Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 22(59)
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ մասնակցած է Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած արարողութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ին, Փարիզի մէջ մասնակցած է Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացընեն, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան ժամանած են Էլիզէ պալատ, ուր զիրենք դիմաւորած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ
Էմանուէլ Մաքրոնը եւ տիկին Պրիժիթ Մաքրոնը: Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցող պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ միասին ուղեւորուած է Փարիզի Շառլ տը Կոլի հրապարակը, ուր տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը զօրահանդէսի ստուգայց կատարած է, Ֆրանսայի համար զոհուածներու յիշատակին յարգանքի տուրքէն եւ «Լռութեան վայրկեան»էն ետք հնչած է ՖՀ օրհներգը, որուն յաջորդած է մշակութային ծրագիրը: Ուսանողները ընթերցած են 1918-ի Նոյեմբեր 1-ին գրուած գրութիւնը` զուգակցուած երաժշտական կատարումներով: Ֆրանսայի նախագահի ելոյթէն ետք Եւրոպական Միութեան երիտասարդական նուագախումբի կատարմամբ հնչած է ֆրանսացի երաժշտահան Մորիս Ռաւելի «Պոլերօ» ստեղծագործութիւնը: Միջոցառումը եզրափակուած է անմար կրակի մօտ խորհրդանշական արարողութեամբ. ուսանողները շրջապատած են Ֆրանսայի նախագահին եւ շղթայ կազմելով, ձեռքը դրած կողքինի ուսին` որպէս հաւաքական վերածնունդի նշան:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 11 քաղաքական ուժ ԵՐԵՒԱՆ, 14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար ԿԸՀ դիմած է 11 քաղաքական ուժ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԿԸՀ նախագահի տեղակալ Արմէն Սմբատեանը: Արմէն Սմբատեանը յայտնած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար յայտ ներկայացուցած են՝ «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՀԿ-ն, «Մենք» դաշինքը, «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը, «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը, «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը: Շարունակութիւնը էջ 4
Հայ Կեանք
Էջ 2
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահին
News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ
Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Նոյեմբեր 12-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վեհարանին մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին: Նորին Սրբութիւնը՝ իր գնահատանքը յայտնեց Միութեանը Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայնքներու մէջ իրականացուող հայրենաշէն ու ազգօգուտ ծրագրերու, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ գործունէութեանը մշտապէս աջակցելու համար: Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ Հայոց եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ուղղուած է hայրենիքի եւ Սփիւռքի հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի զօրացմանը, մեր ժողովուրդի միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդմանը, ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգի անաղարտ պահպանմանը: Պերճ Սեդրակեանը՝ Վեհափառ հայրապետին ներկայացուց անցած մի քանի ամսուայ ընթացքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայնքներու ՀԲԸՄ կողմէ իրականացուած նախաձեռնութիւններու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ որոշ ընդհանուր նկատառումներ` համայնքային կեանքի արդիւնաշատ կազմակերպման վերաբերեալ։ ՀԲԸՄ նախագահը հաստատեց, որ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մշտապէս շարունակելու է զօրակցիլ Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ գործունէութեանը եւ ազգանպաստ ծրագիրերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ազգային ինքնութեան եւ հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերուն: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄ նախագահն անդրադարձան Հայ եկեղեցւոյ պատմական անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին, մեծապէս կարեւորելով եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման գործին: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն եւ զարգացումներուն:
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 3
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ». Փաշինեանի ելոյթը «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ին Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Նոյեմբեր 11-ին, մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ի աշխատանքներուն: Համաժողովը կ’իրականացուի Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Համաժողովը բացուած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ի ղեկավար կոմիտէի փոխնախագահ Թրիշա Շեթթիի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնի խօսքերով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիո Կուտերեշը: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ի ծիրէն ներս հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին, մասնաւորապէս, նշած է. Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու յարգարժան ղեկավարներ Տիկնայք եւ պարոնայք Մենք այստեղ հաւաքուած ենք` նշելու առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտի 100ամեակը: Ասիկա բացառիկ նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկ է, որ կոչուած է ոգեկոչելու մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ արտայայտելու խաղաղութեան մեր ընդհանուր ուղերձը: Այսօր մենք` իբրեւ այդ պատերազմի մասնակից ազգերու առաջնորդներ, առաջին հերթին պէտք է խօսինք Առաջին համաշխարհային պատերազմի դասերուն մասին: Երբ պետութիւն մը պատերազմ կը մղէ կամ կը փորձէ իր խնդիրները լուծել ռազմական ճանապարհով, ուրեմն ան կը հաւատայ իր ուժերուն եւ յաղթանակին: Այդուհանդերձ, Առաջին համաշխարհային պատերազմը համամոլորակային ողբերգութիւն էր այնտեղ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, եւ ի վերջոյ յանգեցուց զայն յղացած պետութիւններու քայքայման: Կայ համոզում, որ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն պատերազմներու մէջ միշտ կ’ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ: Սակայն, մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք չի յաղթեր: Պատերազմները կու տան միայն կորուստ, տառապանք եւ աւերածութիւններ:
Եւ հակառակ մեր միասնական ջանքերուն եւ նախորդ սխալներէն սորվելու կոչերուն, այդ դասերը դիւրութեամբ կը մոռցուին: Թէեւ հարիւր տարի առաջ մարդկութիւնը հասկցաւ զանգուածային ոչնչացման զէնքը արգիլելու անհրաժեշտութիւնը, ցաւօք, ատիկա չխոչընդոտեց նոր զինատեսակներու ստեղծումը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Անտանտի տէրութիւնները առաջին անգամ գործածեցին «մարդկութեան եւ քաղաքակըրթութեան դէմ յանցագործութիւն» սահմանումը` այսպիսով դատապարտելով օսմանեան իշխանութիւնները 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման համար: Յետագային այդ ահաւոր յանցագործութիւնը պէտք է կոչուեր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Այնուամենայնիւ, ընդամէնը քանի մը տասնամեակ անց՝ մարդկութիւնը ականատեսը եղաւ հոլոքոսթին, Քամպոտայի, Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն, քրիստոնեաներու եւ եզտիներու ցեղասպանութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Ռոհինճա ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութիւններուն: Պատերազմի դասերէն էր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւակերպումը Ուիլսընեան յայտնի 14 կէտերուն մէջ: Այնուհետեւ, անիկա ընդգրկուեցաւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, Հելսինկիի եզրափակիչ ակտին մէջ եւ հիմք դարձաւ ժամանակակից երկիրներու շուրջ կէսի անկախութեան համար: Առաջին աշխարհամարտին իբրեւ արդիւնք՝ աշխարհի ժողովուրդները օրէնքի ուժով հաստատեցին ազատ կամքի դրսեւորումով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրենց իրաւունքը: Այստեղ` Ֆրանսայի մէջ, հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ, ֆրանսան յստակօրէն վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցով. Նոր Քալետոնիայի ժողովուրդը հնարաւորութիւն ստացաւ հանրաքուէ իրականացըՇարունակութիւնը էջ 4
Հայ Կեանք
Էջ 4
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ». Փաշինեանի ելոյթը «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ին Շարունակութիւն էջ 3-էն
նելու: Ցաւօք, այդ իրաւունքին նկատմամբ մօտեցումը ընտրովի է: Այդ իսկ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի տասնամեակներ շարունակուող պայքարը՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար՝ դեռ չէ ստացած պատշաճ իրաւական լուծում: 21-րդ դարուն՝ բացարձակապէս անընդունելի է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելու ցանկութիւնը կրնայ վերածուիլ կենսաբանական սպառնալիքի: Առաջին համաշխարհային պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ ազգերու լիկան՝ ՄԱԿի նախատիպը, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան հաստատումն էր: Այնուամենայնիւ, ժամանակակից աշխարհի մէջ ծայրայեղականութեան դրսեւորումները կ’ահագնանան: Վերոյիշեալ հաստատութիւններուն նպատակը առաջին հերթին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: Այդուհանդերձ, այսօր մենք գրեթէ ամէն օր ականատես կըլլանք մարդու հիմնարար իրաւունքի` կեանքի իրաւունքի ոտնահարման դէպքերու: Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, շատերը կը կարծէին, որ ատիկա պիտի ըլլայ վերջին պատերազմը: Սակայն, շուտով հետեւեցաւ Երկրորդ աշխարհամարտը: Սկսաւ պատերազմի եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի նոր փուլ: Ցաւօք, առ այսօր ատոր վերջը չէ տրուած: Աւելին, անիկա հետզհետէ աւելի կը խորանայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր կը համարեմ այսպիսի հանդիպումները: Անոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան խորհելու մեր ընդհանուր անցեալի, մարդկութեան պատմութեան մասին: Անշուշտ, մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, եւ ատոր կարիքն ալ չկայ: Բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ: Այդ իսկ պատճառով՝ մենք պէտք է յիշենք առաջին աշխարհամարտի կարեւորագոյն դասը: Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներու թշուառութեան վրայ, ոչ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշուին: Առաջին համաշխարհային պատերազմին վերջ տրուեցաւ հարիւր տարի առաջ: Եւ ասիկա հիանալի առիթ է մտածելու պատերազմներէն զերծ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին: Ես կը հաւատամ, որ այստեղ՝ Փարիզի մէջ
հաւաքուած առաջնորդները, պիտի կարենան հասնիլ այդ նպատակին: Եւ ատիկա պիտի ըլլայ յարգանքի լաւագոյն տուրքը՝ մատուցուած նախորդ դարու անմեղ զոհերուն: Ելոյթէն ետք՝ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդանշական գիրք յանձնած է «Խաղաղութեան գրադարան»ին` պատմաբան Հայկ Դէմոյեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերէն» պատկերազարդ գիրքը: «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ի քննարկման նիւթերն են՝ խաղաղութիւն եւ անվըտանգութիւն, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն, զարգացում եւ ներառական տնտեսութիւն:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 11 քաղաքական ուժ Շարունակութիւն էջ 13-էն
Արմէն Սմբատեանը վստահեցուցած է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պատրաստ է Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պատշաճ մակարդակով անցկացնել: «Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը միշտ պատրաստ է» ըսած է Սմբատեանը:
Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 5
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանին։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր։
Կարօ Փայլան կը խօսի Հայ-Թրքական սահմանին բացման մասին ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ 2019 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակ մնալուն հարցին: «Եթէ սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, մարդիկ աւելի մեծ թիւով պիտի երթան եւ գան, ու եթէ հարցեր ունինք, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք լուծել զանոնք: Այս պատճառով, կը կարծենք, որ սահմանները բանալու նոր գործընթաց սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ», ըսաւ Փայլան: Իր ելոյթին մէջ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ երկրի ներքին ընկերային հարցերուն՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը բազմանայ աղքատութիւնը, իսկ մարդոց գնելու կարողականութիւնը կը նուազի:
Նախագահի նստավայրը պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26 ՀՀ կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն` հանրապետութեան նախագահի նստավայրը Մաշտոցի 47 հասցէէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26: ՀՀ վարչապետի նստավայրը, որ այժմ Բաղրամեան 26-ն է, պիտի տեղափոխուի Հանրապետութեան հրապարակ` Կառավարական տուն 1 հասցէ: Նախագիծով կը սահմանուի, որ նախագահի նստավայրի արարողակարգային նշանակութեան դահլիճներէն կրնայ օգտուիլ նաեւ վարչապետը: Միաժամանակ նախագահի կամ վարչապետի կողմէ այդ դահլիճներէն որեւէ մէկը օգտագործելու անհրաժեշտութիւն յառաջանալու պարագային` տուեալ դահլիճէն վարչապետը կ՛օգտուի առաջնահերթութեան կարգով: Յիշեցնենք, որ Յունուար 2018-ին կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն` ՀՀ նախագահի նստավայրը Բաղրամեան 26-էն տեղափոխուած էր Մաշտոցի 47, իսկ վարչապետի նստավայրը տեղակայուած էր Բաղրամեան 26:
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Աշխատանքային այցով Յունաստան այցելեց ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը
Նոյեմբեր 12-13, աշխատանքային այցով Յունաստան գտնուեցաւ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ-լեյտենանտ Արտակ Դաւթեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Այցի ընթացքին Նոյեմբեր 12-ին գեներալ-լեյտենանտ Արտակ Դաւթեանը հանդիպած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի պետ, ծովակալ Եւանկելոս Ափոստոլաքիսի եւ Յունաստանի ցամաքային զօրքերու բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ։ Զրուցակիցները քննարկած են հայ-յունական երկկողմ ռազմական համագործակցութեան հետ առչուող հարցեր։ Առանձնացուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այն ուղղութիւնները, որոնք տեղ գտած են 2019 թուականի հայյունական երկկողմ համագործակցութեան ծրագրի մէջ։ Այցի ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի գլխաւորած պատուիրակութիւնն այցելած է Յունաստանի ցամաքային զօրքերու տանկային ուսումնական կեդրոն, ուր` բարձրաստիճան հիւրերու պուրակի մէջ, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ, գեներալ-լեյտենանտ Արտակ Դաւ-
թեանը ձիթենի տնկած է: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Յունաստանի ցամաքային զօրքերու ռազմական ակադեմիա ու հանդիպած հոն սովորող հայ կուրսանտներու հետ: Նոյեմբեր 13-ին, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է Աթէնք անցկացուող ճգնաժամերու կառավարման եւ անվըտանգութեան միջազգային ռազմավարական «Աթինա 2018» համաժողովի աշխատանքներուն։
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 7
Արցախի մէջ տեղի ունեցան հակայարձակողական մարտական զօրավարժութիւններ
Արցախի պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու ներգրաւմամբ տեղի ունեցան լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւններ Նոյեմբեր ամսուայ սկիզբը։ Պաշպանութեան բանակէն կը նշեն, թէ զօրավարժութեան նպատակն էր կատարելագործել ընդգըրկուած ուժերու եւ միջոցներու մարտական ներդաշնակութեան մակարդակը, ստուգել զօրամասերու մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերելու ծրագիրներու իրատեսութիւնն ու զօրքերու մարտական կիրառման արդիւնաւէտութիւնը: Չորս փուլով տեղի ունեցող զօրախաղերու ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է հրամանատարներու եւ կառավարման մարմիններու գործնական ունակութիւններու բարձրացման եւ ժամանակակից մարտի մէջ ստորաբաժանումներու, զօրատեսակներու ու ծառայութիւններու միջեւ նպատակային փոխգործողութեան իրակա-
նացման վրայ: Աւարտական փուլի ընթացքին խաղարկուծ է «մխրճուած հակառակորդի ջախջախումը, առաջնագիծի վերականգնումը, յարձակման զարգացումը եւ բարենպաստ բնագիծերու գրաւումը» նիւթով մարտական հրաձգութեամբ զօրավարժութիւն:
Արցախի արտադրած հարուածային անօդաչու սարքերը մաս կը կազմեն բանակի սպառազինութեան ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ արտադրուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը ներառնուած են արդէն Հայոց բանակի սպառազինութեան մէջ: 12 Նոյեմբերին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան: «Ներառուած են այնքանով, որքանով վտանգ են ներկայացնում հակառակորդի համար», բացատրեց Դաւիթ Տօնոյեան: Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց նաեւ, որ բազմաթիւ նոր տեսակի ռազմական սարքեր ստեղծուած են տեղական ռազմարդիւնաբերութեան կողմէ: «Դրանք արտադրութեան փուլում են: Դա վերաբերում է նոր տեխնոլոգիաներով նոր զինատեսակներին», յայտնեց Տօնոյեան:
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
«Թէքէեան» սրահի եւ «Հայ տանիք»ի բացումը կը տիրէ սրահին մէջ եւ որ կարողութիւն կու տայ մեծ գործեր կատարելու: Ապա Եգիպտոսի Հայոց Թեմին բարեջան առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին վիճակաւոր գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան հրաւիրուեցան բացումը կատարելու Թէքէեան սրահին եւ Հայ տանիքին: Ներկաները երկար ատեն յամեցան ակումբէն ներս, վայելելով Ռուբէն Սաատի գեղեցիկ ձայնն ու օրուան ճոխ հիւրասիրութիւնը: Շնորհաւորութիւններ Կոկանեանի նոր բաժիններուն համար: Բոլոր վարչականներուն եւ աշխատանքին մասնակցողներուն վարձքը կատար: Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կոկանեան սրահի նորոգուած եւ յաւելուած բաժիններուն բացումը, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ: Կոկանեանի փոքրիկ պարտէզը ողողուած էր լոյսերով, իսկ մարգագետինը ամբողջովին փոխուած, հոն դրուած հանգստաւէտ բազկաթոռներով: Կոկանեան սրահի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան բացումը կատարեց երեկոյին՝ շեշտը դնելով այս գողտրիկ ակումբին ապահով, հաճելի եւ հայադրոշմ մթնոլորտին վրայ, ապա հրաւիրեց աշխատանքը գործնականապէս ծրագրած եւ իրագործած տիկին Սաթօ Սարգիսեան-Աբգարեանը եւ անոր յանձնեց շնորհակալութեան յուշանուէր մը: Տիկին Սաթօն իր խօսքին մէջ շնորհակալութեան կողքին դրուատեց այն միասնական ոգին, որ
Տինքի կեանքին նուիրուած ֆրանսերէն վէպը՝ մրցանակակիր ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսացի վիպագիր Վալերի Մանթօ Ֆրանսայի նշանաւոր «Ռընոտօ» գրական մրցանակին արժանացաւ իր «Լը Սիյոն» («Ակօսը») վէպով։ Յատկանշական է, որ հեղինակին երկրորդը հանդիսացող այս վէպը կը պատմէ թուրք ազգայնամոլի մը ահաբեկչութեան զոհ գացած պոլսահայ խըմբագիր Հրանդ Տինքի կեանքն ու մամուլի աշխատանքը։ Վալերի Մանթօ պարգեւը ստանալուն առիթով՝ խօսեցաւ եւ պատմեց, թէ մեծ հիացում ունի Հրանդ Տինքի եւ անոր քաղաքական տեսութիւններուն նկատմամբ ու վէպին գաղափարը ծագած է, երբ սկսած է առաւել խոր կերպով ուսումնասիրելու անոր կեանքը։
Նոյեմբեր 22-Էն աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն նոր սերունդի թղթադրամները Հայկական դրամի 25-ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 22-էն, աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն երրորդ սերունդի թղթադրամները: ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը տարածած է նոր թղթադրամներուն մասին պատմող տեսանիւթ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ 1000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամի վրայ պատկերուած է Պարոյր Սեւակը, 5000 դրամի վրայ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանը, 10 հազար դրամի վրայ՝ Կոմիտասը, 20 հազար դրամի վրայ՝ Յովհաննէս Այվազովսկին, 50 հազար դրամի վրայ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ նաեւ նոր՝ 2000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը՝ Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով:
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 9
Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականը կը փորձէ Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ Իրանէն ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ն
ախագահ Թրամփի` ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Հոկտեմբերին այցելեց Ռուսիա, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան` ներկայացնելով Սպիտակ տան դիրքորոշումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Պոլթընը ծանօթ է իբրեւ արտաքին կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից եւ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ ռազմատենչ` իր ծայրայեղական դիրքորոշումներուն պատճառով… Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Պոլթընը խօսած է Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին, որոնք կրնան ազդել երրորդ երկիրներու, անոնց շարքին` Հայաստանի վրայ: Ան նաեւ անակնկալ առաջարկ ըրած է Հայաստանին` ամերիկեան զէնքեր վաճառելու առումով, նաեւ քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը: Պարզ դարձաւ, որ Պոլթընը փորձած է Հայաստանը հեռացնել իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիայէն եւ առեւտրական հիմնական գործընկեր Իրանէն, քանի որ Հայաստանի հետ սահմանը շրջափակուած է դրացի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ: Թէեւ շատ մը հայ մեկնաբաններ եւ յատկապէս ռուս պաշտօնեաներ լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտեցին Պոլթընին առաջադրած քաղաքականութեան մասին, սակայն Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը զարմանալիօրէն լաւատես էր եւ ըսաւ Հայաստանի խորհրդարանին. «Ես հանդիպած եմ Պոլթընին հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին նոյնիսկ նուազագոյն երանգ չէ եղած, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մէջ անհանգստութիւն յառաջացնէ: Ես այս հանդիպումը կը նկատեմ մեզի համար դիւանագիտական մեծ նուաճում, հետագային կ՛ըսեմ, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ ես այսպէս կ՛արտայայտուիմ»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը աւելցուց. «Պոլթընին հետ երկխօսութիւնը շատ յաջող էր, եւ Միացեալ Նահանգները հասկցած էին Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու տրամաբանութիւնը, մեր դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի մասին, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, եւ այլն»: Դրական գնահատելով իր հանդիպումները Հայաստանի մէջ` Պոլթընը գրառում մը կատարած է
Թուիթըրի իր էջին մէջ.«Երէկ ես հիանալի այցելութիւն մը տուի Հայաստան, որ կարեւոր գործընկեր մըն է տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւականութիւն ստացայ Հայաստանի վարչապետին [պաշտօնակատարի] եւ իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ունեցած արդիւնաւէտ խօսակցութենէն»: Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն` Հայաստան պէտք է պահպանէ նուրբ հաւասարակշռութիւն, երկու գերտէրութիւններու միջեւ: Մէկ կողմէ Հայաստան կ՛ապաւինի Ռուսիոյ` իր կարեւորագոյն կարիքներուն համար, այսինքն` զէնքի, ուժանիւթի եւ առեւտուրի հետ կապուած, եւ հետեւաբար չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ թշնամանայ իր ռազմավարական դաշնակիցին դէմ, միւս կողմէ` Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է բազմաթիւ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Արեւմըտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Զէնքի Վաճառքի Առաջարկ` Հայաստանի Պոլթընը զարմացուց իր հայ հիւրընկալողները` անոնց առաջարկելով գնել ամերիկեան զէնք եւ յայտարարելով, որ այդ զէնքերը կը գերազանցեն ռուսականը: Այսուամենայնիւ, ան չնշեց, թէ սնանկացած Հայաստան ի՛նչ միջոցներով պիտի կարենայ վճարել զինամթերքին գինը: Ինչպէս գիտենք, Ռուսիա Հայաստանի զինամթերքի մեծ մասը կը մատակարարէ կա՛մ վարկեր տրամադրելով, կա՛մ զեղչուած գիներով: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պիտի քննարկէ ամերիկեան առաջարկը, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը NEWS.am կայքին ըսաւ, որ այս պահուն ամերիկեան զինամըթերք գնելու կարիք չկայ: Ամերիկեան զէնք ձեռք բերելով` Հայաստան ռիսքի կը դիմէ` թշնամացնելով Ռուսիոյ, որ իր զինամթերքի հիմնական աղբիւրն է: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգները կրնան Հայաստանին ըրած իրենց առաջարկը օգտագործել` քողարկելու համար իրականութիւնը` միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք ծախելու Ատրպէյճանին: Մինչ Ատրպէյճան ունի կարողութիւնը ամերիկեան զէնք գնելու, իսկ Հայաստան` ո՛չ: Պոլթընին միւս անտրամաբանական յայտարարութիւնը այն էր, որ ռուսական զէնքի վաճառքը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, արցախեան հակամարտութեան լուծման համար խոչընդոտ հանդիսացած է: Ծիծաղելի է, որ սա նոյն այն բանն է, ինչ որ ներկայացուցած է Պոլթընը` առաջարկելով ամերիկեան զէնք վաճառել երկու երկիրներուն: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ եւ միւս բոլոր երկիրները պէտք է զերծ մնան ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ ԱտըրՇարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականը կը փորձէ Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ Իրանէն Շարունակութիւն էջ 9-էն
պէյճանի զէնք ծախելու փորձութենէն… Պատերազմական գօտիի մէջ երկուստեք յաւելեալ զէնք լեցնելը երկու կողմերուն համար ալ կրնայ յանգեցնել միայն բռնութիւններու եւ մահերու թիւի բարձրացման: Հայ-Իրանական Յարաբերութիւններ Ի պատասխան Պոլթընի այն յայտարարութեան, որ Միացեալ Նահանգները «խիստ աշխուժօրէն» պատժամիջոցներ պիտի կիրարկեն Իրանի դէմ, եւ այդ պատճառով հայ-իրանական սահմանը «պիտի դառնայ հիմնահարց», Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան իբրեւ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն` դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի դրացիներէն ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ Ատրպէյճանի հետ, ուստի ան պէտք է «յատուկ յարաբերութիւններ» պահպանէ իր միւս երկու դրացիներուն` Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնք Հայաստանի միակ «դարպասներ»ն են դէպի արտաքին աշխարհ: Փաշինեանը լաւատեսօրէն ըսաւ հայոց խորհրդարանին. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի` ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»: Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն, որ խզէ իր առեւտրական կարեւոր յարաբերութիւնները Իրանի հետ, Միացեալ Նահանգները պէտք է յորդորել, որ ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ` բանալու համար իրենց սահմանները Հայաստանի հետ, որպէսզի Հայաստան կարենայ աւելի հեզասահ կերպով առեւտուր ընել իր չորս դրացիներուն հետ: Փաշինեան ճիշդ մատնանըշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր ազգային շահերը, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այլ երկիրներու շահերուն հետ: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգները իրաւունք չունին պահանջելու երրորդ երկիրներէն, որ գործադրեն իրենց սխալ պատժամիջոցները Իրանի դէմ: Աւելի՛ն. քանի որ Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան կ՛ազատեն Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները կիրարկելէ, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ Հայաստանը եւս զերծ ըլլայ այդ պատժամիջոցներու կիրարկումէն: Բացի այդ, Պոլթընը խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները չեն ուզեր «վնաս հասցընել մեր բարեկամներուն, այս գործընթացին մէջ»: Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ Պոլթընը յայտարարեց, որ արցախեան հիմնահարցին լուծումը կ՛օգնէ Հայաստանին` բանալու Թուրքիոյ հետ սահմանը: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունե-
նալու Թուրքիոյ հետ, սակայն` առանց նախապայմաններու, զորս Թուրքիա փորձած է պարտադրել` սահմանին բացումը կապելով արցախեան հակամարտութեան հետ: Թուրքիոյ նախապայմանին հակազդելու համար ես կ՛առաջարկեմ, որ Հայաստան դնէ իր նախապայմանը` սահմանի բացումը կապելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ… Արցախեան Հակամարտութեան Կարգաւորում Պոլթընը կ՛ենթադրէ, որ Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի, որ Փաշինեանին կուսակցութիւնը կազմէ մեծամասնութիւն, բաւականին ուժեղ յանձնարարութիւն կու տայ անոր` արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ որոշիչ քայլերու ձեռնարկելու համար: Կարծես թէ Պոլթընը ծանօթ չէ Փաշինեանի յաճախակի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` «Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը հայ ժողովուրդն է, եւ յստակօրէն` Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը եւ տուեալ պարագային` նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց է»: Քանի որ Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին անորոշութիւններու առջեւ, հրամայականը այն է, որ աշխարհի բոլոր հայերը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը եւ ուժերը միացնեն իրենց ընդհանրական հակառակորդներուն դէմ… Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՀՀ կառավարութեան երախտագիտութեան նուէրը Նորվիկիայի թագաւորութեան
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 11
ՀԲԸՄ-Ի ԵՒ ՀԵԸ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ վերջերս Լիբանան այցելած ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ, Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, Միութեան ատենապետին կողմէ կազմակերպուած կէսօրուայ հրաւէրի ընթացքին: Ջերմ հանդիպումը լաւ առիթ եղաւ, որպէսզի կողմերը ծանօթանան իրարու, ուր ՀԲԸՄ-ի ատենա-
պետն ու Հայաստանի պաշտօնակատարը մօտէն քննարկեցին ազգային եւ գաղութային ընթացիկ հարցեր: Հայաստանի պատուիրակութեան մէջ էին՝ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Վարչապետի խորհրդականներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան: Իսկ ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեան մէջ՝ Շրջանակային Յանձնաժողովէն, ինչպէս նաեւ Միութեան Կառոյցներէն ու ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութենէն պատասխանատու անձինք:
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Նուիրահաւաքը կը շարունակուի. եթէ կը փափաքիք ձեր ներդրումը ունենալ այս յոյժ հայրենանուէր գործընթացին, կրնաք ձեր նուէրները փոխանցել Հիմնադրամի՝ դրամատան հաշիւին նշելով Ձեր անունը. ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ IBAN: GR410172195000 5195050350189 կամ հեռաձայնել եւ այցելել հիմնադրամի գրասենեակ՝ Լամիաս փողոց թիւ 30, հեռ. (210) 490-7867 եւ կամ ալ ձեր տեղական Հայկական եկեղեցին:
Յարգելի հայրենակիցներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը, իր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատըւութիւններով սատար հանդիսացան 2018-ի Phonethon-ին: Դժբախտաբար, չկարողացանք անմիջական կապի մէջ մտնել մեր բոլոր հայրենակիցներուն հետ, ընդունելու իրենց նիւթական խոստումները:
Այս առթիւ, կ'ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր կամաւորներուն, որոնք իրենց սուղ ժամանակը տրամադրեցին ազնուօրէն դիմելով եւ կապի մէջ մտնելով մեր հայրենակիցներուն հետ, որոնք ընդհանրապէս ընդառաջեցին անոնց դիմումին, երբեմն ալ մերժուելով: Նուիրատուներու անուններու ցանկը պիտի յայտարարուի մամուլի միջոցաւ, վերջնական գանձումներէն ետք: ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 13
ՀԱՅ ԿՈԻՍԱԿՑՈԻՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԴԵՐ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Այսքան կուսակցութիւն ունեցող երկիրը, պարզ է, մի օր հասնելու էր քաւարան, ուր սողացող բոյսերը խրատ են կարդալու, կանաչ ձեռքեր են հողից բարձրանալու, որ ջնջեն ամօթը կեղծիքի, սրբեն թռիչքը նախանձի, փոշու, ատելութեան, եւ շօշափուկներն ամէն անցողիկի, որով մենք յաւերժն ենք կառուցում։ Արտեմ Յարութիւնեան (Ժամանակակից բանաստեղծ)
Կատարուած իրողութիւնները կ’ընդունինք ինչպէս որ են: Սփիւռքի մէջ վարժուած էինք, որ հայրենահանուած ժողովուրդի քաղաքական հորիզոնին վրայ ըլլային երեք ազգային կուսակցութիւններ, որոնք, վերանկախացումէն ետք, կոչուեցան աւանդական: Սփիւռքի մէջ կը գործէին նաեւ համայնավարներ, բայց առանձին հայ համայնավար կուսակցութիւն չկար, անոնք, ուր ալ գտնուէին, մաս կը կազմէին տեղւոյն համայնավար կուսակցութեան: Վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի մէջ բազմացան կուսակցութիւնները: Ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները հոն վերընձիւղեցան եւ կազմակերպուեցան: Այսօր, Հայաստանի մէջ կը գործեն բազմատասնեակ կուսակցութիւններ, նորեր ալ ծնունդ կ’առնեն: Չյաջողեցայ ունենալ լրիւ ցանկը Հայաստանի մէջ արձանագրուած (գրանցուած) կուսակցութիւններուն: Հետաքրքրական պիտի ըլլար ունենալ իւրաքանչիւրի ծրագիրը, հասկնալու համար հետապնդուած նպատակը եւ անդամներուն թիւը: Ժողովրդավարական կարգ է կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ ազատութիւնը, նոյնիսկ եթէ տասնեակներով կուսակցութիւններու գոյութիւնը անտեղի պերճանք է փոքրիկ Հայաստանի համար: Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, որ կուսակցութիւնները, ըստ սահմանադրութեան, ազատ եւ ընդհանուր քուէարկութեան վճիռին ներկայացընեն թեկնածուներ, ընտրովի պաշտօններուն համար, Սահմանադրութեամբ ճշդուած պայմաններու մէջ: Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, Սահմանադրութեամբ ճշդուած, որ կուսակցութիւնները պէտք է յարգեն եւ ծառայեն ազգային գերիշխանութեան եւ ազգային միութեան, ընդհանուր եւ ազատ քուէարկութեամբ արտայայտուած ժողովուրդի կամքով: Կուսակցութիւնները ազատ են իրենց գործունէութեան մէջ, օրէնքի սահմաններուն մէջ: Ժողովրդավարական կարգ է նաեւ, որ քաղաքացիները իրենց ազատ կամքով յարին այս կամ այն կուսակցութեան, ոչ ոք եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ընդդի-
մանալ քաղաքացիին ընտրութեան՝ յարելու համար օրէնքի սահմաններուն մէջ գործող կուսակցութեան մը, կամ դատապարտել զինք, իր ընտրութեան համար, բացասական վերաբերումի արժանացնել: Ճիշդ է, կը գործածենք կուսակցութիւն եզրը, բայց ընդհանուր բնութագրումով կուսակցութիւնը մարդոցմով կազմուած միութիւն մըն է, որուն անդամները կը հետապնդեն քաղաքական ծրագիր, իրենց գիտութիւնը եւ կարողութիւնները կը գործածեն իրենց ծրագրի իրականացման համար: Այդ ծրագիրը ընդունուած պէտք է ըլլայ կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, օրէնքով ճշդուած եղանակով: Իսկ ժողովրդավարական, օրէնքով եւ յատուկ սահմանադրութեամբ գործող երկրի մը մէջ, կուսակցութիւն մը չի կրնար հակադրուիլ Սահմանադրութեամբ ընդունուած օրէնքներու եւ սկզբունքներու: Օրինակ, հանրապետութեան մը ծիրէն ներս գործող կուսակցութիւնը չի կրնար առաջադրել հանրապետութեան վերացումը եւ թագաւորական կարգի հաստատումը, կամ ձգտիլ խտրականութիւն հաստատելու քաղաքացիներու եւ դասակարգերու միջեւ: Նման պարագաներու, օրէնքը կը գործէ եւ վերջ կու տայ այդ կուսակցութեան գոյութեան: Ի հարկէ, ժողովրդավարական կարգերու մէջ գործող կուսակցութիւն մը օրէնքէ դուրս կը հռչակուի, երբ հակասէ օրէնքը եւ փորձէ բռնութեամբ տեսակէտ պարտադրել կամ իշխանութիւնը գրաւել: Ան չի կրնար նաեւ օտար երկրի մը կուսակցութեան մասնաճիւղը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ գաղափարական նոյնութիւն կամ նմանութիւններ ըլլան: Կուսակցութիւնը աշխարհիկ միութիւն է, անոր անդամները կը բաղկանան քաղաքացիներէ, առանց կրօնական խտրութեան: Ան նաեւ տնտեսական միութիւն կամ կազմակերպութիւն չէ, իր նպատակը եւ նախաձեռնութիւնները չեն միտիր նիւթական շահերու, ոչ դրամատուն է, ոչ վաճառատուն: Կուսակցութիւնը քաղաքացիական ծառայութիւն է, երկրին եւ համաքաղաքացիներուն ուղղուած: Կ’այլասերի, երբ այս կը մոռցուի եւ ան կը ծառայէ անհատի կամ խմբակի: Այս ըմբռնումով ալ պէտք է բացայայտ ըլլայ կուսակցութեան հետապընդած նպատակի առարկան եւ անոր անդամները տեւաբար պէտք է հսկեն, որպէսզի շեղում չըլլայ նպատակէն եւ առարկան չզեղծուի: Անցեալին եւ այսօր, ժողովրդավարական եւ կայացած երկիրներու մէջ, կուսակցութիւնները ընտրական համախմբումներ են: Յեղափոխական կոմիտէները եւ ազատագրական շարժումները, երբ կայունութիւն հաստատուի, կը վերածուին երկրի օրէնքներով գործող կուսակցութիւններու, կը կազմակերպուին որպէս այդպիսին՝ ըստ ծրագրի: Սակայն այդ կազմութեան պահուն երկու ուղիներ կ’ըլՇարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
ՀԱՅ ԿՈԻՍԱԿՑՈԻՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԴԵՐ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ Շարունակութիւն էջ 13-էն
լան. շարժումը կը մնայ առաջնորդներու եւ ղեկավարներու սեղմ շրջանակին մէջ, կամ կը դառնայ առանց խտրութեան անդամակցողներու խմբաւորում: Այսօր կուսակցութիւնները կը տարուբերին այս զոյգ ըմբռնումներուն միջեւ, անոնք կրնան ըլլալ անհատական նախաձեռնութիւններ, անհատի մը կամ խումբի մը զօրակցութեան համար, կամ կոչ կ’ընեն զանգուածային կազմակերպութեան, դիմագրաւելու համար աշխատանքները եւ ծախսերը: Իսկ համաժովրդական բնոյթով կուսակցութիւնները ունին տեսական եւ – կամ – դասակարգային հիմնաւորումներ: Անոնք կազմուած են եւ կը կազմուին անհատներու կամ խումբերու շուրջ, որոնք ունին գաղափարական հիմքեր կամ նիւթական միջոցներ՝ ընտրապայքար մղելու համար: Սկզբունքով, գաղափարական հիմերու վրայ ստեղծուած եւ գործող կուսակցութիւնները, կը շրջանցեն սեղմ շրջանակի մէջ ընտրութիւն կատարելու ջոջական-էսթէպլիշմընթային քարացած եւ յառաջդիմութիւնը արգելակոծ կացութիւնը, եւ կուսակցութեան անդամները (ժողովուրդ) հնարաւորութիւն կ’ունենան ժողովրդավարական օրէնքներով ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները եւ ղեկավարութիւնը: Ազատագրական շարժումը իր գործունէութեան եւ նախաձեռնութիւններուն համար չի սպասեր ժողովրդական համախոհութեան եւ ընտրութեան: Դասական ըմբռնումով կուսակցութիւններու համար երկրին մէջ կայացող-կայանալիք ընտրութիւնները կը գտնուին իրենց ուշադրութեան կեդրոնը: Այս պատճառով ալ, անոնք պարտաւոր են հանրութեան ներկայացնել իրենց առաջադրանքները, ընդունիլ նաեւ երկխօսութիւնը եւ վիճարկումը կողմնակիցներու եւ մրցակիցներու հետ, որպէսզի լուսաբանուած ընտրազանգուածը ճիշդ կողմնորոշուի: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Նոյնիսկ ազնիւ եւ հանգչած ժողովրդավարութիւններու պարագային, դրամական միջոցները որոշիչ դեր ունին: Հոս փակագիծ մը: Նոյնիսկ ժողովրդավարական զարգացած երկիրներու մէջ, ընտրելու իրաւունքը ընդհանուր եւ հաւասար ըլլալով հանդերձ, ընտրուելու իրաւունքը միշտ սահմանափակ է, թեկնածութեան եւ ընտրուելու կարելիութեան առջեւ խոչնդոտներ եւ չարաշահումներ կան. դրամական, ընտանեկան-ժառանգական, մեքենայութիւններու (քոմպինացիա): Այս պատճառով ալ կը տեսնենք, որ ընտանեկան նոյն անունները կը գտնուին դիրքերու վրայ: Յաջողելու համար թեկնածուն պէտք ունի նաեւ նիւթական նեցուկի: Ժողովրդավարական Ամերիկայի մէջ, Քոլոմպիա կամ Հարվըրտ համալ-
սարաններու մեծանուն տնտեսագէտը չի կրնար մրցիլ դրամատէր կամ դրամատէրերու նեցուկը ունեցող նախագահական թեկնածուին հետ: Ինչ որ կ’ըսուի եւ կ’ըսենք, բաւարար բացատրութիւն չէ կուսակցութեան մը գոյութեան արդարացման համար: Կրկնենք, կուսակցութիւն եւ քաղաքականութիւն սկզբունքով հանրային ծառայութիւն են: Բայց յաճախ այս սկզբունքը կը շրջուի եւ հանրութիւնը կը դառնայ ծառայ, նոյնիսկ յարգելովչարաշահելով օրէնքները: Յամենայն դէպս, կարգ է, որ կուսակցութիւն մը ձգտի իշխանութեան, որ լծակը պիտի ըլլայ հանրային ծառայութեան: Ձգտիլ իշխանութեան եւ տիրանալ իշխանութեան, կառավարել առանձին կամ դաշնակցելով ուրիշի-ուրիշներու, քանի որ ժողովրդավարական համակարգի մէջ, օրէնքով սահմանուած մեծամասնութիւն պէտք է որոշումներ կայացնելու համար: Բայց որոշումներէ առաջ, կուսակցութիւն մը պէտք է ունենայ քաղաքական ծրագիր մը, առաջադրանքներ, որոնց հիման վրայ պէտք է դիմէ ժողովուրդին, կամ անկէ բխած ժողովներու, անոնց վստահութիւնը ստանալու համար: Այս ընդհանուր հաստատումներէն ետք կը մնայ ողջախոհական հարցում մը. Հայաստանի պէս պզտիկ երկիր մը, երեսուն, քառասուն, կամ յիսուն կուսակցութիւններու այդքան տարբեր եւ նորարար ծրագիրներ կրնա՞յ ունենալ: Եթէ ծրագիրներու տարբերութեամբ չի բացատրուիր կուսակցութիւններու բազմացումը, եզրակացնե՞նք, որ անոնք ստեղծուած են անհատական շահերու եւ փառասիրութիւններու համար: Կը մնայ դասական-աւանդական կուսակցութիւններու պարագան, որոնք, ըսուեցաւ օրին, վտարանդի էին, վերընձիւղեցան վերանկախացած Հայաստանի մէջ: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ բազմաթիւ պատճառներով, որոնց շարքին միակուսակցական դրութեամբ գործած խորհրդային քաղաքականութեան քարոզչութեան բացասական դերը, որուն հետեւանքով ժողովրդական խաւերը զանոնք դիտեցին եւ կը դիտեն որպէս սփիւռքի կուսակցութիւններ, որոնք կրնան զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի օգնելու համար: Անոնք, բախտաւոր պարագային, ի միջի այլոց կուսակցութիւն են, եւ կը դիտուին ներսի ու դուրսի շփոթով: Ազգային Ժողովի նախընտրական տասնօրեակը անբաւարար է գաղափարներու եւ ծրագիրներու յստակացման: Կրկին տպաւորութիւններով պիտի քուէարկէ ժողովուրդը, քանի որ դերի եւ գաղափարի շուրջ վիճարկումներ պիտի չըլլան, ան քաղաքական կերպով պիտի չլուսաբանուի: Եթէ դեռ չկրկնուի կաշառքի տխրութիւնը: Շարունակութիւնը էջ 28
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 15
11 Political Forces Nominate Candidates For Armenian Parliamentary Elections election candidates. They had strongly contributed to its past electoral successes. The HHK hopes to win seats in the new parliament by positioning itself as the country’s sole genuine opposition force. Observers believe that it will likely struggle to clear the 5 percent vote threshold.
YEREVAN (RFE/RL) — Eleven political parties and alliances have nominated candidates for snap general elections that will be held in Armenia on December 9, the Central Election Commission (CEC) said. The CEC secretary, Armen Smbatian, made the announcement following the expiry of a legal deadline for the submission of applications from political forces seeking to run in the elections.
Two other parties led by former President Levon TerPetrosian and former Foreign Minister Raffi Hovannisian have decided not to join the parliamentary race despite strongly supporting the Pashinian-led “velvet revolution.” They both fared poorly in the last parliamentary elections held in April 2017.
Armenia Fund’s Pan-European Phoneathon Raises 1.242.460 Euros
The pre-term elections are the consequence of this spring’s mass protests that brought down Armenia’s longtime leader Serzh Sarkisian and his government. They will be held under a complicated system of proportional representation. Armenians will vote for not only parties and blocs as a whole but also their individual candidates running in a dozen nationwide constituencies. Under Armenian law, a political party needs to win at least 5 percent of the vote in order to be represented in the National Assembly. The vote threshold for blocs is set at 7 percent. Prime Minister Nikol Pashinian’s My Step alliance is widely regarded as the election favorite. The vast majority of its 183 election candidates are members of the Pashinian-led Civil Contract party. The bloc’s electoral list also includes non-partisan civic activists and other public figures allied to the popular premier. Civil Contract until recently made up the Yelk alliance together with two other parties, Republic and Bright Armenia. They decided to participate in the upcoming elections separately. Republic joined forces with another small pro-Western party last week. Among other major election contenders are businessman Gagik Tsarukian’s Prosperous Armenia Party (BHK), the second largest force in the outgoing parliament, the Armenian Revolutionary Federation (Dashnaktsutyun) and former President Sarkisian’s Republican Party of Armenia (HHK). Sarkisian’s name is absent from the HHK’s electoral list topped by his longtime protégé, former Defense Minister Vigen Sargsian. Also noteworthy is a lack of wealthy businessmen among the former ruling party’s
PARIS — The annual Pan-European Phoneathon of the Hayastan All-Armenian Fund, held during November 14-18, raised 1.242.460 euros in donations and pledges. The Phoneathon was launched in Marseille and involved Armenians in Toulouse, Lion and Paris. Afterwards, the large-scale fundraising campaign mobilized Armenian communities of Switzerland, Germany and Greece. With 700 new donors, this year the Phoneathon was joined by over 10.000 individuals and organizations. Proceeds from the Phoneathon 2018 will be used to support the continued growth of agricultural-development projects in Armenia’s Tavush Region; to construct solar power stations in Artsakh; and to address urgent needs of Armenians living in Aleppo. The breakdown of pledges and donations made during the Phoneathon is as follows: Paris 686.162 euros, Marseille 207.149 euros, Lion 177.988 euros, Toulouse 66.447 euros, France total 1.137.746 euros, Germany 73.845 euros, Switzerland 19.717 euros, Greece 11.150 euros.
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Chief of General Staff visits Greece In the course of the visit, the Armenian delegation paid a visit to a Greek Land Forces tank training centre, where Lt. Gen. Davtyan planted an olive tree in the guests’ grove as a symbol of peace. The delegation also visited the Military Academy of the Greek Land Forces and met with Armenian cadets studying at the academy. On 13 November, the delegation took part in the Athens-hosted International forum on crisis management and international strategy, called Athena 2018.
A delegation headed by Lt. Gen. Artak Davtyan, the chief of the General Staff, was on a working visit in Greece on 12-13 November. On November 12, Lt. Gen. Davtyan met with Adm. Evangelos Apostolakis, the chief of Greece’s National Defense General Staff, and the leadership of the Greek Land Forces. They discussed issues related to the Armenian-Greek bilateral military cooperation, highlighted the directions of mutual interests to be reflected in the 2019 plan of the Armenian-Greek bilateral cooperation.
Armenia’s Armed Forces to Purchase Advanced Fighter Jets offered to sell Armenia lighter JAS 39 Gripen jets manufactured by the Swedish aerospace company Saab. Tonoyan did not deny those reports. “There is no decision regarding Gripen at the moment,” he said. “There is another offer on the table from another partner which is being very seriously considered, and a decision will be made very soon regarding acquisitions.” The minister implied that the offer was made by Russia. But he did not go into details. YEREVAN (RFE/RL) — The Armenian government has selected the type of first-ever fighter jets which it is planning to acquire for it’s armed forces, Defense Minister Davit Tonoyan said on Monday. “I can put it this way: the choice has already been made and some financial-technical issues are being sorted out,” he told a news conference. In June, Prime Minister Nikol Pashinian photographed himself in the cockpit of a Russian Sukhoi Su-30SM warplane parked at the Erebuni airbase in Yerevan. Russian media reported afterwards that Yerevan is now negotiating with Moscow on the purchase of such sophisticated aircraft. Other news reports said last month that Sweden has
The Moscow-based daily “Kommersant” claimed in June that a Russian-Armenian deal signed in 2012 called for the delivery of at least 12 Su-30SMs to Armenia but that the Armenian side did not receive them due to “financial difficulties.” The paper said Moscow now hopes to reach an agreement with the new Armenian government on implementing that multimilliondollar deal “as soon as possible.” The Armenian Air Force currently consists of 15 or so low-flying Su-25 jets designed for air-to-ground missions. Su-30SM can perform a broader range of military tasks with more long-range and precision-guided weapons. It is a more advanced version of a heavy Cont. on page 17
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 17
Ambassador Kirakossian introduces key points of Armenia’s position on NK conflict settlement at OSCE Permanent Council session
YEREVAN, NOVEMBER 10, ARMENPRESS. Ambassador Arman Kirakossian, Head of Permanent Mission of the Republic of Armenia to the OSCE (Organization for the Security and Cooperation in Europe), delivered remarks at the 1200th session of the OSCE Permanent Council in response to the annual report of the OSCE Minsk Group Co-Chairs, the Armenian foreign minister told Armenpress. In his remarks Ambassador Kirakossian thanked the OSCE Minsk Group Co-Chairs for the efforts put for the settlement of the Karabakh conflict and added that 2018 is marked with an important anniversary: in February 1988, the regional council of the people’s deputies of the Nagorno Karabakh Autonomous Oblast made a decision asking the Soviet Armenia and Soviet Azerbaijan to approach with understanding to the will and dreams of the Armenian population of Karabakh and agree on the transfer of the Oblast from Azerbaijan to Armenia. It was stated that Azerbaijan, in response to this appeal of self-determination, carried out violence, deportations, crimes and unleashed a war. Ambassador Kirakossian stated that since that time the status and security of Artsakh became the most important elements of the conflict settlement. The Armenian side highlighted that today the Armenian people highly value democracy and human rights, which was approved this spring by the peaceful and democratic changes that took place in Armenia as a result of which early parliamentary elections will be held this December. Talking about the position of the new Armenian leadership on the conflict settlement, the Ambassador outlined several key points: The first one – the status and security of the Artsakh people are one of the most important issues for the conflict settlement and are the absolute priority of Armenia. The second one – the people and authorities of Artsakh must have a decisive voice in the conflict settlement process. Any attempt to isolate Artsakh and its people from the conflict settlement process contradicts to both the causes of the conflict’s origins and the
existing reality. Artsakh is populated by its native people who historically constantly comprised an absolute majority, including at all stages of the conflict. The third one – Armenia continues supporting the efforts of the Minsk Group Co-Chairs (Russia, US and France) aimed at settling the conflict exclusively through peaceful means. The fourth one – the conflict cannot have a military solution, and the military scenarios should be rejected unconditionally. The 2016 April military adventurism had a negative impact on the peace process. The current positive dynamics, which were formed as a result of the recent meetings and the agreements reached in Dushanbe, must be followed by an implementation of actions aimed at strengthening trust and security already agreed upon in Vienna, St. Petersburg and Geneva, which in its turn will strengthen the OSCE presence in the conflict zone. The fifth one – the creation of an atmosphere contributing to peace requires not only reduction of tension and introduction of monitoring mechanisms, but also preparing people to peace. The hostile rhetoric and maximalist positions question the possibilities of mutual concession. Ambassador Arman Kirakossian also thanked the Personal Representative of the OSCE Chairperson-inOffice and his team for strengthening the ceasefire regime and the trust between the sides. He expressed confidence that the only international presence in the NK conflict zone and the only OSCE presence in South Caucasus play an important role in mitigating the tension in the Line of Contact and the border.
Armenia’s Armed Forces to Purchase Advanced Fighter Jets Cont. from page 16
fighter jet developed by the Sukhoi company in the late 1980s. The Russian military commissioned the first batch of such aircraft in 2012. Tonoyan first confirmed Yerevan’s plans to acquire “multirole” warplanes in August. The Armenian army, he told military officials, needs them because “no missile system can be a substitute for this capacity in terms of flexibility and resilience.” Tonoyan made the comments more than a week after visiting Moscow and meeting with a top executive of Rosoboronexport, Russia’s state-run arms exporter.
Էջ 18
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Armenian Virtual College - AGBU
During the event, Dr. Yervant Zorian, AVC Founder and President, and Pakrad Balabanyan, KARDÉS Founder and CEO, virtually signed a Memorandum of Understanding to formalize the partnership between KARDÉS and AVC.
The Ministry of Education and Science of RA , KARDÉS organization, AGBU Armenia and AVC started a partnership to introduce Geographic Information Systems (GIS) in schools across Armenia as a new method of education based on e-learning technologies. The first workshop for school teachers was held in Yerevan on November 14, which marks the International GIS Day. More than 100 teachers attended the workshop to learn about GIS, location intelligence and the importance of using GIS in education. KARDÉS, in collaboration with the Ministry of Education and Science and AVC, will introduce GIS and location intelligence to Armenian students by providing free GIS licenses, teacher training and curriculum content.
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 19
Zohrab Mnatsakanyan participated in the Meeting of the Committee of Ministers of the Council of Europe a democratic, powerful movement: the Velvet Revolution. But the transformation did not happen in just one month. It was the result of the consistent strengthening of the democratic capacity of the public that involved all segments of society. Zohrab Mnatsakanyan said that this was also the result of the cooperation with the Council of Europe, with the partners in the Council of Europe.
On November 21, Acting Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan took part in the 1329th Meeting of the Council of Europe’s Committee of Ministers, in which the Chairmanship of the Organization was transferred from Croatia to Finland. During the meeting Zohrab Mnatsakanyan delivered a speech, expressing his gratitude to Croatia for having a successful Chairmanship. Referring to the priorities of the Croatian Chairmanship, the Head of the MFA emphasized the importance of the fight against corruption and the active efforts exerted in this direction by the new Government of Armenia. In his speech the Acting Foreign Minister noted that he represents a Government which came to power out of
Zohrab Mnatsakanyan commended the works of the Croatian Chairmanship aimed at the protection of the cultural heritage. The Acting Minister attached great importance to the need for the CoE member countries to work together in that area. In this context he added: “We have been witness to considerable and irreversible damage inflicted to cultural heritage, including Armenian cultural heritage in various parts of the world”. The Acting Foreign Minister noted that on the eve of the 70th anniversary of the Council of Europe, at the time when the world faces the daunting challenges of the crisis of multilateral cooperation, it becomes the collective duty of the countries to work out powerful messages to demonstrate that this organization is relevant and is active. In this context the Acting Minister expressed his support to the Chairmanship of Finland in the upcoming 70th jubilee year and expressed special gratitude to the Secretary General for his strong commitment towards the Organization.
Third-series Armenian banknotes enter circulation On the occasion of the 25th anniversary of the Armenian national currency, the Central Bank has put into circulation third generation banknotes. The 10.000, 20.000 and 50.000 denomination banknotes are the bills that will be introduced today, while the 1.000, 2.000 and 5.000 denomination banknotes will be available from December 25. The Central Bank notified that in the initial period payment terminals will not accept the new bills until software upgrades. Today marks the 25th anniversary of the national currency of Armenia – the dram. On this day in 1993, the national currency, the dram (AMD), of 10, 25, 50, 100, 200 and 500 dram denominations was introduced – ending the circulation of Soviet and Russian banknotes and laying the foundation for the main financial structures, including the banking system of Armenia. Between 1994-1995 the coins of 10, 20, 50 luma and 1, 3, 5, 10 dram denominations of aluminum alloy, as well as the banknotes of 1.000 and 5.000 dram denominations were put into circulation. Starting from 1998, the banknotes of the second series of 50, 100, 500, 1.000, 5.000 and 20.000 dram denominations were introduced. These banknotes meet modern requirements in terms of security, endurance, quality and design. In 2001, the jubilee banknote in nominal value 50.000 dram dedicated to 1700th anniversary of adoption of Christianity in Armenia was put into circulation. Cont. on page 21
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Armenian Defense Minister Visits Afghanistan NATO-led force maintaining peace and stability in Kosovo. Tonoyan met with Lieutenant-General Salvatore Camporeale, the deputy commander of NATO’s Resolute Support mission, in Kabul earlier on Tuesday. According to the Defense Ministry, Camporeale praised the Armenian soldiers participating in the mission, saying that they are known for their discipline and skills.
Defense Minister Davit Tonoyan inspected more than 120 Armenian soldiers serving under NATO command in Afghanistan during a working visit to the country on Tuesday. The soldiers are stationed at the Camp Marmal military base of a NATO-led multinational force located near the northern Afghan city of Mazar-e-Sharif.
Tonoyan held talks with Afghan Defense Minister Tariq Shah Bahrami at the start of his visit on Monday. An Armenian Defense Ministry statement said they discussed “the military-political situation in the region and possible developments.” The statement said Tonoyan also expressed Yerevan’s readiness to enable young Afghans to study in Armenia “in the context of deepening cooperation in the area of defense.”
A short video released by the Armenian Defense Ministry showed them lined up there for Tonoyan’s visit. The minister thanked the soldiers for their service at the welcoming ceremony. Armenia joined the original NATO mission in Afghanistan in 2010. The deployment highlighted growing cooperation between the U.S.-led alliance and the South Caucasus nation allied to Russia. The Armenian military also contributes around 40 troops to a similar
Armenian Government Returns Former Presidential Palace to President
YEREVAN (RFE/RL) — The Armenian government on Thursday came up with a law amendment that will give the former presidential palace in Yerevan back to the president. After a constitutional reform carried out during the previous administration, curtailing the powers of the president in favor of the prime minister, former President Serzh Sarksyan continued to occupy the building located in 26 Baghramian Avenue even after becoming Armenia’s prime minister on April 17. In line with a controversial law enacted before
that, the prime minister would also have a second official seat located in the central government offices in Republic Square. Armenia’s newly elected President Armen Sarkissian, meanwhile, was given a less sumptuous official seat in another location in central Yerevan. Some two months after unseating Sarksyan and becoming prime minister Nikol Pashinian pledged that he and his staff would eventually vacate the building that was used as a presidential office for decades and would return it to the president. Pashinian, who had criticized his predecessor’s decision to convert the presidential palace into the prime minister’s main office, explained then that he could not relocate immediately because such a move would require certain legal procedures. During an event marking Armenia’s Independence Day on September 21 the gates to the former Presidential Palace’s spacious yard were opened and Pashinian declared the place open to the public. In order to take effect the government’s decision will need to be approved by parliament.
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 21
Armenia’s Pashinyan on Iran: I hope our American associates treat our situation with understanding We have stated our views on relations with Iran, and we see no need to make any changes to them. The acting Prime Minister of Armenia, Nikol Pashinyan, noted the aforesaid at his press conference on Tuesday. He said this reflecting on the US Embassy statement, according to which a group of American experts on the policy of sanctions against Iran had visited Armenia in recent times. “We need to intensively develop those relations, and those relations should be mutually beneficial,” Pashinyan noted, in particular. “We should not only maintain, but also develop the good level of relations. “We have presented our interests in Armenian-Iranian and Armenian-Georgian relations. I hope that our American associates are treating our situation and policy with understanding because developing ArmenianAmerican relations at a good pace is very important to us.”
Armenia to host 3rd Global Forum against the Crime of Genocide Armenia will host the 3rd Global Forum against the Crime of Genocide on December 9, on the 70th anniversary of the adoption of Convention on Prevention and Punishment of the Crime of Genocide. The forum will be organized with the support of the UN Office of Genocide & the Responsibility to protect & in cooperation with the International Association of Genocide Scholars. Upon the initiative of Armenia, in September 2015, the UN General Assembly unanimously adopted a resolution proclaiming 9 December as an International Day of Commemoration and Dignity of the Victims of the Crime of Genocide and of the Prevention of this Crime. This landmark resolution followed up on a resolution of the UN Human Rights Council initiated by Armenia. The resolutions, which have led to the establishment of the Day, as well as the events held in its observance, add to the continued efforts of Armenia to promote consolidated international action against the crime of genocide. The purpose of the day is to raise awareness of the Genocide Convention and its role in combating and preventing the crime of genocide, as defined in the Convention, and to commemorate and honour its victims.
Third-series Armenian banknotes enter circulation In the period 2003-2004, the coins of the second series of 10, 20, 50, 100, 200 and 500 dram denomination were introduced. In 2009, 100.000 dram denominated banknote (the highest nominal value) was put into circulation. In 2008, the year that marked the 15th anniversary of the currency, a bronze statue symbolizing the Armenian dram was erected outside the Central Bank headquarters in Yerevan, Armenia. On the occasion of the 25th anniversary of the Armenian national currency, the dram, third generation banknotes will be introduced from November 22. The new banknotes will be made from high quality composite materials, which in turn will ensure an average 34 times higher lifecycle. The bills also feature the best modern security features, as well as designs for visually impaired persons. The newly introduced denomination will be the 2.000 dram banknote. The third series 1.000 dram banknote depicts Paruyr Sevak, the 5.000 dram depicts writer William Saroyan, the 10.000 dram depicts Komitas, the 20.000 bill depicts Ivan Ayvazovsky, and the 50.000 bill depicts St. Gregory the Illuminator.
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 23
Մարդը, որ բոլորիս ցոյց տուաւ Իսթամպուլը. Արա Կիւլերի մասին Փամուքի յուզիչ յօդուածը տպագրուած է «New York Times»-ի մէջ
Գ
րականութեան Նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուքը ամերիկեան հեղինակաւոր «New York Times» պարբերականին մէջ հրապարակած է լայնածաւալ յօդուած մը պոլսահայ երջանկայիշատակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, «Մարդը, որ մեզ ցոյց տուաւ Իսթամպուլը» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ ան անդրադարձած է լուսանկարիչի հետ իր ծանօթութեան, Կիւլերի երկարամեայ գործունէութեան ու հայկական արմատներուն: Փամուքը կը նշէ, որ ժամանակակից Իսթամպուլի մեծագոյն լուսանկարիչը ծնած է հայկական ընտանիքի մէջ: «Առաջին անգամ Արայի մասին լսեցի 1960-ականներուն, երբ տեսայ իր լուսանկարները լայն տարածում ունեցող «Հայաթ» ամսագիրին մէջ: Հօրեղբայրներէս մէկը ամսագիրի խմբագիրներէն էր: Արան այստեղ կը տպագրէր այնպիսի արուեստագէտներու լուսանկարներ, ինչպիսիք էին Փիքասօն եւ Տալին: Երբ իմ «Սեւ գիրքը» վէպի յաջողութենէն ետք Արան առաջին անգամ ինծի լուսանըկարեց, ես ուրախութեամբ գիտակցեցայ, որ իսկապէս գրող դարձած եմ»,- յօդուածին մէջ կը պատմէ Փամուքը:
Ան կը նշէ, որ լուսանկարիչի հետ իր ընկերութիւնը սկսաւ 2003 թուականէն, երբ իր գիրքին համար լուսանկարներ կը փնտռէր Կիւլերի բազմահազարանոց լուսանկարչական արխիւէն: «Մեր ընկերութեան սկզբնական շրջանին մենք երբեք չէինք խօսիր Արայի հայկական արմատներուն եւ օսմանեան հայերը կոտորելու ցաւոտ պատմութեան մասին՝ թեմա մը, որ մինչ օրս Թուրքիոյ մէջ կ’արգիլուի: Ես զգացի, որ դժուար կ’ըլլայ այս թեմայով խօսիլ իրեն հետ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ լարուածուՇարունակութիւնը էջ 24
Էջ 24
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Մարդը, որ բոլորիս ցոյց տուաւ Իսթամպուլը. Արա Կիւլերի մասին Փամուքի յուզիչ յօդուածը տպագրուած է «New York Times»-ի մէջ Շարունակութիւն էջ 23-էն
թիւն յառաջացնել մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Իսկ ան գիտէր, որ այդ թեմայով խօսիլը կը բարդացնէր կեանքը Թուրքիոյ մէջ: Տարիներու ընթացքին ան ինծի աւելի վստահեցաւ եւ սկսաւ երբեմն անդրադառնալ այնպիսի քաղաքական թեմաներու, որոնց մասին ուրիշներու հետ չէր խօսիր: Ան պատմեց, որ 1942 թուականին, խուսափելու համար թրքական կառավարութեան հռչակած «Ունեցուածքի հարկ»էն, որ կը վերաբերէր բացառապէս ոչ իսլամական քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ խուսափելով աշխատանքային պարտադիր ճամբար արտաքսուելէ, իր դեղագործ հայրը ձգած էր Կալաթասարայի մէջ իր տունն ու ամիսներ շարունակ թաքնուած է ուրիշի տունը՝ որեւէ ատեն փողոց դուրս չգալով: Ան ինծի հետ խօսեցաւ 1955 թուականի Սեպտեմբեր 6-ի գիշերուան մասին, երբ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով թուրք-յունական լարուած յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը զօրահաւաքեց աւազակային խումբերը, որոնք յարձակեցան յոյներու, հայերու եւ հրեաներու պատկանող խանութներուն վրայ, պղծեցին եկեղեցիներն ու աղօթատուները: 1955 թուականին հայկական ու յունական բազմաթիւ ընտանիքներ լքեցին Իսթամպուլի իրենց տուները: 1960-ականներուն շատ քիչերը մնացած էին:
Ես եւ Արան կը խօսէինք, թէ ան ի՛նչպէս կը լուսանկարէր այս ու նմանօրինակ միւս դէպքերը: Այդուհանդերձ, մենք չանդրադարձանք օսմանեան հայերու՝ Արայի նախնիներու ոչնչացման հարցին»,կը գրէ Փամուքը: Երբ 2005 թուականին թուրք գրողը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ բողոքած էր, որ Թուրքիոյ մէջ չկայ միտքի ազատութիւն, այդ երկրին մէջ անհնար է խօսիլ այնպիսի սարսափելի դէպքերու մասին, ինչպէս 90 տարի առաջ օսմանեան հայերու հետ տեղի ունեցածն էր, թրքականութիւնը վիրաւորելու հիմնաւորմամբ իրեն կանչած էին դատարան, յարուցուած էր քրէական գործ, որ կրնար աւարտիլ մինչեւ երեք տարուան ազատազրկումով: Այդ դէպքերէն երկու տարի անց սպաննուեցաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքը: «Շատ պարբերականներ սկսան գրել, որ ես կրնամ ըլլալ յաջորդը: Ինծի ուղղուած մահուան սպառնալիքներուն, իմ դէմ յարուցուած քրէական գործերուն եւ ազգայնական մամուլի կողմէ տարուող հակաքարոզչութեան պատճառով Շարունակութիւնը էջ 32
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 25
ՌԱԿ-ի երախտաւորները
ԱԼՊԵՐԹ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ Հալէպ, 1922 – Լոս Անճելըս, 2003 ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ե
րախտաւոր Ուզունեան ծնած է Հալէպ՝ 20 Հոկտեմբեր 1922-ին, չորրորդ զաւակը դառնալով Խորէն Ուզունեանի եւ Էլիզա Թապագեանի ութը զաւակներուն։ Հայրը՝ Խորէն, Մեծ Եղեռնէն ետք Այնթապի բարեկեցիկ կենցաղը լքելով հաստատուած է Հալէպ, ուր որպէս գորգի արհեստավարժ մասնագէտ կարճ ժամանակի մէջ ճանչցուած է այդ արհեստով։ Իսկ Ալպերթի մեծ հայրը՝ Յարութիւնը (ծանօթ որպէս Արթին), յայտնի դասատու էր Այնթապի քոլէճէն ներս։ Փոքրիկն Ալպերթ իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք տեղական վարժարանին մէջ, բարձրագոյն ուսման համար կը յաճախէ Ալեփփօ քոլէճ, ծանօթանալով անգլերէն լեզուին ու մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով առեւտրական նիւթերու հանդէպ։ Քոլէճ յաճախած շրջանին, ան իր հօր արհեստանոցէն ներս, իր ազատ ժամերուն օգտակար կը դառնար անոր։ Հալէպի հետզհետէ կազմաւորուող գաղութէն ներս, Ալպերթի հասակակից երիտասարդներուն համար գոյութիւն ունէր մշակութային ու գրական եռուզեռ մը։ Այս շրջանին իր գրական հակումները կ՚առաջնորդեն զինք որ հեղինակէ քերթուածներ, ու իր մտերիմները կը դառնան Ստեփան Ալաջաջեանը (Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար) եւ Զարեհ Մելքոնեանը (յայտնի բանաստեղծ ու երկարամեայ դաստիարակ)։ 1943-ին Ալպերթ պիտի կորսնցնէր հայրը, ու ինք ուսումը չաւարտած պիտի ստանձնէր իր հօր արհեստանոցը։ Ասպարէզ մը, որ ժառանգելէ բացի պիտի դառնար երախտաւորին համար պայծառ բարօրութիւն կերտելու բարձունք։ 1946-47 տարիներու ազգահաւաքի՝ ներգաղթի ընթացքին, սուրիահայ բազմաթիւ ընտանիքներ կը ներգաղթեն հայրենիք ու Հալէպը տակաւին կը մնայ արաբական աշխարհի հայկական գաղութներուն բաբախուն սիրտը, Բերիոյ թեմի առաջնորդարանով, հայկական վարժարաններով, ինչպէս նաեւ ազգային հասարակական կեանքի կարեւոր կառոյցներով, մարզական ու երիտասարդական միութիւններով։ Ուզունեանի համար հալէպահայութեան այս եռուզեռը խանդավառ կը պահէ զինք որ անմասն չմնայ գաղութահայ կեանքին իր մասնակցութիւնը բերելէ, մանաւանդ մասնակից դառնալով Բարեգործականի հայրենասիրական ծրագիրներուն։
1954-ին կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ Լիբանան հաստատուած այլ այնթապցի Ուզունեան ընտանիքի դուստրը՝ Ռոզմէրին ու անոնք կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը՝ Ռոպերթ։ 1959-ին Ուզունեանները կ՚որոշեն տեղափոխուիլ Միացեալ Նահանգներ, ուր արդէն տարիներ առաջ եկած էին իրենց ընտանեկան հարազատները։ Լոս Անճելըս հասատուելէ ետք, Ալպերթ կը շարունակէ իր մասնագիտութիւնը ի սպաս դնել ծանօթ ամերիկեան գորգի վաճառատուներու մօտ, նոյն ատեն ծանօթանալով տեղական շուկային։ 1962-ին Ուզունեանները կը բախտաւորուին աղջիկ զաւակով մը՝ Տայանա։ 1966-ին Ալպերթ Ուզունեան գորգի մասնագիտութեամբ ու արհեստավարժ հմտութեամբ կը ձեռնարկէ տէրը դառնալ Persian Rug Cleaning Co. հաստատութեան, եւ որպէս մասնագիտական կառոյց կարճ ժամանակի մէջ կ՚ունենայ իր յաջողութիւնները։ Երախտաւորը Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, մուտք կը գործէ Լոս Անճելըսի հասարակական կեանքէն ներս ու կ՚անդամագրուի Ս. Յակոբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ։ 1961-ին կ՚անցնի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը, որուն կեդրոնը Ֆրեզնօ էր, ՌԱԿ Արեւմըտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեամբ եւ Շարունակութիւնը էջ 26
Հայ Կեանք
Էջ 26
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
ԱԼՊԵՐԹ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ Հալէպ, 1922 – Լոս Անճելըս, 2003 Շարունակութիւն էջ 25-էն
«Նոր Օր» եռօրեայ պաշտօնաթերթով։ ՌԱԿ այդ տարիներուն ունէր զոյգ ակումբներ Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս։ Ալպերթ Ուզունեան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ տեղական մարմիններու մէջ, առաջին հերթին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ երիտասարդական մշակութային կառոյցի թատերական ծրագիրներուն օժանդակելով եւ մասնակցելով։ Ապա, վարչական անդամ կը դառնայ Բարեգործականի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ան արդէն անդամագրուած էր Հ․Բ․Ը․ Մ․-ին Հալէպ գտնուած շրջանին։ Երախտաւոր ընկերը իր գրական մասնակցութիւնը կը շարունակէ, մասնակից դառնալով Լոս Անճելըսի ատենոյ մշակութային ու գրական վերելքին, ինչպէս նաեւ յետագային մաս կազմելով տեղւոյն Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր ժողովին՝ 1969-ին։ Ուզունեանի համար կարեւոր կը դառնայ ՌԱԿ Լոս Անճելըսի Բաբազեան ակումբի հասարակական գործունէութիւնը։ 1966-ին կը ստանձնէ ակումբին ատենապետութեան պաշտօնը, երբ արդէն 1964-ին շրջանակի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» եռօրեան Ֆրեզնոյէն տեղափոխուած էր Լոս Անճելըս, ուր համայնքային աշխուժութիւն մը գոյութիւն ունէր, մանաւանդ երբ 1968-ին Մոնթէպելլօ քաղաքի բարձունքին պիտի կանգնէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանը։ 1973-ին Ուզունեան կը դառնայ անդամ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, ու իր ձեռներէց մասնակցութեամբ կը սատարէ պաշտօնաթերթին արդիականացման։ Իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ «Նոր Օր»ի նոր շէնքի գնման աշխատանքներուն՝ Պեւըրլի պողոտային վրայ, որ աւելի քան տասնամեակ մը պիտի ծառայէր ՌԱԿ-ի շրջանակի գործունէութեան։ 1980-ին Ալպերթ Ուզունեան իր խանդավառ մասնակցութիւնը կը բերէ ԹՄՄ Տիգրանեան ամէնօրեայ վարժարանի շինութեան յանձնախումբին, որ իր դռները պիտի բանար 1981-ի Սեպտեմբերին։ Ուզունեան կը հանդիսանայ վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ ու կը ծառայէ երկար տարիներ։ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն ներս, այս շրջանին կ՚որոնէ «Նոր Օր»ը բարեսիրական հիմնարկութիւն դարձնելու ծրագիրը, ու կը ձեռնարկէ հանգանակութիւն կատարել իր տան մէջ, հանգանակելով շօշափելի գումար մը, որ յետագային պիտի ծառայէր խթան, Կլենտէյլի մէջ եկամտաբեր կալուածի մը գնման համար։ 1982-ին կը դառնայ պատգամաւոր ՌԱԿ ԺԶ. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին, ներկայացնելու Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակը, Լառ-
նաքայի մէջ գումարուած ժողովին։ Նոյն տարուան Յունիսին դառնալով ատենապետը ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, այդ կազմի ատենադպիրի պաշտօնը կը յանձնէ այս տողերու հեղինակին։ Երախտաւորի երկամեայ ատենապետութեան շրջանին, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս զարկ տրուեցաւ շրջանակի ակումբներուն, օժտելով զանոնք երիտասարդ առաջնորդներով։ Ինչպէս նաեւ կազմաւորուեցաւ Արմենական Երիտասարդական Շարժումը, որ կարճ ժամանակի մէջ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց ու յետագային ալ հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր գաղութներու մէջ ունեցաւ միաւորներ։ Այս ժամանակաշրջանին երախտաւորը իր անվերապահ ներդրումը կը կատարէր ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի վերելքին սատարելով։ Ալպերթ եւ Ռոզմէրի Ուզունեաններու բարերարութեամբ անուանուած էր վարժարանի Առաջին դասարանը, որ 1984-ին տուաւ նախակրթական իր առաջին հունձքը։ Ուզունեաններուն համար Տիգրանեան վարժարանը դարձած էր իրենց երկրորդ բնակարանը, ու ամէն առիթով սատար կը հանդիսանային վարժարանի վերելքին։ 1986-ին երախտաւորը արժանացաւ ՌԱԿ-ի վաստակաւորի շքանշանին, իր բազմամեայ կուսակցական ծառայութեան համար, ՌԱԿ-ի 65-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին։ Առողջական իր վիճակը սկսած էր զինք հեռու պահել հասարակական կեանքի առօրեայէն, բայց Ուզունեան շրջան մը բաւարարուեցաւ իր գրական ներդրումը կատարել ու իր ազգային կեանքի յուշերը ամփոփել՝ գաղթաշխարհի մամուլին թղթակցելով։ Յատկանշական եղաւ Ալպերթ Ուզունեանի կողմէ զանազան ընդունելութիւնները՝ ի պատիւ հայրենի մտաւորականներու եւ արուեստի գործիչներու։ 1996-ին դարձեալ երախտաւորը պիտի ընտրուէր ատենապետ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, բայց 10 օրեր ետք սրտի տագնապի հետեւանքով այդ պաշտօնը վստահուեցաւ այս տողերը արձանագրողին։ 2000 թուականի աշնան, ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի պատգամաւորական ժողովի առընթեր,– որ կը գումարուէր Լոս Անճելըսի մէջ,– յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, որպէս բարերար Ալպերթ Ուզունեան արժանացաւ ԹՄՄ-ի պատուոյ անդամի շքանշանին։ 2003-ի Յուլիս 3-ին երախտաւորը յաւիտեան իր աչքերը պիտի փակէր 81 տարեկան հասակին, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս իր անսակարկ ներդրումը կատարած հայ մարդու բաւականութեամբ։
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 27
«ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Հոկտեմբեր 31-ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամի առաջին մրցանակաբաշխութիւնը՝ գրողի որդու՝ Շահէ Նագգաշեանի մասնակցութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հիմնադրամի յանձնախումբի նախագահ, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը: Ան ներկայացուց Հիմնադրամի գնահատիչ յանձնախումբի կազմը՝ Արամ Սեփեթճեան (Լիբանան), Անուշ Նագգաշեան (Երուսաղէմ), Բագրատ եպս. Գալստանեան (Հայաստան), Սօսի Նագգաշեան (գրողի տիկինը, Քանատա): Ձեռնարկին ներկայ էր եւ ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Դէմիրճեանը: Ան արժեւորեց Հայկ Նագգաշեանի գրականութիւնը եւ ընդգծեց նման մրցանակաբաշխութիւններու դերակատարութիւնը, մանաւանդ երիտասարդ արուեստագէտները խրախուսելու նպատակով: Յայտագիրի առաջին բաժնի ընթացքին ուսանողուհի Ժենիա Կիրակոսեանը ներկայացուց գրողի կենսագրական գիծերը, համալսարանի աշխատակից Գարունա Երանոսեանը կարդաց «Ծերացած ձին» պատմուածքը: Ուսանողուհի Ստելլա Սիմո-
«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան:
Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար՝ Պետրոս Դէմիրճեան:
նեանը կատարեց «Երազ» երգը՝ Կոմիտասի մշակումով: Այնուհետեւ խօսք առաւ լրագրող Նաիրա Հայրապետեանը ու ընթերցեց Սօսի Նագգաշեանի ողջոյնի գիրը: Հայկ Նագգաշեանի որդին՝ Շահէ Նագգաշեանը, պատմեց հօր մասին հետաքրքրական ու ուսանելի յուշ: Ապա Սուրէն Դանիէլեանը յայտարարեց մըրցանակակիրի՝ Անի Ամսէեանի անունը: Մրցանակը իրեն շնորհուած էր 2017-ին լոյս տեսած «Ճանապարհ դէպի լռութիւն» բանաստեղծական ժողովածուի համար, որը յանձնեց Շահէ Նագգաշեանը: Անակնկալի եկած ու յուզուած բանաստեղծուհին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն գնահատելու եւ այսպէս արժեւորելու համար: Յայտագիրի երկրորդ մասը ամբողջովին նուիրուած էր Անի Ամսէեանի ստեղծագործութիւններուն: Մագիստրոսներ Յասմիկ Գրիգորեանը եւ Աստղիկ Պօյաճեանը հանգամանալից վերլուծութեան ենթարկեցին գիրքը, իսկ Լուսինէ Մարտիրոսեանը, Դիանա Չոլոյեանը եւ Անի Պետրոսեանը արտասանեցին բանաստեղծութիւններ: Շարունակութիւնը էջ 28
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
«ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ Շարունակութիւն էջ 27-էն
Գեղարուեստական մասը «Սարի աղջիկ» երգով եզրափակեց ուսանողուհի Հայկանդուխտ Մարգարեանը: ՀՀ ԳԱԱ թղթակից-անդամ, Համալսարանի Հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան եւ դասաւանդման մեթոդիկայի ամպիոնի վարիչ, Փրոֆ.
Աէլիտա Դոլոխունեանը շնորհաւորեց մրցանակակիրը, ոգեւորիչ օրինակ բերելով Վիքթոր Հիւկոն երբ 12 տարեկանին ստացաւ Ֆրանսայի Ակատեմիայի մրցանակը: Ան գնահատեց նաեւ Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը որ հիմնած է «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամը, որուն նպատակն է արժեւորել թէ՛ հայրենի, թէ՛ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն գրական-գեղարուեստական երկերը: Ամփոփիչ իր խօսքի ընթացքին բանասիրական բաժանմունքի դեկան, դոցենտ Աշոտ Գալստեանը շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպիչներուն, Սուրէն Դանիէլեանին եւ ուսանողներուն։ Միջոցառման աւարտին հիւրերն ու ուսանողները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ: Քաղուած «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի լրատուութենէն Լուսանկարները։ «Զարթօնք» օրաթերթի
ՀԱՅ ԿՈԻՍԱԿՑՈԻՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԴԵՐ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ Շարունակութիւն էջ 14-էն
Պահ մը պէտք է խորհիլ նաեւ, որ կուսակցութիւններու դերը չի սահմանափակուիր ընդունուած եւ կարելի ժողովրդավարական կարգով պատգամաւորներու ընտրութեան իրականացումով, անոնք նաեւ կրողները պէտք է ըլլան քաղաքական գիտակցութեան զարգացման (հայրենասիրութիւն, իրաւունքներ, տնտեսութիւն, ազատութիւններ, մշակոյթ): Այս գիտակցութիւնը պիտի առաջնորդէ ժողովուրդի քուէն, նուազագոյնի իջեցնելով զգացականութիւնը, որ յոռեգոյն յուշարարն ճիշդ կողմնորոշուելու, ճիշդ ընտրելու, այսինքն՝ քաղաքական հասունութեան եւ քաղաքական դրականութեան: Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեան ժողովուրդի կէսէն աւելին քուէատուփ չգնաց: Եթէ նոյնը պատահի Ազգային Ժողովի ընտրութեան պարագային, այդ պիտի նշանակէ, որ ժողվրդավարութեան համար կենսական վստահութիւնը բացակայ է: Համազգային համախոհութիւն մը անհրաժեշտ է համոզելու համար քաղաքացիները, որ իրենք են քաղաքական կեանքի լծակը, ոչ դրամագլուխը, ոչ տիտղոսները, ոչ վերնախաւին մէջ տեղի
ունեցող ճապկումները, քոմպինացիաները, ոչ շքանշանները: Բայց անմիջականօրէն, այսօր, տասնեակներով կուսակցութիւնները, իրենց ունեցած-չունեցած չնչին տոկոսի քուէներէն առաջ, պէտք է հրապարակ գան իրենց ծրագիրներով, իրենց աշխատանքի հաշուետուութեամբ եւ անանձական թափանցիկութեամբ: Արդար եւ ճիշդ ընտրութիւն կրնայ կատարել լուսաբանուած եւ կանխաւ զգացականօրէն չկողմնորոշուած քաղաքացին: Եւ կրկին պէտք է խօսիլ media-ներու եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ լրագրողի, հրապարակագիրի, խօսքի ազատութեան եւ իր բոլոր արտայայտութիւններով անկախ մամուլի մասին: Հայաստան պիտի քուէարկէ եւ պիտի ընտրէ: Պէտք է յաղթեն լուսաբանուած քաղաքացիները եւ անշպար ժողովրդավարութիւնը: Կա՞ն, պիտի լրանա՞ն յաջողութեան նախապայմանները: Երբեմն ալ լսել բանաստեղծի անշպար խօսքը:
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 29
Ազատ բեմ:
ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ... օրը օրին ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Մ
եր սիրելի օրրանում կատարուող ընթացիկ անցուդարձին փորձում ենք մասնակից լինել, գոնէ տեղեակ լինել՝ լրատուամիջոցներին կառչելով։ Փաստ է, որ վերջին ամիսների ընթացքին, մարդկային յարաբերութիւնների ոլորտում շատ բան է փոխուել, ինչը վկայում են նաեւ դէպի հայրենիք «ուխտագնացներ»ը իրենց վերադարձին։ Ընդհանուր պատկերը գոհացուցիչ կարելի է համարել, նոյնիսկ եթէ այն լիովին բաւարար չէ՝ ելնելով այն հին սկզբնունքից, թէ որքան երկար լինի անցնելիք ճանապարհդ, միեւնոյն է, այն սկսւում է առաջին քայլով։ Հուսկ՝ այն տպաւորութիւնը ունենք, որ մեր հայրենաբնակների առջեւ եղած ազատութիւնների առկայութիւնը երբեմն նրանց մղում է դեպի մարդկային տխմարութեան, որ անկառավարելի եւ անբուժելի է, իսկ բնութիւնը նրա դէմ պայքարելու միջոց չի ստեղծել։ Գնահատականներ պիտի չտանք, բայց ինչի՞ էր նմանւում երկրորդ նախագահի բանտարկութիւնը, ազատ արձակումը եւ տխմարութեան գագաթնակէտը հանդիսացող՝ նրա նոր կուսակցութիւն ստեղծելու անուրջները՝ երկիրը փրկելու մարմաջներով, մոռանալով իր հասցրած վնասների ծաւալներն ու տարողութիւնը։ Հարկ կայ յիշելու Ամուլսարի վերաբերեալ բանավէճերին, որոնք նմանուում են հայրենաբնակների սիրուած եւ գնահատուած անհամ եւ անգոյն «Հայկո-Մկո» եւ այլ սերիալներին։ Յայտնի չէ, թէ այդ պայմանագրի արտօնութիւնը ի՞նչ աճպարարութիւնների հետեւանք է եւ աւելին՝ ներկայիս բանակցում են Քաջարանի ոսկու հանքերի վաճառքը, ինչ որ օտար գործակալութեան, կատարեալ լռութեամբ շրջանցելով նաեւ Քառվաջարի ոսկու հանքերի շահագործան խնդիրները։ Արդեօք պատահակա՞ն է, որ ուրիշները այդքան հետաքրքրուած են մեր ընդերքի հանքանիւթերով, իսկ մերոնք թեթեւ ձեռքով արտօնութիւն են տալիս առաջին հանդիպածին՝ կիսատ-պռատ պայմանագրերով։ Ի՞նչ որ բան, կարծես, տեղում չէ։ Իր տխմարութեամբ Ամուլսարին գերազանցում է աջակողմեան ղեկով մեքենաների ներմուծման հարցը։ Չնայած երկրում նրանց ներկայութեան եւ գործածման արգելքին, որ արդէն մի քանի անգամ յետաձգել են, դարձեալ կան խմբեր, որոնք փողոցային բողոքի երթեր են կազմակերպում եւ այն հանդուրժւում է, ընդհուպ հեռատեսիլային բանավէճ են կազմակերպում, որի ընթացքին՝ ոչ միայն տխմարութիւնն է փայլում, այլ նաեւ սահմանադրութեամբ
պաշտպանուած մեր մայրենին են բռնաբարում շուկայից ուղղակի տաղաւար հասածները։ Փոխարէնը ոչ մէկ միջամտութիւն կամ նկատողութիւն։ Ո՞ւր են կորել հայկական աւանդական բանականութիւնը եւ կարծր տրամաբանութիւնը, որ դարերի ընթացքին մեզ ուղղորդել են դէպի ինքնավերանորոգում՝ ամենադաժան պայմաններում։ 27-10-18 *** Հեզահամբոյր, առաքինի եւ անզուգական կողակիցս, որ յաճախ իմ գրութիւնների առաջին ընթերցողն էր լինում, միշտ նկատողութիւն էր անում, թէ ինչո՛ւ անպայման գրում եմ թերութիւնների մասին, թէեւ մեր զրոյցների ընթացքին՝ որպէս թեմա, բազում էին դրական եւ գովելի երեւոյթները եւս։ Ի պաշտպանութիւն՝ փորձում էի կրկնել, թէ միշտ խօսում են ուշացած եւ ոչ-ժամանակին կայարան մտնող գնացքների մասին, նա մնում էր անվրդով՝ առաջարկելով անտեսել որոշ թերութիւններ, նամանաւանդ, երբ մեր օրրանում դրականները առկայ են։ Աստ պիտի խոստովանեմ, որ անցեալ Կիրակի, մէկ ժամէն աւելի բաւականութիւն ստացայ դիտելով հայրենական Հ-1 հեռատեսիլային ալիքով «Երգ-երգոց» հաղորդումը՝ նուիրուած Մարտիրոս Սարեանին, աւելի ճիշդ՝ նրա բարձր արուեստի ներդաշնակ կապը հայկական երժշտութեան հետ։ Պէտք է նշել, որ տարիներ շարունակ այս հաղորդումը աչքի է ընկնել իր մասնագիտական բարձր որակով, թեմաների ճիշդ եւ անթերի ընտրութիւնով, բարձրաճաշակ մատուցման արուեստով եւ հնարաւոր չէ չնշել, որ թերեւս միակն է, որի ընթացքին մեր մայրենին ոչ միայն չեն բռնաբարում, այլ մինչեւ իսկ այն հնչում է մաքուր, վճիտ եւ իր սեփական հանդերձով, առանց օտարաբանութիւնների։ Այո, այն տպաւորութիւնը ունենք, թէ ամերիկեան թեքումով կրթեալները կարծես այստեղ արգիլուած են, մուտք չունեն՝ ի փառս մեր ոսկիեղնիկին։ Երգարուեստի մեկնաբանութիւն, առաւել եւս գրաքննութիւն պիտի չանեմ՝ այն թողնելով արհեստավարժ արուեստաբաններին, միայն իմ ունկնդրի իրաւունքով պիտի բաւարարուեմ հարց տալ, թէ մեր ձայնադարանը,– որ ստեղծագործութիւնների բարձրագոյն մակարդակի անգնահատելի պաշար ունի՝ ի դէմս միջնադարեան շարականների, որոնցով հիացածները բազում են,– բայց մնում է անհասանելի լայն հասարակութեանը, նամանաւանդ երիտասարդութեանը, որոնց ականջները յագեցուած են արեւմտեան շնչով անգլիախօս աղմկարար երգերով կամ արաբա-թուրքա-ռուսաշունչ հայերէն համարուող գործերով։ Այս երեւոյթը այնքան զարմանալի չէ, որքան պատկան մարմինների կամ մասնագէտՇարունակութիւնը էջ 30
Էջ 30
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Ամերիկայի մէջ պիտի ցուցադրուի Հայաստանի կողմէ «Օսքար»ի թեկնածութեան համար ներկայացուած «Սպիտակ» ֆիլմը եւ զաւակը, որոնք տակաւին ողջ էին, բայց փլատակներու տակ: Բեմագրութեան հեղինակը Մարինա Սոչինսքայան է, իսկ երաժշտութիւնը՝ Սերժ Թանգեանի:
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»- Սպիտակի երկրաշարժի մասին պատմող ռուս բեմադրիչ Ալեքսանդր Քոթի «Սպիտակ» ֆիլմը, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ ընդգրկուած է 2019-ի «Օսքար»ի լաւագոյն օտար շարժապատկերներու թեկնածուներու նախնական ցանկին մէջ, պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ «Թասս» լրատու գործակալութեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած բեմադրիչը նշեց, թէ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ուաշինկթընի, Մայամիի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ: «Ինչ կը վերաբերի «Օսքար»ի թեկնածու հաւանականութեանց, կը կարծեմ, որ լաւ են, ինչպէս բոլոր ֆիլմերու պարագային, բայց այդքան ալ մեծ չեն: Մեր ֆիլմը չցուցադրուեցաւ Քանի եւ Պերլինի նման հեղինակաւոր փառատօններուն մէջ եւ այդ պատճառով յաղթանակի ակնկալիք չունիմ, բայց նոյն ժամանակ Հայաստանի կողմէ «Օսքար»ի ներկայացնելը, մեծ քայլ է», ըսաւ ան: «Օսքար»ի թեկնածուները յայտնի պիտի դառնան 22 Յունուար 2019-ին, իսկ անոր 91-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Փետրուարին: Հայ-ռուսական համատեղ արտադրութիւն հանդիսացող «Սպիտակ» ֆիլմը 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին է: Անիկա պատրաստուած է երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով, Խրիմի եւ Հայաստանի մէջ: Ֆիլմին հերոսը՝ Գոռը, հեռացած էր Հայաստանէն աւելի լաւ կեանք փնտռելու: Երկրաշարժէն ետք, ան Մոսկուայէն կը վերադառնայ հայրենիք՝ գտնելու իր տունը եւ ընտանիքը, սակայն, արդէն ուշ էր եւ աղէտը ամէն ինչ ոչնչացուցած էր: Աղէտի վայրին մէջ Գոռ կը հանդիպի զանազան կերպարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական ողբերգութիւնը ունի: Տեղացիները կը փորձեն գտնել իրենց սիրելիները՝ ողջ կամ մահացած, իսկ բժիշկները կը փորձեն օգնել փրկուածներուն, օր ու գիշեր աշխատելով, հակառակ դեղերու պակասին: Զինուորները եւ կամաւորները՝ վտանգելով իրենց կեանքը, կը մաքրեն փլատակները, իսկ Գոռ կը շարունակէ փնտռել կինը
Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com
ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ... օրը օրին Շարունակութիւն էջ 29-էն
ների լուռ ու մունջ անտարբերութիւնը։ Երիցս ճիշդ էր Շահան Շահնուրը, երբ մէկ դար առաջ ահազանգում էր, թէ ունենք մտաւորականներ, բայց բացակայ է հայ մտաւորականութիւնը։ Ի՞նչ է փոխուել,– այն, որ ունենք սահմանադրութիւն, մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութիւններ, գիտութիւնների կաճառ, համալսարանների մի ամբողջ տեսականի, բազմաթիւ «Դոկտոր– փրոֆէսորներ» ամէն բնագաւառում, հոյակապ երիտասարդութիւն, եւ ժամանակը չէ՞ արդեօք, որ այդ զգալի ներուժը աշխատի, մէկ բուռ դարձած, ի նպաստ մեր վերականգման։ 05-11-18
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 31
Η Αρμενία στο Επίκεντρο του Ενδιαφέροντος της Philoxenia
«Aramé» που είναι εξολοκλήρου φτιαγμένα από φρούτα όπως ρόδι, δαμάσκηνο και βύσσινο. Η Αρμενία συμμετείχε για πρώτη φορά στη Διεθνή Έκθεση Τουρισμού Philoxenia που πραγματοποιήθηκε από τις 9 έως τις 11 Νοεμβρίου στο Εκθεσιακό και Συνεδριακό Κέντρο της ΔΕΘ HELEXPO στη Θεσσαλονίκη. Οι εμπορικοί επισκέπτες είχαν την ευκαιρία να συναντηθούν με τα στελέχη του Τμήματος Τουριστικής Ανάπτυξης του Επιμελητηρίου και να εξοικειωθούν με την Αρμενία και τις ταχέως αναπτυσσόμενες προοπτικές της χώρας ως τουριστικού προορισμού. Ιδιαίτερη βάση δόθηκε στην παρουσίαση ολοκαίνουριων ξενοδοχείων, στα αξιοθέατα αρχαιολογικού και θρησκευτικού ενδιαφέροντος, στην αρμενική γαστρονομία και τα αρμενικά κρασιά που γίνονται όλο και πιο γνωστά σε παγκόσμιο επίπεδο. Στη Philoxenia παρουσιάστηκαν τα διεθνούς φήμης μπράντι «Αραράτ», οι πασίγνωστες ετικέτες της αρμενικής οινοποιίας «Noyan Tapan» και «Karas» ενώ την παράσταση έκλεψαν τα περίφημα κρασιά
Ανάμεσα σε μια σειρά από δρώμενα που έλαβαν χώρα κατά τη διάρκεια της έκθεσης ξεχώρισε η χορευτική ομάδα «Μασίς» του συλλόγου «Χαμασκαΐν» που έδωσε έναν ιδιαίτερο τόνο χορεύοντας σε παραδοσιακούς αρμενικούς ρυθμούς ενθουσιάζοντας εκθέτες κι επισκέπτες. Το περίπτερο της Αρμενίας τίμησαν με την παρουσία τους ο Περιφερειάρχης Κεντρικής Μακεδονίας κ. Απόστολος Τζιτζικώστας ο οποίος δήλωσε για μια ακόμη φορά τη στήριξη κάθε πρωτοβουλίας για τη σύσφιξη των ελληνοαρμενικών σχέσεων, ο Δήμαρχος Θεσσαλονίκης κ. Γιάννης Μπουτάρης, ο οποίος επέδειξε ιδιαίτερο ενδιαφέρον για τα κρασιά της Αρμενίας, ο Αρχιεπίσκοπος των εν Ελλάδι Ορθοδόξων Αρμενίων Σεβασμιότατος κ. Κεγάμ, ο Επίσκοπος της Αρμενικής Εκκλησίας Θεσσαλονίκης Πανοσιολογιότατος κ. Στεπανός, ο Πρόεδρος της Αρμενικής Κοινότητος Θεσσαλονίκης κ. Αρτούρ Αμπραχαμιάν και πλήθος διπλωματών μεταξύ των οποίων οι πρόξενοι της Ιορδανίας, της Σλοβακίας, της Κύπρου, του Μαρόκου, του Περού, της Γεωργίας, του Λουξεμβούργου και της Φιλανδίας. Η παρουσία της Αρμενίας στη Philoxenia οργανώθηκε από το Ελληνοαρμενικό Εμπορικό και Βιομηχανικό Επιμελητήριο Ελλάδος σε συνεργασία με το Armenian Tourism Development Foundation και του State Tourism Committee του Υπουργείου Οικονομικής Ανάπτυξης της Αρμενίας. Η συμμετοχή στη Philoxenia έλαβε χώρα υπό την αιγίδα της Πρεσβείας της Αρμενίας στην Ελλάδα. ΔΕΛΤΙΟ ΤΥΠΟΥ
Էջ 32
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Մարդը, որ բոլորիս ցոյց տուաւ Իսթամպուլը. Արա Կիւլերի մասին Փամուքի յուզիչ յօդուածը տպագրուած է «New York Times»-ի մէջ Շարունակութիւն էջ 24-էն
սկսած էի աւելի շատ ժամանակ անցընել արտասահմանի՝ Նիւ Եորքի մէջ: Իսթամպուլ կը վերադառնայի միայն շատ կարճ ժամանակով՝ այդ ալ առանց ոեւէ մէկուն ըսելու: Հրանդ Տինքի սպանութեանը յաջորդող շրջանին, Նիւ Եորքէն տուն՝ Իսթամպուլ կատարած կարճաժամկէտ այցերէս մէկուն ժամանակ, գրասենեակն էի, երբ հեռախօսը սկսաւ անդադար զանգա-
հարել: Այդ օրերուն ես չէի պատասխաներ հեռախօսազանգերուն: Սակայն զանգը չէր դադրէր: Ոչ հեշտութեամբ, սակայն ի վերջոյ բարձրացուցի լսափողը: Ճանչցայ Արայի ձայնը: «Օ՜, դուն վերադարձած ես: Ես հիմա կու գամ»,- ըսաւ ան: 15 վայրկեան անց, Արան մտաւ գրասենեակս: Ան շնչակտուր էր, իր սովորութեան համաձայն կը հայհոյէր բոլորին: Ապա ան փարեցաւ ինծի ու սկսաւ լալ: Անոնք, որոնք կը ճանչնային Արան, կը հասկնան զարմանքս, երբ զինքը այդպէս թաց աչքերով տեսայ: Ան սկսաւ երդում ընել ու ըսել. «Անոնք՝ այդ մարդիկը, չեն կրնար դպնալ քեզի»: Իր արցունքները չէին դադրեր: Ու որքան աւելի շատ կու լար, այնքան աւելի շատ կը պարուրէր ինծի մեղքի զգացումը, եւ ես ինծի կաթուածահար կը զգայի: Երկար լալէ ետք Արան ի վերջոյ հանգստացաւ, ապա բաժակ մը ջուր խմելէ ետք հեռացաւ, կարծես միայն անոր համար եկած էր իմ քովս: Անկէ ետք մենք նորէն մի քանի անգամ հանդիպեցանք: Ես այլեւս երբեք անհրաժեշտութիւն չզգացի հարցնել իրեն իր նախնիներուն մասին: Մեծն լուսանկարիչը արդէն ամէն բան պատմած էր ինծի իր արցունքներուն ընդմէջէն»,- կը գրէ Փամուքը: Ան կը նշէ, որ պոլսահայ լուսանկարիչը մշտապէս կ’երազէր ժողովրդավարութեան մասին, ուր բոլոր անհատները կարենային ազատօրէն խօսիլ իրենց սպաննուած նախնիներուն մասին, կամ, առնուազն, կարենային ազատ սգալ անոնց համար: «Թուրքիան երբեք չդարձաւ նման ժողովրդավար երկիր: Նախորդ 15 տարիներու յաջողութիւնը, պարտքով վերցուցած գումարներու հաշուոյն տնտեսական աճի ժամանակաշրջանը օգտագործուեցաւ ոչ թէ ժողովրդավարութիւնը ընդլայնելու, այլ ազատութիւնները աւելի սահմանափակելու համար: Եւ այս ամէնէն ետք Արա Կիւլերի հին Իսթամպուլը վերածուած է, ինչպէս իր գիրքերէն մէկը վերնագրուած է, «Կորուսեալ Իսթամպուլ»ի»,- կ’եզրափակէ յօդուածը Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը:
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 33
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ Կիպրոսի եւ Յունաստանի Հայերը Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը 2019 Մայիսի վերջաւորութեան պիտի կազմակերպէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր վեցերորդ տարեկան գիտաժողովը: Արդ, կը հրաւիրենք Սփիւռքի եւ Հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները՝ որոնք հետաքրքրուած են ու կ'առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու հին թէ նոր կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու Կեդրոնիս՝ հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ: Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.1) Պատմութիւն. Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, յետցեղասպանութեան շրջանին (մինչեւ մեր օրերը), նախկին կիպրահայերու եւ յունահայերու վերադարձը Կիպրոս եւ Յունաստան. 2) Պետութիւն եւ Սահմանադրութիւն. Հայերու քաղաքացիացումը, փոքրամասնութեանց եւ համայնքային իրաւունքներ, պետական համակարգին մէջ հայերու համայնքային-կրօնական-մշակութային ներկայացուցչութիւն, հայերու մասնակցութիւնը եւ ներկայութիւնը համապետական թէ տեղական վարչամեքենային մէջ), հայերը տեղական կուսակցութիւններու մէջ. 3) Յետ-եղեռնեան Հայ Բնակավայրեր. Կիպրահայ եւ յունահայ որբանոցները, անցեալի եւ ներկայի հայկական բնակավայրերը եւ անոնց վերակերտումները, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան վերաձեւաւորումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները Սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն եւն. 4) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական). Թեմական կեանք, Հայ Եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ. 5) Կազմակերպութիւններ. Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւն.), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ. 6) Մշակոյթ. Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, մամուլ-գրականութիւն-տպագրութիւնը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները. 7) Համարկում. Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ
երկիրներու մշակոյթին (թատրոն, արուեստներ, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզական կեանք եւն.), տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն. 8) Հայերը՝ Տեղաբնիկներուն Պատկերացումին մէջ. Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին մէջ (սինեմարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանաւոր պատմութիւն, հաւաքական յիշողութիւն). 9) Կիպրահայ եւ Յունահայ Սփիւռքներ. Ներգաղթը Հայաստան՝ 1920-ականներէն սկսեալ․ Հայաստան-հայօճախ եւ պետութիւն փոխյարաբերութիւններ․ Կիպրահայ Սփիւռքը Միացեալ Թագաւորութեան, Հայաստանի եւ առհասարակ Սփիւռքին հետ․ 10) Ինքնութեան Հարցեր. Հայերու ինքնութենական վերակերտումները, ինքնութեան տարբերակուած ըմբռնումի եւ պատկերացումի դրսեւորումներ, նոր սերունդներու ընդգրկումը հայկական տարածք, օտար վարժարաններու հայ աշակերտութիւն-խառն ամուսնութիւններ եւ այլասերում/ ձուլում. Բ.- Մասնակցութեան Տուեալներ 1) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ կարդալ իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ հայերէն կամ անգլերէն. 2) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու՝ գիտաժողովի զեկուցագիրքին, հետեւաբար մինչեւ 30 Յուլիս 2019 մասնակիցները պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին. 3) Կեդրոնը մինչեւ երեք օրուան կեցութիւն պիտի տրամադրէ գիտաժողովին մասնակիցներուն. 4) Դիմորդները պարտին մինչեւ 10 Դեկտեմբեր 2018 ել-նամակով Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը․ 5) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ զատորոշուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 2018․ Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել.Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին: Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
Էջ 34
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը, այսու իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ մեր այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք մեր «Պազար»ին առթիւ, իրենց ներկայութեամբ պատուեցին եւ քաջալերելով սատար հանդիսացան պազարի յաջողութեան։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր այն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք մասնակից եղան «Պազար»ի յաջողութեան։ Նոյնպէս սրտագին շնորհակալութիւններ մեր ազնիւ անդամուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն, որոնք իրենց տքնաջան աշխատանքը մատուցին պատրաստելու եւ ճոխացնելու համար սեղաններու առարկաները։ Թող Տէր Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին