Հայ Կեանք թիւ 14(51) 20/07/2018

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 14(51)

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ոչ պաշտօնական, աշխատանքային հանդիպումները Պրիւքսելի մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս 12 Յուլիսին ոչ պաշտօնական, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն հետ: Մասնաւորապէս, վարչապետը հանդիպած է Աֆղանստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի, Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Շառլ Միշէլի, Գերմանիոյ կանցլեր Անկելա Մերքէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Իտալիոյ վարչապետ Ջուճեպպէ Քոնթէի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիթվայի նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիպրասի, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի,

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած միջոցառումներուն

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Սահմանադրական դատարանին մէջ մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանիշներու օրուան նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումներուն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի գրասեկեակէն կը տեղեկացնեն, որ Հանրապետութեան նախագահը դիտած է Հայաստանի Սահմանադրութիւններուն եւ պետական խորհրդանիշներուն նուիրուած ցուցահանդէսը, մասնակցած է հանդիսաւոր ընդունելութեանը եւ կտրած է տօնական տորթը: Իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նախագահ Սարգսեան ըսած է. Շարունակութիւնը էջ 2

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես-Փերես Քասթեխոնի, FYROM-ի վարչապետ Զորան Զաեւի, Սլովաքիայի նախագահ Անտրէյ Քիսքայի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Յենս Սթոլթընպըրկի հետ: Վարչապետը վերոնշեալ պետութիւններու ղեկավարներուն եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ քննարկած է երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներն ու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր։


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած միջոցառումներուն

News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։

Շարունակութիւն էջ 1-էն

«Այսօր սահմանադրութեան օրն է: Միեւնոյն ժամանակ, այսօր մենք նշում ենք նաեւ պետական խորհրդանիշների օրը, ինչը կրկնակի տօնական ու կարեւոր է դարձնում այսօրուայ խորհուրդը: Պետական խորհրդանիշները բացարձակ արժէքներ են, որոնց նշանակութեան գիտակցումը եւ պատշաճ արժեւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունեն երկրի այսօրուայ եւ վաղուայ օրուայ համար: Սահմանադրութիւնը համարուում է երկրի օրինականութեան խորհրդանիշ: Սակայն իւրաքանչիւր պետութեան լաւագոյն խորհրդանիշը նրա օրինապաշտ եւ, միաժամանակ, օրէնքով պաշտպանուած քաղաքացին է: Սահմանադրութիւնն այն հիմնարար փաստաթուղթն է, որը որպէս մեր անկախութեան եւ հետագայ զարգացման երաշխիք, ամրագրում է իրաւունքի գերակայութեան, օրինականութեան, արդարութեան եւ ժողովրդի իշխանութեան վրայ հիմնուած արժեհամակարգը մեր երկրում: Վերջին շրջանում պետական շինարարութեան մէջ կատարուող քայլերը նոյնպէս յենուում են երկրի հիմնական օրէնքի այդ տրամաբանութեան վրայ: Սահմանադրութեան հերթական տարեդարձի օրը մենք կարող ենք հպարտութեամբ արձանագրել ոչ միայն ինքնիշխան, զարգացող, ժողովրդավարութեան ուղին ընտրած Հայաստանի Հանրապետութեան աներկբայ գոյութեան փաստը, այլեւ միջազգային ասպարէզում նրա աճող վարկանիշի առկայութիւնը: Այն շարունակաբար բարձրացնելը բոլորիս իրաւունքն ու պարտականութիւնն է, եւ առհասարակ մեր բարոյական պարտքն է հայրենիքի հանդէպ: Սահմանադրական արժէքները կարող են ապրող իրողութիւն դառնալ այն դէպքում. երբ մեզանից իւրաքանչիւրն իր ներսում այդ արժէքների կրողը լինի: Սահմանադրութիւնը իրաւունքի ու պարտականութեան օրինական սահմանն է: Այն, ըստ էութեան, զատում է թոյլատրելին անթոյլատրելիից, ուրուագծում այն իրաւական դաշտը, որին ենթակայ են նաեւ մեր բարոյական օրէնքները: Պէտք է մտածել ու գործել ի շահ երկրի, օգտուել սահմանադրութեամբ ընձեռուած հնարաւորութիւններից եւ պաշտպանել սահմանադրութիւնը: Ու այդժամ՝ երկիրը կը դառնայ աւելի լաւը, երկրի քաղաքացին` աւելի վստահ, երկրի իշխանութիւնը` աւելի պատասխանատու եւ աւելի Շարունակութիւնը էջ 7


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 3

Պրիւքսելի մէջ հանդիպած էն Արտգործ նախարարներ Մնացականեան եւ Մամետեարով

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11-ին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ: Սա երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ առաջին հանդիպումն էր` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական շարժման արդիւնքով տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝

Փրոֆ. Երուանդ Թերզեան կը ստանայ NASA-ի բարձրագոյն շքանշանը

Քոռնել համալսարանի դասախօս, աստղագէտ, եգիպտահայ ծագումով Երուանդ Թերզեան կ’արժանանայ «Բացառիկ Հանրային Ծառայութեան» յատկացուած NASA-ի բարձրագոյն շքանըշանին:

հանդիպման ներկայ եղած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Սթեֆան Վիսկոնթին, Էնտրիւ Շոֆերը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքը: Զօհրապ Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ընդգծած անոնց հովանիի ներքոյ խաղաղութեան գործընթացի կարեւորութիւնն ու բանակցային գործընթացի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումը կը կրէր ճանաչողական բնոյթ եւ միտուած էր իրար տեսակէտներու ծանօթացման, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայաստանի ԱԳ նախարարն ընդգծած է, որ բանակցային գործընթացն այլընտրանք չունի եւ կարեւորած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման, փոխվստահութեան ամրապընդման, լարուածութեան նուազեցմանն ուղղուած քայլերը, զինադադարի անշեղ պահպանումն ու թշնամական հռետորաբանութենէն հրաժարիլը։ Ան շեշտած է, որ հակամարտութեան բոլոր կողմերու իրատեսական ու կառուցողական ներգըրաւուածութիւնն առաջնային նշանակութիւն ունի տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերու արդիւնաւէտութեան համար: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին առնչուող հարցերուն շուրջ: Համանախագահները Հայաստանի ու Ատըրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայացուցած են իրենց յառաջիկայ ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուած է հետագայ քայլերուն։

Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ 2 Օգոստոսին եւ պիտի ցուցադրուի ուղղակի սփռումով NASA TVէն: NASA-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Երուանդ Թերզեան իր կեանքը նուիրած է կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտահետազօտական աշխատանքներու: Թերզեանը ծանօթ է աստղերու բարեփոխութեան եւ հեռաւոր կալաքսիներու միջեւ կազային ջրածինի յայտնաբերման վերաբերող իր հետազօտութեամբ, որ ցոյց կու տայ անտեսանելի նիւթի մը գոյութիւնը միջկալաքսիական տարածութեան մէջ: Ան հեղինակ է 235 գիտական աշխատանքներու եւ խմբագիր 7 գիրքերու:


Էջ 4

Հայ Կեանք

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ը, Երեւանի քաղաքապետի պաշօտանակատար Կամո Արէյեանը, Յուլիս 17-ին ներկայ գտնուեցան Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութեանը: «Ի դէմս Արամ Մանուկեանի, մենք գործ ունենք նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալի հետ: Նա ծնուեց՝ իրականացնելու համար մի մեծ առաքելութիւն, այն է գտնել յաղթանակ պարտութիւնների տեղատարափի ներքոյ, գտնել ուժ, երբ թուում է, թէ թեւերդ թուլացած են, ծնկներդ ծալուած են, ողնաշարդ կոտրուած է: Արամ Մանուկեանը լիարժէք, լիովին կատարեց իր առաքելութիւնը, երբեք չապրեց իր ընտանիքի համար, ապրեց, պայքարեց ու յաղթեց իր ժողովրդի համար: Նա մահացաւ իր գաղթած, կոտորուած, անտուն ժողովրդից փոխանցուած հիւանդութեան արդիւնքում»,-իր խօսքին մէջ ըսաւ վարչապետ Փաշինեանը: Մինչ այդ Ամենայն Հայոց Հայրապետն իր պատգամն ուղղեց ներկաներուն: «Այս հանդիսաւոր արարողութեամբ ոգեկոչուում է յիշատակը մեր ժողովրդի նուիրեալ ու վաստակեալ զաւակի, ով մեր պատմութեան դժուարին ժամանակներում հերոսա-

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Վարչապետը Պրիւքսելի հայկական եկեղեցւոյ մԷջ հանդիպած է պելճիքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Պելճիքայի Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի աւարտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Պրիւքսելի Սուրբ Մարիամ Մագթաղինէ եկեղեցի: Վարչապետին այստեղ դիմաւորած են պելճիքահայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք ջերմօրէն ողջունած են ՀՀ կառավարութեան ղեկավարն ու մաղթած յաջողութիւններ` ի նպաստ Հայաստանի բարօրութեան: ցաւ հայրենեաց պաշտպանութեան մաքառումներում, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան գործում բերած իր անդուլ ջանքերով ու կորովով: Նա սերունդ դաստիարակող ուսուցիչ էր, որ դարձաւ իր ժողովրդի իրաւունքների պաշտպան, Վանի ինքնապաշտպանութեան ջահակիր ռազմիկ, Վանի նահանգապետ, մեր հայրենեաց արեւելեան փրկուած հատուածում պետականութեան վերահաստատման առաջամարտիկ: Նրա անունը մեր ժողովրդի համար անբաժանելի է դարձել մէկ դար առաջ արձանագրուած Մայիսեան հերոսամարտերի փառապանծ յաղթանակներից, անկախ պետականութեան վերակերտման պատասխանատուութիւնից ու ամբողջանուէր ջանքերից: Թող Արամ Մանուկեանի լուսաւոր կերպարը քաջալերութիւն ու ոգեշնչում լինի մեզ ամենքիս, ազգիս բոլոր զաւակներին՝ Տիրոջ զօրակցութեամբ, միասնական ջանադրութեամբ կերտելու հզօր պետութիւն՝ որպէս ամուր վեմ ու պատուար մեր ժողովրդի նոր յաջողութիւնների, մեր արդար յոյսերի ու մեր պայծառ ապագայի՝ այսօր եւ միշտ. ամէն»,-իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց Կաթողիկոսը: Բացի պաշտօնատար անձերէ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ:


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 5

Թալանուածը հետեւողականօրէն պիտի վերադարձնենք՝ անկախ թալանողի անուն ազգանունէն. Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի երթայ ժողովուրդէն գողցուած իւրաքանչիւր միջոցի ետեւէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Մեղրիի մէջ բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Բոլորը չենք կրնար ձերբակալել, բայց հերթով անոնց, որոնք ժողովուրդէն գողցած են, պէտք է ձերբակալել: Ինծի համար խայտառակութիւն պիտի ըլլայ, որ իմ իշխանութեան օրով որեւէ մէկը քաղբանտարկեալ ըլլայ, մեզի համար կարեւորը արժէքներն են, օրինականութիւնն է, մենք չենք պատրաստուիր ուրիշի թալանը մեր թալանով փոխարինելու, մենաշնորհը՝ մեր մենաշնորհով փոխարինելու: Մենք կը պատրաստուինք օրէնքի տառին համապատասխան ժողովուրդէն գողցուած ամէն կոպեկի ետեւէն երթալու եւ համոզուած եղէք, որ պիտի երթանք»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: Անոր խօսքով՝ կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի գործադրէ, որ ՀՀ-էն գողցուած ամէն կոպեկ վերադարձուի պետական պիւտճէ, եւ ասիկա ընելու համար իշխանութիւնները ունին ժողովուրդի աջակցութեան կարիքը: «Որքան պինդ կանգնած մնաք այս գործընթացին կողմը՝ մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ, ոչինչի առջեւ պիտի չկանգնինք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրի առջեւ ունինք պարտաւորութիւններ, որ մենք թալանուածը պիտի վերադարձնենք հետեւողականօրէն, անկախ թալանողի անուն ազգանունէն»,ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Արարատ Միրզոյեան․ Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխման մէկ նախագիծ պէտք է ունենանք

Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի փոխանցմամբ, Կառավարութեան համար ցանկալի է խորհրդարանի հետ ունենալ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու մէկ միասնական նախագիծ: «Իտէալական տարբերակում, այո, պէտք է ունենանք մէկ նախագիծ՝ բոլորիս հետ համաձայնեցրած, բոլորիս սրտով, որի առանձին կէտերի

շուրջ, ինչ խօսք, կարող են առանձին ուժեր վերապահումներ ունենալ», – ըսած է Միրզոյեանը, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էր Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն համար Ազգային ժողովէն ներս ստեղծուած աշխատանքային խումբի քննարկման: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ քաղաքական ուժերը կ’ուզեն բարեփոխել Ընտրական օրէնսգիրքը։ Այդ հարցով ե՛ւ Կառավարութեան մէջ, ե՛ւ խորհրդարանէն ներս ձեւաւորուած են աշխատանքային խումբեր։ Վարչապետին առընթեր մարմինը կը ղեկավարէ Միրզոյեանը։ Ներկայացնելով Կառավարութեան դիրքորոշումը, ան նշած է, որ իւրաքանչիւր լաւ առաջարկ ընդունելի է, սակայն այս փուլին պէտք է ընտրել երկար ժամանակ չպահանջող նորամուծութիւններ․ «Չորս տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացուած են խորհրդարանում: Ես մի տեսակ չեմ պատկերացնում, որ հնարաւոր լինի, որ այս չորս քաղաքական տարբեր հայեացքներ ունեցող ուժերը ունեն մի նախագիծ, եւ հնարաւոր չլինի, որ էդ նախագիծը չարտացոլի նաեւ Կառավարութեան դիրքորոշումը: Ի վերջոյ չորս ուժերից երեքը Կառավարութեան քոալիցիայի անդամ են»:


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Պետրոս Թերզեան նշանակուած է «Հայաստան» հիմնադրամի ժամանակաւոր վարիչ տնօրէն

Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Յուլիսի 10-ն նամակով դիմած է Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ առաջարկելով ընդունիլ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը, որ վերջինս նախագահին ներկայացուցած էր նախորդ օրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի պաշտօնական կայքէջը։ Միեւնոյն ժամանակ, հանրապետութեան նախագահն առաջարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ղեկավարումը ժամանակաւորապէս դնել Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի վրայ, այնուհետեւ յայտարարել բաց մրցոյթ՝ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի թափուր պաշտօնի համար: «Այդ նպատակով առաջարկուում է ստեղծել մրցութային յանձնաժողով՝ Պետրոս Թերզեանի նախագահութեամբ: Յանձնաժողովի կազմի մէջ ընդգըրկուելու են նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մէկական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը ենթակայ է Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն հաստատման: Արա Վարդանեանը ձերբակալուած է Յուլիս 3-ին՝ իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէն լիազօրութիւնները չարաշահելու մեղադրանքով, եւ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է Յուլիս 5-ին: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէր, որ փաստական հանգամանքներու ճընշման ներքոյ Վարդանեանը խոստովանած է՝ տնօրինելով Հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն

դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը, անոր միջոցներն օգտագործած է անձնական նպատակներով, այդ շարքին՝ անոնք ուղղելով տարբեր առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելուն: Ըստ իր խօսքերուն, վարկային քարտէն վատնած միջոցները Վարդանեանը ետ վերադարձուցած է Հիմնադրամին հանգանակուած գումարներուն հաշիւին: Այնուհետ անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրած է Հիմնադրամի հաշուապահութիւն, այդպիսով թաքցնելով Հիմնադրամի գումարներու վատնման հանգամանքը: Ըստ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, միայն վերջին շաբթուան ընթացքին Վարդանեանը Հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 14 միլիոն դրամ փոխանցած է օնլայն խաղատուներուն, իսկ 2016-2018 թուականներուն այդ գումարը կազմած է շուրջ 130 միլիոն դրամ:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ․ՄԱՐԳԱՐ ԵՍԱՅԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ

ՊՈԼԻՍ,- Կիրակի, Յունիս 24-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն ետք, Ազգային ժողով մուտք գործեցին Մարգար Եսայեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։ Մարգար Եսայեան Պոլսոյ 2-րդ ընտրաշրջանէն թեկնածու առաջադրուած էր Էրտողանի կուսակցութեան կողմէ։ Իսկ Կարօ Փայլանն ալ Քրտամէտ Ժողովրդավար կուսակցութեան կողմէ թեկնածու ներկայացած էր Տիգրանակերտէն։


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 7

ՀՀ Սփիւռքի նախարարն ընդունեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը

Յունիս 26-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թէրենս-Նիքոլաոս Քուիքը: Շնորհաւորելով նախարար Մխիթար Հայրապետեանը պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առթիւ` Թէրենս-Նիքոլաոս Քուիքը նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ ստորագրուած սփիւռքի հարցերու շուրջ փոխըմբռնման յուշագիրը համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած միջոցառումներուն Շարունակութիւն էջ 2-էն

վստահելի: Սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդի կամքը փոխկապակցուած են իրար: Այսօր ժողովուրդն է իր կեանքի, պետութեան զարգացման օրակարգի լիարժէք ձեւաւորողը: Այդ օրակարգը պէտք է զերծ լինի զգացմունքի գերակայութիւնից եւ կեանքի կոչուի սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքի հէնքի վրայ` որպէս ազատ, ժողովրդավարական եւ ուժեղ Հայաստանի գրաւական: Միասին պէտք է շարունակենք կառուցել քաղաքականապէս ու տնտեսապէս ներդաշնակ, քաղաքացու եւ իշխանութեան փոխադարձ յարգանքի վրայ զարգացող Հայաստանը: Իրաւունքի, օրէնքի ու արժանապատուու-

տեղակալն ընդգծեց, որ երկու երկիրներն ունին պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական կապեր, եւ հայ ու յոյն սփիւռքերու համագործակցութիւնը կը նպաստէ այդ կապերու առաւել սերտացման: «Մենք լիայոյս ենք, որ այս համագործակցութիւնը կ’ընդլայնուի նոր, երիտասարդական գաղափարներով»,-շեշտեց Թէրենս-Նիքոլաոս Քուիքը: Շնորհակալութիւն յայտնելով այցի համար` նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ առկայ է կամք, ոգեւորութիւն եւ դրական եռանդ փոխճանաչողութիւնն ու փոխգործակցութիւնը շարունակելու համար: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի առկայութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ երեք պետութիւններու սփիւռքները աշխոյժ կը համագործակցին, կըստեղծուին նոր կամուրջներ, ընդհանուր հարթակներ: Հանդիպման հեռախօսազանգով միացաւ Կիպրոսի նախագահի հումանիտար եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն: Ան ընդգծեց, որ կիպրահայերն աչքի կ՛իյնան իրենց աշխուժութեամբ եւ ազգային դիմագիծով: Կողմերը հանդէս եկան յետագայ սերտ եւ ընդգրկուն համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ:

թեան երաշխաւորմամբ ապրելը պէտք է լինի ոչ թէ երազանք, այլ իրականութիւն: Որովհետեւ սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ապրելը ոչ թէ սոսկ անհրաժեշտութիւն եւ պարտականութիւն է, այլ ազատ մարդկանց առաւելութիւնը, ովքեր գիտեն իրենց եւ այլոց իրաւունքների արժէքը: Շնորհաւորում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին: Մաղթում եմ խաղաղութիւն, լաւատեսութիւն եւ բարեկեցութիւն»:


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը Անգլիոյ արքայազն Ուիլիըմին հայկական խաչ նուիրած Է Յունիս 28-ին Երուսաղէմ պաշտօնական այցով գտնուող Անգլիոյ արքայազն Ուիլիըմը այցելած է Ս. Յարութեան Տաճար, ուր անոր դիմաւորած են իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ներկայացուցած է Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիբեանը: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցի ընթացքին Անգլիոյ արքայազնին բարի գալուստի խօսք ըսած է տաճարի հայ տեսուչ հոգշ. Տ. Սամուէլ ծայրագոյն վարդապետ Աղոյեան եւ պատրիարքարանի անունով անոր հայկական խաչ նուիրած է:

Հայ գործարարներու «Կառուցի՛ր Հայաստան» նախագիծը հայրենադարձութիւնը խթանող լայնածաւալ ներդրումներու հոսք պիտի ապահովէ

Համաշխարհային գործարար միջավայրի մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունեցող յայտնի հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է ներդրողներու խումբ, որ կը յայտարարէ «Կառուցի՛ր Հայաստան» («Build Armenia») նախագիծի մը մեկնարկին մասին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Կառուցի՛ր Հայաս-

տան» նախագիծին նպատակն է ապահովել հայրենադարձութիւնը խթանող լայնածաւալ ներդրումներու հոսք դէպի Հայաստան, ստեղծել հասարակական-տնտեսական նպաստաւոր միջավայր, որ համապատասխան ենթակառուցուածքներու հիման վրայ ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու հայրենադարձութեան ինքնահոս ալիքը: Նախաձեռնողները «Կառուցի՛ր Հայաստան» նախագիծին մեկնարկով հանդէս կու գան ելեւմտական ու աշխարհագրական ծաւալով աննախադէպ նախաձեռնութեամբ, որ պիտի ապահովէ հայրենադարձութիւնը խթանող ներդրումներու լայնածաւալ հոսք դէպի Հայաստան: Նախագիծին շուրջ համախմբուած գործարարներու առաջին համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2019-ի առաջին եռամսեակին, Ֆրանսա:

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» 15-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ Յուլիս 8-ին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, կատարուեցաւ բացումը «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 15-րդ փառատօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Բացի գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչներէն, փառատօնի մեկնարկին մասնակցե-

ցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն այլ հանրածանօթ եւ յառաջատար դէմքեր։ Փառատօնը սկսաւ ֆրանսահայ շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Լա Վիլա» ժապաւէնի ցուցադրութիւնով։


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 9

Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահը եւ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կը քննարկեն համագործակցութեան կարելիութիւններ եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտներ բնագաւառներու մէջ»։ Ան ընդգծեց, թէ նման հանդիպումներ կ'աշխուժացնեն եւ կ'ամրապնդեն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, «որոնք համաշխարհայնական ազգի ուժականութեամբ կը հզօրացնեն Հայաստանի ինքնիշխան պետութիւնը, անոր ընձեռելով դիրքային իւրայատուկ առաւելութիւն»։ Իրենց կարգին, կառավարութեան անդամները գնահատանքով արտայայտուեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարելաւումին ուղղուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի հետեւողական եւ նուիրեալ ծառայութիւններուն մասին, որոնք բաղկացուցիչները եղած են անոր առաՇարունակութիւնը էջ 10

Յունիսի 10-ի շաբթուան ընթացքին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Երուանդ Զօրեանի ընկերակցութեամբ, շարք մը այցելութիւններ կատարեց եւ աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Հ. Նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային Ժողովի Նախագահ Արա Բաբլոյեանի, Արտաքին Գործոց, Պաշտպանութեան, Սփիւռքի, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Դրամատան Նախագահին հետ: Նաեւ, Ս. Էջմիածին կատարած այցելութեանբ, Պրն. Սեդրակեան հանդիպեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Ըստ Նախագահ Սեդրակեանի, «Ազգային ծառայութեան տարբեր ոլորտներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ այս հանդիպումները, առիթ ընձեռեցին աւելի խոր ըմբռնում ձեռք բերելու երկրին համար կառավարութեան նախատեսած ծրագիրներուն վերաբերեալ, բնորոշելով նաեւ հետաքրքրութեան հասարակաց գօտիներ: Այս հանդիպումները առիթ հանդիսացան նաեւ ղեկավար մարմիններուն հետ բաժնելու Հ.Բ.Ը.Միութեան պատկերացումները, հիմնուած մեր կազմակերպութեան երկար տարիներու տեղական փորձառութեան եւ իրագործած բազմատեսակ ծրագիրներուն եւ տարբեր Մարզերու եւ շրջանակներու հետ ունեցած շփումներուն վրայ»։ Ան հաստատեց թէ՝ «մեծապէս արդիւնաւոր այս խորհրդակցութիւնները ընթացք պիտի տան նոր նախաձեռնութեանց, կողմերու պատասխանատուութեան համապատասխան ոլորտներուն մէջ, ընդարձակելով համագործակցութեան շրջագիծերը կրթութեան, ընկերային-տնտեսական զարգացման, մշակոյթի եւ այլ կենսական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. ընդունեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Հայաստանէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցերն ու ծրագիրները։


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայաստանը ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահութիւնը

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀ

ԽՎ) 51-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն, մասնակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ազգային Ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ նստաշրջանի աւարտին կառոյցի նախագահութիւնը Ալպանիայէն փոխանցուած է Հայաստանին, խորհրդանշական մուրճը յանձնուած է պատուիրակութեան ղեկավարին: Նշենք, որ ՍԾՏՀ-ին կ’անդամակցին Հայաստանը, Ալպանիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Պուլկարիան, Յունաստանը, Մոլտովան, Ռումանիան, Ռուսաստանը, Սերպիան, Թուրքիան եւ Ուքրանիան:

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան նուիրուած ցուցասրահ պիտի հատկացուի. Մշակոյթի նախարար Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 5-օրեայ ժամկէտով կը յատկացուի ցուցասըրահ՝ նուիրուած թաւշեայ յեղափոխութեան: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց: «Երկուշաբթի աշխատանքային խումբը կապ կը հաստատէ թանգարանի տնօրէն պրն․

Գրիգորեանի հետ եւ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ կը սկսի ցուցասրահը համապատասխան նմոյշներով համալրումն ու կահաւորումը: Ցուցասրահի պաշտօնական բացման մասին կը տրամադրենք լրացուցիչ տեղեկատուութիւն»,- գրած է նախարարը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահը եւ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կը քննարկեն համագործակցութեան կարելիութիւններ եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտներ Շարունակութիւն էջ 9-էն

քելութեան, նպաստելով պետականութեան հիմքերու զօրացումին: Վեհափառին հետ իր հանդիպումի ընթացքին, Նախագահ Սեդրակեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգային արժէքներու պահպանումին ուղղութեամբ եկեղեցւոյ կատարած կարեւոր դերին կապակցութեամբ: Ան հաստատեց, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ աջակցիլ եկեղեցւոյ այդ նախաձեռնութիւններուն: Ան նշեց, թէ կարեւոր է հանրութիւնը շարունակաբար իրազեկել ընկերային, կրթական եւ մարդասիրական մարզերու մէջ եկեղեցւոյ առաջ տարած լայն գործունէութեան մասին, կրկին անգամ շեշտելով իր համոզումը, թէ կառավարութիւնը եւ եկեղեցին իւրաքանչիւրը յատուկ դեր ունին կատարելիք,

մեր ազգը յատկանշող իտէալները եւ անժամանցելի արժէքները ժողովուրդին մօտ արծարծուած պահելու ուղղութեամբ: Հիմնուած 1906-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը (www.agbu.org), աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է: Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կըրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ'ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500․ 000 հայեր, աշխարհի տարածքին: Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ անոր համաշխարհային ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 11

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԱՐԱՆՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆԻ

ՀԵԸ

Անդրանիկ Մշակութային Միութեան՝ Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանին նուիրուած ձեռնարկին աւարտին‚ որ տեղի ունեցաւ 1 Յունիս 2018-ին (տեսնել էջ 23-25)‚ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ‚ եւ օգտուելով Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ ատենապետ՝ Պերճ Թերզեանի ներկայութենէն‚ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեծարանքի բաժին մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ ՀԲԸՄ Եգիպտոսի երկարամեայ ղեկավար, մտաւորական, ազգային գործիչ Պերճ Թերզեանին: Ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ ապրող մտաւորականներու փաղանգին մաս կը կազմէ Պերճ Թերզեանը: Եգիպտահայ համայնքի մերօրեայ նահապետներէն՝ Պերճ Թերզեանի ազգային եւ միութենական գործունէութեան առանցքը կազմած է հայ դիմագիծը անաղարտ պահելու, հայ գիրն ու գիրքը, հայեցի դաստիարակութիւնը եւ Միութեան ու հայրենիքի ծառայութեան ոգին վառ պահելու նախանձախնդրութիւնը։ ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ մտաւորական Կարօ Աբրահամեանը ներկայացնելու օրուան մեծարեալը: Կարօ Աբրահամեան յայտնեց, թէ Հայկազեան Համալսարանի կազմակերպած ՛՛Եգիպտոսի‚ Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը՛՛ խորագրեալ գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Գահիրէէն ժամանած է ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ ղեկավար դէմքերէն՝ հրապարակախօս‚ հրապարակագիր‚ խմբագիր եւ հեղինակ Պերճ Թերզեանը։ «Թերզեանի միութենական երախտաշատ վաստակը շատ երկար է թուելու համար». ըսաւ

Կարօ Աբրահամեան, ընդգծելով, թէ Պերճ Թերզեան աւելի քան յիսուն տարի անդամակցած է Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովին‚ սկսելով իբրեւ խորհդական‚ միութեան պաշտօնաթերթերու խմբագրութիւններու խորհրդատու‚ գանձապահ‚ փոխ ատենապետ‚ հուսկ ատենապետ եւ ապա պատուոյ ատենապետ։ Առաւել ան անդամակցած է ՀՄԸՄ Նուպար մարզարանի եւ ազգային առաջնորդարանի վարչութիւններուն։ Ապա ան ծանրացաւ Պերճ Թերզեան մտաւորականի վաստակին վրայ նշելով, թէ անկախ իր հրապարակագրական եւ խմբագրական վաստակէն Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին‚ միութենական «Տեղեկատու» պարբերաթերթին‚ «Արեւ» արաբերէն յաւելուածին եւ «Արեգ» արաբերէն պարբերաթերթին‚ ան հեղինակած է հետեւեալ հատորները. 2008 – Եգիպտահայ Հայեացքներ. Պատմութեան‚ Քաղաքականութեան եւ Մշակութային Ժառանգութեան Մասին (արաբերէն), 2009 – Ինչպէ՞ս տօնուեցաւ Հայ Պարբերական Մամուլի 200-ամեակը Գահիրէի մէջ, 2010 – Անտեղի Պատիւի Մը Շռայլման Առիթով, Ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի «Հայերէն Ստուգաբանական Բառարան»ին Լոյս Ընծայումին Առիթով, 2010 – Յետադարձ Անդրադարձ, Յօդուածներու‚ Ելոյթներու‚ Հարցազրոյցներու եւ Ուսումնասիրութեան Ժողովածու, 2011 – (համադրում) Յետադարձ Անդրադարձ. Գրախօսականներ, 2011 – Տեղեկագիր Գալուստեան եւ Նուպարեան Վարժարաններու 1989-ին Վաւերացուած Կանոնագիրներուն Մասին, 2012 – Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակչական Գործունէութիւնը Հայ Գիրքի Տպագրութեան 500-ամեակին Առթիւ, Շարունակութիւնը էջ 12


Հայ Կեանք

Էջ 12

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԱՐԱՆՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆԻ Շարունակութիւն էջ 11-էն

2012 – ՀՀ Եգիպտոսի Դեսպանատան Ծննդոցը. Ակնարկ քսանամեայ հեռաւորութենէ, 2014 – «Արեւ»ի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը, 2014 – Պատասխան Առ Որ Անկ Է. «Արեւ»ի 24 Յունիս 2014-ի թիւին մէջ Կ.Ե.ի«Արեւ»ի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը խորագրով լոյս տեսած յօդուածին առիթով, 2014 – (համահեղինակութեամբ Արաքսի Տէօվլէթեանի) «Սպիտակի երկրաշարժը‚ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ»-ը եւ Եգիպտոսի համայնքը, 2015 – Սրտցաւ Կոչ Հայոց Լեզուին Համար 2016 – (համադրում) Տիգրան Պապիկեան. Դաստիարակ-Տնօրէն. 1908-1975, 2017 – Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը։ «Պերճ Թերզեանը ըսելիք խօսք ունեցող‚ յստակ կեցուածք որդեգրած մտաւորականի բարձրութեան վրայ գտնուող եւ վճիտ հայերէնով գրելու յատկանիշերով օժտուած ազգային ղեկավարն է։ Լրագրողի հոտառութեամբ‚ իրաւ մտաւորականի անաչառութեամբ‚ եւ հաւատարիմ վարչականի ուղղամտութեամբ ան‚ սեւով ճերմակին վրայ‚ հետե-

ւողականօրէն կը ներկայացնէ եգիպտահայ իրականութեան հաշուետուութիւնը վարժարաններու տեղեկագիրներէն‚ մինչեւ Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ հրատարակութիւնները‚ մինչեւ Գահիրէի ՀՀ-ի դեսպանատան բացումը‚ մինչեւ Գահիրէի համալսարանի հայագիտական կեդրոնի բացումը եւ գործունէութիւնը։ Ինչ որ առաւել կը զարմացնէ եւ հիացմունք կը պատճառէ‚ Պերճ Թերզեանի կարողութիւնն է մաքրամաքուր ոսկեղնիկով գրի առած վիճակագրական եւ տեղեկագրական յօդուածները եւ հատորները ազգային բոլոր բնագաւառներէն ներս‚ կրթական հաստատութիւններէն մինչեւ արեւմտահայերէնի ապագային առնչուող հարցեր». եզրակացուց Կարօ Աբրահամեան։ Ապա ան հրաւիրեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը‚ յուշանուէրով մը պատուելու հայ դպրութեան երախտաւոր Պերճ Թերզեանը։ Պարգեւատրութեան յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն։ ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ եւ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 13

Սուլթան Էրտողան եւ Թուրքիոյ տնտեսական իրավիճակը Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Գ

աղտնի բան չէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ տընտեսական ցուցանիշը որոշ չափով անկումի մէջ է, եւ այդ մէկը պարզ է՝ երկրի դրամանիշի արժէքի կորուստներուն պատճառով: 2005-ին Թուրքիոյ պետութիւնը երկրի ազգային դրամանիշէն՝ լիրայէն վեց զերօներ ջնջելով՝ ստեղծեց Թուրքիոյ «նոր լիրա»-ն (Yeni Turk Liras). այդ օրերուն, երբ ամերիկեան տոլարը մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն լիրա կ’արժէր, զերօներուն ջնջումով հաւասար եղաւ 1,344 նոր լիրայի: Սակայն լիրան չկրցաւ կայուն մնալ՝ հակառակ պետութեան թափած բոլոր ջանքերուն, եւ յաճախ արժեզրկումի ենթարկուեցաւ ու տակաւին կ’ենթարկուի՝ այդ երկրին տնտեսական վատ վիճակը ցոյց տալով: 2010-ին տոլարը 1,550 լիրա կ’արժէր, իսկ 2015-ին՝ 2,189 լիրա, սակայն 2017-ի վերջերը անիկա 3,77 լիրա եղաւ, Մայիս 2018-ին՝ 4,47 լիրա, իսկ Յունիս 2018-ին (մէկ ամիս ետք) բարձրացաւ 4,68 լիրայի… եւ այսպէս, լիրան կը շարունակէ անկումի մէջ մնալ: Այս բոլորը տարիներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ ռազմական անյաջող ու սխալ քաղաքականութիւններու արդիւնք են: Ուստի, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յառաջիկայ տարիներուն: Արդեօք պիտի շարունակէ վատանա՞լ, թէ պիտի բարելաւուի: Անտարակոյս, Թուրքիոյ տնտեսութեան տկարութեան ամենամեծ պատասխանատուն ի՛նք՝ սուլթան Էրտողանն է… անոր սուլթանական երազները, մենատիրական որոշումները, քիւրտերուն հետ ներքին խռովութիւնները եւ քիւրտերու հետապընդումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, դրացի երկիրներու նկատմամբ վարած իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ ստեղծած պատերազմները, աւելին՝ իր նոր կայսրութիւնը հիմնելու տենչանքը եւ անոր հետեւանքով իր հիմնած զինուորական խարիսխները երկրէն դուրս՝ Իրաքի, Սուտանի, Սոմալիոյ եւ Քաթարի մէջ եւ անոնց հետ առնչուող ծախսերը, իր դիւանագիտական կոպիտ յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան երկիրներու եւ այլ պետութիւններու հետ եւ այդ բոլորին հետեւանք եղող տնտեսական վնասները, «Իսլամ եղբայրներ»ուն իր աջակցիլն ու Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Էմիրութիւններու նման եւ այլ կարեւոր շուկաներ կորսընցնելը, Կիւլենի հարցով Ամերիկայի հետ փակուղի հասնիլն ու շատ այլ պատճառներով Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւններուն վատթարացումը եւ բազմաթիւ ուրիշ խնդիրներ… Էրտողան կ’երազէ երկիրը սուլթանական խալիֆայութեան վերադարձնել, իսկ ինք իսլամներու նոր խալիֆան ըլլալ: Անն Հոֆ այս առթիւ «Middle East Quarterly»-ի Յունիս 1-ի թիւին մէջ յայտնած է. «Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարած Կրօնա-

կան գործերու տնօրէնութիւնը («Տիանաթ») կը վճարէ երկրին 110․000 կղերականներու (իմամներու) աշխատավարձերը եւ կը վերահսկէ անոնց ուրբաթօրեայ քարոզներու բովանդակութեան»: Բնականաբար, անոնք սուլթան Էրտողանը կը փառաբանեն՝ միաժամանակ մեծ բեռ հանդիսանալով երկրի տնտեսութեան վրայ: Միւս կողմէ՝ Էրտողանի կառուցած նոր պալատը հարիւրաւոր միլիոններու ծախս եղաւ պետութեան համար, միաժամանակ ան միլիոնաւոր լիրաներով կը սատարէ Թուրքիոյ պետական «TRT» հեռատեսիլի կայանները, որոնք դարձած են իր քարոզչութեան գլխաւոր աղբիւրը: Նաեւ Թուրքիոյ երկրագործութեան արտադրանքը պէտք է ապահովէ երկրին ամենամեծ եկամուտը՝ տրուած ըլլալով ընդարձակ հողերու գոյութիւնը, առատ ջուրը, յարմար կլիման, մարդուժի ներկայութիւնը ու այլեւայլ պատճառներ: Սակայն իրական պատկերը այդպէս չէ՛… Թէեւ կառավարութիւնը միլիառներ ծախսած է եւ տակաւին կը ծախսէ՝ սկսած «Աթաթիւրք» ջրամբարը մինչեւ վերջերս «Ալիսո» ջրամբարի շինարարութիւնը եւ բացումը, նաեւ պարարտանիւթ կ’ապահովէ եւ որոշ չափով հողագործութեան համար անհրաժեշտ մեքենաներ կը հայթայթէ, սակայն երկրագործութիւնը կը մնայ անկայուն վիճակի մէջ: Ըստ թուրք լրագրող Մեհմետ Չետինքուլէքի՝ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը քննադատութիւններու ենթարկուած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի խառնաշփոթութեան համար, որուն անկումով՝ սննդամըթերքի գիները աճած են, եւ պետութիւնը ստիպուած եղած է հիմնական սննդատեսակներ ներմուծելու, ինչպէս՝ ցորեն, լուպիա, միս եւ նոյնիսկ յարդ»: Այս անկումը սկսաւ վարչապետ Թորկութ Օզալի օրերէն՝ 1980-էն, երբ վերջինս, տնտեսական ազատականութեան հաւատարիմ քարոզիչ մը ըլլալով, գիւղատընՇարունակութիւնը էջ 14


Հայ Կեանք

Էջ 14

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Սուլթան Էրտողան եւ Թուրքիոյ տնտեսական իրավիճակը Շարունակութիւն էջ 13-էն

տեսական շարք մը ներածուող արտադրանքներու վրայ դրուած հարկերը զերոյի հասցուց. բան մը, որ տակաւին կը շարունակուի Էրտողանի օրով. թէեւ այդ միջոցառումը սննդամթերքի գիներուն աճը զըսպած է, սակայն, միւս կողմէ, տարիներու ընթացքին տեղական արտադրութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ տակաւին կ’ունենայ: Կառավարութիւնը, զոր օրինակ, միս կը ներածէ՝ անոր գիները նուազեցնելու համար: Ըստ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պատգամաւոր Օրհան Սարիպէլի՝ 2010 թուականէն սկսեալ Թուրքիա ներմուծած է 2,9 միլիոն եզ, 2,5 միլիոն ոչխար եւ այծ ու 236 հազար թոն կարմիր միս, որոնք միլիառներով ծախս եղած են պետութեան համար: Սարիպէլ, որ ինքնին երկրագործութեան մասնագէտ է, ըսած է, թէ 2002-ին երկրի հողագործները կը կազմէին բնակչութեան 35 տոկոսը, իսկ ներկայիս այդ համեմատութիւնը նուազած է 19-ով: Ինչ կը վերաբերի ճարտարարուեստին եւ արդիւնաբերական արտադրանքին, ապա Թուրքիա կ’արտադրէ հիւսուածեղէն, պահածոյ սննունդ, մեքենաներ, ելեկտրոնային սարքեր, ածուխ, պղինձ, պողպատ, շինարարական նիւթեր, ատաղձ, թուղթ եւ այլն, սակայն կը ներածէ ծանր ու բարդ մեքենաներ եւ ճարտարարուեստական արդի իրեր: Թուրքիա ունի նաեւ ռազմական արտադրութիւն, սակայն անոր շուկան շատ սահմանափակ է, որովհետեւ ունեցածը սովորական զէնքեր են եւ կարողութիւնը չունի բարդ ու նոր տիպի զէնքեր արտադրելու: Նաեւ, Թուրքիա կը մնայ խիստ կախուած՝ ներարուած քարիւղէն եւ կազէն. թէեւ ան կ’օգտուի իր հողերէն անցնող խողովակներուն միջոցով Իրաքի քարիւղի արտածումէն, ինչպէս նաեւ աժան գինով կազ կը ստանայ Ազրպէյճանէն, իսկ վերջերս նաեւ տարածուած է այն լուրը, որ իբրեւ թէ սուրիական քարիւղը եւս կը ստանայ ապօրինի ու աժան գիներով, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը, որ իր սեփական քարիւղն ու կազը չ’արտադրեր եւ պաշար չունի: Ծառայութիւններ մատուցանող ոլորտը ամենամեծն է Թուրքիոյ համար. մինչ երկրագործութիւնը երկրի եկամուտին միայն 6,7 տոկոսը կ’ապահովէ, արդիւնաբերական արտադրանքը՝ 31,8 տոկոսը, ծառայութիւններու մարզը անոր տնտեսութեան 61,4 տոկոսը կ’ապահովէ՝ ըստ 2017-ի տուեալներով։ Սակայն այս ոլորտը, ի մասնաւորի զբօսաշրջութիւնը մնայուն վտանգի մէջ է՝ երկրին անկայուն վիճակին պատճառով: Թուրքիոյ տնտեսութեան անկայունութեան ազդեցիկ պատճառներէն մէկը 15 Յունիս 2016-ի յեղաշըրջումն է, որմէ շատ օգտուեցաւ ինք՝ Էրտողանը, իր դիրքերը ամրապնդելու համար։ Ան տասնեակ

