Հայ Կեանք թիւ 22(35) 24/11/2017

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Բ., թիւ 22(35)

Հայ-Ռուսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ Մոսկուայի մէջ

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15-ին, Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Բանակցութիւններու ընթացքին, ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող հարցեր: Նախագահները անդրադարձան բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին:

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը ԱՄՆ

Միացեալ Նահանգներ այցի ծիրէն ներս 13 Նոյեմբերի առաւօտեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարան։ Աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու շարքին դասուող կրթօճախի Լասքին հանրային կապերու դպրոցի սաներու եւ դասախօսական կազմի առջեւ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդէս եկած է հանրային առաջնորդութեան մասին դասախօսութեամբ։ Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի բանակաշինութեան եւ այս փուլին իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքը, մասնաւորապէս՝ «Ազգ-բանակ» հայեցակարգն ու անոր ներդրումը հանրային կեանքի ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ։ Անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու։ Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցեր ուղղած են նախարար Սարգսեանին։ Նոյն օրը Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթթիի հետ: Օրուայ երկրորդ կէսին հայկական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ, ուր Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու առաջատար հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցեՇարունակութիւնը էջ 9


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

ԵԽ-ը ընդունած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող բանաձեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տապալած է ատրպէյճանական խեղաթիւրումներու լայնածաւալ փորձը, որ նպատակ ունէր անգամ մը եւս խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ ստուերել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը: Ատրպէյճանական կողմի ապակառուցողական քայլերը կարելի եղաւ տապալել Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Պրիւքսելի մէջ գործող հայ ազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուած նպատակային աշխատանքին շնորհիւ:

News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։

15 Նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ բանաձեւ, ուր արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով ուղղակիօրէն ճանչցած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` փաստօրէն, կրկնելով 5 Յուլիս 2017-ի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշըրջանին կապակցութեամբ ընդունուած բանաձեւի նախադէպը, երբ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան ջանքերով Եւրոպական խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ըլլալով ամրագրած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Այս բանաձեւը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի որ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ անիկա կը սահմանէ համագործակցութեան ակնկալիքները, ինչպէս նաեւ կ՛ուրուագծէ Արեւելեան գործընկերութեան յետագայ զարգացման տրամաբանութիւնը, ուստի զարմանալի չէր, որ ատրպէյճանական կողմը մեծ ջանքեր ներդրած էր բանաձեւին հիմնական ուղերձը եւ անոր տրամաբանութիւնը խաթարելու համար: Մասնաւորապէս` ատրպէյճանական կողմը իրեն յատուկ մեթոտներով հասած էր հոն, ուր բանաձեւի նախագիծին մէջ ներկայացուած էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած աւելի քան քսան լրացումներ, որոնք ի շարս այլոց` Լեռնային Ղարաբաղը կը ներկայացնէին իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, կը պարունակէին այլ ատրպէյճանամէտ ձեւակերպումներ, կը պահանջէին գաղթականներու անվերապահ վերադարձ եւ այլն: Այնուամենայնիւ, հայկական կողմի նպատակային գործունէութեան եւ եւրոպական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումին շնորհիւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան նպատակային ու յամառ աշխատանքով կարելի եղաւ տապալել ատրպէյճանական կողմին ջանքերով ներկայացուած բոլոր ապակառուցողական լրացումները: Աւելի՛ն` անգամ մը եւս ամրագրուեցաւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Բանաձեւին մէջ ո՛չ միայն կանխուեցաւ այնպիսի դրոյթի ներառումը, ուր Հայաստանը քննադատութեան կ՛ենթարկուէր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համար, այլեւ Հայաստանը բանաձեւին մէջ վկայակոչելը նկատուեցաւ դրական օրինակ, որ կը կամրջէ այդ երկու համարկումի հարթակները` Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Ատրպէյճանական հերթական սադրանքը Պրիւքսելի մէջ լուրջ հակահարուած ստացաւ հայկական դիւանագիտութեան կողմէ` յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման։


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 3

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները մասնակցած են «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու» բացման արարողութեան Մարտիրոս Սարեանի աշխատանքներով, ուր ներկայացուած են Սարեանի մօտաւորապէս երեք տասնեակ բացառիկ աշխատանքներ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Թրէթեաքովի պատկերասրահի հաւաքածոներէն, որոնք ստեղծուած են անուանի վարպետի կողմէն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները ճանապարհորդութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոնց մասին յիշողութիւններու հիման վրայ:

Մոսկուայի Հայ-ռուսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին, նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Վլատիմիր Փութինը այցելեցին Թրէթեաքովի պատկերասրահ, ուր երկու երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու» պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ցուցահանդէսը դիտելէ ետք Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները Թրէթեաքովի պատկերասրահի Վրուպէլ սրահի մէջ հանդէս եկան ելոյթներով: Միջոցառման ժամանակ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց 1995 թուականին Հայաստանէն գողացուած մեծանուն նկարիչ Միխայիլ Վրուպէլի «Դեւը եւ հրեշտակը Թամարի հոգիի հետ» կտաւը: Հայաստանին այդ նկարը փոխանցելու ռուսական կողմի մտադրութեան մասին ՌԴ նախագահը յայտնել էր այս տարուայ Մարտ 15-ին՝ Մոսկուայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Միջոցառումը սկսած էր հայազգի մեծ գեղանկարիչ

Սերժ Սարգսեանն այցելած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ այցելած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ «Սուրբ Պայծառակերպութիւն» Մայր տաճար: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը: Մոմավառութենէն եւ գովաբանական աղօթքին մասնակցելէն ետք, նախագահ Սարգսեան թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի,

մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի, համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանէն ժամանած մշակութային գործիչներու ուղեկցութեամբ դիտած է եկեղեցական համալիրի տարածքին ներկայացուած ժամանակակից հայկական խաչքարերու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են քանդակագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հեղինակած շուրջ երկու տասնեակ խաչքարեր: Այնուհետեւ նախագահը եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ դիտած է «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու» ծիրէն ներս բացուած` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300-ամեակին նուիրուած «Բիբլիական երկիր Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ ունի երկու մեծ թեմատիկ բաժիններ` Հայաստանի պատմութիւնը պրոնզի դարէն մինչեւ Ուրարտու եւ քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ մեր օրեր: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են եկեղեցական պարագաներ, հնագոյն ձեռագիրներ, հին դրամներ եւ յուշամետալներ, եզակի գտածոներ, հայ նշանաւոր նկարիչներու կտաւներ։


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Պէտք է ամփոփել 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք մեծ իրադարձութիւններուն առնչուող առաջարկները. Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նախատեսուող ձեռնարկները եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեան, իր կարգին, զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուեցան զանազան կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն՝ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան զեկուցում ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուց մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջագիծին մէջ

Վարչապետը ընդգծելով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարեց շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխոյժ եւ պատասխանատու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: «Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ», ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը: Վարչապետը յանձնարարեց մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ:

Գերմանիոյ մէջ կը պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձաններ կանգնեցնել Գերմանիոյ մէջ գործող «Վտանգուած ժողովուրդներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը պահանջէ գերմանական քաղաքներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցնել: «Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը պահանջ ներկայացուցած է Գերմանիոյ քաղաքներու աւագաժողովին: Պահանջ-նամակը փոխանցուած է Քոնկրեսի նախագահ Եւա Լոհսէին: «Վտանգուած ժողովուրդներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քեմալ Սիտոն նշած է, որ Գերմանիա տեղեակ եղած է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուող կոտորածներու մասին:

զոհերուն»:

«Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է ջանքեր գործադրէ, որպէսզի այստեղ ապրող հայերուն եւ միւս տուժած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն թոյլ չտանք, որ մոռնան կատարուածը եւ վայր մը յատկացնենք, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն

Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը, բացի հայերու ցեղասպանութենէն, իրականացուցած է նաեւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածներ, որոնց զոհ դարձած են մօտ 1.5 միլիոն մարդ:


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 5

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովուապետական առաջին այցը Մեքսիքօ քոյի քաղաքապետ Միկել Անխել Մանսեռային:

Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 30-ին հովուապետական այցով ժամանած է Մեքսիքոյի մայրաքաղաք Մեխիքո: Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութեանը դիմաւորեցին Մեքսիքոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Այվազեան, Մեքսիքոյի Մարոնիտ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ճորճ Ապի Եունես, Մեքսիքոյի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ․ Սասուն ծայրագոյն վարդապետ Զմրուխտեան, հայ համայնքի անդամներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը: Օդակայանէն Նորին Սրբութիւնը ուղեւորուեցաւ ՀՀ դեսպանատուն, հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան աշխատակիցներուն հետ: Այնուհետեւ Հայոց Հայրապետը այցելեց Կուատալուփէի եկեղեցի, ուր տեղի հոգեւորականներու հետ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած: Ան հանդիպեցաւ նաեւ Մեքսի-

Այնուհետեւ Մեխիքոյի կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, որուն ներկայ էին Մեքսիքոյի քարտինալ Նորպերթօ Ռիվերա Կառեռան, պապական նուիրակը, քոյր Եկեղեցիներու եւ պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հաւատացեալներ: Արարողութեան ընթացքին քառաձայն գեղեցիկ երգեցողութեամբ հանդէս եկաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ երգչախումբը: Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ պատգամով` Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու ողջոյնը բերելով ներկաներուն եւ ցաւ յայտնեց վերջերս Մեքսիքոյին երկրաշարժի կապակցութեամբ: Հայոց Հայրապետը քաջալերութիւն ու մխիթարութիւն մաղթեց Մեքսիքոյի ժողովրդին եւ աղօթեց զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան համար: Շարունակութիւնը էջ 6


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովուապետական առաջին այցը Մեքսիքօ

Շարունակութիւն էջ 5-էն

Արարողութենէն ետք կաթողիկոսը այցելեց Մեխիքոյի «Յիշողութեան եւ հանդուրժողականութեան թանգարան», ուր ներկայացուած են 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու, որոնց մէջ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ցուցանմուշներ: Թանգարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր Մեքսիքոյի հայ համայնքին կողմէ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՀ դեսպան Արա Այվազեան, քաղաքային իշխանութիւններու եւ քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Բարի գալստեան

խօսք ըսաւ ՀՀ դեսպանը: Համայնքի անդամները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով` իրենց խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան առիթով: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց այս հանդիպման քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, պետական այրերու ներկայութիւնը, իր օրհնութիւնը բերաւ հայ համայնքին` արտայայտելով իր ուրախութիւնն ու ջերմ տպաւորութիւնները այցելութեան առիթով: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մաղթեց մեքսիքահայութեան հաստատուն մնալ իրենց եկեղեցանուիրման ու ազգանուիրման առաքելութեան մէջ:

«Խոստում» ֆիլմի երգահան Քրիս Քորնելը արժանացած է Human Rights Watch-ի մրցանակին Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստում» ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ Քրիս Քորնել արժանացած է «Խոստում» անուանումով մրցանակին, որ առաջին անգամ տրուած է Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ: Նոյեմբեր 14-ին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է «Human Rights Watch-ի արդարութեան ձայներ» հանդիսաւոր ընթրիքը: Մրցանակը ներկայացուցած է յայտնի երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանկեան: «Խոստում» ֆիլմի երգը կատարած են հանրայայտ One Republic խումբի անդամներ Ռայան Թետերը եւ Տրիու Պրաունը, կը գրէ news.am-ը:


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 7

Պոլսահայ համայնքի երկընտրանքը՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցով ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Քանի մը տարիէ ի վեր, Պոլսոյ մէջ մեծ վէճ մը սկսած էր հասուննալու պոլսահայ համայնքի անդամներուն միջեւ՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ։ Առճակատումը պատմական խոր արմատներ ունի, եւ վերջերս աւելի սրած է Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքի անբուժելի հիւանդութենէն ետք։ Վերջինս ի վիճակի չէ կատարելու իր պարտականութիւնները՝ «Ալզայմըր» հիւանդութիւնը ունենալուն պատճառաւ։ Երբ պոլսահայ համայնքի որոշ անդամներ փորձեցին նոր պատրիարք ընտրել՝ Մեսրոպ պատրիարքը նորով մը փոխարինելու համար, Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ քանի որ գործող պատրիարքը տակաւին ողջ է, նոր պատրիարք չի կրնար ընտրուիլ: Նոյնիսկ աթոռակից պատրիարք ընտրելու խնդրանքը մերժուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետին կողմէ։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները օգտուեցան այն պատրուակէն, որ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեամբ հայ համայնքին նախատեսուած չէ աթոռակից պատրիարքի պաշտօն ունենալ: Սակայն խնդիրը այն է, որ տասնամեակներ առաջ թրքական կառավարութիւնը անվաւեր հռչակած էր այդ սահմանադրութիւնը: Եթէ կառավարութիւնը իր որոշումը կը կայացնէ չգործող սահմանադրութեան հիման վրայ, ուրեմն եւ կը ճանչնայ անոր վաւերականութիւնը: Եթէ սահմանադրութիւնը վաւերական է, ուրեմն հայ համայնքը իրաւունք ունի ընտրելու պատուիրակներ, որոնք ալ, իրենց կարգին, կրնան ընտրել նոր պատրիարք: Դժբախտաբար, հայ համայնքը չմտածեց այս հակասութիւնը թրքական կառավարութեան ուշադրութեան յանձնելու մասին։ Կը յիշենք, որ Մեսրոպ պատրիարք մինչեւ 1998-ի իր ընտրութիւնը նոյնպէս արժանացաւ թրքական իշխանութիւններու դիմադրութեան: Վերջապէս ան գնաց Անգարա եւ փակ դռներու ետին «գործարք կնքեց» թուրք պաշտօնեաներու հետ, բան մը, որ իրեն հնարաւորութիւն տուաւ պատրիարք ընտրուելու: Շուտով ան սկսաւ աջակցելու թրքական զանազան հարցերու, ներառեալ՝ դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ այցելութիւններ, հանդէս գալով Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան օգտին եւ շարք մը այցելութիւններ դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր թրքական իշխանութիւններուն խնդրանքով հրապարակային ելոյթներ ունենալու համար։ Այս տարուան սկիզբը պոլսահայ համայնքի քանի մը անդամներ որոշեցին կատարել նոր պատրիարք ընտրելու այլ փորձ մը, որուն շարժառիթը պատ-

րիարքարանի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հանդէպ ունեցած իրենց դժգոհութիւնն էր եւ լիարժէք պատրիարք ունենալու փափաքը: Խնդիրը այն էր, որ Արամ արք. Աթէշեան չհրաժարելով իր պաշտօնէն, կը փակէր նոր ընտրութիւններու դուռը: Տեղական եւ համաշխարհային հայութեան, մասնաւորապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ ի գործ դրուած ճնշումներէն ետք, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական տայ եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան ընտրուի տեղապահ՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով։ Այս համաձայնութենէն շատ չանցած, խումբ մը յայտնի պոլսահայեր յանձնախումբ մը կազմեցին՝ պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնելու համար, թէեւ համայնքին մէջ բոլորն ալ գիտէին, որ թրքական իշխանութիւնները դէմ էին այս ընտրութիւններուն: Փաստօրէն, մինչ Գարեգին արք. Պեքճեան կընտրուէր տեղապահ, Արամ արք. Աթէշեան նամակ ստացաւ Պոլսոյ նահանգապետէն՝ տեղեկանալով, որ թրքական իշխանութիւնները չեն ճանչնար Գարեգին արք. Պեքճեանի ընտրութիւնը եւ կը շարունակեն Արամ արք. Աթէշեանը համարել օրինական փոխանորդ: Դժբախտաբար, Արամ արք. Աթէշեան այդ նամակը ներկայացուց Նախաձեռնակ մարմինին միայն Գարեգին արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուելէն ետք: Այս դրուագը առաւել խորացուց թշնամութիւնը Արամ արք. Աթէշեանի դէմ հանդէս եկողներուն մօտ, եւ անոնք շարունակեցին աջակցիլ Գարեգին արք. Պեքճեանին։ Այս երկընտրանքի լուծման համար Գարեգին արք. Պեքճեան նամակ գրեց Պոլսոյ նահանգապետին՝ հանդիպման խնդրանքով: 60 օր պատասխանի սպասելէ ետք, Գարեգին արք. Պեքճեան մեկնեցաւ Գերմանիա՝ տեսակցելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ, անոր այցելութեան ընթացքին։ Մինչ Գարեգին արք. Պեքճեան կը գտնուէր Թուրքիայէն դուրս, Պոլսոյ նահանգապետը Արամ արք. Աթէշեանին, Սահակ եպս. Մաշալեանին եւ Նախաձեռնակ մարմինի ղեկավարին հրաւիրեց հանդիպման: Պարզ էր, որ նահանգապետը չէր փափաքեր տեսակցիլ Գարեգին արք. Պեքճեան հետ, որուն ընտրութիւնը ան չէր ընդունած։ Բանավէճը աւելի սաստկացաւ տեղւոյն հայ համայնքի այն անդամներուն միջեւ, որոնք իրենք զիրենք աւելի իրատես կը համարէին՝ ընդունելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դերը պատրիարքի ընտրութիւններուն մէջ, եւ անոնց, որոնք կը մերժէին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ տեսակի միջամտութիւն: Գարեգին արք. Պեքճեանի կողմնակիցները կընդգծէին, թէ անիմաստ է դէմ դնել Շարունակութիւնը էջ 8


Հայ Կեանք

Էջ 8

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Ճեմալ փաշայի թոռնիկը դատապարտուած է մէկ տարի երեք ամիս ազատազրկման Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճեմալը «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն» իրականացընելու մեղադրանքով դատապարտուած է մէկ տարի եւ երեք ամիս ազատազրկման, ինչպէս նաեւ պարտաւորուած է վճարել տուգանք 6.000 թրքական լիրայի (շուրջ 1.500 ԱՄՆ տոլար) չափով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է թրքական «Հուրրիյէթ» պարբերականը: Ճեմալի դէմ մեղադրանք ներկայացուած էր ամիսներ առաջ, սակայն դատարանը անոր արդարացուցած էր: Բողոքարկումէն ետք դատարանը նոր վճիռին մէջ որոշած է, որ Ճեմալ պարբերականներէն մէկուն մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, գրելով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Քիւրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) մասին, գովաբանած է անոնց:

Պոլսահայ համայնքի երկընտրանքը՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցով Շարունակութիւն էջ 7-էն

փափաքներուն թրքական հզօր իշխանութեանց, որոնք ձերբակալած էին ընդդիմութեան հազարաւոր անդամներ եւ նոյնիսկ ձեռնոց նետած այնպիսի հզօր երկիրներու, ինչպիսիք են Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները: Աւելին, Արամ արք. Աթէշեանի կողմնակիցները կը նշէին, որ եթէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս կրնայ միջամտել Պոլսոյ պատրիարքարանի՝ ինքնավար հաստատութեան ընտրութիւններուն, ապա, անկախ անկէ, թէ որքան անբաղձալի է, կը հասկցուի, որ Թուրքիոյ նախագահը իրաւունք կ՛ունենայ միջամտելու իր երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն։ Դրութիւնը աւելի վատթարացաւ, երբ, մինչեւ Գարեգին արք. Պեքճեան Գերմանիայէն վերադարձը, Նախաձեռնակ մարմինի հինգ անդամները հրաժարական տուին՝ Պոլսոյ նահանգապետին հետ իրենց հանդիպումէն ետք: Նախաձեռնակ մարմինի միւս անդամները, մինչ որոշում կայացնելը, ուզեցին սպասել Գարեգին արք. Պեքճեանի վերադարձին։ Գարեգին արք. Պեքճեան Պոլիս վերադառնալէ եւ Նախաձեռնակ մարմինին հետ խորհրդակցելէ ետք յայտարարեց, որ ինք նամակ պիտի գրէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին՝ դէմ առ դէմ տեսակցելու խնդրանքով: Հաշուի չառնելով Պոլսոյ նահանգապետի յստակ հրահանգները, Գարեգին արք. Պեքճեան շարունակեց մնալ իր պաշտօնին վրայ։ Գարեգին արք. Պեքճեանի մտադրութիւնը՝ յատուկ տեսակցութիւն ունենալու ներքին գործոց նախարարին հետ, յղի է որոգայթներով: Ինչպէս Մեսրոպ

արք. Մութաֆեանի պարագային, այդպէս ալ Գարեգին արք. Պեքճեան կրնայ յատուկ գործարք կնքել նախարարին հետ՝ խոստանալով այսուհետեւ կատարել թրքական իշխանութիւններուն յանձնարարութիւնները: Գարեգին արք. Պեքճեան՝ իբրեւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, իր պաշտօնավարման ընթացքին պարբերաբար խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Միւս տարբերակը այն է, որ Գարեգին արք. Պեքճեան կրնայ հրաժարիլ իր պաշտօնէն՝ դուռ բանալով Արամ արք. Աթէշեանի պատրիարք ընտրուելուն, ինչ որ դէմ կ՛ըլլայ պոլսահայ համայնքի մեծամասնութեան փափաքին, սակայն կը համապատասխանէթրքական իշխանութեան նախապատուութեան: Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը ԱՄՆ Շարունակութիւն էջ 1էն

րուն։ Նախարարը մանրամասն անդրադարձած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրինագիծի առաւելութիւններուն եւ ներկայացուցած զինուած ուժերու մէջ իրականացուող ծրագիրները։ 13 Նոյեմբերի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս։

Հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, համայնքային գործիչներու հետ հանդիպելէն ետք Վիգէն Սարգսեան, համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներու առջեւ հանդէս եկած է ծաւալուն ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձած է հայկական բանակի արդիականացման ծրագիրներուն։ Պաշտպանութեան նախարարը, մասնաւորապէս, խօսած է բանակի մարտունակութեան եւ զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան բարձրացման, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման, ռազմակրթա-

Էջ 9

ՀՀ Զինուած Ուժերը ձեռք բերած է «Իկլա-Ս» դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիրներու մեծ խմբաքանակ

Զինուած ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ-վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան ՀՀ ՊՆ «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթի հետ զրոյցին ըսած է. «Համալրումը զգալի է: Ան կ’ապահովէ կրակի բաւականին մեծ խտութիւն: Նաեւ այս միջոցի շնորհիւ ստեղծուած է ամուր հակաուղղաթիռային համակարգ: «Իկլա-Ս»-ը լաւագոյնն է իր դասի մէջ: Ան կը տարբերակէ զանազան տիպի խանգարումներ, մարտական գլխիկը բաւականին զգայուն է եւ կրնայ յայտնաբերել նաեւ փոքր ջերմութեան աղբիւր հանդիսացող անօդաչու թռչող սարքերը»: Արթուր Պօղոսեանի խօսքով, «Իկլա-Ս»-ը օժտուած է հրթիռի մեծ հեռահարութեամբ եւ թիրախի խոցման մեծ հեռաւորութեամբ, զգալի է նաեւ հրթիռի մարտական մասի զանգուածը, ինչի շնորհիւ բարձր է թիրախի ամբողջական ոչնչացման հաւանականութիւնը: «Մեր ձեռք բերած «Իկլա-Ս» համալիրները նոր են, եւ երկար տարիներէ ի վեր որեւէ խնդիր չենք ունենար, որոնք պատրաստ են խնդիրը լուծելու նոյնիսկ գիշերային պայմաններու մէջ, քանի որ համալրուած են «Մաուկլի» նշանոցով»,-նշած է գնդապետ Պօղոսեան: կան ծրագիրներու բովանդակային փոփոխութիւններու, ռազմագիտական բանակի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին։ Վիգէն Սարգսեան մանրամասն ներկայացուցած է առաջնագիծին իրականացուող աշխատանքները, նոր զինատեսակներու ձեռքբերման առաջնահերթութիւնները: Ելոյթի աւարտին Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հարցերուն։


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

ԱԶԳԻ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ, ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ՄՇՈՒՇՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Ձմեռնամուտ է: Համակարգիչի շտեմարանին մէջ պահուած արխիւս կը քրքրէի: Հոկտեմբերը անցած է արդէն: Կարգ մը վայրերու մէջ մշակոյթի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին խօսեցան: Ինչպէս ամէն տարի, սովորութեամբ: Համակարգիչի պատուհանին վրայ բացուեցաւ էջ մը: Այժմ դադրած Փարիզի ԿԱՄՔ օրաթերթին մէջ գրած խմբագրականս, 13-14 Հոկտեմբեր 1990ին, խորագրած էի ՄՇԱԿՈՅԹ: Պարզ եւ խտացեալ: Էջին սկիզբը մէջբերած էի Բենիամին Թաշեանի խօսքը: Ան կ’ըսէր. «Մինչեւ Ե. դարու սկիզբը, մինչեւ հայ այբուբենի գիւտը, մինչեւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, մենք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ էինք, Մեսրոպեան այբուբենը մեզ դարձուց ԱԶԳ»: Ոչ քաղաքական ճառ, ոչ տեսաբանութիւններու մէկտեղում: Հրաւէր տեսնելու մեր անցեալը, մեր անցած ուղին եւ մեր ներկան: Հայկական հին սփիւռքի քաղաք մը առաջնորդած են քայլերս, որուն վրայ կը գումարուին Հայաստանէն եւ այլ սփիւռքներէ եկած հայեր, ծնունդ տալով նորատեսակ սփիւռքի մը: Ֆրէզնոն բացառութիւն չէ: Բայց հին կամ նոր, սփիւռքները ժողովո՞ւրդ են, ա՞զգ են, կա՞յ այլ սահմանում, բնորոշում: Սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ բանի շարունակութիւն է, կամ կրնայ ըլլալ, ի՞նչ բանի սկիզբ: Բենիամին Թաշեանի պարզ սահմանումի լոյսին տակ ի՞նչ կրնանք ըսել հայկական բազմագոյն սփիւռքներու մասին, որոնց հոլովոյթը մէկ հասարակ յայտարար ունի. Մեսրոպի հրաշքէն աստիճանական հեռացումը եւ հրաժարումը: Երեւոյթ՝ որ համատարած է, զոր կը դիմաւորենք անզօրութեան զգացումով, ճառերով եւ խրախճանքներով կը վարագուրենք իրարականութիւնները: Մտածենք Բենիամին Թաշեանի հետ: Մենք՝ շարքային ժողովուրդ, մտաւորականներ, ղեկավարաներ: Ի՞նչ էինք Մեսրոպէն առաջ, ի՞նչ պիտի ըլլան հայկական համարուած հաւաքականութիւնները երբ Մեսրոպ այլեւս բացակայ ըլլայ: Հայոց արքան Վռամշապուհ, կրօնապետը Սահակ Պարթեւ եւ ազգային իրաւութեան խորք ունեցող Մեսրոպ հասկցան, պատմութեան հանգուցային պահուն, որ պարսկերէն, ասորերէն կամ յունարէնՄուրացածոյ բարբառներով այսօրուան հոլովուած ըմբռնումով ՄԷԿ ազգ կարելի չէ ստեղծել եւ պահել: Գիր, գրականութիւն, պետական յարաբերութիւններ կը կատարուէին տարբեր լեզուներով: Նոր ընդունուած քրիստոնէութիւնը ասորերէն կամ յունարէն կը բարբառէր:

Դեռ աւելի առաջ, Հայաստանի արքունիքին մէջ թատերական ներկայացումները կը կատարուէին յունարէնով, իսկ մեր Արտաւազդ արքան եղած է նաեւ յունագիր թատերագիր: Ի՞նչ մնացած է որպէս ժառանգութիւն: Հայաստան կոչուած աշխարհին մէջ կապրէր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ մը, տարբեր մտահորիզոններով եւ տարբեր հաւատարմութիւններով, տարբեր լեզուներով ստացուած մշակոյթը մէկութիւն չէր կրնար ստեղծել: Հոս է որ իր լրիւ իմաստը կը գտնէ Բենիամին Թաշեանի ազգային-քաղաքական պարզ եւ խորիմաստ խօսքը: Երբեմն ընթերցողներ կ’անհանգստանան ամէն անգամ որ կը գործածեմ ճապկում բառը: Բայց չե՞նք տեսներ, որ մեր նահանջները երբ կը տնտեսենք, կը հնարենք բացատրութիւններ, որոնք ոչինչ կը նշանակեն, երբ կը խօսինք հռչակաւոր ծագումով հայերու մասին, կամ զգացումով հայերու, կամ ընտանեկան անցեալը յաճախ օտարաբարբառ յուշագրութեամբ սնապարծութեան պատուանդան կը դարձնենք, հայ մշակոյթէն քաղուած պատառիկներ որպէս հետաքրքրական-հետաքրքրաշարժ ծանօթութիւններ կը լսենք այլազան լեզուներով, բացի հայերէնէ: Եթէ գիրերու գիւտէն առաջ ժողովուրդ էինք, երբ այդ գիրերը եւ անով գրուած-խօսուած լեզուն կորսուի, ինչպէ՞ս ազգ պիտի մնանք: Բենիամին Թաշեան պատմական երեւոյթի մը գնահատումը կ’ընէ, եւ այդ դիւրաւ կ’ընդունինք որպէս իմաստութիւն, գեղեցիկ խօսք: Իսկ եթէ պատմութիւնը ղեկավարման եւ քաղաքական իմաստութեան դպրոց է, ինչպէ՞ս Բենիամին Թաշեանի լուսաւոր միտքը պիտի փոխադրենք մեր ներկային մէջ: Ի՞նչ կը պատահի այսօր: Մեսրոպեան հրաշք այբուբենը եւ անով մշակուած բազմադարեան լեզուն եւ գիր-գրականութիւնը կը խորթանան, հաշտուած ենք այդ իրականութեան հետ, ի՞նչ նկարագիր պիտի ունենան հայկական ծագումով բնորոշուող հաւաքականութիւնները: Երբ եկեղեցիներէն աստիճանաբար կամ բոլորովին կը կորսուին հայերէն այբուբենը եւ հայերէնը, ժողովուրդը ազգ չ’ըլլար, այլ կը դառնայ կրօնական համայնք, ժամանակ մըն ալ տուրք տալով յիշողութեան-յիշատակներու կը կերպարանափոխուի եւ կ’ըլլայ հայասէր, կամ զբօսաշրջիկ, այդ ալ դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի համարէ հայրենասիրութիւն: Ուրեմն, մեր հաւաքականութիւնները պիտի ընդգըրկուին, եթէ արդէն չեն ընդգրկուած, Բենիամին Թաշեանի դիպուկ բնորոշման հակառակ հոլովոյթին մէջ (ընկերաբանութեան մէջ բացատրուած évolutionը կ’ըլլայ involution: Այսինքն ԱԶԳ-ի վիճակէն կը վերադառնանք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ վիճակին: Շարունակութիւնը էջ 13


Էջ 11 Հայ Կեանք Կոմիտասի եւ Թումանեանի «Intent to Destroy» ֆիլմը յոբելեանները ԵՈՒՆՍՔՕ-ի կ’ապացուցէ, որ հայոց օրացոյցին վրայ են անցեալը չէ աւարտած․ Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

The New York Times

Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին վրայ: Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ որոշումը ընդունուած է Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր համաժողովի 39-րդ նստաշրջանի ընթացքին:

«The New York Times» պարբերականը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստագրական ֆիլմի` «Intent to Destroy» կարճ ակնարկը: «Ճանչցուած փաստը ընդունելու փոխարէն անիկա սադրանքներու համար նիւթ դարձած է, քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ արհամարհել կամ ժխտել այդ օրերու իրադարձութիւնները»: «Բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըր ֆիլմին մէջ օգտագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հին տեսանիւթերը եւ յանցագործութիւններու վերաբերեալ պատմաբաններու կարծիքները»,-նշուած է յօդուածին մէջ: Պարբերականը կը նշէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ճօ Պերլինկըրի արհեստանոցին վրայ ճնշումներ գործադրած է: «Հիմնականօրէն, «Intent to Destroy» ֆիլմը կոչ կ՛ընէ յիշելու զոհերը եւ յանուն անոնց եւ յանուն մեզի: «Եթէ դուք կը ցանկաք իմանալ Հարաւսլաւիոյ, եթէ դուք կը ցանկանաք իմանալ Ռուանտայի եւ այսօր տեղի ունեցող այլ զանգուածային վայրագութիւններու մասին, ապա դուք պէտք է ուսումնասիրեք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,-նշուած է յօդուածին մէջ: Փաստագրական ֆիլմի վերջը գիտնական մը նշած է. «Պատմութիւնը անցեալի մէջ չէ»:

Հայաստանի կողմէ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Երգահան, ժողովրդական երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ Սողոմոն Սողոմոնեանի, յայտնի որպէս` Կոմիտաս վարդապետի (1869-1935 թթ.) ծննդեան 150-ամեակը», եւ Վրաստանի ու Ռուսիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Յովհաննէս Թումանեանի (1817-1923 թթ.) ծննդեան 150-ամեա-

կը» խորագիրով յայտերը ստացած են Կազմակերպութեան հաւանութիւնը: 1998-էն առ այսօր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 23 յոբելեանական տարեթիւ: Նախորդ երկամեակի համար հաստատուած էին ՀՀ կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցու տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թ.) 350-ամեակը» եւ «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900 թթ.) ծննդեան 200-ամեակը» յայտերը:


Հայ Կեանք

Էջ 12

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Անձինք Նուիրեալք – Բ.

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ Լէյլա Գարակէօզեան անձնուրաց նուիրումի օրինակելի հայուհին ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ «Զարթօնք»-ի Երէց Աշխատակից

Գարակէօզեաններէն։ Եթէ ընդունինք, որ մարդ էակը, մարդը բառին բուն իմաստով, ոչ թէ գիտութիւնն է, ուսումն է, քաղաքակըրթութեան բարիքներն են, այլ հոգեկան այն արժանիքները, զգալու եւ կենսագործելու այն թափը, ամուր հաւատքով ու տեսլականով ապրելու այն արարչական կարողութինն է, որ կարելի է որակել աստուածային։ Այն ատեն առանց վարանելու պիտի ըսենք, որ անձնուէր հայուհիին լուսաւոր անունը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի հայ տարեգրութեան պայծառ էջերուն մէջ։ Իր կեանքի անցած ուղիին քաջ ծանօթ մէկը, կրնայ հաստատել, որ Լէյլա Գարակէօզեանի անձնուրաց գործունէութեան, իր կեանքի ձեւին մէջ կը ցոլան հայոց պատմական անցեալի ազնուական դասի բարեգործ ու գթառատ տիկնանց՝ Աղուիթա իշխանուհիի, Զապէլ թագուհիի հոգեկան բարեմասնութիւնները։ Մէկը, որ կրնայ մարդկային հոգիի անսահմանութեան մէջ, գտնել ուրիշներու համար աննշմարելի գեղեցկութիւններ։

Լէյլա Գարակէօզեան Առասպելական անուն մը կրնայ դառնալ Լէյլա Գարակէօզեան, որուն կենսագրութիւնը առանց որեւէ ածականի, նուիրական անցեալ մը կ’ամփոփէ իր մէջ։ Երեւոյթ էր ան, անզուգական եւ անկրկնելի։ Ան, որ իր կարողութիւնները բազմարդիւն կերպով ի սպաս դրաւ իր ազգին ու հայրենիքին։

Լէյլա Գարակէօզեանի կատարած ազգային ծառայութիւններուն վրայ կը թեւածէ մարդասէրի ոգի մը, ցաւ ու կարեկցութիւն մարդկային թշուառութիւններու հանդէպ։ Ահա թէ ի՛նչպէս 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, չկրցաւ անտարբեր մնալ, առաջինն էր, որ օգնութեան հասաւ աղէտեալներուն։ Որքան խոր հայրենասիրութիւն, նուիրում ու զոհաբերում ամբարած էր իր հոգիին մէջ։ Երբ նորանկախ Հայաստանի անցումային տարիներուն, փութաց՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելու, ժամանակի այլեւայլ հարուածներուն տոկացող հայրենի Շարունակութիւնը էջ 13

Մէկը, որ իր ամբողջ անցեալն ու հմայքը, իր նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները դրաւ նժարին վրայ՝ բարիք սփռելու հայ ազգի զաւակներուն եւ հայութեան մատղաշ սերունդներուն առողջ ու կենսախինդ կեանք մը պարգեւելու համար։ Մէկը, որ իր կեանքին իմաստը որոնեց հայ մանուկներուն ծիծաղին ու ժպիտներուն մէջ։ Անձնական կեանքը զոհեց՝ շարունակելու իր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը. պարտականութիւն մը, զոր կատարեց պայծառամտութեամբ, նուիրումի ու զոհաբերումի բեղուն գործերով։ Իր կատարած սրբազան առաքելութեան մէջ կը ճառագայթէր քրիստոնէական հաւատքէն բխող իր համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, իր բարոյական արժանիքներն ու առաքինութիւնները, ինչ որ ժառանգած էր իր ծնողներէն՝ Միհրան եւ Զապէլ

1940 Հալէպ


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 13

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ Շարունակութիւն էջ 12-էն

ժողովուրդի վերականգնումին։ Հոն՝ Հայոց Հայրենիքի հողին վրայ սկսան գործել մանուկներու առողջապահական կեդրոններ՝ Երեւանէն Կիւմրի ու Վանաձոր մինչեւ Գորիս ու Ստեփանակերտ։ Պատմութեան համար յիշատակելի իրողութիւն է, որ ծաւալուն այս ծրագրի իրագործման մէջ, անմասն չմնացին հայրենի իրականութեան քաջ ծանօթ, Գարակէօզեանի դաշտէն ներս ծառայող ազգանուէր հայորդիներու գործադրած տքնաջան ջանքերը։ Ազգին եւ Հայրենիքին հաւատաւոր նուիրեալ հայուհիին համար, տարրական սկզբունք էր ազգին կարիքները հոգալու պարտաւորութիւնը։ Սկզբունք, որ պարտադրական է, ինչպէս անհատաան կեանքի, այնպէս ալ հանրային կեանքին մէջ։ Ազգային այս գիտակցութիւնն է ազգի մը ու երկրի մը յաջողութեան գլխաւոր պայմաններէն մին, եթէ ոչ գլխաւորը։ Իր դաւանած սկզբունքներուն կառչած, խորապէս իւրացուցած էր ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան գաղափարները, այն ինչ որ ի յայտ կու գար իր ազգօգուտ գործունէութեամբ, կարօտեալ ընտանիքներուն ցուցաբերած իր ուշադիր վերաբերմունքով։ Շատերուն զարմանալի կը թուէր բարերարուհիին

համեստ պահուածքը, հեռու մնալը շռնղալից ընդունելութիւններէն։ Իրեն համար բարեգործութիւնը ձեւականութիւն չէր, ինքնաբուխ զգացում էր առանց որեւէ ակնկալութեան, որ քարոզչութեան կարիք չունէր։ Թէեւ շրջապատը միշտ չէ, որ ունակ է հասկնալ այդ պարզութիւնը, գնահատել ու արժեւորել։ Ահա թէ ի՛նչու փառք չփնտռեց այս խոնարհ հայուհին։ Փառքը կու գար իր ետեւէն։ Եւ այսպէս տասնամեակներ շարունակ, Լէյլա Գարակէօզեան չդադրեցաւ իր անզիջանելի կենսունակութեան, իր անձնուրաց նուիրումի յայտնի փաստեր ընծայելու մինչեւ իր մահը, երբ 1999 թուականի Սեպտեմբերին, 97 տարեկանին հրաժեշտ կու տար կեանքին։ Մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան դաշտէն ներս տարածք մը կայ ամբողջ, որ հմայուած ու տոգորուած է Լէյլա Գարակէօզեանի կոթողային կերպարով։ Այսօր առանց վարանելու, ազնուազարմ այս հայուհին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սերունդներուն կարելի է ներկայացնել՝ որպէս բարեգործութեան, անձնուրաց ու անօրինակ նուիրումի խորհրդանիշ։

Հալէպ

ԱԶԳԻ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ, ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի ՄՇՈՒՇՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Շարունակութիւն էջ 10-էն

Երբեմն ալ՝ ԱՄԲՈԽի : Այս մասին չի խօսուիր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴին, այլազան շահախնդրութիւններով եւ մարդորսական իմաստակութիւններով (սոփեստութեամբ, sophismes): Ճկոյթի ետին թաքնուելով ԱԶԳ կը ղեկավարուի՞: Ան կը դառնայ համայնք, կը նուաղի ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ըլլալու էական գիտակցութիւնը: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ոչ թէ համայնք եւ ժողովուրդ պահելու խնդիր ունինք, այլ՝ ԱԶԳ:

1940 Հալէպ

Ինչպէ՞ս: Ինչո՞ւ չլսել Բենիամին Թաշեանը եւ իր խօսքը չհասցընել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Զապէլ Եսայեան` աշխարհի ամենաքաջ կանանց 5-ին մէջ․ Refinery29 սարանին մէջ: 1900-ին ան ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ 2 երեխայ ունեցած: 1908-ին ան վերադարձած է Կ.Պոլիս` դառնալով հայերու հանդէպ թրքական իշխանութիւններու բռնութիւններուն ականատեսը: Ատանայի ջարդերու ատեն ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909-ին Եսայեան մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտի մասին: Կիլիկիոյ հայութեան ողբերգութիւնը նկարագրած է «Աւերակներու մէջ» (1911) գիրքին մէջ:

20-րդ դարասկիզբի լրագրող, բանաստեղծ եւ գրողԶապէլ Եսայեան ճանչցուած է աշխարհի ամենաանվախ 5 կիներէն մէկը ամերիկեան Refinery 29-ի լրատուամիջոցի վարկածով: Ըստ պարբերականին՝ «Եսայեանը կնոջ անթերի օրինակ է, որ ապրած է այն ժամանակներուն մէջ, երբ շատ վտանգաւոր էր ցոյց տալ իր խելքն ու ուժը»: Մարտ 2017-ին, Զապէլ Եսայեանի անունով անուանակոչուեցաւ Փարիզի փողոցներէն մէկը, կը գրէ Sputnik Արմէնիան: Զապէլ Եսայեան իր ժամանակներու ամենակըրթուած հայուհիներէն եղած է: Ծնած է 1878-ին Կ․Պոլիս: Սկզբնական կրթութիւնը ստանալով Սկիւտարի Սբ․Խաչի դպրոցին մէջ` ան տեղափոխուած է Փարիզ եւ շարունակած ուսումը Սորպոնի համալ-

1915-ին խոյս տալով ձերբակալութենէն` ապաստանած է Պուլկարիա, ապա Թիֆլիս, ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւններ հրատարակած է Պաքուի «Գործ» ամսագրին մէջ: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ որբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: Այդ տարիներուն գրած է «Վերջին բաժակը» (1916), «Հոգիս աքսորեալ» (1919) վիպակները, բողոքած է քաղաքական եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ: 1933-ին Եսայեան հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: Ան հրատարակած է յօդուածներ նուիրուած գրականութեան ու արուեստի հարցերուն, կատարած է թարգմանութիւններ: 1936-ին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են` նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքը: Անոր կեանքի ողբերգական աւարտը` ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչ այժմ անյայտ են:

Ցնցուած եմ այն տառապանքներէն, որոնք կրած է հայ ժողովուրդը. Հոլանտայի Ծերակոյտի նախագահ Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Հոլանտայի Թագաւորութեան Ծերակոյտի նախագահ Անքի Պրուքըրս-Քնոլը ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեանի եւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Ծերակոյտի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Բարձրաստիճան հիւրը այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող վաւերագրերուն ու փաստաթուղթերուն, դիտած ցուցանմուշները եւ արձանագրութիւն կատարած է յուշամատեանին մէջ: Տիկին Անքի Պրուքըրս-Քնոլը նշած է. «Առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ այս թանգարանին մէջ եւ խորապէս ցնցուած եմ այն տառապանքներէն, որոնք կրած է հայ ժողովուրդը: Սարսափելի եւ ահաւոր»:


Էջ 15 Հայ Կեանք Delegation headed by Armenian-Russian high-level Armenian defence minister talks held in Moscow visits USA Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

On Wednesday 15th of November, President Serzh Sargsyan met with RF President Vladimir Putin at the Kremlin Palace. During the talks, the leaders of the two strategic partner countries discussed the agenda of the ArmenianRussian relations and issues related to the strengthening and development of bilateral interstate ties. Reference was made to the implementation of those agreements reached at the top level in different spheres of activity, as well as the ongoing cooperation in political, economic, security, humanitarian and cultural fields. Presidents Sargsyan and Putin hailed the holding of Days of Culture in both countries. The parties also touched upon the Nagorno-Karabakh conflict settlement process.

Armenian, Russian Presidents attend opening of Armenian Culture Days in Russia

On November 13, the delegation headed by Armenian Defence Minister Vigen Sargsyan paid a visit to UCLA. Sargsyan delivered a lecture on public leadership for the students and faculty of UCLA’s Luskin School of Public Relations. Sargsyan also presented the process of the largescale reforms currently taking place in Armenia's army, and in particular, the "Nation-Army" concept and its implementation in different sectors of public life. He also spoke about the Karabakh conflict, ArmeniaTurkey relations and other regional issues. Following the lecture, the attendees asked questions to Minister Sargsyan. On the same day, Vigen Sargsyan met with Los Angeles Mayor Eric Garcetti. Later in the day, the Armenian delegation was hosted at the Consulate General of the Republic of Armenia Cont. on page 17

countries. The event began with the exhibition of great Armenian painter Martiros Saryan’s works. The exposition features about three dozen exceptional masterpieces by Saryan available from the National Art Gallery of Armenia, the Yerevan House Museum of Martiros Saryan and from the collection of the Tretyakov Gallery, created by the famous master during his trips to the Middle East, as well as based on memories of these trips. After the exhibition, the Presidents of Armenia and Russia delivered speeches in the Vrubel Hall of the Tretyakov Gallery. After the high-level talks in Moscow, the Presidents of Armenia and Russia Serzh Sargsyan and Vladimir Putin visited the Tretyakov Gallery, where the ceremonious official opening of the Armenian Culture Days in Russia was held, attended by the leaders of the two

During the event, Russian President Vladimir Putin handed to President Serzh Sargsyan famous Russian painter Mikhail Vrubel’s painting entitled “The Demon and the Angel with the Soul of Tamara,” which was stolen from Armenia in 1995.


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Arman Kirakossian: “The atrocities perpetrated against the people living in the conflict zone need to be unconditionally condemned” On November 9, during the 1.163rd session of the OSCE Permanent Council, Head of the Permanent Mission of the Republic of Armenia to the OSCE, Ambassador Arman Kirakossian delivered a speech in response to the report of the OSCE Minsk Group CoChairs. Highly appreciating the Co-Chairs’ efforts, Ambassador Kirakossian reaffirmed the Armenian side’s unconditional support to the format agreed upon by the OSCE Minsk Group Co-Chairs and their commitment to a peaceful solution to the Nagorno-Karabakh conflict. Ambassador Kirakossian highlighted the fact that the summit held in Geneva and the agreement reached during the summit, according to which the negotiations need to be activated and additional measures need to be taken to weaken the tension on the line of contact, serve as the result of the consistent efforts of the CoChairs. The Armenian side recorded that the Co-Chairs were recently forced to pinpoint the party violating the ceasefire regime with addressable statements, which is necessary in the absence of relevant mechanisms for reduction of the tension on the line of contact. The Head of the Mission reaffirmed the Armenian side’s unconditional support to the agreements reached during the summits in Vienna and Saint Petersburg that imply the creation of investigation mechanisms of the OSCE and enlargement of the Office of the Personal Representative of the OSCE Chairman-in-Office. At the same time, Ambassador Kirakossian stated that, up to this point, the Azerbaijani side hinders the implementation of these agreements and continues to violate the ceasefire regime. According to the Ambassador, further prevention of the use of force or the threat of force is of vital significance for strengthening of the ceasefire regime and advancement of the negotiations.

The Armenian side emphasized that the atrocities perpetrated against the people living in the conflict zone need to be unconditionally condemned. Armenia’s Ambassador stressed the fact that there is no alternative to the security of the people of Artsakh, their freedom and right to self-determination today and tomorrow. Ambassador Kirakossian also expressed gratitude to the Personal Representative of the OSCE Chairmanin-Office and his team for their actions in the conflict zone and reaffirmed the Armenian side’s conviction that the OSCE must be actively involved in the process of weakening of the tension on the line of contact with its permanent presence in the Nagorno-Karabakh conflict zone.


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 17

Delegation headed by Armenian defence minister visits USA Cont. From page 15

in Los Angeles, where Sargsyan answered the questions of the leading American-Armenian media outlets. He explained in detail the advantages of the draft Law on Status of Military Service and Servicemen as well as the programs implemented in the Armed Forces. Sargsyan answered questions regarding, among another issues, the armament of the Armenian Armed Forces, the works carried out at combat outposts with regard to their engineering and technical equipment, the projects aimed at developing the military industry, the border situation, the conclusions made after the April war, the prospects of the Karabakh conflict settlement.

detailed the activities carried out on the frontline, the priorities of acquiring new smart weaponry, the wideranging social programs implemented in the Armed Forces. He told the audience about the plans of setting up a new modern military hospital and the rehabilitation centre for the disabled servicemen to open just in a few weeks. He also spoke about the relocation of the Monte Melkonian Military School to Dilijan, assuring them that the military education institution is turning into the best high school in Armenia, a first step towards a deep modernization of the entire military education system. At the end of the speech, Sargsyan answered the questions of the participants. The delegation wrapped up its visit to the US and headed to Canada to participate in a UN peacekeeping conference in Vancouver.

414 children born in Yerevan between November 10 and 16

On November 13, the delegation was hosted at the Western Prelacy of the Armenian Church of America. Following his meeting with the Armenian community leaders and community representatives, Sargsyan addressed a large number of the community members with an extensive speech, speaking about the modernization projects being implemented in the Armenian army. In particular, he talked about the enhancement of the army's efficiency and making the military service more attractive, the development of the military industry, the qualitative reforms in the military education programs, the necessity of developing a knowledgeable army and a number of other issues. Sargsyan

The Department of Healthcare at Yerevan Municipality informs that in the period between November 10 and 16, 414 children (206 boys, 208 girls) were born in the maternity wards of the city, reported the Department of Information and Public Relations of Yerevan Municipality to Hayern Aysor.


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

European Parliament Adopts Resolution Recognizing Artsakh People’s Right to Self-Determination EU’s neighborhood strategies can coexist”. The text of the resolution concludes. According to media reports, a large-scale attempt of falsifications, undertaken by Azerbaijan, aimed at neutralizing the efforts of the international community towards the peaceful settlement of the Karabakh conflict, as well as damaging the Armenia-EU relations on the eve of the Eastern Partnership summit in Brussels, has failed.

BRUSSELS — In a Resolution adopted on November 15 and ahead of the Eastern Partnership Summit to be held in Brussels on November 24, the European Parliament has adopted a resolution, with an overwhelmming majority of votes,recognizing the right of the people of Nagorno- Karabakh to self-determination A similar resolution was adopted in connection with the 72nd session of the UN General Assembly on July 5, 2017, when through the efforts of the permanent representation of Armenia in Brussels the European Parliament for the first time recorded the right of the people of Nagorno-Karabakh to self-determination. The European Parliament recommended the Council, the Commission and the European External Action Service to call for an immediate end to military hostilities between Armenian and Azerbaijani forces, which unnecessarily claim the lives of civilians and soldiers whilst hampering socioeconomic development. The European Parliament has also reaffirmed support for the OSCE Minsk Group Co-Chairs’ efforts to solve the Nagorno-Karabakh conflict and to their 2009 Basic Principles, which include territorial integrity, selfdetermination and the non-use of force. “The European Parliament recommends to call on Armenia and Azerbaijan to re-launch negotiations in good faith with a view to implementing these principles to solve the conflict, which cannot be solved using military force, to call on the Governments of Armenia and Azerbaijan to hold high-level talks and commit to genuine confidence-building measures and dialogue between Armenian and Azerbaijani civil society; to make the ratification of new agreements between the EU and each of the parties conditional on meaningful commitments to and substantial progress towards solving the conflict, such as maintaining the ceasefire and supporting the implementation of the 2009 Basic Principles. The European Parliament stresses that Armenia serves as an example of how membership of the Eurasian Economic Union and participation in the

The Azerbaijani side had made every effort to change the main message and the logic of the resolution. In particular, it tried including 20 amendments added to the draft resolution aimed against the peaceful settlement of the Karabakh conflict, in particular, portraying Nagorno-Karabakh as part of Azerbaijan and demanding the return of refugees to the territory.

Turkey has nothing to do in Karabakh conflict settlement process Karabakh conflict settlement remains one of the key issues of Armenia’s political agenda, Vice Speaker of the Armenian Parliament Eduard Sharmazanov said. “Despite Turkey’s aspirations to assume any role in the settlement process, that country has nothing to do there. Turkey runs a criminal policy of supporting Azerbaijan and keeps the border with Armenia closed. This policy is unacceptable and condemnable”, Sharmazanov said. He said the OSCE Minsk Group Co-Chairmanship format is the only acceptable format not only for the Armenian sides, but also for the international community. “In order to ensure progress in the negotiations it is necessary to immediately implement the Vienna, St. Petersburg and Geneva agreements. Without their implementation it is impossible to imagine any progress in the settlement negotiations”, Sharmazanov said. He stated that all attempts to limit Artsakh people’s right to free and independent expression of will should be strictly condemned. Artsakh has declared its independence in accordance with international norms and the USSR legislation. Sharmazanov highlighted that there is no alternative to the international recognition of the Artsakh Republic.


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 19

Armenian delegation attends UN Peacekeeping Defence Ministerial conference keep participating in them.

A UN Peacekeeping Defence Ministerial conference, attended also by an Armenian delegation led by Defence Minister Vigen Sargsyan, was held in Vancouver, Canada. The main topics of the conference were dedicated to enhancing the effectiveness of UN peacekeeping missions. The speakers pointed out that the UN member states should take specific steps in this direction. They all believe that the UN-sponsored peacekeeping missions are among the best tools currently in place to prevent conflicts, mass violence and humanitarian catastrophes around the world. They agreed that that it takes concentration of efforts aimed at enhancing the effectiveness of joint actions. They also underscored the need to increase the number of women peacekeepers to 15%.

Canadian Prime Minister Justin Trudeau delivered a speech at the conference, introducing the "Vancouver Principles," aimed at preventing children from participating in combat operations. The Special Envoy for the Office of the UN High Commissioner for Refugees, world renowned actress Angelina Jolie, spoke about the need for a joint fight against sexual violence throughout the world. Armenia is among the countries that make maximum efforts in peacekeeping missions. Recognizing the importance of such missions, our country is ready to

“In addition to participating in the UNIFIL mission Lebanon, the MINUSMA mission in Mali and providing forces to the NATO-led peacekeeping and stability missions in Kosovo and Afghanistan, Armenia is currently setting up a national peacekeeping training centre with a goal to certify it as an international peacemaking training centre, and prepares two new capacities for inclusion in the UN peacekeeping missions,” Armenian Defence Minister Vigen Sargsyan said in his speech. He added that two of Armenia’s September 2015 commitments -- a Level 2 field hospital a engineering unit with an ability to detect improvised explosives -- have already been registered by the UN peacekeeping capacities and training system, receiving a Level 1 status.

Following his attendance in the conference, the Armenian delegation met with the representatives of Vancouver’s Armenian community. Armenian Ambassador to Canada Levon Martirosyan also participated in the meeting. At the request of the Canadian Armenian community members, Sargsyan spoke about the modernization of the Armenian Armed Forces. In particular, he detailed the steps taken to increase the army's combat readiness, acquire new weapons, and make combat duty safer. Sargsyan told those present about the reforms implemented in military medical and military educational dimensions. He then answered questions asked by the participants of the meeting.


Էջ 20

Հայ Կեանք

Over 1.23 Million Euros Raised During Armenia Fund’s Annual European Phonethon

PARIS — Over 1.23 million Euros have been raised at the annual European Phonethon organized by Armenia Fund, held in France November 15-19. The President of the Republic of Artsakh, Bako Sahakian, arrived in Paris on Sunday to meet with organizing committee members of the fund’s local body and young volunteers engaged in the process. Sahakian highlighted the participation of the Armenia Fund’s French branch in the realization of various programs in Artsakh, expressed gratitude to the people involved in the organization of the Phonethon for their work, special attitude towards Artsakh, sharing its concerns and consistent support. Thanks to the phone calls of nearly 600 volunteers, the funds were raised in pledges in four countries – Germany, France, Greece, Switzerland – from 48,000 families and businesses. This result is slightly lower than the Phonethon 2016, but it does not take into account future donations and may change in the coming days. Nearly 1,500 new donors joined those of previous years, despite economic uncertainties, bringing the total number of businesses and donor families to 9,900. The sums collected in France during Phonethon 2017 have three main destinations: the introduction of solar energy in Artsakh, the extension of the agropastoral project of Tavush and the help to SMEs and SMIs that restart their activities in Aleppo.

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Leonardo DiCaprio and Tom Hanks to support Children of Armenian

The Children of Armenian Fund (COAF) will hold its 14th annual star-studded gala on December 16. This year’s event to be held in New York will be supported by a number of celebrities, including Leonardo DiCaprio, Tom Hanks, Ariana Grande, Chloe Kardashian, Connan O’Brien, Tina Fey and others. Emmy award winning actress Andrea Martini will be the host of the event. Famed Swiss art auctioneer Simon de Pury will host an auction of exceptional works. The silent auction will be attended by celebrated art workers and designers. The gala will feature more than 400 guests, including Hollywood stars, bloggers and journalists. Children of Armenia Fund (COAF) works to secure a future for children in Armenia’s impoverished rural villages through improved education, healthcare, community life and economic conditions. Founded in 2000, COAF launched its own ground operations in 2004, expanding to a cluster of 6 villages by 2006. Over the course of its history, the model has expanded and evolved to meet the needs of more than 28,000 people.

Phonethon continues after November 19th. It is possible to make donations via the website www.fondsarmenien.org until January 15, 2018. The Armenian Fund mainly builds infrastructure in Armenia and Artsakh (roads, schools, dispensaries and hospitals, drinking water, irrigation, gas and electricity networks, agriculture and livestock …) essential for the socio-economic development of local populations. The Phonethon was organized ahead of the Hayastan All-Armenian Fund’s 20th annual International Telethon to be held on November 23 under the slogan “Fruitful Artsakh.”

The Armenian Fund committee of Greece (photo by Azat Or)


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 21

Cher calls for support for Armenian Genocide documentary “Intent to Destroy”

Cher is calling for support for Joe Berlinger’s Armenian Genocide documentary “Intent to Destroy” which is opening in theaters in Los Angeles and New York. “The award winning @intenttodestroy about the Armenian Genocide produced by my dear friend @esrailian is in theaters in LA & NY tomorrow. Please support and #KeepThePromise!” the Armenian-American pop legend said in a tweet. The documentary has received positive reviews from the New York Times, The Los Angeles Times, The Hollywood Reporter and a host of other magazines and media outlets.

The theme of the Armenian rose float echoes the general theme of the 129th Pasadena Tournament of Roses “Making a Difference.” As described by Lance Tibbet, president of the 2017-2018 Tournament of Roses, “‘Making a Difference’ theme is a way to honor and celebrate all of the people in our communities who, quietly and without desire for reward or recognition, act in selfless, generous, and kind ways to aid or benefit others.” On January 1, 2018 AARFA will be presenting “Armenian Roots” in celebrating the Armenian Women, our Mothers, Grand Mothers, Wives and Daughters for their selfless, generous, and kind ways to aid or benefit others. Donate to make this possible together.

www.aarfa.org

Armenia to become first South Caucasus country to have biosphere reserves? YEREVAN. – Armenia could become the first country in the South Caucasus to have biosphere reserves. Uli Grebener, Director of the Mikhail Zhukov Foundation, on Monday told about the aforementioned to Armenian News-NEWS.am, during the conference on the concept for such reserves in the country. He said the holding of such a conference is very important to Armenia because the opportunities for the creation of biosphere areas in the country, and which meet the requirements of UNESCO’s Man and the Biosphere Programme, will be discussed and planned during this event. He added that if a consensus is reached, Armenia will become the first country in the South Caucasus, where biosphere reserves will be established.

“Bert” dance ensemble has traveled to more than 30 countries within the last 55 years, participated in about 500 international festivals, performed more than 1000 concerts and gained over one million spectators.

Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com


Էջ 22

Հայ Կեանք

A BRIDGE BETWEEN THE DIASPORA AND BORDERLINE KOTI VILLAGE

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Euro-Armenian Games 2018 – Vienna, Austria

On October 26, AGBU Armenia’s BRIDGE for CSOs programme hosted an Evening of French Opera. The event was organized by Pahapan Development Foundation, with the support of singers of the Young Artists Opera Program (Director – Levon Javadyan). The idea of French Opera Fundraiser Concert comes from French vocal coach Serine Tatevosyan, who is currently training young opera artists through pro bono volunteering component of BRIDGE for CSOs programme. Serine, who is from Moscow, invested her talent and skills to ensure the success of the event. In addition, Serine has also shared her knowledge with students of Mkhitar Sebastatsi Educational Complex and “Astghikner” vocal studio choir. They also participated in the concert to support the project of safe playground shelters construction in Tavush.

The Armenian Sports Association Ararat of Vienna is hosting the 23rd Euro-Armenian Games (EAG) which will take place in Vienna from March 30 to April 2 2018. The games are an opportunity for sporting performance as well as an exhilarating social event for Armenian athletes in Europe. Participation is open to teams as well as individuals from all European countries and from all backgrounds in the following fields: Futsal (Men/Women & Youngsters 11-14 years) Volleyball (mix) Basketball (Men/Women & Youngsters mix 11-14 years) Table Tennis (Men/Women) Badminton (Men/Women) Chess (Men/Women, all ages) Backgammon (Men/Women, all ages) For registration, please download the Invitation and Registration form. For more information, please visit:

Donation of around 150.000 AMD received during the event will help Pahapan Foundation to build a playground shelter at the borderline Koti village school. The school has 560 students and a playground shelter can ensure that they have access to education in a safe environment. Board Member of Pahapan Foundation and Primate of Tavush Diocese, Bagrat Bishop Galstanyan, also attended the event. BRIDGE for CSOs is a civil society strengthening programme funded by the European Union and imple-

www.facebook.com/EuroArmenianGames www.euroarmeniangames.eu mented by AGBU and EPF. The goal of the programme is to enhance and strengthen the link between the Diaspora and Armenian civil society. Serine Tadevosyan is one of the champions of this goal. The BRIDGE for CSOs programme enables Diaspora specialists to get acquainted with civil society initiatives in Armenia and use their talent and professional skills to support the development of the sector.


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 23

Պըրպենքի մէջ (ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ) տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը

Նոյեմբեր 1-3, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։ Ժողովը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով, որմէ յետոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը թեմի հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեանը եւ ԳՀԽ անդամներուն` անդրադառնալով թեմի հիմնադրման 90-ամեակի առիթով Վեհափառ Հայրապետի կատարած հովուապետական այցի մանրամասնութիւններուն: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատմական այս այցը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջացուցած է ԱՄՆ Արեւմտեան հայոց թեմէն ներս` զօրացնելով սէրը եւ նուիրումը Ս. Էջմիածնի եւ Հայրենիքի հանդէպ: Ան վստահեցուց, որ Վեհափառ Հայրապետի այցէն յետոյ վերանորոգուած հաւատքով, նուիրումով եւ սիրով պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` ի շահ Հայոց Եկեղեցուոյ պայծառութեան եւ բարգաւաճման: Այնուհետեւ ԳՀԽ անդամներուն հայրապետական իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հովուապետական այս այցի կեդրոնը հայ պատանի-

ներն ու երիտասարդներն էին: Վեհափառ Հայրապետն ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Հայրենիքէն հեռու իրենց մէջ զօրաւոր են ազգասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը, նախանձախնդրութիւնը հայոց լեզուի եւ մեր ազգային արժէքներու պահպանութեան գործին մէջ: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Մեքսիքո կատարած հովուապետական իր անդրանիկ այցին, ուր իր օրհնութիւնը բաշխեց տեղի հայութեանը եւ միասնաբար աղօթեցին երկրաշարժէն զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան համար: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետն իր գնահատանքը յայտնեց Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, թեմական խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեանին, Արեւմտեան թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն եւ աշխարհականներուն հովուապետական այցի ժամանակ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորեց նաեւ ԳՀԽ նորընտիր կազմը` մաղթելով արդիւնաշատ եւ բեղուն աշխատանք: Ժողովի նիստերուն ատենապետեցին ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը եւ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։ Օրակարգի հաստատումէն յետոյ ներկայացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ նախորդ` 2017-ի Մայիս 16-17 գումարուած ԳՀԽ ժողովի արձանագրութիւնը: Այնուհետեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկեց ԳՀԽ կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը, որը պատրաստուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ կառաւարման բարձրագոյն մարմիններու կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբի կողմէ: Նախագիծի վերաբերեալ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուին յանձնախումբի անդամներ Գերաշնորհ Տ․Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Գերաշնորհ Տ․ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ իրավաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Գէորգ Դանիէլեանը։ Շարունակութիւնը էջ 24


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Պըրպենքի մէջ (ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ) տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը Շարունակութիւն էջ 23-էն

Արեւմտեան թեմի առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն` հովուապետական այցը եւ ԳՀԽ նիստերը աւուր պատշաճի կազմակերպելու համար` առ Աստուած աղօթք յղելով թեմի պայծառութեան եւ հաւատացեալ ամերիկահայերու կեանքի բարօրութեան համար: Ժողովը ամփոփուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ժողովականները իրենց դիտարկումները ու սրբագրութիւնները առաջարկեցին կանոնադրութեան յօդուածներու վերաբերեալ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց խմբագրական աշխատանքէն յետոյ կանոնադրութեան նախագիծը առաքել թեմեր առաջարկութիւններու եւ դիտարկումներու համար: Ժողովին «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ եւ բարերար Ասո Դաւիթեանը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին զեկուցեց Հայոց Եկեղեցուոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագրի ընթացքի ներկայ վիճակը։ Ան տեղեկացուց, որ նախապատրաստական փուլի աշխատանքները արդէն աւարտուած են եւ յառաջիկայ ամիսներուն հանդիպումներ եւ հարցազրոյցներ կ’ունենայ թեմակալ առաջնորդներու, Մայր Աթոռի սպասաւորող շարք մը հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու հետ: Այս առիթով ԳՀԽ անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին Ասո Դաւիթեանին կատարած աշխատանքի համար` յոյս յայտնելով, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը նպաստեն Հայոց Եկեղեցուոյ գործառնութիւններու առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպումը: ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ եւ Հայ Եկեղեցուոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը ժողովականներուն ներկայացուց 2018-ի նախատեսուող ծրագիրներու մանրամասնութիւնները ու հռչակումը որպէս «Երիտասարդութեան տարի»: Սրբազան Հայրը նշեց, որ տարուայ ամփոփումը տեղի կ’ունենայ Յուլիս 5-8 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նախատեսուած համընդհանուր ուխտագնացութեամբ: Տարուայ ընթացքին պիտի կազմակերպուին նաեւ երիտասարդական ուխտագընացութիւններ թեմակալ առաջնորդներու հետ դէպի Ս. Էջմիածին: Ժողովի վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ԳՀԽ անդամներու արդիւնաւէտ աշխատանքին` ի նպաստ եկեղեցուոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման: Նորին Սրբութիւնն իր մասնաւոր գնահատանքն ու օրհնութիւնն ուղղեց նաեւ ԱՄՆ Հայոց

Նոր հրատարակութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարանը» (բնագիրը զուգադիր՝ գրաբար եւ աշխարհաբար): Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Մայր Աթոռ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեանը: Գրաբարէ աշխարհաբար աշխատութիւնը կատարած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Արշակ Մադոեանը: Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարանը» Կաթողիկոսական Աթոռի՝ 1441-ի Սիսէն Սուրբ Էջմիածին վերադարձին նուիրուած գլխաւոր վաւերագիրն է։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր շրջափուլի խօսուն վկան, որով եւ պայմանաւորուած է պատմական անգնահատելի արժէքը: Նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար: Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի:


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 25

Ոչ թէ հայրենադարձութեան ծրագիր, այլ հաւասար պայմաններ ողջ հայութեան համար ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ’ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն` ամէն ինչ ճիշդ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։ Նախ իրատեսական չէ, որ իր գրկի մէջ ապրած ժողովուրդը նման պայմաններու մէջ պահող պետութիւն մը հայրենադարձութեան ծրագիր մշակէ, որովհետեւ այդ ծրագիրը կ’ենթադրէ լաւ պայմաններ (երկիրը շատ լաւ պայմաններու հնարաւորութիւն չունի) ստեղծել ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստան եկող հայերուն, այսինքն՝ անոնք պիտի գերադասուին գիւղի սահմանները կեանքի գնով պահող ու խեղճ կեանքով ապրող գիւղացիներէն, զինուորներու ծնողներէն, աւելի շուտ Հայաստան վերադարձած հայերէն եւ հաւանաբար նոյնիսկ պատերազմի պատճառով հինգ տարի առաջ կամ աւելի ուշ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերէն (նայած հայրենադարձ հասկացողութիւնը ծրագրի ծիրէն ներս ինչ սահմանում կ’ունենայ), այս պարագային ծրագիրը կը դառնայ պառակտման խթանիչ ուժ։ Ոեւէ մէկը մեղադրելու ո՛չ մտադրութիւն ունիմ, ո՛չ ալ իրաւունք, սակայն իրական փաստերը ներկայացնելու իրաւասութիւնը անկասկա՛ծ ունիմ. Պառակտման վառ օրինակը սուրիահայերու համար ստեղծուած պայմաններն են. սուրիահայ ուսանողները Հայաստանի մէջ համալսարան յաճախելու համար ստացան 60-70 տոկոս փոխհատուցման իրաւունք (գնահատելի եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն՝ ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ Գալուստ Կիլպէնկեան հիմնադրամի կողմէն) հակառակ անոր, որ սուրիահայ տղաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը քաղաքացիութեան չէ դիմած hայոց բանակին չծառայելու համար, իսկ բազում հայաստանցի տաղանդաւոր ուսանողներ ուսման վարձը վճարելու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ կը զրկուին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն եւ շատ յաճախ հայոց բանակին ծառայելէն ետք ուսումը չեն շարունակեր։ Եւրոպա երթալու նպատակով Հայաստան հասած ու Եւրոպա հասնելէն ետք, հայաստանեան անձնագրէն հրաժարած բազում սուրիահայեր, Հայաստանի մէջ օգտուեցան իրենց համար ստեղծուած առողջական խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւններէն՝ ընդհուպ մինչեւ սրտի եւ աչքի վիրահատութիւններ, որոնց մասին հայաստանցի գիւղացին եւ ոչ միայն գիւղացին, յաճախ նոյնիսկ պատերազմին վնասուած զինուորն ու զոհուած զինուորի ընտանիքը չի կրնար անգամ երազել, եւ բազում այլ հնարաւորութիւններ՝ տան վարձի եւ սննդամթերքի յաճախակի ապահովում եւ այլն։ Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայաստանցին պոռթկայ եւ պոռթկալու իրաւունք ալ ունի, բայց ո՛չ թէ սուրիահայուն դէմ, այլ այն

պետութեան, որ հաւասար պայմաններ եւ արժանավայել կեանք չապահովեր բոլոր հայերուն համար։ Միւս կողմէն՝ կան նաեւ վիրաւորական երեւոյթներ սփիւռքահայերուն համար։ Շարունակելով սուրիահայերու մասին խօսքս՝ նշեմ, որ Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն մէկ երկու տարի առաջ (բայց, ըստ երեւոյթին, շատերը հոտը առած էին կամ պարզապէս ցանկութիւն կար Հայաստան տեղափոխուելու), Հալէպի հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ իրենց առաջարկով հասան ՀՀ Նախագահին, անոնք կուզէին Երեւանի ծայրամասերէն մէկուն մէջ պետական գինով տարածք տրամադրուի իրենց, որպէսզի համայնքը իր միջոցներով եւ Հալէպի օրինակով ազգային շէնքեր կառուցէ եւ զանոնք առանց շահոյթի եւ մասնավճարով տրամադրէ սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունին։ Ծրագրի նպատակն էր առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններու մէջ՝ համայնքի արժէքները (ներառեալ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը) Հայաստանի մէջ պահպանել: Առաջարկը մերժուեցաւ, հաւանաբար նոյն տարածքները «անհրաժեշտ» էին շքեղ առանձնատուներ կառուցելու համար։ Եթէ Հայաստանի քաղաքացի չես, հայ ըլլալու հանգամանքը չօգներ քեզի, բժշկութեան համար պէտք է վճարես կրկնակի կամ եռակի՝ չափը տնօրինելու իրաւունք ունի տուեալ բժշկական կեդրոնը, որուն վստահած է սփիւռքահայ հիւանդը։ Ժամանակին ես ալ եռակի վճարելու խնդիր ունեցայ, բայց երբ հիւանդանոցի տնօրէնին հարցուցի՝ «իսկ եզտիներէն ինչքա՞ն կը գանձէք», ան քիչ մը այլայլուած ըսաւ՝ «բայց իրենք ՀՀ քաղաքացի են», ըսի. «ես կը յարգեմ բոլոր քաղաքացիները անխտիր, բայց ես ալ հայ եմ եւ լրագրող, ուստի տնօրէնը որոշեց, յատկապէ՛ս լրագրող ըլլալուս համար քաղաքացի համարել զիս եւ գումարը չաւելցուց։ Այսինքն հայը եթէ ուզէ, կրնայ հայուն նայիլ հայու աչքերով։ Վերջերս նաեւ Գերմանիայէն բուժման համար Հայաստան եկած հարազատներէս երիտասարդ մը, իր հիւանդութեան ախտորոշման համար մեծ գումար վճարեց, երբ հարց տուաւ թէ տեղացիները ի՛նչպէս կրնան այդքան վճարել, անոր բացատրեցին, որ ինք քաղաքացի չէ, անոր համար եռակի պիտի վճարէ, ինքն ալ տխրեցաւ, որ իրեն հայու աչքերով չնայեցան, ու գնաց…. Եթէ քաղաքացիութիւն չունիս եւ Հայաստանի մէջ գործ բացած ես, 10% աւելի շատ եկամտահարկ կը վճարես քան քաղաքացիութիւն ունեցողը, նոյնիսկ եթէ բազում քաղաքացիներու համար քու ներդրումովդ գործ կը հայթայթես տեղացիներուն, այն ինչ որոշ երկիրներու մէջ (օրինակ՝ Գերմանիա), եթէ օտարերկրացին քաղաքցիներու սահմանուած Շարունակութիւնը էջ 26


Էջ 26

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Ոչ թէ հայրենադարձութեան ծրագիր, այլ հաւասար պայմաններ ողջ հայութեան համար Շարունակութիւն էջ 25-էն

քանակի մը համար (օրինակ՝ 50 հոգիի) աշխատանք ստեղծէ, բոլորովին կ’ազատուի տուրք վճարելու պարտաւորութենէն։ Վերջերս ՀՀ վարչապետի Իրան այցի օրերուն, տեղի հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ, երբ այս խնդիրը բարձրացուած է, վարչապետը յայտնած է. «Կ’ուզեմ յստակ ձեւակերպել, որ ոեւէ մէկուն համար հարկը աւելի բարձր կամ նուազ չէ: Եթէ խօսքը կը վերաբերի արտասահմանեան շահոյթի մասին, ապա ըսեմ, որ հոն այլ լուծումներ կան»: Մինչ այդ ՀՀ հարկային օրէնսգրքի մէջ բառացիօրէն գրուած է. «Օտարերկրեայ քաղաքացիների եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձանց ստացած շահաբաժինների մասով եկամտային հարկը կը հաշուարկուի 10% դրոյքաչափով»: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան միջնորդութեամբ, յատկապէս սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու համար իրականացուած կարեւոր ներդրումներէն մէկը համալսարաններու մէկ մասը սփիւռքահայ ուսանողներու համար հաւասար վարձավճար սահմանելու հնարաւորութիւնն է, բայց ԵՊՀ համալսարաններու եւ յատկապէս Բժշկական համալսարանի մէջ անոնք կը շարունակեն վճարել շատ աւելին, քան՝ տեղացին։ Հետեւաբար, ո՛չ թէ հայրենադարձութեան ծրագիր պէտք է մշակել, այլ հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծել ողջ հայութեան համար՝ խուսափելու սպասուած պառակտումներէն։ Հայաստանի մէջ բոլոր հայերուն համար ամենակարեւոր խնդիրը նպաստաւոր պայմաններու մէջ նոր աշխատանք ստեղծելն է։ Այդ մէկը ո՛չ միայն կը խթանէ հայրենադարձութիւնը, այլեւ կը նպաստէ արտագաղթի կրճատման։ Հետեւաբար, անյապաղ պէտք է հաստատել այլ երկիրներու մէջ կիրառուող արդիւնաւէտ օրէնքը, որուն համաձայն նոր աշխատանք ստեղծողը (բոլորը) նուազագոյնը առաջին հինգ տարին, պէտք է եկամտահարկ չվճարէ եւ ո՛չ թէ (ինչպէս հիմա) հարկային տեսուչը առաջին յաճախորդէն առաջ մուտք գործէ տուեալ աշխատատեղը տուրքը գանձելու համար։ Չեմ ուզեր մանրամասնել եւ ըսել այն ամէնը ինչ բոլորը կը տեսնեն եւ շատ լաւ գիտեն, սակայն առաւել քան վստահ եմ, որ Հայաստանի հզօրացման կարեւորագոյն երաշխիքը Սփիւռքն է, իսկ Սփիւռքի միակ խթանիչ ուժը վստահութիւնն է երկրի իշխանութեան հանդէպ, բայց Սփիւռքը կը վստահի իշխանութեան ա՛յն ժամանակ, երբ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերը շրջելով՝ խեղճուկ վիճակի մէջ ապրող, երկրին զինուոր տուող որդեկորոյս ընտանիքներ չտեսնէ, երբ երկիրը պահող մշակի դէմքին ժպիտ տեսնէ եւ ո՛չ թէ ցաւ, տառապանք ու կսկիծ։ Երբ Երեւանի բարձրունքներու եւ լաւագոյն մասերու վրայ կառուցուած պետական բարձրաս-

տիճան պաշտօնեաներու «խեղճուկ աշխատավարձով» կառուցուած դղեակներուն փոխարէն՝ անգործ թափառող մարդոց համար աշխատատեղեր տեսնէ։ Գայթակղելով ու համոզելով՝ հայրենիք չեն երթար, հայրենիք կ’երթան պատկանելիութեան ամենահզօր զգացումէն մղուած, եւ այնքան շատ են այն հայերը, որոնք իրենց հոգիի խորքին մէջ ունին այդ զգացումը, բայց Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը թոյլ չի տար, որ իրենք ալ վայելեն իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու բերկրանքը։ Սփիւռքը միշտ Հայաստանի կողքին է, վկայ՝ քառօրեայ պատերազմը, որուն ընթացքին սփիւռքահայը անտեսեց անգամ իր անվստահութիւնը… Միայն թէ Սփիւռքը վստահի Հայաստանի իշխանութեան… Միայն Հայաստանի իշխանութեան վստահելու հաւաստի երաշխիքներ պէտք է ստեղծել, ուրիշ ոչի՛նչ… Ահա այն ժամանակ Հայաստանը կը դառնայ, եթէ ո՛չ ողջ հայութեան ապաստանը, ապա բոլոր հայերու հոգածութեան կիզակէտը։

Հայաստանի մէջ քոնեակի արտադրութիւնը աճած է 56 տոկոսով Քոնեակը 2017 թուականի առաջին 9 ամիսներուն ամենաշատ արտադրուած ոգելից խմիչքն է Հայաստանի մէջ: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով` այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն 21.134 միլիոն լիտր քոնեակ արտադրուած է, ինչ որ 56,5%-ով աւելի է 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի 13.503 միլիոն լիտրէն: Աճած է նաեւ գինիի (36%-ով), գարեջուրի (10%-ով), եւ շամբայնի (11%-ով) արտադրութիւնը: ՅունուարՍեպտեմբերին այս խմիչքներու արտադրութեան ծաւալները կազմած են համապատասխանաբար` 5.872 միլիոն լիտր, 17.766 միլիոն լիտր եւ 320.800 լիտր: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 29%-ով նուազած են օղիի արտադրութեան ծաւալները: 2016-ին արտադրուած է 5.603 միլիոն լիտր, իսկ 2017-ին` 3.945 միլիոն լիտր: Ուիսքիի արտադրութիւնը նոյնպէս նուազած է` նախորդ տարուան 9 ամիսներուն 1.083 միլիոն լիտրի փոխարէն այս տարի 876.000 լիտր կազմելով:


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 27

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը հերթական անգամ կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» իր տարեկան նախաձեռնութիւնը

Կրթութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի մէջ առաջնակարգ մարզերէն մէկն է: Սակայն, ցաւօք, նիւթական խնդիրներու պատճառով շատ երեխաներ զրկուած են դպրոց յաճախելու իրենց իրաւունքէն: 2010 թուականէն սկսած բարերարներու շնորհիւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ամէնամեայ ծրագիրը եւ կ’օժանդակէ առաւել անապահով երեխաներուն ստանալ անվըճար դասագիրքեր: Ծրագիրը կ’իրականացուի նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնք մասնաւորապէս կ’ապահովուին Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի կողմէ Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքներու միջոցով: 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2.433 անվճար դասագիրք տրամադրած է 190 անապահով աշակերտի՝ Երեւանէն, Կիւմրիէն, Ստեփանավանէն, Կարբի գիւղէն եւ Բերձորէն, անորմով իսկ թեթեւցնելով ընտանիքներու նիւթական մտահոգութիւնները: Իսկ ծրագրի իրականացման ութ տարիներու ընթացքին

ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 19.000 դասագիրք 10.135.000 ՀՀ դրամ արժողութեամբ: Հիմնադրամը նպատակ ունի ընդլայնել ծրագիրը, ուստի կը պահանջէ ու կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական համագործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը՝ ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն: Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել` «Թեքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ /ՀՀ, Երեւան 0025, Խանջեան 50/ Դրամատուն` «Ամերիաբանկ» ՓԲԸ Դրամատնային հաշիւ` 15700 22679770200 (ՀՀ դրամ) SWIFT / BIC: ARMIAM22 «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար:

Հայաստան պիտի ունենայ իր «Տիզնիլենտ»-ը, որ պիտի կոչուի «Նոյլենտ» Հայաստանի կառավարութիւնը «Տիզնիլենտ» (Disneyland) եւ «Եունիվըրսըլ» (Universal) ընկերութիւններու փորձագէտները Հայաստան հրաւիրած է Վանաձորի մէջ «Տիզնիլենտ»-ի նման վայրի մը նախագիծի իրագործման աշխատանքներուն համար: Այդ վայրը պիտի կոչուի «Նոյլենտ»: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Կարէն Կարապետեան: «Նախագծի աշխատանքները սկսած են մէկ տարի առաջ, մեկնարկել է 100 մլն. տոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ եւ հիմա իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ կ’օգնեն մեզի Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու գործին մէջ», ըսաւ վարչապետը: Վերջինս նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառուցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան առաւել գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ հիմնադրուող ձեռնարկը:


Էջ 28

Հայ Կեանք

Դոկտ․ Մելինէ Անումեանի դասախօսութիւնները Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու մասին

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ․Մելինէ Անումեան Նոյեմբեր 13ին, Կլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանի սրահին մէջ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու նիւթով: Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Հայ Դատի իրաւանց խորհուրդի եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին կողմէ: Բանախօսը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ Մեծ Եղեռնին յաջորդած տարիներուն հայերու բռնի ձուլման գործընթացը, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու հարցերը, առաւելապէս կեդրոնանալով համշէնահայութեան հիմնահարցերուն եւ ինքնութեան հարցին: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ 2015 եւ 2016 տարիներուն Համշէնի մէջ իր կողմէ կատարուած դաշտային ուսումնասիրութիւններուն՝ սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներուն, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Արտուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ բնակող համշէնահայերուն ու հայախօս գնչուներուն: Դոկտ․Մ. Անումեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդէս եկաւ երկու այլ դասախօսութիւններով, որոնցմէ մէկը՝ Համշէնի եւ համշէնահայութեան մասին, Նոյեմբեր 16-ին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կենտրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը երիտթուրքերի դատական վաւերագրերում» նիւթով, Նոյեմբեր 20-ին, Փասատինայի ԹՄՄ Պեշկէօթիւրեան սրահին մէջ:

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Պոլսոյ մէջ թրքերէնով հրատարակուած է ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայի օրագիրը

Պոլսոյ մէջ թրքերէն լեզուով հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայ Ներսէս Պապայեանի յիշողութիւններու օրագիրը, որ գիրքի տեսքով լոյս ընծայուած է Այնթապի հայերու պատմութեան ուսումնասիրմամբ զբաղուող թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրտի եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատան կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Ակօս» պարբերականը: «Այնթապ 1915-1922» աշխատութեան մէջ քահանայ Պապայեան կը պատմէ հայերու անհիմն ձերբակալութիւններու, հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուող խմբակային յարձակումներու, տեղի հայութեան վերապրած կոտորածներու ու բռնի աքսորի մասին: Գիրքի մէկ այլ կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ մինչեւ 1922 թուական այստեղ ապրած հայ քահանան լոյս կը սփռէ 1918 թուականին Այնթապ վերադարձող հայերու ու քաղաքը ֆրանսական զօրքին կողմէ գրաւուելէ ետք ինքնակազմակերպուելով թրքական բանակին դէմ մղած պայքարին վրայ: Ումիթ Քուրթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստի վրայ, որ թէեւ ֆրանսական զօրքի` Այնթապ մտնելէ ետք հայերը փորձած են մղուող պատերազմին պահպանել համեմատաբար չէզոք դիրք, սակայն ի վերջոյ լուրջ աջակցութիւն ցուցաբերած են ֆրանսացիներուն, եւ հենց անոնց շնորհիւ ֆրանսական բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել Այնթապի զգալի մասը, թէեւ տեղի հայերու` ֆրանսացիներէն ունեցած յետագայ սպասումները այստեղ այդպէս ալ չարդարացան:

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 29

«Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ժամանակ հայկական հետք կը փնտռեմ». դոկտ․ Հրայր Ճեպէճեան Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Աստուածաշնչային ընկերութեան հովանաւորութեամբ հրատարակուած «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքի շնորհանդէսը, որուն հեղինակներէն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, դոկտոր Հրայր Ճեպէճեան: «Հայերն այսօր»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ Հրայր Ճեպէճեան ըսաւ, որ սկզբունքային եղած է իր ազգին օգտակար ըլլալու հարցը, ուստի ձեռնամուխ եղած է հայ մանուկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն գիրքը հասանելի դարձնելու հսկայական աշխատանքի իրականացման: -Պարո՛ն Ճեպէճեան, գիրքին մէջ Աստուածաշունչէն ի՞նչ հատուածներ ընդգրկուած են: -«Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» յատուկ գիրք է: Արաբական Ծոցի Աստուածաշընչեան ընկերութիւնը այն կը նուիրէ բոլոր հայ մանուկներուն: Գիրքը բաժնուած է քսան գլուխներու եւ իւրաքանչիւր գլուխ Աստուածաշունչէն եօթ պատմութիւն կը պարունակէ`ընդհանուր առմամբ 140 պատմութիւն: Ինչպէս գրուած է Աստուածաշունչին մէջ, պատմութիւններու շարքը կը հետեւի Յիսուսին առնչուող դէպքերուն: Իւրաքանչիւր պատմութեան աւարտին զետեղուած է Աստուածաշունչի համապատասխան հատուածը, ուր կարելի է տուեալ պատմութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարդալ: Գիրքը կազմուած է շատ հետաքրքիր յաջորդականութեամբ` Ծննդոցէն մինչեւ Տիրոջ պատգամները: Սակայն այդ ընթացքին, երբ կը խօսուի Եղիայի կամ Մովսէսի մասին, կրկին վերադարձ կ’ըլլայ դէպի Հին Կտակարան` բացատրելու համար, թէ ովքեր են անոնք: Այսինքն, իւրատեսակ ժամանակային ճամբորդութիւն կը կատարենք, Հին ու Նոր Կտակարանները իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կը կամրջենք իրար` այդպիսով պատասխանելով երեխաները յուզող հարցերուն: Գիրքին բուն նպատակն է նախ Յիսուս Քրիստոսին ներկայացնել Աստուածաշունչի միջոցով` գունազարդ, ակնահաճոյ պատկերներով հայ մանչուկներուն հետաքրքիր դարձնելով ընթերցումը: Մեր առաքելութիւնն է Աստուածաշունչը թարգմանել, հրատարակել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց սեփական լեզուով: Աստուածաշնչեան այս դաստիարակութիւնը ազգային դաստիարակութեան անբաժան մասը պիտի ըլլայ, որն ալ պիտի նպաստէ մեր սերունդներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն տալուն: -Ո՞ր տարիքի երեխաներու համար նախատեսուած է գիրքը: -Հինգ հազար օրինակով տպագրուած գիրքը նախա-

տեսուած է 5-11 տարեկան երեխաներու համար: Գիրքի դաստիարակչական մասերէն մէկն ալ ծնողզաւակ փոխյարաբերութիւններու սերտացումն է: Գաղտնիք չէ, որ ծնողները միշտ կ’ուզեն լաւագոյնը տալ իրենց զաւակներուն: Զբաղուածութեամբ լեցուն այս օրերուն ծնողները կը ձգտին արդիւնաւէտ եւ իմաստալից ժամեր անցնեն իրենց երեխաներուն հետ: Եւ այդ առիթները կրնան հանդիսանալ գիշերները երեխաները քնացնելէ առաջ աստուածաշնչեան պատմութիւններ պատմելը: Եւ հիմա ծնողները հնարաւորութիւն ունին քսան շաբթուան մէջ ամէն օր պատմութիւն մը կարդալ երեխաներուն համար: Աստուածաշունչը կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ ընտանիքի հոգեւոր կեանքը կերտելու գործին մէջ` դիմագրաւելով կեանքի մարտահրաւէրները եւ զօրանալու Աստուծոյ խօսքով: Պարզ լեզուով գրուած այս պատմութիւնները կարդալով` ծնողները իրենց զաւակներուն փոքր տարիքէն կը ծանօթացնեն քրիստոնէական արժէքներուն` կերտելով ինքնավստահ եւ ամուր հիմքեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն: -Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ գիրքը բաժնուա՞ծ է: -Ի հարկէ: Գիրքերը սկսանք բաժնել Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա եւ Ապու Տապի քաղաքներու հայկական համայնքերուն, ապա շարունակեցինք Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, ԱւստրաՇարունակութիւնը էջ 30


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

«Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ժամանակ հայկական հետք կը փնտռեմ». դոկտ․ Հրայր Ճեպէճեան Շարունակութիւն էջ 29-էն

լիոյ համայնքներուն: Նախաձեռնած ենք Հալէպի, Կ.Պոլսոյ, Կիպրոսի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն նոյնպէս ուղարկել: Բոլոր համայնքներուն մէջ աւուր պատշաճի շնորհանդէսներ կը կազմակերպենք Հայոց թեմի առաջնորդարաններուն մէջ կամ ալ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ: Ուշադրութեան դիտակէտին մէջ պահեցինք նաեւ Սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն գիրքերու տրամադրումը: Շատ կարեւոր էր Հայաստանի մէջ պետական աջակցութեամբ կատարել գիրքի շնորհանդէսը, որուն համար այնչափ շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: -Երեխաները ի՞նչ ոգեւորութեամբ ընդունեցին գիրքը: -Բոլոր համայնքներուն մէջ շատ մեծ էր երեխաներու ոգեւորութիւնը: Երբ աշակերտներուն հանդիպելուս Աստուածաշունչի իմացութիւնը ստուգելու համար հարցեր կը յղէի, անոնք մէկը միւսին հերթ չէին տար պատասխանելու համար: Վստահաբար կրնամ ըսել` բոլորը հոգեւոր գիտելիքներու առաւելագոյն պաշար ունին: Այս հանգամանքն ալ ամենամեծ խանդավառութեան ու քաջալերանքի աղբիւր կը հանդիսանայ ինծի համար: Երեխաները մեր վաղուան օրուան յոյսն են, մեր ապագան, անոնց պէտք է ուժ տանք եւ սատարենք:

Յետագային ալ ուժերու եւ կարողութիւններու ներածին չափով պիտի փորձեմ սեղանին նմանօրինակ հրատարակութիւններ դնել: -Պարո՛ն Ճեպէճեան, նկատած եմ, որ յօդուածներ կը գրէք: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչը հիմք կը հանդիսանայ ժամանակ առ ժամանակ յօդուածագրութեամբ հանդէս գալուն: -Ճիշդ նկատած էք: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ իմ յօդուածներուս ժողովածուն, առաջին ստուարածաւալ հատորը հրատարակած եմ 2015 թուականին: Իմ գրած յօդուածներս ամբողջութեամբ սփիւռքեան իրականութեան մասին են: Աշխատանքի բերումով շատ կը ճամբորդեմ, եւ իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ժամանակ հայկական հետք կը փնտռեմ․այն ինձ հոգեկական հանգստութիւն կու տայ: Աւելի շատ հետաքրքրուած եմ հայ մարդոց հետ հանդիպելու` հասկնալու համար անոնց հոգեվիճակը, եւ թէ որքան պահպանած են իրենց հայկականութիւնը. չէ՞ որ անոնց մէջ կիսով չափ հայեր կան: Ուշագրաւ պատմութիւններու եւս ականատես կ’ըլլամ. հանդիպած եմ մարդոց, որոնք ըսած են` հայերէն խօսիլ չէին գիտեր եւ Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք որոշած են հայերէն սորվիլ: Այս իրավիճակներուն առնչուելով կը ծնին յօդուածներս: Առկայ խնդիրները բարձրաձայնելու ճանապարհին պէտք չէ մոռնալ այն ճշմարտութիւնը, որ սփիւռքեան հիմնախնդիրներու լուծման առանցքին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի «ներկայութիւնը»:

Հարցազրոյցը Գէորգ Չիչեանի

Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թաներ Աքչամի գիրքը լոյս պիտի տեսնէ Յունուարին Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի անգլերէն նոր` «Սպանութեան հրամանները. Թալէաթ փաշայի հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը 2018-ի Յունուարին հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողներուն, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը: Հեղինակը յայտնած է, որ այս գիրքին մէջ ներառուած են երկու գլուխներ, որոնք չկան աւելի առաջ թրքերէն հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» գիրքին մէջ: «Շատ ոգեւորուած եմ: Գիրքս լոյս պիտի տեսնէ 2018 թուականի Յունուարին: Երկու նոր գլուխ կայ, որ ներառուած չէ թրքերէն` Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւններու մասին գիրքին մէջ: Այստեղ ոչ միայն կը ներկայացնեմ նոր փաստաթուղթեր, այլեւ կը քննարկեմ «կեղծ ստորագրութիւններու» եւ «կեղծ ժամանակագրութեան» հարցը: Մեծ ցանկութիւն ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնել թուրք ընթերցողներուն»,- յայտնած է հեղինակը: Թրքերէնով 2016-ին հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» աշխատանքին մէջ ներառուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն մէջ բացէ ի բաց կ՛երեւին հայերը կոտորելու հրամանները: Օրինակ` 1915 Սեպտեմբեր 22-ի հեռագիրներէն մէկուն մէջ Թալէաթ Փաշան այսպիսի հրաման տուած է․ «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են, պետութիւնը, իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը, կը հրամայէ ողջ չձգել նոյնիսկ օրօրոցի երեխաները»:


Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Հայ Կեանք

Էջ 31

Պաքուի օփերայի եւ պալէի թատրոնը կառուցուած է հայ Մայիլով եղբայրներու նուիրատւութեամբ կազմակերպուած է, որուն ընթացքին անոր հարցուցած են, թէ յաջորդ անգամ ե՞րբ կը վերադառնայ Պաքու: «Հաւանաբար երբե՛ք, որովհետեւ ես վարժ չեմ կրկէսներու եւ խաղատուներու մէջ երգելու», պատասխանած է երգչուհին: «Ձեր հրաշալի քաղաքին մէջ չկա՞ն արդեօք հարուստ մարդիկ, որոնք միջոցներ կը տրամադրեն կառուցելու օփերայի տուն մը, ուր երաժիշտները կրնան ցոյց տալ իրենց հմտութիւնները», հարցուցած է երգչուհին: Մայիլով ճիշդ տարի մը ետք, կրկին հրաւիրած է զինք Պաքու` մասնակցելու բացման արարողութեան օփերայի այն թատրոնին, որ պիտի կառուցուէր ի պատիւ երգչուհիին:

20-րդ դարու սկիզբը, հայաշատ Պաքուն, ըլլալով Ռուսական Կայսրութեան ամենամեծ արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկը՝ նշանաւոր եղած է նաեւ հայկական հարուստ քաղաքակրթութեամբ: Այդ շէնքերէն մէկը Մայիլով եղբայրներուն կառուցած Օփերայի շէնքն է՝ այժմ Ատրպէյճանի պետական ակադեմական օփերայի եւ պալէի թատրոնը: Շէնքը կառուցուած է հայազգի միլիոնատէր Մայիլով եղբայրներուն նիւթական ներդրումով: Կրտսեր եղբայրը՝ Իլիա Լազարեւիչ, բարձրորակ բժիշկ եղած է, իսկ աւագ եղբայրը` Դանիէլը` գործարար, հաշուապահութեան եւ առեւտրա-արդիւնաբերական կոմիտէի անդամ: Մայիլով եղբայրները խաւիարի յաջող առեւտուր ունէին՝ սեփական ձկնաբուծարաններով ու արտադրամասերով: Ռուսիոյ մէջ ալ անոնք նշանաւոր էին՝ իբրեւ «Խաւիարային թագաւորներ»: Հայերը, ռուս եւ բազմազգ մահմետական բնակչութենէն ետք, քաղաքի երրորդ մեծագոյն ցեղային խումբը կը կազմէին: Քաղաքի ընկերային, մշակութային եւ գործարար կեանքին մէջ հայերը առաջնակարգ դիրք կը գրաւէին: Հայ ձեռնարկատէրներու շնորհիւ էր, որ Պաքուի մէջ քարիւղի արդիւնաբերութիւնը սկսած էր զարգանալ: Հայ գործարարներու եւ ճարտարապետներու յատակագիծերով կառուցուած շէնքերը Պաքուն կը զարդարեն մինչեւ օրս: Բաւական հետաքրքրական է իմանալ, թէ անոնք ինչո՛ւ յանկարծ որոշեցին թատրոն կառուցել: «Մայիլով եղբայրներու օփերային տուն»-ին հետ կապուած գեղեցիկ, բայց չհաստատուած առասպել մը գոյութիւն ունի: Առասպելին համաձայն՝ 1910-ին Պաքու ժամանած է հանրածանօթ երգչուհի մը, որուն գեղեցկութիւնն ու հրաշալի ձայնը հմայած են աւագ Մայիլովը: Գեղեցիկ երգչուհին համերգներ տուած է Բիրժա փողոցին մէջ, կրկէսի փայտեայ շէնքին, ապա ձմեռնային ակումբներուն մէջ: Պաքու կատարած իր այցելութեան աւարտին խաղատուներէն մէկուն մէջ, ի պատիւ երգչուհիին յատուկ հրաժեշտի երեկոյ մը

«Վերածնունդի» ոճով թատրոնին նախագիծը մշակած է քաղաքացիական ճարտարագէտ Բաեւ: Հայազգի Նիքոլայ Գէորգիեւիչ Բաեւ ծնած է 1875-ին Աստրախան: 1911-էն աշխատած է ՝ որպէս Պաքուի քաղաքային կառավարութեան գլխաւոր ճարտարապետ: Այս միջոցին, ան կառուցած է մէկէ աւելի շէնքեր Պաքուի մէջ: Օրինակ՝ Ատրպէյճանի օփերայի եւ պալէի թատրոնը, Սափունչու կայանը, Հայկաշէնի բնակելի թաղամասը (Արմէնիքէնթ) եւ այլ կառոյցներ: Դրամատիրական դարաշրջանին կառուցուած թատերական շէնքերու շինարարութեան պատմութեան մէջ Մայիլովներու թատրոնը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ ան կառուցուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Շուրջ 1800 մարդ ընդունող այս շէնքը կառուցուած է ընդամէնը 10 ամսուան ընթացքին: 28 Փետրուար 1911-ին տեղի ունեցած է Պաքուի օփերայի եւ պալէի թատրոնին բացումը: Աւագ Մայիլով եղբօր հրաւէրով Պաքու ժամանած է վերոյիշեալ երգչուհին: Բացման մասնակցած են նաեւ քաղաքի մեծահարուստ մարդիկ, երաժիշտներ ու դերասաններ: Թատրոնի բացման առիթով, երգչուհին, որուն շնորհիւ Պաքուի մէջ յայտնուեցաւ այս հիանալի թատրոնը, յատուկ համերգ տուած է: Երբ ան համերգը աւարտած է, փողը անձրեւի նման տեղացած է վրան: Մայիլով իր կարգին անոր նուիրած է ծաղկեփունջեր, որոնք հաւաքուած են 25, 50 եւ 100 մանաթ թղթադրամներէ, կը գրէ «Աւիթաս.ռու»-ն: Հայ առեւտրականներու գումարներով եւ հայ տաղանդաւոր ճարտարապետներու նախաձեռնութիւններով Պաքուի մէջ կառուցուած են նաեւ հիւանդանոցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ այլն: Ցաւօք, դրացի մայրաքաղաքի ձեւաւորման ու զարգացման գործընթացին հայերու մասնակցութիւնը վկայող փաստաթուղթերու մեծ մասը այժմ պահուած է կամ նոյնիսկ ոչնչացուած է ատրպէյճանական արխիւներէն…:

«armedia»


Էջ 32

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017

Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան ոդիսականը… Նկարին մէջ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկանի փայտեայ դուռն է, ստեղծման տարեթիւը` 1312: Հայ կիրառական արուեստի այս գլուխ գործոցը այժմ կը պահուի մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ, Գանատա: Աներեւակայելի արկածային ժանրի ֆիլմի մը նման Մշոյ Սուրբ Կարապետի դրան յայտնաբերելու իրական պատմութիւնը, որու մասին մանրամասը կը պատմէ իր յուշապատումին մէջ ճարտարապետութեան դոկտոր, հանգուցեալ Արմէն Հախնազարեանը: Փաստացի դուռը յայտնաբերած է Պոլիս բնակող գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը 1976-ին: Ան գնած է այդ դուռը իր թուրք հարեւանէն, որ իր հերթին, ատկէ մէկ տարի առաջ, հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկը՝ անսպասելի գտած ու մեծ դժուարութիւններով տեղափոխած է այդ դուռը Պոլիս: Ռիխթըր Թուրքիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած իր կապերու շնորհիւ կրցած է այդ թանկարժէք եւ բացառիկ պատմական նմուշը հանել երկրէն եւ տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ` Գերմանիա, ու պահած է իր տունը: Իսկ արուեստագէտին մահէն ետք` արդէն 1996-ին, Մշոյ Սուրբ Կարապետի դուռը Լոնտոնի մէջ կը դրուի աճուրդի եւ կը գնուի ընդամէնը 50 հազար տոլարով անյայտ անձի մը կողմէ: Յայտնի է միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ աճուրդը նախապէս յայտարարուած եւ գովազդուած եղած է, ու հայերը պէտք է, որ ամէն գնով ձեռք բերէին այդ` իրենց համար սուրբ ու անգին գանձը: Ահա այսպիսի անհաւանական եւ տխուր պատմութիւն` կապուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան հետ` «Գարուն» ամսագիրէն (1997, թիւ 3): Ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի փիլիսոփայ Լարոշֆուքոն` «Մենք հեշտութեամբ կը մոռնանք մեր այն սխալները, որոնք յայտնի են միայն մեզի»:

Ռուբէն Շուխեանի ֆէյսպուքեան գրառումէն magaghat.am

Թուրքիոյ մէջ առաջին գրախանութները հայերը բացած են Պոլսոյ Պապըալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է հայ Առաքել Թոզլուեանը: Այս մասին՝ ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ կը գրէ թրքական «Birgün» թերթի կայքի սիւնակագիր Ռեֆիք Տուրպաշը` «Պապըալիի առաջին գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ: Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապըալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի հետ սկսած է զբաղուիլ նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկի նպատակն էր` ընթերցասէր հասարակութեան համար հեշտացնել իրեն անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը: Աղբիւրին համաձայն` Պապըալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները հայերն եղած են: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ: Առաքել էֆենտին հրատարակած է օսմանեան շրջանի գրողներէն Ահմեթ Ռասիմի, Հալիթ Զիայի շարք մը ստեղծագործութիւնները: Աւելի ուշ Մուալլիմ Նաճիի հետ ձեռնամուխ եղած է դասագիրքերու հրատարակման, որոնք տպագրուած են 100-աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն Առաքել Թօզլուեանը «Գրպանի գիրք» ձեւաչափով շարք մը վէպեր հրատարակած է: Որոշ աղբիւրներու համաձայն` դեռ Առաքել Թօզլույեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապըալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած, ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերը լեցնելով վաճառել ու հեռանալ: Այնուամենայնիւ, որպէս Պապըալիի առաջին գրավաճառ յայտնի է Առաքել Թօզլուեանը: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆենտին ծագումով Կեսարիայէն եղած է:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.