Հայ Կեանք թիւ 07(68) 29-03-2019

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 7(68)

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Փաշինեան եւ Մետվետեւ քննարկած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յառաջիկայ նիստը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի՝ Ապրիլ 30-ին Երեւանի մէջ կայանալիք նիստը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է ՌԴ նախարարներու խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը: «Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի՝ Ապրիլ 30-ին Երեւանի մէջ կայանալիք նիստի օրակարգը, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մի քանի հրատապ հարցեր»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Տարածքներու յանձնումը Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան ոչնչացումն է». Մասիս Մայիլեան յստակեցուցած է բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման վերաբերեալ Երեւանի ու Ստեփանակերտի մօտեցումները նոյնն են։ «Մենք խօսում ենք Արցախի՝ բանակցային սեղան վերադառնալու մասին՝ ելնելով բանակցային գործընթացում իրական առաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնից։ Եռակողմ բանակցութիւնների վերականգնման համար առկայ են անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները»,-ըսած է ան։

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան «Ռեգնում» գործակալութեան գլխաւոր խմբագրին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի, Արցախի ունեցած մտահոգութիւններու մասին։ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով իշխանոփոխութենէն ետք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հանդիպումներու աշխուժացման, նշած է, որ կողմերը կը ցանկան ծանօթանալ ատըրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման մօտեցումներուն։ Ինչ կը վերաբերի Արցախը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին, Մասիս Մայիլեանը

ԱԳ նախարարը ընդգծած է, ինչպէս ցոյց տուած է ժամանակը այդ ձեւաչափը ամենաարդիւնաւէտը եղած է։ Այդ ձեւաչափով ձեռք բերուած է միակ շօշափելի արդիւնքը՝ հրադադարի վերաբերեալ, որ կնքուած է 1994-ի 12 Մայիսին, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Տարածքներ յանձնելու վերաբերեալ Արցախի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ ուղղակիօրէն կը ոչնչացնէ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը, ինչը վտանգի տակ կը դնէ պատմական հայրենիքի մէջ բնիկ ժողովուրդի գոյութիւնը։ «Ատրպէյճանի ղեկավարի յայտարարութիւններից կարելի է հետեւութիւն անել, որ պաշտօնական Պաքուի ռազմավարական նպատակը ոչ միայն Շարունակութիւնը էջ 2


Էջ 2

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահին Մարտ 24-ին Ն.Ս. Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին` ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ, ՀԲԸՄՀայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի ուղեկցութեամբ: Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄի նախագահը անդրադարձան Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄի միջեւ ձեւաւորուած բազմամեայ համագործակցութեան, որ կ’ընդգրկէ եկեղեցաշինական, կըրթական եւ ընկերային զանազան ծրագիրներ: Մասնաւորապէս կարեւորուեցան ՀԲԸՄի աջակցութեամբ տարիներ շարունակ համատեղ իրականացուող Հայորդեաց տուներու ու բարեգործական ճաշարաններու գործունէութիւնը ու անոնց ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գնահատանքով արձանագրեց ՀԲԸՄի շարունակական զօրակցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ` Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի զօրացման եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան ի նպաստ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն: Գարեգին Բ․ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեանը անդրադարձան նաեւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Միութեան կողմէ Սփիւռքի համայնքներու մէջ իրականացուող ազգօգուտ ծրագրերու մասին, որոնք միտուած են Սփիւռքի համայնքային կեանքի աշխուժացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ու զարգացման: Խօսելով հայրենիքի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման մասին` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄի նախագահը կարեւորեցին Սփիւռքի մասնակցութիւնը: Այս իմաստով շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ համահայկական ներուժի` հայրենիքի ապահովութեան ու բարօրութեան ծառայեցնելու կարեւորութիւնը:

«Տարածքներու յանձնումը Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան ոչնչացումն է». Մասիս Մայիլեան

“Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան

Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան

Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com

News in Pages 15-22

Շարունակութիւն էջ 1-էն

Արցախի գրաւումն է, այլեւ Սիւնիքի մարզի, նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի։ Մենք պէտք է լրջօրէն վերաբերուենք Ատրպէյճանի նախագահի ու զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան յայտարարութիւններին եւ չհեշտացընենք իրենց ռազմավարական նպատակին հասնելու ճանապարհը։ Ընդհակառակը, պէտք է շարունակել ձեռնարկել անհրաժեշտ ռազմական ու քաղաքական, դիւանագիտական քայլեր՝ զսպելու այդ երկրի ղեկավարութեան ակրեսիւութիւնն ու զաւթողական մտադրութիւնները»,-ըսած է ան։

Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 3

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանը քննարկուէր սփիւռքահայ կառոյցներու հետ՝ խուսափելու համար յետ որոշումի յառաջացած հակազդեցութիւններէն: Հայրենիքի մէջ գործող դրամատնային համակարգի մը որպէս տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ սփիւռքահայ գործարար Յակոբ Գասարճեան նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց հայրենի տնտեսութեան զարգացումին հետ կապուած կարգ մը առաջարկներ:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր նստավայրին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցեր: Յակոբ Գասարճեան պրն. նախագահին յայտնեց իր տեսակէտը Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումի հարցին շուրջ՝ շեշտելով, որ ինչպէս որեւէ որոշում, որ որոշ քննարկումներէ պէտք է բխի, Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման նման ուղղակիօրէն հայկական Սփիւռքին հետ առնչուող հարց մը լաւ պիտի ըլլար, եթէ նախ շինիչ կերպով

Որպէս ատենապետ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին՝ Յակոբ Գասարճեան ՀՀ նախագահին վերաքաղ մը կատարեց ԹՄՄ-ի անցեալի եւ ներկայի գործունէութեանց: ՀՀ նախագահը, քաջածանօթ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հայրենիք-Սփիւռք կամրջումի դերին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԹՄՄ-ի մասին, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ իր առաքելութեան, միշտ յաջողած է հայրենիքի շունչն ու ոգին վար պահել սփիւռքահայ այն համայնքներուն մէջ, ուր ան գործած է: Այս ուղղութեամբ՝ Գասարճեան ՀՀ նախագահին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի համաշխարհային առումով ԹՄՄ-ի վերին մարմին մը հաստատել՝ աւելի համակարգուած կերպով յառաջ տանելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Աւարտին, նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց պրն. Գասարճեանին եւ իր ներկայացուցած միութեան՝ յարատեւ վերելք եւ զարգացում մաղթելով անոր ազգօգուտ գործունէութեանց:

Կլատիս Պերեճիքլեան դարձաւ Նոր Հարաւային Ուէյլզի առաջին ընտրուած կին վարչապետը Կլատիս Պերեճիքլեան՝ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթած է` դառնալով առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է նահանգի վարչապետի պաշտօնին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով The Sydney Morning Herald-ը: Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը` Ազատական կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն իր հիմնական մրցակիցին` Աշխատաւորական կուսակցութեան: Ընտրութիւններուն յաղթանակի լուրը իմանալէն ետք Պերեճիքլեան փորձած է զսպել արցունքները` յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ»: «Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ՛ապրինք: Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ՛ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը»,- ըսած է ան յաղթանակէն ետք իր կողմնակիցներուն առջեւ ունեցած ելոյթի ժամանակ:


Էջ 4

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Զախարովա Արցախի մասնակցութեան վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ Մոսկուայի մէջ կայացած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցը, որու ընթացքին վերջինս մեկնաբանած է Ռուսաստանի դիրքորոշումը ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութեան հարցի շուրջ: «Ռուսաստանը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, բազմիցս կարծիք յայտնած է բանակցային ձեւաչափի մասին, որու փոփոխութիւնը հնարաւոր է կողմերու համաձայնութեամբ: Եթէ Երեւանն ու Պաքուն պայմանաւորուին, որ Լեռնային Ղարաբաղը կրկին պէտք է ներկայացուի բանակցութիւններուն, ապա այդ կ’ըլլայ կողմերու որոշումը, եւ մենք կը յարգենք այն», – ըսած է Մարիա Զախարովան: Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս դիրքորոշումը կը կիսեն Մինսքի խումբի համանախագահներու «եռեակ»ի միւս անդամները: Պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ Մարիա Զախարովան նշած է, որ կողմերու՝ ցանկութիւն յայտնելու եւ ռուսական կողմին նման հարցով դիմելու պարագային ՌԴ-ն 5 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ (Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն) երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու գագաթնաժողովին կրնայ հարթակ տրամադրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման համար:

Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւնը Պաքուն ծանր դրութեան մատնած է. BBC

BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներու նմանակումին: Թուարկելով երեւութական բարեփոխումներու պատճառները՝ հեղինակը կ՛ընդգծէ շրջանային գործընթացներու, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ Ապրիլեան իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը: «Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ իշխանափոխութիւնը ծանր դրութեան մէջ դրած են Պաքուն, ուր չէին սպասեր դրացի երկրին մէջ այսպիսի զարգացումներու, նկատի ունենալով Երեւանի՝ Ռուսիայէն ուժեղ կախուածութեան հանգամանքը»,- ըստ “Ասպարէզ”ի՝ կը նշուի հրապարակման մէջ: Նշուած է նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներու քաղաքականութեան մէջ առաջուան

պէս կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ առաջինը ըլլալու եւ Արեւմուտքի աչքին «կարեւոր գործընկեր»ի դերը ստանձնելու մրցակցութիւնը: «Եթէ նախապէս Ատրպէյճան ինքնիրեն կը համարէր Հարաւային Կովկասի առաջատարը Արեւմուտքի ապահովութեան շահերուն (առաջին հերթին քարիւղի եւ հաղորդակցութեան) սպասարկման տեսանկիւնէն, ներկայիս քարիւղի համաշխարհային շուկայի իրավիճակի փոփոխութեան պայմաններուն մէջ, ուժանիւթի նախագիծերը կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ արտաքին գործօններու կարեւորութիւնը իշխանութեան օրինականութեան մէջ կը տկարանայ, եւ երկիրին առաջնորդը ստիպուած է դիմելու հասարակութեան՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար», – կ՛ըսուի BBC-ի յօդուածին մէջ: Այնտեղ կը նշուի նաեւ, որ ներքին աջակցութիւնը կարեւոր է Ատրպէյճանի համար նաեւ այն պատճառով, որ անիկա «անմիջականօրէն կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի ապահովութեան ամենակարեւոր հարցին՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վրայ»:

Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 5

Համախմբում Եւրոպայի Հայոց թեմերու առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու ու առաջնորդական տեղապահներու հայերու եւ պուլկարացիներու բարեկամական յարաբերութիւններու, ընդհանուր քրիստոնէական արժէքներու ու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն մասին: Նոյն օրը համախմբման մասնակիցները հանդիպեցան Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգըսեանի հետ, քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ Հայ եկեղեցւոյ թեմերու եւ ՀՀ դեսպանութիւններու, հիւպատոսութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, պուլկարահայ համայնքին եւ հայապահպանութեան վերաբերող հարցեր: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ մէջ Հայոց թեմէն ներս կաթողիկոսական լիազօր ներկայացուցիչ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հրաւէրով Մարտ 7-10 Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հայոց թեմերու առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու ու առաջնորդական տեղապահներու քառօրեայ համախմբում:

Համախմբման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Եւրոպայի հայոց թեմերու եւ եւրոպահայ համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն առնչուող, ազգայինեկեղեցական համընդհանուր կարեւորութեան հարցեր եւ ընդունուեցան շարք մը կարեւոր որոշումներ։

Ինչպէս «Հայերն այսօր»ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, համախմբման կը մասնակցէին Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան (Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց թեմէն ներս կաթողիկոսական լիազօր ներկայացուցիչ), Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ), Տ. Վահան եպս. Յովհաննիսեան (Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան (Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Սերովբէ վրդ. Իսախանեան (Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Գուսան վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ), Տ. Տիրան վրդ. Պետրոսեան (Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ), Տ. Խորէն վրդ. Առաքելեան (Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ), Ռուսէի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Տիրայր քահանան Հադաւեան, Փլովտիվի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Հրաչ քահանայ Մուրադեան, Պուրկասի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Պօղոս քահանայ Միքայէլեան:

BraVo մրցանակը յետ մահու շնորհուած է Շառլ Ազնաւուրին

Մարտ 8-ին համախմբման մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան Պուլկարիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք եւ Սոֆիայի Մետրոփոլիտ Նորին Սրբութիւն Նէոֆիտի եւ պետական բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին խօսուեցան երկու ժողովուրդներու`

«Համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդի համար» BraVo միջազգային արհեստավարժ երաժշտական մրցանակը յետ մահու շնորհուած է ֆրանսացի երգիչերաժիշտ Շառլ Ազնաւուրին: Դափնեկիրներու յայտարարութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մարտ 21-ին, Քրեմլինի պետական պալատին մէջ, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը:


Էջ 6

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Ալապամա դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 49-րդ նահանգը խումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան ողջունեց հռչակագիրին հրապարակումը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ նահանգապետ Քէյ Այվի իր այս քայլով ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան մասին պատմական իրականութիւններ պէտք չէ պատանդ դառնան զանոնք ուրացողներուն եւ անոնցմէ շահեր փընտռողներուն։ Մեսրոպեան նաեւ դրուատեց այս գծով Ալապամայի հայութեան տարած աշխատանքը։

ՄՈՊԻԼ, Ալապամա.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 20 Մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ալապամա դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 49-րդ նահանգը, երբ նահանգապետ Քէյ Այվի պաշտօնական հռչակագիրով մը հաստատեց, թէ 1915-1923-ի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած երեք միլիոն հայերու, յոյներու եւ ասորիներու սպանդը համազօր է ցեղասպանական ոճիրի։ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնա-

Նահանգապետին հռչակագիրին մէջ ակնարկութիւն կայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ցուցաբերուած ամերիկան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին ցուցաբերած օժանդակութեանց եւ անոնց մէջ Ալապամայի ժողովուրդին ունեցած դերակատարութեան։ «Հպարտ եմ, որ Ալապամայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մեր բարեկամներուն աջակցութեամբ կարելի եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այս քայլը իրականացնել», յայտարարեց Ալապամայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն Ճեք Յակոբեան։ Նշենք, որ միայն Միսիսիփիի նահանգն է, որ ցարդ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

Պաքու կը պատասխանէ բանակցութեան ձեւաչափը «Վերականգնել»ու Փաշինեանի յայտարարութեան Մարտ 22-ին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ «Հայաստանի վարչապետի դատողութիւնը, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը բանակցային սեղանին շուրջ ոչ թէ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, այլ ձեւաչափի վերականգնման առաջարկ է», ենթակայ է պարզաբանման, որովհետեւ չկան այնպիսի փաստաթուղթեր եւ որոշումներ, որոնք կրնան հիմնաւորել նման պնդում մը»: Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 20-ին յայտարարած էր, թէ Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու առաջարկը ոչ թէ ձեւաչափի փոփոխութեան, այլ բանակցային ձեւաչափը վերականգնելու առաջարկ է՝ յիշեցնելով, որ 1994-ի հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրուած էր հակամարտող երեք կողմերուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իսկ անկէ ետք այդ ձեւաչափը ամրագրուած էր միջազգային այլ փաստաթուղթերու մէջ:


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 7

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԽՈՀԵՐ - ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ ԵՒ ԽՈՍՏԱՆԱԼ Գործքով վերադառնալ դէպի Աստուած Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. քհնա. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկու ուղղութեամբ Մեծ Պահքի հոգեւոր պատրաստութեան շըրջանը սկսաւ Մարտ 4-ին, եւ մեզի պարտք կ՚իյնայ յիշեցնել մեր հաւատացեալներուն ապաշխարանքով եւ խոստովանանքով խոստանալ Աստուծոյ իր պարգեւած ներման շնորհին, գործքով պատասխանել եւ ոչ միայն կրաւորական սպասումով։ Ենթակայական ըլլալ այնքան կենսական է այս պարագային որքան ապաւինիլ Աստուծոյ շնորհաց։ Խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան Հայ Եկեղեցւոյ ընծայած առիթը մէկ ուղղութեամբ չէ որ պիտի ընկալենք, այլ երկու ուղղութեամբ, խոստովանելով եւ խոստանալով, նախ Աստուծմէ դէպի հաւատացեալը, եւ փոխադարձաբար երկրորդ ուղղութեամբ՝ մարդոցմէ դէպի Աստուած, գործքով եւ վճռական որոշումներով, այլապէս միայն ապաւինիլ «Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ» ներողամիտ պարգեւին եւ ձեռնածալ սպասել մեր մեղաց թողութեան, կը մնայ ձեւական եւ ապարդիւն։ Երբ ուշադիր կարդանք ինչ որ ամէն Կիրակի խմբական կամ անձնական խոստովանանքի ատեն կ՚արտասանենք, ամէն մէկ հատուածի մէջ ոչ միայն կը խոստովանինք մեր մեղքերը, կեանքի մէջ գործելի գրեթէ ամէն մեղք թուելով, այլ կը խոստանանք նաեւ զանոնք չկրկնել, նոյնիսկ եթէ հետզհետէ եւ ոչ միանգամայն։ Առիթը օգտագործելով կարելի չէ Աստուծոյ շնորհած քաւութեան եւ մաքրութեան դիմաց մնալ կրաւորական, ըսելով որ «ամէն Կիրակի առիթը ունիմ մեղքերս խոստովանելու» դիւրին ճամբան գտած ըլլալով։ Խոստովանանքին «գինը» պէտք է վճարել, որ է վճռական խոստումը։ «Մարդ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն», որ կը նշանակէ աստուածային կայծ մը կայ ամէն մարդուս մէջ որ կարող կը դարձնէ միտքով եւ հոգիով, կամքով եւ ներքին արիութեամբ, գործքով պատասխանել նոյն շնորհաց։ Խոստովանիլ եւ խոստանալ զիրար պէտք է լրացնեն, այլապէս կը թերանանք մարդկային մեր պարտաւորութեանը մէջ «օգնելու» Աստուծոյ տուած պարգեւին մէջ, մենք մեզի չօգնած ըլլալով, եւ մեղքի կեանքը շարունակելով ։

Խոստովանանք Երբ հաւատացեալներ կը կարդան եւ կամ կը լսեն խոստովանանքի յատուկ մեղքերը, այնտեղ նաեւ լռելեայն կը խոստանան որ «չարաբանութիւն, սուտ, բամբասանք, հայհոյութիւն, որկրամոլութիւն, եւ «յարակից այլ մեղքեր» չգործեն։ Վստահաբար խոստումը Աստուծոյ չի պատկանիր, այլ մեղաւոր մարդուն, որուն վրայ պարտք կ՚իյնայ իր առօրեայ գործերու ընթացքին յիշել որ նոյն մեղքերը պիտի չգործէ որքան մարդկայնօրէն կարելի է, մասնաւորաբար Մեծ Պահքի այս շրջանին, երբ քրիստոնեան ուտելիքի եւ հաճոյքներու չափն ու կշիռը իրենց

նուազագոյնին պէտք է իջեցնէ։ Աստուածատուր «պատկերը» պէտք է վերականգնի մարդուս մէջ եւ անով զինուած ան պիտի խոստանայ խոստովանած մեղքերը նախ նուազեցնել եւ ապա բոլորովին իր կեանքէն մաքրել։ Երբ իւրաքանչիւր ինը ցանկագրուած տուներուն մէջ ճշգրիտ մեղքերուն անուանումը կը կատարուի, հաւատացեալը ինք կ՚ըլլայ այդ մեղքերուն ենթական, քանի որ առաջին դէմքով շարադրուած են անոնք։ Միայն թուելով եւ խոստովանելով չէ որ մարդիկ կը բանան իրենց ներքին աշխարհը Աստուծոյ առջեւ, այլ զանոնք իրենց բերնէն եւ սիրտէն «մեղայ Աստուծոյ», այսինքն «Աստուծոյ առջեւ մեղք գործեցի» յայտարարելով ներքնապէս կը համոզուին, որ այդ մեղքերը այլեւս կրկնուելու չեն գործնապէս, ինչպէս ընդհակառակը կը կրկնուին շնորհաց աղբիւրը եղող «Աստուծոյ թողութիւնը», որ միեւնոյն ատեն չի կրնար պատեհութեանց օգտագործման առիթ ընծայել։ Աստուծոյ հետ «սակարկութիւն» չէ այդ յարաբերութիւնը, «այսօր կը ջանամ մեղք չգործել, եւ սակայն վաղուան մասին վստահ չեմ» ըսելով։ Ապաշխարութեան մասին աստուածաբանական մօտեցումները թերի կը մնան, ըլլալով հանդերձ տեսականօրէն ճիշդ, իմաստասիրական մտորումները եւս կը մնան ակադեմական։ Հաւատացեալը անոնց կարիքը չունի եւ կամ չի հասկնար։ Առաջին պատեհութեամբ եւ անպայման ան պիտի դիմէ Աւետարանին։

Տիրոջ առակներն ու հրաշքները Հաւատացեալին համար Աւետարանական պարզ դասերն են հարկաւոր, այն բոլոր առակները, որոնք Տիրոջ կողմէ խօսուած են գլխաւորութեամբ փարիսեցիի եւ մաքսաւորի, անառակ որդիին եւ իր հօր վերաբերմունքը, եւ նման բազմաթիւ առակներու, որոնք հաւատացեալ մարդուն պիտի օգնեն իր խոստովանանքէն ետք «վերադառնալ», ինչպէս անառակ որդին առանց գիտնալու «ապաշխարեց», հակառակ ուղղութեամբ, վատնելով ամէն ինչ եւ Շարունակութիւնը էջ 8


Հայ Կեանք

Էջ 8

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԽՈՀԵՐ - ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ ԵՒ ԽՈՍՏԱՆԱԼ Գործքով վերադառնալ դէպի Աստուած Շարունակութիւն էջ 7-էն

սակայն վերադարձաւ իր հօրը տունը, վերյիշելով ամէն բարիք, ամէն ապաւէն փորձելով ու թշուառ մնալով։ Նոյնպէս նաեւ Տիրոջ կատարած այնքան խօսուն եւ դաստիարակիչ հրաշքները որոնք ամրապէս հիմնուած եղան մեղքի քաւութեան վրայ։ Եթէ հաւատացեալը իր խոստովանանքով պիտի բուժուի, նախ հիւանդ եւ մեղաւոր ըլլալը պիտի ընդունի եւ Տիրոջ հրաշքով պիտի բուժուի, միշտ յիշելով որ մեղքն է հոգիին հիւանդութիւնը, այնպէս ինչպէս հիւանդութիւնը՝ մարմինին։ «Քաւեալ լիցին քեզ մեղք քո» եղած է Քրիստոսի կատարած ամէն մէկ հրաշքի պայմանը, որ պարզապէս կը նշանակէ թէ ինչ որ հիւանդութիւնն է մարմնին համար, մեղքն ալ նոյնն է հոգիին համար։ Յիսուսի կատարած բժշկութիւնները հիմնապէս կտրուկ այս է որ կը պատգամեն, գլխաւոր պայմանը հիւանդին հաւատքը ըլլալով, քանի որ հիւանդը եկած է կամ բերուած Յիսուսի մօտ հաւատքի ճամբով, եւ ոչ թէ փարիսեցիական խորամանկութեամբ «տեսնենք ինչ պիտի ընէ» մտածելով։ Առաւել եւս, հիւանդութեան տեսակն ու անոր հրաշքով բուժման հետ մարդուս տրուած է աստուածային առանձին եւ գործնական պատգամները։ Եթէ անդամալոյծը բժշկուեցաւ մեղքի թողութենէն ետք, Տիրոջ պատգամը զոյգ թելադրանքը եղաւ, մեղք չգործել եւ ուղիղ քալել։ Եթէ խուլն ու համր մարդը հաւատքով մօտեցաւ եւ բժշկութիւն խնդրեց, Տիրոջ պատգամը այս անգամ երեք եղաւ, մեղքերդ քաւուած են, ուղիղ խօսէ, խոստովանէ թէ ով բժշկեց քեզ։ Նոյնպէս մնացեալ բոլոր հրաշքները առանց բացառութեան։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Հայ Եկեղեցւոյ 12-րդ դարու տաղանդաւոր հայրապետը սքանչելի շարականներ ու աղօթքներ յօրինած է։ Անոնցմէ եթէ միայն «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուն աղօթքը ուշադրութեամբ կարդանք հոն եւս պիտի տեսնենք ապաշխարանքի վերաբերեալ համարներ, ուր խոստովանանքն ու խոստումը, կրաւորականն ու ենթակայականը զիրար կը գրկեն այնքան ներշնչիչ կերպով։ Այս աղօթքը եւս անձնական աղօթք մըն է, առաջին դէմքով գրուած, իւրաքանչիւր անձ ինք իրեն վերապահելով մեղքն ու խոստովանանքը, նաեւ խոստումն ու անոր գործադրութիւնը։ «Ամենախնամ Տէր», տունէն սկսեալ մինչեւ վերջ կը տեսնենք գործնական այն խնդրանքն ու պատգամը որուն մասին կը գրենք սոյն խոհերը։ Այսինքն, խոստանալ որ մեր միտքն ու հոգին, ականջն ու լեզուն, ձեռներն ու ոտները գործի լծուին, ուղիղ լսեն եւ ուղիղ գործեն։ Խղճմտանքս եւ մարմնոյս մեղքերը մաքրուին, կ՚ըսուի յաջորդ տունին մէջ, ոչ անպայման ծանրութիւնը Աստուծոյ վրայ բեռցնելով, այլ գիտակցելով որ ինք պիտի ըլլայ մեղքերու մաքրութեան ենթական ու պատասխանատուն։ «Իմաս-

տութիւն Հօր Յիսուս» համարին մէջ խորհիլ, խօսիլ եւ գործել «յամենայն ժամ» կ՚ըսէ հայրապետը, շեշտը ենթակայական եւ գործնական դարձնելով, եւ ոչ միայն կրաւորական։ «Չար սովորութիւններէ դէպի բարի սովորութիւններ» երթալը կը պահանջէ կամք եւ վճռակամութիւն, որուն հետեւանքով մեղքը պիտի սրբուի մեր կեանքէն ներս։ Շնորհալի Հայրապետի մէկ ուրիշ սրտագրաւ շարականին, «Տարածեալ ձեռք ընդ ձեռաց ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց» հոյակապ պատկերին մէջ, «ընդ» շաղկապը յարատեւ գործածուած է «փոխարէն» իմաստով, ուրկէ պատգամը կը հասնի մեզի, Խաչին վրայ գամուած ձեռքերուն եւ ոտքերուն փոխարէն, գործող եւ ընթացող մեր ձեռքերն ու ոտները պիտի շարունակեն Խաչեցեալին սկսած գործը։ Կեանքը պիտի տիրէ մահուան փոխարէն, կ՚ըսէ, եւ «եկեղեցին հաստատուելով» Յիսուսի կողէն բխած արեամբ եւ ջուրով, մին Սուրբ Պատարագի ընծայումով եւ միւսը՝ ջուրով Սուրբ Մկրտութեամբ։ Այս կը նշանակէ թէ հաւատացելոց խումբը որ սուրբ եկեղեցին կը կազմէ երկրի վրայ, պարտաւոր պիտի ըլլայ Խաչը կեանքի վերածելու գործքով, եւ այդ պիտի ըլլայ խոստովանանքին «գինը» իր ընդարձակ իմաստով, անձնականէն ընտանեկան, ընտանեկանէն համայնքային եւ առ հասարակ ի նպաստ մարդկութեան բարօրութեան։

Ժամագիրքը Մեր եկեղեցւոյ Ժամագիրքը եօթը ժամերգութիւններ կը պարունակէ, սաղմոսներով, աղօթքներով, մաղթանքներով եւ շարականներով հարուստ, ուր եւս կը գտնենք մեղքի եւ անոր Աստուծոյ եւ մարդոց յարաբերական կեցուածքի մասին։ Յատկապէս աղօթքներէն մին նկատի կ՚առնէ, օրինակի համար, «զի մի ունայն լիցին վաստակք ծառայից քոց»։ Հոս կը հասկնանք, որ հաւատացեալները աշխատանք ու վաստակ պէտք է յատկացնեն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ իրենց ընտանիքին համար, խնդրելով Աստուծմէ որ իրենց մեղքերը հակակշռուին անոնց հետ ու Աստուծոյ աչքին նուազ մեղաւոր ըլլան, երբ Շարունակութիւնը էջ 14


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 9

Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տուին Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին

Մարտ 17-ին, Պոլսոյ Քումքափը թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու հազարաւոր մարդոց մասնակցութեամբ հանդիսաւոր կերպով վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանին: Ան վախճանած էր Մարտ 8-ին, հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով CNN Turk-ը։ Վերջին օծման արարողութեան ներկայ գըտնուեցան Հայ Առաքելական եկեկեցւոյ չորս նուիրապետական թեմերու ներկայացուցիչները: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը եւ Մայր

Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը: Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն ժամանած էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեմէզեանը ու կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խորէն եպիսկոպոս Աշքարեանը: Հայ կաթողիկէ համայնքի ղեկավար Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքեանը, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գրիգոր Աղապալօղլուն, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոփոլիդ Եուսուֆ Չեթինը, ինչպէս նաեւ յոյն, կաթողիկէ, ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներ: Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ քաղաքական գործիչներու կարգին էին՝ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը, Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյը, Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Եէրլիքաեանը, քաղաքապետ Մեւլութ Ույսալը, ընդդիմադիր քեմալական «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութենէն (ԺՀԿ-CHP) Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էքրեմ Իմամօղլուն եւ այլք։ Եկեղեցի եկած էին նաեւ թրքական մէճլիսի հայազգի պատգամաւորներ Կարօ Փայլանը, Մարգար Եսայեանը, նախկին պատգամաւոր Սելինա Տողանը, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ: Չորս ժամ տեւած յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ղեկավարեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան ու արտասանեց դամբանական խօսքը իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եկեղեցւոյ խորանի մօտ կատարեց վերջին օծումը։ Ապա պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի սկսին Սուրբ Զատիկէն ետք, քանի սուգ յայտարարուած է պատրիարքի մահուան առիթով։


Էջ 10

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Լոյսերու մէջ թող ննջէ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏԷՃԵԱՆ

Մ

արտ ամիսը բախտաւոր ամիս մը չէ եղած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի պատմութեան մէջ։ Արդարեւ, 7 Մարտ թուականով էր, որ կորսընցուցինք սիրեցեալ Շնորհք Գալուստեան պատրիարքը, 10 Մարտ թուականով էր որ կորսնցուցինք Գարեգին Գազանճեան պատրիարքը, 8 Մարտ թուականով էր, որ հիմա կը կորսնցնենք Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքը։ Բայց անկասկած այս վերջինը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքի ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկը։ Փոթորիկներով լեցուն շրջան մը կը փակուի Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարք սրբազանին վախճանումով եւ կը բացուի նոր շրջան մը, ուրկէ ներս պիտի սպասենք որ կարգով լուծում գտնեն կուտակուած այն բոլոր հարցերը, որոնք ստեղծուած էին Մեսրոպ Սրբազանին տասը տարուան իշխանութեան յաջորդող 11 տարուան մահաքունի ընթացքին։ Այդ հարցերէն գլխաւորն ալ, անշուշտ, պատրիարքական ընտրութիւնն էր, որուն համար պետութենէն արտօնութիւն չէինք կրցած ստանալ։ Պատմութիւնը անտարակոյս շատ բան ունի ու պիտի ունենայ խօսելու այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանին մասին, երկարատեւ ժամանակաշրջան մը, որու ընթացքին մենք ականատեսը եղանք Մեսրոպ սրբազանի կեանքի չորս հանգրուաններուն։ Առաջինը այն շրջանն էր, զոր Մեսրոպ սրբազան որպէս վարդապետ գործեց Շնորհք Պատրիարքի պատրիարքութեան օրերուն, նախ որպէս Շնորհք պատրիարքի մօտիկ օգնականը, ապա Շնորհք պատրիարքի հետ հարցեր ունեցող հոգեւորական։ Երկրորդը այն շրջանն էր երբ Գազանճեան սրբազան պատրիարք ընտրուեցաւ։ Այդ շրջանին ալ Մեսրոպ սրբազան գործեց որպէս Գազանճեան պատրիարքին մօտիկ գործակիցը։ Երրորդը, որ թերեւս Մեսրոպ սրբազանի կեանքին ամէնէն փայլուն շրջանն է, անոր պատրիարքութեան շրջանն է, որ տեւեց տասը տարի եւ որ դրական ու շինիչ գործերով լեցուեցաւ՝ մինչեւ որ հիւանդութիւնը սկսաւ կրծել անոր առողջութիւնն ու գիտակցութիւնը։ Իսկ չորրորդ շրջանը այս վերջին 10-11 տարիներու շըրջանն է, որուն ընթացքին Մեսրոպ սրբազան մնաց ամբողջական մահաքունի մէջ, մարմնով ներկայ, գիտակցութեամբ բացակայ։ Ո՛չ մէկը կրնայ այս փոթորկոտ ու մեր Պատրիարքական Աթոռին համար բախտորոշ շրջանը լրիւ հասկնալ՝ եթէ չի գիտեր Մեսրոպ սրբազանի կեանքի վերոյիշեալ չորս շրջաններու պատմութիւնը։ Պատմութեան մէջ հաւանաբար բնաւ տեսնուած չէ, որ այսքան պատասխանատու ու հեղինակաւոր դէմք մը մահաքունի մէջ մնայ աւելի քան տասը տարի եւ լրիւ կորսնցնէ իր պարտականութիւնները կատարելու կարելիութիւնը։ Բայց զարմա-

նալի հակասութիւն մը կայ այս բոլորին մէջ։ Կարելի է ըսել որ եկեղեցական ո՛չ մէկ իշխանաւոր իր գահակալութեան ընթացքին կրցաւ մեր Պատրիարքական Աթոռին ու մեր եկեղեցական կեանքին վրայ այնքան իր մասնաւոր ու բախտորոշ դրոշմը դնել, որքան դրաւ Մեսրոպ սրբազան իր մահաքունի տարիներու ընթացքին։ Այսպէս է որ, հակառակ որ Աթոռը թափուր էր, չկրցանք Պատրիարքական ընտրութիւն իրականացնել։ Պետութիւնը որոշած էր ընտրութեան արտօնութիւն չտալ որքան ատեն որ Մեսրոպ սրբազան կը շարունակէր մնալ կեանքի մէջ, եթէ կարելի է «կեանքի մէջ» ըսել։ Մեսրոպ սրբազանը յանցաւոր չէր անշուշտ, եթէ իր մահաքունով արգելք կը հանդիսանար նոր ընտրութեան։ Բայց իրականութիւնն այն էր, որ արգելք կը հանդիսանար։ Ստեղծուած կացութիւնը ողբերգական էր, մարդկային արժանապատուութեան տէր ոեւէ հայ մարդ, որքան ալ տառապէր ու տուժէր Աթոռին թափուր մնացած ըլլալէն, չէր կրնար մաղթել որ Մեսրոպ սրբազան ժամ առաջ վախճանի։ Կրկնենք որ պատմութիւնը շատ բան պիտի պատմէ Մեսրոպ սրբազանի ապրած ու չապրած տարիներուն մասին, որոնք լեցուեցան ճերմակով ու սեւով։ Մենք ալ բնականաբար պիտի ունենանք մեր խօսքը։ Մեսրոպ սրբազան երեւոյթ մըն էր եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ այն վայրկեանը երբ փչեց իր վերջին շունչը։ Պատրիարքական շրջանին, ունեցաւ շինիչ գործունէութիւն, կրցաւ երիտասարդ սերունդները կապել Պատրիարքարանին ու մեր եկեղեցիին։ Թափ տուաւ մտաւորական գործունէութեան, նոր հորիզոններ բացաւ մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Եթէ երբեմն հարցեր ունեցանք իրեն հետ, այդ հարցերը լուծուեցան քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ։ Եւ հիմա, այդ Մեսրոպ սրբազանն է որ վերջնականապէս կը մեկնի իրեն հետ տանելով վաղուց թօշնած իր սիրուն ժպիտը։ Շարունակութիւնը էջ 11


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 11

Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն հիմնական յաւակնորդները Արամ ԱթԷշեանն ու Սեպուհ Չուլճեանն են վերջին զարգացումներուն ընթացքին: «Բայց ան ալ իր կողմնակիցները ունի», ըսաւ ան: Խօսելով մէկ այլ հաւանական թեկնածուի՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանին մասին՝ Էստուգեան նշեց, որ ան խոստումնալից է եւ թէ ան հաւանաբար հանդիպի պոլսեցի իր համակիրներուն հետ:

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը կը սկսի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքէն ետք, կը հաղորդէ “Թերթ”ը: «Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներուն մէկ մասը նախորդ անգամ հրաժարած էին մասնակցելէ ընտրութիւններուն: Հիմա ալ դժուար է ըսել, թէ անիկա ի՛նչ ընթացք պիտի ստանայ: Մինչեւ թեկնածուներուն առաջադրուիլը, նախ նամակ պէտք է ուղարկուի անոնց՝ պարզելու համար, թէ անոնք պիտի մասնակցի՞ն ընտրութիւններուն: Իսկ մինչ այդ պէտք է Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ կատարուին: Կրօնական ժողովը պէտք է տեղապահ ընտրէ, եւ այդ տեղապահը պէտք է կազմակերպէ ընտրութիւնները», ըսաւ Էսդուգեան: Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի թեկնածութեան անդրադառնալով, Էսդուգեան նկատեց, որ ան ինքզինք արդէն «մաշած է»

«Կը Կարծեմ, որ մրցակցութիւնը կ՛ըլլայ այս երկուքին միջեւ», ըսաւ Էսդուգեան: Պոլսահայ խըմբագիրը նկատեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, կը փորձեն աջակցիլ իրենց համար ցանկալի թեկնածու Արամ Աթէշեանին: «Բայց ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ որուն կ՛ուզէ ընտրել», ըսաւ ան: Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ, սահմանափակումներ ստեղծել թեկնածուներուն համար, որ վստահաբար մեծ աղմուկ կը յառաջացընէ: «Կրնան ըսել, որ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ միայն Թուրքիոյ մէջ ծնած եւ ծառայած հոգեւորականները: Իսկ ատիկա արդէն հարց է: Եթէ նման բան պարտադրուի, արդէն տեղի ունեցողը ընտրութիւն կարելի չէ անուանել», ըսաւ Էսդուգեան: Հայ համայնքը, ըստ Էսդուգեանի, հիմա պատրիարք ընտրելով՝ կ՛ուզէ իր արժանապատուութեան հարցը լուծել: «Հայու արժանապատուութիւնը բարձըր պահող պատրիարք պէտք է ունենանք: Այսինքն՝ կառավարութեան, մամուլին առջեւ հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարքի կարիքը ունինք», եզրակացուց ան:

Լոյսերու մէջ թող ննջէ Շարունակութիւն էջ 10-էն

Երէկուընէ ի վեր դարձեալ մտած ենք բախտորոշ նոր շրջանէ մը ներս։ Գիտենք որ հիմա պատրիարքական ընտրութեան հարցը դարձեալ առաջնակարգ պիտի դառնայ։ Պետութիւնը հաւանաբար այլեւս արգելք մը պիտի չտեսնէ Պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն տալու մէջ, այդ ընտրութեան կապակցութեամբ ալ հարցեր ու թերեւս պայքարներ պիտի ունենանք։ Բայց հերիք է։ Երանի՜ թէ ամէն ինչ այլեւս ընթանայ խաղաղ ու շինիչ պայմաններու մէջ եւ Պատրիարքական Աթոռը, որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին ներկայացուեցաւ Փոխանորդ Արամ Սրբազանի կողմէ, ունենայ իր արժանաւոր գահակալը։

ու անոր անբախտ տիրամայրը, թափուր է այլեւս, բայց ո՜վ ըսաւ որ թափուր է։ Ամբողջ պատմութիւն մը կայ այդ սենեակին մէջ եւ այդ պատմութիւնը հիմա թանգարանի մը նմանցուցած է այդ սենեակը։ Հոն տասը տարի իր որդւոյն քով ապրեցաւ նաեւ տառապեալ տիրամայր մը։ Տիրամայրը ամէն օր բռնեց իր որդւոյն ձեռքը ու աղօթեց անոր համար։ Հիմա գիտենք որ տխուր է ան, բայց զարմանալիօրէն կայ բան մըն ալ որ մարդուս, նոյնիսկ տիրամօր գոհունակութիւն պէտք է պատճառէ։ Այն է տեսնել, որ հիմա նոր էջ մը կը բացուի մեր ազգային, եկեղեցական ու մշակութային կեանքէն ներս։ Տա՛յ Աստուած, որ այդ նոր էջը լեցուի ուրախ եղելութիւններով, որոնք մեզի պիտի վերադարձնեն վերջին տասը տարուան ընթացքին մեր կորսնցուցածները։

Հիւանդանոցին մէջ այն սենեակը, ուր տասը տարի ապաստան գտան տառապեալ Պատրիարքն

Լոյսերու մէջ թող ննջէ Մեսրոպ պատրիարք սրբազանը։


Էջ 12

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Տեսակապով ասուլիս Եւրոպայի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ մութեան մէջ պիտի դառնայ կամուրջ Հայաստանի եւ համայնքներու միջեւ: Այս փոփոխութիւնները կատարուած են հաշուի առնելով նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան բացթողումները, թերութիւնները: Փորձ եղած է ձեւաւորել կառավարման գործիք: Բովանդակային առումով` օրակարգը մենք պիտի չթելադրենք, այն պիտի ձեւաւորուի քննարկումներու միջոցով: Պիտի պահպանուի նախարարութեան դրական փորձը:

Մարտ 21–ին Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան տեսակապով հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ողջունելով Եւրոպայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան համառօտ ներկայացուց նախարարութեան յետագայ կարգավիճակը, անդրադարձաւ Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարին եւ անոր գրասենեակի ապագայ գործունէութեան, կարեւորեց գրասենեակի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը:

Նոր ձեւաւորուող գրասենեակի հիմնական գործառոյթը Սփիւռքի հետ աշխատանքի ռազմավարութեան մշակումն է, ի հարկէ, քննարկելով Սփիւռքի ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, մասնագէտներու հետ», — նշեց Տէր Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ գրասենեակի հայեցակարգը մշակման փուլի մէջ է, եւ հենց հայեցակարգէն ալ կը բխին կառոյցի ռազմավարութիւնն ու օրէնսդրական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւնները: Լրագրողներու այն մտահոգութեան, թէ սփիւռքահայերու մեծամասնութիւնը կազմակերպուած համայնքային կեանքին չի մասնակցիր, ընդգրկուած չէ կառոյցներու մէջ, Բաբգէն Տէր Գրիգորեան պատասխանեց, որ գրասենեակը նպատակ ունի եւ պատրաստ է աշխատելու բոլորին հետ հաւասար ու աւելցուց.

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագծով` Սփիւռքի նախարարութիւնը միացման ձեւով կը վերակազմակերպուի` վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ:

«Սփիւռքը բազմազան եւ բազմաշերտ է, այն համաշխարհային ցանց է, որ բաղկացած է կազմակերպութիւններէ եւ անհատներէ, որոնք պէտք է թիրախաւորուին եւ անոնց հետ աշխատինք: Սփիւռքի ներուժը ներկայացուած է նաեւ անհատներով, որոնք պիտի ըլլան մեր գործունէութեան տիրոյթին մէջ: Սփիւռքի հետ աշխատանքին մէջ մենք կարեւոր կը համարենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, բայց ոչ միջամտութիւնը:

«Գրասենեակը հիմնականին մէջ պիտի աշխատի 4 ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ Սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ:

Յանձնակատարի գործառոյթներէն մէկն ալ մօտէն ծանօթանալն է համայնքէն ներս առկայ խնդիրներուն ու փորձել աջակցիլ ատոնց լուծման: Եւ աւարտին կ՛ուզեմ շեշտել, որ գրասենեակը պիտի շարունակէ մնալ սփիւռքահայուն տունը Հայաստանի մէջ, եւ կայ հասցէ, որ պիտի պահպանուի: Յոյս ունիմ, որ ձեզ կը տեսնենք արդէն գրասենեակին մէջ» — եզրափակեց Տէր Գրիգորեան:

Գրասենեակը պիտի համակարգէ միւս 12 նախարարութիւններու Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքը, պիտի մշակուի հայապահպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն: Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարի պաշտօնը եզակի պաշտօն պիտի ըլլայ: Գրասենեակն առաջին անգամ պատ-

Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց ու պատասխաններու շարք։ «Հայ Կեանք»ի կողմէ տեսակապին մասնակցեցաւ պարբերաթերթիս խմբագիրը։


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 13

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ԴԻՄԱՑ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն գերագոյն արժէք են, քանի որ անոնք միայն կ’երաշխաւորեն ազգերու մեծութիւնը: Էմիլ Զոլա, Ֆրանսացի մեծ գրող եւ հրապարակագիր (1840-1902)

Հայաստանի ժողովուրդը սիրած է եւ կը սիրէ իր մտաւորականութիւնը, անոնք ըլլան բանաստեղծներ, գրողներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ, դերասաններ: Բայց վերանկախացումէն ի վեր կարծէք ան գործնապէս դերակատար չէ եւ չ’ազդեր դէպքերու ընթացքին վրայ: Չի խօսիր, կամ զինք լսող չկայ, դրամական եւ քաղաքական հզօրութիւն չունի: Իւրաքանչիւրը կը գրէ, կը ստեղծագործէ, կը փորձէ իր հունը գտնել, բայց հրապարակաւ չի խօսիր եւ չի դիրքորոշուիր երկրի ընկերատնտեսական եւ մըշակութային հարցերու մասին, չի դիմեր ժողովուրդի դատին՝ ազգային հիմնահարցերու խնդիրներով: Դաշտը ձգած է այլ ուժերու: Այս բացակայութեան հետեւանք կարելի է համարել այսօր մշակոյթի նախարարութեան որպէս պերճանք վերացումը: Կը վերցուի նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ ազգի կէսէն աւելիին համար բաց պատուհան էր: Երբ առանձին կը զրուցէք մտաւորականներու հետ, անոնք դժգոհութիւններ կը յայտնեն, կ’ըսեն սրտցաւ խօսքեր, բայց այդքա՛ն: Մեր դժուար պատմութեան ընթացքին մտաւորականութիւնը ոչ միայն չէ լռած, այլ ան առաջնորդած է հոգիները, եղած է պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Երբ առօրեայի գործնապաշտութենէն եւ նիւթապաշտութենէն վեր կը հանենք մեր գլուխները, կը յիշենք եւ կը տեսնենք, որ ունեցած ենք Խորենացի եւ Նարեկացի, Թումանեան եւ Վարուժան, Սիամանթօ եւ Չարենց, Համօ Սահեան եւ Եդուարդ Պոյաճեան, Մեծարենց եւ Տէրեան, Կոմիտաս եւ Խաչատուրեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ Ալան Յովհաննէս, Մարտիրոս Սարեան եւ Գառզու… Ասոնք միայն հիւրասենեակ զարդարելու կոչուած լուսանկարներ չեն, կամ տօնական առիթներով բաժակաճառի ջնարակ: Այս անուններու ետին եղած ենք եւ կանգ մենք: Կան ապրողները, որոնք կը ստեղծագործեն, գիտնականները, ակադեմիկոսները, պատմութեան եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչները: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) անոնց անուններուն չենք հանդիպիր ազգային ճակատագիրը առաջնորդողներու ցանկերուն վրայ, անոնք որոշողներու «ընտրանի»ին մաս չեն կազմեր: Եւ ոչ ոք կը զարմանայ: Հետեւանքը եղած է եւ կ’ըլլայ այն՝ որ առաջնորդութեան դերին իրենք զիրենք կը սահմանեն անոնք որոնք օտար աղբիւրներէ ստացած են իրենց հոգեմտաւոր սնունդը, մասնագէտներ՝ որոնք կրնան պաշտօնի

կոչուիլ ոեւէ տեղ, միջազգային դրամատուն մը, թէ Հնդկաստանի մէջ ամերիկեան դրամագլուխով գործող լուցկիի գործարան մը: Անոնք Հայաստանը կը համարեն պիզնես-ակումբ, եւ քայլ մըն ալ առաջ երթալով պետութիւն եւ կառավարութիւն կ’ըմբռնեն արդիականութիւն համարուող ֆէյսպուքեան եւ շաուի (show) ամբոխայնացման յարդի բոցի լոյսով: Պատմաբան ակադեմիկոսները, ներհուն բանաստեղծները, լեզուաբանները, համալսարաններու դասախօսները եւ վարիչները, զարմանալիօրէն իրենք զիրենք սահմանած են հանդիսատեսի դերին, եւ բարձր խօսողներուն եւ յաճախ ազգային հեռանկար չունեցող մասնագէտներուն եւ դրամատէրերուն յանձնած են ազգի տարուբեր նաւուն ղեկը: Հարվարտ, Մոնփըլիէ, Լոնտոն կամ Մոսկուա ուսանած ըլլալ չի բաւեր հայ կեանքի մէջ ղեկավարութիւն ստանձնելու համար, երբ չկայ ազգային պատմութեան, մշակոյթի եւ անշրջանցելի կերպով ազգային լեզուով ստացուած մտածողութեան դրոշմը, որ տարբեր է «հաց-պանիրի հայերէն»էն, ըստ Շաւարշ Միսաքեանի դիպուկ բնորոշումին: Հայաստանի եւ Սփիւռքի հարազատ մտաւորականութիւնը, որ ազգի եւ հայրենիքի ներկան եւ ապագան չի տեսներ այլ տեղ պատրաստուած կաղապարներու մէջ, ունի խոր զգացողութիւնը մեր իւրայատկութիւններուն, որ կը հասկնայ Չարենցի եւ Տէրեանի Երկիր Նայիրիով եկող տեսիլքը, ինչպէ՞ս կրնայ ինքնիրեն թոյլատրել ազգային տեսանկիւնէ անգրագէտներու եւ կիսագրագէտներու ձգել հըրապարակը: Ա՛յս՝ Հայաստան, բայց նաեւ՝ սփիւռք(ներ): Դրամատնային վարչարարութեան մէջ մասնագիտացած հայեր եղած են եւ կան: Անոնց անուան երբեմն կը հանդիպինք Քորէայի, ամերիկեան նահանգի մը, Արժանթինի, Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ մէջ: Բայց այդ հմտութիւնը բաւարար բարենիշ չէ Հայաստանի ծառայելու համար, որ տեսած է խորհրդային կարգերը եւ անոցմէ բխած կամայ-ակամայ ժառանգած է ըմբռնումներ, որ կը գտնուի շրջափակման եւ պատերազմական վիճակի մէջ, որ ինչպէս կ’ըսուի՝ Հայաստանի հողակտոր է: Նման բարդ երկիր, ի վերայ ամէնայնի՝ փոքր, վերականգնելու եւ կառավարելու համար ազգայինհեռանկարային ըմբռնում, համոզում եւ յանձնառութիւն ունենալ ոչ մօտէն եւ ոչ ալ հեռուէն կ’առնչուի գրքունակութեան եւ կայունացած երկիրներու մէջ երբեմն յայտնուող ամբոխայնացման (populisme) հետ: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ամբոխայնացումը ե՛ւ պերճանք է ե՛ւ վնասակար մեր ժողովուրդին եւ մեր երկրին: Ոչ թէ իշխանութեան պէտք ունինք այսօր, այլ՝ առաջնորդութեան: Ամբոխայնացած ժողովրդավարութիւնը ճիշդ ուղին չէ: Այս բացասականութեան դէմ պիտի չկանգնին ոչ գործնապաշտները, ոչ գորՇարունակութիւնը էջ 14


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ԴԻՄԱՑ Շարունակութիւն էջ 13-էն

Եթէ չկայ, ի՞նչ պատահած է մեր ժողովուրդին:

ծարարները, ոչ կողմնապաշտները, այլ ազգի հարազատ մտաւորականութիւնը՝ որ ճամբացոյց եւ դատաւոր պիտի ըլլայ, յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան, յանդգնութեամբ, այն խոր ըմբռնումով, զոր բանաձեւած է մեծ գրող Էմիլ Զոլա, որ գերհզօր ուժերու դէմ առանձին կանգնելով բարձրագոչ ըսած էր՝ «Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՄ»…

Միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Հարկ է պատասխանել առանց հետեւելու հին յոյներու սոփեստներու (spohistes) ամէն բան արդարացնելու եւ բացատրելու միտող եւ բան չնշանակող բառային ճապկումներուն:

Վերականգնելու, միանալու, տոկալու եւ տեւելու իսկական կամք ունեցող հայը, ան ըլլայ շարքային թէ ղեկավար, պէտք է ամենայն լրջութեամբ եւ յանձնառութեամբ լսէ Էմիլ Զոլայի խօսքը. «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն գերագոյն արժէքներ են, քանի որ անոնք միայն կ’երաշխաւորեն ազգերու մեծութիւնը»: Իսկ ամբոխայնացած զանգուածին այս պատգամը փոխանցող հարազատ մտաւորականութիւն պէտք է, յաղթահարելով ամէն տեսակի շահախընդրութիւնները, դիմակազերծ ընելով ամէն տեսակի «շաու»ները, ըսելով, որ իրաւ կամ կեղծ մեծամասնութիւններով ազգի ապագայ չի կերտուիր, այլ ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ, որոնց մէջ ազգի բոլոր անդամները իրենք զիրենք կը տեսնեն, մասնակից կ’ըլլան, հարազատութիւն կ’ապրին:

Թէեւ քննադատել եւ քննադատութիւն լսել կ’ենթադրեն անհատական եւ հաւաքական մշակութային եւ քաղաքակրթական հասունութիւն:

Հայ մտաւորականութիւնը, հետեւելով 20-րդ դարու մեծ մտաւորական Ժան-Փոլ Սարթրի մըտածումին, կրնա՞յ, պիտի կարենա՞յ ինքզինք վերականգնել եւ ըլլալ անշրջանցելի ներկայութիւն: Ան ըսած էր. «Մտաւորականը անձ մըն է, որ հաւատարիմ է քաղաքական եւ ընկերային ամբողջի մը, զայն տեւաբար քննադատելով հանդերձ»:

Այսօ՛ր եթէ մտաւորականութիւնը չստանձնէ իր պատմական պատասխանատուութիւնը եւ դերը, անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով, պատմութիւնը եւ գալիք սերունդները աններող կ’ըլլան: Յովհաննէս Թումանեան կ’ոգեկոչուի: Պէտք է յիշել, որ ազգի եւ ժողովուրդի համար բանտ մնաց ան, դատարան տարուեցաւ, ինչպէս ուրիշներ: Պատմական դէմքերը պէտք չէ յիշել որպէս սընապարծութիւն պարգեւող պատկեր, այլ յիշել անոնց գործը որպէս օրինակ: Ինչո՞ւ հայ զանգուածներու հոգիին եւ միտքին իսկական լուսաւոր առաջնորդութիւնը ստանձնելէ դադրած է հայ հարազատ մտաւորականութիւնը: Մտաւորականութիւնը ինչո՞ւ չի խօսիր ժողովուրդին եւ ազգային ուղղութեան ճամբացոյց չ’ըլլար, ինք որ կը տեսնէ իրականութիւնները: Մտաւորական մը, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, դասախօս, տխրօրէն ըսաւ, որ վերանկախացման առաջին օրերուն իշխանութիւնը լռութեան դատապարտեց մտաւորականութիւնը՝ զայն խեղճացնելով: Եւ այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր: Խնդիր է հիմա. ինչպէ՞ս մտաւորականութիւնը պիտի վերադառնայ ազգային առաջնորդութեան բեմ, ընդդէմ շահախնդրութիւններու եւ չտեսներու փառամոլութեան, առանց «թիմային» խմբակներու եւ խմբակցութիւններու: Բայց դեռ կա՞յ իր մտաւորականութիւնը սիրող եւ յարգող ժողովուրդը, որպէսզի վառ մնայ Երկիր Նայիրիի յանձնառութեան առաջնորդող յոյսը:

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԽՈՀԵՐ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ ԵՒ ԽՈՍՏԱՆԱԼ Գործքով վերադառնալ դէպի Աստուած Շարունակութիւն էջ 8-էն

մանաւանդ կը շարունակէ ըսելով, «այլ համարեա զաշխատութիւնս մեր ի գործ արդարութեան եւ ի պտուղ աստուածապաշտութեան»։ *** Կ՚եզրափակեմ Մեծ Պահոց իմ խոհերը աղօթական մեր քառասնօրեայ ժամապաշտութեանց միասնաբար մասնակից դառնալով սովորականէն աւելի անդին, հետեւելով առաւօտեան Արեւագալի ժամերգութեան՝ Քրիստոս որպէս Լոյս Աշխարհի, եւ երեկոյեան Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց ուր յանուն մեր Փրկչին կը փայլին երկու մեծագոյն սուրբերը Հայ եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ու Սուրբ Ներսէս Շնորհալին իրենց գերազանց աղօթքներով եւ երգերով։ ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 15

Armenian president congratulates Greek counterpart on Independence Day YEREVAN, MARCH 25, ARMENPRESS. Armenian President Armen Sarkissian has congratulated his Greek counterpart Prokopios Pavlopoulos on Independence Day, Sarkissian’s Office said in a news release. In the cable sent to Pavlopoulos, Sarkissian expressed conviction that the existing productive partnership between Armenia and Greece will be continuous, serving to the progress and prosperity of the two countries’ peoples. Greek Independence Day is celebrated on the 25th of March commemorating the Greek War of Independence, also known as the Greek Revolution waged by Greek revolutionaries against the Ottoman Empire between 1821 and 1830.

Inclusion of Artsakh in Talks is Invitation for ‘Dialogue’ with Baku. Says Pashinyan

Yerevan’s insistence to involve Artsakh in the Nagorno-Karabakh conflict resolution process should not be viewed as a challenge, but rather an invitation for dialogue with Baku, explained Prime Minister Nikol Pashinyan on Tuesday during an allencompassing—more than four hour—press conference during which he touched on myriad domestic and foreign policy initiatives. “It is necessary to work consistently through the diplomatic process because, frankly speaking, what is stated publicly is not something new both for the OSCE Minsk Group Co-Chairs and Azerbaijan,” said Pashinyan outlining that his repeated insistence to include Artsakh in the negotiation process should not be viewed as a novel proposal but rather an opportunity to discuss the restoring of the negotiation format. “As I announced in Stepanakert, this [inclusion of Artsakh in the talks] is not a whim or a precondition by our side. This proposal is not aimed changing

the format [of the talks] but restoring it,” said Pashinyan referencing the meeting last week in Stepanakert of Armenia’s and Artsakh’s national security councils, during which Pashinyan also called for clarifications of the principles laid out by the OSCE Minsk Group. “Armenia has demonstrated the ability to listen and to understand other perspectives, and we expect the same from them,” added Pashinyan. The prime minister explained that his proposals have been discussed with Azerbaijan’s president Ilham Aliyev during their three unofficial meetings held between November and January in Dushanbe, St. Petersburg and Davos, Switzerland, saying he was eager to “carefully listen to counter-arguments of our colleagues. I think the constructive and effective solution or continuation must be within this logical framework.”


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

President Sarkissian holds meeting with AGBU President President of Armenia Armen Sarkissian met with President of the Armenian General Benevolent Union (AGBU) Berge Setrakian, as the Presidential Office told. During the meeting President Sarkissian, who is a member of the AGBU Central Board of Directors since 2016, talked about the AGBU’s ongoing and upcoming programs, attached importance to educational, cultural and humanitarian manuals aimed at creating interest among the Diaspora-Armenian young generation to the national rich heritage and traditions. Welcoming the organization’s expanding presence and activity in Armenia, Armen Sarkissian highly valued the Union’s engagement in solving pan-Armenian issues. At the meeting Armen Sarkissian and Berge Setrakian also touched upon the Armenia-Diaspora mutual ties, the AGBU mission aimed at developing and strengthening those ties, as well as the implementation of Armenian-centered programs.

Armenian front line divisions fend off adversary’s engineering works YEREVAN, MARCH 26, ARMENPRESS. The Azerbaijani troops tried to carry out engineering works aimed at moving forward their positions in the neutral zone in the north-eastern section of the Armenian-Azerbaijani border near Berdavan village on March 26 at about 16:30. As ARMENPRESS was informed from the press service of the Defense Ministry of Armenia, ignoring the warnings of the Armenian front line divisions, the Azerbaijani soldiers fired in the direction of the Armenian positions. The retaliation of the Armenian side silenced the adversary and the engineering works stopped.

Armenia Takes Part in the Ancient Civilizations Forum YEREVAN (Panorama.am) — Armenia is represented at the Ancient Civilizations Forum that kicked off in La Paz, the capital city of Bolivia. Our country is represented by the Director of the “Matenadaran” Mesrop Mashtots Institute of Ancient Manuscripts Vahan Ter-Ghevondyan and senior specialist at the Institute of Archaeology and Ethnography of RA NAS Arsen Bobokhyan. The Ancient Civilizations Forum was launched in 2016 at the initiative of Greece and China and serves as a platform of cooperation and dialogue aimed at preserving cultural values and encouraging cooperation in the sphere of cultural heritage. Bolivia, Egypt, Iraq, Iran , Italy, and Peru are the founding members of the Forum. India and Mexico have an observer status. Armenia joint the Forum as a full member in July 3, 2018. As the press service at Matenadaran reported, Vahan Ter-Ghevondyan will present a report on the topic of Old Armenian and its role in forming culture.


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 17

Pashinyan, Aliyev Summit Set for March 29 yan countered a few days later that his insistence on Karabakh becoming a third negotiating party is “not a precondition.” In another joint statement issued earlier in March, the mediators urged the parties to avoid “demanding unilateral changes to the format without agreement of the other party or indicating readiness to renew active hostilities.”

Armenia seeks 380 people through Interpol YEREVAN (Azatutyun.am)—Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan and Azerbaijani President Ilham Aliyev will reportedly meet on Friday for further talks on the Nagorno-Karabakh conflict. Citing unnamed diplomatic sources in Vienna, the Russian Interfax news agency reported that the meeting will take place in Austria’s capital. Armenia and Azerbaijan did not immediately confirm the information. That Aliyev and Pashinyan will travel to Vienna later this week was announced by Austrian President Alexander Van der Bellen’s office earlier in the day. It said that Van der Bellen will hold separate talks with the two men on Friday. The Armenian and Azerbaijani leaders most recently met on January 22 on the sidelines of the World Economic Forum in Davos, Switzerland. They also talked during the summits of former Soviet republics held in September and December. The Armenian and Azerbaijani foreign ministers have similarly held a series of lengthy negotiations in the past several months, fuelling more speculation about major progress towards a resolution of the Karabakh conflict. The U.S., Russian and French mediators coheading the OSCE Minsk Group said on March 1 that Aliyev and Pashinyan have agreed to meet again soon. But they gave no dates of the meeting. Pashinyan afterwards sounded pessimistic about chances of a breakthrough in the protracted peace process. He said that Baku has not reciprocated Yerevan’s stated readiness for mutual compromise and continues to threaten a military solution to the dispute. He also renewed his calls for Karabakh’s direct involvement in Armenian-Azerbaijani peace talks, saying that he does not have a mandate to negotiate on behalf of the Karabakh Armenians. On March 14, Aliyev denounced those calls as an “attempt to block the negotiations process.” Pashin-

A total of 380 people are wanted from Armenia along the lines of the Interpol, said Ara Fidanyan, Head of the National Central Bureau of Interpol in Armenia, speaking to Armenian News-NEWS.am. Fidanyan noted that, from 2017 to 2018, a total of 355 persons, who were sought on the initiative of Armenian law enforcement agencies, were found in Interpol member countries; a total of 262 of them were arrested, whereas 39 were extradited. The Armenia Interpol chief added that, from 2017 to 2018—and in close cooperation with the police of the country, 136 people wanted by Interpol were found in Armenia; a total of 59 of them were arrested, whereas 9 were extradited. And the extradition procedure for the rest is either still in progress or the extradition request was denied due to Armenian citizenship. “Also, we [Armenia Interpol] are carrying out special measures regarding Armenian citizens and presumably Armenian persons who are wanted by other states,” Ara Fidanyan added. “At the moment, 549 Armenian citizens or Armenian persons are wanted internationally; 118 are wanted at national level.”

Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

HASMIK PAPYAN WINS “WOMAN OF THE YEAR” IN AGBU PROPOSED CATEGORY AT ARMENIAN PR AWARDS that Armenian women are different from the rest because they have a unique mission and significance highlighted by the importance of their dedication to their family and their homeland. It would be wonderful if we would be able to preserve those traditions and hold on to them,” said Hasmik Papyan. The PR Awards is organized by the Armenian PR Association scientific-informational NGO, with the support of the Armenian General Benevolent Union (AGBU) and Beeline.

Opera singer, soprano, RA People’s Artist Hasmik Papyan has won in the category of Woman of the Year at the Armenian PR Awards. She was in Armenia at the time for a charity concert and, availing of the opportunity, Armenian General Benevolent Union (AGBU) Armenia President and member of the AGBU Central Board of Directors Vasken Yacoubian and the President of the Armenian PR Association, associate professor of the YSU Faculty of Journalism, PhD candidate Astghik Avetisyan invited Hasmik Papyan to AGBU headquarters in Yerevan and handed her the award. This year, at the proposal of AGBU Armenia, the traditional categories of PR Event of the Year, Image PR of the Year, Public Official of the Year, Political Figure of the Year, Cultural PR of the Year, Media of the Year, State Institution of the Year, Crisis Management of the Year, PR Initiative of the Year, Financial PR of the Year, Armenian Brand, Innovation PR of the Year, PR Technology of the Year, and Armenia’s Friend of the Year were joined by two new awards – Woman of the Year and Diaspora Media of the Year, which gave the award ceremony a pan-Armenian scope. The Armenian PR Awards, organized by the Armenian PR Association, involves an analysis of the current state of the sphere of public relations and the challenges facing it, while also encouraging professionals and experts developing the field. The process includes professional surveys among media representatives and PR professionals, along with consistent monitoring of the activities of government agencies as well as the work of state, political, and public officials. “It is a particular honor for me to get an award for Woman of the Year in Armenia. After working in several different countries for many years and getting to know numerous famous women, I can say

Armenia’s economic activity index grows 6,5%

YEREVAN, MARCH 25, ARMENPRESS. Armenia’s economic activity index increased 6,5% in JanuaryFebruary 2019 compared to January-February 2018, according to the data released by the National Statistical Committee, reports Armenpress. In particular, the construction volume has greatly increased 21,6%. The growth in trade turnover comprised 13,1%, and the volume of the services increased by 17,5%. The industrial production volume has risen by 1,9%. The consumer price index grew by 1,3%, but the industrial production price index decreased by 1%. In January-February 2019 the average annual salary increased 4,9%, comprising 174.854 AMD. Moreover, the average annual salary in the public sector increased by 2,3% and in the private one 4,9%. Decline was registered in the volumes of external trade turnover in January-February 2019 compared to the same period of 2018 7,7%. Moreover, decline was recorded both in export and import volumes. Export declined by 11,6% and the import by 5,6%.


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 19

The Forgotten Kingdom: Bagratid Armenia

By KIETOS STARIKIAN

Throughout thousands of years, Armenia has had ever-changing empires and kingdoms. The time period which many argue as the greatest empire in our history was the first major kingdom to appear under the name “Armenia”, taking place from roughly 321 BC to 428 AD. The Kingdom which included Tigranes the Great and ended with Artaxias IV saw Ar-

menia become the largest it has ever been stretching from the Mediterranean to the Caspian Sea in 69 BC. While learning about this time period it is an important and enjoyable experience. There is another kingdom in history that is less known but provides enough to keep you reading for hours. The Bagratid Kingdom of Armenia was the second major kingdom in Armenian history. After being conCont. on page 20

Map of Armenia at its largest – source: 10 Outstanding Armenian Kings (2012) by Artak Movsisyan


Հայ Կեանք

Էջ 20

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

The Forgotten Kingdom: Bagratid Armenia Cont. from page 19

trolled by the Persians and Umayyad Arabs for cen turies the Royal House of Bagratid was finally able to secure their independence from the Arabs in the late 800’s. Ashot I, born in 820 and the first ruler of the new kingdom had taken control of most of the historical Armenia lands by 884. By carefully playing the situation between the Umayyad Caliphate and the Byzantines, Ashot was able to secure full independence and restore the monarchy, which was confirmed by the sending of a crown by both leaders of the two empires, Basil I of Byzantium and Caliph Al-Mu’tamid. A thing like this had not been accomplished in Armenia since 428. While his reign of six years (from 884-890) was short-lived, the foundation he laid out for the budding kingdom has never been forgotten. His son Smbat I of Armenia went on to lead for 24 years after him from 890-914.

During this time some of Armenia’s greatest works of architecture, writing, and prosperity occurred. The churches were built so well during this time period that many still stand even to this day in Armenia and Turkey. Many of these include the Monastery of Horomos, the Cathedral of Ani, and Sevanavank. Many manuscripts and illustrations are still in good condition as well.

Sevanavank monastery, founded in 874 AD by Princess Mariam, the daughter of Ashot I

With the help of the kings of this dynasty, there was also an increase of knowledge and higher learning in the monasteries. The most impressive feat during this time though may be the flourishment of the city of Ani. Being a trading point between the Byzantines, Arabs, and many others today the ancient city is seen as a cultural and architectural marvel of the time. Today it lays in ruins on the border of Turkey and Armenia, with a hope of one day being restored to some of its former glory by future Armenians.

Statue of King Gagik I Bagratuni – source: Wikimedia

This great kingdom lasted from the mid 880s to 1045. Though later on in its history Bagratid Armenia was really comprised of smaller sub-kingdoms, they more or less acted as one. Some of the main ones were: Kingdom of Kars Kingdom of Lori Kingdom of Syunik Kingdom of Artsakh Kingdom of Vaspurakan

Sadly the kingdom fell to the Byzantines and soon after the Seljuk Turks, due to the withering power of the empire as well as the various infighting between relatives. Though the kingdom lasted much shorter than the Armenian Kingdom of antiquity, it is still a proud and important part of history. Next time you’re in Armenia I would make sure to try and see some of the buildings still standing, it will be an experience that will make you proud and amazed. massispost


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 21

EU to Finance €23 Million TUMO Convergence Center for Engineering

YEREVAN — TUMO Center for Creative Technologies and the European Union launched their partnership to build and operate the EU TUMO Convergence Center for Engineering and Applied Science, a state of the art STEM ecosystem in Yerevan, Armenia. The center will be a hub for research, education and startups geared towards students and young professionals over 18. It will bring together partners, both local and international, to bridge the gap between higher education and industry in Armenia. Its campus will be roughly 15.000 square meters in size, consisting of infrastructure for educational programming, a STEM research laboratory, a conference center, and revenue generating commercial space to ensure the center’s long-term financial sustainability. Additionally, the campus will host the French University in Armenia (UFAR)’s Faculty for Informatics and Applied Mathematics. The EU will provide €23 million to support educational reforms in Armenia, including €10,5 million for the development of STEM standards, while the remaining €12,5 million will go to the new TUMO initiative. A centerpiece of the project is TUMO Labs, a technology education curriculum designed to complement local universities with project-based learning opportunities in cutting edge fields. TUMO Labs will be a logical continuation of the TUMO program that gives young adults professional experience and promotes business development in Armenia. The ceremonial signing and groundbreaking for the center was attended by guests from the European Union, ministries of the Republic of Armenia, the IT sector and local universities. The event kicked off with a video address by EU Commissioner Carlos Moedas. “[The center] captures this imagination that for me is the spirit of Armenia, and I think, is at the heart of

the future of the European Union. That’s why we all need to invest in innovation,” said Lawrence Meredith, director of Neighborhood East at the European Commission’s Directorate-General for Neighborhood and Enlargement Negotiations. “We are thrilled to be creating a world-class STEM ecosystem in Armenia where the next generation of high tech professionals can learn and innovate,” said Pegor Papazian, chief development officer of TUMO. “With support from the European Union, the Ministry of Education of the Republic of Armenia, and other partners both local and international, we will bridge a gap between higher education and the rapidly changing needs of the global economy.” After the signing, attendees walked to the site of the future center, where Lawrence Meredith, Pegor Papazian, Piotr Antoni Świtalski, head of the European Union Delegation to Armenia, and Arayik Harutyunyan, minister of education for the Republic of Armenia, participated in a a ceremonial groundbreaking.


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Italy’s Lazio Recognizes the Armenian Genocide LAZIO, ITALY — The Regional Council of Lazio has recognized the Armenian Genocide, the Council for the Armenian Community of Rome informs. At a sitting on March 18 the Council unanimously approved a motion presented by Councilmember Sergio Pirozzi, acknowledging the fact of the Armenian Genocide and expressing full solidarity to the Armenian people in their fight for historical truth and human rights protection. Lazio thus becomes the 136th local government authority in Italy to recognize the Genocide. On the occasion of the recognition Councilor Pirozzi, in the letter sent to the Council for the Armenian community declared: “This motion represents a sincere act of truth and solidarity towards a people victim of deportations and brutal killings.” “Standing by the Armenian nation is our duty, making history recognizable – an obligation which must be conveyed especially to the new generation to prevent the repetition of such tragedies,” Pirozzi said in his letter.


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 23

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԵՒ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՈՒ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆԻ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը՝ Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ եւ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Նարեկ արքպ. Ալեէմեզեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի խորհըրդարանի անդամ զօր. Ժան Թալուզեան, լիբանա-

նահայ կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, բարերարներ՝ Տիար Սարգիս Տեմիրճեան, Տէր ե Տիկին Հրայր Սարգիսեան, միութենական վարչական անդամներ եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը: Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հ.Բ.Ը. Մ.ի Լիբանանի ծրագիրներու համակարգման պատասխանատու Օրդ. Արին Ղազարեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան հիւրը՝ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, մաղթելով որ ԼիբանաՇարունակութիւնը էջ 24


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԵՒ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՈՒ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆԻ

Շարունակութիւն էջ 23-էն

նի մէջ անոր բազմաբեղուն աշխատանքներով լեցուն տարիները ըլլան հեզասահ եւ յաջող: Դեսպան Աթաբէկեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Միութեան բոլոր բարերարներուն, մանաւանդ՝ բարերար Նազարեան ընտանիքին՝ տարիներու ընթացքին ՀՀ դեսպանատան նկա-

տմամբ անոնց ցուցաբերած նուիրումին եւ նեցուկին համար: Դեսպանը իր խօսքին մէջ շեշտեց նորոգ հանգուցեալ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի Հայաստանի անկախութենէն ետք երկրէն ներս բարելաւման եւ բարգաւաճման ի նպաստ անոր տարած բոլոր աշխատանքները: Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկիէ յուշադրամը Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը Մարտ 22-էն շրջանառութեան մէջ դրաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկէ յուշադրամը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութիւնը։ Յուշադրամի դիմերեսի նկարին հեղինակը Յարութիւն Սամուէլեանն է, իսկ դարձերեսին՝ Վարդան Վարդանեանը: Յուշադրամը հատուած է Լիթվայի դրամահատարանին մէջ: Կիւլպէնկեանի կտակի համաձայն` 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որ նիւթական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ՝ հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Կիւլպէնկեան ձեռք բերած է արուեստի գործերու, մետաղադրամներու եւ արուեստագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ, որ այժմ ներկայացուած է Լիզպոնի՝ աշխարհի բացառիկ` Գալուստ Կիւլպէնկեանի թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ:


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 25

Հայկական բլուր Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Պետրոս Ալթունեանը ծնած է Շումէն, Պուլկարիա: Անոր մեծ ծնողքը եկած են Կայսերիայէն: Ան հոգեւոր եւ ձեռնադրեալ հովիւ է Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ստանձնած է նոյն համայնքի համայնքապետի պատասխանատու պաշտօնը: Պուլկարիոյ մէջ կը գործեն չորս հայ աւետարանական եկեղեցիներ:

Փլովտիւի Ս․ Գէորգ հայկական արաքելական եկեղեցին

Պետրոս ապրած է Պուլկարիոյ համայնավար վարչակարգի օրերը, ուր իր կեանքը այդքան ալ «դիւրին» չէ եղած այդ ժամանակահատուածի ընթացքին:

պէս սլաւոնական լեզուներ: Եւ այս իմաստով երկիրը կը մնայ այդ անցեալի խորհրդային-ռուսական շուքին, բայց նաեւ` երախտագիտական մթնոլորտին տակ»:

«Մեր օրերուն եկեղեցական առաքելութիւնը բաւական դժուար էր», ըսաւ Պետրոս: Բայց ան դիմագրաւած է բոլոր մարտահրաւէրները, քանի որ հաւատացած է առաքելութեան: «Հայրս ալ հոգեւորեկեղեցական գործի մէջ էր»,- շարունակեց Պետրոս: «Յիսունական տարիներուն հայրս առիթը ունեցած է Պուլկարիայէն դուրս գալու եւ Ամերիկա մեկնելու, բայց ան մերժած է»: Իսկ հօրը մերժե՞լը… «Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Սոֆիա` Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը ունի հազար ու քիչ մը աւելի հաշուող հայութիւն: Բայց հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը կեդրոնացած է Փլովտիւ, որ երեւի կը հաշուէ մօտաւորապէս վեց հազար հայ: Փլովտիւը ունի մշակութային մեծ եւ հին պատմութիւն: Ան այս տարի հռչակուած է Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք: Բայց Փլովտիւը ունի իւրայատուկ աշխարհագրական տարածք. քաղաքը կազմուած է վեց բլուրներէ, որոնցմէն մին կը կոչուի Հայկական բլուր: Հոն, ուր հայեր համախըմբուած են ու կ՛ապրին մինչեւ այսօր, եւ ուր նաեւ կան` Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, հայկական վարժարանը, մշակութային կեդրոնը, խաչքար ու տակաւին… Վերջապէս, Հայկական բլուրը փոքր Հայաստան մըն է… Փլովտիւի մէջ:

Եւ այս «գործը» այսօր Պետրոս պահած է որպէս իր հօրմէ աւանդ: Ան այսօր կը շարունակէ հաւատքով աշխատիլ իր երկրին ու անոր մէջ ապրող հայ իրականութեան համար: Իսկ Պետրոսի հաւա՞տքը: «Մեր հայ ազգը մեծ հարստութիւն մը ունի, որ Աստուածաշունչն է»,- ըսաւ Պետրոս: «Աստուածաշունչը եւ անոր մէջի ապրող հաւատքը մեզ կենդանի պահած են մինչեւ այսօր: Պէտք է շարունակենք տարածել զայն մեր ժողովուրդին մէջ»: Պետրոս կը խօսի հայերէն: «Բայց կը ցաւիմ, որ զրկուեցայ սորվելէ հայերէնի բառապաշարի հարստութիւնը: Մեր օրերուն շատ դժուար էր ազգային լեզու եւ պատմութիւն իւրացնելը», ըսաւ ան: Պուլկարիա այսօր մաս կը կազմէ Եւրոպական միութեան: Բայց կար մէջս հետաքրքրական զգացում, որ շատ զգուշաւոր ձեւով փորձեցի բաժնեկցիլ տեղացիներուն հետ իմ կեցութեանս ընթացքին: Կրնայի տեսնել, թէ Պուլկարիա, այսպէս ըսած, «անուանական» ձեւով անցած է համայնավար վարչակարգէն դէպի Եւրոպական Միութիւնը: Շատ մը ձեւերով տակաւին կը զգաս, որ երկիրը պահած է իր անցեալի դիմագիծը… Պուլկարիա հինգ հարիւր տարի մնացած է օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ այդ ժամանակաշրջանը առիթ չէ տուած, որ երկիրը բարգաւաճի` ըստ պատշաճի: Պետրոսը չուշացաւ կիսելու իմ ստացած տպաւորութիւնը: «Պուլկարացիները միշտ ալ երախտապարտ մնացած են, որ Ռուսիա զիրենք ազատած է օսմանեան տիրապետութենէն,- ըսաւ Պետրոս: «Նմանութիւններ կան պուլկարերէնի եւ ռուսերէնի միջեւ` որ-

Տէր Հրաչը հոգեւոր հովիւն է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ: «Աստուծոյ ծառայ ըլլալը պատիւ է», տէր հայրն է խօսողը: Կը զրուցէի երիտասարդ կղերականի մը հետ, որ եկած է Հայաստանէն: Անոր աչքերուն մէջ կրնայի տեսնել նուիրում` իր հաւատքին ու ծառայութեան նկատմամբ: «Պատարագը ամբողջութեամբ հայերէնով է», ըսաւ ան: Բայց տէր Հրաչ չի բաւականանար միայն պատարագի արարողութեամբ: «Պատարագէն ետք ժողովուրդը կը հաւաքեմ քովի սրահը` հաղորդակցութեան համար, բայց նաեւ` հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային այլ նիւթերու սերտողութեան համար», ըսաւ տէր Հրաչ: Հայը գոյապայքարի ընթացքին պէտք ունի Շարունակութիւնը էջ 26


Էջ 26

Հայ Կեանք

Հայկական բլուր Շարունակութիւն էջ 25-էն

յաւելեալ միջոցառումներու եւ զոհողութեանդ: Տէր Հրաչ ապրող մէկ լաւ օրինակն է այդ զոհողութեան․․․ Բայց այս զոհողութիւնը ան ժառանգած է իր եկեղեցւոյ պատմութենէն: Տէր Հրաչին հետ շրջագայեցայ եկեղեցւոյ թանգարանի տարբեր բաժինները, բոլոր մասունք-սրբութիւնները, զորս հայեր տեղահանութենէն ետք իրենց հետ «շալկած» եւ բերած են Փլովտիւ…« Ռոտոսթոյէն եւ Մարկալայէն հայեր տեղահանուած են եւ հասած` Փլովտիւ», ըսաւ տէր Հրաչ: Բայց անոնք իրենց հետ նաեւ բերած են իրենց ազգային սրբութիւններն ու հարստութիւնները: Դիտելով այդ բոլոր ցուցադրուած եկեղեցական-պատմական իրերը` կը սքանչանաս հայուն մշակոյթով եւ ազգային «արժանապատուութեան» պահպանման համար: Հայը ոչ միայն իր անձին փրկութեան մասին մտածած է Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան օրերուն, այլ նաեւ` իր մշակութային արժէքներուն: Այս ի՞նչ քաջութիւն եւ անձնազոհողութիւն, որ անոնք այս բոլորը բերած են իրենց հետ մինչեւ… Փլովտիւ: Բերած են, որպէսզի հայը շարունակէ ապրիլ… Ապրիլ իր ինքնութեան եւ մշակոյթի հարազատութեան մէջ: «Այս ամբողջ հարստութիւնը պահուած մնացած է համայնավար վարչակարգի օրերուն», ըսաւ տէր Հրաչ: «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական պետական կրօն հռչակման հազար եօթը հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով էր, որ դուրս հանուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ այս թանգարանը», ըսաւ ան: Փլովտիւի այս թանգարանը հինգերորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի հայկական եկեղեցական բոլոր թանգարաններուն մէջ` իր հաւաքածոյի հարստութեամբ: Եւ կային իմ մտորումներս: Իսկ մենք այսօր… Հապա՞ վաղը… Պիտի կարենա՞նք պահել այս ամբողջ հարստութիւնը… ժառանգը… ոչ միայն ֆիզիքական իմաստով… այլ` անոնց հոգին… ինքնութիւնը…: Ու տակաւին` այն քաջութիւնը եւ զոհաբերու-

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

թիւնը, որ մեր մեծ ծնողները ստանձնեցին, որպէսզի մենք ապրինք… «Տոն Քիշոթին նման պայքար կը մղենք», ըսաւ Սիմոն Թիւթելեանը` Ազգային Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան վարժարանի տնօրէնը: Ասիկա միակ հայկական վարժարանն է Պուլկարիոյ մէջ: Երկու հարիւր ութսուն աշակերտ ունեցող այս վարժարանը շաբաթը միայն չորս ժամ հայերէն կը դասաւանդէ: Չկայ հայոց պատմութեան, կրօնի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան դասապահ: «Աշակերտները դպրոցի բակին մէջ արդէն պուլկարերէն կը խօսին իրարու հետ»,- ըսաւ Սիմոն: «Այս ձեւով լեզու մը չենք կրնար պահել»: Սիմոնի հետ մեր զրոյցը մէկ-մէկ կ՛անցնէր յուսահատական մթնոլորտներէ, որոնցմէ մէկը. «Բոլոր յոյսերը թող անցեալին անցնին»: Բայց այս բոլորին մէջէն չուշացաւ նաեւ վճռակամութիւնը: «Ես իմ ճակատագիրս ունիմ եւ պիտի շարունակեմ»: «Վահան» շաբաթաթերթը հիմնուած է 1991 թուականին: Սահակ Չալըգեանը խմբագրական կազմի անդամներէն մէկն է: Տան դաստիարակութիւնը մեծ եղած է, ուր ան հայերէնին լաւ տիրապետած է: « Ազգային կեանքը մարդը կը դաստիարակէ, - ըսաւ Սահակ: Բայց կարեւոր է, որ հետեւիս կարգ ու կանոնին»: Իսկ թէ ո՞րն է կարգ ու կանոնը… տո՞ւնը… հետեւողական դաստիարակութի՞ւնը… «Մամուլը ուղղակի կապն է ազգին հետ», կը հաւատայ Սահակ: «Վահան» շաբաթաթերթը տասներկու էջ է եւ կը պարփակէ իր մէջ չորս էջ հայերէն: «Եթէ մէկ հայ պիտի փրկենք, պէտք է զայն ընենք», վճռականօրէն ըսաւ Սահակը` հաւատալով իր ու մամուլի առաքելութեան: Վարդանոյշ Թոփաքպաշեանը խմբագիրն է «Երեւան» թերթին, որ հիմնուած է 1944 թուականին: Թերթը ստիպուած է իր մէջ ներառել պուլկարերէն բաժինը, բայց Վարդանոյշ հայերէն բաժինը միացուցած է տեղական լեզուին եւ նոյն էջին. «Այս ձեւով հայը, որ պուլկարերէն բաժինը կը կարդայ, կրնայ նոյն էջին վրայ նաեւ տեսնել հայերէնը եւ փորձէ կարդալ», ըսաւ Վարդանոյշ, բայց չուշացան նաեւ Վարդանուշին մտահոգութիւնները: «Երեւի տակաւին երկու տարի մը եւս կրնանք տոկալ տպագիր այս մեր թերթը հրատարակելու մէջ,- ըսաւ Վարդանոյշ: – Բաժանորդներուն թիւը կը նուազի, բայց նաեւ` նուիրատուներուն»: Վարդանոյշին մտահոգութիւնները մեր համահայկական տպագիր մամուլի մարտահրաւէրներէն են: Ինք բացառութիւն չէր կրնար կազմել: Սոնա Աւագեան-Պետրոսեանը նախագահն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սոֆիայի մասնաճիւղին: Շարունակութիւնը էջ 28


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 27

Լեզուաբանական

Արեւելահայ բառարանագրական բարքեր ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր երկու բարբառներն ու կէսերը իրարմէ զանազանող իրողութիւններէն մէկն ալ,─ մտածա՞ծ էիք այս մասին,─բառարանագրութիւնն է: Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամէն բանէ առաջ իր արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000 բառայօդուած, մինչ արեւմըտահայ բառարանը լաւագոյն պարագային ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛ զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն սահմաններուն մէջ, ուր մենք կը կիրարկենք մեր լեզուն, ան կը պահանջէ հազիւ 5-7.000 բառ եւ ոչ աւելի: Այս պայմաններուն մէջ մենք դիւրաւ կրնանք մեզի թոյլատրել զուտ հայեցի բառամթերք մը կիրարկելու պերճանքը, այլ խօսքով՝ խօսիլ ու գրել առանց օտար բառ փոխառելու: Մինչ արեւելահայ իրականութեան մէջ գործածելի են այդ բոլոր 150.000 բառերն ալ. անշուշտ ո՛չ բոլորին կողմէ եւ ամէն վայրկեան: Պատկերացնենք քիչ մը այն բոլոր մարզերը՝ համալսարանական տասնեակներով մասնագիտութիւններ, բանակ, դատարան, ոստիկանութիւն, արհեստներ, տնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ այլն, որոնց ամէն մէկը ունի իր ուրոյն ու մասնագիտացած բառամթերքը՝ իւրաքաչիւրը բազմահազար միաւորներով, որոնց գումարը ահա կը հասնի... 150.000-ի, իսկ հայերէնը այդքան բառ չունի, ոչ մէկ ատեն ուենցած է: Ասկէ ալ կը յառաջանայ օտար բառեր որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, որուն տարողութիւնը մենք չենք կրնար ըմբռնել: Մենք ունինք շատ իմաստուն ասացուածք մը. «Ուտողը չի գիտեր, եփողը գիտէ»: Այո՛, պէտք է եփող ըլլալ՝ գիտնալու համար, թէ պատրաստուող կերակուրը ինչպիսի՛ նիւթերու կը կարօտի: Առաջին հետեւութիւնը անշուշտ պիտի ըլլայ այն, որ արեւլահայը ստիպուած է կատարել փոխառութիւններու մեծ պաշար մը՝ լրացնելու համար իր կարիքները: Սակայն այս ալ պէտք է ըսել, որ արեւմըտահայերս գայթակղեցնողը, ես պիտ ըսեմ՝ խորապէս խոցողը, չէ՛ բառային այն շերտը, որ կը պակսի մեր լեզուին եւ որուն փոխառումը անխուսափելի է. օրինակ՝ իչպէ՞ս պիտ թարգմանենք méthane, éthane, chlore. héxachlorane եւ այսպիսի անհամար բառեր, որոնք արեւմտահայ բառարանին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ պարզապէս պէտք չունինք այսպիսիներուն, եւ սակայն կը մտնեն արեւելահայ բարքերուն ու բառարանին մէջ: Մեր թիրախն ալ ասոնք չեն արդէն: Խնդրոյ առարկան՝ այն առօրեայ տարրական բառերն են, որոնց հայերէնը մեր անմիջական տրամադրութեան տակն է եւ որոնցմէ անփութօրէն երես

կը դարձնէ արեւելահայը, օրինակ՝ աբորտ-վիժում, անոնսել-յայտարարել, էսկորտ-շքախումբ, իմիջկերպար... չեմ շարունակեր, ասոնք շատ մատնանըշուած են ու շատ յիշուած, եւ ձեռքս ու աչքերս կը բողոքեն: Մանաւանդ որ ինձմէ աւելի հետեւողականութեամբ ու հմտութեամբ պայքարողներ չեն պակսիր: Որեմն կ’անցնիմ, այլ նպատակով ճամբայ ելած եմ ու ահա կը զառածիմ: *** Յաջորդ խումբը կը կազմեն «ժողովրդախօսակցական» կոչուած բառերը, որոնք հարիւրներու կը հասնին, բացառուած չէ հազարն ալ, եւ որոնք մասնաւորաբար... թրքերէն են կամ կու գան այլ լեզուէ մը: Ստորեւ նմուշներ՝ Էդուարդ Աղայեանի բառարանէն. իւրաքաչիւրին առջեւ, փակագիծի մէջ, ըսուած է «ժողովրդական». խաբար - լուր, տեղեկութիւն չախմախ - հրահան, կայծահան չոբան - հովիւ, անտաշ, գռեհիկ չփլախ - մերկ, աղքատ, տնանկ Անշուշտ արեւմտահայուն համար ասոնք անծանօթ բառեր չեն: Իրականութեան դէմ մեղանչած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ տեղին համեմատ...մե՛նք ալ կը գործածենք ասոնք եւ նմանները: Սակայն մեր բառարաններուն մէջ չենք փոխադրեր զանոնք, ոչ ալ կը սորվեցնենք, թող որ միշտ ալ ձեւ մը կը գըտնենք հասկցնելու նոր սերուդին, թէ ասոնք խորթ են ու մանաւանդ... թրքերէն են, մեր կոտտացող վէրքերն են եւ պէտք է դարմանենք զանոնք: Արեւելահայ բառարանագիրը չ’ը՛ներ այս բանը. «ժողովրդական» եւ վե՛րջ. եւ յաջորդական սերունդները ազատօրէն կ’որդեգրեն այդ «ժողովրդական» բառերը, կ’իւրացնեն եւ կը յաւերժացնեն զանոնք: Անոնց հոգիներուն մէջ կը յաւերժանայ թրքերէնն ալ, թուրքն ալ, եւ տարին 12 ամիս Անթալիաները խուժողները մասնաւորաբար այսպիսիներն են: Ու դա՛րձեալ կ’անցնիմ: Կայ բառերու երրորդ խումբ մըն ալ, որ նմանապէս տեղ կը գտնէ արեւելահայ բառաարաններու մէջ. ասոնք ըստ էութեան սխալ կազմութիւն ունեցող, հայ լեզուաբանութեան եւ ոգիին հակադրուող բառեր են, եւ որոնց տեղ կը տրուի սակայն, որովհետեւ... ժողովուրդը, բայց նա՛եւ մտաւորականութիւնը այդպէ՛ս կը կիրարկէ զանոնք, եւ բառարանագիրն ալ չի՛ սրբագրեր: Եւ ահա այսպիսիները հանգիստ խիղճով ու թեթեւ ձեռքով կ’անցնին նաեւ արեւմտահայ հոսհոսներուն լեզուական բարքերուն մէջ, եւ ոչ անպայման ռամիկին, այլ պեխ-մօրուք ճերմկցուցած եւ 20-30 հատորի գրական վաստակ ունեցող մտաւորականին եւ խմբագիրին եւս: Շարունակութիւնը էջ 28


Էջ 28

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Արեւելահայ բառարանագրական բարքեր Շարունակութիւն էջ 27-էն

Ստորեւ նմուշներ՝ իրենց բացատրութեամբ, Էդուարդ Աղայեանի երկհատորէն. պատկերը նոյնն է արեւելահայ միւս բառարանագիրներուն համար եւս: 1. Յետայսու - սրանից յետոյ, այսուհետեւ Սխալ կազմութեամբ բառ մըն է այս, որ ծնունդ առած ու այնուհետեւ որդեգրուած է ընդհանրապէս հայերէն չգիտցող, սակայն յատկապէս տարրական գրաբարը անգիտացող անձերու կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ. յետ նախադրութիւնը սեռական հոլով խնդիր կը պահանջէ իր քովը, օրինակ՝ յետ մահու, յետ պատերազմի, յետ բանակցութեան եւ այլն, իսկ այսու՝ գործիական հոլով է, ուրեմն յետայսու ըսել համազօր է յետ մահով ըսելու, կամ յետ պատերազմով, կամ յետ բանակցութեամբ, ինչ որ հայերէն չէ, լեզու ալ չէ: Տեսականօրէն կարելի է ըսել՝ յետ այսր կամ յետ այսորիկ, սակայն ասոնք ալ շատ գրաբար են, չենք կրնար ետ դարձ կատարել ու գրաբար խօսիլ: Պարզ է, ուրեմն, նման բառ չունի՛ աշխարհաբարը եւ վե՛րջ: Ունինք միւռոնի պէս ընտիր ու բիւրեղի պէս մաքուր այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ բառերը եւ կրնանք ազատօրէն գործածել ասոնք թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի մէջ: 2. Ութնեակ - նոյնն է՝ ութեակ Բացարձակապէս ո՛չ, նոյնը չէ՛: Բառս կազմուած է ութ եւ եակ բաղադրիչներով եւ կրնայ տալ միա՛յն ութեակ, ճիշդ ինչպէս՝ քառ-եակ>քառեակ, հինգ-եակ>հնգեակ, վեց-եակ>վեցեակ, ուրեմն նաև՝ ութ-եակ>ութեակ: Բայց կ’ըսենք՝ եօթնեակ, իննեակ, տասնեակ, որովհետև ասոնք կազմուած են հետեւեալ բաղադրիչներով՝ եօթն+եակ, ինն+եակ, տասն+եակ, այլ խօսքով՝ ասոնց մէջ երեւցող «ն» բաղաձայնները արմատական են, ինչ որ կը պակսի հինգ, վեց, ութ բառերուն: Հայ լրագրողին լեզուական թափթփածութիւնը այնքան շեշտուած է, որ գերազանցելով բառարաններունը՝ իր կարգին հնարած է նաեւ.․.․ վեցնեակ կոչուած հրէշաբանութիւնն ալ: 3. Ցաւազրկել - ցաւից զրկել, այնպէս անել, որ ցաւ չպատճառէ Ցաւազուրկ - ցաւազերծ Դա՛րձեալ ոչ. ցաւը վերացնելը կամ ցաւը բառնալը զրկանք մը չէ, որպէսզի ցաւազրկել կոչենք բայը, իսկ ցաւը բարձող, ցաւը ջնջող դեղն ալ կոչենք ցաւազրկիչ, ինչպէս իր մէկ դասախօսութեան մէջ վերջերս այստեղ «բժշկագիտական» դասախօսութեան մը առթիւ Երեւան ուսանած դասախօսը կ’անուանէր կարգ մը դեղերը: Բայս պէտք է ըլլայ միա՛յն ցաւազերծել, ածականը՝ ցաւազերծ, համապատասխան դեղը՝ ցաւազերծիչ (analgésique ): Զուրկ եւ զրկել բառերով հայերէնը կը բնորոշէ դրական իրողութեան մը կամ վիճակի մը բացա-

կայութիւնը կամ վերացումը, օրինակ՝ տնազուրկ, հայրենազուրկ-հայրենազրկել, ծնողազուրկ, իրաւազուրկ-իրաւազրկել եւ այլն: Բայց ո՛չ ցաւազըրկել, ցաւազուրկ եւ ցաւազրկիչ. այս երեքը անհեթեթութիւններ են իբրեւ յղացք, եւ թոյլատրելի չէ, որ ասոնք գոյութիւն ունենան լեզուի մէջ, աղարտեն զայն, առաւել եւս մտնեն բառարան ու մանաւանդ... ուսուցուին: Իսկ զերծ եւ զերծել բառերով կը բնորոշենք բացասական իրողութեան մը բացակայութիւնը կամ վերացումը, օրինակ՝ վնասազերծ-վնասազերծել, ականազերծ-ականազերծել, վարակազերծվարակազերծել, ախտազերծ-ախտազերծել եւ ուրեմն... ցաւազերծ-ցաւազերծել-ցաւազերծիչ:

Հայկական բլուր Շարունակութիւն էջ 26-էն

Միութեան եւ գաղութի կարգ մը անդամներուն հետ մեր հանդիպումին ան ընդգծեց. «Հայը պէտք է վերապրի իր հաւատքը, որպէսզի վերագըտնէ իր ինքնութիւնը, իր պատմութիւնը եւ յուշերը: Հաւատքն է, որ մեր «ես»-երը պիտի ուղղէ ճիշդ ճամբուն մէջ»: Ռատի Ափոսթոլովը Պուլկարիոյ մեր Աստուածաշունչի ընկերութեանը գրասենեակի տնօրէն գործակիցն է: Ան ընկերակցեցաւ իմ հանդիպումներուս` Պուլկարիա այցելութեանս ընթացքին: Բայց Ռատին ալ ունէր իր վկայութիւնը: «Դպրոցական տարիներէս արդէն լսած էի հայերու մասին»,- ըսաւ ան: – Մենք սորված ենք պուլկար գրող Փէյօ Եաւորոֆի մէկ բանաստեղծութիւնը`«Արմէնսէ» (Հայեր) գրական գործը: Փէյօ գրած է այս բանաստեղծութիւնը մեծ յարգանքով եւ սքանչացումով` հայ ժողովուրդին նկատմամբ», եզրափակեց Ռատին: Փէյօ Եաւորոֆի կիսանդրին կանգնած է այսօր հայկական բլուրին վրայ: Եթէ պուլկար բանաստեղծը սքանչացած է հայուն եւ անոր մշակութային արժէքին վրայ, հապա մե՞նք, հայե՞րս: Պուլկարիա ու տակաւին քիչ մը ամէն տե՞ղ… Հայն ալ պարտի ու պիտի «սքանչանայ» իր մշակոյթով: Հայն ալ պարտի ու պիտի տածէ իր «յարգանքը» իր արժէքներով լեցուն կեանքին վրայ: Ե՛ւ «սքանչացումը», ե՛ւ «յարգանքը» ունին կարեւոր պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն: Հայկական բլուրը, հոն, ուր հայուն արժէքի եւ ինքնութեան կեանքերը կը կերտուին: Եւ այս բոլորը պէտք է պահպանուին: Եւ Հայկական բլո՞ւրը: Եթէ Փլովտիւ է, բայց քիչ մը` ամէն տեղ, հոն ուր հայ կայ: «Մենք հոս գործ ունինք ընելիք»: Իսկ գո՞րծը…Հայկական բլուրը ամուր պահելն է: Փլովտիւ, բայց` ամէն տեղ, ուր որ հայեր եւ հայկական բլուրներ կան: Եւ Հայկական բլուր(ներ)ը ամուր պահելով է, որ կը շարունակուի հայուն երթը…


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 29

Պելճիքայի հայ համայնքը ընտրած է նոր գործադիր մարմին

Ըստ Մարտ 11-ին տարածուած մամլոյ յաղորդագրութեան Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու Վեհաժողովը՝ Փետրուար 28-ին, ընտրած է իր նոր գործադիր մարիմնը՝ «Պելճիքայի հայերու կոմիտէ»ն: Կոմիտէի նախագահն է Նիկոլա Դաւիթեանը, իսկ անդամներն են՝ Պետրոս Պետրոսեանը, Գարոլ Արիսեանը, Սելինա Սեվիմը, Կարո Պարտակչեանը, Կարո Կարապետը, Յարութ Շիրինեանը, Մարիամ Կլջեանը, Լոռի Մահմուրեանը, Վագա Մարտիրոսեանը, Մարիամ Ներսէսեանը եւ Սերկէյ Վարդանեանը: Պելճիքայի հայերու Կոմիտէն, հայերու միասնական ներկայացուցչութիւնն է, յատկապէս երկրի իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւննե-

րու մէջ՝ արտացոլելով իրենց բազմազանութիւնը: Պելճիքայի հայ համայնքը ձեւաւորուած է 1922-ին՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան հետեւանքով գաղթած հայերու: 1970էն սկսած, Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ ի վերջոյ Սիւրիայէն ժամանած հայ փախստականները միացած են համայնքին: Այժմ, ընդհանուր առմամբ, հայկական ծագում ունեցող Պելճիքայի քաղաքացիներու ու կեցութիւն ունեցող բնակիչներու թիւը մօտաւորապէս 30 հազարի կը հասնի: Վեհաժողովի եւ Պելճիքայի հայերու կոմիտէի առաքելութիւնն է պահպանել եւ ներկայացնել հայկական քաղաքակրթութիւնը ու ժառանգութիւնը, որու մեծ մասը ոչնչացուած է պատմական Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Պելճիքայի հայ համայնքը աւելի քան հազար տարուայ պատմութիւն ունեցող Սփիւռքի բաղադրիչներէն մէկն է որ ամբողջովին մասնակցած է Եւրոպայի զարգացմանը, սակայն քիչեր տեղեակ են իր պատմութեանը:

Համահայկական 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-17 Օգոստոս Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝ Մարտ 19-ին տեղի ունեցաւ Համահայկական եօթներորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր, կը հաղորդէ “Արմէնփրես”: Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-17 Օգոստոս: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Այս տարի կը լրանայ խաղերուն կազմակերպման քսանամեակը եւ կ՛ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն, որուն մասին կը վկայէ նախնական դիմումներու մեծ թիւը: Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր:


Էջ 30

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայաստանեան 14 ընկերութիւններ ITB Պերլինի մէջ ներկայացուցած են երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը

ITB Պերլին միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը ներկայացուցած է ոլորտի 14 ընկերութիւն. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կայ նաեւ շարք մը փաթեթներ հարեւան Վրաստանի հետ: Երկրի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու նպատակով ցուցահանդէսի ծիրէն ներս նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են նաեւ զբօսաշրջային գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ազգային ուտեստներու եւ հայկական գինիի, քոնեակի համտես: Ցուցահանդէսին Հայաստան մասնակցած է B2B ձեւաչափով “ITB Speed networking” եւ “Blogger Speed Dating” ձեռնարկներուն: Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ այս մասին յայտած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի շուկայի պատասխանատու Ալիկ Սարգըսեան: «ITB Պերլին միջազգային զբօսաշըրջային ցուցահանդէսը մասնակիցներու քանակով աշխարհի մէջ ամենամեծն է: Լաւագոյն հանգստավայրերն ու զբօսաշրջային փաթեթները ներկայացնելու համար ամէն տարի շուրջ 190 երկիրներ եւ հարիւրաւոր զբօսաշրջային ընկերութիւններ կը մասնակցին: Ատոր հիմնական նպատակն է տարբեր երկիրներու զբօսաշրջային ուղղութիւններն ու կարողութիւնները ներկայացնել զբօսաշրջային եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար: «Հայաստանը արդէն բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը մասնակցի այս ցուցահանդէսին: Այս տարի մեր երկիրը հանդէս եկաւ աննախադէպ տաղաւա-

րով, որ կը ներառէր 3D պատկերներ: Ան մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ այցելուներուն կողմէ, գրաւելով նաեւ միջազգային մամուլի ուշադրութիւնը: Ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 14 զբօսաշրջային ընկերութիւններ` Հայաստանի միասնական տաղաւարով․․․», կ՛ըսէ Սարգսեան: Միջազգային զբօսաշրջային տաղաւարին մէջ հայկական ընկերութիւնները ներկայացուցած են extremal զբօսաշըրջութեան, գինիի զբօսաշրջութեան, ecotourism-ի եւ այլ հնարաւորութիւններ: Ըստ Սարգսեանը` հայաստանեան զբօսաշրջային ընկերութիւնները հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու արդիւնքով նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են։

Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Հայ Կեանք

Էջ 31

Գիտաժողով նուիրուած Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութեան 18-19 Հոկտեմբեր 2019 Կեսարիա 18-19 Հոկտեմբեր 2019 թուականներուն միջեւ Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը կազմակերպէ գիտաժողով, «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագրով: Գիտաժողովին նպատակն է 1850-1950 թուականներու միջեւ Կեսարիոյ եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած հասարակական, տընտեսական, մշակութային, քաղաքային եւ ճարտարապետական փոփոխութիւններու մանրամասն միջազգային ուսումնասիրութիւնը, եւ այս նիւթերու շուրջ իրականացած աշխատանքներու ներկայացումը ակադեմական աշխարհին: Կեսարիան եւ շրջակայքը պատմականօրէն կարեւոր տնտեսական կեդրոն եղած է, ինչպէս նաեւ խաչմերուկ առեւտրական ճանապարհներու: Հրաբուխային տեղանքը, լեռնային միջավայրը եւ անբարեբեր հողը պատճառ դարձած են, որ Կեսարիոյ մէջ հողագործութիւնը միշտ երկրորդական դեր ունենան: Վերջիս նաեւ դրդապատճառ եղած է, որ Կեսարացի վաճառականները Ատանայի մէջ արտադրուած բամպակի առեւտուրին մաս կազմեն, հետեւաբար Կեսարիոյ մէջ հիւսուածագործութիւնը եւ գիւղերուն մէջ գորգագործութիւնը զարգանայ: Կեսարիոյ բնակչութեան բազմազանութիւնը իր դերը խաղացած է քաղաքին առեւտրականութեան մէջ մասնագիտանալուն եւ Կեսարիոյ առեւտըրականներուն իրենց տեղը ունենալուն 19-րդ դարու միջազգային տնտեսութեան մէջ: Ըստ 1914-ի Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն, Կեսարիոյ սանճաքի ընդհանուր բնակչութիւնն 263․074 էր: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը, 184․292 թիւով (70%) կը կազմէին իսլամները, 26․590 (10,1%) բնակչութեամբ ուղղափառ յոյները եւ 48․659 (18,5%) բնակչութեամբ հայերը։ Երբ այս բնակչութեան աւելցընենք 3․553 (1,4%) կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները, կրնանք ըսել, որ Համաշխարհային Ա․ պատերազմի նախօրեակին Կեսարիոյ մէջ ապրող ամէն երեք հոգիէն մէկը ոչ-իսլամ էր: Տնտեսական ցանցերու միջոցաւ, հայ եւ յոյն առեւտրականները, նախ Իսթանպուլի եւ Իզմիրի նման մեծ քաղաքներու մէջ, ապա արտերկրի կարեւոր կեդրոններու, ինչպէս Լոնտոնի եւ Մանչեսթըրի մէջ ներկայացուցիչ ճիւղեր հիմնած են: Կեսարացի առեւտրականները, յատկապէս հիւսուածագործութեան բնագաւառին մէջ, Եւրոպա արտադրուած նիւթերու դէպի Թուրքիա միջնորդը եւ մատակարարողը եղած են: Կեսարացի Կիւլպէնկեան, Կիւմիւ-

շեան, Իպրանոսեան եւ Մուրատեան եղբայրները եւ Կիւրիւնէն աշխարհին բացուած Քոչունեան եւ Թոփալեան եղբայրները, կայսրութեան վերջին հարիւրամեակին, Կեսարիոյ շուկայի հասցուցած կարեւոր ձեռներէց ընտանիքներն են: Գարաման յոյն առեւտըրականներէն Շիշմանօղլու, Օնասօղլու եւ Գազանճըօղլու ընտանիքներէն եկած են արմատով Կեսարացի յայտնի գորգագործ եւ նպարավաճառները: Յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ հիմնուած ոչ-իսլամ գաղութներու դպրոցներու մէջ մատուցուած առեւտրական հաշուարկի եւ հաշուապահութիւն առարկաները, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներու ուսուցումը առեւտրական ցանցերուն ապահոված են անհրաժեշտ մարդկային պաշար: Կեսարացի յոյն եւ հայ առեւտրականներու ստեղծած հարստութեան արտացոլուած բնագաւառներէն մէկն է Կեսարիոյ մէջ այս գաղութներու երեւելիներու կառուցած եկեղեցիները, վանքերը, որբանոցները, դպրոցները եւ այլ հանրային բնոյթի կառոյցները: 2015 թուականին կատարուած ուսումնասիրութեան ընթացքին կարելի եղած է Կեսարիոյ մէջ գտնել Համաշխարհային Ա․ պատերազմի նախօրեակին կառուցուած 113 հայկական եւ 68 յունական կառոյցներ: Համաշխարհային Ա․ պատերազմի արդիւնքներէն մէկն է նաեւ Կեսարիոյ ժողովրդագրութեան փոփոխութիւնը: 1915 թուականին Կեսարիոյ հայերը աքսորուած են Սուրիոյ անապատները եւ 1923 թուականին Լոզանի պայմանագրի հիման վրայ իրականացած թուրք-յոյն բնակչութեան փոխանակման արդիւնքով, մեծամասնութեամբ թրքախօս Գարաման յոյները ուղարկուած են Յունաստան: Պատերազմի տարիներուն «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան» կառավարութեան գործադրած «Ազգային տնտեսութիւն» քաղաքականութեան արդիւնքով, 1916 թուականին «Կեսարիոյ տնտեսական ազգային սահմանափակ ընկերութիւն»ը եւ «Գիւղատնտեսական դրամատուն»ը հիմնուած է, սակայն այս ընկերութիւնները երկար կեանք չեն ունեցած: Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, տնտեսական կեանքը աշխուժացնելու նպատակով Կեսարիոյ մէջ պետական ներդրումները աճ արձանագրած են: 1929 թուականի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի արդիւնքով գործադրուած պետականակեդրոն տնտեսական քաղաքականութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Կեսարիոյ վրայ: Նախ, 1926 թուականին ծանր արդիւնաբերութեան ներդրում ըլլալով, հիմնուած են օդանաւերու եւ հրասայլերու գործարանները: 1927 թուակաՇարունակութիւնը էջ 32


Հայ Կեանք

Էջ 32

Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019

Գիտաժողով նուիրուած Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութեան Շարունակութիւն էջ 31-էն

նին երկաթուղին հասած է Կեսարիա: 1935 թուականին, որպէս Սիւմերպանքի ներդրում, «Կեսարիոյ կերպասագործութեան գործարան»ը հիմնուած է: Այս պետական ներդրումները պատճառ դարձած են որ Կեսարիան արդիականութիւն ապրի պետական միջամտութեամբ: Նոյն ժամանակաշրջանին մեծ թիւով ձեռնեցներ գաղթելով Ատանայի եւ Իսթանպուլի նման քաղաքներ, տեղական տնտեսութեան զարգացման սատար դարձած են: Հանրապետութեան հիմնադրութենէն առաջ եւ վերջ տեղի ունեցած ժողովրդագրական, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային տրոհումները արմատապէս ապրած է Կեսարիան եւ իր շրջակայքը, որը արժանի է գիտական ուսումնասիրութեան: Կեսարիոյ 1850-1950 թուականներու միջեւ պատմութիւնը, նոյն ատեն կարելի է ներկայանալ որպէս Թուրքիոյ հասարակական փոփոխութիւններու ամփոփումը: Հետեւաբար Կեսարիոյ եւ շրջակայքի ապրած «վիրալից» փոփոխութիւնները բովանդակալից եւ քննական մօտեցման առիթ ներկայացնող, միջդասակարգային պարունակութեամբ լեցուն զեկոյցներուն նախընտրութիւն պիտի տրուի այս գիտաժողովի ընթացքին: Գիտաժողովին լեզուներն են հայերէն, անգլերէն, թուրքերէն: Դիմումներու անգլերէն ամփոփումները դիմորդներու պատասխանատուութեան տակ են: Հարց-պատասխաններու եւ քննարկումներու առիթ տալու համար, զեկոյցները սահմանափակուած են 20 վայրկեանով: Գիտաժողովը կենդանի պիտի հեռարձակուի www.hrantdink.org կայքէջի վրայ:

րունակէ ծննդեան թուական, համալսարանական աստիճաններ, ուսումնասիրութեան ոլորտ, հրատարակուած գիրքեր եւ շարունակուող ուսումնասիրութիւններ: Դիմումներու ընդունման վերջին ժամկէտն է 5 Ապրիլ 2019, դիմումները կը խնդրուի կատարել ելեկտրոնային նամակ ուղարկելով laratas@hrantdink.org հասցէին: Գիտական Յանձնաժողով Սուավի Այտըն, Հաճէթթէփէ համալսարան, Օյա Կէօզէլ Տուրմազ, Գոճաէլիի համալսարան, Ահմետ Տեմիրէլ, Մարմարայի համալսարան, Ճեմալ Քաֆատար, Հարվըրտի համալսարան, Հասան Քայալը, Գալիֆորնիայի համալսարան, Սան Տիէկօ, Լեյլա Նեյզի, Սապանճըի համալսարան, Հիւլեա Ատաք, Սապանճըի համալսարան, Արուս Եումուլ, Պիլկի համալսարան, Այհան Աքթար, Պիլկի համալսարան, Մահիր Շաուլ, Իլինիոյի համալսարան, Ուրպանա-Շամբէյն, Պետրոս Տէր Մաթոսեան, Նեպրասքայի համալսարան, Լինքոլն, Էվանկէլիա Պալթա, Ազգային Հելենական հետազօտութեան հիմնարկ, Ռեյմոնտ Գէորգեան, Փարիզի համալսարան, Պուրաք Ասիլիսքենտեր, Ապտուլլահ Կուլ համալսարան, Կեսարիա։

Կը խնդրուի նշել, եթէ մասնակիցներու կազմակերպութիւնները պիտի չհոգան ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը: Գիտաժողովը կը կազմակերպուի միջգիտակարգային մօտեցումով՝ բաց է պատմութիւն, տնտեսական պատմութիւն, մարդաբանութիւն, մշակութաբանութիւն, հասարակագիտութիւն, քաղաքագիտութիւն, ժողովրդագրութիւն եւ ճարտարապետութիւն եւ նման գիտակարգերով Կեսարիան եւ շրջակայքը նիւթ առնող ուսումնասիրութիւններուն համար: Գիտաժողովին ներկայացուած զեկոյցները HDV hրատարակութիւններու կողմէ պիտի հրատարակուին որպէս գիտաժողովի նիւթերու հատոր: Գիտաժողովին դիմում կատարելու համար հարկաւոր է ուղարկել բնագիրներու 250 բառ երկարութեամբ ամփոփում եւ կարեւոր աղբիւրներու ցանկ, ինչպէս նաեւ 150 բառ երկարութեամբ ինքնակենսագրութիւն որ կը պա-

Կանանց Արամեան վարժարանի սաները, Կեսարիա Արշակ Ապլոյաչեան «Կեսարիայի հայկական պատմութիւնը», հատոր Ա․ Քահիրէ, 1937, էջ 1118


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.