Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 11(48)
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
100-ամեակ Մայիսեան Հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Պետականութեան Հիմնադրման
28 Մայիս 1918
Հայ Կեանք
Էջ 2
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
ՀՀ Կառավարութեան Ամբողջական Կազմը
News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ
Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
— Վարչապետ – Նիկոլ Փաշինեան — Առաջինին փոխվարչապետ – Արարատ Միրզոյեան — Փոխվարչապետ – Տիգրան Աւինեան — Փոխվարչապետ – Մհեր Գրիգորեան — Պաշտպանութեան նախարար – Դաւիթ Տօնոյեան — Սփիւռքի նախարար – Մխիթար Հայրապետեան — Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար – Մանէ Թանդիլեան — Արտաքին գործերու նախարար – Զոհրապ Մնացականեան — Արդարադատութեան նախարար – Արտակ Զէյնալեան — Առողջապահութեան նախարար – Արսէն Թորոսեան — Գիւղատնտեսութեան նախարար – Արթիւր Խաչատրեան — Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար – Լեւոն Վահրադեան — Ելեւմտական նախարար – Ատոմ Ջանջուղազեան — Արտակարգ իրավիճակներու նախարար – Հրաչեայ Ռոստոմեան — Ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար – Արթիւր Գրիգորեան — Մշակոյթի նախարար – Լիլիթ Մակունց — Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար – Արծուիկ Մինասեան — Բնապահպանութեան նախարար – Էրիկ Գրիգորեան — Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական գիտարուեստներու նախարար – Աշոտ Յակոբեան — Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար – Արայիկ Յարութիւնեան
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 3
Փութին-Փաշինեան հանդիպում Սոչիի մէջ
Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընդառաջ Փութինն ու Փաշինեանը նաեւ լրագրողներու առջեւ հանդէս եկան։ Ռուսիոյ առաջնորդը շնորհաւորեց Փաշինեանը եւ ըսաւ. «Թոյլ տուէք նաեւ, որ անձամբ շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ: Մեր դիրքորոշումը, կը կարծեմ, բոլորին յայտնի է, մենք Հայաստանը կը համարենք Ռուսիոյ մերձաւոր դաշնակիցն ու գործընկերը տարածաշրջանին մէջ: Սա կը վերաբերի թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ անվտանգութեան խնդիրներուն: Դուք գիտէք, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւոր առեւտրատնտեսական գործընկերը: Վերջին շրջանին կը նկատուի նաեւ ապրանքաշրջանառութեան աճ, սա շատ լաւ միտում է, եւ յոյսով եմ, որ կը յաջողինք ոչ միայն պահպանել սա, այլեւ կրկնապատկել»: Փութինը կարեւորած է միջազգային կառոյցներու մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի համագործակցութիւնը․«Ձեզ յաջողութիւններ կը մաղթենք կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին եւ յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ նոյն կերպով, ինչպէս եղած է մինչեւ օրս: Մենք նոյն աշխուժութեամբ կ’աշխատինք միջազգային ասպարէզի, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, սկսած Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն, ուր Հայաստանը եւ Ռուսիան մշտապէս աջակցած են իրար, աւարտած մեր տարածաշրջանային կազմակերպութիւններով ե՛ւ անվտանգութեան, ե՛ւ տնտեսական զարգացման ոլորտներու մէջ»: Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին եւ վստահեցուցած՝ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները իր իշխանութեան օրօք կ’ամրապնդուին․- «Շատ հաճելի է, որ վարչապետ նշանակուելուց տառացիօրէն մի քանի օր անց հնարաւորութիւն ունեմ հանդիպել Ձեզ հետ, քանի որ, կարծում եմ, քննարկելու հարցեր կան: Բայց կայ մի բան ալ, որ քննարկման կարիք չունի․ այդ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւններն են: Կարող
եմ հաւաստիացնել, որ այս հարցում Հայաստանում կայ կոնսենսուս (համաձայնութիւն): Որեւէ մէկը երբեք կասկածի տակ չի դրել եւ, կարծում եմ, չի էլ դնի հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութիւնը: Մենք տրամադրուած ենք, մեծ էներգիա (ուժ) կայ նոր խթան հաղորդելու մեր յարաբերութիւններին ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ առեւտրատնտեսական ոլորտներում: Յոյս ունենք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները ռազմատեխնիկական ոլորտում եւ այլ բնագաւառներում»: Հայաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ։
Հայաստանի վարչապետը ելոյթ ունեցած է Եւրասիական խորհուրդի նիստին՝ ըսելով․ որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է իշխանութեան խաղաղ փոփոխութիւն ու նոր ձեւաւորուած կառավարութեան ծրագիրը հայեցակարգային առումով չի նախատեսեր արտաքին քաղաքականութեան ուղիներու փոփոխութիւն: «Հաստատում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններին լիակատար յանձնառութիւնը, այդ թուում՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակում»,-ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Էջ 4
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հանրութիւնը պէտք է զգայ, որ այս կառավարութիւնը առաջին հերթին հաշուետու է իր առջեւ. Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, ուր մասնակցեցան կառավարութեան նորանշանակ նախարարները: Վարչապետը շնորհաւորելով իրենց կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու կապակցութեամբ նշեց. «Խնդրում եմ ձեզ հենց այսօրուանից անցնել աշխատանքի, ծանօթանալ ընթացիկ վիճակին, որպեսզի ընդհանրապէս ժամանակ չկորցնենք, որովհետեւ կան օպերատիւ խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտ է ժամ առաջ լուծել: Մեր աշխատանքի տրամաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը պէտք է լինի հետեւեալը. մեր կոչումը եւ խնդիրը ՀՀ քաղաքացիների կեանքն առաւել յարմարաւէտ ու բարեկեցիկ դարձնելն է, ի հարկէ, մեր կառավարութիւնը քաղաքական առումով ունի առաջնահերթութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախապատրաստել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների, բայց այս ընթացքում պէտք է կարողանանք արձանագրել լուրջ արդիւնքներ: Մեր կառավարութեան ոճը պէտք է լինի մշտական երկխօսութիւնը հասարակութեան հետ: Հանրութիւնը պէտք է զգայ, որ սա այն կառավարութիւնն է, որն ինքն է ձեւաւորել եւ որն առաջին հերթին հաշուետու է իր առաջ եւ որը ոչ միայն առաջարկում է գաղափարներ, այլ նաեւ ունի բոլոր փաստարկները՝ դրանք հիմնաւորելու եւ դրանց օգտակարութիւնն ընդգծելու համար»,- ընդգծել է Նիկոլ Փաշինեանը: Վարչապետը նշեց, որ յառաջիկային կառավարութիւնը պէտք է իրականացնէ անհրաժեշտ բարեփոխումներ տարբեր ոլորտներու եւ այդ առումով կարեւորեց հանրութեան աջակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ հանրային աջակցութիւնը այն հիմնական գործօնն է, որի վրայ պէտք է հենուի կառավարութեան գործունէութիւնը: «Մեր կառավարութեան հետ լրջագոյն յոյսեր են կապւում եւ մեր կարեւորագոյն խնդիրն է՝ արդարացնել ՀՀ քաղաքացիների յոյսերը: Սա ենթադրում է նոր ոճ, նոր մօտեցում, նոր փիլիսոփայութիւն, նոր մշակոյթ: Էական չէ, թէ ինչ է մինչ այս Հայաստանի Հանրապետութիւնում նշանակել լինել նախարար կամ փոխվարչապետ, հիմա դա պէտք է նշանակի
բոլորովին այլ բան, էական չէ՝ ինչ է մինչ այս պահը նշանակել ՀՀ վարչապետ, ես յոյս ունեմ, որ դա Մայիսի 8-ից նշանակում է բոլորովին նոր բան»,ըսաւ վարչապետը: Նիկոլ Փաշինեանը նորանշանակ նախարարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու համար եւ նշեց, որ այսպիսով ձեւաւորուած է համաձայնութեան կառավարութիւն: «Գիտենք, որ կառավարութեան կազմում ընդգրկուած են տարբեր քաղաքական ուժերի ներկայացուցիչներ, բայց կառավարութիւնը պէտք է գործի որպէս թիմ, հակառակ դէպքում՝ մենք չենք կարող լինել արդիւնաւէտ, եւ ես ինձ համարում եմ երաշխաւոր, որ կառավարութիւնն այդպէս էլ կը գործի: Յոյս ունեմ, որ այստեղ ունենք լիարժէք եւ փոխադարձ ըմբռնում»,- ըսաւ վարչապետը: Գործադիրի ղեկավարը յառաջիկայ կարեւոր խնդիրներէն համարեց կառավարութեան ծրագրի մշակումը ու ներկայացումը Ազգային ժողովին: «Խնդրում եմ, որպէսզի իւրաքանչիւր նախարար իր ոլորտի ուղղութեամբ ժամ առաջ սկսի կառավարութեան ծրագրի մշակման աշխատանքները: Ի հարկէ, այդ ծրագիրը պէտք է լինի լաւատեսական, արտայայտի այն բոլոր յոյսերը, որոնք ՀՀ քաղաքացիները կապում են կառավարութեան գործունէութեան հետ: Մենք պէտք է հաւաքենք մեր բոլոր ուժերը եւ անցնենք աշխատանքի»,- շեշտեց Նիկոլ Փաշինեանը: Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կոռուպցիայի դէմ պայքարելու միջոցներու շուրջ։
Ռուբէն Վարդանեանը 17 միլիառ դրամի ներդրում պիտի ընէ Դիլիջանի մէջ Ռուսաստանաբնակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած «IdeA» բարեգործական հիմնադրամը կը նախատեսէ Դիլիջանի մէջ 17 միլիառ դրամի ներդրում ընել: Ներդրումային ծրագիրը ներառուած է ՀՀ կառավարութեան Ապրիլ 11-ի նիստի օրակարգին։ Այս մասին կը հաղորդէ «shantnews.am»-ը։ Կը նախատեսուի Դիլիջան քաղաքի մէջ կառուցել միջազգային չափանիշներուն համապատասխան առողջարանային կեդրոն, որ պէտք է խթան հանդիսանայ բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացման համար։ Ռուբէն Վարդանեան նաեւ մտադիր է բարեկարգել Դիլիջանի քաղաքային լիճի յարակից տարածքը, քաղաքային զբօսայգին ու մարզադաշտը։ Այս աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել 5 տարուան ընթացքին։ Ծրագիրի աւարտին Դիլիջանի մէջ պիտի բացուի շուրջ 400 աշխատատեղ: Իսկ մինչ այդ 1.070 ժամանակաւոր աշխատատեղ պիտի բացուին շինարարական ծրագիրներու մէջ։
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 5
Շնորհակալութիւն, որ զէրոյէն նախարարութիւն ստեղծեցիք. Նիկոլ Փաշինեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 16-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: Վարչապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ ըսելով․ «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տասը տարիներու ձեր տարած աշխատանքին համար եւ փաստօրէն զէրոյէն նախարարութիւն ստեղծելու համար»: Հրանոյշ Յակոբեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի նշանակումը, ապա ծննդեան տարեդարձը՝ նշելով, որ իրեն կը յանձնէ արդէն կայացած, մեծ աշխատանք տարած ու բազում յաջող ծրագիրներ իրականացուցած
նախարարութիւնը։ Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց երիտասարդ նախարարներու ներգրաւումը կառավարութեան կազմէն ներս՝ նշելով, որ երիտասարդ տարիքը խոչընդոտ չի կրնար հանդիսանալ լաւ աշխատանքի համար։ Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նախարարութեան աջակիցը դառնալու, աւելցնելով․ «Թողնում եմ հարուստ տեղեկատուութիւն, մեծ կապեր ու յարաբերութիւններ, կայացած եւ գործուն թիմ, որը նոր նախարարի հետ պէտք է շարունակի կարեւոր ծրագրերը: Մաղթում եմ մեր նոր նախարարին եւ նախարարութեան աշխատակիցներին արդիւնաւէտ աշխատանք եւ յաջողութիւն»։ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին՝ նախարարութիւնը հիմնելուն ու օգնելու, աջակցելու պատրաստակամութեան համար՝ նշելով, «ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու»: Ապա Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը։ Ան յորդորեց շարունակել լաւ աշխատիլ եւ աջակցիլ, որ նախարարութիւնը շարունակէ իր բուռն գործունէութեամբ ծառայել Սփիւռքի խնդիրներու լուծման։
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Սփիւռքի նորանշանակ նախարարը երկպալատ Խորհրդարան ստեղծելու առաջարկ ներկայացուց սարդական եռանդը, նոր ու համարձակ գաղափարները եւ մօտեցումները կը համադրուին գոյութիւն ունեցող փորձառութեան հետ, եւ կառոյցը կը շարունակէ նոր թափով աշխատիլ: Նշենք, որ սփիւռքի նոր նախարարը նշանակուեցաւ 11 Մայիսին: Այս պաշտօնով ան փոխարինեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Մխիթար Հայրապետեան նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ ամենաերիտասարդ նախարարն է. ան 28 տարեկան է: ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան կ՛առաջարկէ ստեղծել երկպալատ խորհրդարան, որոնցմէ մէկուն մէջ ներկայացուած ըլլան միայն Սփիւռքի ներկայացուցիչները: «Յառաջիկային պիտի փորձեմ անդրադառնալ այս հարցին: Ասիկա միանձնեայ որոշում չի կրնար ըլլալ: Մեր քաղաքական աշխատակազմի ծրագիրին մէջ ներառուած այդ գաղափարը պէտք է քննարկուի, նորացուի ու համաձայնեցուի: Ես իմ աշխատակազմին հետ այդ գաղափարի ակունքներուն մէջ կանգնած եմ», ըստ «Սփութնիք Արմէնիա»ի յայտնեց Հայրապետեան: Ըստ իրէն՝ ասիկա Սփիւռքի հետ համագործակցելու ու Սփիւռքը հարցերու ընդունման գործընթացին մէջ ներառելու ճիշդ ուղի է: Նախարարը յայտնեց, որ կարելի չէ միանշանակ պնդել, թէ նախաձեռնութիւնը պիտի ներառուի կառավարութեան ծրագիրին մէջ: «Բայց ես յառաջ պիտի տանիմ այդ գաղափարը: Անիկա մեր ծրագրային կարեւորագոյն կէտերէն է», ըսաւ Հայրապետեան: Նախարարը նշեց, որ նախարարութիւնը այս հարցով առաջարկներ պիտի ընդունի նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներէն: Այդ պատճառով չի բացառուիր, որ բուն նախաձեռնութեան մէջ փոփոխութիւններ ըլլան: Նախարարին համաձայն՝ խորհրդարանի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին գաղթօճախներու մէջ: 14 Մայիսին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրականացուց իր առաջին աշխատանքային խորհրդակցութիւնը: Նորանշանակ նախարարը կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան իր տեսլականը, պատկերացումներն ու նախարարի պաշտօնին առաջին քայլերը: Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին վարչութիւններու գործառոյթները, անոնց կատարած աշխատանքը, ընթացիկ եւ ապագայ ձեռնարկներու ժամանակացոյցը: Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ երիտա-
