Հայ Կեանք թիւ 03(64) 01-02-2019

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 3(64)

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Անառիկ ու ամուր սահմաններու եւ խաղաղութեան երաշխաւոր. ՀՀ զինուած ուժերը 27 տարեկան են

Նիկոլ Փաշինեանը ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի համաշխարհային տնտեՇարունակութիւնը էջ 3

ԵՐԵՒԱՆ, 28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Յունուար 28-ին կը նշէ ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձը: ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորումը կը համընկնի 1992-1994 թուականներուն, երբ արդէն անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ, գտնուելով չյայտարարուած, բայց փաստացի պատերազմի մէջ Ատրպէյճանի հետ, միաժամանակ ձեռնամուխ եղաւ նաեւ ազգային բանակի ստեղծմանը: Հայկական բանակի ստեղծման, վճռորոշ դեր խաղաց 1990-ի անկախութեան հռչակագիրը, որով հիմնաւորուեցաւ Հայաստանի փաստացի անկախութիւնը եւ որով նոր իրաւական եւ գործնական հեռանկարներ բացաւ ազգային բանակի ստեղծման հարցին: 1992 Յունուար 28-ին Կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» պատմական որոշում` իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: 1992 Մայիսին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսաւ առաջին զօրակոչը հանրապետուՇարունակութիւնը էջ 4

ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները

Աշխատանքային այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կեդրոՇարունակութիւնը էջ 3


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

ՀՀ կառավարութեան անդամները երդուեցին բարեխղճօրեն կատարել ժողովուրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւնները

News in Pages 15-22 “Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Հրատարակման Պատասխանատուներ

Տիգրան Ապասեան Խաչատուր Ադամեան Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

ԵՐԵՒԱՆ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Նախագահական նստավայրի մէջ, ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, Յունուար 30-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ`ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընթերցեց երդման արձանագրութիւնը . «Յանուն համազ-

գային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ երդուում եմ բարեխղճօրեն կատարել ժողովրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, հաւատարիմ մնալ Կառավարութեան անդամի բարձր կոչմանը»: ները:

Այնուհետ հերթով երդուեցան կառավարութեան միւս անդամ-

Երդման արարողութեան աւարտին Նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորեց վարչապետն եւ կառավարութեան անդամները՝ մաղթելով անոնց յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի շահ մեր երկրի հզօրացման եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի:

ՀՀ Կարավարութեան կազմը․ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հանրապետութեան վարչապետ , Զոհրապ Մնացականեան՝ Արտաքին գործոց նախարար, Դաւիթ Տօնոյեան` Պաշտպանութեան նախարար, Ֆելիքս Ցոլակեան` Արտակարգ իրաAthens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com վիճակներու նախարար, Ատոմ Ջանջուղազեան` Ելեւմուտքի նախարար, Տիգրան Խաչատրեան` Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումՀաւատալով ազատ խօսքի իրա- ներու նախարար, Յակոբ Արշակեան` Երթեւեկութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար, Էրիկ Գրիգուունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած րեան` Բնապահպանութեան նախարար, Արտակ Զէյնալեան` Արդագրութիւնները անպայման րադատութեան նախարար, Արսէն Թորոսեան` Առողջապահութեան չարտայայտեն հրատարակիչնենախարար, Զարուհի Բաթոյեան` Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերուս տեսակէտը։ Հրատարակիչրու նախարար, Սուրէն Պապիկեան` Տարածքային կառավարման եւ ներուն կը վերապահուի յղուած զարգացման նախարար, Արայիկ Յարութիւնեան` Կրթութեան եւ յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։ գիտութեան նախարար:

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 3

«Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելուց բացի այլ ճանապարհ չունենք». Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպած է Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ այցելած են Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ անոնք ծաղիկներ դրած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւէրժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք՝ Հայաստանի նախագահը «Արա Խա-

ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները Շարունակութիւն էջ 1-էն

նակայան, ուր զինք դիմաւորած է ԵՏՅ աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան: ՀՀ վարչապետի գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ԵՏՅ-ի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով` 2019-ին ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահութիւնը Ռուսիայէն Հայաստանին անցնելուն առիթով: Այնուհետեւ ԵՏՅ աշխատակազմի անդամները Նիկոլ Փաշինեանին ուղղած են տարբեր հարցեր, որոնք վերաբերած են ԵԱՏՄ ծիրէն ներս Հայաստա-

նոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Մէկ տեղ հաւաքուած է ամէն ինչ՝ հայկական պետականութիւնն իր դրօշով եւ զինանշանով, հայ առաքելական եկեղեցին եւ, ի հարկէ, մեր ապագան՝ դպրոցը»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան` իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին միասնականութեան, նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան համար։ «Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելուց բացի այլ ճանապարհ չունենք» եզրափակած է իր խօսքը նախագահ Սարգսեան։

Նիկոլ Փաշինեանը ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ Շարունակութիւն էջ 1-էն

սական համաժողովի ծիրէն ներս, իր հանդիպումներու շարքին ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակի եւ յետագայ քննարկումներու շուրջ: նի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն, ԵԱՏՄ զարգացման:


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

«Տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը նոյնիսկ քննարկել չենք կրնար. Նիկոլ Փաշինեան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, անոնք ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղ-

Անառիկ ու ամուր սահմաններու եւ խաղաղութեան երաշխաւոր. ՀՀ զինուած ուժերը 27 տարեկան են Շարունակութիւն էջ 1-էն

ղակի տեղի կ’ունենայ մտքերու փոխանակում։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Յունուար 30-ին, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին՝ ըսած է ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը: Լրագրողի այն հարցադրման, թէ վերջերս սկսած է շրջանառուիլ այսպէս կոչուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» թեզը, ՀՀ վարչապետը պատասխանած է. «Մենք ընդհանրապէս չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը»: Փաշինեան նկատած է, որ ներկայ կառավարութիւնը ԼՂ կարգաւորման հարցով կը վարէ քաղաքականութիւն, որ նախապէս ոչ մէկ կառավարութիւն վարած է: «Որեւէ զուգահեռ տանիլը եւ նախապէս վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւն են»,վստահեցուցած է Փաշինեան: Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու կողմէն բանակցութիւնները վերսկսելու ու նոր թափ հաղորդելու նախաձեռնութիւն կա՞յ, Փաշինեան ըսած է,- «Այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգին վրայ»: րաբաղեան շարժման յառաջխաղացքի եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ծայրաստիճան սրման պայմաններուն Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ աւելի քան հրատապ։ Երկրորդ փուլը տեւեց 1992-ի Յունիսէն մինչեւ 1994-ի Մայիսը։ Այս ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները ենթարկուած էին Ատրպէյճանի յարձակումներուն եւ ահաբեկումներուն։

թեան տարածքին` հիմք դնելով բանակը ժամկետային զինծառայողներով համալրելու կայուն աւանդոյթին: Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան բանակի կազմաւորումը անցած է մի քանի փուլերով: Առաջին փուլը տեւած է 1988-ի. Փետրուարէն մինչեւ 1992-ի Մայիս: Այս ժամանակաշրջանին ղա-

Երրորդ փուլը սկսած է 1994-ի Յունիսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս ժամանակաշրջանին զգալի աշխատանքներ իրականացուած են բանակաշինութեան, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, սպայական ու ենթասպայական, ինչպէս նաեւ պայմանագրային անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման, բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններու որոշակի յառաջընթաց եւայն։ ՀՀ զինուած ուժերու զօրակոչը նախատեսուած է 18-27 տարեկան արական սեռի ներկայացուցիչներու համար՝ 2 տարուայ ժամկէտով ըստ, ՀՀ զինծառայութեան օրէնքին։ Շարունակութիւնը էջ 6


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 5

ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 27-ամեակին նուիրուած միջոցառում Աթէնքի մէջ

Յունուար 28-ին Աթէնքի Intercontinental հիւրանոցի սրահի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն՝ նուիրուած ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 27-ամեակին: Ընդունելութեան ներկայ էին Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի հրամանատարական կազմի բարձրաստիճան զինուորականներ, Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներ, Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական եւ ռազմադիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ ու անդամներ, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ: Միջոցառմանը կը մասնակցէին նաեւ Յունաստանի ԶՈւ ցամաքային զորքերու «Էւելբիտոն» ռազմական ակադեմիայի ղեկավար կազմը եւ հայ կուրսանտները: Ընդունելութիւնը կ’ուղեկցուէր Յունաստանի ԱՊՆ գլխաւոր շտաբի նուագախուբի կատարումներով:

Մահացած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երաժշտահան Միշէլ Լեգրանը 87 տարեկանին մահացած է աշխարհահռչակ երաժշտահան Միշէլ Լեգրանը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով «La Monde»-ը: Ֆրանսացի երաժշտահան, դաշնակահար Լեգրանը ծնած է 1932 Փետրուար 24-ին: Մայրը` Մարսէլ Տէր Միքայէլեան, սերած է հայկական ազնուական ընտանիքէ: Ուսանած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ: 1954-ին թողարկած է առաջին ձայնասկաւառակը: Հեղինակած է բազմաթիւ հեռուստատեսային հաղորդումներ եւ երաժշտական սենարներ: Աւելի Շարունակութիւնը էջ 6


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

«Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը առանց ԱՀ մասնակցութեան հնարաւոր չէ»

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, 25 Յունուար, ԱՐՑԱԽՓՐԵՍ-ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Յունուար 25-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնած է Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը: «Ես առանձնապէս սպասումներ չունիմ, որ

2019-ին Արցախեան հիմնահարցի շուրջ բանակցային գործընթացը նոր զարգացում կը ստանայ: Չեմ կարծեր, որ ատոր համար նախադրեալներ կան: Բանակցային գործընթացը կարող է իրական դառնալ միայն այն պարագային, երբ որպէս բանակցային գործընթացի հիմնական մասնակից դառնայ Արցախի Հանրապետութիւնը, այս կը յուշէ նմանատիպ հակամարտութիւններու կարգաւորման ամբողջ մարդկային պատմութեան փորձը: Այնպէս որ, չեմ կարծեր, թէ կը տեսնենք իրական զարգացումներ Արցախի հիմնահարցի մէջ»,- ըսած է Սաֆրաստեանը: Արեւելագէտը նշած է նաեւ, որ այս հարցի կարգաւորման համար ամենակարեւոր նախադրեալներէն մէկի բացակայութիւնը այն է, որ Ատըրպէյճջանը փոխած չէ իր քաղաքականութիւնը:

Անառիկ ու ամուր սահմաններու եւ խաղաղութեան երաշխաւոր. ՀՀ զինուած ուժերը 27 տարեկան են Շարունակութիւն էջ 5-էն

Մահացած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երաժշտահան Միշէլ Լեգրանը Շարունակութիւն էջ 5-էն

շատ յայտնի է շուրջ 200 ֆիլմերու համար գրուած երաժշտութեամբ: Անոր մեծ հռչակ բերած է յատկապէս «Շերպուրկեան անձրեւանոցներ» ֆիլմը: Թողարկած է աւելի քան 100 ձայնասկաւառակ: 3 անգամ արժանացած է «Օսքար», 5 անգամ` «Կրեմի» եւ «Էմմի», 12 անգամ` «Ոսկէ կլոպուս» մրցանակներուն: 2003-ին արժանացած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանի:

Հայկական Զինուած ուժերը կազմաւորման պահէն մինչեւ այսօր կը շարունակեն համագործակցիլ միջազգային տարբեր կառոյցներու հետ եւ քայլեր կը ձեռնարկեն այդ կապերը աւելի ընդլայնելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 1992 Մայիս 15-ին ստորագրելով Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրը, դարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ։


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 7

Կարօ Փայլան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեանի։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման քննարկումներուն առանցքը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան հարցը, Սիսի Կաթողիկոսարանին դատը, Թուրքիոյ հայութեան պարզած ներկայ վիճակը եւ այլ յարակից խըն-

դիրներն էին։ Նշեալ հարցերուն գծով Կարօ Փայլան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Արամ Ա․ կաթողիկոսին, միաժամանակ իր տեսակէտները յայտնելով։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման եւ այդ ծիրէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին։ Ապա, երեսփոխան Կարօ Փայլանը, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ հոգշ. Տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ, այցելեց Մայրավանքի շրջափակին մէջ գըտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհ 1,5 միլիոն սրբացեալ նահատակներու յիշատակին։

Կարօ Փայլանի հանդիպումը Լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը՝ ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ՝ կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցին զարգացումներուն: Փայլան շեշտեց, որ Թուրքիա կը խուսափի առերեսուելու իր անցեալին հետ: Անոր կարծիքով՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը հիմք կրնայ ծառայել արդարութեան հաստատման եւ բազմաթիւ անլոյծ հարցերու Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ Հայկազեան համալսարանին մէջ:

լուծման: Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին Կարօ Փայլան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հազարաւոր մարդիկ Պոլսոյ մէջ ոգեկոչած են Հրանդ Տինքի յիշատակը

գործիչ, «Անատոլու Քուլթուր» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Օսման Քաւալան, Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Թուրկայ Օլճայթոն: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տինքը յիշելու եկած մտերիմներու պահանջը մէկն էր՝ արդարութիւն:

«12 տարի է արդարութիւն չկայ, Հրանդը չկայ, հրաժարիլ չկայ». – այս ուղերձի ներքոյ հազարաւոր մարդիկ 19 Յունուարին Պոլսոյ մէջ հաւաքուած էին «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ՝ յիշելու 12 տարի առաջ թուրք ազգայնականի կրակոցներէն սպաննուած պոլսահայ նշանաւոր մտաւորական, «Ակօս»ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքը: Թրքական ոստիկանութիւնը լայնածաւալ միջոցառումներ ձեռնարկած էր՝ ապահովելու համար հաւաքի անվտանգութիւնը, փակուած էին խմբագրատուն տանող ճանապարհները, յարակից մեթրոյի կանգառը: Այս տարի «Ակօս»ի խմբագրատան պատշգամէն Տինքին նուիրուած խօսքով հանդէս եկած է 1948 թուականին ձերբակալուած եւ անհետ կորած թուրք նշանաւոր արձակագիր Սապահատտին Ալիի դուստրը՝ Ֆիլիզ Ալին: «12-րդ անգամ ըլլալով հաւաքուած ենք քու ձեռքերով հիմնած, մեծցուցած «Ակօս»ի շէնքին առջեւ, քեզ մեզմէ խլած խաւարին դէմ կանգնելու, քու եւ ընտանիքիդ կողքին ըլլալու համար», – ըսած է ան: Տինքի մահուան հերթական տարելիցի կապակցութեամբ ուղերձ յղած են նաեւ շուրջ մէկ տարի կալանաւորուած թուրք յայտնի հասարակական

«12 տարի է արդարութեան համար կը պայքարինք, բայց, դժբախտաբար, այսօր շատ հեռու ենք մեր նպատակէն», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, որ օրերս առաջարկած էր Տինքի սպանութեան գործի քննութիւն սկսիլ թրքական Մէճլիսէն ներս: «Բայց մենք ալ այս արդարութեան պայքարը պիտի շարունակենք, եւ օր մը, այդ օրը շատ մօտ չէ, բայց պիտի գայ օր մը՝ Հրանդ Տինքի եւ Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պիտի հաստատենք», – ըսած է Փայլան:


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 9

Հրանդ Տինք. Աւանդ մը եւ շարունակուող առաքելութիւն Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Գործօններ կան որոնց դրդումով, խթանումով գիտակցական տարիքի մարդը կ՚անդրադառնայ որ ինք անհատ ըլլալու կողքին մասնակիօրէն կամ մեծապէս կը տարբերի միւսէն։ Ըսենք, օրինակ՝ թէ ան մարդ էակ է, բայց կը տարբերի միւս մարդ էակէն քանի որ կը պատկանի իգական սեռին։ Գիտակցական այս նկատառումը կրնայ սովորական հնչել, այն աստիճան՝ որ զինք չմղէ որեւէ իւրօրինակութիւն նկատելու այս «շատ սովորական» ուրիշութեան մէջ։ Թերեւս կարեւոր է անհատին մտային զգայնութիւնը, որպէսզի ան գիտակցի իր իւրայատկութեան, ուրիշութեան։ Չեմ գիտեր թէ ի՞նչը մղեց Հրանդ Տինքը, որ նկատէ իր «ուրիշութիւն»ը միւսներէն։ Հաւանաբար, գաւառէն Իսթանպուլ իր գալը, ուրիշ տեսակ կեանքի մը մէջ տեղաւորուիլը զինք մղեցին որ նկատէ այդ «տարբերութիւն»ները եւ խորանայ այդ ուրիշութեանց բաւիղներուն քննարկումին, վերլուծումին մէջ։ Այդ ուրիշութիւնները ան ջանաց վերլուծել՝ աւելի զգօն եւ թափանցուն դիտարկելով իր շուրջը, փորձելով գտնել դրդապատճառները, որոնց հետեւանքով այս ուրիշութիւնը արհեստական պատեր յառաջացուցած էր իր եւ այլոց միջեւ։ Շատեր անցած պէտք է ըլլան Հրանդ Տինքի այս ճանապարհէն, բայց ինչ-որ պատճառներով (առարկայական, ենթակայական թէ պարագայական) անոնք չեն ըմբռնած որ իրենց կայքը, իրենց նոր տեղաւորումը զիրենք դրած է բացառիկ վիճակի մը մէջ, իրենց բացած է դիտաշխարհ մը, տեսադաշտ մը, որուն շնորհիւ իրենք կրնան լծուիլ նորատեսակ կենսագործունէութեան։ Շատերուն հրամցուած այս առիթը քիչեր կրնան նկատել, որովհետեւ կրնան զարգացուցած չըլլալ թափանցող աչքեր։ Դեռ աւելին, շատ աւելի քիչեր կրնան նկատելու կարողութենէն անդին քննականօրէն դիտել զայն, ապա աւելի քիչեր՝ քննականօրէն դիտելէ ետք ըմբոշխնել վիճակը թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ուրիշին հոգիով, մարմնով ու միտքով։ Եւ անշուշտ, դեռ շատ աւելի քիչերն են որ ըմբոշխնելէ ետք չկործանելով այդ ընկճող վիճակներուն տակ ըմբոստանան, ծառանան եւ հակադրուին, ջանան բարեփոխել վիճակը։ Հաւանաբար եղած են շատեր, որոնք սորուելով համակարգը, վերածուած են ենթարկուողէ ենթարկողի, կամ ալ բաւարարուած են իրենց օձիքը ազատելով այդ համակարգէն՝ յետադարձ հայեացք իսկ չեն նետած եւ ընդհակառակը մտածած թէ կը փրկուին միայն ամենաարժանիները կամ ամենաշատ յարմարողները։ Թերեւս եղած են ուրիշներ՝ Հրանդ Տինքի նման, որ ջանացած են բարեփոխել այդ տառապան-

քը ուրի՜շ ձեւերով։ Ուրի՜շ էին սակայն Հրանդ Տինքի ձեւերը, արդիւնաւէտ եւ յաջողակ։ Ինծի կը թուի թէ Հրանդ Տինք տեսնելու, նկատելու, մտածելու, վերլուծելու եւն. շնորհքները ունէր. ապրեցաւ ուրիշութիւնը, անոր ցաւն ու տանջանքը, բայց չընկճուեցաւ անկէ, ոչ ալ ձեռքերը ուզեց լուալ «ինծի ինչ»ով, այլ տեսաւ թէ կրնայ այդ կացութեան բարելաւումը դարձնել իր կեանքին առաքելութիւնը։ Ինծի կը թուի թէ Հրանդ Տինքի ուրիշութեան գիտակցութիւնը գաւառի եւ Պոլսոյ հայուն միջեւ եղած «ուրիշութիւն»էն աւելի մեծ կոհակներ ունէր. մարդկային ցաւի, ատելութեան, անցեալի ցեղասպանական ժառանգի ու աւանդի, Օսմանեան Կայսրութեան մանաւանդ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու, ցեղերու, կրօնքերու, հաւաքականութիւններու, մարդոց միջեւ դարաւոր շփումներով կուտակուած կսկիծներն էին, հակառակութիւնն էր, տարբեր խմբաւորումներու մէջ տարբեր չափերով դիզուած ատելութիւնն էր, նախանձը, սէրը եւ շատ ուրիշ բաները։ Հրանդ Տինք գիտակցողն էր այս երեւոյթներուն եւ կրողն էր այս երեւոյթներէն ոմանց։ Տառապողն էր այս կացութեամբ։ Ապրեր էր ու կը զգար այդ կեանքով հեւացող իր մարդակիցներուն դառնութիւնը։ Հրանդ Տինք հաւատաց որ կրնայ բարելաւել, բարեփոխել այս երեւոյթները, սփոփել այդ երեւոյթները կրողները, այնպէս ընել որ անոնց համար կեանքը նուազ եպերելի եւ անտանելի դառնայ իրենց հոգիներուն մէջ։ Եւ լծուեցաւ իր յանդուգն տեսիլքին գործադրման։ Բնական է, որ ան առաջին հերթին պիտի յեՇարունակութիւնը էջ 10


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հրանդ Տինք. Աւանդ մը եւ շարունակուող առաքելութիւն Շուտով Յունուար 19 է նորէն։ Եւ արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է չկայ Հրանդ Տինք։ Բայց իր տեսլականը կը բանի, տուած է եւ կու տայ արդիւնքներ։ Մասնաւորելով խօսքս, կրնամ ըսել, որ այսօր Հրանդ Տինք հիմնարկը կանգնած է պատմաաշխարհագրական-մշակութաընկերային այնպիսի դիրքի մը վրայ ուրկէ կրնայ տեսնել թէ՚ հայկական եւ թէ՚ փոքրասիական միւս հաւաքականութիւններու յարաբերութեանց շարունակուող դառնութիւնները։ Հիմնարկը, ի տարբերութիւն «սովորական» հայերուս եւ «սովորական» փոքր ասիացիներուն կը տեսնէ բոլորը եւ իւրաքանչիւրը, կարելի համապարփակը։ Շարունակութիւն էջ 9-էն

նէր ի՛ր միջավայրին, ի՛ր բարեկամներուն։ Բայց պոլսահայ իրականութիւնը անցնող աւելի քան եօթ տասնամեակներուն, հալեր էր, կորսնցուցեր էր գոյատեւման (ու մանաւանդ) վերականգնումի ուժը։ Որեւէ հաւաքականութիւն եթէ չնորոգէ ինքզինք, կը սպառի։ Ալ ուր մնաց պոլսահայ հաւաքականութիւնը որ 1920-1980-ականներուն բնական ու արհեստածին մեծ ճնշումներով քայքայման նշաններ ցոյց կու տար։ Պոլսահայութիւնը հոգեբարոյապէս գրեթէ վերածուած էր խլեակի։ Քիչեր էին որ դժուարաւ եւ մեծ զոհողութիւններու գնով կը գոյատեւէին ու հանրային ծառայութիւն կը մատուցէին։

Եւ իր այս պերճանքը կը շարունակէ վերածել փոքր ասիացիներուս միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու, բարեփոխելու երախտաշատ գործի եւ արդիւնքի։ Դժուար գործ, դժուար պայմաններ, կենսական առաքելութիւն։

«Ակօս»

Հայկական գինիի եւ ոգելից ըմպելիներու նուիրուած 2-րդ «ԳինիՖեսթ» փառատօնը

Իսկ Հրանդին յենք ու յենակ պէտք էր։ Պոլսահայութիւնը ատիկա չէր կրնար ըլլալ։ Չունէր որ հայթայթէր։ Քիչեր զոհողութիւնն առին ու ճիգն ըրին աջակցելու։ Եւ հրաշքը այն չէ որ Հրանդ թեքեցաւ ու դիմեց ոչ-հայուն (եւ գտաւ օգնութիւն), այլ այն որ իր դիմած ոչ-հայը գէթ մասամբ հա՚յ էր, անոր երէց սերունդներուն մէջ հայու հետքեր կային, եւ կամ ա՛ն ալ ապրած էր ու կը տառապէր Հրանդին «ուրիշ»ութեան ցաւերով։ Իրեն նեցուկ կանգնեցան նաեւ այնպիսի մարդիկ, որոնք չապրելով հանդերձ «ուրիշ»ութեան զգացումը շեշտաւորուած հանրային-համամարդկային զգացումներ եւ զգօնութիւն ունէին, զգայուն էին նման «ուրիշ»ութեան հանդէպ։ Ասոնք՝ այս ուրիշ ուրիշները, օգնութեան ձեռք երկարեցին եւ հուսկ յառաջացան «Ակօս»ն ու «Ակօս»ի շարժումը, որ հոսանքի վերածուելով այսօր իր կարելին կ՚ընէ բարենորոգելու եւ բարեփոխելու Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներուն, ազգերուն, փոքրամասնութիւններուն, ցեղերուն եւ ցեղախումբերուն, կրօնքերուն եւ հաւաքականութիւններուն միջեւ առկայ հին ու նոր աւանդներուն թէ ժառանգութեանց պատճառներով գոյութիւն ունեցող ցաւի, տառապանքի զգացումները։

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու հարուստ տեսականիին մօտէն ծանօթանալու առիթ մը պիտի ըլլայ Կիրակի, Մայիս 19-ին, կ.ե. սկսող եւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 9 շարունակուող տարեկան երկրորդ «ԳինիՖեսթ» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ «Չեւի Չէյս Քանթրի Քլապ»ին մէջ: «Հայկական արուեստներ» կազմակերպութեան նախաձեռնած այս փառատօնին մասնակցութեան կամ հովանաւորութեան տարբեր կարելիութեանց ծանօթանալու եւ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.thearmenian.com/products.php? product=Admission-Ticket կայքէջը:


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 11

Թուրքիա կը գտնուի ցեղասպանութիւն գործելու հաւանականութիւն ունեցող երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ը

ստ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի վաղ նախազգուշացման ծրագիրին՝ Թուրքիա ութերորդն է զանգուածային սպանութիւններու իրականացման ամէնէն բարձր վտանգը ունեցող երկիրներու շարքին: Ատըրպէյճան անճշդօրէն աւելի ցած՝ 87-րդ դիրքին վրայ է, իսկ Հայաստան իրաւամբ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ աւելի ցած՝ 102-րդ դիրքը: Թուրքիա կը գնահատուի իբրեւ 11,2 տոկոս կամ իննէն մէկ հնարաւորութիւն ունեցող երկիր՝ 2019-ին զանգուածային նոր սպանութիւններ իրականացնելու առումով: Վաղ նախազգուշացման ծրագիրը յայտարարած է, որ «ցեղասպանութիւնները երբեք ինքնաբուխ չեն, անոնց միշտ կը նախորդեն վաղ ահազանգումի շարք մը նշաններ: Եթէ այդ նշանները յայտնաբերուին, անոնց պատճառները կրնան ջնջել՝ կանխելով աղէտալի յառաջընթացի հնարաւորութիւնը»: Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի հիմնադրման կանոնադրութեան մէջ, զոր գրած է Հոլոքոսթը վերապրած Էլի Վիզէլ, կ’ըսուի. «Միայն անցեալի սխալներէն սորվելու գիտակցուած, ջանադիր փորձը կրնայ կանխել անոնց կրկնութիւնը՝ ցեղային, կրօնական, ազգագրական կամ ազգային որեւէ խումբի նկատմամբ: Եթէ որեւէ յուշահամալիր չ’արձագանգեր ապագայի դէպքերուն, կը նշանակէ, որ կ’ոտնահարէ անցեալի յիշողութիւնը»։ Թուրքիոյ կողմէ կրկին ցեղասպանութիւն իրականացնելու բարձր վտանգը հիմնուած է անոր անցեալի եւ ներկայի գործողութիւններուն վրայ: Թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն մէկ դար առաջ իրագործած է ցեղասպանութիւն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, այլ նաեւ կը շարունակէ զանգուածային սպանութիւններ կատարել իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող քիւրտերու դէմ: Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ղեկավարները կը ժխտեն զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ անամօթաբար կը մնան չապաշխարած, ինչ որ կը յանգեցնէ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կատարման… Թուրքիոյ՝ ցեղասպանութիւն գործելու վտանգը թերագնահատուած է, քանի որ ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ միայն երկրին ներսը կատարուած զանգուածային սպանութիւնները, բացառելով միջպետական հակամարտութեան զոհերը: Որովհետեւ Թուրքիա ներգրաւուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի տա-

րածքին քիւրտերու դէմ զինուած լայնածաւալ յարձակումներու մէջ եւ կը սպառնայ ընդլայնել ռազմական գործողութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, զանգուածային ոճրագործութիւններու վտանգը շատ աւելի բարձր է, քան ուսումնասիրութեան մէջ նշուածը: Վաղ նախազգուշացման ծրագիրին մէջ կը բացատրուի, որ 2016-ին Թուրքիոյ մէջ ձախողած յեղաշրջման փորձը բարձրացուցած է զանգուածային սպանութիւններու հնարաւորութիւնը: Առաւել քան 100 հազար զինուորական եւ քաղաքացիական աշխատողներ հեռացուած են, իսկ տասնեակ հազարաւորներ բանտարկուած, շատերը՝ առանց դատավարութեան: «Այլ (թրքական ցեղասպանութեան) վտանգի գործօնները կը ներառեն մարդոց շարժման ազատութեան բացակայութիւնը, երկրին անոքրաթիք (բռնատիրական եւ ժողովրդավարական յատկանիշներու խառնուրդ) վարչակարգի տեսակը, մեծաթիւ բնակչութիւնը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ շարունակուող հակամարտութիւնը կառավարութեան եւ քիւրտ ապըստամբներու միջեւ»: ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂԸ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ Է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Պոլսոյ դատարանը թուրք լրագրող Փելին Ունքերը դատապարտեց 13,5 ամսուան բանտարկութեան, զայն մեղադրելով երկրի նախկին վարչապետը եւ անոր երկու որդիները զրպարտելու յանցանքով: 8 Յունուար 2018-ին, ան նաեւ ենթարկուեցաւ տուգանքի՝ 1․615 տոլար գումարով: Շարունակութիւնը էջ 12


Էջ 12

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Թուրքիա կը գտնուի ցեղասպանութիւն գործելու հաւանականութիւն ունեցող երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ Շարունակութիւն էջ 11-էն

Ունքեր յօդուած մը գրած էր թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ, բացայայտելով, որ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ անոր երկու որդիները Մալթայի մէջ ունին նաւային հինգ ընկերութիւններ: Երկու տարի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք, Եըլտըրըմ դարձաւ Թուրքիոյ խորհըրդարանի նախագահ: Ան ներկայիս թեկնածու է Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին՝ նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կողմէ: Եըլտըրըմի ընտանիքին ընկերութիւններու սեփականութիւնը Մալթայի մէջ բացայայտուած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»ուն (Paradise Papers) կողմէ եւ տպագրուած է աշխարհի տարբեր թերթերու մէջ: Ինչպէս ես տեղեկացուցած էի Յունիս 2017-ին գրած յօդուածիս մէջ՝ Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանին 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ հետեւեալ նաւային եւ այլ օտարերկրեայ ունեցուածքներ. 18 նաւ (հոլանտական խտացած ընկերութիւններ՝ մասամբ կամ ամբողջութեամբ սեփականացուած). 1 նաւ (հոլանտական Անթիլեան ընկերութիւն). 4 մալթեան ընկերութիւն. 7 սեփականութիւն Հոլանտայի մէջ. 8 նաւ Հոլանտայի մէջ. 3 նաւ Մալթայի մէջ: Տարօրինակ է, որ Եըլտըրըմի ունեցուածքի բացայայտման համար Փելին Ունքեր միակ պատժուած լրագրողն է: Ունքեր յայտարարած էր, որ պիտի բողոքէ անարդար դատավճիռին դէմ, որովհետեւ Եըլտըրըմ դատարանին մէջ խոստովանած էր, որ ստուերային տուրքերէ ազատ գօտի գտնուող այդ ընկերութիւնները կը պատկանին իրեն: Նոյեմբեր 2017-ին, նախկին վարչապետը եւ անոր որդիները դատ բացած էին Ունքերի դէմ, զայն մեղադրելով «պետական պաշտօնեան վիրաւորելու եւ զայն զրպարտելու յանցանքով»: Անկախ լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան (ICIJ) տնօրէն Ճերըրտ Ռէյլ դատապարտած էր Ունքերի պատիժը՝ իբրեւ «եւս մէկ խայտառակ յարձակում խօսքի ազատութեան վրայ, Թուրքիոյ մէջ»: Ռէյլ աւելցուցած էր. «Դատավճիռը անտեսած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»ու հետաքննութեան ճշմարտութիւնը եւ կրնայ ճնշիչ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ մնացած մամուլի չնչին ազատութեան վրայ: Այս անարդար դատավճիռը տրուած է արդարացի եւ ճշմարիտ լրագրութիւնը լռեցնելու

համար: Ուրիշ ոչինչ: ICIJ-ը կ՛ողջունէ Փելին Ունքերի հետաքննութեան մասին խիզախ եւ ճշմարիտ հաշուետուութիւնը եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի բռնակալ իշխանութեան տակ լրագրողական ազատութեան այս վերջին յարձակումը»: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան 2018-ի Աշխարհի ազատ մամուլի ցանկին վրայ, Թուրքիա, 180 երկիրներու շարքին գրաւած է 157-րդ դիրքը: Այդ կազմակերպութիւնը Թուրքիան բնութագրած է՝ իբրեւ «մասնագէտ լրագրողներու համար աշխարհի ամէնէն մեծ բանտը»։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու ձմեռնային հաւաքը

Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), 15-17 Փետրուարի շաբաթավերջը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան 19-րդ ձմեռնային հաւաքը, որուն հասոյթը այս տարի պիտի տրամադրուի Հայաստանի կանանց նուիրուած ՀԲԸՄ-ի ծրագիրին: Քաղաքին մէջ իրականանալիք շարք մը հաւաքոյթներու եւ պտոյտներու կողքին, այս նախաձեռնութեան արձանագրուողները նաեւ պիտի մասնակցին հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիներ համտեսելու շրջապտոյտի մը (17 Փետրուարին): Ձմեռնային հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել agbusfgala@gmail.com հասցէին կամ այցելել www.agbusfwintergala.org կայքը:


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 13

Հայ մամուլի տարի.ՀԱՄԱՑԱՆՑ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ, ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԵԶՈՎԲՈՍԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Խ

օսքի ազատութիւնը ոչ թէ օրէնքով իրականացած է, այլ գիտական նուաճումով: Թէեւ գիտութեան ընձեռած ազատութիւնը ճշդումի կարիք ունի, չշփոթուելու համար խառնիճաղանճի, անհեթեթութեան եւ այլ բացասականութիւններու հետ: Համացանց եւ ընկերային ցանցեր ազատ խօսքի սանձազերծ շրջանառութեան դաշտ են, ուր օգտակարը, անօգուտը, վնասակարը, ճիշդը, սուտը, սեւը, ճերմակը, լոյսը եւ մութը կը ծաղկին, կը մնան, չեն ջնջուիր: Եթէ տպուած թուղթը որակ կը պարտադրէր, ընկերային ցանցերը որակի հարկադրանք չունին: Ամէն մարդ ամէն բան կրնայ գրել եւ ըսել, դիմացէն գալիք դրական կամ բացասական պատասխան չ’ակնկալուիր: Խօսքի եւ պատկերի բեմ վրայ ենք բոլորս: Յիշեցի մանկութեան դասագիրքիս էջը՝ Եզովբոսի մասին: Կ’ըսուի, որ ան Փռիւգիացի ստրուկ մըն էր, կուզ, թոթով եւ կաղ: Հաւանօրէն ան առակագրութեան հիմնադիրն է: Եզովբոսի տէրը զինք շուկայ կը ղրկէ ճաշկերոյթի մը համար լաւագոյն ուտեստները գնելու: Ան կը վերադառնայ միայն լեզուներով: Կոչնականները սկիզբը կը գնահատեն, ապա կը զզուին: Տէրը կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ միայն լեզուներ գնեցիր», եւ Եզովբոս կը պատասխանէ. «Լեզուն ամէն բանի լաւագոյնն է, ընկերային կեանքի կապ է, գիտութիւններու բանալի, անով կ’ուսուցանենք, կը համոզենք, կ’իշխենք ժողովներու վրայ…»: Տէրը կ’ըսէ. «Լաւ, վաղը նոյն անձերը պիտի գան, գնէ ամենէն գէշերը, կ’ուզեմ որ փոփոխութիւն ըլլայ»: Եզովբոս կրկին լեզուներ կը գնէ, եւ կ’ըսէ, որ լեզուն ամենէն գէշ բանն է, մայր՝ վէճերու, դատերու, պատերազմի, չարախօսութեան, զրպարտութեան, սուտի: Արդարեւ, լեզուով կը գովաբանենք, կը վատաբանենք, ըստ տրամադրութեան եւ պահու: Համացանց եւ ընկերային ցանցեր մեծ դահլիճներ են, ուր ըսուածները եւ տեսնուածները ակնթարթային են: Լեզուն մարմնի պզտիկ մասն է, նման է ղեկի եւ ուղղութիւն կու տայ նաւին: Բառերը կիրքեր կը հրահրեն կամ կը մարեն: Լեզուն զսպել գիտնալ առաքինութիւն է: Իմաստունը գիտէ թէ երբ պէտք է խօսիլ եւ երբ լռել: Իսկ ընկերային ցանցերու վրայ ինչ որ կը կատարուի կը նմանի հրավառութեան: Ամէն ոք կը խօսի: Շատախօսութիւն, զրպարտութիւն, չարախօսութիւն, վատաբանութիւն, ինչպէս որ կ’ուզենք, որքան որ կ’ուզենք, խոհանոցէն մինչեւ մեր շորերը, մեր պատկերի կամ կարծիքի ցուցադրութիւնը, մեր շունը, մեր տունը, մեր պտոյտը: Իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ’ըսէր, թէ գոր-

ծիքը կը շարունակէ ձեռքը: Այսօր համացանցը կը բիւրապատկէ եւ կ’երկարէ լեզուն: Գիրէն եւ գիրքէն ետք, համացանցը վարարող հեղեղ է, ամբարտակներ չկան: Կ’ըսուի՝ յառաջդիմութիւն եւ զայն կարելի չէ կասեցնել: Բայց առնուազն կարելի է մտածել այս նոր տեսակի յեղափոխութեան մասին: Ընկերային ցանցերը այսօր ցանցած են ընկերութիւնները: Անոնք եւ կայքերը, անարգել կը բազմապատկուին եւ կը դառնան անմիջական հաղորդակցական միջոց, մեր առջեւ փռելով ամէն կարգի տեղեկութիւն, դատում, պատկերներ: Ընկերութիւնները շատ աւելի քաղաքականացած են այսօր քան մօտաւոր անցեալին: Համացանցը դարձած ըլլալով տեղեկատուական ազատ դաշտ, հարց պէտք է տալ, թէ ինչպէ՞ս կը գոյակցին քաղաքականութիւնը եւ ընկերային ցանցերը, այդ գոյակցութիւնը ինչպէ՞ս կ’արժեւորուի. դրական, բացասական, օգտակար, վնասակար: Համացանցային քաղաքականութիւնը, նախագահներէն մինչեւ փողոց, կ’ազնուացնէ՞ ինքզինք, թէ կը դառնայ անվաղորդայն փառասիրութիւներու, չարաշահումներու եւ հոգեբարոյական աւերներ գործելու անորակ միջոց: Այսօր այն անձը որ իր համակարգիչին առջեւ կը նստի եւ կապուած կ’ըլլայ համացանցի, ինքզինք կը գտնէ տեսակ մը տիեզերքի առջեւ, զոր չէին կրնար երեւակայել անգամ դեռ միայն կէս դար առաջ ապրած մեր նախորդները, կը կարծեն տիրել ուժի մը: Տեսակ մը անսահմանութեան ճամբորդներ ենք, կը յաղթահարենք հեռաւորութիւնը եւ ժամանակը: Գտնուինք Պէյրութ թէ Փարիզ, Նոր Զելանտա թէ Երեւան, Ալասքա թէ Գահիրէ, կրնանք տեսնել մեր ընկերը, զարմիկը եւ կամ մեր փնտռած չնաշխարհիկ գեղուհին, եւ զրուցել անոնց հետ: Ե՞րբ պիտի գայ օրը, որ հեռուն նստած, կարելի ըլլայ անոնց ձեռքը թօթուել, համբուրել-համբուրուիլ, նոյնիսկ՝ սերնդագործել… Շարունակութիւնը էջ 14


Հայ Կեանք

Էջ 14

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ մամուլի տարի.ՀԱՄԱՑԱՆՑ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ, ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԵԶՈՎԲՈՍԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ Շարունակութիւն էջ 13-էն

Եթէ ուշիմութիւն ունեցող այլմոլորակային մը կայ տեղ մը, եւ եթէ մտնէ մեր ընկերային ցանցերու աշխարհին մէջ, պիտի զարմանայ որ ուշիմութիւն ունեցող արարածներ այսքա՜ն դատարկաբան եւ սին են: Համացանցը եւ ընկերային ցանցերը հազար ու մէկ գիշերներու հեքիաթները գերանցած են: Լերան գագաթը թառած մեր առանձնատունը նստած, կրնանք հրահանգել, գնել, ծախել, համոզել, խաբել, կառուցել, քանդել: Նիցչէի երազած գերմարդը ոչինչ է մեզի բաղդատած, երբ «կը մտնենք» ընկերային ցանցերու մէջ: Nasa-ի, Պայքոնուրի, Չինաստանի կամ այլ գիտական կեդրոններու մէջ գործող անձեր, աստղահոյլերէ անդին գտնուող աշխարհներ կը գտնեն, կը տեսնեն եւ եթէ հոն ուշիմութեամբ օժտուած էակներ ըլլան… պիտի խօսին անոնց հետ: Մենք ալ անոնցմէ ետ կրնանք չմնալ, մենք ալ ունինք մեր Բիւրականի աստղադիտարանը: Այլեւս չենք ճամբորդեր միայն մեր քաղաքին եւ երկրին մէջ, այլ մեր գրասեղանին առջեւ նստած կ’երթանք հեռուներ, ոչ միայն երեւակայութեամբ, այլ նաեւ տեսնելով, դիտելով: Վաղը հաւանօրէն մեր մոլորակի, աստղերու եւ միգամածներու շուրջ հիւսուած ցանցը այնպէս պիտի ընէ, որ ժամանակակիցներս պիտի համարուինք նախամարդ: Մեզ սքանչացնող նուաճումները վաղը նոյնքան բնական պիտի ըլլան, որքան այսօր բնական է նստիլ ինքնաշարժի ղեկի ետին: Անցեալին տպարանները յեղափոխութեան առաջնահերթ գործիքներն էին: Այսօր համացանց եւ ընկերային ցանցեր մուտք գործած են քաղաքական կեանքի մէջ, երէկ ճիշդ համարուածը կրնայ հազարաւորներու կողմէ քննադատուիլ, աւելի վատ, խծբծուիլ, սեփականութիւնը դառնալ ընկերային ցանցերու զանգուածներուն, Քամչաթքա, Զանզիպար, Մարսիլիա, Այնճար, Գիւմրի: Ընկերային ցանցերու հասարակութիւն մը ստեղծուած է, որ դիւրաւ կը հետեւի կարգախօսներու եւ կրնայ վերածուիլ քաղաքական ճնշումի: Ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ կարծիքներ, տեսակէտներ, զանոնք չարաշահողներ, ստեղծած են ջրապտոյտի նմանող իրարանցումներ: Եւ հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս իրատեսութիւն եւ առարկայականութիւն պիտի պահենք, որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն: Այս այլեւս մոլորակային խնդիր է: Միամիտ հաւատք էր, որ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ հիւլէական ռումբի տիրացումը հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան ազդակ էր: Զինեալ խաղաղութիւն: Բայց այդ սպառնալիքի բազմացումը

արգելք եղա՞ւ պատերազմներու, որոնք իրենց գումարով, կը ներկայանան որպէս համաշխարհային: Նորութեան խանդավառութեամբ եւ միշտ միամիտ հաւատքով, կրնանք խորհիլ, որ համացանցը եւ ընկերային ցանցերը, տեղեկատուութեան դաշտի ընդարձակումով եւ անսահմանացումով, հաւասարութեան ազդակ կը դառնան: Կը դառնա՞ն։ Կոյր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, որ այդ հաւասարութիւնը, հաւասարեցումը, ե՛ւ դրական է ե՛ւ բացասական: Ընկերային ցանցերու վրայ անխափան զիրար կը հրմշտկեն ինչ որ գիտնականը կ’ըսէ, ինչ որ տխմարը կ’ըսէ: Քանի որ զգայացունցը միշտ աւելի հետաքրքրական է, մոլեռանդներու, չարացածներու, հոգեկան հիւանդներու խօսքերը աւելի դիւրութեամբ կը տարածուին եւ կը տպաւորեն զանգուածները: Ընկերային ցանցերը ամբոխային դատարաններ են, կը բաւէ սուտ լուր մը տարածել, ամբաստանել, գայթակղութեան մը մասին խօսիլ, նորութիւն եւ զգայացունց սպասող զանգուածները կը տարածեն, կը վճռեն, կը դատապարտեն: Ընկերային ցանցերու վրայ անինքնութիւն ամբոխի կարճատես եւ կամ կոյր բռնատիրական դատարանը կը վճռէ: Ամբոխային տրամաբանութիւնը կեր կը գտնէ: Ժամանակ չկայ մտածելու: Նոյնիսկ քաղաքական գործիչներ, երկիրներու ղեկավարներ կրնան այս միջոցով ամբոխը գրգռել: Այդպէս ալ կ’ընեն, երբ զիրար կը սեւցնեն: Ընկերային ցանցերը իրարու կը կապեն նոյն միջավայրի մարդիկ, նոյն հետաքրքրութիւնները ունեցողներ, նոյն բարքերու տէրեր: Կը լսենք, կ’արձանագրենք, կը մոռնանք: Տարբերութիւններ տեսնելու անատակ կը դառնանք: Բայց նաեւ փոխանակութիւններու համար տարբերութիւններն ալ կարեւոր են: Ընկերային ցանցերը չեն մոռնար, հոն կայ ամէն բան, երէկ ըսուածը, իսկ մարդ արարածը մոռնալով կը սորվի, կը ներէ, կը պատշաճի: Իսկ այս չմոռնալ-չմոռցուիլ դրութիւնը մնայուն հսկողութիւն է, բանտարկութիւն: Իսկ ինչ որ կը պահուի, ինչ որ չի մոռցուիր, հսկողութիւն է, մեր անհատական կեանքին եւ մտերմութեան մէջ ոտնձգութիւն: Այս կացութիւնը մենք է որ կը ստեղծենք մեր մակերեսայնութեամբ, թեթեւամտութեամբ: Զարմանալի է, որ չենք անհանգստանար, երբ գիտենք, որ համացանցի եւ բջիջայինի միջոցով, մեր մտերմութիւնը նախայարձակման ենթակայ է, քանի որ հսկողութեան աչքը, պետութիւններ կամ սպասարկութիւններ, գիտեն թէ ո՛ւր կը գտնուինք: Համացանցի կապուած անձեր զզուանքով կը ստանան նամակներ, յայտարարութիւններ, ծանուցումներ, հրաւէրներ, ինչ որ մեր ազատութեան բռնաբարումն է: Բայց կը շարունակենք մեր կեանքը, մեր հարցերը, Շարունակութիւնը էջ 33


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 15

Visit to Yerablur on Armenian Army Day (Armradio 28-01-2019) – Prime Minister Nikol Pashinyan, President Armen Sarkissian, Artsakh President Bako Sahakyan, His Holiness Karekin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians, Speaker of Parliament Ararat Mirzoyan, members of the National Security Council, the leadership of the Defense Army and the General Staff of the Armed Forces visited Yerablur Military Pantheon on the occasion of Army Day. The Prime Minister laid flowers at the graves of Vazgen Sargsyan and Andranik Ozanyan, the memorials to missing and fallen freedom fighters. The President then had a look at the project of construction on Yerablur Museum and the ongoing construction works. Armenia celebrates the 27th anniversay of the Army.

“We will never give up our homeland; we will never concede this victory to anyone” – Prime Minister Nikol Pashinyan’s congratulatory message on Army Day

Prime Minister Nikol Pashinyan attended an Army Day-dedicated festive event, which marked the 27th anniversary of the formation of the Armed Forces of the Republic of Armenia. Nikol Pashinyan addressed the event with a congratulatory message, in which he stated as follows: “An Indian thousand-year-old riddle asks: What is it that you do not notice as long as it has not gone away? The answer is as follows: health. And the meaning of the saying is that you must keep your health strong, because if it goes away, you can no longer bring it back.

Hopefully you did not think that I had mixed the papers and read the text of the speech on Health Worker’s Day. What does this saying have to do with the 27th anniversary of the Armenian Army? The connection is that security is like health: as long as it exists, it is perceived as something self-understood and assumed to be. On this solemn day of our Army’s anniversary, I believe it worth noting once again that the security we have is not just an apple fallen from the sky, but a reality that has been achieved through the efforts of thousands of freedom fighters: those officers who gave up their career in the Soviet Army and came back to protect the motherland; the first soldiers of our newly independent state, who defended their homeland at the cost of their health and life, sacrificing sometimes their wellbeing and prosperity. And if we get health from God, our security, in this case the external security is provided by our armed forces, our army. What does the Armenian army mean? It implies thousands of soldiers, contract servicemen and officers spending at least half year away from their Cont. on page 16


Հայ Կեանք

Էջ 16

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

“We will never give up our homeland; we will never concede this victory to anyone” – Prime Minister Nikol Pashinyan’s congratulatory message on Army Day Cont. from page 15

families and relatives with sleepless nights in combat positions, ready to take on the blow and retaliate at any cost, including their own lives and health. What is the Armenian army? It implies army positions a few thousand meters high in the mountains, or otherwise down in the plains where the temperature can exceed 50 degrees, and soldiers, officers who never look back, but look ahead. What is the Armenian army? It is a tremendous job of commanding, staffing, providing logistics, intelligence and supplies that can never stop just as one cannot stop breathing, whether asleep or awake. Our Army is the pulse of our country, which does not stop for a second, whether the country is sleeping or awake. We often ignore its presence in everyday life just as we do not notice our breathing. The 27th anniversary of our nation’s glorious army is being celebrated today, and we have gathered here to pay homage to our martyrs, all our freedom fighters, officers, soldiers, whose sacrifice is at the heart of our statehood and independence. We have gathered to our respectful attitude to all those par-

ents and women who are waiting with pride and patience for their children or husbands to be back from service. We have gathered today to reaffirm our covenants to our ancestors, our heroes and martyrs, our legendary military commanders and soldiers. We will never give up our homeland; we will never concede this victory to anyone. Therefore, long live the Republic of Armenia! Long live the Republic of Artsakh! Glory to the victorious Armenian Army! Congratulations on the 27th Anniversary of the Armenian Army. ”

Hrant Dink was commemorated on the 12th anniversary of his assassination

Hrant Dink was assassinated 12 years ago in front of Sebat Building which used to house Agos Newspaper. Thousands of people commemorated him on Saturday, January 19th.Those who participated in the commemoration voiced their demands for justice for the ongoing assassination trial. This year the speech at the commemoration was held by Filiz Ali, the daughter of Sabahattin Ali, one of the most prominent authors of the Turkish Literature, who was killed in 1948. Osman Kavala, who is jailed in Silivri Prison for more than a year, sent a message to the commemoration.


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 17

Statement by the Artsakh Republic Ombudsman on the 29th anniversary of the Baku massacres of Armenians The Human Rights Ombudsman Artak Beglaryan of the Republic of Artsakh (NagornoKarabakh) issued a statement on the 29th anniversary of the Baku massacres of Armenians organized by Azerbaijan in January 1990, the Artsakh Ombudsman’s Office reported. The text of the statement is given below STEPANAKERT, JANUARY 18, ARTSAKHPRESS: 1. In January 1990, the Azerbaijani city of Baku again became a tramp for continuously executing massacres against Armenians (third time after 1905 and 1918 massive massacres of Armenians), where, unlike in other Azerbaijani settlements, a considerable number of Armenians were still living. After a crowded rally in Baku on January 13th, according to a predefined plan, a crowd of about 50.000, divided into groups, invaded the homes of Armenians in order to "clean" the city from them. 2. During the period from 13th to 20th January, the Armenians of Baku were subjected to violence, massacres, looting and forcible expulsion for their nationality, massively violating their rights to life, not being tortured and discriminated against, liberty and security, property, fair trial, among others. The exact number of the killed people is not known yet, but according to our latest research, it is over 450 people. 3. On the occasion of the massacres of Armenians in Baku and attacks on Getashen and other Armenian villages of Shahumyan region, on January 18th, the European Parliament adopted a resolution titled “On the Situation in Armenia”, which called upon the authorities of the USSR to “guarantee real protection for the Armenian people living in Azerbaijan by sending forces to intervene.” 4. Only on the night of January 20th, the Soviet Army subdivisions were brought to the capital of the Azerbaijani SSR. Overcoming the fierce resistance of the Azerbaijani National Front troops, The Soviet army stopped the 7-days massacre of Armenians. 5. On September 27th, 1990, an open letter addressed to the international community was published in the New York Review of Books. The letter was signed by 133 prominent scholars and human rights advocates from Europe, Canada and the USA, who voiced their complaint against the killings and pogroms of Armenians in Baku. It stated particularly that “The crimes committed against the Armenian minority have become a consistent prac-

tice in Soviet Azerbaijan, if not an official policy.” 6. That crime against humanity, organized by Azerbaijan in Baku, has accelerated and almost finished the full ethnic cleansing of the Armenian population in Azerbaijan. Within the framework of that ethnic cleansing, during 1988-1990, thousands of Armenians were killed and about 500.000 Armenians were deported from Azerbaijani Sumgait, Kirovabad and other cities, as well as from the Nagorno-Karabakh Autonomous Oblast, with knowledge and permission of the USSR authorities. 7. In subsequent years (including during the 19911994 Azerbaijan-Karabakh war), Azerbaijan continued the policy of ethnic cleansing of Armenians, according to our analysis, which is in full compliance with the legal formulation of the genocide perpetrated under the UN 1948 Convention on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide. Cont. on page 18


Հայ Կեանք

Էջ 18

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Statement by the Artsakh Republic Ombudsman on the 29th anniversary of the Baku massacres of Armenians Cont. from page 17

Moreover, our research shows that apart from the deportation of hundreds of thousands of Azerbaijani Armenians, their rights to property and free movement, among others, have also been violated on a continuous basis. Many of these Armenians still bear the physical, psychological and material consequences of that policy. 8. Those committed crimes have not received relevant legal assessment and have remained unpunished, which led to the implementation of the official anti-Armenian hatred policy pursued by the Republic of Azerbaijan. The victims of that policy are not only Azerbaijani Armenians and the population of the Republic of Artsakh (Nagorno Karabakh), but also all Armenians worldwide, as well as foreigners visiting Artsakh. As a reminder, the Artsakh Republic Human Rights Ombudsman published a special report in 2018 on the Azerbaijani antiArmenian hatred policy, presenting concrete examples of its manifestation and relevant international law analysis. 9. An active stage of manifestation of Armenophobia in the Azerbaijani society was also recorded in April 2016 - during the large-scale attack on Artsakh by Azerbaijan. The Human Rights Ombudsman, within the framework of his fact-finding mission, presented a report in 2016 on killings, behea-

dings, tortures and other cases of war crimes and human rights violations against civilians and military servicemen of Artsakh. It is noteworthy that the Azerbaijani servicemen, who have committed such crimes, were later rewarded and encouraged by the Azerbaijani authorities. 10. The Ombudsman urges the international community to give a proper legal assessment to the 1990 January massacre in Baku, in accordance with the fundamental principles and norms of international law, as well as to take action to end the ongoing anti-Armenian hatred policy. This path of racial hatred not only contradicts the well-known principles of international law, but also takes the two peoples away from conflict resolution and lasting peace.

UNESCO to Mark Gomidas, Hovhannes Tumanian Anniversaries cologist, researcher and singer” submitted by Armenia with the support of France and Germany, and “The 150th anniversary of the birth of Hovhannes Tumanian (1869-1923), poet, writer, translator” submitted by Armenia with the support of Georgia and Russia have been approved by the organization.

The 39th Session of the UNESCO General Conference held in Paris, France has decided to include the 150th anniversaries of Gomitas and Hovhannes Tumanian in the UNESCO Calendar of anniversaries of eminent personalities and important events of 2018-2019. The proposals on “The 150th anniversary of the birth of Soghomon Soghomonian, known as Gomitas Vardapet (1869-1935), composer, ethnomusi-

It should be noted that since 1998, 23 anniversaries submitted by the Republic of Armenia have been included in the UNESCO Calendar of anniversaries of eminent personalities and important events. Two anniversaries submitted by the Republic of Armenia were included in the Calendar for the 20162017: “The 350th anniversary of the first printed Bible in Armenian by Voskan Yerevantsi,” and “The 200th anniversary of the birth of Ivan Aivazovsky (1817-1900).”


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 19

Pashinyan and Aliyev Hold “Informal” Meeting in Davos cember. Aliyev said afterwards that the year 2019 will see a “new impetus” to the Karabakh peace process. The Russian RIA Novosti news agency quoted Aliyev as saying in Davos earlier on Tuesday that his previous conversations with Pashinyan were “useful.”

DAVOS (RFE/RL) — Armenia’s Prime Minister Nikol Pashinyan and Azerbaijan’s President Ilham Aliyev met in Davos, Switzerland on Tuesday for what they described as “informal” talks on the NagornoKarabakh conflict. A short statement by Pashinyan’s office said they “exchanged views” on the current state of the Karabakh negotiation process and “further discussions.” In a separate Facebook post, the Armenian leader said the meeting held on the sidelines of the World Economic Forum lasted for about 90 minutes. Aliyev’s press service issued a virtually identical statement cited by the Trend news agency. Aliyev and Pashinyan spoke to each other for the first time on the sidelines of a summit of former Soviet republics held in Tajikistan in September. There has been a significant decrease in ceasefire violations around Karabakh and along the ArmenianAzerbaijani border since then. The two leaders talked again during another exSoviet summit that took place in Russia in early De-

Armenia-China military cooperation discussed in Yerevan

For their part, the Armenian and Azerbaijani foreign ministers have met for four times in the last six months. The U.S., Russian and French mediators seemed particularly encouraged by the most recent of those meetings which took place in Paris on January 16. In a joint statement, the three co-chairs of the OSCE Minsk Group said Foreign Ministers Zohrab Mnatsakanian and Elmar Mammadyarov “agreed upon the necessity of taking concrete measures to prepare the populations for peace.” They said another Aliyev-Pashinyan encounter could “give a strong impulse to the dynamism of negotiations.” With virtually no details of the Armenian-Azerbaijani negotiations made public so far, it remains unclear whether the two sides have narrowed their differences on how to end the protracted conflict.

PanARMENIAN – A delegation from the Chinese army technology firm Beijing Defense visited Armenia on January 14-18 to discuss issues concerning the military cooperation between the two countries. During the visit, the Chinese delegation held meetings with the heads and representatives of the various departments of the Armenian Defense Ministry in Yerevan. At a meeting with Deputy Defense Minister Makar Ghambaryan, the sides weighed in on the possibility for the company to supply equipment for the detection and neutralization of improvised explosive devices. The members of the Chinese delegation also visited the Armed Forces Peacekeeping Force Brigade.


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Turkish FM: Normalization of ties with Armenia impossible without Karabakh settlement Normalization of relations between Turkey and Armenia is not possible under conditions of the unresolved Nagorno-Karabakh (Artsakh) conflict, Foreign Minister Mevlut Cavusoglu said. At a meeting with students in the city of Antalya, the FM touched upon Turkish-American relations, the fight against terrorism, as well as the situation in the Caucasus, Ermenihaber reports. “It’s necessary to be proactive to deal with some of the issues at hand. It isn’t just enough to protect only your interests. With the Karabakh conflict unresolved, neither stability in the Caucasus nor normalization of relations with Armenia is possible. We are going to be more consistent with those issues in 2019,” he said. In the end, Cavusoglu accused the Armenian lobby of “black propaganda”.

Turkish Parliament Rejects Paylan’s Demand to Investigate Dink’s Murder ISTANBUL—Garo Paylan, an Armenian member of the Turkish Parliament representing the People’s Democratic Party (HDP) urged the Turkish parliament to take up the case of the Armenian editor Hrant Dink, who on January 19, 2007 was gunned down in front of the offices of the Agos newspaper, which he founded. “After being murdered, Hrant Dink became a symbol of equality, pluralism, democracy and justice in Turkey. Twelve years have passed since his murder, but this case is still not resolved,” Paylan said in remarks in Parliament. Presenting the details of Dink’s murder, the lawmaker said the state has also its share of guilt. “Hrank Dink has been targeted by nationalists after publishing an article in 2004 about Ataturk’s daughter and first female fighter pilot Sabiha Gokcen, which revealed that Gokcen had an Armenian origin. At that time the Turkish General Staff issued a statement on this article, Dink also received warning from the Istanbul Governor’s Office,” Paylan explained. He also emphasized that Turkish officials and media also contributed to the intensification of nationalist moods against Dink. The Turkish parliament, however, rejected Paylan’s demand and proposal to investigate and contribute to disclosing the case.


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 21

Creative Armenia and AGBU announce 2019 Fellows Five exceptional artists selected for career acceleration

Arthur Makaryan

Arik Grigoryan

Burçin Başar

Creative Armenia and the Armenian General Benevolent Union (AGBU) are delighted to announce the five recipients of the inaugural Creative Armenia -AGBU Fellowships, a year-long program of funding, mentorship and tailored promotion strategies for talented artists from all fields. The fellows selected for the 2019 term are: theatre and opera director Arthur Makaryan (New York), musician Arik Grigoryan (Gyumri/Yerevan), painter Burçin Başar (Istanbul), writer and comedian Narek Margaryan (Yerevan), and filmmaker Victoria Aleksanyan (Yerevan). “We had hundreds of fascinating applicants who are creating vital art around the world,” said Alec Mouhibian, VP of Programs at Creative Armenia. “We are grateful to all of them, and very excited to help our first class of fellows reach new levels in their careers.” The Fellowships represent the first collaboration of AGBU and Creative Armenia, which entered into a strategic partnership in May. Creative Armenia, a global arts foundation for the Armenian people, pursues a mandate to discover, develop, promote, and produce innovative talent. A trusted bedrock of the Armenian diaspora, AGBU has been creating opportunities for Armenian artists for decades to extend their education and showcase their talents to diverse audiences across the globe. “Empowering Armenian artists fortifies the evolution of Armenian culture,” said Hayk Arsenyan, Director of the Performing Arts Department at AGBU. “We are looking forward to the original work our fellows will create with this support.” Creative Armenia and AGBU will showcase the

Narek Margaryan

Victoria Aleksanyan

work of the 2019 fellows through a variety of platforms in the course of the next year. Stay tuned to our websites and social media pages to learn more about the 2019 fellows. Founded in 2017, Creative Armenia is an innovative arts foundation that develops – and realizes – the strategies of a cultural awakening. Its founding advisory board includes Serj Tankian, Eric Esrailian, Arsinée Khanjian, Eric Bogosian, Carla Garapedian, Simon Abkarian and Michael Aram. For more information, please visit www.creativearmenia.org. The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500,000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora. Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org.

For Inquiries: Creative Armenia 28/3 Saryan Street Yerevan, Armenia Email: communications@creativearmenia.org AGBU Press Office 55 East 59th Street New York, NY 10022-1112 Phone: 212.319.6383 Email: communications@agbu.org


Հայ Կեանք

Էջ 22

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

AGBU Statement on Hate Acts Against California Armenian Schools

Manoogian-Demirdjian School

Holy Martyrs Ferrahian High School

In light of the recent defacement of the AGBU Manoogian-Demirdjian School and the Holy Martyrs Ferrahian High School with Turkish flags, the Central Board of AGBU strongly condemns these acts of provocation and attempted intimidation, which have been characterized by law enforcement as hate motivated.

We stand behind the schools’ students and school administrators who have demonstrated their resilience in the face of such cowardly acts.

The historic Seat of the Catholicosate of Cilicia in Sis (present-day Kozan, Turkey). The church complex was seized by Ottoman authorities in 1921.

Hate speech and hate crimes against any race, religion or ethnic group are categorically unacceptable, especially to those affected by genocide who have a heightened awareness of what these behaviors can lead to, when left unchecked


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 23

Պատմական մեծ դէմքեր

Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ժամանակները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տարօնի առաջնորդ եւ Սուրբ Կարապետի ու Վարագայ վանքերու վանահայր Խրիմեան Հայրիկ 1867 Յուլիսին վեց ձիաւոր ընկերակիցներ հետը առնելով Սուրբ Կարապետի վանքէն ճամբայ ելաւ դէպի Վան: Անոնք Մշոյ դաշտէն, Նեմրութի ստորոտներէն եւ Վանայ լիճի հարաւային ափերէն յառաջանալով քանի մը օրէն հասան Արտամետ, ուրկէ ուղղուեցան Վան եւ իջեւանեցան Յանկոյսներու թաղի Խրիմեաններու հօրենական տունը: Յաջորդ առաւօտ Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ընկերակիցները, եօթը ձիաւորներ` ճամբայ ելան դէպի Վարագայ վանք: Վանականները արտակարգ պատրաստութիւններ տեսած էին: Վանքին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտները, ձեռքերնին ծաղկեփունջեր բռնած, իրենց ուսուցիչներուն հետ շարուած էին վանք առաջնորդող ճամբու երկայնքին: Ձիաւորներու խումբը երբ հասաւ աշակերտները սկսան երգել. «Քո գալուստ բարի Արծիւդ հայրենեաց»: Ձիաւորները ձիերէն իջան: Խրիմեան Հայրիկ յուզումէն եւ ուրախութենէն կու լար: Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց մօտեցաւ եւ հեկեկալով ողջագուրուեցաւ: Յետոյ մօտեցան ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ կարգով ողջագուրուեցան. «Կեցցէ՜ Հայր Արծիւ, կեցցէ՜ Հայրիկ» աղաղակները կը թնդացնէին օդը, մինչ ամէն կողմէ ծաղիկներ կը տեղային Խրիմեան Հայրիկի գլխուն: Վանքի տաճարին զանգերը ուժգնօրէն կը ղօղանջէին: Եկեղեցական դասը, թափօր կազմած, խաչով, Աւետարանով, խունկով ու մոմով եւ շարականներ երգելով դիմաւորութեան ելած էր: Խրիմեան Հայրիկ առաջնորդուեցաւ տաճար, ուր աղօթեց, քարոզեց եւ իր ողջոյնը փոխանցեց իր միաբանակից եղբայրներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ վանքի հօտաղներուն ու մշակներուն: Խրիմեան Հայրիկ հրճուանքով տեսաւ, որ իր սկսած գործը յաջողութեամբ կը շարունակուի: Ժառանգաւորաց վարժարանը նորանոր շրջանաւարտներ տուած էր. Մովսէս Պողանցի, Մարգար Հիւսեան Արճակեցի, Յովհաննէս Կիւսնենցի, Փանոս Աւերակցի, Տիգրան Ամիրճանեան, Մանուէլ Անանեան, Հայրապետ Ճանիկեան, Խորէն Խրիմեան, Կարապետ Նաթանեան, Սմբատ Գրիգորեան, Լեւոն Մատթէոսեան, Պետրոս Գափամաճեան եւ Նշան Շիրուանեան, որոնք գաւառական համեստ գործիչներ, ուսուցիչներ եւ քահանաներ դարձան: «Արծուի Վասպուրական» թերթի հրատարակութիւնը կը շարունակուէր Տիգրան Գալփակճեանի

խմբագրութեամբ եւ աշխատակից ունենալով Մանուէլ Արտամետցեան, Արսէն Թոխմախեան, Մարգար Սեւիկեան եւ վարժարանին աշակերտները: Վանքի տպարանէն լոյս ընծայուած էին նաեւ Մանուէլ Արտամետցեանի եւ Տիգրան Ամիրճանեանի աշխատութիւնները: *** Վանի հայութեան ազգային կեանքը այն ժամանակ խռովայոյզ վիճակ մը կը պարզէր: Լիմ անապատի միաբան Պօղոս վարդապետ Մելիքեան առաջնորդական փոխանորդ կարգուած էր եւ ազդեցիկ ջոջ աղաներու նեցուկը ունենալով կ՛աշխատէր միահեծան կերպով վարել ազգային եկեղեցական գործերը, անտեսելով սահմանադրական կարգ ու կանոնները: Սկսած էր պայքար մը` ազատամիտ եւ լուսաւորեալ տարրերուն եւ Պօղոս վարդապետի կողմնակիցներուն միջեւ, որ բնորոշուած էր իբրեւ պօղոսեան-ապօղոսեան պայքար: Խրիմեան Հայրիկ դիրքորոշուեցաւ ի նպաստ ապօղոսեաններուն եւ յայտարարեց. «Կը զարմանամ, որ ներկայ դարուս մէջ կան դեռ մարդիկ, որոնք կը սիրեն խաւար եւ մռայլ միտքերու վրայ իշխել եւ ատելով կ՛ատեն մարդկային մտքի մառախուղը Շարունակութիւնը էջ 24


Հայ Կեանք

Էջ 24

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ժամանակները Շարունակութիւն էջ 23-էն

փարատող ուսման եւ գիտութեան լոյսը: Գերմանացի Կէօթէն լո՜յս, աւելի՛ լո՜յս աղաղակեց մեռնելէն քանի մը րոպէ առաջ, իսկ մեր Պօղոս վարդապետը կը կանչէ` խաւա՜ր, աւելի՛ խաւա՜ր… թող ըլլայ: Ապա ուրեմն մենք այս պայքարը կը կոչեք` պայքար լուսաւորելոց` ընդդէմ խաւարելոց»: Պօղոսեան-ապօղոսեան պայքարի կողքին, հանրային կարծիքը խռոված էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան շուրջ ստեղծուած գայթակղութեան պատճառով: Արդարեւ Աղթամարի միաբան Խաչատուր եպիսկոպոս Շիրոյեան 25 Սեպտեմբեր 1864ին ապօրէն կերպով կաթողիկոս օծուած էր եւ երեք օր ետք, 28 Սեպտեմբերին Փշավանց գիւղին մէջ սպաննել տուած էր Պետրոս Բիւլբիւլ կաթողիկոսը: Ոճիրին ծալքերը մասամբ բացայայտուած էին: Խրիմեան Հայրիկ, քստմնելի ոճիրի ծալքերուն իրազեկ ըլլալէ ետք դիմեց պատրիարքարան եւ առաջարկեց որ Խաչատուր կաթողիկոս Պոլիս կանչուի եւ դատի քաշուի: Հայրիկի առաջարկին վրայ պատրիարքարանին եւ կառավարութեան կողմէ Խաչատուր կաթողիկոս Պոլիս կանչուեցաւ եւ դատի քաշուեցաւ: Խրիմեան Հայրիկ ամէնուրեք նամակներ գրեց, նշելով որ Խաչատուր կաթողիկոսի ոճրագործութիւնը հաստատուած է, աւելցնելով որ «այս եղեռնագործութիւնը ծածկել կամ պաշտպանել ամենադժուարին կէտ մըն է»: Պոլսոյ մէջ, Ազգային ժողովի անդամներուն մեծ մասը կը պնդէին որ Խաչատուր կաթողիկոս կարգալոյծ հռչակուի եւ նոր ընտրութիւն կատարուի: Հրապարակուեցան կաթողիկոսական թեկնածուներու անուններ, որոնց շարքին` Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեանի անունը: Սակայն Խրիմեան Հայրիկ կըտրուկ կերպով մերժեց եւ պահանջեց որ իր թեկնածութիւնը մէջտեղէն վերցուի: Մինչ Խաչատուր կաթողիկոսին դատավարութիւնը կը շարունակուէր Ազգային ժողովին առջեւ, պատրիարքարանը նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը չեղեալ նկատեց եւ Պօղոս վարդապետ Մելիքեանը Աղթամարի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց, մինչեւ դատավարութեան աւարտը: *** Խրիմեան Հայրիկ 1868 Սեպտեմբերին Վարագէն վերադարձաւ Մուշ: Դիմաւորութեան եւ բարի գալուստի արարողութիւններէն ետք ազգային իշխանութիւններ պաշտօնապէս փոխանցեցին Խրիմեան Հայրիկի որ իր բացակայութեան ժամանակ Տարօնի գիւղերուն մէջ հանրագրութիւններ պատրաստուած են եւ ղրկուած պատրիարքարան: Այդ հանրագրութիւններով տարօնցիք միահամուռ ցանկութեամբ կը խնդրէին որ Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան եպիսկոպոս ձեռնադրուի եւ վերայ Տանն Տարօնոյ եւ Գլակայ վանուց։

Պատրիարքարանը, ընդառաջելով ժողովուրդի ցանկութեան, դիմեց Էջմիածին` Գէորգ Դ. կաթողիկոսին, խնդրելով Մկրտիչ վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրել: Ամենայն հայոց հայրապետին համամըտութիւնը ստանալէն ետք պատրիարքարանը հեռագիր ուղարկեց Մուշ, Խրիմեան Հայրիկին, որպէսզի Էջմիածին երթայ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար: Խրիմեան Հայրիկ, ժողովուրդին համակրանքը եւ վստահութիւնը վայելող քանի մը մելիքներ հետը առնելով մեկնեցաւ Էջմիածին: Էջմիածին հասնելէն ետք Տարօնի պատգամաւորութիւնը ներկայացաւ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին եւ ժողովրդական հանրագրութիւնները մատուցանելով խնդրեց որ կատարէ ձեռնադրութիւնը: Նոյն օրերուն, 1868 Հոկտեմբերին Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն: Այդ առիթով բազմահազար ուխտաւորներ հաւաքուած էին: Գէորգ Դ. կաթողիկոս 18 Հոկտեմբեր 1868-ին Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ եպիսկոպոսական օծում եւ Շարունակութիւնը էջ 31


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 25

«ՓՈՐՁԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐԵԼ» Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Տ

արին` 1918: Ա. Աշխարհամարտի մեծ զինադադարը, որուն հարիւրերորդ տարեդարձն է այս տարի` 2018: Այս իմաստով, անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցան շատ մը յիշատակութիւններ` սկսելով Ֆրանսայէն ու տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ: Այս առումով ուշադրութիւնս գրաւեց անգլիական «ԱՅ» թերթին մէջ հրատարակուած բաւական ընդարձակ յօդուած մը, որ կը կրէր «փորձենք խաղաղութիւնը ընտրել» վերնագիրը: Յօդուածը մէկ կողմէ կ՛անդրադառնար այդ առիթով կատարուած բոլոր յիշատակումներուն, իսկ միւս կողմէ հարիւր տարիներ առաջ պատահած այդ պատերազմի սարսափազդու եղելութիւններուն ու պատահարներուն: Ի՛նչ խօսք, որ պատերազմը մնայուն կերպով եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին եղած է կործանարար ու սփռած է կոտորած, մահ ու աւեր: Ռութ, որ հանգստեան կոչուած անգլիացի ուսուցչուհի մըն է, մասնակցելով յիշատակումներուն կ՛ըսէ. «Շատ կարեւոր է այս յիշատակումները կատարելը, քանի մեծ թիւով երիտասարդներու կեանքեր կործանուած են»: Ու շարունակելով իր յուզումնախառն պոռթկումը, ան կ՛արտայայտուի ըսելով. «Երբ կը նայիս բոլոր գերեզմանաքարերուն... ինչքա՜ն յուզիչ է: Այս որքա՞ն երիտասարդ մահացած է»: Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուեսթմինիսթըրի հոգեւոր առաջնորդ Ճոն Հոլ արքեպիսկոպոսը հանդիսութեան ընթացքին բարձրացուցած իր աղօթքին մէջ, երբ կը յիշատակէ այդ պատերազմի ահաւոր երեւոյթները, նաեւ կը ցանկայ, որ կարելի ըլլայ ատելութիւնը փոխել բարեկամութեան ու համագործակցութեան, «որովհետեւ այս է յոյսը աշխարհին», կ՛ըսէ ան: Բայց բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը կրնան իրականանալ միայն այն ատեն, երբ կայ «ուրիշը ընդունելու» տրամադրութիւնը: «Ուրիշը ընդունելու»ն մէջ կ՛իյնան նաեւ «ուրիշը հասկնալու» եւ «ուրիշ»ին ապրելու եւ գոյատեւելու նոյնքան իրաւունք ունենալու իրականութիւն ընդունելու հանգամանքները: Այս իմաստով Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնի խօսքը չուշացաւ. ան յիշատակումի հանդիսութեան ընթացքին ըսաւ. «Ազգամոլութիւնը ազգասիրութեան ճիշդ հակառակն է: Ազգամոլութիւնը կը դաւաճանէ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան»: Նախագահ Մաքրոնի խօսքը ճշգրիտ ակնարկութիւն մըն էր: Ազգամոլութիւնը կը միտի «ես»ի հասկացողութեան եւ կ՛ապրի այդ նոյն «ես»ի պատեաններուն մէջ: Իսկ ազգասիրութիւնը` «ես»ը սիրելով հանդերձ կը քաջալերէ, որ նոյն այդ «ես»ը բաժնեկցի իր պատեաններէն դուրս նաեւ դիմացինին` իմա «ուրիշին» հետ: Եւ ուրիշին հետ կեանքի բաժնեկցութեամբ է, որ կարելի է ստեղծել խաղաղութիւնը: Այս իմաստով նախագահ Մաքրոն յարմար

նկատեց ըսելու հետեւեալ խօսքը. «Ուխտենք, որ խաղաղութիւնը նախապատուութիւն դառնայ մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ»: Ուրիշը հասկնալու, զայն ընդունելու եւ միասին խաղաղութիւն կերտելու գաղափարին շուրջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ. «Մենք բոլորս միասին պէտք է որ աշխատինք, որովհետեւ մեր բոլոր մարտահրաւէրները այսօր կարելի չէ մէկ պետութեան միջոցաւ լուծել»: Իննսուն տարեկան իր այսօրուան յառաջացած տարիքին մէջ, քանատացի Ճորճը տակաւին կը սգայ իր շատ երիտասարդ մօրեղբօրը Ճորճին, որուն անունը կը կրէ, նահատակութիւնը` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին: Ան երիտասարդ հասակին արձակազէնի մը փամփուշտով զգետնուած է զինադադարէն միայն երկու վայրկեան առաջ: Ճորճը կը պատմէ, թէ իր մօրեղբայրը երբեք չէ ուզած զինուորագրուիլ, եւ երբեք ալ չէ սիրած պատերազմը. տակաւին չենք խօսիր մարդ սպաննելու մասին: Սական իբրեւ քաղաքացիական պարտականութեան եւ ազգային հաւատարմութեան արտայայտութիւն ան զինուրագրուած է։ Եւ այս նոյն հաւատարմութիւնն ու պարտականութիւնը խլած են անոր կեանքը: Յիշատակումի այս ձեռնարկէն չուշացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը. «Մենք պատմութիւնը չենք կրնար փոխել բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որպէսզի մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»: Ճի՛շդ է, որ «պատմութիւնը չենք կրնար փոխել». շատ են երիտասարդ «Ճորճ»-երը, որոնք մահացան պատերազմի ժամանակ, եւ երեւի զինադադարի վերջին երկու վայրկեաններէն առաջ: Շատ ճի՛շդ է, որ այս բոլոր անցած պատմութիւնները չենք կրնար փոխել: Այս նոյն պատմութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ հայուն պատմութիւնը, որ նոյնպէս չենք կրնար փոխել: Երբ կը հետեւէի Ա. Աշխարհամարտի զինաՇարունակութիւնը էջ 26


Էջ 26

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

«ՓՈՐՁԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐԵԼ» Շարունակութիւն էջ 25-էն

դադարի 100-ամեակին նուիրուած բոլոր ելոյթներուն, հանդիպեցայ նաեւ Կարօ Արմէնեանի մէկ գրութեան, որուն մէջ հեղինակը կ՛ըսէր. «Պէտք է իրապէս զարմանալ այն իրողութեան վրայ, որ հայութեան յիշողութենէն գրեթէ ջնջուած է զինադադարի այս մեծ եղելութիւնը»: Նոյնքան ուշագրաւ էր նաեւ անգլիացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի կատարած «Հաշուեյարդարը»` հարիւր ամեակի յիշատակումներուն: «Բոլոր այս յիշատակութիւններուն մէջ ու յիշատակի ձեռնարկներուն ընթացքին, չկրցայ տեսնել մէկ նկատողութիւն` մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ցեղասպանութիւն մը, որ գործուեցաւ 1915-ին` Գերմանիոյ դաշնակից Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, եւ որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր», ըսաւ Ֆիսք: Այս ակնարկութիւններուն ընդմէջէն սկսայ ես ալ մէկ-մէկ վերանայիլ հայուն, յատկապէս իմ ընտանիքիս պատմութիւնը` նոյնինքն այդ տարիներուն, երբ զինադադարէն առաջ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ահաւոր Ցեղասպանութեան: Այդ պատմութիւններուն շարքին կար իմ ընտանիքիս պատմութիւնը, որ կը վերաբերի Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին մեծ հօրս` տոքթ. Աւետիս Ճէպէճեանին, որ պատերազմին մասնակցած էր Օսմանեան բանակին մէջ իբրեւ բժիշկ-գնդապետ: Ան իր յուշագրութիւններուն ընդմէջէն կը նկարագրէ պատերազմի ահաւորութիւնը: (Ի դէպ անոր յուշագրութիւնները թրքերէն լեզուով լոյս տեսան Պոլսոյ մէջ, 2015-ին): Յուշագրութիւններէն մէկուն մէջ արձանագըրուած է. «Ամէն կողմ լեցուն էր մարդկային գանկերով, թեւերու եւ սրունքներու ոսկորներով: Փամփուշտի կտորներ, վրանի մնացորդացներ, կօշիկի կտորներ` ամէն կողմ»: Սակայն ան իր բժիշկի ուխտին հաւատարիմ մնացած է: «Այս գիշեր անքուն մնացի մինչեւ առաւօտ այդքան որ շատ է գործը», կը գրէ ան: Ան հաւատարիմ մնացած է նաեւ զինուորականի իր ուխտին, նոյնիսկ երբ տեսած է հայուն տարագրութիւնն ու մահը: «Տասներկու հազար գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն, անգութ ու անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ: Ու տակաւին ամէն տեղ հայու ոսկորներ», շարունակած է գրել ան: Աւետիս Ճէպէճեան իր զինուորագրութեան ժամանակ լսած է նաեւ իր հարազատ ընտանիքին անդամներուն մահը: «Նոյեմի քրոջս Սեպխա լեռը` սուրիական անապատ քշուած ըլլալը, եւ անոր Գէորգ ու Կարապետ տղոց մահացած ըլլալը տեղեկանալով` շատ տխրեցայ», գրած է ան: Աւետիս Ճէպէճեան այն հայն էր, որ գիտակից էր իր պաշտօնին` նոյնիսկ երբ կը ցաւէր: Եւ ան հաւատարիմ մնաց իր ծառայած ու զինուորագըրուած բանակին: Այս այն բանակն էր, որ անոր ծառայութեան ընթացքին կը տարագրէր իր ժողովուրդը եւ իր ընտանիքը:

Աւետիս Ճէպէճեան այն հայն էր, որ երբեք դասալիք չեղաւ եւ ոչ ալ դաւաճանեց «վաթանին», ինչպէս որ հայը այդ յանցանքով ալ մեղադրուեցաւ այդ տարիներուն: Դարձեալ Աւետիս Ճէպէճեանի յուշերէն է այն պատմութիւնը, թէ պատերազմի ժամանակ երբ ռմբակոծուած ուտեստեղէնի նաւը սկսած է հրկիզուիլ` ոչ մէկ թուրք զինուոր համարձակած է զայն մարել: «Գտնուած բարձրութենէս վեր կանգնելով` զինուորներուն բացագանչեցի. Օ՜ն, ասլաններս, վաթանին ծառայելու օրը այս է. օ՜ն, հրդեհը մարելու, օ՜ն: Ընկճուած զինուորները սիրտ առնելով վար խոյացան այդ ցից զառիթափէն` եւ սկսան կրակը մարել», գրած է Աւետիս Ճէպէճեան: Այս հայուն պատմութիւնն է: Ու տակաւին իմ ու ընտանիքիս պատմութիւնը, որ «չենք կրնար փոխել»: Բայց կը յիշենք այս պատմութիւնը, որովհետեւ վարչապետին հետ համաձայն ենք որ «պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»: Այս ալ մեր «պահանջատիրութիւնն» է` «Մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»: Իսկ «մեր ապագա՞ն»: Ճիշդ է, որ համայն մարդկութեան կը վերաբերի խօսքը, սակայն հայուն համար ալ, որովհետեւ հայը հաւատացած է, որ «մեր ապագան» պէտք է կերտել խաղաղութեան ընտրանքին վրայ: Շարունակութիւնը էջ 33


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 27

Երեւանը երգերու մէջ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ Ուր էլ գնամ քեզնով եմ լի, քեզնով եմ տաք, Քարին բացուած, քարէ ծաղիկ, իմ նոր քաղաք, Քո անուշ Հայոց խօսքով, քո Մասիս սարի տեսքով, Ինձ ես կանչում իմ կեանք, Երեւան: «Իմ Երեւան» Խօսք Սիլվա Կապուտիկեան Երժշ. Վաղարշակ Կոտոյեան

2018-ին, բազմաթիւ այլ յոբելեաններու շարքին, ազգովին նշեցինք 2800-ամեակը Երեւան քաղաքին: Կը մտածեմ թէ գրեթէ ամէն օր կը տօնախմբենք Հայութեան մայրաքաղաքը դպրոցական հանդէսներու, մշակութային ձեռնարկներու, համերգներու ընթացքին բեմերէն հնչող Երեւանին նուիրուած երգերուն ընդմէջէն: «Գարուն Երեւան», «Երեւան-Երեբունի», «Երեւանի Գիշերները», «Հէյ Ջան Երեւան», «Երեւան-Երեւան», «Իմ Երեւան», «Կեանք իմ Երեւան», «Իմ Սիրելի Երեւան», «Իմ Նոր Երեւան» ու դեռ շատ աւելին: Ներշնչանքի աղբիւր եղած է Երեւանը հայրենի բոլոր բանաստեղծներուն - Պարոյր Սեւակ, Սիլվա Կապուտիկեան, Սարմեն, Ռազմիկ Դաւոյեան, Աշոտ Գրաշի, Գէորգ Էմին, եւ այլոց: Եւ այդ բանաստեղծութիւններէն շատերը իրենց կարքին ներշնչած են մեր մեծ երգահաններէն ոմանց՝ Արամ Խաչատուրեան, Էտկար Յովհաննէսեան, Առնո Բաբաջանեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան, Արմէն Մանդակունեան, Կոնստանդին Օրբելեան եւ այլոց, որոնք գեղեցիկ երաժշտութեամբ օժտելով այդ քերթուածները սիրելի դարձուցած են համայն հայութեան: Առաջին Երեւանին նուիրուած երգը որ սորված էի մանկութեանս տարիներուն «Գարուն Երեւան»ն էր, խօսք՝ Աշոտ Գրաշիի, երաժշտութիւն՝ Արամ Խաչատուրեանի: Գարուն Երեւան, սիրուն Երեւան, Վարդեր ես ճամբիս փռում, Երեւան, Ուր էլ գնամ, ուր էլ մնամ, Քեզ եմ յաւիտեան սիրում, Երեւան: ………………………………………….

Իմ ժողովրդի վառ աչքերի լոյսն ես, Երեւան, Իմ Հայաստանի զարդն ես Երեւան: Դարձեալ մանկութեանս, 1958-ին, կարծեմ առաջին անգամ ըլլալով հայկական ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ Աթէնքի սրահի մը մէջ՝ «Երգ Առաջին Սիրոյ»ն: Եթէ չեմ սխալիր, տարիներ առաջ կարդացած էի յօդուածի մը մէջ թէ ժապաւէնը ոչ միայն կը ներկայացնէր սիրային պատմութիւն մը, այլ ձօն մըն էր նաեւ Երեւանին: Երկար ժամանակ բոլորիս շրթներուն վրայ էին անոր մէջ լսուող երեք երգերը -

«Երեւանի Սիրուն Աղջիկ», «Դու իմ սիրոյ արեւ», «Իմ Երեւան» - խօսք՝ Վլադիմիր Յարութիւնեանի, երաժշտութիւն՝ Առնո Բաբաջանեանի: Այստեղ եմ ծնուել ես, այստեղ մեծացել, Այս ջուրը խմել սառնորակ ... ………………………………………….

Քարդ քարիդ եմ շարել, Քեզ հետ հասակ եմ առել, Իմ Երեւան քո ամէն շէնքի հետ Ես իմ կեանքն եմ կապել առյաւէտ: ………………………………………….

Դու անխաւար լոյսի տուն, Երեւան, Ամէն հայի յոյսի տուն, Երեւան: 1968-ին, 50 տարիներ առաջ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, մեծ շուքով առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի տարեդարձը 2750 տարեկան: Այդ առթիւ շրջանառութեան մէջ դրուեցան նամականիշներ, գիրքեր, քարտէզներ, յուշանուէրներ, տեղադրուեցաւ Երեւանի հիմնադրութեան սեպագիր արձանագրութիւնը, տնկուեցաւ 2750 ծառ, բացուեցաւ 2750 ցայտաղբիւրներու հրապարակը, «Յաղթանակի Զբօսայգի»ին մէջ 2750 հոգինոց երգչախումբով մը առաջին անգամ հնչեց «Երեւան-Երեբունի»ն, խօսք՝ Պարոյր Սեւակի, երժշ. Էտկար Յովհաննիսեանի, անպաշտօն քայլերգը մայրաքաղաքին: Երեւան դարձած իմ Երեբունի, Դու մեր նոր Դուին, մեր նոր Անի Մեր փոքրիկ հողի դու մեծ երազանք, Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք: Նոյն տարուան ծնունդ է նաեւ «2750 տարեկան»ը, խօսք՝ Գէորգ Էմինի, երժշ. Առնո Բաբաջանեանի Իմ վարդագոյն գեղեցկուհի, Ջահել ես այնքան, 2750 տարեկան: ……………………………………….

Ախ կ’ուզէի այնքան ապրել, Իմ քաղաք անգին Եւ տեսնել քո 3000 Պանծալի տարին: Այսօր, նոր սերունդի բանաստեղծներն ու երգահանները կը շարունակեն ներշնչուիլ ԵրեւաՇարունակութիւնը էջ 32


Էջ 28

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

2020-ին Ֆրանսայի մէջ իր դռները պիտի բանայ Վալանսի ամէնօրեայ վարժարանը Վալանսը, որ յաճախ համարուած է Ֆրանսայի ամենէն հայկական քաղաքը, պիտի օժտուի հայկական ամէնօրեայ դպրոցով: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»ը։ Շինարարական աշխատանքներու պաշտօնական սկիզբը տրուած է Երեքշաբթի, Յունուար 9-ին, ձեռամբ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական մշակոյթի կեդրոնի (CCAV) համանախագահ Անտրէ Հացպանեանի: Այս դպրոցը, որուն կը սպասուէր երկար ատենէ ի վեր, թոյլ պիտի տայ հաստատել ակադեմական շրջանակ մը հայերէնի դասաւանդման համար, զայն ներառելով ֆրանսական կրթական ծրագիրին մէջ: Շինարարական աշխատանքները Դպրոցը պիտի հաստատուի Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մերձաւորութեամբ: Աշխատանքները, որոնց տեւողութիւնը կը նախատեսուի տասնըվեց ամիս, պիտի սկսին փլուզումի փուլով, ապա պիտի ձեռնարկուի շէնքի գետնայարկի եւ առաջին յարկի ընդարձակմամբ, վերակազմակերպելու համար տարածքները: Այս կարգաւորումը աշխատանքի եւ ուսման լաւագոյն պայմաններ պիտի ապահովէ ապագայ աշակերտութեան, որ պիտի ունենայ նաեւ ճաշարան մը եւ ընդարձակ բակ մը: Առաջին երախաները պիտի ընդունուին 2020 Սեպտեմբերի վերամուտին:

բարերարներ: Հիմնադրելով Ֆրանսայի ամէնօրեայ ութերերդ վարժարանը՝ Վալանս աստիճանաբար կը հասնի Լիոնի, Մարսիլիոյ, Նիսի եւ Փարիզեան շրջանի մակարդակին: Դպրոցական այս բոլոր հաստատութիւնները կը բերեն իրենց նպաստը երիտասարդութեան կրթութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայերէնի աշխուժացման:

Շնորհակալութեամբ ստացանք

Կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիր մը Այս ծրագիրը անկասկած Վալանսի հայ համայնքի պատմութեան կարեւորագոյնն է, որքան իր ծաւալով, նո՛յնքան ալ այն դերով, որ հաստատութիւնը պիտի ունենայ ապագային: Շինարարութիւնը, որուն ծախսերը կը գնահատուին 1.860.000 եւրօ, կարելի դարձաւ շնորհիւ լիբանանահայ բարերար Գէորգ Արապեանի 700.000 եւրոյի բացառիկ նուիրատւութեան: Նորվան արք. Զաքարեան, Անտրէ Հացպանեան եւ իրենց խումբը յաջողեցան 2017 Հոկտեմբերին սկսած հանգանակութեամբ հաւաքել աւելի քան 1 միլիոն եւրօ, ներառեալ վերոնըշեալ նուէրը: Ի դէպ, CCAV-ի համանախագահ Նորվան սրբազան 2018 Սեպտեմբերին արդէն կը յայտարարէր, որ “երբեք հանգանակութիւն մը այսքան բերրի չէր եղած աշխատանքներու սկիզբէն առաջ”։ Արդարեւ, կոչ եղաւ ֆրանսահայ գաղութի առատաձեռնութեան: Բարեսիրական երեկոյթներ տեղի ունեցան, կազմակերպուեցաւ հեռաձայնով հանգանակութեան օր մը, որոնք թոյլ տուին դրամ հաւաքել. եղան նաեւ ինքնաբուխ նուիրատւութիւններ: Հարկ է հանգանակել 860.000 եւրօ եւս Կը մնայ ապահովել 860.000 եւրօ եւս՝ ծրագիրը առանց պարտքի իր աւարտին հասցնել կարենալու համար: Կ՚ակնկալուի, որ շինարարական աշխատանքներու սկսիլը 2019-ին պիտի խրախուսէ նուիրատուները, բայց նաեւ պիտի ներգրաւուին նոր

Խմբագրութիւնս ուրախութեամբ ստացած է հեղինակ՝ Յովսէփ Պարազեանի մենագրութեամբ վերջերս հրատարակուած «Սիրային զրոյց Երեւանին հետ» հատորը: Հատորը լոյս տեսած է «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան կողմէ։


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 29

Ցեղասպանութեան մասին վկայող Կէրկէրեան արխիւը արդէն հասանելի է հետազօտողներուն ԱՄՆ-ի «Քլարք» համալսարանի խումբ մը հայ եւ թուրք հետազօտողներ՝ փրոֆէսըր Թաներ Աքչամի ղեկավարութեամբ ուսումնասիրած եւ դասակարգած են հայր Գրիգոր Կէրկէրեանի (Գրիկըր) արխիւը։ Անթիւ փաստաթուղթերէն ու անգնահատելի վկայութիւններէն կազմուած այդ արխիւը հայր Կէրկէրեանը հաւաքած է 1930-ական թուականներէն մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ 1988։ Փաստաթուղթերը կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր նախորդող եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով t24.com.tr-ը։ Մինչ օրս թէեւ ցեղասպանագէտներու եւ պատմաբաններու մեծ մասին յայտնի էր Կէրկէրեանի արխիւին գոյութեան փաստը, սակայն անիկա գրեթէ չէր օգտագործուած հետազօտողներու կողմէ։ Պատճառը այն էր, որ բոլոր փաստաթուղթերը այստեղ ուղղակի թուղթերու կոյտ կը յիշեցնէին, չկար որեւէ դասակարգում, խմբաւորում, հետեւաբար յստակ իրադարձութեան վերաբերեալ այդ արխիւին մէջ փաստեր գտնելը անասելի դժուար էր։ Իսկ փրոֆէսըր Աքչամի եւ 11 հոգինոց խումբի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ արխիւին նիւթերը խմբաւորուած ու դասակարգուած են, ըստ բովանդակութեան առանձնացուած է երեք բաժին, փաստաթուղթերուն մեծ մասը արդէն թարգմանուած է անգլերէն եւ թրքերէն, անոնց վերաբերեալ կազմած են ցուցակներ։ Ներկայիս Կէրկէրեան արխիւի առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած են բացառապէս օսմանեան փաստաթուղթեր։ Անոնք, մեծ մասամբ, ցեղասպանութեան համար պատասխանատու «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» (“Ittihat ve Terakki”) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու դէմ 1920-21թթ․ Պոլսոյ մէջ իրականացուած դատավարութիւններուն ընթացքին եղած վկայութիւններու եւ ցուցմունքներու արձանագրութիւններն են։ Կը նշուի, որ այդ փաստաթուղթերուն բնօրինակները կը գտնուին Թուրքիոյ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի արխիւին մէջ եւ հասանելի չեն ուսումնասիրութեան համար։ Սակայն, այն ժամանակ նշուած դատավարութիւններուն մէջ, իբրեւ կողմ հանդէս եկող Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը իրաւունք ունեցած է ստանալու բոլոր փաստաթուղթերուն կրկնօրինակները, որոնք եւ այնուհետեւ փոխանցուած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ այդ կերպով պահպանուած։ Արխիւի երկրորդ բաժինին մէջ տեղ գտած են Կէրկէրեանի անձնական հետազօտութիւնները։ Անիկա կը ներառէ մասնաւորապէս Եոզկաթի եւ Կեսարիոյ մէջ իրականացուած դատավարութիւններուն վերաբերեալ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կազմակերպութեան պատասխանատուներու վկայութիւնները։

Երրորդ բաժինով ընդգրկուած են Կէրկէրեանի կողմէ այլ երկիրներէ ձեռք բերուած արժէքաւոր փաստաթուղթերու բնօրինակներ։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին պատկանող ֆրանսերէն եւ հայերէն փաստաթուղթերն ալ կը կազմեն այս բաժինի կարեւոր մասը։ Կան նաեւ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ ԱՄՆ-ի արխիւներէն ձեռք բերուած նիւթեր։ Փրոֆէսըր Աքչամ եւ իր խումբը Կէրկէրեան արխիւին վերաբերեալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ հրապարակած է նաեւ համացանցի մէջ՝ PDF ֆորմաթով։ Անոնց շարքին տեղ գտած է նաեւ 1911-ին Սիւասի (Սեբաստիա) Կիւրուն նահանգին մէջ ծնած Գրիգոր Կէրկէրեանի կեանքի պատմութիւնը, որուն 16 քոյր–եղբայրներէն 10-ը եւ ծնողները 1915-ին սպաննուած են իր իսկ աչքին առջեւ։


Էջ 30

Հայ Կեանք

«Հայաստան» հիմնադրամը տարբերանշանի մրցոյթ կը յայտարարէ

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը յայտարարէ Հիմնադրամի տարբերանշանի եւ վերաոճաւորման (rebranding) առաջարկներու բաց մրցոյթ։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղեկութիւններով՝ մրցոյթը նպատակ ունի վերաիմաստաւորելու Հիմնադրամին դերը իբրեւ Համահայկական ամբողջական ներուժը միաւորող, մեր Հայրենիքի հանդէպ հոգատարութիւն դրսեւորող կառոյց։ Տարբերանշանի վերաոճաւորման հայեցակարգը պէտք է ներառնէ Հիմնադրամին անուանումը հայերէն («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ) եւ անոր կիրառման հնարաւորութիւն տայ նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Տարբերանշանը պէտք է ըլլայ ժամանակակից ու նորարարական լուծումներով, արտայայտէ Հիմնադրամի առաքելութիւնը։ Ըստ աղբիւրին՝ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ բոլոր հետաքրքրուած կազմակերպութիւնները կամ անձինք՝ անկախ բնակութեան վայրէն, մասնագիտութենէն եւ քաղաքացիութենէն։ Մշակուած առաջարկի փաթեթը պէտք է ներառնէ տարբերանշանի էսքիզն ու անոր կիրառման հնարաւոր տարբերակները։ Անիկա պէտք է ներկայացուի ելեկտրոնային եղանակով՝ հայերէն կամ անգլերէն, առաւելագոյնը 10 էջէ բաղկացած Adobe Acrobat Reader (PDF) ձեւաչափով, որ պէտք չէ գերազանցէ 20 ՄՊ-ը։ Յայտի փաթեթը պէտք է կազմուած ըլլայ շարք մը բաղադրիչներէ, ինչպէս՝ տարբերանշանի էսքիզ, ունենայ կիրառման հնարաւոր լուծումներ (գունաւոր, մոնոխրոմ, մեծ չափերով՝ պաստառի վրայ, փոքր չափերով՝ այցեքարտի համար, տարբեր այլ կիրառման հնարաւորութիւններ), գաղափարի հակիրճ նիւթի նկարագրութիւն, գաղափարի հեղինակներու մասին տեղեկատւութիւն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը ներկայացուած փաթեթի մշակման գործին մէջ։ Նշենք, որ յայտերը կ՝ընդունուին մինչեւ Փետրուար 16-ը ներառեալ: Յայտը պէտք է ուղարկել d.banuchyan@himnadram.org ելեկտրոնային փոսթի

Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017 թուականին հիմնեց «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը, արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որը ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ վերջ, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի յայտարարէ 2019 Հոկտեմբերին` Հայ Մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն: Ինչպէս անցեալին, հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2018-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ եւ նոյնին համացանցային PDF տարբերակը մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 30-ը փոսթով առաքել Տիկին Սօսի Նագգաշեանին: Հասցէ` Sossie Naccashian 11848 Rue Filion, Montreal, Quebec, H4J 1T3 CANADA E-mail: n.sossie@yahoo.ca

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com

հասցէին՝ վերնագիր (subject) տողին վրայ նշելով New Himnadram Re-Branding բառակապակցութիւնը։ Լաւագոյն երեք տարբերանշաններուն ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 18-22 ինկած ժամանակահատուածին: Հանրային քննարկումը պիտի կայանայ Փետրուար 23-27-ի ընթացքին: Վերջնական տարբերանշանի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-ին:


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 31

Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ժամանակները Շարունակութիւն էջ 24-էն

կոչում շնորհեց Խրիմեան Հայրիկի եւ Երեմիա վարդապետ Տեւկանցի: Խրիմեան Հայրիկ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ի վերայ Տանն Տարօնոյ եւ Գլակայ վանուց: Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ Էջմիածնի միաբաններէն իւրաքանչիւրին նուիրեց «Մարգարիտ արքայութեան երկնից» գիրքէն օրինակ մը: Ձեռնադրութեան յաջորդ առաւօտուն, 19 Հոկտեմբերին Խրիմեան Հայրիկ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ մատուցեց եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը: Քարոզի իբրեւ բնաբան ընտրեց մայր աթոռի, հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նշանակութիւնը: Ազգի եւ հայրենիքի սիրոյ մասին պատմական դէպքերէն ու դէմքերէն օրինակներ յիշեց եւ թելադրեց, որ նոր սերունդը իր նախնիներու անձնուիրութեան եւ ազգասիրութեան օրինակները իւրացնէ եւ ջանայ հայոց տառապեալ ազգը եւ հայրենիքը օտարներու ճանկերէն ազատել: *** Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ուղեկիցները 20 Հոկտեմբերին Սուրբ Էջմիածինէն ճամբայ ելան դէպի Կարին: Ցուրտերն ու սառնամանիքները սկսած էին արդէն: Ուղեւորները երբ Կարին հասան ձիւնը արդէն ծածկած էր գետինը: Կարինէն ճամբան շարունակել այլեւս անհնար էր: Ճամբաները փակուած էին եւ հաղորդակցութիւնները` ընդհատուած: Խրիմեան Հայրիկ Կարնոյ առաջնորդարանը իջեւանեցաւ եւ սկսաւ զբաղիլ ազգային եւ կրթական գործերով: Միաժամանակ առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ կուտակուած հայկական հարստահարութեանց եւ տառապանքներու վերաբերեալ բողոքագիրները ուսումնասիրեց եւ տեղեկագիր մը կազմելով ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարան: Բողոքագիրներու հիման վրայ Խրիմեան Հայրիկ դիմեց Էրզրումի տեղական իշխանութիւններուն եւ սանձահարել տուաւ քիւրտ քանի մը բէկեր, որոնք Խնուսի եւ Ալաշկերտի շրջաններուն մէջ հայ գիւղացիներու հողերը բռնագրաւած էին: Գարունը հազիւ բացուած եւ ձիւնահալը սկսած, 1869 Մարտին Մուշէն խումբ մը ձիաւորներ մեկնեցան Կարին եւ իրենց սիրելի առաջնորդը առնելով վերադարձան Մուշ: Խրիմեան Հայրիկ Տարօնի մէջ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ: *** Պոլսոյ մէջ Ազգային սահմանադրութեան հըռչակման օրերուն, 1860 Մայիսին, պատրիարք ընտրուած էր Սարգիս եպիսկոպոս Ադրիանուպոլսեցի, որ պաշտօնավարեց մէկուկէս տարի եւ հրաժարեցաւ 21 Հոկտեմբեր 1861-ին: Անոր յաջորդը` Ստե-

փանոս եպիսկոպոս Մաղաքեան պաշտօնի կոչուեցաւ իբրեւ տեղապահ, եւ ալեկոծեալ կացութեան մէջ ազգին ղեկը վարեց մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 1863: Այնուհետեւ պատրիարք ընտրուեցաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Պօղոս եպիսկոպոս Թաքթաքեան: Ազգային սահմանադրութիւնը առաջին անգամ առկախուած էր 1861 Օգոստոսին: Նոր սահմանադրութիւնը, որ հռչակուած էր 1863 Մարտին, բաղկացած էր 99 յօդուածներէ. տրամադրութիւնները գրեթէ նոյնն էին, բացի բնորոշ քանի մը կէտերէ: Պօղոս պատրիարքի օրով, Ազգային սահմանադրութիւնը 1866 Մարտին կրկին առկախուեցաւ: Կրօնական եւ քաղաքական ժողովները լուծուեցան: Պատրիարքարանը ծանր պարտքերու տակ կքած էր: Ներքին տարակարծութիւնները եւ անհամաձայնութիւնները հետզհետէ խորացան: Ազգային սահմանադրութեան հակառակորդները կառավարութեան միջամտութեամբ կազմեցին ինը հոգիէ բաղկացած առժամեայ Խառն ժողով մը՝ Պօղոս պատրիարքի նախագահութեամբ: Օրմանեան կը գրէ. «Մենք չենք վարանիր յայտարարել, որ այդ կացութիւնը սահմանադրական ձեւերէն եւ անոնցմէ յառաջ եկած գործերու ճապաղումէն, գործի խառնուողներու շատութենէն, որոշիչ եւ կտրուկ միջոցներու պակասութենէն յառաջ եկած հետեւանք էր. սակայն սովորութիւն է գլուխ գտնուողները մեղադրել եւ պատասխանատու կարծել, թէպէտ եղելութիւնները անոնց կամքէն անՇարունակութիւնը էջ 32


Հայ Կեանք

Էջ 32

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ժամանակները Շարունակութիւն էջ 24-էն

կախ ըլլան, եւ գործերն անոնց կամքին հակառակ կատարուին»: Ազգային սահմանադրութեան վերաքննուած կանոնագրութիւնը 1866 Նոյեմբերին ներկայացուեցաւ պետութեան: Սահմանադրութեան վերաքննուած խմբագրութեան մէջ երեսփոխաններուն թիւը հարիւր նախատեսուած էր, իսկ վարչական զոյգ ժողովներու անդամներունը` տասներկուքական: Տեսուչ խորհուրդները ջնջուած էին: Ազգային տուրքը նախատեսուած էր անհատին երկու օրականին չափ, եւ ընտրող ու ընտրելի դառնալու համար ազգային տուրքը վճարած ըլլալը պայման նկատուած էր: Սակայն այս նոր խմբագրութիւնը վաւերացում չստացաւ պետութեան կողմէ, եւ 1863-ի սահմանադրութիւնը մնաց ուժի մէջ: Պոլսոյ մէջ ժողովրդական բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան, պահանջելով Պօղոս պատրիարքի հրաժարականը եւ սահմանադրութեան վերահաստատումը: Պօղոս պատրիարք հակադարձեց` ձերբակալել տալով «խռովարարներու» պարագլուխները: Ձերբակալուածները պատրիարքարան տարուեցան եւ ծեծի ու խոշտանգումներու ենթարկուեցան: Սակայն ժողովրդային բողոքի ելոյթները հետզհետէ սաստկացան եւ Պօղոս պատրիարք ստիպուած 1869 Յունուարին հրաժարական տալով հեռացաւ: Կառավարութիւնը, կիրքերը խաղաղեցնելու համար արտօնեց սահմանադրութեան գործադրութիւնը: Ազգային սահմանադրութեան վերահաստատման պայմաններուն տակ կազմուած Ազգային ժողովը զբաղեցաւ նոր պատրիարքի ընտրութեամբ, եւ 1869-ի գարնան Վանի առաջնորդ Իգնատիոս եպիսկոպոս Գագմաճեան պատրիարք ընտրուեցաւ: Սակայն իր ընտրութենէն երեք օր ետք Իգնատիոս եպիսկոպոս վախճանեցաւ: Ազգային ժողովը կրկին զբաղեցաւ նոր պատրիարքի ընտրութեամբ: Գլխաւոր թեկնածուներն էին Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեան եւ Խորէն եպիսկոպոս Նարպէյ: Ժողովականներու մեծամասնութեան ցանկութիւնն էր, որ նոր պատրիարքը ըլլար «մայրաքաղաքի կուսակցական մեքենայութեանց խաղերէն հեռու ապրած, ազատատենչ խառնուածքով` սահմանադրասէր խմորով մարդ մը, որ նոյն ատեն ճանչցած ըլլար գաւառի հայութիւնը»: Օրմանեան կը գրէ. «Մայրաքաղաքին մէջ բարեկագրութեան եւ զարգացման հոգին շատոնց արթնցած էր, ժողովականութեան եւ սահմանադրականութեան ձգտումը բաւական ասպարէզ առած էր, սակայն ժողովրդական ըսուած խումբը մայրա-

քաղաքի միջակ դասակարգը վերին դասակարգին իրաւունքներուն մասնակից ընելէ անդին չէր անցներ, այն ալ իրաւունքին համապատասխան պարտքի եւ տուրքի գաղափարը չյարակցելով: Բայց բուն ժողովուրդը, ազգին ընդհանրութիւնը, գաւառական տարրը, անոր կացութիւնը, ցաւալի պարագաները, դարմանի եղանակները, ապագային պէտքերը, նպատակայարմար միջոցները, մայրաքաղաքացւոց միտքէն հեռու էին. գաւառի արթուն եւ ուշիմ, եռանդոտ եւ անշահասէր զաւակը պէտք էր այդ կէտերը երեւան հանելու, ծանօթացնելու եւ հետապնդելու համար»: Ազգային ժողովին մէջ Գրիգոր Օտեան առաջադրեց Խրիմեան Հայրիկի թեկնածութիւնը: Ժողովականներուն մէջ հասունցաւ այն միտքը, որ հայ ազգի գաղափարներու եւ զգացումներու հարազատ թարգմանը հանդիսացող յարմարագոյն անձը կրնայ ըլլալ իր ժողովուրդին համար աշխատող եւ տառապող Տարօնի արիասիրտ առաջնորդը` Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեան:

Երեւանը երգերու մէջ Շարունակութիւն էջ 27-էն

նով, կը շարունակեն քերթուածներ ու երգեր ձօնել անոր. Երեւանս, Երեւանս, Անգին քարս, անգին քարէ վարդս … (խօսք եւ երժշ. Թաթա Սիմոնեան) Լուսաշող, հիւրընկալ, հեռուէն եկող, հեռուին նայող քաղաքամայր մեր Երեւան, խաղաղ ու լուսաւոր ըլլան ներկադ ու ապագադ: Երգդ անսպառ: Եւ ես ունեմ մի մեծ երազ, Որ մնայ ջինջ երկինքը քո: ……………………………….

Երեւան, Երեւան, Իմ միակ օթեւան, Ես կ’անցնեմ, կը գնամ, Դու ապրիր յաւիտեան: («Երեւան, Երեւան» խօսք՝ Արամայիս Սահակեան երժշ. Արմէն Մանդակունեան)


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 33

Հայ մամուլի տարի.ՀԱՄԱՑԱՆՑ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ, ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԵԶՈՎԲՈՍԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ Շարունակութիւն էջ 14-էն

քէները, կագ ու կռիւը փռելով համացանցի ալիքներուն վրայ: Այսինքն մեր կեանքերու թատրոնը կը դնենք ալիքներու վրայ, մեր կօշիկը կամ պատրաստած ճաշը, մեր պտոյտը եւ հանդիպումը: Մեր մտերմութենէն կը հրաժարինք, կ’ըլլանք ուրիշի սեփականութիւնը:

Բարեկամ մը, որ ոչ գրող է եւ ոչ ալ լրագրող, իմաստութեամբ ըսաւ, որ այս «ցանցերը դադրեցան connecting people ըլլալէ, դարձան abusing people»: Պէտք է յուսալ որ օր մը ողջախոհութիւնը կ’ըլլայ համատարած եւ կը յաղթէ…

Համացանցը նաեւ որպէս հաղորդակցական միջոց պայքարներու, սուտի, մրցակցութեան բեմ կը դարձնենք: Այլեւս մտերմութիւն չունինք, գաղտնիք չունինք: Ինչ որ կ’ընենք եւ կը մտածենք ընկերային ցանցերու արեւին տակ փռենք, աղտոտ լաթեր եւ լուացք: Մենք մեզ կը զրկենք մեր գաղտնի պարտէզներէն: Ֆրանսացի մեծ գրող եւ մտաւորական Անտրէ Մալռօ ըսած է. «Մարդը, խեղճ կոյտը գաղտնիքներու… Կ’աղաչեմ, զայն չսպաննենք, ան մարդկայնութեան եւ ազատութեան մեր մասն է»: Ընկերային ցանցերու վրայ մարդը կը մեռնի իր ինքնութեան գաղտնիքները կորսնցնելով: Ընկերային ցանցերը երբ կը չարաշահուին, գինը կը վճարէ շարքային քաղաքացին: Այսօր մենք չենք իւրացուցած անոնց պարկեշտ գործածութեան ոճը: Անոնք նորութիւն են: Դեռ մեր կրթական-մշակութային քաղաքակրթութիւնը չեն:

«ՓՈՐՁԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐԵԼ» Շարունակութիւն էջ 26-էն

Ա. Աշխարհամարտի պատմութեան դասը առկայ է ամբողջ մարդկութեան համար, ներառեալ հայուն: Այս առումով, վարչապետը ըսաւ. «Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներուն թշուառութեան վրայ, ո՛չ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշուոյն»: Դարձեալ կ՛անդրադառնանք Ռապըրթ Ֆիսքին, այս անգամ կեդրոնանալով անոր վերլուծումին, որ կը վերաբերի բոլոր այս յիշատակումներուն: «Կը զարմանամ այն խոր լռութեան, որ կը ցուցաբերուի Ա. Աշխարհամարտի այն զոհերուն նկատմամբ, որոնց աչքերը այնքան կապոյտ չէին` ինչքան մերը, որոնց մորթը այնքան ճերմակ չէր որքան մերը, եւ այն իրականութեան, որ անոնց ցաւերը տակաւին կը շարունակուին Ա. Աշխարհամարտէն ցայսօր», կը գրէ Ֆիսք: Այս ցաւին մէջ է նաեւ իմ` հայուն եւ հայ ժողովուրդին ցաւը, որ տակաւին կը շարունակուի` Ա. Աշխարհամարտէն մինչեւ օրս:

Սակայն կայ այսօրը, որուն ընդմէջէն կ’արտացոլայ նաեւ վաղուան տեսլականը: Երբեմն կը վերանայիմ Աւետիս Ճէպէճեանի` մեծ հօրս կեանքը, անոր ուխտը եւ հաւատարմութիւնը, ու կը տեսնեմ մեր ընտանիքի ցեղասպանուած քսանեւհինգ նահատակներու կեանքերը: Տակաւին չենք խօսիր մէկուկէս միլիոն հայու թափած արեան մասին… Հայը միշտ ալ պահեց իր ուխտը եւ հաւատարմութիւնը, եւ իր կեանքին գնով ծառայեց այդ ուխտին` խաղաղութեան ու հաւատարիմ մնաց այդ ընտրանքին: Հայը ազգասէր է, եւ իր արդար պահանջատիրութիւնը չի դներ այլ ժողովուրդներու հաշուոյն: Ընդհակառակն` հայուն պահանջատիրութիւնը կը միտի հասնիլ արդար համակարգի մը, որ բոլորին ձեռնտու է, ներառեալ` հայուն: «Փորձենք խաղաղութիւն ընտրել»: Այս է հայուն ուխտը եւ հաւատարմութիւնը: Խաղաղութեան ընտրանքը` արդար համակարգի մը ընդմէջէն:

Դեկտեմբեր 2018


Էջ 34

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

«Թէքէեան Կեդրոն» Երեւան

«Սեւ ու Սպիտակ» կամ «Black & White»

«Թէքէեան Կենտրոն» հիմնադրամի եւ PhotoPodium.com կայքի համագործակցութեամբ Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն»ի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «B & W» /Black & White/ միջազգային լուսանկարչական ցուցահանդէսին: Ներկայացուած են 119 լուսանըկարներ 24 հեղինակներէ․ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, ԱՄՆէն, Ուքրանիաէն, Լեհաստանէն եւ Իսրայէլէն։ Ցուցահանդէսի նիւթը սեւ ու սպիտակ լուսանըկարչութիւնն է, որը դասական կը համարուի եւ գոյութիւն ունի աւելի քան հարիւր տարի: Ինչպէս նշեց ԹԿՀ տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը ողջոյնի իր խօսքին մէջ, ժանրային սահմանափակումի չըգոյութիւնը առաւելութիւն է որպէսզի ցուցահանդէսը աւելի հետաքրքրական ըլլայ, քանի որ ներկայացուած աշխատանքները միաւորողը միայն սեւ ու սպիտակն են։ Այսօր ալ լուսանկարչութեան այս ոճը չէ կորցրած իր արդիականութիւնը: Սեւ-սպիտակ լուսանըկարչութիւնը երբեմն շատ աւելի ճշգրիտ ձեւով ցոյց կուտայ այս կամ այն աշխատանքի, ստեղծագործութեան գաղափարը, մտահղացումը, հանդիսատեսի ուշադրութիւնը չշեղելով գոյներով: Այն աւելի լակոնիկ է, հանելուկային եւ անգամ առեղծուածային: «Հայ լուսանկարիչներ» ազգային միութեան նախագահ Սերկէյ Յակոբեանը բարձր գնահատան-

քի արժանացնելով «Թէքէեան Կենտրոն» հիմնադրամի եւ PhotoPodium.com կայքի՝ մասնաւորապէս վերջինիս հայաստանեան ներկայեացուցիչ Արմէն Ենգոեանի ջանքերը լուսանկարչական ցուցահանդէսներ կազմակերպելու ուղղութեամբ, նշեց նաեւ. «Այսօր արդէն մտահոգիչ է ցուցահանդէսներ այցելողներու թիւը: Ուստի, այսօրինակ ցուցահանդէսները պարզապէս անհրաժեշտութիւն են, քանի որ կ’օգնեն հասարակութեանը կտրուել թուային տեխնոլոգիաներով ցուցահանդէսներ այցելելուց, թուային տեխնոլոկիաներով երեխայ դաստիարակելուց... Պէտք է գիրքը կարդալ ձեռքերում բռնած, իսկ լուսանկարն էլ նայել էքսպոզիցիոն պատերին կախուած...» «Հայաստանում միջազգային լուսանկարչութիւնը շարունակաբար ներկայացնելով՝ նոյն մեխին անընդհատ խփելով, փորձում ենք ապացուցել, որ լուսանկարչութիւնն էլ արուեստ է»․ - աւելցուց Արմէն Ենգոեանը. Ցուցահանդէսին ներկայացուած են PhotoPodium.com կայքի մէջ իրենց ստեղծագորութիւնները ցուցադրող ու կայքի գործունէութիւնը ապահովող, ինչպէս նաեւ կայքի ցուցահանդէսային գործունէութիւնը կազմակերպող հեղինակներու աշխատանքները: Շարունակութիւնը էջ 35


Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019

Հայ Կեանք

Էջ 35

«Սեւ ու Սպիտակ» կամ «Black & White» Շարունակութիւն էջ 34-էն

Ցուցադրութիւնը հնարաւորութիւն կուտայ գնահատելու կայքի պատասխանատուներու եւ կամաւորներու, գործընկերներու գեղարուեստական ճաշակը, լուսանկարչական հմտութիւնները ու վարպետութիւնը: Նշենք, որ ցուցահանդէսը կ’անցկացուի նաեւ Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի, Ռու-

սաստանի նկարիչներու ստեղծագործական միութեան ցուցահանդէսային եւ կրթական ծրագիրներու եւ «Մոսկովեան հանրագիտարաններ» հիմնադրամի աջակցութեամբ: «B & W» ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Փետրուար 5 եւ մուտքը ազատ է։

Շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանի յոբելեանին նուիրուած նամականիշ կատագիրը, հայ մարդու կեցութիւնը, ընթացիկ կեանքի խնդիրները, հասարակական, քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող հարցերը»,- նշած է գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: Անոր խօսքով` Կապուտիկեանը հայ կնոջ, հայ մօր, մայրիշխանութենէն եկած արթուն բնազդով մարդ էր, որ կը փափաքէր պահպանել երկիրը, հայ քաղաքացին, սատարել սփիւռքահայերուն: «Անոր «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութիւնը դարձաւ Սփիւռքի լեզուապահպանման հիմքը»,- շեշտած է Միլիտոնեան:

Գրող, բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին, անոր նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի կողմէ հրապարակուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է մեծանուն գրողի նամականիշը: Հրապարակման հանդիսաւոր արարողութիւնը իրականացած է Յունուար 22-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ «Կապուտիկեանը, խորապէս ճանչնալով իր եւ իր ժողովուրդին անցեալը, կենսագրութիւնը, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ արտայայտեց հայու ճա-

120 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագըրատան մէջ` 30․000 տպաքանակով: Նամականիշին ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեան: Նամականիշին վրայ պատկերուած է Սիլվա Կապուտիկեանը` իր հերթական ստեղծագործութեան վրայ աշխատելու պահուն:

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Էջ 36

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.