Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 19(80)
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայաստանը Յունական ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մարդու դիւցազներգութիւն Իրաւունքներու խորհուրդի կամ անդամ՝ ստանալով 144 ձայն Հոկտեմբեր 28-ի «ՈՉ»ը
Ալեքսանդրոս Ալեքսանդրակիսի, 1940-ի Յունական դիւցազներգութեան նուիրուած շարքէն
79-ը տարիներ առաջ, 1940, Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, մինչ Աթէնքի բնակիչները հանգիստ կը քնանան, Իտալիոյ դեսպան Յունաստանի մէջ՝ Էմանուէլ Կրացիի ինքնաշարժը կը սուրայ դէպի Աթէնքի հիւսիսային արուարձան Քիֆիսիայի շրջանը գտնուող վարչապետ Եոաննիս Մեթաքսասի բնակարանը: Ժամը արդէն 3 էր երբ անբաղձալի այցելուն կ’ընդունուի յանձնելու՝ բռնապետ Պենիթօ Մուսոլինիի ստորագրութիւնը կրող վերջնագիր-նամակը, հետեւեալ պարունակութեամբ.-«Յունաստան պէտք է արտօնէ ազատ անցքը դէպի հիւսիսային Ափրիկէ՝ Իտալական ցամաքային, օդային եւ ծովային բոլոր ռազմական ուժերուն, օգտագործելով երկրին օդակայանները եւ նաւահանգիստները»: Վարչապետ Մեթաքսաս՝ Իտալիոյ դեսպանին աչքին նայելով, կը պատասխանէ. «Ուրեմն ա'յս պատերազմ կը նշանակէ»: Դեսպան Կրացի, «Բայց կարելի է խուսափիլ, եթէ դրական ըլլայ ձեր պատասխանը»: Վարչ. Մեթաքսաս կը պատասխանէ՝ գորացող «ՈՉ»ով մը, քաջ գիտնալով թէ կ'արտայայտէ ժողովուրդին փափաքը եւ ակնկալութիւնը: Այս կտրուկ խօսակցութենէն հազիւ 2,5 ժամ անց, ֆաշիստական Իտալիան զինակից ունենալով Ալպանիան, յարձակում գործեց հիւսիս-արեւմտեան Յունաստանի սահմաններու երկայնքին զանոնք խախտելով: Շարունակութիւնը էջ 2
Հայաստանը ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամ՝ 193 երկիրներու քուէարկութեամբ ստանալով 144 ձայն: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրառում կատարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ «Սա մեր երկրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւն է, յատկապէս մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան հարցում: Շնորհաւորում եմ բոլորիս», – գրած է վարչապետը: Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատըւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ 17 Հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի նիստի ընթացքին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանը ընտրուած է Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի (ՄԻԽ) անդամ 2020-2022 թուականներու ժամանակահատուածի համար։ Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածաշըրջանային խումբին Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի ընտրութիւններուն յատկացուած երկու թափուր տեղերու համար ներկայացուած էին երեք երկիրներու՝ Հայաստանի, Լեհաստանի եւ Մոլտովայի թեկնածութիւնները: Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը, ստանալով 144 ձայն, ընտրուած է առաջին փուլով (Լեհաստան` 124, Մոլտովա` 103 ձայն)։ Ընտրուելու համար անհրաժեշտ էր ստանալ անդամ երկիրներու մեծամասնութեան քուէն, այն է՝ 97 ձայն։ Շարունակութիւնը էջ 2
Էջ 2
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայաստանը ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու խորհուրդի անդամ՝ ստանալով 144 ձայն Շարունակութիւն էջ 1-էն
«Ձայների գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընտրութիւնը վկայում է միջազգային հանրութեան կողմից Հայաստանի Հանրապետութիւնում ժողովրդավարական վերափոխումների եւ մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների պաշտպանութեան ու խրախուսման ոլորտում գրանցուած նշանակալի առաջընթացի ճանաչման մասին», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ 2003 թուականին Հայաստանը երեք տարիով ընտրուած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի անդամ: Յանձնաժողովի գործունէութիւնը դադրած է 2006 թուականի Մարտին:
“Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան
Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան
Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Երեւան, լուսանկար՝ Վարդան Պետրոսեանի
Յունական դիւցազներգութիւն կամ Հոկտեմբեր 28-ի «ՈՉ»ը Շարունակութիւն էջ 1-էն
Յունաց ընդիմադրութիւնը եղաւ ստոյգ եւ խիզախ։ Յաջողեցան ո'չ միայն հեռացնել թշնամին, այլ նաեւ վերագրաւել շատ մը յունապատկան գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ: Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ՝ Ուինսթոն Չըրչիլ ի տես հերոսական եւ ռազմաքաղաքական մեծ կարեւորութեւն ունեցող յունական սխրանքները կ’ընէ հետեւեալ հաստատումը՝ որ մնաց համաշխարհային պատմութեան մէջ. «Մինչեւ հիմա կ’ըսէինք՝ յոյները կը կռուին հերոսներու նման, այսուհետեւ պիտի ըսենք՝ հերոսները կը կռուին յոյներու նման...»: Սոյն կացութիւնը կը շարունակուի մինչեւ յաջորդ տարուայ ամրան սկիզբը, երբ հիթլերական Գերմանիան յանձն կ’առնէ ամբողջացնել այն ինչ որ փորձած էր Իտալիան ու ձախողած նկատի ունենալով նոյնիսկ ռազմական կամ զինեալ ուժերու անհամեմատութիւնը՝ 163․000 իտալացիներ, 35․000 յոյներ: Բռնագրաւուած Յունաստանը մինչեւ 1945-ի գարնան, կրեց չափազանգ մեծ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւայլ վնասներ: Իսկ ընդիմութեան 219 օրերու ընթացքին զոհուեցան 13․676 զինուորներ եւ 4 տարուայ զոհուածներու թիւը հասաւ 750․000-ի՝ բնակչութեան 10%։ Խ․ Հ․ Ա․
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com
News in Pages 15-22 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Յայտարարութիւն
Էջ 3
Նախագահ Սարգսեանը մասնակցած է Ճափոնիոյ նոր կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ, Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական բանակի ձեռնարկած լայնածաւալ ռազմական, յարձակողական գործողութիւնները՝ Սուրիոյ եղբայրական պետութեան սահմանի ողջ երկայնքով։ Աւելին, մեծապէս հիասթափեցնող է այն փաստը, որ միջազգայնօրէն անօրինական ու ամբարտաւան Թուրքիոյ պատերազմական այս յանցագործ արարքը կ’իրականացուի Միջազգային հանրութեան անպատասխանատու եւ կրաւորական դիւանագիտական կեցուածքներուն ներքոյ: Եղածը, առաջին հերթին, Սուրիոյ պետութեան հանդէպ միջազգային իրաւունքի ոտնահարում է, Սուրիական պետութեան տարածքային ամբողջականութեան բռնազաւթում, ինչպէս նաեւ սահմանային շրջաններու բնակիչներու՝ անպաշտպան արաբ ժողովուրդի, կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ ուղղուած եւ ծրագրուած յանցագործութիւն, արիւնահեղութեան, սպանդի, վայրագութիւններու եւ տեղահանումներու նոր հանգրուանի սկիզբ։ Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ նաեւ կը գիտակցինք, որ այս պատերազմական վիճակէն անպայմանօրէն պիտի տուժեն նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցները, եւ հետեւաբար կը դիմենք ազգային մեր բոլոր կառոյցներուն, ՀՀ կառավարութեան, աւանդական կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, եկեղեցիին, որպէսզի իրողութեան լրջութիւնը համաչափ գնահատեն եւ ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, առաջին հերթին, կանխարգիլելու մարդկային կորուստի վտանգը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու տուժող ընտանիքներուն եւ համայնքին առ հասարակ։ Նաեւ կոչ կ’ուղղենք հայկական մամուլին եւ հասարակութեան, զերծ մնալու ապատեղեկատւութիւն տարածելու ապակողմնորոշող փորձէն։ Եզրափակելով, յիշեցման կարգով, ՌԱԿը համայն հայ ժողովուրդին զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ, ընդգծելով, որ միջազգային դիւանագիտութեան շահադիտականութեան ու մամուլի կողմնակալութեան մթնոլորտին մէջ, հակառակ այսօրուան՝ ժողովուրդներու իրաւունքի պաշտպանութեան համաշխարհային թատերաբեմէն հնչած մարդկայնութեան եւ համակեցութեան ժամանակակից քարոզներուն, Թուրքիոյ ժառանգած օսմանեան նկարագիրը եւ ծաւալապաշտական հեռանկարները տակաւին առկայ են եւ կը սպառնան հայութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան պետութիւններու եւ փոքրա-
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ տիկին Նունէ Սարգսեանը Ճափոնիոյ նոր կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան առիթով Թոքիո ժամանած բազմաթիւ հիւրերու, թագաւորական ընտանիքներու, պետութիւններու, կառավարութիւններու ղեկավարներու ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ մասնակցած են կայսրի գահակալութեան ու այդ առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան: Նախագահ Սարգսեանը շնորհաւորած է միապետին, գահակալութեան առթիւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդիսաւոր տօնակատարութեան շրջանակներուն զրուցած է Իսպանիոյ թագաւոր Ֆելիփէ VI-ի, Ուելսի արքայազն Չարլզի, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանկ-Վալտեր Շտայնմայերի, Աւստրիոյ Հանրապետութեան Դաշնային նախագահ Ալեքսանդր Վան տեր Պելլէնի, Ղազախստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի, Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Միշել Տեմերի, Մոնթենեկրոյի նախագահ Միլո Ջուկանովիչի, Թուրքմենստանի նախագահ Գուրբանգուլի Բերդիմուհամեդովի, Ղրղզստանի նախագահ Սորոնպայ Ժերենբեկովի, Ճափոնիոյ կայսեր գահակալութեան արարողութեանը Ֆրանսան ներկայացնող՝ երկրի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ։ մասնութիւններու խաղաղ կեանքին, բարեկեցութեան, զարգացումին եւ գոյութեան։ Ի դիմաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ռաֆֆի Պալեան Ատենադպիր
Մայք Խարապեան Ատենապետ 11 Հոկտեմբեր 2019
Էջ 4
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպում Փեքինկի մէջ անցկացուող միջազգային անվըտանգութեան հարցերով Սյանշանի 9-րդ համաժողովի ընթացքին, Հոկտեմբեր 22-ին կայացած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի առանձին երկկողմ հանդիպումը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, գեներալ-գնդապետ Վեյ Ֆենխեի հետ: Պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները բարձր գնահատած են հայ-չինական երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը ու գոհունակութիւն յայտնած ռազմական եւ ռազմատեխնիկական բնագավառի իրականացուող միջոցառումներու վերաբերեալ: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են երկու պետութիւններու ուսումնական հաստատութիւններուն զինծառայողներու փոխադարձ վերապատրաստման, խաղաղապահ առաքելութիւններու ներգրաւման եւ մարտական գործողութիւններու պատրաստութեան համատեղ մասնակցութեան հարցերը: Հանդիպման ընթացքին առաջարկներ փոխանակուած են հայ-չինական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիներու, ոլորտներու ու հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցերու շուրջ:
Թրամփի խորհրդականները առաջարկեցին Թուրքիոյ սպառնալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնի սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 13-ին մեկնարկեց Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի «Կորիզ» ծրագիրը։
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի խորհրդականները անոր առաջարկեցին քանի մը տարբերակներ, որպէսզի ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի մտադրութիւնը իրականացուի առանց արտօնելու Թուրքիոյ, որ ներխուժէ Սուրիա: Ազգային ապահովութեան խորհուրդի անանուն մնալ փափաքող պաշտօնատար մը «Նիուզուիք» թերթին յայտնեց, որ առաջարկներէն մէկը եղած է
«Կորիզ» ծրագիրը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան լաւագոյն արտացոլումն է երիտասարդ սերունդի հանդէպ ունեցած տեսլականի եւ միտուած է տաղանդաւոր հայ երիտասարդներուն զինել առաջնորդութեան անհրաժեշտ գիտելիքներով՝ միաժամանակ կամրջելով սփիւռքեան եւ հայաստանեան երիտասարդներուն: Թուրքիոյ սպառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49-ը, բացառութեամբ Միսիսիփիի, արդէն իսկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 5
Ներխուժած են Nouvelles d’Arménie ամսագրի խմբագրութիւն, տարած են համակարգիչներ Փարիզի մէջ անյայտ անձեր ներխուժած են ֆրանսալեզու Nouvelles d’Arménie ամսագրի խմբագրութիւն եւ տարած երեք համակարգիչ ու մէկ լուսանկարչական սարք։ «Համակարգիչները, որոնք էական շուկայական արժէք չունէին, սակայն կը պարունակէին ամսագրի յաջորդ թիւի նիւթերը, ինչպէս նաեւ որոշ զգայուն տեղեկատւութիւն (հասցէներ, տուեալներ, հարցազրոյցներ եւ այլն)։ Խմբագրութեան դուռը եւս կոտրուած էր», -ըսուած է այս կապակցութեամբ Nouvelles d’Arménie-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը դատապարտած է տեղի ունեցածը՝ այն գնահատելով որպէս «ոտնձգութիւն խօսքի ազատութեան նկատմամբ»։ Ֆրանսալեզու հայկական Nouvelles d’Arménie պարբերականը աշխոյժօրէն կը լուսաբանէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, իսկ վերջին շրջանին նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններուն առնչուող նիւթեր։
Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին պատմող գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները լոյս տեսան քարիւղի պաշարները եւ զբաղուած քարիւղի արտահանումով: 1930-ին Փարիզի մէջ ընտրուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ: Կիւլպենկեանի կտակին համաձայն` 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամը, որ նիւթական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ՝ հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Փորթուկալահայ գործարար եւ բարեգործ Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին պատմող «Պարոն հինգ տոկոս» գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակները ներկայացուեցան ընթերցասէրներու ուշադրութեան: Գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 15-ին: Ան լոյս տեսած է «Էդիթ պրինտ» հրատարակչութեան, իսկ թարգմանուած է Սիլվա Յովակիմեանի կողմէ։ Ճոնաթան Քոնլինի այս գիրքը կը բացայայտէ Կիւլպենկեանի հարուստ կենսագրութիւնը: Գիրքը ստեղծուած է Կիւլպենկեանի արխիւի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Գալուստ Կիւլպենկեան (1869-1955) հայ մեծանուն գործարար էր եւ բարեգործ: Ան անցեալ դարասկիզբը քարիւղի ընկերութեան ներկայացուցիչ ու քարիւղային դիւանագիտութեան մէջ ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկը: Ուսումնասիրած է Միջագետքի
ՀԱՅՈՑ ՎԻՇՏԸ Հայոց վիշտը անհուն մի ծով, Խաւար մի ծով ահագին, Էն սեւ ծովում տառապելով, Լող է տալիս իմ հոգին։ Մերթ զայրացկոտ ծառս է լինում Մինչեւ երկինք կապուտակ։ Ու մերթ յոգնած սուզւում, իջնում Դէպի խորքերն անյատակ։ Ոչ յատակն է գտնում անվերջ Ու ոչ հասնում երկնքին․․․ Հայաց վշտի մեծ ծովի մէջ Տարապում է իմ հոգին։ Յովհաննէս Թումանեան 1869-1923
Էջ 6
Հայ Կեանք
Գարեգին արք․ Պեքճեանը պիտի չառաջադրուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն
Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի թեկնածուներէն մէկը համարուող Գերմանիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը պիտի չառաջադրուի Դեկտեմբերին կայանալիք պատրիարքական ընտրութիւններուն: Այս մասին Պեքճեան սրբազանը յայտնած է նախօրէին պատրիարքարան ուղարկած նամակով: «Ներկայ պայմաններուն, երբ խախտուած են շուրջ 10 սրբազան եպիսկոպոսներու իրաւունքները եւ ջնջուած են անոնց թեկնածու ըլլալու հնարաւորութիւնները, ես յարմար կը նկատեմ, ի զօրակցութիւն անոնց, նոյնպէս չներկայանալ իբրեւ թեկնածու: Ուղեցոյցի սահմանափակումը պատրիարքարանի ապագայի համար վտանգ կը ներկայացնէ», – իր նամակին մէջ նշած է Գարեգին Պեքճեանը՝ միւս երկու թեկնածուներուն յորդորելով եւս չառաջադրուիլ՝ յանուն հաւասարութեան եւ արդարութեան: Շուրջ մէկ ամիս առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նոր պատրիարքի ընտրութեան համար պատրիարքարան ուղարկած էր համապատասխան կանոնադրութիւն, որուն համաձայն պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները: Այսպիսով, Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի չառաջադրուելու որոշմամբ պատրիարքի աթոռի համար երկու թեկնածու պիտի պայքարի՝ ներկայիս պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանն ու Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ
2018-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ, ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ» խորագրեալ հատորը, գեղատիպ եւ շքեղ տպագրութեամբ։ Գիրգը նուիրուած է հանրածանօթ ազգայինքաղաքական-հասարակական գործիչ՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին, որուն համակ կեանքը եղաւ ծառայութիւն ու նուիրաբերութիւն, իր ժողովուրդին ու հայրենիքին, իր սկզբունքային հայացքներուն, գաղափարական դպրոցին ու միութենական պատկանելիութեան։ Հատորին մեկենասն են ամերիկահայ եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ, բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Պերճ եւ Վերա Սեդրակեանները։ Հատորը կազմած ու խմբագրած է լիբանանահայ հանրածանօթ հրապարակագիր, վերլուծաբան, ՌԱԿ-ի Լիբանանի օրկան՝ «Զարթօնք» օրաթերթի երբեմնի խմբագիր Պարոյր Յ․ Աղապաշեան։ 388 էջերէ բաղկացած սոյն հատորը ՀԲԸՄ-ի հրատարակութիւն է ։ «Հայ Կեանք»ը վերջերս շնորհակալութեամբ ստացաւ սոյն գեղատիպ հատորը։
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 7
Կովկասի զարդ. Irish Examiner-ը` Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին ԵՐԵՒԱՆ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Ranair իրլանտական օդանաւային ընկերութեան Հայաստանեան շուկայ մուտք գործելու կապակցութեամբ իրլանտական Irish Examiner պարբերականը ներկայացուցած է Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը: Պարբերականը Հայաստանը բնութագրած է որպէս «Կովկասի զարդ»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` յիշեցնելով, որ Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը` պարբերականը նշած է, որ Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ հիասքանչ վանքեր եւ եկեղեցիներ,առանձնացնելով Գեղարդը ու Նորավանքը: Պարբերականը անդրադարձած է Սեւանայ լիճին եւ այլ ազգային պուրակներու: Հայաստան գալու պարագային պարբերականը առաջարկած է նաեւ այցելել Տաթեւի վանական համալիր եւ օգտուիլ աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիէն: Խօսելով Երեւանի մասին` Irish Examiner-ը նշած է, որ քաղաքի ճարտարապետութիւնը տպաւորիչ է: «Աշխոյժ, պատմական մայրաքաղաք, որը հպարտօրէն կը շարունակէ եւրասիական ժառանգութիւնը: Հայաստանի մայրաքաղաքը հարուստ է այնպիսի ճարտարապետութեամբ, որը արժանի է տեղ գտնել զբօսաշըրջային ուղեցոյցներու մէջ»,-ընդգծած է պարբերականը: Irish Examiner-ը շեշտած է, որ Երեւանը հարուստ է բազմաթիւ ճաշարաններով ու սրճարաններով, որտեղ կարելի է հրաշալի ժամանակ անցկացնել:
Հայկական լաւաշը՝ աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու երկրորդը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Հայկական լաւաշը ներառուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին: «CNN»ը հրապարակած է յօդուած մը, ուր ներկայացուած են աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, իսկ ցանկին մէջ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ հայկական լաւաշը: «Ի՞նչ է հացը: Այս հարցին մասին, հաւանաբար, դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը փափաքիք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ որ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին», գրած է յօդուածագիրը: Հեղինակը յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ մասնագէտներուն այն խօսքը, որ «հացը հիմնականին մէջ այն է, որուն մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»: «CNN» առանձին-առանձին ներկայացուցած է
Աֆղանիստանի, Պրազիլիոյ, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ, Պենկլատեշի, Քանատայի, Չիլիի, Չինաստանի, Եթովպիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ շատ մը այլ երկիրներու ազգային հացերը: «Գերմանիոյ Ուեսթֆալիա շրջանին մէջ հացթուխները քանի մը հատ հաց կը թխեն 24 ժամուան ընթացքին, իսկ ահա ցորենի ալիւրէն պատրաստուած հայկական լաւաշը գեղեցիկ տեսք կը ստանայ 30 վայրկեանէն, թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածագիրը: Յօդուածին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ լաւաշը թխելու գործընթացը եւ կը նշէ, որ ատիկա կը կատարուի հաւաքաբար։ «Երբ ձեր հայ կեսուրը մօտենայ՝ հացը ձեռքին, մի զարմանաք: Լաւաշը նորապսակներուն կը տրուի իբրեւ խորհրդանիշ առատութեան ու բարեկեցութեան: Լաւաշը պատրաստելու գործընթացը կը պահանջէ ընկերներու մասնակցութիւն: Այս աւանդական հացը թխելու ատեն կը համախմբուին կիները, կը պատրաստեն խմորը, յատուկ բարձի վրայ բարակ ու լայն բացուած խմորը ուժգին հարուածով կ’ամրացնեն նախապէս տաքցուած թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածին հեղինակը՝ ընդգծելով, որ այս գործընթացը մեծ վարպետութիւն կը պահանջէ: Լաւաշը հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն է, անիկա ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Էջ 8
Հայ Կեանք
ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հայկական ջոկատը Անթիլիասի մէջ
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Թուրքիա կ՛արգիլէ Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ձեռնարկը
«ԹՈՂ ԱՇԽԱՐՀԸ ԴԻՏԷ, ՀՈՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ, ԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿԸ ՋԱՐԴ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ԻՍԿ ՀՈՍ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ, ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼԾՈՒԱԾ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հայկական ջոկատը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Դեսպան Աթաբէկեան խօսք առնելով՝ զինուորներուն յայտնեց, որ անոնք կը գտնուին հայապահպանութեան կարեւորագոյն կեդրոնին մէջ, որ ոչ միայն Լիբանանի մակարդակի, այլ աշխարհսփիւռ հայութեան համար կենսական դերակատարութիւն ունի, ու ապա հրաւիրեց Արամ Ա․ կաթողիկոսը ուղղելու համար իր խօսքը։ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց անգամ մը եւս հայոց բանակի զինուորներուն հետ ըլլալուն համար եւ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայ զինուոր հերոս մըն է՝ պատրաստ իր կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատութեան եւ սա հայրենասիրութեան, հաւատքի, նուիրումի ու յանձնառութեան արտայայտութիւն է, ըսաւ ան՝ վկայակոչելով հայոց պատմութեան սրբագոյն պատերազմներէն Վարդանանց պատերազմը, ուր նոյնիսկ ոյժերու անհաւասարակշռութիւնը եւ ֆիզիքական ծանր կորուստները արգելք չհանդիսացան գերագոյն յաղթանակ արձանագրելու։ Հայրապետը աւելցուց, որ թերեւս այսօր եւս մեր դէմ կը պարզուին ծանր զէնքեր, ի մասնաւորի Ազրպէյճանի կողմէն, սակայն մենք ունինք մեր հաւատքը, կամքն ու վճռակամութիւնը։ «Մենք բարձրագոյն աստիճանի նախանձախընդրութիւն ունինք հայ զինուորին ու բանակին հանդէպ եւ պատրաստ ենք ամէն իմաստով զօրավիգ կանգնելու անոնց, որովհետեւ հայոց բանակի հզօրացումը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն
Կ․ ՊՈԼԻՍ.- «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն կը տեղեկանանք, որ Պոլսոյ իշխանութիւնները 17 Հոկտեմբերին արգիլեցին Պոլսոյ մէջ գումարումը Կեսարիոյ նուիրուած այն գիտաժողովին, որուն իրականացումը արգիլուած էր նաեւ Կեսարիոյ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։ 18-19 Հոկտեմբերին նախատեսուած միջազգային գիտաժողովին մասնակցողներուն մեծ մասը արդէն իսկ Պոլիս ժամանած էր, երբ արգիլման լուրը նոր փոխանցուած էր հիմնարկին։ Սփիւռքի հզօրացումն է», նշեց Հայրապետը։ «Ուրախ եմ, որ դուք իբրեւ խաղաղապահ ոյժ կը գտնուիք հարաւային Լիբանան։ Թող աշխարհը ականատես ըլլայ, որ մինչ Սուրիոյ մէջ Թուրք բանակը մարդ կը ջարդէ «խաղաղութեան» անուան տակ, հայոց բանակը խաղաղութեան կը մղէ հարաւային Լիբանանը», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան իր խօսքը շարունակեց լուսարձակի տակ առնելով հայոց ազատագրական պայքարը եւ շեշտեց, որ մեր խլուած իրաւունքներուն վերատիրացած ենք արեան գնով եւ Արցախի դէմ որեւէ ոտնձըգութիւն իր դիմաց կը գտնէ հայութեան հաւաքական կամքը, եւ դիտել տուաւ, որ ի պահանջեալ հարկին ամբողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակին մէկական զինուորներ։ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ հայ զինուորը մնայ հզօր եւ Անոր պաշտպանութեան հովանիին ներքեւ։ Աւարտին, Հայրապետը զինուրներուն նուիրեց աղօթագիրքեր եւ խաչեր։ Նշենք, որ ջոկատը շրջեցաւ Մայրավանքի շըրջափակը, այցելեց Մայր Տաճար, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթող, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ։ Ինչպէս նաեւ այցելեց Ս. Աստւածածին վանք, Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի որբանոց, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Հայկազեան համալսարան, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ Զմմառու Վանք։
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 9
ԿՀԳի (CIA) գաղտնազերծուած շատ գաղտնի զեկոյցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Կ
եդրոնական հետախուզական գործակալութեան (CIA) 48 էջնոց շատ գաղտնի զեկոյցը, որ պատրաստուած է Օգոստոս 1988-ին եւ որոշ ջընջումներով բացայայտուած է 2012-ին, կը կրէ «Անկարգութիւններ Կովկասի մէջ եւ ազգայնականութեան մարտահրաւէրը» խորագիրը: Հակառակ անոր վաղեմութեան՝ զեկոյցը կը ներառէ հետաքրքրական վերլուծութիւն Արցախի հակամարտութեան մասին, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւններու տեսանկիւնէն: ԿՀԳի վերլուծաբանը այս զեկոյցին նախաբանին մէջ կ’ընթանայ Արցախի հակամարտութեան ակունքներուն հետքերով եւ կը գրէ հետեւեալը. «Հայկական եւ ատրպէյճանական հակամարտող կողմերուն միջեւ թշնամութիւնը գոյութիւն ունեցած է հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ 1920-ականներուն Լեռնային Ղարաբաղը՝ Հայաստանի մշակութային եւ կրօնական կեդրոնը, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ենթարկայ դարձնելէն ետք, այդ թշնամանքը եղած է հայերուն հիասթափութեան եւ մտահոգութեան մնայուն, թէեւ երկար ժամանակ թաքուն պահուած աղբիւրը: Հայերուն նկատմամբ ատրպէյճանցիներուն թշնամանքը ուժեղացած է՝ պայմանաւորուած քաղաքական, տնտեսական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններով, որոնք բացասական անդրադարձած ունեցած են ատրպէյճանցիներու քաղաքական կարգավիճակին վրայ եւ ընդլայնած են Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կենսամակարդակներու ճեղքուածքը: Յատկապէս, Ատրպէյճանի արագ աճող երիտասարդ չափահաս բնակչութիւնը մեծ ճնշում գործադրած է Հանրապետութեան կարողութիւնններուն վրայ՝ համապատասխան աշխատատեղեր, բնակարաններ եւ կըրթութիւն ապահովելու համար: Ատրպէյճանական հիասթափութիւնը պատճառ դարձած է հայերու վրայ յարձակումներու»: ԿՀԳի անանուն վերլուծաբանը կը հաղորդէ, որ Քաղաքական բիւրոյին մէջ Արցախի ճգնաժամը կարգաւորելու գծով գոյութիւն ունեցող պառակտումը աւելիով սրեց իրավիճակը: Կոշտ գիծի կողմնակիցներ էին երկրորդ քարտուղար Լիկաչով եւ ՊԱԿի (ՔԿՊ) նախագահ Ճեպրիքով, որոնք կտրականապէս դէմ էին Ատրպէյճանէն Արցախի անջատման: Անոնք Կորպաչովի բարեփոխումներուն համաձայն չէին, եւ արտաքին տէրութիւնները կը մեղադրէին Խորհրդային Միութեան տարածքին անկարգութիւններ հրահրելու մէջ: Երկու նշանաւոր հայ գրողներ՝ Սիլվա Կապուտիկեան եւ Զորի Բալայեան, Փետրուար 1988-ին
Մոսկուայի մէջ տեսակցեցան Կորպաչովի հետ։ Անոնք հաղորդեցին, որ ան լաւ տեղեկացուած է։ Կորպաչով վստահեցուցած է, որ ինք «արդար լուծում» կը փափաքի: Ան ընդունած է «(հայկական) ցոյցերու խաղաղ բնոյթը եւ շեշտած իր անձնական համակրանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու փափաքին…»: Հայ պատուիրակներուն Երեւան վերադարձէն ետք, 27 Փետրուար 1988-ին, ձայնասփիւռի հաղորդման մը ընթացքին Կապուտիկեան կոչ ըրաւ հայերուն՝ վստահիլ Կորպաչովին: «Ան գիտէ եւ կը հասկընայ մեր հարցը եւ կը փափաքի անձամբ լուծել զայն: …Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ վնաս չհասնի անոր», յայտարարեց Կապուտիկեան: Խորհրդային Միութեան մտահոգութիւններուն՝ արտասահմանցիներու, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերու Խորհրդային Միութեան ներքին անկարգութիւններուն միջամտութեան մասին խօսելով՝ ԿՀԳի վերլուծաբանը կը հաղորդէ հետեւեալը. «Վերջին անկարգութիւնները կարծես թէ ստիպած են խորհրդային պաշտօնեաները՝ աւելի շատ վախնալու օտարերկրեայ խաղացողներու դերակատարութենէն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ: Այսօր, աշխարհի վրայ հայերէնով խօսող 5,5 միլիոն մարդոց մօտաւորապէս 60 տոկոսը կ’ապրի Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն դուրս, ԽՍՀՄի մէջ՝ մօտաւորապէս 1,4 միլիոն, իսկ երկրէն դուրս՝ 2 միլիոն: Մինչեւ այսօր, հայ արտագաղթողները աւելի շատ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ իրենց ազգի պատմական կեղեքիչը, քան Ռուսիան, եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած չեն խորհրդային համակարգը փոխելու կամ խորհրդային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու գործին մէջ: Մոսկուա անհանգստացած է, որ Սփիւռքի վերաբերումունքը կրնայ խիստ քննադատական ըլլալ ԽՍՀՄի նկատմամբ եւ, որ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայերը, կրնան վերածուիլ հակախորհրդային ճնշումի հզօր խումբի մը: Խորհրդային իշխանութիւնները կը զգուշանան հայերու մեծ համակեդրոնացումէն, Քալիֆորնիոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ՝ մեծ թիւով ընտրական ձայներ ունեցող նահանգներու մէջ, որոնք աշխուժօրէն վիճարկուած են նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ»: Նախորդ պարբերութեան տողատակի ծանօթագրութեան մէջ ԿՀԳի վերլուծաբանը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակին առնուազն 600 հազար հայեր: Խորհրդային Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն 90 տոկոսը եկած է Քալիֆորնիա: Լոս Անճելըսի հայկական համայնքը ամէնէն մեծն է (100 հազար) Երեւանէն դուրս: Նիւ Եորքի Շարունակութիւնը էջ 10
Հայ Կեանք
Էջ 10
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
ԿՀԳի (CIA) գաղտնազերծուած շատ գաղտնի զեկոյցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին Շարունակութիւն էջ 14-էն
շրջանին մէջ կ’ապրին մօտաւորապէս 70 հազար հայեր, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Լիբանանէն եւ Իրանէն: «Մոսկուա կրնայ անհանգստանալ, որ օտարերկրեայ հայկական ահաբեկչական խմբաւորումները, ինչպէս օրինակ՝ «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը» (ԱՍԱԼԱ), կրնան թիրախ դարձնել Խորհրդային Միութիւնը, թէեւ մենք որեւէ ապացոյց չունինք այս ըսուածին իսկութեան մասին: Մինչ օրս ԽՍՀՄը շատ քիչ երեւցած է՝ ԱՍԱ ԼԱի մարքսիստական գաղափարախօսութեան հետ խառնուած զինուած պայքարին մէջ, ԱՍԱԼԱի գերիշխող խմբակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէ ազատագրուած տարածք, եւ խումբը իր յարձակումները կը կեդրոնացնէ բացառապէս թուրք պաշտօնեաներու վրայ: Փաստօրէն, ԱՍԱԼԱն, ի վերջոյ, կ’ուզէր «հայկական մարզերը», որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ եւ, հաւանաբար, Իրաքի մէջ (՞), վերամիացած տեսնել Խորհրդային Հայաստանի հետ: Աւելին. ԱՍԱԼԱն ներկայիս կը գտնուի դադարի փուլի մէջ, եւ անոր առաջնորդը սպաննուած է 28 Ապրիլին (1988): Այսուամենայնիւ, ԱՍԱԼԱն Ապրիլի սկիզբը չափաւոր ուղերձ մը յղեց Կոր-
ՄԵՐ ՆԱԽՈՐԴՆԵՐԻՆ Երանի՜ էր ձեզ, գովուա՛ծ երգիչներ Դուք երգում էիք վաղ առաւօտեան, Երբոր երազներն ապրում էին դեռ, Ոսկի երազներն հայի փրկութեան։ Ձեր թարմ երգերում կար մի հայրենիք, Խրո՜խտ, վեհապա՜նծ, թէպէտեւ գերի, Եւ ձեր քնարի ձայներն երջանիկ՝ Լիքը հրճուանքով՝ գալոց օրերի։ Ա՜խ, նա յօշոտուեց մեր աչքի առջեւ Եւ մեր զգայուն սրտերն իրեն հետ, Քսկի երազներ՝ միրաժի նման՝ Մեր անապատում չքացան անհետ։ Եւ մենք խորտակուած մեր կեանքի ծէքից, Անյոյս ու դալուկ, ճակատներս ցած, Ընկնում է քնար մեր մատաղ ձեռքից, Ընկնում են սրտից ե՛ւ երգ, ե՛ւ Աստուած։ Յովհաննէս Թումանեան 1869-1923
պաչովին՝ աջակցելով Հայաստանի հետ Ղարաբաղի վերամիացման գործին, միաժամանակ յատուկ կերպով ընդգծելով, որ Հայաստան ԽՍՀՄի անբաժանելի մասն է եւ միայն կը ձգտի շտկել սահմանը, այլ ոչ թէ պահանջներ ներկայացնել Մոսկուային», կ’աւելցընէ ԿՀԳի վերլուծաբանը: Վերջապէս, ԿՀՎի վերլուծաբանը կը բացատրէ Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին. «Թէեւ թրքական կառավարութիւնը բացայայտօրէն Ատրպէյճանի կողմը չանցաւ, սակայն Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ վերածնած հայկական ազգայնականութենէն, Անգարայի ստիպեց համակրիլ Պաքուին: Երբ Փետրուարին (1988) ճգնաժամը սկսաւ, Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները հրապարակայնօրէն մատնանշեցին, որ միջազգային պայմանագիրները Անգարայի ձայնի իրաւունք կու տան այս ճգնաժամին մէջ՝ ակնյայտօրէն վկայակոչելով ԽՍՀՄի եւ Թուրքիոյ միջեւ 1921ին կնքուած պայմանագիրը, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի փոխանցումը՝ Ատըրպէյճանին: Անկասկած, Թուրքիա կը վախնար, որ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Հայաստանին կը գրգռէ հայերուն ախորժակը եւ կը յանգեցնէ Նախիջեւանի կարգավիճակի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախկին հայկական շրջանները վերստանալու ճնշումի ահագնացման: Թուրք պաշտօնեաները, հաւանաբար, նշած են նաեւ, որ «Մեծ Հայք»ի հայկական ծաւալապաշտական… որոշ պահանջներ հիմնուած են աւելի շատ պատմական պահանջներու, քան վնասուած տարածքներու ցեղային կազմին վրայ: Այսպիսով, որոշ հայեր կը պահանջեն Նախիջեւանի վերադարձը, հակառակ անոր, որ այժմ ատրպէյճանցիները թիւով մեծապէս կը գերազանցեն այս տարածաշրջանը ապրող հայերը: Նման պատմական չափանիշներ օգտագործելով, հայերը կրնան հայց ներկայացնել նոյնիսկ Թուրքիոյ սահմանամերձ կարգ մը հատուածներու համար, ուր ներկայիս կ’ապրին 50 հազար հայեր»: ԿՀԳի վերլուծաբանը իր զեկոյցը կ’եզրափակէ՝ ուրուագծելով հինգ տարբերակներ, զորս ԽՍՀՄը ունէր Արցախի հակամարտութեան լուծման համար. 1. «Սթաթուս քոյի պահպանում. 2. Լրացուցիչ տնտեսական զիջումներու կատարում հայերուն. 3. Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան ուժեղացում Ատրպէյճանի կազմին մէջ. 4. Արտատարածքային հայրենի մշակութային հաստատութիւններու ընդլայնում. 5. Լեռնային Ղարաբաղի վերակազմաւորում՝ զայն բաժնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»: Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 11
Պատմական անդրադարձ
Անին, Արարատը, Կողբը, Կարսը, Նախիջեւանը. ինչպէս կորցրեցինք ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
1921-ի Հոկտեմբեր 13-ին, Կարսում ստորագրուեց պայմանագիր, մի կողմից Թուրքիայի, միւս կողմից Խորհրդային Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ՝ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ, որով ամրագրուեց նաեւ պետական սահմանը Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ: Այդ սահմանը անփոփոխ մնում է մինչեւ այսօր: Կարսի բանակցութիւնների ընթացքում, որոնք սկսուել էին 1921-ի Սեպտեմբերի 26-ին, հայկական պատուիրակութիւնը փորձել է հասնել նրան, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններում որոշ փոփոխութիւններ կատարուեն, մասնաւորապէս՝ Անիի աւերակներն ու Կողբի (այսօր՝ Թուզլուջա) աղի հանքերը անցնեն Հայաստանին: Սեպտեմբերի 27-ին, խորհրդաժողովի երկրորդ նիստում, ռուս պատուիրակ Յակով Գանեցկին ներկայացնում է երկու սահմանային պահանջ. «Անին հայերի համար ունի պատմական ու գիտական մեծ արժէք»,- թուրքական պատուիրակութեան ղեկավար Քեազիմ Գարապէքիրին բացատրում է Գանեցկին եւ ապա. «Կողբն իր աղի հանքերով ունի համակովկասեան նշանակութիւն: Գարապէքիրը, սակայն, անդրդուելի էր: Նա ասում է, որ իր պատուիրակութիւնը որեւէ իրաւասութիւն չունի Մոսկուայի 1921 թուականի Մարտի 16-ի պոլշեւիկ-քեմալական պայմանագրով գծած սահմանների մէջ փոփոխութիւն կատարել եւ դրա համար պէտք է հրահանգ ստանայ Անգարայից: Գարապէքիրը սպառնում է դադարեցնել խորհրդաժողովը, որին ի պատասխան Գանեցկին առաջարկում է շարունակել աշխատանքները այլ հարցերի շուրջ, մինչեւ Անգարայից ստացուի համապատասխան հրահանգ: Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը թուրքերին յանձնելու անարդարութիւնը Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ Մռաւեանին ու Բեկզադեանին ստիպել է նամակներով ու հեռագրերով Լենինին, Ստալինին եւ Չիչերինին դիմել դեռ 1921թ. Մարտի 16-ի պայմանագրի նախօրէին: Մռաւեանը Լենինին գրել է. «Ես համարում եմ, որ Անի քաղաքն իր յուշարձաններով` հայ ժողովրդի համար ունենալով ազգային-պատմական նշանակութիւն, եւ մինչեւ Կարս շրջակայ տարածքները, որոնք այնքան կարեւոր են Ալեքսանդրապոլի երկաթուղու պաշտպանութեան համար, պէտք է մտնեն Խորհրդային Հայաստանի կազմ»:
Կարսը՝ 2019-ի Սեպտեմբերին Լուսանկարը՝ Թաթուլ Յակոբեանի
Պատասխան հեռագրում Լենինը գրել է, որ «յեղափոխութեան եւ երիտասարդ Խորհրդային պետութեան շահերը մէկ անգամ չէ, որ պահանջել են գնալու նման զոհաբերութիւնների, բայց դա ժամանակաւոր է, եւ անհրաժեշտ է թուրքերի հետ համաձայնութիւն կնքել»: 1921թ. Հոկտեմբերի 13-ին կնքուած Կարսի պայմանագրի 5-րդ կէտով Երեւանի նահանգի Նախիջեւանի մարզը ինքնավար տարածքի կարգավիճակով դրուեց Ատրպէյճանի «խնամակալութեան ներքոյ: Թուրքիան Վրաստանին զիջեց Պաթում քաղաքն ու Սեւ ծովի աջարական հատուածը, սակայն դրա դիմաց ստացաւ Սուրմալուի գաւառը, Կարսի մարզն ու Արտահանի եւ Արտուինի շրջանները (վերջին երեքի նկատմամբ հաւակնութիւններ ուներ նաեւ Վրաստանը): Այսպիսով, թուրքերը եւ ռուսները տարածքների պարզ փոխանակութիւն կատարեցին: Ամենաանարդարն այն էր, որ պատմութեան ընթացքում Սուրմալուի գաւառը Արարատ սարով (այսօր՝ Իգդիրի մարզը) երբեք մաս չէր կազմել Օսմանեան կայսրութեան եւ անգամ 1920 թուականի Ազգային ուխտով այն չէր համարուել թուրքական տարածք: 1920թ. Դեկտեմբերի 2 լոյս 3-ի գիշերը Գարապէքիրի ու Ալեքսանդր Խատիսեանի ստորագրած Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրում թէեւ ասւում էր, որ «Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուն համարւում են վիճելի մինչեւ երեք տարի, որի ընթացքում հայոց կառավարութիւնը կարող է յայտարարել հանրաքուէ` որոշելու այդ նահանգների վերջնական բախտը», սակայն ինչպէս Կարսի եւ Սուրմալուի, այնպէս էլ Նախիջեւանի ճակատագիրը կանխորոշել էր 1921թ. Մարտի 16-ի պայմանագիրը: Շարունակութիւնը էջ 12
Հայ Կեանք
Էջ 12
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Անին, Արարատը, Կողբը, Կարսը, Նախիջեւանը. ինչպէս կորցրեցինք Շարունակութիւն էջ 11-էն
Պէտք է ընդգծենք, որ ինչպէս Կարսի մարզը, այնպէս էլ Նախիջեւանը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մաս էին կազմել շնորհիւ անգլիացիների, ովքեր 1919-ին տէր ու տնօրէնն էին Անդրկովկասում: Հենց անգլիացիներն էին, որ 1919-ի Մայիսին Նախիջեւանը եւ Կարսը դրեցին հայկական ուժերի վերահսկողութեան տակ: Նախիջեւանը, որտեղ մնացել էր 20 տոկոսից էլ պակաս հայ բնակչութիւն, ընդամենը երկու ամիս մնաց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմում: Կարսը մենք կարողացանք աւելի երկար պահել. այն ինկաւ 1920ի Հոկտեմբերի 30-ին: Անգլիացիները Նախիջեւանի ու Կարսի հարցում օգնել էին հայերին, սակայն շարունակում էին պնդել, որ փոխարէնը հայերը պէտք է հրաժարուեն Ղարաբաղ-Զանգեզուրից: Իսկ ինչպէ՞ս Ամասիայի շրջանը մնաց Հայաստանի կազմում, հաշուի առնելով, որ այն Կարսի մարզի մէջ էր մտնում՝ Աղբաբայի շրջանը:
մաս է կազմել ուշագրաւ հանգամանքների բերումով: Ինչպէս իրենց յուշերում գրել են 1920-ի Նոյեմբերից Ալեքսանդրապոլում թուրքերի՝ Քեազիմ Գարապէքիրի հետ բանակցութիւններ վարող հայ պատուիրակները, թուրքերը մտադիր էին նաեւ տիրանալ Աղբաբային: Թուրքերը, սակայն, Աղբաբայի շրջանը՝ շուրջ 1․000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, զիջեցին հայերին: Այդ «զիջումը» բացատրւում էր ոչ միայն յանուն «հայ-թուրքական բարեկամութեան» ապագայով, այլ նրանով, որ ռուս պոլշեւիկներն ու թուրք քեմալականները արդէն պայմանաւորուել էին, որ Սուրմալուն կ’անցնի թուրքերին, որի դիմաց թուրքերը պէտք է հրաժարուէին Պաթումի շրջանից՝ յօգուտ ապագայ Խորհրդային Վրաստանի: Բայց քանի որ Սուրմալուն տարածքով աւելի մեծ էր Պաթումի շըրջանից, ապա այդ տարբերութիւնը լրացնելու համար թուրքերը զիջեցին Աղբաբան:
Այս տարածքը՝ Հայաստանի ծայր հիւսիսարեւմուտքը, 1920-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, ապա եւ Խորհրդային Հայաստանի
Հայաստան կը բանակցի Youtube-ի հետ
Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցութիւններու սկսած է Youtube-ի հետ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։ «Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցում է Youtube-ի, եւ այլ մեծ կազմակերպութիւնների հետ, որոնց համար Հայաստանում տեղայնացում չունենք», յայտնեց Աւինեան։ Աւինեան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր երկիր ուղղակիօրէն իր քաղաքականութիւնը պէտք է մշակէ այս բնագաւառին մէջ, որպէսզի գալիք սերունդները պատրաստ ըլլան աւելի ու աւելի բարելաւելու այս ու բոլոր այլ ոլորտներու մէջ թուայնաց-
Հոկտեմբեր 18-ին «UNESCO»ի կեդրոնակայանին մէջ կայացաւ Կոմիտաս վարդապետի ծըննդեան 150-րդ տարեդարձին նուիրուած՝ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի համերգը եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած՝ «Զրոյց ժամանակի հոլովոյթում» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը։ ման գործընթացները եւ նոր արտադրութիւններ ստեղծեն։ Խօսելով նման ժողով մը Հայաստանի մէջ իրականացնելու կարեւորութեան մասին՝ փոխվարչապետը ըսաւ, որ անիկա մեծ կարելիութիւն է կապեր հաստատելու, փորձառութիւններէն օգտուելու եւ համագործակցութեան առիթներ ունենալու։
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 13
Իր անպատժելիութեան փորձին գիտակ` Թուրքիան պատերազմ շղթայազերծեց ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Թ
ուրքիան, ըստ իր աւանդութեան, ազատութիւն եւ իրաւունք ճնշելու համար կը յարձակի, եւ աշխարհ այսօր, ինչպէս անցեալին, հեռատեսիլի պատուհանէն կը դիտէ եւ կը լսէ լրատուական շատախօսութիւնը: 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան յայտարարեց, որ բանակը յարձակողական գործողութիւններու ձեռնարկած է քրտական հակակշռի տակ գտնուող Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը` միշտ հետեւելով օսմանեան սահմանները վերանուաճելու իր ռազմավարութեան: Ինչպէս սովորութիւն է, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 10 Հոկտեմբերին շտապ ժողով գումարեց: Քիւրտերը դաշնակից էին արեւմտեան ուժերուն` ընդդէմ Իսլամական պետութեան: Թուրքիան, հակառակ զգուշացումներու, իր անցեալի փորձին վրայ հիմնուելով, զանոնք նկատի չառաւ: Դժգոհութեան ալիք բարձրացած է: Ամերիկայի նախագահը ըսած է, որ` «Թուրքիան շատ մեծ տնտեսական գին պիտի վճարէ», աւելցնելով` եթէ այդ յարձակողականը «անարդար» է, եւ յոյս յայտնեց, որ Էրտողան «բանական» ընթացք կ’ունենայ: Եթէ քաղաքական հարցերը մնացեր են Էրտողանի յոյսին… Շաբթուան սկիզբը Սուրիոյ սահմանամերձ գօտիներէն հեռացած էին ամերիկեան ջոկատները: Եւ Էրտողան առիթը պատեհ համարած էր: Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է. «Թըրքական զինեալ ուժերը եւ Սուրիոյ ազգային բանակը (սուրիացի ըմբոստները, որոնց զօրավիգ է Թուրքիան, չշփոթել Սուրիոյ պետական բանակին հետ), սկսան «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութիւնը, Սուրիոյ հիւսիսը»: Կ’աւելցուի, որ նպատակ է ապահովութեան գօտիի մը ստեղծումը, թրքական սահմանը անջատելով քրտական դիրքերէն, որպէսզի գաղթականները կարենան վերադառնալ: Եւ ըստ յայտարարութեան, քաղաքային զոհեր չկան: Քիւրտերը ցարդ շոյուած են որպէս արեւմըտեաններու դաշնակից` Իսլամական պետութեան դէմ իրենց մղած կռիւին մէջ: Բայց Թուրքիան նոյն այդ քիւրտերը վտանգ կը համարէ` զանոնք ամբաստանելով, որ կապեր ունին Թուրքիոյ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան հետ, զոր կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, որուն պետը` Ապտիւլլա Օճալան կը գտնուի թրքական բանտի մէջ: Թուրքիան երրորդ անգամն ըլլալով Սուրիոյ մէջ կը դիմէ զինուորական միջամտութեան: Սուրիոյ պատերազմը 1911-էն պատճառ եղած է աւելի քան 370.000 զոհերու եւ գաղթական դարձուցած` միլիոնաւորներ: Մեծերուն եւ լրատուամիջոցներուն համար զոհերը թիւ են, եւ` այդքան: Չորեքշաբթի թրքական զինուորական ուժերը
Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս` Թել Ապիատը եւ Ռաս իւլ Այնը, ռմբակոծած են: Առաջին օրն իսկ Սուրիոյ Մարդկային իրաւանց դիտորդները յայտարարեցին, որ կային 15 մեռեալներ եւ հազարաւոր փախստականներ: Յիշուած քաղաքները ռմբակոծուած են երկինքէն եւ ցամաքէն: Զուգահեռաբար, քիւրտերը եւ իրենց աջակցող արաբները ետ մղած են նախայարձակները: Բազմաթիւ երկիրներ դատապարտեցին թըրքական նախայարձակումը: Ի հարկէ, խօսքէն անդին, տեղւոյն վրայ, այդ երկիրները ոչինչ ըրին կասեցնելու համար թրքական բանակը: Այդ երկիրները ունին հիմնական մտահոգութիւն մը, այն, որ այս խառնակ վիճակին մէջ կրնայ Իսլամական պետութեան բանտարկեալներու կեանքը վտանգուիլ, եւ ան կրնայ նաեւ վերայայտնուիլ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ըրած է Թուրքիոյ` խնայելու քաղաքայիններու կեանքը եւ ցուցաբերելու չափաւորութիւն: Յանկերգի նմանող խօսքեր: Ոչ ոք կ’ըսէ, որ Թուրքիան պէտք է կասեցնէ իր յարձակումը, հակառակ պարագային` իր դէմ կրնայ գտնել զինք կասեցնող ուժ: ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը ժողով կը գումարէ: Յետո՞յ… Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ շղթայազերծած յարձակումը եւ` աւելցուցած, որ ան պէտք է կանգ առնէ: Նոյնը ըսած է նաեւ Եւրոմիութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերը: Գերմանիոյ մտավախութիւնը այն է, որ այս գործողութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ Իսլամական պետութիւնը վերայայտնուի: Անգլիա մտահոգութիւն յայտնած է: Յետո՞յ… Ատլանտեան ուխտը կոչ ըրած է, որ Թուրքիա ըլլայ զգուշաւոր եւ չփճացնէ Իսլամական պետութեան դէմ ձեռք բերուած յաջողութիւնը: Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա կը քննադատեն այս «անընդունելի յարձակումը», իսկ Քաթարի իշխանը, որ Շարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Շառլ Ազնաւուրի որդին ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան ԵՐԵՒԱՆ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, Նիքոլան եւ կողակիցը այս մասին տեղեկացուցած են Գիւմրիի մէջ՝ լրագրողների հետ զրոյցի ընթացքին։ «Մենք արդէն տեղափոխուած ենք, Հայաստանի մէջ կ’ապրինք»,- լրագրողի հարցումին ի պատասխան ըսած է Նիքոլա Ազնաւուրի կողակիցը՝ Քրիստինա Սարգիսեանը: «Գիւմրին մեր ընտանիքի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ուրախութեամբ կուգանք Գիւմրի, եւ այս այցը առաջին անգամ չէ»,-նշած է Նիքոլա Ազնաւուրը: Շառլ Ազնաւուրը իր բարեգործական գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ սկսած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք: Յաջորդող 30 տարիներու ընթացքին իր կողմէ ներդրուած մարդասիրական ջանքերը ուղղուած էին երկրի մէջ իրականացուող բազմաթիւ բարեգործական ծրագրերու: 2016-ին, Շառլ Ազնաւուրը ու իր որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, որոշեցին հետամուտ ըլլալ իրենց այս գործունէութեանը եւ մէկ քայլ առաջ գացին՝ ստեղծելով «Ազնաւուր» հիմնադրամը: «Ազնաւուր» հիմնադրամի նպատակն է շարունակել կրթական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներու նախագծումը ու իրականացումը: «Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին նախագիծը Երեւանին մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծումն է, ուր կգործէն լեգենդար արուեստագէտի ինտերակտիւ, տեխնոլոգիապէս գերյագեցած թանգարանը, ինչպէս նաեւ եզակի կրթամըշակութային կեդրոն երիտասարդներու համար:
Իր անպատժելիութեան փորձին գիտակ` Թուրքիան պատերազմ շղթայազերծեց Շարունակութիւն էջ 13-էն
սերտ յարաբերութիւններ ունի Էրտողանի հետ, հեռաձայնած է` խօսելով երկու երկիրներու կապերու ամրացման եւ կացութեան ընթացքի մասին: Իրաքի նախագահը կը խորհի, որ այս յարձակումը մարդկային վնասներու պատճառ պիտի ըլլայ եւ պիտի զօրացընէ ահաբեկչական խմբակները: Շփոթեցնող է Ամերիկայի ընթացքը: Մէկ կողմէ կը հանդուրժէ, որ թրքական ուժերը կռիւ յայտարարեն քիւրտերուն դէմ, միւս կողմէ` կ’ըսէ, թէ չի լքեր զանոնք, անոնք նպաստած են Իսլամական պետութեան անկման: Թրքական յարձակումէն անմիջապէս առաջ, նկատելով Ամերիկայի վերաբերումը, քիւրտերը զօրակոչ յայտարարած էին` միաժամանակ կոչ ընելով Ռուսիոյ, որ դիւրացնէ Դամասկոսի հետ երկխօսութիւնը: Իսկ Պաշշար Ասատ յանձնառութիւն յայտնած էր դիմակայելու թրքական յարձակումը: Այս նախայարձակումը կատարուած է ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումէն անմիջապէս յետոյ: Այսինքն, երբ կարմիր լոյսը մարած է: Թրքական ուժերուն միացած են սուրիացի ընդդիմադիրները: Հետապնդուած նպատակը պարզ է. Թուրքիա չ’ուզեր իր սահմանին վրայ տեսնել ինքնավար քըր-
տական շրջան մը, որ իր կողմէ ահաբեկիչ համարուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունի: Թուրքիա նկատի անգամ չառաւ Տոնալտ Թրամփի սպառնալիքը, որ կրնայ ամբողջովին քանդել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը: Էրտողանի նախաձեռնութիւնը կը միտի երեք միլիոնէ աւելի սուրիացի փախստականները, որոնց նկատմամբ դժգոհութիւն կայ Թուրքիոյ մէջ, վերադարձնել իրենց երկիրը: Իսկ պարզ է, որ Ամերիկան եւ արեւմտեանները ընդհանրապէս կը լքեն իրենց դաշնակից քիւրտերը: Կը մոռնա՞ն, որ անոնք մեծ թիւով զոհ տուին Իսլամական պետութեան դէմ կռիւներու ընթացքին: Թրքական ներխուժման պատճառով տեղի ունենալիք արիւնահեղութեան պատասխանատու են Ամերիկան եւ իր դաշնակիցները: Բայց ո՞վ դատապարտած է կամ կրնայ դատապարտել զիրենք: Իսկ Թուրքիան կը շարունակէ իր հին պասքիւլի խաղը` անգամ մը կռթնելով Արեւմուտքի, անգամ մը Ռուսիոյ: Կա՞ն այս խաղը չտեսնող միամիտներ..
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 15
Yerevan celebrates 2801st anniversary Statement from the Armenian General Benevolent Union (AGBU) on the Alarming Current Events in Syria (Armradio) – Armenia’s capital Yerevan celebrates the 2801st anniversary under the slogan “Yerevan is in my heart.” Celebrations took place across all districts. The Erebuni-Yerevan 2801 gala concert took at the Opera and Ballet Theatre after Alexander Spendiaryan. The concert featured the National Academic Choir and the State Symphony Orchestra. The celebrations were concluded by a simultaneous salute in all administrative districts. Yerevan is one of the world’s oldest continuously inhabited cities. The history of Yerevan dates back to the 8th century BC, with the founding of the fortress of Erebuni in 782 BC by king Argishti I at the eastern extreme of the Ararat plain. Erebuni was “designed as a great administrative and religious centre, a fully royal capital.”
Trump’s advisers offered him to recognize the Armenian Genocide
The AGBU Central Board and our worldwide membership are following with alarm the developments in Syria, specifically the military invasion by Turkey in its northeast regions. Reports from our local chapters and communities indicate a mounting humanitarian crisis and new waves of refugees. The situation requires an immediate response from the international community and relief organizations. We take note of the official statement by the Armenian Foreign Ministry, the Catholicos of All Armenians and Supreme Patriarch Karekin II, and Catholicos of the Holy See of Cilicia Aram I calling on the international community to act without delay to restore the shaken international peace in the region. As descendants of survivors of the Armenian Genocide, perpetrated by the predecessors of the present Turkish regime in 1915, we know too well the human toll such aggression can take. AGBU appeals to the Turkish authorities to immediately stop the invasion and aggression against the Syrian people, which is eerily similar to some of the Ottoman Empire's actions more than a century ago. We call for the international community to hold Turkey responsible for its actions, recognizing that such action in 1915 would have meant a markedly different history for the Armenian people. October 11, 2019 back U.S. troops in Syria without allowing Turkey to commence its incursion, Newsweek reports. One tactic on the table: threatening to recognize the deaths of millions of Armenians and members of other ethnic minorities under the Ottoman Empire as a genocide, Newsweek quotes a National Security Council official as saying. While 49 U.S. states—Mississippi is the sole exception—have officially recognized the Armenian genocide, no federal legislation has ever succeeded to do so.
(Armradio) – Donald Trump’s advisers offered him several options aimed at fulfilling his desire to pull
Էջ 16
Հայ Կեանք
Armenia elected to serve on the UN Human Rights Council
14 new members were elected to the United Nations Human Rights Council on Thursday, following a secret ballot held in the General Assembly Hall in New York. Armenia, Bulgaria, Czech Republic, Poland, Slovakia and Ukraine were elected as members of Eastern Europe region. Armenia was elected to the United Nations Human Rights Council (UNHCR) with 144 supporting votes. The Council, which meets throughout the year at the UN Office in Geneva, is an international body, within the UN system, made up of 47 States, and is responsible for promoting and protecting human rights around the world. It has the power to launch fact-finding missions and establish commissions of inquiry into specific situations. Three times a year, it reviews the human rights records of UN Member States, in a special process designed to give countries the chance to present the actions they have taken, and what they’ve done, to advance human rights. This is known as the Universal Periodic Review. The newly elected countries will serve for three years and take up their seats after 31 December. As only 47 of the UN’s 193 Member States can sit on the Council at any one time, an equal number will be giving up their places.
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
The Scientific Conference on Kayseri and the Region to take place at the Hrant Dink Foundation on October 18-19 has been banned! The conference on “Social, Cultural and Economic History of Kayseri and the Region”, to take place at the Hrant Dink Foundation’s Havak Hall on October 18-19, has been banned! As has been closely followed by the public, the conference had been initially planned to take place in Kayseri, yet was banned due to the interference of the Kayseri Governorship. Upon this development, the Board of the Directors of our Foundation decided to hold the conference in Istanbul. At a time when all the preparations had been made, all speakers from Turkey and all around the world had already arrived in Istanbul for the conference which was planed to take place on October 17th, Thursday at 17:08, an official notice of ban was given by the Sisli District Governorship to the Foundation, which did not mention any justification for the ban decision. We regret to announce that the conference on “Social, Cultural and Economic History of Kayseri and the Region”, which was supposed to take place in light of the valuable scientific contributions by numerous scholars from Turkey and abroad, has been banned.
Kayseri’s Surp Krikor Lusavorich Armenian Church
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 17
President Armen Sarkissian hosted participants of the AGBU “Koriz” program: Learn every day, be active, and listen to yourselves
President Armen Sarkissian hosted on Octomber 15th young participants of the “Koriz” (Nucleus) program of the Armenian General Benevolent Union who have arrived in Armenia from different countries. The President conversed with them in the Q&A format, responded to their questions which pertained mainly to the future of Armenia and the Armenian people and prospects of development, existing challenges, the role of Spyurk, opportunities for development in the area of information technologies. “We have an exceptional geographical position, on the crossroads of the ancient civilizations. It was a source of our success but, at the same time, of our tragedies and victories,” the President said. “We lost nearly 1,5 million people just because we lived here, but on the other side, being located at the
crossroads developed a phenomenal ability which is required today. We are a nation of survivors. Each of you have this quality in your DNA, and this is a quality which will help us be successful in the 21st century. This will be an era which is totally unpredictable. Everything will change very fast, and it is necessary to adapt rapidly to the changes both as an individual and as a company, institute, or even a country.” President Sarkissian said that representing Armenia, sometimes he thinks of himself as the president of a startup. “Armenia is one big startup which has very rich, millennia-long history but today it’s a young startup of ideas, undertakings, and great opportunities,” Armen Sarkissian said. “The 21st century is an era when we can be successful but need to work hard to achieve that.” Addressing the young people, President Sarkissian said, “You should be ready for dynamic changes, instability, and difficulties. In the changing world challenges multiply but don’t be afraid of them, just accept them, be realistic, courageous and creative. Learn every day, be active, and listen to yourselves.” “Koriz” is the AGBU Europe initiative which aims to unite Armenian youth living in different countries, create a strong global network of future Armenian leaders, educate and help them engage in different programs implemented in Armenia and Europe.
Էջ 18
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
2019 Aurora Prize Awarded to Yazidi Activist Mirza Dinnayi
YEREVAN — The fourth annual Aurora Prize for Awakening Humanity was awarded today to Mirza Dinnayi, Co-Founder and Director of Luftbrücke Irak (Air Bridge Iraq). Driven by his passion to save lives, the Yazidi activist has found a way to overcome numerous bureaucratic and logistic obstacles to help the most vulnerable members of the Yazidi community during numerous conflicts in Syria and Iraq. He was named the 2019 Aurora Laureate at the Ceremony in Yerevan that was held during the Aurora Forum. The Aurora Prize is granted by the Aurora Humanitarian Initiative on behalf of the survivors of the Armenian Genocide and in gratitude to their saviors. Tom Catena, Aurora Humanitarian Initiative Chair and 2017 Aurora Prize Laureate, praised the 2019 Aurora Prize Laureate Mirza Dinnayi by saying: “What makes Mirza Dinnayi an outstanding human being is the fact he couldn’t live in good conscience knowing that good people are left behind, that the innocent are suffering. Trying to help others while facing an unspeakable evil can be challenging and frustrating, but he never wavered. I am delighted to congratulate Mirza Dinnayi with being awarded with the Prize and welcome him to the Aurora family.” As the 2019 Aurora Prize Laureate, Mirza Dinnayi will receive a $1.000.000 grant, through which he is given the opportunity to continue the cycle of giving by supporting organizations that have inspired his work. He has chosen to donate the funds to three organizations that provide medical care and rehabilitation to victims of ISIS terror: Air Bridge Iraq; SEED Foundation; Shai Fund. Vartan Gregorian, Co-Founder of the Aurora Prize
and Member of the Selection Committee, added: “The Aurora Humanitarian Initiative empowers those who risk everything for the sake of others and show extraordinary courage and conviction in situations of adversity, and Mirza Dinnayi is a perfect example of that. He embodies the power of compassion, of personal commitment, of a burning desire to save lives. As one of the Aurora Co-Founders and a member of the Selection Committee, I am very proud that our shared vision has helped showcase the work of Mirza Dinnayi, who now, without doubt, will be able to achieve even more.” Working on behalf of the Yazidi community, Mirza Dinnayi has dedicated his whole life to saving the victims of the Iraq war, evacuating women and children from territories controlled by ISIS and providing those tortured and violated with rehabilitation and support. It was Dinnayi who brought to Germany the future Sakharov Prize Laureate Lamya Haji Bashar. Today, she is a renowned human rights activist and has one of Aurora’s scholarships named after her. Leading international humanitarian figures and Aurora Prize Selection Committee members, including Nobel Laureates Shirin Ebadi and Leymah Gbowee; former president of Ireland Mary Robinson; former foreign minister of Australia and President Emeritus of the International Crisis Group Gareth Evans; former president of Mexico Ernesto Zedillo and Director of the Institute of Global Health Innovation at Imperial College London and Chair of the Aurora Prize Selection Committee Lord Ara Darzi gathered in Armenia to attend the inaugural Aurora Forum and celebrate the 2019 Aurora Prize Laureate. Previous Aurora Prize Laureates include several noted international humanitarians – Burundian activist Marguerite Barankitse (2016), American physician and missionary Dr. Tom Catena (2017) and Rohingya lawyer and human rights campaignner Kyaw Hla Aung (2018). Cont. on page 20
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 19
Mnatsakanyan, Mammadyarov Confirm Another Meeting, Say Co-Chairs States of America), together with the Personal Representative of the OSCE Chairperson-in-Office (PRCIO) Andrzej Kasprzyk, visited the region from 14 to 17 October. The Co-Chairs met with Prime Minister Nikol Pashinyan in Yerevan on 15 October and with President Ilham Aliyev in Baku on 17 October, and held consultations with the respective Foreign Ministers and Defence Ministers in both capitals.
The Armenian and Azerbaijani foreign ministers have confirmed their intention to meet again under OSCE Co-Chair auspices before the end of the year, the OSCE Minsk Group Co-Chairs Chairs Igor Popov of the Russian Federation, Stéphane Visconti of France, and Andrew Schofer of the United States of America said in a press statement. “The Co-Chairs of the OSCE Minsk Group (Igor Popov of the Russian Federation, Stéphane Visconti of France, and Andrew Schofer of the United
During their visit, the Co-Chairs also met with the de facto authorities in Nagorno-Karabakh. In Baku, the Co-Chairs met with the Chairman of the Azerbaijani Community of Nagorno-Karabakh. While in Nagorno-Karabakh, the mediators were briefed on humanitarian issues by the local representative of the International Committee of the Red Cross. The two leaders briefed the Co-Chairs on their recent conversation during the CIS summit in Ashgabat and presented their ideas on how to advance the settlement process. The Co-Chairs welcomed the prospect of implementing specific humanitarian and security measures to prepare the populations for peace and reduce tensions. The Co-Chairs once again stressed the critical importance of monitoring missions led by the PRCIO, in accordance with his mandate and longstanding practice. The Co-Chairs called on the sides to continue to support fully the activities of the PRCIO and his team and to ensure that any obstacles potentially interfering with monitoring missions are removed immediately. The Foreign Ministers confirmed their intention to meet again under Co-Chair auspices before the end of the year. The Co-Chairs will travel soon to Vienna to brief the OSCE Permanent Council and the members of the Minsk Group,” concluded the press statement.
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Հայ Կեանք
Էջ 20
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
2019 Aurora Prize Awarded to Yazidi Activist Mirza Dinnayi Cont. from page 18
Nobel Prize Laureate and a member of the Aurora Prize Selection Committee Leymah Gbowee commented: “The very name of the Aurore Prize for Awakening Humanity contains the most important message of this unique award. Right now, the world feels the need for humanity to rise and for people to step up. Mirza Dinnayi, whose courage and selflessness are a credit to his people, is doing just that: taking care of women and children, who suffer
the most in a conflict situation, and putting himself at risk to save others. What an outstanding humanitarian.” The Aurora Humanitarian Initiative also honored the contributions of the other two 2019 Aurora Humanitarians who received a $50.000 grant each: Zannah Bukar Mustapha, Director and Founder of Future Prowess Islamic Foundation in Nigeria, and Huda Al -Sarari, Yemeni lawyer and activist. The 2019 Aurora Prize Ceremony was part of the Aurora Forum, held in Armenia on October 14– 21, 2019 and convening thought leaders and change-makers from across the world to share knowledge, perspective and ideas, which together can deliver practical action and change. The Forum far-reaching agenda is driven by partner institutions with a shared commitment to address global challenges and local development.
2019 Armenian Noah's Ark, 1oz Silver Coin
Manufacturer: Leipziger Edelmetallverarbeitungs GmbH Weight (grams): 31,103 grams Pure Silver content (grams): 31,103 Fineness: 999,0 Dimensions: 38,6mm Stock: In Stock This brand new 2019 1oz silver coin from Armenia, issued for the first time in 2011, shows Noah's Ark in front of Mount Ararat, the national symbol of Armenia, which nowadays is part of Turkish territory
but remains an important part of the national identity of Armenia. At the front of the scene, the dove of peace is shown. On the obverse of the coin, we can see the National Coat of Arms, surrounded by the inscription 'Republic of Armenia' in Armenian and English. You can also see the manufacturers mark, the nominal face value of 500 Dram, the purity of .999 silver (AG) and the weight of one ounce (31.103 grams). The Silver Noah's Ark was designed by Eduard Kurghinyand.
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Ryanair to Start Armenia Flights in January 2020
After months of reports that the Irish budget airline Ryanair was interested in expanding its foothold to Armenia, airline officials on Wednesday announced that the inaugural flights will begin on January 14. The first flight will connect Yerevan with Rome and Milan, and then will carry out a flight to Berlin in late March and from the Gyumri airport to the German town of Memmingen. The launch of the flights was announced by Ryanair’s Chief Commercial Officer David O’Brien, General Manager Marcelo Wende of Armenia International Airports CJSC and Chairwoman of the Civil Aviation Committee of Armenia Tatevik Revazyan during a press conference in Yerevan. “Our company is the largest in Europe. We have the largest network. We not only operate flights in capitals, but also unite the regions. In addition to the commercial interest we also attach importance to the integration. We have 86 base points. It enables us to connect Armenia with the cities of those centers,” Ryanair CCO O’Brien said. “Recently we have opened base points in Marseille, Toulouse and Bordeaux where many Armenians live in. Next year Georgia and Lebanon will be the new destinations. We serve 152 million clients and want to reach this number to 200 million in coming years. The Ryanair group of companies consists of four airlines with 500 aircrafts. We carry out the flights through 234 airports at such low prices no one can compete with them”, David O’Brien said. Armenia is becoming the airline’s 40th country. The lowest ticket price of the airline is 4,99 Euros, and the average price at various destinations is 35 Euros,” explained O’Brien. Flights will be operated from Yerevan twice a week at each destination, but later the number of flights is expected to increase. The company will not be limited to conducting six flights a week. Tickets were
Էջ 21
The 2019 International Hrant Dink Award goes to Nebahat Akkoç and Agnes Kharshiing
The eleventh International Hrant Dink Award was presented on Sunday, September 15th with a ceremony held at the Istanbul Lütfi Kırdar International Convention and Exhibition Centre. This year’s awards were granted to Nebahat Akkoç, who works tirelessly to raise awareness among women on women’s human rights and opposes male violence and Agnes Kharshiing from India who defends the rights of the poor, women, children and the disadvantaged in the region where she lives and also struggles for environmental rights. The award ceremony was hosted by Ece Dizdar and featured the musical performances of Maral Ataman, students of Hrant Çizmeciyan and Büyük Ev Ablukada. As part of the ceremony, a video featuring a selection ‘inspirations’ has been shown to salute people and organisations from Turkey and around the world who raise hope for the future with their actions. 16 people and initiatives from Turkey to Kongo, from Syria to Scotland, from Algeria to Holland who spark change with their struggle for women’s and human rights, refugee rights, environment and animal rights alongside their quest for peace, equal citizenship, democracy and justice were among the ‘inspirations’ of this year. made available Wednesday on the airline’s site or mobile app. Prime Minister Nikol Pashinyan said Ryanair’s entry to Armenia will increase the flow of tourism. He also added that the incentive provided by Armenia’s membership in the Open Skies initiative will enable other airlines to enter the Armenian market. The prime minister also emphasized the importance of Ryanair flights from the Gyumri airport, saying that it will bolster Armenia’s second largest commercial airport as it becomes an alternative for air travel.
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
ΕΠΙΧΕΙΡΗΜΑΤΙΚΟ FORUM ΑΡΜΕΝΙΑΣ - ΔΙΑΣΠΟΡΑΣ Ολοκληρώθηκε την Πέμπτη 10 Οκτωβρίου, το 4ο Επιχειρηματικό Forum Αρμενίας-Διασποράς που διοργανώθηκε με μεγάλη επιτυχία από το Παγκόσμιο Αρμενικό Εμπορικό Επιμελητήριο, ευρέως γνωστό ως ATN (Armenian Trade Network). Στο Forum που έλαβε χώρα με την υποστήριξη του Ύπατου Αρμοστή για τις Υποθέσεις Διασποράς της Αρμενίας, συμμετείχαν 197 επιχειρηματίες, οι 110 εκ των οποίων προέρχονται από τη Διασπορά εκπροσωπώντας συνολικά 25 χώρες. Από τη χώρα μας συμμετείχε ο πρόεδρος του Ελληνοαρμενικού Εμπορικού και Βιομηχανικού Επιμελητηρίου Ελλάδος Akis Dagazian. Ο αντιπρόεδρος της κυβέρνησης της Αρμενίας, Tigran Avinyan, τόνισε στην εισήγησή του ότι οι Αρμένιοι υπήρξαν ιστορικά ένα παγκόσμιο εμπορικό έθνος δημιουργώντας δίκτυα από τη Σιγκαπούρη ως τη Βενετία και από το Κάιρο μέχρι το Άμστερνταμ. «Με την ίδια λογική, η σημερινή εκδήλωση συγκέντρωσε επιτυχημένους επιχειρηματίες από διάφορα μέρη του κόσμου που επέτρεψαν την οικοδόμηση νέων γεφυρών μεταξύ των επιχειρηματικών κοινοτήτων της Αρμενίας και της Διασποράς.», ανέφερε ο T. Avinyan. Ο Ύπατος Αρμοστής για τις Υποθέσεις της Διασποράς Zareh Sinanyan στις παρατηρήσεις του εξήρε τη δράση του ATN, που έχει μετατραπεί σε πλατφόρμα ανταλλαγής εμπειριών μεταξύ των Αρμενίων επιχειρηματιών, υλοποιώντας νέα έργα και πρωτοβουλίες στην πατρίδα. «Είμαι πεπεισμένος ότι διαθέτουμε ένα τεράστιο πανευρωπαϊκό δυναμικό και θα εξελιχθούμε σταδιακά για να ανεβάσουμε σε νέο επίπεδο την εταιρική σχέση Αρμενίας - Διασποράς, ιδίως στον επιχειρηματικό τομέα», δήλωσε ο Ζ. Sinanyan. Ο πρόεδρος του Διοικητικού Συμβουλίου του ATN, κ. Hrach Gaspar, σημείωσε ότι το ATN είναι ο μόνος διακλαδικός παναρμενικός επιχειρηματικός οργανισμός και στόχος του είναι η επανασύσταση των ιστορικών αρμενικών εμπορικών δικτύων μέσω της προώθησης νέων επιχειρηματικών δεσμών. Το ίδιο βράδυ, σε δεξίωση που παρέθεσε το Δ.Σ. του ATN σε ειδικά διαμορφωμένο χώρο στο εστιατόριο Salon έγινε και η απονομή των τεσσάρων βραβείων του Armenian Trade Network σε ισάριθμες εξέχουσες προσωπικότητες Αρμενίων επιχει-
ρηματιών. Πιο συγκεκριμένα το βραβείο Global Achievement απενεμήθη στον Hovhannes Avoyan, ιδρυτή και Διευθύνοντα Σύμβουλο της PicsArt, το βραβείο Investor in Armenia στον πρόεδρο της Synopsys Armenia Yervant Zorian, ο τίτλος του Distinguished Business Personality απενεμήθη στον πολυεκατομμυριούχο Eduardo Eurnekian, πρόεδρο του ομίλου Corporación America. (Το βραβείο παρέλαβε ο οικονομικός διευθυντής της Converse Bank Hrant Akopian που ανήκει στον ίδιο όμιλο). Τέλος, η διάκριση Armenia Business Excellence απενεμήθη στον Vahan Kerobyan, ιδρυτή και διευθύνοντα σύμβουλο της Menu Group. Στο τέλος του Forum διεξήχθη η Γενική Συνέλευση του ATN με τη συμμετοχή μελών από 13 χώρες. Κατά τη διάρκεια της Γ.Σ. και μετά από διαβουλεύσεις τριών μηνών, το Ελληνοαρμενικό Εμπορικό και Βιομηχανικό Επιμελητήριο Ελλάδος έγινε ομοφώνως αποδεκτό ως πλήρες μέλος του Armenian Trade Network. Της ψηφοφορίας προηγήθηκε αναλυτική παρουσίαση των δραστηριοτήτων του Ελληνοαρμενικού Επιμελητηρίου από τον πρόεδρο Akis Dagazian σε ειδική εκδήλωση που πραγματοποιήθηκε στην Αίθουσα Εκδηλώσεων του Armenian Chamber of Commerce and Industry.
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 23
ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԷՆ... ԹԱԼԱՊԻԱ (Տեսարաններ) ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Մանկական տարիներուս մտքիս մէջ՝ խեղճուկ տուներու, խանութներու, նեղ փողոցներու եւ կեդրոնը՝ Ս. Քառասուն Մանկանց տիրական եկեղեցիով, հարազատ պատկեր եւ օճախ մնացած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասը, «Նոր»ը պահելով աւելի ածական քան թէ՝ երեւոյթ, յետ-եղեռնեան խոնարհ պայմաններու պաճուճապատանքին մէջ: Նոր Մարա՜շ... Ինքնին քաղցրահունչ երկու սկզբնաբառերն էին ամէն մէկ կառոյցի, այդ շրջանի սահմաններուն մէջ, եկեղեցի՛, դպրո՛ց, սրա՛հ, ակո՛ւմբ, հայրենակցական միութիւն, բարեսիրական հաստատութիւն, դարմանատուն կամ շուկայ: Փողոցներն անգամ անուն չունէին, այլ միայն՝ «Նոր Մարաշ» եւ շէնքին թիւը, իբրեւ հասցէ: Տեղացին յատուկ պարծանք եւ ուրախութիւն կը զգար այդ աղքատութեան մէջ, հայրենական Կիլիկիոյ փարթա՛մ ու դիւցազնայի՜ն Մարաշի օդը շնչելու այս Նո՛ր Մարաշի ա՛լ ապահով երկնքին տակ: Ընտանեկան մթնոլորտ մը կը տիրէր ամէնուրեք, եկեղեցիէն ու դպրոցէն մինչեւ ակումբ, խանութներէն մինչեւ Մեծ ու Փոքր երկու բաղնիքները, «Արաքս» սինեմայէն մինչեւ «Գերմանիկ» սրահը, կօշկակարներու «թախ-թախ»էն մինչեւ թաղէ թաղ կառքի վրայ վաճառորդներու «պատտիխ պէլէտի» (տեղական ընտիր ձմերուկ) մունետիկեան կանչը, մինչեւ՝ սառը շատոնց հալած եւ աչքերը փոսացած «թազա սէմէք»ը (թարմ ձուկ), մինչեւ տակաւին՝ Նահր գետին նեխած ջուրերուն ծննդաբերած խայտաբղէտ ու խայտառակ մժեղները: Բնակչութեան մէկ մասը «հին Մարաշցի» էր, շատեր՝ իրարու ազգական, իսկ եթէ ոչ՝ անպայման ծանօթ կամ բարեկամ: Դուռ-դրացնութեան այժմու ինքնամփոփ վերաբերումը չկար, այլ կային առանց ժամադրութեան սուրճի եւ շաղակրատութեան փոխադարձ այցերը, պատուհաններէն ժայթքող քահքահներով, իբրեւ առօրեայ կեանքի թթխմոր: Պատրաստուած ճաշեր կամ տօնական օրերու ճիտապուր, անուշապուր, գաթայ, կարկանդակ, ներկուած հաւկիթ, պնակ-պնակ, տունէ տուն, խոհանոցէ խոհանոց կը փոխանակուէին, սիրայօժարօրէն, ե՛ւս սերտացնելով յարաբերութիւններու բնականոն աստիճանը: Պարզութեան մէկ ուրիշ երեսը պարագայականօրէն արմատացած թրքախօսութիւնն էր, հին սերունդին խօսակցական լեզուն, առանց սակայն հայութիւն վիրաւորելու եւ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը արատաւորելու դիտաւորութեան: Թրքերէնով անէծք ու հայհոյանք անդադար կը տեղար դարաւոր թշնա-
միին հասցէին, նոյն ատեն հաւատամքով ու գիտակցութեամբ դաւանելով հայու ոգին մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, մինչեւ որ «թրքերէնով խօսողին հայերէն պատասխանէ» կարգախօսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու ազգային կազմակերպութիւններու հաւաքական ջանքերը յաջողեցան վերջակէտ մը դնել անբաղձալի այդ կացութեան: *** Միջանկեալ, ասիկա այն թուրքն է, որ անտեսելո՛վ, արհամարհելո՛վ միջազգային ամէն օրէնք կամ իրաւունք, այս օրերուն, Կիպրոսի բարբարոսային իր ներխուժումէն 45 տարի ետք, բռնագրաւուած յունական Ֆամակուստա ծովեզերեայ գեղեցիկ, բայց ամայացած, որբացա՛ծ քաղաքը կ’ուզէ անկուշտօրէն իւրացնել, վերաբանալ, վերաբնակեցնել՝ այս անգամ թուրքերով եւ վերակոչել... Մարա՜շ: Նո՜ր Մարաշ, քիչին գալով կարծես յափշտակած մեր հի՜ն Մարաշը.... *** Նոր Մարաշի հարազատութիւնը բնորոշող երեւոյթ էր նաեւ յորջորջումներու շարքը: Կիւքիւր, Սանճաքլը, Պոքսէր Արամ, Էմմը Օղլու, Պէրպէր Միսաք, Սայաճի Աւետիս... ամէն մէկը՝ հին Մարաշի մէկ բեկորը, վերածնած ընտանիքով նոր կեանք, նոր հայութիւն կերտելու ասպնջական երկրի մը գիրկին մէջ: Ապրիլ 24-ը, Վարդանանցը, Մայիս 28-ը կ’ոգեկոչէր նոյն շունչով, ուխտով ու ապագայի յոյսերով, փակելով խանութ, գրասենեակ, գործ, գործարան, դպրոց: Եկեղեցւոյ զանգը լսե՞ց, ամէն զբաղում կը սառէր պահիկ մը, Աստուածահաճոյ իր խաչը հանելու համար: Հեռուէն քահանան տեսա՞ւ, չէր անտեսեր, քայլերը չէր փոխեր, այլ կը մօտենար եւ երկիւղածութեամբ ձեռքը կը պագնէր «Օրհնեցէ՛ք, Տէր Հայր»ով մը: Պարզամիտ մարդիկ, հնամենի, թերեւս անուս, բայց շատ անգամ ուսեալէ մը աւելի քաղաքավար, համեստ, խոհեմ, իմաստուն, սրամիտ, լեզւանի՛, ինչ փոյթ թէ բնազդաբար ու նոպայական՝ Շարունակութիւնը էջ 24
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԷՆ... ԹԱԼԱՊԻԱ (Տեսարաններ) Շարունակութիւն էջ 23-էն
հայհոյանքի քանի մը պատառ սպրդէր այդ լեզուէն, նարտի սեղանին վրայ, չար բախտի մէկ պահուն: Նահապետականութիւն մը կար, բարի սովորութիւններու անձնատուր: Հարուստը հարուստ էր, աղքատը՝ աղքատ, բայց վարի խաւը ցոյցի կամ բողոքի չէր դիմեր վերի խաւին դէմ, դասակարգային այս տարբերութեան համար: Փառք կու տար Ամենակալին, որ արեւը ըմպելու երջանկութիւնը կը վայելէր անիծեալ թուրքին եաթաղանէն շատ հեռու, ինչ գոյն ալ ցոյց տային ընկերային կեանքի ոլորտները: Առտու կանուխ, արեւը դեռ չծագած շարժումը ծայր կու տար փողոցներուն մէջ: Փռապանը, կաթնավաճառը, նպարավաճառը, մսագործը աշխատանքի կը լծուէին վերանորոգ աշխուժութեամբ առ ի պատրաստութիւն հետզհետէ ներխուժող յաճախորդներու բանակին, մինչ պաշտօնեաներու եւ բանուորներու խումբը, կէսօրուան ուտելիքը ձեռքին կ'ուղղուէր դէպի հանրակառքի կայան, ժամ առաջ հասնելու աշխատատեղի, հայու իր քրտինքը զոհաբերելու ի խնդիր՝ աքսորական ճամբու ճիրաններէն ճողոպրած ընտանիքի մը բազմապիսի կարիքներու գոհացման: Անձնական ինքնաշարժը սովորական տեսարան մը չէր այդ նեղ ճամբաներու երկայնքին, եւ մարդկային կեանքն ալ կ'եռար աւելի մայթերու վրայ քան թէ՝ ասֆալթին: Մեծ հայրս, Գասպար աղան, անուն մըն ալ իրը՝ «Տաշճը Գասպօր», հակառակ յառաջացած տարիքին, ոտքը ոտքին վրայ՝ նարկիլէով «վախըթ» (ժամանակ) անցընողը եւ հանգիստ որոնողը չէր: Ապրուստի հոգով սնանող հայու տարագիր մըն ալ ինք, միւսներէն առաջ կ’արթննար, կ’իջնէր մեր տան գետնայարկ «փաչա»յի իր ճաշարանը, փոքր կաթսաներու մէջ մեծ մօրս օգնութեամբ կը խաշէր միսը, կը համեմէր սխտորի, պղպեղի ու կիտրոնի հետ եւ տաք պնակի գոլորշիէն տարածուող ախորժաբեր բուրումով սննդարար այս ուտելիքը կը հրամցնէր անոր սիրահարներուն, ձմրան մանաւանդ, դուրսի ցուրտին ու անձրեւին ա՛լ աւելի բազմապատկելով զայն դգալելու մարմաջը: Եթէ երբեք մաղձաճարպի (քոլեսթերոլ) աստիճանն ալ վերելք արձանագրէր երակներէն ներս, ի՜նչ փոյթ: Շատ առտուներ ինծի ալ կը կերցնէին այս «ճարպապուր»ը, դպրոց ուղղուելէն առաջ, պնդելով, որ ոսկորներուն «իլիկ»ն ալ (ծուծ) անպայման կլլեմ, որպէսզի «զօրանամ» դասերէն առաջ: Առտու մը, պատահեցաւ որ 5 լիբ. ոսկի թղթադրամ մը գտնեմ գետինը, սեղաններէն մէկուն տակ: Քիչ դրամ չէր այդ օրերուն: Ուրախութիւնս երկար չտեւեց սակայն: - «Պա՛խ օղլում, պու փարա սէնին օլամազ, օնուն սահիպի վար, պանա՛ վեր պախալըմ, էֆֆէրիմ»: - «Նայէ՛ տղաս, այս դրամը քուկդ չի կրնար
Աւագ Ուրբաթը` Պուրճ Համուտի մէջ
ըլլալ, անոր տէրը կայ, ինծի տո՛ւր նայիմ, ապրի՛ս»: Ցնծութեանս վրայ քամուած այս քացախը սակայն բարոյական կարեւոր դաս մը տուած եղաւ ինծի, կանուխ տարիքէն ծանօթանալու մարդկային խղճամիտ եւ արդար վերաբերումին: Քանի մը օր ետք դրամին տէրը գտնուեցաւ եւ 50 ղրուշով վարձատրեց զիս: Մաքո՛ւր գործ: Բարի եւ ուղղամիտ մարդ էր մեծ հայրս, հին սերունդի մարաշցիներէն, պապենական իր տան երազով օրօրուն: Օրուան յոգնութիւնը կը փարատէր, երբ զիս գտնէր իր գիրկին մէջ: Չափազանց կը յուզուէր «Մարտիկի երգ»ը՝ «Թռչէի մտքով տուն»էն, գաւաթ մը երկու օղիի ազդեցութեան տակ: Ամէն անգամ իր խնդրանքին վրայ, երբ երգը երգէի իր բոլոր տուներով, 25 ղրուշ մը կը սահեցնէր ափիս մէջ, յորդառատ արցունքները աչքին: Քանի մը առիթներով չարաշահեցի իր այս ազնուութիւնը, մանկական անկարգութեամբ եւ երգին առաջին տունին՝ քառորդ ոսկին գրպանելուս պէս կծիկը տուի, մնացեալ տուները թողելով իր մխիթարական երեւակայութեան: Նման չարաճճիութիւն մը հարկաւ անկարելի էր երեւակայել նախակրթարանիս՝ Նոր Մարաշի Ս. Քառասուն Մանկանց Վարժարանի կամարներուն տակ, ուր տնօրէն Սեդրակ Զաւէնի գերմանական «տիսիբլին»ը, բուրվառի պէս առջեւ ետեւ ճօճուող ձեռքի սրածայր գաւազանով, ազդանշան էր գլխու գալիքին, դպրոցական ներքին կանոններու խախտումին դիմաց: «Գողութիւն ըրէ՛ք, բայց մի՛ բռնուիք», կը յայտարարէր երբեմն, բարձրաձայն, զբօսանքներէն ետք շարքի կեցած հարիւրաւոր աշակերտներուն, դասարան ուղղուելէ առաջ: «Գողութիւն»ը, հոս, իրեն համար «անկարգութիւն»ն էր, որուն սահմանումը լաւ կը հասկնար ու կը հասկցնէր դպրոցին կարգապահութիւնը բարձր պահող հեղինակաւոր, խստապահանջ եւ շուքը ծանր մօտեցումով: Երբեմն զբօսանքին վազե՛լն անգամ կը նկատուէր արգիլեալ գօտի, փոքրիկի մը զարնուելու եւ անզգուշաբար Շարունակութիւնը էջ 25
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 25
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԷՆ... ԹԱԼԱՊԻԱ (Տեսարաններ) Շարունակութիւն էջ 24-էն
զայն գետին տապալելու վտանգը կանխելու նպատակով: Նեղ կու գար բակը բաղդատած՝ աշակերտութեան թիւին: Հայերէն լեզուի մեր ուսուցիչն էր պրն. Լեւոն Ագխաչերեանը, գրական ծածկանունով՝ Զարեհ Զարգուն: Համակրելի եւ զուարթամիտ մարդ մըն էր: Կը սիրէի զինք եւ իր դասաւանդած նիւթը: Դասը պահանջելու իր սովորութիւնն էր պատ հանելու աշակերտը, դասագիրքով եւ կատարելու սահուն ընթերցումի, բառագիտութեան եւ ուղղագրութեան քննութիւն: Շատ կը նեղանար ուղղագրական արտառոց սխալներէն եւ յաճախ պահի լրջութիւնը շաքարող կատակով, սա սպառնալիքը կու տար դասարանին: - Ձեր մէջէն կարծեմ մի քանի հոգի պիտի դնեմ խոշոր պարկի մը մէջ, բերանը լաւ մը պիտի կապեմ, ծանր քարով եւ պիտի նետեմ Նահր գետին մէջ… Առիթով մը պատին վրայ գրեց նմանաձայն երկու բառեր, հաջող- յաջող եւ պատ ելած աշակերտին դառնալով հարցուց: - Հիմա մէկ մէկ ըսէ՛ նայիմ այս բառերուն իմաստը: Դասընկերս քիչ մը վարանոտ, ուզեց վստահ ըլլալ տալիք պատասխանին վրայ եւ յետոյ խիստ գոհունակ՝ - Առաջի՛նը պարոն, շունը կը հաջէ՛, շունի ձայն... - Լաւ, միւսը՞... - Միւսն ալ... մա՛րդը կը «յաջէ», պարոն... Ահագին խնդուք մը պայթեցաւ դասարանին մէջ, պրն. Զարգունն ալ միասին, իր մի քանի ոսկի ակռաներուն ամբողջական ցուցադրութեամբ: Վստահաբար բարեկամս «կը յաջողի» պիտի ըսէր, բայց այդ վայրկեանին, բոլորին աչքին առջեւ լեզուն դաւաճանած եղաւ իրեն, ինչ որ պատահական է միշտ: Իբրեւ աշակերտ պարտաւոր էինք եկեղեցի ներկայանալ ամէն Կիրակի, պատարագին, դպիր ըլլայինք կամ ոչ: Դպրապետն ալ իր սաստերով ետ չէր մնար Սեդրակ Զաւէնեանի խստութենէն, եթէ երբեք համարձակէինք եկեղեցւոյ դասը, խորանին առջեւ կողմնակի խօսիլ, գետինը նստած ոտնածալ, մեզի համար երկարապատում եւ անհասկնալի քարոզի մը պահուն: Բայց առանց բացառութեան, «ստեպղինն ալ, գաւազանին կողքին» իր համը կ'արտայայտէր դրական գործունէութեան ի տես: Ատենամարզանքներուն, որոնք տեղի կ’ունենային եկեղեցւոյ մէջ, գեղեցիկ արտասանութիւն մը, մեներգ մը, օրինակելի արարք մը եւ կամ առաջնակարգ արդիւնքներ դասերու մէջ անպայման կ’ար-
ժանանային գովեստի, բարենիշի, ծափահարութեան: Իբրեւ դպիր, երբ հանգուցեալի մը դագաղին առջեւէն մոմակալը բարձր բռնած կը կտրէինք եկեղեցիէն մինչեւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը երկարող քանի մը քիլոմեթր ճամբան, մէկ լիբանանեան ոսկի մըն ալ կը մտնէր գրպան, բառերէն անդին գործնական գնահատումով: Կը պատահէր երբեմն, որ անսպասելի եւ անհաճոյ զուգադիպութեամբ եկեղեցւոյ թաղը կը զգենուր հակոտնեայ վիճակ: Խլացուցիչ ճչակներով հարսանեկան ինքնաշարժներու ժամանումը աւետող կարաւանը, սպիտակ ժապաւէններով զարդարուն՝ կը հարկադրուէր կանգ առնել մայր դարպասին չհասած, սպասելով, որ նոյն պահուն սեւ ժապաւէններով ուսամբարձ դագաղ մը տեղաւորուի մեռելակառքին մէջ, լաց ու կոծի սեւազգեստ սգակիրներու խումբը ետեւէն: Դառն իրականութի՞ւն, թէ՝ կեանքի անխուսափելի երեւոյթ: Եկեղեցիին կից հետաքրքրական կեդրոն մըն էր Էմմը Օղլույին գրախանութը: Բերնէ բերան թըխմուած գիրքեր, տետրակներ, գրենական գոյքեր, դասագիրքեր, վէպեր, մինչեւ իսկ Շէյքսպիրի «Օթէլլօ»ն կարելի էր գտնել հոն, այդ դէզերուն մէջ: Լաւը այն էր, որ գործածուած դասագիրքեր ետ կ’առնէր յարմար գինով եւ նորոգելէն ու վերակազմելէն ետք, չնչին շահով մը դարձեալ կը վաճառէր թաղի փոքրիկներուն, տասնամեակներ առաջ իր նպաստը բերած ըլլալով այսօրուան վերամշակման (recycling) համատարած ջանքերուն...: Միտքիս մէջէն ելքի վիզա չէ առած երբեք Էմմը Օղլուին ֆիզիքականը, բարձր իր հասակով եւ քիթին տակի քառակուսի պէխով, Սեդրակ Զաւէնինին նման:
Շար․ 1
Էջ 26
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Էջմիածնի մեջ բացումը կատարուեցաւ Երուսաղէմի Պալեան ընտանիքի 100-ամեայ ժառանգութեանը նուիրուած բացառիկ ցուցահանդէս
Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի, Պալեան ընտանիքի, Սեպտեմբեր 28-ի երեկոյան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կուտինայէն Երուսաղէմ․ Յախճապակիի վարպետութեան 100-ամեայ ճամբորդութիւն» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը նուիրուած է Երուսաղէմի Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի հիմնարկման 100-ամեակին, որ կը լրանայ այս տարի։ Ցուցահանդէսը ամբողջական պատկերացում կուտայ Պալեաններու անցած ճանապարհի եւ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի աւանդութեան մասին, ինչպէս նաեւ ցոյց կուտայ այն ընտանեկան
ժառանգութիւնը, որ այսօր հաւատարմօրէն կը պահեն Պալեաններու սերունդները՝ հասցնելով մինչեւ Հայաստան: Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Պալեաններու շարաւիղ եւ Երուսաղէմի մէջ յախճապակիի արհեստանոցի գլխաւոր տնօրէն Նշան Պալեան։ Ցուցահանդէսի ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ Ֆրանսայէն Երուսաղէմ հաստատուած ինքնատիպ նկարչուհի Մարի Պալեանի (մահացած 2017ին) գործունէութիւնը, որի շնորհիւ Պալեաններու աւանդական գործը գեղագիտական նոր շունչ ստացած է։ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2020-ի Յունուարի վերջը։ …1919 թուականին անգլիացիները Կոմիտաս վարդապետի ծննդավայր Կուտինայի նշանաւոր յախճապակիի արուեստին տիրապետող երեք հայ ընտանիքի փոխադրած են Երուսաղէմ՝ իսլամական «Ժայռի գմբեթ» սրբավայրի շրջակայքի սալիկները նորոգելու համար: Անոնց մէջ էր նաեւ Նշան Պալեանը, որու ընտանիքի անուան հետ կը կապուի այսօր Սուրբ քաղաքի կապոյտ հմայքի առեղծուածը:
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 27
«Մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի» Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հ
« այոց ցեղասպանութեան մասին գրեթէ բան չենք գիտեր»: Գործակիցս` Պերնթ Օլսընն է, Նորվեկիոյ մեր գրասենեակի աշխատակազմէն մին: Օսլօ` Նորվեկիա իմ վերջին աշխատանքային այցելութեան ընթացքին առիթ եղաւ անդրադառնալու հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան: Նորվեկիացիք գիտեն իրենց ազգակից մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի մասին: Գիտեն, որ ան մարդկային հաւաքական կեանքերու համար բարեսիրական շատ գործեր կատարած է, յատկապէս` Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղահանուած ժողովուրդներու ինքնութեան եւ անձնագրի ապահովութեան հայթայթման գործին մէջ: Ան նաեւ առնչուած է հայ ժողովուրդին հետ: Բայց, թէ ի՛նչ էր ճիշդ այդ առնչուածութիւնը եւ անոր պատմութեան հետեւանքները, այդ բոլորին շատ ծանօթ չէին: «Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Նանսենի եւ անոր տածած հոգածութեան եւ նեցուկին` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ գաղթականներուն իրաւական հիմք տալու իր նախաձեռնութիւններուն համար»: Այս եղաւ լաւ սկիզբ մը, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնեմ Նորվեկիոյ մէջ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին: Հոսկէ կարելի էր տեսնել, թէ ամէն մարդ չէ, որ գիտէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը: Տակաւին բաւական աշխատանք ունինք կատարելու` մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու աշխարհին: Նորվեկիան այն երկիրներէն է, որ հայու պատմութեան այդքան ալ ծանօթ չէ: Երեւի անոր աշխարհագրական հեռաւորութիւնն ալ չէ նպաստած առնչուելու հայոց պատմութեան տուեալներուն հետ: Բայց հետաքրքրականը այն էր, որ հայկական իրականութեան հանդիպելէ առաջ հանդիպեցայ ոչ հայկականին: Պատահականութիւն թէ ոչ, բայց արժէ նաեւ տեսնել ուրիշը իր կեանքի մաքառումներուն մէջ: Պերնթի հետ տեղական ճաշարանի մը մէջ ենք: Միջին տարիքի մարդ մըն էր, որ կը փորձէր մեր ապսպրանքները ապահովել: Պերնթ ոչ մէկ տեսակ դժուարութիւն ունէր հաղորդակցելու հետը: Կը խօսէին տեղական լեզուն եւ այդ ալ` սահուն: Բայց կըրնայի տեսնել, որ անոր դէմքի գիծերն ու, տակաւին, խօսակցական ոճը եւրոպական չէր: Բայց այս օրերուն, երբ աշխարհի բնակչութիւնը տեւապէս տեղաշարժի մէջ է, ուր միջին հաշուով եւ տարեկան համեմատութեամբ աւելի քան երկու հարիւր քառասուն միլիոն մարդ կը լքէ իր «տունը» եւ կը մեկնի այլ տեղ` տարբեր պատճառներով, դժուար է ըսել ու նկարագրել, թէ ինչպէ՞ս է համադրումը ընկերային հաւաքականութիւններու ու անոնց համակարգերու ինքնութեան բնորոշումը: Բայց այս մարդուն մէջ կար քիչ մը ինծի նմանող հարազատ մշակութային կենցաղի
երեւոյթներ: Շատ արագ սկսայ մտածել, որ «այս մարդը կրնայ մեր կողմերէն ըլլալ…»: Իսկ «մե՞րը»… Կրցայ կարդալ իր անունը իր բաճկոնին վրայէն` Սեմ Ռամատան: Ռամատան անունը լիբանանեան ընտանիք է. Համալսարանական տարիներուս ունէի այդ ընտանիքէն դասընկեր մը, հետեաբար շատ արագ կերպով սկսայ հետը խօսիլ արաբերէն: Սեմին դէմքի արտայայտութիւնը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ: Ուրախ էր, որ կը տեսնէր իր «երկրէն» մարդ մը, որ կը խօսէր նաեւ իր լեզուն: «Ռաս նապաաէն եմ,- ըսաւ Սեմ: – Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մեր շրջանը շատ վտանգաւոր էր, չկրցանք դիմանալ եւ գաղթեցինք այս երկիրը»: Սեմը Պէյրութը ձգած էր, երբ հազիւ տասնինը տարեկան էր: Ան արդէն այսօր չափահաս է: Անկախ այն երեւոյթէն, որ տիրապետած է տեղական լեզուին, բայց արաբերէնը տակաւին տոկուն է: «Պէյրութի օրերով կ’ապրիմ», ըսաւ ան: Ան ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի լաւ զգանք: Տան ու հողին կարօ՞տն էր… Էվան Խրուաթիայէն է: Երիտասարդ օրիորդ մը, որ իր երկիրը ձգած եւ եկած է Նորվեկիա: Ան կ’աշխատի` որպէս սպասեակ այլ ճաշարանի մը մէջ: Տեղական լեզուին շատ չէ տիրապետած: Գործակիցիս` Պերնթին հետ բաւական «չարչարուեցաւ», մինչեւ որ հասկցաւ, թէ ի՛նչ կ’ուզէինք ճաշել այդ օր: Այդ չարչարանքին հետ կար նաեւ խպնիլը: Վերջապէս, օտար երկրի մէջ էր… Տեսնելով, որ երիտասարդ Էվան կը տքնի, փորձեցի անգլերէն խօսիլ, որպէսզի քիչ մը աւելի լաւ զգայ: Ճաշի ապսպրանքէն անդին` իրեն ըսի. «Բայց շատ գեղեցիկ երկիր մը ունիք: Եղած եմ Խրուաթիա»: «Այո՛, գիտեմ,- ըսաւ Էվա,- բայց տնտեսական տագնապը մեզ կը ճնշէ: Ստիպուած էի ձգել տունս եւ երկիրս ու հոս գալ, որպէսզի ապրուստ ապահովեմ»: Եւ կը սկսիս մտածել: Այս օրերու աշխարհը ո՞ւր հասած է, որ մարդ ստիպուած պիտի ըլլայ ձգել իր հարազատ ու գեղեցիկ տունը, հողը եւ երթայ ուրիշ տեղ… Ապրելո՞ւ… Շարունակութիւնը էջ 28
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
«Մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի» Շարունակութիւն էջ 27-էն
Ալեքսին դէմքին վրայ տարբեր ուրախութիւն եւ քաջալերանք մը եկաւ, երբ իմացաւ, որ Կիպրոսէն եմ: Ալեքսը երիտասարդ տղայ մըն է, որ կու գայ Յունաստանի Ռոտոս կղզիէն: Յունական գործօնը նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, որ մեր հաղորդակցութիւնը աւելի ջերմանայ: Եղած է աւելի քան մէկ տարի, որ Ալեքս եկած է Օսլօ: «Տնտեսական տագնապը Յունաստանի մէջ պատճառ եղաւ, որ այս կողմերը գամ, որպէսզի աւելի լաւ աշխատանք եւ եկամուտ ճարեմ», ըսաւ Ալեքս: Պատերազմ ու տակաւին` տնտեսական ու ընկերային բարդ իրավիճակներ: Բանաստեղծին հետ դուն ալ կը մտաբերես. «Աշխարհն, այո՛, շուռ է եկել»: Երեւի ներկայ օրերու աշխարհը եղած է այնքան աննպաստ, որ մարդ չի կրնար այլեւս ապրիլ գէթ իր հողին վրայ: Սաթօ Մովսիսեանը ծնած է Նախիջեւան: 1988 տարիներու պատերազմին ու ողբերգութիւններուն ան դուրս եկած է տարածաշրջանէն: Ան նախ հաստատուած է Հայաստան, որմէ ետք` Ռուսիա, ապա 1994-ին անցած է Նորվեկիա: Սաթոյին հարցուցի իր տարիքը. «Յիսուն առաւել, առաւել…», ըսաւ ան: Այդ «առաւել, առաւել» արտայայտութեան մէջ կրցայ տեսնել, թէ որքա՜ն կեանքի փորձ կուտակած է ան: Սաթոն կ’աշխատի տեղական մեծ գործարանի մը մէջ, բայց ապրելով ղարաբաղեան պատերազմի ու անոր տեղահանութեան արհաւիրքը` կրցած է իր մէջ ամրապընդել ոչ միայն ապրուստ ճարելու հեւքը, բայց նաեւ` ազգային կեանքի ու արժէքներու գիտակցութիւնը եւ անոնց սատարումը: «Մօտաւորապէս երկու հազար հայ կ’ապրի հոս»,- ըսաւ Սաթոն: – Անոնք տարածուած են երկրի ամբողջ տարածքին: Այս իմաստով, բոլորը համախմբել շատ դժուար բան մըն է: Հայերու կարեւոր մասը եկած են Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն, փոքր թիւ մըն ալ` Պարսկաստանէն եւ Սուրիայէն: «Ունինք հինգ անդամներէ բաղկացած ազգային խորհուրդ մը,- ըսաւ Սաթոն: – Կը փորձենք որոշ գործունէութիւն կազմակերպելով` հայերը քով-քովի բերել», եղաւ Սաթոյին ոչ այնքան յուսադրող ներդրումները: Սաթոն կը գիտակցի, որ սեփական եկեղեցաշէնք չունենալը չի նպաստեր գաղութին կազմաւորման: «Մեր գլխաւոր նպատակը մեր սեփական եկեղեցին ունենալն է», ըսաւ ան: Գաղութի խորհուրդը կ’աշխատի, որպէսզի իրականացնէ այս ծրագիրը: Գաղութը չունի մնայուն եկեղեցական հովիւ: Դանիայէն հոգեւոր հովիւը տարին երկու անգամ կու գայ, որպէսզի եկեղեցական արարողութիւն կատարէ: Սաթոն լաւ կը գիտակցի, որ հայապահպանումը դժուար առաքելութիւն է ներկայ ժամանակներուն: Չունին նոյնիսկ շաբաթօրեայ վարժարան, ուր հայերէն կրնան սորվեցնել նոր սերունդին: Կը մնայ
հայրենիքի գործօնը: «Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ լաւ կը պահենք, քանի այդ մէկը կարեւոր է հայապահպանումի գործօնին համար», ըսաւ ան: Կրցայ տեսնել, որ Սաթոն մէկ-մէկ սկսաւ դուրս բերել իր ապրած տարբեր տրամադրութիւնները: Ան շատ լաւ կրցած էր տեսնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սփիւռք եւ անոր մէջ ապրելու իրավիճակ: Կրցած էր նաեւ տեսնել, որ իր ապրած կեանքը այս ներկայ հողին վրայ «օտար» է, երեւի «ամայի՞», որ չի լեցներ իր հայու հոգին… «Եկած ենք` ուրիշին երկիրը կը շէնցնենք», ըսաւ Սաթոն: Սաթոյին հետ մեր խօսակցութիւնը պէտք էր ամփոփէինք` անկախ այն երեւոյթէն, որ երկու հայերու հանդիպումը եւ խօսակցութիւնը հաճելի է եւ կրնայ երկարաշունչ ալ ըլլալ: Բաժնուելէ առաջ ան ըրաւ իր հաստատումը. «Մտադրութիւն ունիմ Հայաստան վերադառնալ: Ամէն մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»: Հողը եւ անոր վրայ ապրելու գրաւականը: Հողը, որ հարազատ է, օտար չէ, ոչ ալ` ամայի… Սեմը, Էվան, Ալեքսը ու տակաւին… Բոլորն ալ կ’ապրին իրենց հողին ջերմութիւնը, նոյնիսկ երբ անոնք կ’ապրին անկէ հեռու` տարբեր պատճառներով եւ պարտադրանքներով: Սաթոյի կեանքի փորձն ալ այդ է: Սաթոն ալ կ’ապրի հողին հարազատութիւնը, քանի կ’ապրի անկէ հեռու: Բայց Սաթոյին համար կայ գիտակցութիւնը եւ զգաստութիւնը, թէ` «մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»: Հոն, ուր մարդը կ’ապրի իր ինքնութեան, հարազատութեան եւ ջերմութեան մէջ: Բայց հողին վրայ ապրելու համար անհրաժեշտ է նոյն հողին «ապահովութիւնը»` իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջ: Եթէ քաղաքական, բայց նաեւ` ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու, տակաւին, կրօնական ու մարդկային ապահովութիւն: Այս ալ ներկայ աշխարհին մէկ մեծ մտահոգութիւնը եւ իրագործելի մարտահրաւէրն է: Հողին ապահովութիւնը: Հոն, ուր մարդը պիտի ապրի իր կեանքը` իր հարազատութեան մէջէն: Ապահովութիւնը խարիսխն է կեանքեր կերտելու: Բայց մինչեւ այդ կայ ու կը մնայ Սաթոյին գիտակցութիւնը, որ` «մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»: Այս ալ հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու գրաւականն է: Հողին, երկրին` Հայաստանի մէջ ու անոր համար ապրելու իրականութիւնը: Հոն, ուր հայը պարտի կերտել «ապահով» հող, որպէսզի կեանքեր շինուին: Հայկական կեանքեր: «Մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»: Սաթոյին զգաստութիւնը, եւ` իւրաքանչիւր հայու…
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 29
Բժշկական - առողջապահական
Ուղեղի առողջապահութիւն Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ո
ւղեղը եզակի եւ շատ բարդ օրկան մըն է, որ կը ղեկավարէ մեր մարմինի ամբողջ գործունէութիւնները: Ան կատարելոգործուած եւ ամէնէն բարդ «համակարգիչ»ն է: Անիկա ունի յատկանշական իւրայատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ճկունութիւն (plasticity) եւ տեղեկութիւններ ամբարելու անսահման կարողականութիւն: Ուղեղը 60 տոկոսով կազմուած է ճարպէ: Անիկա մարմինի ամէնէն շատ ճարպ պարունակող օրկանն է: Անիկա կը գործէ ուժգնութեամբ եւ բնական ձեւով՝ երբ առողջ է: Ուղեղի առողջութեան եւ գործունէութեան անդրադառնալէ առաջ հարկ է, որ նախ խօսինք անոր կազմախօսութեան մասին: Չափահաս անհատի մը ուղեղը կը կշռէ 1-2 քիլոկրամ: Անիկա կը ներկայացնէ միլիոնաւոր ջղաբջիջներու ամբողջութիւն մը: Ջղաբջիջները գալարաւոր (convoluted) խմբաւորումներով կը կազմեն ծալքեր եւ փականներ (flaps): Իւրաքանչիւր ջղաբջիջ կը հաղորդակցի միլիոնաւոր այլ ջղաբջիջներու հետ: Ուղեղը շարունակ կը վերանորոգուի, եւ նոր ջղաբջիջներ կ’արտադրուին, այլ խօսքով անիկա կ’աշխուժանայ շարունակ, որպէսզի կարենայ պահել իր ճկունութիւնը: Ուղեղը կազմուած է երկու խաւերէ՝ արտաքին խաւ կամ գլխախաւ (cortex) եւ ենթագլխախաւ (subcortex): Երկուքը կը գործեն միասնաբար՝ համադրուած ձեւով, որպէս մէկ ամբողջութիւն: Իւրաքանչիւրը ունի որոշ յատկութիւններ եւ դերակատարութիւններ: Գլխախաւը կ’առնչուի շատ մը բարդ գործողութիւններու որոնք կը կատարուին գիտակցօրէն եւ նպատակաւոր կերպով, օրինակ՝ մտածել, խօսիլ, յիշել, յղացումներ կազմել, հարցեր լուծել, մտիկ ընել եւ լսել, տեսնել ու հոգեվիճակներ ընկալել: Ենթագլխախաւը կը գտնուի գլխախաւին յատակը: Անիկա կ’առնչուի մեր ամէնօրեայ կատարելիք գործողութիւններուն, որոնք կը կատարուին ենթագիտակցութեամբ, օրինակ՝ մեքենագրել, հագուստ հագնիլ, ինքնաշարժ վարել: Ուղեղը բաժնուած է երկու կիսագունդերու (hemispheres)՝ աջ եւ ձախ կիսագունդեր: Ասոնք միացած են իրարու կամարաձեւ հիւսկէնով մը, որուն միջոցաւ տեղեկութիւնները կը փոխանցուին
մէկէն միւսին: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը աջլիկ է, այսինքն՝ աջ ձեռքը կը գործածէ: Ասոնց լեզուականխօսելու կարողականութեան կեդրոնը կը գտնուի ձախ կիսագունդին մէջ: Իսկ ժողովուրդին փոքրամասնութիւնը ձախլիկ է, այսինքն ձախ ձեռքը կը գործածէ: Ասոնց լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը կը գտնուի աջ կիսագունդին մէջ: «Տիրապետող-տիրող կիսագունդ» (dominant hemisphere) կը կոչուի այն կիսագունդը, ուր կը գտնուի լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը: Տիրապետող կողմը կեդրոնն է նաեւ տրամաբանութեան (logic) եւ վերլուծական (analytic) կարողականութեան: Ոչ-տիրապետող կողմը կեդրոնն է ոչ լեզուական տեղեկութիւններու, ինչպէս՝ չափ, ձեւ, ձայն եւլն.։ Իւրաքանչիւր կիսագունդ կազմուած է չորս բլթակներէ (lobes)՝ ճակատային (frontal), քունքային (temporal), առպատային (parietal) եւ ծոծրակային (occipital) բլթակներ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը գործելու յատուկ ձեւ եւ պարտականութիւն ունի: Ճակատային բլթակը առնչուած է անհատականութեան հետ, քունքայինը՝ լսողութեան, յիշողութեան եւ սորվելու հետ, առպատայինը՝ տեղի եւ դիրքորոշումի հասկացողութեան, աջի եւ ձախի հասկացողութեան, կարդալու, գրելու եւ կեդրոնացումի հետ: Իսկ ծոծրակայինը՝ տեսողութեան եւ տեսանելիի զանազանութեան հետ: Իւրաքանչիւր կիսագունդի մէջ կը գտնուի ուղեղի ձիաձուկը (hippocampus), որուն պարտականութիւններն են՝ տեղեկութիւններու ամբարումը իր մէջ եւ կարեւոր տեղեկութիւններու փոխանցումը ուղեղի գլխախաւին, մասնաւորապէս հինգ զգայարանքներու տեղեկութիւնները, այսինքն՝ տեսողական, լսողական, դպչելու, համի եւ հոտառութեան զգացողականութիւնները: Անիկա առնչուած է նաեւ սորվելու եւ յիշողութեան կարողականութեան: Ուղեղին ստորոտը կը գտնուի ուղեղիկը (cerebellum), որ կը համադրէ մարմինին հաւասարակըշռութիւնը: Շարունակութիւնը էջ 30
Հայ Կեանք
Էջ 30
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Ուղեղի առողջապահութիւն Շարունակութիւն էջ 29-էն
Ուղեղաբունը (brain stem) կը համադրէ մարմինին ինքնագործ գործունէութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան անգիտակցօրէն, օրինակ՝ սիրտի բաբախումը, արեան ճնշումը, շնչառութիւնը եւ քունի ու արթնութեան հանգրուանները (sleep cycles): Ուղեղը իր ամբողջութեամբ պէտք է առողջ վիճակի մէջ ըլլայ, որպէսզի կատարէ իր գործունէութիւնները բնական եւ արդիւնաւոր ձեւով: Ուղեղը առողջ է եւ կը գործէ արդիւնաւոր ու բնական ձեւով հետեւեալ ազդակներու ներգործութեամբ. Ա. Բաւարար չափով թթուածինի մատակարարում. Բ. Բաւարար քանակութեամբ ածխաջրատիշաքարի (carbohydrates) եւ առողջապահական սննդանիւթերու մատակարարում. Գ. Ուղեղի բջիջներու գրգռութիւն-արթնութիւն. Դ. Միջավայրի ներդրում եւ ազդեցութիւն. Ե. Կենցաղավարութիւն. Զ. Հոգեկան ապրումներու որոնում։ Այս ազդակներու խախտումով ուղեղը կը կորսընցնէ իր առողջութիւնը, կ՛այ-լափոխուի անոր բնական գործունէութիւնը, եւ ի յայտ կու գան անբնական զանազան երեւոյթներ եւ հիւանդութիւններ: Ուղեղը մարմինի օրկաններէն մինակն է, որ առաւելագոյն քանակութեամբ թթուածինի եւ շաքարի կարիքը ունի: Անոր կարողականութիւնը կը նուազի, երբ բաւարար քանակութեամբ թթուածին եւ շաքար չստանայ: Սիրտի իւրաքանչիւր բաբախումով դուրս մղուած թթուածինով եւ շաքարով յագեցած (saturated) արեան 25 տոկոսը կը հասնի ուղեղ, որ կը պահէ ուղեղը առողջ եւ անոր գործունէութիւնը՝ բնական: Ուղեղը կը ձախողի իր գործունէութեան մէջ, երբ բաւականչափ թթուածինով եւ շաքարով յագեցած արիւն չհասնի իրեն: Թթուածինի եւ շաքարի նուազ մատակարարումով տեղի կ՛ունենայ ուղեղային կաթուած (stroke), ինչպէս նաեւ ջղաբջիջներու վնաս, անդամալուծութիւն, անխօսութիւն, անհատականութեան փոփոխութիւն: Ուղեղին բաւարար չափով թթուածինի մատակարարումը տեղի կ’ունենայ թթուածինով յագեցած արեան շրջանառութեամբ (blood circulation): Արեան թթուածինով յագեցումը պայմանաւորուած է վերի եւ վարի շնչառական համակարգի բնական գործունէութեամբ: Իսկ արեան շրջանառութիւնը պայմանաւորուած է սրտանօթային համակարգի առողջ եւ բնական գործունէութեամբ: Այսինքն ուղեղին պէտք է բաւարար քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն: Ապականած միջավայրի մէջ օդի թթուածինը
կը նուազի, հետեւաբար ներշնչուած օդը բաւարար թթուածին չի հասցներ թոքերուն եւ ապա ուղեղին: Ուստի ապականած միջավայրերէ հեռու պէտք է մնալ: Մարզանքը կը բարելաւէ սիրտի աշխատանքը եւ արեան շրջագայութիւնը, որ կը սնանէ ուղեղը առաւելագոյն չափով: Ուղեղը աւելի լաւ կը գործէ, կը մնայ առողջ ու երիտասարդ եւ կ’ունենայ արդիւնաւոր գործունէութիւն, երբ շարժինք: Ուստի պէտք է ունենանք շարժուն կեանք եւ հետեւինք օրինաւոր ու հետեւողական ֆիզիքական մարզանքի: Այս նըպատակին կը ծառայեն հետեւեալ միջոցառումները. 1․- Ամէն օր կէս ժամ քալել. 2․- Շաբաթը երեք օր մարզանք ընել տան մէջ կամ յատուկ կեդրոններու մէջ. 3․- Տան պարտէզին մէջ օրական 1-2 ժամ աշխատիլ. 4․- Պարել, ցատքել, վազել եւ լողալ։ Ուղեղին բաւարար քանակութեամբ ածխաջրատի մատակարարումը տեղի կ’ունենայ ածխաջրատով յագեցած արեան շրջանառութեամբ: Ածխաջրատները ներծծուելով աղիքներէն կը մտնեն արեան շրջանառութեան եւ կը հասնին լեարդ, ուր նիւթափոխանակումի ենթարկուելէ ետք, դարձեալ կը մտնեն արեան շրջանառութեան: Ածխաջրատով յագեցած արիւնը կը մղուի սիրտէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ: Այս բոլորը պայմանաւորուած են սննդեղէններու պարունակած ածխաջրատներու քանակէն եւ որակէն, ինչպէս նաեւ բարակ աղիքներու, լեարդի ու սրտա-անօթային համակարգի բնական գործունէութենէն: Շաքարի կողքին ուղեղը պէտք ունի զանազան այլ սննդանիւթերու, որպէսզի մնայ առողջ եւ կատարէ իր լրիւ գործունէութիւնը: Գոյութիւն ունին զանազան ձեւի սննդականոններ, որոնք բոլորը կը միտին մէկ նպատակի՝ վնասակար սննդանիւթեր բնաւ չսպառել, այլ բաւարար քանակութեամբ առողջապահական սննդանիւթեր օգտագործել, օրինակ՝ կերակուրներ, որոնք կը պարունակեն. 1.- Առատ բնասպիտներ. Ասոնք կը գտնուին սեւ միսի, հաւու միսի, ձուկի, հաւկիթի, կաթնեղէնի՝ մածունի, կաթի, պանիրի եւ խտացուած մածունի մէջ։ 2.- Չափաւոր եւ առողջապահական ածխաջրատներ. Ասոնք կը գտնուին ցորենի, գարիի (barley), արօտախոտի (rye grain) եւ վարսակի (oat) մէջ։ 3.- Նուազագոյն չափով ճարպեր. Լաւագոյն ճարպերէն են՝ ձիթաիւղը, բանջարեղէնի իւղը, եգիպտացորենի իւղը եւ սոյայի ու քանոլայի իւղերը: 4.- Բաւարար Օմեկա-3, որ առաւելաբար կը գտնուի ձուկի մէջ։ Շարունակութիւնը էջ 31
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայ Կեանք
Էջ 31
Ուղեղի առողջապահութիւն Շարունակութիւն էջ 30-էն
5.- Բաւարար կենսանիւթեր եւ «ֆայպըր»։ 6.- Առատ բանջարեղէն եւ պտուղներ։ 7.- Չոր ընդեղէն, կաղին եւ ընկոյզ։ Խիստ կարեւոր է առաւօտեան նախաճաշը, որպէսզի ուղեղին հասնի բաւարար սննդանիւթերով եւ շաքարով յագեցած արիւն: Ուղեղը ենթակայ պէտք է ըլլայ զանազան տեսակի շարունակական գրգռութիւններու, որպէսզի բջիջները մնան միշտ արթուն եւ գործօն, ու տեղի ունենայ առաւելագոյն չափով նոր տեղեկութիւններու ամբարում: Մտային, իմացական եւ ճանաչողական գրգռութիւնը այս գրգռութիւններուն կարեւորագոյնն է, որ տեղի կ’ունենայ զանազան միջոցներով, օրինակ՝ 1.- Նոր գիրք մը կարդալով. 2.- Տեսաերիզ մը դիտելով, նոր տեղեկութիւններ հաւաքել. 3.- Երաժշտութիւն ունկնդրելով. 4.- Նկարչական ցուցահանդէսներու ներկայ ըլլալով. 5.- Թանգարաններ այցելելով. 6.- Թատրոններու եւ պարարուեստի ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով. 7.- Բառախաղի մասնակցելով. 8.- Գծելու դասընթացքի հետեւելով, գծելով եւ քանդակելով. 9.- Խօսակցական յարաբերութիւն ունենալ՝ խօսելով շրջապատի մարդոց հետ. 10.- Համակարգիչ գործածելով. 11.- Քիմքը գործածել՝ համտեսելով նոր կերակուրներ եւ սննդանիւթեր։ Այլ խօսքով՝ գործածել բոլոր զգայարանքները, որոնք ուղեղին կը հաղորդեն տեղեկութիւնններ: Զգայարաններու գործածութեամբ ուղեղը կը մնայ արթուն եւ գործօն։ Ողեղը կ՛ազդուի միջավայրի նեդրումներով եւ կը համակերպի անոնց: Այս բոլորը կը սկսին սաղմային կեանքին ընթացքին: Միջավայրի եւ շրջապատի զանազան ազդակներ մեծ ազդեցութիւն ունին ուղեղի ճկունութեան վրայ: Այս ազդակներէն կարելի յիշել. Ա. Հեռատեսիլի յայտագիրները, որոնք հարուստ են՝ ա. Սիրային տեսարաններով՝ գգուանք (hug) եւ համբոյր բ. Ահազդու տեսարաններով գ. Վախազդու վիճակներով Բ. Հարազատի մը կամ բարեկամի մը կորուստը. Գ. Մարդոց խօսակցութեան նիւթը, ձեւը, ձայնի զօրութիւնը. Դ. Զգացական յուզումնալից կացութիւններ.
Ե. Ուրախալի կամ ցաւալի լուրեր՝ ընկերային, ազգային եւ եկեղեցական իրադարձութիւններ. Զ. Ընկերային կեանք։ Ընկերային կեանքը կը նմանի մեծ գրադարանի մը, որ տեղեկութիւններու շտեմարան է: Անիկա պէտք է դառնայ կեանքի մնայուն դպրոց եւ ուղեցոյց: Ընկերային կեանքի մշակումը եւ զարգացումը կը պահէ անհատը արթուն: Այս մէկը կ՛իրականանայ զանազան միջոցներով, օրինակ՝ 1.- Գործօն մասնակցութեամբ ընկերութեան մէջ. 2.- Անդամակցութեամբ մշակութային կազմակերպութիւններու. 3.- Մնայուն ներգործութեամբ շրջապատին հետ՝ կարծիք յայտնել, խօսիլ, զրուցել ուրիշներու հետ, մասնակցիլ վիճաբանութիւններու. 4.- Հերթական այցելութեամբ եկեղեցի, ակումբներ, կեդրոններ, թանգարան, ցուցասրահներ. 5.- Ներկայութեամբ համայնքային ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու. 6.- Ընտանեկան հաւաքական ընթրիքներու կազմակերպումով՝ ժամանց եւ խաղեր. 7.- Բարեկամական եւ ընկերային այցելութիւններով եւ հաւաքոյթներով. 8.- Ընկերային հաւաքական պտոյտներով։ Մեր ապրելակերպը, կենցաղը եւ հոգեկան ապրումները մեծապէս կ՛առնչուին մեր ուղեղին առողջութեան հետ: Ներկայ դարու արագընթաց եւ ճնշուած կեանքը կը յոգնեցնեն ուղեղը եւ կը տըկարացնեն անոր կարողականութիւնը: Հետեւաբար, մեր ուղեղը առողջ պահելու համար պէտք է պարզեցնենք մեր կեանքի ընթացքը եւ կենցաղը ու պէտք է հետեւինք կեանքի որոշ ուղիներու, օրինակ՝ 1.- Ըլլալ հանդարտաբարոյ. 2.- Հարցերը լուծել խոհականութեամբ. 3.- Հրաժարիլ կեանքի արագընթաց սովորութիւններէն. 4.- Հետեւիլ խոկումի (meditation). 5.- Ապրիլ հանդարտ, օրինաւոր եւ խաղաղ կեանք մը՝ ճնշուածութենէ հեռու. 6.- Ըլլալ լաւատես եւ ուրախ. 7.- Մշակել առողջ ընկերային փոխյարաբերութիւն. 8․- Ունենալ անձնական վայելքի ժամեր շաբաթական դրութեամբ. 9․- Օգնել ուրիշին՝ կարօտեալին, հիւանդին, անկարին. 10․- Ըլլալ ուրախ եւ գոհանալ Աստուծոյ պարգեւած շնորհներով։ Վերոյիշեալ բոլոր նախադրեալներու կողքին կան շատ մը այլ ազդակներ, որոնք կը նպաստեն ուղեղի առողջութեան: Շարունակութիւնը էջ 32
Հայ Կեանք
Էջ 32
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019
Հայաստանի Խորհրդարանը գեղեցկագոյն շէնքերուն մէջ 4-րդն է ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Բրիտանական հեղինակաւոր «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի շէնքը ներառած է խորհրդարաններու ամէնէն գեղեցիկ տասնեակին մէջ: Տասնեակը կը գլխաւորէ Հունգարիոյ խորհրդարանը, երկրորդ դիրքին վրայ է Ռումանիոյ խորհրդարանը, երրորդ՝ Թրինիտատ եւ Թոպակոյինը, չորրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, հինգերորդ՝ Անկոլայինը: Վեցերորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին շէնքը, եօթներորդ՝ Հնդկաստանի խորհրդարանը, ութերորդ՝ Քանատայինը, իններորդ՝ Սէյշելեան կղզիներունը: Իսկ լաւագոյն տասնեակը կ’եզրափակէ Պութանի Թագաւորութեան խորհրդարանը:
Երեւանի մէջ պուրակ՝ Տիանա Աբգարի անունով ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ պիտի բացուի պուրակ մը աշխարհի առաջին կին հիւպատոսին, Ճափոնի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիւպատոս, հայ ականաւոր հասարակական գործիչ եւ գրող Տիանա Աբգարի անունով: 8 Հոկտեմբերին համապատասխան որոշումը տրուեցաւ Երեւանի աւագանիի նիստին: Գլխաւոր պողոտան՝ Սարեան, Բիւզանդ, Կարէն Դէմիրճեան փողոցներու եւ Մաշտոցի պողոտայի միջանկեալ հատուածն է, որ պիտի կոչուի Տիանա Աբգարի անունով։
Ուղեղի առողջապահութիւն Շարունակութիւն էջ 31-էն
Այս կապակցութեամբ կ՛ուզեմ կատարել կարգ մը թելադրութիւններ. 1.- Բնաւ չծխել, որովհետեւ ծխախոտի գործածութեամբ ուղեղի զարկերակները կը նեղնան եւ ուղեղի արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի: Հետեւաբար ուղեղի կարողականութիւնը կը նուազի. 2.- Ալքոլ քիչ գործածել. 3.- Քնաբեր դեղեր չգործածել. 4.- Լաւ քնանալ՝ նուազագոյնը 8 ժամ, որովհետեւ քունը կը հանգստացնէ ուղեղը եւ ուղեղի բջիջները առողջ կը պահէ: Անբաւարար քունով ուղեղի բջիջները կը դադրին գործելէ եւ կը մահանան. 5.- Քնանալ դէմքը բաց ձգելով, այսինքն՝ չծածկել գլուխը վերմակով, որովհետեւ երբ ծածկուած ըլլայ վերմակով, արտաշնչուած բնածուխի երկթթուն (CO2) կը կուտակուի վերմակին տակը, եւ ներշըն-
չուած օդը թթուածինով նուազ յագեցած կ’ըլլայ եւ աւելիով յագեցած կ’ըլլայ բնածուխի երկթթուով. 6.- Ջանալ գերջերմութիւն չունենալ, որովհետեւ գերջերմութեամբ կը նուազի ուղեղի կարողականութիւնը. 7.- Ապրիլ վտանգներէ եւ արկածներէ հեռու, ապրիլ ապահով վայրեր. 8.- Ապրիլ մաքուր մթնոլորտի մէջ եւ ապականած վայրերէ հեռու. 9.- Ուշադիր ըլլալ ընդհանուր առողջութեան՝ չգիրնալ, շաքարախտ եւ գերճնշում չունենալ. 10.- Չմեկուսանալ՝ մենակեաց կեանքը առողջութեան թշնամին է. 11.- Անշարժ չմնալ, միշտ շարժիլ։
Մոնրէալ Hairenik Weekly