Հայ Կեանք թիւ 02(63) 18-01-2019

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 2(63)

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Այսօր յաջողութեան հասնելու համար սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը ապագայի վրայ. Արմէն Սարգսեան

Յունուար 14-ին մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եօթներորդ գումարման առաջին նստաշրջանի աշխատանքը: Խորհրդարանի անդրանիկ նստաշրջանի բա-

ցումին առթիւ պատգամաւորներուն օրհնանքի խօսք յղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ առաջին նստաշրջանի բացումին առթիւ նորընտիր խորհըրդարանը ողջունած եւ ուղերձ յղած է Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը: «Շնորհաւորում եմ եօթներորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի առիթով: Շնորհաւորում եմ խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերին եւ բոլոր պատգամաւորներին, մաղթում յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում Ազգային ժողովին, նախորդ գումարումների խորհրդարանների պատգամաւորներին՝ անկախութիւնից ի վեր օրէնսՇարունակութիւնը էջ 6

Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետ նշանակուեցաւ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը նախագահական նստավայրէն ներս հանդիպում ունեցած է 2018 թուականի 9 Դեկտեմբերին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով մեծամասնութիւն ստացած ուժի՝ «Իմ քայլը» դաշինքի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը, նախագահը հրամանագիր ստորագրած է Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ նշանակելու մասին: Նախագահի գրասենեակի հաղորդագրու-

թեան համաձայն՝ Արմէն Սարգսեանը մասնաւորապէս նշած է. – «Պարո՛ն վարչապետ, կրկին առիթ ունեմ Ձեզ շնորհաւորելու՝ որպէս շարժման եւ կուսակցութեան ղեկավար, խորհրդարանական ընտրութիւններում յաղթանակի համար: Ուզում եմ շնորհաւորել նաեւ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի առիթով»: «Մեր խորհրդարանը շատ մեծ անելիքներ ունի եւ, այս փուլում այդ անելիքները շատ յստակ են: Խորհրդարանը պէտք է ամէն ինչ անի, որպէսզի «թաւշեայ յեղափոխութեան» գաղափարները, յոյսերը, սպասելիքներն այսօր, վաղը, միւս օրը իրականութիւն դառնան», – յայտարարած է Հայաստանի նախագահը: «Ստացել եմ առաջարկութիւնը Ազգային ժողովից եւ դրա հիման վրայ ուրախութեամբ կը ստորագրեմ Ձեզ Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու հրամանագիրը: Շնորհաւորում եմ, պարո՛ն վարչապետ: Լաւագոյն մաղթանքները, յաջողութիւն՝ ի փառս մեր Հայրենիքի եւ ողջ հայ ժողովրդի», – ըսած է Արմէն Սարգսեանը: Շարունակութիւնը էջ 6


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Շնորհաւորագիր Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան – ՀՀ

News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն հրատարակիչներուս տեսակէտը։ Հրատարակիչներուն կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։

Մեծարգոյ Պրն. վարչապետ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով կը շնորհաւորէ ձեր՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակումը: Հայրենաբնակ հայ ժողովուրդին վստահութեամբ ձեր ձեռք բերած այս պատուաբեր ու պատասխանատու պաշտօնը միեւնոյն ժամանակ պարտաւորիչ է ձեր վեր առած նպատակներու իրագործման իմաստով, եւ մենք յոյսով ենք, որ դուք պիտի կարենաք գործել ըստ մեր ժողովուրդին ակնկալիքներուն՝ մեր հայրենիքը միշտ աւելի զարգացնելու իրապաշտ տեսլականով եւ ծրագիրներու իրագործումով: Որպէս ռամկավար ազատականներ՝ մենք լիայոյս ենք, որ ժողովրդավար եւ ազատական սկզբունքները պիտի գերակշռեն ձեր իշխանութեան բոլոր գործունէութեանց մէջ, եւ դուք լաւագոյնս պիտի կարենաք ծառայել մեր հայրենիքին՝ թարգմանը հանդիսանալով սփիւռքաբնակ թէ հայրենաբնակ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իղձերուն ու երազներուն:

Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ 17 Յունուար 2019

Ծերակոյտը հաստատած է Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին ԱՄՆ Ծերակոյտը հաստատած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ առաջադրուած Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին: Նշենք, որ աւելի վաղ ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ անցած լսումներու ընթացքին Լին Թրէյսին յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը։ «Հայաստանի մէջ մեր քաղաքականութեան նպատակը կը մնայ անփոփոխ. անկախ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճող Հայաստանի ամրապնդումը, որ խաղաղութեան մէջ կ’ապրի իր հարեւաններուն հետ: Եւ մենք կրկին կը հաստատենք մեր նուիրուածութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին, որ ազատ է ընտրելու սեփական գործընկերները», – յայտարարած է Թրէյսին: Շարունակութիւնը էջ 27


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 3

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը համայն հայութեանը յղեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը․ 2019 թուականը հռչակեց ընտանիքի տարի

Յունուար 6-ին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Սուրբ պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ պատարագի արարողութեանը ներկայ էին ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը, պետական այրեր, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայ եկեղեցւոյ բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագըրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ, կրթական, գիտական եւ մշակութային հաստա-

տութիւններու ներկայացուցիչներ, տարբեր համայնքներէ ժամանած հարիւրաւոր ուխտաւորներ: Հայրապետական խաչվառազարդ թափորը «Խորհուրդ խորին» շարականի հանդիսաւոր երգեցողութեան ներքոյ Սուրբ Տրդատի մատուռէն ուղղուեցաւ դէպի ամպհովանու ներքոյ ամփոփուած հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները, որտեղ կատարուած երկրպագութիւնէն յետոյ իր հայրական օրհնութիւնը ժողովուրդին բաշխող Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին առաջնորդեց դէպի խորան: Սուրբ պատարագին որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը ու Շարունակութիւնը էջ 4


Հայ Կեանք

Էջ 4

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

2017-ին ՀԲԸՄը ստացած է 17 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն Դեկտեմբեր 2018-ին լոյս տեսած ՀԲԸՄի ամսագիրը կը տեղեկացընէ, որ նախորդ տարի՝ 2017-ին, բարեգործական կազմակերպութիւնը ստացած է շուրջ 17 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ: 16․957․436 տոլար գումարը գոյացած է մեծ եւ փոքր նուիրատուութիւններէ: Մեծագոյն նուիրատուներն են՝ Ժագլին Շալճեանի կտակը՝ 3․220․033 տոլար, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ՝ 2․760․000 տոլար, Փաուլա Պալատուրի կտակը՝ մէկ միլիոն տոլար, Փօլ Մարսուպեան՝ 650․000 տոլար, Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններ՝ 640․000 տոլար, Վուտրօ Մայքըլ Քէհիայեան՝ կէս միլիոն տոլար:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը համայն հայութեանը յղեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը․ 2019 թուականը հռչակեց ընտանիքի տարի Շարունակութիւն էջ 3-էն

Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբաեանը։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը «Քրիս-

տոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կենդանարար աւետիսը յղեց համայն հայութեանը եւ տօնի առիթով փոխանցեց իր պատգամը: Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնեքի արարողութիւնը: Սուրբգրային ընթերցումներու, ջրօրհնեաց շարականներու երգեցողութիւններու եւ աղօթասացութիւններէ ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը: Օրհնութենէն յետոյ սուրբ խաչը փոխանցուեցաւ խաչի այս տարուայ կնքահօրը` ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀԲԸՄ-Հայաստանի նախագահ՝ Վազգէն Եագուպեանին: Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը վերստին իր օրհնութիւնն ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդին, որմէ յետոյ օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն:


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 5

Սփիւռքի համար կարեւոր է նախարարութիւն ունենալը. Արամ Ա. կաթողիկոս նախարարութեան լուծարման մասին լուրը սփիւռքահայութեան մէջ կը դիտուի իբրեւ Սփիւռքի վերաբերեալ ոչ բարենպաստ որոշում: Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծած է, որ Սփիւռքի համար կարեւոր է ունենալ Սփիւռքի նախարարութիւն՝ աւելցնելով, որ անցեալ տարիներուն նախարարութիւնը հսկայական գործ ըրած է ու պէտք է գնահատել զայն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. OTV-ի հեռուստակայանին հետ ունեցած հարցազըրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան՝ յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ առաջնային պիտի ըլլայ Սփիւռքը: Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նշած է, որ Սփիւռքի

«Կարեւոր համարելով Սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան ռազմավարական իմաստը՝ միաժամանակ, պէտք է նկատի ունենալ, որ երբեմն խորհրդանշական իմաստը աւելի կենսական է, քան ռազմավարականը կամ քաղաքականը», ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։ Ըստ Արամ Ա․ կաթողիկոսի, Սփիւռքի սպասելիքները մեծ են, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ գործել։ Կաթողիկոսի կարծիքով՝ Սփիւռքի դուրս մղումը կառավարութեան կազմէն կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ Սփիւռքի մէջ:

Անթիլիասի մէջ խորհրդակցական նիստեր՝ Հայ մամուլի տարի հռչակման առիթով

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի՝ 2019 թուականը ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ հռչակելու առիթով՝ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ յառաջիկայ Ապրիլին զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Արարատ»ի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան,

կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ հայր Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։ Խորհրդակցութեան առաջին նիստին Արամ Ա. կաթողիկոսը, կարեւորելով հայ մամուլին դերը, անդրադարձաւ այն գլխաւոր գործառոյթներուն, որոնք հայ մամուլը իբրեւ առաքելութիւն պէտք է վերիմաստաւորէ՝ ներկայ ժամանակի պայմաններուն լոյսին տակ։ Յաջորդող նիստերուն, մամուլի գործիչները քննարկեցին համաժողովի ընդհանուր խորագիրին, նիստերուն եւ զեկուցումներուն համար ձեւակերպուելիք նիւթերուն եւ մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերող հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ՝ իբրեւ ուղենիշ նկատի ունենալով կաթողիկոսի հրապարակած պատգամը՝ 2019-ը հայ մամուլի տարի հռչակելու առնչութեամբ։


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Այսօր յաջողութեան հասնելու համար սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը ապագայի վրայ. Արմէն Սարգսեան Շարունակութիւն էջ 1-էն

դիր աշխատանքի համար: Պատմութիւն դարձած 2018 թուականը մեծ փոփոխութիւնների, փորձութիւնների, սպասումների եւ յոյսերի տարի էր, մեր ժողովրդի լաւագոյն յատկանիշների՝ միասնականութեան, համախմբուածութեան, բարձր բարոյական եւ քաղաքացիական ոգու բազմաթիւ դրսեւորումների տարի: Դեկտեմբերի 9-ի խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները, որոնք ճանաչուել են դրանց մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերի եւ միջազգային դիտորդների կողմից, բարձր լեգիտիմութեամբ են օժտել ներկայ Ազգային ժողովին»: ՀՀ նախագահը դիտել տուաւ, որ առաջնային հարց կը մնայ Հայաստան բնակող իւրաքանչիւր անձի բարեկեցիկ եւ արժանավայել կեանքի երաշխաւորումը: Ան մեծապէս շեշտեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ աւանդական մօտեցումները եւ մեթոտները, հիմնարկները, կառոյցները յաճախ կը կորսնցնեն իրենց արդիւնաւէտութիւնը: «Սա ստեղծում է մեծ ռիսկեր, միաժամանակ, ի հարկէ, ստեղծում է նաեւ նոր հնարաւորութիւն-

ներ»,- ըսաւ Արմէն Սարգսեան: Անդրադառնալով նորընտիր Ազգային ժողովին առջեւ ծառացած բազում մարտահրաւէրներուն՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Այդ մարտահրաւէրների շարքը երկար է. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորում, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան բարձրացում, բանակի արդիականացում, եւրասիական եւ եւրոպական ուղղութիւններով գործակցութեան խորացում, գործակցութեան զարգացում հարեւանների, համաշխարհային բոլոր դերակատարների, բոլոր գործընկերների եւ, ի հարկէ, բարեկամների հետ, Հայաստանի տեղի ամրապնդում աշխարհում՝ որպէս միջազգային յուսալի եւ կայուն գործընկեր»: Իր ուղերձի աւարտին ան մասնաւորաբար նշեց. «Իմ խորհուրդն է՝ այսօր յաջողութեան հասնելու համար սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը ապագայի վրայ: Աշխատենք բոլորս միասին եւ բոլորս բոլորի համար սկզբունքով: Որպէս Հանրապետութեան նախագահ՝ իմ լիազօրութիւնների սահմաններում, պատրաստ եմ գործակցութեան եւ աջակցութեան, համատեղ բեղմնաւոր աշխատանքի՝ ի շահ մեր հայրենիքի եւ ժողովրդի»:

Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետ նշանակուեցաւ Շարունակութիւն էջ 1-էն

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահին` նորանշանակ վարչապետը ըսած է. – «Յարգելի՛ պարոն նախագահ, Դուք յստակ ձեւակերպեցիք այն շրջանակը, որում մենք գործում ենք եւ պիտի գործենք: Ես ուզում եմ ընդգծել, որ հիմնական քաղաքական փոփոխութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ակնկալւում էր, արդէն իսկ տեղի է ունեցել՝ իշխանութիւնը լիարժէք վերադարձուած է ժողովրդին, եւ Հայաստանում հաստատուած է ժողովրդավարութիւն: Այլ խնդիր է, որ այդ ժողովըրդավարութիւնը պէտք է համակարգային երաշխիքներով ամրապնդուի, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, տնտեսական գործունէութեան համընդհանուր հասանելիութիւնը երաշխաւորուեն ոչ թէ քաղաքական իրավիճակով, ոչ թէ անձերով պայմանաւորուած, այլ ժողովրդավարական, պետական, քաղաքական համակարգերի կայացմամբ»: «Ըստ էութեան, մենք գործ ունենք նոր իրավիճակի հետ, եւ շատ կարեւորում եմ նախագահի, վարչապետի, կառավարութեան, Ազգային ժողովի համագործակցութիւնը: Պէտք է արձանագրել, որ անցած 8 ամիսների ընթացքում որոշակի փորձ կու-

տակել ենք, բայց, այնուամենայնիւ, սա նոր իրավիճակ է, նոր որակի յարաբերութիւններ են, եւ մենք պէտք է կարողանանք այստեղ նոյնպէս այնպիսի աւանդոյթներ ստեղծել, որոնք կ’երաշխաւորեն իշխանութիւնների յստակ տարանջատումը, ժողովըրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ, ի հարկէ, փոխզսպումների եւ հակակշիռների համակարգ», – ըսած է վարչապետը: «Ես ուզում եմ ասել, որ մենք՝ ես ինքս, մեր քաղաքական ուժը նուիրուած է այդ տեսլականին եւ այդ գաղափարին: Ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, թափանցիկութիւնը մեզ համար կարգախօսներ չեն, այլ արժէքների համակարգ, որոնցով մենք առաջնորդւում ենք: Այդ ամէնը պէտք է անել այնպէս, որ պետութեան կառավարելիութեան մակարդակը չնուազի, միւս կողմից՝ աւելանայ կառավարման արդիւնաւէտութեան, հաշուետուողականութեան, թափանցիկութեան մակարդակը: Եւ, ի հարկէ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պէտք է վստահ լինեն, որ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրենց իրաւունքն այլեւս երբեք ոչ ոք իրենց ձեռքից ոչ միայն չի առնի, այլեւ նոյնիսկ փորձ չի անի, նոյնիսկ եթէ այդպիսի փորձ անի, միանշանակ կը ձախողուի», – շեշտած է Նիկոլ Փաշինեանը:


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 7

Ձեւաւորուած նոր մշակոյթի համաձայն՝ Արա Պապլոյեան Արարատ Միրզոյեանին փոխանցած է խորհրդարանի ղեկավարումը Խորհրդարանական աշխատանքին մէջ ձեւաւորուած է նոր մշակոյթ, որուն համաձայն՝ Յունուար 14-ին ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելէն ետք Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպած է ՀՀ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան: Հանդիպումին խորհրդարանի նախկին ղեկավարը արդէն ԱԺ նախագահի պաշտօնը ստանձնած Արարատ Միրզոյեանին փոխանցած է օրէնսդիր մարմինի յետագայ ղեկավարումը՝ մաղթելով յաջողութիւններ: Արա Պապլոյեան կարեւորած է օրէնըսդիր մարմինին մէջ նորընտիր ղեկավարի պարտականութիւններու լիարժէք իրականացումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ երախտագիտութիւն յայտնելով շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթանքներուն համար՝ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Արա Պապլոյեանին՝ դժուարին ժամանակահատուածի մէջ Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութիւնը ապահովելուն համար, կարեւորած է խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած դրական աւանդոյթներու շարունակականութեան ապահովումը, նորերու ձեւաւորումն ու զարգացումը: Արա Պապլոյեան խորհրդարանի ղեկավարին ծանօթացուցած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահի աշխատանքային պայմաններուն:

Թուրքիան անհանգստացած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին վերականգնելու վերաբերեալ Ասատի խոստումէն Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ սուրիական հարցին վերաբերեալ գրած «Ասատը կը բանայ հայկական խաղաքարտը» վերնագիրով յօդուածին մէջ՝ հեղինակը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վերականգնման մասին: Թուրք վերլուծաբանը Ասատի յայտարարութիւնը կը համարէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլ՝ գրելով, որ Սուրիոյ մէջ եօթը տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմին յաղթած է Ասատը, եւ Թուրքիոյ հարեւան Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը կը վարէ թշնամական վարչակազմը:

Ազգայնական ուղղուածութիւն ունեցող թրքական «Sozcu» թերթին մէջ յօդուած հեղինակած Զէյնապ Կիւրճանլըն, անդրադարձած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին վերականգնելու վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահի խոստումին:

«Ի՞նչ կը կարծէք Ասատի «վերանորոգման առաջնահերթութիւններու» ցուցակին մէջ ինչը պէտք է ըլլայ՝ ուժանի՞ւթը, քաղաքային ենթակառուցուածքնե՞րը, կառավարական շէնքե՞րը, թէ՞ քաղաքացիներու տուները եւ աշխատավայրերը: Ասոնցմէ ո՛չ մէկը: Ասատի ցուցակին վրայ առաջին տեղը կը գտնուի Թուրքիոյ գլխացաւանք 1915-ի դէպքերու խորհրդանիշը: Ասատ, նախորդ շաբաթ, ընդունած էր հայկական պատուիրակութիւնը եւ անոնց խոստացած էր պետական միջոցներով վերականգնելու Տէր Զօրի մէջ, այսպէս կոչուած, «Հայոց Ցեղասպանութեան» յիշատակին կառուցուած եկեղեցին, որ աւերուած էր ԻՊ-ի կողմէ»: Շարունակութիւնը էջ 8


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Կարօ Փայլան գրած է Թուրքիոյ մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամին մասին լի է դուրս գալ միայն ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնաւոր փոփոխութիւններու միջոցով: «Տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ ենք, գործազրկութեան մակարդակը երթալով կ’աճի, ներդրումներու ծաւալը նահանջ կ’արձանագրէ, արդիւնաբերութեան ծաւալը նուազած է 6,5 տոկոսով»,գրած է Փայլան:

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան խօսած է Թուրքիոյ մէջ առկայ տնտեսական խոր ճգնաժամին մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փայլան այս մասին գրած է թուիթըրի իր էջին վրայ: Խօսելով տնտեսական խոր ճգնաժամին մասին՝ պատգամաւորը նշած է, որ այդ վիճակէն կարե-

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com

Թուրքիան անհանգստացած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին վերականգնելու վերաբերեալ Ասատի խոստումէն Շարունակութիւն էջ 7-էն

քիւրտերը կառավարական բանակին ձգած են քաղաքի ծայրամասային թաղամասերուն վերահսկողութիւնը: Անոր դիտարկումով՝ այդ համագործակցութեան կ’աջակցի Ռուսիան, եւ այդ համագործակցութիւնը, վերջին արդիւնքով՝ գլխացաւանք պիտի դառնայ Թուրքիոյ համար: Նշենք, որ 2014 Սեպտեմբեր 21-ին, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ պայթեցուած Սրբոց Նահատակաց մատուռը կառուցուած է Տէր Զօրի նախկին Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանի տեղը։ Հիմնարկէքը կատարուած էր 1985 Մայիս 12-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ձեռամբ: Շինարարական աշխատանքները աւարտած էին 1990 Նոյեմբերին: Անիկա կ’ամբողջանայ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրով։

Կիւրճանլըն նշած է, որ վերոնշեալի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ Եփրատի արեւելքին տիրապետող Սուրիոյ քիւրտերու, որոնց կը համարէ ՔԲԿ-ի ճիւղաւորում, եւ Սուրիոյ իշխանութիւններու համագործակցութիւնը: Ան նշած է, որ Մանպիճի մէջ արդէն այդ համագործակցութիւնը առկայ է, եւ

Սրբոց Նահատակաց մատուռի ներքնայարկին մէջ կը գտնուին Խաչելութեան, Նահատակութեան եւ Եղեռնի սրահները։ Այստեղ ամփոփուած են նաեւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարտիրոսացած Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ զոհերու մասունքները։ Նախքան ռազմական գործողութիւնները, Տէր Զօրի մէջ կը բնակէր մօտ 20 հայ ընտանիք։


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 9

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԻՐԱՒԱԿԱՐԳԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայաստանի 2018 Ապրիլ-Մայիս ժողովրդային յեղաշրջումը ամրապնդուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններով նոյն տարուան Դեկտեմբերին։ Հանրութեան ծանօթ են նոր խորհրդարանի յաղթական երեք քաղաքական համախմբումները.«Իմ Քայլը» դաշինքը (884.849 քուէ), «Բարգաւաճ Հայաստան» (103.837 քուէ), ու «Լուսաւոր Հայաստան» (80.049 քուէ) կուսակցութիւնները։ Անիկա իր լրացումին պիտի յանգի ատեն մը ետք, երկրին նախորդ Սահմանադրութեան ալ բարեփոխումով եւ հաստատումով՝ համապատասխան ստեղծուած ժողովրդավար կարգերուն։ Այնուհետեւ, օրն ի բուն, զուգահեռաբար պիտի ձեռնարկուի ընթացիկ, կարեւորագոյն կամ հիմնական բարեկարգումներու իրականացման։ Խոստումէն ու ծրագրումէն անցնելու է իրագործման։ Քաղաքացիները, իրենց կարգին, լծուելու են աշխատանքի, համբերութեամբ հետեւելով իշխանութեանց գործունէութեանց։ Պահանջատիրութեան այլազան իրականացումները պիտի գան ժամանակի թաւալքին հետ։ Քաղաքական բարեփոխութեանց հետ տնտեսական վերականգնումը առաջնային է։ Ճարտարարուեստի կողքին, գիւղատնտեսութեան զարգացումն ու զօրացումը նոյնքան անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է։ Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք շեշտել, թէ իշխանութեանց կողմէ հողամշակութեան քաջալերանքը, մանաւանդ երկրին սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ ինքնապաշտպանութեան տեսանկիւնէն։ Այս երկու նախաձեռնութիւնները պիտի նպաստեն ոչ միայն կենսամակարդակի բարձրացման, եւ երկրին կառոյցի զօրացման, այլ՝ արտագաղթի ալ դադրեցման։ Յետոյ պիտի հետեւին նոր սերունդի անկաշկանդ դաստիարակութիւնը, բարձր ուսմանց անկաշառ իրականացումը, զարգացեալ քատրերու կողմէ զանազան պաշտօններու ստանձնումը՝ մասնագիտական արժանաւորութեամբ, եւ ոչ թէ՝ իշխանաւորներու բացայայտ միջամտութեամբ, կամ՝ քմահաճ տնօրինումներով։ Հասարակութեան մէջ տարիներու ընթացքին ժառանգուած եւ արմատացած մտայնութիւնները, եւ առանձնապէս բնազդային դարձած կաշառակերութիւնը, կարելի չէ մէկ օրէն միւսը արմատախիլ ընել։ Սերունդներու հետեւողական դաստիարակութիւն եւ առօրեայ կեանքին մէջ գործադրութիւն կը պահանջէ արդար դատողութիւն։ Վերոյիշեալ բարեկարգումները կը կարօտին որոշ ժամանակի։ Աննախընթաց, ծովածաւալ ցոյցերէն ետք, նոյն կիրքով արժեւորելու չէ փոխանցման ժամանակաշրջանի ընթացքին իրականացուող բարգաւաճումները, արժանի գնահատում կատարելու համար։ ***

Սփիւռքը նոյնքան խանդավառ է կատարուած յեղափոխութեամբ։ Անոր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը պիտի զօրացնէ հայրենաբնակ ժողովուրդին ու կառավարութեան նոր իրաւակարգը, փոխադարձ գործակցութեամբ։ Իրականացուած արդիւնքներու անկողմնակալ հաշուեքննութեան (auditing) ենթարկումն ու բացայայտումը, պարտադիր, օրինական ընթացիկ դրութիւն մը դառնալու է։ Պետական հաւաստիքներէ ու գործնական միջոցառումներէ ետք, սփիւռքեան գործարարներու կողմէ ներդրումները զանազան մարզերէ ներս պիտի նպաստեն հայրենիքի տնտեսական վերելքին։ Անցեալի ժխտական փորձառութիւնները պահ մը պիտի արգելակեն կամ դանդաղեցնեն այս ընթացքը։ Բայց իշխանութեանց շօշափելի հաւաստիքը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ արտասահմանի կողմէ վաճառականական ու տնտեսական գործառնութեանց աշխուժացման։ Զբօսաշրջիկութիւնը եկամտաբեր մէկ այլ նախաձեռնութիւն մը կը կազմէ փոքրիկ Հայաստանին, մանաւանդ անոր գեղատեսիլ բնութեան, ու դարաւոր մշակութային եզակի ու կոթողային ժառանգութեան համար։ Այս բնագաւառէն ներս յաջողութեան գրաւական կը հանդիսանայ պաշտօնէութեան, պանդոկներու սարքաւորման, եւ սպասարկման մասնագիտացած համակարգը։ Մաքուր եւ հեզասահ ճամբաներու, տրամադրելի փոխադրակառքերու շրջանառութեան ցանցը, եւ հաճոյակատար ու վստահելի վարորդներու աշխատանքը լրացուցիչ աշխատանքներ են։ *** Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ հանգուցաւոր մտահոգութիւն մը։ Մինչեւ հիմա գոյատեւող, 1994 Մայիս 12-ի զինադուլէն ետք, բազմաթիւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ատրպէյճանի հետ։ OSCE-ի հովանաւորութեամբ, մինչեւ 1994 Դեկտեմբերը, Պուտափեշտի մէջ կողմերու հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները։ Անկէ ետք, Ատրպէյճան մերժած է կողմ ընդունիլ Արցախը, այս վերջինը Հայաստանի պատուիրակութեան մաս նկատելով, ինչ որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ մերժել կամ չճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Շարունակութիւնը էջ 10


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Եւրոնիուզը` Ազնաւուրն ու Կիւլէրը ընդգրկած է 2018 թուականին կեանքէն հեռացած յայտնի եւրոպացիներու ցանկին մէջ Եւրոնիուզը յիշած է այն բոլոր յայտնի եւրոպացիները, որոնք կեանքէն հեռացած են 2018 թուականին: «Մահացած, բայց ոչ մոռցուած» վերնագրուած նիւթին մէջ ներառուած են նաեւ Շարլ Ազնաւուրը, որ կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկանին եւ պոլսահայ լուսանկարիչ` Արա Կիւլէրը: Վերջինս մահացաւ 90 տարեկանին: Եւրոնիուզի ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ բրիտանացի գիտնական Սթիւըն Հոքինկը, իրլանտացի երգչուհի Տոլորէս Օ’Րիերտանը, ֆրանսացի ձեւաւորող Եուպըր տե Ժիւանշին, սպանացի երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն, իտալացի բեմադրիչ Պերնարտօ Պերթոլուչին եւ ուրիշներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԻՐԱՒԱԿԱՐԳԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ Շարունակութիւն էջ 9-էն

Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին կը հետեւին երկկողմանի հանդիպումներ, միշտ OSCE-ի նախաձեռնութեամբ։ Կողմերու միջեւ կը ստորագրուին աւելի քան տասնեակ մը համաձայնագիրներ՝ այլազան տարբերակներով։ Մատրիտի (27 Նոյեմբեր 2007) համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի կողմէ գրաւուած կարգ մը շրջաններու վերադարձը ու լրացուցիչ կարգադրութիւններ։ Գլխաւոր խոչընդոտները կը հանդիսանան համաձայնուած կէտերու հանգրուանային փուլերով, գործադրութիւնը,հողային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ։ Նախ Ատրպէյճանը իր անկախութիւնը առած է 1991-ին, առանց պատմական գոյութեան նախընթաց մը ունենալու, ինչ որ զինք ինքնաբերաբար կը զրկէ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը որդեգրելու իրաւունքէն։ Ապա, ազգերու ինքշնորոշման իրաւունքը ՄԱԿի կողմէ ու Սովետական Սահմանադրութեան մէջ յիշատակուած են։ Այնպէս որ, օրինական է Արցախի անկախութեան հռչակումը, բոլոր նախապայմաններու իրագործումով։ Բայց, դժբախտաբար ցարդ պաշտօնապէս չէ վաւերացուած ՄԱԿ-ի երկիրներուն կողմէ։ Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, OSCEն,

իր միջնորդի դերին մէջ, լռելեայն ընդունած է Ռուսաստանի հակակշռող դերը, զինադուլի խախտումներու, ու մանաւանդ զինուորական նուաճողական յարձակումի պարագային։ Հայաստանի 2018-ի յեղաշրջումէն ետք, իրերու կացութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ։ Այնպէս որ, Արցախի գոյավիճակի ուղղութեամբ աւելորդ մտահոգութիւններ չեն յառաջացած։ Կովկասը, կամ՝ փոքր Կովկասը, ռուսական ազդեցութեան գերզգայուն գօտիին մէջ գտնուելով, Հայաստանը ռազմավարական առաջին կարգի դաշնակից է միանգամայն. անիկա անփոխարինելի ռազմախարիսխ է հարաւային իր սահմաններուն ինքնապաշտպանութեան համար։ Ինքնաբերաբար, Հայաստան եւս պաշտպանուած կ՚ըլլայ թրքական կամ ատրպէյճանական սահմանային ոտնձգութիւններէ։ Տարբեր հարց, թէ զինամթերքի ու զինուորական սարքերու վաճառքը Ատրպէյճանին, բոլոր երկիրներուն կողմէ կը շարունակուի, այլազան միջոցառումներով։ Շրջանի ընդհանուր գոյավիճակը պիտի շարունակուի, եթէ գերպետութիւններու ընդհանուր քաղաքականութիւնը արմատական փոփոխութիւններ չկրէ։


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 11

Ժողովրդավարութիւն ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ժողովրդավարութիւն «ասացուածքը» այսօր դարձած է ժողովրդավառութիւն, մանաւանդ հայ ազգին մօտ, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին: Օրուան լոզունգը դարձած «ժողովրդավարութիւն» գաղափարախօսութիւնը պայթուցիկ երեւոյթ ստացաւ Թաւշեայ յեղափոխութեան հետեւանքով, գլելտանելով շատ մը այլ գաղափարախօսութիւններ: Աշխարհի ժողովուրդներուն համար իտէալ գաղափարախօսութիւն մըն է արդար եւ անապակ ժողովրդավարութիւնը, որուն տարբեր կերպերը փորձարկուած են աշխարհի երեսին, հեթանոսական դարաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ այսօր, եւ սակայն տակաւին չէ ընդհանրացած, տարածուած կամ ընկալուած բազմաթիւ երկիրներէ եւ ժողովուրդներէ: Երկիրներ կան, որոնք երեսանց ժողովրդավարութիւն կը դաւանին կամ՝ կը քարոզեն, բայց խորքին մէջ անոնց երակներուն մէջ տակաւին կ’իշխէ աւատապետութիւնը, միահեծան իշխանութիւնը եւ դրամատիրութիւնը, ջանալով հաւատացնել իրենց հպատակները, թէ իրենց կիրարկած տիպարը, ժողովրդավարութիւն է: Այսպիսի երկիրներու իշխանութիւններու օրինակին կրնանք հանդիպիլ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ցամաքամասերուն վրայ, չնշելով ասիական կամ ափրիկեան երկիրներ: Իսկ կա՛ն երկիրներ, որոնց բնաւ հետաքրքիր չէ որեւէ ժողովրդավարական տիպար, իրենց կրօնքի հաւատքին, ազգային սովորութիւններուն կամ ապրելակերպին պատճառով: Ապրելու որքա՜ն հիանալի վայր պիտի ըլլար աշխարհը. խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն պիտի տիրէր ամէնուրեք. ազգեր պիտի չյօշոտէին զիրար ու վաշխառուներ պիտի չըլլային աշխարհի երեսին, որոնք կը սնանին մարդկային արիւնով, եթէ միայն արդար ժողովրդավարութիւն տիրէր այնտեղ: Սակայն, պահ մը վերանալով զգացական եւ վերացական աշխարհէն, գործնականօրէն տրամաբանելով հարց տանք մենք զմեզ. ինչպիսի՞ միջոցներով կարելի է անաղարտ ժողովրդավարութիւն կիրարկել երկրի մը մէջ, երբ այդ ժողովուրդը ժողովրդավարական ազատ կամքի արտայայտութիւնը, գործադրութիւնը եւ մանաւան՛դ գիտակցութիւնը չունի: Խօսքին բուն առումով, երբ ազգ մը պատրաստ չէ ընկալելու նոր, ժողովրդավարական կարգախօս, կարգավիճակ, կանոնագիր եւ նորատեսակ ղեկավարութիւն, այն ատեն ան պիտի նմանի նախահայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայկական կուսակցութիւններուն տարած ապարդիւն աշխատանքին, ուր մեծապէս անգէտ հայ ազգէ մը կ’ակնկալուէր գիտակցութիւն, հասկացողութիւն, գործակցութիւն եւ… հրաշքներ, իր երկիրը փրկելու համար: Յաճախ կը շփոթենք ժողովրդավարութիւնը ամբոխավարութեան կամ՝ սանձարձակ ազատու-

թեան հետ: Բազմաթիւ պատահարներու ականատես կ’ըլլանք այս դարուս մէջ, մանաւա՛նդ ինքզինքնին ժողովրդավարութեան ջահակիր նշանակած երկիրներու մէջ, երբ կարգ մը անձեր չեն գիտակցիր իրենց ազատութեան սահմանները պահելու հանգամանքին, տեղի տալով անյարմար կացութիւններու: Ի՞նչ կը պահանջէ ժողովուրդ մը. եթէ միայն ըլլար խաղաղ կեանք ու ապրուստ: Դարերէ ի վեր, պատմութիւնը վկայ է բազմաթիւ յեղափոխութիւններու, որոնք տարուած են ժողովուրդներու ընդվզումներով իշխանութիւններու դէմ եւ սակայն այդ յեղափոխութիւնները յագեցուցած են ժողովուրդի պահանջքին կամ փափաքներուն մէկ մասը միայն եւ ժամանակաւոր կերպով, ժամանակի ընթացքին, տակաւ առ տակաւ վերականգնելով իշխանաւորներուն միահեծան տիրապետութիւնը ամէնուրեք: Երկրորդ տարրական տուեալը ժողովրդավարութեան կիրարկման մէջ կը կայանայ համբերութեան եւ յարատեւութեան ազդակներուն վրայ, քաջ իմանալով որ որեւէ կառոյցի կանգնումը կարելի չէ կայացնել մէկ օրէն միւսը: Եթէ ժողովուրդ մը գիտակից է իր իշխանափոխութեան պահանջքին, ձերբազատուելու համար միահեծան իշխանութեան մը ճիրաններէն, ժողովրդավարութիւն պահանջելով որպէս փրկութեան լաստ, այն ատեն, այդ ժողովուրդը գիտակից պէտք է ըլլայ թէ՝ այդ բոլորը, ժամանակի կարօտ են եւ աճապարանքով որեւէ իտէալ կարելի չէ իրագործել ճշգրտօրէն եւ արդար կերպով: Իշխանափոխութեան յաջորդ առաւօտ առատութիւն, աշխատավարձերու յաւելում, անօրէններու եւ անօրինութեանց վերացում, արդարութիւն եւ ժողովրդավարութեան կիրարկում երազելն ու պահանջելը անգիտակից ամբոխավարութեան յառաջընթացք կրնան հանդիսանալ: Այժմ, երբ հայրենիքի նոր իշխանութիւնը կ’անցնի գործի, նոր ազգային ժողովով եւ ներկայացուցիչներով, առիթն ու ժամանակը բաշխենք իրենց, երկրին եւ ժողովուրդին լաւագոյնը տնօրինելու համար, մաղթելով որ իրենց հիմնած կառոյցին ժողովրդավարական հիմքերը ըլլան հաստատ, գոյատեւող եւ անսասան, մինչեւ յառաջիկայ դարերուն ձգտող:


Էջ 12

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի մօտ 2000 քաղաքացի կացութեան կարգավիճակ ստացած է Հայաստան ապրող 2․966 հնդիկներէն աւելի քան 1․000-ը կացութեան կարգավիճակ ստացած է ուսումի հիմքով, իսկ մօտ 800-ը՝ աշխատանքի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթի ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը: «2018 թուականի 9 ամսուան տուեալներով՝ ՀՀ մուտք գործած է 21․061 հնդիկ, իսկ ելքը կազմած է 18․095: Հետեւաբար մնացած է 2․966 հոգի, եւ անոնցմէ մօտ 2․000-ը Հայաստանի մէջ կացութեան վիճակ ստացած է: Մօտ 200 հոգիի վերաբերեալ կարելի չէ պնդել, որ անոնք անկանոն գաղթականներ են, քանի որ կրնան վաւեր անցագիրեր ունենալ, որով կը հիմնաւորուի իրենց կացութիւնը Հայաստանի տարածքին»,- նշեց Ղազարեանը: Իր խօսքով՝ աճ կը նկատուի, որովհետեւ 2016 թուականին կացութեան կարգավիճակ ստացած է Հնդկաստանի Հանրապետութեան 1․086 քաղաքացի, 2017 թուականին՝ 935 քաղաքացի:

«Կեթի» հետազօտական հիմնարկը կը թուայնացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագիրներ «Կեթի» հետազօտական հիմնարկը թուայնացուցած է օսմանեան ժամանակաշրջանի առաւել քան 6․000 լուսանկարներ, որոնք մաս կը կազմեն ֆրանսացի Փիեռ Տը Կիկորտի հաւաքածոյին: «Կեթի»-ն նշեալ լուսանկարները զետեղած է առցանց՝ մատչելի դարձնելով զանոնք ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող մասնագէտներու: Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ, սահիկներ եւ փաստաթուղթեր: Թուայնացման ծրագիրը կեդրոնացած է 19-րդ դարէն մինչեւ առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտի ժամանակաշրջանին վրայ: Նկարներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գերմանացի զինուորականի մը (անունը տակաւին անյայտ է) լուսանկարները՝ նուիրուած «սիրելի Փոլինին»: Այս լուսանկարները կը պատկերեն գերմանական բանակին՝ Թուրքիոյ մէջ ներկայութենէն դրուագներ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին:


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 13

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԻՐԱՒ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂՆԵՐ ԿԱ՞Ն ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Խ

օսքը կը վերաբերի տիրութեան եւ ոչ այս կամ այն տօնի առիթով սրահ կամ խրախճանք յուզելու, որուն համար երգիչներու եւ թմբուկներու սովորական աղմուկը բաւարար է: Երէկի, այսօրուան եւ գալիք Պատմութեան առջեւ կանգնած, շարքային հայը եւ աւագը պէտք է յստակութեամբ ըսեն, թէ Արեւմտահայաստանը վերջնականապէս կորսուա՞ծ է թէ ոչ: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած եւ իրենց խոստումները չյարգած պետութիւնները Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը անհայրենիք դառնալու վիճակին դատապարտած են, սա կամ նա ձեւով մեղսակից դառնալով Թուրքիոյ գործած չարիքին: Խօսքը կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած այդ օրերու դաշնակից պետութիւններուն, որոնք հայ ժողովուրդի իրաւունքը ճանչցած էին: Անոնք այսօր ալ կան, կը շարունակեն իրենց պետական քաղաքականութիւնը, որ իրենց պատմութիւնն է, նաեւ՝ իրենց բարոյականը՝ միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին: Մենք փշրանքներու համար զանոնք կը դարպասէինք եւ կը դարպասենք, յաճախ նոր քաղքենիի տեղայնական փառասիրութիւններ բաւարարելու համար: Այդ օրերու դաշնակից պետութիւնները, անոնց հետ Թուրքիան եւ Հայաստանը, ստորագրած էին Սեւրի դաշնագիրը, որուն գործադրութիւնը յանձնուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահի իրաւարարական վճիռին եւ ան տուած էր իր վճիռը՝ գծելով Հայաստանի սահմանները, որ վաւերացման կարիք չունէր, քանի որ ստորագրուած դաշնագրի գործադրութիւնն էր: Այդ վճիռը նոր ժողովներու եւ բանակցութիւններու կարիք պիտի չունենար: Այս ըմբռնումով ալ, ստորագրող պետութիւնները եւ միջազգային համայնքը, պատմութեան եւ քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալու համար, այսօր պէտք է զայն գործադրելու ձեռնարկեն: Ի հարկէ եթէ այդ պահանջով ներկայացողներ ըլլան: Երբ փոքրերը չեն յարգեր իրենց պարտաւորութիւնները, կարգի կը հրաւիրուին զանազան ձեւերով, ի հարկին զինու զօրութեամբ: Իրենց ստորագրութիւնը չյարգած-չյարգող պետութիւններուն նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է դիրքորոշուի միջազգային համայնքը, ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի ինք եւ այդ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները պահեն իրենց բարոյական եւ քաղաքական յարգելիութեան նկարագիրը: Ի՞նչ պէտք է ընեն հայ ժողովուրդը եւ անոր պետութիւնը: Զանազան անուններով համաձայնութիւններու մասին կը խօսուի եւ կը խօսինք, ինչո՞ւ չեն խօսիր եւ չենք խօսիր նաեւ մե՛նք, մանաւանդ՝ մենք: Տարին քանի անգամ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կը յիշեցնեն Սեւրի դաշնագիրը, որ

արդարութեան քաղաքական վճիռ է: Միթէ՞ պիտի սպասենք, որ այդ դաշնագրի ստորագրութեան 100-ամեակին հասնինք, գիտաժողովներ եւ համաժողովներ գումարելու, գիտութիւն եւ բանգիտութիւն ցուցաբերելու համար, երբ ԽՆԴԻՐը միշտ այժմէական է եւ կը վերաբերի ժողովուրդի մը լինելութեան, որ հայրենահանուած է, դարձած անհայրենիք (apatride), որուն զաւակները եւ թոռները միջազգային քաղաքական դաւադրութեան հետեւանքով դատապարտուած են օտարման (aliénation): Հայ ժողովուրդը, յանուն իր բռնագրաւուած հայրենիքին, Արեւմտահայաստանի ազատագըրութեան եւ իր բազմամիլիոն անհայրենիք սերունդներուն, առանց հաճոյախօսութեան, առանց ցարդ ապարդիւն մնացած եւ դիւանագիտութիւն համարուած ճապկումներու մէջ թափահարելու, որպէս իրաւատէր-պահանջատէր պէտք է ներկայանայ բռնագրաւող երկրին դիմաց, այլ նաեւ իրենց ստորագրութիւնը մարդկային եւ քաղաքական վատութեամբ չյարգած պետութիւններուն: Այսինքն, անվարան դիմակները վար պէտք է առնուին: Որպէս կրծօն պահանջուած եւ որպէս կրծօն նետուած ցեղասպանութեան ճանաչումները իրաւունք չեն վերահաստատեր։ Եւ մեր ժողովուրդը իրաւունքի վերահաստատման խնդիր ունի։ Մեր քաղաքական աշխատանքը պէտք է դադրի ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ բեւեռուելէ: Ան ցարդ մնաց բարեսիրութեան-մխիթարութեան ոլորտի մէջ, շարունակելով նպաստամատոյցի եւ որբանոցային վերաբերումը: Պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւները փոխարինել Սեւրի դաշնագրի եւ Ուիլսընեան վճիռի գործադրութեան պահանջով: Առանց այս հիմնախնդրի նպատակասլաց եւ արդար լուծման, ազգի տեսանկիւնէ Ցեղասպանութիւնը պիտի շարունակուի, ինքնախաբէութեան պէտք չէ տանին ոչ մեր տնտեսական բարօրութիւնը եւ ոչ ալ մեր ստացած գոյնզգոյն քաղքենիական ապահովութիւն ներշնչող քաղաքացիութիւնները, որոնց ցանկը Շարունակութիւնը էջ 14


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԻՐԱՒ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂՆԵՐ ԿԱ՞Ն Շարունակութիւն էջ 13-էն

Մենք մեզ յարգած կ’ըլլանք:

եթէ կազմենք, անոր դիմաց կանգնինք, հարց պէտք է տանք, թէ այսքա՜ն գոյնզգոյն իրաւ-կեղծ պատկանելիութիւններով ինչպիսի հայ ազգ կ’ըլլայ: Ո՞վ կըրնայ հաւատալ, որ այդ երբներանգ քաղաքացիութիւններով, անոնց ուղղակի-անուղղակի պարտադրած ինքնութիւններով, տարտղնուած համայնքները ազգի մը շարունակութիւն կ’ըլլան:

Եթէ օրին ունեցած ըլլայինք եւ այսօր ալ ունենանք անցեալ դարու մեծերէն Շարլ տը Կոլի պայծառ իմաստութիւնը, ոչ ոք մեզ կ’օրօրէր եւ այսօր կ’օրօրէ իր խօսքերով: Ան ըսած է. «Քանի որ քաղաքական մարդը երբեք չի հաւատար իր ըսածին, կը զարմանայ երբ իր խօսքին կը հաւատան»:

Օտարման այս սպառնական վտանգի գիտակցութեամբ այսօ՛ր պարտաւոր ենք առաջնորդուիլ եւ ըստ այնմ հրապարակ գալ: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններէն պիտի պահանջե՞նք, որ բարոյական կեցուածք ցուցաբերեն եւ յարգեն իրենք զիրենք: Այդ կը պահանջէ նաեւ, այսօ՛ր, միջազգային գիտակից քաղաքականութիւնը, ընդդէմ թրքական կայսերապաշտութեան: Հայկական կացութեան եւ պահանջի քննարկումը, ինչպէս բաւարարումը, համաշխարհային նոր բարդութիւնները կրնան կանխել: Օսմանեան կայսերական նուաճողական ընթացքը, որ կանգ առած էր Վիէննայի դռներուն, հիմա, կը թափանցէ ամէն տեղ, նոր տեսակի օսմանեան կայսրութիւն մը ստեղծելու անթաքոյց միտումով:

Մենք կը շարունակենք աւանդութիւնը, Վոլթէրի Քանտիտին պէս, կը հաւատանք, մենք մեզի ալ կը պարտադրենք հաւատալ, թերեւս մեր միամըտութեամբ կը զարմացնենք: Հինգ հարիւր օր չանցած, Սեւրի դաշնագիրը հարիւր տարեկան պիտի ըլլայ:

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները, զէնքի վաճառքի շահերը անտեսելով, իրաւունքի եւ արդարութեան քաղաքականութեան ընթացք տալու բարոյական ուժը եւ կշիռը կ’ունենա՞ն: Իսկ մենք, փշրանքներ կորզող ընկեցիկի հոգեբանութենէն բուժուելով, իրաւունքի պահանջի քաղաքականութեամբ հրապարակ պիտի գա՞նք, ի հարկին անհանգստանալով: Այսինքն, պարզ պէտք է ըլլայ, որ ցեղասպանութեան ճանաչման ենթաքաղաքականութիւնը (pseudo-politique) պէտք է փոխարինել միջազգային դաշնագիր Սեւրի տրամադրութիւնները վերակենդանեցնելու եւ գործադրելու քաղաքականութեան հրամայականով: Այս կ’ըլլայ հայրենահանուած ժողովուրդի մը եւ անոր զաւակներուն արժանաւորութեան պայքարը, ընդդէմ նահանջականութեան եւ պարտուողականութեան: Լաւ պիտի ըլլար, որ Սեւրի տրամադրութիւններու գործադրութեան պահանջը չսպասէր 100ամեակը, որ պիտի գայ, ոչ ալ ինքնամխիթարութեան եւ ինքնաբաւարարման համար գումարուելիք համաժողովները եւ գիտաժողովները: Սեւրի տրամադրութիւնները դարձնել քաղաքական առանցք, պլատֆորմ, եւ այդ հիման վրայ բախել դռները, ներկայացնել պահանջները եւ պայմանաւորել նուազ կարեւոր եւ կարեւոր համագործակցութիւնները:

“ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ” Կազմեց ու խմբագրեց՝ ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Պէյրութ – 2018 *** Մեկենասութիւն՝ ՄԵԹՐ ՊԵՐՃ ԵՒ ՎԵՐԱ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ Հրատարակութիւն՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 15

Nikol Pashinyan appointed Armenia’s Prime Minister newly-elected National Assembly, the President of the Republic appoints as Prime Minister the candidate nominated by the parliamentary majority. At a meeting with Nikol Pashinyan at his office, President Sarkissian said “the Parliament should do its best to ensure that the ideas, hopes and expectations connected with the “velvet revolution” come true today, tomorrow and the day after tomorrow.” Nikol Pashnyan note, in turn, that the main expatiations that have already come true include the return of power to people and establishment of democracy in Armenia. Armenian President Armen Sarkissian has signed a decree appointing Nikol Pashinyan as Prime Minister. Pashinyan was nolminated by My Step bloc, which won a landslide victory in the snap parliamentary elections on December 9. The bloc will hold 88 seats in the 132-seat National Assembly. No election was held for the Prime Minister, as according to Article 149 of the Constitution, immediately after commencement of the term of powers of the

“Democracy, rule of law and transparency are not just slogans, but a system of values we are guided by,” Pashinyan stated. Under the Armenian constitution, Pashinian has five days to name members of his cabinet and ask the President to formally appoint them. He will then have 20 days to submit the government’s five-year policy program to the Parliament.

Site to open in Istanbul in memory of Hrant Dink

On January 19, 2007, Hrant Dink, editor-in-chief of the Turkish-Armenian weekly Agos, was shot dead in broad daylight outside his office in Istanbul. He was 52 years old. Twelve years after his assassination, the former office location of the newspaper Agos in Sebat Building is about to be turned into a site of memory. Planned to open in April 2019, the site will bear the name of 23.5 Hrant Dink Site of Memory, in reference to an article written by the journalist on April 23, 1996, in the newspaper Agos. Executed by PATTU Architecture, the site will include a permanent installation by contemporary artist Sarkis.

versial issues contributed to opening new frontiers of debate in Turkish society.

As a dedicated and fearless journalist, Hrant Dink was a fervent advocate for human rights and dialogue in Turkey. His courageous stand on contro-

For more information on Hrant Dink and on the opening of the site of memory, please visit the website of the Hrant Dink Foundation.

Hrant Dink will always be remembered for his ideas, his profound humanity and his impact on the progressive discourse in Turkey.


Էջ 16

Հայ Կեանք

Artsakh should return to negotiating table – Masis Mayilyan

(Armradio) – Official Stepanakert should return to the negotiating table as a full party, Artsakh’s Foreign Minister Masis Mayilyan told a press conference today. “In order to reach a final settlement of the conflict and ensure progress in the negotiations, it is necessary to ensure official Stepanakert’s return to the negotiating table as a full party,” the Foreign Minister stated. In this context, he hailed the clear stance of the new authorities of Armenia on restoring the full-fledged trilateral negotiation format. “This position fully coincides with the approaches of the Artsakh authorities,” he added. The Foreign Minister reiterated the willingness of the Artsakh authorities tօ de jure assume their share of responsibility for maintaining peace and stability in the region. Masis Mayilyan stressed the importance of excluding the prospect of war and ensuring stability in the conflict zone. He noted that Artsakh authorities have always assisted the OSCE Mission in monitoring the ceasefire regime on the state border of Artsakh and Azerbaijan and on the Line of Contact between the parties’ armed forces, and have supported the expansion of the Office of the Personal Representative of the OSCE Chairperson-in-Office and its monitoring capacities. At the same time, the Foreign Minister stressed the necessity of implementing the agreements reached in 2016 in Vienna and St. Petersburg, aimed at maintaining stability on the Line of Contact and creating conditions for advancing the settlement process. In this context, he noted that Artsakh has unilaterally established a video system for permanent monitoring of the Line of Contact, which could be part of the international mechanism for monitoring the ceasefire regime.

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Zakharova slams Baku policy towards Russian citizens of Armenian origin

Moscow hopes that Baku will abandon its discriminatory ethnic policy towards Russian citizens of Armenian nationality, the spokeswoman for Russian MFA Maria Zakharova told reporters on Friday. She drew attention to a large number of posts in social networks, about the discriminatory ethnic policy towards Russian citizens on the part of the Azerbaijani authorities, TASS reported. Touching upon statistics, she noted that at least 16 cases of entry denial for Russian citizens on ethnic grounds in Azerbaijan were recorded. “Russian citizens were detained for hours at the airport and then were expelled from the country without specifying official reasons.” These facts are a gross violation of the rights of Russian citizens as well as are contrary to the spirit of the Russian-Azerbaijani friendship treaty, the Intergovernmental Agreement on visa-free travel and the Declaration of Friendship and Strategic Partnership. According to her, the Russian side “has repeatedly drawn the attention of the Azerbaijani side to the unacceptability of the current situation.”


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 17

Getty Research Institute digitizes photos documenting Armenian Genocide The digitization project focused on photographs from the nineteenth century until World War I. In the album Türkei = Kleinasien 1917–1918 (Turkey = Asia Minor), a German military officer, yet to be identified, dedicated his photographs to a faraway “beloved Pauline.” This album documents—in great contrast to his romantic dedication—the presence of the German army in Turkey during the Armenian genocide.

The Getty Research Institute has digitized over 6.000 of Ottoman-era photographs from French collector Pierre de Gigord’s collection, making them available to study and download for free online. From albumen prints to lantern slides, glass negatives and albums, the collection documents landmark architecture, urban and natural landscapes, archaeological sites of millennia-old civilizations, and the bustling life of the diverse people who lived over 100 years ago in the last decades of the waning Ottoman Empire, Getty Iris reports.

Photographs of cities, markets, and sites of destruction are recorded along with encounters with government functionaries such as the minister of war, Enver Pasha, the highest-ranking perpetrator of the Armenian genocide. The Gigord digitized images, with their records of people, architecture, urban spaces, and landscapes of a bustling world a century ago, make a noteworthy comparison with the work of the late Armenian photographer Ara Güler (1928–2018). His photographs and family history document the aftermath of World War II. Güler, who lost his grandparents to the Armenian genocide, worked for the photo agency Magnum and built an archive of 900.000 photographs.

The Armenian Genocide survivor who photographed President Roosevelt

B. Artin Haig, a 104-year-old American photographer of Armenian descent, has watched Babe Ruth and Lou Gehrig play in Yankee Stadium and snapped portraits of Franklin Roosevelt in the White House, Journal Sentinel says in a fresh article. Born Haig Artin Kojababian in Armenia in 1914, less than a week after the start of World War I, he survived the Armenian Genocide and was orphaned at the age of 4 or 5. He saw his mother dragged away by Turkish soldiers; his father, a math professor, disappeared. His family was wealthy and among the ruling class in their Armenian village of Hadjin.

B. Artin Haig shot photos of President Franklin Roosevelt in the White House.

He fled Armenia and lived with an uncle in Constantinople, then moved to Marseilles, France, and Buenos Aires, Argentina, before immigrating to New York Cont. on page 18


Հայ Կեանք

Էջ 18

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Armenia’s Ambassador Visits Armenian Peacekeepers in Lebanon BEIRUT (News.am) — Armenia’s ambassador to Lebanon Vahagn Adabekyan visited Armenian peacekeepers to congratulate them on New Year and Christmas. After an official ceremony, Adabekyan held a separate conversation with General Diodato Abagnara, the commander of peacekeeping mission of UNIFIL Western Sector. They discussed interaction of the Armenian peacekeepers and the Italian command, as well as further expansion prospects. Head of the UN peacekeeping mission in Lebanon underlined high discipline and professional skills of the Armenian troops.

Israeli arms company sells Azerbaijan SkyStriker suicide drones Israel supplies Azerbaijan advanced military equipment and helps train its army. As part of the cooperation between the two states, Israeli defense systems manufacturer Elbit Systems recently opened an office in the former soviet republic, and is planning to build a plant for the joint production of unmanned aerial vehicles.

Israeli arms company Elbit Systems has sold Azerbaijan its latest unmanned aerial Drone which is capable of long-range precise tactical strikes, The Jerusalem Post reports. The SkyStriker drone is known as a “suicide drone” or “kamikaze drone” due to its ability to destroy a target on impact. Azerbaijan has become the first recipient of the SkyStriker drone.

In December 2016 – during a visit to Azerbaijan by Israeli Prime Minister Benjamin Netanyahu – President Aliyev revealed that “so far the contracts between Azerbaijani and Israeli companies with respect to purchasing defence equipment have been close to $5 billion”. Azerbaijan used Israeli made military drones on Armenian targets during the April 2016 war, when a Harop aircraft, manufactured by the Israel Aerospace Industries, hit a bus and killed seven Armenians on board.

The Armenian Genocide survivor who photographed President Roosevelt Cont. from page 17

Roosevelt needed to be somewhere else.

when he was around 10 years old.

“I would talk to him and when I got a good expression I snapped the picture,” said Haig.

When he worked at Underwood & Underwood, Haig was also a White House photographer, and he snapped photos of the most famous Washington resident. Haig and two assistants always traveled to the White House early to set up lights and cameras before President Franklin Roosevelt arrived. Haig got only seven to eight minutes to take as many pictures as he could — usually around a dozen shots — before the busy

One time, Roosevelt’s French cuffs were scrunched up and Haig helped the president smooth them out. “The next time I saw him he didn’t remember my name but he said, ‘Are you going to fix my cuffs?’ I said, ‘Yes sir, Mr. President,’ ” Haig said. “I was never shy to speak freely. I would say ‘Mr. President, when I’m taking the pictures, I’m the boss.'”


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 19

Armenian Genocide Museum-Institute Foundation Announces 2019 Lemkin Scholarship for Foreign Researchers – Research proposal (not less than 2 pages) – List of published works (if any) – Two letters of reference – A filled application form. The winner will be selected by the Scientific Council of the AGMI Foundation. The Lemkin Scholarship was founded in 2010. So far there have been 12 winners.

YEREVAN (Armenpress) — The Armenian Genocide Museum-Institute Foundation has announced 2019 LEMKIN SCHOLARSHIP program for foreign young researchers and PhD candidates. Raphael Lemkin scholarship is intended to extend research on the Armenian Genocide, promote multilayered research of the theme and engage young scientists, the AGMI Foundation stated. The program will enable up to 40-year-old foreign PhD students or young researchers who specialize in the field of genocide research and work on their doctoral thesis, to spend one month in Armenia and conduct their research at the archives of the Armenian Genocide Museum-Institute, as well as other local scientific institutions and libraries. About the program: -The duration of the scholarship is one month. -The AGMI Foundation will cover travel and accommodation expenses. -The deadline for application is February 15, 2019. -The name of the winner will be known on March 1, 2019. At the end of the program, the scholarship holder is required to make a report and present a summary of the work done within the month. He/she will also submit an article as a result of a research to be considered for publication in the International Journal of Armenian Genocide Studies within 1 year from the end of his/her visit to Armenia. A round-table discussion with Armenian specialists and the AGMI Foundation researchers will be organized during the program with the scholarship holder. The program will run from April 1. Required documents for the submission: – CV or resume

About Raphael Lemkin Lawyer Rafael Lemkin (1900-1959) coined the term “genocide” as well as participated in the preparation of the UN Convention on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide of December 9, 1948. The Armenian Genocide has a special place for study in Lemkin’s extensive scientific heritage. Rafael Lemkin was greatly impressed by the mass killings of Armenians in the Ottoman Empire in 1915.When studying at Lvov University, he learned from the local newspaper about the murder of exMinister of Interior of the Ottoman Empire Talaat Pasha by Soghomon Tehlirian in Berlin. The impunity of Turkish criminals who committed the Armenian Genocide caused anxiety to Lemkin. He decided to go into the field of international law, specializing in the study of crimes against humanity. Unable to find appropriate international norms to prevent genocide and punish the perpetrators, he himself undertook the task of creating those norms.


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

AGBU PAD SAYAT NOVA INTERNATIONAL COMPOSITION COMPETITION ANNOUNCES WINNERS

For over a decade, the AGBU PAD Sayat Nova Composition Competition has been inviting musicians of all heritages to be inspired by the grand tradition of Armenian arts. Winners have been named from all over the world, from Hong Kong to Mexico, Syria to France, each recognized for their versatility, ingenuity and artistry. As their original compositions have traveled to international audiences for world premieres, our composers have built their network of fans, increasing their exposure globally. 2018 was a year of celebrating great strides and historic progress in women’s rights in the Armenian World so it was only appropriate that the competition announced revolutionary 20th century poet Silva Kaputikyan as the inspiration for competing composers. The winning compositions of 2018 are Aregnaz Martirosyan’s “Inqnutyun” [Identity] in first place, Bardy Minassian’s “Loure da Loure” [News, It’s News] in second place, and James Maunders’ “Khosk Im Vordun” [A Word to My Son] in third place. Silva Kaputikyan was a revolutionary artistic force in the 20th century, prolific in her poetry and social activism. While her art memorializes the universal travails of love and loss, she engaged with the numerous yet particular facets of Armenian identity, forever conscious of the people’s suffering and sovereignty. Kaputikyan’s words were therefore rewardingly complex primary sources for composers to weave into their own work. “Her spirit is present in my piece as she was equally a romantic and nationalist poet,” asserts Bardy Minassian, who won second place with a composition inspired by Kaputikyan’s “Loure da Loure,” a poem based on Vrtanes Papazian’s novel of the same name. “For Kaputikyan, his novel carried a national, patriotic message: a man of the working class represented the poverty and injustice of the people whilst his lover’s father, an aristocrat, represented the regime that enforced the injustice,” she explains. Born to Armenian parents in Aleppo, Syria, Minassian is a classically trained composer and guitarist. In 2012, she graduated Parsegh Ganachian Music School but when the Syrian Civil War broke out, Minassian was forced to flee the country with her family. After settling in Yerevan, Armenia, she began her studies at the Komitas State Conservatory, graduating with her Bachelor of Music for Composition with honors in 2017. Inspired by the symbolism of Kaputikyan’s poetic interpretation in “Loure da Loure,” and enchanted by the rhythmic repetition of the language, she crafted a piece that entices the audience to engage in a story deeper than what it appears. Kaputikyan’s poetry not only subverts recognizable archetypes in literature, but wrestles with behemoth

Sayat Nova 2018 winners: Left to right: Bardy Minassian, Aregnaz Martirosyan and James Maunders.

cultural concepts, often making the personal political. “Since becoming a father, I’ve been continually drawn to themes of continuity, passing on things to the next generation and that connection between parent and child” James Maunders, whose “Khosk Im Vordun” took third place this year, explains. “I was struck by the relationship between motherhood and mother tongue in this poem, the concept of what a mother might want to say to a child who is leaving her— or indeed what a motherland might say to her people who have left her.” As a windplayer, Maunders took on the challenge of composing for both the duduk and the zurna for the first time for the competition, learning techniques, fingerings and ranges by studying videos and speaking with other musicians. Originally from Norwich, England where he was a chorister and student of the clarinet, saxophone and piano, Maunders is working as an educator, composer, conductor and musician in Newbury. Currently, he is completing his Master’s Degree at Birmingham City University. For the Sayat Nova Composition Competition, he succeeded in creating a work that imbues a classical orchestral composition with traditional Armenian sounds, incorporating voices that laud and lament into one piece. With a vast body of work, spanning decades, Kaputikyan was an artist who indeed celebrated and grieved through her life and career. Aregnaz Martirosyan, the first-place winner of the 2018 Sayat Nova Composition Competition, chose to meditate on these many meticulous interpretations of the poet’s inner world. To compose her piece, Martirosyan used four poems marking the four movements— “Indignation,” “Thoughts on The Halfway,” “Late Words” and “It Is Late”—to narrate her own family history, honoring her grandmother as the hero. “I’m telling the story of my grandmother in a piece that uses the duduk, zurna and the western classical instruments, which are already very difficult to combine, but with music and Kaputikyan’s poetry, I was able to convey what I could Cont. on page 21


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 21

AGBU PAD SAYAT NOVA INTERNATIONAL COMPOSITION COMPETITION ANNOUNCES WINNERS Cont. from page 20

not communicate with words,” she reveals. Intergenerational trauma also comes with the recognition of the triumph of survival and Martirosyan’s composition invites the audience to consider their own family’s history. Currently pursuing her Master’s degree in Music Com-

position at the Komitas State Conservatory of Yerevan, Martirosyan already has a Bachelor’s degree in the study. Born in Dvin, Armenia, she is a passionate musician, educator and composer whose work has been performed internationally. She has been a member of the Youth Forum of the Armenian Composers' Union and the Scientific Council of Yerevan Komitas State Conservatory since 2018. Initiated by AGBU France in 2006 and held biennially since the establishment of PAD in 2012, the AGBU PAD Sayat Nova Composition Competition continues to challenge, connect and reward talented musicians worldwide. 2018 was a monumental year in celebrating original talents. First-place winner Aregnaz Martirosyan will receive 2,500€ and the Armenian National Philharmonic Orchestra Award, a commissioning award to write an orchestral work that will premiere by the ANPO during the 2019/20 season. In second place, Bardy Minassian will receive 1,500 € and the Carnegie Hall Award, having her piece premiere at the “AGBU Performing Artists in Concert” at the Weill Recital Hall on December 6th, 2019. In third place, James Maunders will receive 1,000€ and the Piano Teachers Congress of New York Award, in which he will be commissioned a work to be premiered at Carnegie Hall during the Piano Teachers Congress of New York's Honors Program Gala in November 2019.

The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500,000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora. Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org.


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 23

ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ՝ «ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ» (Երեւան, 20 Յունուար 1919 – Երեւան, 25 Օգոստոս 2006) ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ 20 Յունուար 2019-ին ծննդեան յոբելեանն է «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի» կոչումին արժանացած Սիլվա Կապուտիկեանի, որ կը բոլորէ իր ծննդեան 100-ամեակը: Արդարեւ, հանրածանօթ «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութեան մեծանուն բանաստեղծուհիին՝ Կապուտիկեանի մասին ալ գրական էջ մը ձօնած է լիբանանահայ մեր պաշտօնակից «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսը՝ իր 1 Յունուար 2019 հարուստ եւ շքեղ բովանդակութեամբ Բացառիկ հատորին մէջ, որմէ քաղելով սոյն յօդուածը կու տանք «Հայ Կեանք»ի մեր ընթերցողներուն, այս առիթով: Յայտնենք, թէ յօդուածին հեղինակը՝ Յակոբ Տիւնեայեան, իր յօդուածի յառաջաբանին մէջ բաւական տեղ տրամադրած է Սիլվա Կապուտիկեանի «Ծաղիկ»ի խմբագրապետին եւ խմբագրութեան 2004 եւ 2005 թուականներուն յղած այն երկու գրաւոր նամակներուն, որոնց մէջ մեծ բանաստեղծուհին դեռ այն ատեն իր դրական տպաւորութիւնները յայտնած էր միամեայ եւ երկամեայ հրատարակութեան «Ծաղիկ»ի, որ իր հերթին այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը: «Հայ Կեանք»ի խմբագրակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ նաեւ իր պաշտօնակից «Ծաղիկ»ի 15-ամեակը, անոր ցանկալով աւելի բեղուն, արգասաբեր տարիներ, նորանոր նուաճումներ իր գրական-ազգային առաքելութեան մէջ: «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» ՊԷՅՐՈՒԹ, «ԾԱՂԻԿ» ՀԱՆԴԷՍԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ Ջերմօրէն ողջունում եմ «Ծաղիկ» մշակութային հանդէսի աշխարհ գալը ու յայտնում իմ ուրախութիւնը ոչ միայն հանդէսում հրապարակուած նիւթերի պատշաճ մակարդակի եւ լրջութեան համար, այլ նաեւ նրա համար, որ Սփիւռքը դեռեւս ի զօրու է հրապարակ հանել նոր թերթեր ու ամսագրեր, որ կան հանդէսի խմբագիր Ասպետ Ռուբինեանի (բուն անունով՝ Յակոբ Տիւնեայեան) նման նուիրեալներ, որոնք լծւում են նոր թերթ ստեղծելու դժուարին գործին՝ այն էլ Սփիւռքի պայմաններում, որոնք ձգտում են թէկուզ մի քարով պատուարելու ուծացում կոչուող այն ջրհեղեղը, որ գնալով աւելի սպառնալի է դառնում աշխարհատարած հայութեան համար:

Ճիշդ է ժողովուրդը, երբ ասում է. «Մի ծաղկով գարուն չի գայ»: Բայց երբ մի նոր «Ծաղիկ» աւելանում է արդէն եղած ծաղիկներին – այսինքն՝ արտերկրի բազմամեայ մամուլին, լրացւում է ծաղկադաշտի արդիւնաւէտութիւնը, նորանում է ու թարմանում: Ուրեմն նորաբաց «Ծաղիկ»ին ցանկանում եմ հետզհետէ զօրացող բոյրեր ու գոյներ, դիմացկունութիւն եւ անթառամութիւն: Միեւնոյն ժամանակ հանդէսի աշխատակիցներին եւ ընթերցողներին շնորհաւորում եմ Ս. Ծնունդի եւ Ամանորի առիթով եւ մաղթում երկար, լիարժէք կեանք, փոխադարձ սէր, կապուածութիւն ու հաւատարմութիւն միմեանց նկատմամբ: ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ, 20. 12. 04 թ., Երեւան, «Վերջին Զանգ» հատոր, էջ 345-346, «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան: Ինչպէս կ'ըսուի վերի տողերով, Սիլվա Կապուտիկեանի գնահատանքն ու անդրանիկ բուխ տպաւորութիւնն է «Ծաղիկ»ի նոր հրատարակման առիթով, 2004-ին: «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի»ն նմանահունչ, այլեւ առաւել հաստատակուռ համոՇարունակութիւնը էջ 24


Հայ Կեանք

Էջ 24

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ՝ «ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ» Շարունակութիւն էջ 23-էն

զումով նամակ մըն ալ ուղարկեց «Ծաղիկ»ին, 30 Նոյեմբեր 2005 թուակիր, իր մահէն շուրջ իննը ամիս առաջ, ուր հետեւեալը կ'ընդգծէր. «Պէյրութ, «Ծաղիկ» գրական թերթի խմբագիր՝ Պարոն Ասպետ Ռուբինեանին Ցաւօք սրտի հանգամանքների բերումով հնարաւորութիւն չի լինում պարբերաբար կարդալ Ձեր «Ծաղիկ»ը: Սակայն այն, ինչ կարդում եմ, կարդում եմ հետաքրքրութեամբ, յաճախ՝ անկեղծ գոհունակութեամբ: Ձեզ յաջողւում է հրապարակ հանել բազմաբովանդակ մի պարբերական, որտեղ տպագրւում են տարաբնոյթ նիւթեր՝ ընտրուած գործի իմացութեամբ, ժամանակակից խնդիրների եւ պատմական եղելութիւնների օգտակար համադրութեամբ: Ուստի շնորհաւորում եմ Ձեզ երկամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար՝ այդ շնորհաւորանքին միացնելով Ամանորի ջերմ մաղթանքերս Ձեզ՝ «Ծաղիկ»ի ծաղկեպանին, ձեր հեղինակներին, ձեր ընթերցողներին, ողջ գրասէր լիբանանահայութեանը: Թող գալիք տարին նոր լոյս ու յոյս բերի աշխարհատարած հայութեա՛նը, մանաւանդ հայրենի ժողովրդին՝ շարունակելու համար իր սրբազան դիմակայութիւնը՝ ուծացման տարեց-տարի նոր ձեւեր եւ գոյներ ընդունող բազմազան վտանգներին՝ ի խնդիր մեր յարատեւումի, մեր արդար ձգտումների իրականացման: Որպէս լրացում այս մաղթանքների, ուղարկում եմ իմ անտիպ բանաստեղծութիւններից մէկը («Աշխարհը Եւ Ես» - ընդգծումը՝ «Ծաղիկ»ի), որը նորից ու նորից գովքն է ու պանծացումը մեր բազմատառապ, բայց իր հոգու պայծառութիւնը պահած մեր ժողովրդի: Ձեր՝ Սիլվա Կապուտիկեան 30 Նոյեմբեր 2005 թ., Երեւան»: Վահան Տէրեանի նայիրեանաբորբ անուրջներուն մէջ մթնշաղուող այն արշալոյսը, որ բացուեցաւ Արեւելեան Հայաստանին խորհրդային կարգերու հաստատումով՝ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն վրիժացայտ պայթած եւ այդ սերունդի գրական փաղանգին բախտաւոր հոյլին մէջ (Համօ Սահեան, Սերօ Խանզադեան, Յովհաննէս Շիրազ, Մարօ Մարգարեան, Վիգէն Խեչումեան, Հրաչեայ Յովհաննիսեան, Գէորգ Էմին, Աղաւնի եւ ուրիշներ), Սիլվա Կապուտիկեան՝ կրտսերագոյններէն մին այդ հոյլին, որքան սրտայոյզ ապրում ու ճակատի գիր, քերթողական ե՛ւ հապարակագրական իր արուեստով հանդիսացաւ այն զատորոշուող տաղանդը, որուն հոգիին անձեռնունելի տաճարի կամարներուն տակ փուլ եկան գետնաքարշ գոռոզութիւններ, պանդուրութիւնները մեր քաղաքական այրերուն, հասնելով Գ. Հանրապետութեան պետական կառոյցներու հիմնումի հասուն

ժամանակները, բայց այդ քաղաքական որոշ այրերու խակութիւնները, Կապուտիկեանի տիրական խօսքին մոգական հռետորութեամբը «կախուեցան սիւնէն անկախութեան կախաղանի»...: Քնարերգակ՝ մինչեւ ծուծը իր արեան, կանացի հոգիով առնահունչ ու առնավայել իր կեցուածքով, պահանջատիրական քայլերով ու դատումներով՝ ամորձահատած այդ քաղաքական այրերուն – նկատի ունիմ յատկապէս Ռ. Քոչարեանը – սուտ ու փուտ հայրենասիրութանց դիմաց, Մեծ Տիկինը իր վշտամբեր ժողովուրդին իրերայաջորդ եղեռններէն յառնած ե՛ւ ջահակիրը լինելութեան պայքարի, ապրեցաւ սակայն ցաւալի, դժխեմ կորանքը 15-ամեայ անկախութեան, կործանաւոր ապազգայնութիւններու...: 1932-ին էր արդարեւ, 13 տարեկանին, երբ Յովհաննէս Թումանեանի ժողովրդականացած «Ապրէ՛ք երեխէք»ին պատանուհի Սիլվան կը պատասխանէր իր երախայրիքը համարուող քրթուածով մը «Պիոներ Կանչ»ին մէջ. աւելի ուշ՝ 1935-ին, «Գրական Թերթ»ի խմբագիր եւ բանաստեղծ Վահրամ Ալազանի խրախուսանքով կը սկսէին մամուլի մէջ երեւիլ բանաստեղծուհիին նորաբողբոջ քերթուածները այն ժամանակներուն, երբ Աղասի Խանջեանի անարգ սպանութեամբ եւ անոր յաջորդող Եղիշէ Չարենցի, Ակսէլ Բակունցի, Վահան Թոթովենցի, Զապէլ Եսայեանի, Վահրամ Ալազանի եւ այլ երեւելի մտաւորականներու դէմ «վերէն հրամաններ»ու գործադրութամբ, սարսափազդու ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւններն ու գնդահարումները տակաւ ու արագասոյր շնչահեղձ կը դարձնէին գրական ու քաղաքական մթնոլորտը Հայաստան աշխարհի մէջ: 1940-ին, Յովհաննէս Շիրազի հետ իր կնքած ամուսնական կեանքէն ետք՝ 8 Յունիս 1941-ին Արա Շիրազի ծնունդը, ճիշդ երկու շաբաթ յետոյ՝ 22 Յունիսին կը բերէր հիթլէրական հորդաներուն խուժումը Խ. Միութեան վրայ, սակայն աշխարհաքանդ այդ Շարունակութիւնը էջ 31


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 25

«Հպարտ» բանաստեղծը… Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ե

« ս բանաստեղծ չեմ, որպէսզի կարենամ գրախօսական մը գրել քու նոր հրատարակած երկու գիրքերուդ համար»: Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն, որ անցած է անհատական բարեկամութենէ` հասնելով ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներու: Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները` «Երազէն անդին», որոնք լոյս տեսած են Երեւան, ինծի եւ ընտանիքիս մակագրեց ու նուիրեց: Ինչ խօսք` մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր ինծի համար տեսնել իմ բանաստեղծ բարեկամիս նոր իրագործումը: Նկատի ունենալով, որ մեր հանդիպումներուն մէջ բացակայ չեն նաեւ կատակդիպուկները, չուշացաւ իմ խօսքը. «Ես բանաստեղծ չեմ… Գրախօսական չեմ կրնար գրել»: Չուշացաւ Խաչիկին արագ եւ նոյնքան կատակ-սրամիտ պատասխանը. «Գործէն փախչելու լաւ պատճառաբանութիւն»: Ճիշդ էր Խաչիկ Տէտէեանը: Ես պէտք էր յիշէի, որ աշակերտական տարիներուս որքան հայ բանաստեղծներու քերթուածները գոց կը սորվէի եւ ատենամարզանքի պահերուն կը մասնակցէի մրցոյթներու: Հայ բանաստեղծութիւնը միշտ ալ ինծի հետ «քալած» է տարիներու ընթացքին: Խաչիկին հետ մեր զրոյցներուն մէջ նաեւ անպակաս չեն ազգային-հայրենական ու եկեղեցականմիութենական եւ գաղութային հարցերը, որոնց մէջէն անպայմանօրէն դուրս պիտի ելլէին հոգեներաշխարհային մտահոգութիւններ եւ տագնապներ, որոնցմէ մէկը` «Ես յոռետես անձ եմ», որ քանիցս ըսած է Խաչիկ: Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները կարդալով` ըմբոշխնեցի իմ բանաստեղծ բարեկամիս մէկ կողմէ «ներաշխարհ»ը, միւս կողմէ ալ` այն բոլոր «յոռետես» վիճակները, որոնք կը տագնապեցնեն զինք… Ճիշդ է, որ այս «յոռետեսական» հարցերը երբեմն կը քննարկենք իրարու հետ, բայց տարբեր զգացի, երբ կարդացի զանոնք իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Հոն տեսայ իմ բանաստեղծ բարեկամս իր «ամբողջութեան» մէջ: Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, որ հայրենի ու հայկական ընդհանրական իրականութեան մէջ ունի իր արժանի դիրքը եւ վաստակը` որպէս մտաւորական-գրող եւ արուեստաբան, խմբագրած եւ կազմած է Խաչիկին հատորները: Ան յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Խաչիկ Տէտէեանը բազմաթեմա բանաստեղծ է եւ` անսովոր բազմաթեմա»: Այս «անսովոր բազմաթեմա»-ն էր, որ ապրեցայ եւ ընկալեցի Խաչիկին երկու հատոր նոր քերթուածներու հաւաքածոյին մէջ: Տեսայ նաեւ, թէ ինչ-

պէ՛ս Խաչիկ Տէտէեանը «յոռետես» անձ-բանաստեղծն է: Բայց իրարու հետ շաղկապուած իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ տեսայ «յոռետեսութիւն»-ը, որ սակայն կեցած ու անշարժ չէր, այլ` քալող, եւ ինչպէս Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը որակած էր, «շարունակուող» բանաստեղծ-բանաստեղծութիւնն մըն է: Ան միշտ ամուր կանգնած է, բայց նաեւ պայքարած ու պոռթկացած է, եւ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին նկարագրականով` «սփիւռքահայ հոգեբանական եւ հոգեկան ներկայ վիճակներու, որոնք այլ են»` իմա հեռու մարդկային-ազգային արժէքի խորքային գիտակցութենէ: Խաչիկ Տէտէեանը իր յոռետեսութիւնը զարգացուցած է, իմա՛ «շարունակած», որպէսզի ինք հասնի, բայց նաեւ հասցնէ հայը, ազգը, հայրենիքն ու, տակաւին, մարդկութիւնը այս արժէքի գիտակցութեան: Բանաստեղծութիւններու այս երկու հատորներուն մէջէն սկսայ քակել մէկ-մէկ «բազմաթեմա» նիւթերը եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Խաչիկը իւրաքանչիւր յոռետեսական տագնապները շարունակած է հասցնել արժէքի կեանքին, որ պէտք է շարունակուի: Իսկ Խաչիկ Տէտէեանի աշխարհը մարդն է իր «սիրոյն» մէջ, «վիշտին», «բնութեան», «մահուան», «անորոշութեան», «կեանքին», «պարզութեան» ու այս բոլորը` իր «հոգիի թռիչքին» մէջ ու մէջէն: Մարդուն մասին է, որ կը խօսի եւ կը յայտնէ, թէ «ո՛ւր կ՛երթայ…» եւ «կը խարխափէ անյոյս ճակատագրով մը»: Տակաւին, ան «կ՛որոնէ իմաստը այս բոլոր անդուլ վազքին» եւ կը տեսնէ աշխարհ մը` «կերպարանափոխուած եւ անիծուած»: Այս բոլորին մէջէն ան կ՛ուզէ կորսուիլ. «Կորսուիլ կ՛ուզեմ հորիզոնի անհունին մէջ»: Բայց այս «անյոյս ճակատագրին» ան կու տայ ընթացք, եւ իր «կորսուելու փափաք»-ն ալ կը դառնայ նպատակասլաց: Ան կը փնտռէ «նոր հաւատք ու երազ ներշնչող» իրականութիւնները` թափ տալով իր հոգիի թռիչքին: «Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքիլ, դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով»: Եւ այս նոր երազին մէջ պէտք է Շարունակութիւնը էջ 26


Հայ Կեանք

Էջ 26

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

«Հպարտ» բանաստեղծը… Շարունակութիւն էջ 25-էն

տեսնել յոռետես բանաստեղծին շարունակուող սլացքը` հասնելու եւ ձգտելու համար արժէքին «ճըշմարտութեանը», որ «աղջամուղջին մէջ կորսուած» է: «Ճշմարտութիւնը» բանաստեղծը կը գտնէ հաւատքին մէջ: «Տո՛ւր ինծի իմաստութիւն, Տէ՛ր»: Այս այն «իմաստութիւնն» է, որ «խաւար իր կեանքին համար դառնայ ջահը անմար»: Ան կ՛ուզէ քալել այս «ջահին» ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ ըմբռնել Տիրոջ «խորհուրդները խորհրդաւոր»: Խաչիկ Տէտէեանը հայն է, սփիւռքահայը եւ Հայաստան հայրենիքը սիրող, բայց եւ որուն «ապագան զինք կը յուզէ»: Ան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը` կամաւոր եւ այլասերող»: Ան այս իրականութիւնը վերածած է «վիշտի»: «Իմ ցեղի կորուստըն է դանդաղ… կ՛երթանք կորստեան ուղիներէ… Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, կը նուազի յոյսը. կ՛աղաւաղուի դիմագիծը` մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան`այդ տեսակը կորսուած»: Ան այս բոլորը կ՛որակէ որպէս` «Տագնապն է ան հայուն ներկային, հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն»: Ան կ՛ակնարկէ հայուն մեծ երազի ճամբու իտէալին եւ տեսիլքներուն, որոնք` «զիջեցանք զանոնք տեղայնական մտայնութեամբ»: Խաչիկ Տէտէեանին համար «հայութիւն, հայրենիք ամէն բանէ վեր» են: Իր յոռետեսութիւնը այն է, որ հայը միաբան չէ: Ան կը ձգտի միաբանութեան: Հոս դարձեալ ակնյայտ է շարժող յոռետեսութիւնը, եւ ան կ՛ըսէ. «Մէկը ամբողջին ու ամբողջը մէկին կարգախօսով, հաւաքական գործին հաւատացած»: Խաչիկը իր հայրենասիրութեան թռիչք-սլացքը կը հասցնէ «ուրիշ» մը ըլլալու գիտակցութեան. «Ահա այն ատեն միայն հաւատացի, որ մերն իրաւամբ ուրիշ է… որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը իրաւամբ հրաշք մըն է հողեղէն…»: Բայց Խաչիկին սլացքը տակաւին վեր է. «Պիտի հասկնանք ուշ կամ կանուխ, անպայման, թէ հայրենիքն է միայն փրկութեան լաստը վերջին»: Ան կը վստահեցնէ` մեկնելով իր սփիւռքահայու փորձէն, որ` «օտար ամայի ճամբէքի վրայ չկայ խաղաղութիւն»: Խաչիկ Տէտէեանը պահանջատէր բանաստեղծ է իր ժողովուրդի ահաւոր Ցեղասպանութեան փորձառութեան մէջ. «Սպաննեցիր մարմինը, բայց չբեկանեցիր անոր կամքը: Լսէ՛, հայը կը բախէ դուռդ հիմա` ուժգնօրէն, արեան մուրհակները ձեռքին, արդար վրէժխնդրութեամբ. յարութեան ղօղանջները կը հնչեն ծագէ ծագ, յարութեան շունչով զօրացած»: Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ եւ ամուր կառչած է մայրենիին. «Հայուն դժուար երթին դուն աղաղակող օրագրութիւն»: Բոլոր «փոթորկոտ ու փոխուող» օրերուն մէջէն ան կը հաստատէ չփոխուող իրականութիւնը, որ` «Կը մնան փորագրուած երեսունվեց տառեր հրաշագործ` որպէս անջնջելի,

նուիրական սխրանք իւրայատուկ»: Կայ նաեւ Խաչիկ Տէտէեան «Տեսիլքի» բանաստեղծը: Հոս դարձեալ իր յոռետեսութիւնը կը շարժի… «Կը տեսնեմ երկիր ազատ ու արդար, պետութիւն, ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած, կը կերտեն նոր, ազատ հայրենիք, նոր սխրանք, ուժեղ ապագայ»: Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ նաեւ իր ծննդավայր Լիբանանին. «Չէ՞ որ իմ հայրենիքն է նաեւ ան, այդ որդեգիր ծնողքս հարազատ»: Բայց նաեւ կ՛ափսոսայ Լիբանանին վիճակուած սեւ ճակատագրին, որ ան ապրած է ամէն հարազատութեամբ. «Մնացիր եւ միայնակ ճակատագրին դէմ…»: Ան կը գիտակցի մեծերուն բոլոր խաղերուն. «Կ՛օգտագործեն քեզ մեծերը այս աշխարհի»: Խաչիկ Տէտէեանը կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս «Երկիրն այս, նահանջի ու կորստեան ուղին է բռնած», եւ այդ պատերազմի արհաւիրքին մէջ ան կը գծէ` «ատելութեան դիմագիծը», «նախանձը անհանդուրժող», «անարգ ոճիր»ը եւ այդ բոլորը կը սեղմէ իր մէջ` որպէս «քաոս իմ ներսիդիս»: Բայց Խաչիկ Տէտէեան յոռետեսը կրնայ տեսնել «նոր Լիբանան»: Լիբանանը, «որ կը ցցէ գլուխը յաղթական` մահաքունէն զարթնած»: Խաչիկ Տէտէեանին յոռետեսութիւնը իրաւամբ շարժող է, որովհետեւ ան գիտէ դէմ կենալ ներկայ օրերու ընթացքին, որ «այլ» է: Բայց ինք հոն չէ, քանի գիտէ դիավարել «անտարբերութեան» մէջէն, որ «ախտ» է եւ «կը սուրայ մոլագար»: Խաչիկ Տէտէեանը «անցեալի տխուր յուշերը վանած» է ու, տակաւին, «ամօթի ու պարտութեան բարդոյթէն ձերբազատած», ան կը նայի «վաղուան օրուան յաղթութեան` հպարտութեամբ գօտեպնդուած»: Այս յաղթութեան հպարտութիւնն է, որ Խաչիկ Տէտէեանը դարձուցած է «հպարտ» բանաստեղծ… Հպարտը երբեք գերակայութեան համար չէ: Ինչպէս որ ինք կ՛ըսէ` «Աժան ու սին ինքնապարծութեամբ»: Այլ հպարտութիւն մըն է, որ Խաչիկ Տէտէեան յոռետես բանաստեղծը վերածած է շարժող եւ շարժուն: Շարժուն` կեանքի մէջ արժէքին տենչալով եւ հասնելու ձգտումով: Ահա թէ ինչո՛ւ իր բանաստեղծութիւնը «շարունակուող» է, քանի արժէքի կեանքի ձգտումը երբեք պէտք չէ կենայ: Շարունակութիւնը էջ 33


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Նոր հրատարակութիւններ

Էջ 27

ցեղասպանութեան արտացոլումը 1915թ. մամուլի էջերում (Հայալեզու եւ օտարալեզու թերթերի նիւթերի ժողովածու)», Ա. հատոր, Երեւան, 2018:  Մնձուրի Յակոբ, «Մենք (Ընտիր պատմուածքներ)», կազմող, յառաջաբանի հեղինակ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 98, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2018:

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ  Ազնաւորեան Զարեհ արքեպիսկոպոս, «Երաժշտական ժառանգութիւն (Ամբողջական գործեր)», Ա. եւ Բ. հատորներ, հաւաքեց, նօթագրեց եւ խմբագրեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2018:

 Մուշեղ Իշխան, «Նամակ Կաղանդ պապային», վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:  Յովհաննէսեան Կարօ, «Սողոմոն Թեհլիրեան 1896-1960», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 2, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018, 106 էջ (10 x 20,5 սմ.) (դահճապետ Թալէաթի ահաբեկիչին կեանքը, աղբիւրներու յղումներու ծանօթագրութիւններ, բազմաթիւ լուսանկարներ):

 Ասատով Եուրի, «Ցարական Ռուսիոյ 3000 հայ սպաներ (1701-1921)», Ա. հատոր, «Փերօ» հրատարակչութիւն, Մոսկուա, 2018, 610 էջ (16 x 24,5 սմ.) (ցարական բանակին ծառայած հայազգի զօրավարներու, ծովակալներու, գնդապետներու, փոխգնդապետներու, հազարապետներու եւ ռոթմիսթրներու կենսագրական բառարան, սպաներու մէկ մասին լուսանկարները) (ռուսերէն):

 Նազարեան Ալիս, «Արիւնոտած, բայց չխոնարհած – Աշուր եւ Արշալոյս Եուսուֆ ընտանիքին յուշերը», հայերէնէ թարգմանեց Իշխան Ճինպաշեան, տպարան «Նինուէ», Մորիսվիլ, Ա. Մ. Ն., 426 էջ (14 x 21,6 սմ.) («Եփրատ» գոլէճի ասորի դասատու Աշուր Եուսուֆի, անոր հայ կնոջ՝ Արշալոյսի ու երկուքի ընտանիքներուն Մեծ Եղեռնի տարիներու կեանքի յուշերը, Աշուրի եւ Արշալոյսի տոհմածառերը):

 Աւագեան Վիգէն, «Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 1, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:

 Փոլատեան Արշակ, «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. Արիւնահոսող վէրքը», «ալՇարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2018 (արաբերէն):

 Աքհանլը Տողան, «Վերջին դատաստանի օրուան դատաւորները», թրքերէնէ թարգմանիչ եւ մեկենաս՝ Սոնա Զաքարեան, «Նոյեան տապան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018 (հայոց ցեղասպանութեան մասին):

Ծերակոյտը հաստատած է Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին

 Էվանս Հելեն (խմբագիր), «Հայաստան. Արուեստը, կրօնն ու առեւտուրը միջին դարերուն», հրատարակութիւն Արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի, Նիւ Եորք, 2019, 351 էջ (բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (անգլերէն):  Հատտէճեան Ռոպէր, «Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն», Գ. հատոր, «Յուշատետր» մատենաշար թիւ 90, Սթամպուլ, 2018 (յուշեր հեղինակին՝ հայ երեւելիներու հետ շփումներէն):  Մանուկեան Գայիանէ, Մարուքեան Արմէն, Պէօճէքեան Ժիրայր, Ոսկանեան Անի, Յովսէփեան Մարիամ (համադրողներ), «Հայոց

Շարունակութիւն էջ 2-էն

Միացեալ Նահանգները արտերկրի մէջ ներկայացնող դեսպանները կ’առաջադրուին՝ նախագահի, սակայն կը հաստատուին Ծերակոյտի կողմէն: 24 տարուան հանրային ոլորտի մէջ աշխատանքի փորձ ունեցող Լին Թրէյսին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Ռուսաստանի հարցերով աւագ խորհրդականն էր: Նախապէս զբաղեցուցած է Ռուսաստանի ու Թուրքմենստանի մէջ ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտօնը, եղած է ԱՄՆ-ի պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու գիծով:


Էջ 28

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հակառակ Պաքուի միջամտելու փորձերուն, «Դրախտի դարպասը» ֆիլմին նկարահանումները ամբողջացած են

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմը արտադրողներէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Կարծում ենք վրայ է հասել ժամանակը ձեզ հետ կիսուելու, որ ատրպէյճանական համայնքը դեռ Հոկտեմբեր ամսուայ սկզբից փորձում էր խափանել մեր ֆիլմի արտադրութիւնը: Նրանց առաջին փորձը՝ խոչընդոտել լիտուական նկարահանումներին, մենք կանխեցինք ու պատուով աւարտեցինք նկարահանումները՝ շնորհիւ մեր թիմի վճռականութեան եւ յամառութեան: Օրեր առաջ հրապարակուել էր հետեւեալ յօդուածը, նաեւ անուանական նամակներ ուղարկուել մեզ հետ համագործակցող լիտուացի եւ ֆրանսիացի ֆիլմարտադրողներին: Գլխաւոր հերոսի դերակատար Ռիխարդ Զամելի գործակալը նոյնպէս ստացել էր այդ նամակը: Ցաւալի է, որ ֆիլմի համարտադրողները եւ օտարերկրացի դերասանները ստիպուած են բախուել նման երեւոյթների հետ, երբ նրանց առաջնային նպատակը խաղաղութեան պահպանումն է եւ տարածքի ամենավտանգաւոր հակամարտութեան մասին իրազեկուածութիւնը: Ստորեւ «Թրենդ»-ի յօդուածը. «ԼՂ ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Թուրալ Գեանջալիեւը, բողոքի նամակ է ուղարկել ադրբեջանական գրաւուած տարածքներում նկարահանուող «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի համարտադրողներին: Բողոքի նամակում՝ ուղղուած Կեստուտիս Դրազդաուկասին եւ Անժէլիկա Շուլերին, նշուած է, որ աւելի ճիշդ կը լինէր ֆիլմն անուանել «Դժողքի Դարպասը», քանի որ նկարահանուող տարածքները գրաւուած են եղել բռնի ուժով ու այնտեղ բնակուող հազարաւոր ատրպէյճանցիներ

վտարուել են իրենց հարազատ հողերից: Ուղղելով խօսքը Կեստուտիս Դրազդաուսկասին եւ Անժէլիկա Շուլերին՝ Գեանջալիեւը յիշեցրել է, որ Հայաստանն օկուպացրել է Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի մարզն ու նրան յարակից 7 շրջանները՝ իրականացուած ռազմական ագրեսիայի արդիւնքում»: Ֆիլմի յետարտադրական ծախսերի օժանդակութեան ակնկալիքով մենք դիմել ենք մի քանի միջազգային հիմնադրամների, սակայն նման մօտեցումները դրական արդիւնքի ակնկալիքները թուլացնում են: Մենք չենք յուսահատւում: Այժմ մենք, ինչպէս երբեք, ունենք ձեր ֆինանսական աջակցութեան կարիքը՝ աւարտին հասցնելու համար «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի յետարտադրական փուլի աշխատանքները: «GoFundMe» հարթակում մենք արդէն հասել ենք 5․010 տոլարի, սակայն պէտք է համալրենք նաեւ 21․200 տոլար: Օգնէ՛ք մեզ օգնելու Արցախին՝ միջազգային հարթակներում այն ճանաչելի դարձնելու համար հենց այս ֆիլմով: Մենք մօտ ենք վերջնագծին, եւ ձեր ներգրաւուածութեամբ կարող ենք հասնել արդիւնքի»: Աջակցելու համար այցելել՝ www.gofundme.com/gatetoheaven կայքէջը։


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 29

Բժշկական

ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԵՐԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ծերացումը (aging) հիւանդութիւն մը չէ, իսկ ծերութիւնը (old age) մեր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանն է, որ կը յատկանշուի հիմնական երկու առանձնայատկութիւններով՝ Ա. Տարեցներու յատուկ հիւանդութիւններ Տարեցներու յատուկ հիւանդութիւնները կը յայտնուին որոշ անկարողութիւններով եւ տկարացումներով: Այս հիւանդութիւնները կը ներկայանան երկու ենթաբաժիններով՝ ա. Հիւանդութիւններ որոնք կը հակակշռուին մեր ապրելակերպով, կենցաղով, շրջապատով եւ միջավայրով: Անոնք կրնան ըլլալ ժամանակաւոր կամ մնայուն եւ երկարատեւ, օրինակ՝ սրտի, թոքերու եւ երիկամի հիւանդութիւններ: բ. Հիւանդութիւններ որոնք մեր հակակշռէն դուրս կը մնան եւ անոնք կը դառնան մնայուն եւ երկարատեւ, օրինակ՝ մնայուն յուշաթափութիւն (Ալցհեյմերի հիւանդութիւն – Alzheimer’s disease), շագանակագեղձի ծաւալում (prostate hypertrophy) եւ ոսկրափխրութիւն (osteoporosis): Բ. Ծերերու կեանքին հոլովոյթի եւ փոփոխութիւններու բնական ընթացք. Այս ընթացքը կը յատկանշուի կամքէ անկախ յառաջացած բարդ փոփոխութիւններով եւ իրադարձութիւններով, որոնք կը հակակշռուին ծինային (genetic) կանխորոշումով: Ծերերուն մօտ բնականօրէն կը յառաջանան հետեւեալ փոփոխութիւնները՝ 1. Կենսաբանական (biological) փոփոխութիւններ Անոնք հետեւանքն են մարմնի բոլոր օրկաններու բջիջներու հանգրուանային եւ հետեւողական մաշումին եւ փճացումին: Այս կենսաբանական փոփոխութիւնները կը բացայայտուին որոշ ախտանըշաններով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ բոլոր օրկաններու արդիւնաւէտութեան տկարացում, ախորժակի նուազում, կշիռքի կորուստ, ջրազրկում (dehydration), տեսողութեան եւ լսողութեան տկարացում, մնայուն եւ ժամանակաւոր մոռացկոտութիւն, յօդացաւ, ոսկրափխրում եւ ոսկորներու կոտրուածք, մարմնական անհաւասարակշռութիւն (imbalance) եւ անկայունութիւն (instability), մէզի անպահութիւն (urinary incontinence), կղկղանքի անպահութիւն (stool incontinence), մկանային եւ մտային տկարացում ինչպէս նաեւ քալելու դժուարութիւն: Տարեցներու մտային առողջութիւնը կը նպաստէ անոնց արտադրողականութեան (productivity) եւ ինքնաբաւ ըլլալուն: Մտային կարողութեան տէր տարեց մը կը յատկանշուի իր տարիքին համաձայն ունեցած յիշո-

ղութեամբը: Անկարող տարեց մը կ՚ըլլայ մոռացկոտ, ոչ-արտադրող եւ ոչ-ինքնաբաւ, այլ կախեալ ուրիշէ: 2. Հոգեբանական փոփոխութիւն Այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով տարեցներ կ՚ըլլան եսակեդրոն, անձնասէր, պահպանողական, զգայուն, անձկալից, մտահոգ, վախկոտ եւ կասկածամիտ: 3. Ընկերային փոփոխութիւններ Այս փոփոխութիւնները կը դրսեւորուին մենակեացութեամբ եւ շրջապատի հանդէպ անվստահութեամբ: Ծերեր կը վախնան հիւանդանոցային խնամքէ, հետեւաբար՝ անոնք հեռու կը մնան հիւանդանոցներէ եւ չեն ուզեր լսել կամ խօսիլ հիւանդանոցային խնամքի մասին: Անոնք կը խորհին, որ հիւանդանոց մտնելով վերջ պիտի տրուի իրենց կեանքին: Յաճախ տարեցներ շուտով չեն դիմեր բժիշկներու օգնութեան, կարծելով որ իրենց անհանգստութիւնը եւ առողջական վատ վիճակը ծերութեան բնական ընթացքն է: Անոնցմէ շատեր իրենց հերթական բժշկական այցելութեան ընթացքին չեն բացուիր բժիշկին եւ տեղեակ չեն պահեր զայն իրենց առողջական ընդհանուր կացութենէն: Կան տարեցներ, որոնք կը մերժեն երկրորդ անգամ այցելել բժիշկին անձնական զանազան պատճառներով, օրինակ՝ ընկճուածութիւն, ընտանեկան եւ նիւթական կորուստներ եւ վախ: Իսկ ուրիշներ այս կեցուածքը կ՚որդեգրեն պարզապէս որովհետեւ հետաքրքրուած չեն ըլլար առողջանալու: 4. Գործառական (functional) փոփոխութիւններ Անոնց հետեւանքով տարեցներ կ՚ունենան՝ հանդարտութիւն, մարմնական եւ մտային դանդաղութիւն, յոգնածութիւն, անքնութիւն, ուժասպառուՇարունակութիւնը էջ 30


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԵՐԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ Շարունակութիւն էջ 29-էն

թիւն, քալելու եւ շարժելու դժուարութիւն: Բացարձակ անշարժութեան պատճառով անոնք շարունակ կը կորսնցնեն իրենց մկաններու ուժը եւ որոշ համեմատութեամբ մկաններու ծանրութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚ունենան յետոյքի խոցեր եւ բաց վէրքեր: Անոնց ֆիզիքական շատ անկարողութիւնները յաճախ կը զարգանան զգացական եւ մտային անբնական կացութիւններով: Տարեցներ կը յատկանշուին հետեւեալ առողջապահական երեւոյթներով՝ 1․ Անոնք երիտասարդներու եւ չափահասներու նման կրնան ախտահարուիլ զանազան հիւանդութիւններով, սակայն անոնց ապաքինումը սահուն չ՚ըլլար եւ կ՚ունենան շատ աւելի բարդութիւններ: 2․ Անոնք շուտով կը վարակուին փոխանցիկ հիւանդութիւններով, որովհետեւ անոնց վարակամերժութիւնը չափազանց տկարացած կ՚ըլլայ եւ չեն կրնար պայքարիլ յարձակող մանրէներու դէմ: 3․ Տարեցները ընդհանրապէս շատ աւելի դեղեր կը գործածեն քան երիտասարդները: Անոնց գործածած դեղերը մեր ուշադրութեան արժանանալու են, որովհետեւ շատ դեղեր կրնան փոխներգործութիւն (interaction ) ունենալ երբ միաժամանակ կը գործածուին եւ այս պատճառաւ կրնան յառաջանալ անակնկալ վտանգաւոր բարդութիւններ: 4․ Տարեցներուն մեծամասնութիւնը միատեղ կ՚ունենան զանազան տեսակի մարմնական, ֆիզիքական, հոգեկան, հոգեբանական եւ մտային հիւանդութիւններու ախտանշաններ, որոնք կը յառաջանան բազմաօրկանային խանգարումներով: Տարեցներու խնամքը կը տարբերի երիտասարդներուն խնամքէն, որովհետեւ տարեցները ընդհանրապէս ունին տարբեր եւ աւելի բարդ առողջապահական պէտքեր քան երիտասարդները: Տարեցներ միջին հաշուով կ՚ունենան 4-5 ախտաճանաչելի հարցեր: Անոնց մօտ մարմնի մէկ օրկանի հիւանդութեամբ երկրորդ կամ երրորդ օրկան մը կը խանգարուի կամ կ՚ախտաւորուի եւ այս պատճառով տարեցներուն մեծամասնութիւնը կը դառնայ անկարող, ոչ արտադրող եւ կախեալ ուրիշներէ: Տարեցներուն առողջապահական պէտքերը անսահման են: Անոնք պէտք ունին հետեւողական եւ յարատեւ բժշկական խնամքի ու հոգատարութեան, որոնք կը մատուցուին ընտանեկան բժիշկներու եւ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ: Յառաջացած երկիրներու մէջ արագօրէն զարգացած է բժշկական յատուկ մասնագիտութիւն մը, որ կը կոչուի ծերաբուժութիւն (geriatric medicine, geriatrics): Ան տարեցներուն բժշկական խնամքի մատակարարման բժշկութիւնն է: Այն բժիշկը որ կը մասնագիտանայ ծերաբուժութեան մէջ կը կոչուի ծերաբուժ (geriatrician): Ծերաբուժը իր հմտութեամբ կը փորձէ՝

1․ Դարմանել տարեցներու հիւանդութիւնները եւ մեղմացնել անոնց ցաւերը. 2․ Բարելաւել ծերութեան պատճառով յառաջացած ամէն տեսակի տկարութիւնները. 3․ Բարելաւել տարեցներու առողջութիւնը, կարողութիւնները, շարժումները, հոգեկան վիճակը. 4․ Բարելաւել տարեցներու կեանքի մակարդակը. 5․ Երկարաձգել անոնց կեանքը հանգստաւէտ պայմաններու մէջ. 6․ Մղել տարեցները կանոնաւոր մարմնամարզանքի եւ մտային մարզանքի՝ կարդալ եւ ներկայ ըլլալ մշակութային ձեռնարկներու եւ այլն. 7․ Փոխանցել տարեցներուն առողջապահական գիտելիքներ եւ առողջ սննդառութեան կանոններ. 8․ Օգնել անոնց որպէսզի դառնան ինքնաբաւ. 9․ Մղել զանոնք որպէսզի զարգացնեն առողջ եւ մտերմիկ ընկերային կեանք. 10․ Վարուիլ տարեցներուն հետ խոհեմութեամբ եւ ազնուութեամբ. 11․ Սիրաշահիլ անոնց վստահութիւնը. 12․ Ցուցաբերել անոնց հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ հոգածութիւն. 13․ Յարգել անոնց անհատականութիւնը, կարծիքները, համոզումները. 14․ Տրամադրել բաւարար ժամանակ լսելու անոնց բոլոր հարցերը եւ փափաքները, ծանօթանալու անոնց պէտքերուն եւ կարիքներուն: Ծերաբուժներու խնամատարական ծառայութիւններու շնորհիւ տարեցներու կեանքի մակարդակը բաւական բարելաւուած է: Անոնք ունին որոշ չափով հանգիստ կեանք եւ պայմաններ: Այս բոլորին իրականացման աշխատանքին մէջ ծերաբուժներուն կ՚օժանդակեն տարբեր տարբեր մասնագէտ բժիշկներ, ատամնաբուժներ, դեղագործներ, ընկերային ծառայողներ եւ մարմնամարզի ուսուցիչներ: ՊետուՇարունակութիւնը էջ 33


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 31

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ՝ «ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ»

Շարունակութիւն էջ 24-էն

քաոսին մէջ, Կապուտիկեանի քերթուածները՝ իրենց քնարաշունչ, հայրենասիրական եւ սիրոյ երգերով, այլեւ մայրական օրօրներով կ'աճեցնէին սիրտն ու հոգին փոքրիկն Արա Շիրազին.Քեզ ծիածա՜նը պիտի գուրգուրէր, Ու քեզ քուն բերէր հեքիա՛թ արտոյտի, Բայց շա՛նթ է ճայթում օրոցքիդ վերեւ, Վրադ սաւառնում բազէ՛ն երկաթի... —————————————-

Բազէ՛ն թող բերի քո աչքերին քուն, Քնիր շանթերի, որոտների մէջ. Մանկո՛ւց սովորիր ատել թշնամուն, Քանզի նա մանկո՜ւց կեանքըդ խռովեց... 30-ական եւ 40-ական թուականներու սկիզբներուն գրուած եւ ամփոփուած քերթուածները Կապուտիկեանի, լոյսի բարիքին կու գային Հայրենական Մեծ Պատերազմն սովետական բանակներուն տարած յաղթանակի տարին՝ 1945-ին, «Օրերի Հետ» խորագիրին տակ: Հարկաւ, այդ օրերը իրենց բուն իմաստով կը ցոլացնէին այն դժնէ ժամանակները, որոնց թաւալքին հետ եւ անոնց բերած վիշտին ու արցունքին մէջ ծիածանահիւս կ'երանգաւորէին Յոյսը բազմատառապ մեր ազգին, որ Սիլվա Կապուտիկեանինն էր, ռազմաճակատներու վրայ մահը տապալելո՛ւ եւ յաղթութեա՛մբ վերյառնելու աննկուն կամքով.Կի՛ն, ծաղկո՜ւմն ես դու կեանքի, սակայն ահա աշխարհում, Շղթայազերծ մահը ժանտ՝ մեր խնկաբոյր դաշտերում, Տե՛ս, մոլեգնե՜լ է կրկին ու բարձրացրել է քո դէմ Իր դրօշակը դեղին եւ գերանդի՜ն մահադէմ... Կի՛ն, դու մահի ախոյեան, մրցակցուհի՜դ դափնեւոր, Ծնկաչոք է միշտ եղեղ մահը ոտքիդ մօտ հզօր... Սիլվա Կապուտիկեանէն հրատարակուած

գիրքերու շարքը կու տամ ժամանակագրական կարգով՝ 1942 թուականէն մինչեւ 2006 թուական.«Հատուցում», «Սարեակներ», «Երկու Զրոյց Մանուկների Հետ», «Վահանիկի Երազը», «Օրերի Հետ», «Զանգուի Ափին», «Այս Իմ Երկիրն Է», «Փոքրիկ Արա, Ականջ Արա», «Դէպի Մոսկուա», «Իմ Հարազատները», «Մեր Լիլիկը, Մեր Բալիկը», «Տանը, Բակում, Փողոցում», «Քերթուածներ», «Սրտաբաց Զրոյց», «Բարի Երթ», «Մէկ Տարով Էլ Մեծացանք», «Արդէն Գիտեմ Նկարել», «Մենք Օգնում Ենք Մայրիկին», «Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին», «Բանաստեղծութիւններ», «Մեր Փոշեկուլ Մեքենան», «Քարաւանները Դեռ Քայլում Են», «Եօթ Կայարաններ», «Իմ Էջը», «Երգ Երգոց», «Դէպի Խորքը Լերան», «Երկերի Ժողովածոյ» (երկու հատորով), «Խճանկար Հոգու Եւ Քարտէսի Գոյներից», «Հատընտիր», «Իմ Ժամանակը», «Լիլիթ», «Ձմեռ Է Գալիս», «Ծաղկանոց», «Երկեր» (երեք հատորով), «Գոյներ Նոյն Խճանկարից», «Գիրս Մնայ Յիշատակող», «Երկու Քոյրիկ, Երկու Ուլիկ», «Հոգու Նոյն Երթուղիներով», «Տագնապ» (բանաստեղծութիւններ), «Գոյներ Իրանահայ Աշխարհից», «Էջեր Փակ Գզրոցներից», «Քարաւանները Հեռանում Են», «80 Երգ Սիրոյ Մասին», «Չեմ Կարող Լռել», «Ճեպանըկարներ Ստամպուլից Եւ Երուսաղէմից», «Իմ Կածանը Աշխարհի Ճանապարհներին», «Պարտէզ» (մանուկների համար), «Պարսից Պոէզիայի Ընտրանի՝ Սիլվա Կապուտիկեանի Թարգմանութեամբ», «Հայերգութիւն», «Սիրերգութիւն», «Եօթ Տասնեակ Տարի», «Նա Իր Գոյութամբ Սրբացնում Էր Մթնոլորտը», «Վերջին Զանգ»: Գրական հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն պատգամախօսի կենսաթրթիռ ապրումներով սրտաբաց անկեղծութեան հասնող հնչերանգները մնացին միշտ վերթեւող՝ Հայրենիքին ձեռք բերած գիտական ու արուեստի ոլորտներու նուաճումներուն ի տես: Եւ Սփիւռքը, Սիլվա Կապուտիկեանի բանականութեան մէն մի տրոփին մէջ, համազգային ողՇարունակութիւնը էջ 32


Էջ 32

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ Անարդարութիւններ երբ կրես՝ մխիթարուէ՛. Անարդարութիւն ընողնե՛րը թող տխրին, քանզի անո՛նք են յանցաւոր: ԴԻՄՈԿՐԻՏԵՍ Եթէ իր միտքն, հոգին լեցուց շողերով մեր անմահներուն, Աբովեանի ամբուռքն անափ, սիւք զարթուցիչ, զրոյցի՜ ծով Ըրաւ ընդդէմ իր քայլերուն. արդ կը յորդի՛ բերքն ի խոկուն՝ Սերունդներուն իր տուածով...: Ժամանակի կողերն ի վեր արփողջունող իր զով Զանգուն՝ Խմեց Յոյզէն Թումանեանի, տարաւ իր հետ մինչե՜ւ երկինք... Սայեաթ Նովան սիրոյ մարգ զերթ հագաւ սիրտն իր՝ դա՜ր փղձկուն՝ Քամանչայի գետին մօտիկ...: Հնոցին մէջ համբերութեան՝ ուր տառապանքն իր յար ծխեց Գանգիւններէն գոյամարտի, ըրաւ հոգին Յոյսի անթրոց... Եւ Սփիւռքին հետ սիրտ-սիրտի բացաւ ճամբան անրջայեղց՝ Կարաւանին քալող մարդոց...: Կարօտ ու Հող իր երգերուն, թախիծներուն իր դաշնալար, Թրթիռներուն իր բորբ սիրտի՝ պատգամեց Խօսքն հուր-արարիչ, Որ հաւատքով մ'ըսպառազէն Հայոց Լեզուի պահա՛կն ըլլար՝ Արդարութեան վառելու ճիչ...:

Չելա՛ւ շալակը անարմատ եղէգներու ծուռ, անժառանգ՝ Գահակործան որջերն որոնց ասպատակեց քաղցն ախտաւոր... Հոգին՝ բազում իր աչքերով՝ կը կոտտա՜յ արդ, կ'ըլլայ բանա՜կ՝ Պատրանքներուն յուղարկաւոր...: Մարտիկներու վայել շուքով չկա՜ն Չարենց ու Թէքէեան, Ոսկեդարու շքե՜րթն ամբողջ կա՛յ բիբերուն մէջ իր հարկաւ, Որ կ'անձրեւէ Կոմիտաս, Երգ, Մաշտոց, Անի, Վան, Երեւան՝ Հա՛յ ապրելուն իր վի՜շտն անբաւ...:

«Ծաղիկ» 1 Յունուար 2019 բացառիկ հատորէն

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ՝ «ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ» Շարունակութիւն էջ 31-էն

բերգութեամբ ապրուած անքակտելի օղակներով ողջ պատմութիւն մ'է, որուն «դեռ քայլող քարաւանային» աշխարհասփիւռ զանգուածները, ուր ինք շրջեցաւ, ապրեցաւ համզգաց վիշտն ու յոյսը այդ բոլորին եւ գրեց մատեան առ մատեան, ո՛չ յուսաբեկ երգով, Հայրենիքի անվտանգութիւնը գտնելով միասնականոթեամբ դրսեւորուող Սփիւռքի մշակութային կառոյցներու պահպանման մէջ, միեւնոյն ատեն միշտ նախատինք կարդալով պարտուողական ճանապարհներու վրայ դեգերուն եւ «պարկ մը փուտ ալիւրով» ընտրազանգուած սարքող-սադրող մեր քաղաքական այրերուն...: Սիլվա Կապուտիկեանի կարապի երգն եղող

«Վերջին Զանգ»ը (2006)՝ լոյս տեսած իր շիջումէն քիչ առաջ, արդարեւ այն մատեանն է, որուն հրապարակագրական, յուշագրական եւ քերթողական անթառամ էջերը, մեր ժողովուրդը զգաստութեան հրաւիրող, մերթ ալ սթափեցնող պոռթկումներով, կու գայ իբրեւ գրական աւետարան՝ 1991-էն ետք անկախութեան տարիներու կորանքի զառիթափին վրայ երկնուած ու անցեալի խոշոր նուաճումներէն վերջ, ոչ թէ «որդու պատգամ որպէս»՝ ինչպէս գրած էր 75 տարի առաջ, այլ՝ յաւերժազանգ իր ժողովուրդին՝ «Հայկեան Նետից» մինչեւ բոսորագեղ դարերը վաղուան...:

«Ծաղիկ» 1 Յունուար 2019 բացառիկ հատորէն Պէյրութ


Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 33

ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԵՐԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ Շարունակութիւն էջ 30-էն

թիւններն ալ բերած են իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը: Տարեցներու ընդհանուր թիւը եւ տոկոսային համեմատութիւնը ընկերութեան մէջ հետզհետէ կը բարձրանայ: Ներկայիս անոնց ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ բաղդատաբար անցեալին աւելի զգալի կը դառնայ: Օրինակի համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ 1900-ական թուականներուն տարեցները (65 տարեկանէն վեր) կը կազմէին ժողովուրդին 4 տոկոսը, իսկ 2005-ին ան եղած է 13 տոկոս: 2026-ին կը կարծուի որ այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ 20 տոկոսի: Ներկայիս 65 տարեկան տղամարդոց ապրելու կարելիութիւնը մօտաւորապէս 16 տարի է, իսկ 75 տարեկան տղամարդոցը 9 տարի է: Կիներուն պարագային այս թիւերը մագըլցում արձանագրած են եւ եղած են՝ 19 եւ 12 տարի: Կիները աւելի երկար կ’ապրին, մօտաւորապէս 5 տարի, քան տղամարդիկը՝ ծինային, կենսաբանական, կենցաղային եւ միջավայրային պատճառներով: Այս բարեփոխութիւնը տեղի ունեցած է, որովհետեւ մարդիկ աւելի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կ՚ապրին, բժշկական բարձր ու ընկերային լայնատարած խնամքներ կը մատակարարուին իրենց եւ հետեւաբար անոնք կը վայելեն առողջութեան պտուղները: Մենք չենք կրնար փոխել ծերութեան բնական ընթացքը, սակայն կրնանք համակերպիլ անոր հետ եւ կրնանք մասամբ մը առաջքը առնել անոր արագ յառաջխաղացքին՝ որոշ միջոցառումներով, որոնք կը պահանջեն տարեցներու կողմէ անհատական համոզում, որոշում եւ գործադրութիւն: Այս միջոցառումներէն կարեւորագոյններն են՝ հետեւիլ առողջ սննդականոնի եւ կանոնաւոր մարմնամարզի, պահել մարմինը մաքուր՝ ամէնօրեայ լոգանքով, քնանալ բաւարար ժամեր, այցելել բժիշկին կանոնաւոր կերպով, ունենալ առողջ եւ մտերմիկ ընկերային կեանք, կատարել մտային մարզանք, ապրիլ ուրախ, բնաւ չծխել, ալքոլ չափաւոր գործածել:

«Հպարտ» բանաստեղծը… Շարունակութիւն էջ 26-էն

Իսկ արժէ՞քը… Ան հպարտ է` «հայ ծնած ըլլալով», հպարտ է` «հայու արիւն կրելով»: Այս հպարտութիւնը իր մէջ կերտած է «հաւատք» մը, որ միշտ «վառ» է, կենդանի, ապրող եւ շարժող: Տակաւին, կեանքի նկատմամբ «համոզմուն-

ՄԱՀԱԶԴ ԸՆԿ. ՓԱՅԼԱԿ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ (Ծնեալ 3 Յունուար 1928, Պէյրութ) Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մահը մեր սիրեցեալ հօր, եւ մեծ հօր՝ Փայլակ Ահարոնեանի, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունուար 19, 2019-ին, կ.ե. ժամը 1։00-ին Պրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ՝ 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank CA. եւ ապա թաղումը Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։ Սգակիրներ՝ Որդին եւ կինը՝ Արա եւ Տիանա Ահարոնեան Դուստրը եւ ամուսինը՝ Արփի եւ Շահէ Կանիմեան Թոռնիկը՝ Թամար Կանիմեան Թոռնիկը եւ ամուսինը՝ Ռիթա եւ Անտրէ Սարուխանեան եւ զաւակունք Թոռնիկը եւ կինը՝ Զօհրապ եւ Գարինէ Կանիմեան Թոռնիկը՝ Տոքթ. Շիրազ Կանիմեան Թոռնիկը՝ Ալեքս Ահարոնեան եւ համայն Ահարոնեան, Յովսէփեան, Պիլեմճեան, Քէշիշեան, Կանիմեան, Տեփանեան, Տարեան, Սարուխանեան եւ Եուսուֆեան ընտանիքներն ու հարազատները։ Փոխան ծաղկեպսակի, կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Նոր Օր» շաբաթաթերթի բարգաւաճման ֆոնտին։ քով» մը, որ իր անձը եւ ապրած օրերը վերածած են «ջերմութեան»: Այս «համոզմունքը» եւ «ջերմութիւնը» Խաչիկ Տէտէեան, հպարտ բանաստեղծը եւ մեզ բոլորս կը տանին յոռետեսութենէն դէպի արժէքի կեանքը տեսնելու եւ կերտելու մարտահրաւէրին: Շնորհակալութի՛ւն, Խաչիկ Տէտէեան, այս արժէքին ու ինքնութեան գիտակցութեան համար: Քեզի, մեզի եւ մեր բոլորին: Խաչիկ Տէտէեան` հպարտ բանաստեղծը, որ կը խթանէ մեզ բոլորս, որ մենք հպարտ հայեր ենք… Հպարտ բանաստեղծը: Ան, որ յոռետես իրավիճակները կը շարժէ հասնելու եւ հասցնելու համար մեզ բոլորս արժէքի գիտակցութեան:


Էջ 34

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.