հազարներով պետական աշխատակիցներ պաշտօնազուրկ ընելու կողքին, թրքական բանակի շարքերէն հեռացուց բոլոր կասկածելիները, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ «F-16» ինքնաթիռի ռազմաօդաչուներ: Ըստ nationalinterest.org կայքին, Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերը գնահատած են, որ «F-35» ինքնաթիռին համար, զոր ունենալ կը ջանայ Թուրքիան, նոր օդաչու պատրաստելը 11 միլիոն տոլարի ծախս մը կը հանդիսանայ, իսկ վեթերան օդաչուներու տարիներու փորձառութիւնը ինքնին արդէն արժէքաւոր է: Այսպէս, ազգ մը, որ իր մարտիկ օդաչուները կը բանտարկէ, ոչ միայն գումար կը վատնէ, այլեւ չափազանց արժէքաւոր հարստութիւն: Այնուամենայնիւ, քաղաքական հաշիւներով Թուրքիոյ կառավարութիւնը վտարած կամ բանտարկած է մեծ թիւով օդաչուներ, եւ այդ պակասը լրացնելու համար Էրտողան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն՝ 330 նախկին քաղաքացիական օդաչուներ չորս տարի ժամկէտով պէտք է վերադառնան օդային ուժերու ծառայութեան՝ սպառնալով անոնց՝ հրամանին չենթարկուելու պարագային: Թուրքիոյ օդային ուժերու տկարութիւնը եւ «F-16» օդաչուներու թիւի կրճատումը պատճառ եղան, որ պետութիւնը մեծապէս շահագրգռուի մակերեսային օդային հրթիռներով, եւ այս մէկը եղաւ ռուսական «S-400» հրթիռներու գնման ու ֆրանսական-իտալական հրթիռներ արտադրող «Eurosam» ընկերութեան հետ հակաօդային զէնք արտադրելու պայմանագիրի կնքումին պատճառը։ Այս բոլորը, սակայն, հսկայական բեռ եղան երկրի տնտեսութեան ուսերուն վրայ: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը մէկ այլ հարուած մըն ալ ստացաւ, երբ Ամերիկայի նախագահ Թրամփ պողպատի եւ ալիւմինիոմի (aluminum) ներածութեան համար հարկեր որոշեց: Թուրքիոյ պողպատի առեւտուրին դիմագրաւած դժուարութիւնները ասով ալ չսահմանափակուեցան. անիկա կը դիմագրաւէ օտարերկրեայ մրցակցութիւն՝ ի՛ր իսկ հողին վրայ։ Ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներուն կողքին, անիկա Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իրանի աժան պողպատին դէմ կը պայքարի նոյնիսկ իր շուկային մէջ: Յիշենք նաեւ, որ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդհանուր առեւտուրը Միացեալ Նահանգներու օգտին է։ Արդարեւ, 2017-ին Թուրքիոյ ներածումները Ամերիկայէն կազմած են 11,9 միլիառ տոլար, իսկ արտածումները՝ 8,6 միլիառ տոլար: Նաեւ, ըստ www.cia.gov կայքին, 2017-ի տուալներով՝ Թուրքիոյ ընդհանուր արտածումները կազմած են 157,3 միլիառ տոլար, իսկ ներածումները՝ 196,8 միլիառ. Թուրքիոյ արտարժոյթի եւ ոսկիի պահուստները եղած են 107,5 միլիառ, իսկ անոր արտաքին պարտքը՝ 429,6 միլիառ տոլար: Այս բոլորով հանդերձ, երբե՛ք կարելի չէ ակնկալել, որ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը պիտի վատթարանայ այն Շարունակութիւնը էջ 30


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 15

PM Nikol Pashinyan Had Informal Meetings with World Leaders and NATO Secretary General

Prime Minister Nikol Pashinyan attending NATO Summit in Brussels had informal, working meetings with the leaders of several countries on July 12.

In particular, the prime minister met with the President of Afghanistan Ashraf Ghani, the Belgian Prime Minister Charles Michel, the German Chancellor Angela Merkel, the Canadian Prime Minister Justin Trudeau, the Lithuanian President Dalia Gribauskaite, the Greek Prime Minister Alexis Tsipras, the Ukrainian President Piotr Poroshenko, the Spanish Prime Minister Pedro Sanchez-Perez Castejon, the FYROM President Zoran Zaev, the Slovakian President Andrej Kiska and NATO Secretary General Jens Stoltenberg. The prime minister discussed with the leaders of countries and NATO Secretary General the prospects of development of bilateral and multilateral relations and different issues of mutual interest. The Canadian Prime Minister Justin Trudeau reaffirmed his participation in the 17th “La Francophonie Summit” in autumn in Yerevan and said that he visited Armenia with his father in 1988 and has positive and good memories of our country. The French President Emanuel Macron, the Ukrain-

ian President Piotr Poroshenko and the Greek Prime Minister Alexis Tsipras invited Prime Minister Pashinyan to their countries.

They underscored enlargement of bilateral cooperation with Armenia in several sectors and expressed confidence that cooperation with the new government of Armenia will be effective. The Italian prime minister highlighted the historical strong friendship and their further strengthening and development. The prime minister of Armenia and NATO Secretary General discussed issues relating to NATOArmenia cooperation.


Էջ 16

Հայ Կեանք

Hayastan All Armenia Fund Greece affiliate statement

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

PRINCE WILLIAM RECEIVES ARMENIAN CROSS FROM THE ARMENIAN PATRIARCHATE

All of us are deeply saddened by the arrest of Ara Vardanyan, the Executive Director of the Yerevan-based Hayastan All-Armenian Fund, on allegations of abuse of authority by misusing the organization’s credit card for personal purposes, including online gaming. However, as it appears now, no donor funds have been affected and the misused funds have been fully recovered. While it is unfortunate that Mr. Vardanyan abused his authority, his misdeed should, in no way, reflect on the hard-working and law-abiding employees of the organization, its worldwide partners, including All Armenia Fund in Greece, the generous donors worldwide, the contractors employed in Armenia and Artsakh and the countless volunteers. We will await the findings of the investigation. Hayastan All Armenia Fund Greece affiliate is an independent Athens based non-profit organization that uses Hayastan All-Armenian Fund as an implementing agent for its specific humanitarian and infrastructure development projects in Armenia and in Artsakh. The funds collected in Greece go towards specific projects, the implementation of which is monitored by Armenia Fund. Hayastan All-Armenian Fund is an organization that has enjoyed the trust of hundreds of thousands of donors around the world. Throughout the 27 years of its existence the Fund has implemented thousands of large-scale socio-economic development projects that benefit hundreds of thousands of people in Armenia and Artsakh. After the devastating 1988 earthquake, Hayastan AllArmenian Fund brought urgent humanitarian aid to the people of Gyumri and continues to remain the largest distributor of permanent housing in the earthquake zone. In the darkest day of the newly-independent Armenia, it provided heating fuel and bread, countering Turkish and Azeri border blockade and saving thousands from starvation during the freezing winters of 1992-1994. Since 1995 and until today, Hayastan All-Armenian Fund is the largest implementor of large scale humanitarian relief and infrastructure development projects in Artsakh providing recovery from a devastating war and seven decades of Azeri occupation. Recently, the Fund initiated innovative infrastructure projects including development of solar energy and irrigation net-

On June 28, 2018, His Royal Highness Prince William, Duke of Cambridge, visited the Holy Sepulchre Church where he was welcomed by the Heads of Three Guardian Communities. His Eminence Arch. Sevan Gharibian represented His Beatitude, the Armenian Patriarch of Jerusalem. During his visit to the Armenian Chaple after St. Arimathea, a welcoming speech was delivered by the Armenian Superior of the Holy Sepulchre Church Rev. Fr. Samvel Aghoyan and an Armenian cross was presented to His Highness as a present from the Armenian Patriarchate of Jerusalem. The inscription on the cross reads: “A present of an Armenian Cross from the Armenian Patriarchate of Jerusalem presented to His Royal Highness Prince William Arthur Philip Louis, Duke of Cambridge, during His visit to the Holy Sepulchre Church on 28 June, 2018”. works using latest technologies. And, of course, the Hayastan All-Armenian Fund’s signature projects remain the strategically vital Goris-Stepanakert and Vardenis-Matakert highways connecting Artsakh to the outside world and making Artsakh’s very existence possible. Hayastan All-Armenian Fund’s mission is far from over. Armenia’s and Artsakh’s needs are enormous. The actions of a single person cannot overshadow the immense achievements of this legendary organization, nor should it cast any doubt on the role it plays in the development of Armenia and Artsakh. With respets, Hayastan AAF Greece Affiliate July 16, 2018


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 17

CREATIVE ARMENIA AND AGBU LAUNCH FELLOWSHIPS TO CHAMPION INNOVATIVE TALENTS

(left to right) RA Prime Minister Nikol Pashinyan, his wife Anna Hakobyan, RA Minister of Culture Lilit Makunts, Creative Armenia Programs & Production Director Tatevik Manoukyan, and Executive Director of AGBU Armenia Talar Kazanjian were among the honored guests. Pashinyan, Makunts and Kazanjian also made congratulatory remarks during the event. Creative Armenia and the Armenian General Benevolent Union (AGBU) are delighted to announce the launch of the Creative Armenia-AGBU Fellowships, which will discover, nourish and promote creative talents across the arts. Through a year-long program of funding, mentorship and tailored promotion strategies, Creative Armenia and AGBU will empower innovative artists to achieve a career breakthrough, both locally and globally. “As a nation, we take great pride in a heritage of visionary writers, musicians, filmmakers, and artists. But what are we actually doing to discover and empower our future creative visionaries?” said filmmaker and writer Garin Hovannisian, founding director of Creative Armenia. “The Creative Armenia-AGBU Fellowships are our answer to this question.” The Fellowships represent the first collaboration of AGBU and Creative Armenia, which entered into a strategic partnership in May. Creative Armenia, a global arts foundation for the Armenian people, pursues a mandate to discover, develop, promote, and produce innovative talent. A trusted bedrock of the Armenian diaspora, AGBU has been creating opportunities for Armenian artists for decades to extend their education and showcase their talents to diverse audiences across the globe. The organization formalized its support for the arts with the establishment of the Performing Arts Departments in the United States (in 2012) and France (in 2016). “The synergy of this partnership opens up unprecedented opportunities for artists to expand their reach and make their work known locally and internationally,” said producer Eric Esrailian, who is a member of

Serj Tankian, a member of the Creative Armenia advisory board, highlights some of the early achievements of the organization.

Garin Hovannisian, founding director of Creative Armenia, speaks about the strategic importance of partnering with AGBU Armenia. the AGBU Central Board and a founding member of Creative Armenia’s Board of Advisors. “This fellowship will help advance Armenian arts and culture on the global stage.” The Creative Armenia-AGBU Fellowships are open to innovative talents in all creative fields—including film, music, literature, visual arts, theater, design, and photography. During the course of one year, fellows will gain access to industry connections and tailored strategies to develop, pitch and promote their projects through one-on-one mentorship meetings and workshops. A $5.000 grant will also be provided. The fellowships are open to artists of Armenian origin and those who have a demonstrated interest in Armenian culture. The presence of fellows in Armenia is not required. Applications are accepted now through September 15 on creativearmenia.org/fellowships and agbu.org/creativearmenia. For inquiries, please contact Alec Mouhibian at alec@creativearmenia.org and Hayk Arsenyan at harsenyan@agbu.org.


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

TOGETHER4ARMENIA CONNECTS 62 EXPERTS FROM 14 COUNTRIES TO 52 PROJECTS IN ARMENIA. MORE TO COME WITH THE REVAMPED PLATFORM

June 28, 2018, YEREVAN – UNICEF, European Union in Armenia and AGBU Armenia, joined by the Deputy Minister of Diaspora Davit Sargsyan, presented the revamped Together4Armenia (www.Together4Armenia.am) platform today. With a number of upgraded functionalities, the platform will build efficient and lasting connections between local communities and non-profit organisations and experts from the global Armenian community. Together4Armenia encourages intellectual volunteering by bridging the gap between local initiatives and professionals from the diaspora, ready to invest knowledge for community development in Armenia. The new platform has user-friendly system of registration and guides the sides into the next stages of cooperation. Upgraded with a search mechanism and builtin messaging system, it quickly finds and automatically matches community projects with experts based on their expertise and local needs. “Together4Armenia platform facilitates the transfer of knowledge, experience, and goodwill, which is increasingly important for today’s Armenia. We are hopeful that this platform will harness diaspora’s intellectual potential to develop and empower Armenian communities and ensure wellbeing for families and their children,” noted UNICEF Representative in Armenia Tanja Radocaj.

Since 2016, more than 60 professionals from the diaspora have shared their knowledge with over 2100 beneficiaries in various regions of Armenia through this free web-platform. Their contribution and guidance helped to solve different community issues and give a fresh impetus to sectors, ranging from education to agriculture, innovative technology, project management and much more. “For AGBU, a vibrant and capable civil society is a precondition for building a strong Armenia. We believe that engaging professionals from the diaspora is a unique way of strengthening Armenian civil society and creating long-standing bridges between the diaspora and Armenia. This is our double bottom line, and Togeter4Armenia platform serves that objective,” said Arsen Stepanyan, Team Leader of Bridge for CSOs project at AGBU Armenia. At the event, participants heard the testimonies of the experts and beneficiaries of Together4Armenia and discussed the value of intellectual volunteering as a meaningful way of engagement to bring tangible change in Armenia. Visit www.Together4Armenia.am today to register and follow the work of various experts and project news through www.facebook.com/ Together4Armenia/ where you can also update your Facebook profile picture using the special T4A frame to spread awareness.


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 19

1.000 Years Old Armenian Monastery Left to the Mercy of Vandals in Turkish-Occupied Cyprus By VIGEN AVETISYAN A millennium-old Armenian monastery located in the area of Cyprus occupied by Turkey is being ruined by the government, as well as citizens of Turkey. You need to first of all be aware of the existence of the Armenian monastery of Sourp Magar (also known as Magaravank). This is quite important because if you merely examine local maps like the Turkish TRNC or ask the locals, you are most likely to leave disappointed.

By the time the Ottomans arrived, the monastery had been named Blue Monastery due to the co-lour of its wooden shutters. “A large number of beautiful and invaluable manuscripts (dated 1202-1740) and vestments were housed there. Fortunately, some of them have been saved as they were transferred to the Catholicosate of Cilicia in 1947”- Alexander-Michael Hadjilyra. The monastery had been operational up until 1800, after which it was used for a variety of purposes: it would serve as a school, a shelter for Armenian refu-

Complex of Magaravank in 1974

The monastery’s existence is also important because this sacred place of pilgrimage is to be turned into crushed stone due to the efforts of vandals who “converted” this 1000 years old treasure into a dustbin. Located in the Plataniotissa forest in a 10 minute drive from Pendadaktylos (the Kyrenia mountains), the monastery is considered a Coptic structure erected by Christians in commemoration of Saint Macarios of Alexandria in 1000 AD. By 1425, the monastery had been transferred to the Armenian Church’s ownership, becoming a popular site of pilgrimage for those travelling to the Holy Land.

gees fleeing from the mass killings of the 1890s, a summer camp, and eventually, a mess for invading Turkish officers and refuge for settlers after the 1974 invasion. If ancient Armenians are to trip towards the monastery, they will be horrified by what the Turks have done with it. The locals tried to convert the monastery into a hotel in 1998, 1999, and 2006. This idea has been met with severe critique and pressure from Armenia, the Republic of Cyprus, Cilician and Armenian CatholicoCont. on page 20


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

1.000 Years Old Armenian Monastery Left to the Mercy of Vandals in Turkish-Occupied Cyprus Cont. from page 19

sates, Vatican, as well as the European Council. Today, the monastery is in ruins and is being damaged by vandals. There are some traces of the commercial efforts of the locals present in the territory of the monastery: an ugly bench for picnic, a basic kitchen in one of the rooms, and an absurd satellite dish. The sign “out of order” hanging on a broken toilet door and the trash that is shamelessly dumped outside the main entrance are the only signs that Magaravank has been recently visited. to creeping plants and weeds. Apart from the church, two features confirm that this monastery once belonged to the Armenians. Those are two placards written in Armenian. One of them dated 1933 is intact probably because it is put high up and out of the reach of vandals. Its tragically hopeful inscription reads: “Hail to you hill, temple of nature, allow your heap obelisk to be a reminiscence that preserves your novice name from century to century, long live the radiant great Mekhitar.” Where once monastery monks would stroll, now only weeds grow. The stone pathways are unstable, the walls are covered with cracks and are at the verge of breakdown. Passing under the gothic-style arches, one would unconsciously hold their breath in hopes that the ancient walls wouldn’t collapse.

Today (after the Turkish occupation)

In order to restore the monastery, the local officials demanded investments from the Cypriot Christian patriarchies. While it is unknown on which stage those negotiations are, given the character of Turks and those who draw the PKK graffiti, we won’t see any restoration works in the near future. One would need to be especially careful when entering the dilapidated chapel on the north end of the site. Miraculously, its ornate-tile floors are still in good condition, though the room is bare, and the whitewashed walls are filled with Turkish (and curiously PKK) graffiti. The vestibule’s roof is long gone, having given way

In spite of all issues and difficulties, Armenians continue to make pilgrimages towards the monastery even today. “Art-A-Tsolum” Original publication: peopleofar Other sources: hetq.am centerarnews.com


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 21

AGBU Offers Must-Have E-Books, Apps About Armenia The Armenian General Benevolent Union (AGBU) has developed a series of multimedia educational and travel e-books as well as family-friendly apps which present a wide variety of themes about Armenia. The newest addition is a versatile e-book entitled Vayots Dzor, prepared in collaboration with My Armenia, a program implemented by the Smithsonian Institution and funded by USAID. Armenia’s Vayots Dzor province is home to many ancient landmarks and tourist attractions, including the Areni-1 cave complex—with the earliest known winery Areni 1 inside—the 8th-century Tanahat Monastery, the 10th-century Smbataberd Fortress and the 13th-century Noravank Monastery. Vayots Dzor is also home to the therapeutic springs and mineral pools of Jermuk.

ness and diversity of Vayots Dzor’s nature and history and was designed to contribute to the greater number of tourists in the region.” In addition to the e-books, AGBU also developed Im Armenia travel app for kids of all ages. It invites users to explore interesting facts about popular sites throughout and around Yerevan, as well as in the provinces of Gegharkunik and Vayots Dzor. The first digital travel guide to introduce kids to the country in a fun and interactive way, Im Armenia functions in English, Portuguese and French, while also teaching basic words in Eastern Armenian. To download the Im Armenia app, visit www.agbu.org/armenia/travel or your app store.

Ideal for travelers, nature lovers and history buffs, the e-book includes interactive maps, slide shows, videos, 360-view photos and audio descriptions featuring Vayots Dzor’s architecture, archeology, adventure activities, cuisine, festivals and cultural events. Visitor information, tips for easy trip planning, hotels, restaurants and an essential Armenian phrasebook are also highlighted. Vayots Dzor is the third in a series of travel companion e-books, with Exploring Yerevan and The Armenian Highland being the first two. Available in seven languages, the e-books can be downloaded for free on smartphones, tablets and PCs at www.agbu.org/armenia/travel. “We are proud to partner with the Smithsonian in our mission of introducing the wealth of the Armenian heritage to the world,” said AGBU Board Member Dr. Yervant Zorian. “The new e-book uses creative state-of-the-art solutions to promote the rich-

Established in 1906, AGBU (www.agbu.org) is the world's largest non-profit Armenian organization. Headquartered in New York City, AGBU preserves and promotes the Armenian identity and heritage through educational, cultural and humanitarian programs, annually touching the lives of some 500.000 Armenians around the world. For more information about AGBU and its worldwide programs, please visit www.agbu.org


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Armenian FM meets with director of AGBU Europe Armenia, in light of the new political dynamic in Armenia. They agreed to make the most of this new dynamic to further develop Armenia’s relationship with the European Union, highlighting that the government’s current priority is the implementation of CEPA, the Comprehensive and Enhanced Partnership Agreement with the EU.

On June 20, Armenian Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan, on a working visit in Brussels, met with Nicolas Tavitian, director of AGBU Europe, at the Armenian Embassy in Belgium. The Foreign Minister expressed his great appreciation for the global work of AGBU, which he considers an essential partner in advancing the issues of the panArmenian agenda. Mnatsakanyan emphasized that strong community structures are one of the pillars for sustainable development of Armenia. Noting that AGBU has “more offices in the world than Armenia has Embassies”, Mnatsakanyan added that “AGBU is a little like the United Nations” for Armenians! The Foreign Minister and AGBU Europe’s director pursued their discussion about the new possibilities of cooperation with the state and the public structures of

The reforms that Armenia will be conducting aim first and foremost at Armenia’s own development, insisted the minister, not only at complying with EU requirements. In that sense, the leadership in Armenia is following no one else’s agenda but their own, even as Armenia seeks to maximize cooperation with partners such as the EU. Tavitian suggested that this may be the moment to broaden policy discussion in Europe on the future EUArmenia relations, implicating in particular also the considerable relevant expertise that exists in the European diaspora. AGBU is prepared to play a leading role in promoting this public debate. Mnatsakanyan and Tavitian also addressed the key question of the conflict in Nagorno-Karabakh. The Minister emphasized the importance of this issue for Armenia and said that he believed the EU had a role in the matter, in creating an environment conducive to peace. Tavitian took this opportunity to brief the Minister on AGBU Europe’s campaign for EU engagement in Nagorno-Karabakh.


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 23

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԲԸՄ-Ի ՓԱՐԻԶԻ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ

ՀԲԸՄ-ի Փարիզի

Նուպարեան մատենադարանը (գրադարան) հիմնուած է 1928-ին: ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը իր ուրոյն դիրքը կը գրաւէ սփիւռքի մէջ՝ իբրեւ հայագիտութեան, պատմագիտութեան եւ մշակութային կեդրոն: Ան կ’ընդգըրկէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն լոյս տեսած գիրքերու եւ մամուլի ճոխ հաւաքածոներ: Մատենադարանը հարուստ է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի վերաբերեալ արխիւներով:

Շահէ Պապահեքեան

թեան՝ ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ մանրամասնելով երեկոյի նպատակը: Ապա Հայկազեան Համալսարանի հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց օրուան բանախօս Պորիս Աճեմեանը եւ հրաւիրեց զինք բեմ: Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած գիտաժողովին առթիւ Լիբանան գտնուող դոկտ. Պորիս Աճեմեանը դոկտորականը պաշտպանած է 2011-ին՝ Նափոլիի Համալսարանին մէջ: Պատասխանատու խմբագիրն է «Études Arméniennes Contemporaines»-ին եւ խմբագրակազմի անդամ է «Vingtième Siècle: Revue d’histoire»-ի: Հեղինակն է «La Fanfare du Négus: les Arméniens en Éthiopie (19e-20e siècles)» հատորին (2013) եւ շարք մը այլ գիտական յօդուածներու: Համախմբագիրն է «Le Témoignage des Victimes dans la Connaissance des Violences de Masse/Victim Testimony» եւ

դոկտ. Պորիս Աճեմեան

Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ի երկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մէջ, ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, ՀԵԸ-ի տարբեր միաւորներու վարչականներու, հիւրերու, մշակութասէր հասարակութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, ուր ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն՝ պատմաբան դոկտ. Պորիս Աճեմեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը: Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միու-

Անդրանիկ Տագէսեան

«Understanding Mass Violence» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 5, June 2015 բացառիկ), ինչպէս նաեւ «Jerusalem in the Making: Spaces and Communities» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 9, September 2017 բացառիկ) բացառիկներուն: Դոկտ. Պորիս Աճեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի Մշակութային Միութեան, սոյն հանդիպումը կազմակերպելու առիթով՝ նշելով, թէ վերջին հինգ տարիներուն ստանձնած է մատենադաՇարունակութիւնը էջ 24


Հայ Կեանք

Էջ 24

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԲԸՄ-Ի ՓԱՐԻԶԻ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ Շարունակութիւն էջ 23-էն

րանի տնօրէնի պարտականութիւնը: Ապա ան կատարեց մատենադարանի հիմնադրութեան պատմականը՝ արժեւորելով 1928-ին Փարիզի մէջ սոյն կարեւոր մատենադարանը հիմնելու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի երախտաշատ որոշումը. «Երբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան առաջին նախագահ Պօղոս Նուպար փաշա դարձաւ Ազգային Պատուիրակութեան պետը, Բարեգործականի կեդրոնական գրասենեակը փոխադրուեցաւ Փարիզ: Կարճ ժամանակ ետք, 1922-ին Նուպար Փաշա եւ քանի մը հայ գործարարներ կառուցեցին Փարիզի 16-րդ թաղամասը գտնուող Ալպոնի փողոցի շէնքը։ Մատենադարանն ալ հաստատուեցաւ նոյն շէնքին մէջ՝ Պօղոս Նուպարի որոշումով՝ 1928-ին»,- ըսաւ դոկտ. Պորիս Աճեմեան: Դոկտ. Պորիս Աճեմեան լուսարձակի տակ առաւ մատենադարանի առաջին նախագահ, Մեծ Եղեռնէն վերապրած մտաւորական Արամ Անտոնեանի ծառայութիւնները: Այսօրուան դրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի մատենադարանը ունի 43 հազար գիրք: Մատենադարանը գիրքի կողքին կը պահէ մամուլ, լուսանըկարներ եւ զանազան արխիւներ՝ Արամ Անտոնեանի

հաւաքածոն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի, Ազգային Պատուիրակութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ մամուլի արխիւ: ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը ոչ միայն գրադարան է, այլեւ ազգային ժառանգութիւն եւ հետազօտութեան կեդրոն: 1980-ականներուն, մատենադարանը Յարութիւն Գէորգեանի շնորհիւ հայ իրականութեան մէջ ամրապնդած է իր գիտական եւ ակադեմական գործունէութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ մատենադարանը բաց է հետազօտողներու, պատմաբաններու, մտաւորականներու եւ Շարունակութիւնը էջ 30


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 25

Մելգոնեանցիներու համահաւաք

Արցախեան օրեր ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ … Գեղեցկութիւն չես տեսել դեռ Թէ չես եղել Ղարաբաղում: Վազգէն Օվեան

Շ

ատոնց որոշած էի յաջորդ Հայաստան երթալուս անպայման այցելել Արցախ: Առիթը ներկայացաւ այս տարուան Մայիսին, երբ Մելգոնեան Կըրթական Հաստատութենէն 1968-ի շրջանաւարտներս վերահանդիպեցանք հայրենիքի մէջ: Մեր Երեւանեան ծրագրի աւարտին, 11 հոգինոց խումբ մը Մայիսի 18-ին ճամբայ ելանք դէպի դրախտային Արցախ: Եւ այդ պայծառ առաւօտուն շքեղ Արարատը յայտնուեցաւ մեր դիմաց: Անցնող տաս օրերուն հազիւ անգամ մը կրցած էինք զայն նշմարել ամպերու ետին: Լաւ նշան էր այս: Ու ճեղքելով հայրենի գեղասքանչ բնութեան բազմերանգ գորգը - Մարտիրոս Սարեանի գոյները վկայ - կը հասնինք Հալիձոր, Սիւնիքի մարզ, Որոտան գետի ափին, նշանաւոր միջնադարեան գրչութեան կեդրոն Հարանց Անապատով (միաբանութիւն) եւ իր բերդով, յենակէտը Դաւիթ Բեկի: Հալիձորի ճակատամարտի (1725) անհաւասար պայքարին, Դաւիթ Բեկի, Մխիթար Սպարապետի եւ Տէր Աւետիսի առաջնորդութեամբ թրքական բանակը մատ-

նուած է պարտութեան, տալով մօտ 13․000 զոհ Հայերու 300-ին դիմաց: Այսօր Հալիձոր մեկնակէտն է «Տաթեւեր» ճոպանուղիին: Հալիձորը եւ Տաթեւի վանքը իրար կապող «Տաթեւեր» ճոպանուղին, 5․752 մեթր երկարութեամբ, Guinness Book of Records-ի մէջ արձանագրուած է որպէս աշխարհի ամենաերկար առանց կանգառի յետադարձելի ճոպանուղին: Ան նախաձեռնութիւնն է IDeA-ի համահիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վերոնիքա Զոնապենտի, մաս կը կազմէ «Տաթեւի Վերածնունդ» ծրագիրին եւ բացումը կատարուած է 16 Հոկտեմբեր, 2010-ին: Աւելի քան 22 միլիոն տոլար արժած ճոպանուղին Որոտանի կիրճով 40 վայրկեան տեւող հեռաւորութիւնը կրճատած է 12-ի, իսկ անոր գործածութենէն գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի Տաթեւի Վանքի վերականգնումին եւ շրջանի համայնքի զարգացման: Ու ճախրելով Որոտանի կիրճին վրայէն, հեռուէն տեսնելով Հարանց Անապատը, Սատանի կամուրջը, կիրճի անտառախիտ լանջերուն ծուարած գիւղերն ու եկեղեցիները, կը հասնինք Տաթեւի վանք: Որոտանի աջ ափին կառուցուած պարսպապատ միջնադարեան այս վանական համալիրը կոչուած է Թադէոս առաքեալի աշակերտ՝ Եւսթատէոսի անունով, որ տանջուած եւ նահատակուած է այդ կողմերը: 4-րդ դարուն իր դամբանին վրայ կառուցուած է եկեղեցի: 8-րդ դարու վերջաւորութեան Տաթեւի վանքը եղած է Սիւնեաց Եպիսկոպոսութեան աթոռանիստը, 848-ին կառուցուած է Շարունակութիւնը էջ 26


Էջ 26

Հայ Կեանք

Արցախեան օրեր Շարունակութիւն էջ 25-էն

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, 895-906` ՊօղոսՊետրոս մայր տաճարը եւ մատենադարանը (10,000 ձեռագիր մատեաններով): 906-ին կառուցուած է Ս. Երրորդութեան նուիրուած ճօճուող յուշասիւնը, ծանօթ նաեւ որպէս Գաւազան: Ութ մեթր բարձրութեամբ այս սիւնը, որու գագաթը պսակուած է խաչքարով, շինուած է յատուկ թեքնիքով, որ նոյնիսկ ճօճուելէ վերջ կը վերադարձնէ սկզբնական դիրքին: Կ’ըսուի թէ նպատակը եղած է նախազգուշացնել թէ երկրաշարժի եւ թէ թշնամիի մօտեցող վտանգի պարագային:

Տաթեւի վանքը 9-րդ դարուն Բագրատունեաց Հայաստանի ամենէն նշանաւոր վանքը՝ Տաթեւ ունեցած է շուրջ 500 միաբան եւ վարդապետարան: Այստեղ ստեղծագործած են փիլիսոփաներ, երաժիշտներ, մանրանըկարիչներ, գրիչներ: 14-րդ դարուն հիմնուած է

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Տաթեւի համալսարանը (Գլաձորի համալսարանի սաներու կողմէ) եւ մանրանկարչութեան դպրոց: Համալիրին կից կայ 18-րդ դարուն կառուցուած ձիթհան եւ Գրիգոր Տաթեւացիի դամբանը: Տաթեւի վանքը ծառայած է նաեւ որպէս կեդրոն թէ Սիւնիքի ազատագրական պայքարին (1722-30) եւ թէ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան (1919-21): Կը շարունակենք մեր ուղեւորութիւնը եւ Հայաստանի բնաշխարհին կը փոխարինէ Արցախինը կանաչի բոլոր երանգներով, աւելի անտառային: Արդար է «Կովկասի Զուիցերիան» որակումը: Սահմանային - ի՞նչ սահման, մեզի համար Արցախը Հայաստան է - ձեւակերպութիւններէն ետք կ’ուղղուինք Ստեփանակերտ: Արդէն ուշ էր, թեթեւ ընթրիքէ մը վերջ կը բարձրանանք մեր սենեակները: Յաջորդ առտուն, երբ պանդոկին մօտ կը քալեմ նախքան մեր ծրագրի սկսիլը, դաշտային համազգեստով խումբ մը զինուորներ կ’անցնին քովէս զրուցելով ու խնդալով: Միշտ խնդաք տղաք: Մէկ-մէկ գրկէի ու համբուրէի՜ … Կ’այցելենք Արցախի Պետական Պատմաերկրագիտական թանգարան, հիմնուած Ստեփանակերտի մէջ 1939-ին: Հոն կը պահուին աւելի քան 50 հազար պատմամշակութային արժէքներ - բնաշխարհի, հնագիտական (անօթներ, գործիքներ, դրամներ), ազգագրական, գորգագործութեան նմուշներ, կան 1918-21 ազատագրական պայքարը, Արցախեան շարժումը, Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմը, հերոսներն ու յետպատերազմեան շրջանը ներկայացնող բաժիններ: Ապա կ’ուղղուինք կեդրոնական շուկայ, ուր կը վաճառուին տեղական արտադրանքներ եւ տեղւոյն վրայ կը պատրաստուի Արցախեան «ջինգեալով հաց»ը: Ամարասի վանք, Մարտունի շրջանի ՄաճկաՇարունակութիւնը էջ 27


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Արցախեան օրեր Շարունակութիւն էջ 26-էն

լաշէն գիւղին մօտ, հիմնուած է 4-րդ դարուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Այստեղ թաղուած է իր թոռը՝ Գրիգորիս, նահատակուած 338-ին, Քրիստոնէութիւնը տարածած ժամանակ: Ամարաս եղած է եպիսկոպոսանիստ կարեւոր կրօնամշակութային կեդրոն եւ այստեղ Մեսրոպ Մաշտոց 5-րդ դարուն բացած է Արցախի առաջին դպրոցը, որ անընդմէջ գործած է նոյնիսկ արաբներու եւ Լենկթիմուրի արշաւանքներու ժամանակ: 1992-ին վերաբացուած է որպէս գործող վանք:

Էջ 27

եղած են Հայեր: 18-19-րդ դար եղած է առեւտրական եւ արհեստագործական կեդրոն - չկար արհեստ որ բացակայէր անկէ: 1820-ական թուականներուն կը գործէին դպրոցներ, գրադարան-ընթերցարան, թատրոն (հայ նշանաւոր դերասաններու հիւրախաղերու ցանկալի վայր), տպարաններ, քսանէ աւելի թերթեր: Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ դասաւանդած են Հրաչեայ Աճառեան, Պերճ Պռոշեան, Մանուկ Աբեղեան, Ղազարոս Աղայեան, Վրթանէս Փափազեան: 1920-ի Մարտ 23-ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներուն կողմէ բնակչութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան, տալով 8․000 զոհ: Արցախեան ազատամարտի ընթացքին Ազերիներու կողմէ գործածուած է որպէս ռազմական յենակէտ, ուրկէ Նոյեմբեր 1991 - Մայիս 1992 4․741 հրթիռ արձակուած է Ստեփանակերտի վրայ, խաղաղ բնակչութենէն խլելով 111 մեռեալ, 332 վիրաւոր: 1992-ի Մայիս 9-ին «Հարսանիք Լեռներում» ռազմական գործողութեամբ հայկական ուժերը քաղաքը ազատագրած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան գերիշխանութենէն եւ Մայիս 9-ն պաշտօնապէս հռչակուած է որպէս «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի օր»: Այսօր քաղաքը բոլորովին չէ վերակառուցուած, հակառակ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ «պատմաճարտարապետական արգելոց» հռչակուելուն: Կը նախատեսուի մինչեւ 2020 վերականգնել զայն որպէս Արցախի մշակութային կեդրոն:

Ամարասի վանքը Տպաւորիչ եւ յուսադրող էր աշակերտական խումբերու ներկայութիւնը թէ թանգարանին եւ թէ վանքի բակին մէջ: Երկրորդ պարագային բոլորս հիացանք 7-8 տարեկան այդ մանուկներուն համազգեստով եւ այբուբենը կրող փողկապներով համարձակ եւ սահուն խօսքին՝ ուղղուած հեռուստակայանի մը աշխատակազմին: Ապրիք տղաք, շատ ապրիք: Անակնկալ մը ունինք ձեզի համար, ըսին մեզի ուղեկցող Ալլան եւ մեր վարորդ Կամոն: Քիչ ետք կը հասնինք «Տնջրի Ծառ», Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի չինարի ծառը՝ մօտ 2035 տարեկան: ԱՊՀ տարածքին ամենաբարձր եւ ամենահին այս ծառը ունի 44 մեթր մակերեսով խոռոչ (100-է աւելի մարդ կրնայ բաւել մէջը), աւելի քան 54 մեթր բարձրութիւն (18 յարկանի շէնքի չափ), 27 մեթր բունի շրջագիծ եւ, ըստ աւանդութեան, մօտը բխող աղբիւրին քով նստած ու հանգստացած են Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի, Սայաթ Նովա, Լէօ եւ ուրիշներ: Կ’ուղղուինք Շուշի, որու ազատագրումը շրջադարձային եղաւ Արցախի ազատագրական պայքարին համար: Անդնդախոր կիրճերով պարսպուած հինաւուրց այս բերդաքաղաքը մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը եղած է Կովկասի կարեւոր քաղաքա-տնտեսական եւ մշակութային կեդրոն, երկրորդը Թիֆլիսէն վերջ, որու բնակչութեան մեծամասնութիւնը

Կ’այցելենք իւրայատուկ գեղեցկութեամբ Ղազանչեցոց Սբ. Ամենափրկիչ մայր տաճարը, կառուցուած 1867-1887, զանգակատունը 1858-ին: Զանգակատան երկրորդ յարկի չորս անկիւններուն կան հրեշտակներու արձաններ, պատկերուած նաեւ քաղաքի զինանշանին վրայ: 1920-ի Շուշիի ջարդերէն ետք Ազերիներ գործածած են զայն նախ որպէս ամբար, ապա՝ աւտոտնակ (կառաժ): Մինչեւ ազատագրումը կը գտնուէր կիսաւեր վիճակի մէջ, իսկ Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ այստեղ էր Ազերիներու հրթիռային համակարգի պահեստը: Ազատագրումէն յետոյ վերանորոգուած է ամբողջութեամբ եւ վերաբացուած Յուլիս 19, 1998-ին, ՔրիսՇարունակութիւնը էջ 28


Էջ 28

Հայ Կեանք

Արցախեան օրեր

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

ժողովուրդի արմատներուն կապը:

Շարունակութիւն էջ 27-էն

տոսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) օրը: Հոկտեմբեր 16, 2008-ին 500 զոյգ ամուսնացան այստեղ (200 եւս Գանձասարի մէջ): Կ’անցնինք Գյոհվար Աղայի վերին մզկիթէն (18-19-րդ դար): 1992-ի Շուշիի ազատագրումէն ետք եղած է կիսաքանդ վիճակի մէջ: Իսլամական մշակոյթի ժառանգութեան պահպանման աշխատանքներու ծիրէն ներս 2008-10 վերականգնուած է տանիքը եւ տարածքը մաքրուած: Ջդրդուզ: Անհասկնալի բառ մը, որ կրկնել տուի Ալլային արտասանել կարենալու համար: Կատարոտ կամ Ջդրդուզ Շուշիի եզրին գտնուող 5 հեկտար տարածութեամբ դաշտավայր մըն է, Արցախի ամենասիրելի վայրերէն մին, ոչ միայն իր պարգեւած հիանալի տեսարաններուն, այլեւ Շուշիի ազատագրումին մէջ իր խաղացած դերին համար: Հունոտի կիրճի այս ձիգ պատէն բարձրացած են Արցախի ազատամարտիկները «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը իրականացնելու համար, անակնկալի բերելով թշնամին:

Շուշիին հետ մեր ծանօթացումը կ’աւարտենք այցելելով դէպի Ստեփանակերտ տանող ճանապարհի մուտքին յուշակոթող դարձած քաղաք մտնող առաջին հրասայլը, որ վառ կը պահէ իրենց կեանքի գնով հայրենիք ազատագրած մարտիկներուն յիշատակը: Յաջորդ օրը կը սկսինք Արցախի խորհդանիշ դարձած «Մենք ենք մեր սարերը» կամ «ՄամիկՊապիկ» յուշարձանով: Ստեփանակերտի մուտքին մօտ գտնուող յուշարձանը, կառուցուած 1967-ին (քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեան), առաջին անգամ ցուցադրուած է Իտալիոյ Քարարա քաղաքի միջազգային ցուցահանդէսին: Խորհրդային Ատըրպէյճանի ղեկավարութիւնը փորձած է արգելք հանդիսանալ անոր տեղադրումին, սակայն ձախողած է: Առանց պատուանդանի յուշարձանը, որու կերպարները կը թուին հողէն բարձրացած ըլլալ, ոտքերը ամուր պահելով հողին մէջ, կը խորհրդանշէ հողի եւ

Կը ճամբորդենք նռնենիներու, Աղտամի աւերակներուն, Խոջալուի հարեւանութեամբ, հեռուէն կը տեսնենք Ասկերանի ամրոցն ու պարիսպը, Կաչաղակաբերդը (նաեւ Խաչէնի Ամրոց) եւ կ’ուղղուինք Տիգրանակերտ, պատմական հայկական քաղաք, կառուցուած Մարտակերտի շրջանի Խաչէն գետի ափին Ք.Ա. 1-ին դարուն Մեծն Տիգրանի կողմէ: Իր անունով հիմնուած չորս քաղաքներէն միակ յայտնաբերուածն է այս, որ որպէս բնակավայր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 7-րդ դար: Ճշգրիտ տեղը յայտնաբերուած է 2005-ին Վանքասարի մօտ, պեղումները սկսած 2006-ին: Ուսումնասիրուած են միջնաբերդը, պարիսպները (որմնաքարերու իւրայատուկ «ծիծեռնակապոչ» կապերով), քաղաքի կեդրոնամասը, պազիլիք եկեղեցին, արհեստանոցներ (ապակիի, եւլն), 600 լիտրնոց կարաս, գոհարեղէններ, հայերէն եւ յունարէն արձանագրութիւններ: 2010-ին հիմնուած է թանգարան, ուր կը ցուցադրուին հնգամեակին յայտնաբերուած նմուշները: Կը հասնինք Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մօտ գտնուող Գանձասար վանական համալիր, որ իր անունը առած է դիմացի բլուրի գանձերէն (արծաթ, եւլն): Կառուցուած է 1216-1238: Գլխաւոր տեսարժան վայրն է Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին: Եղած է առաջնորդարան եւ Խաչէնի իշխաններու տոհմական տապանատուն, Հասան-Ջալալեան տոհմի հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն, 14001816 Աղուանից կաթողիկոսներու նստավայրը: Եղած է 18-րդ դարու ազատագրական շարժման կեդրոն, Իսրայէլ Օրիի եւ Յովսէփ Էմինի կաթողիՇարունակութիւնը էջ 29

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Արցախեան օրեր Շարունակութիւն էջ 28-էն

Գանձասարի վանքը կոսներուն հետ տեսակցելու վայր: Այստեղ գրուած է Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսի «Դատաստանագիրգ»ը եւ ըստ պատմական փաստերու Գանձասարի մէջ ամփոփուած են Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը, հօր՝ Զաքարիայի արիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «Օրէնուսոյց Սուրբ Ծնոտը», թոռան՝ Գրիգորիսի եւ այլոց նշխարհները: Սորպոնի Բիւզանդական արուեստի մասնագէտ Charles Diehl (1859-1944) Գանձասարը կը դասէ համաշխարհային ճարտարապետութեան գանձարանի հայկական ճարտապետութեան հինգ գլուխ գործոցներու շարքին: Անոնք են, Գանձասարէն զատ, Աղթամարի Ս.Խաչ, Էջմիածնի Ս. Հռիփսիմէ, Անիի Ամենափրկիչ եկեղեցիները, Հաղբատի վանքը: Գանձասարի համալիրին կից կը գործէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան-Գանձասար մշակութային կեդրոնը, որ ունի գիտական ուսումնասիրութիւններու բաժին եւ թանգարանային համալիր, ուր ցուցադրուած են պատմական Հայաստանի Արցախ եւ Սիւնիք նահանգներուն մէջ գրչագրուած 100-է աւելի ձեռագիր մատեաններ, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագրերու բնագրեր ու ընդօրինակութիւններ, հնատիպ գիրքեր, Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագրերու կրկնօրինակներ: Կ’ուղղուինք Վանք գիւղ, որու մուտքին կան զոյգ մը առիւծի արձաններ: Գիւղի ծնունդ, անցեալ տարի մահացած բարերար Լեւոն Հայրապետեանի ծախսերով կառուցուած են հիւրանոցներ, ճաշարաններ, վերանորոգուած են Գանձասարի վանքը, կենդանաբանական եւ բուսաբանական այգիները, ճանապարհներ, հիմնուած ռազմական ակադեմիա: Իր հօր՝ երկարամեայ տնօրէն Գուրգէն Հայրապետեանի անունը կը կրէ տեղւոյն արդիական միջնակարգ դպրոցը: Սքանչելի բնութեան ծոցը, գետափին, կը տեղաւորուինք սեղաններուն շուրջ ճաշելու: Սպառնալից ամպեր կը մթագնեն երկինքը, բայց մենք ապահով կը զգանք ճաշարանի հովանիին

Էջ 29

տակ: Տեղատարափ անձրեւը, սակայն, ի վերջոյ մեզ կը ցրուէ աջ ու ցախ: Մեր պտոյտի վերջին օրը կ’այցելենք Դադիվանք, Արցախի Շահումեան շրջանի միջնադարեան վանական համալիրը, որ ըստ աւանդութեան հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի աշակերտ Դադիի կողմէ 1-ին դարուն: Ան Քրիստոնէութիւն կը քարոզէր Քարվաճառի շրջանը, ուր մահացած է քարկոծումով: 2007-ին իր մասունքները գտնուած են եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ: Կառուցուած 9 - 13 դար, ունի երկու ժամատուն, երկու եկեղեցի (կեդրոնական կառոյցը Ս. Աստուածածին կաթողիկէն է (1234), միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատուն, գրատուն: 1145-ին աւերուած է Սելճուքներու կողմէ, վերանորոգուած 1170ին: 2 խաչքար եւ արձանագրութիւններ կը պատմեն 12 - 13 դարու դէպքերը: Կը հանդիպինք վանահայր Տէր Յովհաննէս Յովհաննիսեանին, որ կու տայ յաւելեալ տեղեկութիւններ: Ժամանակին համալիրը ունեցած է 200.000 հեկտար կալուած, բայց 1920-ի Ատրպէյճանին բռնակցումէն վերջ զրկուած է կալուածներէն ու դադրած գործելէ: 1960-ական թուականներուն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համալիրի տարածքին հիմնած են գիւղ, որ վնասած է շէնքերը եւ որմնանկարները (ծածկուած էին մուրով): Ազատագրուած է 1993-ին, վերաբացուած 1994-ին, վերանորոգումի մէջ է 1999-էն ի վեր (կ’ակնկալուի ամբողջացնել մինչեւ 2020): Եկեղեցին կը գործէ 1/1/2016-էն: Նոր ճանապարհի կառուցումը բազմապատկած է այցելուներու թիւը: 2017-ի Զատիկին ներկայ գտնուած է 3.000 հաւատացեալ, մկրտուած են զինուորներ: «Ղարաբաղի անկախութեան օրը Արցախ անունով երեխայ մկրտեցի», կ’ըսէ քահանան: Մեզի հետ բերած ուտելիքներով կը ճաշենք Թարթառ գետի ափին: Այս գետի երկայնքին կը գտնուին Դադիվանքը, Քարվաճառը, Սարսանգի ջրամբարը: Ու կը բռնենք վերադարձի ճամբան, այս անգամ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհով: Կը մտածեմ թէ մեր ջնջին լուման ալ օժանդակած է անոր շինութեան: *** Անմոռանալի օրեր էին: Ճանչցանք Արցախի չքնաղ բնութիւնը, իրար գերազանցող տեսարաններով, եւ պատմամշակութային տեսարժան վայրերը, համտեսեցինք ջինգեալով հացը եւ թթի օղին, նշեցինք Հրաչին եւ Ֆլորային ծննդեան տարեդարձները - ինչ զուգադիպութիւն: Երախտապարտ ենք Շահէին, որ սիրով ստանձնեց պտոյտի կազմակերպումը: Կը յուսամ թէ մենք ալ գոհ ձգեցինք զինք դժուարահաճ չըլլալով: Շնորհակալութիւն Ալլային եւ Կամոյին - որուն երգելու ձիրգն ալ յայտնաբերուեցաւ - իրենց արհեստավարժ եւ նոյն ատեն բարեկամական վերաբերմունքին համար: Անմոռանալի Արցախ: Մեր սրտերուն մէջ ես: Մինչ նոր հանդիպում:


Հայ Կեանք

Էջ 30

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԲԸՄ-Ի ՓԱՐԻԶԻ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ Շարունակութիւն էջ 24-էն

համաշխարհային հանրութեան առջեւ: Մատենադարանը, 1995-էն ի վեր կը հրատարակէ գիտական հանդէսներ: Անցնող հինգ տարիներուն լոյս կ’ընծայէ երկլեզու հանդէս մը՝ «Etudes Armeniennes Contaimoraines» (անգլերէն եւ ֆրանսերէն): Մատենադարանը կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, ասուլիսներ, գիտական, մշակութային հանդիպումներ: Մատենադարանը նաեւ ունի ապագայի ծրագիրներ: Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ կ’առաջարկուի արեւմտահայ եւ

Սուլթան Էրտողան եւ Թուրքիոյ տնտեսական իրավիճակը Շարունակութիւն էջ 14-էն

աստիճան, որ երկիրը քայքայուի: Այո՛, լիրայի արժեզըրկումը կը շարունակուի՝ վնաս պատճառելով երկրի բնակչութեան եւ տնտեսութեան, սակայն Թուրքիան մեծ երկիր է եւ շատ միջոցներ ունի զարգանալու, եթէ՝ ժողովրդավա՛ր կառավարութիւն ունենայ: Ըստ Պոլսոյ «Մարմարա» թեթին (տես «Ասպարէզ», 20 Յունիս 2018)՝ «Թուրքիոյ մասնագէտներ ու քաղաքագէտներ կր պնդեն, որ Թուրքիա հասած է տնտեսական կործանման սեմին, մինչ Թուրքիոյ ղեկավարները կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, թէ երկիրը կ’ընթանայ դէպի տնտեսական շատ փայլուն ապագայ»: Իր կարգին, համաշխարհային համբաւի տիրացած տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու անխուսափելի կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ծանր տագնապ մը: «Կարելի չէ սպասել հրաշքի մը: Համայնապատկերը սեւ է, անխուսափելի է տագնապը: Բազմաթիւ ընկերութիւններ պիտի սնանկանան, անգործութիւնը աւելի պիտի սաստկանայ, եւ կը մաղթենք, որ աւելի գէշը չպատահի»,- ըսած է ան։

Սփիւռքի ժառանգութեան նուիրուած Պօղոց Նուպար Փաշայի անունով հետազօտական հիմնարկ մը ստեղծել Փարիզի եւ Երեւանի մէջ: Եզրակացնելով իր հետաքրքրական դասախօսութիւնը՝ դոկտ. Պորիս Աճեմեան յայտնեց, որ Նուպարեան մատենադարանը լոյսի եզակի հաստատութիւն մըն է սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Դասախօսութիւնը աւելի տպաւորիչ դարձնելու նպատակով դոկտ. Պորիս Աճեմեան մեծ պաստառի վրայ նկարներու միջոցով կու տար յաւելեալ բացատրութիւններ: Համապարփակ եւ ուսանելի դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Պորիս Աճեմեան պատասխանեց յղուած հարցումներուն: Հետաքրքրական այս երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան երախտագիտութեան յուշանուէրով պարգեւատրեց դոկտ. Պորիս Աճեմեանը՝ անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք: Ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ Աճէմօղլու նաեւ Թուրքիոյ «Ժումհուրիէթ» թերթին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ կտրուկ անկումի վտանգը»: Վերջապէս, մեծ երկիրները, ինչպէս՝ Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը, եւ Եւրոմիութեան հզօր երկիրները (Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա), ամենայն հաւանականութեամբ թոյլ պիտի չտան, որ Թուրքիան բոլորովին քայքայուի։ Նախ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահերը ապահովել կը ձգտի, ապա անոնցմէ ոմանք, դաշնակից ըլլալով հանդերձ, իրարու դէմ մրցակցութեան ելած են՝ թուրքերուն բարեկամութեան ձգտելով, ամէն տեսակէտով օգտուելու համար անկէ (երբ Գերմանիա Թուրքիոյ շուկայէն հեռանայ, Անգլիա աւելի՛ կը ներխուժէ): Նոյնպէս երկու հակառակ քաղաքականութիւններ վարող կողմերը՝ Ամերիկան եւ Ռուսիան, կ’աշխատին սիրաշահիլ Թուրքիան (երբ Ամերիկա մէկ քայլ հեռանայ, Ռուսիա երկու քայլ կը մօտենայ Թուրքիոյ). Չինաստանն ալ միշտ ներկայ է այնտեղ, իսկ Թուրքիան, լաւատեղեակ ըլլալով այս բոլորէն, ինչպէս նաեւ իր աշխարհագրական կարեւոր դիրքէն՝ ամենալա՛ւ կերպով կը փորձէ օգտուիլ բոլորէն: Լոս Անճելըս

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Էջ 31

Գրախօսական

«Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» (Հեղինակ` դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան) ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պ

էյրութի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, բաղկացած` 550 էջերէ: Խմբագիր` դոկտ. Արտա Ճէպէճեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է կնոջ` Արտայի եւ զաւակներուն` Վահէի եւ Ալիքի: Խմբագիր Արտա Ճէպէճեան կ՛ըսէ, որ անսակարկելի է Հրայր Ճէպէճեանի հաւատարմութիւնը: Հաւատարմութիւն` հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, պատմութեան, մամուլին եւ սփիւռքին: Ներածականը գրած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Հրայր Ճէպէճեան կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդը, իբրեւ գաղութ եւ պետականութիւն, կը դիմագրաւէ հազար ու մէկ մտահոգութիւններ, որոնք կը հանգուցեն հայ հաւաքական ազգային կեանքերը տարբեր տարողութիւններով. այդ հանգոյցներու տարածքին մէջ կ՛իյնան նաեւ հոգեւոր եւ եկեղեցական շատ մը հիմնահարցեր: Մէկ կողմէ քրիստոնէական եւ եկեղեցական արժեչափերը կը տկարանան ու կը հեռանան մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքերէն ու նկարագիրներէն, միւս կողմէ ապակրօն մտածողութիւնը կը սկսի աւելիով արմատանալ մեր ինքնութեան մէջ: Ճէպէճեան կը շարունակէ ըսելով, որ նոր աշխարհի ստեղծած նոր մշակոյթով կը քալենք կամացկամաց` էականն ու խորքայինը փոխարինելով նորով: Տակաւին նոր աշխարհի ստեղծած ճարտարարուեստական արագ, ճնշող ու պահանջկոտ կեանքերը դուռ կը բանան շատ մը հարցադրումներու եւ տեսակէտներու ընկալումին: Հայ մարդն ու հայ հաւաքականութիւնը այսօր շատ հարցեր եւ հարցադրումներ կ՛առաջադրէ ու կը դիմագրաւէ իր առօրեայ կեանքի պայքարէն եւ տագնապէն մեկնելով: Հայ եկեղեցին, իր ընդհանրական հասկացողութեամբ, պիտի երաշխաւորէ իր ու ժողովուրդին ապահովութիւնը եւ հաստատ մնայ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան մէջ: Քրիստոնեայ անհատին ուժը կախեալ է անոր մօտ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան արժեչափէն: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ համահայկական ու միջազգային քաղաքական իրավիճակներու եւ պարունակներու մէջ հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի ցեղասպանութեան օրինականացումի քաշքշուքի ընկճուածութիւնը: Հայը կը տքնի արդարութեան եւ ճշմարտութեան օրինականացումին համար: Հայը կը պայքարի իր արժանապատուութեան ու անոր

ապահովութեան համար: Հայը հաւատաց իր ազգային հաւատքին պատմական վաւերականութեան եւ արժէքին: Բայց անպայմանօրէն հաւատաց, թէ իր հաւատքը պէտք է տանի հորիզոնէն անդին եւ այս նոյնինքն ուժով տարաւ զայն ցեղասպանութեան դժոխքէն անդին: Այս հաւատքը եւ հաւատքին ուժը մղեց հայը` սիրելու իր ազգը, արժէքը, ինքնութիւնը, քրիստոնէական հաւատքը եւ մշակութային հիմքը: Հայը զգաստ մնաց ամէն տեսակի դժուարութեան եւ տագնապի դիմաց առանց շեղելու հիմնական տեսլականէն, քալելով մինչեւ վերջ` նահատակութեան մէջէն ու նաեւ անդին: Ճէպէճեան կը գրէ, որ Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենանք պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Կ՛արժէ անդրադառնալ հայերէնով տրուած անունին` Աստուածաշունչ, այսինքն Աստուծոյ շունչը: Իսկ պարզ է որ շունչը կեանք է, առանց որուն կարելի չէ ապրիլ: Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով, ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը: Շարունակելով` Ճէպէճեան կ՛ըսէ որ հաւատքը կրօնական ինքնութեան, համոզումներու ու դաւանանքի հասկացողութիւն եւ ընկալում է: Բայց եւ այնպէս անիկա անպայման հաւաքականութեան ընդհանրական կեանքին մէջ իբրեւ ուղեցոյց ծառայող իրականութիւն է, ուր մարդ կ՛ապրի ճշմարտութիւնը իր համոզումներէն մեկնելով: Եթէ հաւատքին մէջ շօշափելի եւ փաստացի ապացոյցներ չկան, բայց եւ այնպէս կայ ճշմարտութեան հաւատալը, որ կու գայ լիցքաւորելու անհատական ու հաւաքական կեանքերը, կերտելով անհատին եւ հաւաքականութեան ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը: Հայուն համար հաւատքը իր քրիստոնէական Շարունակութիւնը էջ 32


Էջ 32

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

«Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» (Հեղինակ` դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան) Շարունակութիւն էջ 31-էն

համոզումն է, որ ներմուծուած է ազգային եւ հաւաքական կեանքին մէջ` պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն ընդմէջէն, դառնալով զօրաւոր խարիսխ ու երաշխիք կեանքը կերտելու ու շարունակելու ի գին ամէն զոհողութեան: Այս զոհողութեան ճամբան հայուն համար եղած է ու տակաւին է երկար, արիւնոտ ու տագնապալի: Բայց այս նոյն հաւատքին կառչածութիւնը հայուն տուած է կեանք ու աւելի կեանք: Հրայր Ճէպէճեան կը նշէ, որ հայկական իրականութեան համար, մեծ պարտականութիւն է մեր մշակութային ժառանգը եւ արժէքը իր ամբողջական հասկացողութեամբ, իբրեւ պատգամ փոխանցել մեր ժողովուրդին: Համաշխարհայնացման մասին խօսելով Ճէպէճեան կ՛ըսէ, որ անիկա ընթացք մըն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մարդկային կեանքին վրայ` քիչ մը ամէն տեղ: Եթէ մարդիկ տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ ապրելով հանդերձ պիտի կարենան վայելել տարբեր պատեհութիւններ եւ առիթներ, բայց եւ այնպէս նաեւ վտանգները եւ սպառնալիքները պիտի բաժնուին աշխարհին եւ իրարու մէջ: Որեւէ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու այլ իրավիճակները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ուրիշ տեղեր: Սնունդ, ապրելակերպ, երաժշտութիւն, ծանուցում, համաշխարհային գրականութիւն ու տակաւին բոլոր իրավիճակները կը զգետնեն ու կ՛անցնին սահմանային բաժանումներու իրողականութիւններէն:

*** Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսին առիթով Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի բոլոր պատումները կը վերաբերին սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. անոնք կեանքեր են` ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագըրորոշ իրադարձութիւններուն ձգած ազդեցութիւնը տարբեր սերունդներու վրայ, ինչպէս մարդկային, այնպէս նաեւ ազգային կերտուածքներուն վրայ: Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահոգութիւններ, անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ո՛չ միայն իբրեւ պատումներ կամ պատմուածքներ, այլեւ այս անգամ խորագիրին երկրորդ մասը նկատի ունենալով ` ինչպէս որ Հրայր Ճէպէճեան ընկալած է զանոնք: Խաչիկ Տէտէեան ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեանի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է: Փնտռել ու վեր հանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ան կ՛որսայ յոյսը, հայուն յոյսը, մարդ արարածին յոյսը, այսինքն` գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը` իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, ուր կ՛այցելէ, իւրաքանչիւր հայու, որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդու անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ իր ճանապարհորդութիւններուն ընդմէջէն: Շարունակութիւնը էջ 34


Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայ Կեանք

Մեկնարկ Սփիւռքի նախարարութեան «Ներուժ» ծրագրի Սփիւռքի նախարարութիւնը FAST եւ IDEA հիմնադրամներու, Դիլիջանի միջազգային դըպրոցի (UWC) եւ Impact Hub Yerevan-ի հետ համատեղ կը մեկնարկէ «Ներուժ» ծրագիրը: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Եթէ դուն սփիւռքի մէջ բնակող 18-35 տարեկան հայ երիտասարդ ես, ունիս գործարար գաղափար, ապա մասնակցի՛ր «Ներուժ» ծրագիրին, յաղթէ՛ եւ ստացի՛ր մինչեւ 15 մլն. դրամ աջակցութիւն` Հայաստանի մէջ իրականացնելու սթարթափ ծրագիրդ: Ծրագիրին վերաբերեալ մանրամասութիւններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու համար կ՛առաջարկենք դիտել տեսանիւթն ու այցելել ծրագիրի պաշտօնական կայքը` http://neruzh.am/:

ՀՀ-ի մէջ պիտի արգիլուի մէկ անգամուան օգտագործման «Փլասթիք»-ը

ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ի արգիլման գործընթաց։ Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, Յուլիս 10-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեան։ «Գործընթացը պիտի մեկնարկէ մէկ համայնքէ, այնուհետեւ պիտի իրականացուի մարզի մակարդակով, եւ որոշ ժամանակահատուածի ընթացքին՝ ՀՀ–ն պիտի միանայ ա՛յն երկիրներուն, ուր մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ը պիտի արգիլուի»,- նշեց նախարարը։ Ան նշեց, որ «փլասթիք»-ին այլընտրանք պիտի առաջարկուի։ «Համայնքին մէջ, ուր ձեռնարկներ պիտի ընենք, կերպասէ տոպրակներ պիտի բաժ-

Էջ 33

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի պատարագ կը մատուցուի

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 3 տարուան դադարէ ետք պատարագ կը մատուցուի։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը: Ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցի կ’իրականացուին 2010 թուականէն, սակայն վերջին երեք տարիներուն թրքական իշխանութիւնները կ’արգիլէին ամէնամեայ պատարագի մատուցումը՝ զայն պայմանաւորելով «առկայ վտանգներով»: Այս տարի արարողակարգը կատարելու արտօնութիւն ստացուած է: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը յայտնէ, որ այս տարի պատարագը կը մատուցուի Սեպտեմբեր 9-ին՝ ժամը 11:00-ին: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգուելէ ետք վերաբացուած է 2007 թուականին: Անիկա միակն է պատմական Հայաստանի տարածքին, ուր վերանորոգումէ ետք գմբէթին խաչ բարձրացուած է: Հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոց համարուող եկեղեցիներէն մէկը այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունի: Տարին մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող Կիրակի օրերուն միայն կը թոյլատրուի եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցել: նենք, «փլասթիք» շիշերու վերամշակում պիտի իրականացնենք»,- ըսաւ ան։ Նախարար Գրիգորեան նաեւ աւելցուց, որ այդ ծրագիրին իրականացման համար նիւթական միջոցներ կան: «Նիւթական միջոցներ ունինք միջազգային գործընկերներէ, պիւտճէէն ո՛չ մէկ փող պիտի վերցնենք»,- ըսաւ բնապահպանութեան նախարարը։ Նշենք, որ մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ը արգիլուած է աշխարհի շատ երկիրներու մէջ։


Էջ 34

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018

Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ նկարիչներու հերթական համագործակցութիւնը

Վերջերս կայացած «The great masters of the portrait» միջազգային մրցոյթին մասնակցեցան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի հայ նկարիչները: Մրցոյթի նախապայմանն էր` հայ երեխայի դիմանկարի պատկերում, որուն համար ընտրուեցաւ Էսթոնիա ապրող Արսինէն: Այս մրցոյթի գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Լիտիա Քոյֆման, որուն առաջարկութեամբ կը հրատարակուի գիրք` նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան եւ տարբեր ազգերու մէջ համերաշխութեան խորհրդանիշ դարձած փոքրիկ հայուհիի վառ կերպարին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, հայկական մշակոյթը եւ արուեստը տարիներ շարունակ տարածում գտած են Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ ինչ խօսք, այս հրաշալի իրադարձութիւնը միջազգային դաշտին մէջ ոչ միայն կը միաւորէ մեր հայ արուեստագէտներուն, այլեւ կը

նպաստէ հարուստ փորձի փոխանակման` իրականութիւն դարձնելով մեր այն երազանքը, երբ մեր սիրելի արուեստագէտները փոխադարձ կապով կը բարձրացնեն հայ ազգի փառքը եւ պատիւը: Այս մրցոյթին բարձր եւ արժանի գնահատական ստացած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ արուեստագէտներ` Փայլակ Վանիկեան, Քրիստինա Օգանեզովան, Լիլիթ Տօնականեան, Անի Հայրապետեան, Լիլիթ Եսայեան, Արսէն Քլեան, Անահիտ Քեշիշեան, Լիլիթ Մազմանեան: Այս շատ կարեւոր առիթ է միջազգային ասպարէզին մէջ մեր հայ արուեստագէտները միաւորելու համար: Յոյսով ենք` մեր արուեստագէտներու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը նպաստէ մեր մշակոյթի եւ արուեստի, անոնց ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացման:

«Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» (Հեղինակ` դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան) Շարունակութիւն էջ 32-էն

Ահարոն Շխրտմեան ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքը եւ Հայաստանը կ՛ապրի անոնց առօրեայ տագնապներով, տեսիլքներով, քարերով, ձեռագիրներով, աւանդութիւններով եւ յոյզերով: Ան լաւ ճանչցած է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Պաշտամունքի հասնող սէր ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի, հայ գիրին եւ մշակոյթին նկատմամբ: Անոր վերլուծումներուն մէջ նաեւ ներկայ է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, հաւատքը, ծէսը, մեր եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը, որովհետեւ գիտէ, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն ընդելուզուած են իրարու հետ: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեանի իւրաքանչիւր յօդուածը փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէա-

կան հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը ըսաւ, թէ հատորին պատմութիւնները միաւորող գաղափարներ ունին, մեր ժողովուրդին առնչուող մտահոգութիւններու գաղափարներ, որոնք կարմիր թելի նման կ՛անցնին հատորի բոլոր պատմութիւններով, որովհետեւ մարդկային ճակատագիրներ են, մարդկային կեանքեր` սփռուած իրենց լայն աշխարհագրութեամբ: Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ Ճէպէճեան իր սկզբունքները կը ներկայացնէ համոզելու բացառիկ կարողութեամբ, այնպէս ինչպէս կը տեսնէ: Ան հաճելի թուելու ճիգ չունի, հաւատացեալ է, բան մը, որ իրեն յաւելեալ ուժ կու տայ, որ իր գործը խիզախութեամբ ու կորովով շարունակէ առանց քծնելու: Իսկ Շահէ սրբազան ըսաւ, որ Հրայր չի կրնար խզուիլ Լիբանանէն ու լիբանանահայութենէն եւ չի կրնար բաժնուիլ ու անջատուիլ իր բարեկամներէն:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.