Հայ Կեանք թիւ 23(60) 07-12-2018

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Գ., թիւ 23(60)

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Սպիտակ, 7 Դեկտեմբեր 1988


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Մեր բոլորէն եւ իւրաքանչիւրէն կախուած է Հայաստանի ապագան. Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը ԱԺ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկին առթիւ

News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։

Նախագահ Արմէն Սարգըսեան ուղերձ յղած է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկին առթիւ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ուղերձին մէջ նշուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Նոյեմբերի 26-ին, մեկնարկում է Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնների քարոզարշաւը: Այս ընտրութիւններն Ապրիլ-Մայիսեան մեծ փոփոխութիւններից յետոյ Հայաստանի քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն են, որի արդիւնքները շատ էական են երկրի զարգացման եւ հեռանկարների առումով: Իւրաքանչիւրիցս պահանջուում են բարձր պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն՝ ինչ պաշտօնում էլ լինենք, ինչ հնարաւորութիւններ էլ ունենանք: Ուստի դիմում եմ պետական մարմիններին. արժանապատուօրէն շարունակէ՛ք ձեր օրինական պարտականութիւնների եւ սահմանադրական պահանջների կատարումը։ Վստահ եմ, որ ազատ, հաւասար ու օրինական ընտրութիւններն այլեւս մեր նոր պատմութեան անբաժանելի մասն են։ Դիմում եմ ընտրութիւններին մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններին եւ դաշինքներին. յոյս ունեմ, որ մեծագոյն պատասխանատուութեամբ էք մօտեցել ձեր քաղաքական յայտերի՝ թիմերի եւ ծրագրերի ձեւաւորմանը: Դրանք ուղենշելու են Հայաստանի յետագայ զարգացման ճանապարհները: Հաւատարիմ եղէ՛ք ձեր դաւանած արժէքներին, միեւնոյն ժամանակ, յարգալից ու բարեկիրթ՝ միմեանց նկատմամբ։ Գալիք ընտրութիւններում յաջողութիւն եմ մաղթում մասնակից բոլոր քաղաքական միաւորներին: Դիմում եմ մեր քաղաքացիներին. ծրագրերի քննարկման ժամանակ եղէ՛ք պահանջատէր, լսէ՛ք բոլորին, որպէսզի տեղեկացուած եւ գիտակցուած կերպով կատարէք ձեր ընտրութիւնը։ Կայացրէ՛ք ձեր որոշումը Հայաստանի զարգացման ձեր պատկերացումներին, ձեր արժէքներին համապատասխան: Յիշէ՛ք, որ բոլորիցս եւ իւրաքանչիւրիցս է կախուած Հայաստանի ապագան։ Աստուած պահապան Հայաստանի Հանրապետութեանը, Արցախի Հանրապետութեանը, ողջ հայ ժողովրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին»:


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 3

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ԿՈՉ Հայաստանի խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընդառաջ Օրեր կը բաժնեն մեզի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 9-ին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական դրութեամբ վարչակարգի առաջին ընտրութիւնները մեր հայրենիքին մէջ: Ներկայացուած են Ազգային ժողովի անդամակցութեան թեկնածուները: Մեկնարկած է ընտրարշաւը: Աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ սփիւռքի մէջ հիմնադրուած ու գործող հայ ազգային երեք կուսակցութիւններէն մին, հակառակ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ կուսակցութիւն մը ըլլալով, գործնական գետնի վրայ չի մասնակցիր Հայաստանի մէջ կայացող ընտրութիւններուն, անմասն չի կրնար մնալ, սակայն, հոն կատարուող մէն մի իրադարձութենէ: Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ սոյն յայտարարութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ուզէ շեշտել հետեւեալները. 1. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հայրենիքը միշտ ալ աւելի վեր գնահատած է ամէն վարչակարգէ ու գոյնէ: Ան յստակօրէն տարբերած է իշխանութիւնը պետականութենէն ըլլալով պետականամէտ կուսակցութիւն եւ միշտ հայ ժողովուրդին հետ ու հայ ժողովուրդին համար: 2. Հայրենիքի ու հայրենաբնակ ժողովուրդին բարօրութիւնը, զարգացումը, կայունութիւնն ու ապահովութիւնը կարմիր գիծեր են, որոնց երաշխաւորումին համար ՌԱԿ իր պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ ճիգ խնայած է: 3. Սփիւռքի միասնականութեան ու հայրենիքի նուիրումին սկզբունքը ՌԱԿ միշտ բարձր գնահատած է ու ջատագովը հանդիսացած է անոր՝ ի գին ամէն զոհողութեան: 4. Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը՝ հիմնուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, է՛ ու կը մնայ ՌԱԿի ուշադրութեան կիզակեդրոնը: 5. Հաւատալով մարդկային պատմութեան յառաջընթացին՝ ՌԱԿ կը հաւատայ պետական հաստատութիւններու առողջ գոյութեան: Ան անվերապահ զօրակիցն է հայրենիքի մէջ ժողովրդավարական կարգերու, գործելաոճի եւ մտածելակերպի հաստատումին ու զարգացման, որ կ'ենթադրէ ազատ խօսքի ու կարծիքի անկաշկանդ

կիրառում ու փոխադարձ հանդուրժողականութիւն, էթնիք թէ քաղաքական ու գաղափարական կամ շինիչ ընդդիմադիր փոքրամասնութիւններու հանդէպ մեծամասնութեան կողմէ բաձարցակ յարգանք եւ իրաւունքներու երաշխաւորում: Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ'ուղղէ հայրենաբնակ իր ազգակիցներուն, ըլլան անոնք ընտրութեան մասնակից քաղաքական կողմեր ու դաշինքներ թէ քուէարկող քաղաքացիներ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ մօտենալու յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Պէտք չէ մտահան ընել, թէ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ապագան մեծապէս կախեալ է յառաջիկայ ընտրութիւններու նման իրադարձութիւններէ, որուն բարեյաջող ընթացքը ու անոր գործընթացին մասնկացութիւնն ու ճիշդ եւ խղճամիտ ընտրութիւնը կենսական են ու մեր ժողովուրդին վայել քաղաքակրթութեան չափանիշ: Մի մոռնաք, որ մեր ժողովուրդի թշնամիներն ու բարեկամները աչալուրջ կը հետեւին մեզ: Հետեւաբար, սիրելի հայրենակիցներ, մեծ թիւերով մասնակցեցէ՛ք քուէարկութեան: Դուք էք իսկական իշխանութիւնը, փոփոխութիւնն ու արժէքը: Քուէատուփն է չափանիշը: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ ձեր՝ ճիշդ մարդիկը խորհրդարան հասցնելու ողջմտութեան, որոնք լաւագոյնս կրնան ներկայացնել ձեզի ու թարգմանը հանդիսանալ ձեր յոյզերուն եւ յոյսերուն: Ձեր ընտրած խորհրդարանը ինքն է, որ պիտի կազմէ յառաջիկայ կառավարութիւնը, որ մեր երկիրը պէտք է առաջնորդէ դէպի աւելի ապահով, անվտանգ, կայուն, խաղաղ, ու փայլուն ապագայ: Յաջողութիւն բոլորիս, իսկ մեր հայրենիքին ու անոր պետականութեան՝ յաւերժութիւն: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ 30 Նոյեմբեր, 2018


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի պաշտօնական այցը Գերմանիա րու ընդլայնման վերաբերեալ քննարկումները։ Անոր խօսքով՝ երկու երկիրները կարող են յաջողութեամբ համագործակցիլ բարձր եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու ոլորտներուն, որտեղ Հայաստանն ունի մեծ ներուժ:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հրաւէրով պաշտօնական այցով ժամանեց Գերմանիա Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27-ին։ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ Նունէ Սարգըսեանի դիմաւորման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ նախագահներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: Ողջունելով Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցը Գերմանիա՝ Անկելա Մերքել ըսած է, որ շատ լաւ յիշողութիւններ ունի Հայաստան կատարած իր վերջին այցելութենէն։ Ան նշած է, որ յատկապէս տպաւորուած է «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոնով, եւ այս պահին գերմանական կողմը կը քննարկէ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ «Հայաստանը Գերմանիան կը դիտարկէ որպէս քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր գործընկեր ու բարեկամ երկիր»,- ըսած է նախագահ Սարգըսեանը եւ նշած, որ ուրախ է կրկին հանդիպելու եւ շարունակելու հայ-գերմանական յարաբերութիւննե-

Նախագահը Պերլինի մէջ մասնակցած է Միւնխէնի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին, ուր քննարկուած են համաշխարհային անվըտանգութեան, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, անոնց դիմակայելու հնարաւորութիւններու նիւթերը: Համաժողովի նախագահ Ուոլֆկանկ Իշինկերը ընդգծած է․ – «Հայաստանը փոքր երկիր է, սակայն եւրոպական շատ երկիրներ նոյնպէս փոքր են, եւ այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունի: Հայաստանը Եւրոպայի այս հատուածին մէջ խճանկարի մէկ մասն է եւ աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի է: Գնահատելի է այն փաստը, որ Հայաստանը այժմ աւելի շատ կ’արտայայտուի: Յոյս ունիմ, որ ներքաղաքական վիճակը այնպիսին կ’ըլլայ, որ Հայաստանը միջազգային քննարկումներու ժամանակ կը կարողանայ իր ձայնը բարձրացնել այն նիւթերու շուրջ, թէ ինչպէս լաւագոյնս յարաբերիլ Ռուսաստանի հետ, ինչպէս վերականգնել վստահութիւնը համաշխարհային խաղցողներու միջեւ՝ Եւրոպայի, ՆԱԹՕ-ի եւ միւսներու միջեւ, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ չեն։ Այս առումով Հայաստանը կրնայ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ: Ահա թէ ինչու սկսած են քննարկում Հայաստանի ղեկավարներու, այդ շարքին նախագահ Սարգըսեանի հետ, այն մասին, թէ մենք ինչպէս կրնանք նպաստել, որ Հայաստանի ձայնը աւելի լսելի ըլլայ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին»: Նախագահ Արմէն Սարգսեանը տիկնոջ հետ այցելած է նաեւ Գերմանական Կարմիր խաչի կազմակերպութեան Պերլինի կեդրոնակայան։ Կարմիր խաչը Հայաստանի մէջ սկսած է աշխատիլ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Շարունակութիւնը էջ 5


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 5

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի պաշտօնական այցը Գերմանիա Շարունակութիւն էջ 13-էն

Արմէն Սարգսեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է կազմակերպութեան հայ ժողովուրդի համար այդ ծանր փուլին օգնութեան բարեկամական ձեռք մեկնելու համար. – «Մենք, որպէս հայեր, որոնք ապրում են Հայաստանում, եւ երեք կամ չորս անգամ աւելի հայեր, որ ապրում են աշխարհով մէկ՝ ներառեալ Գերմանիայի Դաշնութիւնում, երբեք չենք մոռանայ այն ջերմութիւնը, ուշադրութիւնը եւ այն մարդկային վերաբերմունքը, որ մեր բարեկամները աշխարհով մէկ եւ մանաւանդ այս գեղեցիկ երկրից, այս պատմական երկրից ցուցաբերեցին այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Հայաստան Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի հանդէպ»։ Նախագահ Սարգսեանը այս միջոցառման ընթացքին նաեւ Հայաստանի պետական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնած է Գերմանիոյ Կարմիր խաչի շարք մը աշխատակիցներու։ Ձեռնարկի աւարտին, Գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթը Հայաստանի նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին յանձնած է Գիւմրիի «Պերլին» դարմանատան վերանորոգման աշխատանքներու համար նախատեսուած 10 հազար եուրօ գումարի նուիրատուութեան կտրօնը: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նուիրատուութեան համար եւ աւելցուցած, որ Գիւմրիի «Պերլին» դարմանատան վերանորոգման համար ճիշդ նոյն գումարի չափով նուիրատուութիւն պիտի ըլլայ նաեւ իր կողմէ՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու իսկական բարեկամութեան արտայայտութիւն եւ աւելի մեծ ծաւալի աշխատանքներ կատարելու հնարաւորութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգըսեանը Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւն կատարած այցի ընթացքին հիւրընկալուած է «Պէրթելսման» հիմնադրամէն: Այն յայտնի վերլուծական թինք-թանք կեդրոն է, ուր ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին եւ լուծումներ կ’առաջարկուին համաշխարհային տնտեսական, քաղաքական ու

սոցիալական լուրջ մարտահրաւէրներ դիմակայելու համար։ Նախագահ Սարգսեանը հանդէս եկած է «Հայաստանը 2018 թուականին եւ տարածաշըրջանը» ելոյթով՝ ներկայացնելով Հայաստանի մըրցակցային առաւելութիւնները։ Նախագահ այցելած է նաեւ Պունտեսթագ, ու

հանդիպած Պունտեսթագի նախագահ՝ Վոլֆգանգ Շոյպլէի հետ: Պունտեսթագի նախագահ Վոլֆգանգ Շոյպլէն ողջունած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջին պաշտօնական այցը Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւն: «Ինձ համար մեծ պատիւ է այս պատմական շէնքում ներկայացնել իմ երկիրը»,- ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ նշելով, որ Հայաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ Գերմանիայի հետ բազմաոլորտ համագործակցութեան եւ միջխորհըրդարանական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման: Նախագահ Սարգսեան ու Պունտեսթագի նախագահը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Եւրամիութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման ընթացքին, վիզաներու ազատականացման խնդրին, ինչպէս նաեւ խօսած են գիտակրթական, մշակութային ոլորտներու համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութեան մասին։


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Արմէն Սարգսեան Պերլինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակին նուիրուած համերգին

Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Արմէն Սարգըսեան իր տիկնոջ Նունէ Սարգսեանի հետ, Նոյեմբեր 28-ի երեկոյեան, հանրայայտ Քոնզերթհաուս Պերլին (Konzerthaus Berlin) համերգասրահին մէջ ներկայ գտնուած են հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակին նուիրուած Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախում-

բի համերգին` համաշխարհային հռչակ ունեցող ջութակահար՝ Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, համերգը ղեկավարած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թօփչեան:

Բակօ Սահակեանի Մոսկուա այցելութիւնը չի հակասեր Ռուսիոյ օրէնքներուն. Զախարովա ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 30 Նոյեմբերին, անհիմն որակեց Պաքուի դժգոհութիւնները՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա կատարած այցելութեան վերաբերեալ: Պատասխանելով այս մասին ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին՝ Զախարովա ըսաւ, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Սահակեանի այցելութիւնը պաշտօնական բնոյթ չունի, անիկա «չի հակասեր Ռուսիոյ օրէնսդրութեան, Մոսկուայի միջազգային պայմանաւորուածութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան: Ուրեմն, ատրպէյճանական կողմի Ռուսիոյ ուղղուած դժգոհութիւնները, մեր կարծիքով, անհիմն են»: Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն հաղորդուած էր, որ նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Նոյեմբերին մեկնած է Մոսկուա, որմէ ետք Պաքու յայտարարած էր, թէ Սահակեանի մուտքը Ռուսիոյ տարածք վնաս կը հասցնէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին եւ կը հակասէ Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան: Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Armenia.az» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Զախարովա նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ տեղեկացուց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միլանի մէջ առարկայական քննարկումներ պիտի ունենայ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, 6-7 Դեկտեմբերին, այդ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին առիթով, Իտալիա այցելելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ։


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 7

Արման Կիրակոսեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ նախագահի հրամանագիրով, Արման Կիրակոսեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Արման Կիրակոսեան նախապէս կը վարէր Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավարի, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Վիեննայի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնները:

Պատմաբան Ռիչըրտ Յովաննէսեան Լիոն քաղաքի շքանշանին կ՛արժանանայ ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ «Չեփմըն» համալսարանէն փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան 8 Նոյեմբերին արժանացաւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի պատուոյ շքանշանին, ձեռամբ քաղաքապետ Ճորճ (Գէորգ) Քեփենէքեանի։ Քաղաքապետը դրուատեց պատմաբանին առաւել քան 40 տարիներու սպասարկութիւնները հայագիտութեան եւ պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ։ Լիոնի պատմական քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայասատանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։ Նշենք, որ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Լիոն կը գտնուէր մասնակցելու երկօրեայ միջազգային գիտաժողովի մը, որ նուիրուած էր Համաշխարհաին Ա. պատերազմի աւարտին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման հարիւրամեակներուն։ Գիտաժողովին մասնակցողներուն մէջ էին՝ Հիլտա Չոպանեան (գիտաժողովի կազմակերպիչներէն), Թալին Տէր Մինասեան, Ռեմոն Գէորգեան, Ժերար Տէտէեան, Սուսեն Փեթի, Քլոտ Մութաֆեան, Իվ Թերնոն, Վահէ Թաշճեան, Ֆապրիս Պալանշ, Աշոտ Մելքոնեան, Արտաշէս Թարումեան, Արամ Մարտիրոսեան, Ժերար Գուրգէնեան, Արմէն Ասրեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Ստեփան Աստուրեան, Ժոզէֆ Եագուպ, Էօզճան Եըլմազ եւ Արա Պապեան։ Գիտաժողովին ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

1 Յունուարէն սկսեալ նուազագոյն կենսաթոշակը պիտի բարձրանայ ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ նուազագոյն կենսաթոշակները 1 Յունուարէն սկսեալ պիտի բարձրանան եւ պիտի դառնան 25․500 դրամ՝ ներկայ 16․000 դրամի փոխարէն: 25․500 դրամը կը գերազանցէ պարէնային աղքատութեան շեմը: 1 Յունուարէն սկսեալ նուազագոյն թոշակները բարձրացնելու հարցը ընդգրկուած էր կառավարութեան 29 Նոյեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Նուազագոյն պարէնային զամբիւղէն քիչ թոշակ ստացողներուն թիւը Հայաստանի մէջ առաւել քան 80․000 դրամ է: Կառավարութիւնը կը նշէ, որ 25․500-ը կը դառնայ նուազագոյն, միասնական կենսաթոշակի չափ։ Այս բարձրացումով իրենք նպատակ ունին կենսաթոշակառուներու մէջ ծայրայեղ աղքատութեան յաղթահարումը:


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

«Հեռուստամարաթոն-2018»ի ընթացքին հանգանակուեցաւ 11 մլն 109 հազար տոլար

Լոս Անճելըսի մէջ մեկնարկած «Հեռուստամարաթոն-2018»ի ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերուեցաւ 11 մլն 109 հազար 633 տոլար: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարուեցաւ հեռուստամարաթոնի աւարտին՝ Երեւանի ժամանակով ժամը 10:00ին: Միաժամանակ նշուեցաւ, որ հանգանակութիւնը դեռ կը շարունակուի, հետեւաբար գումարը կրնայ աճիլ: Այս տարուան «Արարենք միասին» խորագրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով կը շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք սկսած էին նախորդ տարի «Բերքառատ Արցախ» խորագրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով: Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան

գարգացման համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրներն են: Մարտունիի ու Ասկերանի շրջաններուն մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի կը դառնայ, ոռոգման ջուրը կը հասնի արցախցիներու խաղողի, ցորենի դաշտերուն, պտղատու այգիներուն: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է անոր համար: Կ’ընթանան հորատանցքերու վրայ հեղուկներու վերհանման եւ տեղափոխման սարքակայաններու կառուցման աշխատանքները: Հեռուստամարաթոնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի կիրարկումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշի շրջանէն: Քարինտակ համայնքի 50 տուներու մէջ կ’օգտագործեն այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019-ին արեւային ուժանիւթէն կ’օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի բնակավայրերուն մէջ: Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէ՝ «Հեռուստամարաթոն- 2018»-ին նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի համայնքային ենթակառուցուածքներուն, որոնք կը խթանեն աշխատատեղերու ստեղծումը: 21-րդ հեռուստամարաթոնին հանգանակուած միջոցները, ինչպէս միշտ, պիտի նպատակաուղղուին թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ:

Դեկտեմբեր 1-ին դուրս բերուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Դեկտեմբեր 1-ին, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին տօնախմբեց հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Առաքեալներու տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով, 2015 թուականին հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր: Այդ օրը հաւատացեալներուն օրհնութեան համար դուրս կը բերուի Մայր Աթոռի մէջ պահուող համաքրիստոնէական սրբութիւնը։ Բերկրառատ տօնի առիթով Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանի մէջ, Ս․ Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։

Նոր նշանակում Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Գերաշնորհ տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը նշանակուած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ (նստավայրը` Հռոմ):


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 9

Հայաստան պէ՞տք է քաղաքացիութիւն շնորհէ օտարերկրացի ներդրողներու ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան արտասահմանեան ներդրողներու ներգրաւումը կը համարէ իր նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը: Տակաւին կանուխ է որոշելու, թէ արդեօ՞ք օտարերկրացի ներդրողները շահագրգռուած են գործարարութեամբ զբաղելու Հայաստանի մէջ կամ ոչ: Նոր ներդրողներու բացակայութեան ընդհանուր բացատրութիւնը հետեւեալն է՝ անոնք կը սպասեն 9 Դեկտեմբեր, 2018-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Կ՛ակնկալուի, որ վարչապետի պաշտօնակատարի կուսակցութիւնը ստանայ երեսփոխանական յանձնարարութեանց մեծամասնութիւնը: Կառավարութեան պաշտօնատարները կը կարծեն, որ այդ մէկը պիտի խրախուսէ օտարերկրացիները, որպէսզի սկսին ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ: Այսուամենայնիւ, գոյութիւն ունի լրացուցիչ միջոց, որով Հայաստան կրնայ համեմատաբար արագ ներգրաւել օտարերկրացի նոր ներդրողներ՝ անոնց առաջարկելով քաղաքացիութիւն: Աշխարհի վրայ շատ են այն երկիրները, որոնք նման քաղաքացիութիւն կ՛առաջարկեն օտարերկրացիներու. անոնցմէ են՝ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան եւ երրորդ աշխարհի երկիրները: Այս տարուան սկիզբը հետաքննութեամբ զբաղող hetq.am կայքը յօդուած հրապարակած էր Arton Capital-ի մասին, որ մասնագիտացած է «քաղաքացիութիւն ներդրումներու միջոցով» ծրագիրներու մէջ, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ներգաղթի քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի հրաւէրով ընկերութեան պատուիրակութիւնը անցեալ տարի այցելած էր Հայաստան: Այցելութենէն ետք Arton Capital-ի կայքը նշած է. «ներդրումներու միջոցով քաղաքացիութեան հայեցակարգի գաղափարը ընդունուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, արտաքին գործերու նախարարութեան, նախագահի աշխատակազմի, Կեդրոնական դրամատան, ոստիկանութեան, գաղթականական պետական ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնին կողմէ»: Պուլկարահայ Արմանտ Արթոն Arton Capital ընկերութեան նախագահն է, իսկ Էմիլ Շահմուրատեան՝ առեւտուրի զարգացման գծով փոխնախագահը: Arton Capital գրասենեակներ ունի տասնեակ մը երկիրներու մէջ: Իր ընկերութեան կայքէջին վրայ Արմանտ Արթոն նշած է. «իբրեւ հպարտ հայ, ինծի

համար մեծ պատիւ է առաջարկել իմ տարիներու մասնագիտական փորձը եւ հմուտ «նօ-հաու»ը՝ օգնել երկրին իր արտաքին ուղղակի ներդրումային նպատակներուն հասնելու համար: Arton Capital իր բարեգործական յանձնառութեան աջակցութեան համար խոստացած է խորհրդատուական վճարումները Հայաստան ապաստանած գաղթականներու իբրեւ օգնութիւն նուիրել: Աւելի քան 20 հազար սուրիացիներ, որոնք հիմնականին մէջ ազգութեամբ հայեր են, ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ, 2011 թուականի սուրիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր»: Նման ծրագիրներ առաջարկող երկիրները օտարերկրացիներէ կը պահանջեն քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներդրումներու տարբեր մակարդակներ: Arton Capital Հայաստանի կ՛առաջարկէ՝ պահանջել 50 հազար տոլարի փոքր գումար` որպէս օտարերկրացիի համար քաղաքացի դառնալու նուազագոյն ներդրում: Այլ երկիրներ աւելի շատ կը պահանջեն օտարերկրացի ներդրողներէ, իսկ առաւել գրաւիչ երկիրները կը պահանջեն աւելի քան 10 միլիոն տոլարի ներդրում՝ քաղաքացիութիւն շնորհելու համար: Ընկերութիւնը կը գտնէ, որ յառաջիկայ վեց տարուան ընթացքին Հայաստան կը ստանայ 138 միլիոն տոլարի լրացուցիչ եկամուտ, եթէ իրականացնէ առաջարկուող ներդրումները՝ կապուած քաղաքացիութեան ծրագիրին: Ըստ hetq.am կայքի՝ Arton Capital խորհուրդ տուած է, որ «Հայաստան հաւանական ներդրողներու առաջարկէ երկու տարբերակ՝ 50 հազար տոլարի ուղղակի ներդրում պետական որեւէ հիմնադրամի մէջ, կամ 100 հազար տոլարի ներդրում՝ կառավարութեան կողմէ ընտրուած դրամագլուխի կառավարման ընկերութիւններու կողմէ նիւթապէս հովանաւորուող հիմնադրամի մէջ՝ յստակ եկամուտի հնարաւորութեամբ: Ընկերութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ Հայաստանին՝ սահմանել երկու տեսակի վճարման սակ: Առաջինը կ՛ըլլայ մինչեւ 10 հազար տոլարի չվերադարձուող գործընթացի վճարում, իսկ երկրորդը, որուն գումարը չի նշուիր, կ՛ընդգրկէ դիմորդներու անձնական փաստաթուղթերու եւ եկամուտի աղբիւրներու ստուգումը»: Arton Capital Հայաստան կատարած ուղեւորութեան զեկոյցին մէջ «կարեւոր կը նկատէ երկրին դրական կողմերը, ինչպէս՝ անոր ամուր կապերը համաշխարհային տնտեսական կեդրոններու հետ, այլեւ անոր աշխարհագրական եւ մշակութային մօտիկութիւնը ռազմավարական շուկաներուն։ Հայաստան կ՛առաջարկէ ներդրողներու մուտք՝ դէպի Ռուսիա եւ գրեթէ բոլոր յետ խորհրդային պետութիւններ, ինչ որ կը նշանակէ մօտաւորապէս 250 միլիոն հաւանական սպառող, ներառեալ՝ Կեդրոնական Ասիա, որոնց վրայ կ՛աւելնայ 82 միլիոնէ աւելի սպաՇարունակութիւնը էջ 10


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայաստան պէ՞տք է քաղաքացիութիւն շնորհէ օտարերկրացի ներդրողներու Շարունակութիւն էջ 9-էն

ռող դրացի Իրանը, որուն հետ երկիրը բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունի։ Եւ եթէ երկիրը հասնի առանց վիզայի մուտք ունենալու շենկենեան գօտի, որ կրնայ իրականանալ 5-7 տարի ետք, ապա Հայաստան կրնայ արդարացիօրէն պնդել, որ վերականգնած է իր պատմական դերը՝ իբրեւ Մետաքսէ ճամբուն վրայ Արեւմուտքը Արեւելքին կապող կանգառ: Ընդհանուր առմամբ, երկարաժամկէտ արժէքներ հետապնդող ներդրողները կրնան համոզուիլ Հայաստանի առաւելութիւններու հիման վրայ: Ելքով [առանց մուտքի թոյլտուութեան] դէպի 60 եւ աւելի երկիրներ, իր առանձնայատուկ յարաբերութիւններով Ռուսիոյ հետ եւ աշխարհագրական դրացութեամբ Իրանի հետ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը կը դիտուի ոչ միայն իբրեւ մարդու ապագայի եւ անվտանգութեան ապահովման միջոց, այլեւ իբրեւ ռազմավարական քայլ՝ առեւտուրի զարգացման եւ դիրքաւորման համար»: Յատկանշական է, որ hetq.am իր յօդուածին մէջ զգուշացուցած է, որ շատ օտարերկրացիներ, որոնք շահագրգռուած են քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար ներդրումներ կատարելու գաղափարով, կրնան իրենց հետ բերել ամէն տեսակի ապօրինի գործողութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ տուրքերէ խուսափիլը, փողերու լուացումը, կաշառակերութիւնը եւ կազմակերպուած յանցանք գործելը:

փախած է Հալէպ, Սուրիա, ուր եւ ծնած է անոր մեծ մայրը։ Յունուար 2019-ի դրութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ կ՛ընդգրկուին երեք ամերիկահայեր՝ Պրինտիզի, Էշու եւ Սփիր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Ֆրանսա Ատրպէյճանին հակաօդային համակարգեր պիտի մատակարարէ

Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնատար անձեր քաղաքացիութեան ծրագիրին համար պէտք է հաւասարակշռեն ներդրումներու շահերն ու թերութիւնները։ Արտասահմանցի դիմորդները պէտք է մանրակրկիտ քննութեան ենթարկուին՝ մինչեւ իրենց ներդրումներուն դիմաց Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը: Թարմացում՝ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն ամերիկահայ թեկնածուներու մասին Ի յաւելումն Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններու ամերիկահայ թեկնածուներու ցանկին, որուն մասին ես տեղեկացուցած էի նախորդ յօդուածիս մէջ՝ – Տիք Հարփութլեան (տեմոքրատ) ընտրուած է Հարաւային Քարոլայնա նահանգի ծերակուտական, Նոյեմբեր 6, 2018-ին։ Ան յաղթած է ձայներու 52,3 տոկոսով՝ ընդդէմ հանրապետական մրցակից Պենճըմին Տէնի (47,6 տոկոս)։ – Էնթընի Պրինտիզիի (տեմոքրատ) քուէարկութեան վերջնական հաշուարկին համաձայն՝ ընտրուած է Քոնկրեսի անդամ Նիւ Եորք նահանգէն, Նոյեմբեր 6, 2018-ին։ Պրինտիզիի մեծ մօր մեծ մայրը ծնած է Մարտին քաղաքը, հարաւ-արեւելեան Թուրքիա, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսական «MBDA Systems» ընկերութիւնը որոշած է Ատրպէյճանին ծախել «ASTER 30 SAMP/T» եւ «VL Mica» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: «Մենք արդէն իսկ Ֆրանսայի կառավարութենէն ստացած ենք Ատրպէյճանին այս համակարգերը ծախելու արտօնութիւնը: Ատրպէյճանական կողմին հետ վաճառքի վերաբերեալ բանակցութիւնները շատ հաւանաբար աւարտին մօտիկ ապագային», ըսաւ ընկերութեան ներկայացուցիչը՝ ատրպէյճանական «AzeriDefence» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 11

Հաւատա՞մք, վստահութի՞ւն, թէ՞․ ․ ․ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Մինչեւ ե՞րբ հայ ազգը պիտի հաւատայ, վըստահի եւ կուրօրէն հետեւի բոլոր, այո՛ բոլոր օտար երկիրներու, մեծ կամ փոքր, տիրակալ կամ «փրկարար», «օգնութիւն» երկարած ձեռքերուն: Այնքա՞ն հեռու էին հայ ժողովուրդի ջարդի ու կոտորածի տարիներուն բերուած «բարիքները» հայ ազգին գլխուն, այդ նոյն «բարեսիրտ» կամ «ազատարար» պետութիւններուն կողմէ, ու այդ բոլորը մոռացութեան արժանի դառնալո՞ւ աստիճան, որպէսզի այսօր ըսենք՝ «մոռնանք անցեալը եւ նոր էջ բանանք»: Հայաստանը այսօր կը պայքարի նոր իշխանութիւն ստեղծելու համար, համայն ժողովրդային աշխատանքով, ձերբազատուելու ամէն տեսակի անօրինութիւններէ, կազմելու իսկական եւ հարազատ ժողովրդավար հայրենի երկիր մը: Այսօր, խիստ խոցելի ժամանակաշրջան մըն է որ կ՚ապրի հայրենիքը, ուր այդ օտար երկիրներուն ներկայացուցած «խրատները», «օգնութիւնները» կամ «ներդրումները» հայ ազգի անպայման իսկական բարօրութեան համար չեն կրնար ըլլալ: Հայկական բարի առածը կ՚ըսէ՝ «մեր սեւ աչքերուն համար չեն անոնք»: Իսկ հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութիւնը վկայ թող ըլլայ ասոր, յիշատակը թարմացնելու եւ զարթնելու սիրոյն: Ֆրանքոֆոնը, Եուրօ Եունինը, Եու Էս Էյտը, ՀԱՊԿ-ն, Միջազգային դրամատուներ, Ասիական կամ Եւրոպական այլ կազմակերպութիւններ, NGOներ (ո՛չ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք փոքր եւ անտէր ազգերու ամենամեծ չարիքներու աղբիւրներն են այս դարուն) եւ բոլոր օտար «մեծ տէրութիւններու» «օգնութեան» ձեռք երկարածներէն ինչպիսի՞ բարիքներ կրնանք ակնկալել այսօր: Վերեւը յիշուած առածը եւ հայ ազգի պատմութիւնը մտաբերելով, կրնանք աղաղակել միայն չարիք: Իսկ այդ «օգնութիւններուն» հետեւանքնե՞րը, անխուսափելի ենթակայութիւն եւ տիրապետութիւն անոնց «սազած» օրէնքներուն: Խիստ հրապուրիչ են այդ կազմակերպութիւններուն առաջարկած «ազատութիւններու» կանոնները իրենց խօսքի, պարի կամ երաժշտական ներկայացումներով, գինետուներու (Bar-երու), թատրոններու եւ հրապարակներու վրայ կամ թաքուն աշխատանքներով, որոնք ի յայտ կու գան որպէս՝ «շարժումներ», շահագործելու համար այն խոցելի անկիւնը կամ բացը որ կայ այսօր, հայրենի կառավարութեան վերակազմութեան ժամանակաշրջանին մէջ: Այսպիսի «շարժումներ», այսօր՝ կը ջանան ներկայանալ հանրութեան որպէս քաղաքական ուժ, ճնշում բանեցնելու համար քաղաքական հատուածներու վրայ, իրենց իտէալներու գործադրութեան նպատակով, որոնց հետեւանքները արդէն կը տեսնենք Եւրոպայի եւ արեւմտեան երկիրներու ներքին

կացութեան նեխած դրութեանց մէջ: «Յառաջադէմ» անուանուած սոյն երկիրներու նիւթական օգնութիւնները եւ անոնց ներդրած այն յառաջադէմ գաղափարները եւ խրատները, բոլորովին զուրկ են բարոյական որեւէ առումէ, ստորնացընելու եւ խառնաշփոթութիւն ստեղծելու միակ նպատակով հետապնդուած: Մի քանի տարի առաջ, Եւրոմիութիւնը որոշ գումար «նուիրած» էր Հայաստանի կառավարութեան, «մարդկային իրաւունքներու» պաշտպանութեան եւ պահպանման համար: Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ որպէս հետեւանք ծիլ տուին «ազատական» գաղափարախօսութիւններու կարգ մը «շարժումներ», ի միջի այլոց՝ այսօր հրապարակ ելած (ԼԳԲՏ) շարժումը, որ անտարակոյս հետեւանք է օտար միջամխութեան, յարմար առիթը օգտագործելու ի շահ իրենց նպատակներուն: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը այսօր եւ դարերու ընթացքին, եղած են հաւատքի, կրօնական կամ աշխարհային, պապենական սովորութիւններու եւ ընտանեկան սրբութիւններու խորան: Հայրենիքը այսօր ունի Սահմանադրութիւն, կարգ ու օրէնք պարտադրելի բոլոր հպատակներուն անխտիր, անկախ անոնց գաղափարական, սեռական կամ հաւատքի պատկանելիութիւններէն: Իսկ այս բոլորէն տեղեակ են անոնք: Ուրեմն, ի՞նչ նոր կամ հին իրաւունքներու ճանաչումի կամ պահանջքի մասին է այս յայտարարուած հաւաքը, որ կրնայ գերազանցել մնացեալ ժողովուրդին իրաւունքները: Հակառակ անոր որ նոյնամիտ յօդուածներ կը հրապարակուին այս ժամանակամիջոցին, սակայն անկարելի էր չանդրադառնալ վերջին օրերուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ արձակուած սին յայտարարութեան, նոյն նիւթին առնչութեամբ, ուր հարց կը տրուէր հայրենի կառավարութեան ոստիկանութեան (ԼԳԲՏ շարժումին) խաղաղ հաւաքի իրականացման իրաւունքներու կիրարկման մասին: Շատ կարեւոր հարց տանք: ՄԱԿ-ը, իր ստեղծման օրէն ի վեր ի՞նչ արդար իրականացումներ իրագործած է մինչեւ այսօր արդեօք ուրիշ ընելիք չունի՞ բացի միջամուխ ըլլալէ երկրի մը ներքին օրէնքներու խախտման գործով: Եթէ այնքա՜ն հետամուտ է ՄԱԿ-ը նման օրէնքներու կիրարկման, կրնանք թուել երկիրներու անուններ ինչպէս՝ Սէուտական Արաբիա, արաբական, ափրիկեան, ասիական եւ այլ զանազան բազմաթի՜ւ երկիրներ, ուր կրնայ փորձել իր հմտութիւնը: Հասարակական առումով «ինչո՞ւ իր գործին չի խառնուիր»: Սրտանց կը մաղթենք ներկայ անցողական եւ ապագային հաստատուած հայրենի կառավարութեանց, նկատի ունենալ վերոյիշեալ նկատառումները, պահպանելու համար հայրենիքի ժողովրդային, քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը եւ յառաջխաղացումը:


Հայ Կեանք

Էջ 12

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Դէպի արտահերթ ընտրութիւններ Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ընդհանրապէս խաղաղ մթնոլորտի մէջ կը շարունակուի 9 Դեկտեմբեր 2018-ի՝ Հայաստանի մէջ կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը. երկրին համար նորութիւն մըն է այդ առիթը, որը թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքն է, թէեւ «յեղափոխութեան» գոյն տալը (թաւշեայ թէ այլ) նախընտրելի չէ, որովհետեւ գունաւոր փոփոխութիւնները վերջապէս կրնան սեւ ըլլալ եւ երկիրը քայքայել, ինչպէս եղան Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի պարագաները։ Ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու թիւը մեծ է, եւ բոլոր թեկնածուներն ալ իրենց լաւագոյն աշխատանքը կը տանին, որպէսզի խորհրդարանի մէջ տեղ ապահովեն: Տեսնենք, թէ ի՞նչ են կանխատեսութիւնները: Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին քաղաքական տարբեր ուժեր, որոնք են՝ «Իմ քայլը» դաշինքը, որը «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Առաքելութիւն» կուսակցութիւններերու դաշինքն է, «Մենք» դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն «Ազատ դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները, Հայաստանի Հանրապետական եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստան», «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ», «Սասնայ ծռեր», «Օրինաց երկիր», սոցիալ-դեմոկրատական «Քաղաքացիի որոշում» եւ «Ազգային յառաջընթաց» կուսակցութիւնները: Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գործակից ընկերները վստահաբար բացառիկ յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն, մեծ յաղթանակ մը: Ժողովուրդի մեծամասնութիւնը անոնց կ’աջակցի. անոնցմէ քանիներ նախկին կարգերու ժամանակ սեւ օրեր ապրած են եւ սակաւապետներու դառն ու դաժան ճնշումներուն ընդդիմացած ու բանտերը ճաշակած են: Նախկին Հանրապետական կարգերը (ՀՀԿ) մեղադրուած են երկրին հարստութիւնը կողոպտելու, քաղաքացիական իրաւունքները խախտելու, կառավարական, դատական թէ քաղաքացիական ծառայութիւնները խուճապի մատնելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան, կաշառակերութեան, գործազրկութեան, արտագաղթի եւ այլ յանցանքներով. այս բոլորով հանդերձ, անոնք ալ իրենց համակիրները ունին, թէեւ քիչ, սակայն անոնք իրենց փոխադարձ շահերը ունին, եւ շատ հաւանաբար ՀՀԿ ալ իր բաժինը պիտի ունենայ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ: «Բարգաւաճ Հայաստան»ը իր մեծ գործատէր ղեկավարով իր բաժինը պիտի ունենայ, եւ միւս կուսակցութիւններն ալ անպայման իրենց օգտին որոշ չափով քուէարկողներ պիտի ունենան: Պատգամաւոր կը դառնան այն ուժերը, որոնք յաղթահարած են նուազագոյն ձայներու շեմը: Կուսակցութիւն-

ներու համար 5 տոկոսն է, իսկ դաշինքները պէտք է հաւաքեն ամենաքիչը 7 տոկոս: Միջազգային հանրապետական հաստատութիւնը (The International Republican Institute- IRI), որը ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ դրամական օգնութիւն կը ստանայ եւ ոչ շահաբեր հաստատութիւն մըն է ու լաւ յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան հետ, 23 Նոյեմբեր 2018-ին Հայաստանի մասի ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է։ Այդ ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի բնակիչներու հասարակական նոր կարծիքին մասին է. ան տեղի ունեցած է 9-29 Հոկտեմբեր 2018-ին Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ. այդ հետազօտութեան համաձայն՝ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի ստանայ ձայներու 67 տոկոսը, Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 10 տոկոսը, իսկ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 9 տոկոսը. հիմնուելով IRIի սոյն հետազօտութեան վրայ՝ այս երեք կուսակցութիւնները միակն են, որ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուին: Միւս կուսակցութիւնները շատ ետին պիտի մնան. Սասնայ ծռեր՝ 3 տոկոս, ՀՀԿ՝ 2 տոկոս, ՀՅԴ՝ 2 տոկոս եւ այլն: Կը թուի թէ հետազօտութեան տուեալները գոնէ ՀՀԿի պարագային շատ տրամաբանական չեն: Ըստ ուրիշ վերլուծումներու՝ «Իմ քայլը» դաշինքը՝ 70 տոկոսով, ՀՀԿն՝ 20-25 տոկոսով , «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ միւս կուսակցութիւնները 5-10 տոկոսով յաջողութիւն պիտի ունենան: Որքանո՞վ կարելի է վստահիլ IRIի եւ իր նման հետազօտութիւններուն: Ի՞նչ է անոնց թաքուն նպատակները: Ի՞նչ կ’որոնէ Ամերիկան Հայաստանի մէջ: Միթէ՞ Ռուսաստանին համար աւելի կարեւոր չէ Հայսատանի յառաջիկայ խորհրդարանի արդիւնքները: Ամերիկայի եւ շատ մը ուրիշ երկիրներու մէջ այսպիսի հետազօտութիւններու տուեալները ընդհանրապէս համապատասխան կ’ըլլան կամ փոքր այլ տարբերութեամբ վերջնական արդիւնքներէն: Արդեօք այս մէկը ի՞նչպէս պիտի իրականացուի Հայաստանի պարագային: Ի հարկէ, IRI-ի այս հետազօտութիւնները անարժէք չեն, անոնք շատ մը ուրիշ կարեւոր տուեալներ ունին. ըստ անոնց՝ մասնակցողներու 41 տոկոսը շատ դրական կը կարծեն Հայաստանի կառավարութեան վերջին փոփոխութիւնները, իսկ ուրիշ 41 տոկոս մըն ալ դրական կը կարծէ, 10 տոկոսը՝ բացասական, ուրիշ 3 տոկոս մը՝ խիստ բացասական, մնացած 5 տոկոսը պատասխան չունի: Իսկ կառավարութեան ամենամեծ յաջողութիւնը փտածութեան եւ կաշառակերութեան նուազումը կը կարծուի, իսկ ամենափոքր յաջողուՇարունակութիւնը էջ 37


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 13

ՄԵՆՔ ԵՒ ԱԶԳԻ ՀԱՐՑԸ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

ԼԻՆԵԼԻԱԿԱՆ ԵՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Վերջին ամիսներուն, արեւմտեան աշխարհի երկիրներուն մէջ կարգ մը մտածումներ արտայայտուեցան, նաեւ Հայաստան, որոնք այսօր կրնան նորութիւն եւ յառաջդիմութիւն համարուիլ, ազգային ինքնութիւններուն համատեղ ապրելու մասին, միասին ապրիլ, ֆրանսերէնով սովորութիւն է ըսել, vivre ensemble: Չի խօսուիր ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու արմատական փոփոխութիւններու մասին: Այս գաղափարական ազատականութիւնը մեծ եւ հզօր մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներուն համար պատմամշակութային ինքնութեան կորուստի վտանգ չի սպառնար: Ռուսիան, Ֆրանսան, արաբները, գերմանացիները, անգլիացիները, ամերիկացիները, չինացիները կրնան հետեւիլ միասին ապրելու քաղաքական-մշակութային ոճին, քանի որ կը հաւատան, որ միւսները իրենց հետ ապրելով իրենց պէս պիտի ապրին: Տեսանելի փորձը այդ ցոյց չի տար: Պարագան այլապէս մտահոգիչ է փոքր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ անոնց տարտըղնուած գաղթականութիւններուն համար, որոնք իրենց ինքնութիւնը պահելու համար անզէն են: Մեր իւրօրինակ կացութիւնը մեզի կը թելադրէ ազգի մասին յստակ գաղափար կազմել, օրակարգ համարել մեր ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու խնդիրը, որպէսզի օր մը պատմաբաններու սոսկ հետաքրքրական ուսումնասիրութեան առարկայ չըլլանք՝ որպէս մեռած ժողովուրդ: Եւ անհրաժեշտ է մտածել, կացութիւնները դատել, ունենալ հեռանկարային պատկերացումներ մեր ժողվուրդին եւ մեր հայրենիքին համար: Այսինքն մտածել եւ գործել ժամանակի եւ հեռու ու մօտ շրջապատի ազդեցութիւնները, երբ գիտենք, որ հեռուն եւ մօտը նոյնը չեն, ինչ որ էին յիսուն տարի առաջ: Այս խորքային ազգային քաղաքականութիւն է, աթոռներէն, բեմի լոյսերէն եւ ընչաքաղցութիւններէ անդին: Հաւասարապէս՝ Հայաստան եւ սփիւռք: Խորքային քաղաքականութիւնը թաղային երեւելիութենէ եւ հեղինակութենէ տարբեր ըմբռնում եւ պատրաստութիւն կը պահանջէ:

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ

Ա

զգերը կազմուած են պատմութեան ընթացքին, անոնք յանկարծ չեն յայտնուած տուեալ թուականի մը, կերտուած են ինքնութիւններ եւ միութիւններ: Համաշխարհայնացումը ազգերը ժա-

մանակավրէ՞պ պիտի դարձնէ որպէս ըմբռնում եւ մարդոց կենսաձեւ, եւ փոխարէն հաստատէ նորատեսակ կայսրութիւն, բազմազգ ընկերութիւններու (multi-nationales) կայսրութիւնը, որ արդէն ընթացքի մէջ է, մարդկային եւ մարդկութեան բոլոր հարցերը ստորադասելով տնտեսական-դրամական գերիշխանութեան: Վերջին երկու դարերուն ազգի ըմբռնումը ենթարկուած է մեկնաբանութիւններու, քննադատութիւններու եւ մերժումներու, երբ ծնունդ առին ազգպետութիւններ, Ֆրանսական Յեղափոխութենէն ետք: Ազգի ըմբռնումը գերազանցելու գաղափարական, կրօնական եւ քաղաքական փորձեր եղած են եւ կը շարունակուին, տիեզերականութիւն հաստատելու փորձեր, բայց ազգերը կը տեւեն, ինքնութիւններ կը պաշտպանուին: Վտանգուած ազգերը, անոնք որոնք տիրապետուած են, նախայարձակումներու ենթարկուած, աւելի կը խօսին այս մասին, քան հզօրները, որոնք ինքնապաշտպանութեան կարիք չեն զգար: Բայց դամոկլեան սուրի պէս կախուած է համաշխարհայնացումը, ոչ միայն փոքրերուն համար, այլ նախկին հզօրներուն: Մոլորակի եւ մարդկութեան հոլովոյթի ընթացքին յառաջացած ազգերը, որոնց այլազանութիւնը հարստութիւնն է մարդկութեան, ինչպէս մարդը ինք այլազան է նոյն խորքի վրայ: Մեծ եւ փոքր ժողովուրդները, առանց խտրութեան, պէտք է խորհին այս մասին, որպէսզի չհարթուին ծնունդ տալու համար անհրապոյր եւ անհոգի նոյնութեան մը, նոյնացման: Հայերէն ազգ բառը, ըստ լեզուաբաններու փոխառնուած է պահլաւերէնէ, azg, որ կը նշանակէ ճիւղ, որ իր կարգին կու գայ հնդեւրոպականazgho բառէն՝ նոյնպէս ճիւղ իմաստով: Նոյն ձեւով տարածուած է յունարէնի մէջ ὄσχος, ὄσχη, ωσχη, եւ պարսկերէնի՝ ‫ٱذغ‬āzaγ կամ azaγ, ‫ٱذخ‬āzax: Ժամանակակից հասկացողութամբ ազգի ըմբռնումը յաճախ կը նոյնանայ ժողովուրդի եւ անկախ կամ ինքնավար պետութեան հետ: Ժողովուրդ մը կրնայ գոյութիւն ունենալ առանց պետական կառոյցի, եւ միաժամանակ ազգ համարուիլ, ինքզինք որպէս այդպիսին համարել ու տեւել: Պատմական հոլովոյթի ընթացքին ան կրնայ դառնալ պետութիւն: Երէկուան եւ այսօրուան ազգ-պետութիւնները, մարդկային հաւաքականութիւններու զանգուածային տեղափոխութիւններուն եւ տարածուող բազմամշակութային հոլովոյթին մէջ, կ’ունենան նոր դիմագիծ եւ դէմ յանդիման կը գտնուին քաղաքական բարդութիւններու, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի այզգային ինքնութիւններու պահպանման: Իմաստութիւն չէ աչքերը խուփ պահել եւ անՇարունակութիւնը էջ 14


Հայ Կեանք

Էջ 14

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

ՄԵՆՔ ԵՒ ԱԶԳԻ ՀԱՐՑԸ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ Շարունակութիւն էջ 13-էն

տեսել կացութիւնները, ե՛ւ մեծերու ե՛ւ փոքրերու պարագային։ ԱԶԳ (nation) ըմբռնումը քիչ մը շատ առաձգական իմաստ ունի իր միջազգային գործածութեան մէջ: Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին ան կ’ըմբռնուի որպէս ԳԵՐԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, կամ որպէս ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ: Նոյնիսկ շատ լուրջ Միացեալ Ազգերու Ուխտագրին մէջ անգամ ժողովուրդ, ազգ եւ պետութիւն միաժամանակ կը ներկայանան, կարծէք հոմանիշ ըլլան: ՄԱԿի Ուխտագիրը «կը ճշդէ անդամ պետութիւններու իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները», իսկ Ուխտագրի ներածականը կ’արտայայտէ իտէալները եւ հասարակաց նպատակները բոլոր ժողովուրդներու, որոնց կառավարութիւնները միացած են կազմելու համար Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը»: Բառերու ծագումը եւ ստուգաբանութիւնը գաղափարներ լուսաբանելու եւ կացութիւններ հասկնալու լուսաւոր ճանապարհ է: Ընդհանրացած եւ գործածուող nation բառը կու գայ լատիներէն natio բառէն, որ իր կարգին կու գայ լատիներէն nascere բայէն, ֆրանսերէնի naître բայը, այսինքն՝ ծնունդ: Աւելի հետաքրքրական է natio բառը, որ կը նշանակէ մէկ ծնունդի ձագեր, նոյն ատեն նոյն արգանդէն ծնածներ: Նոյն բառը կը գործածուի նաեւ սահմանելու համար ժողովուրդ մը, ժողովուրդի մը մէկ մասը կամ ցեղախումբ մը: Իսկ բառարանները «ազգ»ը կը բնորոշեն որպէս ամբողջութիւնը անձերուն, որոնք կ’ապրին հասարակաց հողամասի մը վրայ, կը գիտակցին իրենց պատմական եւ մշակութային միութեան (մէկութեան), յաճախ նաեւ լեզուական, եւ իրենք զիրենք մասնակից կը համարեն ընկերաքաղաքական նոյնութեան: «Ազգ»ը կը սահմանուի նաեւ որպէս քաղաքական միութիւն մը, նոյն հողամասին վրայ ապրող եւ կազմակերպուած՝ իր կառոյցներով եւ օրէնքներով: Գերմանացի իմաստասէր Եոհան Կոթլիպ Ֆիշթի համար (Johann Gottlieb Fichte, 1762-1814), նոյն ազգի անդամները հասարակաց յատկանիշներ ունին, ինպէս լեզուն, կրօնը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը, նաեւ ցեղային ծագում՝ որ զիրենք տարբեր կը դարձնէ ուրիշ ազգերէ եւ անոնց անդամներէն: Ֆրանսական ըմբռնումը, ձեւաւորուած ԺԸ դարու եւ Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան հունով, կ’ընդունի, որ «Ազգ»ը կը գոյանայ «միասին ապրելու» հասարակաց կամքով, որ պարզապէս կը տանի հաւաքականութեան ինքնասահմանման: Հետեւելով նոյն մտածման ընթացքին, ոմանք տարբերութիւն մը կը տեսնեն քաղաքացիական ազգին եւ ցեղային ազգին միջեւ: Վերջինը միասին ապրելու ընտրանքի ենթա-

կայական ըմբռնումն է ազգին, իսկ նախորդները՝ առարկայական, որոնք կը հիմնուին պատմաքաղաքական, մշակութային եւ շարունակութեան տուեալներու վրայ: Մեր օրերուն կը խօսուի ազգային ինքնութեան մասին, որ կը կերտուի պետութեան մէջ եւ պետական ընտրանքներով, առաւելաբար հիմնուած տնտեսական որոշիչ ազդակներու վրայ (արտադրութեան, սպառման եւ անոնց հետեւող կենցաղի նոյնացումով):

ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԶԱՆԱԶԱՆԵԱԼ ՊԱՏԿԵՐԸ

ԱԶԳը վերացական գաղափար մը չէ: Ան մարդոց հաւաքականութիւն մըն է, խմբուած նոյն ըմբռնումի մը շուրջ, որ կրնայ մեկնաբանուիլ տարբեր ձեւերով: Բայց ան մարդոցմով կ’ըլլայ: Հետեւաբար նախ պէտք է խօսիլ այդ մարդոց մասին, ո՞ւր կը գտնուին անոնք, ի՞նչ է անոնց համրանքը, ի՞նչ բան կը միացնէ զանոնք, ի՞նչ են անոնց ստորոգելիները՝ որպէսզի նոյն ազգին մէջ ըլլան: Անհեթեթ է հրամանագրով որոշել, թէ ո՞վ ո՞ր ազգին կը պատկանի: Մարդիկ նոյն են եւ տարբեր միաժամանակ: Նախորդ ենթախորագրին տակ յիշեցի զանազան տեսութիւններ, որոնք կը նշեն պատմութեան հետքը, հողամաս մը, համրանք կամ ըմբռնումներէ եկած ընտրանք. ծագում, պատմութիւն, մշակոյթ, լեզու, միասին ապրելու ցանկութիւն, որոնցմով կը բնորոշուին հաւաքականութիւնները եւ անոնց մաս կազմող մարդիկ: Մարդոց հաւաքականութիւնները միացնող եւ տարբերակող մեծ կամ պզտիկ ազդակներ կան, որոնք անոնց կու տան տարբեր նկարագիր: Հողամշակ կամ խաշնարած, ձիւներու մտերմութեան մէջ ապրող Թիպէտթցին եւ ծովագնաց Անգլիացին տարբեր են, մարդիկ նոյն ձեւով չեն ապրիր, աշխարհը նոյն ձեւով չեն տեսներ, նոյն ձեւով չեն սնանիր, նոյն ձեւով չեն հագուիր: Սառուցեալ գօտիներու, արեւադարձային երկիրներու եւ հասարակածի ժողովուրդները նոյնատեսակ կենցաղ եւ ճարտարագիտութիւն չունին, իրենց առօրեայէն եւ շրջապատէն կը թելադրուին ընդհանուր բնորոշումով իրենց մշակոյթները: Հիւսիսի էսքիմոն եւ Լաբոնը, Միջերկրականի աւազանի յոյնը եւ արաբը, Խաղաղականի կղզիներու բնիկները նոյն են եւ տարբեր: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը, իր արտադրական-սպառողական-հաղորդակցական պայմաններու ընդհանրացումով տարբերութիւնները կը ջնջէ, աւելի ճիշդ՝ անհետացնելու ընթացքի մէջ է: Այս պատճառով ալ կան ապագայ մարդկային ընկերութեան մասին տեսութիւններ, որոնցմէ վերջինը, կրօններէ եւ կայսրութիւններէ վերջ, Մարքիւզի միատարածք մարդէն (l’homme unidimensionnel) եւ Ճորճ Օրուէլի թուանըՇարունակութիւնը էջ 27


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Erdogan Denies the Armenian Genocide During the G20 Summit

BUENOS AIRES (Agencia Prensa Armenia)—During a press conference at the G20 summit in Argentina, Turkish President Recep Tayyip Erdogan denied the Armenian Genocide in response to a question from a journalist of Armenian origin. When asked about the rights of minorities in Turkey, the journalist added: “I am one of the descendants of the families that suffered the Armenian Genocide.” “Turkey cannot be blamed of having committed a genocide against the Armenians,” said Erdogan. “On the question of genocide, please let’s leave the discussions to the Historians and let’s listen to what the Historians have to say. This is not a part of our history and I can very confidently say that and we are ready to get involved in any discussion whatsoever,” added Erdogan. “Do you know how many Armenians live in my country right now? Hundreds of thousands. About 30,000 of them are citizens and the rest are undocumented. They have fled Armenia only to settle in Turkey. And we allow them to do so. A total of 100,000 Armenians live in our country. They were never discriminated on the basis of citizenship, we have never deported any Armenians on those grounds. We are very humane in our conduct and we will keep on doing so,” said the Turkish President.

Էջ 15

Armenian Genocide was featured in Australian parliament debate marking 70th anniversary of Genocide Convention

A motion honouring the 70th anniversary of the adoption of the United Nations Convention on the Prevention and Punishment of Genocide (UN Genocide Convention) was debated by Australia’s House of Representatives on Monday, 3rd December 2018, ARMENPRESS reports, citing the official website of the Armenian National Committee of Australia (ANC-AU) . The private member’s motion, was moved by Member for Goldstein Tim Wilson – who is of Armenian ancestry – called on the House of Representatives to acknowledge “the need for eternal vigilance of all countries, including Australia, to act to acknowledge past genocides as essential to stopping future genocides”. The motion honours the author of the UN Genocide Convention, Dr. Raphael Lemkin, noting that the Armenian Genocide and Jewish Holocaust were motivating factors for his coining of a legal term for racebased mass killings. The motion states: “[The House] honours the primary initiator and author of the United Nations Genocide Convention, Dr Raphael Lemkin, a lawyer of Polish-Jewish descent, who coined the word ‘genocide’, informed by his study of the systematic extermination of the Armenians during World War I and the Jews during World War II.”

“The response is cynical for several reasons, including the validity of Article 301 of the Turkish Criminal Code, which under the figure of ‘denigrating Turkish identity’ has allowed prosecuting and imprisoning intellectuals, including Historians, for speaking explicitly about the Armenian Genocide,” replied the Armenian National Committee of South America.

The motion also acknowledge Australia’s significant role in the UN’s adoption of the motion 70 years ago, on 9th December, 1948. As is typical with private members’ motions, this bill will be debated by a selec-

“Turkey blocked unilaterally its border with Armenia in support of Azerbaijan for the Nagorno-Karabakh war, which makes the argument of the welcome it gives to Armenian residents in their country very unconvincing,” they added.

tina, the Armenian community held a demonstration in front of the residence of the Turkish Ambassador on Monday, November 26. “Erdogan is the head of a state that maintains a state policy of denial and nonrecognition of the Armenian Genocide perpetrated by the Turkish State between 1915 and 1923,” denounced the Armenian community

Before the arrival of the Turkish President to Argen-

Cont. on page 16


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Armenian Armed Forces remain in control of strategic initiative at Nakhijevan border section, says Pashinyan border section to be convinced in this and has personally viewed the situation on location. “I am calling on you, I am proposing us to applaud our soldiers who are now standing at the border. Applaud to our soldiers, our armed forces, our officers and generals,” Pashinyan said. He said that the government of Armenia, the Armenian people in Armenia, in Artsakh and the Diaspora, realize that the service conditions of soldiers must soon be significantly improved, starting from the diet, up to clothing and arsenal. “And today we are very clearly going in this direction. This is a rather serious work,” Pashinyan said.

The Armenian Armed Forces continue controlling the strategic initiative at the Nakhijevan section of the Armenian-Azerbaijani border, caretaker Prime Minister Nikol Pashinyan said during a campaigning event in Ararat. “As you know, after I was elected prime minister, Azerbaijan very quickly announced that it has captured 11 thousand hectares of area in Nakhijevan. Regrettably, there were forces in Armenia that consciously or unconsciously began to [accept] this disinformation. I hope that you knew from the very beginning that this is totally absurd and that the Armenian Armed Forces are confidently defending our borders and security now, just like they’ve confidently defended our borders and security in the past. Certainly, those who have been at the border and the frontline and are aware of these positional nuances know that the positions are subjected to seasonal and other kinds of changes. Basically, we can say for the record the following – the Armed Forces of the Republic of Armenia are in full control of the strategic initiative, like they’ve been in full control of the strategic initiative in the past,” Pashinyan said. He said that two weeks ago he visited the Nakhijevan

Armenian Genocide was featured in Australian parliament debate marking 70th anniversary of Genocide Convention Cont. from page 15

Tim Wilson

tion of government and non-government Members of Parliament without going to a vote. The majority’s view of the debate will reflect the will of Australia’s House of Representatives, explained ANCAU Executive Director, Haig Kayserian. “Australia was instrumental in the adoption of the UN Genocide Convention and ratified it in 1949, yet it still needs to get on the right side of history by recognising the Armenian Genocide and continue what is a proud tradition of standing up for such important human rights issues,” said Kayserian. “A positive outcome in the debate of this motion will ensure the House of Representatives recognises that there is no more room for word games. This motion clearly articulates that the word Genocide and what happened to the Armenians are undeniably linked since the creation of the word itself.”


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 17

Historian Taner Akçam Launches Digital Archive Documenting the Armenian Genocide Anna Aleksanyan, and Burçin Gerçek, and former students Ümit Kurt, Ph.D. ’16 and Emre Can Daglioglu in an effort to create and launch the digital archive. The group collaborated with others in Paris and Istanbul to translate materials into English. “Access to these materials has the potential to change scholarly and political discourse as well as to destroy Turkish denial,” wrote Professor Akçam. “It is my duty to make this evidence accessible for the world to see.”

CLARKE UNIVERSITY — After the 1915 Armenian Genocide, Krikor Guerguerian, a priest and genocide survivor, travelled the world collecting evidence to document the atrocities. Taner Akçam, the Robert Aram and Marianne Kaloosdian and Stephen and Marian Mugar Professor in Armenian Genocide Studies at Clark University’s Strassler Center for Holocaust and Genocide Studies, recently collaborated with Turkish experts and graduate students on a digital repository that makes Guerguerian’s vast collection of incriminating documents available to scholars worldwide. The newly launched Krikor Guerguerian Archive comprises thousands of original Ottoman documents and Guerguerian’s extensive, unpublished writings. It includes the long-missing handwritten memoirs of Naim Bey, an Ottoman bureaucrat stationed in Aleppo who actively participated in the deportation and massacres of Armenians; documents from the Jerusalem Armenian Patriarchate containing first-hand information about the Armenian genocide; and critical papers from the Istanbul perpetrator trials held from 1919 to 1922 that were long assumed vanished. Among the most noteworthy materials are ciphered telegrams that the Ottoman Interior Minister Talat Pasha, army commanders, and the chief of the government’s paramilitary sent to governors throughout the Empire. Some of these telegrams, written on government letterhead stamped with the official Ottoman seal, clearly outline the Ottoman government’s planning and execution of the genocide. These “killing orders,” considered the “smoking gun” of the Armenian Genocide, formed the basis of Akcam’s groundbreaking book “Killing Orders: Talat Pasha’s Telegrams and the Armenian Genocide,” released earlier this year. Professor Akçam was granted access to the unpublished collection in 2015 by Dr. Edmund Guerguerian, nephew of Fr. Guerguerian, and he has worked diligently to ensure that other scholars of the Armenian Genocide have access to these important documents. He engaged his doctoral candidates Ani Ohanian,

Professor Akçam, whom the New York Times referred to as “The Sherlock Holmes of the Armenian Genocide,” was one of the first Turkish intellectuals to acknowledge and openly discuss the Armenian Genocide. His book “The Young Turks’ Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire,” was co-winner of the Middle East Studies Association’s Albert Hourani Book Award and one of ForeignAffairs.com’s “Best Books on the Middle East.” Among his many honors, Akçam received the 2018 Outstanding Upstander Award from the World Without Genocide organization; the Hrant Dink Spirit of Freedom and Justice Medal from the Organization of Istanbul Armenians and the Hrant Dink Freedom Award from the Armenian Bar Association (both in 2015); and the Heroes of Justice and Truth award at the Armenian Genocide Centennial commemoration in May 2015. Funding for the creation of the Krikor Guerguerian Archive was provided by the Caloust Gulbenkian Foundation, the Jirair Nishanian Foundation, the Armenian General Benevolent Union, the Knights & Daughters of Vartan, and the Dadourian Foundation. Original materials included in the Guerguerian Archive were donated to the National Association for Armenian Studies and Research (NAASR) in Belmont, Mass., where they will become part of NAASR’s Mardigian Library. Researchers will be able to access original materials included in the digital archive following the opening of the NAASR headquarters’ building in the fall of 2019.


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Two Pilots Killed in Armenian Military Jet Crash Babayan and Major Movses Manukian, died in the crash. The plane’s black box has been recovered from the crash site. There was no word on possible causes of the deadly accident. Armenia’s Investigative Committee has launched an inquiry. Soviet-designed Su-25s are the principal type of military aircraft making up Armenia’s small Air Force. None of them is known to have crashed in the past. Colonel Armen Babayan

Major Movses Manukian

YEREVAN — An Armenian military aircraft crashed during a training mission on Tuesday morning, killing its two pilots. Armenia’s Defense Ministry said that the Su-25 jet disappeared from radar screens 14 minutes after taking off from an airbase in the northwestern city of Gyumri. The ministry launched a search-and-rescue operation before reporting early in the afternoon that the wreckage of the plane has been found in nearby mountains. The ministry spokesman, Artsrun Hovannisian, said the two pilots on board, Lieutenant-Colonel Armen

Stratfor: Washington to Focus its Attention on Strengthening Ties with Armenia WASHINGTON, DC — Washington is seeking to focus its attention on strengthening ties with the Armenian government, according to experts of Stratfor, a leading US-based geopolitical intelligence platform, Stratfor Global Intelligence analysts report. “Armenia has traditionally been one of the closest and most loyal allies of Russia — the country is a member of the Moscow-led Eurasian Economic Union and the Collective Security Treaty Organization military bloc — but political tensions have emerged between Armenia and Russia in recent months following the rise to power of opposition leader Nikol Pashinian in April’s Velvet Revolution. The United States hopes to exploit these tensions by driving a wedge between Armenia and Russia — something it has already tried to do, as evidenced by US national security adviser John Bolton’s visit to Armenia last month, when he expressed the United States’ interest in selling weapons to Armenia,” reads their recently published analytical review. The experts insist that Moscow has viewed Bolton’s offer as a direct challenge, with Russia currently having “a monopoly on weapons sales to Armenia, as well as 5,000 troops in the small republic.” “While Armenia is ultimately unlikely to abandon its strategic alignment with Russia, political frictions between the two could offer the United States an opportunity to chip away at a key ally on Moscow’s periphery,” they say. The authors of the review also predict chances of decreasing economic ties with Iran this year. At the same time, they say, the United States will increase security support and conduct more military exercises with Georgia, “the only country in the region that is actively pursuing European Union and NATO integration.”


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 19

Acting Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan met with NATO Deputy Secretary General Rose Gottemoeller Partnership Action Plan. The NATO Deputy Secretary General highly valued Armenia’s active participation in peacekeeping missions in Afghanistan and Kosovo. Minister Mnatsakanyan, in turn, stressed the importance of Armenia’s contribution to international efforts aimed at preserving peace.

On December 4th, Acting Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan met with NATO Deputy Secretary General Rose Gottemoeller at NATO headquarters in Brussels. Zohrab Mnatsakanyan and Rose Gottemoeller emphasized the cooperation established in various spheres within the framework of the NATO-Armenia Individual

At the request of the NATO Deputy Secretary General, Mnatsakanyan presented the Armenian side’s priorities related to the resolution process of the NagornoKarabakh conflict, emphasizing that people are the principal beneficiaries of a peaceful settlement and that their fundamental security is at the core of the issue. The interlocutors also exchanged views on increasing women’s role in the establishment of peace within the framework of UN resolution 1325, as well as finalizing Armenia’s national action plan for the implementation of the resolution.

Armenia and Bulgaria Sign 2019 Defense Cooperation Plan YEREVAN A– The Armenian and Bulgarian defense ministries have held bilateral cooperation consultations. The consultations were held November 29-30 at the Armenian defense ministry headquarters in Yerevan, chaired by Levon Ayvazyan, director of the Defense Policy Department at the Armenian defense ministry, and Daniella Grigorova, director of the Regional Initiatives Department at the Bulgarian defense ministry’s defense policy directorate. Issues concerning global and regional security were discussed. The stances of the defense ministries of the two countries regarding international development of security and defense issues were presented. The Armenian-Bulgarian bilateral defense cooperation programs were also discussed, as well as the prospects of cooperation in multilateral formats in NATO and the EU. The 2019 bilateral cooperation program between the Armenian and Bulgarian defense ministries was signed. The deal includes nine actions in peacekeeping, military medicine, military police, personnel training, militarytechnical and other sectors.


Էջ 20

Հայ Կեանք

The Armenian daily schools in Lyon and Valence and a high school in Lyon, which have many Armenian students, are adopting AVC’s hybrid education program. At a meeting with the schools administrative teams Dr. Yervant Zorian presented the details and benefits of AVC's innovative courses and online learning resources.

Telethon 2018 raises over $11 million

Armenia Fund’s annual Telethon in Los Angeles raised $11,109,633 this year. The number can still grow, because donations continue. This year, the Telethon carries the campaign slogan “New Armenia.” Proceeds from the pan-national event will benefit two major programs, aimed at boosting agriculture in Artsakh and developing solar-energy infrastructures in both Artsakh and Armenia. These initiatives encompass the drilling of deepwater wells and construction of drip-irrigation networks across Artsakh; and the installation of solarenergy systems including solar panels, heaters, and substations throughout the Homeland.

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

The participants expressed enthusiasm about introducing AVC education into their program of study. Earlier this year, UGAB Lyon chair Viken Kojakian visited the Armenian Virtual College to explore the opportunities for starting an educational program for the Armenian community in Lyon.


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Kevork B. Keshishian, M.D. 1931-2018

It is with heavy hearts that we inform our members of the passing of beloved community leader Kevork B. Keshishian, M.D., on November 16, 2018 in Los Angeles, California. He was 87 years old. From 1982-1998, Dr. Keshishian served as a member of the AGBU Central Board, an invaluable voice in the organization. “Dr. Keshishian was a true gentleman with a kind heart and wonderful sense of humor. He cared deeply for his community and led with a genuine compassion and devotion,” said Berge Setrakian, AGBU Central Board President. “His decades of service to AGBU and to the Armenian community shall not be forgotten.” Generous, affable and always spirited, Dr. Keshishian dedicated his leadership and tenacity to AGBU, continuing to be an active citizen in the global Armenian community throughout his life. Born in Syria in 1931, he was a dynamic community organizer from a young age. At 14 years old, he founded and became the first president of the AGBU Student Association in Aleppo. He moved to Beirut, Lebanon at the age of 20 to study pediatric medicine at the French Medical School of St. Joseph University, but he did not forego his role in the Armenian community. While living in Lebanon, as a practicing doctor, he held a number of positions in prominent Diaspora organizations: he was president of the AGBU University Students’ Association, Secretary for the AGBU Armenian Youth Association of the Middle East and later, Chairman of the AGBU-AYA Central Cultural Committee. Dr. Keshishian was also an avid and prolific writer. In addition to the four medical books he published for the public, he was one of the founders of the independent Armenian weekly paper in Lebanon, Spurk. He was a frequent contributor to Pejishk, Zartonk, Nayiri, Baikar, Nor Or and Shirag. He was a man dedicated to empowering his community by sharing his wealth of knowledge and expertise. In 1968, Dr. Keshishian immigrated to the United

Էջ 21

States, pursuing a residency in Radiology at the New England Medical Center and VA Hospital in Boston, Massachusetts. Just two years later, he became the founder and president of the AGBU Youth Chapter of Boston. He then founded the first American Armenian Medical Association in the United States. As he steadily built his career in the United States as a respected radiologist, eventually becoming the Chairman of the Radiology Department at the Catholic Medical Center Hospital in Manchester, New Hampshire, and then President of Metro Imaging Center in Maryland, he remained committed to his newfound Diaspora community. His work was endless: a member of the Central Committee of the ADL Organization for over a decade, the founder and chairman of The Friends of The Armenian Mirror Spectator, and President and Life Member on the Board of Directors of the Tekeyan Cultural Association of America. Dr. Keshishian embodied a man fully committed to the prosperity, unity and health of his treasured Armenian community. He maintained his heritage proudly and his leadership illuminated avenues through which generations of Armenian youth could maintain theirs. He is survived by his wife of 58 years, Cecile Simonian Keshishian, a respected pillar in the global AGBU community and the American Medical Association Auxiliary; his two children, Alek and Aleen Keshishian, both Harvard graduates and well-known in the movie industry; his son-in-law, Kit Troyer Esq., also a Harvard graduate; and his grandchildren, Lulu and Jesse Troyer. agbu.org Established in 1906, AGBU (www.agbu.org) is the world's largest non-profit Armenian organization. Headquartered in New York City, AGBU preserves and promotes the Armenian identity and heritage through educational, cultural and humanitarian programs, annually touching the lives of some 500,000 Armenians around the world. For more information about AGBU and its worldwide programs, please visit www.agbu.org.


Էջ 22

Հայ Կեանք

https://donate.agbu.org/general-donation

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 23

Պատմական անդրադարձ

ՃԻՄ ՉԱՆԳԱԼԵԱՆ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Չանգալեան ծնած է Տիգրանակերտ։ Մանուկ հասակին, ծնողներուն հետ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ։ Շրջանաւարտ կ՚ըլլայ ամերիկեան երկրորդական վարժարանէ մը, ապա կը մտնէ զինուորական հիմնարկ՝ դառնալու համար սպայ ամերիկեան բանակի։ 1898-ին կը մասնակցի ամերիկեան եւ սպանական պատերազմին։ Իր ցուցաբերած քաջագործութիւններուն համար, կը պարգեւատրուի ու կը դառնայ ամերիկեան բանակի հարիւրապետ։ Ազգային ազատագրական ճանապարհին, հայկական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, անկասկած, իր արձագանգները ձգած էր ամերիկահայ գաղութին մէջ, եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան գտած ժողովրդականութիւնը, անտարակոյս, եղած էր Չանգալեանի մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնողն ու զինք անդամակցութեան մղողը այդ կազմակերպութեան։ Չանգալեան, արդէն յաջողած զինուորական մը ամերիկեան բանակին մէջ, յայտնի դէմք կը դառնայ նաեւ Նիւ Եորքի հայ ազգային հասարակական կեանքին մէջ։ Հարիւրապետի պաշտօնը ձգելէ ետք, իրեն կ՚առաջարկուի, ամերիկեան «Փաուըրզ» ընկերութեան մէջ, կարեւոր պաշտօն մը։ Չանգալեան ձեռնհասօրէն կը վարէ իր ստանձնած պաշտօնը, որ իրեն կ՚ապահովէ հանգստաւէտ կեանք մը։ 1915-ին, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, գործակցելով Միացեալ Նահանգներու Սահմանադիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցու-

թեան Շրջանային վարչութեան հետ, կ՚որոշէ յատուկ առաքելութեամբ մը, նախ՝ Կովկաս եւ ապա՝ Վան ուղարկել Ճիմ Չանգալեանը։ Չանգալեան ուրախութեամբ կ՚ընդունի առաջարկը, լքելով իր բարձր պաշտօնն ու հանգստաւէտ պայմանները։ Իրեն հետ առնելով խումբ մը փորձառու կամաւորներ, որոնք եկած էին Արեւմտահայաստանէն, որոշուած ժամկէտին կը հասնի Վան, ուր զինք կը դիմաւորէ յաջող հերոսամարտի քաջարի ղեկավար՝ Արմենակ Եկարեանը։ Խորհրդակցելէ ետք Եկարեանի հետ, Չանգալեան բանակային իր հարուստ փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ Վանի հերոսածին հայութեան պայքարին ու կը դառնայ Եկարեանի խորհրդատուն եւ անմիջական գործակիցը Երկրապահ գունդի կազմութեան մէջ։ Իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ, Չանգալեան ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Կովկաս, ուր մտադրած էր միանալ Զօրավար Անդրանիկի ուժերուն։ 1917-ին Չանգալեան կը վերադառնայ ՄիաՇարունակութիւնը էջ 24


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

ՃԻՄ ՉԱՆԳԱԼԵԱՆ Շարունակութիւն էջ 23-էն

ցեալ Նահանգներ, լիովին կատարած իրեն վստահուած առաքելութիւնը։ Բայց հազիւ տեղաւորուած, կ՚իմանայ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ծրագիրը։ Կը նախատեսուէր, որ ֆրանսական կառավարութեան եւ բանակին կողմէ կատարուած յատուկ կարգադրութիւններու շնորհիւ, այդ լեգէոնը մեկնէր Պաղեստինի ռազմաճակատ՝ կռուելու դաշնակիցներու (Ֆրանսա, Անգլիա եւ Ռուսիա) կողքին, ընդդէմ գերմանական եւ թրքական դաշինքի զօրքերուն։ Ամերիկեան գաղութին եւ հայ կուսակցութիւններուն անվերապահ յարգանքը եւ գնահատանքը վայելող Չանգալեան կը նշանակուի ղեկավար ամերիկահայ կամաւորներէ բաղկացած այն ջոկատին, որ պիտի միանար Հայկական Լեգէոնին։ Հայ քաջամարտիկներուն գլխաւոր երազն էր, ինքնավար Հայաստանի մը կազմութիւնը ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ ընծայաբերելիք արեան գնով։ Եգիպտոսի մէջ կազմուած Հայ Ազգային Միութիւնը եւ Հայ Ազգային պատուիրակութիւնը, նման խոստում մը ապահոված էին ֆրանսական իշխանութիւններէն։ Հայկական կամ Արեւելեան Լեգէոնի կորիզը կը կազմէին Եգիպտոսի Փորթ Սաիտ ծովափնեայ քաղաքը ապաստան գտած Մուսատաղցիները։ 9 Յուլիս, 1917-ին Չանգալեան իր գլխաւորած կամաւորներով կը նստի ֆրանսական նաւ մը ու կ՚ուղղուի Մարսէյ։ Ապա, կ՚անցնի Փորթ Սաիտ, կը միանայ լեգէոնական կորիզին եւ միասին կը մեկնին Կիպրոս, ուր կը կեդրոնացուէին աշխարհի բոլոր կողմերէն Արեւելեան Լեգէոնին միանալ փափաքող կամաւորներ՝ մարզուելու նպատակով։ Մարզուած ջոկատները, Կիպրոսի մէջ կը բաժնուին երեք վաշտերու։ Դաշնակից պետութիւններու միջինարեւելեան ճակատին վրայ գործող միացեալ ուժերու ընդհանուր ղեկավար՝ Զօր. Ալլենպիի հրահանգով, հայ կամաւորները 14 Սեպտեմբեր 1918-ին, կը փոխադ-

Արմենակ Եկարեան եւ Ճիմ Չանգալեան

րուին Պաղեստին, ուր հինգ օր ետք յարձակումի կ՚անցնին թուրք եւ գերմանացի ուժերու դէմ՝ Արարայի մէջ։ Ռազմաճակատի առաջին գիծը, Միջերկրականէն մինչեւ Յորդանան գետ, Չանգալեանի գլխաւորութեամբ, կը գրաւուի ամերիկահայ կամաւորներէ բաղկացած ջոկատներէ, եւ նուազագոյն զոհեր տալով, կը կերտեն Արարայի փառահեղ յաղթանակը։ 1918-ի Նոյեմբերին, վերջ կը գտնէ Համաշխարհային Ա. պատերազմը։ Հայ կամաւորները Պաղեստինի ճակատէն կը փոխադրուին Պէյրութ, ուրկէ խումբ առ խումբ, անգլիական նաւերով եւ Ալեքսանտրէթի վրայով, կ՚անցնին լեռնային ու դաշտային Կիլիկիա։ Լեգէոնականները Ատանայի մէջ կը դիմաւորուին հայկական եռագոյն դրօշներով։ Թուրքերը արդէն յուսալքուած վիճակ մը կը պարզէին։ Տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Հայկական Լեգէոնի մարտիկներուն հեշտ կը թուէր ամբողջ Կիլիկիոյ վրայ իրենց հակակշռին տարածումը։ Տամատեանի գլխաւորութեամբ կը ձեռնարկուի ինքնավար կամ անկախ հայկական Կիլիկիա մը ունենալու ծրագրի գործադրութեան։ Այսպիսի ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակելու համար, անհրաժեշտ էր ունենալ ամրակուռ ռազմական ուժ, որ կրնար իրանանանալ, Չանգալեանի, Շարունակութիւնը էջ 32


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 25

Լեզուաբանական

Քիչ մը լեզուաբանութիւն Տոքթ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Պ

էտք է նկատած ըլլաք, որ մենք ընդհանրապէս կ’ըսենք զանց առնել, իսկ երբեմն ալ կ’ըսենք կամ կը հանդիպինք զանց ընել ըսողներու, ինչպէս ես վերջերս հանդիպեցայ յօդուածի մը մէջ, եւ ճիշդ այս հանդիպումս էր, որ մղեց զիս քիչ մը զրուցելու բարեկամներուս հետ: *** Մեր հեռաւոր նախնիները, ըսենք՝ Արտաշէս Աշխարհակալը, Տիգրան Մեծը, Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը ըսած են զանց առնել, եւ այսպէս ալ կը վկայէ «Նոր հայկազեան»-ը, որ գրաբարի բառարանն է եւ հայոց լեզուի հիմնաքարը: Ուրեմն պէ՞տք է մտածել, թէ մենք այսօր զանց առնել ըսելով հաւատարիմ մնացած կ’ըլլանք մեր հեռաւոր նախնիներուն...Ո՛չ,– եւ ճիշդ այստե՛ղ է պահուած շան գլուխը. ֆրանսացին պիտի ըսէր՝ c’est là le hic, իսկ անգլիացին պիտի ըսէր՝ there is the rub[1]: Ինչո՞ւ... Որովհետեւ գրաբարի մէջ առնել կը նշանակէր ընել, դարձնել, շինել, ստեղծել (to do, to act, faire, oevrer): Օրինակ՝ երբ ծանօթ առածը կ’ըսէ «Գինի ուրախ առնէ զմարդ»,– սա կը նշանակէ՝ «Գինին ուրախ կ’ընէ մարդս» (կ’ընէ՝ կը դարձնէ): Եւ ոչ թէ՝ «Գինին ուրախ կ’առնէ մարդս»,– որ ոչ մէկ իմաստ ունի: Ուրեմն մեր նախնիները ըսել կ’ուզէին,– մեր աշխարհաբարեան մտածողութեամբ,– զանց ընել, եւ ոչ թէ զանց առնել: Այլ խօսքով՝ մենք սխալ կիրարկած ենք առնել բայը, սխալ մեկնաբանութիւն տուած ենք անոր, գրաբարէն աշխահաբար անցումը ճիշդ ու հեզասահ չենք կատարած: Անցեալէն ժառանգած ենք «զանց առնել» եւ, իբրեւ տափակաթաթ աշխարհաբարեաններ, «զանց առնել» ձեւով ալ շարունակած ենք կիրարկել՝ առանց անդրադառնալու, թէ մեր շուրջը լեզուական իսկական յեղափոխութիւն մը կատարուած է գրաբարի՝ աշխարհաբար դառնալովը: Բայց որո՞ւ հոգը: Այս նոյն սխալը գործած ենք ամառն-ամրան, ձմեռն-ձմրան, դուռն-դրան, լեռն-լերին, մատուռն-մատրան հոլովումի առթիւ, որ նոյնութեամբ փոխադրած ենք արդի աշխարհաբարի մէջ, [1] Համլետի մենախօսութեան մէջ կը հանդիպինք այս դարձուածքին՝ «To sleep, perchance to dream: ay, there’s the rub»,– որ Յովհ. խան Մասեհեան թարգմանած է՝ «Ա՜յ, ցաւն այդտեղ է», իսկ ուրիշ մը՝ «Ա՜յ, խայթը հէնց ա՛յդ է»:

քիչ մըն ալ աւելիով, քանի գրաբարը լերան չունէր, բայց մեր հոսհոսները ա՛յս եւս նոյն ոգիով ուղղագրած ենք, եւ այս սխալները խարանի մը պէս մնացած են մեր քերականութեան ճակատին, հակառակ լաւագոյն մասնագէտներու՝ Այտընեանի, Բագրատունիի, Զոհրապեանի, Աբեղեանի, Աճառեանի զգուշացումներուն, որ աշխարհաբարը կը հոլովէ ամառ, ձմեռ, լեռ, դուռ, մատուռ բառերը՝ առանց «ն»-ի, որոնք պէտք է տան ամռան, ձմռան, դռան, լեռան, մատռան[2]: Սակայն ո՞ր արեւմտահայը մտիկ կ’ընէ անոնց: Մի՞թէ անոնք իրմէ աւելի գիտեն, որպէսզի ելլեն ու դաս տան: Քաւ լիցի: Աշխարհի վրայ մեզմէ աւելի լաւ գիտցող կա՞յ, կրնա՞յ ըլլալ: Բայց վերադառնանք մեր փարախը՝ մեր ոչխարներուն: *** Լեզուներու մէջ կայ թաքուն, անգիր օրէնք մը, որ յարատեւ կը գործէ եւ հետեւեալն է ան. երբ սխալ մը յամա՛ռօրէն ու մանաւանդ հա՛նրօրէն կը կըրկնուի, ահա այդ սխալը կ’ընկալուի իբրեւ ճիշդ, իբրեւ «նուիրական սխալ», իսկ երբեմնի ճիշդը՝ իբրեւ սխալ: Շարունակելէ առաջ՝ նորէն շատ մատչելի օրինակ մը տամ՝ առանց Ձեր թանկագին գլուխները ցաւցնելու «անիմաստ» բաներով: Մեր նոյն նախնիները կ’ըսէին՝ մեծացուցանել (մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր...): Այս հինգ վանկանի բայը դարերու ընթացքին մաշելով-մաշելով դարձած է, մեր մէջ՝ մեծցնել, արեւելահայերէնի մէջ՝ մեծացնել, այսինքն՝ երկու վանկ եւ բազմաթիւ հնչիւններ կորսուած են: Բայց ահա մեզի համար այլեւս ճիշդը այս վերջին՝ աղաւաղեալ ձեւն է, որուն տեսքէն Մեսրոպ պիտի սարսափէր, եթէ յանկարծ օր մը Օշականի գերեզմանէն դուրս գար եւ յօժարէր մտիկ ընել արդի հայու բերնին մէջ հազարաւոր այսպիսի «աղաւաղումներ», որոնց գումարը աշխարհաբար կը կոչուի: Թերեւս ալ կ’ընէ կոր...ո՞վ գիտէ, եւ որքա՜՜՜ն կը տառապի կոր խեղճը... Ողջերս օր մ’օրանց մտածա՞ծ ենք մեռեալներու ցաւին մասին: Ահա յիշեալ օրէնքի հիմամբ ալ նուիրականացած են զանց առնել, զանցառութիւն բառերը, հոն՝ ուր պէտք է ունենայինք զանց ընել, զանցարութիւն, քանի որ առնել (այսինքն՝ ընել) բային արմատը ար է. այս արմատին իրաւացիութեան կը Շարունակութիւնը էջ 26

[2] Արեւելահայերը այս ճիշդ ձեւով ալ կ’ուղղագրեն յիշեալ հինգ բառերը: Կը մնայ, որ արեւմտահայ խմբագիրը, մտաւորականը, քերականագէտը զիջի՜ն իրենց բարձունքներէն քիչ մը իջնել ու բան մը սորվիլ...արեւելահայէն: Անո՞նք մնացին մեզի ուղղագրութիւն սորվեցնող:


Հայ Կեանք

Էջ 26

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Քիչ մը լեզուաբանութիւն Շարունակութիւն էջ 25-էն

հանդիպինք անոր անցեալ կատարեալի խոնարհումի ատեն. արդարեւ առնել կու տար՝ արարիարարեր-արար[3]: Կը նկատէ՞ք, ռ-ի հետքն իսկ չկայ, իսկ բայի մը իսկական պատկերը, արմատական կառոյցն ու ուղղագրութիւնը անցեալ կատարեալի մէջ երեւան կ’ելլեն: Քանի մինչեւ այստեղ կարդացիք ու տոկացիք, օրինակ մըն ալ տամ՝ հաստատելու համար այս վերջին իրողութիւնը. բոլորս կ’ըսենք կը զարնեմկը զարնէի եւ այլն: Մտածա՞ծ էք երբեք կամ երբեմն, թէ ի՞նչ է այս բային արմատը: Կ’երգեմ-ին արմատը երգ է, աղէկ, կը զարնեմ-ին արմատը ի՞նչ է,– զա՞րն...: Ահա նման պարագաներու անոր կատարեալն է, որ կը լուսաբանէ մեզ, իսկ կատարեալը զարկիզարկիր-զարկաւ է...տեսա՞ք ինչպէս երեւան ելաւ զարնել-զարնեմ բային իսկական արմատը՝ զարկը: Կ’ըսենք՝ կ’ըլլամ-կ’ըլլաս-եղայ,– ուրեմն արմատը եղ է, եւ բային բուն պատմական ձեւը իրապէս ալ եղանիլ է: Գանք գրաբարեան առնել, աշխարհաբարեան ընել բային: Ասոնք նո՛յն բայն են: Երկրորդը առաջինին ձագուկն է, որ քիչ մը հեռացած է մօրմէն կամ այնպէս կը ձեւացնէ: Բայց ADN-ին քննութիւնը ամէն բան երեւան կը հանէ: Առնել տուած է նախ այնել, սա իր կարգին տուած է էնել, անել, հուսկ ապա ընել: Վերջընթերը կը կիրարկուի արեւելեան, իսկ վերջինը՝ արեւմտեան աշխարհաբարի մէջ: Կայ սակայն աւելի կարեւորը՝ կատարեալի մէջ ընել կու տայ՝ ըրի-ըրիր-ըրաւ՝ ր-ով, եւ ոչ թէ ըռիըռիր-ըռաւ՝ ռ-ով, այլ խօսքով՝ կը պահէ իր ծագումնաբանական «ր» հնչիւնը: Ճիփ ու ճիշդ առնել-ն ալ կը պահէր այդ ր-ն՝ արարի-արարեր-արար: Իսկ ո՞րն է այս բոլորին մայրը կամ մեծմայրը՝ հա՛ւը. ծանօ՞թ էք այս բառին: *** Շատ հեռաւոր անցեալին, գիրերու գիւտէն թերեւս հազարաւոր տարիներ առաջ, երբ տակաւին հայերէնը նոր-նոր կ’անջատուէր հնդեւրոպական մայր լեզուէն եւ ինքնուրոյն տուն-տեղ կ’ըլլար, ունեցած ենք արանել արտասանութեամբ բայ մը, որուն շեշտը կ’իյնար բառին սկիզբը՝ ա՛րանել: Լեզուներու մէջ կը գործէ մնայուն օրէնք մը. այն ձայնաւորը, որ չի շեշտուիր, վտանգուած է եւ կրնայ կորսուիլ: Մեր բային երկրորդ ձայնաւորը շեշտէ զուրկ մնալուն՝ կորսուած է, եւ այդպէս է որ ան դարձած է ա՛րնել: [3] Աշխարհաբարի առնել (to take, to got, prendre, saisir) բային դիմաց գրաբարը կ’ըսէր առնուլ, եւ կը խոնարհէր՝ առի-առեր-առ:

Եւ որովհետեւ «ն»-էն առաջ հայուն բերանը ռ կ’արտասանէ, ուստի ա՛րնել դարձած է ա՛ռնել: Սակայն, երբ ռ եւ ն կը հեռանան իրարմէ, առաջինը կը վերադառնայ իր բնիկ արտասանութեան, եւ առնել կու տայ արարի, արարք, մեծարել: Այս տուեալներու հիմամբ՝ մենք պէտք է ունենայինք զանցարել, զանցարու, զանցարում, զանցարութիւն եւ այլն: Սակայն մեր ռամիկին լեզուական հանճարը այդքան խոր չէ կրցած թափանցել, ոչ ալ անոր մտաւորականութեան (որ թերեւս պարզապէս ենթարկուած է կացութեան).... այլ մտածած է՝ քանի ունէինք եւ ունինք (՞՞՞) զանց առնել, ուրեմն նաեւ աներկբայօրէ՜՜՜ն պիտի ունենանք զանցառու-զանցառութիւն, զանցառում եւ նմանները՝ բոլո՛րը ռ-ով, որոնք այսպէս ալ նուիրականացած են: Հարցում՝ Պէտք կա՞յ ասոնք հիմա փոխելու: Ո՛չ, պէտք չկայ, սակայն լաւ է, որ երբեմներբեմն մտածենք այս բաներուն մասին, մտիկ ընել սորվինք, այլ նաեւ սորվինք փնտռել ճիշդը ու չկառչինք սխալներուն, մա՛նաւանդ նոր սխալներ չաւելցնենք եղածներուն վրայ: Այս սրբազան աւանդը արժանի է նման վերաբերումի:

Համշէնի մէջ գտնուող պատմական կամուրջը փլուզման վտանգի տակ է

Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Ռիզէ նահանգի (պատմական Համշէն) Չայելի շրջանի 300 տարուան պատմական կամուրջը փլուզման վտանգի տակ յայտնուած է, այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»ը՝ վկայակոչելով թրքական Arkeolojihaber.net կայքը: Յայտնի է, որ վերջերս շրջանին մէջ տեղի ունեցած ճանապարհներու շինարարական աշխատանքներու ժամանակ հողաբարձ մեքենաները վնասած են կամուրջին մէկ մասը: Բնակիչները ահազանգած են, որ ատիկա կրնայ պատմական կամուրջի ամբողջական փլուզման պատճառ դառնալ: Շատերը շեշտած են, որ դարեր շարունակ կանգուն մնացած ու բազմաթիւ ջրհեղեղներու դիմակալած կամուրջը իշխանութիւններու ձեռքով այժմ կրնայ ոչնչանալ:


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 27

ՄԵՆՔ ԵՒ ԱԶԳԻ ՀԱՐՑԸ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ Շարունակութիւն էջ 14-էն

ները:

շան դարձած մարդէն ետք, մեր օրերու համաշխարհայնացումն է: Բայց ոչ վերջինը, որ փակէ պատմութեան օղակը:

Ճառային «համաշխարհային ազգ» ըլլալու փուչիկը աճպարարութիւն է: Ազգը, գոյացման համար, կարիք ունի առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու համատեղ գոյութեան: Կան լեզուն եւ լայն առումով մշակոյթը, որոնք կ’ըլլան խօսող եւ անոնցմով ապրող ժողովուրդով: Բայց երբ ժողովուրդը կը տարտղնուի, կը նօսրանայ, անոր անդամները եւս կը նօսրանան: Հայկական համրանքը սփիւռք կացութեան հետեւանքով ենթակայ է մաշումի, քանի որ, հեռանալով առարկայական ենթահողէ, չի կրնար պահել ենթակայական ազդակները, լեզուն եւ մշակոյթը: Հետեւաբար անշրջանցելի է առարկայական ազդակը, հողհայրենիքը, ուր լեզուն եւ մշակոյթը բնական կերպով կրնան աճիլ, ինքնութիւն կը պահեն եւ կը դիմադրեն համաշխարհայնացման յորձանքին: Այս ըմբռնումով սփիւռք-ազգը միշտ վտանգուած է: Թէ սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութիւն պէտք է պահել՝ պահելու համար համրանքը, վէճի առարկայ չէ, բայց երբեք մէկդի պէտք չէ դնել իրատեսութիւնը: Պարզ պէտք է ըլլայ իմաստութիւնը. Սփիւռքը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ: Զայն պէտք է պահել ազգային ինքնուրոյնութեամբ՝ վերադարձի համար: Այս ինչո՞ւն է, իսկ որոշ չէ ինչպէ՞սը:

Բայց ոչ ոք կը լքէ ժողովուրդ, ազգ, պետութիւն, երկիր եւ հայրենիք բառերը եւ անոնց հետ եկող ըմբռնումները: Նոյնիսկ Խորհրդային Միութիւնը, երկրորդ աշխարհամարտին, չվարանեցաւ խօսելու հայրենական պատերազմի մասին: Որպէս մարդ եւ որպէս հայ, համագումար քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, գիտական եւ հաղորդակցական դանդաղ կամ արագ հոլովոյթի իրարանցումին մէջ, ցարդ որպէս ՀԱՅ ԱԶԳ ըմբռնուած հաւաքականութիւնը ի՞նչ պատկեր(ներ) կը ներկայացնէ: Ան անցեալի շարունակութի՞ւն է, պիտի դադրի՞ շարունակութիւն ըլլալէ, եւ պիտի ըլլա՞յ նորի սկիզբ: Այս հարցումին հայերը, Հայաստան եւ սփիւռք (ներ), կու տան իրենց կացութենէն մեկնած պատասխաններ: Եթէ ընկերաբանական գիտական խոյզեր (enquêtes sociologiques) կատարուէին, եթէ միջոցները ունենայինք այդ ընելու, չբաւարարուէինք գաղափարաբանական եւ ենթակայական դասական դարձած տարազումներով, պիտի տեսնէինք, որ ՀԱՅ ԱԶԳ բնորոշումը կը ներկայացնէ խայտաբղէտ հաւաքականութիւններ եւ տեսակէտներ, կենցաղի, լեզուի, մշակոյթի, բարքերու, հեռանկարներու: Առանձնացնենք լեզուի պարագան՝ որպէս օրինակ: Բենիամին Թաշեան «Դեգերումներ Տիրոջ Այգիին մէջ» գիրքի էջերուն վրայ, (գիրք՝ որ դեռ չէ սպառած եւ կարելի է գտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրախանութը), կը խօսի քրտական առածի մը մասին, զոր կարդացած է օրացոյցի թերթիկի մը վրայ, որ կ’ըսէ, թէ իմ լեզուս խօսող օտարը աւելի մօտ է ինծի քան ցեղակիցս որ չի խօսիր իմ լեզուս: Եւ տխրութեամբ կ’աւելցնէ, որ այդ իմաստութիւնը ինք պիտի սորվէր քիւրտերէն… Արդարեւ, լեզուին խորթացած ազգի հատուածները կը կորսնցնեն հարազատութիւնը: Ֆրանսացի իմաստասէր մը կ’ըսէ՝ «բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն», այսինքն լեզուի շաղախով կը ստեղծուի տուեալ հաւաքականութեան մը մէկութիւնը: Իսկ զիս ամենէն աւելի տպաւորած է ԺԷ դարու ֆրանսացի ծիրանաւորի մը խօսքը, որ վանդակի մէջ եղող կապիկ մը երկարօրէն դիտելէ ետք, կ’ըսէ. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»… Լեզուն մարդուն պատկանելիութեան անցագիրն է: Յաճախ կըրկնուող «զգացումով հայ ըլլալ»ը, առանց լեզուի դրոշմի, ենթակայական սահմաններէ դուրս չի գար, կը մնայ ընդհանրապէս «տուրիստական» հետաքըրքրութիւն, միշտ յարգելով յանձնառու բացառութիւն-

Ազգի գոյատեւման երաշխաւորը հող-հայրենիքն է, իր տնտեսութեամբ եւ ան է որ կարելի կը դարձնէ ինքնուրոյնութիւնը՝ համախումբ կեանքով: Այս բնական ընտրանք է: Այսօր պարզ է, որ սփիւռքեան հատուածները բազմալեզու են, հայերէնի տեղատուութեան յառաջացուցած ապակայունացման հետեւանքով, անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնները միշտ քիչ մը աւելի պիտի դժուարանան, եթէ հետզհետէ չշեշտուի համաշխարհայնացումը կրող անգլերէնի տարածումը ամէնուրեք, նաեւ Հայաստանի մէջ, բռնելով ոմանց երազած մէկ պետութիւն, մէկ կառավարում եւ մէկ մարդկութիւն ճամբան: Այսինքն՝ անհետացումը ազգերու: Բնութիւնը որպէս այդպիսին, եւ մարդը որպէս բնութեան արարած, կրնա՞յ ենթարկուիլ, եւ կ’ընդունի՞ ենթարկուիլ այդ միօրինականցման: Բանաստեղծ մը (Boileau) ըսած էր, «արտաքսեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:

ՍՓԻՒՌՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Կրկնենք. մօտաւոր ճշգրտութեամբ անգամ պատկերացում չունինք սփիւռք(ներ)ի համրանքի, այդ համրանքի մէջ պահուած ինքնութեան եւ ակընկալելի յանձնառութեան տոկոսի մասին: Միշտ պէտք Շարունակութիւնը էջ 28


Հայ Կեանք

Էջ 28

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

ՄԵՆՔ ԵՒ ԱԶԳԻ ՀԱՐՑԸ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ Շարունակութիւն էջ 27-էն

է ընդգծել, որ մարդոց եւ ազգի մը համար սփիւռքը անբնական կացութիւն մըն է, որ կ’առաջնորդէ փոփոխութեան, որուն համար կը գործածուին զանազան բառեր. պատշաճեցում, համարկում, մերուում եւ հուսկ՝ ձուլում, անհետացում, օտարում եւ այլասերում: Սփիւռքի ազգային ինքնուրոյնութեամբ գոյատեւման համար համահայկական ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն չունինք, այդ չունի հայրենի պետութիւնը, չունին սփիւռքները: Ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի միշտ մասնակի է, ցաւի դէմ homéopathique դարմաններ, եթէ դեռ placebo չեն: Եթէ չենք յաջողիր, որ սփիւռքածին իւրաքանչիւր հայ տղայ եւ աղջիկ հայկական վարժարան յաճախելու պատեհութիւն ունենայ, եթէ զէնքեր վար կը դնենք եւ դպրոցներ կը փակենք, եթէ մարդորսական պատճառաբանութիւններով լրատուամիջոցները կը դառնան օտարալեզու, մասնակից եւ մեղսակից կ’ըլլանք սփիւռքի համրանքի աստիճանական այլասերման: Նախորդող սերունդի մարդիկ, պարզ բանաձեւումով կ’ըսէին՝ ճերմակ ջարդ: Բարի ցանկութեամբ եղած յայտարարութիւնները Սփիւռքը պահելու միտող կազմակերպուածութեան մասին, հանդիսութիւններու բեմերէն վար չեն իջներ, առարկայ չեն համահայկական վերաբերումի: Հայաստանի համար երբ կարելի է տասնեակ միլիոնաւոր տոլար հաւաքել, եւ այդ պէտք է ընել, ինչո՞ւ այդ պէտք չէ ընել ազգի աւելի քան կէս համրանքի ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան համար: Այս ուղղութեամբ, կրկնենք, ոչ համահայկական ծրագրում կայ ոչ ալ միջոցներ: Կարծէք կը ծանծաղինք, քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս, թաղայինի եւ բարեսիրականի թափառումներուն մէջ: Չկայ նոյնիսկ հայրենադարձութեան ծրագրում: Բայց կան գէթ դեռ ներկայ ամբոխները զուարճացնող հրավառութիւններ: Բայց բացակայ ամբոխները ո՞ւր գտնել…

ՉԵԶՐԱԿԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հարցերը կան: Անոնց լուծումները ազգը պիտի գտնէ եւ իրականացնէ, որոնք դուրսէն պիտի չգան: Բայց պէտք է հասկնալ նաեւ, որ մեր բարդ եւ մաշեցնող կացութեան մէջ, ոգեշնչող ճառերը, սիրողականի մակարդակին էսթէպլիշմընթի ինքնարդարացման ծառայող աղմկարարութիւնը եւ միշտ սպասուող լուծումները ոչինչ կրնան փրկել, ոչ մէկ ապագայ կը պատրաստեն: Հայաստան եւ Արցախ վաղ թէ ուշ պիտի յաղթեն իրենց դժուարութիւնները: Անոնք պետութիւն են: Ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին սփիւռքներու

հարազատութեամբ գոյատեւման խնդիրները: Խնդիրները՝ ազգի աւելի քան կէսին, որ պատմութեան բեմին վրայ մնալու, չանհետանալու տեսական կարողականութիւն է (potentiel), որ այսօր կարծէք ինքզինք սահմանած է միայն Հայաստանի նկատմամբ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեան: Տեղ մը օրակա՞րգ է սփիւռքը՝ որպէս հայրենահանուած ազգի հատուած 2100-ին, երբ այսօր երթեւեկողները եւ աղմկողները այլեւս պիտի չըլլան: Հարցում էր… Որո՞ւ ուղղուած…:

Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնը 776․000 տոլարի ծախուեցաւ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ականաւոր հայ նկարիչ Այվազովսքիի ստեղծագործութիւններէն մէկը Լոնտոնի մէջ, 26 Նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին վաճառուեցաւ 609․000 բրիտանական փաունտի (մօտաւորապէս՝ 776․000 տոլար)։ Աճուրդը կազմակերպուած էր նշանաւոր «Քրիսթիզ» հաստատութեան կողմէ։ Այս վաճառքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր արուեստասէրներու աշխարհին մէջ։ Այվազովսքիի կողմէ 1873ին ստեղծուած նկարը կը կոչուի «Մայրամուտ Վենետիկի Մէջ»։ Անիկա մինչ այդ մաս կը կազմէր Ճան Քլուկի հաւաքածոյին։ Նշեալ աճուրդին ընթացքին վաճառքի հանուած Այվազովսքիի նկարը այդ աճուրդին երկրորդ ամէնէն սուղ ստեղծագործութիւնն էր, իսկ առաջինն էր Նիքոլա ցարի ժամանակաշրջանէն մնացած յախճապակեայ ծաղկաման մը։

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 29

Վերջին հրաժեշտ ընկ. Հրայր Հովիւեանին. Դամբանական խօսք Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կորսնցուցին իրենց հաւատաւոր ղեկավար անդամներէն՝ փրոֆ․ ընկ․ Հրայր Հովիւեանը, որ անժամանակ իր մահկանացուն կնքեց յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Ընկ․ Հովիւեան ծնած է Պէյրութ 1955-ին եւ եղած է գործօն անդամ, վարչական ու ղեկավար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան կառոյցներուն մէջ։ Հանգուցեալ ընկերոջ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2018-ին ներկայութեամբ սգակիր հարազատներու ու մեծաթիւ բարեկամներու, հաւատարիմ ընկերներու, գործակիցներու եւ ուսանող աշակերտներու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք դամբանական խօսքը, արտասանուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանի կողմէ։ «ՀԿ» Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ, Հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի ընկեր Հրայրին, որ անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով ոչ եւս է այսօր: Գիտենք, որ կեանքին պէս հին է մահը, միա­ սին են անոնք ու զուգահեռ ընթացքով, բայց դար­ ձեալ դժուար է հաշտուիլ անոր հետ: Միշտ տխուր ենք ու անմխիթար՝ մահուան դիմաց: Մեր հոգին կը ճմլուի երբ անվերադարձ մեկնողը մեր սիրելի՛ն է, սրտակի՛ցը, գործակի՛ցը ու հարազա՛տը: Մանաւանդ երբ մեզմէ յաւէտ բաժնուողը ընկեր Հրայր Հովիւեանն է: Պայքարի մարդ էր ընկ. Հրայրը բառին իսկական ու խորունկ իմաստով: Ան պայքարեցաւ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն բարին ու ճիշդը պաշտպանելով: Ան միեւնոյն հաստատակամութեամբ պայքարեցաւ իր հիւանդութեան դէմ ու շրջանցեց շատ մը դժուար, աներեւակայելիօրէն շա՜տ դժուար հանգրուաններ: Սակայն պատահեցաւ երեւի անխուսափելին: Իր կողքին միշտ պայքարած եւ պայքարող իր ազնիւ տիկնոջ՝ մեր սիրելի տիկին Մարալին վերջին շաբաթներու օրական «Հրայրին վիճակը կայուն է» հեռախօսային նամակները կը սփոփէին եւ որոշ յոյս մը կը ներշնչէին մեզի: Սակայն այդ նամակները օրը օրին աւելի վերապահ կը դառնային հետեւաբար մտահոգիչ, որոնցմէ վերջինը եղաւ «հաշուեյարդար 48 ժամ» եւ այսպէս 48 ժամն ալ չամբողջացուցած մեկնեցաւ ընկ. Հրայրը, որքան սպասելի՝ այնքան անակնկալ:

Երեւի նման անակնկալ կորուստներ պատճառ կ՛ըլլան, որ յանկարծ անդրադառնանք, թէ մեր կողքին տասնամեակներ շարունակ ունէինք բարեկամ մը, ընկեր մը, հարազատ մը, որ այսպէս, յանկարծ լուռ հրաժեշտ կու տայ մեզի, մինչդեռ մենք կը կարծէինք, որ վերջնական բաժանումի պահը դեռ հեռու է։ Եւ մենք, մնացողներս, կը սկսինք մտածել, թէ ինչպէ՞ս գրուած էր այս մարդուն կեանքի գիրքը, ինչպիսի ծառայութիւններով հարստացած էր անոր կեանքը, եւ ահա այդ հարստութիւնը ժառանգ կը մնայ մեզի։ Այսօր, այստեղ անզօր ենք սակայն իբրեւ յար­ գանքի արտայայտութիւն՝ քանի մը պարբերութիւն­ ներով դամբանական խօսքի մը մէջ խտացնելու մեզ­ մէ առ յաւէտ հեռացող մեր ազնիւ ընկերոջ բարե­ մասնութիւնները: Հրայր Հովիւեան մարդուն եւ ընկերոջ բարեմասնութիւնները…: Ո՞վ չի գիտեր զանոնք, ո՞ր բարեմասնութեան վրայ առաւել շեշտը դնել…այնքան շատ են անոնք ու իրական, մէկը միւսէն գերազանց: Պիտի չմտնեմ ընկեր Հրայր Հովիւեանի կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն մէջ (այդ մասին արդէն յուղարկաւորութեան արարողութեան պահուն Սրբազան հայրը հանգամանօրէն անդրադարձուեցաւ քիչ առաջ), այլ պիտի փորձեմ կանգ առնել կարգ մը գիծերու վրայ, որոնք կազմեցին ընկ. Հրայրին անհատականութիւնը, ծառայութիւնները, հաւատքն ու նուիրումը իր ազգին, ընտանիքին ու հայրենիքին։ Հրայր Հովիւեան Հայրենասէր Գաղափարական Ընկերը Անկոտրում հայրենասէր մըն էր ընկ. Հրայրը: Ան կանուխ տարիքէն ընտրած էր իր ազգին, եկեղեցիին եւ սիրեցեալ հայրենիքին ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջոցով: ԱնդամաՇարունակութիւնը էջ 30


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Վերջին հրաժեշտ ընկ. Հրայր Հովիւեանին. Դամբանական խօսք Շարունակութիւն էջ 29-էն

գրուելով ՌԱԿին ան որպէս շարքային գործելու եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու բոլոր հանգրուաններէն ալ անցաւ եւ զանոնք արժանաւորապէս եւ մեծ բծախնդրութեամբ կատարեց՝ ՌԱԿ Մ. Փորթուգալեան ուսանողական ակումբի շարքերէն մինչեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան կարեւոր եւ պատասխանատու իր պաշտօններուն ընդմէջէն: Ընկ. Հրայրը այն ընկերներէն էր որուն համար Կուսակցութեան եւ Միութեան շահերը վեր էին ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ: Օրինապահ էր ան ծայրայեղութեան աստիճան: Խիստ էր ան այն անձերու նկատմամբ որ Կուսակցութեան վարկը կը համարձակէին խաթարել: Սիրելին էր ան սակայն բոլորին եւ ընդունուած ու յարգուած էր, թէ բարեկամներուն, եւ թէ մրցակիցներուն կամ հակառակորդներուն կողմէ: Մտաւորական հակումներ ունէր ընկեր Հրայր: Իր ակադեմական աշխատանքներուն զուգահեռ ան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր հայ գիրին ու լեզուին նկատմամբ ու նախանձախնդիր էր անոր տարածմամբ: Ան այս նպատակին համար ոչ ժամանակ կը խնայէր ոչ ալ նիւթական: Անձնական վկայութեամբ դրուագ մը միայն այստեղ պատմեմ, շատ նոր պատահած, որ առիթը չունեցայ նոյնիսկ պատմելու իր կողակիցին: «Զարթօնք»ի Մատենաշար մը հաստատելու ծրագրով հրատարակութիւն մը ունէինք տպարան ղրկելիք, որուն համար եւ նման ծրագիրներու հանդէպ հաւաքական պատասխանատուութեամբ մօտենալու ճիգով հանգանակութիւն մը կազմակերպած էինք: Ընկեր Հրայր դէպի Հայաստան իր վերջին ուղեւորութեան ընթացքին օդակայանը կարդացած էր այս մասին: Ան առանց նոյնիսկ իրեն դիմուելու, օդակայանի անյարմար պայմաններուն մէջ զանգեց ինծի, քաջալերական խօսքեր փոխանցեց եւ պատուիրեց, որ գիրքին հրատարակման սատարողներուն մէջ զինք բացակայ չգրեմ…: Գիրքը հրատարակուեցաւ երբ ինք անզգօն հիւանդանոցը անկողինին կը ծառայէր: Ան չիմացաւ անոր հրատարակման մասին: Չտեսաւ գիրքը: Ես գիրքին իր օրինակը յաջորդող օրերուն իր կողակիցին եւ զաւակներուն կը փոխանցեմ անպայման: Հրայր Հովիւեան, որքան հպարտ էր խորհըրդային Հայաստանի իրագործումներով նոյնքան հպարտ էր անոր անկախութեամբ ու հոն ժողովըրդավարական կարգերու հաստատումով: Ան որքան խանդավառութեամբ կը հետեւէր Հայրենիքի մէջ այսօր կատարուած փոփոխութիւններուն, նոյնքան մտահոգ էր անոր կայունութեամբ եւ ապագայով: Կը

մնայ ամփոփել ընկեր Հրայրի հզօր հայրենասիրութիւնը այստեղ յիշելով, որ ան իր կողակիցին հետ իրենց հաստահատոր դուստրերուն համար ընտրած են Դուին եւ Լոռի հայաշունչ անունները, որ շատ բան կ՛ըսեն այս ուղղութեամբ: Հրայր Հովիւեան Սկզբունքային Մարդը Սկզբունքային էր ընկեր Հրայրը բառին ամենախիստ իմաստով: Ան, որքան անզիջող էր սկըզբունքային հարցերու շուրջ, այնքան հանդուրժող եւ մեծահոգի էր զինք հակաճառողներուն նկատմամբ: Իր բոլոր գաղափարներուն ու վերլուծումներուն հիմքը կը կազմէին սկզբունքային մօտեցումը, որ մարդկային վեհ ու մնայուն արժէք մըն է, որմով շեշտուած էր ընկեր Հրայր եւ որուն համար ան յարգուած էր իր աշակերտներէն, ընկերներէն եւ շրջապատէն: Կարելի էր չհամաձայնիլ իր հետ, բայց կարելի չէր նկատի չունենալ հարցերու իր ընկալումն ու վերլուծելու իւրայատուկ ձեւը: Ընկ. Հրայր, ազնուական ոգիդ ու պատուա­ ւոր անունդ կը թողուս մեզի: Գաղափարի նուիրուա­ ծութիւնդ եւ պարկեշտօրէն գործելու վարքդ որպէս ուղեգիծ պիտի ծառայեն մնացորդացիս: Յաւերժին երթդ ու յաւիտենական հանգիստդ անխռով թող ըլլայ ու հողը թեթեւ ըլլայ վրադ՝ գաղափարի ազնի՛ւ ընկեր ու սրտակի՛ց բարեկամ…: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարի ընկերները եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքը կը բաժնեն սուգը ձեր եւ բոլոր հարազատներուն հետ սիրելի Մարալ, Դուին եւ Լոռի: Իսկ դուք սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ երկա՜ր ապրեցէք, եր­ կա՜ր յիշեցէք մեր սիրելի Հրայրին…:

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Փոխան դամբանականի. Հրաժեշտի խօսք կրտսեր եղբօրս՝ Գէորգ Քէշիշեանին

Էջ 31

Ոչ եւս է Տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան

ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ Սիրելի Սէսիլ, Ալեք, Ալին եւ Քիթհ, Օր մը Յիսուս Երուսաղէմի մէկ փողոցին մէջ կը տեսնէ, թէ մէկը ապտակ մը կը զարնէ ուրիշի մը երեսին, իսկ միւսը փոխանակ բռունցքով մը հակադարձելու, միւս երեսը կը ներկայացնէ։ Այս զարմանալի, այլեւ իմաստալից օրինակով ան կը պատգամէ. «Ով որ ծնօտիդ կը զարնէ, միւսն ալ դարձուր իրեն»: Ո՛չ Նազովրեցին, ո՛չ ալ յետագային Ղուկաս Առաքեալ չեն տար այդ իւրայատուկ անձին անունը, այլ այս պատկերը կը նշեն որպէս խորհրդանիշ անոխակալութեան, ներողամտութեան, հեզութեան։ Նոր Կտակարանը չի տար այդ անձին անունը, բայց մենք վստահօրէն գիտենք, թէ ո՛վ էր ան. այդ անձը կը կոչուէր Գէորգ Քէշիշեան, մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ։ Թող սխալ չհասկցուի։ Ասիկա ենթակային կողմէ տկարութեան կամ վեհերոտութեան նշան մը չէ, ոչ ալ գիտակցութեան եւ կամքի տկարութեան արտայայտութիւն։ Ընդհակառակը՝ նկարագրի բարձրութեան երեւոյթ մըն է ան, խաղաղասիրութիւն, հարցերը ներողամտաբար կարգադրելու ցանկութիւն, անյիշաչար հոգիի իսկական վեհութիւն։ Ահա այդպէս ճանչցած եմ Գէորգը առաջին օրէն, երբ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք Հալէպէն Պէյրութ եկաւ Բժշկական համալսարանի մէջ շարունակելու համար իր ուսումը։ Եւ առաջին օրէն իսկ մաս կազմեց մեր ընտանիքին, այնքան որ մայրս զինք նկատեց իր երկրորդ մանչ զաւակը, անբաժան մեզմէ: Տարիներու վերիվայրումները, կեանքի փորձառութիւնները, մինչեւ իսկ փայլուն յաջողութիւնները ոչինչ կրցան փոխել Գէորգին ընկերութեան եւ մարդոց հանդէպ այդ հիանալի, չըսելու համար երբեմն ինծի համար քիչ մը զարմանալի կեցուածքէն: Իր գործունէութեան ընթացքին պատահած է, որ ան շարունակէ բարեւել, ձեռքը թօթուել եւ նոյնիսկ գործակցիլ զինք չարախօսող այպանելի ոմանց հետ՝ ինծի բացատրելով, թէ պէտք է ձգել, որ նման ժըխտական հոգիով մարդիկ իրենք անդրադառնան իրենց վանողական արտայայտութեանց եւ ինքնաբերաբար սրբագրուին։ Իրեն կ’ըսէի, թէ ինք սուրբ մըն է սատանաներու միջեւ, երկուստեք անփոփոխելի: Կը հաւատար դրական աշխատանքին, անշահախնդիր նուիրումին։ Այսպէս բոլորեց իր ամբողջ կեանքը ազգային-ընկերային գետնի վրայ՝ առաջին օրէն ցոյց տալով հանրային ձեռներէց ոգի մը, երբ 14 տարեկանին Հալէպի մէջ կը հիմնէր Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը։ Ա՛յս էր Գէորգ Քէշիշեանը. նախաձեռնել եւ Շարունակութիւնը էջ 32

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր պատուոյ անդամ` ՏՈՔԹ. ԳԷՈՐԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ 16 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ:

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ Յարգարժան ատենապետ եւ անդամներ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ․ վարչութեան Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, Սրտի դառն կսկիծով ստացանք մահուան գոյժը գաղափարի նուիրեալ, խիզախ եւ հաւատաւոր ազգային-մտաւորական ընկ․ Տոքթ Գէորգ Քէշիշեանի։ Հոգեհարազատ Տոքթ Քէշիշեանի մեկնումով լոսանճելըսահայ համայնքը մասնաւորաբար եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ընդհանրապէս կը կորսնցնեն ազգային խոր եւ աներեր գաղափարներու տէր, առաքինի երախտաւոր մը, որ վեց տասնամեակներէ աւելի ծառայեց ի նպաստ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն։ Այս տխուր առիթով կը խնդրենք, որ ընդունիք ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ամբողջ անդամակցութեան ցաւակցական անկեղծ զգացումները, զանոնք փոխանցելու համար նաեւ մեր ընկերոջ կողակիցին՝ Սէսիլին, զաւակներուն՝ Ալեքին եւ Ալինին եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Տոքթ Գէորգ Քէշիշեանի հոգին թող միշտ ըլլայ լուսաշող անոր յիշատակը տեւապէս պիտի մնայ անթառամ բոլոր զինք ճանչցողներուն սիրտերուն մէջ։

Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ


Էջ 32

Հայ Կեանք

ՃԻՄ ՉԱՆԳԱԼԵԱՆ Շարունակութիւն էջ 24-էն

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Փոխան դամբանականի. Հրաժեշտի խօսք կրտսեր եղբօրս՝ Գէորգ Քէշիշեանին Շարունակութիւն էջ 31-էն

Անդրանիկի, Եկարեանի, Եաղուպեանի նման փորձառու հերոսներու համախմբումով։ Բայց տարբեր էր դիտաւորութիւնը դաշնակից պետութիւններուն։ Անոնք կը դիմեն զանազան միջոցներու, արգիլելու համար Անդրանիկի, Եկարեանի եւ ուրիշներուն մուտքը Կիլիկիա։ Չանգալեան համոզուած ըլլալով, որ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութիւն մը ունենալու ծրագիրը պիտի մնայ անիրագործելի, յուսախաբ, կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ՝ հայ ազատագրական պայքարի եւ Առաջին Աշխարհամարտի պատմութեան մէջ արձանագրելով փայլուն էջեր։

ծառայել առանց ակնկալութեան, օգտակար ըլլալ առանց ցուցամոլութեան, պատասխանատու պաշտօններու տիրանալ առանց սոնքալու։ Բայց կը թուի նաեւ, թէ մեր ընկերութիւնը – ըլլայ բարեգործական, մշակութային թէ եկեղեցական – չի գիտեր եւ չ’ուզեր գործնապէս գնահատել կամ պատուել խոնարհամըտութեամբ ծառայող վաստակաւորը, երբ ան՝ ընկերութիւնը, այնքան ալ ժլատ չէ շքանշաններ բաշխելու եւ պարբերաբար հանդէսներ կազմակերպելու ի մեծարանք իր անդամներուն։ Գէորգին մեծագոյն շքանշանը եղաւ շքանշան չունենալը, առանց նոյնիսկ որ իրեն նուիրուի գնահատանքի յոբելենական հանդիսութիւն մը իր գրեթէ 70-ամեայ բոլորանուէր ծառայութեան ընթացքին։ Գիտէ, որ իր անխառն երջանկութիւնը եղաւ իր ընտանիքը, Սէսիլը, որ իր կինն էր, իր աջակիցը եւ պահապանը մինչեւ իր վերջին ժամը, իր շքանշանները եղան երկու զաւակները՝ Ալեքը եւ Ալինը՝ հանրածանօթ ամերիկեան ֆիլմաշխարհի հասարակութեան, որոնցմով ինք այնքան եւ արդարօրէն հպարտ էր, իր փեսան՝ Քիթհը, եւ երկու հայախօս թոռնիկները։ Անոնք կը կորսնցնեն բացառիկ ամուսին մը, հայր մը եւ մեծ հայր մը, իսկ ես, որ կը բաժնեմ ընտանեկան սուգը եւ որ այսօր կրկնապէս տխուր եմ անկարող ըլլալով ներկայ գտնուելու վերջին հրաժեշտի արարողութեան՝ անփոխարինելի կրտսեր եղբայր մը: Ցտեսութիւն, Գէորգ։ Մեր կեանքի բնական ընթացքով օր մը դարձեալ բոլորս խմբովին պիտի հաւաքուինք, այս անգամ յաւիտեան։ Պոսթոն

Յետագային, Չանգալեան որպէս առաջնորդ դէմքերէն մին Ամերիկայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, կը շրջի բոլոր հայաշատ քաղաքները, յատկապէս Քալիֆորնիայի գաղութները, կազմակերպելու համար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ի նպաստ դրամահաւաքի աշխատանքները։ Աւելի մեծ թափ տալու համար իր հայրենանըպաստ աշխատանքներուն, Չանգալեան մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդի կազմութեան եւ կը վարէ անոր ատենապետութիւնը։ Ան կը դառնայ նաեւ առաջին ատենապետը ՀԲԸՄ-ի Ամերիկայի Կեդրոնական Յանձնաժողովին, եւ իր ժամանակէն եւ ծառայութիւններէն բաժին կը հանէ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ։ Զինուորական արտակարգ հմտութեամբ օժտուած այս մեծ հայրենասէրը, 10 Մայիս 1947-ին

աչքերը կը փակէ Նիւ Ճըրզիի մէջ, ետին ձգելով անմոռանալի եւ ազգային զոհողութիւններու մեծ աւանդ մը։ «ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Նոր հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ  Աբրահամեան Աբէլ ծայրագոյն վարդապետ, «Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ հաւատքը», «Դասական վերահրատարակութիւններ» մատենաշար, Ա. Մ. Ն., Փետրուար 2018, 100 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (վերահրատարակութիւն Լոնտոնի հայոց երբեմնի հոգեւոր հովիւի` 1920-ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած գիրքին) (անգլերէն):  Աշգարեան Մակար Եպս., «Յովհաննէս Առաքեալի երեք Ընդհանրական նամակները. Բացատրողական սերտողութիւն», Թեհրան, 2018, 240 էջ (17 x 24 սմ.) (նամակներուն բացատրութիւնը սուրբգրային եւ Եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններու մէջբերումներով):  Գալայճեան Յարութիւն, «Միլիոնէն մէկը – Ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը», խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Անդրանիկ Տագէսեան, «Զարթօնք» օրաթերթի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2018, 144 էջ (17 x 24 սմ.):  Եասքովսքի Սթանիսլաւ, Քոլոծիեյչուք Տարիուշ եւ Մնացականեան Փիրուզ (կազմողներ), «Լեհաստան-Լիթուանիա Հասարակապետութեան յարաբերութիւնները Սեֆեան Իրանի եւ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հետ` դիւանական փաստաթուղթերու լոյսին տակ», խմբագիր եւ ներածականի հեղինակ` Տարիուշ Քոլոծիեյչուք, վերստուգող խմբագիր եւ սրբագրիչ` Էվելինա Սոլարեք, հրատարակիչ`-Պատմական փաստաթուղթերու կեդրոնական արխիւ, Վարշաւա, 2017, 374 էջ (17 x 24 սմ.) (18 լեհերէն, պարսկերէն կամ հայերէն գրաբար փաստաթուղթ, անոնց լեհերէն ու անգլերէն թարգմանութիւնները, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ եւ ծանօթագրութեանց աղբիւրներու ցանկ, փաստաթուղթերու գունաւոր լուսանկարներ) (ներածականը եւ ծանօթագրութիւնները` միայն լեհերէն):  Եսայեան Զապէլ, «Վերջին բաժակը», հայերէնէ թարգմանեց Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 120 էջ (13 x 19,5 սմ.) (վիպակ) (թրքերէն):  Իզրաիլ Նեսիմ Օվատիա, «Շահինեանները օսմանեան եւ թրքական թատրոնին մէջ», BGST հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 271 էջ (14,7 x 21,5 սմ.) (այս ընտանիքին աւանդը թրքա-

Էջ 33

կան թատրոնին) (թրքերէն):  Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», գիրք Է., «Փոխան յառաջաբանի»ի հեղինակ` Արթուր Անդրանիկեան, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 281 էջ (16,7 x 23,8 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու` 20 տարբեր հատորներու մէջ լոյս տեսած վկայութիւններու ամփոփումներու հաւաքածոյ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):  Ծառուկեան Անդրանիկ, «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ», վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2018:  Հաճեան Յովհաննէս աւագ քահանայ, «Հայոց տաժանքի ճամբաներով», Ա. եւ Բ. հատոր, Թեհրան, 2018 (իրանահայութեան 20-րդ դարու պատմութեան մէջ զգալի դեր կատարած քահանայ հօր յուշերը 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութենէն, Պարսկաստան անցումը, Թաւրիզի ու Թեհրանի մէջ գործունէութիւնը): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծնունդի 100-ամեակին առթիւ: Բ. հատորի մեկենասն է Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը` ի յիշատակ 27 Յուլիս 1983-ին Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ նահատակներուն:  «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարանը», պատրաստութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի (Մեղրիկ եպս. Բարիքեան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2018, 410 էջ: Երգարանը ի յիշատակ իր ամուսնոյն` Երուանդ Չաթալպաշեանի հրատարակել տուած է տիկին Վիգի Չաթալպաշեանը:  Հարպոյեան Կարպիս, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018, 217 էջ (բժշկական մարզի նահատակուած, ժանտախտէ մահացած եւ վերապրած աշխատողներու կենսագրութիւններ): Մեկենաս` Լոս Անճելոսի «Արարատ» տան Էսքիճեան թանգարան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր ծնողներուն` Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններու յիշատակին:  Մինասեան-Փիրումեան Ռուպինա, «Սթալինեան ԿՈՒԼԱԿ-էն վերապրող խիզախ եւ հաստատակամ մարդ մը` հայրս», անգլերէնի թարգմանող եւ հրատարակիչ` Ռուպինա ՄինասեանՓիրումեան, Լոս Անճելըս, 2017 [2018], 257 էջ (խըմբագիր, մանկավարժ, Հ. Յ. Դ.ի գործիչ Բաղդիկ (Բաղդասար) -Մինասեանի (1903-1976) յուշերը խորհրդային գրաւման բանակին կողմէ Թաւրիզի մէջ իր առեւանգման, Երեւանի մէջ հարցաքննութեան, տաժանակիր աշխատանքի դատապարտութեան, 1944-էն 1954 Սիպերիոյ մէջ աքսորի մասին, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ) (անգլերէն): Հեղինակը հատորը նուիրած է իր հօր եւ «սթալիՇարունակութիւնը էջ 34


Էջ 34

Հայ Կեանք

Նոր հրատարակութիւններ Շարունակութիւն էջ 33-էն

նեան ԿՈՒԼԱԿ-ի բոլոր զոհերու յիշատակին»:  «Յառաջ. Միտք եւ արուեստ 1976-1987 – Գրական եւ վերլուծական էջեր», պատրաստեց` Արփի Թոթոյեան, խմբագիր` Գրիգոր Պըլտեան, «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆո» եւ «Անտարես» հրատարակչութիւններու համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 681 էջ (13,3 x 20,7 սմ.) (առաջին ծաղկաքաղը Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի ամսական նոյնանուն յաւելուածի նիւթերէն): «Գիրքը լոյս է տեսել Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հովանաւորութեամբ» եւ նուիրուած է «Յառաջ»ի 52-ամեայ խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի (1926-2015) յիշատակին:  Նաշ-Մարշալ Շվոն, «Հայրերի մեղքը – Թուրքերի մերժողականութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը», թարգմանութիւն անգլերէնէ հայերէն, Ստեփանակերտ, 2018 (1856-1923 ժամանակաշրջանին Օսմանեան կայսրութեան հայոց, յոյներու, ասորիներու եւ ուրիշ ազգերու ցեղասպանութեանց մասին): Գիրքը հրատարակուած է Արցախի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով:  Պալաքեան Գրիգորիս եպս., «Հայ Գողգոթան», Ա. եւ Բ. հատորներ` մէկ կողքի տակ, հայերէնէ թարգմանեց Հրաչ Պետրոսեան, վերահրատարակութիւն, հրատարակիչ` Կովկասեան գրութիւններու շրջանակ, Լա Ֆորթէ-սու-Ժուար, Իլ տը Ֆրանսի նահանգ (Ֆրանսա), 630 էջ (16,5 x 22,5 սմ.) (ֆրանսերէն):  Պետրոսեան Աշոտ Ա., «Սփիւռքահայ մարզիչներից մինչեւ «Սասնայ Ծռեր» », «ՎՄՎպրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 216 էջ (14,5 x 20,4 սմ.) (Արցախեան ազատամարտին սփիւռքահայ կամաւորներու մասնակցութիւնը, անոնց անուանացանկը, Ժիրայր Սեֆիլեանի ու անոր նախաձեռնութեամբ գոյառած խմբաւորումներու մարտական եւ քաղաքական գործունէութիւնը 1990-ականներու սկիզբէն մինչեւ այսօր, գունաւոր լուսանկարներ): Գիրքը լոյս տեսած է Տ. Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ եւ «նուիրւում է Արթուր Սարգսեանի (Հաց բերող) եւ Արայիկ Խանդոյեանի (Միայնակ գայլ) սուրբ յիշատակին»:  Պըլտեան Գրիգոր, «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972 – Նոյնէն այլը», թարգմանութիւն ֆրանսերէնէ` Արփի Թոթոյեան, վերաշարադրանք` Գրիգոր Պըլտեան, «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆո» եւ «Անտարես» հրատարակչութիւններու համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 895 էջ (13,3 x 21 սմ.) (ֆրանսահայ յիսնամեայ գրականութեան փիլիսոփայութիւնը): «Լոյս է տեսել մասնակցութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան»:  Սահակեան Լուսինէ, «Համշէնը հայկական ձեռագրերում», Երեւանի պետական համալ-

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

սարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 332 էջ շարադրանք + 124 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիրներ (17 x 24 սմ.) (յապաւումներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ու գրականութեան ցանկեր): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած է Ե. Պ. Հ.ի գիտական խորհուրդը, հեղինակը զայն նուիրած է իր ծնողներուն` Սուրէն Սահակեանի եւ Սոնա Գասպարեանի պայծառ յիշատակին:  Սուճեան Թալին, «Հայերը արդի Թուրքիոյ մէջ. յետեղեռնեան հասարակութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Այշէ Կիւնայսու, խմբագիր` Արթուն Կեպենլիօղլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 352 էջ (15 x 21 սմ.) (թրքերէն):  Տէրլուղեան Կէորկիյ, «Հայաստանի ելքը յետխորհրդային վերանորոգութենէն. հնարաւորութեանց վերլուծումը», հրատարակիչ` «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարան, Մոսկուա, 2017, 272 էջ (Ա-5) (Հայաստանի պետութեան յետխորհրդային շրջանի պատմութեան հասարակագիտական հետազօտութիւնը) (էջ 1-166-ը` ռուսերէն, «Յաւելուած»ը` էջ 167-262-ը` հայերէն): «Հրատարակութեան եւ տպագրութեան պատրաստուած է «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով»:  Փեթի Սիւզըն Փոլ, «Հայ լեգէոնականները – Զոհողութիւնն ու դաւաճանութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմին», I. B. Tauris & Co. Ltd. հրատարակչութիւն, Լոնտոն – Նիւ Եորք, 2018, 304 էջ(15,6 x 23,4 սմ.) (անուանացանկ, 165 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):  Քասունի Երուանդ Հ., ««Այաշի բանտը» – Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան եւ մահապարտ աքսորեալները», հեղինակային հրատարակութիւն, տպարան «Տիզայն Քեստենեան», Պէյրութ, 2018, 400 էջ (17 x 24 սմ.) (Այաշ աքսորուած պոլսահայ բժիշկ Աւետիս Նագգաշեանի յուշերը տարագրութենէն, անոր կենսագրութիւնը, գրական ժառանգութիւնը, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, յիշատակուող անձերու, վայրերու եւ դէպքերու մասին 230 էջ հանրագիտարանային բնոյթի ծանօթագրութիւններ, Երուանդ Քասունիի կենսագրութիւնը եւ գիտականհրապարակագրական հրատարակութիւններու ցանկը):


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Էջ 35

Արուեստ

Բարենպատակ ցուցահանդէս

Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյան, Աթէնքի՝ Փալէօ-Ֆալիրոյի (ծովեզերեայ արուարձան) քաղաքապետարանի մշակոյթի պալատի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Մարի Փոնիրու-Չաքալեանի ցուցահանդէսի բացումը ուր օգտագործուած էին վերամշակելի իրեր ինչպէս ապակի, թիթեղ եւայլն: Ցուցահանդէսը կը վայլէր Փալէօ-Ֆալիրոյի քաղաքապետարանի բարձր հովանաւորութիւնը եւ բացումը կատարեց փոխ-քաղաքապետ Վիքի Անտրիքոփուլուն հայ եւ յոյն ընտրանիի ներկայութեամբ: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Սպիտակի քանթիչ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով եւ վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Սպիտակի աղէտեալ գօտիին կարիքաւորներուն: Փոխ-քաղաքապետը իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով արուեստագիտուհիին շնորհաւորեց զինք ընդգծելով թէ ապակին որպէս վերամշակման նիւթ գունազարդման միջոցաւ վերածուած է արուեստի գործի։ Շարունակելով իր խօսքը Վիքի Անտրիքոփուլուն բարձր գննահատեց յունահայութիւնը որ իր անմիջական մասնակցութիւնը կը բերէ երկրի եւ քաղաքի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքէն ներս, մասնաւոր անդրադարձ ընելով նաեւ

իր երիտասարդ հայ գործակիցներուն մասին: Մարի Փոնիրու-Չաքալեանը իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ իր ծնողներուն մասին որոնք որպէս գաղթականներ ուրիշներու հետ միասին ապաստան գտան հիւրասէր եւ ասպնջական Յունաստանի մէջ եւ տարիներու ընթացքին կազմակերպեցին իրենց տնտեսական, ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական եւ մարզական կեանքը։ Մարի Փոնիրու-Չաքալեանը անդրադարձաւ նաեւ 7 Դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին որ հազարաւորներու կեանքը խլեց կործանելով նաեւ Հայաստանի տնտեսութիւնը աղքատութեան մատնելով շատ շրջաններ։ Արուեստագիտուհին ընդգծեց իր խօսքին մէջ թէ երկրաշարժը որ կը զուգադիպի այս օրերուն պատահեցաւ երբ արդէն սկսած էր Հայաստանի մէջ դէպի անկախացում շարժումը տէր կանգնելով նաեւ Արցախի ինքնավարութեան եւ աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով եւ Արցախի ինքնավարութեամբ որ պսակուեցաւ սակայն հազարաւոր մարտնջող հերոսներու արիւնով։ Արուեստագիտուհին նշեց նաեւ թէ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել աղէտեալ գօտիի պաՇարունակութիւնը էջ 36


Հայ Կեանք

Էջ 36

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Բարենպատակ ցուցահանդէս Շարունակութիւն էջ 13-էն

հանջներուն անհրաժեշտութիւնը եւ ուրեմն վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի այդ ուղղութեամբ։ Վերջաւորութեան Մարի Փոնիրու-Չաքալեանը անդրադարձաւ նաեւ իր աշխատանքին ըսելով՝ թէ իր հետաքրքրութիւններէն եղած է զբաղիլ գոյներու ներդաշնակութեամբ որպէս պաստառ օգտագործելով վերամշակելի առարկաներ։

Վիքի Անտրիքոբուլու, Մարի Փոնիրու-Չաքալեան, Սեդրակ Ապասեան։

անձնապէս ծանօթ է միութենական գործակցութենէն։ Ներկաները առիթը ունեցան մօտէն տեսնելու ցուցադրուած իրերը եւ վայելելու միռգերով եւ հայկական սալորի գինիով հիւրասիրութիւնը ։ Ցուցահանդէսը՝ տեւեց 2-4 Դեկտեմբեր։ Մարի Փոնիրու-Չաքալեանը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սանուհի եղած է 19691973 տարեշրջանին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է եւ կը շարունակէ բերել յունահայ գաղութի ազգային կեանքէն ներս։ Եղած է վարչական անդամ Արարատ Մշակութային եւ Մարզական Միութեան տիկնաց օժանդակ մարմնին, վարչական անդամ Յունահայոց թեմական խորհուրդին, ատենադպիր ՀԲԸՄի Յունաստանի Կեդր․ Յանձնաժողովին։ Ներկայիս խորհրդական անդամ է ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան։

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի Կեդր․ Յանձնաժողովի նախորդ ատենապետ՝ դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեանը որ անդրադարձաւ արուեստագիտուհիին մարդկային, ընկերային եւ ստեղծագործական յատկութիւններուն որոնց ինք

«Հայ Կեանք»ը ջերմապէս կը շնորհաւորէ արուեստագիտուհին, ձեռնարկին նպատակը եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները։


Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Հայ Կեանք

Հրանդ Տինքի աշխատասենեակը կը վերածուի յիշողութեան վայրի

Էջ 37

Դէպի արտահերթ ընտրութիւններ Շարունակութիւն էջ 12-էն

թիւնը՝ աշխատատեղերու ստեղծումը: Ներկայ կառավարութեան աշխատակազմի նշանակուիլը անյարմար եւ ամենամեծ ձախողութիւնը նկատուած է:

«Ակօս» թերթը եւ Հրանդ Տինք հիմնարկը 2015 թուականէն ի վեր կը գործեն նախկին Անարատ Յղութիւն վարժարանի շէնքին մէջ։ Իսկ թերթի նախկին խմբագրատունը կը պատրաստուի նոր դիմագիծով մը հանրութեան ծառայելու։ Ինչպէս ծանօթ է շատերուն «Ակօս» 1999-ին փոխադրուած էր Օսմանպէյի «Սեպաթ» անուն շէնքը, որուն մուտքին սպաննուած էր նաեւ թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք։ Այդ օրէն ի վեր Հրանդ Տինքի աշխատասենեակը պահպանուած է նոյնութեամբ եւ հիմա ան կը վերածուի յիշողութեան վայրի եւ պիտի յիշուի Տինքի յօդուածներէն ներշնչուած անուանումով մը՝ 23,5 Ապրիլ։ Նախաձեռնողները բծախնդիր են վայրի «Ակօս»ի որդեգրած առաքելութիւն նկարագրող դիմագիծով մը ներկայանալուն։ Այս մասին մասնագիտական աշխատանքներ կը կատարուին։ Կը նախատեսուի, թէ ան սահմանուած չըլլայ լոկ թանգարանային ընկալումով մը եւ ծառայէ զանազան միջոցառումներու։ Յիշողութեան վայրի բացումի համար կը նախատեսուի 2019-ի Ապրիլ ամիսը։

Թուրք հնագէտները Բաբերդի մԷջ Հայկական եկեղեցի յայտնաբերած են Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Պայբուրթ (հայերէն անուանումը Բաբերդ- tert.am) նահանգի պատմական բերդի տարածքին մէջ թուրք հնագէտները հողի տակ անցած հինաւուրց եկեղեցի ու ջրամբար յայտնաբերած են: Ինչպէս կը փոխանցէ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Հայթերթ»ը, Բաբերդի նահանգապետ Ալի Համզա Փեհլիւանը նշած է, որ բերդի տարածքին մէջ պեղուած է նաեւ 150-է աւելի գտածոյ, որոնց մէկ մասը կ’ենթարկուի ուսումնասիրութեան ու կը փոխանցուի թանգարան, մաս մըն ալ կը գոյքագրուի: Թուրք նահանգապետը շեշտած է, որ Բաբերդի մէջ ժամանակին իշխած են հռոմէացիները, բիւզանդացիներն ու նաեւ արաբները, սակայն որեւէ

Յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին Փաշինեանէն ակնկալուած երեք կարեւոր ձեռքբերումներն են՝ գործազուրկներուն աշխատանք ապահովել, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը լուծել եւ կենսաթոշակները բարձրացնել: Ժողովուրդի 72 տոկոսը կը խորհի, թէ Հայաստանը իր ուղիղ ճամբուն վրայ է, իսկ 1 տոկոսը՝ ոչ, մնացած 17 տոկոսը կարծիք չունի: Տնտեսական իրավիճակի մասին միայն 8 տոկոսը կը կարծէ, թէ շատ բարելաւուած է, 32 տոկոսը՝ որոշ չափով բարելաւուած, 45 տոկոսը կը կարծէ՝ նոյնն է, 11 տոկոսը՝ աւելի վատ, 2 տոկոսը՝ շատ վատ, մնացած 2 տոկոսը չի գիտեր: Շատ կարեւոր կէտ մըն ալ ան է, որ ժողովուրդին 61 տոկոսը որոշած է երբեք չքուէարկել ՀՀԿին: Հայաստանի բարենպաստ քաղաքագէտներու եւ յայտնի անձնաւորութիւններու 26 հոգինոց ցանկը գլխաւորած են Փաշինեանը եւ Արմէն Սարգսեանը (համապատասխանաբար՝ 82 եւ 81 տոկոսներով): Ծառուկեանը միայն 51 տոկոսով գնահատուած է, իսկ ցանկին պոչը բռնած են Տէր Պետրոսեան, Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Շարմազանով եւ Արմէն Աշոտեան՝ համապատասխանաբար 18, 13, 12, 10 եւ 8 տոկոսներով: Արդարեւ ուսումնասիրութիւնը շատ երկար է եւ մէկ յօդուածով կարելի չէ ամէն ինչ ընդգրկել: Վերջապէս, մենք յոյսով ենք, որ քարոզարշաւը եւ ընտրութիւնները պիտի կայանան հանդարտ, խաղաղ եւ հայուն վայելուչ մթնոլորտի մէջ: Նաեւ յոյսով ենք, որ արդարութիւնը վերջապէս պիտի տիրէ մեր երկրին մէջ, եւ բոլորս միասին պիտի կերտենք մեր փայլուն ապագան: Յաղթանակին հասնիլը շատ դժուար է ու կարեւոր, սակայն յաղթանակը պահելը՝ աւելի բարդ ու հիմնական: Ներկայ առիթը պէտք չէ՛ կորսնցնել, թերեւս անիկա վերջինը ըլլայ: Լոս Անճելըս կերպ չէ յիշատակած տարածքի հայկական անցեալին մասին: Բաբերդը կազմած է պատմական Արեւմտեան Հայաստանի Սպեր գաւառէն մաս մը: Ճորոխ գետի աջ ափին գտնուող Բաբերդը պատմական Կարինէն (Էրզրում-tert.am) շուրջ 120 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: 1915-ին Բաբերդն ունէր 30.000 բնակիչ, ներառեալ` 10.000 հայ: Տեղի պատմական բերդը, որ կառուցուած է նահանգի նոյնանուն քաղաք-կեդրոնի հիւսիսը, այժմ կը գտնուի կիսաւէր վիճակի մէջ:


Էջ 38

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018

Լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի «Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի երրորդ հատորը

Հաճոյքով կը հաղորդենք որ հրապարակ ելաւ ու գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի «Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի երրորդ ու վերջին հատորն ալ, որ փառաւոր գիրքի ձեւով աւարտին կը բերէ այս հետաքրքրական նիւթը: Ինչպէս յայտնի է, Ռ. Հատտէճեան այս շարքով կը յաւերժացնէ յիշատակը բազմաթիւ անձերու, որոնք չկան այլեւս, որոնք սակայն հետք մը թողուցին հեղինակին կամ մեր բոլորին կեանքին մէջ։ Հեղինակը կը հաւատայ որ ապրողներուն հետ կը շարունակեն ապրիլ մեռեալները եւս։ Ռ. Հատտէճեան, ականջ տալով Պետրոս Դուրեանի պատգամին, կը ջանայ բան մը ընել որպէսզի անոնց յիշատակն ալ չթառամի։ Ինչպէս նախորդ երկու հատորներուն, նաեւ այս երրորդ հատորն ալ իր էջերուն մէջ տեղ կուտայ յիշուած անձերէն ոմանց մեծահասակ դիմանկարներուն, որոնք տարբեր կենդանութիւն մը կուտան յիշատակուած անուններուն։ Երրորդ հատորը այս տեսակէտէ ամէնէն ճոխն է, ընթերցողները հոն պիտի գտնեն դիմանըկարներ դէմքերու, ինչպէս՝ Պետի Զիվէր, Կարպիս Ուղուրլեան, Ասպետ Էրմէն, Պերճ Շիկահեր, Արփիկ Միսաքեան, Գրիգոր Համբարձումեան, Յակոբ Առատ, Շապուհ Չոլաքեան, Յակոբ Ասլանեան, Յովհաննէս Շիրազ, Ալեք Մանուկեան, Վազգէն Ա.

Հայրապետ, Պոզապալեան Սրբազան, Լեռ Կամսար, Հրանդ Մաթեւոսեան եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ համայնքային կամ ազգային դէմքեր։ Հեղինակը բոլորին հետ իր հանդիպումներէն կը բերէ հետաքըրքրական յիշողութիւններ, որոնք կը դադրին միայն հեղինակին յիշողութիւնը ըլլալէ ու բաներ մը կ’անմահացնեն մեր ազգային պատմութեան էջերուն համար։ Գիրքի վերջաւորութեան, հեղինակը երախտագիտութեան ու գնահատանքի զգացումներով կ՚ողջունէ նաեւ այն անհամար ընթերցողները որոնք երջանկացան իրմէ բան մը կարդալով ու յարգեցին հայալեզու գրականութիւնն ու ապրումները։ Գիրքը, ինչպէս շարքին երկու նախորդ հատորները, իբր կողքի նկար կ՚ օգտագործէ Արժանթինահայ ողբացեալ նկարիչ Մանուկ Ղրդեանի մէկ գծանկարը, որ մաս կը կազմէ հեղինակին նկարչական հաւաքածոյին։ Հատորը, որ «Յուշատետր» շարքի 90րդն է, տպուած է «Մարմարա»ի տպարանին մէջ։ Փորձերու սրբագրութիւնը ըրած է Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, էջադրութիւնը՝ Նաիրա Սիւզմէ, կազմի աշխատանքով զբաղած է Կարօ Համամճեան, կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ։ Normarmara


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.