Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 1(62)
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայաստանը իրապէ՛ս կրնայ դառնալ երկրագունդի ամենապայծառ կէտերէն մէկը. ՀՀ Նախագահի Նոր Տարուայ շնորհաւորական ուղերձը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ուղերձին մէջ ըսուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի՛ քաղաքացիներ, Աշխարհասփիւռ սիրելի՛ հայրենակիցներ, Պատմութիւն դարձող 2018 թուականը մեծ փոփոխութիւնների, փորձութիւնների, սպասումների եւ յոյսերի տարի էր: Մենք ականատես եղանք մեր ժողովրդի լաւագոյն յատկաՇարունակութիւնը էջ 26
2019 թուականը պէ՛տք է դառնայ անհատական ջանքի յաղթանակի տարի. Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ. «Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Սփիւռքի հպարտ հայութիւն, ահա եւ անցաւ 2018 թուականը: Սա մի տարի էր, որ մնալու է համաշխարհային եւ հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ, իւրաքանչիւր հայի յիշողութեան մէջ՝ որպէս ժողովրդի իշխանութեան հաստատՇարունակութիւնը էջ 11
Հայաստանի զարգացումը եւ հզօրութիւնը ազգային մեր իղձերու իրագործման առանցքն է. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ուղերձը Ամանորի առիթով «Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս, Ամանորի բերկրալի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից ողջունում եւ հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնն ենք բերում ամէնքիդ: Ջերմ զգացումներով մեր բարեմաղթանքներն ենք յղում այս պահին ծառայութեան վայրում իրենց պարտականութիւններն իրականացնողներին, հայրենեաց սահմանները անառիկ պահող մեր բանակի սպաներին ու զինուորներին, եկեղեցիներում աղօթքի համախմբուածներին, տօնական սեղանների շուրջ հաւաքուած մեր բոլոր զաւակներին: Շարունակութիւնը էջ 25
Հայ Կեանք
Էջ 2
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ՀԲԸՄի Նախագահ Պէրճ Սեդրակեանի Նոր Տարուայ ուղերձը
2019 “Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ
Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Նոր տարուան սեմին, գոհունակութեամբ կը վերագնահատենք անցնող տասներկու ամիսներու յատկանշական իրադարձութիւնները, որոնք նշանակալի զարգացումներով դրսեւորուեցան մեր ազգային կեանքէն ներս, համաշխարհային համակրանքի արժանացնելով հայութիւնը, իւրայատուկ դիրք ապահովելով հայ ժողովուրդին՝ արդի ժամանակագրութեան էջերուն մէջ: Անցնող տարեշրջանին, պատահեցան անկիւնադարձային դէպքեր եւ ձեւաւորուեցան ռազմավարական ուղղութիւններ ու յարաբերութիւններ, որոնք տակաւին տարի մը առաջ իսկ նախատեսելի չէին մեզի համար: Հայրենի ժողովուրդին կողմէ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անցնող ամսուան ընթացքին կատարուած համաժողովրդային ընտրութիւններով, օրինականօրէն ամրագրեց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած շարժումին կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ապահովումը: Ուղենշային այս իրագործումը, սփիւռքահայութիւնը կը դնէր լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ հանդիման, Նոր Հայաստանի ձգտումներու իրականցումին ուղղութեամբ իր դերի եւ պարտաւորութիւններու ստանձնումը պատուով կատարելու հրամայականով: Այդ դերի ըմբռնումը կ’արտայայտուէր անցնող տարիներուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ որդեգրուած «համաշխարհային հայ»ու տիպարի հասկացողութեամբ եւ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի առաջադրած «Փոքր ժողովուրդ աշխարհածաւալ ազգութիւն» լոզունգով: Իր կազմակերպչական կառոյցին ընդլայնումով եւ ժամանակակից կարիքներու ընդառաջ նոր կողմնորոշումներով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պատրաստ է եւ յանձնառու, արդիւնաւոր նախաձեռնութիւններով դիմագրաւելու այդ հրամայականը: Առ այդ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան առաջին իսկ օրերուն, Միութիւնը նորանշանակ կառավարութեան տարբեր նախարարութիւններուն հետ անհատական մակարդակի վրայ սերտ համագործակցութեամբ եւ աշխատանքային հանդիպումներով, իր մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը երկրի ընկերային տնտեսական զարգացման ուղղուած ծրագրումի եւ քաղաքացիական կառոյցներու ամրապնդման գործընթացին մասնակից դարձնելու ճիգերուն: Աշխարհի տարածքին Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարբեր կառոյցներուն եւ շրջանակներուն շարունակուող ծրագիրներու օգտակար եւ աշխոյժ գործունէութիւններուն կողքին, կ’արժէ նշել անցնող տարեշրջանին իրականացած շարք մը ընդհանրական կարեւոր նախաձեռնութիւններ: Ընդարձակելով Ուաշինկթըն Տի Սի-ի մէջ Սմիթսոնիըն Ինստիտուտ-ին հետ իր առկայ գործակցութեան ծիրը, Միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կայացած ժողովրդային Կեանքի Փառատօն-ին: Փառատօնին ընձեռած իր հովանաւորութեան առընթեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան գործադիր մարմինին հետ համախորհուրդ, կազմակերպեց եւ հիւրընկալեց ծանօթացումի յատուկ հանդիպումներ այդ մարզի մասնագէտներու հետ, Ուաշինկթըն Տի Սի-ի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթոնի մէջ: Նիւ Եորքի Արուեստի Մէթրոփոլիթըն Թանգարանի «Armenia!» խորագրով աննախընթաց ցուցահանդէսը, թանգարանի բազմահազար այցելուներուն եւ արուեստի աշխարհին ծանօթացուց հայկական Միջնադարեան արուեստին իւրայատուկ բնոյթը եւ անոր դերը, հին աշխարհի մշակոյթներու կազմաւորման հոլովոյթին մէջ: Այդ առիթով, ցուցահանդէսի գլխաւոր հովանաւորողներէն մին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը թանգարանի տարածքէն ներս կազմակերպեց շարք մը յարակից յայտագիրներ, Շարունակութիւնը էջ 4
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 3
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Մեզի համար անընդունելի է նախքան գալիքը յստակացնելը ունեցածէն հրաժարելու գործելաոճը ՌԱԿի յայտարարութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման առիթով Խոր մտահոգութեամբ եւ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի մէջ կարգ մը նախարարութիւններու կրճատումին, նամանաւանդ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումին ու անոր շուրջ ընթացք առած թեր ու դէմ կեցուածքներուն ու անախորժ իրավիճակին: Մեզի համար անհասկնալի է նման որոշումի մը կանխապէս գիտականօրէն չքննարկուելու պարագան, ուր եթէ մնացեալ նախարարութիւններու պարագային կրնայ տեսականօրէն Հայաստանի կառավարութեան գիտնալիքը ըլլալ, սակայն Սփիւռքի նախարարութեան պարագային Հայաստանի պետութիւնը բարոյական գետնի վրայ ունի իր գործընկերը, որ է Սփիւռքը՝ զինք ներկայացնող բաղկացուցիչ կողմերով: Մենք՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնս, որպէս սփիւռքահայ ազգային կուսակցութիւններէն մին՝ նման կարեւոր քննարկման մը, եթէ պատահած է, մասնակցած չենք եւ կը հաւատանք, որ նոյնն է պարագան միւս կուսակցութիւններուն: Մեզի համար անհասկնալի են նման լուրջ եւ զգացական հարցի մը մասին լրատուական միջոցներու խողովակով տեղեկութիւններ ստանալու ձեւը, որոնցմէ կը տեղեկանանք մերթ Սփիւռքի նախարարութիւնը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բաժնի վերածելու անյստակ ձեւի մը եւ մերթ ալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը այսուհետեւ փոխվարչապետի գրասենեակէն համակարգուելու մշուշոտ տարբերակին մասին: Մեզի համար անընդունելի է նախքան գալիքը յստակացնելը ունեցածէն հրաժարելու գործելաոճը, այս եւ ընդհանրապէս բոլոր պարագաներուն: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան պատմութեան մէջ Հայաստան շատ աւելի զգալի ու շօշափելի ներկայութիւն դարձաւ Սփիւռքի առօրեային մէջ 2008 թուականին Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք քան անկէ առաջ, երբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր Սփիւռքին: Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար էր լրջօրէն քննարկել, թէ որո՞նք են Սփիւռքի նախարարութեան բացթողումները ու սրբագրել զա-
նոնք ու ձգտիլ լաւագոյնին, քան լուծարել զայն ի զարմանս եւ ի ափսոսանք համակ սփիւռքին: Մենք յամոզուած ենք, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը առանցքային դեր խաղցած է ՀայրենիքՍփիւռք կամրջումին մէջ եւ տակաւին պիտի ունենայ մինչեւ այն ատեն, որ կայ Հայ Սփիւռք մը, որուն բնակիչներուն թիւը նոյնիսկ կը գերազանցէ հայրենաբնակ Հայ ժողովուրդին թիւը: Մենք վստահ ենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր որոշումը՝ աւելի եւս ուսումնասիրուած՝ մասնագիտական լուծում մը գտնելով անոր, Սփիւռքին հետ վերաբերելով բարձրագոյն մակարդակի եւ ոչ այլ նախարարութեան մը ստորաբաժնի միջոցաւ: Մինչ այդ մենք զօրավիգ ենք տուեալ 5 տարբեր նախարարութիւններու աշխատակիցներուն: Մենք նախանձախնդիր ենք, որ պետական պիւտճէի խնայողութեան արդար նպատակով յառաջ մղուող այս որոշումով ոչ-նպատակադրեալ ընկերային անարդարութիւն մը չպատահի անոնց, որոնք կրնան աշխատազուրկ ըլլալ նամանաւանդ հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններով լի այս օրերուն մէջ ընդհանրապէս եւ յառաջիկայ տօներուն ընդառաջ մասնաւորաբար: Մենք յոյսով ենք, որ մօտակայ տօնական օրերը այս առնչութեամբ աւելի լաւ լուրերով կը դիմաւորենք: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր
Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ 24 Դեկտեմբեր 2018
Հայ Կեանք
Էջ 4
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ՀԲԸՄի Նախագահ Պէրճ Սեդրակեանի Նոր Տարուայ ուղերձը Շարունակութիւն էջ 2-էն
ինչպէս՝ մանուկներու յատուկ գործունէութիւններ, որպէս կատարողական ելոյթներ եւ Ս. Ծննդեան համոյթ: Իր համացանցային հարցազրոյցներու շարքին մէջ, յատուկ յայտագրով մը Միութիւնը հանրութեան ներկայացուց ցուցահանդէսի կազմակերպիչները: Հայկական արուեստին եւ յայտագրի կազմակերպչական աշխատանքերուն վերաբերեալ անոնց ելոյթը տեղադրուեցաւ նաեւ թանգարանի կայքէջին վրայ: Միութեան Շրջանակներուն կողմէ իրականացուած յատկանշական նախաձեռնութիւններէն էին՝ Լոնտոնի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազմակերպած նուիրահաւաքի հաւաքոյթը ի նպաստ համագործակցաբար գործող Թումո-Հ.Բ.Ը.Մ. կեդրոններուն, իբր պատուոյ հիւր՝ ոտնագնդակի աշխարհահռչակ աստղ Հէնրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ: «Պրիւքսէլի մէջ Երաժշտական Շաբաթավերջ» յայտագիրը, կազմակերպուած էր երաժշտական արուեստի երիտասարդ աստղերու մասնակցութեամբ, նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայորդեայց Տուներ»ուն: Իսկ Նիւ Ինկլէնտ-ի Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, աւելի քան երկու միլիոն ամերիկեան տոլարի հանգանակութիւն մը իրականացուց, շնորհիւ յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վեթերաններու առատաձեռն մասնակցութեան: Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբակցութիւնները շարունակեցին իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը, պաշտօնապէս ընդարրձակելով իրենց ցանցը Ասիոյ մէջ, Հարաւային Քորէայի մէջ ստեղծուած նոր խմբակցութեամբ: Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ, յատկանշական երկու ծրագիրներ կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեցին 2018-ի ընթացքին. Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կանանց Նախաձեռնութիւներու Զօրակցական շարժումը եւ Կամուրջ Քաղաքացիական Համայնքային Կազմակերպութիւններու ծրագիրը, Եւրոպական Խորհուրդին հետ համագործակցութեամբ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ իրագործուող այս զոյգ ծրագիրները, գլխաւորաբար կ’իրականացուին Սփիւռքի աջակցութեամբ, ապահովելով խորհրդատուներու, յատուկ ոլորտներու մասնագէտներու եւ դեսպաններու մասնակցութիւնը: Առաւել, Հայաստանի, Գանատայի եւ Ֆրանսայի մեր գործող խումբերը, Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած Ֆրանքօֆօնիի Համագումար-ի ընթացքին, օգտուելով այդ առթիւ հայաստան համախմբուած ֆրանսախօս աշխարհի պետական ղեկավարներու եւ պատգամաւորներու ներկայութենէն, միասնաբար աշխատեցան նոր կապեր եւ գործակցական յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ: Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ պատմական յիշատակելի իրադարձութիւններով: Ֆրանսայի ժողովուրդին կողքին, համայն աշխարհը սգաց
կատարողական արուեստի համաշխարհային ամենափայլուն աստղերէն Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Միութեան պաշտօնաթերթին հետ կատարած վերջին հարցազրոյցին իր յայտարարութիւնը, թէ պիտի երգէ մինչեւ իր վերջին շունչը, մարգարէական կը հնչէ այսօր: Նշեցինք յաղթանակներու եւ կորուստներու դարադարձեր եւ տարեդարձներ: Սարդարապատի ճակատամարտի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակներէն, մինչեւ Արցախի ազատագրական շարժումի եւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանացան յարգանքի խոհական դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ առիթ հանդիսացան հանրութիւնը իրազեկող ծրագիրներու մշակումին: Յատկապէս Արցախի տնտեսական կայուն զարգացման ի նպաստ, հիմնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արցախի Ֆոնտը: Ինչպէս միշտ, մենք բարձր կը գնահատենք մեր շրջանակներուն, անդամակցութեան եւ անձնակազմերուն հաւատաւոր, աշխոյժ եւ նուիրեալ աշխատանքը, որուն միջոցաւ կարելի դարձան անցնող տարեշրջանի փայլուն նախաձեռնութիւնները: Մենք երախտապարտ ենք նաեւ մեր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց առատաձեռն աջակցութեան միջոցաւ կ’իրականանան մեր ազգօգուտ կարեւոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը եւ մեր դէմ ցցուող յարափոփոխ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը: Կրնամ վստահութեամբ հաստատել, թէ 2018ը երկար պիտի յիշուի, հայութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար որպէս նշանակելի տարի, յատկապէս համաշխարհային քաղաքացիութեան ժամանակակից մեր նոր իրականութեան լոյսին տակ: 2019-ը կը դիմաւորենք Հայաստանի եւ Արցախի համար բարձր ակնկալութիւններով եւ յոյսերով, ապահովցնելով մեր բարերաները եւ անդամակցութիւնը, թէ կը շարունակենք հաստատ մնալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր մեր Ընդհանուր Միութեան յանձնառութեան մէջ: Այդ ոգիով, ձեր բոլորին կը փոխանցենք խաղաղ, բարեբեր եւ օրհնաբեր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները: Պերճ Սեդրակեան Նախագահ
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 5
Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ. Փութին Հայաստան Ռուսիոյ ամենամտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»ի, ամէնամեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ թէ «Ռուսիա ինչպէ՞ս կը պատրաստուի վերականգնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»: «Մենք չունինք որեւէ բան, որ քանդուած է եւ կարիք ունի վերականգնման: Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, եւ ՀԱՊԿի եւ ԵԱՏՄի անդամ է: Մենք պէտք է զարգացնենք այն, ինչը ունինք», յայտարարեց Փութին: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը Ռուսիոյ ամէնէն մտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: «Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս կայ եւ յոյսով եմ, որ այդպէս պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է գործենք՝ նկատի ունենալով ներկայ իրավիճակը աշխարհի ու տարածաշրջանին մէջ: Այս հարցերը մօտ օրէն պիտի քննարկենք պարոն Փաշինեանի հետ, որ պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ», ըսաւ Փութին:
Փաշինեան Փութինի հետ քննարկեց երկկողմ համագործակցութեան հարցեր ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան 27 Դեկտեմբերին հանդիպեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններուն՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Արցախի ու Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարները եղած են առաջնագիծի վրայ որ նախքան անձնակազմի հետ հանդիպիլը, հայկական երկու Հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մասնակցած են Արցախի հարաւային սահմանահատուածին մէջ տեղի ունեցած «Սահմանապահ խաչքարի» բացումին հանդիսաւոր արարողութեան, այնուհետեւ եղան մարտական յենակէտերու վրայ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորական անձնակազմի Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու նպատակով Արցախ ժամանած ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ Դեկտեմբեր 31-ին եղած է ՊԲ շարք մը զօրամասերու մշտական տեղակայումի վայրերը եւ առաջնային գիծին վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն,
Դիրքապահ անձնակազմի հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարներն ու անոնց ուղեկցող բարձրաստիճան զինուորական եւ քաղաքացիական պաշտօնեանները ջերմօրէն շնորհաւորած են մարտական հերթապահութիւն կրող զինծառայողներու Նոր տարին եւ յանձնած են ամանորեայ նուէրներ, միաժամանակ հետաքրքրուած են առկայ մարտավարական իրավիճակով: Շրջայցի ընթացքին նախարարները եղած են նաեւ ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրամասեր, այդ կարգին՝ Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, ուր հանդիպած են բուժումի մէջ գտնուող զինուորներուն եւ անոնց մաղթած արագ եւ լիարժէք ապաքինում:
Քաղաքական խորհրդակցություններ Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳՆ-ներու միջեւ Դեկտեմբեր 17-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւններու միջեւ: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ԱԳ նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը որուն մաս կը կազմեր Յունաստանի մէջ, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, իսկ Յունականը՝ Յունաստանի ԱԳ փոխարինող նախարար Եորղոս Քաթրուքալոսը: Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-յունական երկկողմ քաղաքական օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ, միտքեր փոխանակեցին առեւտրատնտեսական, գիտակրթական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու համագործակցութեան յետագայ խորացման հեռանկարներու վերաբերեալ: Անդրադառնալով ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան ներկայ փուլին եւ զարգացման հեռանկարներուն՝ Կարէն Նազարեանը ներկայացուց ՀՀ կառավարութեան կողմէ կազմուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրարկման գործընթացը եւ կարեւորեց Յունաստանի օրէնսդիրի կողմէ համաձայնագրի շուտափոյթ վաւերացումը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին ԵՄ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի, ինչպէս նաեւ՝ այդ գործընթացին ԵՄ անդամ երկիրներու աջակցութեան վերաբերեալ: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ: Զրուցակցի խնդրանքով Կարէն Նազարեանն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Իր հերթին, Եորղոս Քաթրուքալոսը ներկայացուց Կիպրոսի հարցի վերաբերեալ յունական կողմի դիրքորոշումը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով եւ միջազգային կառոյցներու երկու բարեկամ երկիրների միջեւ փոխգործակցութեան եւ փոխաջակցութեան հետ կապուած հարցերուն:
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 7
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Ա. Ժամանակակից ըլլալ 2018 թուականին ու զայն յանձնել Հայոց աշխարհի Պատմութեան դատաստանին, իրօք՝ մեր սերունդին համար կը նկատեմ բնութեան կողմէ մեզի ընծայուած շնորհ մը, որ ականատես վկան հանդիսացաւ իր տեսադաշտէն ներս պարզուած բազմատեսակ դրական թէ բացասական իրողութիւններուն: Արդարեւ, Ամանորը եւ անոր զուգակշիռ Քրիստոնեայ աշխարհի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական տրամադրութիւններու կիսամսեայ շրջանը, հայ եւ օտարազգի մեզի հաւատակից մարդկութեան անձնական, ներազգային թէ միջազգային ներքնազգացողութիւնը կ’ենթարկեն ինքնազննումի եւ վերադաստիարակումի հոգեփոխութեան: ՄԱՐԴ էակը, այդ «Մեծ անծանօթը» կը վերանորոգէ իր ինքնութիւնը, հաւատարիմ՝ անցեալ դարերու իմաստուններէն ժառանգած իմացական սխրանքին եւ հարուստ փորձառութեան: *** Անցեալ տարի ճիշդ այս օրերուն, երբ մամուլին կը յանձնէինք ամանորեան մեր խորհրդածութիւնները, կեդրոնացեր էինք 2018 թուականի յոբելենական խորհուրդին եւ արժէքին վրայ: Հարիւրամեակն էր Սարդարապատի աննախընթաց յաղթանակին եւ անոր հետեւող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան, շեշտելով կարեւորութիւնը իրարայաջորդ երեք հանրապետութիւններուն: Եւս առաւել, 1991-ին հռչակումը Արցախի ինքնիշխան հանրապետութեան եւ յետագային՝ ազատագրումը մեր գրաւեալ հողատարածքներուն: Ապա, ամանորեան մեր խոհերուն մէջ տեղ կը գտնէր նաեւ Գ. հանրապետութեան տարիներուն Հայրենիքէն դէպի Եւրոպա եւ ամերիկեան երկիրներ արտագաղթող շուրջ մէկուկէս միլիոն հայութեան պատճառած համազգային մտահոգութիւնը: Նոյնքան մտահոգիչ կը գտնէինք նաեւ 1988-ի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի այս տարեշրջանին տակաւին գոյատեւող ամօթալի ներկայութիւնը շուրջ 3.000 տնակներուն եւ անոնց բնակիչներուն, մինչ՝ հայրենիքի տարածքին նորահարուստներ կը կառուցեն իրենց դղեակներն ու պալատները: Արդարեւ, հայրենի անկախ պետականութեան մէջ ստեղծուած էր ակներեւ ու բացայայտ ճշմարտութիւն մը: Գոյութեան իրաւունք էր ստացած նոր դասակարգ մը՝ մենաշնորհեալներ.–անհպելիներ եւանպատժելիներ: 27 Հոկտեմբեր 1999-ի եւ 1 Մարտ 2008-ի ոճրային արարքներուն պատուիրատուներն ու կազմակերպիչները տակաւին կը մնային ազատութեան մէջ: Մեր փառապանծ հայրենի հողին վրայ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՕՏ բազում հարցեր կային:
Բացառիկ եւ յանդուգն ԱՆՁ մը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անմիջական գործակիցներ՝ հանդիսացան կերտիչները սոյն տարուան ապրիլեան Թաւշեայ յեղափոխութեան: Անարիւն յեղափոխութիւն մը՝ ապշեցուցիչ արդիւնաւէտութեամբ: Մտայղացում, հարիւր հազարաւոր խաղաղ ցուցարարներ, նոր վարչապետ ու կառավարութիւն. Շարժում մը, որ իր աւարտին հասաւ Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեամբ, համապատասխանելով հայրենի ժողովուրդին անհակակշիռ մեծամասնութեան ու քաղաքական կամքին: Հայրենի ժողովուրդը իր անլուծելի հարցը ինք լուծեց ԱՆՁԱՄԲ: Ժամանակն է, որ քաղաքական ու բարոյական համակրանքներ ու հակակրանքներ հեռու մնան ատելավառ զգացումներէ եւ ընդհարումներէ, որպէսզի մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը կարենայ հասնիլ այնպիսի բարեկեցիկ վիճակի մը, ուր բնակութիւն հաստատելը ըլլայ ցանկալի՝ ամբողջ հայութեան համար: Հայաստանի պետականաշինութիւնը պիտի կերտուի հանգրուանային իրագործումներով: Առաջնահերթը՝ ա՛յս էր: Երկրորդը՝ մեր սահմաններուն ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: Երրորդ՝ տնտեսական գոյավիճակի յեղափոխութիւն: Չորրորդ՝ հայկական, ազգային ինքնագիտակցութիւնն է: Պատմական եւ մշակութային հարցերու առարկայական ճշմարտութեամբ: Առայժմ, աւարտելու համար մեր ամանորեան խոհերը՝ Հայրենիք-Սփիւռք փոխադարձ անշահախընդիր վստահութիւն եւ համագործակցութիւն:
Բ. Ամանորի սեմին՝ մեր խորհրդածութիւնները ընդհանրապէս կ’առաջնորդուին ամենամօտիկ անցեալի առարկայական ճշմարտութիւններէն: Շարունակութիւնը էջ 8
Հայ Կեանք
Էջ 8
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ Շարունակութիւն էջ 7-էն
Մեծ է այն ժողովուրդը, որ ունի իր մէջ մեծութիւններ,– խորհող, գրող, բանաստեղծ, իմաստասէր եւ Միտքի առաջնորդներ: ՀԱՅն ալ ունեցած է եւ ունի իր մեծերն ու մեծութիւնները: Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակը մեզի կը յուշէ 2018 թուականին մեր հայրենի ներքաղաքական կեանքին հետ առընչուող իրադարձութիւններուն ճշմարիտ գնահատանքը: Անտարակոյս՝ Վ. Թէքէեան մեր քերթողութեան մեծերէն եղած է,– խորհողն ու քերթողը, մարդերգակն ու սիրերգակը, համամարդկային թէ համահայկական զգացումներու եւ իմացապաշտ մտածողութեանց արտայայտիչն է եղած ան՝ իր գրական յիսնամեայ վաստակով եւ իրագործումներով: Արդարեւ, մեծ է այն բանաստեղծը, որ ո՛չ միայն «իր ժամանակի շունչը կը դառնայ (Ե. Չարենց)» , այլեւ՝ Տեսանողի իր երկնատուր շնորհով կը դաստիարակէ իր քերթուածներուն յետագայ ժամանակներու ընթերցողները: «…Թէքէեանով կը զգաստանանք» գնահատագիրը կու գայ Յակոբ Օշականէն: Արժան եւ իրաւ: Ժամանակն է, որ զգաստանանք այլեւս: Այսօրուան մեր դասապահը կը նուիրենք Թէքէեանի «Աղօթք՝ վաղուան սեմին առջեւ» խորագրեալ քերթուածին, որպէսզի անկէ բխող Աստուածաշնչեան Լոյսն ու Ճշմարտութիւնը զգաստացնէ մեր մարդկային մտածողութիւնը: Իրօք, Հայրենի հողին վրայ սկիզբ առած «2018-ի Ապրիլեան խաղաղ ցոյցեր»ու ընթացքին, ամէնօրեայ ընթերցումներս կ’ըլլային սոյն քերթուածին մարգարէաշունչ տողերը: «Տէ՜ր, բարութի՛ւնդ այսօր, իմաստութիւնըդ հիմա՛ Պէտք է ղրկես աշխարհի՝ այս հիւլէին տան ջակոծ»… ու քերթուածին շարունակութեան մէջ քերթողը կը յորդորէ՝ «Թո՛ղ ընդհարումն ըլլայ կարճ եւ թող շուտով հաստատուի Խաղաղութիւնը արդար՝ կռուողներուն մէջ տըխուր…: Թո՛ղ սասանին ու փշրին բարձըր բերդերն անառիկ Եւ իյնան վար պատնէշներն զըրահապատ եսութեանց. Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնըւի ամէն գանձ. Թո՛ղ պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ Բայց չըկոտրե՜ն ոչ մէկ ծառ, չըճզմեն ո՛չ մէկ ծաղիկ…»։ Ապրիլ-Մայիսեան արդարամիտ ու խաղաղ ցոյցերը իրենց աւարտին հասան ընթացիկ տարւոյն
Դեկտեմբեր 9-ի օրէնսդիր Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններով: Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիները իրենց խիղճին թելադրանքով ազատ եւ անկաշկանդ կատարեցին քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական շարժում իր համակիրներէն ստացաւ ըստ արժանւոյն արձանագրուած գնահատանքը: Այժմ, աւարտած համարելով անցեալի ինքնակամ որոշումներով քառորդ դարեան ժամանակահատուածի «Զրահապատ եսութեանց» ունեցած առանձնաշնորհումները, ազգովին պիտի ողջունենք ամանորեան բարի տրամադրութիւններով Նոր Համակարգ մը: Հաւատալով, որ այս համակարգը բարերար ու նոր շրջափուլ մը պիտի յառաջադրէ հայրենի մեր ժողովուրդին ազգային անվտանգութեան, տնտեսական եւ կենցաղային ու մշակութային կեանքին, կը յուսանք հայրենի նոր պետականութեան ղեկավար դէմքերէն, հեռու մնալ անցեալ համակարգի գործած սխալներէն եւ մնայուն ընթերցողն ըլլալ մեր համազգային արժէքներուն հաղորդ համաժողովրդային իմաստութեան, ներքնազգացողութեան ու վերադաստիարակութեան ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ գործընթացին: Սփիւռքահայ մեր սերունդն ու յաջորդները, որքա’ն սիրով ու հաւատքով տոգորուած ըլլան հայրենիքէն սփռուած գեղեցիկ խոստումներուն, սակայն նոյնքան տխրութեամբ պիտի արձագանգեն՝ եթէ վերահասու ըլլան զիրենք հիասթափեցնող իրադարձութեանց: Ուրեմն, միանալով բանաստեղծին բաղձանքին՝ մենք եւս կը կրկնենք,«Տէ՜ր, մի՛ թողուր որ յանկարծ շրջեն կանթեղը անոնք. ըրէ՜ զայն միշտ լուսարծարծ եւ փնտռել տո՜ւր անով ճշմարտութիւնդանծիր…»: Մենք հաւատացողն ենք Բան-ա-ստեղծութեան ու Բանի արարումին, Բանականութեան ու Խղճմըտանքի հաւաքական ինքնագիտակցութեան: Այս մտածումներով ու ոգիով կ՚ողջունենք յառաջիկայ ԱՄԱՆՈՐը:
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 9
Թուրքիոյ քիւրտերու ճգնաժամը Աթաթուրքէն մինչեւ սուլթան Էրտողան Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ն
երկայիս Էրտողան կը փորձէ իր դիրքերը ամրապնդել Սուրիոյ հիւսիսային քիւրտաբնակ շըրջաններուն մէջ եւ հոն քիւրտերը կը հալածէ, մինչ ԱՄՆ-ը քիւրտերը ՏԱԻՇ-ի դէմ մղած իր պայքարի ամենամեծ դաշնակիցը կը համարէ: Թուրքիան նաեւ զիջումներ կ’ընէ Ռուսաստանին, Սուրիոյ տագնապին հարցով: Սակայն ինչո՞ւ ան կը հալածէ Սուրիոյ քիւրտերը: Ի՞նչն է գինը անոր զիջումներուն Ռուսաստանին, եւ ի վերջոյ ի՞նչ ձեռք պիտի բերէ ան: Կը թուի թէ Թուրքիան կ՚ակնկալէ Սուրիոյ քիւրտերը տկարացնելով եւ անոնց կապերը իր երկրի քիւրտերուն հետ խզելով պիտի կարողանայ վերջ տալ քիւրտական ազգային ազատագրական շարժումին, իր երկրէն ներս: Ըստ 1920 թ. Սեւրի պայմանագիրին, Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան մասերուն մէջ քիւրտական ինքնավար շրջան մը պիտի ստեղծուէր, ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոնի մշակած քարտէզին համեմատ, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ երբ 1923 թ. Լոզանի պայմանագիրը ջնջեց Սեւրինը, եւ Քեմալ Աթաթուրք Թուրքիոյ քիւրտական բոլոր տարածքները ենթարկեց իր իշխանութեան տակ: Ըստ քիւրտերուն, Սեւրի պայմանագիրը պառակտեց Մեծն Քիւրտստանը, Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ: Քիւրտերուն թիւը ներկայիս աւելի քան 30 միլիոն կը գնահատուի, անոնցմէ 16 միլիոնէ աւելի Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին եւ զըրկուած են իրենց ազգային իրաւունքներէն: Իսկ Իրանի մէջ, անոնք բոլորովին կառավարութեան հսկողութեան տակ են. «Մահապատ»ի Քիւրտական հանրապետութիւնը, որ հիմնուած էր Իրանի հիւսիսային կողմը 1946 թ. երկար կեանք չունեցաւ: Սուրիոյ Քիւրտերը միշտ անտեսուած են, իսկ ի՞նչ կը վերաբերի Իրաքին, հոն քիւրտական շարժումները սկսած են քսաներորդ դարու սկիզբին Շէյխ Մահմուտ Ալ-Հաւիտի ղեկավարութեամբ, այնուհետեւ շարունակուած է Պարզանի, Թալապանի եւ այլ տոհմերու կողմէն եւ յաջողած են իրենց իրաւունքներուն մեծ մասը ձեռք բերել եւ բաղդատմամբ միւս երկիրներուն իրենց իրավիճակը աւելի լաւ կը համարուի: Աթաթուրք քիւրտերուն «լերան թուրքեր» անուանեց. արգիլեց քիւրտերէն լեզուի ուսուցումը եւ կրթական ու մշակութային որեւէ գործունէութիւն, թերթերու հրապարակում, նաեւ քիւրտական քաղաքական կուսակցութիւններու ձեւաւորում: 1925 թ. Աթաթուրքի դէմ տեղի ունեցաւ Շէյխ Սայիտ Բիրանի ապստամբութիւնը, որ քիւրտերու առաջին ազգային-ազատագրական շարժումն էր Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, սակայն այն չյաջողեցաւ եւ Շէյխ Սայիտը մահապատի-
ժի ենթարկուեցաւ իր ընկերներուն հետ. հարիւրաւոր քիւրտական գիւղեր թալանուեցան, այրուեցան եւ բնակիչները բռնի արտաքսուեցան: 1927-1930 թ.թ. «Աղրի»ի, Արարատ լերան, յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ Օսմանեան բանակի նախկին զօրավար Իհսան Նուրի փաշայի ղեկավարութեամբ: Հոյպուն (Անկախութիւն) քիւրտական կուսակցութիւնը եւ Պատրխան տոհմը, որոնք հայերէն, ՀՅԴ-էն, օգնութիւն ստացան, անոնք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին: Արարատի տարածքը քիւրտական անկախ պետութիւն հռչակուեցաւ: Աթաթուրքը լայնածաւալ պատերազմ մղեց եւ «Աղրի»ի քիւրտական նորաստեղծ պետութիւնը տապալեց: Իհսան Նուրի փաշան Պարսկաստան ապաստանեցաւ: 1935 թ. Թուրքիոյ պետութիւնը վերաբնակեցման նոր օրէնքով որոշեց Տերսիմի (այժմ Թունջելի) քիւրտերը ուրիշ վայրեր տեղափոխել, հոն թուրքեր բնակեցնելու նպատակով: Քիւրտերը մերժեցին եւ ծայր առաւ Տերսիմի ապստամբութիւնը Սայէտ Ռեզայի ղեկավարութեամբ (1937-1939) թ.թ.: Աթաթուրքը տասնեակ հազարաւոր զօրքեր ղրկեց եւ օդային ուժի մասնակցութեամբ վերջ տուաւ Տերսիմի ապստամբութեան: Տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր սպաննուեցան եւ մեծ թիւով ալ բռնի տեղափոխուեցան. Տերսիմի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատուեցաւ, եւ վերջերս Էրտողանը ներողութիւն խնդրեց իր կառավարութեան անունով: Քիւրտերու դէմ հալածանքները շարունակուեցան Թուրքիոյ մէջ (1960, 1971, 1980) թ.թ. յեղաշըրջումներու հետեւանքով, սակայն անոնց ազատական շարժումը շարունակուեցաւ եւ 1978 թ. Ապտուլլա Օճալանի ղեկավարութեամբ կազմուեցաւ «Քիւրտստանի Բանուորական Կուսակցութիւն»ը, (PKK), որը 2004 թ. պայքար մղեց պետութեան դէմ ու ան շարունակուեցաւ մինչեւ 2009 թ., ուր խաղաղ բանակցութիւններ սկսան: Մինչ այդ աւելի քան Շարունակութիւնը էջ 10
Հայ Կեանք
Էջ 10
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Թուրքիոյ քիւրտերու ճգնաժամը Աթաթուրքէն մինչեւ սուլթան Էրտողան Շարունակութիւն էջ 9-էն
40.000 մարդ սպաննուեցաւ եւ աւելի քան 3․000 քիւրտական գիւղեր այրուեցան եւ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահանուեցան: Նոյն ոճը եւ նոյն շովինիստական մօտեցումը Ապտուլ Համիտէն սկսեալ մինչեւ օրս։ Նախ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն դէմ, ապա իսլամ քիւրտերուն դէմ որոնք իրենց հետ միասին կոտորեցին հայերուն: Օճալան՝ 1979 թ. տեղափոխուեցաւ Սուրիա. տարիներ ետք 1998 թ., Թուրքիոյ սպառնալիքները Սուրիոյ պետութեան դէմ ծանրացան Օճալանին ապաստան ապահովելուն համար, եւ ան ստիպուեցաւ մեկնիլ երկրէն, նախ դէպի Ռուսաստան, յետոյ Իտալիա եւ ի վերջոյ Յունաստան. վերջապէս ձերբակալուեցաւ 1999 թ. Փետրուար 15-ին Նայրոպիի մէջ, Ափրիկէ թուրքերու կողմէ եւ ԱՄՆ-ի օգնութեամբ, ան Թուրքիոյ մէջ նախ մահապատիժի ենթարկուեցաւ ապա 2002 թ. մահապատիժը փոխարինուեցաւ ցմահ ազատազրկման երբ մահապատիժը արքիլուեցաւ Թուրքոյ մէջ Եւրոխորհրդարանի ճնշումով: Թուրքութ Օզալ իշխանութեան հասաւ Նոյեմբեր 1988-ին եւ 1991-ին ան ներում շնորհեց քաղաքական բանտարկեալներուն եւ քիւրտերուն որոշ չափով ազատութիւն տուաւ, Օզալ յայտնեց որ ինք քրտական արմատներ ունի: Թուրքիոյ եւ (PKK) միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան 1993 թ. Իրաքի քիւրտ առաջնորդներէն Ճալալ Թալապանիի միջնորդութեամբ: Երկու կողմերը պայքարին վերջ տալու մասին գրեթէ համաձայնեցան, սակայն 1993 թ. Ապրիլին Օզալի յանկարծակի մահը արիւնալի բռնութեան նոր դէպքեր յառաջ բերաւ: 1997 թ. խաղաղութեան ուրիշ փորձ մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ծայրահեղ իսլամ վարչապետ Նեջմըլտին Էրպաքանի օրով, սակայն ան ալ ձախողուեցաւ, երբ բանակը տապալեց Էրպաքանի իշխանութիւնը: Վարչապետ Բոլանդ Էճեւիտի եւ բանտարկուած Օճալանի միջեւ կարճ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, սակայն անոնք ալ վերջ գտան առանց արդիւնքի: (2009-2011) թ.թ. Նորվեգիայի մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի կառավարութեան եւ PKK-ի ներկայացուցիչներու միջեւ, սակայն դադարեցան Փարիզի մէջ PKK-ի երեք յայտնի անդամներու սպանութեան պատճառով, ուր Թուրքիան մեղադրուեցաւ: Պայքարը շարունակուեցաւ եւ Էրտողան յայտարարեց, որ թուրքական բանակը պիտի շարունակէ քիւրտ մարտիկներու հետապնդումը ամէն տեղ: 2012 թ. նոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի եւ Օճալանի միջեւ եւ անոր հետեւեցաւ խաղաղութեան շրջան մը, որ վերջ գտաւ 2015 թ. Սուրիոյ պատերազմի պատճառով: Քիւրտերը 2012 թ. Սուրիոյ Քամիշլի, Գուբանի եւ Աֆրին քաղաքնե-
րուն մէջ ինքնավար շրջաններ հիմնեցին, եւ յայտարարեցին թէ անկախութեան չեն ձգտիր, սակայն պատերազմի շարունակութիւնն ու քիւրտերու դերը ՏԱԻՇ-ի դէմ լարուածութիւնը աւելցուց Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ: Յուլիս 2015 թ. թրքական Սորոշ քաղաքին մէջ ՏԱԻՇ-ի կողմէ անձնասպանութիւն մը տասնեակ քիւրտերու կեանքը խլեց, թուրքերը յանցաւոր սեպուեցան եւ անոր դէմ քիւրտերը երկու թուրք ոստիկաններ սպաննեցին Ուրֆայի մէջ: Թուրքական օդային հարուածները որոնք ուղղուած էին Սուրիոյ քրտական ջոկատներուն դէմ շարունակուեցան PKK-ի հետ կապ ունենալու պատրուակով: Իրաքի քիւրտերը ուզեցին միանալ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ, որպէսզի միասին ՏԱԻՇ-ի դէմ պայքարին, սակայն Էրտողան այդ քայլը Թուրքիոյ դէմ ուղղուած համարեց եւ Դեկտեմբեր 12, 2017-ին ան շեշտեց, որ իր երկրի սահմաններուն վրայ անկարելի է քիւրտական պետութիւն կառուցել: Յիշենք որ ներկայիս Թուրքիան Սուրիոյ մէջ քիւրտական քաղաքներ եւ տարածքներ գրաւած է, քիւրտ մարտիկները չէզոքացնելու եւ անոնց կապերը PKK-ին հետ կտրելու համար: Քիւրտերը փորձեցին մասնակցիլ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ եւ 2012-ին հիմնցին «Ժողովուրդներու Ռամկավարական Կուսակցութիւն»ը որը 2015 թ. յաղթանակ գրեց եւ Թուրքիոյ խորհրդարանը մտաւ 78 երեսփոխաններով: Այնուամենայնիւ, պետութեան հետ փոխըմբըռնման բոլոր փորձերը ձախողեցան, եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարները այս կամ այն պատճառով բանտարկուած են, վերջերս թուրքական կառավարութիւնը Տիարպէքիրի շրջանի քիւրտական տարածքները, Սուր քաղաքը եւ այլ շրջաններ աւերկաներու վերածեց եւ դեռ հակամարտութիւնները կը շարունակուին: Քիւրտերու ինքնութիւնը ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ոչ մէկ արդիւնք չտուին եւ անոնք կը շարունակեն իրենց պայքարը: Ժամանակին, 1890 թ., համիտեան ջոկատները հիմնուեցան Ապտուլ Համիտ II կողմէ, անոր անդամներու մեծ մասը քիւրտ հեծեալներ էին, որոնք իրենց շրջաներուն մէջ համիտեան կոտորածները կատարեցին եւ աւելին անոնք ուրիշ շատ մը քիւրտ ցեղախումբերու հետ միասին Թալեաթի հետ մաս կազմեցին 1915 թ. հայոց ցեղասպանութեան ծըրագիրին եւ հայուն տունն ու տեղը գրաւեցին, եւ Աթաթուրքի օրով անոր հետ գործակցեցան յոյս ունենալով որ իրենց ազգային իրաւունքներուն պիտի տիրանան: Սակայն թուրքը թուրք է, անոնց ալ հայոց թառն բաժակէն խմցուց եւ դեռ կը խմցնէ. քիւրտերը կ՚ըմպեն նոյն այն դառն գաւաթէն, որ հայերուն ըմպել տուին թուրքերուն հետ միասին:
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 11
2019 թուականը պէ՛տք է դառնայ անհատական ջանքի յաղթանակի տարի. Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Շարունակութիւն էջ 1-էն
ման, քաղաքացիական արժանապատուութեան, լաւատեսութեան ու պետականութեան յաղթանակի տարի: 2018-ը մի տարի էր, երբ հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, մեծ ու մանուկ, կին թէ տղամարդ, գիւղաբնակ թէ քաղաքաբնակ՝ միաւորուեցին մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ եւ կերտեցին մէկ ընդհանուր յաղթանակ, որն ի վերջոյ դարձաւ ազգային միասնութեան մի բացառիկ նուաճում: 2018-2019 թուականների այս սահմանագծին ուզում եմ ձեւակերպել, ուրեմն, այն խնդիրը, որ դրուած է մեր առաջ. 2019 թուականը դարձնել նոյնքան սիրելի ու հարազատ, նոյնքան յիշարժան եւ յաղթառատ, որքան եղաւ 2018 թուականը: Եւ հարկ եմ համարում արձանագրել, որ անցնող տարին ոչ թէ մեր յաղթանակների գագաթն էր, այլ ընդամէնը ստորոտը, ոչ թէ մեր երթի եզրագիծն էր, այլ ընդամէնը մեկնարկը: 2019 թուականին մենք պէտք է նուաճենք նոր բարձունքներ, արձանագրենք նոր յաջողութիւններ եւ առաջին հերթին մեր երկրի սոցիալ-տնտեսական կեանքում: 2019 թուականի մեր հիմնական խնդիրը տընտեսական յեղափոխութիւնն է, նրա արդիւնքներն աւելի ու աւելի տեսանելի դարձնելը: Բայց եկող տարին նոյնպէս մեր յաղթանակների գագաթնակէտը չի լինելու, ոչ թէ այն պատճառով, որ մեր թռիչքը ցածր է լինելու, այլ այն պատճառով, որ մեր ազգային եւ պետական յաւակնութիւնները լինելու են բարձր, աւելի բարձր, աւելի ու աւելի բարձր: Սրանում է Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան առանցքային իմաստը: Երբ ժողովուրդը հաւատում է իր միասնութեան ուժին, իր անցեալի եւ ապագայի ուժին: Մենք հաւատում ենք մեր ամէն քաղաքացու ստեղծարար տաղանդին եւ 2019 թուականը պիտի դառնայ հենց ստեղծարար տաղանդի յաղթանակի տարի, երբ ամէն անհատ, Հայաստանի Հանրապետութեան ամէն քաղաքացի, Հայաստան ներգաղթած ամէն մի հայ իրեն տեսնում է ոչ թէ սպառողի, այլ արարողի դերում, ոչ թէ հետեւորդի, այլ առաջնորդի դերում, ոչ թէ հարկ թաքցնողի, այլ հարկ վճարողի դերում, ոչ թէ գործազուրկի, այլ աշխատողի դերում, ոչ թէ աղքատի, այլ աղքատութեանը յաղթողի, աղքատութեան հետ չհաշտուողի, աղքատութիւնը ստեղծարար մտքով, արդար աշխատանքով յաղթահարողի դերում: 2019 թուականը պէտք է դառնայ անհատական ջանքի յաղթանակի տարի, մտքի ու աշխատանքի համադրման տարի: Եւ ուրեմն, ամանորեայ այս օրերին մեր տրամադրութիւնը պէտք է նոր ուժով ու
եռանդով լիցքաւորի բոլորիս, նոր լաւատեսութեամբ եւ սիրով համակի մեր հայրենիքն ու ժողովրդին: Սիրելի հայրենակիցներ, Ամանորեայ այս երեկոյին ուզում եմ առանձնայատուկ ողջոյններ յղել առաջնագծում եւ սահմանին կանգնած մեր բոլոր զինուորներին, սպաներին, գեներալներին, ովքեր աչալուրջ հսկում են մեր ամանորեայ անդորրը: Ողջունում եմ Հայաստանի ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, արտակարգ իրավիճակների, արդարադատութեան նախարարութեան այն ծառայողներին, ովքեր ամանորեայ այս րոպէներին իրենց ծառայական պարտականութիւններն են կատարում՝ ապահովելով մեր ժողովըրդի անվտանգութիւնը: Ողջունում եմ մեր այն բուժաշխատողներին, էներգետիկայի, հեռահաղորդակցութեան, տրանսպորտի ոլորտի այն աշխատողներին, եւ ընդհանրապէս բոլոր այն մարդկանց, ովքեր Ամանորը դիմաւորում են աշխատանքային պարտականութիւնները կատարելիս: Եւ ի վերջոյ ողջունում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին, մեր բոլոր հայրենակիցներին՝ Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում: Սիրում եմ բոլորիդ, հպարտանում եմ բոլորովդ եւ խոնարհուում եմ բոլորիդ առաջ: Ժպտացէք իրար, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որովհետեւ Նոր Տարին ահա եկաւ: Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ: Եւ ուրեմն կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ ապրում ենք եւ ապրելու ենք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում»։
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՇՏ ԴԺԲԱԽՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԶԲԱՂԻԼ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԱՆ ԽՆԴՐՈՎ Անոնք որոնք կը հետեւին քաղաքական կեանքին, ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու կը հաւատան, իրենք զիրենք կը գտնեն հարցականներու առջեւ: Արդարեւ, շատերու կողմէ երազուած, ուշ ձեռք բերուած կամ կեանքի ընթացքին մաս կազմած ժողովրդավարութիւնը ի՞նչ պատկեր ունի այսօր այս կամ այն երկրի անցեալի եւ ներկայի ըմբռնումներուն եւ իր գործադրութեան մէջ: Նոյն բառի ետին թաքնուած ընկերային եւ կառավարման նոր եղանակնե՞ր կան: Կամ ժողովըրդավարութիւնը որպէս վարչաձեւ անկարելի՞ դարձած է: Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահական վերջին ընտրապայքարը եւ ընտրութիւնը, Հայաստանի «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը եւ անոր հետեւած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը, կը վկայեն այն մասին, որ օրինականութեան մշուշին մէջ, փորձ կ’ըլլայ միանձնեայ իշխանութիւն հաստատելու, իր անունը չըսող միապետութիւն: Ընտրող քաղաքացին, իշխանութեան ձգտող ղեկավարը, հանրային կարծիք առաջնորդող մամուլը, պէտք է պարտք համարեն մտածել ժողովրդավարութեան իրականացման կարելիութիւններու եւ սահմաններու մասին: Ժողովրդավարութիւնը, որպէս համակարգ, ինչպէ՞ս կը թերանայ, կը կաղայ, կը դառնայ ձեւական, կ’իյնայ հակասութիւններու մէջ, կը հեռանայ զինք հաստատող սկզբունքներէն: Արդեօ՞ք ժողովրդավարութիւնը իտէա՞լ մըն է, որուն պէտք է ձգտիլ, բարելաւել: Ան այդքա՞ն է միայն: Այս կացութենէն կը թելադրուի յետագայ խորհրդածութիւնը, որ ժողովրդավարութեան տասնաբանեայ ըլլալու յաւակնութիւնը չունի, բայց հրաւէր է ուղղուած քաղաքացիին, ան ըլլայ ընտրող, ընտրելի թէ ընտրուած, մտածելու Ուինսթըն Չըրչըլի բանաձեւումով թերեւս ոչ կատարեալ, բայց վարչաձեւերու մէջ նուազագոյն չափով վատը եղող ժողովըրդավարութեան մասին, որպէսզի զանգուածը ինքնախաբէութեամբ չտարուի, կամ զինք այս կամ այն ձեւով չզրկեն իր ժողովրդավարական իրաւունքներէն, ազատութիւններէն եւ հաւասարութեան նուաճումէն:
ԿԱՐԾԷՔ ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՐՁԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱՑԻԻՆ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ ԽՐԱՄԱՏԸ Ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան միջեւ միշտ խրամատ եղած է եւ պիտի ըլլայ, քանի որ, ինչ ձեւով որ ալ յառաջացած ըլլայ երկրորդը, ան կը վերածուի վերնախաւի, որ ինքզինք կը դատապարտէ ապրելու անջատ, պատերու ետին, յաճախ անթափանց,
միշտ մշակելով յաւելեալ իրաւունքի եւ անսխալականութեան-անփոխարինելիութեան առասպելը: Ժողովրդավարութիւնները, հակառակ իրենց ներշընչած յոյսերուն, այս կամ այն ձեւով, կը մտնեն սադայէլի շրջանակին մէջ, խանդավառութիւններէ վերջ տարբերութիւններու ծնունդ տալով, որոնց կը հետեւին անտեսումը, արհամարհանքը, դիրքի չարաշահումը, ընտանեպաշտութիւնը (népotisme): Երբ ղեկավարութիւնը տեւաբար աչք եւ ականջ չ’ըլլար ժողովուրդի ձայնին, դատին, դժգոհութեան, կը կառչի օրէնքներու եւ կանոններու տառին իր դերը խաղալու համար, իր կողմէ զարգացուած այն համոզումով՝ որ ինք է ճիշդը, եւ զանգուածը անչափահաս է, կը յառաջանայ խզում: Ղեկավարութիւնները ի վերուստ շնորհուած իրաւունքներ չունին, պէտք չէ ունենան, երբեք պէտք չէ մոռնան, որ իրենք այս կամ այն դիրքի վրայ կը գըտնուին, քանի որ տուեալ պահու մը այդպէս ուզած է ժողովուրդը եւ այդ ուզած ըլլալու կամքը չէ փորագըրուած մարմարի վրայ: Հետեւաբար պէտք է միշտ դառնալ դէպի ժողովուրդը: Բայց ընկերութիւնները բազմանդամ են, զանգուած են, եւ ժողովրդավարութեան առանցքային առաքինութիւն լսել-լսուիլը, այսինքն՝ երկխօսութիւնը անկարելի է, քանի որ անոր ենթադրեալ մասնակիցները կը գտնուին անհաւասար դիրքերու վրայ, չունին նոյն հնարաւորութիւնները, հաւասար չեն: Քաղաքացիին քուէն կ’իւրացուի ղեկավարութեան կողմէ: Ան պէտք է սպասէ յաջորդ հանգրուանը, նոր ընտրութիւնը, իր դատումը եւ կարծիքի փոփոխութիւնը ընտրանքի վերածելու համար, եթէ այդ ալ նուազուրդի ենթարկուած չըլլայ: Ժողովրդավարական ճառի ետին միշտ թաքնուած կ’ըլլայ անհաւասարութիւնը, որ ամրացուած է հաստատութիւններով, օրէնքներով եւ կանոններով: Շարունակութիւնը էջ 13
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 13
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՇՏ ԴԺԲԱԽՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Շարունակութիւն էջ 12-էն
Այսինքն հաւասարութեան իտէալը այդքան է միայն, երբ դէմ առ դէմ կը գտնուի իշխանութեան, որ ինքնիրեն կը վերապահէ վերջին խօսքի իրաւունքը, խախտելով նոյնինքն հաւասարութեան սկզբունքը, անհատը զրկելով իր ճակատագրին տէր ըլլալու հիմնական իրաւունքէն: Ազատութիւն եւ հաւասարութիւն իտէալը լաւ հնչող կարգախօս է, երբ այդ մասին կը խօսինք, կը գրենք եւ կը լսենք: Բայց ի՞նչ կ’ըսէ կեանքի իրականութիւնը: Քուէատուփին առջեւ կանգնելու ակընթարթէն առաջ եւ վերջ ի՞նչ կը մնայ գեղահունչ կարգախօսէն: Քաղաքավար եւ պաճուճուած ձեւով կը վերադառնայ «տէր եւ ծառայ»ի կացութիւնը, վերնախաւը կ’որոշէ, թէ ի՞նչ բան լաւ է կամ վատ է անհատին եւ հաւաքականութեան համար,- տուրքեր, պատերազմ, ազատութիւններ, կրթութիւն, բարքեր եւ բարոյական: Ժողովրդավարութիւնը դեռ չէ գտած ոսկեղէն միջին իմաստութիւնը հաշտեցնելու համար քաղաքական իշխանութիւնը, բոլոր մակարդակներու իշխանութիւնները, զիրենք յառաջացնող խմբաւորումներուն հետ, անոնք ըլլան միութիւններ, կուսակցութիւններ եւ կառավարութիւններ: Անհաւասարութիւնները կանոնակարգուած են, դերեր ճշդուած են, հաստատուած են պատնէշներ վերնախաւին եւ զայն յառաջացուցած միւս խաւին միջեւ:
ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ ԵՒ ՄԻՒՍՆԵՐՈՒ ԲԱԽՄԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ Վերնախաւը միշտ կը մոռնայ, որ ինք կոչուած է յաւելեալ ծառայութեան եւ ոչ օգտուելու յաւելեալ իրաւունքի իւրացման: Այս մոռացումն է իսկական պատճառը խռովութիւններու, մերժումներու ըմբոստացումներու, ամէն կարգի անհասկացողութիւններու, երբեմն ալ անոնց հետեւող խաղաղ կամ բիրտ հաշուեյարդարներու: Այլեւս չենք զարմանար, որ ժողովրդավարական ազատութիւն եւ հաւասարութիւն մշուշին մէջ կը հաստատուի ինքնակալական դրութիւն, որ առաջին օրէն իսկ ծնունդ կու տայ մերժումի եւ վէճերու: Ամէն ձեւի իշխանութիւն, այս կամ այն ձեւով փակագիծի մէջ կը դնէ ե՛ւ հաւասարութիւնը ե՛ւ ազատութիւնները, որուն հետեւանքով ծնունդ կ’առնեն հակաիշխանութիւններ, որոնք կ’առաջադրեն փոփոխութիւններ եւ նոր տեսակէտներ: Այսինքն «ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» իմաստութիւնը ինք ալ կարիք ունի իմաստութեան, կուլ չերթալու համար ամբոխավարական կամ խուժանային հոսանքներու: Ինչպէ՞ս: Ժողովրդավարական կարգերը միշտ պէտք է ենթակայ ըլլան վստահութեան եւ օրինակելիութեան չափանիշներու: Այդ ընելու համար հաւանօրէն պէտք է վերադառնալ հիմնական սկզբունքին, ուղ-
ղակի ժողովրդավարութեան, փոխան ներկայացուցչականի: Այս վէճը միշտ եղած է: Ան թերեւս կարելի է կիրարկել փոքրիկ միաւորներու պարագային, թաղամաս, միութիւն կամ կուսակցութիւն, բայց ինքնախաբէութիւն է խորհիլ որ ան կիրարկելի է մեծ միաւորներու պարագային, քաղաքներ եւ երկիրներ: Միշտ խօսուած է քաղաքացիական դաստիարակութեան մասին, որ քաղաքացին, կամ ընկերութեան անդամին կու տայ միաժամանակ ըլլալու օրէնսդիրի իրաւունք եւ այդ օրէնսդրութեան ենթակայ ըլլալու պարտք: Ժան-Ժագ Ռուսօ ըսած էր. «Հնազանդիլ մեր կողմէ մեզի տրուած օրէնքին»: Ուղղակի ժողովրդավարութեան պարագային վեհապետ եւ հպատակ են ընկերութեան անդամները, քաղաքացիները: Ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան պարագային ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն կը տրուի յանուն իրեն ըլլալու օրէնսդիր եւ գործադիր: Ի հարկէ, բնական կրնայ համարուիլ, որ հաւաքուած քաղաքացիներուն դիմուի առաջքը առնելու համար ժողովուրդի ակնկալութիւններուն եւ որոշումներուն իւրացման՝ անհատներու կամ խըմբաւորումներու կողմէ: Բայց այս իտէալական կացութեան ցանկութիւնը ունի իր սահմանները եւ անպատեհութիւնները: Սրահի մը մէջ, հրապարակի մը վրայ կամ փողոցը հաւաքուած մարդոց խումբը ե՞րբ կ’ըլլայ ժողովուրդ եւ ե՞րբ կ’ըլլայ ամբոխ: Երկրորդի պարագային կը լըսուին միայն ամբոխավարը, ամենէն աւելի պոռացողը, բնազդներու կոչ ընողը, քէներու թիրախներ առաջարկողը, որ իր վրայ կը հրաւիրէ վերլուծումներ չընող ամբոխի ուշադրութիւնը, կիրքի եւ բրտութեան դէզի վրայ ծնունդ տալով «ղեկավար»ին: Նման կացութեան մը պարագային կէսէն մէկ աւելիի ժողովրդավարութիւնը կրնա՞յ ճիշդ եւ արդար ըլլալ: Խնդիր է նաեւ այն, զոր նկատած էր Պղատոն քսան հինգ դար առաջ: Եթէ ընդունինք որ իւրաքանչիւր կարծիք օրինաւոր է, կը յանգինք հոն ուր այլեւս կարելի չ’ըլլար գնահատել տարբերութիւնը լաւին եւ վատին, ճիշդին եւ սխալին, քանի որ ամէն ոք իրաւունք կ’ունենայ անգէտը կրնայ իրաւունք ունենալ գիտունին դէմ, անպարկեշտը պարկեշտին դէմ, անփորձը փորձառուին դէմ: Այդ ձեւով ալ ժողորըդվարական Աթէնքը զոհը եղաւ ամբոխավարներու եւ յանգեցաւ մենատիրութեան:
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐԸ Կը թուի թէ ելքը ներկայացուցչական ժողովըրդավարութիւնն է, որ իր կարգին արդարօրէն մտահոգած է մտածողները: Ժան-Ժագ Ռուսօ կը տեսնէր վտանգը, այն՝ որ ժողովրդավարական եղանակով ընտրուած ներկայացուցիչները, երեսփոխան, պատՇարունակութիւնը էջ 14
Էջ 14
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՇՏ ԴԺԲԱԽՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Շարունակութիւն էջ 13-էն
ընդունուելու:
գամաւոր, քաղաքապետ եւ այլ «պետեր», կրնային շփոթել իրենց շահը հասարակաց շահերու հետ, կամ պարզապէս հետապնդել մասնակի շահեր, դասակարգային, կրօնական, խմբակային: Այս վտանգը մասամբ կարելի է հակակշռել, մասամբ միայն, եթէ ներկայացուցիչները ընտրուին կարճ ժամանակի համար, օրէնքով նախատեսուի անոնց իշխանութեան վերանորոգման սահմանափակումը, այսինքն, նոյնիսկ ժողովրդավարական դիմակի տակ անոնց դիրքի վրայ մնալու յաւերժացումը կանխուի: Խորհրդային Միութեան եւ արբանեակ երկիրներուն մէջ ալ տեղի կ’ունենային ընտրութիւններ, որոնք շատ ալ տարբերութիւն չունէին ցկեանս ներկայացուցչութիւններէ: Կամ օրէնքը կը նախատեսէ անոնց նախաձեռնութիւններու եւ հրապարակած օրէնքներու վերահսկողութիւնը՝ յատուկ անկախ մարմիններու կողմէ:
Գիտնականներու, լաւագոյններու եւ արհեստավարժներու ժողովրդավարութիւնը կը հեռանայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն, կը դառնայ իր անունը չըսող հին-նոր դասակարգ, ազնուականութիւն:
Մասնաւորաբար մեր օրերուն կը հաստատենք ուրիշ աղէտ մը, ախտ՝ որ կը կրծէ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնը, այն՝ որ քաղաքականութիւնը դարձած է արհեստավարժներու գործ, երբեմն ալ ժառանգական: Այդ արհեստավարժները իրենց կարգին կը դիմեն յատուկ գրասենեակներու օժանդակութեան, որոնք ծանուցումի մասնագիտական միջոցներ օգտագործելով, զգացումներ, ակնկալութիւններ, կրօնական, ցեղային եւ այլ ազդակներ, կարգախօսներ եւ պատկերներ, ազդեն հանրային կարծիքին վրայ եւ ընտրութիւնը ունենայ իրենց ցանկացած արդիւնքը: Այս գրեթէ ճարտարարուեստական միջոցներով ձեռք բերուած ներկայացուցչութիւնը կարելի՞ է ժողովրդավարական համարել, երբ քաղաքացին կը դառնայ գիտական փորձի առարկայ, կը դատապարտուի ծանուցումի ընկերութեան ենթակայութեան:
Ի հարկէ պէտք է խօսիլ, գերանցելով կողմնապաշտութիւնը, ընտանեպաշտութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ եսապաշտութիւնը (ego), ըլլանք մեծ թէ փոքր ժողովուրդ կամ երկիր:
Այլ վտանգ մը. երբ մտածուի, որ քաղաքականութիւնը պատրաստուած քաղաքագէտներու գործ է, ժողովրդավարութիւնը կը դատարկուի իր իմաստէն, քանի որ կ’ընդունինք գոյութիւնը քաղաքականութեան մենաշնորհը ունեցող նորատեսակ ազնուականութեան մը, ոմանք կրնան ըսել գիտնականներու կառավարութիւն, կամ՝ լաւագոյններու, եւ կը թաղուին ազատութիւնները եւ հաւասարութիւնը: Հակառակ իր անկատարութիւններուն, ժողովըրդավարութիւնը նշուածէն տարբեր է, եւ այդ լաւ է, քանի որ հանրութիւնը, քաղաքացին, հաւասարապէս իրաւունք ունին դատելու, կողմնորոշուելու, ըստ իրենց խիղճին եւ հայեցողութեան, մեծաւորներու, հարուստի հռչակաւորի, համեստներու, տընազուրկներու, բանուորի եւ հաշմանդամի քուէները նոյն արժէքը ունին: Աւելին նաեւ, իրաւ ժողովրդավարական համակարգի մէջ մի ոմն քաղաքացին ոչ միայն ընտրելու հաւասար իրաւունք ունի, այլ նաեւ ընտրուելու, պետական պաշտօններու համար
Ի՞ՆՉ ԵԶՐԱԿԱՑՆԵԼ Անհրաժեշտ է ժողովուրդին տեւաբար յիշեցընել, որ ինք է քաղաքական կեանքի առաջին եւ հաւասար բջիջը, որ քուէով կ’որոշէ իր եւ ընկերութեան այսօրը եւ վաղը: Այս հարցերը տեսական չեն, պերճանք չեն: Հաւաքականութիւններու առօրեային մաս կը կազմեն: Եւ յարգելու համար քաղաքացին, որ պիտի քուէարկէ, անոր պէտք է խօսիլ այս ժողովրդավարական ընտրելու եւ ընտրուելու հաւասարութեան մասին:
Որպէսզի ժողովրդավարութիւնը չըլլայ դատարկաբանութիւն, ըլլայ ազատութիւններու եւ հաւասարութիւններու իսկական կենսաձեւ:
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 15
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակ 1869-2019
Կոմիտաս՝ Հայ երգի «Անլռելի զանգակատունը» ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ «Երգիչի կարողութիւններս մէկ նպատակի կը ծառայեն. իմ մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը՝ սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»: Կոմիտաս վարդապետ
Հայց. Առաքելական Մայր եկեղեցին, գլխաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. շնորհազարդ հայրապետին, 2019-ին աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ գործող եկեղեցիներով պիտի նշէ Կոմիտաս մեծագործ վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը եւ պիտի ոգեկոչեն հայ երգի «Անլռելի զանգակատան» անմոռաց յիշատակը: Կոմիտաս վարդապետ (աշխարհիկ անունով Սողոմոն Սողոմոնեան), ծնած է 1869-ին, Քէօթահիա քաղաքը: Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան կօշկակար էր, շատ գեղեցիկ ձայնով օժտուած անձ մը, որ երգեր կը գրէր եւ կը կատարէր, արժանանալով ունկնդիր հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Մայրը՝ Թագուհին, նոյնքան գեղեցիկ ձայնով օժտուած էր: Ան գորգահիւսութեամբ կը զբաղէր: Սողոմոնի մանկութիւնը շատ տխուր եղած է: Փոքր տարիքին կը կորսնցնէ իր մայրը, քանի մը տարի ետք, 11 տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը: Փոքրիկն Սողոմոն ֆիզիքականով շատ տկար եւ մտածկոտ մանուկ մըն էր: 1881-ին Քէօթահիայի եկեղեցւոյ վարդապետ Տէր Գ. Դերձակեան Էջմիածին կը մեկնէր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար: Իրեն հետ կը տանի որբուկ Սողոմոնը, որ թէեւ հայերէն չէր գիտեր, բայց հրաշալի ձայն ունէր. տարած էր Գէորգեան Ճեմարանին որպէս սան արձանագրելու համար: Էջմիածին հասնելով, Սողոմոն Գէորգ Դ. Վեհափառին ներկայացաւ: Երբ Վեհափառը հարցեր կու տար փոքրիկին, Սողոմոն կը պատասխանէր թրքերէնով, թէ ինք հայերէն չի գիտեր: Այնպէս ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն մեծամասնութիւնը հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ չէր գիտեր: «Բայց եթէ կ՚ուզէք՝ կ՚երգեմ» ըսաւ Սողոմոն Վեհափառին, եւ երգեց հայ եկեղեցւոյ նուիրուած «շարականը», խոր յուզում յառաջացնելով Վեհափառին: Որպէս բացառիկ կարգադրութիւն, Սողոմոնը Էջմիածնի Դպրեվանք կ՚ընդունուի իր ձայնին համար: Սակայն մէկ տարուան ընթացքին ան հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվեցաւ:
1869-1935 Սողոմոնը՝ Կոմիտաս Փոքրիկն Սողոմոն Էջմիածնէն ներս արժանացած էր Վեհափառի եւ բարձրաստիճան կղերականներու ուշադրութեան, անոնց սիրոյն ու յարգանքին: Իսկ վանքի այս ժառանգաւորը ոչ թէ ամէն տարի, այլ՝ ամէն օր կը հասուննար եւ կը հրաշագործէր հայ երգի եւ շարականներու կատարելագործութեամբ եւ կրօնագիտութեամբ: 1893-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ կը ստանայ Կոմիտաս անունը, որ 12-րդ դարու ծանօթ Կոմիտաս արուեստագէտին անունն էր: Կոմիտաս վրդ. որպէս երգի ուսուցիչ, խմբավար եւ երաժշտագէտ, ստեղծագործեց տիւ եւ գիշեր գործելով: Ան բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կ՚ընէր հայկական գիւղերը եւ հայահոծ քաղաքները այցելելով, հայ երգի ակունքներէն հայ երգը կը հանէր, կը մաքրազտէր եւ ժողովուրդին կը ներկայացնէր, անգնահատելի գանձեր դիզելով հայ երգարուեստի գանձարանին մէջ: 1910-ին Կոմիտաս կը մեկնի Պոլիս: Հոն եւս հոգեւոր ծառայութեան կողքին կը զբաղի հայ երգով ու երաժշտութեամբ: Կը շարունակէ երգահաւաքի ու երգազտումի իր գործը: Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ 300 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» հռչակաւոր քառաձայն ժողովրդական երգչախումբը, որ մեծ համբաւ ունեցաւ եւ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին քով: Այդ տարիներուն էր որ կը մշակէ Ս. ՊաՇարունակութիւնը էջ 16
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Կոմիտաս՝ Հայ երգի «Անլռելի զանգակատունը» Շարունակութիւն էջ 15-էն
տարագի Կոմիտասեան կատարումը, որ մինչեւ օրս կ՚երգուի որոշ եկեղեցիներու մէջ:
Կոմիտաս եւ Ցեղասպանութիւնը 1915-ի հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբի օրերուն, մեծն Կոմիտասն ալ ձերբակալուեցաւ եւ Անատոլիա ղրկուեցաւ: Հոն էր որ զգայուն սրտի տէր Կոմիտասը տեսաւ հայ մեծամեծ գրողներու, գործիչներու, կղերականներու հաւաքական չարչարանքները, դժբախտութիւնը, որոնք խորապէս ազդեցին երիտասարդ կղերականի հոգիին, միտքին ու սիրտին վրայ: Այդ բոլոր սրտաճմլիկ տեսարանները տանիլ չկարենալով, խելագարեցաւ մեր անմահն Կոմիտասը, եւ ազդեցիկ մարդոց միջամտութեամբ Փարիզ տարուեցաւ բուժուելու համար: Սակայն այլեւս բուժումի ոչ մէկ յոյս կար եւ 1935-ին իր մահկանացուն կնքեց հայ երգի ու երաժըշտութեան այս երախտաւոր վարդապետը: 1936ին հանգուցեալին մարմինը Հայաստան տարուեցաւ եւ թաղուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտներու Պանթէոնին մէջ ժողովրդային ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած մեծամեծ արուեստագէտներու ներկայութեամբ: Կոմիտաս մարդը Կոմիտասի կենսագրական գիծերու այս շատ ամփոփ տեղեկութիւններէն ետք, կ՚ուզէի յիշել, որ այս խոհուն, լուրջ, խիստ եւ պահանջկոտ կղերական-մանկավարժը, իր ազատ եւ հանգիստ ժամե-
րուն, ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ, զուարճախօս, կատակաբան, վառվռուն անձ մըն էր: Զինք մօտէն չճանչցողները մեծ երգահանի մասին զարմանքով կ՚ըսէին, թէ ան արտակարգօրէն հաճելի սրախօս էր: Կոմիտասին մօտէն ճանչցողներ կ՚ըսէին, որ ան բնաւ բարկանալ չէր գիտեր: Ամենալուրջ խօսակցութեան մէջ ալ Կոմիտաս վարդապետ կատակ մը, կամ՝ թեթեւ զուարճախօսութիւն մը կը խառնէր այդ խօսակցութեան: Շարունակութիւնը էջ 17
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 17
Կոմիտաս՝ Հայ երգի «Անլռելի զանգակատունը» սորվէ նարտի խաղալ»: Իսկ պարտութեան պարագային, միշտ նարտին կը ձգէր եւ արագ մը կ՚անհետանար ըսելով, թէ՝ «Շատ գործ ունիմ ընելիք»:
Շարունակութիւն էջ 16-էն
Այդպիսի դէպքի մասին գրուած է, որ Կոմիտաս վրդ. ուշադրութիւն կը դարձնէ բառերու շեշտադրութեան վրայ: Ան միշտ կը ծաղրէր այն դպիրները, սարկաւագները կամ կղերականները, որոնք տարօրինակ շեշտեր կը դնէին վանկերու վրայ, որոնց շեշտադրութեան կարիքը չկայ: 1913-ին Պոլսոյ Սուրբ Հրեշտակապետ Մայր Տաճարին մէջ, նստած Ս. Պատարագի երգեցողութեան կը հետեւէր: Երբ դպիրը սկսաւ թուրքական շարքիներու եւ նանիներու պէս «քաշել» «ազատութիւն» բառը, Կոմիտաս չի հանդուրժեր…: Ս. Պատարագի աւարտին Կոմիտաս վրդ. կը մօտենայ դպիրին կատակով, բայց լուրջ շեշտով կ՚ըսէ. «Տօ՛, զուռնաճի, մի՞թէ կարելի է այդ աստիճան չարչարել մարդկային ազատութիւնը: Եթէ ես Աստուծոյ տեղը ըլլայի, այդ տեսակ ազատութիւն խնդրող մարդուն ստրկութիւն կը շնորհէի»: Բազմաթիւ դէպքեր, պատումներ կան Կոմիտաս վրդ.ի կատակաբանութիւններուն, սրախօսութիւններուն եւ մանաւանդ հաւաքոյթներուն մասին, ուրախ առիթներու անոր շէն ու շէնշող կեանք սփռող ներկայութեան մասին: Կոմիտաս վրդ. ազատ ժամերուն նարտի խաղալ շատ կը սիրէր, եւ միշտ իր մրցակիցը շատ լաւ խաղացող պիտի ըլլար որ անոր հետ նարտի խաղալու նստէր: Երբ յաղթէր, անմիջապէս պարտուողին կ՚ըսէր. «Դէ գնա՛ պապայիդ բարեւ տար եւ
*** Կոմիտասի մեծագոյն առաքելութիւնն էր ցոյց տալ, որ հայը ունի իր ինքնուրոյն ազգային խոր ակունքներէն բխող հայ երգ ու երաժշտութիւն: Եւ ասիկա փայլուն ձեւով ներկայացուց աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն: Ան հայ երգը բազմիցս տարաւ Եւրոպա, երգչախմբային կամ առանձին ելոյթներ ունենալով ամենայայտնի համերգասրահներու մէջ եւ հայ երգի սիրով համակեց օտար բազմաթիւ մեծանուն արուեստագէտներու հոգիները եւ արժանացաւ անոնց հիացմունքին եւ բարձր գնահատանքին: Բազմաթիւ դէպքեր, պատումներ կան Կոմիտաս վրդ.ի կատակաբանութիւններով, սրախօսութիւններով եւ մանաւանդ ձայնի քաղցրութեան մասին, որոնք մեր գրականութեան անթառամ գանձերն են: Այդ բոլոր գրութիւններուն մէջ յիշուած եւ գնահատուած են արուեստի բազմաթիւ տիտաններու կողմէ, որոնք ամենաջերմ խօսքերով եւ բառերով գնահատած են մեր անմահ Կոմիտասի գործերը: Կոմիտասին զանազան առաջարկներ եղած են իրենց մօտ գործել, Գերմանիա որպէս ուսանող եղած շրջանին,Պուլկարիոյ թագաւորութեան կողմէ եւայլն: Բոլորն ալ մերժած է, ըսելով՝ «Ես վարդապետ եմ, իմ տեղս հայ եկեղեցին է»: Կոմիտաս ականատեսը ըլլալով իր գործի յաղթանակին, երբ հարց կու տան իրեն այդ մասին, իր գործը մեծագոյն յաջողութեամբ պսակած մարդու մը գոհունակութեամբ կ՚ըսէ. «Ամէնէն աւելի զիս յուզեց այն բանը, որ օտար հեղինակաւոր երաժշտագէտներ, լսելով իմ բացատրութիւնները, երգերը, հասկցան եւ համոզուեցան որ աշխարհի վրայ կայ հայ երաժշտութիւն, ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն, այնպէս ինչպէս հայ լեզուն եւ հայ կեանքը, մինչդեռ մեր ժողովուրդը դեռ կը տարակուսի, թէ ինքը լեզու ունի՞, երաժշտութիւն ունի՞, կեանք ունի՞»: *** Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մօտալուտ տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ողջ հայութիւնը, մաղթելով հայ ժողովուրդին ամենայն բարիք եւ օրհնաբեր օրեր: Թող 2019 տարին ըլլայ Կոմիտաս վրդ.ի յիշատակով, գործով եւ պատգամներով ապրելու տարի մը ողջ հայութեան համար: Թող Կոմիտաս «Զանգակատունը» միշտ եւ յաւէտ հնչէ բոլոր տուներէն եւ ընտանիքներէն ներս: Հազար փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդին, որ ծնունդ տուած է Կոմիտասի նման յաւերժալոյս աստղի մը: Լոս Անճելըս
Էջ 18
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարները ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը՝ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ հանդիպման ժամանակ քննարկումները ծաւալած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, երկրի վերակառուցման գործընթացին շուրջ: Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարները ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին: Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Սուրիոյ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբունքային դիրքորոշումը եւ երկրի դէմ սանձազերծուած ահաբեկչական պատերազմի ողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ առաջատար երկիրներէն մէկը, որ արդար իրաւունք ունի մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն:
Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» գործակալութիւնը նշած է, որ Անին եղած է Հայոց Բագրատունեաց արքաներու մայրաքաղաքը Թրքական պետական «Անատոլու» լրատուամիջոցը կը շեշտէ, որ Անին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Անիկա, հայկական Անի անուան ձեւափոխուած, թրքացուած տարբերակն է, որ ստեղծուած է հայկական անուանումը օգտագործելէն խուսափելու նպատակով: Հետաքրքրական է, որ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան՝ Անիի մասին յօդուածին մէջ կ՛’օգտագործուի տեղանունին հայկական տարբերակը՝ Անի: Յօդուածին սկիզբը կը շեշտուի, որ Անին 961-1045թթ. Բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակաշրջանին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։ Այնուամենայնիւ, ինչպէս նախապէս, Անին թուրքերու կողմէ կը ներկայացուի ո՛չ թէ հայկական, այլ՝ «ընդհանուր» պատմամըշակութային արժէք, «տարբեր քաղաքակըրթութիւններու օրրան»։ Հրապարակման մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Թուրքիոյ համար Անիի աւերակներու ունեցած զբօսաշրջական նշանակութեան։ Արդէն գրեթէ տարուայ բոլոր եղանակներուն, թէ՛ ներքին զբօսաշրջութեան, եւ թէ՛ արտաքին զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն Անին կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ արձանագրելով այցելուներու շարունակական աճ։
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 19
Յուշեր եւ յուշեր
Ճամբորդելով … ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ Ինչպէ՞ս խեղդենք խեւ խռովքը Սասնայ տան, Ինչպէ՞ս մարենք այսքան կարօտ, վառք ու կիրք, Այսքան երազ ինչպէ՞ս թաղենք գետնի տակ, «Իմա՞լ կեղնի, իմա՞լ չերթանք մըր Էրկիր»: Սիլվա Կապուտիկեան
2018
-ի Մայիսին, մինչ ֆիզիքապէս կը ճամբորդէի դէպի ծննդավայրս՝ Աթէնք, մտովի ալ կը ճամբորդէի Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան ուսուցիչ-դաստիարակ, խմբագիր, հրապարակագիր, հեղինակ դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով. Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական Հայաստան» գիրքին էջերուն ընդմէջէն: Երկու ուղեւորութիւններու (2011 եւ 2012 ամառները) արդիւնք եղող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին՝ 2013-ին հրատարակուած այս հատորը, մեկենասութեամբ Լուտովիքա եւ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեաններու, նախապէս որպէս յօդուածաշարք լոյս տեսած էր Նոր Օր շաբաթաթերթի էջերէն 2011-12-ի ընթացքին: Ատենին պահած էի այդ թիւերը, որպէսզի ամբողջանալէն վերջ բոլորը միասին կարդամ, բայց տակաւին չէի յաջողած: Երբ անցեալ տարի հեղինակը ազնւութիւնը ունեցաւ գիրքը նուիրելու ինծի, որոշեցի ոչ միայն շուտով կարդալ, այլ նաեւ ճամբորդութեանս ընկեր դարձնել զայն: «Գացի իմ արմատներուս սնունդ տուած հողը տեսնելու», կ’ըսէ հեղինակը: «Գացի կորուստիս ահաւորութիւը չափելու: Գացի աւելի լաւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կ’ապրի հոն եւ ինքզինք տէրը կը նկատէ այդ հողերուն … գացի նաեւ անկեղծօրէն խօսելու այն բազմաթիւ ազնիւ մարդոց հետ, թուրք կամ քիւրտ, որոնք ամբողջութեամբ կամ մասամբ կ’ընդունին ու կը հասկնան իմ ցաւս եւ անկեղծօրէն կ’ըսեն ինծի «բարի եկած էք ձեր տունը»: Մորմոքող անցեալի արահետները զինք կը տանին Մուսա Լեռ, Պէյլան, Ալեքսանդրետ, ՉորքՊարզպան, Անարզաբա, Ատանա, Սիս, Զէյթուն, Մարաշ, Այնթապ, Ուրկուփ, Կեսարիա, Էվերեկ, Բալու, Հաւաւ, Ծովք, Խարբերդ, Մուշ, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանք, Սասուն, Պաթման, Մանազկերտ, Իգդիր, Պայազետ, Մասիսներու արեւմտեան ստորոտը, Կաղզվան, Կարս,Անի, Բերկրի, Վարագայ վանք եւ գիւղ, Վան, Ախթամար, Տիարպեքիր, Ուրֆա, Հռոմկլա եւ Ճիպին, երբեմն շատ կարճ, երբեմն աւելի երկար ժամանակով: Ու տեսածին միացնելով մեծ ծնողներէն եւ անոնց տարեկիցներէն լսածները, իւրաքանչիւր վայրի հետ կապուած պատմական տուեալներն ու աւանդութիւնները, ոգեկոչելով այդ վայրերուն մէջ ծնունդ առած կամ անկէ սերած մեր մեծերը, խմելով
կորուսեալ հայրենիքներու ջուրերէն ու «մկըրտուելով» անոնց մէջ, «Հայր Մեր»ը եւ «Տէր Ողորմեա»ն հնչեցնելով մեր աւերակ եկեղեցիներուն մէջ, դոկտ. Գոճայեան ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ իր ուխտագնացի փորձառութեան ու ապրումներուն: Շնորհակալ ենք: «Աղ ու պղպեղ կը լեցուի մորմոքիս վրայ», երբ վկան կ’ըլլայ խեղաթիւրումներուն, շինանիւթ դարձած խաչքարերու եւ զարդաքանդակներու բեկորներուն, Հայերու կողմէ ջարդուած Թուրքերու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին («Եկ Մինաս ու մի՛ խելագարի ...»), մինարէթով եկեղեցիներուն, հատուկենտ կանգուն մնացած հայկական տուներուն մէջ տակաւին ոսկի փնտռողներուն. Անհագիստ կ’ըլլայ, ուտելիքը կոկորդէն չիջնելու աստիճան: «Դիւրին չէ անտարբեր աչքով դիտել Եփրատը», կ’ըսէ ան երբ դէմ յանդիման կը գտնուի 1915ին կարմիր ներկուած, բայց այսօր յստակ հոսող գետին հետ: Իսկ երբ կ’այցելէ Կիլիկիոյ իշխանութեան եւ թագաւորութեան տարիներուն իր փառքի գագաթնակետին հասած միջնադարեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն՝ Հռոմկլա բերդաքաղաքը կ’ափսոսայ որ « … այսօր մարդկային շունչ չկայ Հռոմկլայի մէջ, նոյնիսկ այծեր չեն արածիր այս բարձունքներուն վրայ եւ պատմութիւնը կանգ առած է արդէն քանի հարիւր տարիներէ ի վեր»: Կայ նաեւ դրական ներկայութիւնը պատմութենէն լուր ունեցող սակաւաթիւ տեղացիներուն, պատմութեան «տարբեր աչքով» նայելու տրամադրուածներուն: Իր երկու ուղեւորութիւններուն ընթացքին դոկտ. Գոճայեան «կը սորվեցնէ» նաեւ, ըստ կարելւոյն, փորձելով շրջել այսօրուան Թուրքին իր կառավարութեան կողմէ դար մը ամբողջ հրամցուածը: Կաթիլ մը թէեւ ապատեղեկատուութեան ովկիանոսին մէջ, պարտականութիւն մը, սակայն, որ կ’իյնայ մեր բոլորին ուսերուն: Ձեր վարձքը կատար եւ ձեր գրիչը դալար: *** Այս անգամ կը ճամբորդեմ ժամանակին մէջ, մօտ հարիւրամեակ մը ետ: Կիլիկիոյ ծնունդ էին մօրս ծնողքը: Զէյթունի Կապան (Կէպէն) գիւղէն էր մեծ հայրս: Մահացու չէր եղած եաթաղանին հարուածը եւ վերապրած էր ինք, եօթ օր կիրճը նետուած իր համագիւղացիներուն դիակներուն տակ մնալէ ետք: Բոլորովին առանց ընտանիքի Շարունակութիւնը էջ 20
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայաստան ընդգրկուած է «Ֆորպզ»ի զբօսաշրջութեան համար 2019-ի ամէնէն աժան երկիրներու ցանկին վրայ Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» (Forbes) ամսագիրը ներկայացուցած է ամէնէն աժան ուղղութիւնները՝ 2019-ին ճանապարհորդելու համար: Ցանկը կազմելու համար, հեղինակը դիմած է զբօսաշրջութեան փորձագէտներու օգնութեան, խնդրելով երկուքական ուղղութիւն նշել կարօտալի յուշերու վերաբերեալ՝ վայր առ վայր, ուր վերջերս այցելած են եւ կը փափաքին այդ մասին պատմել բոլորին: Նպատակը յարմար գիներով ճանապարհորդութեան համար լաւագոյն ուղղութիւններ գտնելն է: Պաշտօնական ցանկին վրայ ընդգրկուած են 18 երկիրներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստան: «Գտնուելով Կովկասեան լեռներուն մէջ՝ Հայաստան թաքնուած մարգարիտ է, ուր դեռեւս չէ հասած զանգուածային զբօսաշրջութիւնը, եւ այնքան բան ունի առաջարկելու՝ հարուստ պատմութիւն, գինեգործարաններ, տպաւորիչ բնապատկերներ, հնագոյն վանական համալիրներ եւ զարմանահրաշ լեռներ: Մայրաքաղաք Երեւանը գեղեցիկ քաղաք է՝ լայն պողոտաներով, համեղ ճաշեր մատուցող ճաշարաններով, թանգարաններով եւ տեղական ձեռագործ աշխատանքներ վաճառող խանութներով: Երեւանէն դուրս գեղատեսիլ բնութիւն է:
Ճամբորդելով … Շարունակութիւն էջ 19-էն
մնացած Լեւոնը տարիներ ետք ի վերջոյ հանգրուանած էր Յունաստանի Լաւրիօ քաղաքը, որու հանքերուն մէջ աշխատանք գտած են հայեր, եւ ուր կարելի է տակաւին տեսնել հայկական անուն կրող տապանաքարեր: Նոյն քաղաքը եղած էր նաեւ հանգրուանը մեծ մօրս՝ Ովսաննային, որու ծննդավայրն էր Կիլիկիոյ Կարսը (Կարս-պազար): Իրենց մէկ հատիկը եղաւ մայրս՝ Վիքթորիա: Թագուհիի անուն ուզած էր տալ իրեն հայրը, որպէսզի թագուհիի բախտ ունենայ, վախնալով որ Ցեղասպանութեան զոհ՝ խեղդամահ մօր կամ քոյրերուն անունը տալով կրնար անոնց բախտին արժանանալ: Եղբայրներս ու ես բախտը չունեցանք մեծ հօրս ճանչնալու: Կանուխ մահացած էր ան, նախ քան մօրս ամուսնանալը: Բայց ծանօթներ միշտ լաւ խօսք ունէին ըսելիք բարի եւ աշխատասէր մարդուն մասին, որ ֆիզիքապէս տկար ըլլալուն, իբր հետեւանք իր եօթնօրեայ տանջանքին եւ տարագրութեան, ընտանիքին ապրուստը ապահոված էր տան մէջ ցորէն աղալով, փայտէ, ոսկորէ կամ թիթեղեայ առօրեայ գործածութեան իրեր շինելով: Իսկ մեր մանկութեան զինք ճանչցողներուն մեզ կը ծանօ-
Կրնաք այցելել աշխարհի հնագոյն գինեգործարանը, որ կը գտնուի Արենիի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի հնագոյն մայր տաճարը՝ Էջմիածին», գրուած է «Ֆորպզ»-ի յօդուածին մէջ: թացնէին որպէս Զէյթունցի կամ Կէպէնցի Լեւոն աղային թոռները: Կիլիկեցի ծնողներէ սերած Վիքթորիան 1949ին կ’ամուսնանար 1922-ի Զմիւռնիոյ աղէտին պատճառով մանուկ հասակին մօր ու եղբայրներուն հետ Աթէնք ապաստանած Հայկին հետ ու կը դառնար մեր տան թագուհին: Բոլորն ալ անդարձ մեկնած են այլեւս: Աստուած լուսաւորէ իրենց հոգիները: Կ’արժէ նշել այստեղ թէ 1922-ին Փոքր Ասիայէն եկող աւելի քան 1․200․000 յոյն գաղթականներու կողքին Յունաստան ընդունած էր նաեւ շուրջ 100․000 Հայեր: Յաւէտ երախտապարտ եղած են մեր ծնողներն ու մեծ ծնողները, ինչպէս նաեւ մենք: *** Թող բարի ու խաղաղ ըլլայ 2019-ն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան եւ համայն մարդկութեան համար: Առիթը ունենանք ճամբորդելու ֆիզիքապէս եւ մտովի, ծանօթանալու մեր անցեալին ու ներկային, «սորվեցնելու» թէ մերն էր այն ինչ որ անկախ մեր կամքէն, արեամբ ու սուրով, ուրիշինն է այսօր:
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 21
«Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ» Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Դուն այն չես՝ որ կը խորհիս թէ կրնաս մնալ նոյնը մինչեւ վերջ. ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան»։ Ժողովրդային ասացուածք
Արնոլտ Շուացնեկըր ամերիկացի ծանօթ եւ համբաւ վաստակած Հոլիվուտի դերասան է, որ առաւելաբար կը մարմնաւորէ արկածախնդրական ժապաւէններ։ Եթէ ան ատակ է այդ տեսակի ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնելու, բայց նաեւ որովհետեւ կը յենի երեւի իր ֆիզիքական ուժին եւ մարմնի մկաններուն եւ անոնց ցուցադրութեանը։ Եւ իր այդ ուժը (եւ չափազանցուած ձեւով), ան դերեր կը ստանձնէ իր ֆիլմերուն մէջ, ուր կրնայ դէմ դնել ամբողջ բանակի մը եւ «ջախջախել» բոլորը։ Եւ ինչ խօսք, որ սինեմարուեստի սիրահարներուն մօտ ան ունի (եւ երեւի ունեցաւ) երկրպագուներ, որոնք կը հիանան իր խաղարկութեան թէ մկաններու ու ֆիզիքական ուժի ցուցադրութեանը։ Արնոլտ ժամանակ մը եղաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիայի նահանգի կառավարիչ։ Եւ իր այդ պաշտօնի եւ դիրքի օրերուն ան հիմնած է մեծ պանդոկ մը, որուն առջեւ նաեւ կառուցած է իր արձանը։ Երեւի յաւերժանալու եւ յաւերժացնելու համար իր անունը…։ Եւ արձանը, որ ցոյց կու տայ իր մկանները եւ մարմնի ուժը։ Այն՝ որուն վրայ ան հիմնեց իր բոլոր ասպարէզային այսպէս ըսած «յաջողութիւնները» եւ գոհացուց իր երկրպագուները։ Եւ այդ օրերուն, երբ տակաւին կառավարիչ էր, պանդոկի տնօրէնութիւնը չէր ուշացած իր հիացմունքը ցոյց տալու Արնոլտին եւ ըսած. «Երբ որ ուզէք գալ եւ հանգստանալ՝ այս պանդոկը ձերն է»։ Եւ եկած է օրը։ Եւ տարիներու գլորումին հետ՝ գլորած գացած է նաեւ Արնոլտի պատասխանատու պաշտօնը եւ դիրքը ու երեւի այսպէս ըսած իր ֆիզիքական ուժը եւ մկանները, որոնք կորսնցուցած են երբեմնի հիացմունքի այդ ուշադրութիւնը։ Եւ երբ Արնոլտ օր մը ուզած է պանդոկ իջեւանել՝ ստացած է պատասխանը. «Պանդոկին մէջ տեղ չկայ»։ Արնոլտին բարկութիւնը (թէ նեղութիւնը) եւ կամ ալ սրտին ցա՞ւը։ Ան որոշած է իր արձանին տակ փռել վերմակ մը եւ պառկիլ նոյնինքն այդ տեղը…։ Այս ընելով, երեւի ուզեց ան արտայայտել իր զայրոյթը եւ բարկութիւնը։ «Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ», ըսած է Արնոլտ։ «Երբ պատասխանատու դիրքի վրայ էի», կը շարունակէ Արնոլտ, «մարդիկ զիս կը յարգէին։ Բայց հիմա որ դիրքի վրայ չեմ՝ մարդիկ զիս մոռցած են։ Մի վստահիք ոչ ձեր դիրքին, ոչ ալ դրամին, ոչ ալ ուժին եւ ոչ ալ մտքին։ Ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան», եզրակացուցած է Արնոլտ։ Ուրեմն ի՞նչ բանի պէտք է վստահիլ…։ Եւ ի՞նչ բան կը մնայ յաւիտեան…։
Բայց կայ ուրիշ իրական կեանքէ տարբերակ մը, որ իմ փորձառութեան մէջէն է եւ ոչ ալ քաղուած ընկերային տեղեկատուութեան միջոցառումներէն՝ ինչպէս որ էր Արնոլտին պատմութիւնը։ *** Օգոստոս 2018, Ուելինկթըն, Նոր Զելանտա։ Պիտի խօսէի Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ ներկայութեանը մասին, եւ Աստուածաշունչի առաքելութիւնը այդ տարածաշրջանի մէջ։ Կազմակերպողը Նոր Զելանտայի Աստուածաշունչի Ընկերութեան մեր գրասենեակն էր եւ որուն հրաւիրուած էին մայրաքաղաքի տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդ։ Ինծի նաեւ իմացուցին, թէ Նոր Զելանտայի Կաթողիկէ համայնքի Գարտինալ-Առաջնորդ՝ Ճոն Տիու արքեպիսկոպոսը նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ ելոյթին։ Երբ սրահը սկսաւ լեցուիլ, բայց ես կ՚ուզէի տեսնել թէ ո՞ւր պիտի նստէր Գարտինալը, որովհետեւ ոչ մէկ տեսակի կարգադրութիւն տեղի ունեցած էր այս առընչութեամբ։ Բայց չէ՞ որ ես կու գայի Միջին Արեւելքէն ու տակաւին Պէյրութէն։ Ուր համայնքային դրութիւնը եւ անոր հետ առընչուած ամէն տեսակի «փրոթոքոլային» կարգավիճակները պէտք էր ըստ պատշաճի կազմակերպուէր։ Ելոյթէն տասը վայրկեան առաջ սրահէն ներս մտաւ Գարտինալը։ Վիզէն կախած էր խաչը եւ ունէր կղերականի օձիքը։ Միայն այդքան։ Եկած էր իր անձնական ինքնաշարժով եւ առանց վարորդի։ «Կրցայ տեղ մը գտել եւ ինքնաշարժս կառատունի մէջ շարել»,– ըսաւ Գարտինալը,– «Բաւական խճողուած էր»։ Ինծի համար այս բոլորը նոր երեւոյթներ էին եւ երեւի տարօրինակ։ Եւ դարձեալ մեկնելով իմ միջին-արեւելեան կենցաղէն եւ պատշաճեցումներէն։ Բայց պէտք էր սպասէի տակաւին աւելի անակընկալներու։ Գարտինալը առանց ուղեկցութեան նստեցաւ ժողովուրդին հետ եւ երրորդ շարքին մէջ։ Եւ ինձմէ խնդրուեցաւ, որ ես նստիմ առաջին շարքը, որպէսզի Շարունակութիւնը էջ 22
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
«Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ» Շարունակութիւն էջ 21-էն
աւելի դիւրին ըլլայ բեմ բարձրանալը, նկատի ունենալով որ պէտք էր դասախօսէի։ Բայց, ինչ խօսք, այդ մէկը եղաւ մէկ մեծ մարտահրաւէր՝ չըսելու համար ճգնաժամ։ Ես առաջին շարք, իսկ Գարտինալը… երրո՞րդ։ Դասախօսութենէ ետք՝ Գարտինալէն խնդրեցին, որ յատուկ աղօթք մը մատուցէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ ներկայութեանը համար։ Ե՛ւ աղօթքը ե՛ւ աղօթքին մէջէն դուրս եկած Գարտինալին հոգին, ցոյց տուին անոր Քրիստոնէական ու հոգեւոր զօրաւոր գիտակցութիւնը եւ հիմքը։ Շատ յստակ էր թէ Գարտինալին համար ինչ էին իր կեանքի առաջնահերթութիւնները եւ թէ ինչ արժէքներ կ՚ուզէր ան փոխանցել ժողովուրդին եւ համայնքին։ Ելոյթէն ետք ուզեցի խօսիլ Գարտինալին հետ։ Ուզեցի լսել անոր կենցաղին, բայց նաեւ կեանքին եւ հաւատամքին մասին։ Եւ իր կեանքի կոչումը եւ ծառայութիւնը ան դրաւ նաեւ մէկ նախադասութեան մը մէջ, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Ես պարզ KIWI BLOKE մըն եմ»։ Գիուին՝ Նոր Զելանտայի ազգային խորհըրդանիշ թռչունն է։ Իսկ Պլոքը՝ բարբառ է, որուն արտայայտութիւն-նշանակութիւնը կը պարփակէ որպէս «պարզ անհատ»։ Ան՝ Գարտինալը Նոր Զելանտայի իր ժողովուրդին, ինքզինք խորհրդանշեց իր երկրի ազգային թռչունովը՝ պարզ անհատն է…։ Ու դարձեալ հարցումը։ «Ի՞նչ բանի վստահիլ»։ Վստահիլ անոր, որ կը փոխուի ժամանակի հետ եւ յաւիտեան չի մնար։ Թէ Այն՝ ու Անոր՝ որ մնայուն Արժէք է եւ որ կը մնայ յաւիտեան։ *** 2018 տարին արդէն անցաւ եւ կամ շուտով պիտի անցնի պատմութեան առանցքին։ Եւ այս շրջանին միշտ ալ հետամուտ ենք նայելու անցած տարուան եւ երեւի տարիներուն եւ հարց տալ թէ ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ շահեցանք ու կեանքէն ի՞նչ մնաց…։ Եւ այս հարցումներուն մէջէն արժէ միանալ մեծ բանաստեղծին եւ անոր նոյնքան մեծ հարցումին. «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց…»։ Բայց ունինք ապահովութիւնը, թէ այս հարցումը անպատասխան չմնաց։ Եւ դարձեալ բանաստեղծը՝ «այն որ տուի ուրիշին…»։ Եւ բանաստեղծին պատասխանը իրական է եւ ոչ երբեք երեւակայական եւ կամ անհասանելի։ Որովհետեւ կայ մեծ ապրող օրինակը «ուրիշին տալու» իրականութեանը» մէջ։ Եւ այս՝ մեր Քրիստոնէական Աստուածաբանութեանը հիմքը՝ Աստուծոյ մարդեղութեամբ իրականացած օրինակն է։ Հոն ուր Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ իր կեանքը «ուրիշին տուաւ» որպէսզի «ուրիշ»ը աւելի նոր եւ աւելի տարբեր եւ յաւիտենական (ու ժամանակին հետ չվերջացող) կեանք մը ունենայ։ Եւ այս նոր կեանքը մեծ Արժէքի վրայ հիմնուած է՝ ուր «ուրիշը»՝ ես, դուն եւ բոլորս այս Արժէքով կը նորոգուինք եւ
նոր կեանք կը ստանանք ու կը դառնանք նոր ու նորոգուած մարդ։ Եւ այս Արժէքի կեանքի իւրացումովն է որ մենք կը դառնանք «կարեւոր» անձեր՝ անկախ թէ ի՞նչ դիրքի ու համբաւի վրայ կը գտնուինք։ Եւ տակաւին որքա՞ն ընդունուած եւ կամ ոչ՝ մարդոցմէ ու հաւաքականութենէ։ Որովհետեւ այս նոր կեանքի Արժէքը «վստահելի» է եւ ժամանակի սլացքին հետ սահմանափակուած չէ։ Եւ որ նաեւ այս կեանքը անձնակեդրոն եւ ինքնամփոփ ու ինքը իր մէջ կեանք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Եւ «ուրիշին տալը» կը սկսի անձէն, որ կը նորոգուի եւ ապա կ՚անցնի ու կը փոխանցէ՝ իմա կը կերտէ նոյնը ուրիշին համար։ Կարելի չէ, որ եթէ անհատը ինք չէ նորոգուած կրնայ նորոգել ուրիշը։ Եւ այս երկկողմանի իրականութեան մէջէն է որ պէտք է տեսնել թէ Քրիստոնէական «ուրիշի տալը» կեանք մըն է, որ նաեւ կը նորոգէ մարդկութիւնը եւ հաւաքականութիւնը եւ ուր նոյն այս նոր ու նորոգուած մարդը անդադար կ՚արտադրէ Արժէքի վրայ հիմնուած նոր կեանք(եր) եւ այս իր համապարփակ հասկացողութեանը մէջէն։ Արնոլտը իր ապրած փառքի օրերէն ետք ապրեցաւ ու երեւի տակաւին կ՚ապրի յուսախաբութիւնը…։ Նոյնինքն, իր իսկ շինած կեանքին եւ անոր համբաւին մէջէն, որ սահմանուած էր ժամանակի պայմաններուն մէջ։ Գարտինալը կ՚ապրի իր պարզ անհատի կեանքը, իր իսկ բառերով՝«Գիուի Պլոքը»․․։ Բայց կ՚ապրի կառչելով իր իսկ կեանքին համար հիմքը դարձուցած հաւատքովը։ Հաւատքի գիտակցութեամբը որ կ՚անցնի բոլոր ժամանակները։ «Ինչպէս ժամանակները կը փոխուին»։ Այո, բայց կայ Արժէքը որ չի փոխուիր։ Եւ բոլոր ժամանակներուն մէջէն եւ որ իրական դարձաւ Աստուծոյ Շարունակութիւնը էջ 24
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
ԳՈՅԺ. ԴՈԿՏ. ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԷՔՃԵԱՆի
Էջ 23
Հոգեհանգիստ
Յունաստանի մելգոնեանցի սան սանուհիները, հոգեհանգիստ կը խնդրեն անմահ բարերարներ՝ Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու անթառամ յիշատակին, ինչպէս նաեւ՝ հաստատութեան հանգուցեալ բոլոր կրթական մշակներու յիշատակին: Հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Կիրակի, 13 Յունուար, 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին Փերիսթէրիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Սանուց միութիւններու անդամները եւ համայն մելգոնեանցիները՝ կը գուժեն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նախկին ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի, վաստակաւոր կրթական մշակ, պատմաբան եւ պատմագէտ, գիրքերու հեղինակ` ԴՈԿՏ. ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԷՔՃԵԱՆի մահը, որ պատահած է Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կիպրոսի մէջ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Դամբանական խօսքեր արտասանած են՝ Տէր Մաշտոց քհնյ․ Աշգարեան, Երան Գոյումճեան, Յակոբ Տիւնեայեան։ Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ: Կենսագրական Գիծեր Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի Ծնած է Լիմասոլ, Կիպրոս: Նախակրթութիւնը ստացած է Նիկոսիոյ Ազգային ՄելիքեանՈւզունեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է ՀԲԸՄի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որուն Վարժապետանոցի բաժինէն շրջանաւարտ եղած է 1947-ին: Համալսարանական ուսումը ստացած է Միացեալ Թագաւորութեան տարբեր համալսա-
րաններէն. «Պսակաւոր Արուեստից» վկայականի տիրացած է Լոնտոնի Համալսարանէն, «Մագիստրոս Արուեստից»՝ Կլասքոյի Համալսարանէն: 1982-ին, Օքսֆորտի Համալսարանէն տիրացած է Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճանին, պաշտպանելով “Britain and the Armenian Question 1915-1923” (Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը 1915-1923) թեզը, որ ունեցած է երեք հրատարակութիւն՝ 1984-ին եւ 1985-ին, իսկ հայերէն թարգմանութեամբ՝ 1994-ին: 1951-էն 1975 (ընդմիջումներով), Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս դասաւանդած է աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն դասանիւթերը: 1985-էն 1988 վարած է Մ. Կ. Հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնը: Տարբեր ժամանակաշրջաններով եղած է Ազգային Առաջնորդարանի Աղքատախնամ մարմնի եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Նիկոսիոյ մասնաճիւղի Տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի: Վեթերան անդամ է Հ.Բ.Ը. Միութեան: 1984-էն 2006, պատմագիտական, կրթական եւ ընկերային նիւթերով զանազան դասախօսութիւններ տուած է Լոնտոնի, Նիկոսիոյ, Երեւանի, Աթէնքի, Հալէպի, Գահիրէի, Դամասկոսի, Ռովանիէմի (Ֆինլանտիա), Ժընեւի, Փուաթիէի (Ֆրանսա), Լոս Անճելըսի եւ Պէյրութի մէջ: Կրթական եւ մշակութային գործունէութեան համար 1997-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ շքադրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2003-ին, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ՝ «Ս. Սահակ-Ս.Մեսրոպ» շքանշանով:
Էջ 24
Հայ Կեանք
«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» 2019
Արձանագրութիւնները սկսած են։ «Զարմանազան» 2019՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, Յուլիս 12-էն մինչեւ Օգոստոս 7։ Պիտի ունենայ միաժամանակ երեք բաղադրիչներ. 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական ծրագիր մը, 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը, Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն, ու վաւերացուած Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (Ինալքոյին) կողմէ։ Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին։ Ասոնց կարգին՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, երաժշտական եւ մարմնային արտայայտութեան զարգացում, թատերական խաղեր, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային եւ մարզական խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ։ «Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանի-
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
ներուն եւ երիտասարդներուն։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է։ Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբին մասնակիցները անհրաժեշտ է որ գիտնան առնուազն միջին մակարդակով հայերէն մը։ Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, 15 ուսուցիչ միայն կ՚ընդունի։ Ծրագիրը կ՚առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ։ Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք www.gulbenkian.pt/ armenian-communities կայքէջը։ Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 19 Յունուար 2019, Կրինուիչի ժամով ժամը 23։00-ին։ Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատենք՝ 9 Փետրուար 2019-ին։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծրագիրը՝ վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։
«Ինչպէ՞ս ժամանակները կրնան փոխուիլ» Շարունակութիւն էջ 22-էն
աշխարհ գալովը։ Եւ նոր կեանքի գիտակցութեամբը։ Հոն ուր Քրիստոս՝ մարդեղացած Իր կեանքով՝ ստեղծեց նոր կեանքը մարդուն համար, որ յաւիտեան է եւ չի փոխուիր։ Եւ ընտրանքը մերն է։ Արնոլտին համբա՞ւը։ Ո՞ւժը՝ դի՞րքը։ Ու անոր պատճառած յուսախաբութի՞ւնը։ Թէ Գարտինալին «պարզ մարդու» կեանքը։ Որ հիմնուած է նոր կեանքի Արժէքին ու անոր հաւատամքին եւ հիմքին վրայ։ Արժէքը՝ ու Արժէքի այս կեանքը։ Որ պէտք է ապրիլ, ապրեցնել եւ կերտել։ Կերտել նոր Արժէքի կեանքերը։ «Այն որ տուի ուրիշին»։ Քրիստոս մեզի տուաւ Արժէքի կեանք մը։ Եւ եթէ այս կեանքը մեզի համար է եւ որ նաեւ պէտք է որ տանք ուրիշին։ Բոլորին։ Եւ այս Արժէքով է, որ կեանքեր կը կերտենք։ Իմ, քու եւ անպայմանօրէն բոլորիս։ Եւ որ «ժամանակներու հետ չի փոխուիր…»։
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայ Կեանք
Էջ 25
Հայաստանի զարգացումը եւ հզօրութիւնը ազգային մեր իղձերու իրագործման առանցքն է. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ուղերձը Ամանորի առիթով Շարունակութիւն էջ 1-էն
Նոր տարուայ սեմին գոհութիւն ենք յայտնում Աստծուն, որ անցնող 2018 թուականին խաղաղ պահեց մեր հայրենիքը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդին, օրհնեց բարիքով, արդար վաստակով եւ ձեռքբերումներով՝ ազգային ու եկեղեցական կեանքում: Գոհութիւն ենք առ Աստուած բարձրացնում նաեւ, որ մեր ժողովրդի ազգասէր ոգու եւ ողջամըտութեան շնորհիւ խաղաղ ընթացք ունեցան քաղաքական զարգացումները մեր երկրում, եւ մենք այսօր 2019 թուականը դիմաւորում ենք դրական տեղաշարժերի սպասումներով: Ամէն նոր տարի նոր սկիզբ է, որը լի է նորի ակնկալութեամբ, աւելի լաւի ու կատարեալի ձգտումով: Նոր տարուայ հետ կապում ենք այն ամէնը, ինչը կուզենայինք բարեփոխել, կարգաւորել եւ շուտով տեսնել մեր նպատակների իրականացումը: Բարեփոխումների պահանջը եւ քաղաքացիական նախանձախնդրութիւնը, որ առկայ են այսօր մեր կեանքում, անկասկած, բարի արդիւնքներ պիտի բերեն, առաւել խնամք, առաւել ջանք ու ձգտում՝ ամրապնդելու հիմերը իրաւական պետութեան, արդար, օրինահարգ հասարակութեան, շէնացնելու մեր երկիրը եւ համայն ազգային կեանքը: Սա է մեր ուղին, որը հաստատուն պիտի պահենք՝ միշտ յիշելով, որ Հայաստանի զարգացումը եւ հզօրութիւնը ազգային մեր իղձերի իրագործման առանցքն է եւ պայմանը Արցախի ապահովութեան եւ Սփիւռքի կենսունակութեան: Սիրելիներ, այս պահին, երբ բարի սպասումների հետ մեր մտահայեացքը ուղղուած է գալիքին, մեր ծրագրերին ու անելիքներին, հայրական յորդորով փոխանցում ենք ձեզ մեր Տիրոջ կենարար պատգամը. «Այս եմ պատուիրում ձեզ, որ սիրէք միմեանց» (Յովհ. ԺԵ. 17): Մեր կեանքը իմաստաւորուում է տէրունապատուէր սիրոյ առկայութեամբ: Որտեղ սէրն է, այնտեղ հաւատն է զօրանում, այնտեղ յոյսն է առատանում, համերաշխութիւնը արդարութեամբ ու բարի գործերով պտղաբերում: «Սէրը երբեք չի անհետանում» (Ա Կորնթ. ԺԳ 8),- ասում է առաքեալը: Այո՛, այն թթխմորի նման աճում է, դառնում կորով, անդուլ ջանք, յանձնառութիւն, որոնցով պիտի ապահովուի մեր կեանքի վերընթացը: Այս մտորումներով եւ հոգու ուրախութեամբ պատգամում ենք մեր բարեպաշտ ժողովրդին՝ սիրով ու լաւատեսութեամբ, միմեանց աջակից շարունակել ապրել ու գործել եւ նուիրեալ ջանքեր ներդնել ի զօրացում հայրենի մեր երկրի եւ հոգեւոր ու ազգային մեր կեանքի: Մաղթում ենք խաղաղութիւն աշխարհին, խաղաղութիւն՝ մեր հայրենիքին, անսասանութիւն՝ մեր պետականութեանը, շնորհառատ օրհնութիւն՝ աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց եւ բոլոր ժողովուրդ-
ներին: Թող 2019 թուականը ուրախութիւն բերի մեր ընտանիքներին եւ առաջընթաց ու ձեռքբերումներ՝ մեր կեանքին: Շնորհաւոր Նոր տարի»:
Ռոպեր Տէր Մերկերեան պարգեւատրուած
Կրթութեան ասպարէզի շրջանակներուն ունեցած մեծ ծառայութիւններու եւ հայոց լեզուն ֆրանսական միջավայրի մէջ զարգացնելու համար բանասէր, լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ռոպէր Տէր Մերկերեանը վերջերս Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան կողմէ ստացած է «Ակադեմիական դափնիներ» պատուաւոր տիտղոսը եւ շքանշանը:
Էջ 26
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019
Հայաստանը իրապէ՛ս կրնայ դառնալ երկրագունդի ամենապայծառ կէտերէն մէկը. ՀՀ Նախագահի Նոր Տարուայ շնորհաւորական ուղերձը Շարունակութիւն էջ 1-էն
նիշների՝ միասնականութեան, համախմբուածութեան, բարձր բարոյական եւ քաղաքացիական ոգու դրսեւորումների: Շուտով ունենալու ենք նոր խորհրդարան եւ նոր կառավարութիւն: Նրանց գործունէութեան յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է լինելու Հայաստանի քաղաքացուց: Քաղաքացու աջակցութիւնից եւ հասարակական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին նրա ակտիւ մասնակցութիւնից: Հայաստանը իրօք կարո՛ղ է դառնալ երկրագնդի ամենապայծառ կէտերից մէկը նորարարական գաղափարների կիրառման, մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներում: Սակայն այդ ուղին հեշտ չի լինելու: Կը լինեն նաեւ դժուարութիւններ, յաճախ պայմանաւորուած մեզնից անկախ գործօններով, այդ թուում՝ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններով: Եւ ես բոլորիս մաղթում եմ սթափութիւն, կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հանդուրժողականութիւն: Սրանք են յաջողութեան հասնելու բանալիները: Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդարացի լուծումը շարունակելու են գերակայ լինել մեր կեանքում: Մենք ապրում ենք այն խորին գիտակցումով, որ, անկախ մեր ծննդեան վայրից, ունենք մէկ հայրենիք: Այդ հայրենիքը մենք պէտք է ծաղկեցնենք համատեղ ուժերով՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի միասնական ջանքերով: Մենք պէտք է հոգ տանենք ազգային ինքնութեան հիմնասիւների՝ մեր մշակոյթի, կրթութեան, հոգեւոր եւ ընտանեկան արժէքների մասին: Այս գործում առանցքային դեր է կատարում մեր սուրբ եկեղեցին: Պէտք է աւելի հոգատար լինենք մեր պատմական եւ ազգային ժառանգութեան, մեր բնութեան, գիւղի, քաղաքի եւ ընդհանրապէս մեր երկրի նկատմամբ: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այս պահին հոգով եւ մտքով բոլորիդ հետ եմ, բոլորիդ կողքին՝ սահմանում կանգնած զինուորի եւ սպայի, շտապ օգնութեան մեքենայում եւ հիւանդանոցում հերթապահող բժշկի, ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանի, հրշէջի, հացթուխի եւ թաքսու վարորդի, գիւղացու եւ բանուորի, գիտնականի, արուեստագէտի եւ միւսների:
Յատկապէս մտահոգուած եմ դժուար ապրող ընտանիքների համար: Նրա՛նց, որ դեռ տուն չունեն, նրա՛նց, որ ապրում են սահմանամերձ բնակավայրերում: Մտահոգ եմ վիրաւորների, հիւանդների համար: Մաղթում եմ հոգսերի թեթեւացում: Թող գալիք տարում ձեզնից իւրաքանչիւրի առջեւ բացուեն յաջողութեան դռները: Թո՛ղ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի զգայ փոփոխութիւնների դրական շունչը: Մեզ բոլորիս պէտք է առաջնորդի հետեւեալ նշանաբանը. «Կարողացել են ուրիշները՝ կարող ենք նաեւ մենք, չի կարողացել ոչ ոք աշխարհում՝ մենք կը լինենք առաջինը»: Մեր հայրենիքին մաղթում եմ խաղաղութիւն, մեր ընտանիքներին՝ առողջութիւն, յաջողութիւն, բարեկեցութիւն ու երջանկութիւն, մանուկներին՝ ծիծաղ ու խինդ, տարեցներին՝ արժանապատիւ հանգիստ: Թող գալիք տարում ձեզնից իւրաքանչիւրը, ձեր հարազատները, ընտանիքները, Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի, աշխարհի իւրաքանչիւր հայ կարողանայ երազել եւ իրականացնել իր երազանքները: Շնորհաւոր Նոր տարի»: