Նոր տարում սեփական ուժերի եւ ապագայի նկատմամբ հաւատով ու եռանդով պիտի համակուեն նոյնիսկ թերահաւատները եւ մենք իւրաքանչիւր քաղաքացու պէտք է ուժ տանք, վստահութիւն, քաջալերանք, որ ինքը կարող է, ինքը ունակ է, ինքը ի վիճակի է ունենալ յաջողութիւններ՝ կրթութեան, կարիերայի մէջ, ձեռներէցութեան, արդար, ստեղծագործ, գրագէտ աշխատանքով արդիւնք ստեղծելու, հարստանալու եւ սեփական երկիրը հարըստացնելու գործում: Մենք ծաւալուն փոփոխութիւններ ենք իրականացրել հարկային օրէնսգրքում, որ 2020 թուականը դառնայ մեր քաղաքացիների տնտեսական ակտիւութեան բացառիկ տարի: Յեղափոխութիւնից յետոյ հարիւր միլիոնաւոր յաւելեալ տոլարներ են մտնում Հայաստանի Հանրապետութիւն, եւ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է մտածի, թէ ստեղծարար ձեռնարկատիրութեան ի՞նչ նախագծով կարող է իր մասնաբաժինը ստանալ այս ազգային հարստութիւնից եւ ազգային հարստութեան ի՞նչ մասնաբաժին ինքը կարող է ստեղծել: Սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանում հաստատուած են անհնարինը իրականութիւն դարձնելու ժամանակներ: 2018 թուականին շատ քիչերն էին հաւատում, որ հնարաւոր է երկրում իրականացնել ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնն, 2019-ին շատ քիչերն էին հաւատում, որ արձանագրելու ենք համաշխարհային ուշադրութեան արժանի տնտեսական ցուցանիշներ: 2020 թուականը դառնալու է թերահաւատների յուսաւառուելու եւ հաւատաւորների թռիչքի տարի, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, սոցիալական ու հոգեբանական թռիչքի տարի: Սա է այս յեղափոխական՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան բազմամարդ ու խինդառատ Հանրապետութեան հրապարակի այս
պահի խորհուրդը: Սիրելի հայրենակիցներ, 2019 թուականին մենք ըստ էութեան փակել ենք այսպէս կոչուած «80-ականների զէնքերի» ամօթալի էջը: Ընդամէնը օրեր առաջ Հայաստանը ձեռքբերեց ՍՈւ-30-ՍՄ գերժամանակակից բազմաֆունկցիոնալ ռազմական օդանաւեր եւ վերջապէս ունեցանք կործանիչ աւիացիա, ձեռք բերեցինք ՏՈՐ-Մ2ԿՄ հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան գերժամանակակից համակարգեր: 2019 թուականին վերջին տարիների համար աննախադէպ քանակի զէնք եւ զինամթերք ենք ձեռքբերել, որոնք կամ հենց 2019 թուականի արտադրութիւն են, կամ բոլորովին չօգտագործուած: Սա աննախադէպ իրավիճակ է մեր բանակի պատմութեան մէջ: Հարկ եմ համարում կրկին ընդգծել, որ գերժամանակակից այս զէնքերը մեզ անհրաժեշտ են խաղաղութեան եւ ոչ պատերազմի համար: Իսկ մեր խաղաղութիւնն ապահովում են այսօր, հիմա, հենց այս պահին առաջնագծում, սահմանին կանգնած եւ իրենց զօրամասերում մեզ հետեւող զինուորները, սպաները, գեներալները: Ամանորի այս հանդիսաւոր հարթակից հատուկ ողջոյններ եմ յղում նրանց եւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում մեր խաղաղութեան դիրքերում ամուր կանգնած լինելու համար: Ասեմ նաեւ, որ բանակում սկսուել եւ մեծ թափով առաջ է շարժւում զինուորներին բարձրորակ սննդով ապահովելու նոր համակարգի ներդրումը, որը լայն դրական արձագանք է գտել զինուորների, նրանց ծնողների եւ հանրութեան շրջանում: 2020 թուականի արդիւնքներով մըտադիր ենք սննդի ապահովման այսպիսի համակարգով ապահովել Հայոց բանակի բոլոր զօրամասերը ինչի արդիւնքում մեր զինուորների ամենօրեայ սեղանները կլինեն իրենց մատուցած ծառայութեանը արժանի..... Յատուկ ողջոյններ եմ յղում Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, արտակարգ իրավիճակների նախարարութեան, արդարադատութեան նախարարութեան այն ծառայողներին, ովքեր ամանորեայ այս րոպեները անցկացնում են ծառայութեան մէջ, ապահովելով երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում նրանց՝ ծառայութեան համար: Ջերմօրէն ողջունում եմ առողջապահութեան, էներգետիկայի, հեռահաղորդակցութեան, տրանսպորտի, հանրային սննդի ոլորտի այն աշՇարունակութիւնը էջ 34
Հայ Կեանք
Էջ 32
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
ՀԲԸՄի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Նոր Տարուայ ուղերձը Շարունակութիւն էջ 1-էն
Հ.Բ.Ը.Մ.ը, որպէս իր էութեամբ հայկական կազմակերպութիւն, ինքնավստահ եւ պատուով դիմագրաւեց այդ մարտահրաւէրները, ցուցաբերելով ներկայ հանգրուանին համար անհրաժեշտ ճկուն եւ նորարար գործելակերպ: Ինչպէս անցնող Փետրուարին կայացած Միութեան 90-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին մատնանշած էինք, մեր կազմակերպութիւնը, իր աւելի քան մէկ դարու ազգանուէր ծառայութիւններով եւ վերջին տարիներուն կատարած արդիւնաւոր աշխատանքներով, շարունակեց մնալ այժմէական եւ գործօն, տեղական համայնքային, համընդհանուր ազգային եւ հանրային լայն մակարդակներու վրայ: Նախորդ եւ ընթացիկ տարուան ընթացքին մենք ականատես եղանք պատմական անկիւնադարձային դէպքերու, հայրենիքի մէջ թէ մեր ապրած տարբեր երկիրներու հանրային կեանքերէն ներս: Ակնյայտ է որ նոր ժամանակաշրջան մը կը պարզուի մեր դիմաց, որ կը յատկանշուի արագ փոփոխութիւններով եւ աննախատեսելի իրադարձութիւններով, որոնք առաւել եւս կը շեշտեն նորարար եւ ճկուն գործելակերպի անհրաժեշտութիւնը, հայ ազգի ծառայութեան մեր առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւորութեամբ կատարելու համար: Այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին եւ արագօրէն փոխուող հայկական համայնքներու իրականութեան մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան յանձնառութիւնը եւ ազգի ծառայութեան մէջ անոր ներդրումին կշիռը, կը շարունակեն մնալ հաստատ եւ անշեղ: Այս առթիւ տեղին է արագ ակնարկով մը անդրադառնալ անցնող տարուան ընթացքին Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարբեր ծրագիրներուն միջոցաւ իրականացած նախաձեռնութիւններուն: Անոնցմէ ամենայատկանըշականը անկասկած, Միութեան ազգաշէն գործունէութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի ընկերային, տնտեսական զարգացման ուղղուած ռազմավարութիւնն է: Ինչպէս՝ «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գործարար Կանայք» (Women Entre-preneurs) ծրագիրը, նաեւ Արցախի մէջ տնտեսվարական եւ արհեստագիտական գիտելիքներու եւ օտար լեզուի ուսուցման շարունակուող ծըրագիրները, որոնք առաջնահերթ նպատակ ունին կանանց կարողութիւնները եւ տաղանդին ներուժը երկրի տնտեսական զարգացման կարեւոր լծակներէն մին դարձնել, նաեւ աշխատունակութեան մակարդակը բարձրացնել Արցախի մէջ: Ճարտարագիտութեան մարզի արագ աճը Հայաստանի մէջ եւ զայն որպէս ազգային որակ համաշխարհային ճարտարագիտական գլխաւոր կեդրոններուն ծանօթացնելու եւ անոնց հետ գործընկերական յարաբերութիւններ մշակելու կենսական անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը այդ ուղղութեամբ եւս կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնեց: Ի գործ դնելով Սիլիքըն Վէլիի մէջ
Միութեան ունեցած ազդեցիկ լծակները, այս տարուան սկիզբը, կազմակերպուեցաւ Հայաստանէն պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցը Սիլիքըն Վէլի, գլխաւորութեամբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ուր տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ խորհրդակցական նիստեր գլխաւոր ընկերութիւններու տնօրէններուն եւ ճարտարագիտական մարզի մասնագէտներու հետ: Իբր արդիւնք, ստորագրուեցաւ փոխադարձ հասկացողութեան համաձայնագիր մը, հայրենի պետութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի միջեւ, որով Հ.Բ.Ը.Մ.ը կամուրջ կը հանդիսանար Հայաստանի եւ Սիլիքըն Վէլիի միջեւ, ճարտարագիտական մարզի նորարար նախաձեռնութիւններու համար մատչելի աշխատավայր ապահելով հայրենի մասնագէտներուն: Միաժամանակ, Վարչապետին յանձնարարութեամբ, գործակցական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին Հայաստանի Ամերիկեան Համալասարանին հետ, Հայաստանի ճարտարագիտական ուսման ծրագիրներու բարեկարգումին ուղղութեամբ: Ի վերջոյ, Փարիզի Վիվա Թէքի առաջին Հայաստանեան Տաղաւարը միջազգային շրջանակներու համար յաջողութեամբ իրականացնելէ ետք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած Տեղեկատուական Ճարտարագիտութեան Համաշխարհային Համագումարին գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին հանդիսացաւ: Հ.Բ.Ը.Մ.ը Հայասանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու սերտացման եւ ամրապնդումին ուղղութեամբ առանցքային դեր կատարած է միշտ: Նախագահ Արմէն Սարգիսեան, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փոխ-Նախարարներ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի նորանշանակ Բարձր Յանձնակատարը, իրենց արտերկիր կատարած այցելութիւններու ընթացքին, հիւրընկալուեցան Միութեան տարբեր մասնաճիւղերուն կողմէ, յատկապէս կազմակերպուած հաւաքոյթներով եւ հանդիպումնրով, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը եւ զարգացումը իրենց խորհրդակցութեանց նիւթ դարձնելով: Միութեան ազգաշէն գործունէութիւնը կ'ընդգրկէ համայնքային կեանքի աշխուժացումը, տեղական տարբեր նախաձեռնութիւններով, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով արուեստներու նկատմամբ: Տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ կատարողական արուեստի բարձրորակ ելոյթները, մեր մշակոյթը կը ծանօթացնեն լայն շրջանակներու: Այդ ուղղութեամբ խորապէս գնահատելի է մեր մասնաճիւղերուն եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներուն ներդրումը, որոնք ճիգ չեն խնայեր իրենց համագործակցութեամբ եւ ստեղծագործական ծրագիրներով մեր ինքնութեան ընդհանրական ոգին դրսեւորելու եւ մեր մշակութային հարստութիւնները ի ցոյց բերելու աշխարհին: Շարունակութիւնը էջ 33
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Հայ Կեանք
Էջ 33
ՀԲԸՄի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Նոր Տարուայ ուղերձը Շարունակութիւն էջ 32-էն
Հ.Բ.Ը.Մ.ի կայուն ծրագիրները որոնք ուղղուած են երիտասարդութեան, անոնց մօտ կը մըշակեն ազգային կեանքի մասնակցութեան ոգի եւ առաջնորդական կարողութիւններ: Ամառնային Վարժողական ծրագիրները եւ Եւրոպայի «Կորիզ» ծրագիրը, երիտասարդներուն համար անհատականութեան մշակումի եւ արհեստավարժական փորձառութիւններ ձեռք բերելու համար իւրայատուկ առիթներ կը տրամադրեն: Նոյնպէս, Միութեան սկաուտական աշխոյժ խումբերը, կը շեշտեն համայնքին ծառայելու կարեւորութիւնը եւ կը նպաստեն ինքնութեան առողջ գիտացութեան մշակումին: Մեր Միութեան գործունէութեան դաշտը ընդարձակ է եւ ծաւալուն: Հայութիւնը միշտ եղած է առաւելաբար Սփիւռքի ժողովուրդ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ մեր տեսադաշտը ըլլայ լայն եւ ընդգըրկուն: Շատեր ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, մինչ Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր շըրջաններու մէջ Սփիւռքի նոր համայնքներ սկսած են կազմաւորուիլ: Անհրաժեշտ է հասնիլ անոնց, ներգրաւել ազգային կեանքէն ներս եւ վերամիաւորել զիրենք իրենց ազգային ժառանգութեան հետ: Այս մարզէն ներս Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերուն աշխատանքը հպարտութիւն կը ներշնչէ մեզի: Այս տարուան «Կիզակէտ»ի երկամեայ հաւաքը որ տեղի ունեցաւ Սան Փաօլոյի մէջ, Պրազիլ, ցարդ ամենամեծ թիւով մասնակիցներ ապահոված նախաձեռնութիւնն էր, 26 երկիրներէ ժամանած երիտասարդներով, ինչպէս Լիթվանիա, Չիլէ եւ Հարաւային Ամերիկա, որոնք եկած էին սերտացնելու իրենց բարեկամութիւնները եւ հասարակաց հետաքըրքութիւններու շուրջ խորհդակցութիւններ եւ երկխօսութիւն ունենալու իրարու հետ: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, արդիւնաւորութեամբ իրականացնելու համար իր առաքելութիւնը, կարեւոր է որ առաւելագոյնս ընդարձակէ իր ազդեցութեան գօտին եւ բազմապատկէ իր աջակցութեան տարողութիւնը: Այս իրականութենէն մեկնելով, անհրաժետ է երբեմն իրատեսօրէն առարկայական խորաքննին արժեւորումի ենթարկել Միութեան դիմաց ցցուող առաջնահերթութիւնները եւ կատարել համապատասխան վերադասաւորումներ: Այս մտահոգութեան եւ նման արժեւորումի արդիւնք էր անցեալ տարուան ընթացքին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի դպրոցներու միաւորումը, Անթիլիասի Կարմիրեան վարժարանի նորոգուած եւ ընդարձակուած կառոյցին մէջ, նաեւ Քալիֆորնիայի երկու դպրոցներու միացման ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին, աշակերտութեան համար կրթական աւելի լայն եւ որակաւոր կարելիութիւններ կ'ընձեռէ, թափ տալով նաեւ ինքնութեան գիտակցութեան զարգացումին նպաստող նոր ծրագիրներու մշակումին:
Ի վերջոյ, հպարտութեամբ կը նշենք, թէ մարդասիրական ոչ-շահամետ կազմակերպութիւններ արժեւորող Չէրիթի Նէվիկէյթըր հաստատութիւնը այս տարի Հ.Բ.Ը.Մ.ը դարձեալ չորս աստղանի գնահատականի արժանացուց, թափանցիկ գործունէութեան եւ կանոնաւոր հաշուետուութեան չափանիշերով, բարձրագոյն մակարդակի վրայ դասելով զայն: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահները միշտ նախանձախնդիր եղած են պահպանելու Միութեան բարձր վարկանիշը, որպէս ընդհանուրին վստահութեան արժանացած հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւն: Համոզուած ենք, որ ընթացիկ տարուան Փետրուարին մեզմէ յաւերժ բաժնուած Միութեան հինգերորդ պատկառելի նախագահ Լուիզ Սիմոն յատկապէս հպարտ պիտի զգար այս արժեւորումով: Իր նախագահութեան տարիները, 1989-2002, որոնց ընթացքին աշխարհը եւ մեր հայրենիքը դիմագրաւեցին աղիտալի իրադարձութիւններ եւ ծանրագոյն տագնապներ, խորապէս դրոշմուած պիտի մնան Միութեան պատմութեան պանծալի էջերուն վրայ: 21-րդ դարը բազմապիսի կարելիութիւններ եւ առիթներ կ'ընձեռէ մեզի, հպարտութեամբ դրսեւորելու մեր հայկական ինքնութիւնը: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը այն միջավայրն ու հարթակն է ուր լաւագոյնս կարելի է դրսեւորել անհատական տաղանդներ, յաջողութեան հասնիլ եւ ճանաչումի արժանանալ, միաժամանակ օգտակար հանդիսանալով ազգին եւ մարդկութեան: Միութեան տարբեր ծրագիրները, անկախ տարիքի, լեզուի, ընկերային դիրքի, պատկանելութեան, կամ աշխարհագրական վայրի տարբերութիւններէ, անխըտիր բոլորին լայն առիթներ կ'ընձեռեն, հաղորդուելու իրենց հայկական ժառանգութեամբ եւ առաւել եւս մշակելու իրենց ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը: Միասնականութեան այս ոգիով եւ յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած մեծ ընտանիքին, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուան ընթացքին օժանդակեցին մեր աշխատանքներուն: Մեր կամաւորները, նուիրատուները եւ պաշտօնէութիւնը, իրենց համընդհանուր ճիգերով, կը շարունակեն անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցանել եւ փայլուն ծրագիրներ իրականացնել: Առ այդ, ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն կը մաղթեմ առողջութեամբ եւ ուրախութեամբ լի արդիւնաւոր տարի մը: Յաջողութեան մաղթանքներով՝ Պերճ Սեդրակեան Նախագահ 30 Դեկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 34
Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի Ամանորի ուղերձը Շարունակութիւն էջ 1-էն
Անցնող 2019 թուականը պետական կեանքի վերակազմակերպման, նոր ծրագրերի, իրագործումների ժամանակ եղաւ: Հայրենական, ազգային եւ հոգեւոր մեր անդաստանում ունեցանք յաջողութիւններ: Դրական իրագործումների կողքին տակաւին առկայ են հրատապ լուծման կարօտ խնդիրներ եւ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք պահանջում են մեր ողջ ժողովուրդի համատեղ ջանքն ու աշխատանքը: Իւրաքանչիւրիս ծառայանուիրումի ոգին, պատասխանատուութիւնն ու դաւանած արժէքներն են, որ պիտի իրական դարձնեն հզօր հայրենիքի, պայծառ ապագայի մեր տեսիլքները: Նոր տարին նոր սկիզբ է մեր կեանքը նորոգելու եւ առաջընթացի ուղիներում հաստատուն պահելու: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք մեր ապրած իւրաքանչիւր օրուայ համար: Պատասխանատու ենք Աստուծոյ, մեր պատմութեան, մեր նախնեաց եւ սերունդների առջեւ: Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է, սիրելիներ, որ այս գիտակցութեամբ անենք առաւելագոյնը Հայաստանն ու Արցախը հզօրացնելու, մեր կեանքը խռովող երեւոյթները փարատելու, ամրապնդելու համերաշխութեան ոգին մեր հասարակութեան մէջ եւ միասնականութիւնը ազգային մեր կեանքում: 2020 թուականը հայրենաշինութեան եւ ազգային կեանքի պայծառացման տարի դարձնենք միմեանց հանդէպ սիրով, բարու մէջ մեր նախանձախնդրութեամբ եւ միշտ ապաւինելով Աստծուն, քանզի ինչպէս սաղմոսերգուն է ասում,- «Տէրը մօտ է բոլոր նրանց, ովքեր կանչում են Իրեն, բոլոր նրանց, ովքեր կանչում են Իրեն ճշմարտապէս (144:18): Ամանորի այս յուսառատ պահին Մեր ջերմ բարեմաղթանքներն ենք բերում ամենքիդ՝ պաշտօնեայ, գործարար, մտաւորական, արուեստագէտ, հողի մշակ ու աշխատաւոր, բոլոր բոլորիդ, ում ջանքերի, հաւատքի, նուիրումի շնորհիւ զօրանում են կամքն ու վճռականութիւնը կերտելու մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի անկասելի առաջընթացը: Հայրապետիս սէրն ու բարձր գնահատանքը՝ Հայոց բանակի իւրաքանչիւր քաջարի զինուորին: Մեր աղօթքն ու օրհնութիւնը՝ նոր տարին ծառայութեան մէջ դիմաւորողներին եւ այս պահին ընտանեկան օճախից հեռու գտնուողներին: Աղօթենք միասնաբար Մերձաւոր Արեւելքում դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր ժողովուրդի զաւակների, նաեւ նեղութեան մէջ գտնուողների, հոգով եւ մարմնով տկարների համար: Մեր աղօթքը բարձրացնենք աշխարհի խաղաղութեան համար՝ հայցելով, որ Բարին Աստուած Իր Սուրբ Աջի ներքոյ պահպանի մեր Հայ-
րենիքը, մեր ժողովուրդին ի Սփիւռս աշխարհի եւ արդիւնաւորի Հայաստանի եւ Արցախի մեր իշխանութիւնների ջանքերը դարերով փայփայած անկախ պետականութեան զօրացման ճանապարհին: Թող Փրկիչ մեր Տիրոջ սէրն ու առատ շնորհները միշտ ձեզ հետ լինեն, հովանի՝ ձեր կեանքին եւ ձեր ընտանիքներին: Շնորհաւոր նոր տարի»:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ամանորի շնորհաւորական ուղերձը Շարունակութիւն էջ 31-էն
խատողներին եւ ընդհանրապէս բոլոր այն մարդկանց, ովքեր Ամանորը դիմաւորում են ոչ թէ ընտանիքի անդամների հետ, այլ աշխատանքի մէջ: Եւ ի վերջոյ, ողջունում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին, մեր բոլոր հայրենակիցներին, Հայաստանում, Արցախում, Սփիւռքում... ու յատկապէս այն մարդկանց, ովքեր այս պահին այստեղ են՝ համայն հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի սրտում՝ Հանրապետութեան հրապարակում: Սիրում եմ բոլորիդ, հպարտանում եմ բոլորովդ եւ խոնարհւում եմ բոլորիդ առաջ: Եւ ծառայում եմ բոլորիդ. ձեր բոլոր ցաւերը իմ սրտում են, ձեր բոլոր կարիքները իմ մտքում են, ձեր բոլոր երազանքները իմ հոգում են: Ժպտացէք իրար սիրելի հայրենակիցներ, որովհետեւ Նոր տարին ահա, եկաւ: Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ: Եւ ուրեմն՝ Կեցցէ՛ Ազատութիւնը, Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ ապրում ենք եւ ապրելու ենք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում»։