Օրինակելի նախաձեռնութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը միասնաբար կը տօնախմբէ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող հայկական ազգային երեք կուսակցութիւններն ու Հայոց եկեղեցւոյ բոլոր յարանուանութիւնները յառաջացուցած են միացեալ յանձնախումբ մը, որ պիտի կազմակերպէ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնախմբութիւնը: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, արեւմտեան շրջանի ղեկավար մարմիններու եւ Հայոց Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ գործի լծուած յանձնախումբը ամէն ճիգ պիտի թափէ այս նշանակալի տարեդարձը պատշաճ շուքով տօնելու: Տօնախմբութեան թուականի, վայրի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յետագայ հաղորդագրութիւններով:
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 7
Անցեալը ներկայի համար ներկան՝ ապագայի համար «Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքզինք ուղղել» ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք մեր վսեմ անցեալի փառքերու մասին, որպէսզի անցեալի փառքն ու կորովը, մեր նախնիներուն ուժն ու սխրանքը դառնան ազգային ոգիի ներշնչման նախադրեալներ։ Կը հպարտանանք մեր հերոսական անցեալով, քաջորդիներու մարտական շունչով ու աննուաճ կամքով։ Մենք կը հպարտանանք մեր ազգային արժէքներով` երբեմն «ազգային»-ի տակ հասկնալով ու պանծացնելով մեր փայփայած առասպելական հերոսները` մոռնալով մեր կարկամող ու կաղացող, յետադիմող ներկան։ Անհնար է ներկան ստեղծել, ոչ ալ գալիքը՝ միայն անցեալը գովերգելով, եթէ անցեալի վերարժեւորումով չկարենանք հասկնալ ներկան։ Եթէ անցեալի աւանդները պաշտպանելու անուան տակ կուրօրէն հաւատանք, թէ անցեալի աւանդն է, որ կը շարունակենք։ Ի՞նչ հանգրուանի հասած ենք այսօր որպէս ազգ եւ ժողովուրդ։ Մեր ժողովուրդին ամէնէն կենսական հարցը կը թանձրանայ այս պարզ հարցադրումին մէջ։ Հնուց ի վեր հակասութիւններու եւ հակապատկերներու երկիր էր Հայաստանը։ Հոգեւոր հարուստ մշակոյթի եւ համեստ ու պարզ կենցաղի երկիր։ Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ մշակոյթի նեղ կաղապարին մէջ՝ միամտօրէն կարծելով, որ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը բաւարար են զինք աշխարհի կեդրոնը հասցնելու։ Պատմութեան քառուղիներով, հայ ժողովուրդը դարեր ու դարեր քալեց անղեկ՝ բռնութեան ճիրաններուն մէջ ազատութեան ուղիներ որոնելով։ Մեծ եղեռնէն, ջարդ ու կոտորածէն վերապրող հայութիւնը փրկութեան յոյսով, ապրելու եւ գոյատեւելու տենչով, դարձաւ գաղթական։ Եկան օրեր ու ժամանակներ, երբ քաղաքական իրարամերժ հոսանքներ կոտորակուած ու երկփեղկուած հայ ժողովուրդը շրջանակեցին ու սեղմեցին նեղ կաղապարներու մէջ։ Երբ ազգային պատանելիութիւնը իր տեղը զիջեցաւ գաղափարին, հայը զատորոշեց իր դաւանանքով ու գաղափարական համոզումներով։ Մարդկային յառաջդիմութեան, թէ մեր ազգին յետամնաց ըլլալուն տխուր վկայութիւնն էր այդ։ Այս խոհերն ու մտորումները, երբ թուղթին կը յանձնէինք, յանկարծ իշխանափոխութեան կոչեր լսուեցան Մայր Հայրենիքէն։ Հոն՝ ժողովուրդի եւ մեծ թիւով երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւններ ողողած էին մայ-
րաքաղաքին հրապարակները։ Անոնք եկած էին ժողովրդավար միջոցներով նոր օրերու եւ նոր իրականութեան կոչեր հնչեցնելու։ Պատմական նոր իրադարձութիւն մը տեղի կ’ունենար Հայաստանի մէջ։ Նոր Հայաստանի տեսլականի շուրջ համախմբուած քաղաքական բոլոր ուժերը, եկած էին նոր էջ մը բանալու Հայաստանի պատմութեան մէջ։ Համաժողովրդական այս շարժումը հպարտութիւն առթող երեւոյթ էր համայն հայութեան համար։ Երկրին ներքաղաքական զարգացումները, խաղաղ մարտակոչի ու բողոքի ցոյցերը, կ’ընթանային առանց ընդհարումներու, զսպուածութեան, զգօնութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհով։ Նոր Հայաստանն էր որ կեանքի կը կոչուէր։ Համաժողովրդական այս շարժումը վկայութիւնն էր ժողովրդավարութեան սկզբունքները իւրացուցած ազգի մը բարձր գիտակցութեան, որ զարմանք պատճառեց քաղաքակիրթ ողջ աշխարհին։ Անդիմադրելի յուզում մը պատած էր հոգիս, երբ կը հետեւէի զարգացող իրադարձութիւններուն։ Որքան ուժ եւ հաւատամք ամբարած էր հայրենի ժողովուրդը՝ բաց երկինքին տակ նոր օրերու զարթօնքը աւետելու։ Մտապատկերիս մէջ կ’ուրուագըծուէր 1991-ի Սեպտեմբերը։ Շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան զուրկ չէ գործին պահանջած առաքինութիւններէն։ Նպատակային գործունէութեամբ առաջնորդուած՝ խոր հաւատքով եւ ինքնավստահ քայլերով ան խիզախօրէն կը կատարէր նաւապետի իր պարտականութիւնը՝ ժողովուրդը ուղղորդելու դէպի խաղաղ հանգրուաններ։ Շրջահայեաց եւ խոհեմ կեցուածք ցուցաբերեց Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգիսեանը՝ լսելով հայրենի ժողովուրդին ձայնը։ Փոթորկոտ ծովուն մէջ, ճիշդ կռահելով ճանապարհին ուղղութիւնը, վարչապետը ներկայացնելով իր հրաժարականը առիթ ընծայեց, որ երիտասարդ ուժերը նոր հունով առաջնորդեն քաղաքական մտածողութիւնը։ Հանդուրժողականութեան խաղաղ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները այսօր կը հաստատեն, թէ Հայաստանը կանգնած է ժողովրդավարութեան ճանապարհին վրայ։ Երկրին իրավիճակը կախում ունի ներքաղաքական զարգացումներէն։ Բացառուած չեն լուրջ մարտահրաւէրներ, թեր ու դէմ կարծիքներ եւ ներքաղաքական լարուածութիւններ։ Այն ինչ հնարաւոր Շարունակութիւնը էջ 8
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Արտաքին սպառնալիքը իր նոր ժանիքներով… ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հ
այաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաձեւաւորման այս սկզբնական փուլին մէջ մենք զմեզ կը գտնենք ԱՄՆ-ի նախագահին կողմէ աշխարհի քաղաքական բեմին ուղղուած հերթական մարտահրաւէրին առջեւ։ ԱՄՆ չեղեալ կը յայտարարէ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը միաժամանակ խիստ արգելքներ խոստանալով Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ գըտնուող ամերիկեան հաստատութիւններուն։ Աւելի՛ն։ Պատժամիջոցներու սպառնալիքը ուղղուած կը թուի ըլլալ նաեւ բոլոր այն երրորդ երկիրներուն (ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը), որոնք երկ-կողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ են Իրանի հետ։ Իրան Հայաստանի չորրորդ ամենամեծ առեւտրական գործընկերն է եւ անշուշտ Հայաստանի կապը Իրանի հետ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի մեր երկրին համար։ Ան մեծապէս կենսական է եւ անզանցառելի՝ բոլոր արտաքին պատժամիջոցներէն առաջ ու ետք։ Ոչ մէկ Թրամփ ի վերջոյ ի վիճակի է հայ-իրանական այս կենսական երակը խափանելու։ Բայց յարաբերութիւններու այսօրինակ սրումը յղի է ծանրագոյն հետեւանքներով Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Այսօր բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ այս տագնապին իսկական հրահրիչը Իսրայէլն է, որ շնորհիւ իր ներքին ամերիկեան խարիսխին յաջողած է «զօրաշարժի ենթարկել» վարչակազմի երեք սիւները յանձինս Պետքարտուղար Փոմփէոյի, Անվտանգութեան պետ Պոլթընի եւ Պաշտպանութեան քարտուղար Զօր. Մաթիսի։ Այս տագնապէն
մեծապէս նպաստաւորուելու դիրքին վրայ կը գտնուին Ատրպէյճան եւ Թուրքիա… Եւ անշուշտ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան կրնայ ինքզինք գտնել հայ-ռուսական կապերու առաւել սերտացման պարտադիր նոր փուլի մը մէջ ի հեճուկս բազմակողմ դիւանագիտութեան։ Վարչապետ Փաշինեանի փոխընտրութիւնները սահմանափակ են։ Հայ դիւանագիտութեան նաւը մեծ դժուարութեամբ է, որ ճամբայ կը կտրէ։ Թրամփի որոշումը ուղիղ հարուած կու տայ մեր ազգային անվտանգութեան, եթէ կացութիւնը թողունք իր բախտին։ Որպէսզի կարելի ըլլայ այս վտանգը դիմագրաւել՝ վարչապետը այժմէն իսկ պիտի գործի լծէ մեր ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ընդգրկելով գործին մէջ…Եւ հոս է մեր իսկական յաղթանակին գաղտնիքը։ Մայիս 11, 2018 Ուաշինկթըն
Անցեալը ներկայի համար ներկան՝ ապագայի համար Շարունակութիւն էջ 7-էն
է ողջմիտ հետեւողական ջանքեր գործադրելով, երկխօսութեան միջոցով ընդունելի եւ կշռադատուած լուծումներ գտնել՝ յարգելով սահմանադրական օրէնքները։ Այս օրերուն, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը կը պահանջէ յաղթահարել քաղաքական ճգնաժամը՝ նկատի առնելով երկրին եւ ժողովուրդին համար կարեւոր առաջնահերթութիւննեը, որոնք կը բխին ազգին գերագոյն շահերէն։ Այս ուղղութեամբ հայրենասիրական զգացումներու հրահրման ամէնէն կարեւոր աղբիւրը ժողովուրդի կեանքի ու դեռ չլուծուած կամ անորոշ մնացած խնդիրներուն լուծում գտնելու հարցն է։ Վրէժխնդրութեամբ չէ, որ պիտի լուծուին այդ հարցերը, այլ համախոհութեան եւ համերաշխութեան ոգին է, որ պիտի ապացուցէ հայրենի ժողովուրդին ոչ միայն հայրենասիրութիւնն ու ուղղամը-
տութիւնը, այլեւ հետզհետէ իր դրսեւորած ժողովըրդավար տրամադրութիւնը՝ սրբագրելու համար մեր մօտաւոր անցեալի տասնամեակներու թոյլ տրուած թերացումներն ու սխալները։ Այս առումով, արժէ յիշել հայ մտածողին՝ Արշակ Չօպանեանին իմաստուն խօսքը՝ «Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքզինք ուղղել»: Այսօր հայրենի ժողովուրդը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու այն ճշմարտութիւնը, թէ անցեալի ուժը յենարանն է ներկային, որպէսզի ներկան դառնայ ամուր պատուանդան ապագային համար եւ երաշխիք՝ գալիք ազգային իղձերու եւ երազներու իրականացման ճանապարհին։ Այն ատեն հայ ժողովուրդը կը դառնայ հաւաքական ոյժ՝ խրոխտ հայեացքով նայելու աշխարհին։ Դէպի նոր ճամբաներ, նոր երազներ, յոյսի փարոս Մայր Հայաստան…: Հալէպ
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 9
Երէկ թէ այսօր՝ Թուրքիոյ հետ պատերազմի մէջ ենք... ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Շարունակութիւն նախորդ թիւէն
Ա
նառարկելի իրողութիւն է սակայն, թէ Քեմալի եւ Քեմալէն յետոյ եկող բոլոր թուրք կառավարութիւններու միջեւ, ըլլան անոնք՝ Ինէօնիւ, Տեմիրէլ, Էվրէն, Էօզալ, Չիլէր, Եըլմազ, Կիւլ թէ Էրտողան, բոլորն ալ անխտիր՝ օսմանեան պատմութեան անբաժան ու անառարկելի շարունակութիւնը կը կազմեն եւ անոնք դատապարտուած էին իրենց ղեկավար անձին շուքն ու կրկնօրինակը ըլլալու։ Իրենք իրենց իսկ պատմական փորձառութեան վերահաստատման ճանապարհէն չշեղելով եւ օսմանեան առասպելին հաւատարիմ հետեւորդները դառնալով, չյաջողեցան զատորոշել իրենց դերը պատմութեան տարբեր հանգրուաններու քաղաքառազմական մրցակցութեան փորձութենէն, ժամանակակից մարտահրաւէրները լոզունքի սահմանէն անդին չտանելով։ «Բադը իր ձագերը կարապի գեղեցկութեամբ բաղդատող» թրքական ասացուածքի մենաշնորհով դեռ վերջերս, Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ թուրք բանակի ներխուժումը խրախուսող օսմանլը ենիչէրիներու զգեստաւորումով թուրք զինուորները՝ գաղափարականօրէն կը դիմանան ժամանակին մէջ եւ ատոր փորձառութեամբ իսկ կը վերակենդանացնեն անցեալը ներկային մէջ։ «Ո՛ւր որ կատուն, նաեւ իր պոչը», յիշելու համար թրքական երկրորդ ասացուածք մը։ Փոխ յարաբերութիւններու կապը անհաշտօրէն հիմնաւորուած է օսմանաթրքական ռազմական մեքենայի մը վրայ, այդ մեքենան պատմական գիտութեան վերածելով։ Թուրքիոյ իրական դէմքը տակաւին լրիւ յայտնաբերուած չէ։ Դեռ սպասենք անակնալներու։ Պատմութեան ճախարակը դարձեալ կը քակուի անհաշտօրէն ու անհիւրընկալ դարձուածքներով։ Այս բոլորէն վերջ, ի՞նչ է յաջորդ օրուան հարցումը։ Յաջորդ օրուան հարցումը այն է, թէ՝ օսմանեան բռնապետական միատիրութիւնը՝ Սեւրէն (1920) եւ Լոզանէն (1923) յետոյ խորքային հանրապետական ժառանգութիւն ունեցա՞ւ։ Փաստ է, որ հազար անգամ փաստուեցաւ թէ հանրապետութիւն բառը մնաց պարզ ու իմաստազրկուած նշանակութիւն մը։ Ուստի՝ կրկին հարց տանք. ի՞նչ, եւ ո՞ր ճորտատիրական ժառանգութեան մասին կը խօսինք։ Թրքական ժառանգութիւնը պատանդ է միջազգային դաշնագրերու հսկող իրականութեան։ 1914-ին Թուրքիան 2,5 միլիոն ք.քլմ. տարածութիւն ունէր, իսկ Լոզանի դաշնագրէն յետոյ ամփոփուեցաւ 780.000-ի, վերահաստատելով իր շուքին կրկնօրինակը։ Բան մը կը նշանակէ՞ այս տարբերութիւնը։ Բան մը ժամանակին մէջ դիմանալու համար ի՛րը պէտք է ըլլայ...։
Կը թուի թէ, մեր ժամանակներուն այսպէս կ'ընթանայ միջազգային քաղաքական (ան)օրինաչափութիւնը։ Այս իմաստով՝ այո՛, նորերը հիներուն ժառանգորդն են։ Քաղաքականութիւնն ալ առաջ կ’ընթանայ։ Բայց ետ ալ նայիլ գիտէ։ Ուզած ատեն կաղապարի մէջ կը մտնէ, ուզած ատեն կաղապարէն դուրս կ'ելլէ, շահագործելով աշխարհաքաղաքական մեծապետական իր իսկ ստեղծած որոշ թէ անորոշ անհաւասարակշիռ ու տատանող համեմատութիւններու արժեչափերը։ Բայց շարունակենք Երիտթուրքերով, այս պատմական ակնարկը տեղ մը հասցնելու համար։ Անոնք՝ սկիզբը, այն թիւր տպաւորութիւնը ուզեցին տարասփռել, թէ իրենք Թուրքիոյ համար քաղաքական ու ընկերային վերափոխիչ հոսանքն ու ուժը կը ներկայացնեն, այսինքն՝ օրուան ակնկալուած փոխ լուծումը, քանի ժողովրդային այդ շարժումը կը ներշնչուէր եւրոպական, յատկապէս Ֆրանսական Յեղափոխութեան (1789) ազատութեան, եղբայրութեան ու հաւասարութեան համատարած ազնուագոյն գաղափարներէն, այդ գաղափարներուն մէջ իրենց ինքնութիւնը փնտռելով։ Երիտթուրքերու շարժումը ճամբայ ելաւ շարժապատկերային եւ յորձանուտային արագութեամբ, իր մէջ ներառնելով ժամանակի յուսալի գաղափարներու ամբողջութիւն մը, համապատասխան յայտարարի մը ընկերային լոզունքներու մտացածին հաշուեկշիռով, որ ուղղակի կ'ուղղուէր քաղաքականապէս անգրագէտ, մտամոլոր եւ սուլթանի իշխանութեան պառակտուած վարչակարգին, որ կը խոստանար տապալել միահեծան բռնատէրը եւ ժողովրդավարական արդարակշիռ կարգեր հաստատել նոր կազմաւորուող ճմռթկուած երկրէն ներս։ Այս մէկը բաւարար էր արդէն Թուրքիոյ տարածքին բնակող փոքրամասնութիւններու ազգային, կրօնական, ընկերային իրաւունքներուն տիրանալու համար։ Ողջմտութիւնը կը թելադրէր արդէն հնազանդօրէն համակերպիլ նոր սահմանադրութեան հեռանկարը խոստացող մարդոց։ Սուլթանին շուքը ծանր էր. նորերունը կը թուէր աւելի թեթեւ ըլլալ։ Հին Թուրքիան կաթուածահար եղած էր. նորը՝ կայծակնահար։ Խոստացուող ըլլալիքին հեռանկարը կը միտէր մասամբ ներշնչել. որքան որ կարենար։ Երիտթուրքերու յուսալի նոր շարժման մէջ իսկոյն ներգրաւուեցան յոյներ, պոնտոսցիներ, ասորիներ, ալէուիներ, քաղդէացիներ, հայեր եւ ուրիշներ։ Այս ներգրաւման պատճառները մէկ օրէն միւսը թուրքը սիրել, թուրքին հետ հաշտուիլ, թուրքին հետ եղբայրանալ ու համագործակցութեան հեռանկարներ մշակել չէր նշանակեր անպայման, այլ հիմնականօրէն, գլխաւոր ու առաջնահերթ իմաստով սուլթանը իր գահէն տապալելը, նոր սահմանադրութիւն հաստատելը եւ երկրի ապագան նոր հիմերու վրայ Շարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Երէկ թէ այսօր՝ Թուրքիոյ հետ պատերազմի մէջ ենք... Շարունակութիւն էջ 9-էն
վերականգնելով, վերափոխիչ նոր շարժման առընթեր՝ փոքրամասնութիւններու ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը արժեւորելը։ Ցաւով հաստատելի է անհերքելի այն ճշմարտութիւնը, թէ նորաստեղծ այս հոսանքին գլուխը կը գտնուէին յետագայ խոշորագոյն ջարդարար ճիւաղներ՝ Ճէմալը, Էնվէրը, Թալաաթը եւ իրենց համագաղափարակիցները, որ նոյն տարին իսկ իշխանութեան տիրացան շնորհապարտ նախափորձով։ 1909-ին 30.000 հայեր ջարդուեցան։ Երիտթուրքերը այդ ջարդը վերագրեցին սուլթանական վարչակարգին, իրենց պոչը քաշելով արեամբ յորդող այդ ոճիրէն, որ կրնար զիրենք մեղսակից դարձնել ու միաժամանակ համապատասխանատու համարել նախապէս տրուած խոստումներուն եւ յանձնառութիւններուն դրժումին համար։ Թիւերը վերյիշելը թերեւս յոգնեցուցիչ կ'ըլլայ, բայց անհրաժեշտ է վկայակոչել յաճախ, քանի անոնք կառչած են պատմութեան, եւ պատահական չէ, որ հարիւրամեակ մը վերջ ISIS-ի շարքերուն մէջ մեծ թիւով մարդասպան ու ոճրագործ թուրքեր գտնուեցան, իրենց ամէնէն բիրտ դիմագիծը յայտնաբերելով։ Հինը կը կրկնուի եւ տիեզերակործան յաճախականութեամբ դարձեալ նոր կը դառնայ։ Երիտթուրքերու երեսանձօրէն ազատասէր, վերափոխիչ եւ յեղաշրջիչ վերաբերումը սկիզբը կը փորձէր բոլորին իր գիրկին մէջ առնել. ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ յոյներուն, ե՛ւ պոնտոսցիներուն։ Փոքրամասնական ղեկավարութիւնն ու մասսան իր ժամանակի պահանջներէն առաջնորդուելով սկսաւ բազմահնար բաղդատականներ ընել սուլթանի եւ նոր իշխանաւորներու միջեւ։ Շատեր կը մտաբերէին. ասոնց գալուստով սուլթանէն աւելի գէշ չի կրնար ըլլալ. ա՛յս մէկն ալ փորձենք։ Բայց թուրքը թուրքէն աւելի գէշ եղաւ, ինչպէս գազանը գազանէն։ Ազատամիտ ու ազատասէր նորաբողբոջները սուլթանի ոճիրները կատարեալ շուքի մէջ ձգեցին։ Եւ երեւակայել որ նորելուկները կը խոստանային մանաւանդ վերահաստատել աւելի մեղմ համարուող 1878-ի սահմանադրութիւնը։ Անոնց հետ համագործակցելու հարկադրանքի ծիրէն ներս, նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ յոյն պատրիարքը դիտակէտային առաջարկներ ու ցուցմունքներ կատարեց իրենց։ Իսկ հայերը վստահութիւն ու երաշխիքներ հաստատող հաւաստիացումներու շարք մը պահանջեցին, ինչ որ լորձնաշուրթն տրուեցաւ ե՛ւ գրաւոր, ե՛ւ բանաւոր։ Իսկ շատեր ալ չհամոզուեցան եւ զէնքերը վերցնելով լեռ բարձրացան։ Այդ օրերուն՝ պատմութիւնը չէ որ կը գրուէր. յստակօրէն նենգամիտ քաղաքականութիւն մը կը խաղցուէր բոլոր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հաշւոյն։ Երիտթուրքերը քաղաքական դէմքեր չէին,
քաղաքական ղեկավարութեան առումով, այլ զինուորական պետական ու փառամոլ պաշտօնեաներ, մասոնական գաղտնի շարժման մը իշխանամէտ թափթփուքներ, որոնք դէմ յանդիման կը գըտնուէին իրենց ղեկավարման մրցակցական մթնոլորտն ու աստիճանաւորումները յստակացնելու, միաժամանակ բացայայտելու ժամանակի հրամայականներէն բխող մարտահրաւէրի մը կենսագործումը։ Գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներ՝ զօրավար Լիման ֆոն Սանտէրս եւ ֆոն Կոլց, իրենց հրամանին տակ ունենալով 800 գերմանացի սպաներ, քաղաքա-ռազմական քարոզներով եւ մարտակոչ ուղեցոյցներով, փաստօրէն կազմակերպեցին ու ղեկավարեցին թրքական զօրքն ու օսմանապատկան պետական մեքենային կառոյցները, մինչ «Տոյչէ Պանք»ը Եփրատէն մինչեւ արաբական աշխարհի խորերը տէր ու տիրական դարձած էր օսմանեան համատարած տնտեսութեան ու յետագայ վաճառաշահ ու հետզհետէ ընդարձակուող հեռանկարներուն։ Բազմաթիւ թուրքեր՝ Լիման ֆոն Սանտէրսը Թուրքիոյ ազգային հերոս կը համարէին եւ իրենց զաւակները կը մկրտէին Սանտէր (Սանտէրս) անունով, փաղաքշական հպարտութեան մը ցուցադըրուող պճնասիրութեամբ։ Առիթով մը, թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը հարցուցին, թէ ուրկէ՞ կը սերի Օմար Սանտէր անունը։ - Լիման ֆոն Սանտէրս ազգային հերոսէն անշուշտ,- պատասխանեց ան։ Թուրքիոյ մօտ գերմանացի դեսպան Վանկէնհայմէր մտահոգ էր, որ ջարդերէն յետոյ՝ գերմանացիները ուղղակիօրէն մեղսակից պիտի համարուէին իրենց մասնակցութեան՝ երեւցող ու չերեւցող պատասխանատուութեան բաժնին համար։ Գերմանացիները ո՛չ մէկ ձեւով չարգիլեցին ջարդերը։ Նախընտրեցին մեղսակցութիւնը։ Դեսպանը մահացաւ 1915-ի Հոկտեմբերին, հայկական ջարդերու սկսումէն քիչ վերջ։ Իր քաղաքական ընտրանքը, նախատեսումն ու մտահոգութիւնը աւելի քան յստակ էր այլեւս։ Մահաբեմը սարքուած էր ստուերամած երկրի տարածքին։ Այո՛, ոչ մէկ կասկած, որ թուրք-գերմանական մեղսակցական համագործակցութիւնը աւելի քան ցեղասպանական էր։ Մունետիկները որջերուն մէջ մտած էին...։ Ամերիկացի դիւանագէտ Հենրի Մորկենթաու, Թուրքիա պաշտօնավարած միջոցին կը վկայէր, թէ գերմանացիները՝ 1915-ի Ապրիլ 23-ին քաջածանօթ էին, թէ թուրքերը Ապրիլ 24-ին ջարդերու պիտի ձեռնարկեն։ Այդպէս ալ եղաւ։ Աւելիով ալ եղաւ։ Օձը իր կեղեւէն դուրս ելած էր։ Անկախ այն իրողութենէն, որ այսօր Գերմանիան պաշտօնապէս ճանչցած ու դատապարտած է Շարունակութիւնը էջ 14
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 11
Նախագահը յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցեց հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած զինուորներու յիշատակին Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներու կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահը յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:
ԵՐԵՒԱՆ, Մայիս 9․— Նախագաh Արմէն Սարգսեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ այցելած է մայրաքաղաքի «Յաղթանակ» զբոսայգի եւ պատերազմի վեթերաններու, ՀՀ ԶՈւ բարձրաստիճան սպաեակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց, ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակ զետեղած է Անյայտ զինուորի շիրիմին:
Նախագահ Սարգսեանը միջոցառման մասնակիցներու հետ դիտած է ՀՀ զինուած ուժերու եւ ՌԴ ռազմական կայանի զինծառայողներու հանդիսաւոր քայլերթը:
Նախագահ Սարգսեանը մասնակցած է «Անմահ գունդ»-ի քայլերթին
Հանրապետութեան նախագահն այնուհետեւ այցելած է աւանդաբար կազմակերպուող դաշտային խոհանոց եւ շնորհաւորած է զինուորական վրանային ճաշի սեղանի շուրջ հաւաքուած վեթերաններուն, ճաշած ու զրուցած է իրենց հետ։
ԵՐԵՒԱՆ, Մայիս 9․— Նախագահ Արմէն Սարգսեանը մասնակցած է «Անմահ գունդ» խորագիրով քայլերթին, որը կազմակերպած է «Հայաստանի Անմահ գունդ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:
Քայլերթի նպատակն է փառահեղ հաղթանակներու օրուայ` եռատօնի խորհուրդը եւ անոնց վերաբերեալ յիշողութիւնները պահպանել ու փոխանցել նոր սերունդներուն: Քայլերթի մասնակիցները ձեռքերնին բռնած են Հայրենական Մեծ պատերազմի, Արցախեան ազատամարտի եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու լուսանկարները:
Հայ Կեանք
Էջ 12
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Քաղաքական Անդրադարձ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՈՎ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ն
իկոլ Փաշինեան շարժումը, Հայաստանի ժողովուրդին ուժով յառաջ մղուած, յաջողութեամբ աւարտեցաւ Ապրիլի 8-ին, իսկապէ՛ս թաւշեայ փափկութեամբ, երբ ան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետ, պատգամաւորներուն մեծամասնութեան քուէներով: Աշխարհի մէջ հազուագիւտ են նման յեղափոխութիւններ, որոնք կը յանգին այսպիսի յաջողակ արդիւնքներու առանց որեւէ արեան հեղումի: Աշխարհի երեսին ապրող ափ մը հայերու առաքինութիւնը թող համարուի այս արարքը եւս, որպէս անծայրածիր խոհեմութեան, զիջողութեան եւ իմաստութեան յատկանիշեր: Անշուշտ՝ կարգ մը վաշխառու պետութիւններու եւ «մեծ» տէրութիւններու հաշուոյն չէր ծառայեր յեղափոխութեան մը, «գարնան ժամանման» մը կամ «ժողովրդավարութեան» մը այս կերպ կիրարկումը կամ ժամանումը որեւէ երկրի մը մէջ, առանց իրենց գիտակցութեան կամ մասնակցութեան: Բայց, ինչպէս կ'ըսեն նոյնինքն իրենք՝ What the heck, եւ այդպիսով ալ, բարով կ'աւարտէր հայկական յեղափոխութեան շարժումը: Այժմ, երբ ժողովրդավարութեան առաջին քայլը առնուեցաւ Փաշինեանի կողմէ, հայ ժողովուրդ մը ամբողջ, ի՞նչ ակնկալութիւն կրնայ ունենալ մէկ անհատէ, որ այսօր պիտի վարէ երկրի մը վարչապետի պաշտօնը, հաւանաբար տիւ ու գիշեր իրարու խառնած: Ժողովուրդը ձեռնածալ պիտի սպասէ՞ Փաշինեանի փոփոխութիւններէն, իրագործումներէն կամ կատարելագործումներէն օգտուելու համար միայն, թէ՞ պիտի բերէ իր գործօն մասնակցութիւնը այդ ծովածաւալ աշխատանքին, դէպի ժողովըրդավարութիւն տանող ճանապարհին: Ժողովըրդավարութեան բարիքներու վայելումը հաճելի է ու բերկրալի տնտեսական ու քաղաքական արդիւնաբերութեամբ, երբ ամէն անհատ կը բերէ իր գործօն եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն անոր կերտումի աշխատանքներուն մէջ, առանց յետին նպատակներ հետապնդելու, կամ ձեռնածալ սպասելու անոր հասունացման: Անցեալին յիշած ենք 70 տարիներու սովետական համակարգի սովորութիւններու եւ վարժութիւններու աւարտին եւ նոր համակարգի սկզբնաւորութեան մասին: Կարեւորը սակայն, յիշեցումը չէ միայն, այլ մարդ անհատին համակերպումը, վարժութիւնը եւ կիրարկումը կեանքի նոր ուղիներու, որոնք զիրենք պիտի առաջնորդեն դէպի աւելի հանգիստ, խաղաղ ու բարեբեր ժամանակաշրջաններու հորիզոններ: Պարոն Փաշինեան, իր ելոյթով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին, յառաջ բերաւ Հայաստանի պետական կարգին մէջ փոփոխութիւն-
ներու առաջարկներ, որոնք կը համընկնէին ժողովըրդավարութեան ընկերային բարեփոխութիւններու, վանելու համար նախկինին կիրարկուած արտասովոր, կողմնակալ, մենատիրական եւ կեղեքիչ բոլոր օրէնքներն ու կարգը՝ պետութեան կառավարական ձեւակերպումին մէջ: Հրապարակներու վրայ կատարուած ժողովըրդային պահանջները՝ համբերութեան բաժակը յորդած ցասումներու արտայայտութիւններ էին, որոնք կը ներկայացնէին նախկին համակարգի անընդունելի սխալները հանդէպ ժողովուրդին: Հայրենի երկիրը հզօր է սակայն իր ժողովուրդին կամքով եւ աշխատանքով: Դարեր շարունակ, հայ ազգը կրած է նախատինք, կորուստ ու կոտորած, եւ սակայն ան կանգուն եւ գոյ է մինչեւ այսօր: Թող որ նախկին 25 տարիներու կրած դժուարին պահերն ու կեանքը արձանագրուին այդ անցեալին մէջ, ձերբազատելու անկէ եւ թեւակոխելու համար հարազատ ժողովրդավար նոր հորիզոններ եւ կերտել փայլուն ապագայ, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած: Յաջողութի՛ւն հայ ժողովուրդ, այսօր, իսկապէ՛ս միութիւնը զօրութիւն դարձաւ, մշտականութեան մաղթանքներով: Միացեալ Նահանգներ
Մայիս 19-ը Պոնտոսի Յոյներու ցեղասպաննութեան յիշատակի օրն է
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 13
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉԱԾ ՅՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Հ
այաստանի անդրանիկ հանրապետութեան նուիրուած քննարկումներու հանդիպումներու վաղորդայնին, ինչպէս կ’ըսեն brain storming-է ետք, անմիջական ներկային եւ անմիջական վաղուան մասին մտածել մեղանչում պէտք չէ համարել: Ժիւլ Վերն երազեց հէքեաթի «Նոթիլիւս»ը, ժամանակակից գիտութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը ծով իջեցուցին հիւլէական ուժով բանող իրաւ «Նոթիլիւս»ը: Հաւանօրէն շատեր, մեկնելով նաեւ այլ ժողովուրդներու օրինակէն, կրնան ունենալ այն մտավախութիւնը, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ նաեւ մեր պարագային… Այդպէս մտածողներ անպայման չարիքի գուշակներ չեն: Պատմութեան մէջ օրինակներ չեն պակսիր, երբ յոյսեր ներշնչած նոր իշխանաւորը կ’ըլլայ նախորդի հարազատ որդին: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, երբ հաւաքականութիւնները կը կուրանան եւ կը խլանան զանազան պատճառներով, նիւթական, զգացական, կամ կողմնապաշտական, թոյլ տալով, որ ամբոխավարներ իրենց քիթէն բռնած տանին այս կամ այն կողմ: Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն, ժողովրդական պահանջի ալիքի վրայ: Փոխանցման շրջան մը կ’ապրի Հայաստանի պետութիւնը: Նոր կառավարութիւնը պիտի փորձէ բաւարարել ժողովրդական ակնկալութիւնները յաւելեալ արդարութեան ենթահողի վրայ: Միաժամանակ կառավարութիւնը ազգային-պետական զոյգ քաղաքականութիւն պիտի մշակէ, պիտի առաջնորդէ, որ անհատներու սպասումներուն պատասխան պիտի չըլլայ, այլ ազգի: Ազգը՝ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ) ի, եւ այս պարագային գերիշխող պէտք է ըլլայ քաղաքական միտքը, ազգային հեռանկարներու, ինքնութեան եւ իմաստութեան լուսաւորումով: Այդ իմաստութիւնը, առաջին հերթին, հանրային կարծիքը եւ իշխանութիւնը զերծ պէտք է մնան, պէտք է պահուին յաղթողի եւ պարտուածի տեսակ մը հոգեխոցէ (trama): Եթէ երկիրը ինքզինք յանկարծ գտնէ նման կացութեան մէջ, կը մտնենք տեւաբար իշխանութիւն փոխելու խաղին մէջ, հողմապտոյտը մեզ կառնէ իր յորձանքին մէջ, եւ երազուած «վերականգնում»ները կը դրուին սպասման սենեակներու մէջ: Ոմանք պիտի դժգոհին եւ նախաձեռնութիւնները պիտի համարեն կիսամիջոցներ, ուրիշներ պիտի գտնեն, որ ձեռքբերումները կը դատապարտուին կորստեան: Հոս կը սկսի մտաւորականութեան աշխատանքը, որ պարտի բացատրել, այն ինչ որ կը կորսնցնենք հաւաքական կորուստ կ’ըլլայ, իսկ յաջո-
ղութիւնները կ’ըլլան երաշխիք վաղուան վերականգնումի: Այս տարրական ողջախոհութեամբ եթէ առաջնորդուին ղեկավարութիւնները, ոչ միայն կառավարութիւնը, ժողովրդային շարժումը հասած կ’ըլլայ իր նպատակին, փոխան անձերու փոփոխութեամբ կրկներեւոյթներու (mirages) խաբկանքով գոհունակութիւն պատճառելու եւ անմիջապէս վերջ ծնունդ տալու դժգոհութիւններու ալիքի: Իշխանափոխութիւնները ազգային անվտանգութեան հիմնական խնդրով հատուածական եւ կողմնապաշտական վերաբերում ունենալ չեն կըրնար թոյլատրել իրենք իրենց: Մազաչափ անգամ պէտք չէ հեռանալ ազգային անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներէն, որ կը նշանակէ թէ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, անհրաժեշտ է յառաջացնել առանց «թուքով կպցրած» ճապկումներու համախոհութիւն: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ բանակը որեւէ պարագայի քաղաքական ազդակ պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէ թոյլ որ ըլլայ: Թող ներուի ըսել, որ Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի կողքին, սփիւռք(ներ)ը այդ անվտանգութեան նեցուկը պէտք է ըլլայ՝ առանց խուսանաւումներու, ինչ որ ըրած է ցարդ, առաւել կամ նուազ մարդկային եւ նիւթական ներդրումով: Ազգային անվտանգութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ միջոցներու ճիշդ եւ նպատակասլաց օգտագործումը, այդ միջոցները ըլլան զուտ դրամականտնտեսական, թէ «գորշ նիւթի» (ուղեղի), այսինքն՝ մարդկային կարողութիւններու: Նափոլէոն կ’ըսէր, որ կը սիրէր բոլոր տեսակի լաւ մարդիկը, ամերիկացիները կ’ըսեն ճիշդ մարդի ճիշդ դիրքին վրայ (the right man in the right place): Ես ինծի երազային այն իրաւունքը կու տամ ըսելու, որ այդ մարդը եթէ այդ ճիշդ մարդը կը գտնուի Հայաստանի յետին գիւղը, առանց ըլլալու այս կամ այն կուսակցութեան անդամը, նոյնիսկ սփիւռք(ներ)ի այս այն ծանօթանծանօթ քաղաքը, անվարան պէտք է զայն հրաւիրել, ոչ թէ յաւելեալ փառքի համար, այլ յաւելեալ ծառայութեան: Ոմանք ցնորք (utopie, ուտոպիա) կրնան համարել նման միտք: Այն ատեն թոյլ թող տան ըսելու, ինչո՞ւ կը կրկնենք միասնութիւն, մէկութիւն եւ այլ հնչեղ ճառային բառեր: Ծով չունինք, բայց եթէ ունենայինք, ինչո՞ւ պաշտօնի պիտի չկոչէինք Չիլէի ծովուժի հայ ծովակալը… Միասնութիւն եւ մէկութիւն կ’ենթադրեն նաեւ ուժերու եւ կարողութիւններու մէկտեղում: Այդ կարողութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունի հայկական դրամագլուխը, որ միասնական ուժի վերածուելու համար կարիք ունի վստահութեան, որ խախտած է անցեալ աւելի քան քառորդ դարու բացասական փորձով: Պիտի կարենանք հաստատել բոլոր մարզերու մէջ, մանաւանդ տնտեսական-դրաՇարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉԱԾ ՅՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Շարունակութիւն էջ 13-էն
կան, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի, հողամշակութեան եւ փոխանակումներու, պարկեշտութեան, ազնուութեան եւ թափանցիկութեան մշակոյթ: Զարմանալի թող չթուի, այս մշակոյթը ստեղծելու պարտքը պէտք է ստանձնեն մամուլը եւ մտաւորականութիւնը, խստաբիբ հսկողութեամբ, դատական իշխանութիւններու կողքին: Երբեմն արգիլուած պէտք չէ ըլլայ երազել, մանաւանդ երբ պատմութիւնը կ’ըսէ թէ աշխարհի բոլոր մեծ իրականացումները եղած են երազ: Ինչո՞ւ չստեղծել բարոյական հեղինակութեամբ գործող վերահսկող «ակումբներ», որոնք իրենց դիտարկումները կը յղեն համապատասխան հասցէներու եւ ապա կը հրապարակեն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ազգին վերաբերող բոլոր կառոյցներու եւ նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ: Այս վերհսկող բարոյականացումը եւ այդ վերահսկողութիւնը ընդունող կառոյցները ազգին յառաջդիմութեան եւ հզօրացման ազդակները կ’ըլլան: Վստահութիւնը կը վերականգնի: Այն ատեն կրնանք հաւատալ արտագաղթը կը կասի, տեղի կ’ունենայ հայրենադարձութիւն եւ միշտ ակնկալուող ազգի զաւակներու նիւթական եւ իմացական կարողութիւններու լայնածաւալ ներդրում:
Յոյս ներշնչող իշխանափոխութեան այս օրերուն լաւ պիտի չըլլա՞յ լայն բանալ մեր միտքի հորիզոնը, նաեւ հորիզոնները մէկութեան, միասնութեան եւ բոլոր լաւ բաներու, որոնց մասին կը սիրենք խօսիլ, եւ կանգ առնել: Ինչո՞ւ չհրաւիրել «իմաստուններու խորհուրդ» մը, ոչ էսթէպլիշմընթի եւ ոչափարաչիքներու: Այս ընել խուսափելով, ինչպէս ընդունուած է ըսել «փայտեայ լեզուէ», (langue de bois), ստեղծելով միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ բախման դաշտ: Այդպէս կը ծնին յղկուած եւ ճիշդ միտքերը:
Երէկ թէ այսօր՝ Թուրքիոյ հետ պատերազմի մէջ ենք... Շարունակութիւն էջ 10-էն
Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հայերը չեն կրնար մոռնալ 1915-ի կարծր իրականութիւնը։ Հոս անջընջելի փոխարժէք մը կայ, որ չի կրնար լուռ անցնիլ։ Գերմանական արխիւներու մէկ մաս մը ուսումնասիրուած են անշուշտ։ Այդ զգայնութիւնը ունեցած են՝ Միւնիխի Հայկական Հարցերու հաստատութենէն վերջին տասնամեակներուն Էտիկ Յովհաննէսեանը, Ալիս Մարուխեանը, Ռաֆֆիկը, անշուշտ Թեզա Հոֆմանը, Ժիրայրը, Համօ Պետրոսեանը, եւայլն։ Ճիշդ է, կարգ մը բաներու հետ չենք կրնար հաշտուիլ. ըլլայ երէկի, ըլլայ այսօրուայ հաշւոյն։ Պատմական ճշմարտութիւնը վիրաւորական էր երէկ, եւ խոցելի կը մնայ այսօր։ Պատմութեան մռութը կախ է ու կախ կը մնայ մինչեւ օրս։ Բարեկամները կուգան ու կ'երթան: Թշնամիները կը մնան: Եթէ արդարութիւնը կորսուած է մութին մէջ, փնտռել պէտք է խարխափելով: Ինչպէ՞ս կեանքի օրինակով սրբագրել կեանքի անհանդուրժելի սխալները։ Պատմութիւնը խիստ կերպով պիտի դատէ բոլոր պատասխանատուները։ Երեւցող թէ չերեւցող։
Արդարութիւնը բարոյականութեան պէտք ունի։ *** Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը բոլոր ժամանակներուն մէջ անփոփոխ կը մնայ։ Մանաւանդ արտաքինը՝ մէ՛կ ու միատեսակ ուղութեամբ կը գործէ, առանց իր հիմնական գիծէն նուազագոյն չափով շեղելու, անկախ եթէ կառավարութիւն կամ ղեկավար կը փոխուի։ Թուրքիոյ շարունակութիւնը դժուար կրնայ բացատրուիլ։ Միջազգային կեանքին մէջ որեւէ բան առանձնացած ու անջատուած չէ. միշտ իրարու հետ կապուած ու չերեւցող բան մը կայ քողարկուած վարագոյրին ետին։ Բայց գիտնանք. պատմութեան մէջ չկայ որեւէ երկիր, որ յաղթած, կամ հողի տիրացած ըլլայ առանց պատերազմի։ Հանդուրժողութիւնը սուգի նշան է։ Դիմանալը մեծագոյն զէնքն է։ Երէկ եւ այսօր՝ Թուրքիոյ հետ պատերազմի մէջ ենք...։ Աթէնք
Շար․ 2 եւ վերջ
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 15
In Russia, Pashinyan Meets With Putin, Attends EEU Summit of. We have already formed the government, which does not envision changes in foreign policy vectors. I confirm my full commitment to Armenia’s international obligations. We expect active cooperation with EAEU partners, based on the practical interests of free movement of goods, services, labor and capital, as well as the introduction of privileged regimes of economic cooperation, which is regulated by the Union law,” Pashinyan said at the EEU summit.
SOCHI, Russia—A day after holding his first cabinet meeting with newly-appointed government officials, Armenia’s Prime Minister Nikol Pashinyan went to Russia where he met with President Vladimir Putin and attended the Eurasian Economic Union summit.
The Armenian Prime Minister expressed hope that the further cooperation of the Eurasian Economic Union member states would be aimed at development, creation of favorable conditions for entrepreneurship and investment, and improvement of living standards of the citizens.
The Pashinyan-Putin meeting took place ahead of the summit. Putin told Pashinyan that Russia considers Armenia a key partner and ally in the region with Pashinyan assuring Putin that Armenia wants to advance and strengthen relations with Russia. “I hope our relations will develop in the same way as they have thus far, we will continue working in international platforms, starting from the UN, where Armenia and Russia have always assisted each other, up to the regional platform, both on economic and security matters,” said Putin, pointing out that Russia is Armenia’s key trade partner and expressed hope that relations and cooperation between the two countries will multiply. “The only issue that is not a subject for discussion is the strategic and allied relations between Armenia and Russia,” said Pashinyan. “I can assure you that there is consensus on this matter in Armenia, and no one has ever questioned—and I hope will not question—the brotherly relations between Russia and Armenia. We have great desire to give new impetus to our relations on the political, commercial and economic spheres. We hope to develop our ties at the military-technical level,” added Pashinyan, who also commented on the large number of Russian tourists who visit Armenia. Pashinyan also applauded Russia’s balanced stance on Armenia’s domestic political front, saying that Russia’s “constructive position” toward the recent internal changes in Armenia has been well received within Armenia’s political circles and the public at large. While in Sochi, Pashinyan attended the Eurasian Economic Union summit, where Pashinyan also pledged Armenia’s full-fledged support for the alliance, which includes Armenia, Russia, Belarus, Kyrgyzstan and Kazakhstan. “As it is known peaceful transition of power has taken place in Armenia, which I think you are well informed
On the sidelines of the summit, Pashinyan met with Chairman of the EEU Board and Armenia’s former prime minister, Tigran Sargsyan. Armenia’s Deputy Prime Minister Tigran Avinyan, Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan, Armenia’s Ambassador to Russia Vardan Toghanyan, assistants to Pashinyan, Varuzhan Nersesyan, Ruben Rubinyan and foreign ministry advisor Armen Ghevondyan attended the meeting from the Armenian side. When Pashinyan arrived in Sochi he was greeted by supporters at the Armenian Church in the Russian coastal city. Pashniyan was surrounded and greeted with applause and jubilation. He thanked his supporters and said that his government aims to encourage repatriation.
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Alexis Tsipras to Nikol Pashinyan: Armenian-Greek relations will further expand and deepen Prime Minister Alexis Tsipras of Greece has issued a message of congratulations to Nikol Pashinyan on his recent election as Prime Minister of Armenia, and he wished him all the success in this capacity. “Greece and Armenia have strong historical, religious and cultural ties, and our bilateral relations are based on mutual friendship, trust and respect,” reads, in particular, the congratulatory message by the Greek PM. “I am confident that our bilateral strategic relations will be further expanded and deepened during your tenure, and I express our readiness to advance our multifaceted cooperation.”
Turkey Willing to Normalize Relations with Armenia but with Preconditions ANKARA — The Turkish prime minister has said his country is willing to consider an offer by new Armenian leader Nikol Pashinian to establish diplomatic relations and ease tensions between the longtime bitter rivals, but with preconditions. “If Armenia gives up its hostile attitude which it has had for several years, its attitude toward Turkey’s territorial integrity and borders, if it is giving up all its wrong attitudes…and it wants to open a new page, we will give the response looking at the details relating to this,” Prime Minister Binali Yildirim told reporters in Ankara on May 11. “We do not want to be hostile to anybody, especially our neighbors. If such an approach is taken, we will naturally evaluate it in the interests of our country,” he said, adding that the government’s principle is “to increase friendships and diminish hostility.” Prime Minister Nikol Pashinian on May 9 said his country is ready to establish diplomatic ties with Turkey “without preconditions.” “Turkey is putting forward preconditions. This demand is illogical because it is illogical to put forward conditions related to a third country in order to establish relations with any country. We do not change our position and we are ready to establish relations without conditions. At the same time, we remain committed to international recognition of the Armenian genocide,” Pashinian said. Armenia and Turkey do not have diplomatic relations and the tense border between the two countries is closed, with Russian troops based in Armenia guarding the frontier. Armenia and Turkey signed a landmark peace accord
in October 2009 to restore ties and open their shared border after a century. However, the protocols have since then not been ratified by Turkey, and Armenia finally scrapped the agreement on March 1. Armenia suspended its ratification following Turkish demands that it first reaches terms over NagornoKarabakh region, a condition that Turkey set to appease its ally Azerbaijan. Azerbaijan feared that it would lose leverage in negotiations to win back Nagorno-Karabakh, which was liberated by Armenian forces in the bloodiest of the ethnic conflicts which followed the 1991 collapse of the Soviet Union.
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 17
Pashinyan Hints New Election Will be Held in 2018 in a position to block key bills drafted by Pashinyan’s government. The premier was asked by reporters about fresh elections as he walked from one ministry building to another to present newly appointed members of his cabinet to their staffs. “We will discuss that,” he said. “I think this year,” he replied when asked about possible election dates.
YEREVAN (RFE/RL)—Prime Minister Minister Nikol Pashinyan suggested that fresh parliamentary elections sought by his political team will be held in Armenia later this year. Pashinyan demanded the conduct of such elections immediately after tens of thousands of his supporters demonstrating in the streets of Yerevan forced his predecessor Serzh Sarkisian to resign on April 23. Observers believe that he and his political allies would win them by landslide. Sarkisian’s Republican Party of Armenia holds the majority of seats in the current parliament. It is therefore
The idea of snap polls is supported in principle not only by Pashinyan’s Yelk alliance but also the two other parliamentary minority factions: the Tsarukyan Bloc and the Armenian Revolutionary Federation. Both groups have received ministerial posts in the new government. The Republican Party of Armenia’s position on the issue remains unclear. Senior representatives of the formerly ruling party have only signaled that it will likely approve the Pashinyan government’s policy program which will be submitted to the National Assembly by the end of this month. Pashinyan seemed confident about the program’s approval by lawmakers. But he at the same time warned: “I also think that nobody should succumb to a temptation to wrongly interpret the political situation.”
Pashinian Invites Renowned Economist Daron Acemoglu to Restore Armenia’s Economy nian wrote on Facebook. Acemoglu was born in Turkey to Armenian parents, but since has moved to the United States and now holds U.S. citizenship. He has previously criticized the former Armenian government for high level of corruption and ineffective economic policy as the country has long been suffering from underdevelopment.
YEREVAN – Prominent Economist Daron Acemoglu, professor at the Massachusetts Institute of Technology (MIT), has agreed to provide his assistance in restoring Armenia’s economy after the country was hit with a wave of anti-government protests, newly-elected Armenian Prime Minister Nikol Pashinyian said on Sunday. “I just had a phone conversation with widely known economist of Armenian origin Daron Acemoglu. He said that he is ready to help Armenia in the issue of restoring and developing the economy. Mr. Acemoglu has accepted the invitation to visit Armenia,” Pashi-
He was the recipient of the “2017 Rahmi M. Koç Medal of Science” for his “distinguished contributions to the economic realm globally,” and his name has repeatedly been mentioned as a candidate for the Nobel Prize in economics.
Էջ 18
Հայ Կեանք
Defense, foreign ministers visit Armenia’s border in Nakhijevan
Armenia’s defense minister David Tonoyan and minister of foreign affairs Zohrab Mnatsakanyan have visited Armenia’s south-western border in the direction of Nakhijevan, defense ministry spokesperson Artsrun Hovhannisyan said on Facebook. “By getting to know the tactical situation on sport, the two ministers discussed the specificities of border direction service with the commanding staff of the military base. Minister David Tonoyan ordered the commanding staff to be constantly alert, not give in to any provocations, however to prevent any advancement of the adversary in the severest way,” Hovhannisyan said
Turkey jails human rights activist with Armenian roots for social media posts
A Turkish court has put Rozerin Zeri, a human rights activist of Armenian origin, in pretrial detention due to her social media posts deemed to be “propaganda on behalf of a terrorist organization,” the Stockholm Center for Freedom reveals. According to a tweet posted by Acun Karadag, a history teacher who was fired with a government decree issued by the Turkish government in the aftermath of a controversial coup attempt on July 15, 2016, Zeri was put behind bars late on Saturday because of Facebook posts that are critical of the Turkish government. “Rozerin Zeri. She was arrested today due to her so-
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Turkish Parliament rejects Armenian Genocide recognition bill submitted by Garo Paylan
A draft law submitted by Peoples’ Democratic Party (HDP) Istanbul MP Garo Paylan to the Grand National Assembly of Turkey for the “Recognition of Armenian Genocide”, “Removal of the Names of Genocide Perpetrators from Public Places” and “Amendment to Turkish Citizenship Law” has been rejected by the Parliament Speaker’s Office, Bianet reports. In the rejection letter signed by Parliament Speaker Ismail Kahraman, the draft law submitted by Garo Paylan has been described as “rude and hurtful” and the statements of Paylan have been referred to as “insult to your own country” and “against our national consciousness and history.” In the letter, it has been stated, “The statements in the draft law have been considered to be hurtful as per the Article No. 67 of the Internal Regulation on the grounds that they accuse the Republic of Turkey as well as the history and shared past of the Turkish Nation and they charge the Turkish Nation with committing a crime of genocide.” On April 20, 2018, (HDP) Chair Garo Paylan submitted a bill to the Grand National Assembly of Turkey, requesting the recognition of Armenian Genocide, removal of the names of genocide perpetrators from public places and an amendment to the Turkish Citizenship Law cial media posts. She is the mother of a sick child. What kind of crime could she commit with a single tweet? She is innocent. What’s with the hurry? What are you trying to do? Enough is enough!” Karadag tweeted. The Turkish government has investigated thousands of social media accounts and taken legal action against hundreds of them since the start of a Turkish military operation in Afrin province in Syria. The Turkish Interior Ministry announced on February 26 that 845 people who criticized the Afrin operation on social media and participated in activities critical of it had been taken into custody.
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 19
50 Members of Israeli Investigation launched Parliament endorse bill by Article 301 of Turkish recognizing Penal Code against Armenian Genocide Garo Paylan for using “Genocide” word
The initiative for Israel’s official recognition of the Armenian genocide is gaining momentum at an impressive pace, according to Israel Radio. The bill, initially submitted by MK Itzik Shmuli (Zionist Camp), has been endorsed by no fewer than 50 Members of Knesset from both coalition and opposition parties, Jewish Press reports. The bill was submitted following Turkish President Recep Tayyip Erdogan’s statements against Israel, and has received endorsements from Likud, Zionist Camp, Habayit Hayehudi, Meretz, and Shas. Shmuli’s bill states that the Knesset will officially recognize the Armenian genocide and will mark it on a special annual day. In addition, the bill seeks that Israel also officially recognize the massacre of the Assyrian population, which was also perpetrated by the Turks during the First World War. Some 300,000 were killed by the Turks in that massacre. According to MK Shmuli, “In addition to the fact that many countries have already recognized the Armenian genocide, there is also the fact that there is no point in treating the Turks with special sensitivity in light of the incitement of Turkish President Erdogan against the State of Israel.” Transport Minister Yisrael Katz told Israel Radio on Thursday that “there is no moral impediment to recognizing the Armenian holocaust. Erdogan is carrying out transfers against the Kurds and he should be reprimanded.” A similar proposal was submitted by MK Amir Ohana (Likud). “It is not too late to pursue justice,” Ohana said. “It’s time to officially acknowledge the terrible injustice done to the Armenians. Is it possible that the nation-state of the Jewish people, after all that we have endured, will not recognize it?” Knesset Speaker Yuli Edelstein, who is in France, decided to join the campaign, saying he would do everything in his power to advance the bill as soon as possible and use all the tools available to him.
ARMENPRESS. Investigation has been launched against ethnic Armenian lawmaker of Turkey’s Peoples’ Democratic Party (HDP) Garo Paylan under the Article 301 of the Turkish Penal Code, Evrensel reports. Within the scope of the investigation a request was made to deprive him of immunity. The request, made by Ankara’s Chief Prosecutor’s Office, says Paylan said during an interview with the Armenian Horizon Weekly that “genocide has been committed in Turkey and it still continues”. Turkish professor Aygyun Atar presented a complaint against the ethnic Armenian lawmaker over this statement after which investigation was launched. The request says that Paylan “publicly humiliated the Republic of Turkey and the Turkish government, insulted the president of the Republic”. According to the Article 83 of the Constitution of Turkey, a deputy who is alleged to have committed an offence before or after the election shall not be arrested, interrogated, detained, or tried unless the parliament decides otherwise. Therefore, the Prosecutor’s Office must send a special appeal to the justice ministry, and then the latter will apply to the parliament’s leadership. After submitting the appeal to the parliament’s leadership, the issue is put into discussion at a special committee. After studying the case, the committee prepares a respective report which is put up to a final voting during the parliament’s session. The lawmakers have a right to deliver supporting remarks both at the committee and the parliament’s session. In case of deprivation of immunity, they can appeal to the Constitutional Court. The Article 301 of the Turkish Penal Code considers illegal to insult Turkey, the Turkish nation, or Turkish government institutions
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Hayastan All-Armenian Fund projects in Armenia and Artsakh Sponsored by: All Armenians
On map, please see Hayastan All-Armenian Fund projects in Armenia and Artsakh. For 26 years now, through its wide range of projects the Hayastan All-Armenian Fund has been changing the lives of our compatriots in Armenia and Artsakh for the better. Through our 20 affiliates and partner organizations, operating throughout the world, we have implemented thousands of projects. These initiatives have been made possible with support of people who trusted the Fund and joined the accomplishment of its mission.
New album-documentary book “The 100 Pages of the Rebirth of Armenian Statehood” has been released Ahead of the 100th anniversary of the May Heroic Battles and the declaration of the First Republic of Armenia (rebirth of Armenian statehood), Head of the Department of Modern and Contemporary History of the History Museum of Armenia Seda Galstyan and Lebanese-Armenian repatriate photojournalist Gabriel Panosian have released an album-documentary book entitled “The 100 Pages of the Rebirth of Armenian Statehood”.
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 21
Austrian-Armenian surgeon performing free surgeries in Stepanakert
2018 Western Armenian intensive summer lessons start on the 4th of June. Register now!
The Western Armenian Language Lessons, organized by The Hrant Dink Foundation in partnership with The Gulbenkian Foundation, will start its 2018 Summer intensive course on 4 June and will last till 5 July, 2018. The course will take place in The Hrant Dink Foundation's Anarat Higutyun Building - Istanbul. The language lessons, which are structured based on the Common European Framework of Reference for Languages, will cover 75 hours of coursework, 3 hours per session, every weekday. The participants will learn the Armenian alphabet and simple daily expressions. Upon completion of the intensive course, students can continue the program by enrolling in the higher level courses offered by the Hrant Dink Foundation after the summer. To register, please fill up the below form and deposit the registration fee, 750 TL (VAT included), to the specified bank account. Participants can also pay in cash or by credit card at the Hrant Dink Foundation on the day of the start of the courses at the latest. Bank: T. Vakıflar Bankası/Osmanbey Branch/Branch 6 Account: Hrant Dink Vakfı İktisadi İşletmesi IBAN: TR12 0001 5001 5800 7301 2480 23 For questions: Email: info@hrantdink.org
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
From May 16 to 18, Austrian-Armenian vascular surgeon Ara Oughourlian is performing free vascular surgeries at the Republican Medical Center in Stepanakert. In an interview with Artsakhpress, Ara Oughourlian said he has been visiting Stepanakert and performing vascular surgeries with the local specialists for the past three years. He stated that his goal is to treat clogged vessels without surgical interventions with his colleagues in Artsakh. Oughourlian is scheduled to perform 16 surgeries. Artsakhpress’s interlocutor said the vascular surgeons in Artsakh are already able to perform such surgeries on their own. “Our studies have shown that smoking is the main reason for clogged vessels for over 70% of men. The nicotine in a cigarette destroys the walls of vessels and makes them thin, and this leads to atherosclerosis and clogging of vessels. Vascular diseases mainly emerge after 40,” Oughourlian said. Head of the Angiography Unit of the Republican Medical Center Gevorg Amirjanyan said the Unit performs invasive interventions for the pulses of the lower extremities. According to him, Oughourlian’s last two visits were more instructive for him and the other doctors, and this time, he and the other doctors are performing vascular surgeries under the supervision of the AustrianArmenian surgeon. “It is safe to say that the issue of invasive interventions for pulses of lower extremities is solved, but there may be special cases when there might be a need for the assistance of experienced professionals,” Amirjanyan stated. The hospital’s angiographic device helps perform not only interventions for coronary pulses of the heart, but also various types of other peripheral surgeries. According to the Head of the Angiography Unit, the problem is not as much the devices and tools as much as the right diagnosis of patients in order to know if the patient needs an intervention or an open surgery and which disease requires treatment through medication.
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Meeting of Foreign Ministers of Armenia and Artsakh political consultations and frequent meetings at different levels. In the course of the meeting, the sides discussed the latest developments in the process of exclusively peaceful settlement of the Nagorno-Karabakh issue. The two touched upon the recent contacts on that issue.
On May 19, the meeting between Zohrab Mnatsakanyan and Masis Mayilyan, Foreign Ministers of Armenia and Artsakh, was held in Stepanakert.
The day before, Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan and Defense Minister Davit Tonoyan visited the Headquarters of the Defense Army of Artsakh, where the Commander of the Defense Army, lieutenantgeneral Levon Mnatsakanyan presented the situation in the conflict zone, touched upon implemented and ongoing processes aimed at strengthening the defense system of Artsakh.
The tête-à-tête meeting was followed by talks in an expanded format, with participation of delegations. Welcoming the guest, Foreign Minister of Artsakh congratulated Zohrab Mnatsakanyan on assuming the post of the Minister of Foreign Affairs of Armenia and wished him further success in his important mission. The Foreign Ministers emphasized the importance of continuous and efficient cooperation between the Foreign Ministries of the two countries, holding of regular
We say: Never again!’: Cypriot Parliament’s delegation visits Armenian Genocide Memorial in Yerevan
The delegation led by Demetris Syllouris, president of the Parliament (House of Representatives) of Cyprus, on May 22 visited the Tsitsernakaberd Memorial in Yerevan to pay tribute to the memory of the Armenian Genocide victims, Armenpress reports. The delegation members were accompanied by Vice Speaker of the Parliament of Armenia Eduard Sharmazanov. The Cyprus representatives laid a wreath at the Memorial and flowers at the Eternal Flame. Acting director of the Armenian Genocide Museum-
Institute Gevorg Vardanyan introduced the history of the construction of the Memorial and its symbolic meaning. Demetris Syllouris said the recognition of the Armenian Genocide by Turkey and the whole world, as well as the recognition of each genocide has a historic meaning aimed at preventing similar events in the future. “This is the fight of Armenians. We will always stand by Armenians not only as friends and brothers, but also as a state. It’s a duty not only towards Armenians, but towards the whole humanity so that genocides will never repeat”, Demetris Syllouris said. The Cypriot delegation toured the Genocide Museum and got acquainted with the materials on the Genocide. At the end of the tour a note was left in the Museum’s Honorary Guest Book on behalf of the Cypriot delegation: “We saw yet again, in the humility of a pilgrim, the sufferings of the Armenian people in the hands of barbarity and hatred. We say: Never again!” Cyprus is among the first states that recognized and condemned the Armenian Genocide. It also has adopted a law criminalizing the denial of the Armenian Genocide on April 2, 2015.
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 23
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 140-ԱՄԵԱԿ (1878 - 1945)
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 2018-ը յոբելենական տարի է զանազան մեծանուն գրողներու, այդ շարքին՝ Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի: Վահան Թէքէեանի աշակերտներէն՝ Հայկաշէն Ուզունեանի սոյն յօդուածը իր շահեկանութեան, յոյժ հետաքրքրութեան համար, իբրեւ պատառիկ մը մեծ բանաստեղծին կրթական կեանքէն Մելգոնեան Կրթական Հաստութեան մէջ, կը հրամցնենք «Հայ Կեանք»ի մեր ընթերցողներուն, զայն քաղելով Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսի 1 Յունուար 2018-ի Բացառիկ հատորէն, որ նուիրուած է անմահանուն Մեծն Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին: Տեղին է յայտնել, թէ «Ծաղիկ»ի կազմակերպութեամբ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Պէյրութի մէջ, անցած 7 Ապրիլին: «Հայ Կեանք»
ՀԱՅԿԱՇԷՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն Յակոբ Օշականի մեկնումէն յետոյ, 1934-1935 տարեշրջանին Վահան Թէքէեանը հրաւիրուեցաւ Հաստատութիւն՝ որպէս հայերէն լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ: Տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեանը կը սիրէր Հաստատութեան մէջ ունենալ հայ անուանի մտաւորական դէմքեր՝ վարկ ու հմայիչ փայլք մը տալու համար Հաստատութեան: Թէքէեան պիտի գար Գահիրէէն: Անոր ժամանումէն առաջ, Գրիգոր Կիրակոսեան աշակերտութեան յայտարարեց լուրը, յիշելով Թէքէեանի արժանիքները, շեշտելով հայ ապրող մեծագոյն բանաստեղծին որակաւորումը, անոր քաղաքական գործիչի անբասիր հանգամանքը, առանց մոռնալու անցեալին Փարիզի եւ Պոլսոյ մէջ իրենց բարեկամական
կապերը: Կիրակոսեանի այս դրուատալից յայտարարութենէն առաջ մենք արդէն Օշականէն յաճախ լսած էինք Թէքէեանի անմահութեան մասին, ընթերցումներ ըրած անոր հատորներէն, նոյնիսկ արտասանած անոնցմէ: Ուրեմն, մեր երեւակայութիւնն ու միտքը անհամեմատելի պատկեր մը սկսած էին գծել Թէքէեանի շուրջ, որ մեր մէջ ամէն օր կը մեծնար, կը հերոսանար եւ մեզ անհամբեր կը դարձնէր իր ժամանումով: Երբ յայտարարուեցաւ Թէքէեանի ժամանման օրը, բոլոր աշակերտները՝ դասարաններու պատուհաններուն դիմաց իրարու յենած, կամ աթոռներու վրայ բարձրացած, կամ Հաստատութեան դիմացը պուրակներուն մէջ խռնուած անհամբեր կը սպասէին Թէքէեանի ժամանումին: Որքան կ'ուշանար՝ ա՛յնքան կը մեծնար, ա՛յնքան առասպելական կը
Կեդրոնը՝ տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան ․ կողքին՝ Վահան Թէքէեան եւ Մելգոնեանի ուսուցչական կազմը։
Շարունակութիւնը էջ 24
Վահան Թէքէեան Կիպրոսի մէջ․ (1934-1935)։
Էջ 24
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Շարունակութիւն էջ 23-էն
պահերուն, խաղերու կամ մարզանքի ընթացքին:
դառնար անոր անձը ու կը ճզմէր մեր հետաքրքրութիւնը, կը յոգնեցնէր մեզ:
Ուսանողներս շուտով անդրադարձանք թէ Թէքէեան ծանրօրէն խոժոռ էր՝ որպէս հիւանդ մարդ. կը տառապէր թոքերէն եւ իր առողջական վիճակը պէտք ունէր մեծ խնամքի՝ զայն աւելի չվատթարացնելու համար: Ան յաճախ կը բացակայէր դասերէն, եւ տնօրէն ու աշակերտութիւն կ'ըմբըռնէինք անոր վիճակը:
Վերջապէս հասաւ ժամանման պահը: Թէքէեան՝ բարձրահասակ, ուղիղ ու ձիգ հասակով, բարեկազմ, խոժոռ դէմքով ու մութ ակնոցներով իջաւ ինքնաշարժէն, դիմաւորուեցաւ եւ գիրկընդխառնուեցաւ Կիրակոսեանին հետ ու անոնք առանձնացան տնօրէնութեան սենեակը: Մեր երեւակայութեան ստեղծած պատկերներէն քիչ մը յուսախաբ՝ բայց ուրախ էինք, որ հայ մեծագոյն բանաստեղծը յաջորդ քանի մը օրերուն մեր մէջ, մեր շուրջը, մեր դասարաններուն մէջ պիտի ըլլար, եւ գրեթէ իրեն հպելու, իր հետ շփուելու մտերմութեան մէջ պիտի ըլլայինք: Այս բոլորը կը գոհացնէր մեր ակնկալութիւնները: Թէքէեան բնակեցաւ Հաստատութեան մէջ, ուսուցիչներու յատուկ շէնքը, որ խաղավայրին դիմաց կանգնած էր եւ ուրկէ կրնար միշտ դիտել աշակերտ-աշակերտուհիները՝ անոնց ազատ
Իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ՝ ան չէր հաւաքեր մեր շարադրութեան տետրակները, այլ՝ դասարանին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտի կարդացնել կու տար անոր շարադրութիւնը եւ սրբագրութիւնը կ'ընէր բերանացի՝ տեղւոյն վրայ, աշակերտի՛ն իսկ միջոցաւ: Անգամ մը այսպէս պատահեցաւ շարադրութեան մէկ դասապահին: Երբ չէինք ակնկալեր որ Թէքէեան դասարան ներկայանար, ան եկաւ՝ անակնկալի բերելով բոլորս: Հանդարտ՝ ինչպէս միշտ էր, նստեցաւ ուսուցչական գրասեղանին առջեւ եւ հրաւիրեց աշակերտ մը Շարունակութիւնը էջ 25
Հայկաշէն Ուզունեանի դասարանը՝ 1935-ին․ նստած ձախէն՝ Ռուբէն Պալասանեան, Նուպար Փարթամեան։ Երկրորդ շարէ նստաշ ձախէն՝ ուսուցիչ Լեւոն Այվազեան, տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան, Վահան Թէքէեան, ուսուցիչ Առաքել Պատրիկ։ Երրորդ շարք ձախէն՝ Պերճ Թիլպեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Վարդգէս Տիւլկէրեան, Անդրանիկ Սարգիսեան, Դաւիթ Աւետիսեան, Յովսէփ Բրուտեան, Հայկ Մահտեսեան։ Չորրորդ շարք՝ Փայլակ Ահարոնեան, Սահակ Ճանճիկեան, Վահան ․ ․ ․ , Գրիգոր ․ ․ ․ , Յարութիւն Գասպարեան, Երուանդ Քերքեզեան։
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 25
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Շարունակութիւն էջ 24-էն
(որուն անունը այժմ կը յիշեմ, նոյնպէս Վահան էր) որ կարդայ գրած շարադրութիւնը: Անշուշտ, շարադրութեան նիւթը Թէքէեան տուած էր նախապէս: Չար բախտ. աշակերտ Վահան մտածելով որ Թէքէեան այդ օր եւս կրնայ բացակայիլ՝ չէր պատրաստած շարադրութիւնը. բայց առանց շփոթելու ան բացաւ տետրակը եւ ճերմակ էջին վրայ սկսաւ կարդալ չգրուած շարադրութիւնը: Պատահեցաւ որ ան նախադասութիւն մը քերականական կոպիտ սխալով մը արտասանեց: Թէքէեան ընդհատեց ընթերցումը եւ հրահանգեց վերստին կարդալ նոյն նախադասութիւնը: Այս անգամ աշակերտը տարբեր շարադրանքով մը կարդաց նախադասութիւնը: Թէքէեան պահ մը շփոթած՝ խնդրեց երրորդ անգամ կարդալ նոյն նախադասութիւնը: Աշակերտը շուարած՝ երրորդ անգամ, երրորդ տարազով մը կարդաց նոյն նախադասութիւնը: Թէքէեան այլեւս չկրցաւ համբերել. ելաւ տեղէն, մօտեցաւ աշակերտին, ձեռքէն առաւ տետրակը ու տեսաւ... ճերմակ էջերը: Այդ պահուն սոսկալի վախի զգացում մը պատեց մեզ, բոլորս: Թէքէեան այլակերպած էր. հասկցած էր որ աշակերտը խաղցած էր ուսուցիչին ճակատագրական հիւանդութեան հետ ու չէր պատրաստած պարտականութիւնը. աւելին, փորձած էր ծիծաղիլ՝ ուսուցիչին յաճախակի բացակայութեամբ ստեղծուած անհաճոյ կացութեան վրայ: Քանի մը վայրկեան լուռ տառապելէ վերջ, ան սեւ ակնոցները հանեց աչքէն, սրբեց թաց աչքը ու յանկարծ ինքզինքէն ելած այնպիսի ջղագարութեամբ մը պոռաց աշակերտին վրայ, որ Հաստատութեան ամբողջ աշակերտութիւնը դուրս ելաւ շփոթած: Գրիգոր Կիրակոսեան շտապեց եկաւ մեր դասարանը, տեսնելու համար թէ ի՞նչ դժբախտ պատահար տեղի կ'ունենայ. բայց մինչ այդ Թէքէեան ձգած ու մեկնած էր արդէն եւ հեռացած մեր շէնքէն՝ երթալ հանդարտութիւնը գտնելու իր սենեակին մէջ: Այս պատահարէն յետոյ Թէքէեան քանի մը օր մուտք չգործեց աշակերտական շէնքը, մինչեւ որ հանդարտած՝ օր մը վերադարձաւ ու չափազանց տառապալից քանի մը ամիս եւս անցուց Հաստատութեան մէջ ու դպրոցական շրջանի աւարտին վերադարձաւ Գահիրէ՝ «Արեւ»ի խմբագրատան իր առանձնասենեակին մէջ իր տառապանքը ապրելու, գրելու իր ծանրաբարոյ խմբագրականները, որոնց ամէն մէկը հայ ազգային կեանքի ցաւագին հարցերուն շուրջ բարոյախօսական լուրջ վերլուծումներ ու առաջարկներ էին: Թէքէեան երբեք չգործածեց վիրաւորիչ ու արատաւոր լեզու. մնաց իր բանաստեղծութեան նման՝ հոգեկան անմրցելի բարձրութեան վրայ, նոյնիսկ երբ կը գրէր իր գաղափարի հակառակորդներուն մասին կամ անոնց դէմ:
Թէքէեան նախապէս եւս տեսած էր հայ որբերը ու ապրած անոնց հետ՝ երբ Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ որպէս քննիչ ղրկուած էր յունական Գորֆու կղզին՝ հոն ապաստանած ու Միութեան կողմէ խնամուող եւ հայ որբերուն մատուցուող կենցաղային դժգոհութիւնները քննելու համար, եւ իրապէս խռոված՝ ան շատ վրդովիչ տեղեկագիրներ ղրկած էր Միութեան կեդրոնատեղին: Այն ատեն էր որ 1923-ին, գրեց իր շատ գեղեցիկ ու յուզիչ բանաստեղծութիւններէն մէկը՝ «Որբերուն Ձեռքերը», որ կրնար գրուած ըլլալ նաեւ Մելգոնեանի՛ մէջ՝ իր կարճատեւ կեցութենէն ետք, ուր դարձեալ շրջապատուած էր որբերով: Կ'ըսուի, թէ Թէքէեան երբ բանաստեղծութիւն մը գրէր, ամիսներով, երբեմն տարիով զայն կը պտըտցնէր գրպանը: Ամէն անգամ որ կարդար՝ կը սրբագրէր զայն: Ու երբ ընդունէր թէ ստեղծագործութիւնը հասած է կատարելութեան՝ ա՛յն ատեն միայն զայն կու տար հրատարակութեան: Թէքէեան շիջեցաւ 1945-ին, Գահիրէ, 67 տարեկանին, մինակութեան մէջ, իր սենեակին մէջ, թոքատապէ տառապելով, մերժելով իր բարեկամներուն եւ իրեն հիացողներուն գթասրտութիւնը: Հպարտ էր ան ու անհասանելի՝ հոգեկան իր բարձրութեան վրայ՝ ինչպէս իր բանաստեղծութիւնը: Իր տոկուն նկարագիրին համար յաճախ գժտուեցաւ իր բարեկամներէն ե՛ւ ընկերներէն, բայց մնաց մի՛շտ վստահելի, գաղափարի մարդը, մինչեւ իր մահը: «Ծաղիկ», 1 Յունուար 2018 Բացառիկ – Պէյրութ
ՈՐԲԵՐՈՒՆ ՁԵՌՔԵՐԸ Կ'ելլէ ճաճանչ մը կարծես այս անհամար ձեռքերէն... Ձեռքե՛ր՝ մեծցած մինակնին, ո՛չ շատ, դեռ թոյլ, դեռ անմեղ, Դեռ ոչ ոքի չըխառնած կամ չըխըզած վատօրէն Բախտին թելերը ձեռքե՛ր, սիրակարօտ, սիրազեղ... Ձեռքե՛ր՝ հազի՜ւ թէ յիշող ջերմութիւնն հօր մը ափին Որ զոյգն իրենց կը ծածկէր երբոր թաթիկ էին դեռ. Տախտակներու վըրայ չոր,ձեղուններու տակ ցրտին Հիմա սառող քովէ քով՝ հայ որբերու ո՜րբ ձեռքեր... Անոնք երբեմըն այստեղ կը խըլըրտին գաղտնապէս, Անոնք բըռունցք կ'ըլլան մերթ, կը զարնըւին իրարու, Կ'ըլլան դրօշակ, կը բացուի՜ն Յաղթանակին վազելու... Կը խըլեն գիրքը անոնք կատաղօրէն, հացի պէս... Մարդոց ոճիրը զանոնք զերդ մէյ մէկ սուր է դարբնած... Դուն ջրդեղէ՛, կարծրացո՛ւր միայն զանոնք, կա՛րծր Աստուած...: ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ Գորֆու, 1923
Էջ 26
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի յանձնախումբի աշխատանքային հանդիպումը
Պիտի նշուի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեայ յոբելեանը
Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանը մերժած էր քննարկել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նոյնպէս քննարկման մերժումի ենթարկուած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը: Անցնող ամիսներուն, յիշեալ դատական հայցը շարունակելու վճռակամութենէն մղուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած էր թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ թրքական իրաւական հարցերու ծանօթ մասնագէտներու հետ եւ յանգած էր այն որոշումին, որ նոյն դատական հայցը՝ որոշ բարեփոխումներով, պէտք է ներկայացնել Թուրքիոյ նախադատ ատեանին: Այս որոշումէն մեկնած, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, աշխատանքային հանդիպում տեղի ունեցաւ իրաւական յանձնախումբի կարգ մը անդամներու միջեւ: Իսկ իրաւական յանձնախումբի լիակատար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, երբ պիտի ճշդուի դատը թրքական դատարան ներկայացնելու գործընթացը:
2018 թուականին կը լրանայ Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրման 1400-ամեայ յոբելեանը: Օրհնութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստեղծուած է յոբելեանական ձեռնարկներու կազմակերպման յատուկ յանձնախումբ` նախագահութեամբ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի: Ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ այս տարի պիտի տօնախմբուի Մայիս 28-ին: Տօնին` ժամը 10:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր թափօրով Ս. Հռիփսիմէ վանք պիտի տարուին Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող սուրբ Հռիփսիմէ կոյսի մասունքները: Նոյն օրը` ժամը 11:00-ին, վանքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, ապա պիտի կատարուի նաեւ Անդաստանի արարողութիւն: Սրբազան մասունքով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը:
Կարօ Փայլան պիտի մասնակցի Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ մէջ, 24 Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը կրկին պիտի առաջադրուի՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան կողմէ: Ի տարբերութիւն, սակայն, 2015 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու, ուր Փայլանը առաջադրուած էր Պոլսոյ մէջ, այս անգամ անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի Տիարպէքիրի
մէջ: Նախորդ՝ 2015 թուականի Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու որպէս արդիւնք թրքական խորհրդարանը ունէր 3 հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանը, քեմալական Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած իրաւաբան Սելինա Տողանը եւ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած հայ լրագրող Մարգար Եսայեանը: Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութիւնը հրապարակած էր իր թեկնածուներու ցուցակը, ուր Սէլինա Տողանի անունը չկար: Ինչ կը վերաբերի Մարգար Եսայեանի հնարաւոր առաջադրման, ապա այդ պարզ կ’ըլլայ իշխող կուսակցութեան կողմէ ցուցակներու հրապարակումէն յետոյ:
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 27
Լեզուաբանական
Ուղղագրութեան պատմութիւն(Ա) ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Հ
ամաշխարհային երկրորդ պատերազմին Անգլիա յարաբերաբար քիչ զոհ տուաւ՝ բաղդատած Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Խորհրդային Միութեան... սակայն անոր տնտեսական կորուստները կը գերազանցէին բոլորինը, քանի որ շրջափակուած կղզի մը ըլլալով՝ ան ամբողջովին կը մատակարարուէր արտաքին աշխարհէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն, ուրկէ հասնող նպաստին 70–80 տոկոսը կը փճացուէր գերմանական սուզանաւերուն կողմէ եւ որուն դիմաց, սակայն, ան հարկատու էր եւ պարտական կը մնար մինչեւ վերջին դահեկանը: Ի հետեւումն՝ պատերազմի աւարտին Անգլիա հաստատեց խնայողական շատ խիստ կարգեր. օրինակ՝ միջին անգլիացին, որ պատերազմի նախօրեակին գոնէ 15 հաւկիթ կ’ուտէր շաբաթական, ստիպուեցաւ միայն երկու հատ ուտել, այդքան միայն կրնային ուտել նաեւ թագուհին եւ վարչապետը. կամ թէ օրական միայն մէկ շերտ շաքար կրնար սպառել, եւ այդքան միայն կը սպառէին թէ՛ նաւահանգիստի բեռնակիրները, թէ՛ Լորտերու տունի եւ թէ՛ Պաքինկամի պալատի բնակիչները: Տնտեսականհ համատարած տագնապի այդ ծանր օրերուն Ճորճ Պեռնար Շո նամակ մը յղեց կառավարութեան՝ անոր առաջարկելով երկրին տնտեսութիւնը առաւելագոյնը մէկ տարիէն դարմանելու «գործնական» միջոց մը... Եւ ի՞նչ էր այդ միջոցը: Ան կ’առաջարկէր բարեփոխել անգլերէնի ուղղագրութիւնը՝ դուրս բերելով զայն իր աւանդական անհեթեթ կացութենէն եւ հնչիւնագիր դարձնել զայն, ինչպէս են իտալերէնը, յունարէնը, գերմաներէնն ու ռուսերէնը: Այլ խօսքով՝ Շեյքսպիրի լեզուն գրել այնպէս ինչպէս կ’արտասանուի ան, եւ անկէ զեղչել չարտասանուող աւելորդ տառերը, օրինակ՝ չգրել though (6 տառ), որ ոչ մէկ արտասանութեան կը համապատասխանէ, այլ գրել do (2 հնչիւն), այսինքն՝ ճիշդ ինչպէս կ’արտասանէ զայն անգլիացին, այնպէս ալ միւս հարիւրհազարաւոր բառերը: Այսպէսով,– կ’եզրակացնէր մեծ թատերագիրը,– պիտի խնայուին առասպելական գումարներ, որոնք կը մսխուին աւելորդ գրաշարութեան, թուղթի, մելանի, ժամանակի եւ այլնի հետեւանքով: Այս նամակը գրեց...ու մոռցաւ զայն: Սակայն պետութիւնը չմոռցաւ զինք: Ատեն մը ետք ան ստացաւ պատասխան մը, որուն մէջ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնուէր իրեն, կը գնահատուէին իր հայրենասիրութիւնն ու ազգային ոգին, ինչպէս նաեւ հայրենիքին տնտեսական տագնապը լուծելու իր անկեղծ մտահոգութիւնը: Եւ տակաւին... իրաւունք ալ կը տրուէր այս մեծ
գրագէտին, թէ նման առաջարկ մը կրնար իրապէս փրկել Անգլիոյ տնտեսութիւնը: «Բայց»,– կ’աւելցնէր այդ նոյն նամակը,– «մենք պիտի չհետեւինք այդ միջոցառումին, որովհետեւ փրկելով տնտեսութիւնը՝ պիտի կործանած ըլլանք անգլիական ամբողջ մշակոյթը»: Անշուշտ կարելի է հիանալ միայն այն խոր յարգանքին համար, որ անգլիացին ունի իր ուղղագրութեան, բայց նաեւ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ: Որքա՜՜՜ն ուսանելի դասեր կան, որոնք սակայն դժուար թէ քաղուին այն գլխակորոյս յորձանքին մէջ, ուր կը գտնուին արեւմտահայ ուղղագրութեան, լեզուին եւ մշակոյթին սպասարկուները: Եւ ուրեմն այդպէս ալ անգլերէնի ուղղագրութիւնը «չբարեփոխուեցաւ»: Եւ ան, ֆրանսերէնին հետ, կը կազմէ աշխարհի երկու ամէնէն անհեթեթ ուղղագրութիւնները. չմոռնանք, ֆրանսերէնն ալ պակաս չէ. սա իր կարգին կ’ըսէ il z’été (չորս հնչիւն) եւ կը գրէ ils étaient (10 տառ), իսկ ֆրանսերէնը իր կարգին իրավիճակէն յովտ մը իսկ փոխելու տրամադիր չէ եղած: Այս այսպէս ըլլալով՝ ո՞ւր կը գտնուինք մենք՝ հայերս: ***
Հ
այերէնի ուղղագրութեան հիմնադիրը Մեսրոպ Մաշտոցն է, միջնադարեան կարգ մը բարենորոգիչներ եւ... ժամանակը: Վաստակի արդար բաժին մըն ալ ունին անոր մէջ Մխիթարեանները, յատկապէս նոյն ինքն Մխիթար Սեբաստացին եւ իր անմիջական գործակիցները: Այս բոլորին արդիւնքը այն եղաւ, որ յառաջացաւ ուղղագրութիւն մը, որ կատարելապէս հնչիւնագիր էր, այսինքն՝ կը գրուէր ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ’արտասանուէր... դասական հայերէնը: Գրաբար ուղղագրողին համար, եթէ թելադրողը եւ նոյնինքն ուղղագրողը իրապէս կը ճանչնան դասական հայերէնի արտասանութիւնը, ոչ մէկ դժուարութիւն կրնար ներկայացնել հայերէնի ուղղագրութիւնը: Գրաբարը կ’արտասանէր ser ու կը գրէր սեր, կ’արտասանէր seyr ու կը գրէր սէր: Մինչ աշխարհաբարը ասոնց երկուքն ալ կ’արտասանէ ser, եւ գրողը պիտի որոշէ, թէ ինչպէ՛ս արձանագրէ իւրաքանչիւրը: Գրաբարը կ’արտասանէր հօt ու կը գրէր հոտ, կ’արտասանէր հavt եւ կը գրէր հաւտ (որ է հօտ): Մինչ աշխարհաբարը հաւասարապէս կ’արտասանէ հօd, եւ գրողը պիտի զանազանէ զանոնք: Եւ դեռ գրաբարը կը զանազանէր բ-փ, գ-ք, Շարունակութիւնը էջ 28
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Ուղղագրութեան պատմութիւն Շարունակութիւն էջ 27-էն
դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, ռ-ր, հ-յ զոյգերը, մինչ աշխարհաբարը նոյն ձեւով կ’արտասանէ ասոնք. օրինակ՝ բակ-փակ, գող-քօղ, դուր-դուռ-թուր, անձաւ-անցաւ, կարգ-կառք, ջինջ-(ո)չինչ, համր-յամր արտասանական տարբերութիւն չունին (գոնէ արեւմտահայուն համար), եւ հէգ աշակերտը, ուսուցիչը, խմբագիրը, գրագէտը պիտի որոշեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գրել ասոնք, հմտութիւն մը, որ շատ քիչերուն վիճակուած է, մինչ արեւմտահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հեռու է անոր տիրապետելէ: Ծանօթ.– Այստեղ պարտիմ անմիջապէս աւելցընել, որ արեւելահայուն համար այս դժուարութիւնները անհամեմատօրէն նուազ են, քանի արեւելահայերէնը կը զանազանէ վերը յիշուած բաղաձայնական զոյգերը, որոնք ընդհանուր առմամբ շփոթի առարկայ չեն: Կան անշուշտ բացառութիւններ: ***
Ա
յս բոլորը կը միտին թելադրելու, ցայտուն դարձնելու, որ մենք՝ աշխարհաբարեաններս,– իմա՝ արեւմտահայերս,– կը կիրարկենք ուղղագրութիւն մը, որ յղացուած չէ աշխարհաբարին՝ մեր արդի լեզուին համար: Մեր կիրարկածը՝ գրաբարի ուղղագրութեան մէկ նմանակն է պարզապէս: Այլ խօսքով՝ մեր ուղղագրութիւնը նոյնքան անհեթեթ է, որքան անգլերէնինն ու ֆրանսերէնինն են, անշուշտ տարբեր տեսանկիւններէ մօտեցած: Բայց հետեւանքը նոյնն է: Այս անհեթեթ կացութիւնը (որուն ծովածաւալ գրականութիւն մը նուիրուած է 19-րդ երկրորդ կէսին)[1] լուծել փորձեց Մանուկ Աբեղեանը: Աբեղեան երկու փորձ կատարած է: Ան 1890ականներուն հրապարակ հանեց ուղղագրական ուղեցոյց մը, որ օրին որդեգրուեցաւ հաւասարապէս արեւելահայերու թէ արեւմտահայերու կողմէ: Այս առաջին փորձը կը հիմնուէր դասական հայերէնի ուղղագրութեան վրայ, եւ ուրեմն Աբեղեան դասական հայերէնի ուղղագրութիւնն էր որ փորձեց միօրինականացնել: Արդիւնքը գոհացուցիչ չըլլալուն՝ ան 1913-ին, գիրերու գիւտի 1500-ամեակի տօնակատարութեանց առթիւ, ապա քիչ մը աւելի ուշ՝ 1922ին, հրապարակ հանեց աւելի հիմնական ուղղագրութիւն մը, որ յղացուած էր միմիայն աշխարհաբարի համար (նկատի ունէր արեւելահայ աշխարհաբարը): Արդիւնքը եղաւ արեւելահայ արդի ուղղագրութիւնը, որ թեթեւօրէն վերանայուեցաւ 1940-ին՝ բաղդատած Աբեղեանի առաջին՝ 1922-ի թողարկումին: Սփիւռքը,– հասկնալ՝ արեւմտահայութիւնը,– մերժեց զայն ու շարունակեց եւ կը շարունակէ կառ[1] Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Սիրաք Գիւլբուդաղեանի մէկ կոթողական աշխատութեան, որ կը կոչուի «Հայերէնի ուղղագրութեան պատմութիւն», Երեւան, 1975:
չած մնալ այն հասարակաց ուղղագրութեան, որ մեր ժողովուրդի երկու թեւերը կիրարկած են մինչ այդ: Ա՛յն, որ մենք կը կոչենք «Մեսրոպեան ուղղագրութիւն» կամ «աւանդական ուղղագրութիւն», որ հաւանաաբար աւելի ճիշդ եզր մըն է: ***
Ճ
իշդ ո՞ւր է այս երկու ուղղագրութեանց տարբերութիւնը: Աբեղեանի ուղղագրութիւնը կը բնորոշուի իր համապատասխանութեամբ՝ արդի հայերէնի արտասանութեան հետ, իր պարզութեամբ եւ ուղղագրական սկզբունքներու միօրինակութեամբ: Այսպէս է, քանի ան յղացուած է գործող լեզուի մը հիմամբ: Եթէ յաջողինք զայն սերտել առանց նախապաշարումի, ապա պիտի նկատենք, որ այս ուղղագրութեան յօրինումին առթիւ Աբեղեան հաւատարմօրէն հետեւած է Մեսրոպի սկզբունքներուն եւ ամենայն բարեխղճութեամբ յարգած է զանոնք: Նոյնիսկ որոշ չափով գերազանցած է զայն: Եւ ինչպէս որ Մեսրոպ յաջողած էր հնչիւնագիր անբեկանելի ուղղագրութիւն մը տալ իր ժամանակակիցներուն, Աբեղեան իր կարգին յաջողած է տալ արեւելահայ աշխարհաբարի հնչիւնագիր մէկ ուղագրութիւնը, որ իր կարգին անբեկանելի է եւ յղացուցած ու գործադրուած է գիտական ամենաբարձր մակարդակով: Պայմանաւ, որ իւրաքանչիւրը դիտենք ի՛ր պարունակին մէջ, ի՛ր ծիրէն ներս: ***
Ի
նչո՞ւ ազգին կէսը մերժեց Աբեղեանի ուղղագրութիւնը, եւ ուրեմն ո՞ւր էր անոր «թերութիւնը»: Եթէ մենք ընդմիշտ գիր ու գրականութիւն ունեցած չըլլայինք եւ հարկ ըլլար հնարել զայն 1922ին, եւ առ այս դիմէինք Մեսրոպ Մաշտոցին (եւ ոչ՝ Մանուկ Աբեղեանին), ապա պիտի անվարան նկատէինք, որ Մեսրոպի յղացած ուղղագրութիւնը պիտի կատարելապէս նոյնանար Աբեղեանի հնարած ուղղագրութեան հետ՝ անոր բոլոր մանրամասնութեանց մէջ: Այլ խօսքով՝ 1922-ին Մեսրոպ պիտի ընէր ճիշդ այն, որ ըրաւ Աբեղեան: Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ՝ մենք հաւանաբար երբեք ալ պիտի չյաջողինք իւրացնել Աբեղեանի ուղղագրական համակարգը, բացի եթէ ան պարտադրուի իշխանութեան մը կողմէ, ճիշդ ինչպէս պարտադրուեցաւ 1922-ին մեր արեւելահայ կէսին՝ օրուան համայնավար իշխանութեան կողմէ. այլապէս արեւելահայութիւնը իր կարգին անկարելի է, որ ընդունէր նոր ուղղագրութիւնը՝ այն բոլոր տարբերութիւններով, որ ան կը բովանդակէր՝ յարաբերաբար աւանդական ուղղագրութեան: Այսպէս է, քանի որ ուղղագրութիւնը շատ աւելի աչքի ու մտքի զոյգ վարժութեանց հարց է, քան թէ գիտական դատողութեան: Շարունակութիւնը էջ 29
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 29
Ուղղագրութեան պատմութիւն Շարունակութիւն էջ 28-էն
Այս վարժութեան քով մնացեալ բոլոր նկատողութիւնները կը նսեմանան ու կ’իմաստազրկուին: Բազմահազար օրինակներէն միայն մէկ բառի հիմամբ բացատրեմ միտքս. արեւմտահայը կ’արտասանէ ու կը գրէ հովուել-կը հովուեմ, արեւելահայը կ’արտասանէ ու կը գրէ հովվել-կը հովվեմ: Ինչպէս կը նկատենք, նոյն արտասանութիւնը գտած է գրային երկու տարբեր մեկնաբանութիւն: Եւ ըսելու պէտք չկայ, թէ արեւելահայուն գրածը շատ աւելի հարազատ է արտասանութեան՝ իր զոյգ վվ-ով, քան արեւմտահայերէնի վու-ն, որ արուեստականօրէն միայն վվ կ’արտասանուի: Եթէ մենք պատմականօրէն չունենայինք հովուել-ը, ապա 1922-ին ոչ մէկուն միտքէն պիտի անցնէր զայն վու-ով գրել, եւ ամէն հայ պիտի բնական գտնէր, որ բառս գրէինք հովվելկը հովվէր: Բայց ահա կայ այդ պատմական փաստը, աւանդութիւնը, որուն հիմամբ եւ յիշողութեամբ ամէն չափահաս արեւմտահայու աչքն ու ձեռքը պիտի փնտռեն կը հովուէր-ը՝ ի բաց վանելով կը հովվէր գրելու ամէն առաջարկ ու հաւանականութիւն: Այստեղ պէտք է շեշտեմ չափահաս բառը, որովհետեւ իմ ակնարկած բոլոր դժուարութիւններս կը վերաբերին չափահասին, իր ետին ուղղագրական աւանդոյթ մը ունեցող հայուն, այլապէս եթէ վաղը եւեթ մեր անգրաճանաչ մանուկներուն ուսուցենք հովվել-կը հովուէր համակարգը, ան ոչ մէկ խորթութիւն պիտի զգայ, տակաւին չըսելու համար, նորահաս սերունդները շատ աւելի դիւրին պիտի իւրացնեն կը հովվէր-ը, քան այսօր կ’իւրացնեն կը հովուէր-ը[2]: Աբեղեան իր նոր ուղղագրութեան մէկ բացատրականին մէջ ըսած է, թէ ինք այս բարեկարգումը (իր բառով՝ réforme-ը) չափահասներուն,– որ է՝ գրաճանաչներուն,– համար չէ՛ ըրած, այլ նոր սերունդին համար, եւ ճիշդ կը մտածէր ան,– ինչպէս միշտ ճիշդ մտածած է,– քանի նոր սերունդը ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցաւ որդեգրելու նոր ուղղագրութիւնը: Այնպէս ալ յաջորդ սերունդն ու սերունդները, որոնց համար գոյութիւն ունի ուղղագրական միայն մէ՛կ աւանդոյթ, այն է՝ արեւելահայ արդի ուղղագրութիւնը, որուն անոնք նոյնքան սերտ կառչած են, որքան արեւմտահայը կառչած է աւանդականին, եւ այս՝ հոգեբնախօսական այն նոյն պատճառներով, որոնց ակնարկուեցաւ վերը: Չհաշուած այդ ուղղագրութեան անսահման դիւրութիւնը, որուն գիտակցութիւնը չունի արեւելահայը, քանի որ անծանօթ է աւանդական ուղղագրութեան եւ անոր յարուցած դժուարութիւններուն: Եւ ահա ճիշդ այս հակադիր դաւանութեան մէջ ալ կը կայանայ արեւելահայ-արեւմտահայ ուղղագրական երկւութեան լուծումի դժուարութիւնը, [2]«Պայքար»-ի խմբագիրն ու Պարոյր Աղպաշեանն ալ պիտի ազատէին հաշուոյն գրելու տաղտուկէն:
քանի որ կողմերը հաւասար ուժգնութեամբ կառչած են իրենց իւրացուցած տարբերակին, դժուարութիւն, որ բոլորովին հոգեբանական է եւ ուր լեզուաբանական տեսական բացատրութիւնները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Իսկ այս կացութեան մէջ մեծագոյն կորսնցընողը միասնական ուղղագրութեան գաղափարն է, միասնութիւն, որ իրաւունքն է ամէն լեզուի, բայց նաեւ ամէն ժողովուրդի: Մեզի ծանօթ չէ այլ ժողովուրդ մը, որ երկու ուղղագրութիւն ունենայ: ***
Ա
յս մերժելի (եւ ամօթալի) կացութեան լուծում մը բերելու ոչ մէկ լուրջ ու գործնական քայլ առնուած է անցնող հարիւր տարիներուն: Խորհըրդային կարգերու օրով արդէն կարելի չէր հարցը արծարծել, իսկ անկախութեան 25 տարիներուն, հակառակ տեղի ունեցած քանի մը տասնեակ համազգային խառն համագումարներուն, նմանապէս սեղանի վրայ չդրուեցաւ ուղղագրութեան օրակարգ մը: Նկատելի է բացայայտ խուսափում մը արեւելահայ պատկան մարմիններու կողմէ, որոնք չեն ուզեր ուղղագրութեան հարց արծարծել, ինչ որ կը նշանակէ՝ չեն ուզեր աւանդական ուղղագրութեան վերադառնալ: Այս տուեալներու հիմամբ կ’ուրուագծուի երեք դիրքորոշում. ա) Արեւմտահայութեան հայեցողութեամբ՝ ուղղագրական միասնութիւնը կրնայ իրականանալ արեւելահայերու վերադարձով աւանդական ուղղագրութեան: բ) Արեւելահայութեան համար այդ միասնութիւնը կրնայ իրականանալ հայրենի ուղղագրութեան որդեգրումով արեւմտահայութեան կողմէ: Այսպէս կը մտածէ անոր գոնէ բացարձակ մեծամասնութիւնը, իսկ անդին կայ շատ աննշան փոքրամասնութիւն մը, որ համաձայն է վերադառնալու աւանդական ուղղագրութեան: գ) Կը գտնենք երկուստեք որոշ թիւով մտածողներ, որոնք կը թելադրեն յառաջացնել համախոհական նոր ուղղագրութիւն մը, որ զերծ ըլլայ Աբեղեանի ծայրայեղութիւններէն, միաժամանակ հրաժարի աւանդական ուղղագրութեան կարգ մը ժամանակավրէպ երեւոյթներէն, եւ որդեգրէ երկուքին լաւագոյն տարրերը: Հաւանական է, որ ի վերջոյ յաղթանակէ այս վերջին առաջարկը: Այս ուղղութեամբ կրնան գտնուիլ այլազան նախասիրութիւններ, ուստի եւ բերուիլ այլազան առաջարկներ: Եւ պէտք է անոնց պատրաստուիլ հիմակուընէ: Եթէ, անշուշտ, գոյութիւն ունին նման հոգ մը ստանձնելու ատակ եւ տրամադիր արեւմտահայեր:
25Էջ 30
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Հայ Կեանք
Անփոխարինելի կորուստ․․․
18 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէին, հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Փերիսթերիի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ եւ շրջակայքը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու բոլորին սիրելի ու յարգանքի արժանացած՝ Վաղինակ Գալայճեանի անակնկալ մահուան առիթով որ պատահած էր՝ 16 Մայիսին: Ներկայ էին հայկական աւանդական երեք կուսկցութիւններու ղեկավարները, յարանուանութեանց, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ատենապետներ եւ վարչական անդամներ ու ներկայացուցիչներ: Յունահայոց թեմի Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգեշնորհ Տ. Խորէն վրդ. Առաքելեան, վերջի հրաժեշտի իր լիասիրտ խօսքին մէջ, պատշաճօրէն ներկայացուց ննջեցեալին խարնուածքի առաքինի բոլոր յատկութիւնները: Յիշեց՝ Վաղինակի բարձր պարգեւատրումը Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանով ՝ Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, իր նուիրումին, նիւթական եւ բարոյական սատարման համայնքիս Ս․ Աստուածածին եկեղեցուոյ եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռին հանդէպ տածած յարգանքին առընթեր՝ նուիրական բազմատեսակ գործունէութիւններուն համար: Նշեց նաեւ ՀՀ ՊՆ կողմէ ստացած շքանշանները, Յունաստանի Ռազմական Բարցրագոյն Կրթարանին մէջ հայ ուսանող սպաներուն ի նպաստ տարիներու հոգատարութիւնը ու օժանդակութիւնը։
Էջ 31
Հազուագիւտ լուսանկարներ. Ի՞նչպէս հայերը ապրած են մինչեւ ցեղասպանութիւնը
Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ հայերու կենցաղն ու մշակոյթը պատկերած հազուագիւտ լուսանկարներ հրապարակուած են IWitness ամերիկեան կրթական հարթակին վրայ: Այս մասին կը գրէ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի կայքը: Լուսանկարները հրապարակուած են «Project SAVE Armenian Photograph Archives» («Փրկեցէ՛ք հայկական լուսանկարներու արխիւը») նախագիծին շնորհիւ: Ատոր նպատակը ինչպէս արխիւային, այնպէս ալ հայերու ժամանակակից լուսանկարները հաւաքել, փաստագրել, պահպանել եւ հանրութեան ներկայացնելն է: 70 լուսանկարի առաջին հրապարակումը կը լրացնէ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու վկայութիւնները: Այդ լուսանկարները կը պատմեն նախքան Ցեղասպանութիւնը հայերու տնտեսական բարգաւաճման, հալածանքներու եւ բռնութեան ժամանակ անոնց տոկունութեան մասին: Ռութ Թովմասեան «Project SAVE»-ը հիմնած է Շարունակութիւնը էջ 32
«Հայ Կեանք» պարբերականի խմբագիր եւ որպէս ննջեցեալին տարիներու անկեղծ բարեկամ՝ Տիգրան Ապասեան, ուղղեց հրաժեշտի իր վերջին խօսքը: Ան մէջբերելով Շէյքսբիրի դատերական ներկայացումի յարաջաբանը ի միջի այլոց ըսաւ.«Աշխարհը բեմ է, մարդիկը դերասան, կը խաղան իրենց դերը ու կ’անցնին կ’երթան» աւելցնելով որ «շատ կարեւոր է թէ ի՞նչ անուն կը ձգենք այս անցաւոր աշխարհէն հեռանալէ ետք եւ Վաղինակը տիպար Մարդու, ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին նուիրուած Մարդու օրինակն է, որուն միշտ պիտի յիշենք»։ Համայնքը ամբողջ երախտագիտութեամբ յաւէրժ պիտի յիշէ Վաղինակ Գալայճեանի անունը: Լուսաւոր եւ պայծառ դրախտներու արժանանալու վստահութեամբ՝ հրաժեշտ կուտանք Վաղինակին մեր մէջ դրոշմուած իր բարութիւնը, համեստութիւնը, իմաստութիւնը եւ անոյշ ժպիտը: Մխիթարութիւն բոլոր հարազատներուն: Խ․ Հ․ Ա․
Էջ 32
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018
Քննարկուած են Երեւանի մԷջ կայանալիք տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի կազմակերպման առնչուող հարցեր Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալեանսի (WITSA) նախագահ Իւոն Չունը եւ գլխաւոր քարտուղար Ճիմ Փոյզանթը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 2019 թուականին Երեւանի մէջ կայանալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի (World Congress on Information Technologies-WCIT) կազմակերպման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ ունի զարգացման մեծ ներուժ: Տիկին Չուն իր հերթին նշած է, որ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալեանսը շահագրգռուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ:
Նախագահ Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լուիզ Սիմոն Մանուկեանին
Նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ յղածէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի պատուաւոր անդամ, բարերար տիկին Լուիզ Սիմոն Մանուկեանին՝ ծննդեան 85-ամեակի առթիւ։ Ուղերձին մէջ ըսուած է․
Հազուագիւտ լուսանկարներ. Ի՞նչպէս հայերը ապրած են մինչեւ ցեղասպանութիւնը Շարունակութիւն էջ 31-էն
1975 թուականին: Այդ ընդարձակ եւ բազմազան հաւաքածոն աւելի քան 45 հազար լուսանկար
«Սիրելի Լուիզ, Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ ծննդեան տարեդարձի առթիւ: Դուք հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բարեգործական աւանդոյթների լաւագոյն շարունակողն եք: Որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի անդամ՝ Դուք շարունակական ներդրում եք ունեցել հայրենիքի համար կենսական նշանակութեան ոլորտների զարգացման գործում: Բարձր գնահատանքի են արժանի Ձեր ծանրակշիռ յանձնառութիւնները Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնում՝ ի շահ հայութեան: Ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը մշտապէս բարձր է գնահատուել թէ՛ մայր հայրենիքում եւ թէ՛ սփիւռքում: Մաղթում եմ Ձեզ առողջութիւն եւ երկար տարիների երջանիկ կեանք»: կը պարունակէ: Լուսանկարները կը պատկերեն հայրենիքի եւ օտարութեան մէջ ապրող հայերու կեանքի բոլոր կողմերը եւ կ’ընդգրկեն 1860-էն մինչեւ մեր օրերը ինկած ժամանակահատուածը: Նախագիծի համակարգողները նպատակ ունին աշխարհին ներկայացնել հայերու բազմադարեան մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը քաջալերեն իրենց լսարանին հաւաքածոյի լուսանըկարները օգտագործել ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար: