Հայ Կեանք թիւ 06(19) 17/03/2017

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Բ Թիւ 6(19)

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պաշտօնական Այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն

ՓԱՐՒԶ.- Մարտ 7-ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ֆրանսա: Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հետ: Այս առթիւ ստորագրուեցան բաձր մակարդակի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: Նաեւ նախագահ Սարգսեան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին հետ: Ան ընդգծեց, որ այս հանդիպումը նախ եւ առաջ լաւ առիթ է` ամփոփելու նախորդ տարիներու ձեռքբերումները եւ ուղենշելու յետագայ ընելիքները` նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան Շարունակութիւնը էջ՝ 2 Յաւելեալ մանրամասնութիւններ էջ 3-7

Յունաստանի ԱԳ Նախարար Նիգոս Քոծիաս Պաշտօնական Հրաւէրով Այցելեց Հայաստան

Մարտ 9-ին, Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիաս պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան։ Իր այցելութեան առաջին օրը Նախարարը բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդի ցեղասպանութեան համալիր, ծաղկեպսակ զետեղելու ու յարգանքի տուրք մատուցելու 1․500․000 անմահ նահատակներու յիշատակին։ Նոյն օրը Նախարարը հանդիպեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ որուն յաջորդեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպում եւ աշխատանքային ճաշ, յաջորդեց հանդիպում Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ եւ այցելութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուր Նախարար Նիգոս Քոծիաս ընդունուեցաւ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ։ Ուրբաթ Մարտ 10-ին Նախարար Նիգոս Քոծիաս հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ԱԳՆ Էդուարդ Նալպանտեանի հետ ուր տեղի ունեցան երկկողմ բանակցութիւններ որոնց աւարտին ստորագրուեցաւ Հայաստան-Յունաստան համագործակցութեան յուշագիր, յաջորդեց հանդիպում լրատուամիջոցներու հետ եւ ընթացաւ միացեալ ասուլիս։ Յաջորդաբար Նախարար Քոծիաս այցելեց Հայաստանի Պետական Համալսարան ուր ելոյթ ունեցաւ։ Վերջաւորութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորի կոչման առժանացաւ։ Երկօրեայ այցը աւարտեցաւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումով։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ էջ 8-12


Էջ 2

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Արցախի ԱԳ Նախարար Կարէն Միրզոյեան Աթէնքի մէջ

News in Pages 21-28 «Հայ Կեանք » Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․Համբիկ -Սահակ Մարուքեան

Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Մարտ 13-15, «Մեր հերոսական Արցախը» խորագրով միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցով Յունաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Կարէն Միրզոյեանը։ Նախարարը իր աշխատանքային հանդիպումներու շարքին Երկուշաբթի Մարտ 13-ին «Արցախը քառօրեայ պատերազմէն ետք» նիւթով հանդէս եկաւ ժողովրդային հաւաքի ընթացքին «Աւետիքեան» սրահէն ներս, իսկ Չորեքշաբթի Մարտ 15-ին Նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Պեղոպոնէզի համալսարանի համագործակցութեամբ Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի Փլաքայի մէջ տեղակայուած Միջազգային Յարաբերու­ թեանց Ինսթիթութի սրահէն ներս, հրապարակային զրոյց ունեցաւ Արցախեան շարժման, պատմական փաստերուն, ընդհանուր արժեւոր­ ման եւ ապագայի հեռանկարներու քննարկումներով։ Մանրամասնութիւններ մեր յաջորդ թիւով: Նկարը «Ազատ Օր»-էն

«Χάι Γκιάνκ» Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

«Hye Gyank» Electronic Periodical Publication Athens-Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան, հրապարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր հրատարակիչներու տեսակէտը։

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պաշտօնական Այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն Շարունակութիւն էջ՝ 1էն

տասնամեակը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ընթացքին Հայաստանը երբեք չէ դադրած ջանքեր գործադրել` խրախուսելու կազմակերպութեան արժէքներու եւ ֆրանսերէնի տարածումը: Նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աջակցութեամբ է, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործէ ֆրանսերէնով կրթական ծրագիրը` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախեան տագնապին վերաբերեալ կազմակերպութեան եւ անձամբ Միքայէլ Ժանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 3

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հրաւէրով Մարտ 7-ին պաշտօնական այցով ժամանեց Ֆրանսա: Փարիզի «Ինւալիտներու» պալատի «Պատուոյ» հրապարակի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան Նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Նախագահ Սարգսեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները արարողութենէն յետոյ մեկնեցան Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութեան կեդրոն։

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՀԵՏ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնի մէջ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միկայէլ Ժանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Նախագահը ընդգծեց, որ այս հանդիպումը նախ եւ առաջ լաւ առիթ է՝ ամփոփելու նախորդ տարիներու ձեռքբերումները եւ ուղենշելու յետագայ ըլլալիքները` նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութեան: Կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը, Հանրապետութեան Նախագահի համոզումով, նպաստեց ոչ միայն Հայաստանի մէջ ֆրանսերէն լեզուի եւ ֆրանսախօս մշակոյթի տարածմանը, այլեւ հարթակ հանդիսացաւ կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ երկիրներու հետ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման համար։ Այս առումով, ըստ Նախագահի, առանցքային դեր ունեցաւ 2015 թուականին Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 31-րդ նախարարական համաժողովի անցկացումը: ՀՀ Նախագահը եւ Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը հանդիպման ժամանակ երկուստեք կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը: Այդ սահմաններու մէջ նշուեցաւ Ֆրանսախօս քաղաքապետերու միջազգային միութեան հետ ծաւալուած փոխգործակցութիւնը, որ նպաստեց մայրաքաղաք Երեւանի շարք մը դպրոցներու մէջ պայմաններ ստեղծել ֆրանսերէն լեզուի խորացուած ուսուցման համար, վերանորոգուած են երաժշտութեան եւ արուեստի դպրոցներ, գրադարաններ:


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական այցի առաջին օրուայ աւարտին հանդիպում-ընթրիք տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանրապետութեան Նախագահը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, ուր անդրադարձաւ անկախութենէն ի վեր անցած 25 տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքբերումներուն, դեռեւս առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ իրականացուող ամենօրեայ աշխատանքին, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, սուրիահայերուն աջակցելու ուղղութեամբ իրականացուած եւ շարունակուող ծրագրերուն, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան արդի փուլի գերակայ ուղղութիւններուն եւ կոչ ըրաւ` առաւել միաբանուել ու ջանքերը ուղղել համազգային նպատակներու իրականացման, այդ թւում նոր՝ աւելի ազատ, աւելի արդար, աւելի անվտանգ եւ աւելի առաջաւոր Հայաստան կերտելու գործին: «Այսօր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն կարիք կայ կենտրոնանալու ազգը միաւորող գաղափարներու ու սկզբունքներու վրայ՝ հաղորդելով համագործակցութեան նոր որակ ու բովանդակութիւն: Մեր նպատակը մէկն է՝ կառուցել արդիւնաւէտ եւ բարեկեցիկ Հայաստան։ Միայն այդպիսի Հայաստանն է ունակ պաշտպանելու ինքն իրեն եւ զօրավիգ կանգնելու սփիւռքի իր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Մենք որեւէ ձեւով չենք թերագնահատեր մինչեւ օրս կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքը եւ կեանքի կոչուած բազմաբնոյթ ծրագիրերը: Աւելին, մեր երախտագիտութեան անկեղծ խօսքը կը յայտնենք անոնք իրականութիւն դարձուցած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Մենք կը հրաւիրենք մեր հայրենակիցները անմիջական մասնակիցը դառնալու տարբեր բնագաւառներու զարգացման քաղաքականութեան մշակման եւ կեանքի կոչման աշխատանքներուն: Մենք կ՛առաջարկենք քննարկել գործակցութեան նոր մեխանիզմներ: Որեւէ լուրջ նախաձեռնութիւն պէտք չէ դուրս մնայ մեր ուշադրութիւնէն: Սկզբունքօրէն պէտք է պահպանուի թափանցիկ աշխատաոճը, բացառուեն արհեստական խոչընդոտները, եւ պատասխանատուութիւն կրեն ներգրաւուած բոլոր կողմերը»։

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին հանրապետութեան հեղինակաւոր գործարարներու միութեան (ՄԵԴԵՖ) «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» կազմակերպութեան անդամներու հետ հանդիպում ունեցու Մարտ 8-ին: Շարունակութիւնը էջ՝ 6


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 5

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՔԼՈՏ ՊԱՐԹՈԼՈՆԻ ՀԵՏ

Սերժ Սարգսյանը եւ իրէն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Մարտ 8-ին հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի հետ: Նշելով, որ իր պաշտօնական այցը բարեկամ Ֆրանսա կը համընկնի Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին, Նախագահ Սարգսեանը այն լաւ առիթ եւ հնարաւորութիւն համարեց Ֆրանսայի բարձր իշխանութիւններու հետ ամփոփելու անցած աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ յաջողութիւնները եւ քննարկելու ապագայ կատարուելիքները։ Զրուցակիցները երկուստեք կարեւորեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման, փոխգործակցութեան օրակարգի ընդլայնման, հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան խորացման եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան «ՖրանսաՀայաստան» միջ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գործունէութիւն մասին: ՀՀ Նախագահը եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեցին նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանականներու սերտ համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներու խորհրդարանական վեհաժողովներուն:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱՆՆ ՀԻՏԱԼԿՈՅԻ ՀԵՏ

Մարտ 8-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հետ: Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան Նախագահը նախ շնորհաւորեց եւ բարի մաղթանքներ յղեց տիկին Հիտալկոյին Կիներու միջազգային տօնի կապակցութեամբ, նշելով, որ առաւօտեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի բոլոր կիներուն եւ հաճելի է, որ հանդիպման առիթով հնարաւորութիւն ունի շնորհաւորելու նաեւ տիկին Հիտալկոյին կիներու այդ գեղեցիկ տօնի առիթով: Քաղաքապետ Անն Հիտալկոն նշեց, որ մեծ հաճոյքով եւ ջերմութեամբ կը յիշէ Երեւան կատարած իր այցերը եւ կը համարէ, որ Երեւանը հիւրընկալութեան արուեստի մայրաքաղաքն է: Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ փաստեցին գործընկեր քաղաքներ Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ զարգացող ու տարեցտարի ամրապնդուող համագործակցութիւնը: Հանդիպման աւարտին Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյին պարգեւաՇարունակութիւնը էջ՝ 7


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԺԵՌԱՐ ԼԱՐՇԷԻ ՀԵՏ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Մարտ 8-ի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Նախագահ Ժեռար Լարշէի հետ: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական երկխօսութիւնը շարունակելու է յատուկ դերակատարութիւն ունենալ երկու բարեկամ երկրներու յարաբերութիւններու ամրապնըդման գործի մէջ: Սերժ Սարգսեանը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը եւրոպական բազմաթիւ երկրներու խորհրդարաններու, այդ թւում` Ֆրանսայի Ծերակոյտի հետ բարեկամական կապերու բարի աւանդոյթ ձեւաւորած է, որը անհրաժեշտ է պահպանել եւ զարգացնել: Նախագահ Սարգսեանի գնահատմամբ, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ոգիին համահունչ` խորհրդարանական համագործակցութիւնը դրսեւորւում է նաեւ բազմակողմ հարթակներով` Եւրոպայի խորհրդի, ԵԱՀԿ-ի, ՆԱՏՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովներուն: Նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսական պատուիրակութեան անդամներու պատրաստակամութիւնը մշտապէս ուշադրութեան կեդրոն պահել Հայաստանին յուզող հարցերը։ Սերժ Սարգսեանը բարձր գնահատեց նաեւ Ֆրանսախօս շրջանակներու մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն, ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն։

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ Շարունակութիւն էջ՝ 4էն

Միութիւնը կապող օղակ է ֆրանսական ձեռնարկութիւններու եւ տարբեր պետութիւններու բարձրաստիճան ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ այդ պետութիւններու մասնաւոր հատուածի միջեւ: Միջազգային համագործակցութեան համար պատասխանատու այս կառոյցը կ՛աջակցի եւ կը նպաստէ ֆրանսական ձեռնարկութիւններու գործունէութեանը` նման հանդիպումներու միջոցով ձեռնարկութիւններու համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ծանօթանալու եւ պայմաններ ապահովելու իրենց ծրագիրներու իրականացման համար, իսկ այլ երկիրներում գործող ֆրանսական ձեռնարկութիւններուն` առջեւ կը նպաստէ իրենց հետաքրքրող հարցերը ու խնդիրները` լուծումներ գտնելու ակնկալիքով: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը ֆրանսական ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպմանը հանդէս եկաւ ելոյթով: Հանդիպման վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ «Տաշիր ընկերութիւններու խումբի», «ՀԷՑ» ՓԲԸ-ի եւ «Շնեյդեր էլեկտրիկ» ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրման արարողութիւն:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 7

ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ Ի ՊԱՏԻՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ՝ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մարտ 8-ին Էլիսեան պալատի մէջ կայացաւ պաշտօնական այցով Ֆրանսայի Հանրապետութիւն գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հանդիպումը, որի վերջաւորութեան ստորագրուեցան հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման ու յարաբերութիւններու խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս ստորագրուեցան համաձայնագիրներ` տնտեսական, կրթական, զբօսաշըրջութեան եւ տնտեսական ներդրումներու ոլորտներուն վերաբերեալ։ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփեցին լրատուամիջոոցներու առջեւ համատեղ յայտարարութիւններով: Նոյն օրուայ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն։ Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Հոլանտ հանդէս եկան փոխադարձ բաժակաճառերով, ուր անդրադարձան հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր` անցած 25 տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած միջպետական ամուր յարաբերութիւններուն ու դրանց զարգացման հեռանկարներուն, ամենատարբեր ոլորտներ ընդգրկող հայ-ֆրանսական երկկողմ օրակարգի հարցերուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութեան երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱՆՆ ՀԻՏԱԼԿՈՅԻ ՀԵՏ Շարունակութիւն էջ՝ 5էն

տրեց Պատուոյ շքանշանով՝ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած նշանակալի աւանդին համար: Հանրապետութեան Նախագահը ու Փարիզի քաղաքապետը ստորագրեցին Հայաստանի Նախագահի այցելութեանը նուիրուած յուշապաստառին վրայ: Փարիզի քաղաքապետարանի մէջ այնուհետեւ, ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի այցելութեան, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որի ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ քաղաքապետ Անն Հիտալկոն հանդէս եկան ելոյթներով:


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Նիգոս Քոծիաս Այցելեց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Մարտ 9-ին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիաս այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշարձանին եւ յաւերժական կրակի մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին: Այնուհետև, ՀՑԹ-ի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ Նախարարը շրջեցաւ թանգարանը, ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ողբերգական դրուագներուն եւ իրողութիւններուն: Հրաժեշտէն առաջ Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիաս գրառեց պատուաւոր հիւրերու Յուշամատեանը, որմէ յետոյ ՀՑԹ-ի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը նուիրեց իրէն «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը:

Գալուստ Սահակեանը Ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարին

ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան Մարտ 9-ին ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասին: Ողջունելով նախարարին Ազգային ժողովի մէջ՝ Գալուստ Սահակեանը կարեւորեց Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները, պատմական ընդհանուր անցեալը եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու ընդհանրութիւնը: ԱԺ նախագահը, յիշատակելով 1996 թուականին Յունաստանի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց 2014-ի Սեպտեմբերին ցեղասպանութիւն-

ներու ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագծի ընդունման կապակցութեամբ: Գալուստ Սահակեանը արձանագրեց, որ այսօր հայ-յունական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ. եւ կ՛ակնկալուի, որ խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութիւնը, շարունակուի: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Գալուստ Սահակեանը նշեց, որ Հայաստանը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կուտայ ԼՂ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցին Յունաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիի ներքոյ խնդրի խաղաղ կարգաւորման: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար եւ փոխանցելով Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի ողջոյնները՝ Նիգոս Քոծիասը եւս կարեւորեց Յունաստանի եւ Հայաստանի քաղաքակրթական եւ պատմական ընդհանրութիւնները: Հանդիպման աւարտին Ազգային ժողովի նախագահը Նիգոս Քոծիասի այցը Հայաստան գնահատեց որպէս հայ-յունական բարեկամութիւնը եւ քաղաքական երկխօսութիւնը առաւել զարգացնելու փոխադարձ շահագրգռուածութեան արտայայտութիւն:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 9

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպեցաւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգըսեանը աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Մարտ 9-ին պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի Հանրապետութեան ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան միջավայրի, երկկողմ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:

Կարեւորելով երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւնները, Վիգէն Սարգսեանը առանձնացուց պաշտպանութեան ոլորտը, որտեղ ձեւաւորուած են համագործակցութեան հարուստ աւանդոյթներ եւ արդիւնաւէտ աշխատաձեւեր: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուց նախորդ տարեվերջին Յունաստան կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ իր գործընկերոջ հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ կատարման ընթացքի մասին: Իր հերթին Նախարար Քոծիաս վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պաշտպանութեան ոլորտում տարբեր ծրագրերու իրականացման վերաբերեալ յունական կողմի պատրաստակամութիւնը: ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնէն յայտնեցին, որ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ վերջին շրջանին տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն չէզոքացման ուղիներու վերաբերեալ ու պայմանաւորուած են շարունակելու համատեղ ջանքերը միջազգային հարթակներուն իրարու դիրքորոշումները սատարելու ուղղութեամբ:

«Հայաստանը շահագրգռուած է Յունաստանի հետ համագործակցութեան աշխուժացմամբ». Կարէն Կարապետեան

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նիգոս Քոծիասի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մարտ 9-ին: «Այս տարի լրանում է հայ-յունական դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման 25ամեակը: Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները գտնւում են շատ բարձր մակարդակի վրայ, բայց մենք շահագրգռուած ենք էլ աւելի ակտիւացնել

դրանք եւ նոր որակ հաղորդել»,- ողջոյնի խօսքի ընթացքին ըսաւ Վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարը, մասնաւորապէս, կարեւորեց երկկողմ տնտեսական կապերու զարգացումը՝ նշելով, որ այս ոլորտում շատ ընելիք կայ։ Վարչապետը նաեւ ողջունելի համարեց միջազգային հարթակներում Հայաստան-Յունաստան համագործակցութիւնը եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ մօտեցումներու համընկնումը: Նշելով, որ ուրախ է բարեկամ Հայաստանի մէջ գտնուելուն համար՝ Յունաստանի ԱԳ նախարարը ՀՀ վարչապետին փոխանցեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիբրասի ջերմ ողջոյնները: «Մենք եղբայր ազգեր ենք միշտ եղել: Իմ այցը մէկ նպատակ ունի՝ պէտք է ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութիւն», - ըսաւ Նիգոս Քոծիաս: Բարձր գնահատելով հայ-յունական քաղաքական երկխօսութիւնը՝ Յունաստանի ԱԳ նախարարը եւս համակարծիք եղաւ, որ տնտեսական յարաբերութիւնները ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, եւ անհրաժեշտ է ջանք տանիլ համաչափ զարգացնելու ուղղութեամբ: Կարէն Կարապետեանը ու Նիգոս Քոծիասը մտքեր փոխանակեցին նաեւ ԵՄ-ԵԱՏՄ երկխօսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային գործակցութեան հեռանկարներու շուրջ:


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին

Մարտ 9-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Կարէն Նազարեանի եւ երկու երկրներու դեսպաններու ուղեկցութեամբ: Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձ կատարեց երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ բազմադարեայ բարեկամական յարաբերութիւններուն, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան այսօր երկու երկրներու արդիւնաւէտ գործակցութեան համար: Նորին Սրբութիւնը նախարարին ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքում` մասնաւորապէս խօսելով խորհրդային տարիներու Եկեղեցւոյ կողմէն դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս իրականացուող առաքելութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներու մասին: Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձ կատարեց Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն

եւ Յունաստանի ու Մայր Աթոռի միջեւ ձեւաւորուած սերտ գործակցութեան, որի շնորհիւ Մայր Աթոռի միաբաններ իրենց հոգեւոր բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակեն Յունաստանի համալսարաններու մէջ: Իր հերթին Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ ժողովուրդներու կեանքի մէջ եկեղեցիներու կարեւոր առաքելութեան մասին: Վերջինս ընդգծեց, որ Եկեղեցին կարեւոր ծառայութիւն կը իրականացընէ` նպաստելով հասարակութեան մէջ ազգային ինքնութեան եւ բարոյական արժէքներու պահպանութեան, հանդուրժողականութեան, համերաշխութեան եւ լայնատեսութեան ոգիի սերմանմանը եւ մարդկութեան ապահով կեանքի տեսլականի ձեւաւորմանը: Հանդիպմանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ նախարար Նիգոս Քոծիասը անդրադարձան նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող ցաւալի իրավիճակին: Հանդիպմանը ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:

Փարիզի Փողոցներէն Մէկը Պիտի Վերանուանուի Զապէլ Եսայեանի Անունով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին առիթով՝ Փարիզի փողոցներէն մէկը պիտի վերանուանուի յայտնի հայ գրող, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով Զապէլ Եսայեանի անունով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ՝ հիւրընկալելով ՀՀ Նախագահը՝ յայտարարած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն: «Զապէլ Եսայեանը եղած է հայ ժողովուրդի բոլոր տառապանքներու կիզակէտին: Փարիզին մէջ մենք կը պահպանենք հայ ժողովուրդի կրած բոլոր երկիւղներու, ինչպէս նաեւ ըմբոստութիւններու, պայքարներու յիշողութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ կը բանանք հնարաւոր ճանապարհները, որոնք, ինչպէս կը կատարուի Երեւանի մէջ, կ՝արտայայտեն յոյսը, յայտնագործութիւններն ու նախաձեռնութիւնները»,-- նշած է Փարիզի քաղաքապետը:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 11

Հայաստանի եւ Յունաստանի արտգործնախարարներու հանդիպումը

Մարտի 10-ին կայացաւ Հայաստանի ԱԳՆ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասի հանդիպումը: Բանակցութիւնները սկսան առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա շարունակուեցան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Ողջունելով յոյն գործընկերոջը՝ նախարար Նալպանտեանը նշեց, որ պարբերական փոխայցելութիւնները ու շփումները աւելի կ՛ամրապնդեն երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխգործակցութիւնը եւ հնարաւորութիւններ կըստեղծեն պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու յետագայ յարաբերութիւններու ամրապնդման շուրջ: Հանդիպման ընթացքին նախարարներ Նալպանտեանը ու Քոծիասը քննարկեցին երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ: Հայաստանի եւ Յունաստանի արտգործնախարարները համակարծիք էին, որ երկու պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան ներկայ մակարդակը զիջում է մեր ժողովուրդներու միջեւ առկայ ջերմ բարեկամական կապերուն, դարերու խորքէն եկող փոխադարձ խոր համակրանքին: Էդուարդ Նալպանտեանը ու Նիգոս Քոծիասը անդրադարձ կատարեցին քաղաքական, առեւտրատնտեսական, ռազմատեխնիկական, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու փոխգործակցութեան ընդլայնմանը: Հանդիպմանը քննարկուեցան ՀայաստանԵւրոպական միութիւն յարաբերութիւնները, ՀՀ Նախագահի՝ Բրիւսել կատարած այցելութեան

արդիւնքները։ Անդրադարձ եղաւ կիպրական խնդրի հանգուցալուծման ջանքերուն: Նախարար Քոծիաս ներկայացուց այդ գործընթացի վերջին զարգացումները: Էդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ պետութիւններու համատեղ ջանքերն՝ ուղղուած հիմնախնդրի հանգուցալուծման առաջ մղմանը: Երկուստեք շեշտուեցաւ, որ առկայ խնդիրները չունին ռազմական լուծում եւ պէտք է կարգաւորուին համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակներում: Հանդիպման աւարտին նախարարները ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան միջեւ դիւանագիտական անձնակազմի ուսուցման եւ վերապատրաստման ոլորտում համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր։ Այնուհետեւ Էդուարդ Նալպանտեանը ու Նիգոս Քոծիասը հանդէս եկան համատեղ մամուլի ասուլիսով։

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Էջ 12

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Ողջունելով պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի Հանրապետութեան ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասին՝ Հանրապետութեան Նախագահն ընդգծեց, որ հայ-յունական առնչութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ այդ պատմութիւնը լեցուն է բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով, որու հիմքի վրայ՝ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր անցած 25 տարիներուն երկու պետութիւնները ձեւաւորած են սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ: Նախագահ Սարգսեանը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի ցանկութիւնն է՝ աւելի խորացնել ու ընդլայնել առկայ փոխգործակցութիւնը Յունաստանի հետ, ալ աւելի զարգացնել քաղաքական երկխօսութիւնը, նոր թափ հաղորդել տնտեսական յարաբերութիւններուն։ Յունաստանի ԱԳՆ Նիգոս Քոծիասը նշեց որ համաձայն է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ,

բարեկամական այն խոր զգացմունքները, որ տածում են հայ եւ յոյն ժողովուրդները միմիանց նկատմամբ, անհրաժեշտ է ամրապնդել բոլոր ոլորտներու համագործակցութեան զարգացումով եւ վստահեցուց որ Յունաստանը ունի այդ իրականացնելու քաղաքական կամքը։ Զրուցակիցները երկուստեք կարեւորեցին կրթութեան, ռազմական կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան, փոխադրամիջոցներու, զբօսաշըրջութիւն եւ շարք մը այլ ոլորտներում համագործակցութիւնը շարունակելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքի իրականացումը: Նախարար Նիգոս Քոծիաս ընդգծեց, որ առկայ են բոլոր հնարաւորութիւնները Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններ եւ գործընկերութիւն հաստատելու համար:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐԸ՝ ԵՊՀ ՊԱՏՈՒԱՒՈՐ ԴՈԿՏՈՐ

Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Յունաստանի ԱԳ Նախարարը այցելեց նաեւ ԵՊՀ, հանդիպեցաւ ուսանողներուն հետ, հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ եւ պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն: Իրէն կ՛ուղեկցէր Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը: Հանդիպման սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս

եկաւ ԵՊՀ ռեկտոր Արամ Սիմոնեանը, հակիրճ ներկայացուց համալսարանի պատմութիւնը՝ նշելով Յունաստանի ուսումնական հաստատութիւններու հետ ունեցած կրթական եւ գիտական կապերու մասին: Այնուհետև Յունաստանի ԱԳ նախարարը խօսեցաւ Յունաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններուն, Եւրոպական միութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ու Յունաստանը իրար կապող հեռանկարային ուղղութիւններուն մասին: Ապա Յունաստանի նախարարի ելոյթին յաջորդեց պարգեւատրման արարողութիւնը: ԵՊՀ ռեկտոր Արամ Սիմոնեանը յանձնեց իրէն ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորի կոչման հաւաստագիրը՝ հասարակական եւ քաղաքական ասպարէզներու մէջ ակնառու նուաճումներու, ՀՀ եւ Յունաստանի Հանրապետութեան զարգացման գործում ունեցած նշանակալի աւանդին համար:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ ՈՐԵՒԷ ՄԵԾ ԶԻՋՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԼՈՒԶՄԱՆ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ. «ՍԹՐԱԹՖՈՐ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի տագնապը փորձութեան ենթարկած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, որովհետեւ անցեալ տարուան Ապրիլին տեղի ունեցած իրադարձութեանց ընթացքին, Մոսկուա չէզոք դիրք գրաւեց, ինչ որ Հայաստանի համար հիասթափեցնող էր. այսպէս կը գրէ «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնը՝ մեկնաբանելով, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեանց մէջ Ռուսիա ամրապնդած է գլխաւոր իրաւարարի իր դիրքը: «Մոսկուա կրնայ օգտագործել Ղարաբաղի գործօնը՝ երկու երկիրներուն մէջ իր ռազմավարական շահերը առաջ մղելու համար: Օրինակ, Ատրպէյճան կը փափաքի փոխել Արցախի տագնապին ներկայ իրավիճակը եւ Ռուսիոյ հետ աշխատելով՝ կը ջանայ բանակցութիւններուն վերսկսիլ, այն նպատակով, որ Հայաստան Արցախի յարակից 7 տարածքներէն 5-ը զիջի Ատրպէյճանին: Այս մէկը կրնայ նաեւ Ռուսիոյ շահերուն յարմարիլ, քանի որ անիկա կրնայ մեծցնել Պաքուի վրայ Քրեմլինի ազդեցութիւնը: Բայց, Հայաստանի իշխանութիւնները նման բանակցութեանց կ՛ընդդիմանան: Եթէ նոյնիսկ Ռուսիա յաջողի համոզել Հայաստանի վերնախաւը՝ տարածքներու հարցով փոխզիջում կատարելու, Հայաստանի հասարակութիւնը նման գործարք պիտի չընդունի», կը գրէ «Սթրաթֆոր»ը: Ըստ նոյն վերլուծական կեդրոնի՝ որեւէ մեծ զիջում՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար փլուզման վտանգ կը պարունակէ, յատկապէս նախագահական համակարգէն խորհրդարանականի անցման ժամանակ: «Այդուհանդերձ, այլընտրանքային գործընկերներու բացակայութեան պատճառով, Հայաստան այլ ընտրութիւն չունի եւ պէտք է պահպանէ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշինքը: Այնքան ատեն, որ առճակատումը կը շարունակուի, ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Ատրպէյճան կրնան հակամարտութեան հարցով լուրջ քայլ մը առնել՝ առանց Ռուսիոյ հետ փոխըմբռնումի», նշուած է «Սթրաթֆոր»ի զեկոյցին մէջ:

Էջ 13

Լաւրով. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան հեռու են համաձայնելէ»

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հեռու են համաձայնելէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի առանցքային հարցերուն մէջ, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետիարովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Թէեւ կարգ մը յառաջխաղացումներ եղած են, սակայն 2-3 յստակ խնդիրներ կան, որոնք առանցքային են եւ տակաւին քննարկումի ենթակայ։ Միւս կողմէ, արցախա-ատրպէյճանեան սահմանը կը մնայ լարուած եւ ամէն օր հրադադարը Ատրպէյճանի կողմէ կը խախտուի բազմաթիւ անգամներ։

Յունուարին Հայաստանի Պաշտպանութեան Ուղղուող Ծախսերը Աւելցած են 21,7%-ով Հայաստանի պետական ամավարկէն պաշտպանութեան ուղղուող ծախսերը 2017-ի Յունուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ աւելցած են 21,7%-ով` հասնելով 11,6 միլիառ դրամի: 2016-ի Յունուարին պաշտպանական ծախսերուն ուղղուած էր 9,5 միլիառ դրամ: Ազգային վիճակագարական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի պետական ամավարկի ծախսերուն մէջ Յունուարին պաշտպանութեան ուղղուած ծախսերը կազմած են ընդհանուրի 19,7%-ը` նախորդ տարուան 17,9%-ի դիմաց: Հայաստանի 2017-ի ռազմական ամավարկը կը կազմէ 209.755.268.400 դրամ (շուրջ $439,7 միլիոն), որմէ, մասնաւորապէս, ռազմական պաշտպանութեան մասով` 202.046.175.100 դրամ, արտաքին ռազմական օգնութեան գծով` 164.647.800 դրամ: Հայաստանի 2016-ի ռազմական ամավարկը կը կազմէ 208.014.971.000 դրամ, որմէ, մասնաւորապէս`ռազմական պաշտպանութեան մասով` 200.352.639.300 դրամ,արտաքին ռազմական օգնութեանը` 169.024.600 դրամ:


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Գերմանիան կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ, որ Նացիստական Համեմատութիւնը «Կարմիր Գիծն է», որ Կարելի Չէ Անցնիլ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլը յայտարարած է, որ Գերմանիան եւ Թուրքիան պէտք է քայլեր ձեռնարկեն շարք մը սադրանքներու հետեւանքով խաթարուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ զգուշացնելով Անգարային, որ նացիստներու հետ համեմատութիւնը «այն կարմիր գիծն է, որ կարելի չէ անցնիլ»: Մարտ 8-ի Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք Գաբրիէլը յայտարարած է, որ հակառակ կողմերու ունեցած տարաձայնութիւններուն՝ «երկխօսութեան այլընտրանք չկայ, որովհետեւ ան միակ ճանապարհն է բնականոն եւ բարեկամական յարաբերութիւնները վերականգնելու համար»: Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սրուած էին Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքացի՝ «Die Welt» պարբերականի թղթակից Տէնիզ Եուճէլի ձերբակալութենէն ետք: Այնուհետեւ, երբ Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ արգիլուեցան թուրք պաշտօնեաներու ելոյթները՝ Գերմանիոյ մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներու շրջանին սահմանադրական հանրաքուէի վերաբերեալ քարոզարշաւ իրականացնելու նպատակով, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Գերմանիան մեղադրեց «նացիստական գործելակերպի» մէջ: Անոր այս յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գրասենեակը, յայտարարելով, որ Էրտողանի այդ գնահատականը «անհեթեթ է եւ տեղին չէ»:

Աւստրիոյ Վարչապետը․ Պէտք է Հրաժարիլ Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցելու Պատրանքներէն «Եւրոպական պետութիւնները պէտք է վերանային յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` հրաժարելով այդ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցելու պատրանքներէն», – գերմանական «Welt am Sontag» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Քէրն: Անոր խօսքով՝ Թուրքիան «հատած է Ռուբիկոնը» եւ վերջին տարիներուն աւելի ու աւելի կը հեռանայ Եւրոպայէն: «Մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական արժէքները երկրի մէջ ոտնահարուած են, խօսքի ազատութիւն գոյութիւն չունի», – նշած էր աւստրիական կառավարութեան ղեկավարը: Քէրնը նաեւ կոչ ըրած է հետեւիլ Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի օրինակին` արգիլելով թուրք պաշտօնեաներուն Եւրոմիութեան տարածքէն ներս քարոզչական հանրահաւաքներ իրականացնել 16 Ապրիլին կայանալիք սահմանադրական հանրաքուէի նախաշեմին: Անցած շաբաթ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արգիլեցին Հիւսիսային Հռենոս-Ուեսթֆալիա երկրամասը գտնուող եւ թրքական հոծ բնակչութիւն ունեցող երկու քաղաքներու մէջ` Լեւերկուզէնի եւ Քիոլնի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու կողմնակիցներու հանրահաւաքներ իրականացնել: Այդ հանրահաւաքներուն պէտք է մասնակցէր Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավար անդամներէն մէկը` տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպէքչին: Գերմանական իշխանութիւնները այդ քայլին դիմած են երկրի ամենաազդեցիկ պարբերականներէն մէկուն` «Welt»-ի լրագրող Տէնիզ Եուճէլի՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ձերբակալութենէն ետք: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, սակայն, պնդած է, թէ Եուճէլ ուղղակի կապեր ունի Քրտական բանուորական կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ «գերմանական գործակալ է»:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 15

ԱՍԴԻՆ ԵՒ ԱՆԴԻՆ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԽՕՍՔԵՐ.ԵՒՐՈՊԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱՀԱ՞ՆԳ ԿԱՄ ԳԱՂՈ՞ՒԹ Է ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Եւրոպական երկիրները, առաջին հերթին Գերմանիան, կը գտնուին իրենց քաղաքականռազմագիտական անմիջական շահադիտութիւններու հետեւանքով՝ առնուազն անհաճոյ եւ պետութեան մը համար անընդունելի վերաբերումներու առջեւ: Եւրոպան գրաւելու օսմանեան բանակներու արշաւը կանգ առած էր 1683-ին՝ Վիեննային դռներուն: Թրքական զօրքը պարտուած էր, հակառակ այդ օրերուն համար իր մեծ թիւին, աւելի քան 200.000: Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ կայսերական շահերը համընկնած էին, հաստատուած էր սերտ համագործակցութիւն: Հակառակ պատերազմի անյաջող ընթացքին, Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ կապերը չէին խզուած եւ սերտակցութիւնը շարունակուած էր: Երկրորդ աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիան շարունակած էր իր կապերը պահել Գերմանիոյ հետ, սպասած էր, տեսնելու համար պատերազմական դէպքերու ընթացքը: Եթէ Գերմանիան յաղթողի դիրքին վրայ գտնուէր, Թուրքիա կրկին կը մասնակցէր պատերազմի՝ իր նախկին դաշնակիցի կողքին, վերականգնելու համար կայսրութիւնը: Բայց որպէս «քաղաքական աւազակ», ինչպէս բնորոշած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկանթաու, աշխարհամարտի վերջին օրերուն, միայն 2 փետրուար 1945ին, Թուրքիա պատերազմ յայտարարեց, եւ առանց փամփուշտ մը արձակելու, գտնուեցաւ յաղթականներու կողքին: Աչքաբացութիւն մը: Ոչ ոք զարմացաւ, զարմացողները ինչ-ինչ շահերով տարուած, լուռ մնացին եւ կը մնան մինչեւ այսօր, Թուրքիոյ սանձարձակութիւններուն դէմ թուլամորթութիւն ցուցաբերելով: Ապա, վերակառուցուող Գերմանիան, աշխատուժի կարիք ունենալով, իր դռները լայն բացաւ, նաեւ Թուրքիոյ առջեւ: Այսօր Գերմանիոյ մէջ կ’ապրին աւելի քան երեք միլիոն թուրքեր, որոնց առնուազն մէկ միլիոնը հոն ծնած է: Թուրքերը իրենց սերտ կապերը պահած են Թուրքիոյ հետ, եւ պետութիւնը միշտ շահագործած է արտագաղթած բազմութիւնները, որոնք կ’ապրին այնպէս ինչպէս կ’ապրէին Թուրքիոյ մէջ: Թուրք պետութիւնը տիրութիւն կ’ընէ Գերմանիոյ, Հոլլանտայի եւ Աւստրիոյ թուրքերուն, կը ղրկէ կրօնականներ եւ ուսուցիչներ, անոնց մօտ կը տանի քաղաքական աշխատանք, ապահովելու համար անոնց քուէները, երկրի ներքին ընտրութիւններուն: Այսօր, եւրոպական երկիրներու թուրք քուէարկողներուն մօտ ընտրական արշաւ կը կազմակերպէ պետութիւնը, որպէսզի Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին ապահովէ անոնց ձայները եւ Ռէճէփ Էրտողան մենատիրութիւն հաստատէ: Եւրոպացի կարգ մը

լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ արդէն չեն վարանիր զայն կոչել «սուլթան»: Թուրքիայէն պետական դէմքեր կ’ուղարկուին հանրաժողովներ կազմակերպելու համար, այնպէս ինչպէս այդ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ, յիշեալ երկիրները կարծէք Թուրքիոյ ընտրաշրջանները ըլլային: Թուրքիոյ այս վերաբերումը բնական կրնայ թուիլ գործող թուրք իշխանութեան, քանի Եւրոպան ընդհանրապէս, սա կամ նա ձեւով կ’ուզէր Թուրքիան ընդունիլ իր մէջ կամաւոր կոյր դառնալով, չանգիտանալով հանդերձ, որ այդ անդամակցութեամբ ան պիտի դառնար Եւրոմիութեան ամէնէն բազմամարդ երկիրը, եւ խորհրդարանին մէջ պիտի ունենար համամետաբար երեսփոխաններու մեծագոյն թիւը, հետեւաբար՝ առաջնորդող դեր: Թուրքիա կը ցանկայ վերականգնել կայսրութիւնը, այս անգամ ոչ թէ Վիէննայէն մուտք գործելով, այլ՝ Պրիւքսէլէն: Ինչպէս կ’ըսուի կարգ մը յայտարարութիւններու մէջ, «Անկելա Մերքելի Գերմանիան սուլթան Էրտողանի թոյլ տալով գրեթէ ամէն բան», ստեղծած է ներկայ կացութիւնը: Վարժուած արեւմտեան երկիրներու հանդուրժողական վերաբերումին, «պաղ պատերազմ»ի օրերէն ի վեր սովորութիւն դարձած, Թուրքիա կրնայ ոտնակոխել բոլոր արժէքները որոնցմով կը հպարտանան հին աշխարհի ժողովրդավարները: Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի գրաւման բանակի պետի պէս, իր երկրին մէջ եւ անկէ դուրս: Ռէճէփ Էրտողան կը զայրանայ, երբ մենատիրութիւն ամրացնելու կոչուած սահմանադրութեան ի նպաստ իր կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուելիք հանրաժողովները, ապահովելու համար Գերմանիոյ թուրքերու քուէները, կ’արգիլուին: Սահմանադրութեան «բարեփոխում»ը երկրին մէջ վիճայարոյց է, քանի որ արտակարգ լիազօրութիւններ կու տայ նախագահին, ժողովրդավարութիւնը դարձնելով փուչիկ, որ պիտի կարենայ երկիրը կառավարել հրամանագրերով: Կը նշանակէ, որ այն քիչ ընդդիմութիւնը որ կայ, պիտի վերանայ: Տարբեր կարծիքի չհանդուրժող Ռէճէփ Էրտողան, իր աշխարհակալի դիրքէն, կը հակազդէ իրեն ազատ բեմ տալու գերմանական քաղաքներու մերժումին: Այդ հակազդեցութիւնը պարկեշտ վերաբերումի պիտի արժանանա՞յ աշխարհի երկիրներուն կողմէ, Ամերիկաներէն Ասիա, Եւրոպա, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Ափրիկէ, Ասիա, մինչեւ Խաղաղականի հեռաւոր աշխարհները: Ռէճէփ Էրտողան ժամանակակից Գերմանիան կ’ամբաստանէ «նացի»ականութեամբ: Ենթակայական դատումներ չունենալու համար, լսենք զինք: Կ’ըսէ. «Ձեր գործելաձեւերը տարբեր չեն նացիականներէն»: Եւ կ’աւելցնէ. «Կը խորհէի որ նացիականութիւնը վերջ գտած էր Գերմանիոյ մէջ, դժբախտաբար ան կը շարունակուի»: Շարունակութիւնը էջ՝ 16


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ԱՍԴԻՆ ԵՒ ԱՆԴԻՆ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԽՕՍՔԵՐ.ԵՒՐՈՊԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱՀԱ՞ՆԳ ԿԱՄ ԳԱՂՈ՞ՒԹ Է Շարունակութիւն էջ՝ 15էն

Գերմանիան իր «մէա քիւլփա»ն ըրած է, գործուած ցեղասպանութեան համար երկրին մէջ յուշարձաններ կան, հատուցում ըրած է: Ի՞նչ ըրած են Թուրքիան եւ Ռէճէփ Էրտողան գործուած հայկական աշխարհի բռնագրաւման, հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման համար»: Այս հրատապ խնդրով բան մը «վերջ գտա՞ծ է», թէ «դժբախտաբար ան կը շարունակուի»: Այս հարցումը հայերը պէտք չէ ուղղեն, այլ՝ Գերմանիան, Եւրոպան, եւ աշխարհը, եթէ շահերու պատճառով չեն խլացած: Խիստ ուշագրաւ են Ռէճէփ Էրտողանի «ժողովրդարութեան» մասին ունեցած ըմբռնումը եւ գործադրութեան եղանակը: Կ’ըսէ. «Դուք մեզի ժովրդավարութեան դասեր կու տաք եւ դուք չէք թոյլատրեր որ նախարարները հոն արտայայտուին», այսինքն՝ Գերմանիա եւ ընդհանրապէս՝ Եւրոպա: Ցարդ գիտէինք, որ նախարարներ այցելութեամբ կ’երթային այլ երկիրներ բանակցելու համար իշխանութիւններու հետ, բայց չէին երթար իրենց երկրի ներքին հարցերուն համար հանրաժողովներ կազմակերպելու եւ քուէ հաւաքելու: Ինչպէս կը նշէի, Ռէճէփ Էրտողան կը խօսի Գերմանիոյ քաղաքներու մերժումին մասին, այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք՝ որ անոնք թրքական գաղութներ կամ նահանգներ են: Ցարդ Թուրքիոյ հանդէպ ցուցաբերուած ամէնաթողութեան քաղաքականութիւնը կը մղէ Ռէճէփ Էրտողանը իրմէ «խլուած իրաւունք»ին դէմ ընդվըզելու: Ինչ որ կ’ըսէ, միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ պէտք է արձանագրել. «Եթէ ես ուզեմ Գերմանիա գալ, այդ կ’ընեմ, եւ եթէ դուք թոյլ չտաք անցնիլ ձեր դռներէն, եթէ թոյլ չտաք որ ես խօսիմ, աշխարհը ոտքի պիտի հանեմ»: Այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ Ռէճէփ Էրտողան վերջնագիր (ultimatum) կու տայ Գերմանիոյ, եւ անոր ճամբով ամբողջ աշխարհին: Պէտք է որ իրենց խցուած ականջները բանան բոլոր անոնք, որոնք կը խորհին, թէ բարիք կ’ըլլայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, եւ անոնք որոնք կը հաւատան որ ժամանակակից Թուրքիան փոխուած է եւ տեսակաւոր երկխօսութիւններ կարելի են: Ի՞նչ կը խորհի Ռէճէփ Էրտողան: Գերմանիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու միլիոնաւոր թուրքերը, ինչպէս կ’ըսուի՝ իր հրահանգին ենթակայ «հինգերորդ զօրասի՞ւն են», զոր կարելի է օգտագործել ըստ իր կայսերական շահերուն: Պարզ խօսքով, Ռէճէփ Էրտողան… կը սպառնայ: Գերմանացի քաղաքական գործիչ մը չի վարանիր կացութեան գնահատումը ընելու, երբ կը խօսի «Վոսփորի բռնակալ»ի ծայրայեղ շեղումներուն մասին: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել չ’ընդվզիր, պարզապէս կը յայտարարէ, որ «մեր

գործակից թուրքին հանդէպ ըլլանք քննադատական երբ անհրաժեշտ է, բայց տեսողութենէ չհեռացնենք մեր ընկերակցութեան իմաստը, մեր սեղմ գործակցութիւնը: Մնանք պաղարիւն: Կը մերժենք ժողովըրդավարական Գերմանիոյ քաղաքականութեան նոյնացումը ազգայնական-ընկերվարութեան (national-socialisme) հետ»: Այսքա՜ն նրբութիւն իմացող պէտք է ըլլայ: Տարի մը առաջ նոյն Ռէճէփ Էրտողանը, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ, բազմամբոխ հաւաքի մը ընթացքին խօսելով ըսած էր, որ թուրքերը պէտք չէ ձուլուին եւրոպական մշակոյթին մէջ, բարձրանալով հանդերձ ընկերային շրջանակի մէջ, որպէսզի կարենան քաղաքականօրէն ազդել որպէս թուրք ժողովուրդ: Վիէննայէն անցնելով Եւրոպան չէր գրաւուած: Ի՞նչ կը պատահի այսօր: Ի՞նչ կը մտածեն բոլոր անոնք որոնք Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը կը ջատագովեն: Ռէճէփ Էրտողան եւ ուրիշներ ե՞րբ պիտի խօսին հայոց ցեղասպանութեան, հայոց հայրենահանման եւ բռնագրաւուած Հայաստանի մասին: Աշխարհի բոլոր պետութիւնները, որոնք կը սիրեն խաղաղասիրութեան եւ արդարութեան կարգախօսներով հրապարակ գալ, ինչո՞ւ այս հարցումը իրենց արժէքներու տախտակներուն վրայ չեն գրեր:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 17

Հայոց լեզուն անաղարտ պահենք. Հայրենասէր, ազգասէր, բայց ոչ հայերէնասէրները ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Իսկ թատերա-երաժշտական եւ գիտական

«Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանութեան Միութիւն» մարզի մէջ յառաջացածները կը յամառին անդրդուե-

Հայ ազգը դարերու ընթացքին ենթարկուած է տարբեր օտար ազգերու տիրապետութեան եւ լուծին եւ որպէս արդիւնք կամայ թէ ակամայ ունեցած անոնց ազդեցութիւնը իր կենցաղին եւ մշակոյթին վրայ։ Անառարկելի են այս ազդեցութիւնները, որոնք մասամբ արմատացած են որպէս ժանգ եւ երբեմն անկէ ձերբազատուիլ անկարելի դարձած ըլլալ կը թուի։ Երբ մեր անձնական անուններն ու ազգանունները վերլուծենք եւ ուսումնասիրենք կը նկատենք պահլաւական, պարսկական, հռոմէական, բիւզանդական, յունական, արաբական, ֆրանսական, ռուսական, եւրոպական եւ ամերիկեան ազդեցութիւն, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի… Երբ մեր լեզուն ուսումնասիրենք, մանաւանդ բառապաշարը, ինչպէս Հրաչեայ Աճառեանը կը հաստատէ 15 օտար լեզուներէ փոխառութիւն եղած է, բառեր որոնք նոյնութեամբ պահուած են ինչպէս՝ ազգ-պահլաւերէն, կանոն-յունարէն, կամ ալ մասամբ բարեփոխուած եւ իւրացուած են, ինչպէս՝ թշնամիտուշման պահլաւերէն, կեդրոն-յունարէնէ, դաստակ=տաս+տակ պահլաւերէն, սակայն հիմնական հարցը Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան նկատելի հատուած մը չ՚ուզեր ըմբռնել, որ անհարկի փոխառութիւնը կ՚առաջնորդէ օտարամոլութեան։ Թէեւ այս անձերը ազգասէր, հայասէր եւ հայրենասէր են, սակայն հայերէն լեզուն այնքան չեն սիրեր, որ մաքուր բառապաշարով հայերէն խօսին եւ գրեն։ Ասոնց մէջ նկատելի թիւ կը ներկայանայ պետական պաշտօնի տէր եւ բարձրագոյն ուսում առած անձեր Հայաստանի մէջ, որոնք ղեկավարներ են կամ ալ առաջնորդներ՝ արուեստի, գեղարուեստի, շարժանըկարի, հեռատեսիլի եւ տպագիր մամուլի մարզին մէջ… Զարմանալին այն է, որ այս անհատները հակառակ եղած քննադատութիւններուն եւ նկատողութիւններուն, կը շարունակեն իրենց օտար էշը քշել փոխանակ հայկական նժոյգին…։ Այնքան արմատացած է օտարաբանութիւնը Հայաստանի որոշ հատուածի մը մէջ, համալսարանի դասատուներէն, կաճառականներէն (ակադեմիկոս) մինչեւ նախարարները, գիւղապետները, որոնք նուազագոյն ջանք ցոյց չեն տար մաքուր հայերէն բառապաշար գործածելու… ինչո՞ւ այս հայերէնախոյս վարմունքը… ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը… ինչո՞ւ մեր հարազատ նախնիներու գործածած բառապաշարը պիտի չգործածուի Հայաստանի մէջ եւ օտարէն մուրացած բառեր գործածուին։ Ինչպիսի՞ հայրենասէր եւ ազգասէր անձեր են, որոնք հակառուս արտայայտութիւններ կ՚ընեն դիմատետրի կամ հեռատեսիլի մէջ եւ սակայն իրենց ելոյթներուն մէջ կը վխտան ռուսերէն բառեր, հակառակ որ Հայաստանի մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստացած են։

լիօրէն կառչիլ յունա-լատինա-անգլօ-ֆրանսերէն եզրերուն, իսկ հայերէն բառերը կը լքեն բառարաններու մէջ թաղուելով մոռացութեան մատնելու։ Օրինակներով խօսինք. Լատինա-իտալա-ֆրանսերէն Լիբրէտտօ=գրքոյկ Սիմֆոնիա=համանուագ Կոնսերվատորիա=երաժշտանոց Մաէստրօ=վարպետ Օպերա=թատրերգութիւն Բալէտ=թատերապար Կոնսերտ=համերգ Ռուսերէն Կոնկրետ=ստոյգ, իսկապէս, հաստատ Ինֆորմացիա=տեղեկատուութիւն Միգրացիա=գաղթ Օկուպացիա=գրաւում Կորուպցիա=փտածութիւն, կաշառակերութիւն Սենսացիոն=զգայացունց Էմոցիոնալ=յուզական Իսկ շարժապատկերի մարզին մէջ գործածուած բառերուն մեծամասնութիւնը օտար են։ Եթէ հայ մը օտար եւրոպական լեզուներու ծանօթ չէ, Հայաստանէն ելոյթ ունեցողի ըսածը մասամբ չի հասկնար։ Նշենք մի քանի բառեր. Օպերատոր=նկարահանող Ցենար=տեսարան, բեմագրութիւն Պլատֆորմ=հարթակ Ռեժիսոր=բեմադրիչ Պրոդիւսըր=արտադրող Ռէալ=իրական Ֆանտաստիկ=երեւակայական Ժիւրի=դատակազմ, ատեան, մրցատեան Սեզոն=եղանակ Ժանր=սեռ, տեսակ Ուստի, հարց կը ծագի, թէ Հայաստան անկախութենէն 25 տարի ետք, երբ իր խորհրդարանը ունի, դրամանիշը ունի… ինչո՞ւ իր օտարաբան փտածութիւնը թօթափած հայկական մաքուր բառապաշարով հայերէն լեզուն չունի Հայաստանի մէջ։ Ինչո՞ւ Ազգային Ժողովի մէջ պատգամաւորներու, վարչապետի, նախարարներու բառացանկին մէջ պէտք է հնչեն՝ Օբյեկտիւ=առարկայական Սուբյեկտիւ=ենթակայական Էֆեկտիւ=արդիւնաբեր, ազդեցիկ Բիզնէս=գործարք, գործարարութիւն, զբաղմունք Պլանաւորել=ծրագրել, ծրագրաւորել Ֆիքսել=որոշել, հաստատել, ամրագրել Շարունակութիւնը էջ՝ 19


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Ճեմ Օզտեմիր. «Եթէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուի, ապա Թուրքիան պիտի վերածուի սուլթանութեան» տանգութիւնս` ես պատրաստ եմ: Շատ հետաքրքրական է, թէ ինչպէս կ՛ըլլայ պատասխանը», – ըսած է Օզտեմիր` շեշտելով, որ Թուրքիան պէտք է հաշուի նստի Գերմանիոյ իշխանութիւններու որոշումներուն հետ: Օզտեմիր նաեւ ընդգծած է, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծը ընդունուի, ապա երկիրը նման սահմանադրութեամբ պիտի վերածուի սուլթանութեան, Օզտեմիր շեշտած է, որ Եւրոպան պէտք չէ լքէ Թուրքիոյ ժողովրդավարները: Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման հարցով մեծ ներդրում ունեցած Կանաչներու կուսակցութեան թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիրը խօսած է թուրք -գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին լարուածութեան մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.org կայքը, Օզտեմիր նշած է, որ եթէ թուրք պաշտօնեաները կը ցանկան նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնել Գերմանիոյ թրքական համայնքին մէջ եւ ատոր մերժումը կ՛որակեն նացիստական պահուածք, ապա իրենք ալ նոյն կերպով կրնան պահանջել հանրահաւաք իրականացնել Պոլսոյ կեդրոնին մէջ: «Եթէ այդպէս է, ես ալ գամ Թաքսիմի մէջ հանրահաւաք ընեմ: Եթէ Անգարան կ’ապահովէ իմ անվը-

Յիշեցնենք, որ Պեռլինի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները կրկին լարուած են նախորդ շաբաթ Պոլսոյ գերմանական պարբերականի թուրք լրագրող Տենիզ Եուջելի ձերբակալութենէն ու կալանաւորումէն ետք: Ան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կը կասկածուի «ահաբեկչական կազմակերպութեան յարելու, տուեալներու անօրինական օգտագործման, ահաբեկչութեան քարոզչութեան համար»: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել պահանջած է Անգարայէն ազատ արձակել Եուջելին: Լարուածութեան պատճառով Գերմանիոյ մէջ արգիլած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի ելոյթն ու հանդիպումը թրքական համայնքին հետ, ինչ որ կոշտ քննադատութեան արժանացած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի եւ նախագահ Էրտողանի կողմէ:

Ստորագրահաւաք՝ ի նպաստ բանտարկուած մտաւորական Սեւան Նշանեանի

Շարք մը թուրք մտաւորականներ համացանցի միջոցով ստորագրահաւաքի սկսած են՝ յաւելեալ իրաւասութիւններ պահանջելով բանտարկուած պոլսահայ գրող, լեզուաբան եւ գործարար Սեւան Նշանեանի համար։ Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Տիքեն» լրատուական կայքը: Մտաւորականները կը պահանջեն Նշանեանին թոյլատրել բանտին մէջ շարունակել իր գործունէու-

թիւնը եւ աշխատիլ իր լեզուաբանական ծրագիրներով: Նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ ստորագրած են շարք մը հեղինակաւոր թուրք մտաւորականներ, ներառեալ՝ թուրք գրող եւ Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակ շահած Օրհան Փամուք, ուսողութեան փրոֆ. Ալի Նեսին եւ դերասաններ Նուր Սիւրեր ու Լալէ Մանսուր: Նշենք, որ Սեւան Նշանեան 2013-ի Մայիսին դատապարտուած էր 13,5 ամսուան բանտարկութեան, Մուհամմատ մարգարէի հասցէին իր կատարած արտայայտութիւններուն համար: 2013-ի Դեկտեմբեր 12-ին, Նշանեան ապօրինի շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով դատապարտուած էր 3,4 տարուան բանտարկութեան: Աւելի ուշ, Նշանեան ամբաստանուեցաւ նաեւ «մշակութային եւ բնական արժէքներու պահպանման» մասին օրէնքը խախտելու յանցանքով, որուն համար ան դատապարտուեցաւ եւս 5 տարուան ու 2 ամսուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 6000 տոլար տուգանքի:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 19

Քրիստոնէութեան «Մէքքա»-ն ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը, Վատիկանի մէջ, Իտալիա, ի ներկայութեան հայ ժողովուրդի երկու կաթողիկոսներուն՝ Գարեգին Բ-ի, Արամ Ա-ի, եւ հարիւրաւոր օտար երկիրներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական եւ կղերական դէմքերու, պատմական հզօր տարողութեամբ կը յայտարարէր, թէ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուածը, 1915 թուին, իր սեփական հողին վրայ, բացայայտօրէն՝ ցեղասպանութիւն էր եւ այդպէս պէտք էր կոչուէր բնաջնջման նպատակով կատարուած կոտորածը յանուն մարդկային արդարութեան, վերջնականօրէն փարատելով տարակուսանքները, տարակարծիքները եւ «պատմական քննարկումները» : Ֆրանսիս Պապ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլխաւոր կղերականը, յայտարարեց նաեւ թէ՝ հայ ազգը քրիստոնէական կրօնքը պետականօրէն ընդունման արարքով, առաջինը հանդիսացաւ աշխարհի մէջ, դառնալով քրիստոնէութեան աւետեաց երկիրն ու ուխտավայրը, իր Արարատ սարով, Էջմիածնով ու «Խոր Վիրապով»: Եթէ իսլամութիւնը ունի իր «մէքքան», ինչո՞ւ քրիստոնէութիւնը չունենայ իր «մէքքան», եթէ կայ Հայաստան մը, քրիստոնէութեան առաջին օրրանը, որ դարեր շարունակ, յամառ կամքով ու հաւատքով, 1700 տարիներ շարունակ կը պայքարի քրիստոնէութեան եւ իր երկրի գոյութեան եւ պահպանման համար: Թող որ Երուսաղէմը մնայ որպէս քրիստոնէութեան ծծնդավայր, սակայն Հայաստանը՝ պիտի ըլլայ անոր ուխտագնացութեան յուշակոթողը: Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան մէջ հանդիսացած է աշխարհի քրիստոնէութեան հաւատքի ու աշխարհիկ կենցաղի սննդատու աղբիւրն ու սերունդներու պտղաբեր հունտն ու ծիլը: Հայ ազգի զաւակները, իրենց դարաւոր հալածանքներու եւ հետապնդումներու հետեւանքներով աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած, եղած են իրենց ապրած երկիրներու մէջ շինարար, բարեկարգիչ, բարգաւաճ ու կենսատու տարրը, հասնելով գործնական նախանձելի բարձրագոյն դիրքերու, թագաւորական թէ իշխանական պալատներու մէջ: Կառուցած ենք «ուրիշին» եւ «օտարին» համար պալատներ, եկեղեցիներ կամ քաղաքներ եւ կամուրջներ: Հիմնած ենք քաղաքակրթութիւն, մշակոյթ եւ օրէնք, որոնք յաճախ թիրախ դարձած են վայրագ ազգերու եւ անասնական բնազդով սնած անմարդկային խուժաններու: Որեւէ ազգ, կրօնք կամ հոսանք չէ կարողացած մեզ կործանել: Մենք տակաւին կանգուն ենք ու կը մնանք հաստատ «այնքան ատեն որ հայ ենք եւ ուր որ ալ լինենք», մեր հաւատքով ու կամքով: Նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ եւ ապա՝ քրիստոնէութեան պետական պաշտօնական ընկալումէն ետք, 3-րդ դարէն սկսեալ, Եւրոպայի, Ափրիկէի թէ Ասիոյ մէջ ներդրած ենք մեր մշակոյթը եկեղեցիներու և քաղաքակրթութեան բարձրագոյն մակարդակով: Կերտած ենք օտար ազգերու համար

եւս մշակոյթ, կենցաղ, քաղաքակրթութիւն եւ ապրելակերպ, մեր ապրած երկիրներուն մէջ: Տուած ենք ազգերու այբուբենն ու անաղարտ քրիստոնէական հաւատքը կրօնքի առաջին իսկ օրէնսդրութեամբ՝ Մխիթար Գօշի 12-րդ դարու «Դատաստանագիրք»-ով, որ 13-րդ դարուն ընդունուած է Լեհաստանի պետական կառոյցով, «ԻՒՆԵՍՔՕ»-ի եւ Եւրոմիութեան երկիրներու համակրանքին եւ ընկալման արժանացած որպէս քրիստոնէութեան օրէնսդրութիւն եւ պատշաճօրէն ունենալով համալսարան Երեւանի մէջ: Եթէ այս բոլորը կը վկայեն հայ ազգի հովիւի առաքելութիւնը քրիստոնէութեան հաւատքին եւ առաջնորդի իր հանգամանքին մէջ, ինչո՞ւ չունենանք աշխարհատարած քրիստոնէութեան ուխտատեղիի իրաւունքը, քրիստոնէութեան «մէքքան»: Թող աշխարհ իմանայ, թէ Հայաստանը արժանի է այդ իրաւունքին իր աւետեաց երկրի հողով ու հոգւով եւ պատրաստ ընդունելու աշխարհի բոլոր ուխտաւորները:

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com

Հայոց լեզուն անաղարտ պահենք. Հայրենասէր, ազգասէր, բայց ոչ հայերէնասէրները Շարունակութիւն էջ՝ 17էն

Բիւդջէ=ամավարկ, ծախսագումար Դէֆիսիտ=պակասոյթ Սոցիալ=ընկերային Ասոցիացիա=ընկերակցութիւն Էներգիա=ուժանիւթ, ներուժ, ուժականութիւն *** Ի՞նչ արգելք եւ պատճառ կայ մեր հարազատ մայրենի լեզուն մեր հարազատ մաքուր հայերէն բառապաշարով չարտայայտելու Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, համալսարանի ամպիոններէն կամ հեռատեսիլի պաստառներէն։ Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայը պարտաւոր է բացի ազգասէր, հայասէր, հայրենասէր ըլլալէ, նաեւ պէտք է հայերէնասէր ըլլալ եւ այդ օրինակը պէտք է տան Հայաստանի Ազգային Ժողովի մէջ ելոյթ ունեցող վարչապետը, նախարարներն ու պատգամաւորները։ Մեր պահանջածը պարզ ու յստակ ամրագըրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է»։ Խնդրելով կը պահանջենք, որ այս օրէնքը յարգուի բոլորէն, քանզի հայերէնը իր մաքուր բառապաշարով մեր էութեան մաս կը կազմէ…։


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Պոլսոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերուն Համար Կազմակերպուած Հայերէնի Դասընթացքը Մեծ Յաջողութիւն Ունեցած է

Պոլսոյ մէջ արդէն քանի մը ամիսէ յաջողութեամբ կը շարունակուի իսլամացուած հայերու մայրենի լեզուի դասընթացքը, որ նախաձեռնած էր Պէյրութահայ Օքսֆորտի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեանը: Ամիսներ առաջ Հրակը յաջողեցաւ կազմաւորել իսլամացուած հայերէ բաղկացած մէկ առանձին խումբ, ուր կան նաեւ Մուշի, Սասունի, Ատափազարի, Պինկէոլի մէջ մեծցած հայեր, որոնք տարիներ շարունակ հեռու գտնուած են Պոլսոյ հայկական համայնքէն, եկեղեցիէն եւ դպրոցներէն կամ որոշ պատճառներով աւելի ուշ տեղեակ եղած են իրենց ծագումին մասին կը գրէ «tert.am»-ը: Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու` հայկական դպրոցներու մէջ մայրենին սորվելու հնարաւորութիւնը փաստացի անհնար է` առաջին

հերթին երկրի օրէնքներուն համաձայն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագիրի երրորդ բաժինի 37-45 կէտերուն` կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզները, լազերը եւ առհասարակ ոչ թուրք բոլոր մահմետականները: Այսպիսով` Պոլսոյ մէջ գործող համայնքային հայկական դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացընելով նախ մկրտութեան թուղթ: Փաստացի այս գործընթացէն դուրս կը մղուին նաեւ ալեւիացած եւ մահմետականացուած բոլոր հայերը, որոնց հայերէն սորվելու ձգտումին միակ բաց «պատուհանը» կը մնայ վերջին տարիներուն որոշ միութիւններու կամ անհատներու կողմէ նախաձեռնուող բաց դասընթացքները, որոնք աւելի առաջ կազմակերպուած են Տիգրանակերտի, Տերսիմի եւ Մուշի մէջ: Շատ յաճախ այս դասընթացքները շարունակական բնոյթ չեն կրեր` նիւթական աջակցութեան բացակայութեան պատճառով:

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վաւերագրական Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ռապըրթ Տէ Նիրոյի Փառատօնին

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ոչնչացնելու մտադրութիւն» (Intent to Destroy) խորագիրով վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն հեղինակն է ամերիկեան հեղինակաւոր «Էմմի» կինոփառատօնի դափնեկիր, յայտնի վաւերագրող Ճօ Պեռլինգըր, տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի «Տրայբեքա» (Tribeca Film Festival) փառատօնին:

«Պեռլինգըր «Խոստում» ֆիլմի նիւթի հիման վրայ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ու անոր ռազմավարական գործընկերներուն մասին»,- կը յայտնէ 168.am-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան Entertainment Weekly պարբերականը: Կը նշուի, որ ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում վաւերագրական ֆիլմի հեղինակին հետ, քննարկման պիտի մասնակցին նաեւ System of A Down ռոք խումբի երգիչ Սերժ Թանքեանը, «Խոստում» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեանն ու Փուլիտցերեան մրցանակի դափնեկիր Փիթըր Պալաքեանը: Tribeca Film Festival/TFF-ը հիմնուած է 2002-ին ամերիկացի յայտնի դերասան Ռապըրթ տէ Նիրոյի կողմէ: Փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Ապրիլ 18-ին, Նիւ Եորքի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ ամսուան վերջը:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 21

Francois Hollande Calls France and Armenia Sign Cooperation Deals for International Sanctions Against Ceasefire Violaat Paris Talks tions in Karabakh Conflict

PARIS — France and Armenia have signed deals on tourism, research cooperation, and the creation of a French university in Armenia. The agreements were signed in Paris on March 8 as French President Francois Hollande hosted an official state visit by Armenian President Serzh Sarkisian. Hollande said he and Sarkisian on March 8 also discussed efforts to try to resolve the long-running conflict over Azerbaijan’s breakaway region of NagornoKarabakh. Hollande said “we want to work and find solutions” to avoid a repeat of recent violence. Speaking to reporters after the talks Armenian President Serzh Sarkisian thanked Francois Hollande for the invitation and warm welcome on the 25th anniversary of diplomatic relations between the two countries. “We have very similar approaches on all issues – both in our bilateral relations and regional developments,” President Sarkisian said. “Undoubtedly, the centuries-old Armenian French friendship and historical-cultural ties, as well as the lack of political problems create a solid basis for the further development of our relations in an atmosphere of respect and trust,” the Armenian President said. He said the high-level political dialogue also forms a firm ground for effective economic cooperation. “Although our economic relations have not reached the level of political ties, we are taking steady steps in that direction. As a member of the Eurasian Economic Union (EAEU), Armenia can serve a good platform for French firms to produce in Armenia and export the production to the 170 million market of the EAEU,” the President said. He added that Armenia’s good relations with Iran can also be used to the benefit of French companies. President Sarkisian thanked Francois Hollande for the decision to hold the Francophonie summit in Armenia in 2018 and pledged to organize the event on due level.

PARIS (RFE/RL) — France’s outgoing President Francois Hollande has reportedly spoken of the need for international “sanctions” against ceasefire violations in the Nagorno-Karabakh conflict. Hollande expressed concern at a recent upsurge in deadly fighting along the Armenian-Azerbaijani “line of contact” around Karabakh after talks held with his Armenian counterpart Serzh Sarkisian in Paris late on Wednesday. AFP quoted Hollande as saying that the conflicting parties should “avoid a repeat of the incidents that have erupted in recent weeks and months.” He also called for the introduction of “verification mechanisms” which would “prevent and even sanction actions that might be contrary to peace,” according to the French news agency. Hosting a state dinner in Sarkisian’s honor later in the evening, Hollande emphasized the urgency of a compromise solution to the conflict which he said should be based on the so-called “Madrid principles” put forward by France, Russia and the United States.” “Nothing is as bad as the status quo,” the Armenian presidential press service cited him as saying. Paris, Moscow and Washington have long been spearheading international efforts to end the Karabakh conflict in their capacity as co-chairs of the OSCE Minsk Group. Truce violations in Karabakh intensified last month, involving mortars and other light artillery. At least five Azerbaijani soldiers were killed on February 25 in Azerbaijani attacks at two sections of Karabakh “line of contact.” The Azerbaijani military denied launching incursions there, while admitting that its soldiers died in the no-man’s land just east of Karabakh.


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Foreign Minister of Hellenic Republic Nikos Kotzias visit to Armenia (March 9-10, 2017) Foreign Minister of Hellenic Republic Nikos Kotzias carried out an official visit to Armenia on March 9 and 10. On Thursday, March 9, Mr. Kotzias visited the Armenian Genocide Museum in Yerevan, where a wreathlaying ceremony took place. There followed a meeting with the Speaker of the Armenian National Assembly, Galust Sahakyan, a working luncheon with Defence Minister Vigen Sargsyan, a meeting with the Prime Minister of Armenia, Karen Karapetyan, at the Government Building, and a meeting with Patriarch Karekin II of Armenia, at the Patriarchate of Armenia in St. Etchmiatzin.

On Friday, March 10, the Foreign Minister met at the Armenian Foreign Ministry with his Armenian counterpart, Edward Nalbandian, and signed a Memorandum of Cooperation between the Greek and Armenian Diplomatic Academies and Foreign Ministries. Following their talks, the two Ministers held a joint press conference. Mr. Kotzias then visited Yerevan State University, where he delivered a lecture and, subsequently, was awarded an Honorary Doctorate. Finally, Mr. Kotzias was received by the President of Armenia, Serzh Sargsyan.


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 23

Putin: Russia continues search for peaceful resolution of Karabakh conflict Russia continues to support in every way in searching for mutually acceptable solutions to the Nagorno-Karabakh conflict both within the framework of the OSCE Minsk Group and during the direct contacts with Yerevan and Baku. Russian President Vladimir Putin stated the aforementioned at a joint briefing with his Armenian counterpart Serzh Sargsyan in Moscow on Wednesday. Sargsyan, for his part, noted that at the meeting with his Russian counterpart special attention was attached to the Nagorno-Karabakh conflict settlement and creation of necessary conditions for advancing the negotiation process. “We highly appreciate the efforts of Russia and other OSCE Minsk Group co-chairs towards the exclusively peaceful settlement of the conflict. The importance of implementing the open-ended tripartite ceasefire agreements of 1994-95 was reiterated and the need for implementing the agreements reached in Vienna and St. Petersburg was underscored. We both agree that the threat to use force and its use are unacceptable and harm the peace process,” Sargsyan stressed.

Armenia PM: Our goal is to hold elections in line with international standards Jan Petersen, for his part, stressed that since his arrival in Armenian, close cooperation has been established with the country’s authorities, political parties and other partners. He also noted that the interim report of the OSCE/ODIHR mission on the work carried out by them will be ready in the near future. In Petersen’s words, the interest among the OSCE memberstates to the elections in Armenia is quite high, a large delegation of observers having been sent to the republic. The Head of Mission expressed hope that the elections in Armenia will be held at a high level and in line with the international standards. The Armenian authorities are ready to cooperate with all the observation missions to hold elections, which will be in line with the international standards. Prime Minister of Armenia, Karen Karapetyan, said the aforementioned at the meeting with the head of the OSCE/ODIHR observation mission Jan Petersen on Wednesday. The interlocutors discussed issues related to the preelection political situation and process for the preparation to elections, the press-service of the Armenian Government informed Armenian News – NEWS.am. “We are determined and are ready to react to all the problems very harshly,” the PM said.


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Sarkisian Calls for Stepanakert: Azerbaijani Russian-Armenian refugees may return by Defense Venture in Gyumri accepting Nagorno-Karabakh Republic citizenship

MOSCOW (RFE/RL) — President Serzh Sarkisian has suggested that the Russian and Armenian governments set up a “joint military-industrial complex” in Gyumri, which is home to the headquarters of a Russian military base in Armenia. In an article published by the Moscow daily “Izvestia” on Tuesday, Sarkisian did not elaborate on the proposed joint defense venture. He said only that it would help to modernize the Russian base, serve as a “platform” for Russian arms exports to neighboring states and create jobs in Armenia’s second largest city beset by high unemployment. Moscow and Yerevan signed in 2013 an agreement on joint manufacturing and maintenance of weapons and other military equipment. Seyran Ohanian, Armenia’s defense minister at the time, said it will enable the Armenian defense industry to work with Russian arms manufacturers “on privileged terms.” Russia’s President Vladimir Putin inspected Russian troops in Gyumri when he visited Armenia later in 2013. Sarkisian emphasized this fact in his article timed to coincide with the start of his official visit to Moscow. He is scheduled to meet with Putin on Wednesday. The current Armenian defense minister, Vigen Sargsian, said last month that the Russian military presence remains a “very important” element of Armenia’s national security strategy. The Russian base headquartered in Gyumri is thought to have up to 5,000 military personnel as well as hundreds of tanks, armored vehicles and artillery systems, and more than a dozen MiG-29 fighter jets. Moscow has bolstered it with helicopter gunships and other military hardware since a 2010 Russian-Armenian agreement extended its basing rights in Armenia by 24 years, until 2044. Writing in “Izvestia,” President Sarkisian described

Azerbaijani refugees may return by accepting the citizenship of the Nagorno-Karabakh Republic. Davit Babayan, Head of the Central Information Department of the Office of the Republic of Artsakh (Nagorno-Karabakh Republic/NKR) President and Deputy Dead of the NKR President’s Office, stated the abovementioned. He noted this commenting - at the request of Armenian News- NEWS.am - on the Azerbaijani deputy FM’s statement regarding their “Great Return” plan. Babayan recalled, however, that this is not the first such statement. “Actually, the return is very easy to implement; it’s enough to become a citizen of the NagornoKarabakh Republic,” he noted. “We [i.e. Artsakh] do not discriminate between the citizens of different nationalities. We are a developed democratic state, by contrast to Azerbaijan, where people are persecuted solely for belonging to the Armenian nation.” At the same time, Davit Babayan stressed that Armenian refugees from Azerbaijan also need to be considered when discussing the matter of refugees. “Furthermore, the ancient Armenian lands— Shahumyan, Northern Karabakh—remain under the control of Azerbaijan,” he added. Also, Babayan recalled that capital city Baku and the majority of the cities of Azerbaijan were built by Armenian architects. Russia as his country’s “strategic ally.” He pointed out that the two nations agreed last year to reinforce a joint system of air defense and a RussianArmenian military force originally set up in 2000.


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 25

Lavrov: Karabakh conflict sides are far from agreements with key directions Armenia and Azerbaijan are still far from reaching an agreement on several key directions toward the resolution of the Nagorno-Karabakh conflict. Russian Foreign Minister Sergei Lavrov stated the aforesaid at Monday’s joint news conference with his Azerbaijan counterpart Elmar Mammadyarov, reported RIA Novosti news agency of Russia. “We hope that the Karabakh conflict will be settled,” said Lavrov. “This is proved by the results of the long years of contacts, owing to which a common understanding of key issues that are subject to settlement was managed to be developed. This, first and foremost, is both the security issues and the humanitarian issues. The matters of returning the regions which now are around Karabakh and are not controlled by Azerbaijan. This is also the matter of determination of the status of NagornoKarabakh; surely, by considering the people living there. This is also the harmonization of the standards of the international peacekeeping forces.” “We have reached an agreement,” in most of these directions, noted the Russian FM. “But two to three specific topics, which are crucial for the final package, are not yet discussed” he added. “I will not lie. We are still far from the situation when the parties will develop a joint approach in these directions.” In Sergei Lavrov’s words, two to three core issues of the conflict settlement still require extra effort.

MP Selina Dogan Commemorates Feminist Armenian Women in the Turkish Parliament ISTANBUL (Agos) — CHP Istanbul MP Selina Dogan commemorated Armenian writers and thinkers Elbis Gesaratsyan, Sirpuhi Düsap, Zabel Asadur, Zabel Yesayan and Hayganus Mark, who are considered as the first feminists of Turkey, in the parliament. Stating that many things have been said on the occasion of March 8 but the problem remains as it is, Dogan said, “This means that either the way we discuss this issue is not right or we are not sincere.” Saying that others and minorities are forgotten in the history of women’s struggle in Turkey, Dogan said: “While Halide Edip is naturally commemorated with respect, her contemporary Zabel Yesayan, with whom she exchanged letters, is ignored. While dear Sabiha Sertel has the place she deserved in the feminism history of this country, nobody remembered her contemporary Elbis Gesaratsyan. While Nezihe Muhiddin, who struggled for enfranchisement of woman and whom I respect deeply, was making feminist history, her counterpart Hayganus Mark, who issued a woman magazine for 14 years, is not remembered at all.”

Armenian Church To Turn Into Library In Turkey The St. Mary’s Armenian Church, which is located in the Turkish city of Kaiser, will turn into a library. The Turkish Hurriyet reports that the church used to serve as a gallery and later as a gym and was also a police division. The Turkish government has allocated 6 million Turkish liras (approximately $1,600,000) to renovate the church before the opening of the library. Touching upon the decision on turning the church into a library,

Mayor of Kaiser Mustafa Celik stated that a library would be more appropriate. According to him, the library will feature 50,000 books and will become the city’s central library. A bookstore-café will also open in a section of the church. The library is set to open after reconstruction in the fall of 2017. The website reports that the date of construction of the church is unknown since there is no record of the church. Source: Ermenihaber.am


Էջ 26

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Archbishop Karekin Bekchian Elected as Locum Tenens of Istanbul’s Armenian Patriarch ernor’s office to the press and was signed by Deputy Governor Aziz Mercan. “Given the reports in the media, it is understood that the procedure of patriarchal election is intended to be started virtually by electing a degabah on March 15.

ISTANBUL (Agos) — The Clerical Assembly of the Armenian Patriarchate of Istanbul elected Archbishop Karekin Bekchian, Primate of the German Diocese of the Armenian Apostolic Church as Locum Tenens —a patriarchal alternate today. The voting is seen as the first step of patriarchal elections. Thirty members of the Clerical Assembly participated in the elections. Elected by clerics, the Locum Tenens will be responsible for managing the process of electing the Armenian Patriarch of Istanbul. General Vicar of the Patriarch Aram Ateshian, Bishop Sahak Mashalian and Archbishop Karekin Bekchian were initially named as candidates. However, Mashalian, in a statement before the election, declared that would withdraw and supported Bekchian. Aram Ateshian will now step down as General Vicar. The Clerical Assembly is expected to form a commission comprising clergymen and secular figures to organize the transfer of power from the General Vicar to the Locum Tenens. The elections of the initiative group will be organized within 10 days after the election of the Locum Tenens. The group will, in turn, organize the elections of the Patriarch of Istanbul within a six-month period. Turkish Authorities Interfere in the Patriarchal Election Following the election, a notice was handed out by Archbishop Aram Ateshian to the Clerical Assembly that stated that it was illegal to start the election process, according to Agos. The notice was from the Gov-

“Considering the unfavorable developments that took place during the meeting on February 16 at the patriarchate, it is determined that starting the election process is legally impossible given the facts that this process might cause disturbance and divisions in the society, that there is already an incumbent vicar and that your society knows the basic proceedings and practices concerning the patriarchal election.” read the statement. In a response, Arch. Bekchian stated that a group including Ateshian and Mashalian will go to the Istanbul Governor’s office to explain the situation. “In this planned meeting, our party will explain the logic of election of the Locum Tenens,” read Bekchian’s statement. “Then an announcement will be made within the next couple of days.” Bekchian added that he will not be attending the meeting.


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 27

The Ministry of Diaspora of the Republic of Armenia re-launches “Ari Tun” program for the Diaspora youth Dear compatriots, The Ministry of Diaspora of the Republic of Armenia re-launches “Ari Tun” program for the Diaspora youth. The goal of the program is to familiarize Armenian Diaspora youth spread all over the world with its Homeland, instill them acknowledge their national identity, familiarize them with the traditions and practices of their people, Armenian families and the Armenian soul, foster a closer cooperation of Armenia and the Diaspora both in educational-cultural and moralpsychological respect. In 2017 the program will be launched on June 18 and will continue till August 26, in 8 phases (each phase will last 14 days: 9 days with a host family, 4 days in camp). Diaspora youngsters from 13 to 18 will be hosted in Armenian families and will participate in a four-day camp envisaged by the program. The program is open for application by young people who did not participate in the program before. The choice of host families is carried out by the administrative districts of Yerevan, RA community councils, and RA Ministry of Diaspora. The participants’ stay with the Armenian families is not remunerated. The process of selection of groups and individuals for program participation is carried by the Diaspora community structures, educational institutions and the Diaspora Armenian organizations, with the support of RA diplomatic representations in the given country. Individual applications for participation in the program are also welcomed. Travel expenses are covered either by the participants or sponsors. The Ministry of

Armenian Genocide Committee Announces April 24 March for Justice in LA

Diaspora of the Republic of Armenia meets the participants upon their arrival and sees them off when they leave Armenia. Armenian language classes, visits to the museums, sightseeing tours are also organized by the Ministry. During the camping days educational programs, classes of Armenian language and Armenian Studies, national songs and dances will be organized as well. Meetings with state, public and cultural figures will also take place. In order to ensure safety during the trips the participants will be accompanied by the doctor and the police. For additional information please apply to the Department Pan-Armenian Programs of the RA Ministry of Diaspora at the following address: Yerevan 0010, V. Sargsyan 3 tel: (+37410) 58-56-01 (700) (+37460) 500-830 52-02-46, 52-14-10 E mail: europedep@gmail.com europedep@yahoo.fr aritun.mindiaspora@gmail.com


Էջ 28

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Calouste Gulbenkian Foundation Launches ‘Zarmanazan’ Western Armenian Revitalization Programs The Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation is launching the educational project “Zarmanazan” as part of its Western Armenian revitalization program. The initiative will incorporate two components that will mutually nourish each other: A summer camp for children between the ages of 10 to 15, in a creative and playful world, aimed at encouraging the practice of Western Armenian. A training internship designed for Western Armenian teachers or teachers-in-training in the Armenian Diaspora, leading to university certification by the Institut National des Langues et Civilisations Orientales, Paris (INALCO). For 25 days, children and teenagers will reside together with a team of 15 experienced facilitators in an inspiring environment. While totally immersed in Western Armenian, they will create, discover, learn, and have fun through engaging workshops in music, arts, theater, dance, as well as various sports and games. Through these activities, language will become a natural means of communication and creation. The Zarmanazan camp, organized in partnership with the Mille et un Mondes organization in Lyon, will offer a space for meeting and interaction between all participants who will have the opportunity to learn from one another and develop friendships, living an enriching and unique experience. The camp is open to all children and teenagers living in the Armenian Diaspora. The number of places is limited to 40. There is no requirement for a minimum level of proficiency in Armenian. The teacher development component of the camp will host 15 teachers (or teachers-in-training). They will follow an intensive program combining expert direction with practical training, interactive lectures, and the lat-

est pedagogic approaches and materials. The location of the camp is in La Bourboule, France. Deadline for applications: Saturday, March 25, 2017, 11pm Greenwich Mean Time. For more information please visit zarmanazan.com.

Cyprus’s Representative Hovig Demirjian Has Presented Song To Be Performed At Eurovision Cypriot-Armenian singer Hovig Demirjian will be representing Cyprus at Eurovision Song Contest 2017. The singer will represent the country with the song called “Gravity” and has also presented the music video for the song to the fans of Eurovision. Hovig and Armenia’s representative, Artsiv will perform in the second part of the first semi-final to be held on 9 May in Kiev. Armenia’s representative Artsvik Harutyunyan will present his song soon, writes Ankakh.com.


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 29

ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը Նուիրումի Եւ Ծառայութեան Վերանորոգ Ուխտով Եզրափակեց Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Անդամական Ժողովը

Միութենավայել եւ տեսլապաշտ մթնոլորտի մէջ, Կիրակի, 5 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի, ներկայութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան մարզական, մշակութային, սկաուտական, համալսարանական, երիտասարդական, կրտսերաց միաւորներու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղերու գործադիր մարմիններու, Զահլէի եւ Ամանոսի մասնաճիւղերու վարչական կազմերու, աւելի քան երկու հարիւր անդամ-անդամուհիներու՝ բացուած յայտարարեց ՀԵԸ-ի տարեկան վարչական ընդհանուր ժողովը: Ներկաները՝ յոտնկայս, միասնաբար երգեցին Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները: Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ շնորհիւ հաւաքական եւ միասնական աշխատանքին, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան բոլոր մասնաճիւղերը եւ վարչութիւնները անխտիր, բարեյաջող տարեշրջան մը եւս բոլորած են՝ հարազատ մնալով 110-ամեայ ՀԲԸՄ-ի եւ 85-ամեայ ՀԵԸ-ի հիմնադիրներու ուղիին եւ սկզբունքներուն: Ան, արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց ընդհանուր վարչական ժողովին: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ անցնող տարուան աշխատանքներուն մէջ պիտի առանձնացնէ երկու կարեւոր իրագործում. Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է ՀԵԸ-ի՝ 2014-2015 տարեշրջաններու գործունէութիւնը համապարփակօրէն արտացոլացնող գունաւոր, պատկերազարդ երկամեայ «Տեղեկա-

տու»-ն: Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու եւ «Տեղեկատու»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանին, անգլերէն լեզուի թարգմանիչ Արին Ղազարեանին եւ սրբագրութեան պատասախանատու Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն, իրենց բծախնդիր աշխատանքին համար: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ «Տեղեկատու»-ն պիտի դառնայ աւանդութիւն: Երկրրոդ կարեւոր իրագործումը զորս կատարուած էր ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անմիջական հետապնդումներով, ՀԵԸ Անդրանիկի ֆութպոլի դաշտը (Նաքքաշ) վերանորոգելու, զայն արհեստական խոտով օժտելու որոշումն էր, զորս դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նշեց, թէ դաշտին կից պիտի հիմնուի ֆութպոլի դպրոց մը, որպէսզի հայ պատանիները եւ երիտասարդները ՀԵԸ-ի դաշտին մէջ սորվին ֆութպոլը: Տարեկան վարչական ընդհանուր ժողովի առաջին բաժինը յատկացուած էր 2015-2016 տարեշրջանի գործունէութեանց տեղեկագիրներուն, իսկ երկրրոդը՝ նոր ծրագիրներու եւ առաջարկներու: Յաջորդաբար, խօսք առին ՀԵԸ-ի մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու 26 ներկայացուցիչներ: Անոնք ընթերցեցին իրենց համապատասխան վարչութիւններուն գործունէութեանց տեղեկագիրը: Տեղեկագիրներուն ընթերցման զուգահեռ, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ եւ վարչութիւն՝ տեսաերիզիվրայ ցուցադրեց իր գործունէութիւնը ամփոփող ժապաւէն մը: Շարունակութիւնը էջ՝ 30


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը Նուիրումի Եւ Ծառայութեան Վերանորոգ Ուխտով Եզրափակեց Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Անդամական Ժողովը վառ օրինակ մըն էր ընդհանուր վարչական ժողովին մթնոլորտը: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի քննարկում արձանագրեց ներկայացուող առաջարկները՝ խոստանալով շուտափոյթ լուծումներ գտնել անոնց:

Շարունակութիւն էջ՝ 29էն

Կարճ ընդմիջումէ ետք, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ յիշատակի նկարի արարողութիւն, ներկաները վերադարձան ժողովասրահ՝ շարունակելու ժողովին երկրորդ մասը, որ յատկացուած էր նոր տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիրներու, առաջարկներու եւ օրակարգերու քննարկման: Հաւաքական աշխատանքի յանձնառութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութեան

Տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան: Ան, յանուն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մէկ առ մէկ շնորհաւորեց մասնաճիւղերու, վարչութիւններու, կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին: Տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը իր աշխատանքը աւարտեց ազգային, միութենական ծառայութիւնը վերանորոգ ուխտով շարունակելու յանձնառութեամբ: ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Իտալիոյ Մէջ 1915-ին Թուրքիոյ Մէջ Վատիկանի Բանագնացին Մասին Գիրք Մը Լոյս Տեսած է Իտալիոյ մէջ գիրք մը լոյս տեսած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Վատիկանի դիւանագիտական առաքելութեան մասին: Այս մասին՝ ըստ «Նիուզ»-ի՝ կը գրէ La Stampa պարբերականը: «Սուրբ աթոռը եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածը» գիրքին հեղինակներն են Վալենթինա-Վարդուհի Կարախանեանն ու Օմար Վիգանոն: Գիրքը Կ․Պոլսոյ մէջ Պապի բանագնաց, միսիոներ Անճելօ Մարիա Տոլչիի գործունէութեան մասին է: Անոր վիճակը բարդ էր, որովհետեւ կոտորածի ենթարկուած քրիստոնեաներուն մեծ մասը Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն էին` մայրաքաղաքէն հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու: Բայց երբ Տոլչին սկսաւ հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, ան շարունակեց բոլոր ջանքերը` բանակցութիւններ վարելու, եւ ոչ միայն օսմանեան իշխանութիւններուն հետ, այլեւ` անոնց աւստրիացի եւ գերմանացի դաշնակիցներուն: Անոր նամակներէն եւ կազմած փաստաթուղթերէն կը պարզուի, թէ ի՞նչ ջանքեր գործադրած է հայերն ու այլ քրիստոնեաները փրկելու համար` հակառակ իր սահմանափակ լիազօրութիւններուն ու տնտեսական հնարաւորութիւններուն: Հետապնդուող քրիստոնեաները պաշտպանած է նաեւ Հռոմի Պենետիկթոս 15-րդ պապը, որ երեք անգամ դիմած է Մեհմետ 5-րդ սուլթանին: Սուլթանին հասցէագրուած նամակներ ուղարկած է նաեւ Տոլչին` հնարաւոր գրաքննութենէն խուսափելու համար: Գիրքին յառաջաբանին մէջ կը նշուի, որ Վատիկանի ջանքերը աւելի տեսանելի են անոր միայնութեան մէջ, քանի որ արեւմտեան գերտէրութիւնները այն ժամանակ աւելի շատ կը մտահոգուէին իրենց ռազմավարական ջանքերով, քան հաւատակից եղբայրներու ճակատագիրով: Գիրքը նուիրուած է 2015-ին վախճանած կաթողիկէ հայերու պատրիարք «Ներսէս Պետրոս 19-րդի վառ յիշատակին»:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 31

Արցախում պեղումները շարունակւում են

Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսութեան նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի (Պետական Ոչ Արեւտրային Կազմակերպութիւն) գործառոյթներից մէկը պահպանուող հնավայրերի տարածքներում պեղումներ իրականացնելն է։ 2005 թ.-ից հնագիտական մեծածաւալ պեղումներ են իրականացւում Տիգրանակերտում, աւելի վաղ սկսուել են Հադրութի շրջանի Ազոխի քարանձաւի պեղումները։ Վերջին տարիներին, ըստ անհրաժեշտութեան, հնագիտական պեղումներ են իրականացւում նաեւ Կարկառում, Քաշաթաղի շրջանի Արծւաշէն համայնքի մօտակայքում, Մարտակերտի շրջանի Նոր Հայկաջուր համայնքի եւ Ամարասի վանքի տարածքներում։ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի հաղորդմամբ, Արցախի Հանրապետութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտական աշխատանքների գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեանն ասել է, որ Արցախի տարածքում հնագիտական պեղումներն իրականացւում են Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ։ Այս տարի եւս պեղումները շարունակուելու են Տիգրանակերտում, Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղում։ 2016թ.-ի վերջին Նոր Կարմիրաւանում յայտնաբերուել են մ.թ.ա. I հազարամեակով թուագրուող մարդակերպ կոթողներ։ Նա յոյս է յայտնել, որ այս տարի կկարողանան շարունակել նաեւ Ազոխի քարանձաւի ուսումնասիրութիւնը։ Տիգրանակերտում եւ Նոր Կարմիրաւանում կաշխատեն տեղական, իսկ Ազոխի քարանձաւում` միջազգային արշաւախմբերը: Նժդեհ Երանեանը համառօտ ներկայացնում է Տիգրանակերտի պեղումների արդիւնքը: «Քանի որ յուշարձանը բազմաշերտ է, հետեւաբար ամենահին գտածոները անտիկ շրջանի են, յայտնաբերւում են նաեւ միջնադարին վերաբերող առարկաներ` խեցեղեն, հնամարդաբանական նիւթեր, մետաղադրամներ, տարբեր գործիքներ։ Գտածոների մեծ մասն ուսումնասիրւում է Երեւանում, եւրոպական երկրներ է տեղափոխւում մարդաբանական նիւթը։ Ուսումնասիրումից եւ վերականգնումից յետոյ

պատմական Տիգրանակերտի գտածոների մի մասը մշտապէս ցուցադրւում է հենց Տիգրանակեր-տի հնագիտական թանգարանում, միւսները՝ պահ-ւում են ՊՈԱԿ-ի ֆոնտերում եւ ներկայացւում են ժամանակաւոր ցուցադրութիւնների ընթացքում»։ Ազոխի քարանձաւում պեղումներ են իրականացուել դեռեւս խորհրդային տարիներին։ Այն տարածաշըրջանի հնագիտութեան եւ հնէաբանութեան կարեւոր հնավայրերից է, որը թոյլ է տալիս ուսումնասիրել հնագոյն ժամանակներում մարդկանց տեղաշարժերը Հայկական լեռնաշխարհով։ 2002 թուականից Թանիա Քինգի ղեկավարութեամբ հնագէտների միջազգային արշաւախումբը ծաւալուն պեղումներ է կատարել Ազոխի քարանձաւում։ Յայտնաբերուել են չխաթարուած մուտքեր, ինչպէս նաեւ նախնադարեան դարաշրջանի բազմաթիւ գտածոներ, որոնց թուում կան գործիքներ եւ կենդանիների մնացորդներ։ Ազոխի քարանձաւի գտածոները Եւրոպայում ուսումնասիրուելուց յետոյ վերադարձւում եւ համալրում են Արցախի հանրապետութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի ֆոնտերը։ Այդ գտածոների ուսումնասիրութիւնը թոյլ է տալիս ենթադրել, որ պատմական այս տարածքում մարդիկ ապրել են շուրջ երկու միլիոն տարի առաջ։ Ազոխի քարանձաւի գտածոները ցուցադրւում են արցախեան տարբեր թանգարաններում, ժամանակաւոր ցուցադրութեամբ՝ նաեւ ՊՈԱԿ-ի շէնքում։ Աղբիւր` Panorama.am


Էջ 32

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը այս տարի նոյնպէս կը վերսկսի «Արի տուն» ծրագիրը ՅԱՐԳԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը կը վերսկսի սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան “Արի տուն” ծրագիրը: Ծրագրի նպատակն է` աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստանհայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել իր ժողովուրդի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն, հայ ընտանիքին: Ծրագիրը 2017թ. կը մեկնարկէ Յունիս 18-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 Օգոստոս` 8 հանգրուաններով (իւրաքանչիւր հանգրուանը` 14 օր, որմէ 9 օր` հիւրընկալող ընտանիքի հետ, 4 օրը` բանակում): Ծրագրին կրնան մասնակցիլ 13-18 տարեկան երիտասարդները, ովքեր նախապէս չեն մասնակցած “Արի տուն” ծրագրին: Ծրագրի ընթացքին երիտասարդները կրնան հիւրընկալուիլ բարեկամներու տուն, իսկ եթէ բարեկամներ չունին` Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու, ՀՀ մարզպետարաններու եւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէն ընտրուած ընտանիքներու յարկին տակ: Երիտասարդները ընտանիքներէն ներս կը հիւրընկալուին անվճար: Ծրագրին մասնակցութեան համար խումբերու եւ անհատներու հաւաքագրումը եւ Հայաստան այցելութիւնը կ’իրականացուի Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու, կրթօճախներու, հայկական կազմակերպութիւններու կողմէն` տուեալ երկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աջակցութեամբ: Ծրագրին մասնակցելու համար կրնան դիմել նաեւ անհատապէս` տեղեկացնելով համապատասխան համայնքային կառոյցին: Հայաստան այցելող

երիտասարդները իրենք կը հոգան իրենց ճանապարհածախսը կամ իրենց միջոցներով կը գտնեն հովանաւորներ։ “Արի տուն” ծրագրի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը կ’ապահովէ երիտասարդներու դիմաւորումն ու ճանապարհումը, կը կազմակերպէ հայոց լեզուի դասընթացներ, այցելութիւններ թանգարաններ, շրջայցեր` Հայաստանի տեսարժան վայրեր: Ծրագրի բանակումի հանգրուանին պիտի կազմակերպուին նաեւ ուսուցողական ծրագրեր. հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացներ: Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ եւ այլն: Պտոյտներու ժամանակ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով անոնց պիտի ուղեկցի բժիշկը եւ ոստիկանական անձնակազմը: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագրերու վարչութիւն Հասցէ` ք. Երեւան 0010, Վ. Սարգսեան 3, հեռ.` (+37410) 58-56-01 (700) (+37460) 500-830 52-02-46, 52-14-10 Էլ. փոստ` aritun.mindiaspora@gmail.com europedep@gmail.com europedep@yahoo.fr

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com

Արցախցի մարզիկը արժանացած է ոսկէ մետալի Երեւանի մէջ Մարտ 5-ին կայացած է կանանց եւ աղջիկներու սամպոյի Հայաստանի ախոյեանութիւնը: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ին՝ տեղեկացուցած է Արցախի ճիւտոյի համադաշնակցութեան գլխաւոր մարզիչ Իւան Ազիզբեկեանը եւ նշած, որ այդ ախոյեանութեան կը մասնակցէին նաեւ արցախցի մարզիկները: «Կանանց ախոյեանութեան արցախցի մարզիկներէն մրցանակային 1-ին տեղ գրաւած է Սօսէ Բալասանեանը (56քկ)` արժանանալով ոսկէ մետալի եւ դրամական պարգեւի, 3-րդ տեղ` Գայիանէ Ազիզբեկեանը (52քկ): Աղջիկներու մրցապայքարին 2րդ տեղ գրաւած են Ռուզաննա Բալասանեանը (44քկ․) եւ Ժենիա Խաչատրեանը (60քկ․), 3-րդ տեղ` Լիլիթ Եսայեանը (56քկ․)»,- ըսած է Ի. Ազիզբեկեանը եւ ընդգծած, որ ինք` որպէս մարզիչ, գոհ է արդիւնքներէն:


Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

Հայ Կեանք

Էջ 33

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ «Օրորա»ի Թրքերէն Տարբերակը ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Չմշկածագէն մինչեւ Հոլիվուտ, կնոջ մը կեանքի ոդիսականը պատմող «Օրորա» գիրքը վերջերս թրքերէն տարբերակով հրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ: 1915ին Ցեղասպանութենէն ազատած 14ամեայ Արշալոյսի ոդիսականն է այս: Ան Չմշկածագի մէջ ականատես եղած էր իր ժողովուրդի ոչնչացման ու մէկ առ մէկ կորսնցուցած իր ընտանիքի անդամները: Հակառակ իր մարմնական ու հոգեկան չարչարանքներուն, ան յաջողած էր մնալ կենդանի: 1915ին մահէ փրկուելէ ետք ան մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ: Երկու տարի ետք Հենրի Կէյցի կողմէ հրատարակուած է իր ոդիսականը, որ ուշագրաւ դարձած է նաեւ Հոլիվուտի արտադրիչներուն համար: «Արաս»ի հրատարակած գիրքի խմբագիրն է Էնթընի Սլայտ: Ցուցադրութեան շրջանին արժանացած հետաքրքրութեամբ մրցանիշեր անցած «Օրորա» ժապաւէնը յետագային անհետացած է եւ անկէ հազիւ քանի մը դրուագներ մնացած են: Էնթընի Սլայտի այս գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Էվրիմ Քայան: Շարժապատկերի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան յառաջաբան մը գրած է գիրքին համար: Այս գործը հրատարակութեան պատրաստած է Սօսի Տոլանօղլու, իսկ կողքի ձեւաւորումը կատարած է Արէտ Կըճըր: Գիրքին բովանդակութիւնը ճոխացուած է շարք մը լուսանկարներով:

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Համշէնահայ Երգիչ Այտողան Թօփալի Երկրորդ Ձայնասկաւառակը Համշէնահայ երաժիշտ եւ երգիչ Այտողան Թօփալը թողարկած է իր նոր` «Քուզէյ» («Հիւսիս»-Tert.am) ձայնասկաւառակը: Սա համշէնցի երգիչին արդէն երկրորդ ձայնասկաւառակն է: Ըստ թրքական «Օնճէ վաթան» պարբերականի, ձայնասկաւառակին մէջ ամփոփուած են 13 երգեր, որոնցմէ 11-ը Թօփալի գրած ստեղծագործութիւններն են: Պարբերականին հետ զրոյցին Թօփալը պատմած է, որ ալպոմը ստեղծուած է ամբողջովին «սեւծովեան» բանահիւսութեան մէջ, օգտագործուած են համշէնական եւ պոնտոսեան երաժշտական գործիքներ, կան երգեր համշէնահայերէնով, լազերէնով եւ թրքերէնով: Ալպոմի անուանումը` «Հիւսիս» նոյնպէս կապուած է հայրենի Համշէնի հետ, քանի որ անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիսարեւելքը: Ի դէպ, Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէսի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ։ Համշէնէն աւելի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն):


Էջ 34

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 25 Տարեկան է անկախ պետականութիւն եւ ամէն գնով պէտք է պահպանենք ու ամրապնդենք մեր յաղթանակը: Մեր նորագոյն պատմութեան ձեռքբերումները այն ժառանգութիւնն են, որոնք պէտք է ձգենք մեր սերունդներուն, ինչպէս որ անոնց պէտք է փոխանցենք մեր հաւաքական ուժի եւ Հայրենիքին նուիրումով ծառայելու խորհուրդը:

Մարտ 3-ին լրացաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ստեղծման 25-ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Նախագահի՝ 3 Մարտ 1992-ի հրամանագիրով՝ ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ, պայմանաւորուած իր համազգային կարեւորագոյն առաքելութեամբ, ու ստացաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ անունը: 1992 Մայիս 16-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 24 անդամէ բաղկացած Հոգաբարձուներու Խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Աղէտաբեր երկրաշարժ, բազմահազար անօթեւան բռնագաղթուածներ, արցախահայութեան տագնապալի կացութիւն, քայքայուած տնտեսութիւն, երկարատեւ շրջափակումներ, այս եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ յաղթահարելի են միայն ազգի բոլոր անդամներու ուժերու եւ հնարաւորութիւններու համախումբ գործադրման, միասնական ու միաբան գործելու պարագային: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու բարգաւաճման գլխաւոր նախապայմանի` մեր ազգային պետականութեան հաստատման, Մայր Հայրենիքի տնտեսական, գիտական, կրթական, հոգեւոր ու մշակութային զարգացման խնդիրներու լուծման մասնաբաժին ու աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալը իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է մեծագոյն պատիւ եւ պարտք դառնայ»: Այսօր, իր գոյութեան 25-րդ տարին, Հիմնադրամը ունի աշխարհասփիւռ յանձնախումբեր, ազգանուէր առաքելութիւնը ստանձնած նուիրեալներ ու կամաւորներ, հայրենաշինութիւնը իրենց սուրբ պարտքը համարող բարերարներ ու նուիրատուներ եւ միասնաբար իրագործած ձեռնարկներ ու ձեռքբերումներ: Աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան զօրաւոր միասնութեան իբրեւ արդիւնք՝ այս տարիներուն ծնունդ առած են ճանապարհ, հիւանդանոց, դպրոց ու մանկապարտէզ, ջրատար, կազատար, արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի վերելքը խթանող նախաձեռնութիւններ: Իւրաքանչիւր իրագործած ծրագիրով մենք ուղերձ կը յղենք միջազգային հանրութեան, որ, ի հեճուկս միմեանց յաջորդող մարտահրաւէրներու, ունինք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադըրամի 25-ամեայ յոբելեանի առիթով նրա գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը Ֆէյսպուքի իր էջի գրառումով յիշեցրել է, որ հիմնադրամն ունի. - 25 տեղական մարմին՝ 22 երկրում, - 700.000 նուիրատու Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում, - շուրջ 330 միլիոն ԱՄՆ տլար արժողութեամբ աւելի քան 1.100 ծրագիր Հայաստանում եւ Արցախում: Կառուցուել, վերակառուցուել եւ իրականացուել են աւելի քան. - 605 կմ ճանապարհ, - 580 կմ ջրագիծ ու ջրատար, - 149 կմ գազատար, - 70 կմ էլեկտրագիծ, - 359 դպրոց ու մանկապարտէզ, - 500 տուն ու բնակարան, - 75 բժշկական հաստատութիւն, - 58 մշակոյթի եւ մարզական կեդրոն, - 380 գիւղատնտեսական ձեռնարկներ, - 169 կրթական, մշակութային, գիտական ծրագրեր: 1992 թուականի մարտին Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրամանագրով ստեղծուեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` որպէս եզակի մի կառոյց, որը կոչուած է համախմբել Հայաստանում եւ արտերկրում ապրող բոլոր այն հայերին եւ նրանց համախոհներին, ովքեր պատրաստակամ են իրենց ջանքերն ուղղել Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան եւ Արցախի կայուն զարգացմանը: Տէր-Պետրոսեանի 1992 թուականի Մարտ 3-ի հրամանագրում ասւում էր. «Հայկական պետականութեան կայացման ու զօրացման գործին համայն հայութեան ուժերի ու կարողութիւնների համախումբ գործադրման նպատակով որոշում եմ հիմնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ»:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.