Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 12(49)
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Սարդարապատի յուշահամալիրի շուրջ մեծ շուքով տօնուեցաւ Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի պետականութեան հաստատման 100-ամեակը
Հայ Կեանք
Էջ 2
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
«Յաղթանակի դարը» Սարդարապատի մէջ
News in Pages 15-20 “Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ
Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերուն հետ մասնակցած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած` «Յաղթանակի դարը» խորագիրը կրող տօնակատարութեան: Վարչապետը ծաղկեպսակ դրած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Զօրահանդէսի մասնակիցները ողջունելէ եւ Պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ յետոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարի ուղեկցութեամբ ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ կատարած է զինուորական սարքերու ստուգատես: Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ ցուցադրուած էին հայկական զինուժի ինչպէս գերճշգրիտ, գերժամանակակից, այնպէս ալ թանգարանային նմուշի զինատեսակներ, որոնք մասնակցած են Սարդարապատի հերոսամարտին: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է զինուորական շքերթ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին: Շքերթը կը ներկայացնէր պետականութեան հարիւր տարուայ երեք ռազմական յաղթանակները: Ձեռնարկին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առթիւ:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 3
Հայ ժողովուրդը յոյսը կը դնէ իր եւ ոչ թէ ուրիշներուն վրայ. Փաշինեանը կը բացայայտէ Սարդարապատի եւ մերօրեայ յաղթանակներու բանաձեւը
Հայ ժողովուրդի յաղթանակի բանաձեւը սեփական ուժերու վրայ յոյսը դնելու եւ յաղթանակին հաւատալու մէջ է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Իր խօսքով՝ ամէն անգամ հայ ժողովուրդը յաղթած է, երբ որոշած է, որ պէտք է յաղթէ, երբ հաւատացած է ինքնիրեն: «Մենք յաղթել ենք եւ յաղթելու ենք բոլոր այն դէպքերում, երբ որոշենք յաղթել, երբ յոյսը դնենք մեր եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, երբ չընկրկենք որեւէ դժուարութեան առաջ, սիրենք, անսահման սիրենք մեր հայրենիքն ու միմեանց, չփորձենք մեր ներանձնական շահերը կապել սեփական ժողովրդի ու պետութեան վզին, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի գիտակցի, որ տէր է սեփական երկրում, ոչ թէ հպատակ»,- ըսաւ վարչապետը: Ան նկատեց, որ տիրոջ այդ զգացումը ոչ միայն իրաւունք է, այլեւ պարտականութիւն, որպէսզի հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնին եւ հայրենակիցներուն վերաբերինք յարգանքով ու արժանապատուօրէն։ «Հենց այսպէս Սարդարապատի յաղթանակից ուղիղ 100 տարի անց 2018-ի Ապրիլ-Մայիսին հայ ժողովուրդը տարաւ իր հերթական փառահեղ յաղթանակը՝ սեփական իշխանութիւնը հաստատելով սեփական հայրենիքում: Այդ յաղթանակը նոյնքան անհնար էր թուում: Շատերը մինչ օրս հարցեր են տալիս՝ ինչպէս դա պատահեց ու ինչու: Պատասխանը հետեւեալն է՝ հայ ժողովուրդը յոյսը դրեց իր եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, հայ ժողովուրդը հաւատաց ինքն իրեն, վստահեց իր ուժերին ու ապագային: Հայ ժողովուրդը պէտք է յաղթեր, քանի որ իր երակներում հոսում է Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի հերոսների արիւնը՝ Արամ Մանուկեանի արիւնը, Թովմաս Նազարբեկեանի արիւնը, Մովսէս Սիլիկեանի արիւնը, Դանիէլ Բեկ-Փիրումեանի արիւնը»,- աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետի դիտարկմամբ՝ ընդամէնը երկու տարուան կեանք ունեցած Առաջին Հանրապետութիւնը հիմք դրաւ երրորդ հանրապետութեան հիմնադրման, քանի որ Առաջին Հանրապետութեան գոյութեան շնորհիւ էր, որ Հայաստանը Խորհրդային միութեան կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ որպէս միութենական լիարժէք հանրապետութիւն: «Այս կարգավիճակի շնորհիւ էր նաեւ, որ Հայաստանը կարողացաւ անցնցում դուրս գալ ԽՍՀՄ կազմից ու ստանալ միջազգայնօրէն ճանաչուած անկախ երկրի կարգավիճակ: Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրումը պսակուեց երրորդ հանրապետութեան հռչակմամբ, փառաւորուեց Արցախեան պատերազմում մեր ժողովրդի տարած յաղթանակով, աշխարհահռչակուեցաւ ոչ բռնի թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեամբ»,- աւելցուց ՀՀ վարչապետը: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հռչակուած է 1918 թուականի Մայիս 28-ին Մայիսեան հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատէն, ԲաշԱպարանէն եւ Ղարաքիլիսայէն ետք:
Թոմ Քաթինան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր
2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, ամերիկացի միսիոներ, բժիշկ Թոմ Քաթինան, որ իր գործունէութիւնը կ՛իրականացնէ Սուտանի հարաւի Նուպա լեռներուն մէջ` ըլլալով 750 հազար բնակիչի միակ վիրաբոյժը, Յունիս 4-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ այցելած Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Թոմ Քաթինան Հայաստան ժամանած է` մասնակցելու 2018 թուականի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման հանդիսաւոր արարողութեան եւ ատոր նախորդող յատուկ ձեռնարկներուն:
Էջ 4
Հայ Կեանք
Գոհաբանական մաղթանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ վարչապետին «ՌԱԿ-ի համար Հայրենի ժողովուրդին ապահովութիւնը ամէն նկատառումէ վեր է». Սերխիօ Նահապետեան
Մայիս 28-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Տրդատի բաց խորանին կատարուեցաւ Գոհաբանական մաղթանք Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով: Առաջին անգամ Հայ Եկեղեցուոյ մէջ այն կատարուած էր Երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե․ Սուրենեանց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, 28 Մայիս 1919-ին` Հանրապետութեան մէկամեայ տարեդարձին:
Մաղթանքի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, ազատամարտիկներ եւ բազում հաւատաւոր հայորդիներ: Հանդիսաւոր թափորը Մայր Տաճարի առջեւէն, աւետաբեր տօնական զանգերու ղողանջներու ներքեւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին առաջնորդեց դէպի Բաց խորան, ուր սկսաւ Գոհաբանական մաղթանքը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ծնրադիր աղօթեց Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղու-
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի 28 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը շնորհաւորեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Լեւոն Պըլըխեան եւ Սեւակ Յակոբեան: ՌԱԿ-ի անունով ընկ. Նահապետեան յոյս յայտնեց, որ նորընտիր վարչապետը պիտի կարենայ իրագործել իր կատարած խոստումները ի նպաստ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին ու այս առնչութեամբ յաջողութիւն մաղթեց պարոն Փաշինեանին: Ընկ. Նահապետեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ յարգելի վարչապետի բարեփոխումներու ծրագիրները պիտի կարենան նպաստել Հայաստանի աւելի եւս զարգացման ու անոր ժողովուրդին բարօրութեան: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդմանը, ՀՀ նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, արտագաղթի խնդիրին եւ Հայ ժողովուրդը յուզող այլ հարցերու: Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ նոր վարչապետին ծանօթացնելու ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան տեսակէտը ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ արձանագրուած նոյնանուն կուսակցութեան մը, որուն դէմ ՌԱԿ դատական հայց ներկայացուցած է Հայաստանի իրաւական մարմիններուն մօտ: թեան եւ անսասանութեան համար: Արարողութեան աւարտին Գարեգին Բ․ Վեհափառ Հայրապետը տօնի եւ 100-ամեայ յոբելեանի առիթով իր պատգամը ուղղեց համայն հայութեան:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 5
Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը տօնախմբէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան յաղթական հարիւրամեակը 1918
-ի Մայիսի 28-ը կը խորհրդանշէ մեր պատմութեան հերոսական այն պահը, երբ հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակները, համախմբուելով հայրենասէր զինուորական ղեկավարութեան շուրջ եւ անսալով օրուան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ի ի զէն հնչած հայրենաշունչ կոչին, յաղթահարեցին շարք մը քաղաքական, զինուորական եւ շրջանային բարդ զարգացումներ, որոնք ի վերջոյ յանգեցան Սարդարապատի վճռորոշ ճակատամարտին մէջ իրագորուած յաղթանակին: Հակառակ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդի լայն զանգուածը կոտորակուած, տեղահան եւ թշուառ կացութեան մէջ կը գտնուէր՝ Համաշխարհային Ա. Պատերազմին, Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսական Յեղափոխութենէն ետք Անդրկովկասեան տարածաշրջանին մէջ կատարուած վերադասաւորումներուն պատճառով, հերոսամարտի յաղթական արդիւնքով ծնունդ առաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Ասիկա բացառիկ երեւոյթ էր 1375-ին Կիլիկիոյ Թագաւորութեան անկումէն ի վեր, երբ hայութիւնը կորսնցուցած էր իր անկախ պետականութիւնը: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որ այդ ժամանակ յարաբերաբար երիտասարդ կազմակերպութիւն էր, կենսական դեր կատարեց շնորհիւ իր ղեկավարութեան հասունութեան: Միութեան հիմնադիր նախագահը՝ Պօղոս Նուպար Փաշան, այդ օրերուն կը գլխաւորէր Ազգային Պատուիրակութիւնը, որ յետ-պատերազմեան կարգադրութիւններու վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէր դաշնակից ուժերուն հետ, հայկական նահանգները Օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրելու նպատակով: Իր նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր Հայկական կամաւորական Լեգէոնը, որ հերոսաբար կռուեցաւ ֆրանսական դրօշին տակ: Միութիւնը, շնորհիւ իր մասնաճիւղերու լայն ցանցին, կազմակերպեց գաղթականներու օգնութեան ու վերաբնակեցման եւ որբահաւաքի ու խնամատարութեան լայնածաւալ գործունէութիւն Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի նորանկախ հանրապետութենէն ներս, աւելի ետք նաեւ կազմակերպելով հայրենադարձութեան շարժումը, երբ Հայաստան մաս կազմեց Խորհրդային Միութեան: Մայիս 28-ի պատմական կարեւորութիւնը խորապէս ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է զայն դիտել ժամանակի լայն ոսպնեակին տակ: Այսօր մենք կրնանք աւելի յստակօրէն գնահատել, թէ այս փոքրածաւալ հողատարածքին վրայ հայկական ինքնիշխանութեան հաստատումը, նոյնիսկ երկու տարիներու կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, նոր ուղեգիծ ապահովեց հայ ազգին, մեզ հասցնելով քառորդ դարու մերօրեայ անկախութեան, զորս այժմ կը վայելենք:
Հ.Բ.Ը.Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքով, «Յատկանշական է նաեւ, որ այս hարիւրամեակը կը համընկնի այն պահուն, երբ հայկական պետականութիւնը հասունացման նոր փուլ կը թեւակոխէ, Հայաստանի քաղաքացիներու ազատ կամքի դրսեւորումներով եւ կառավարութեան հետ քաղաքացիական երկխօսութեամբ: Ցուցաբերուած հաւասարակշիռ գործելակերպը հաստատեց, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր բաժինը ունի զօրեղ պետականութեան կայացման մէջ, որով ան կրնայ դիմագրաւել ներքին թէ արտաքին ամէն տեսակի ճնշումներ»։ Թէեւ Առաջին Հանրապետութիւնը կարճատեւ եղաւ, սակայն շնորհիւ իր առաջնորդներու շրջահայեաց խուսանաւումին, ան որպէս երկիր եւ ժողովուրդ պահեց իր գերազանցապէս հայկական դիմագիծը, իբր խորհրդային հանրապետութիւն իր երկրորդ գոյառման 70 տարիներուն: Այսպիսով, ան ճամբայ հարթեց ներկայիս մեր Հանրապետութեան համար, այսօր վերածնած ազատ եւ անկախ ազգային պետականութեամբ: Հ.Բ.Ը.Մ.ը կ'ողջունէ Առաջին Հանրապետութեան ռահվիրաները, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք զոհուեցան պայքարի ճամբուն վրայ, հասնելու համար այն նպատակին, որուն արգասիքը, դար մը անց, հայ ազգը կ'ըմբոշխնէ այսօր: 28 Մայիս 2018 Հիմնուած 1906-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը (www.agbu.org), աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է: Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կըրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ'ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500․ 000 հայեր, աշխարհի տարածքին: Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ անոր համաշխարհային ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
ՌԱԿ շուտով հանդէս Նախագահական պիտի գայ լրագրական նստավայրի մէջ բազմալեզու եւ աւելի տեղի ունեցաւ հասանելի ու ՀՀ կառավարութեան տարածուն ցանցով անդամներու երդման արարողութիւնը
Անցնող շաբաթավերջին, ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Մայր Դիւանի օրերս Հայրենիք այցելող անդամները ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ: Ժողովը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանի ներկայացուցչական գրասենեակին մէջ, որուն մասնակցեցան ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Արեւմտ. Ամերիկայի ՌԱԿ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի վարչական տնօրէն), ընկ. Տիգրան Ապասեան (Աթէնքի ՌԱԿ «Հայ Կեանք» պարբերաթերթի հիմնադիր եւ խմբագրական կազմի անդամ), ընկհի. Տիանա Տէր Կարապետեան (Արժանթինի ՌԱԿ «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր), ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (Հայաստանի «ՌԱԿ Մամուլ» Հիմնադրամի տնօրէնուհի) եւ ընկ. Սեւակ Յակոբեան (Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր): Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ՌԱԿ-ի օրկանները յուզող հարցեր ու ապագայի ծրագիրներ: Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան շնորհած պայմանները եւ մարդուժի ու նիւթականի խնայողութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ աւելի միասնական ու համակարգուած կերպով հանդէս գալու կարեւորութիւնն ու անկէ բխելիք բարիքները՝ ժողովականները որոշեցին Երեւանի մէջ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցչական գրասենեակին մէջ հաստատել միացեալ քարտուղարութիւն մը եւ համակարգումի պատասխանատու պաշտօն յառաջիկային հանդէս գալու համար նաեւ համացանցային միացեալ հրապարակումով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական կայքի՝ RagMamoul.net-ի ընդմէջէն, որով կարելի պիտի ըլլայ ՌԱԿ-ի խօսքը, թերթերն ու լրագրական արխիւը
Մայիս 21-ին նախագահական նստավայրին մէջ, ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը: Ամպիոնին մօտենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընթերցեց երդման գրութիւնը. «Յանուն համազգային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ երդուում եմ բարեխղճօրեն կատարել ժողովրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, հաւատարիմ մնալ Կառավարութեան անդամի բարձր կոչմանը»: Այնուհետեւ հերթով երդուեցին կառավարութեան միւս անդամները: Երդման արարողութեան աւարտին Նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորեց վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն՝ մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ու արգասաբեր աշխատանք ի շահ հայրենիքի եւ ժողովուրդի: Նշենք, որ կառավարութեան երդմնակալութիւնը նորամուծութիւն է Հայաստանի քաղաքական եւ պետական կառավարման կեանքին մէջ: բազմալեզու կարելիութիւններով հասանելի դարձնել աւելի ընդարձակ ցանկով բաժանորդներու եւ ընթերցողներու աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 7
ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը
Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկեց Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը: Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գիրիգորեանը ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուէր. «Սիրով ողջունում եմ ձեզ նոր Հայաստանում եւ յայտնում եմ իմ խորին երախտիքը ձեր ներկայութեան եւ այն աջակցութեան, այն խանդավառութեան ու զօրակցութեան համար, որ դուք ցուցաբերեցիք թաւշեայ յեղափոխութեան կայացման եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներում նրա ողջ ընթացքն ու փիլիսոփայութիւնը պատշաճ ներկայացնելու, լուսաբանելու գործում: Խորհրդանշական էր, որ հենց Հայոց պետականութեան վերակերտման 100-րդ տարեդարձի նախօրէին սկիզբ առած խաղաղ անհնազանդութեան շարժումը համազգային դրսեւորում ստացաւ: Սփիւռքը թեւ ու թիկունք դարձաւ սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեանը, որը յաղթեց ողջ հայ ժողովրդի միասնական կամքով` սկզբնաւորելով ազգային զարթօնքի, Հայոց պետականութեան ամրապնդման, երկրի իմիջը բարձրացնելու նոր փուլ»: «Այս ընթացքն անշրջելի է, մենք միասին ենք կառուցելու իսկապէս արդար, իսկապէս ազատ եւ իսկապէս զարգացող Հայրենիք: Վստահ եմ, որ այս համաժողովը կը դառնայ վերաարժեւորման, մեր խնդիրները անկեղծ ու կառուցողական մթնոլորտում քննարկելու, լուծումներ գտնելու բացառիկ
հարթակ: Եւ, ի վերջոյ կը ձեւաւորուի առողջ ու կենսունակ համահայկական տեղեկատուական դաշտը»,-կ՛ըսուէր Սփիւռքի նախարարի խօսքին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքելեան, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Այնուհետեւ համաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները մինչեւ Յունիս 1, ուր եօթը նիստերու ընթացքին ելոյթներով արծարծուեցան հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը՝ Շարունակութիւնը էջ 8
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը Շարունակութիւն էջ 7-էն
Թաւշեայ յեղափոխութեան արձագանքները մամուլում, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծումը եւ հայ լրագրութիւնը, Հայ լրագրութիւնը Խորհրդային Միութեան տարիներին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը, Հայաստանում եւ Սփիւռքում հայկական մամուլի խնդիրները աւելի մասնաւորուած բաժիններով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթութիւնները,
Գանատացի երեսփոխաններ կառավարութեան կոչ կ’ուղղեն` աջակցելու Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան
Գանատայի պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Հարըլտ Ալպրեխթ Մայիս 24-ին խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առած է Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը` իր երկիրի կառավարութեան կոչ ուղղելով ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հարցին մէջ աջակցելու արցախցիներուն: «Մենք կը նշենք Հայաստանի կատարած նշանակալի քայլերը, բայց Արցախի մէջ տիրող տագնապին շուրջ մտահոգութիւնները կը շարունակեն այժմէական ըլլալ: Արցախի բնակչութեան 80 առ հարիւ-
Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը։ Վերեւի նիւթերու ներկայացման առընդեր տեղի ունեցան հարցումներ, պատասխաններ ու բացատրութիւններ։ Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը ամփոփեց իր եռօրեայ աշխատանքները ուր ելոյթ ունենալով` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն 100-է աւելի լրագրող, որոնցմէ 40-ը գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7 թեմա, ելոյթ ունեցած է 30 մասնակից, յարակից ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկած է 50-է աւելի լրագրող: Զեկուցողը կարեւոր համարեց կազմակերպական եւ բովանդակային ձեւաչափի մշակումը: Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան աշխատանքային խումբի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար եւ նշեց, որ համաժողովը եւս մէկ հանգրուան հանդիսացաւ համահայկական տեղեկատուական հարթակ ստեղծելու ճանապարհին: րէն աւելին թեր քուէարկած է անկախութեան հանրաքուէին: Ցաւօք, Ազրպէյճան անտեսած է հանրաքուէին արդիւնքները եւ յարձակողական կերպով արձագանգած: Հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են տասնեակ հազարաւոր զոհեր, հարիւր հազարաւորներ ալ տեղահանուած են»,-«Հորիզոն»-ին համաձայն նշած է գանատացի երեսփոխանը: Ան մատնացոյց ըրած է Պաքուի կողմէ 2016-ի Ապրիլին, ինչպէս նաեւ ամէն օր կրկնուող զինադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով անմեղ հայ զինուորներ կը զոհուին: Եզրափակելով խօսքը` գանատացի երեսփոխանը հզօր ուղերձ յղած է Գանատայի կառավարութեան` կոչ ուղղելով` «կանգնելու Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին կողքին իրենց գերիշխանութեան իրաւունքի պահպանման մէջ, ինչպէս նաեւ սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային ընտանիքին հետ` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար»: Մայիս 23-ին Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած խօսք արտասանած է նաեւ երեսփոխան Տոն Տէյվիսը: Ան իր գործընկերներուն յիշեցուցած է իրենց ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքարող արցախցիներու` 1991-ին կատարած անկախութեան հանրաքուէի մասին եւ մատնանշած Արցախի բնակչութեան` խաղաղութիւն հաստատելու ձգտումը:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 9
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ REPUBLIC OF WESTERN ARMENIA
Մամլոյ հաղորդագրութիւն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ-ին կեանքի կոչելու եւ իրականացնելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) հաստատումը ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուդրո Վիլսոնի Իրաւարար վճռով սահմանազատուած տարածքի վրայ։ Ամփոփելով 2011-2018 թթ Արեւմտեան Հայաստանի հայերի իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտում իրականացուած աշխատանքները, այդ թուում՝ 1918-1920 թթ. ընթացքում հայ ժողովրդին տրուած իրաւունքների վերաբերեալ իրաւական – քաղաքական միասնական փաթեթը, որը չորս լեզուներով՝ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, թուրքերէն, տեղադրուած է կառավարութեան եւ խորհրդարանի http://gov-wa.info/ http://wa.nt.am կայքերում, «Իրաւական փաթեթ» բաժնում: Ամբողջացնելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերի իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտում կատարուած օրէնսդրական աշխատանքները եւ դրայ արդիւնքում ձեւաւորուած իրաւական – քաղաքական – օրէնսդրական դաշտը, որի եզրափակիչ մասն է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի համաժողովրդական քննարկումը, հանրաքուէն եւ դրա արդիւնքներով Սահմանադրութեան ընդունումը: Ընդունելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերի պետականաշինութեան ոլորտում իրականացուած աշխատանքներն աւարտուած են. ձեւաւորուած են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) նախագահի ինստիտուտը, կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ դրանց իրաւաչափութեան ապահովման գործընթացներն աւարտուած են: Նկատի առնելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) ճանաչել, միացել եւ վաւերացրել է առաւել կարեւոր Հռչակագրերը, Կոնվենցիաները, Միջազգային պայմանագրերը, այդ թուում՝ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը, Մարդու Իրաւունքների Համընդհանուր Հռչակագիրը, «Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ դրա համար պատժի մասին», «Պատերազմի հանցագործութիւնների եւ մարդկութեան դէմ հանցագործութիւնների նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չկիրառելու մասին», «Գաղութացուած երկրներին անկախութիւն շնորհելու մասին», «Պետութիւնների իրաւունքների եւ պարտականութիւնների մասին» Կոնվենցիաները, Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը, «Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերի վերացման մասին» Հռչակագիրը,
«Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին» Վիեննայի կոնվենցիան եւ այլ... Հաշուի առնելով, որ հայ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան գործընթացում եկել է նոր փուլ թեւակոխելու ժամանակը: Որպէս միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ` հանդիսանալով 20-րդ դարի 20-ական թթ. Հայաստան պետութեան անխզելի շարունակողը (continuity) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) ստանձնել է Հայաստան պետութեան բոլոր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները եւ համաձայն` «Պետութիւնների իրաւունքների եւ պարտականութիւնների մասին» Կոնվենցիայի (Մոնտեվիդեոյի Կոնվենցիա) տիրապետում է անհըրաժեշտ յատկանիշների` ա) մշտական բնակչութիւն, բ) որոշակի տարածք, գ) կառավարութիւն, դ) այլ պետութիւնների հետ յարաբերութիւնների մէջ մտնելու ունակութիւն, յայտարարել է իր մշտական, դրական, զինուած չէզոքութիւնը: Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) որոշում է կայացրել դիմել ՄԱԿ-ին անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. Նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրաւարար վճիռը կեանքի կոչելու, իրականացնելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութեան) հաստատումը Իրավարար վճռով սահմանազատուած տարածքի վրայ: Համապատասխան դիմումնագրերը 2018 թ. Մայիս ամսին ուղարկուել են ՄԱԿ:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) Լրատուական Ծառայութիւն 4 Յունիս 2018 թ. Երեւան
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
«Հայաստան» Երեւանի հիմնադրման համահայկական 2800-ամեակի հիմնադրամը կը մշակէ ձեռնարկներուն նուիրուած յառաջիկայ 25 տարիներու Yerevan2800.am կայքը գործունէութեան տեսլականը
Կը նախատեսեմ, որ մշակուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան տեսլականը յառաջիկայ 25 տարիներու համար: Այս առաջարկը հնչեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ: Հիմնադրամի հերթական այս նիստը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ին Երեւանի մէջ:
«Նիստում հնչեցին մի շարք առաջարկութիւններ հիմնադրամի գործունէութիւնն աւելի բարելաւելու ուղղութեամբ: Կարծում եմ, որ պէտք է այսօրուայ քննարկումների, առաջարկութիւնների վրայ հիմնուելով, ներկայացնել 2 փաստաթուղթ: Մէկը պէտք է վերաբերի հիմնադրամի կանոնադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելուն, որովհետեւ իրականութիւնը փոխուել է, Հայաստանն այժմ խորհրդարանական պետութիւն է: Առաջարկում եմ, որ միւս փաստաթուղթը վերաբերի հիմնադրամի գործունէութեանն յառաջիկայ տարիների համար: Այսինքն՝ հասկանանք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հիմնադրամն առաջ շարժուի յաջորդ 25 տարուայ ընթացքում: Ես ակնկալում եմ, որ այդ առաջարկութիւն-
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- «Երեւան 2800» մշակութային հիմնարկին կողմէ պատրաստուած է եւ սկսած է գործելու Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակի ձեռնարկները ծանուցող պաշտօնական կայքը՝ (https:// www.yerevan-2800.am/hy): Yerevan2800.am-ը կը գործէ չորս լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:
ները կը լինեն համարձակ, նպատակաուղղուած այն խնդրին, թէ ինչպէ՞ս լաւացնենք եւ բարելաւենք հիմնադրամի գործունէութիւնը»,-«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ըսաւ ՀՀ նախագահը: ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան նոյնպէս առաջարկութեամբ հանդէս եկաւ՝ կապուած բարեգործութիւնը հարկերէ ազատելու հարցին: «Մենք կարող ենք քայլ անել, եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առումով օրէնքի ուժով ընդունենք մօտեցում, որ այն գործարարները, որոնք կ՛իրականացնեն բարեգործական նուիրատուութիւն, ապա այդ մասով կ՛ազատուեն հարկից: Կարծում եմ կառավարութեան դա կարելի է քննարկել»,-ըսաւ Արա Բաբլոյեան:
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Էջ 11
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԽՐԱՀՌՉԱԿ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 110-ԱՄԵԱԿ (1908 Յուլիս)
1908-Ի ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂԱՆՔԸ Դոկտ. ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ
Հ
« աւասարութեան» եւ «արդարութեան» արեւմտեան գաղափարները անյարիր էին մահմետականթրքական գերիշխանութեան պահպանումին, ու թրքական յաջորդական կառավարութիւնները տեւաբար խուսափեցան անոնցմէ: Բայց, այդ գաղափարները կը յառաջացնէին հակամարտութիւն ստեղծող ուրիշ երես մըն ալ: Էական էին անոնք. եթէ թրքական կառավարութիւնները կը ձգտէին իրենց կայսրութիւնը պահելու, հարկ էր չկորսնցնել Եւրոպայի ընդհանրութեան լուսաւորեալ հանրային կարծիքը: Հակառակ եւրոպական դիւանագիտութեան անկայունութեան՝ որ նպաստաւոր էր Թուրքիոյ համար, թուրք «հայրենասէրներ» չէին կրնար անտեսել դիրքորոշումի փոփոխութիւնը՝ մասնաւորաբար Բրիտանիոյ մէջ, այն պետութեան, որ իրենց երկրին զօրաւոր կերպով նեցուկ կանգներ էր թէ՛ 1856-ին եւ թէ՛ 1878-ին: «Դժուար պիտի ըլլար բրիտանացի ժողովուրդը մղել պաշտպանելու կառավարութիւն մը, զոր այնքան լիովին կ'ատէր ան»,- գրեց Լորտ Սոլզպըրին (1830 – 1903, Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է երեք անգամ, «Ծ.»), 1897-ին, յանգելով այն մռայլ եզրակացութեան, թէ օսմանեան կայսրութիւնը պիտի կազմալուծուէր՝ եթէ Թուրքիա չբարեփոխուէր: Սոլզպըրին թելադրեց Ցարին, թէ բարեկարգումներ պէտք էին որ պարտադրուէին Սուլթանին, եւ եթէ վերջինը մերժէր՝ հարկ էր որ ան գահընկէց ըլլար: Թուրքիոյ մէջ հաԼորտ Սոլզպըրի ճութեամբ չդիտուեցան թէ՛ Ռըվալի մէջ կայացած խորհրդաժողովը եւ թէ՛ 1907-ի համաձայնագիրը, որ կնքուեցաւ՝ Թուրքիոյ նեցուկ Բրիտանիոյ եւ անոր հին ու անողոք թշնամի համարուած Ռուսիոյ միջեւ: Ահմէթ Էմինի համաձայն, Երիտթուրքերը այն տպաւորութիւնն ունեցան, թէ իրենց երկրին հանդէպ վերաբերմունքը պիտի
ըլլար անկենդան որսի մը հանդէպ եղածին նման, եթէ արագ միջոցներ ձեռք չառնուէին անոր դէմ: 1908-ի յեղափոխութիւնը գլխաւորաբար թելադրուած էր արտաքին սուր վտանգներէ: Հետեւաբար, ազգայնական յեղափոխութիւն մըն էր անիկա: Ատոր գլխաւոր նպատակակէտն էր փրկել օսմանեան պետութիւնը եւ ապահովել ատոր գոյատեւումը: Բացայայտօրէն ստորադասուած էին ատոր ազատականութիւնն ու սահմանադրականութիւնը՝ հետապնդուած ազգայնական նպատակներուն: Երիտթուրքերը, սակայն, աղիտալիօրէն ձախողեցան՝ կայսրութեան քայքայումը եւ անդամահատումը կեցնելու իրենց նպատակներուն մէջ: Անմիջապէս ետք, Աւստրիան իրեն կցեց Պոսնիան եւ Հերցեկովինան: Պուլկարիան իր ամբողջական անկախութիւնը յայտարարեց: Իտալիան գրաւեց ափրիկեան Թրիփոլին: Ալպանիոյ մէջ ջախջախուեցաւ Թուրքիոյ իշխանութիւնը: Վերջապէս, Պալքանեան լիկան գրեթէ դուրս քշեց Թուրքիան Եւրոպայէն: Թուրքիա կորսնցուց ընդամէնը մօտ 424.000 քռկ. մղոնի տարածութեամբ երկրամաս մը: Խոցուած էր անիկա ու կողոպտուած: Հետեւաբար, անիկա ամրօրէն կառչեցաւ Անաթոլիային: Երիտթուրքերը չկրցան նաեւ փրկել իրենց երկիրը Եւրոպայի մեծ պետութիւններուն տնտեսական ստրկութեան իր դիրքէն. «Թուրքիոյ արգիլուած է այսօր վայելել բոլոր անկախ պետութիւններուն շնորհուած իրաւունքը, իր եկամուտները աւելցնելու՝ անուղղակի տուրքի դրութեամբ...»: Այսպէս յայտարարեր էր Հանրային պարտքի մատակարարումի (վարչակալական) խորհուրդին բրիտանացի նախագահը, Սըր Էտըմ Պլոք, 1907-1908-ի իր մասնաւոր տեղեկագիրին մէջ: Մինչեւ Ապրիլ 1907, թրքական մաքսատան տուրքերը 8% էին: Պետութիւնները յետոյ հաւաներ էին 3%-ի յաւելումի մը (այսինքն՝ 11%-ի բարձրացումի), բայց ոչ՝ թրքական կառավարութեան կողմէ խնդրուած 4%-ի յաւելումի մը եւս: Տնտեսական այս ենթակայութիւնը սկսեր էր 19-րդ դարու կիսուն: 1879-ին, օսմանեան կառավարութիւնը ստիպուեր էր, սնանկութեան ու ելեւմտական քաոսի պատճառաւ, եկամուտի վեց աղբիւրներ տրամադրել ազգային պարտքի մարումին, եւ անոնց հաւաքումը յանձնել եւրոպացի ներկայացուցիչներու կողմէ ղեկավարուած Հանրային պարտքի խնամակալութեան: Թուրքիա տեւաբար կը տառապէր եկամուտի պակասէ: Պատերազմէն անմիջապէս առաջ, անիկա կը նկատուէր «գրեթէ սնանկ» պետութիւն մը: Այս կացութիւնը իր տնտեսութիւնը դիւրին որսի կը վերածէր՝ մեծ պետութիւններու Շարունակութիւնը էջ 12
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
1908-Ի ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂԱՆՔԸ Շարունակութիւն էջ 11-էն
կողմէ տիրապետումի եւ նոյնիսկ շահագործումի համար: Սըր Ըռնէսթ Գասըլ հիմներ էր եւ կը վերահըսկէր Թուրքիոյ ազգային դրամատունը: Պաղտատի եւ Մուսուլի վիլայէթներու քարիւղի հանքահորերուն վրայ բացարձակ իրաւունքներ ունեցող թրքական քարիւղի ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 75%-ը կը պահուէր բրիտանական ձեռնարկութիւններու մօտ: Վիքըրս եւ Արմսթրոնկ, թրքական կառավարութեան հետ միասին, սեփականատէրն էին նաւակայքերու, զինարաններու եւ նաւային շինութեանց օսմանեան կայսերական ընկերութեան: Ըռնէսթ Էպըթ ամէնէն ազդեցիկն էր Այտընի վիլայէթի զմռնիՍըր Ըռնէսթ Գասըլ տի հանքերու մենաշնորհի արտօնատէրերուն: Այդ հանքերը, մեծ համեմատութեամբ, աշխարհի զմռնիտին ամէնէն կարեւոր աղբիւրը կը ներկայացնէին: «Աշխարհի առեւտուրը Թուրքիոյ հետ՝ գերակշռօրէն բրիտանական է»,յայտարարեց Ռոնըլտշէյի կոմսը, 1911-ին: Թուրքիոյ արտասահմանեան ապրանքներու բոլոր ներածումներուն 30%-ը, 1909-ի ընթացքին, բրիտանական ապրանքներ էին: Ֆրանսական դրամագլուխի ներդրումները՝ Թուրքիոյ մէջ, կը գերազանցէին ուրիշ որեւէ երկրի ներդրումները, ներառեալ բրիտանականը եւ գերմանականը: Այսօրուան Թուրքիոյ հողային սահմաններուն մէջ, 1914-ին, անոնք կը հասնէին մօտաւորապէս 900 միլիոն ոսկի ֆրանքի, կամ մօտաւորապէս 4,5 երկիլիոն թղթադրամ ֆրանքի: Օսմանեան հանրային պարտքի 62,9%-ը հատուցանելի էր, Ֆրանսայի 22,3%-ը՝ Բրիտանիոյ: Առաւելաբար ֆրանսական դրամագլուխով օսմանեան կայսերական դրամատունը, որ կը վայելէր պետական դրամատան մը առանձնաշնորհումները՝ սեփականութիւնն էր ֆրանսացիներուն եւ բրիտանացիներուն: Այս դրամատունը կը հակակշռէր ծխախոտի մենաշնորհը եւ զանազան ձեռնարկութիւններ: Ֆրանսական դրամագլուխէ ամբողջութեամբ կամ մասամբ կախեալ ուրիշ ձեռնարկութիւններու շարքին էին Սալոնիկի Դրամատունը, Կ. Պոլսոյ նաւամատոյցները, նաւակայքերը եւ մթերանոցները. Պոլսոյ ջրաբաշխարանները. Պոլսոյ ելեկտրականութիւնը եւ հանրակառքի դրութիւնը. Իզմիրի նաւամատոյցները եւ Հերակլէայի հանքերը: Գերմանիան, 1880-ական թուականներէն
սկսեալ, Թուրքիոյ մէջ մեծ յառաջդիմութիւն կ'արձանագրէր՝ նախապէս հոն ժամանած պետութիւններուն վրայ: Մինչեւ 1914, մինչ Ֆրանսան տէրն էր թրքական ձեռնարկութիւններու մէջ ներդրուած օտարերկրեայ դրամի 25,9%-ին, իսկ Բրիտանիան՝ 16,9 %-ին (օսմանեան հանրային պարտքէն զատ), Գերմանիան առանձինն հասաւ 45,4%-ի: 1888-ին եւ 1903-ին, յաջորդաբար տրուեցան մենաշնորհներ Պերլինի Տոյչը դրամատան՝ երկարելու համար Պոլիսէն մինչեւ Անքարա երկաթուղագիծը, եւ Գերմանիոյ՝ Անաթոլեանը հասցնելու մինչեւ Պարսից ծոց: Պերլինի ելեւմտական գանձատունը, Վիեննայի Պանքֆերայնին հետ, յանձն առաւ կառուցումը՝ Կ. Պոլիսը կեդրոնական Եւրոպային միացնող արեւելեան երկաթուղագիծին: Մինչեւ 1914 թուականը, գերմանական ձեռնարկութիւններ արդէն կը հակակշռէին Ոսկեղջիւրի երթեւեկի սպասարկութիւնը, Պոլսոյ Մեթրոփոլիթըն երկաթուղագիծը, Հայտար Փաշայի նաւահանգիստը եւ Պոլսոյ հանրակառքերը: Մեծ պետութիւններուն տնտեսական, ելեւմըտական ու զինուորական գերիշխանութիւնը կ'արտացոլար նաեւ Թուրքիոյ կառավարական սպասարկութեանց մէջ: Ելեւմուտքի ընդհանուր վերահսկիչը եւ ոստիկանութեան ու ծխածոտի մենաշնորհին տնօրէնները ֆրանսացիներ էին: Բրիտանական ծովային պատուիրակութիւն մը կ'աշխատէր օգնել նաւատորմիղի կազմակերպումին: Օսմանեան դրամատան ընդհ. տնօրէնը եւ արդարութեան նախարարութեան ընդհ. վերահսկիչը բրիտանացիներ էին: Վերոյիշեալ բոլոր պաշտօնները եւ զօրավար Ֆոն Զանտըրզի զինուորական պատուիրակութեան ժամանումը 1913 Դեկտեմբերին, եւ Սուլթանին բանակին վրայ անոր հրամանատարութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տային, թէ թրքական գետնամած կայսրութիւնը, մինչեւ 1914, եղեր էր արդէն շահագործող մեծ պետութիւններուն մէկ կիսագաղութը: Պլէյզտէլին համաձայն, հանրային պարտքի մատակարարման խորհուրդը՝ ղեկավարուած եւրոպացի ներկայացուցիչներու կողմէ, կը հակակշռէր Թուրքիոյ եկամուտին մօտաւորապէս մէկ քառորդը եւ, աւելի նշանակալից առումով՝ երկրին հնչուն (հոսուն) դրամի աղբիւրները: Երիտթուրքերը ձախողեցան. հետեւաբար, փրկել Թուրքիան օտար շահերու տնտեսական իր ենթակայութենէն: Անոնք չկրցան նաեւ բարձրացնել զայն յետամնացութեան եւ աղքատութեան ճահիճէն: Քաղաքապետական ձեռնարկութիւններ, ելեկտրակայաններ, նաւահանգիստներ եւ ծովային փոխադրական միջոցներ կը գործէին եւրոպական դրամագլուխով ու եւրոպական դրամագլուխի համար: Արտաքին առեւտուրը մենաշնորհը եղած էր օտարականներուն, կամ՝ յոյն, հայ եւ հրեայ գործաՇարունակութիւնը էջ 13
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 13
1908-Ի ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂԱՆՔԸ Շարունակութիւն էջ 12-էն
կալներու: 1911-ին, Պոլսոյ մէջ արձանագրուած աւելի քան 1000 վաճառականներէն ոչ աւելի քան 70-ը միայն թուրքեր էին: Գիւղացիութիւնը չէր գտնուեր աւելի լաւ վիճակի մէջ: Գրելով «Թուրքիոյ գիւղական անտանելի պայմաններուն մասին», Ահմէթ Էմին անդրադարձած է Արեւելեան Նահանգներու Երրորդ բանակի բժշկական գլխաւոր սպային կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրի մը, որուն համաձայն, բնակիչներուն 72%-ը ոջլոտ էր, իսկ անոնք որ կրնային կարդալ ու գրել՝ կը կազմէին միայն 0,7%-ը ամբողջին, իսկ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակուած գիւղերուն մէջ այս թիւերը կը հասնէին 21%-ի: Այսպէս, ուրեմն, Երիտթուրքերը աղիտալիօրէն ձախողեցան կայսրութիւնը փրկելու իրենց ջանքերուն մէջ՝ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առումով: Անոնք կայսրութեան ո՛չ անդամահատումը կրցան կեցնել եւ ո՛չ ալ քայքայումը: Անոնք հրապարակաւ յայտարարեր էին, թէ իրենց մտադրութիւնն էր փրկել կայսրութիւնը՝ օսմանականութեամբ, այսինքն՝ կայսրութեան բոլոր ուժերը, բոլոր ցեղերը հաւաքագրելով, օսմանեան ինքնագիտակցութիւն արթնցնելով եւ օսմանեան հասարակաց քաղաքացիութիւնը շեշտելով: Բայց օսմանեան ինքնագիտակցութեան կամ օսմանեան քաղաքացիութեան գաղափարը չընդունուեցաւ: Ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուին համաձայն, այն ցեղերը, որոնք դարերով խոշտանգուեր եւ ջարդուեր էին թուրքերու կողմէ, չէին կըրնար մէկ գիշերուան մէջ եղբայրանալ: Հաւանական էր, որ անոնք ոգեւորուէին ազգայնականութեան զօրաւոր զգացումներով – իրենց սեփակա՛ն ազգայնականութեան: Անոնք դիմադրեցին բոլոր շողոքորթութեանց: Պալքանեան պատերազմները խամրեցուցին օսմանականութեան վարդապետութիւնը: Իրենց կարգին, Երիտթուրքերն ալ Հենրի Մորկընթաու լքեցին օսմանականութիւնը, որդեգրեցին ազգային միատարրութեան հասկացութիւնը եւ անձնատուր եղան «Թրքականացում»ին: Երիտթուրքերու մէկ հատուածը, սկիզբէն իսկ, տոգորուած էր ազգայնականութեան միտող թրքական ազգայնականութեամբ: Կը թուի, թէ երբ վիժեցաւ Թուրքիան վերածնունդի առաջնորդելու նպատակը, եւ երբ ազգը աւելի նուաստացաւ, աւելի
աղքատացաւ եւ աւելի անդամահատուեցաւ քան երբեւէ՝ ինչպէս Մորկընթաու յայտնաբերեց իր ժամանումին, 1913-ին, Երիտթուրքերուն մեծամասնութիւնը ապաստան գտաւ ծայրայեղօրէն ազգայնամոլ երազներու մէջ: Անտարակոյս, միայն ցեղապաշտութեան հասնող ծայրայեղ ազգայնականութիւնը կըրնար հատուցանել վարչակարգին ձախողութիւնները, նուաստացումները եւ այլասերումը: Միայն փանթուրանականութիւնը կամ թրքականութիւնը՝ որպէս թրքական ցեղային գերակայութեան հասկացութիւն՝ կրնար գոհացնել թէ՛ Երիտթուրքերուն եւ թէ թո՛ւրք ժողովուրդին ազգային հպարտութիւնը: Մոնասթիրի՝ բրիտանացի փոխ-հիւպատոսին «անառարկելի աղբիւրէ» մը ստացած տեղեկութեան համաձայն, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մեհմէթ Թալէաթ՝ 1910-ին, գաղտնի ժողովի մը մէջ ըսեր էր, թէ հակառակ Թուրքիոյ սահմանադրութեան, հաւասարութիւնը անիրականանալի իտէալ մըն էր: Հաւասարութեան հարց Մեհմէթ Թալէաթ չէր կրնար գոյութիւն ունենալ: Իր կարգին, Բրիտանիոյ դեսպանը, ծանօթագրեց, թէ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէին համար «օսմանեան»ը յայտնապէս կը նշանակէր «թուրք», եւ թէ՝ իրենց ներկայի «օսմանականացում»ի քաղաքականութիւնը՝ ոչ-թրքական տարրերը թրքական սանդին մէջ փշրելու քաղաքականութիւն մըն էր: 1911-ի Հոկտեմբերին, «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէի համագումարը որոշում կայացուց, թէ «ազգութիւնները զանցառելի քանակութիւն» մըն էին: Այսպէս ուրեմն, մէկդի նետուեցաւ օսմանականութիւնը, եւ վարչակարգը յախուռնօրէն անցաւ դէպի փանթուրանականութիւն: Այս բացայայտ շարժումը գաղտնի կերպով կը քաջալերուէր եւ կը պաշտպանուէր «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն»ի կառավարութեան կողմէ: Զիա Կէօք Ալփ՝ փանթուրանական շարժումին կարկառուն դէմքը, որ կը պարծենար Աթթիլայով, անդամ էր «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէի ծայրայեղօրէն ազդեցիկ կեդրոնական խորհուրդին եւ մօտիկ բարեկամ մը Թալէաթի: Շարժումին ուրիշ ջատագովներէն մէկուն՝ Միւնիս Թեքին Ալփին կարծիքով, թուրքերուն համար՝ «երկրամասերու ազատագրումը» եղած էր քաղաքական եւ ընկերային «անհրաժեշտութիւն» մը: Թրքական երկրամասերու ազատագրման Շարունակութիւնը էջ 14
Էջ 14
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայաստան յստակ քայլեր կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի նորանըշանակ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմանի դրացիական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ։ «Սվոպոտա» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով՝ Մնացականեան ըսաւ, որ այս ուղղութեամբ Հայաստան մեծ ճիգ ըրած է մինչեւ այսօր, բայց անյաջողութեան պատասխանատուն Հայաստանը չէ՛, այլ՝ Թուրքիա՛ն։ «Դիմացի կողմէն բնաւ չենք լսեր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու յոյս ներշնչող յայտարարութիւն մը», ըսաւ նախարարը։
Մնացականեան աւելցուց, որ Հայաստան պատրաստ է դրացիական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու՝ «բայց չենք կրնար զոհել մեր շահերը»։ «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու շահը միայն մերը պիտի չըլլայ, այլ ամբողջ տարածաշրջանինը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։
1908-Ի ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂԱՆՔԸ Շարունակութիւն էջ 13-էն
ձգտումներու ծիրին մէջ կ'ընդգրկուէին Սիպերիան, Կովկասը, Խրիմը, Աֆղանիստանը, եւայլն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը գտնուէին ռուսական տիրապետութեան տակ: Այսպէս, ուրեմն, Թեքին Ալփ կը յանգէր սա միտքին. «Փանթուրանական ըղձանքները չեն կրնար հասնիլ իրենց ամբողջական զարգացումին եւ իրագործման՝ մինչեւ մոսկովեան հրէշին ճզմուիլը»: Քաղաքական եւ փանթուրանականութեան ջատագովները օգտագործեցին նաեւ փանիսլամաՄԻՒՆԻՍ ԹԵՔԻՆ ԱԼՓ կանութիւնը՝ աւելի լայն
աջակցութիւն ապահովելու համար: Մահմետականութիւնը կրնար նպաստել թուրքերու կողմէ Եգիպտոսի եւ հիւսիսային Ափրիկէի վերագրաւումին: Յայտնապէս, փանթուրանականութիւնը կրնար իրականանալ միայն ազգային համանմանութեամբ եւ ի վնաս Համաձայնական պետութիւններուն, մասնաւորաբար՝ կործանումովը «մոսկովեան հրէշին»: Հետեւաբար, մէկ կողմէ՝ ձախողութեան, յուսախաբութեան եւ նուաստացումի, իսկ միւս կողմէ՝ ազգային արժանապատուութեան ու վարկի վերականգնումի ձգտող մթնոլորտի մը մէջ էր, որ ձգձգուած բանակցութիւններէ ետք, 8 Փետրուար 1914-ին, օսմանեան կառավարութիւնը համաձայն ձեւացաւ Հայկական Բարեկարգումներու ծրագիրին: Ինչ որ Թուրքիա ի վերջոյ ընդունեց՝ փոխ-զիջում մըն էր միայն: Բայց, Թուրքիոյ մէջ տիրող տրամադրութիւններուն ընդունելի՞ էր այդ տեսակ ծրագիր մը:
«Ծաղիկ» 24 Ապրիլ 2018 Բացառիկ հատորէն
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 15
Military parade, solemn celebration Armenia marks 100th anniversary of First Republic
YEREVAN, MAY 28, ARMENPRESS. The 100th anniversary of the First Republic of Armenia and the May heroic battles were solemnly celebrated in Armenia. ARMENPRESS reports Prime Minister of Armenia Nikol Pashinyan, President Armen Sarkissian, Catholicos of All Armenians Karekin II, President of Artsakh Bako Sahakyan, Defense Minister of Armenia Davit Tonoyan, Chief of General Staff of the Armed Forces of Armenia Artak Davtyan, Director of the National Security Service of Armenia Artur Vanetsyan, Police Chief Valery Osipyan, Deputy Prime Minister Tigran Avinyan and other high level officials were present at the ceremony at Sardarapat Memorial.
ral Staff of the Armed Forces of Armenia, Major-General Andranik Markaryan. On his way back to Yerevan, Nikol Pashinyan covered some part of the road on foot, approaching the gathered citizens and talking with them. The people congratulated Pashinyan on being elected Armenia’s Prime Minister and expressed support to him.
The festive events dedicated to the 100th anniversary of the First Republic of Armenia and the May heroic battles were concluded by a concert at the Republc Square of Yerevan. At the beginning of the ceremony Prime Minister Nikol Pashinyan, President Armen Sarkissian, Catholicos of All Armenian Karekin II and President of Artsakh Bako Sahakyan laid flowers at the memorial eternalizing the memory of the victims of the May heroic battles, after which Nikol Pashinyan delivered a speech. PM Pashinyan’s speech was followed by the solemn military parade, during which the history of the establishment of the Armenian army and the heroic path of the Armenian people during the May heroic battles, the Great Patriotic War and Artsakh liberation war were introduced. The procession was led by Deputy Chief of the Gene-
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
AGBU Celebrates the 100th Anniversary of the Triumph of the First Republic of Armenia May 28, 1918 symbolizes a heroic moment in our history, when an army of brave Armenians led by patriotic military leadership and inspired by a call to arms issued by HH the Catholicos of All Armenians Gevorg V. managed, against all odds, to overcome a series of formidable political and military events culminating in their victory at Sardarabad. Despite the decimation of the Armenian people through genocide, exposure to both sides of the Turko -Russian border during World War I, the Russian Revolution and the ensuing political realignments in Transcaucasia, this hard-won battle gave rise to the birth of the First Republic of Armenia. It was a moment unseen since the fall of the Kingdom of Cilicia in 1375, when Armenians lost their sovereignty. AGBU, a relatively young organization at the time, played a vital role for Armenians at the turn of the century thanks to the maturity of its leadership and impressive reach of its network. Boghos Nubar Pasha, the founding president, was called upon to lead the national delegation in post-war negotiations with Allied forces to free the Armenian provinces from Ottoman bondage. He took the initiative to organize the Legion D’Orient, an Armenian volunteer corps that heroically served under French colors. With the help of AGBU chapters and committees outside of the region, the organization was able to provide relief and resettlement efforts for orphans and genocide survivors both in the new republic as well as refugees scattered throughout Middle East. It later was involved in the repatriation movement when the First Republic was integrated into the soviet system in its second incarnation as a nation state. The true significance of May 28 can only be fully revealed and appreciated through the long lens of historical perspective. Today, we can more clearly comprehend how securing these precious lands under Armenian authority, even for only a short two years, set the Armenian Nation on a new course that has brought us to the quarter century of independence that we enjoy today.
bility of each and every citizen.” Although the First Republic was short lived, thanks to the stewardship of its leaders ensured that the land and people remained distinctively Armenian in the 70 years to follow. This paved the way for our present republic, reborn as a free and independent nation state. AGBU salutes the leaders of the First Republic and all those lost in battle for a cause that would only bear its full fruits and gifts to the Armenian Nation a century later. Established in 1906, AGBU (www.agbu.org) is the world's largest non-profit Armenian organization. Headquartered in New York City, AGBU preserves and promotes the Armenian identity and heritage through educational, cultural and humanitarian programs, annually touching the lives of some 500.000 Armenians around the world. For more information about AGBU and its worldwide programs, please visit www.agbu.org.
“It should also not go unnoticed that this 100th year anniversary happens to coincide with the same year in which Armenian statehood reached a new level of maturity as everyday citizens of Armenia exercised their right to free expression and peaceful civic engagement with their government”, noted AGBU President Berge Setrakian. “Their measured actions showed the world that ensuring a strong state that can withstand pressures from both within and without is the responsiBattle of Sardarabad by Sargis Muradyan
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 17
Nikol Pashinyan promises Javakhk-Armenians to raise Armenian-Georgian relations to new level have a very good friend who will spare no efforts to deepen Armenian-Georgian friendship”. PM Pashinyan has already reached Akhalkalaki, where he will meet with the Armenian community as well and will participate in the opening of an engineering laboratory.
Prime Minister of Armenia Nikol Pashinyan, who was in Georgia on an official visit, held meetings with the residents of a number of Armenian-populated communities in Javakhk. ARMENPRESS reports the Armenian PM was met with great enthusiasm in all the communities. Pashinyan gave speeches everywhere, touching upon mainly the Armenian-Georgian relations, underlining the importance of deepening them further and raising them to a new level. “I had a very productive visit to the Georgian capital, Tbilisi and this is not by accident that I paid my first official visit to Georgia. This underlines the importance and special significance of Armenian-Georgian relations. I am confident that as a result of this visit Armenian-Georgian relations will undergo major improvements. And for achieving these changes I offer a very simple formula. Georgia and the Georgian people must be convinced that there is no conspiracy in the actions of Armenia and the Armenian people, or provocation against the Georgian people and Georgia, while the Armenian people and Armenia must be convinced that there is no conspiracy or provocations against the Armenian people and Armenia in the actions of the Georgian people. This is the ground based on which we must achieve a totally new level of Armenian-Georgian relations. And I am confident that in the context of these relations all the social-economic problems existing in the Armenian-populated areas of Georgia should be solved,” Pashinyan said in the meeting with Ayazma village residents, adding that everyone should make serious efforts to reach that goal. In the meeting with the residents of Satkhe village the Armenian PM expressed confidence that after his official visit to Georgia a new page of Armenian-Georgian relations will be opened. “I consider the most important result of my visit the fact that personal warm relations have been established between me and the Georgian PM and I am convinced that in the person of the Georgian Prime Minister the Armenian people
Armenia Elected Vice-chair of Bureau of Intergovernmental Committee of UNESCO 1970 Convention
During the 21st session of the Intergovernmental Committee for Promoting the Return of Cultural Property to its Countries of Origin or its Restitution in case of Illicit Appropriation (ICPRCP) at the UNESCO headquarters in Paris on May 30-31, Armenia was elected vice-chair of the Bureau of the Intergovernmental Committee for two-year term, the Armenian foreign ministry reports. The Committee is the inter-governmental body of the UNESCO 1970 Convention on the Means of Prohibiting and Preventing the Illicit Import, Export and Transfer of Ownership of Cultural Property. Armenia is a member of this Committee since 2017 for four-year term. Mexico was elected chair of the Bureau. The Intergovernmental Committee for Promoting the Return of Cultural Property to its Countries of Origin or its Restitution in case of Illicit Appropriation was created in 1978 at the 20th Session of the UNESCO General Conference.
Էջ 18
Հայ Կեանք
Netanyahu Postpones Armenian Genocide Recognition Debate
Israeli Prime Minister Benjamin Netanyahu on Sunday postponed the planned debate in the country’s legislature—the Knesset—after Israel’s Foreign Ministry recommended a delay until after Turkey’s general elections set for June 24. The Israeli Foreign Ministry advised Netanyahu to postpone a discussion on bills to recognize the Armenian Genocide until after Turkey’s elections, the ministry said in an official statement Sunday, explaining that the discussion could help Turkish President Recep Tayip Erdogan get reelected, Ynetnews reported. State officials noted that the prime minister had decided to postpone the discussion following a recommendation from professional sources, who said that raising the issue before the Turkish elections would help Erdogan’s campaign and unite the Turkish people. The Ministerial Committee for Legislation was supposed to vote on two bills to recognize the Armenian genocide on Sunday, one proposed by Knesset Member Itzik Shmuli (Zionist Union) and another by Knesset Member Amir Ohana (Likud), but the votes were postponed at Netanyahu’s request. “That’s a false and ridiculous explanation. If foreign ministries in the world had acted in such a cowardly and utilitarian manner when recognizing the Jewish Holocaust, where would we be today? The Jewish state’s prime minister shouldn’t have to dance to Erdogan’s tune and play an active role in denying that people were massacred in concentration camp and marches of death, but should do what he should have done a long time ago,” Shmuli said in response to the Foreign Ministry’s statement. “For the sake of all of us, we should put an end to this issue and it shouldn’t be linked to the relations with Turkey. It’s our moral duty,” Knesset Speaker Yuli Edelstein told Ynet in response to the Foreign Ministry statement.
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Armenian President, EBRD delegation discuss development of relations
Armenian President Armen Sarksyan received Thursday a delegation led by Director for Eastern Europe and the Caucasus at the European Bank for Reconstruction and Development (EBRD), Francis Malige. Armen Sarksyan confirmed his readiness to continue cooperation and highlighted importance of cooperation between the state and private sector in a number of areas. The President suggested considering the possibilities of cooperation in information technologies, energy, agriculture and tourism. Francis Malige, in turn, noted, that EBRD is interested in expanding cooperation with Armenia and is ready to assist the government to continue improving the business environment for investors, as well as other initiatives aimed at developing the Armenian economy. The sides touched upon the upcoming programs between Armenia and EBRD and discussed the possibility of the implementations of the regional projects. Armen Sarksyan and EBRD representatives highlighted the importance of the Armenia-EU agreement signed in November, 2017. Edelstein rejected the ministry’s recommendation, saying that “the Foreign Ministry’s response hasn’t changed for the past 30 years. There was no element of surprise here, but it’s something I have been trying to explain for years. In most countries, the the genocide that took place a little over 100 years ago wasn’t recognized by governments, but by parliaments.” He added that “there are about 30 parliaments around the world, including the French congress and parliament, that have recognized the genocide. I believe the Knesset, the Israeli parliament, must make a similar move. The government always has diplomatic considerations, considerations in the area of bilateral relations with different countries. The Knesset must make the right, moral and obvious decision.”
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 19
Stepanakert Protests Stop After Armenia’s Army Chief of PM Nikol Pashinyan’s Message Staff Hails Artsakh’s Combat on Facebook Readiness
The protests in Stepanakert, Nagorno-Karabakh’s capital, ended on the evening of June 4, after Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan urged them to stop in a Live Video on his Facebook page. NagornoKarabakh citizens were protesting against the actions of law enforcement authorities and the lack of justice they represent. The protests in Stepanakert erupted as a result of national security servicemen assaulting two citizens. The police ended up detaining the two individuals, but not the servicemen. The protests began on June 1, the same day the incident took place, and lasted four days. The demonstrators were demanding the resignation of the chiefs Police and National Security Service. On June 3, a group of protesters met with NagornoKarabakh President Bako Sahakyan to discuss the incident.
STEPANAKERT—A delegation led by the chief of staff of Armenia’s Armed Forces, Major General Artak Davtyan arrived in Artsakh on Monday for a two day visit as part of the Armenia-Artsakh military cooperation and action plan. After visiting several frontline posts with Artsakh Defense Minister, Lieutenant General Levon Mnatsakanyan, Davtyan highly praised Artsakh troops’ combat readiness and the consistent steps being taken to develop Artsakh’s military-technical capabilities. During the visit ongoing the prospects of further developing and strengthening of the mutual partnership between Armenia and Artsakh were discussed, as were different scenarios for effective and adequate responses to enemy attacks. Davtyan pledged that Armenia’s defense field representatives will provide practical assistance for further improving the Defense Army’s combat potential.
On Monday, June 4, Nagorno-Karabakh’s National Assembly held an extraordinary session and put together a commission to investigate the incident and its causes and to hold the people responsible accountable. Citizens continued the protests despite the National Assembly’s decision. The protestors’ complaints mainly concerned the lack of social equality and justice. The protesters also demanded the release of political prisoners. Armenia’s first president Levon Ter-Petrossian made a statement addressing the protests in Karabakh, saying that given the current state of war with Azerbaijan, what happened in Armenia should not be allowed to happen in Karabakh. The Catholicos of All Armenians Karekin II and the Catholicos of the Great House of Cilicia Aram I also made similar statements, urging the protests to come to an end. The protests stopped only after Armenia’s Prime Minister Nikol Pashinyan urged them to do so in a Facebook Live Video. In the video, Pashinyan asked the citizens of Nagorno-Karabakh to stop the protest ac-
On Tuesday, the two military leaders met with Artsakh President Bako Sahakian and briefed him on the specifics of the visit. Sahakian congratulated Davtyan on his appointment and discussed issues of further cooperation with the Armenian Armed Forces. tions and wait for the results of the new commission formed by the National Assembly.
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Report Hails EU-Armenia Relations at New Highs rights, as well as a resilient and prosperous social and economic system. Notable developments highlighted by the report include the adoption by a large majority in the Armenian Parliament of a new Law on the prevention of violence, protection of victims and restoration of cohesion within the family in December 2017. The EU considers the new law an important step towards the greater protection of human rights and gender equality.
YEREVAN (ArmRadio)—Since January 2015, EUArmenia relations have developed significantly. The negotiation and provisional application of a new bilateral partnership agreement, as well as the finalization of Partnership Priorities in February this year have contributed to this success, a new EU report said. Issued ahead of the first European Union – Armenia Partnership Council, which will be held on 21 June, today’s report looks at developments in Armenia and in EU-Armenia relations over the past two-and-a-half years. “We have witnessed a very important period for EUArmenia relations and for Armenia itself”, said the High Representative for Foreign Affairs and Security Policy/Vice-President of the European Commission, Federica Mogherini. “A lot of hard work and determination has gone into our new bilateral agreement, which stands to bring visible benefits to our citizens, from strengthening transparency and accountability, to creating more opportunities for trade and investment, to environmental protection. Now is the time to implement the agreement, along with our Partnership Priorities, so as to turn the hard work on paper into concrete results.” “In addition to the new agreement, which was ratified unanimously by the Armenian Parliament and is now being provisionally applied, we also have seen encouraging steps forward when it comes to bringing our citizens closer together, through initialling a common aviation agreement and extending the TransEuropean Transport Network“, said the Commissioner for European Neighbourhood Policy and Enlargement Negotiations, Johannes Hahn. “Armenia has also participated actively in our Eastern Partnership Summit in Brussels last November, when leaders endorsed the 20 deliverables for 2020, complementing the priorities of our bilateral agenda.” In Armenia, peaceful protests in April and May 2018 brought about a change of government within the framework of the Armenian Constitution. The EU will continue to support reforms in Armenia that promote democracy, the rule of law and respect of human
In the area of education, reforms have taken place in line with the Bologna process with the support of the Erasmus+ programme. Armenian universities have been able to modernise study programmes, moving towards a better match with labour market needs. 1,800 students and university professors have been involved in EU-Armenia academic exchange and mobility until the end of 2017. In 2016 Armenia became associated to the EU Framework Programme for Research and Innovation Horizon 2020, which opens up new opportunities for the country’s research institutions and enterprises to enhance the transformation of scientific knowledge into commercial opportunities. The EU4Innovation initiative, launched in November 2016, aims at boosting innovation throughout the Eastern Partnership. An EU4Innovation Centre is about to be established in Yerevan to promote scientific education and close links between universities and businesses. Since 2014, the EU has provided close to €120 million of financial support to Armenia with a focus on private sector developments, governance and education. Furthermore Armenia has also benefited from funding for multi-country projects. Transport infrastructure development and energy efficiency has been supported under the Neighbourhood Investment Facility, while further EU support is aiming at delivering concrete results to citizens in areas such as judicial reform, access to finance and economic development, connectivity, education and mobility. Support to civil society, human rights, deepening democracy and strengthening citizen participation will continue to be a focus, as well as support to economic development. The EU has also continued to fully support the Organisation for Security and Cooperation in Europe Minsk Group Co-Chairs and confidence/peace building and conflict prevention activities in relation to the NagornoKarabakh conflict. The European Union firmly believes that the conflict needs an early political settlement in accordance with the principles and norms of international law.
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 21
ՌԱԿ-ի երախտաւորները
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՓՈԽԳՆԴԱՊԵՏ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (1899, Սիս – 1949, Աթէնք) ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ե
րախտաւոր Սարգիս Տէր Յակոբեան ծնած է Սիս՝ 1899-ին Քաջիկեան գերդաստանի յարկին տակ։ Յետագային հօր անուան հետեւողութեամբ դարձած է Տէր Յակոբեան։ Պատանին նախ կը յաճախէ Սիսի ազգային նախակրթարանը, ապա իր պատանի տարիքին Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, հարազատներուն հետ կը հաստատուի Ատանա։ Կիլիկիոյ մէջ յարաբերաբար ազգային զարթօնք մը սկսած էր ծաւալիլ, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք ու կամաւորական խումբերու կազմաւորումով։ Արարայի յաղթական ճակատամարտէն ետք (1918 Սեպտեմբեր) լեգէոնականներ եկած էին հաստատուելու մանաւանդ Ատանայի մէջ, իրենց տրուած ցուցմունքով պատրաստուելու Կիլիկիոյ անկախութեան գործընթացին։ Տէր Յակոբեան իրեն տարեկից պատանիներով կազմած էր զինեալ խումբ մը մասնակցելու համար այդ աշխատանքներուն, որոնք դժբախտաբար միայն պիտի յանգէին Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութեան (1920, Օգոստոս 4), եւ որպէս հետեւանք ծայր պիտի առնէր Կիլիկիոյ պարպումը 1920-ին։ Իր մարտական խումբին անդամներով ան կը հաստատուի Զմիւռնիա ու կը միանայ Զօրավար Թորգոմի լեգէոնին։ Երիտասարդ եւ յեղափոխական խառնուածքով տոգորուած էր Տէր Յակոբեան։ Ան աչքի կը զարնուի թրքական բանակին դէմ մղած մարտական գործունէութիւններուն ընթացքին։ Ապա, 1922-ին, Զմիւռնիայէն նահանջի ընթացքին իր անվերապահ օժանդակութիւնը կը բերէ հայ գաղթականներ տեղափոխելով Յունաստան։ 1923-ին վերջնականապէս ինքն ալ կը հաստատուի Աթէնք (Յունաստան)։ Տէր Յակոբեան Ատանա գտնուած շրջանին մուտք գործած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը եւ Յունաստան հաստատուելէն ետք կը միանայ Աթէնքի ՌԱԿ-ի տեղւոյն ակումբին, ուր նաեւ կը գործէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը։ Տէր Յակոբեան արդէն ծանօթ էր ֆրանսերէն եւ յունարէն լեզուներուն Ատանայի մէջ եւ իրեն կը վստահուի հիմնել Բարեգործականի վարժարանը՝ Աթէնքի Քոքինիա թաղամասին մէջ։ Յետագային Հայ Կաթողիկէ վարժարանն ալ կը միանայ այս վարժարանին ու Տէր Յակոբեան կը դառնայ միացեալ վարժարանին տնօրէնը։ Նոր սերունդներ դաստիարակելու միտումով
ան կը դասաւանդէ նաեւ հայոց պատմութիւն, ինչ որ կրցած էր սորվիլ ինքնաշխատութեամբ։ Ան Յունաստանի կազմաւորուող գաղութէն ներս կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը, ուր նաեւ գոյութիւն ունէին որբանոցներ եւ գաղթակայաններ։ Պաշտօնի բերմամբ Տէր Յակոբեան իր այցելութեանց ընթացքին յաճախ կը հանդիպէր հասարակական ու կուսակցական գործիչներու, որոնց ծանօթացած էր Կիլիկիա գտնուած շրջանին։ 1924-ին ներկայ կը գտնուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Բ. Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին, որ կը գումարուէր Աթէնքի մէջ ու հոն կը ներկայացնէ Զմիւռնիոյ աղէտին պատճառաւ գաղթական հայերու տեղափոխումը Յունաստան, ինչպէս նաեւ իր մարտական խումբի մասնակցութիւնը հայկական լեգէոնին։ Յունաստանի ՌԱԿ-ի շրջանակն ալ իրեն կը յանձնարարէ այցելել Յունաստանի զանազան շըրջանները, մանաւանդ Սելանիկ եւ Քորֆու։ 1925-ին կը կազմէ իր հայեցի ընտանեկան բոյն մը, կեանքի ընկեր ընտրելով Նուարդը. անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Կայծակ, Աւետիս, Ազատուհի եւ Ալիս։ Պէտք է ըսել, որ իրենց հօր որոնած ազգային ուղին չորսն ալ յետագային շարունակեցին։ Կրթական իր ասպարէզին կողքին, Յունաստանի ՌԱԿ-ի շրջանակէն ներս Տէր Յակոբեանի ներդրումը իր կարեւոր դերը ունեցաւ գաղութահայ կեանքէն ներս։ Գաղափարի իր սերտ գործակիցն էր հաճընցի Եփրեմ Վարդանեան ՌԱԿ-ի երախտաւորը, որուն հետ միասին Տէր Յակոբեան եղած էր յունական բանակի պահեստի հրամանատար Զմիւռնիոյ մէջ մինչեւ 1922 թուականը։ Տէր Յակոբեան եւ Վարդանեան, նախ որպէս կրթական մշակ ու հասարակական գործիչներ 1920ական թուականներուն իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերին յունահայ գաղութի կազմաւորման մէջ ու մանաւանդ դարձան ՌԱԿ-ի Յունաստանի այն առաջնորդները, որոնք նուիրուեցան Յունաստան հաստատուած ծնողաՇարունակութիւնը էջ 22
Հայ Կեանք
Էջ 22
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՓՈԽԳՆԴԱՊԵՏ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (1899, Սիս – 1949, Աթէնք) Շարունակութիւն էջ 21-էն
զուրկ պատանիներու ազգային դաստիարակութեան։ Պէտք է աւելցնել, թէ երկուքն ալ յարգուած պահեստային զինուորականներ մնացին յունական կառավարութեան համար։ 1940-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան, Տէր Յակոբեան կը զօրակոչուի յունական բանակ որպէս պահեստազօրի սպայ։ Յոյն-իտալական պատերազմի հռչակման ժամանակ կը մասնակցի ալպանական ճակատին վրայ յունական բանակի մղած մարտական գործողութիւններուն, իսկ տարի մը ետք՝ 1941-ին մասնակից կը դառնայ Յունաստան ներխուժած գերմանական զօրքերուն դէմ մղուած կռիւներուն։ Ան կատարած է նաեւ թարգմանի պարտականութիւններ։ Գերմանական ներխուժման ու գրաւման հետեւանքով յունական բանակը պիտի կազմալուծուէր, իսկ զինուորականներն ալ պիտի դառնային քաղաքացիներ… վերադառնալով իրենց տուները։ Տէր Յակոբեան չյաջողեցաւ վերստին մանկավարժութեամբ զբաղիլ, որովհետեւ Յունաստանի մէջ գործող բոլոր հայկական վարժարաններն ալ փակուած էին գերմանական ներխուժման շրջանին։ 1945-ին Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք, երբ Յունաստան ազատագրուած էր այլեւս, կարելի եղաւ երկրին բնականոն վիճակը վերագտնել, ինչպէս նաեւ ազգային ու կրթական տեղւոյն հայկական կեանքն ալ սկսաւ ծաղկիլ, անգամ մը եւս ցիրուցան դարձած հայու բեկորներու քով-քովի գալով։ Նոյն տարին ան դարձեալ կը զօրագրուի յունական բանակ, դառնալով փոխգնդապետ։ Այս շըրջանին մանկավարժական աշխատանքներով կը սատարէ յունահայ վերաբացուած հայկական վարժարաններուն։ Հակառակ պատերազմի քանդիչ հետեւանքներուն, կարելի եղաւ յունահայ կրթական կեանքը վերականգնել Տէր Յակոբեանի ջանքերուն շնորհիւ։ Որպէս ՌԱԿ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Յունաստանի կառոյցէն ներս, իր ջանքերուն շնորհիւ ու իրեն հասակակից գաղափարի ընկերներուն հետ միասին Սարգիս Տէր Յակոբեան նպաստեց եւ իրականացուց կազմութիւնը Աթէնքի «Արարատ» Մարզական Մշակութային Միութեան, որ ցարդ կը գործէ ու կը նպաստէ յունահայ ազգային կեանքին։ Տէր Յակոբեան երախտաւորին նպաստը մեծ եղաւ Յունաստանի հայութեան համար 1946-47 տարիներուն, երբ ան իր մասնակցութիւնը բերաւ կազմակերպելու ներգաղթ-ազգահաւաքի աշխա-
տանքները, այդ ծրագիրը գլխաւորող ՌԱԿ-ի այլ երախտաւորի մը՝ Առաքել Պետրոսեանին հետ։ Այդ տարիներուն յունահայ գաղութէն շուրջ 22.000 հայորդիներ ներգաղթեցին հայրենիք։ Երախտաւոր Տէր Յակոբեանի նուիրեալ կեանքը շատ կարճ ժամանակի մէջ արդէն պիտի հասնէր իր աւարտին, երբ 50 տարեկանին, Մարտ 1949-ին, սրտի տագնապի հետեւանքով աչքերը պիտի փակէր Աթէնքի մէջ։ Իր մահէն ետք չորս զաւակներն ալ գաղթեցին Արժանթին ու հաստատուեցան Քորտոպա քաղաքը, ուր իր երէց որդին՝ Կայծակը, մասնակից դարձաւ արժանթինահայ գաղութին հասարակական կեանքին։
Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի
2017-ի Մայիսին պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին, Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016-էն ի վեր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է: «Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին պիտի հանդիսանայ ոչ միայն որպէս փոխադրամիջոց, այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն»,- յայտնեց Յարութիւնեան նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 23
Լեզուաբանական
Ուղղագրութեան պատմութիւն(Բ) ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Աչքի առաջ ունենալով անցած Կիրակի օրուան ընթերցումին յառաջացուցած հետաքրքրութիւնը, այսու կը փութամ, որոշ առումով ամբողջական թղթածրար մը յառաջացնելու նպատակով, լրացնել զայն կարգ մը այլ տուեալներով, որոնցմէ խուսափած էի նախապէս՝ յօդուածս չծանրաբեռնելու մտահոգութենէն մղուած: ***
Ուրեմն ես նկատել տուած էի, որ Աբեղեանի ուղղագրական համակարգը ըստ ինքեան կատարեալ ըլլալով հանդերձ՝ աշխարհաբարի ներկայ արտասանութեան համար, մերժուեցաւ սփիւռքահայութեան կողմէ, իսկ այդ մերժումին պատճառը բոլորովին հոգեբանական էր, կը բախէր սովորամոլութեանը անոնց, որոնք վարժուած էին աւանդական ուղղագրութեան եւ ճիշդ այդ վարժութեան դէմ է, որ անզօր ենք մենք: Մարդ կը հիւանդանայ տեսնելով կամ հարկադրուելով գրել «կողբա»՝ փոխան «կ’ողբայ»-ի, եւ այսպիսի բազմահազար մտապատկերներ, որոնք դրոշմուած են մեր գիտակցութեան մէջ մանուկ հասակէն: Իսկ եթէ ան Հայաստանի մէջ յաջողեցաւ, ապա միայն պետական պարտադրանքով: Հազիւ երկու տասնամեակ անց՝ ահա այնտեղ ալ բողոքի ձայներ բարձրացան, եւ պետութիւնը ստիպուեցաւ տեղի տալ այդ ձայներուն առջեւ: Առ այս ստեղծուեցաւ յանձնաժողով մը, որ պարտականութիւն ունէր քննելու Գուրգէն Սեւակի բարենորոգչական մէկ նախագիծը: Եւ այսպէս է, որ Աբեղեանի ծայրայեղութիւններուն մէկ մասը վերցաւ, եւ յառաջացաւ այսօրուան արեւելահայ ուղղագրութիւնը, ուր բառերուն սկիզբը վերականգնուեցան է եւ օ տառերը, որոնք դուրս մնացած էին հայերէնէն: Միւս կողմէ՝ վերականգնուեցան բառերու սկիզբի ո (որակ) ու ե (երազ) տառերը, որոնց փոխարէն Աբեղեան դրած է վո (վորակ) եւ յե (յերազ): Ստորեւ իբրեւ նախաճաշակ կու տամ փոքրիկ ցանկ մը, ուր առաջին սիւնակը կը ներկայացնէ աւանդական ուղղագրութիւնը, երկրորդը՝ Աբեղեանի 1922-ի ուղղագրութիւնը, երրորդը՝ 1940-ի բարեփոխեալ ուղղագրութիւնը. օրէնք որենք օրենք օրհնում է որհնում ե օրհնում է ոտ(ք) վոտ(ք) ոտ(ք) որ վոր որ որակ վորակ որակ եղէգ յեղեգ եղեգ երազ յերազ երազ էակ եյակ էակ էի եյի էի
գրէի գրեյի գրեի Նկատելի է այն յարաբերական բարեփոխութիւնը եւ աւանդութեան տրուած տուրքը , որոնք յառաջացած են գ. սիւնակին մէջ: Գուրգէն Սեւակի նախագիծին մէջ առաջարկուած էր նաեւ վերականգնել երեք երկբարբառները՝ եա (պատեան), իւ (սիւն), ոյ (քոյր), սակայն կարելի չեղաւ ասոնք ներառել բարենորոգումի ծիրէն ներս, եւ այդ բառերը կը գրուին՝ պատյան, սյուն, քույր: Գոնէ, գոնէ բացառութեան կարգով խնայուէր հայկական մականունի եան-ին. նոյնիսկ այս կարելի չեղաւ, եւ ան կը գրուի՝ Պապյան, Աբեղյան, Մարկոսյան: Միւս կողմէ՝ չվերականգնուեցաւ ւ տառը եւս (հաւ, նաւակ, հազիւ), որուն փոխարէն կը գրուի վ (հավ, նավակ, հազիվ): Այս տառը կը մնայ միայն ու/եւ-ին մէջ: ***
Ա
ւանդական ուղղագրութեան ո՞ր հարցերը «կը լուծէ» արեւելահայ ուղղագրութիւնը: Արեւելահայ գրողը զերծ է հետեւեալ դժուարութիւններէն. ***Բառամէջի լսուող «օ» հնչիւնը կը գրուի միայն ո-ով. օրինակ՝ հոտ (ուրեմն՝ կը նոյնանան հոտ եւ հօտ), հոր (կը նոյնանան հոր եւ հօր), նաեւ՝ կարոտ, կոշիկ, մոտ, գոտի, նոսր, տոն, ցող եւ այլն: ***Բառամէջի եւ բառավերջի լսուող «է» հնչիւնը կը գրուի միայն ե-ով. օրինակ՝ սեր (ուրեմն կը նոյնանան սեր եւ սէր), գեր (կը նոյնանան գեր եւ գէր), պետ (կը նոյնանան պետ եւ պէտ), նաեւ՝ աղեկ, դետ, կես, ձեթ, շեկ, պարտեզ եւ այլն: Այլեւ՝ բազե, երե, սիրե, ուտե եւ այլն: ***Բառասկիզբին լսուող «հ» հնչիւնը կը գրուի միայն հ-ով. օրինակ՝ համր (ուրեմն՝ կը նոյնանան համր ու յամր), նաեւ՝ հատիկ եւ հատակ (փոխանակ յատակ-ի), համար եւ համառ (փոխանակ յամառ-ի), հարթ եւ հարդ (փոխանակ յարդ-ի), հորթ եւ հորդ (փոխանակ՝ յորդ-ի), այլեւ՝ հաղթել, հաճախ, հույս, հենիլ, հետին եւ այլն: Այս վերջին պարագային հ-ով կը գրուի նաեւ բառասկիզբի գրաբարեան յ նախդիրը, որուն ծանօթ եղողին համար շատ դժուար է հրաժարիլ անկէ. օրինակ՝ յ-անկարծ, յ-անձին, յ-օգուտ, յ-ումպէտս, յ-աջող, յ-առաջ, յ-օրինել եւ այլն, որոնք կը գրուին հ-ով՝ հանկարծ, հանձին եւ այլն: ***«Վ» հնչիւնը բոլոր դիրքերու վրայ կը գրուի միայն վ տառով. օրինակ՝ վագր, վարազ, աղվես (փոխանակ՝ աղուէս-ի), աղվոր (փոխանակ՝ Շարունակութիւնը էջ 24
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Ուղղագրութեան պատմութիւն(Բ) Շարունակութիւն էջ 23-էն
աղուոր-ի), հավ (փոխանակ՝ հաւ-ի, զավակ (փոխանակ՝ զաւակ-ի) եւ այլն: ***Եւ վերջապէս արեւելահայերէնը ապաթարց չունի, օրինակ՝ կառնե (կ’առնէ), կողբա (կ’ողբայ), չունի անձայն յ տառը բառերուն վերջը. օրինակ՝ շուկա, վկա, խաղա, երթա եւ այլն: Այս բոլորին մասին շատ խօսուած ու գրուած է, ուստի զանց կ’ընեմ վերադառնալ: Ճիշդ է, որ զգալիօրէն դիւրին է նման ուղղագրութիւն մը, սակայն միւս կողմէ բթացուցիչ ալ է ան, երբ կը նոյնանան հոտ եւ հօտ, հոր եւ հօր, համր եւ յամր հասկացութիւնները եւ նմանները: Կամ երբ անբացատրելի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ զեն արմատը մէկ կողմէ կու տայ զենել (մորթել), իսկ միւս կողմէ կու տայ զինել (զէնքով օժտել). արեւելահայ դպրոցականը այս հարցումին պատասխանը չունի, քանի զէն արմատ չկայ արեւելահայ ուղղագրութեան մէջ: Այս բոլորով հանդերձ եւ կրկնութեան ի գին պէտք է ըսել, թէ արեւելահայ ուղղագրութիւնը անհամեմատօրէն աւելի դիւրին է: Արեւելահայ դպրոցականը,– որուն համար Աբեղեան յօրինեց իր ուղղագրութիւնը,– չունի արեւմտահայ դպրոցականին, բայց նաեւ չափահասին ո-օ, ե-է, յ-հ ընտրութեան մղձաւանջը, ինչ որ քիչ բան չէ: Մինչ անդին արեւմտահայը ունի տակաւին այլ մղձաւանջներ՝ շատ ու շատ աւելի ճնշիչ ու տարողունակ, քան յիշեալները, որոնցմէ զերծ է արեւելահայերէնը եւ որոնց ոչ մէկ լուծում կը բերէ Աբեղեանի ուղղագրական համակարգը: Եւ ճիշդ այստեղ ալ կը կայանայ մեր կիրարկած ուղղագրութեան անպատշաճութիւնը մեր բարբառի ***
Արեւմտահայերէնի մէջ նոյնացած են հետեւեալ վեց զոյգ բաղաձայնները՝ բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, ր-ռ (չհաշուած յ-հ զոյգը, որուն ակնարկուեցաւ վերը): Այս զոյգերը ունին նոյն արտասանութիւնը: Այս տառերու յաճախականութիւնը անհամեմատօրէն աւելի մեծ է, քան ո-օ, ե-է, յ-հ զոյգերունը, եւ արեւմտահայերէնի ուղղագրական սխալներուն ճընշող մեծամասնութիւնը կը վերաբերի այս վեց կամ եօթը զոյգ բաղաձայններու շփոթին՝ դպրոցական տարիքին թէ անկէ վեր, ընդհուպ մինչեւ մեր մամուլը եւ այլ հրատարակութիւներ: Հոն ուր վերոյիշեալները արեւելահայուն համար կը կազմեն եռաշարք զանազանելի բաղաձայններ, արեւմտահայը պատմականօրէն կորսնցուցած է այդ զանազանութիւնը. մեզի համար կան միայն երկշարք բաղաձայններ՝ պ եւ բ-փ, կ եւ գ-ք, տ եւ դ-թ, ծ եւ ձ-ց, ճ եւ ջ-չ, իսկ ր-ռ եւ բառասկիզբի յ-հ արդէն նոյնացած են: Ահա այս ծանծաղուտին մէջ է, որ կը տապլտկի արեւմտահայերէն գրողը, որմէ պահանջուածը պէտք է բաւական վեր ըլլայ մարդկային միջինէն, քանի գրեթէ անխոցելի ուղղագրող չու-
նինք: Կան արեւմտահայերէնը թերի ու նուազ թերի ուղղագրողներ, իսկ կատարեալ ուղղագրողներ... թերեւս բացառաբար գտնուին: ***
Հրաչեայ Աճառեանը, որ ծնունդով արեւմտահայ էր, մօտաւորապէս 20 տարեկանին հեռացաւ Պոլիսէն, երեք տարի ուսանեցաւ Եւրոպա, ապա պաշտօնով անցաւ Էջմիածին, ու այնուհետեւ կեանքին մնացեալ 50 տարիները անցուց արեւելահայ միջավայրի մէջ՝ Շուշի, Թաւրիզ, Նոր Նախիջեւան, Խորհրդային Հայաստան, ուր եւ մահացաւ 1953-ին: Այլ խօսքով՝ ան կեանքին մեծագոյն մասը անցուց արեւելահայ միջավայրի մէջ, արեւելահայերէն խօսելով, գրելով եւ ուսուցելով: Անոր մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ իր երախտագէտ ուսանողներէն Արարատ Ղարիբեանը, – ուրիշներու կարգին,– գրեց մեծարանքի հոյակապ յօդուած մը: Այս յօդուածի աւարտին Ղարիբեան կ’ընէր ուշագրաւ յայտնութիւն մը՝ Աճառեանի արտասանութեան մասին, որ հետեւեալն է. «Աճառեանը,– կը գրէր ան,– մինչեւ մահը չյաջողեցաւ զանազանել եռաշարք բաղաձայնները»: Այլ խօսքով՝ ան շարունակեց միջին արեւմտահայուն պէս նոյնացընել իր մայրենի բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, այլեւ ր-ռ, յ-հ զոյգերը՝ հակառակ վերոնշեալ 50 տարիներուն ու հակառակ այն խոր ու համապարփակ իմացութեան, որ ան ունէր հայերէնի հնչիւնաբանութեան մէջ, որուն նուիրած է իր «Լիակատար քերականութեան» 6-րդ հատորը՝ 750 մեծադիր էջեր: Այս բոլոր դժուարութիւնները ի մի գումարած՝ կարելի է պատկերացնել,– եթէ պէտքը կայ,– թէ որքա՜ն դաժան է մեր ուղղագրութիւնը: Եւ ճիշդ այս դաժանութիւնն ալ կը մղէ կարգ մը ազգայիններ խստապահանջ չըլլալու սփիւռքահայ նորահաս սերունդներու հանդէպ այնքան ատեն, որ անոնք կը սորվին հայերէն այբուբենը ու կը հաղորդակցին հայերէն՝ թէկուզ խոցելի ուղղագրութեամբ: Իսկ երբրեմն ալ, ոչ մտահոգիչ տարողութեամբ ու յաճախականութեամբ, կը բարձրանան ձայներ, որոնք կ’առաջարկեն պարզացնել արեւմըտահայերէնի ուղղագրութիւնը՝ պահելով նմանահունչ բաղաձայններէն մի՛այն մէկը, այսինքն՝ դուրս ձգելով բ, գ, դ, ձ, ջ, ռ, տառերը, որով արեւմտահայերէնը կը վերածուի երկշարք բաղաձայնաւոր լեզուի՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի... պէս: Ահա այս պարագային է, որ կապկելով անգլիացիները կարելի է ըսել, որ թերեւս ուղղագրութիւնը, այո՛, դիւրանայ, սակայն փոխարէնը կը կորսնցնենք արեւմտահայ մշակոյթը: Իսկ նման գին վճարելու պատրաստ չենք, գոնէ մինչեւ հիմա: Չմոռնանք, որ մեր պատմական տեսլականը մեր ժողովուրդի երկու կէսերու միացումն է՝ մէ՛կ հայրենիքի, մէ՛կ լեզուի ու մէ՛կ ուղղագրութեան ծիրէն ներս: Եւ այդ շրջագիծին մէջ ալ ինքնաբերաՇարունակութիւնը էջ 25
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 25
Ուղղագրութեան պատմութիւն(Բ) Շարունակութիւն էջ 24-էն
բար պիտի լուծուին ներկայիս մեր առջեւ ծառացող բոլոր հարցերը: Կը մնայ, որ դիմադրենք սփիւռքի արհաւիրքներուն՝ առաւելագոյն գիտակցութեամբ եւ խոնարհութեամբ կրելով անոր դժուարութիւնները: Այս պայքարը աւելի արդիւնաւէտ պիտի տարուի միասնական ուղղագրութեամբ մը, որուն պէտք է հասնիլ ամենայն նպատակասլացութեամբ եւ առաջին առիթով: ***
Այդ միասնական ուղղագրութիւնը պէտք է յստակօրէն ցոլացնէ՝ ***Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառամէջի ո եւ օ տառերով. այսպէս՝ հոտ եւ հօտ, հոր եւ հօր, մոր եւ մօր եւ այլն: Մնացեալ օ-երը կարելի է ազատօրէն վերածել ո-ի. օրինակ՝ կարօտ-կարոտ, կօշիկ-կոշիկ, մօտ-մոտ, նարօտ-նարոտ եւ այլն: ***Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառամէջի ե եւ է տառերով. օրինակ՝ աւետ եւ աւէտ, հեգ եւ հէգ, գետ եւ գէտ, գեր եւ գէր, պետ եւ պէտ, սեր եւ սէր, վեր եւ վէր(ք) եւ այլն: Բառամէջի է տառը կը պահեն բոլոր այն արմատները, որոնք առնուազն մէկ ածանցումի կամ բարդումի պարագային կը վերածուին ի-ի. օրինակ՝ Արտաշէս-Արտաշիսեան, գէր-գիրուկ, դէմ(ք)դիմել, զէն-զինել, կէտ-կիտազգի, ձէթ-ձիթենի, մէտ-միտում, Մովսէս-մովսիսական, ՆերսէսՆերսիսի[1], շէկ-շիկանալ, շէն-շինարար, պարտէզ-պարտիզպան, պէս-պիսի, վէմ-վիմափոր, քէն-քինախնդիր, օրէն(ք)-օրինաւոր եւ այլն: Բառամէջի մնացեալ է-երը կարելի է ազատօրէն վերածել ե-ի. օրինակ՝ աղէտ-աղետ[2], աղուէս-աղուես, ամէն-ամեն, պատճէն-պատճեն, պարէն-պարեն եւ այլն: ***Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառասկիզբի հ եւ յ տառերով. օրինակ՝ հագ(նիլ) եւ յագ(ենալ), համր եւ յամր, համար եւ յամառ, հանգիլ եւ յանգիլ, հանք եւ յանգ, հաշտ եւ յաշտ, հար(ուած) եւ յար (միշտ), [1] Անշուշտ այս պարագային պիտի հարց ծագի՝ պէտք չէ՞ արդեօք է-ով գրել անցեալին բոլոր «էս»ով վերջացող յատուկ անունները, ինչպէս՝ Թալէս, Վաղէս, Արիստակէս, Վարդգէս, Վրթանէս եւ այլն, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ կան այնպիսիները, որոնք է > ի հնչիւնափոխութիւն չունին: [2] Աղիտալի, աղիտաբեր հնչիւնափոխուած ձեւերը կեղծ եւ բռնազբօսիկ են աշխարհաբադի մէջ, որ նման հնչիւնափոխութիւն չի ճանչնար: Իսկ գրաբարը չունէր աղէտալի կամ աղիտալի, բայց ազատօրէն կ’ըսէր աղէտաբեր՝ նախընտրելով այս վերջինը աղիտաբեր-էն (տե՛ս «Նոր հայկազեան», ա., էջ 39):
հառաչ եւ յառաջ, հար(ել) - յար(ել) - յառ(ել), հարթ եւ յարդ, հարկ եւ յարկ, հեղ եւ յեղ, հետ եւ յետ, հոյզ եւ յոյզ, հօտ եւ յօտ, հոյն եւ յոյն, հոն եւ յօն(ք), հոռի եւ յոռի, հորթ եւ յորդ եւ այլն: ***Բառասկիզբի գրաբարեան ի նախդիրէն յառաջացած յ բաղաձայնը՝ գէթ այն բառերուն մէջ, ուր թելադրական է անոր ինքնութիւնը. օրինակ՝ յայտ (ի-այտ), յանկարծ (ի-անկարծ), յանդիման (ի-անդիման), յանիրաւի (ի-անիրաւի), յանձնել (ի-անձնել), յանցանք (ի-անցանք), յանձին(ս) (իանձին), յաջող (ի-աջող), յառաջ (ի-առաջ), յարձակիլ (ի-արձակիլ), յարգ (ի-արգ...արժէք), յարդարել (ի-արդարել...ձեւել), յաւելել (ի-աւելել), յափշտակել (ի-ափշտակել), յուշ (ի-ուշ), յորմէ (իորմէ), յստակ (ի-իստակ), յօգուտ (ի-օգուտ), յօրինել (ի-օրինել), յօրինակ (ի-օրինակ) եւ այլն: Ասոնք վերջին հաշուով գրաբարեան կառոյցներ են եւ պէտք է յարգել այդ հանգամանքը, թող որ ասոնք ճանչնալը այնքան ալ դժուար չէ... նոյնիսկ արեւելահայուն համար: ***Բացառական հոլովի բառավերջի է տառը, որ յատուկ է արեւմտահայերէնին. օրինակ՝ բանակէ, գիրքէ, ժամանակէ եւ այլն: ***Ել լծորդութեան բայերու պարզ ժամանակներու վերջը պէտք է բոլորովին նոյնանայ էական եմ բայի սահմանական ներկայի ու անկատարի հետ՝ եմ-ես-է-ենք-էք-են եւ էի-էիր-էր-էինք-էիք-էին. օրինակ՝ կը քալ-եմ կը քալ-էի կը քալ-ես կը քալէ-իր կը քալ-է կը քալ-էր կը քալ-ենք կը քալ-էինք կը քալ-էք կը քալ-էիք կը քալ-են կը քալ-էին ***Հայերէնի երեք երկբարբառները՝ եա, ոյ, իւ (օրինակ՝ ատեան, թոյն, սիւն) եւ եայ եռաբարբառը (օրինակ՝արծաթեայ, երկաթեայ, թաւշեայ): Առանց այս երկբարբառներու առկայութեան, կարելի չէ տրամաբանական բացատրութիւն մը տալ հնչիւնափոխական բազմաթիւ պարագաներու. օրինակ՝ ատյան-ատենապետ հնչիւնափոխութիւնը ոչ մէկ տրամաբանական բացատրութիւն ունի, քանի որ յ չի կրնար ե դառնալ, մինչ ատեան-ատենապետ հնչիւնափոխութիւնը ինքզինք կը բացատրէ լիովին. շեշտի տեղաշարժի հետեւանքով պարզապէս սղած է ա ձայնաւորը ու այսչափ: ***Սահմանական ներկայի, եզակի երրորդ դէմքի ժխտականի ապաթարցը ձայնաւորով սկսող բայերու պարագային. օրինակ՝ չի առներ > չ’առներ, չի երթար > չ’երթար, չի ուտեր > չ’ուտեր: Եւ ասոնց հարցական ձեւերը՝ չ’ա՞ռներ, չ’ե՞րթար, չ’ո՞ւտեր: Ասոնք մաքուր արեւմտահայերէն կառոյցներ են, որոնց դիմաց արեւելահայերէնը ունի՝ չի առնի Շարունակութիւնը էջ 26
Հայ Կեանք
Էջ 26
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայկական երազանք. Forbes-ի կարծիքով՝ Հայաստանը ձգտում է կրկին դառնալ «Սիլիկոնեան հովիտ»
Հեղինակաւոր Forbes ամսագիրը ներկայացրել է Հայաստանի բարձրտեխնոլոգիական ոլորտի զարգացման հեռանկարները՝ շեշտելով, որ Հայաստանը փորձում է տեխնոլոգիական էկոհամակարգ ստեղծել եւ գրաւել միջազգային ներդրողներին: Ըստ յօդուածագրի՝ Հայաստանը դրան փորձում է հասնել բիզնեսի համար լաւ պայմաններ ստեղծելով, հարկային բեռի թեթեւացմամբ եւ բարձր որակաւորում ունեցող կադրերի օգնութեամբ: «Բարձր որակաւորում ունեցող կադրերը մաթեմատիկայի, գիտութեան եւ ինժեներութեան ոլորտներում Հայաստան են ներգրաւել առաջատար IT-ընկերութիւնների, որոնք լիարժէք գիտահետազօտական ստորաբաժանումներ են բացել: Դրանց թուում են Intel, D-Link, Microsoft, ABBYY եւ շատ այլ ընկերութիւններ», - ընդգծում է յօդուածագիրը: Ամսագիրն ուշադրութիւն է հրաւիրում 2011 թուականին Սեմ Սիմոնեանի կողմից Երեւանում բացուած «Թումո» ստեղծարար տեխնոլոգիաների
կեդրոնի վրայ, որի մասին Visabot նախագծի հիմնադիր եւ 30-ից ցածր Forbes Global ցանկի անդամ Արտյոմ Գոլդմանն ասել է. «Ինձ զարմացրեց այն, ինչ տեսայ Հայաստանում: Երբ բնակուում ես Մոսկուայում կամ Սան Ֆրանցիսկոյում մտածում ես, որ Հայաստանում ոչ մի հետաքրքիր բան տեղի չի ունենում, սակայն գալիս ես եւ հասկանում, որ այստեղ աւելի հնարամիտ ծրագրեր են իրականացուում, քան Սիլիկոնեան հովտում: Օրինակ, «Թումո» դպրոցը նմանօրինակը չունի եւ արդէն իր համակարգն արտահանում է Եւրոպա: Միանշանակ, Հայաստանը մեծ ներուժ ունի, եւ իմաստալից է այժմ ուշադրութիւն դարձնել ոչ թէ Նահանգներին, այլ քարտէզի վրայ գոյութիւն ունեցող այս իւրայատուկ կէտին»: Ամսագիրն անդրադառնում է նաեւ Հայոց Սփիւռքի աջակցութեանը. «Ռուբէն Վարդանեանն, օրինակ, գործընկերների հետ միասին ստեղծել է FAST (Foundation for Armenian Science and Technology) գիտահետազօտական հիմնադրամը եւ մտադիր է ենթակառուցուածքներ կառուցել IT տեխնոլոգիաների եւ գիտութեան զարգացման համար»: Եզրափակելով յօդուածը՝ հեղինակը նշում է, որ Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւնն իր պատմական նախադրեալներն ունի խորհրդային շրջանից, երբ հանրապետութիւնը համարուում էր «Խորհրդային Միութեան Սիլիկոնեան հովիտը»:
Ուղղագրութեան պատմութիւն(Բ) Շարունակութիւն էջ 25-էն
ու չի՞ առնի, չի ուտի ու չի՞ ուտի: Ծանօթ.--Թելադրրելի է, որ հարցման նշանը կամ պարոյկը դրուի ու-ի եւ իւ-ի վերջին՝ ւ բաղադըրիչին վրայ. սապէս՝ չ’ու՞տեր, չ’իւ՞րացներ եւ այլն, ինչ որ աւելի հետեւողական է: ***Գրաբարեան մէջբերումները՝ բառեր, բառակապակցութիւններ, ասոյթներ եւ այլն տալ միայն գրաբարեան ուղղագրութեամբ: Ուրեմն ասոնք են մօտաւորապէս այն նուազագոյն նախապայմանները, որ մեր հետագայ միաս-
նական ուղղագրութիւնը պէտք է յարգէ, որպէսզի ունենանք գիտականացած ու տրամաբանական ուղղագրութիւն մը, որ աւելի ազնիւ է, հաշտ է հայեցի մտածողութեան եւ մեր գրաւոր մշակոյթի աւանդոյթներուն հետ: Այս տուեալները յարգող ուղղագրութիւն մը պիտի զգալիօրէն դիւրացնէ գրաբարի իմացութիւնը, մինչդեռ Աբեղեանի համակարգը, շատ խիստ խզուած ըլլալով գրաբարի ուղղագրութենէն, մեծապէս կը դժուարացնէ թէ՛ նախախորհրդային գրականութեան հաղորդակցումը, թէ՛ գրաբարի իմացութիւնը:
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 27
Մելգոնեանցիներու համահաւաք
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ Մելգոնեանցի Մէն մի աղջիկ, մէն մի տղայ Շնորհապարտ ինչպէ՜ս չըլլայ, Եւ անթառամ ու բազմաբոյր ծաղիկներով երախտիքի Չպսակէ Յուշադամբանն անոնց անգին: Վարուժան Պետիկեան
2018 2800-ամեակը Երեւան քաղաքին, 100-ամեակը Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, 30-ամեակը Ղարաբաղեան Շարժումին: Եւ … 50-ամեակը դասարանիս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն շրջանաւարտութեան: Չյաւակնելով մեր տարեդարձը համեմատել վերոյիշեալ ազգային յոբելեաններուն, Լուսոյ Տաճարին 1968-ի շրջանաւարտներս - 23 հոգի, առաւել ամուսիններ, տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ, միշտ մեզի ընկերակցող հաւատարիմ հետեւորդներ, ընդհանուր թիւ 60 հոգի - նոր յոյսով լեցուն մեր հայրենիքին մէջ Մայիս 11-18 հպարտութեամբ նշեցինք մեր 50-ամեայ յոբելեանը: Վերջին տասնամեակին մեր չորրորդ հանդիպումն էր այս - 2008 Հայկական
Ծովագնացութիւն, 2011 Հայաստան, 2013 Կիպրոս եւ կու գայինք Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Պոլիսէն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Գանատայէն ու ԱՄՆ-էն: Իւրաքանչիւր մասնակից իր ժամանումին կը ստանար տոպրակ մը «Class of 68 - 4th Reunion Yerevan May 2018» պիտակով: Պարունակութիւնը՝ Մելգոնեանի արծիւը կրող գլխարկ մը, շաբթուան ծրագիրը, Վահանին փունջ մը բանաստեղծութիւնները, ներշնչուած 2013-ին Մելգոնեան մեր այցելութենէն, Հաստատութեան 90-ամեակին առիթով պատրաստուած «Temple of Light» տեսաերիզը եւ վկայական մը՝ յար եւ նման ՄԿՀ-ի վկայականներուն, հայերէն ու անգլերէն հետեւեալ գրութեամբ. «ՄԿՀ-ի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանաս իսկական արժէքաւոր երկրորդ վկայականի մը փոխան քու անսակարկ նուիրումիդ եւ անթիւ զոհողութիւններուդ, հանդերձ ընտանիքիդ, շրջանակիդ եւ ընդհանրապէս մարդկային ցեղին: Երեւան, 12 Մայիս 2018»: Գրութիւնը նոյնն էր բոլորին համար: 50 տարի վերջ՝ հասարակ յայտարար: Ունեցանք լաւ կազմակերպուած ծրագիր մը՝ պտոյտներ, ընտիր ճաշարաններ, համեղ ճաշերով, երգով ու երաժշտութեամբ, առաջնակարգ ուղեկցող մը՝ Սիրանուշը: Կ’արժէ առանձնացնել տեղական գոյնով Գեղարգունիքի Ծաղկունք գիւղի պարտէզճաշարանը, ուր անուանի խոհարարը մեր ներկայութեան պատրաստեց ու թոնիր իջեցուց ամբողջ գառնուկը, որ ճաշակեցինք տաւուլ-զուռնայի, երգ ու Շարունակութիւնը էջ 28
Էջ 28
Հայ Կեանք
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ Շարունակութիւն էջ 27-էն
պարի - եւ անձրեւի - ընկերակցութեամբ. Դիլիջանի Դոլմամա ճաշարանը, ուր ըմբոշխնեցինք օփերայի երգիչներու քառեակի մը կատարումները. Էջմիածնի «Հայ Միասնութեան Խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնը, ուր ճաշարանէն զատ կը գործեն զանազան արհեստանոցներ եւ ցուցասրահներ, որոնց հասոյթը կը յատկացուի կազմակերպութեան բարեսիրական ծրագիրներուն, մանաւանդ մանուկներուն. «Ծիրանի» ռեստորանային համալիրը, ուր գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ վայելեցինք շնորհալի ջութակահարուհիներու քառեակ մը: Կիրակի, Մայիս 13-ի առաւօտեան բոլորս ներկայ գտնուեցանք Սբ. Հռիփսիմեանց տաճարի հոգեպարար արարողութեան, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան բարերարներու, ինչպէս նաեւ մեր ուսուցիչներէն Սարգիս Համպոյեանի եւ Սեպուհ Աբգարեանի խնկելի յիշատակին: Պարոն Սարգիս Համպոյեան եւ Տէր եւ Տիկին Միհրան Ճիզմէճեաններ միացած էին մեզի նախորդ երեք հանդիպումերուն: Այս անգամ զգալի էր իրենց բացակայութիւնը: Պարոն Համպոյեան անդարձ բաժնուած էր մեզմէ մի քանի ամիս առաջ, իսկ Վարդուկ եւ Միհրան Ճիզմէճեաններ կը սգային անժամանակ կորուստը իրենց որդւոյն՝ Արային: Ուրեմն Միսաք գաղափարը ունեցաւ բոլորիս կողմէ գրելու Լիւսի Համպոյեանին եւ Ճիզմէճեան ամոլին, յայտնելու համար թէ զգալի էր իրենց բացակայութիւնը եւ իրենց մաղթելու մխիթարութիւն: Լիւսիին պատասխանը յուզեց մեզ: Մեր ծրագրի թերեւս ամենէն նշանակալի եւ
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
յուզիչ պահերը ապրեցանք երբ այցելեցինք Արարատի Մարզի Մասիս քաղաքի Վահրամ Բաբայեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցը, 9 դասարան, մօտ 900 աշակերտ: Մեր դասընկերներէն Վահան Մուրատեան նախաձեռնած էր դպրոցին սատարելու գաղափարին, իրեն միացած էին Շնորհիկ եւ Տիգրան Ալթունեաններ, իսկ դպրոցի նախկին սանի մը նուիրատուութեամբ վերջերս կառուցուած էր հանդիսասրահը: Այստեղ նշեմ թէ մեր հրաժեշտի ճաշկերոյթին այս դպրոցին համար հանգանակուեցաւ աւելի քան 8,000 տոլար: Դպրոցի մուտքին աշակերտները մեզ դիմաւորեցին Մելգոնեանի քայլերգով: Այդ պահուն մտաբերեցի թէ ՄԿՀ վերջին տարիներու աշակերտներուն քայլերգը չէին սորվեցներ, յետին նպատակներով: Դպրոցի մուտքին կար յուշաքար մը, մէկ կողմը Այբուբեն, միւս կողմը «ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի թարգմանած առաջին նախադասութիւնը: Իսկ միջանցքներու պատերուն՝ ՀՀ մաղթերգը, Տէրունական աղօթքը եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին պատկերը: Ճոխ յայտագիր մը պատրաստուած էր մեզի համար - երգ, ասմունք, խմբային արտասանութիւն, պար - որու ամբողջ տեւողութեան բեմին ետեւի պաստառին վրայ կը տողանցէին ՄԿՀ-ի դրուագներ: Չոր աչք չմնաց, ոմանք ուղղակի կը հեկեկային: Շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան պարոն Վարդան Թաշճեան, Վահան, Շնորհիկ եւ Տիգրան, տնօրէնութիւնը: Յաջորդեց հիւրասիրութիւն ու կտրուեցաւ յատուկ պատրաստուած կարկանդակ, Մելգոնեան բարերարներու նկարով եւ մեր յիսնամեակը խորհրդանըշող 50 թիւով: Երբ կը մեկնէինք, բակին նայող երկրորդ յարկի պատուհաններու ետին խռնուած էին աշակերտները, որ մեզի բարի երթ կը մաղթէին Շարունակութիւնը էջ 29
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 29
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ Շարունակութիւն էջ 28-էն
փոքր եռագոյն դրօշակներ ճօճելով: Յուզումի պահ մը եւս, կէս դարու հեռաւորութենէն: Ի՜նչ Մելգոնեան, ի՜նչ Մասիս քաղաքի թիւ 2 հիմնական դպրոց … Մեր եզրափակիչ յոբելենական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Megerian Carpets գորգի կեդրոնին մէջ Մայիսի 17-ին: Նախ այցելեցինք գորգի թանգարանը, ծանօթացանք Մըկըրեան ընտանիքի երեք սերունդ գորգի գործով զբաղումին, տեսանք հաստոցներ, ներկեր, պատմական գորգեր, Երեւանի 2800-ամեակին առիթով քաղաքապետարանին նուիրուելիք սքանչելի գորգը: Ապա անցանք ճաշասրահ, ուր արդէն կը լսուէին քանոնի եւ տաւիղի հնչիւնները: Ձայն տուաւ Շահէն ու երգեցինք ՄԿՀ քայլերգը Անմահ լուսոյ, ճշմարտութեան, բարիին, Տաճարն է այս, սրբանուէր, թանկագին, Ան մեզ տուաւ, նահատակուած մեր ցեղին, Զաւակներէն լաւագոյնը ու բարին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արան, ապա խօսքը տուաւ Բիւզանդին, որ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն առ ի յարգանք մեզմէ յաւէտ բաժնուած մեր ընկերներուն, ուսուցիչներուն, բարերարներուն, մանաւանդ վերջերս մահացած Սարգիս Համպոյեանին եւ Միհրան Ճիզմէճեանի որդւոյն՝ Արային: «Երազի պէս դարձեալ անցան այս եօթ օրերը - կարօտի հանդիպման յագեցման վայրկեաններ», ըսաւ ան ու շարունակեց «նողկանք կը զգամ այն մարդոց, որոնք մեր դպրոցը այս վիճակին բերին եւ կը հիանամ ընկերներուս վրայ, որոնք տակաւին իրենց յոյսը չեն կտրած Մելգոնեանի բացուելուն»: Վերահանդիպումի մաղթանքներով փակեց ան իր խօսքը, ապա մէկական տուն արտասանեց արեւմըտահայ բանաստեղծներու գործերէն ու երգեց «Տլէ Եաման»ը: Մելգոնեանի շրջանաւարտ, ուսուցիչ, Լոս Անճէլըսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Վարդգէս Գուրուեան ներկայացուց օրուան մեծարեալ Վարդան Թաշճեանը, որուն յանձնուեցաւ Մելգոնեանը, Խորհրդանիշը եւ ջրամբարը պատկերող յուշանուէր մը: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Մելգոնեանի շրջանաւարտ, ուսողութեան ուսուցիչ, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Վարդան Թաշճեան, շնորհաւորելով Յիսնամեակի համախմբումը իրականացնող Արա Գուլեանը, Վահէ Հալաճեանը, Միսաք Ներսէսեանը եւ բոլոր օգնականները: Շնորհակալութիւն յայտնեց իր բարեկամ Վարդգէս Գուրուեանին դրուատական խօսքերուն համար, աւելցնելով թէ յուշանուէրը կ’ընդունի նաեւ որպէս յարգանքի տուրք իր պաշտօնակիցներուն՝ հայ թէ օտար նուիրեալ մշակներուն: Արտայայտեց բոլորին խորազգաց վշտակցութիւնները եւ մխիթարական զգացումները Համպոյեան եւ Ճիզմէճեան ընտանիքներուն եւ պարագաներուն:
«Որքան ալ փոխուեցանք օրէ օր, Մելգոնեանը միշտ մնաց երիտասարդ մեր մտքին ու մտածումներուն մէջ առտուընէ մինչեւ իրիկուն, եւ մեր երազներուն մէջ՝ կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս», ըսաւ ան: «Այս այն Մելգոնեանն է, որ լռած է ալ, 12 տարիներէ ի վեր, որուն զանգակը չի հնչեր ալ, որուն միջանցքներէն չեն լսուիր ալ սան-սանուհիներու կրունկներուն կռինչը, որուն օդին մէջ չկայ արձագանգը առաւօտեան «Անմահ Լուսոյ»ին եւ «Աւետիս Հայեր»ուն, որուն անտառները, շէնքերը, դամբանը, բարերարներու վիլլան, արձանները տխուր են, երբ չկայ ալ կեանք ու շարժում անոնց շուրջ»: Ան ըսաւ թէ բնութեամբ ալ գեղեցիկ էր Մելգոնեանը - ներշնչումի աղբիւր թէ իր գրիչին եւ թէ վրձինին: Երախտագիտութիւն յայտնեց իր կեանքին մէջ իր կողակիցին՝ Սիլվային ներկայութեան համար - գալ տարի կը լրանայ իրենց ամուսնութեան յիսնամեակը - «որ երջանիկ կեանքի օրհնութիւնը եղաւ»: «Պռաւօ» տուաւ Վահանին ու Տիգրանին Մասիսի դպրոցի նախաձեռնութեան համար եւ խօսքը աւարտեց ըսելով. «սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, եթէ ես շուրջ կէս դարու կրթական կեանքիս ընթացքին կրցայ ձեզի պէս առողջ սերունդներ պատրաստել, ալ ինձմէ աւելի երջանիկ անձ չկայ ու չի կրնար ըլլալ»: Անակնկալ մըն ալ վերապահուած էր ինծի: Դասընկերներս, գնահատելով մեր կապը վառ պահելս, մեր գործունէութեան մասին մամուլին մէջ գրութիւններս, ՄԿՀ խորհրդանիշը կրող ապակեայ յուշանուէր մը յանձնեցին, ձեռամբ Միսաքին, հետեւեալ գրութեամբ՝ «Սիրելի Երանուհիին, մեր շրջանաւարտութեան Ոսկեայ կիսադարեան տարեդարձին առիթով, առ ի շնորհակալութիւն եւ արտայայտութիւն մեր երախտագիտութեան՝ հանդէպ ժրաջան աշխատանքիդ, որպէս մեր դասարանի պաշտօնական բանբեր եւ բոլոր հետաքրքրաշարջ անցուդարձներու անխոնջ տեղեկատու»: ՇրջապաՇարունակութիւնը էջ 32
Էջ 30
Հայ Կեանք
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ Շարունակութիւն էջ 29-էն
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Նովա» օփերան: Երբ Կոմիտասի թանգարանին ուղեկցողը աւարտեց իր բացատրութիւնները, Ովսաննան ու ես պատմեցինք իրեն միայն Վահան Պէտելեանին - Մելգոնեանի երաժշտութեան ուսուցիչ եւ Կիպրոսի երաժշտութեան հայր - աշակերտներուն ծանօթ դրուագ մը: Կոմիտասի Փարիզեան շրջանին Վահան Պէտէլեան կ’այցելէ հոգեբուժարան եւ կը փափաքի տեսնուիլ հետը: Կոմիտաս իր սենեակը չ’ըլլար, ուրեմն Պէտէլեան տեսնուելու փափաքը կը յայտնէ թուղթի մը վրայ գրելով: Երբ կը վերադառնայ վարդապետը, կը կարդայ թուղթը, կը ճմռթկէ ու գետին կը նետէ: Առաջին առիթով Պէտէլեան կ’առնէ թուղթը, կը շտկէ ու մասունքի պէս կը պահէ մինչեւ կեանքին վերջը, իր աշակերտները բաժնեկից դարձնելով այդ գանձին: Արցունք բերինք ուղեկցողին աչքերուն: Անակնկալ հանդիպումները շատ էին մեր կեցութեան շրջանին: Կ’ըսեն՝ աշխարհը փոքր է: Հայաստանով աւելի կը փոքրանայ:
Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի կանայք կը մասնակցին խոհարարական դասընթացներու տուած «կարգադրիչ յանձնախումբ»ի անդամներով, խօսք առի ըսելով թէ մեր կապը վար պահելը հաճոյք կը պատճառէր նախ եւ առաջ ինծի եւ թէ երախտապարտ էի ծնողքիս, որ իմաստութիւնը ունեցած էին զիս Մելգոնեան ղրկելու եւ առիթը ընծայած ունենալու նուիրեալ ուսուցիչներ եւ իրենց նման քոյրեր ու եղբայրներ: Ցուցադրուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, պատրաստուած Արային կողմէ, մեր դպրոցական տարիներու դրուագներով: Բաշխուեցան մեր հանդիպումներէն անպակաս պըլոթի մրցաշարքի բաժակները. յաղթողներ՝ Յակոբ Գասարճեան եւ Վարուժ Սարգիսեան: Մի քանի երգ երգեցինք մեր սոխակներուն՝ Ովսաննային եւ Շահէին առաջնորդութեամբ, Վարդուկ եւ Միսաք կտրեցին յիսնամեակի կարկանդակը, ու մեր Արմէն փեսան, մեր հանդիպումի պաշտօնական լուսանկարիչը, նկարեց հա նկարեց … Այսպէս վերջ գտաւ մեր պաշտօնական ծրագիրը: Ոմանք մեկնեցան յաջորդ օրն իսկ, ուրիշներ պիտի մնային մի քանի շաբաթ եւս: Առաջին օրը կատակած էր Արան «գանգատները Վահէին, շնորհակալութիւնները ինծի»: Գանգատ չունեցանք: Ուրեմն շնորհակալութիւն բոլորիդ՝ Արա, Վահէ, Միսաք եւ օգնականներ: Ձեր վարձքը կատար: Ցտեսութիւն *** Մայիսի 18-ին մեր դասընկերներէն Գէորգ Մարաշլեան, Գրիգոր Մարոնեան, Մանուկ Եըլտըզեան, Բիւզանդ եւ Մարի Ագպաշեաններ Մելգոնեանի վերաբացումի հարցով հանդիպում ունեցան ՀՀ Սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ: Անհատաբար թէ փոքր խումբերով այցելեցինք Պատմութեան թանգարան, Գառնիի Կիրճ, Կոմիտասի թանգարան եւ Պանթէոն, վայելեցինք «Սայաթ-
Թուրքիոյ զարգացման նախարարութեան աջակցութեամբ սահմանամերձ Հաթայ քաղաքի մէջ բացուած են խոհարարական դասընթացներ, «Պատմութիւնէն եկած համեր» խորագիրով։ «Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, 550 ժամ տեւող դասընթացներուն Հաթայի Սամանդաղ շըրջանը գտնուող հայկական Վաքըֆլը գիւղէն պիտի մասնակցին 28 կին։ Ի դեպ, Վաքըֆլըն Թուրքիայի միակ հայկական գիւղն է։ Դասընթացներու ժամանակ հայ կանայք պիտի պատրաստեն աւանդական տոլման եւ մի շարք մը այլ ուտեստներ: Թուրքական աղբիւրը կը նշէ, որ Վաքըֆլը գիւղի կանայք նշանաւոր են իրենց խոհարարական ու խոհանոցային զանազան հմտութիւններով: Առաւելապէս յայտնի են տաւարի միսով պատրաստուած ուտեստները։ Նշեալ ծրագրին իր աջակցութիւնը յայտնած է Հաթայի հայկական ուղղափառ եկեղեցուոյ հիմնադրամը։ Վերջինիս նախագահ Ջեմ Չափարի խօսքերով՝ այս նախագծին համար հայկական եկեղեցուոյ հատկացուած է 198.000 թուրքական լիրա (մօտ 42.000 տոլար)։ ,
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
Հայ Կեանք
Էջ 31
ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ
«ՔՈ ՍԻՐՈՒՑ ԵՆՔ ԾՆՈՒԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Այս նշանաբանով՝ նուիրուած Մայիսեան հերոսամարտերուն, «Աւետիս» պարային դպրոցը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը, Շաբաթ, 26 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Λεόντειο վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ելոյթը կը պատուէին իրենց ներկայութեամբ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանորդ Ալեքսանդր Սարգսեան, Յունահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ՝ Տէր Խորէն վրդ. Առաքելեան, Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց թեմի կառավարիչ Գերապայծառ Տէր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Պէզազեան, Տէր Վահրիճ վրդ․ Ղարախանեան, ՌԱԿ Յունաստանի Շրջ․ Վարչութեան ատենապետ Գալուստ Ռուստեմեան, ՀԲԸՄ Յունաստանի Կետդր․ Յանձնաժողովի ատենապետուհի Ովսաննա Գարայեան, բարերարուհի Լուիզ Ֆէնէրճեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Յայտագրին առաջին մասը կը բաղկանար 5-16 տարեկան փոքրերու եւ պատանիներու ներկայացումներէ, որոնք իրենց ճկունութեամբ, նրբու-
թեամբ եւ հայու հպարտ կեցուածքով պարեցին, երգեցին, ասմունքեցին, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու: Ելոյթը ա՛լ աւելի գեղեցկացաւ, երբ բեմ մուտք գործեց Հ.Բ.Ը.Միութեան «Անի» պարախումբը գունագեղ տարազներով եւ ներկայացուց երկու ժողովրդական պարեր արժանանալով նոյնպէս ներկաներու հիացմունքին եւ ծափահարութեան: Յովսէփ Թօփալեանի երգի կատարումները յուզմունքի եւ խանդավառութեան մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Իսկ «Անի» հայկական եւ ժողովրդական նուագախումբը, անգամ մը եւս հմայեց բոլորին՝ տուտուքի, տհոլի, քեմանչայի, քանոնի, ուտի հայկական երաժշտութեան նրբային կատարումներով, որոնց երգով մասնակցեցաւ Քրիսթինա Էլամիրեան իր սոխակային ձայնով: Մեծապէս շնորհաւորելի եւ գնահատելի է գեղարուեստական ղեկավար-պարուսոյց՝ Շուշանիկ Սեմերճեանի եւ տնօրէն Կարէն Յակոբեանի անխոնջ եւ արհեստավարժ աշխատանքը, որ ոչ միայն Շարունակութիւնը էջ 32
Էջ 32
Հայ Կեանք
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Fashion Forum Yerevan 2018-ը
Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018
«ՔՈ ՍԻՐՈՒՑ ԵՆՔ ԾՆՈՒԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Յունիս 2-4 Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Fashion Forum Yerevan 2018-ը` նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ առաջ մղելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կազմակերպուած էր «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» ՀԿ-ի եւ «Նորաձեւութեան եւ տիզայնի պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:
Միջոցառման պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 2-ին, Արամ Խաչատրեանի տունթանգարանին մէջ` «Նոյի սերունդները» հանրաճանաչ եւ սկսնակ հայ ձեւագէտներու հագուստներու ցուցադրութեամբ:
Շարունակութիւն էջ 31-էն
սերմանեցին պարային կատարելագործումը այլ՝ սերմանեցին նաեւ հայու ոգին, հայրենիքի սէրը եւ մշակոյթը պատանիներու մատղաշ հոգիներուն: Երեկոյի աւարտին, Յունահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ՝ Տէր Խորէն վրդ. Առաքելեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ապա, տիկ. Շուշանիկ Սեմերճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար: Վարձքը կատար բոլորին: Հանդիսատես Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքին, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:
Fashion Forum Yerevan 2018-ը եզակի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հանդիպելու նորաձեւութեան ոլորտի առաջատար ներկայացուցիչներու, մասնագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելու միջազգային փորձը: Սա առաջին քայլն է դէպի միջազգային նորաձեւութեան հարթակ, ուր գիտելիքը եւ կապերը յաջողութեան բանալի են: