Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 8(69)
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Նիկոլ Փաշինեան Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարար Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ Ապրիլ 2-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած անոնց շիրիմներուն: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուած է հոգեհանգստի արարողութիւն: Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ խոնարհած են նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրահրամանատար, պետական գործիչ Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Ծաղկեպսակ դրուած է նաեւ Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին:
Ապրիլեան պատերազմի 3-րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց Ապրիլեան պատերազմի 3-րդ տարելիցին առիթով: Ստորեւ՝ սոյն յայտարարութեան բնագիրը. «Ուղիղ երեք տարի առաջ՝ Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, ատրպէյճանական կողմը, կոպտօրէն խախտելով 12 Մայիս 1994-ին ձեռք բերուած կրակի եւ ռազմական գործողութիւնների ամբողջական դադարեցման մասին համաձայնագրով ամրագրուած հրադադարի ռեժիմը, Արցախի հետ սահմանի ողջ երկայնքով նախաձեռնել է պատերազմական գործողութիւններ: Ատրպէյճանական զինուած ուժերը ծանր տեխնիկայի, հրետանու եւ ռազմական օդուժի կիրառմամբ հրետակոծման են ենթարկել ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ դիրքերը, այլեւ խաղաղ բընակավայրերը, ինչը յանգեցրել է զոհերի, այդ թւում՝ խաղաղ բնակիչների շրջանում: Միայն չորս օր անց՝ 5 Ապրիլ 2016-ին, զգալի կորուստներ կրելով, Ատրպէյճանը ստիպուած էր ռազմական գործողութիւնների դադարեցում խնդրել Ռուսաստանի միջ-
նորդութեամբ: Յարձակողական գործողութիւնների ծաւալն ու ինտենսիւութիւնը, օգտագործուած զինտեխնիկայի եւ կենդանի ուժի քանակը, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւնների ներկայացուցիչների կողմից արուած յայտարարութիւնները վկայում են, որ Ապրիլեան իրադարձութիւնները ոչ այլ ինչ էին, քան նախօրօք ծրագրուած ռազմական ագրեսիա: Ատրպէյճանը նպատակ էր հետապնդում զաւթել Արցախի ողջ տարածքը՝ փորձելով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել Շարունակութիւնը էջ 3
Էջ 2
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Լեւոն Մնացականեան պատերազմի հաւանականութիւն կը տեսնէ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախը փաստացի անկախ է, ինչը պէտք է հաստատուի նաեւ իրաւականօրէն, եւ այդ հարցի լուծման ուղին պատերազմական գործողութիւններն են, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի ըլլան, Արցախի հանրային հեռուստաընկերութենէն ըսած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Լեւոն Մնացականեան՝ անդրադառնալով նոր պատերազմի հաւանականութեան: «Իրավիճակը արտաքինից կարելի է ասել, որ հանգիստ է: Եթէ մենք իրավիճակին նայենք, կարող է սխալուենք», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ պէտք է նկատի առնել ատրպէյճանական սպառազինութիւններու շարունակ յաւելումը. «Հակառակորդը ամէն օր ձեռք է բերում նոր նմոյշներ, ամէն օր ընդլայնում է իր զինանոցը, ամէն օր իրականացնում է դրանց իւրացման պարապմունքներ, դրա համար ընդգրկում է հրահանգիչներ տարբեր երկիրներից, որի համար ի հարկէ վճարում է: Չեմ կարծում, որ այդքանը արւում է խաղաղութեան համար»: Լեւոն Մնացականեանի կարծիքով՝ Արցախի անկախութիւնը իրաւական կերպով հաստատելու համար, ըստ ամենայնի, պատերազմ պիտի ըլլայ. «Ուզում ես խաղաղութիւն, պէտք է պատրաստուես պատերազմի, եւ մեր պարագայում աւելի շատ հակուած եմ ասելու, որ պատերազմ լինելու է, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ անկախութիւնը տէ ֆակտօ կայ, պէտք է հաստատուի նաեւ տէ իւրէ, եւ մենք գիտենք, որ միւս կողմը դրա համաձայնութիւնը չի տայ, եւ պէտք է հարցը լուծուի: Հարցի լուծման միակ ճանապարհը, կարծում եմ, ռազմականն է, եւ պէտք է պատրաստուենք մարտական գործողութիւնների: Վաղ թէ ուշ այդ գործողութիւնները կը լինեն», ըսած է պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը:
“Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան
Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան
Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com
News in Pages 15-22 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 3
Դաւիթ Տօնոյեան. «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներ» Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»ին, Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսելով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած է, թէ ինք կը փոխէ «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը: «Ես` իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, կ՛ըսեմ` «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը վերաձեւակերպած եմ, մենք հակառակը պիտի ընենք` «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներու դիմաց» ձեւաչափով գործելով», ըսած է ան: «Մենք այդ խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանական կացութեան մէջ ըլլալէ պիտի ձերբազատինք: Պիտի աւելցնենք թիւը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք ռազմական գործողութիւնները կրնան տեղափոխել հակառակորդի տարածք», նշած է Տօնոյեան: Նախարարը հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ամերիկահայերուն ներկայացուցած է նաեւ բանակին մէջ տիրող իրավիճակը` հաստատելով, որ բանակին մէջ մահացութեան աստիճանը պէտք է անպայման նուազեցնել, թէեւ անկարելի է ամբողջովին վերացնել զայն: «Անխուսափելի է` զէնքով են, երիտասարդ են», յայտնած է ան: Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծած է, որ կարեւոր է պայքարիլ ոճրային բարքերու դէմ, որոնց դրսեւորումներէն մէկը բացայայտուած է Մեղրիի զօրամասերէն մէկուն մէջ. «Զօրամասին մէջ այնքան լկտիացած էին, որ կանեփ կ՛աճեցնէին», ըսած է ան:
Ապրիլեան պատերազմի 3-րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Շարունակութիւն էջ 1-էն
ուժի կիրառման միջոցով, որը, սակայն չյաջողուեց Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի վճռական գործողութիւնների շնորհիւ: Ատրպէյճանական զինուած ուժերի գործողութիւններն ուղեկցւում էին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով եւ պատերազմական յանցագործութիւններով: Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կողմից հետեւողական աշխատանքներ են իրականացուել՝ միջազգային հանրութեանը, այդ թւում՝ մասնագիտացուած կառոյցներին եւ ատեաններին իրազեկելու իրագործուած ոճրագործութիւնների մասին: Համոզուած լինելով, որ նման յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունեն, Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակի ջանքեր գործադրել՝ մեղաւորներին պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով: Ռազմական գործողութիւնների աւարտից յետոյ անցել է երեք տարի, սակայն դեռ արդիական է Ատրպէյճանի ագրեսիւ նկրտումները զսպելու միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապահովելու 12 Մայիսի 1994-ի եւ 6 Փետրուար 1995-ի համաձայնագրերի լիակատար իրագործումը:
Անհրաժեշտ է նաեւ ներդնել հրադադարի ռեժիմի վերահսկման միջազգային մեխանիզմներ, եւ յատկապէս Ապրիլեան պատերազմից յետոյ Վիեննայում եւ Սանկտ Փեթերզպուրկում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների իրագործման միջոցով: Արցախի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է, որ Ատրպէյճանի կողմից հակամարտութիւնն ուժային ճանապարհով լուծելու փորձի դէպքում կը ձեռնարկուեն ինքնապաշտպանութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ՄԱԿի կանոնադրութեանը համապատասխան, Արցախի քաղաքացիների՝ սեփական հայրենիքում ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար»:
Էջ 4
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայաստան եւ Փորթուկալ յաջող գործընկերներ կրնան ըլլալ շարք մը ոլորտներէն ներս. Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Փորթուկալի նախագահին հետ
Աշխատանքային այցով Փորթուկալ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 9-ին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզայի հետ։ Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզան ողջունած է Հայաստանի իր գործընկերոջ այցը Փորթուկալ։ Ընդգծելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմամշակութային սերտ առնչութիւնները՝ Փորթուկալի նախագահը մեծագոյն ակնածանքով խօսած է Փորթուկալահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր անունը կրող հիմնադրամի գործունէութեան մասին։
Նախագահ Սարգսեան իր հերթին բարձր գնահատած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի մարդասիրական եւ մշակութային գործունէութիւնը եւ նշած է, որ հիմնադրամը իւրատեսակ կամուրջ է հայ- փորթուկալական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Հայաստանի եւ Փորթուկալի նախագահները մտքեր փոխանակած են փոխգործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններու շուրջ։ Անոնք համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները յաջող գործընկերներ կրնան ըլլալ կրթութեան, գիտութեան եւ նորագոյն գիտարուեստներու ոլորտներէն ներս։ Անդրադառնալով Փորթուկալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման ծրագրին՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան այս ոլորտէն ներս ունի մեծ գիտական ներուժ։ Իբրեւ համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւն՝ զրուցակիցները առանձնացուցած են նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտը։ Նշելով, որ Հայաստանէն աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կրնան այցելել Փորթուկալ եւ աւելի մեծ թիւով փորթուկալացիներ կրնան գալ եւ բացայայտել Հայաստանը՝ կողմերը կարեւորած են երկու երկրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան բարելաւման խնդիրը եւ հնարաւորութիւններու ուսումնասիրումը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Փորթուկալի նախագահը հրաւիրած է Հայաստան պաշտօնական այցի։ Իր հերթին նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզան նոյնպէս Հայաստանի իր գործընկերը հրաւիրած է Փորթուկալ պաշտօնական այցի։
ՌԱԿ պատուիրակութիւնը այցելեց Եռաբլուր Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցին առիթով, այսօր, ՌԱԿի պտուիրակութիւնը, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին: ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէ եւ շարքայիններէ բաղկացած պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղիկներ խոնարհեցին 2 Ապրիլ, 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ մարտիկներու շիրիմներուն:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 5
Վարչապետը Նիքոլա Ազնաւուրի հետ քննարկած է Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծմանը վերաբերող հարցեր ԵՐԵՒԱՆ, 10 ԱՊՐԻԼ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, որ կը հանդիսանայ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիրը ինչպէս նաեւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Սարgիսեանը: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործունեութիւնը եւ մասնաւորապէս ըստ մշակութային նախագիծին՝ Երեւանի մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծումը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է՝ Երեւանի մէջ Շառլ Ազնաւուրի կեանքի, գործունէութեան եւ կարիերայի մասին կեդրոնի կառուցումը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի յարգանքի տուրքն է մեծն հայի յիշատակին: Վարչապետը իր աջակցութիւնն յայտնած է անձամբ Շառլ Ազնաւուրի կողմէ մշակուած նախագիծի իրականացումը եւ յանձնարարած է պատկան գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն՝ սերտօրէն համագործակցիլ «Ազնաւուր» հիմնադրամի հետ այս ուղղութեամբ:
Իտալիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Թուրքիոյ կոչ ընող բանաձեւը ՀՌՈՄ։ Իտալիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 10-ին, քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ’ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յաւելեալ զօրակցութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան։ Բանաձեւը նաեւ կը յանձնարարէ Անգարայի իշխանութեանց, որ անյապաղ երկխօսութեան սկսին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, յատկապէս դիւանագիտական եւ տնտեսական կապեր հաստատելու նպատակով, նոյն ժամանակ Հայաստանի վրայ պարտադրուած շրջափակումին վերջ տալու կոչ ընելով։ Հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ բանեցուցած ճնշումներուն, բանաձեւը ներկայացուեցաւ երեսփոխան Ճիանքարլօ Փակլիարինիի կողմէ եւ անոր զօրակցեցան համախոհական կառավարութեան անդամ ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ պատգամաւորներ: Աւելի խիստ բանաձեւ մը պահանջող Համայնավար կուսակցութիւնը, չզօրակցեցաւ վաւերացուած բանաձեւին։ Ըստ «Ուիքիփիտիա»ի՝ Փակլիարինի ամուսնացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու զաւակին հետ։
Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Թուրքիոյ մէջ ինչո՞ւ կը նուազի հայերու թիւը Թուրքիոյ փաստաբաններու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին հանդէս եկած է հակահայկական ելոյթով: «Ամէն Ապրիլ 24-ին, ժամանակակից երեւնալու համար, կ’ըսեն «բոլորս հայ ենք» եւ կը փորձեն ստիպել արեւմտեան աշխարհին, որպէսզի ընդունի ատիկա: Ի հեճուկս ատոր՝ մենք ալ պիտի ըսենք. «բոլորս թուրք ենք»,- ըսած է Ֆէյզիօղլուն: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ այս յայտարարութեան արձագանգած է Պոլսոյ մէջ գործող «Նոր զարթօնք» հայկական նախաձեռնութեան անդամ Մուրատ Մըհչըն: Խօսելով Պոլսոյ հայ համայնքի վիճակին մասին՝ ան ըսած է. «40.000 մարդ մնացած ենք, մեծ մասը տարէց, մնացածներն ալ կամաց-կամաց կ’երթան այս երկրէն»: Թրքահայ համայնքի նօսրացման թեմային անդրադարձած Euronews-ի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ. «Ըստ Լոզանի պայմանագրին՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները կը ճանչցուին կրօնի տեսանկիւնէն: Այդ պատճառով ալ հայ բնակչութեան վերաբերեալ տուեալները կը ներառեն միայն քրիստոնեայ հայերը: Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջիկ եկած ու անօրինական կերպով աշխատող հայերու եւ իրենց հայ համարող իսլամներու քանակին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան»: Լրատուականը համայնքի նօսրացման նիւթով զրուցած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի սիւնակագիր Բագրատ Էսդուգեանի ու «Նոր զարթօնք»ի ներկայացուցիչ Մուրատ Մըհչըի հետ: Էսդուգեան կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու թիւին մասին արժանահաւատ տեղեկութիւններ չկան ու կ’աւելցնէ. «Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջիկ այստեղ եկած ու անօրինական կերպով այստեղ աշխատողներուն թիւը կրնան գիտնալ ոստիկանութեան անձնագրային վարչութենէն: Ձեւականօրէն իսլամացած հայերուն թիւը գիտնալը անհնար է»:
Բացուած է արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Երկար սպասումէ ետք, 1 Ապրիլ 2019-ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով՝ hyw.wikipedia.org (url)։ Այս կարգանիշին միջոցաւ կարելի է այցելել արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստած են Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին արեւմըտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծերը։ 2014 թուականէն ի վեր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու։ Այսօր արդէն իսկ ունինք 7․500-է աւելի արեւմտա-հայերէնով յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ՝ հայկական եւ համաշխարհային, յօդուածներ՝ այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ։ «Այս ուրախ առիթով, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքին իրականացման», -յայտնած է արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծին համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը, աւելցնելով, որ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար։ Շարունակութիւնը էջ 8
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 7
Հայաստանի ղեկավարները խիստ կեցուածք կ’որդեգրեն Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի դէմ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Կ
ը թուէր, թէ այս շաբաթ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն նշանակալից զարգացումը պիտի ըլլար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած առաջին բանակցային հանդիպումը Արցախեան հակամարտութեան շուրջ: Սակայն, քանի որ այս բանակցութիւններուն մէջ որեւէ բեկում չարձանագրուեցաւ, հետեւաբար, մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք այլ կարեւոր հարցերու վրայ: 28 Մարտ, 2019-ին, ելոյթ ունենալով Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ արձագանգի բացակայութիւնը՝ անցեալ տարուան ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, զորս կնքուած են «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով: Մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Փաշինեան այսպիսի կոշտ լեզուով կը խօսի Միացեալ Նահանգները յիշատակելու պահուն։ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շատոնց ի վեր հանդէս եկած են իբրեւ ժողովրդավարութեան ամէնէն ջերմեռանդ պաշտպանը ամբողջ աշխարհի մէջ», յայտարարեց Փաշինեան։ «Կ՛ուզեմ Ձեզի եւ բոլորիս հարցնել. իսկ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՞ս արձագանգեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովըրդավարական աննախադէպ փոփոխութիւններուն, որոնք …. էութեամբ ու բովանդակութեամբ ժողովրդավարական փոփոխութիւններ էին, եւ ոեւէ մէկը այս մասին չի կրնար կասկածիլ: Ես, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն ալ ըսած եմ, որ, ըստ ինծի, գործնականին մէջ իրենք զերօ արձագանգ տուած են, ինչո՞ւ»: Այնուհետեւ Փաշինեան շարունակեց պաշտպանել Հայաստանի անկախ քաղաքական գիծը՝ անտեսելով հզօր պետութիւններու կողմէ Երեւանի վրայ գործադրուած ճնշումները: «Երբ մենք կ’ըսենք, որ մեզի համար կարեւորը մեր երկրի ինքնիշխանութիւնն է՝ մենք նկատի չունինք, որ կախուածութիւնը Ա. կէտէ [Ռուսաստան] պէտք է փոխարինենք Բ. կէտէ [Միացեալ Նահանգներ] կախուածութեամբ: Մենք ինքնիշխանութեան նկատմամբ շատ լուրջ կը վերաբերինք, եւ ես ձեզի կ՛ուզեմ հաւաստիացնել … որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մեր երկրի ու ժողովուրդի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ, բոլոր ուղղութիւններով»: Արդարեւ, նախագահ Թրամփի վարչակազմը մինչեւ այսօր միայն խօսքերով զօրակցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տրամաթիկ եւ խաղաղ
փոփոխութիւններուն: Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Թրամփ շնորհաւորական պատգամ յղեց Փաշինեանի՝ բարձր գնահատելով «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնել նոր կառավարութեան՝ իրականացնելու լայնածաւալ բարեփոխումներ: Նմանապէս, պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «ուշագրաւ փոփոխութիւնները»: Սակայն այդ գեղեցիկ խօսքերը մնացած են թուղթի վրայ: Հայաստանին օգնելու համար ցարդ որեւէ յստակ քայլ չէ առնուած: Սա մասամբ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Թրամփի վարչակազմը անհոգ է օտար պետութիւններու մէջ ժողովըրդավարական զարգացումներու գծով, ինչպէս նաեւ Թրամփի՝ իր սեփական եսի եւ անձնական շահերու վրայ կեդրոնացած ըլլալուն պատճառով…։ Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը շատ դրական զարգացում մըն է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար եւ կտրուկ շրջադարձ՝ Հայաստանի նախորդ ղեկավարներու դիրքորոշումէն: Մինչեւ օրս Հայաստանի վրայ ճնշումներուն մեծ մասը կու գար Ռուսիայէն: Սա անխուսափելի փաստ է` հաշուի առնելով Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական կախուածութիւնը Ռուսիայէն: Նոր զարգացումը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները այլեւս չեն փափաքիր կուրօրէն ենթարկուիլ Ռուսիոյ ցանկութիւններուն եւ հրամաններուն՝ ոտնահարելով իրենց սեփական երկրի ինքնիշխանութիւնը: Երբ Հայաստանի շահերը հարցականի տակ էին՝ Փաշինեան չխուսափեցաւ Եւրոպական Միութիւնը քննադատելէ, ոչ ալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատումէն՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած քննարկումներուն ընթացքին: Եթէ Միացեալ Նահանգները կը փափաքին սիրաշահիլ Հայաստանը, ապա պէտք է «քաղցրաւենիք» առաջարկէ՝ «մտրակ»ի փոխարէն: Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «կրնաս աւելի շատ ճանճ բռնել մեղրով, քան քացախով»…։ Անցեալ շաբթուան երկրորդ ապշեցուցիչ նորութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութիւնն էր Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին: «Որպէս պաշտպանութեան նախարար կ’ըսեմ՝ «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը ես այսօր վերաբանաձեւած եմ՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», յայտարարեց Տօնոյեան Նիւ Եորքի հայ համայնքին հետ տեսակցութեան ընթացքին: «Մենք խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանողական վիճակէն պիտի ձերբազատինք եւ պիտի աւելցնենք թուաքանակը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք կրնան ռազմական գործողութիւնները տեղափոխել հակառակորդին տարածքը», յայտարարեց Տօնոյեան: «Ոչինչ պիտի զիջուի»: Շարունակութիւնը էջ 8
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Բացուած է արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Շարունակութիւն էջ 6-էն
«Կը շնորհաւորենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», -ըսած է Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը, աւելցնելով՝ «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է՝ արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»։ «Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով՝ կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», — ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, աւելցնելով՝ «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է։ Յու-
սանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը, համացանցի վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»։ Նշենք, որ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 Յունուար 2018-ին SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է։ Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմըտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս՝ սըրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին։ Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել։
Հայաստանի ղեկավարները խիստ կեցուածք կ’որդեգրեն Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի դէմ Շարունակութիւն էջ 7-էն
Թէեւ ոմանք կրնան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին խօսքերը մեկնաբանել իբրեւ ռազմատենչական, սակայն, իրականութեան մէջ, Տօնոյեան նոյն կերպով կ’արձագանգէ տարիներ շարունակ Ալիեւի բերնէն հնչող հազարաւոր սպառնալիքներու՝ Մեղրին եւ նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը գրաւելու մասին: Ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարները խօսին ուժի դիրքերէն, այլ ոչ թէ թուլութեան: Ակնյայտ է, որ Ալիեւ պատրաստ չէ պատերազմի, հակառակ պարագային, ան արդէն յարձակած կ՛ըլլար: Պէտք չէ լուրջի առնել անոր սպառնալիքները: Անհրաժեշտ է լռեցնել զայն՝ հակադարձ սպառնալիքներու միջոցով, իսկ անհրաժեշտութեան պա-
րագային՝ նախայարձակումներով..․։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յստակ պատգամներ կը յղէ Ատրպէյճանի նախագահին, որպէսզի յիմար նախաձեռնութեան մը չդիմէ: Այլապէս, անոր խողովակաշարերը եւ նաւթահորերը յարձակման կ՛ենթարկուին՝ կործանելով երկրին տնտեսութիւնը եւ տապալելով ալիեւեան վարչակարգը: Նշանակալից է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նման հզօր պատգամ կը յղէ Ատրպէյճանի՝ գտնուելով Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ…։ Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 9
Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի նշումներու բացման արարողութիւնը
Նոր Յառաջ– Լիզպոնի մէջ 2019 տարին կը հանդիսանայ Գալուստ Կիւլպէնկեանի տարին։ Արդ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրը՝ Մարտ 23-ին Հիմնարկութեան Լիզպոնի կեդրոնատեղիին մէջ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ 150-ամեակի բացման արարողութիւնը։ Ամբողջ տարուան ընթացքին զանազան անդրադարձներ, գեղարուեստական ելոյթներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան՝ վերայայտնաբերելու Կիւլպէնկեանի ժառանգութիւնը՝ որուն կազմակերպութեան մէջ մեծ է անոր ծոռան՝ Մարթին Էսաեանի եւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի դերակատարութիւնը։ Յատուկ շեշտ դրուած է Փորթուկալի երիտասարդութեան վրայ, որ առիթը պիտի ունենայ մօտէն ճանչնալու 20-րդ դարու եզակի եւ ամէնէն իւրայատուկ դէմքերէն մէկուն կեանքը, նկարագիրը, գործունէութիւնը, դարաշրջանը։ Ան որ անջնջելի հետք ձգած է Փորթուկալի ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ, այնտեղ հաստատելով իր հիմնարկութիւնը։ Այս առթիւ «Quem é Calouste concurso»-ի (Ո՞վ է Գալուստը մրցումին) սկիզբը տրուած է Յունուար ամսուն, որ աւարտած է Փետրուար 24-ին: 457 դիմում եղած է։ Մասնակցողներուն թիւն է շուրջ 1.ՕՕՕ։ Իսկ «Ի՞նչ ըսել է աշխարհաքաղաքացի ըլլալ» վիճարկումը տեղի ունեցաւ Մարտ 23-ի
յետմիջօրէին, 1ՕՕ ուսանողի ներկայութեամբ: Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնները մէկ առ մէկ կ՚անդրադառնան հիմնադիրի կեանքին, բազմաշերտ գործուէութեանց մշակութային ու պատմական բազմաթիւ եւ լայնածաւալ երեսակներուն՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին։ Ծնած է Սկիւտար, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան օրերուն, սակայն իր կեանքը ապրած է Եւրոպայի մէջ՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ։ Անոր գործունէութեան ծիրը սահման չէ ունեցած. կեդրոնական դեր խաղացած է 20-րդ դարուն սկիզբը ձեւաւորուող քարիւղի մեծ ընկերութիւններու կազմաւորման մէջ։ Յատկապէս մեծ ներդրում ունեցած է Իրաքի քարիւղի արտահանման գործին մէջ։ Ան, իր ժամանակին ամէնէն մեծ հարստութիւն դիզած անձն է ըստ Ճոնաթան Գոնլինի հրատարակած վերջին կենսագրական աշխատասիրութեան՝ «Mr Five Per Cent»-ին։ Կիւլպէնկեան թէեւ գործատէր մըն էր, բայց միաժամանակ բնութեան հրաշալիքներուն՝ թռչուններու, բուսաբանութեան, տիեզերագիտութեան մեծ սիրահար մը եղած է։ Գեղարուեստի գործերը ճանչցող եւ հաւաքող մը, բայց մա՛նաւանդ բարերար մը՝ մարդկային մտքի զարգացումով եւ ստեղծագործութեամբ հմայուած, անխոնջ ուսումնասիրող մը՝ անցեալի մեծագոյն քաղաքակրթութիւններու թողած յուշակոթողներուն եւ ճարտարապետական կառոյցներուն։ Աշխարհաքաղաքացի մը՝ իր հայեացքով եւ գործունէութեամբ։ Ան, իր հարստութեան 98-99 տոկոսը ժառանգ թողած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, որ տարեկան շուրջ 300 միլիոն տոլարի եկամուտ կ՚ապահովէ, որուն 2-3 միլիոնը կը յատկացուի հայկական համայնքներու բաժանմունքին։ Հաստատելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, հիմնադիրը նպատակ ունեցած է գործելու հիմնական չորս ոլորտներու մէջ՝ արուեստ, գիտութիւն, կրթութիւն եւ բարեսիրութիւն։ Իր կեանքին ընթացքին ջանացած է այս չորս կալուածներուն մէջ ինքզինք զարգացնել, սորվիլ, գործել եւ իր ժառանգութիւնը կտակել այս ոլորտներու յառաջխաղացումին։ Հանդիսութիւններու՝ տարուան յայտագիրը Կիւլպէնկեանի 150-ամեակի հանդիսութիւնները սկսան անոր կեանքին նուիրուած «Mr Five Per Cent» գիրքին շնորհահանդէսով՝ Լիզպոն, Լոնտոն եւ հուսկ Փարիզ՝ Մարտ 13-ին։ Այս հրատարակութիւնը առիթ տուած է հրապարակախօսական ու պաշտօնական բազմաթիւ հակադիր մեկնաբանութիւններու, որոնց ընթացքին հանրութիւնը ծանօթացած է նոր յայտնաբերումներու՝ հիմնադիրին կեանքին ու աշխատանքին մասին, բայց մա՛նաւանդ լուսաբանուած են Հիմնարկութեան հիմնադրութեան խընդՇարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի նշումներու բացման արարողութիւնը Շարունակութիւն էջ 9-էն
րայարոյց զանազան ծալքերը, որոնք ցարդ չէին դրսեւորուած, ինչ որ հասարակական կարծիքին մէջ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած էր։ Փետրուար 15 եւ 16-ին կայացած են դասախօսութիւններ, նուիրուած՝ Կիւլպէնկեանի հաւաքած արուեստի գործերու (1900-1950) ընտրութեան եւ աշխատանքի ձեւին, հետաքրքրութիւններու սահմանին, արուեստի գործ մը գնելու զանազան բանակցութիւններուն, մասնագէտներուն հետ զանոնք ստուգելու, գնահատելու եւ արժեւորելու գործընթացին։ Մարտ 23-ին, Լիզպոնի կեդրոնին մէջ առաւօտեան 10-էն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր զանազան յայտագրեր ծրագրուած էին, ուր յատկապէս մեծ տեղ յատկացուած էր երիտասարդութեան, որոնք տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին ծանօթացան Կիւլպէնկեանի աշխարհաքաղաքացիի տիպարին։ Յայտարարուեցան նաեւ տարեսկիզբին կայացած մրցումներուն արդիւնքները։ Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը՝ Հիմնարկութեան մայր համերգասրահին մէջ։ Ցուցադրուեցաւ երիտասարդ խումբերուն պատրաստած տեսերիզը եւ ընթերցուեցան Կիւլպէնկեանի կեանքէն ներշընչուած փոքրիկներու գրառումներ։ Ապա խօսք առաւ Հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէնուհին՝ Իզապէլ Մոթա, որ նաեւ նախագահուհին է Կիւլպէնկեանի կեդրոնական վարչութեան, որուն յաջորդեց Հիմնարկութեան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարթին Էսաեանի ելոյթը։ Վերջինս Հիմնարկութեան վերիմաստաւորման եւ նպատակներու վերասահմանումի կոչ ըրաւ հանրութեան եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան, հիմնուելով բոլոր այն նամակներուն վրայ, զորս իր մեծ-մեծ հայրը՝ Գալուստ յղած էր թոռնիկին՝ Միքայէլին, (Մարթինին հայրը) յիշատակելով այն բոլոր արժէքները, որոնց դաւանած է եւ յայտնաբերած, փորձելով զանոնք կիրարկել իր կեանքին մէջ՝ դիմագրաւելու համար այսօրուան աշխարհի մարտահրաւէրները։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ համերգ մը՝ «Մեծ պազար» խումբին կողմէ, որ յատկանշական էր նկատի ունենալով անոնց երգացանկին մէջ ընդգըրկուած երգերուն հինգ լեզուները (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն եւ թրքերէն), որոնցմով Կիւլպէնկեան իր կեանքի ընթացքին խօսած ու հաղորդակցած է։ Այս խումբը իր բազմազգեան ելոյթով Փորթուկալի երիտասարդութեան հրամցուց երաժշտական յօրինումներու փունջ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ։ Նոյն օրը ժամը 17.30-ին տեղի ունեցաւ Կիւլպէնկեանի անունով դրոշմաթուղթերու հրապարակումը՝ Փորթուկալի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ, ներկայութեամբ՝ Մարթին Էսաեա-
նի եւ Հիմնարկութեան տնօրէնութեան։ Կիւլպէնկեանի նուագախումբին կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ Տվորժաքի 9-րդ համանուագը եւ Պեթհովէնի 9-րդ համանուագի 4-րդ շարժումը։ Հուսկ բացումը կատարուեցաւ Կիւլպէնկեանին նուիրուած հոյակապ ցուցահանդէսին, կազմակերպութեամբ՝ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի, ուր փորթուկալերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բացատրութիւններ տրուած էին ներկայացուած իրերուն մասին, զանազան յղումներ կատարելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի ընտանիքին, գերդաստանին եւ բարեկամներուն։ Հոն տեղ գտած էին նաեւ անոր նամակները, ճամբորդական նօթերը…։ Բացառիկ երեւոյթ մըն էր, ուր զգալի էր Հիմնարկութեան տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն մեծ ներդրումը եւ ուր պատշաճօրէն տեղ գրաւած էին նաեւ անոր ընտանիքին եւ հայութեան առնչուած զանազան դրուագներ։ Այս տարուան ընթացքին նախատեսուած են բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներ։ Ապրիլ 5-ին պիտի ներկայացուի Տիգրան Մանսուրեանի «Հոգեհանգիստ»ը, կատարողութեամբ՝ Կիւլպէնկեանի երգչախումբին եւ նուագախումբին։ Տէլլալեան երրեակը ելոյթ պիտի ունենայ Լիզպոնի սենեկային համոյթին հետ։ Յունիսին թատերական ներկայացում նախատեսուած է՝ «Մարդը իր հազար տուներով» վերնագրով։ Դասախօսութիւններու շարքին հարկ է նշել անոնք որոնք պիտի տրուին «Իսլամական արուեստի սլացքը», «Բարեսիրութեան նոր ուղիները» բնաբաններով։ Գիրքի մը մէջ պիտի ամփոփուին եւ հրատարակուին թոռնիկին՝ Միքայէլին գրած Կիւլպէնկեանի նամակները…։
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 11
Միթէ, Պատրիարքական ընտրութեան համար սուգի 40 օր սպասելը պարտադրութիւն մըն է՞ Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ Գաղտնիք մը չէ որ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը շատ երկար տարիներէ ի վեր չունի պաշտօնական կարգավիճակ ու գրաւոր կանոնադրութիւն մը, կը կառավարուի անգիր կանոններով, հաստատագիրերով, վաւերագիրերով Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու գիծի հաւատարիմ մնալով: Խոր վիշտի ցաւ մըն էր, Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ.Մեսրոպ արք.Մութաֆեանի վախճանումը: Անտարակոյս, անոր վախճանումը մեծ կորուստ մըն է, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի համար: Ան դժուարին ու դաժան քաղաքական պայմաններու տակ իմաստութեամբ եւ խոր նուիրումով քրիստոնէական ճշգրիտ հաւատքով ծառայեց իր ժողովուրդին: Ոչ միայն որպէս, հոգեւորոկան ու հովապետ, այլեւ որպէս հեղինակաւոր, բարենորոգասէր, եւ յառաջադիմական անձնաւորութիւն ու լուսամիտ մտաւորական մը, սիրուած էր շատերու կողմէ: Այժմ Թուրքիոյ պատրիարքութեան Աթոռը թափուր է, եւ ներկայ պահուս դրութեամբ Աթոռի միակ օրինական մարմինն է Կրօնական ժողովը: Կրօնական ժողովը առաջին հերթին պէտք է
Փայլանի եւ 43 այլ ընդդիմադիր երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը խլելու նոր փորձ
որոշէ, Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան սկիզբ տալ եւ մինչեւ ընտրութեան պէտք է ընտրել տեղապահ մը: Թէեւ համայնքի մէջ ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ որ, Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրական գործընթացը, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած ներկայ քառասունօրեայ սուգի ժամանակաշրջանի աւարտին պիտի սկսի, սակայն ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, նոր Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի սկսելու համար արդեօք քառասուն օր սպասելու պարտադրութիւն մը կայ, թէ՛ ո՞չ: Եթէ կայ, ինչո՞ւ, Աթոռի 82-րդ գահակալ Շնորհք Պատրիարքի եւ 83-րդ գահակալ Գազանճեան Պատրիարքի վախճանումէն ետք չկիրակուեցա՞ւ, հոս ի հարկ է նշել թէ, Շնորհք Պատրիարք վախճանեցաւ 1990-ի Մարտին, անոր յաջորդին ընտրութեան գործընթաց սկսաւ Ապրիլ 1990-ին, իսկ Գազանճեան Պատրիարքը վախճանեցաւ 10 Մարտ 1998-ին, անոր յաջորդին ընտրական գործընթացը սկսաւ 21 Մարտ 1998-ին, հետեւաբար սուգի ժամանակաշըրջանը, Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրական գործընթացին սկիզբ տալու առումով արգելք մը չի հանդիսանար, արդեօ՞ք, ուրիշ արգելքներ կան: Արդեօ՞ք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրական գործընթացը հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման եօթնօրէնքի աւարտին կարելի չէր սկիզբ տալ:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը 44 երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զըրկելու նպատակով՝ դիմում կատարած է խորհրդարանին: Յատկանշական է, որ դիմումը ուղարկուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն միայն մէկ օր առաջ: 44 դիմումներէն 39-ը կը վերաբերին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներուն, որոնց մէջ են նաեւ
Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ կուսակցութեան համանախագահներ Սեզայի Թեմելլի եւ Փերվին Պուլտան: Յիշեցնենք, որ Փայլանի դէմ Անգարայի եւ Տիգրանակերտի դատախազութիւններուն ներկայացուած են երկու այլ հետաքննութիւններ՝ անոր անձեռնմխելիութիւնը խլելու համար։ 5 այլ դիմումները կը վերաբերին գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն պատգամաւորներու, ներառեալ կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուին։
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
«Փոխանցի՛ր յիշողութիւնդ» Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտն Ապրիլ 24-ի ընդառաջ հանդէս է գալիս «Փոխանցի՛ր յիշողութիւնդ» նախաձեռնութեամբ: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածների ժառանգներին տրամադրւում է հարթակ՝ կիսուելու սեփական ընտանիքի՝ ցեղասպանութեանը վերաբերող պատմութիւններով: Կարող էք կիսուել թէ՛ բանաւոր, թէ՛ գրաւոր փոխանցուած պատմութիւններով, Եղեռնը վերապրած նախնիների լուսանկարներով ու այդ օրերից մնացած մասունք-պատառիկներով: Ձեր փոխանցած յիշողութիւնը խիստ կարեւոր է. բոլոր պատմութիւնները կուսումնասիրուեն, կհանրայնացուեն, իսկ ցանկութեան դէպքում մեզ տրամադրած յուշագրութիւններն ու լուսանկարները, կպահուեն ՀՑԹԻ գիտական ֆոնդերում: Անհրաժեշտ են՝ 1. պատմողի տուեալները, 2. վերապրողի տուեալները, 3. ժամանակաշրջանը, 4. բնակավայրը, 5. առկայութեան դէպքում լուսանկարներ, 6. այլ մանրամասներ: Տեղեկութիւններն ուղարկել info@genocidemuseum էլ.հասցէին՝ նամակի թեմա նշելով՝ «Փոխանցիր յիշողութիւնդ» կամ «Transfer your memory» կամ բերել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ՝ ք. Երեւան, Ծիծեռնակաբերդի խճուղի 8/8: Մանրամասների համար զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարով` (010) 390981-111:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 13
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ 104-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՆՈՐ ՄԱՍԻՆ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Երբ կարգը անարդարութիւն է, անկարգութիւնը սկզբնաւորութիւնն է արդարութեան:» Ռոմէն Ռոլլան
Հայկական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Hyperallergic ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը, որուն խորագիրն էր «Վարչակարգը կը թաքցնէ բնիկ հայոց մշակոյթը»: Թիւեր տըրւած էին. «Ատըրպէյճանի կողմէ միջնադարեան 89 եկեղեցիներու, 5․480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման» մասին: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն ուսումնասիրութիւնները, հրապարակումները եւ լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրերը, եթէ այսօրը պիտի ըլլայ երէկուան պէս, վաղն ալ այսօրուան պէս: Եթէ գրուածը, ըսուածը եւ բացայայտուածը նախաձեռնութիւններու մեկնակէտ պիտի չըլլան, եթէ անոնք մեր պարագային քաղաքական նախաձեռնութիւն եւ հետապընդում պիտի չըլլան, պիտի դասուին հէքիաթի շարքին: Կամ՝ ըլլան դատարկ շատախօսութեան աղմուկ: Կարծէք աւելի դիւրին, չանհանգստացնող եւ անվնաս աղմկարարութիւն է խօսիլ դարու հնութիւն ունեցող դէպքերու եւ չարիքներու մասին, քան դիմակայել ժամանակակիցը եւ անմիջականը: Երբ կը շարունակուի պատմական չարիքը, որ մեզ մեր հողէն դուրս դնելէ ետք, նախաձեռնած է մեր ինքնութիւնը կազմող նիւթաբարոյական հետքերը ոչնչացընելու, ի՞նչ կ’ընենք եւ ի՞նչ կ’ընէ միջազգային ընտանիքը չարագործութեան եւ անիրաւութիւններուն վերջ տալու համար: Աւելի պարզ. լռութեամբ եւ կրաւորականութեամբ մեղսակից չըլլալու համար: «Ի՞նչ կ’ընենք»ին պատասխանը պարտին տալ ղեկավարութիւնները, ազգային եւ միջազգային, որ չըլլայ թուղթ, մելան եւ հերցեան ալիք: «Ի՞նչ կ’ընենք»ի պատասխանը այսօր չտան եւ չտանք, վաղը ուշ պիտի ըլլայ, գնացքը սուլած եւ գացած պիտի ըլլայ: Ի հարկէ մնացած պիտի ըլլան հանդէսներ կազմակերպելու եւ պատկերներ ցուցադրելու բանգիտական երջանկութիւնը, բարձրախօսներու աղմուկը եւ պատկերներու տողանցքը: Հայկական հող-հայրենիք Նախիջեւանը շարունակուող ցեղասպանութեան վառ ապացոյց է: Մէկ հատիկ արդար եւ բարոյական պատ-
ճառ պէտք է տան միջազգային համայնքը, Ռուսիան, Թուրքիան, Ամերիկան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, նաեւ Ատրպէյճանը, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայկական բազմադարեան հող եւ հայու մշակոյթով յագեցած Նախիջեւանը բռնակցուած պիտի մնայ Ատրպէյճանի: Բայց նաեւ ինչո՞ւ մենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), չենք միջազգայնացներ, սկսելու համար, Նախիջեւանի տարածքին ի գիտութիւն մեզի եւ աշխարհին տեղի ունեցող վանտալիզմը, որ մշակութասպանութիւն է: Միթէ՞ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ’անգիտանայ, ինչ որ ներկայացուած է միջազգային հանրային կարծիքին, այն՝ որ Ատրպէյճան միջնադարեան 89 եկեղեցիներ, 5․480 նրբազարդ խաչքարեր եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարեր ոչնչացուցած է եւ կ’ոչնչացնէ, ջնջելու համար հայկական հետքը: Երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն գիտէ եւ կը լռէ, ձեռնածալ կը նստի, կը դաւաճանէ իր առաքելութեան: Ա՛յս պէտք է բարձրաձայնել ամէն առիթով եւ ամէն տեղ: Այս տարի, «ապրիլեան ոգեկոչումներու» ծիսային հասցէները փոխելով, հայկական ցեղասպանութեան հարցը այժմէականացնելու ճիգով, պէտք է որպէս թիրախ ընտրել շարունակուող եւ անմիջական ցեղասպանութեան յանցագործները եւ իրենց լռութեամբ մեղսակիցները: Ցոյց չընել Փարիզի մայր պողոտային վրայ, այլ Իւնեսքոյի եւ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, քանդուողքանդուած եկեղեցիներու եւ խաչքարերու պատկերներով, ընել նոյնը Զուիցերիա, Գերմանիա, Մոսկուա, չերթալ Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուէյր», այլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ, նոյնը՝ ամենուրեք: Եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Շարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ 104-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՆՈՐ ՄԱՍԻՆ Շարունակութիւն էջ 13-էն
բեմէն խօսիլ այս մասին: Հոն ներկայ է մեր պետութիւնը, ներկայ են նաեւ «ցեղասպանութիւնը ճանչցած» մեր «բարեկամները»ը, որոնք պարտականութիւն պէտք է համարեն ըսել, որ ներկան կը վկայէ անցեալի մասին: Նոյնը՝ Հայաստանի մէջ, «հոգեպարար»էն եւ «տպաւորիչ»էն անդին անցնելով պատգամ եւ պահանջ հասցնելով ճիշդ հասցէին: Այսօր Ատրպէյճան, անպատիժ մնալու քաջալերանքով, կը շարունակէ հայոց դէմ իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Ա՛յս պէտք է ըսենք մենք եւ մեր բարեկամները: Միջազգային մեծանուն կազմակերպութիւնները վատութեամբ մոռցան Սումկայիթի յոռեգոյն ձեւերով գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Պաքուի հարիւր հազարաւորներով հայերու իրաւունքներու ոտնակոխումը եւ բռնագաղթը: Այս ոճիրները դարու հնութիւն չեն, անմիջական պատմութիւն են: Փոխանակ Ծիծեռնակաբերդ երթալու, եթէ այս տարի երթայինք Նախիջեւանի սահման, ուխտի երթալու պէս, իրաւազրկուած տիրոջ հաստատակամութեամբ, ծէսերը կը փոխարինէինք քաղաքական գիտակցութեամբ, սուգը՝ իրաւունքի պաշտպանութեամբ, միս եւ ոսկոր կու տայինք մեր իրաւատիրական կամքին: Այսինքն՝ կ’այժմէականացնէինք մեր իրաւունքի պաշտպանութեան դատը, որ այս անգամ պատմագիտութիւն չէ, այլ է անմիջական քաղաքականութիւն, ինչպէս կ’ըսուի՝ գետնի վրայ: Եւ ի վերջոյ, այնքա՜ն ջատագովուած միջազգային օրէնքներ եւ ատեաններ կան արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքերու պաշտպանութեան համար: Անոնք ըսելիք եւ ընելիք չունի՞ն «Ատրպէյճանի կողմէ միջնադարեան 89 եկեղեցիներու, 5.480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման» հարցով: Բայց որպէսզի միջազգային օրէնքները եւ ատեանները գործեն, անոնց դիմող, դիմողներ պէտք է ըլլան: Դիմողը՝ մենք: Դիմողները՝ «ցեղասպանութիւնը ճանչցող մեր բարեկամները»: Եթէ անոնք կրկին «մատներու արանքէն» նային, այս ոճիրներն ալ օր մը կ’արձանագրուին պատմութեան շահ-վնասի մեծ տոմարներուն մէջ, առանց նոյնիսկ ձեւական խղճահարութեան: Մեզի կը մնայ թուական մը
ճշդելու եւ ոգեկոչումով զբաղելու ծէսի կազմակերպումը: Քաղաքական իրաւ կարգախօս կ’ըլլա՞յ այն՝ որ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՑԵՂԱՍՊԱ ՆՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄ Է ԲՌՆԱԿՑՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԸ, որպէսզի կրկին վատութեամբ չըսուի, որ արդէն ուշ է: Դեռ հարց է այն նաեւ, որ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս որոշուած է Նախիջեւանը բռնակցել Ատրպէյճանի: Ժամանակաւորապէս Ռուսիոյ վերահսկողութեան յանձնուած էր Նախիջեւանը: Ռուսիա այս հարցով իր պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ, հայ դիւանագիտութիւնը եւ պետութիւնը յարաբերութիւններու ընթացքին անվարան պէտք է յիշեցնեն եւ տէր կանգնին Նախիջեւանի որպէս հայկական պատմական հող եւ սեփականութիւն: Այսօր կը թաքցնեն հայոց հետքը եւ մշակոյթը վաղը մոռցնելու համար: Եւ թերեւս պէտք է լսել, հասկնալ եւ գործել, հետեւելով Նոպէլեան դափնեկիր Ռոմէն Ռոլլանի պատմութենէն ներշնչուած իմաստութեան, ըստ որուն՝ «Երբ կարգը անարդարութիւն է, անկարգութիւնը սկզբնաւորութիւնն է արդարութեան»: Ծէսերը ինքնամխիթարութեան բարոյախօսութիւն են:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 15
Statement by the Foreign Ministry of Armenia on the third anniversary of the April aggression of Azerbaijan against Artsakh Three years ago on April 2, 2016 Azerbaijani armed forces resorted to large scale military offensive against Nagorno-Karabakh. Azerbaijan flagrantly violated the ceasefire and its commitment of nonuse of force undertaken within Nagorno-Karabakh peace process under the auspices of the OSCE Minsk Group Co-Chairs. The use of force was accompanied by atrocities perpetrated by Azerbaijani armed forces against both militaries and civilians in the most horrible manner. They replicated the massacres and ethnic cleansing committed by Azerbaijan against the Armenians of Nagorno-Karabakh in the beginning of 1990s. This time the eminent threat of larger scale of atrocities against civilian population was prevented by the effective defense of the Nagorno-Karabakh army. The sacrifice of militaries and voluntaries became a part of continued heroic struggle of the people of Artsakh to live free and in dignity in their ancestral homeland.
negotiations that should guarantee the peaceful life of the people of Artsakh.
The April war demonstrated once again that the right of people of Artsakh to self- determination cannot be suppressed by the use of force. The status and security of Nagorno-Karabakh stand as indispensable issues of substance in any result oriented
The stalemate created by the April aggression showed that there is no alternative to the peaceful and negotiated resolution of Nagorno-Karabakh conflict under the auspices of the OSCE Minsk Group Co-Chairs.
The non-use or threat of use of force, strict adherence to the ceasefire, introduction of the risk reduction and confidence building measures are essential for the creation of an environment conducive to peace.
EU, Russia Optimistic After Pashinyan, Aliyev Meeting
Encouraged by the reported “positive” results of last week’s meeting between Prime Minister Nikol Pashinyan and President Ilham Aliyev of Azerbaijan on the Karabakh conflict resolution process, the European Union and Russia voiced optimism and pledged to support efforts to resolve the conflict. Federica Mogherinim the EU’s High Commissioner
for Foreign Affairs and Security Policy, said the results of the meeting inspired hope for a lasting resolution to the conflict. “The recent meeting of the Armenian and Azerbaijani leaders in Vienna was positive. In line with the Paris agreement in January, the high-level contacts and significant reduction in ceasefire violations, it gives us certain hope that the process will move forward, and the two countries will fulfill their commitments and will hold negotiations without preconditions,” Mogherini said at a press conference in Brussels after a session of the EU-Azerbaijan Association Council. The European Union fully supports the efforts of the OSCE Minsk Group Co-Chairs in the resolution process of the Nagorno Karabakh conflict, Ambassador Piotr Świtalski, Head of the EU Delegation to Armenia, told reporters Wednesday. “The mediation mission over the resolution of the Cont. on page 18
Էջ 16
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Armenian, Artsakh Presidents honor war veterans in Talish Armenian President Armen Sarkissian, currently on a working visit to Artsakh, visited the village of Talish in the country’s Martakert region together with Artsakh’s President Pago Sahakian. In the village, the presidents laid flowers and paid tribute to the servicemen who were killed during the 2016 April War, when Azerbaijan unleashed a major attack on the country’s borders. Then, Sarkissian and Sahakian met with soldiers who participated in the war, Sarkissian’s Office said. “I have come here to bow before you and say I am proud of you, I am proud that soldiers of the victorious Armenian army are standing in front of me,” Sarkissian said, thanking the men for their service. “I have come to see, feel and listen to you. For me it is very important to listen what the soldier, the officer who were at the frontline have to say”. Sarkissian was proud to note that he can feel the pan-Armenian presence in Talish. “There are many buildings here built by donations from the AGBU, the Hayastan All Armenian Fund and many individual philanthropists,” he said. “Wars are won not only with weapons but with spirit. If this spirit is strong, no one can do anything against it”.
Italian Chamber of Deputies approves motion that commits the government to recognize the Armenian Genocide
ROME — The Italian Chamber of Deputies on Wednesday approved a motion calling on the Italian government to “officially recognize the Armenian genocide” and raise the profile of this issue at the international level. The motion was approved with 382 votes in favor, none against and 43 abstentions by MPs from the opposition, center-right Forza Italia party. After the vote all the deputies stood up to applaud. “Recognizing and commemorating the cruelties and atrocities committed in the 20th century must be a constant warning,” reads the motion. The text of the document makes reference to
the 1973 decision of the UN Human Rights Commission to recognize as genocide the extermination of 1.5 million Armenians under the Ottoman Empire in 19151917, as well as a similar decision backed by the European Parliament in 2015 calling on all its member states to acknowledge the genocide. The document also cites Pope Francis’ description of the Armenian Genocide as “the first genocide of the 20th century.” The motion, submitted by deputies of Five Star Movement, was supported by MPs of far-right League party, the opposition Democratic party and Brothers of Italy party. On Monday the Turkish Foreign Ministry summoned the Italian ambassador to Ankara, Massimo Gaiani for clarifications on the new measure which sparked discontent in the country. Speaking to media today, Omer Celik, spokesman for the ruling Justice and Development Party, said Italy “is being tricked by Armenian diaspora, which in no way wants normal relations between Turkey and Armenia.” Italy’s nine regional councils have already recognized the Armenian Genocide.
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 17
Bipartisan Armenian Genocide Resolution Garners Support of Over 70 Members on Day of Introduction Rep. Bilirakis. The Armenian Genocide resolution expresses the sense of the House to: “commemorate the Armenian Genocide through official recognition and remembrance; reject efforts to enlist, engage, or otherwise associate the United States Government with denial of the Armenian Genocide or any other genocide; and encourage education and public understanding of the facts of the Armenian Genocide, including the United States role in the humanitarian relief effort, and the relevance of the Armenian Genocide to modern-day crimes against humanity.”
WASHINGTON, D.C. – A bipartisan congressional resolution commemorating the Armenian Genocide was introduced today, with over 70 Members of Congress joining as co-sponsors. This resolution encourages education and greater public awareness of the Armenian Genocide, including America’s unprecedented overseas humanitarian relief at the time, reported the Armenian Assembly of America. Congressional Caucus on Armenian Issues Co-Vice Chair Adam Schiff (D-CA) and Co-Chair Gus Bilirakis (R-FL) spearheaded the resolution, and were joined by the other leaders of the Caucus, Representatives Frank Pallone, Jr. (D-NJ), Peter King (RNY), and Jackie Speier (D-CA) in underscoring their support for the recognition of the Armenian Genocide.
“The facts of the genocide were recorded contemporaneously by American diplomats, including the Ambassador to the Ottoman Empire Henry Morgenthau, who transmitted a flood of cables and reports describing the wholesale slaughter of the Armenians,” Rep. Schiff and Rep. Bilirakis wrote in a letter to their colleagues. “Congress passed first of its kind legislation to establish the Near East Relief effort which provided millions of dollars in food and aid to survivors, including tens of thousands of orphans,” Congressmen Schiff and Bilirakis stated to their colleagues as only one example of U.S. efforts to help the victims of the Armenian Genocide. Click here to read the full resolution
“Over 100 years ago, the Ottoman Empire undertook a brutal campaign of murder, rape, and displacement against the Armenian people that took the lives of 1.5 million men, women, and children in the first genocide of the 20th century,” Rep. Schiff stated. “Genocide is not a relic of the past, but an ever present threat. Its denial is not only a continuing injury to the survivors, but makes its repetition against another people more likely. It is therefore all the more pressing that the Congress recognize the historical fact of the Armenian Genocide and make clear that we will never be an accomplice to denial.” “Genocide must not be denied. It must be acknowledged for what it is – a scourge on humanity. Official recognition of the Armenian Genocide would represent a courageous new chapter in American foreign policy. With the bold leadership of the current Administration, it is time for the United States to take a stand against Turkish genocide denial,” said
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Էջ 18
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Kurdistan opens first Armenian Apostolic Church in Erbil The Kurdistan Regional Government (KRG) on Saturday opened the first Armenian Apostolic Church in Erbil, the capital of the Autonomous Kurdistan Region (Iraqi Kurdistan), Kurdistan 24 reports. It has been built and supervised by the KRG’s Ministry of Endowment and Religious Affairs and is located in the district of Ankawa, an area known for having a predominantly Christian population. The house of prayer was opened in a special ceremony attended by local officials and foreign envoys. “The opening of this church itself is laying another foundation stone for a peaceful coexistence of different ethnic and religious groups in the Kurdistan Region,” Safeen Dizayee, the spokesperson of the KRG present representing Prime Minister Nechirvan Barzani at the observance, told Kurdistan 24. He stated that the culture of tolerance and coexistence is not a political decision, but rather has deep cultural roots in Kurdistan. Dizayee also said he hoped that displaced Christians could return to their homes in the Kurdistan Region and areas with diverse populations outside Mosul known as the Nineveh Plains. The Kurdistan Region is home to over 120,000 Christians, distributed throughout the different provinces but with the majority living in Erbil and Duhok. The region’s unicameral parliament reserves one seat for a representative of the Armenian community.
EU, Russia Optimistic After Pashinyan, Aliyev Meeting Cont. from page 15
Nagorno Karabakh conflict is being carried out by the OSCE Minsk Group Co-Chairs, and they completely guide this process. As for the European Union, we fully support the efforts of the Minsk Group Co-Chairs,” he added. Following the March 29 Pashinyan-Aliyev meeting in Vienna, both leaders announced that they deemed the meeting a “success” and directed their foreign ministers to continue talks for the resolution of the Karabakh conflict. Also on Wednesday, Moscow pledged to provide the necessary support to Baku and Yerevan to implement the results of the recent Pashinyan-Aliyev meeting, said Russian foreign ministry spokeswoman Maria Zakharova, according to TASS. “Supporting the sides in the Karabakh conflict resolution process is one of the key foreign policy priorities for Russia. This fact attaches specific importance to the ongoing mediation activities, determines great attention to its results,” said Zakharova. “The negotiation process for the resolution of the Karabakh conflict continues. The sides have shown intent to continue the work aimed at reaching the peaceful settlement,” added Zakharova. “We welcome the prevailing constructive approach in the negotiations. We will provide necessary sup-
port to the sides in order to implement the ideas over which a consensus was reached in the capital of Austria,” explained Zakharova. “However, as it has been repeatedly stated by the presidents of the co-chair countries, the responsibility to put an end to the conflict lies on the sides to the conflict. The most important aspect is to demonstrate political will.”
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 19
Artsakh FM: Maragha Massacre a Manifestation of Azerbaijan’s Terror Against Armenians to live in their homeland. This policy was adopted and consistently implemented by the Azerbaijani authorities throughout the Azerbaijan-Karabakh conflict,” the statement reads. According to the Ministry, Azerbaijan tried to apply the same methods and approaches during the April 2016 aggression unleashed against Artsakh, which was prevented only thanks to the decisive actions by the Artsakh Defense Army, ensuring the independence of the country and the security of its citizens. STEPANAKERT — The tragedy in Maragha was one of the manifestations of Azerbaijan’s policy of violence and terror against Armenians, the Artsakh Foreign Ministry said in a statement, marking the 27th anniversary of the Maragha massacre. On March 10, 1992, after prolonged shelling, the Azerbaijani armed forces broke into Maragha settlement of the Martakert region of the Republic of Artsakh. The local self-defense forces managed to evacuate most of the population, but 118 people, mostly disabled, elderly, women and children, remained in the village. Over 50 of them were brutally murdered. 45 residents of the village were taken hostage including 9 children and 29 women, the fate of 19 of them remains unknown. Maragha was liberated by the Artsakh armed forces, but two weeks later the Azerbaijani troops invaded the village again and committed a new crime against the people who had returned to bury their relatives. “The massacre of the civilians of Maragha was one of the most tragic events taken place during the war unleashed by Azerbaijan against Artsakh. The attack on the settlement committed by the Azerbaijani troops was not conditioned by a military necessity, but was aimed at eliminating its civilian population,” the Ministry said. Representatives of the Christian Solidarity Worldwide organization, led by Member and Vice Speaker of the House of Lords of Great Britain, human rights activist Baroness Caroline Cox, who had visited the settlement immediately after the massacres, also testified about the war crimes committed against the civilian population. “The tragedy in Maragha was one of the manifestations of Azerbaijan’s policy of violence and terror against Armenians, and deprivation of the possibility
“The military crimes and gross violations of international humanitarian law committed by the Azerbaijani armed forces both in Maragha and 24 years later, during the April war, prove that indifference and impunity towards the crimes against humanity lead to their recurrence,” the statement concludes.
ADA Aerospace launching drone production in Armenia
PanARMENIAN – Russian UAV manufacturer ADA Aerospace will open production of drones in Armenia, the company has revealed, according to media publications. “ADA Aerospace and Pro MAQ create a joint venture to launch serial production of TRIADA UAVs in Armenia. The partners are planning not only to develop joint production of UAVs, but also to take the products to promising international markets,” a representative said, Sputnik says citing a report from RIA Novosti. At the same time, the company will supply the TRIADA unmanned aerial vehicles worth $4.5 million to Armenia. Delivery will be carried out in two stages and will be completed by 2020. The first batch of drones will be delivered to the Emergencies Ministry of Armenia in 2019, while the second will arrive by the end of 2020.
Էջ 20
Հայ Կեանք
ARMENIAN CHURCH ST. JOHN THE FORERUNNER
His Holiness Karekin II, the Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians will make a historic visit to Heraklion Crete, from May 4 till May 7, 2019. The Head of the Armenian Apostolic Church (Oriental Orthodox) is expected in Crete to commemorate the 350th anniversary of the Armenian church St. John the Forerunner in Heraklion, which is considered one of the oldest remaining Armenian churches in Europe. His Holiness will be present at a number of events
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
scheduled, which are organized by the Armenian community of Heraklion, in cooperation with the Holy Archdiocese of Crete, the Municipality of Crete as well as other city agencies. His Holiness is expected to arrive on May 4 at “Nikos Kazantzakis” airport where he will be welcomed by the Archbishop of Crete His Eminence Irinaios, a government representative, the Governor of Crete Stavros Arnaoutakis, and others. At 19:00 that day the Armenian community is organizing at the site of the former “Astoria” cinema where after some short speeches the Armenian dance ensemble “HAYASA” (Moscow, Diocese of Armenian Church in Russia and Nor Nachichevan) will perform traditional Armenian dances. On Sunday May 5 at 11:00 am the Holy Mass will be celebrated at the Armenian church with the Catholicos Karekin II and the Archbishop of Crete presiding. During the Divine Liturgy the relics of St. John the Baptist will be exhibited. At 14:00 the same day a luncheon will be held in honor of the Patriarch and it will include government officials as well as members of the public.* • Those wishing to attend the luncheon can participate by calling Stepan Nalbantian at + 30 6948104355 or by email, stepannalbantian@gmail.com
«Τουρισμός σε Ελλάδα και Αρμενία: Εναλλακτικοί Προορισμοί, Δυνατότητες Ανάπτυξης και Προοπτικές»
Βρισκόμαστε στην ευχάριστη θέση να σας προσκαλέσουμε στην εκδήλωση: «Τουρισμός σε Ελλάδα και Αρμενία: Εναλλακτικοί Προορισμοί, Δυνατότητες Ανάπτυξης και Προοπτικές» που θα πραγματοποιηθεί στα πλαίσια του 30ου Money Show το ερχόμενο Σάββατο 13 Απριλίου 2019 και ώρα 17:00-18:00 στην Αίθουσα Ephesus I του ξανοδοχείου Hyatt Regency στη Θεσσαλονίκη. Εισηγητές: Κύρος Λαζαρίδης, Πρόεδρος του Ελληνο-Πολωνικού Επιμελητηρίου Εμπορίου και Επενδύσεων Άκης Δαγκαζιάν, Πρόεδρος του Ελληνο-Αρμενικού Εμπορικού και Βιομηχανικού Επιμελητηρίου Ελλάδος
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 21
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Remembering Writer José Antonio Gurriarán, Friend to the Armenian Nation AGBU marks the passing of the fearless investigative reporter and author José Antonio Gurriarán, who, 40 years ago, experienced a lifechanging event that would tie him inextricably to the cause of Armenian Genocide awareness. A journalist by profession, Gurriarán was gravely injured when a bomb planted by the Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia (ASALA) exploded in Madrid. While he fought to save his legs in the hospital, he began researching why ASALA was waging its campaign and the Armenian cause to which it was trying to call attention. Just a year and a half later, he would sit down with the group in Lebanon, confronting its tactics. In his most famous book, La Bomba [The Bomb], he details the attack, his own recovery, and his subsequent exploration of the Genocide. In addition to La Bomba, he published Armenios, el genocidio olvidado [Armenians: The Forgotten Genocide], accounts of the children and grandchildren of genocide survivors, along with Lisboa, ciudad inolvidable [Lisbon: An Unforgettable City] and El rey en Estoril [The King in Estoril]. In 2015, AGBU and the Associació Cultural Armenia de Barcelona [Armenian Cultural Association of Barcelona] (ACAB) presented Gurriarán with the Garbis Papazian Award, which celebrates non-Armenian intellectuals who work towards generating awareness of Armenian history and culture. He was honored for his dedication to the struggle for justice, reparation and restitution throughout his career. Gurriarán passed away in Madrid, Spain on March 31, 2019 at the age of 80.
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 23
Սատարել հայ մշակոյթին Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հ
օրեղբօրս` տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի Հալէպի բնակարանը թերեւս պէտք է համարել պզտիկ տուն-թանգարան մը: Հոն կան մեծաթիւ հայկական մամուլ եւ գիր, նաեւ` գեղանկարչական գործեր, որոնց մէջ իր անձնական գծագրական հաւաքածոն եւ շատ մը համաշխարհային վաստակ ստացած նկարիչներու գործեր` տարբեր երկիրներէ: Իր բնակարանը միշտ ալ եղած էր ժամադրավայր, ուրկէ անցած են արուեստագէտ-մտաւորական, ազգային եւ հայրենի բազմաթիւ գործիչներ: Հալէպի Սեպիլի իր բնակարանը պատանեկան տարիներէս ինծի համար եղած էր արուեստի եւ գրականութեան ծանօթացումի լաւ դպրոց մը: Կարգ մը այցելողներու անձամբ հանդիպած եմ, ուրիշներու եւ անոնց տաղանդներուն մասին լսած եմ հօրեղբօրս յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութիւններուն ճամբով, անոնք ո՛չ միայն այցելած են իրեն` Հալէպի տան մէջ, այլ նաեւ ձգած են գեղարուեստական գործեր-յուշանուէրներ, որոնք տան պատին վրայ գտած են իրենց արժանաւոր տեղը: Եւ այլեւս կարելի չէ տան պատին վրայ տեսնել ազատ տեղ մը անոնց բազմազանութենէն: Այս հետաքրքրական նկարներէն մէկուն մասին հօրեղբայրս կ՛ըսէր, որ` « Այս երգիծանկարը Սարուխանի գործն է»` միշտ դէմքին վրայ նոյն ժպիտով, երբ կը ներկայացնէր զայն: Վերջապէս երգիծանկար է եւ անոր մէջ պատգամը կը յառաջացնէ քիչ մը խնդուք, քիչ մը ծիծաղ եւ երեւի քիչ մըն ալ… խծբծա՞նք… «Մեծ երգիծանկարիչ է եւ համաշխարհային համբաւ ու վաստակ ունի», հօրեղբայրս էր, որ կը տածէր իր յարգանք-հիացմունքը Ալեքսանտր Սարուխանին հանդէպ, որուն հետ բարեկամութիւնը սկսած է Հալէպի անոր մէկ այցելութեան ընթացքին եւ շարունակուած է ատկէ ետք ալ: Իմ պատանեկան տարիներուն, եւ` այդ օրերու մտածողութեամբ ու պատկերացումով, այս նկարը քիչ մը իւրայատուկ էր: Պէտք էր կամաց-կամաց սորվէի, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել երգիծանկար: Բայց չէ՞ որ հօրեղբայրս է… Ինծի սիրելի… Բայց ինչո՞ւ այսքան կերպարանափոխուած ձեւով պէտք էր գծուէր իր նկարը: Եւ հապա՞ նկարին միտք բանին: Պատգա՞մը: Գիտէի, որ հօրեղբայրս ակնաբուժ է: Պատանեկան տարիներուս կը տեսնէի, թէ ինչպէս իր հիւանդներուն աչքերը կը քննէր եւ կը գործածէր այդ փոքրիկ, միջակ եւ մեծ տառերը`պատին վրայ դրուած տեսնելու եւ չափելու համար աչքին ուժականութիւնը: Բայց այս նկա՞րը… նաեւ անոր միտքըարտայայտութիւնը` «Սատարել հայկական մշակոյթին»: Եւ կամաց-կամաց տարիներու ընթացքին պիտի սորվէի, որ երգիծանկարն ալ արուեստ է, եւ
անոր մէջ կայ սուր պատգամ..: Եւ պատգամը կրնայ գալ գծագրութեան մը միջոցով, որ կրնայ տարօրինակ եւ քիչ մըն ալ խնդալիք խծբծանք ունենալ: Բայց Ալեքսանտր Սարուխան լաւ տեսած ու հասկցած էր հօրեղբօրս ներաշխարհը: Թէեւ ակնաբոյժ էր մասնագիտութեամբ, բայց «հայ մշակոյթին սատարելը» իր ամբողջ էութիւնն էր: Եւ տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր Հալէպ այցելութեանս այս նկարը կար, ու կը դիտէի միշտ` քիչ մը աւելիով հաղորդակցելու եւ ճանչնալու Սարուխանը, անոր տաղանդն ու մշակած մշակոյթը: Իսկ տաղա՞նդը: Գահիրէ, Եգիպտոս. Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019: Կարօ Ներետեանին եւ իր կնոջ` Սեդա Սարուխանին տունն եմ: Բայց տո՞ւն, թէ՞ ուրիշ փոքր տուն-թանգարան մը: Սեդա Սարուխանը դուստրն է Ալեքսանտրի, Կարոն` փեսան: «Սարուխանը զիս ընտրեց իբրեւ իր աղջկան ամուսինը», ըսաւ Կարոն իրեն յատուկ գեղեցիկ ժպիտով մը: Կարոն չվարանեցաւ ըսելու իր տարիքը. «Արդէն իննսուն տարեկան եմ»: Կարոն ամէն ձեւով սարուխանագէտ է: Տեսած է իր աներոջ տաղանդը եւ սորված ու իւրացուցած է զայն իր կեանքին մէջ որպէս արժէք: Ան երբեք չի յոգնիր որեւէ այցելուի դարձեալ ցոյց տալու Սարուխանի գործերը, որոնք տան բոլոր պատերուն տեղադրուած են: Եւ ան, մէկ կողմէ համբերութեամբ, բայց նաեւ մեծ կորովով կը բացատրէ իւրաքանչիւր երգիծանկարին ետին կեցած միտքն ու գաղափարը ու նաեւ արուեստը: «Քաղաքական հոտառութիւն ունէր», ըսաւ Կարոն: «Բայց նաեւ կը կարդար միջազգային պատմութիւն, որպէսզի իրազեկ դառնայ ընդհանրական իրավիճակներուն»: «Հայրս շատ համեստ մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Նոյն մօտեցումը ունէր բոլոր մարդոց հանդէպ` առանց խտրութեան: Ամէն բանէ գոհ էր», շարունակեց ան: Սարուխանի համար «գոհ» մարդը սկսած է իր Շարունակութիւնը էջ 24
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Սատարել հայ մշակոյթին
Շարունակութիւն էջ 23-էն
մանկութենէն, երբ սկսած է քալել իր կեանքի ճամբէն: Սարուխան ծնած է Արտանոյշ, ապա անցած է Պաթում, ուր հասակ առած է: Կ՛անցնի Պոլիս` ուսանելու համար եւ որմէ ետք Վիեննա` կատարելագործելու համար իր գծագրական տաղանդը: Վիեննայի մէջ կը հանդիպի արաբ գործարարի մը, որ կը համոզէ Սարուխանը, որ Եգիպտոս գայ, ուր իրեն համար ասպարէզային մեծ հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ: «Պարզ մարդ էր հայրս, հաւատացած է արաբին եւ մեկնած` Եգիպտոս», ըսաւ Սեդան: Սարուխան կը հասնի Աղեքսանդրիա, բայց եգիպտացի գործարարը հոն չ՛ըլլար զինք դիմաւորելու համար, ինչպէս որ խոստացած էր, իսկ Սարուխան «հաւատացած»: Եւ ինչպէս որ Սարուխան գրած է իր վկայութիւններուն մէջ. «Վստահ քայլերով կը դիմէի փարաւոններուն երկրին մէջ ինծի սպասող փայլուն հեռանկարներով լի ապագան»: Արաբ գործարարը չտեսնելով` չ՛ուշանար յուսախաբութիւնը: «Անասելի ու անբացատրելի յուսախաբութիւնը պատեց զիս: Իջնել քարափ` ի՞նչ ընելու, ո՞ւր երթալու համար»: Բայց ան իջած էր քարափ: Իջած էր, որպէսզի սկսի անակնկալներով եւ անորոշութիւններով լեցուն կեանքը բոլորովին անծանօթ երկրի մէջ. ան չէր գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթայ եւ ի՛նչ պիտի ընէ: Սարուխան պիտի գտնէր ելքը: Ան կը հանդիպի հայորդիներու, որոնք կը խրախուսեն զինք: «Բնաւ մի՛ վախնար: Ես կռնակդ եմ» արտայայտութիւնը կը կըրկնուի` հաւաստիացնելով ու խրախուսելով երիտասարդ Սարուխանը: Եւ Սարուխան մէկ-մէկ պիտի բարձրանար Եգիպտոսի իր կեանքի անորոշ եւ անծանօթ աստիճանները եւ կերտէր իր կեանքը` հասնելու համար իր տաղանդի յաջողութեան: Եւ յաջողութեան գաղտնի՞քը: «Ես կը կարծեմ, որ աշխարհի մէջ յաջողութեան պայմանը երբեք չյուսահատիլն է, անվհատ պայքարիլը ձախողութեան դէմ», ըսած է ան: Կը դիտեմ Սարուխանի յաջողութեան արգա-
սիքը: Իր երգիծանկարներուն մէջէն կը տեսնես սուր միտք, բայց նաեւ` զօրաւոր տեսողութիւն: Ան կրնայ դիտել հեռուն`ապագայի գալիք պատահարները եւ անցուդարձերը տեղադրելով իբրեւ երգիծանկար` միշտ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ արհամարհելով արժէքներու ոտնակոխումը: 1960-ական տարիներէն արդէն կրցած էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Կիպրոս կղզին պիտի բաժնուի երկուքի` աշխարհագրական սահմաններու հասկացողութեամբ: Շատ հետաքրքրական կերպով կրցած էր պատկերացնել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Քրիստոս երկրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ ուզէ աւանակի վրայ Երուսաղէմ մտնել Ծաղկազարդի օրը, եւ թէ ինչպէ՛ս մարդ պատնէշներ շինած է արգիլելու համար անոր մուտքը… Իր ժամանակներու կեանքի արժէքի չափանիշերը տեսնելով: «Հայրս շատ հայրենասէր մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Բայց միշտ կ՛ուզէր կիրարկել հաւասարակշռութիւն` իր ազգային ուղեգիծին մէջ»: Իր երգիծանկարներուն մէջ պակաս չեն մեր ազգային կեանքէն վերցուած ստեղծագործութիւնները: Սարուխան նաեւ ապրած է իր կեանքը` իր ժողովուրդին ծառայելով տարբեր բնագաւառներու մէջէն: Եւ նայելով իր բոլոր գործերուն եւ անոնց ետին կեցած ազգային-քաղաքական ու ընկերային բոլոր թեմաներուն` կրցայ նաեւ տեսնել, որ Սարուխան սիրած է մարդը եւ սիրած` կեանքը: Իր համեստ եւ գոհ ներաշխարհը իր մէջ կերտած է մարդկային ըլլալու արժէքը մարդուն մէջ: Իր երգիծանկարներուն մէջ կայ քննադատութիւն, քննական տեսողութիւն եւ երեւի քմծիծաղ, բայց այդ բոլորը` մարդուն սէրը եւ յարգանքը բարձր պահելով: Եւ այս ներաշխարհը կարելի է ընկալել, քանի Սարուխան հաւատացած է, որ «պէտք է սէր ու կիրք ունենալ գործին հանդէպ»: Սէրն ու կիրքը մարդկայինը կը ստեղծեն մարդուն մէջը: Կարոյին ու Սեդային հետ այդ օր ես կամրջեցի իմ անցած ճանապարհս Հալէպի հօրեղբօրս տան յուշերէն մինչեւ Գահիրէ… Հալէպի տան այդ երգիծանկարը` «սատարել հայ մշակոյթին» եղաւ ապրող վկայութիւն մը: Վկայութիւն, քանի տեսայ հայ Շարունակութիւնը էջ 26
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 25
«Սարուխան կը վերադառնայ» Ցուցահանդէսը Եգիպտոսի մէջ գիծանկարիչներ՝ 45 երկիրներէ, որոնք մրցոյթին ներկայացուցին աւելի քան 250 գործ։ Ցաւ ի սիրտ, աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէն երգիծանկարիչներ ընգրկած այս մրցոյթին միակ հայ ներկայացողը՝ Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային Վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտուհի՝ տասնհինգամեայ Ռիթա Գէորգեանն էր, որուն շատ բարձր գնահատեց Սարուխանի ընտանիքը։
Հայ մեծ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 120-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Եգիպտական Երգիծանկարի Ընկերութեան ու Երգիծանկարի թանգարանի հովանաւորութեամբ՝ կազմակերպուեցաւ «Սարուխան կը վերադառնայ» ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մարտ 26-ին, Ալթահրիր Լաունկ Կէօթէ կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Կարէն Գրիգորեան, Քուպայի դեսպան՝ Թանիա Աճիար Ֆէրնանտէզ, Եգիպտական երգիծանկարի ընկերութեան նախագահ՝ Կոմաա Ֆարահաթ, Երգիծանկարի թանգարանի հիմնադիր՝ Մուհամմէտ Ապլա, Ա. Սարուխանի յարգարժան ընտանիքը, համաշխարհային եւ եգիպտական մամլոյ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, հեռուստաընկերութիւններ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը։ «Սարուխան կը վերադառնայ» ցուցահանդէսը, նոյնանուն խորագիրը կրող երգիծանկարի մրցոյթին մասնակցած գործերէն կազմուած՝ 60 երգիծանկարի ընտրանի մըն էր։ Անցած տարուան՝ 2018-ի Դեկտեմբերին յայտարարուած այս մրցոյթին մասնակցեցան 180 եր-
Եգիպտական երգիծական ընկերութեան անդամ՝ Ֆաուզի Մորսիի նախագահած այս մրցոյթին դատական ատեանը կազմուած էր իտալացի, պրազիլցի եւ եգիպտացի արուեստագէտներէ։ «Սարուխան կը վերադառնայ» առաջին մրցանակի դափնեկիր հանդիսացաւ քուպացի՝ Եօմնիս Տէլ Թօրոն, որուն կողքին պատուոյ հինգ մրցանակներ շնորհուեցան եգիպտացի, սպանացի, փորթուկալցի եւ չինացի արուեստագէտներու։ Մեծ երգիծանկարիչին ընտանիքը, ջերմապէս շնորհաւորելով բոլոր դափնեկիրները, Ա. Սարուխանի գործերէն կազմուած ալպոմ մը նուիրեցին անոնց։ Երգիծանկարի թանգարանի հիմնադիր՝ Մ. Ապլան իր սրտի խօսքին մէջ ընգծեց Ա. Սարուխանի ո՛չ միայն հայ եւ եգիպտացի էութիւնը, այլեւ աշխարհահռչակ ճանաչումը, որուն անվիճելի փաստն էին մրցոյթին աշխարհի չորս ծագերէն դիմող մասնակիցները…: Մ․ Ապլան հպարտութեամբ նշեց որ երգիծանըկարի արուեստը յստակ երկու շրջան ունի՝ Սարուխանէն առաջ եւ Սարուխանէն վերջ… ••• Սարուխանին տունն էր «Արեւ»ը. անոր մարդկային եւ հայրենանուէր խոհերուն ու գործերուն հարուստ օրրանը։ Զարմացած չենք մենք, որպէս «Արեւ»ի խմբագրութիւն, այս մրցոյթին եւ ցուցահանդէսին ունեցած համաշխարհային եւ եգիպտական մեծ արձագանգէն, քանզի մինչեւ ողնածուծը ազգային մը ըլլալուն հետ, անմիջական եւ համամարդկային իր հանճարեղ գործերով՝ համաշխարհային անփոխարինելի արժէք մըն է Սարուխան. սերունդէ սերունդ փոխանցուող, մեզի հետ ապրող եւ վերաիմաստաւորուող իրականութիւն մը։ Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորենք Մեծ երգիծանկարիչին յարգարժան ընտանիքը, նորանոր յաջողութիւններու ջերմագին մաղթանքով։ «Արեւ», Գահիրէ
Հայ Կեանք
Էջ 26
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ՆԵՐԵՏԵԱՆԻՆ ՀԵՏ Զրուցեց՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Յաճախ պատահած է որ հռչակաւոր, տաղանդաւոր անձ մը, անտաղանդ եւ անտարբեր ծնող մը եղած է իր զաւակներուն հանդէպ: Երբեմն պատահած է, նոյնիսկ, անոնցմէ ոմանք խոստովանած են որ իրենք տեղեակ ալ չեն եղած, թէ իրենց զաւակները ինչպէս մեծցած են, կամ ինչ նախասիրութիւններ ունին: Այս հարցին շուրջ խորհրդածելով, մեզի հետաքըրքրեց, թէ ինչպիսի հայր մը եղած է հանրահռչակ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան: Ուստի, դիմեցինք անոր դստեր՝ Սեդա Սարուխան-Ներետեանին, որուն հետ ունեցած զրոյցը սիրով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան: - Ո՞ր տարիքէն կը սկսին ձեր յիշողութիւնները՝ կապուած ձեր հօրը հետ: - Մինչեւ հինգ տարեկանս «հայր» կանչած եմ իրեն, բայց բան մը չեմ յիշեր: Եւ, ուրեմն, յիշողութիւնս այդ տարիքէն կու գայ, երբ՝ չեմ գիտեր ինչու, որոշեցի «տիտի» կանչել զինքը: Ու մինչեւ իսկ, երբ ամուսնացայ եւ զաւակներ ունեցայ, իրենք ալ այդպէս կը կանչէին մեծ հօրը:
- Ինչպսի՞ն էր Սարուխան-հայրը. խի՞ստ էր, թէ՞՝ մեղմ: - Շա՜տ, անչա՜փ ներողամիտ, լայնախոհ եւ զուարթ հայր մըն էր: Անսահման կը սիրէր զիս. ինչ որ ընէի, իրեն համար ընդունելի եւ ներելի էր: Տունին միւս անդամները՝ մայրս, մեծ մայրս կը յանդիմանէին զիս, մայրս երբեմն նոյնիսկ կը կսմթէր, իսկ հայրս բան մը չէր ըսեր: Հանդարտ, մեղմ ժպիտով մը՝ կը ձգէր եւ կը հեռանար: Բնաւ չէր խառնուեր մեր այդ տեսակ խնդիրներուն՝ ինչ ալ որ պատահէր: - Ձեզի կը շփացնէ՞ր: Կրնա՞ք դէպք մը յիշել: - Այո՛, շատ կը շփացնէր, որովհետեւ միակն էի, ատոր համար մշտապէս կը շփացնէր: Ես ալ շատ ուրախ էի իրեն հետ, որովհետեւ մայրս բաւական խիստ էր: Մեծ մամաս ալ լաւ էր, սակայն հայրս բոլորովին տարբեր էր: Եւ իր հաճելի կատակներով աւելի կը մօտեցնէր ինքզինքին: Երբ անգամ մը դպրոցէն, վրաս բարկացած եւ տուն ղրկած էին ինծի, ամէնը՝ մայրս, մեծ մայրս զիս կը յանդիմանէին, հայրս՝ ներողամիտ հայեացք մը նետելով բաւարարուեցաւ միայն եւ ոչ մէկ բառ ըսաւ: Այնչափ բարի էր: - Ի՞նչ էր իր անդրադարձը ձեր առած լաւ կամ գէշ նիշերուն: - Լաւ նիշերուս համար կը քաջալերէր, իսկ գէշերը՝ կ’անտեսէր, բնական կ’ընդունէր: Ինք կարեւորութիւն չէր տար նիշերուն, ո՛չ կը պատժէր, ո՛չ ալ կը յանդիմանէր: Մայրս կը պատժէր, մեծ մայրս կը Շարունակութիւնը էջ 29
Սատարել հայ մշակոյթին Շարունակութիւն էջ 24-էն
արուեստագէտ-երգիծանկարիչին տաղանդը, մեծ տաղանդը, որով մեծ ներդրում ունեցած է սատարելու հայ մշակոյթին, բայց նաեւ տեսայ, որ հայ մշակոյթը հայուն, իմ եւ մեր բոլորին կեանքին գանձն է եղեր: Եւ ինչպէս հայր Սարուխան իր դստեր` Սեդային իր երգիծանկարներէն մէկուն մէջ մակագրած է իր կեանքի խրատ-աւանդը: «Մի՛ վախնար նմանելէ հօրդ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ` իր դէմքի գիծերուն: Եւ գիտցիր, որ այդ դէմքի գիծին տակ պահուած կան հոգեկան այնպիսի գանձեր, որոնց նմանելէն չես վնասեր»: Իրապէս Սարուխան երգիծանկարիչի դէմքի գիծերուն եւ իր բոլոր գեղարուեստական գործերուն գիծերուն ետեւ կրցայ տեսնել հայ մշակոյթի գանձերը, որոնք ճոխացուցած են հայուն կեանքը: Սարուխան եւ իր նմանները ապրեցան եւ իրենց կեանքերով ստեղծագործեցին` սատարելով հայ մշակոյթին: Մենք այսօր ժառանգորդն ենք այս հայկական
մեծ մշակոյթին` իր տարբեր երանգներով: Անոնք մեր կեանքերուն «գանձերն» են, որոնք մեզի` հայերուս կու տան հպարտութիւն: Հպարտութիւն մը, որուն միջոցով կրնանք ապրիլ: Գահիրէի Սարուխանի պզտիկ տուն-թանգարանէն այսօր կայ ապրող վկայութիւն մը: Սատարել հայ մշակոյթին: Սարուխանէն մէկ պատգամ, որ կը խօսի ինծի, քեզի եւ մեր բոլորին: Իւրաքանչիւր հայ պարտի սատարել իր ազգային մշակոյթին, հայուն կեանքին, «գանձին»: Հայուն կեանքին հպարտութիւնը: Հայուն մշակոյթը: Արժէ պահել ու սատարել անոր: Հայուն մշակոյթը:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 27
Լեզուաբանական
Արեւմտահայերէնի սխալ ընտրութիւնները (բ) ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Վերջերս այս նոյն խորագիրով անդրադարձեր էի ոեւէ եւ որեւէ զոյգին՝ ցոյց տալու համար, որ ասոնցմէ առաջինը աւելորդ ու անպէտ է աշխարհաբարին, եւ որեւէ առանձինն կը գոհացնէ մեր բոլոր կարիքները՝ որեւէ մարդ, որեւէ կատու, որեւէ մատիտ, որեւէ ցաւ եւ այլն, ինչպէս է պարագան արեւելահայերէնի մէջ եւս: Հերթաբար պիտի տեսնենք ուրիշները. ստորեւ պիտի սերտենք արեւմտահայերէնի երկրորդ սխալ ընտրութիւնը, որ է սպաննել բայը՝ երկու ննով: 2. Սպանել Այս բայը իր կարգին, ամէն անգամ որ հանդիպի արեւելահայերէնէ փոխադրելի գրութեան մը մէջ, խնամքով կը վերածուի սպաննել-ի՝ երկու նն-ով եւ ապա կ’արժանանայ հրատարակութեան. այստեղ ալ մեր խմբագիրները կ’արեւմտահայերէնացնեն բայս: Եւ այս պարագային եւս զայն «սրբագրող» արեւմտահայ խմբագիրը չի մտածեր, թէ արեւելահաերէնը չունի սպաննել, այլ ունի սպանել,– այսինքըն՝ գրողին վիզին կը փաթթեն բառ մը, որ գոյութիւն չունի անոր լեզուին մէջ: Հիմա նայինք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’արժէ այս «սըրբագրութիւնը»՝ երկու նն-ով: *** Բայիս հեռաւոր մայրն է սպանանել: Արեւմտահայ քերականները, ճիշդը՝ անոնք, որ տնօրինեցին այս բային իբրեւ թէ աշխարհաբարեան սպաննել ձեւը, սա՛ կերպ կը տրամաբանեն. սպանանել գրաբարեան բայը ժամանակին հետ ամփոփուած է՝ կորսնցնելով իր երկրորդ «ա» ձայնաւորը, եւ դարձած է սպաննել: Կարճ ու կոկիկ: Եւ այսպէս ալ նուիրականացած է այս բայը՝ սպաննել: Իսկ ինչո՞ւ արեւելահայերը կը գրեն սպանել,– շատ պարզ է, անոնք ուղղագրութիւն չեն գիտեր, Մանուկ Աբեղեան ամէն բան խառնեց ու խեղագրե՜ց...այս համոզումով ալ արեւմտահայը «կը սրբագրէ» այդ սխալը ու բայս կը դարձնէ սպաննել: *** Եթէ այսպէս մտածողները քիչ մը ժամանակ յատկացնէին ու սերտէին մեր լեզուի պատմութիւնը, այս պարագային՝ բայերու հոլովոյթը, պիտի նկատէին, որ բազմաթիւ այլ բայեր, որոնք ունին սպանանել-ին կաղապարը,– այսպիսիները կը կոչուին ածանցաւոր բայեր,– դարձած են պարզ կանոնաւոր բայեր՝ առանց ածանցի. օրինակ՝
անիծանել-անիծել անջատանել-անջատել բեկանել-բեկել դիզանել-դիզել երգիծանել-երգիծել երկրպագանել-երկրպագել օծանել-օծել զատանել-զատել զերծանել-զերծել թքանել-թքել լուծանել-լուծել լքանել-լքել խցանել-խցել հատանել-հատել մուծանել-մուծել ներկանել-ներկել ստեղծանել-ստեղծել տարածանել-տարածել Ինչպէս կը նկատէք, բերուած բայերը բոլորն ալ նետած են, դուրս ձգած են իրենց ան ածանցը ու բոլորն ալ դարձած են պարզ կանոնաւոր բայեր երգել, խմել, պարել պարզ բայերուն պէս: Արդ, պատճառ մը կա՞ր, որ սպանանել բայը չնետէր իր լման ածանցը ու չդառնար սպանել պարզ բայ,– ո՛չ, չկա՜ր, որեւէ պատճառ չկար, որ ան քաշկըռտէր ան ածանցին կէսը՝ պահելով ն բաղաձայնը: Մինչդեռ գրաբարի մեծագոյն հեղինակութիւն հանդիսացող հայր Արսէն Բագրատունին կը վկայէ իր «Ի պէտս զարգացելոց» կոթողական աշխատութեան մէջ, որ սպանանել իր կարգին ժամանակին հետ դարձած էր սպանել: Ահաւասիկ այդ վկայութիւնը. «Ի ստոյգ օրինակագիր գրիչս կայ ստէպ եւ սպանեմ» («Ի պէտս զարգացելոց», էջ 151-ի էջատակ): Այս կը նշանակէ, որ նոյն գրաբարի ծիրէն ներս բայս հաւասարապէս կը կիրարկուէր նաեւ սպանել ձեւով՝ բոլորովին ածանցազուրկ: Շատ աւելի հետաքրքրական վկայութիւն մը կը գտնենք «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, որ ահաւասիկ. «Ոմանք ի գրչաց գրեն որպէս ռամկօրէն սպանել» (Բ. հատոր, էջ 754բ): Ի՞նչ կը նշանակէ այս վերջին վկայութիւնը. ան ձեւով մը կը հաստատէ Բագրատունիինը, միւս կողմէ կը թելադրէ, որ սպանել ձեւը հետագային ռամիկին որդեգրածն է: Ուրեմն ռամիկը որդեգրած էր սպանել ձեւը, որ այնպէս ալ «ռամկօրէն» կը կոչուէր: Իսկ ռամիկը հասարակ ժողովուրդն էր, աշխարհաբար խօսողը: Արեւելահայերը ահա այս ռամկօրէն, այսինքն՝ ածանցազուրկ ձեւն է, որ Շարունակութիւնը էջ 28
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Արեւմտահայերէնի սխալ ընտրութիւնները (բ) Շարունակութիւն էջ 27-էն
տագային աղաւաղուելով դարձած է սպանն-ել:
իւրացուցած են, որովհետեւ արեւելահայերէնը աւելի ժողովրդական ու հարազատ լեզու է հոն, ուր արեւմտահայերէնը արուեստական տարրերով խճողուած է՝ ձեւաւորուած ըլլալով Հայաստանի հողէն շատ հեռու՝ Պոլսոյ մէջ:
Կը մնայ, որ անոր վերադարձնենք իր իսկական կաղապարը:
Եւ մենք ժառանգած ենք բայաձեւ մը՝ սպաննել, ուր ան ածանցը լման չէ անհետացած, անհետացած է անոր մի՛այն ձայնաւորը, իսկ ն բաղաձայնը մնացած է՝ սպան-անել>սպան-նել (ան>ն): Միւս կողմէ, սակայն, արեւմտահայը սպաննել-ը կը խոնարհէ իբրեւ պարզ բայ՝ երգել, պարել, քալել բայերուն պէս. օրինակ՝ սպանն-եցի եւ երգեցի: Այլ խօսքով՝ բայը ձեւով ածանցաւոր է կամ կը թուի ըլլալ, իսկ խոնարհումով պարզ է: Եթէ սպաննել բային երկրորդ ն բաղաձայնը ածանց ըլլար, ապա այս բայը պէտք պիտի ըլլար խոնարհել այլ ածանցաւոր բայերու պէս, որոնք միայն ա ձայնաւորը կորսնցուցած են եւ պահած են ն ածանցը. օրինակ՝ խածանել-խածնել, պագանելպագնել, ուր խածնել եւ պագնել կու տան՝ խածի-խածիր-խածաւ պագի-պագիր-պագաւ
եւ
Ասոնց պէս սպաննել ածանցաւոր բայն ալ պէտք է տար՝ սպանի-սպանիր-սպանաւ սպանի-սպանիր-սպան
կամ
Սակայն ո՛չ՝ սպաննեցի-սպաննեցիրսպաննեց: Որ յատուկ է պարզ բայերու խոնարհումին: *** Ինչպէ՞ս լուծել այս առեղծուածը: Շատ պարզ է. աշխարհաբարի մէջ յառաջացած են կարգ մը բայեր, որոնք,– չես գիտեր ինչո՛ւ,– հետագային կրկնակ բաղաձայնով արտասանուած են. օրինակ՝ փտիլ>փտտ-իլ, ծալել>ծալլ-ել, հրամայել>հրամմ-ել[1], որոնց բոլորն ալ պարզ բայեր են եւ որոնց արմատական վերջին բաղաձայնը կըրկնուած է, եւ ճիշդ ասոնց աւանդոյթով ալ...սպան-ել կամաց-կամաց կրկնած է իր արմատական վերջին բաղաձայնը ու դարձած է սպանն-ել, որ ածանցաւոր ըլլալ կը ձեւացնէ, մինչ խորքին մէջ ածանցաւոր չէ, եւ ասոր լաւագոյն փաստը այս բային պարզ կանոնաւոր խոնարհումն է՝ միւսներուն պէս, որոնց ակնարկեցինք: Այս հաշուով՝ բայիս հեռաւոր կաղապարն էր սպան-ան-ել, որ ապա դարձած է սպան-ել, իսկ հե[1] Բաղաձայնի կրկնութիւն յառաջացած է նաեւ՝ ամէն-ամմէն, մանրազնին-մանրազննին, մանրաքնին-մանրաքննին բառերուն մէջ, որոնք այսօր սրբագրուած են:
Սրբագրելով այս սխալը, ճիշդ ինչպէս սկսած ենք սրբագրել միւս կրկնակ բաղաձայնով արտասանուող բառերը՝ ծալլել-ծալել, հրամմել-հրամել, փտտիլ-փտիլ, առած կ’ըլլանք շատ առողջ քայլ մը, որով կ’անհետանայ անհեթեթութիւն մը մեր լեզուէն, սա իր կարգին ունի մանկավարժական մեծ կարեւորութիւն, քանի ամէն ինչ յստակ ու բացատրելի կը դառնայ հայերէն սորվողներուն եւ սորվեցնողներուն հաւասարապէս: Կը վերնայ աճպարարական հետեւեալ յարացոյցն ալ՝ սպաննել-սպանութիւն-սպաննող-սպանիչ եւ այսպէս շարունակ՝ մերթ նն, մերթ ն: Քանի՞ արեւմտահայ ուսուցիչ, լրագրող ու մտաւորական ծանօթ է այս զաւեշտին: Թո՛ղ զկանայս եւ զմանկտի: Ուրեմն կ’որդեգրենք սպանել ճիշդ ձեւը, եւ այսուհետեւ միօրինակ կը գրենք՝ սպանել- կը սպանեմ-սպանեցի-սպանող-սպանած-սպանութիւն, միշտ...սպան: Եւ վերջինը,– սակայն ոչ նսեմագոյնը,– ուղղագրական նոյնութիւն հաստատած կ’ըլլանք արեւելահայերէնին հետ: Չէ՞ որ մէկ ժողովուրդ ու մէկ մշակոյթ կը կազմենք:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 29
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ՆԵՐԵՏԵԱՆԻՆ ՀԵՏ Շարունակութիւն էջ 26-էն
յանդիմանէր, իսկ հայրս՝ բնաւ: - Շա՞տ կը խրատէր ձեզի: - Իբրեւ մեծ, իբրեւ հայր՝ մասնաւոր խրատ չէր տար. քովը չէր նստեցներ եւ չէր ըսեր՝ մտիկ ըրէ, ասանկ պիտի ընես, ասանկ պիտի խօսիս, ասանկ պիտի վարուիս: Ո՛չ, ատ ձեւով չէր իր մօտեցումը զաւակին: Ան իր անձնական օրինակով, իր վարուելակերպով ու պահուածքով արդէն օրինակ կը ծառայէր, եւ առանց պարտադրելու. բնա՛ւ չէ պարտադրած իր կարծիքը, իր տեսակէտը: Կրնամ ըսել, միակ խրատը, որ իբրեւ կտակ ձգած է ինծի, ատիկա իր դիմանկարին վրայ գրած տողերն են (արժէքաւոր գանձ մը ինծի համար):
Սիրելի աղջկանս՝ Սեդային Մի՛ վախնար նմանելէ հօրդ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ իր դէմքին գիծերուն: Կրնան անոնք արտաքինին մէջ այնքան ալ հաճելի չըլլալ՝ սակայն գիտցի՛ր որ ամէն մարդու դէմքին գիծին տակ պահուած կան հոգեկան այնպիսի գանձեր, որոնց նմանելէն չես վնասուիր: Մի՛ մոռնար որ գեղեցիկ դէմքեր յաճախ դեւեր կը պահեն իրենց ներաշխարհին մէջ: Շատ պաչիկներով եւ մաղթանքներով՝ Հայրդ՝ Ալ. Սարուխան 1961 Խրատէն աւելի, ինք իր լաւատեսութեամբը արդէն կը խրատէր իրեն պէս վարուիլ: Կ’ուզեմ ըսել, հակառակ որ իր երեսը միշտ ժպտուն էր, բայց ներքուստ ան շատ տխուր էր ու կը տառապէր մեր ազգին ճակատագրով: Իսկ իբրեւ անձնաւորութիւն մը,
շատ համեստ էր. ամէն դասակարգի մարդոց հետ նոյն ձեւով կը վարուէր: Կոյուղիներու մէջ իջնող աշխատող անձին եւ ամենահարուստ, ամենաերեւելի անձին հետ նոյն մօտեցումը ունէր: Որովհետեւ անիկա մարդուն մէջ կը գնահատէր ՄԱՐԴԸ եւ ոչ թէ պաշտօնը կամ ունեցւածքը: Հայրս այնքան պարզ ու համեստ մարդ մըն էր, որ ինչ որ գծէր կամ գրէր, իրեն համար կարեւոր էր իւրաքանչիւր մարդու կարծիք: Ամէնէն հասարակ մարդուն կարծիքն անգամ կը կարեւորէր, կը հարցնէր՝ «Աղուո՞ր կը գծեմ»: Կամ բանախօսութիւն մը ընելէ վերջ՝ «տղաս, ես աղուոր խօսեցա՞յ»: Նաեւ այնքան պարզ էր, որ պատահած է, երեւելի մարդիկ կ’ըսէին՝ «Սարուխա՛ն, սուղնոց պանիրներ չիկան, ինչպէ՞ս կը դիմանաս»: Ան ալ կը պատասխանէր՝ «ինչ ընենք, ճերմակ պանիրը կայ, խաշար պանիրը կայ, ատ չի՞ բաւեր մեզի ուրախ ապրելու համար»: Կամ կ'ըսէին՝ «Սարուխա՛ն, ձմերուկը նոր ելած է՝ կերա՞ր»: Ան ալ կը պատասխանէր՝ «մէյ մը աժաննայ, մէյ մը համովնայ, այն ատեն կ'ուտեմ»: Եւ այդ, ինքզինքնին երեւելի կարծած անձերը, զարմանքով եւ արհամարհանքով կը նայէին՝ «խե՜ղճ մարդ, տեղական աժաննոց պանիրով կ’ապրի, եւ տակաւին ձմերուկ չէ կերած»: Ահա այս տեսակ մարդկային արարքները եղած են ինծի համար Սարուխանին՝ իբրեւ հայր տուած խրատները: Այսինքն, իր իսկ անձնական օրինակները: - Ձեր հայրը ժամանցի տեղեր՝ պարտէզներ, համերգներ եւ այլ տեղեր կը տանէ՞ր ձեզի: - Անշո՛ւշտ, շատ յաճախ դուրս կ'ելլէինք միասին: Հայրս կը սիրէր զիս տանիլ համերգներու (մանաւանդ դասական երաժշտութեան), թատերական ներկայացումներու եւ տարբեր հանդիսութիւններու: Յաճախ կ'երթայինք նաեւ քաղաքին մէջ գտնուող Ամերիկեան համալսարանի EW Memorial Hall-ը, Փափազեան խանութը՝ ձայնասկաւառակներ շա՜տ կը գնէինք այդ խանութէն: Յաճախ զիս կը տանէր նաեւ տարբեր ճաշարաններ, սակայն աւելի յաճախ՝ Groppi. - Բառ մը, նախադասութիւն մը, կամ դարձուածք մը կա՞յ, արդեօք, զոր յաճախ կը կրկնէր Սարուխան: - Այո՛, կային. օրինակ՝ «Կրցա՞յ հասկցնել խնդրին էութեան պարզաբանեալ տեսակէտը», «Բազմակողմանի հմտութիւններով օժտուած անձ մը», «Պղատոնական սէր», «օութանազի»: Այս վերջինին մասին շատ կը խօսէր, (հակառակ որ այն ժամանակ շատ մարդ չէր գիտեր տակաւին ատոր մասին), որովհետեւ ինք համոզուած էր, թէ ճիշդ է այդ քայլը, երբ չեն ուզեր անյոյս, մահամերձ անձ մը երկար տառապի, եւ դիւրին ու թեթեւ ձեւով կը հանգչեցնեն, մահ կու տան անոր: Ուրեմն, Սարուխան դեռեւս այն ժամանակ կ'ընդունէր ատիկա՝ մարդկայնօրէն մտածելով հիւանդ անձին մասին, որ շատ մը երկիրներ հիմա միայն սկսած են ընդունիլ: Շարունակութիւնը էջ 30
Էջ 30
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ՆԵՐԵՏԵԱՆԻՆ ՀԵՏ Շարունակութիւն էջ 26-էն
Շատ կը կրկնէր նաեւ «իւթօփիէ» (uto՛pia)-երազականութիւն բառը, որովհետեւ ինք շատ կ’երազէր եւ յաճախ կ’ըսէր՝ «Իւթօփիէ է, սակայն երանի իրականանար»: - Իսկ գրողներէն ո՞վ աւելի մօտ էր իր սրտին: Եւ հայ գրողներ էին ատոնք, թէ՞, օտար: - Գրողներէն ամէնէն մօտ եւ սիրելի էին իրեն հայ երգիծաբաններ Երուանդ Օտեանն ու Յակոբ Պարոնեանը: Եւ անոնց երգիծական գրութիւնները ինքը երգիծանկարներու վերածած է: Հակառակ որ հայրս վեց լեզու շատ լաւ կը խօսէր, բաւական շատ կարդացած էր համաշխարհային գրականութեան մեծութիւններու գործերէն (մանաւանդ՝ ֆրանսական գրականութեան), բայց ամէնէն էականն ու կարեւորը իրեն համար հայերէնն էր, եւ ինք միշտ կը հպարտանար իր հայ ըլլալով: Եգիպտացիներուն քով ալ միշտ հպարտօրէն կ'ըսէր. «Անա արմա՛ն»: Չափազանց հայրենասէր էր: - Ընդհանրապէս ե՞րբ կը գծէր ձեր հայրը. կայուն ժամ մը ունէ՞ր: Օրական մօտաւորապէս քանի՞ ժամ կ'աշխատէր: Եւ, երբ գծէր ու պատահէր որ դուք ընդմիջէիք, կը բարկանա՞ր..... - Ընդհանրապէս գծելու ժամ-ժամանակ չունէր հայրս. որեւէ ժամու, որեւէ տեղ կը գծէր, եւ եթէ խանգարէի իրեն՝ բնա՜ւ չէր բարկանար: Նոյնիսկ երբ արդէն թոռնիկները՝ Սօսին եւ Սիլվան կային, վերջիններս իր ծունկերուն վրայ կը խաղային՝ մէկէն միւսը կը ցատկռտէին, իսկ ինք կը շարունակէր գծել: Պզտիկներն ալ շատ կ'ուրախանային որ այդքան բարի եւ համբերատար մեծ հայր մը ունէին: Շատ, շա՜տ արագ արտադրող, գծող եւ անդադար աշխատող մէկն էր: Օրինակ, կրնար առտու գծել, կէսօրուան գրել, յետոյ նորէն գծել եւ իրիկունն ալ բանախօսութիւն տալ: Միտքը մշտապէս կ'աշխատէր: Յետոյ ալ սրահները կ'երթար՝ Գեղարուեստասիրաց, Կոկանեան, ՀՄԸՄ: Նաեւ շատ՝ չափազանց հիւրասէր անձ մըն էր: Կը սիրէր տունը միշտ հիւրեր ըլլային, շրջապատուած ըլլար բարեկամընկերներով: - Ամէնէն յիշարժան դէպքը...... - Հայրենի հռչակաւոր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին մեր տուն այցելած օրը: Հայրս Պէյրութ կը գտնուէր, եւ այնտեղէն միասին մեր տուն եկան: Անշուշտ բոլորս ալ ուրախ էինք, բայց ինքը՝ Սարուխանը, ամէնէն շատ խանդավառուած եւ երեխայի մը պէս ուրախ էր: - Մէկ բառով՝ Սարուխանը իբրեւ հայր..... - Իբրեւ հայր՝ Սարուխան շատ սիրելի եւ պաշտելի, հոգատար հայր մը, ինչպէս նաեւ՝ բարութեան եւ համեստութեան ակնառու օրինակ մը եղած է ինծի համար: - Իբրեւ վերջաբան. եթէ առիթը ունենայիք, ի՞նչ կ'ուզէիք ըսել ձեր հօրը, որ ժամանակին չէք
ըսած...... - Նախ, ես վստահ եմ որ հօրս հոգին ուրախ է, որովհետեւ իր սիրած աղջիկը՝ Սեդան, իր փեսան եւ թոռները, բնաւ չեն մօռցած զինքը, եւ միշտ կը սիրեն ու կը յարգեն: Միշտ մեր յիշողութեան մէջ է նախ՝ իբրեւ պաշտելի հայր մը, մեծ հայր մը, եւ ապա՝ իբրեւ տաղանդաւոր եւ հռչակաւոր երգիծանկարիչ մը: Ուրեմն, պիտի ըսէի. սիրելի՛ հայրս, մենք քեզի երբեք չենք մոռնար՝ զաւակդ, փեսադ, թոռներդ ու հեռու-մօտիկ ծոռներդ: Դուն միշտ մեր սիրտերուն մէջ ես, ներկայութիւնդ միշտ կը զգանք: Եւ քու տունդ, կրնամ ըսել՝ Սարուխանի տուն-թանգարանի վերածած ենք, ուր մշտապէս այցելողներ կան եւ անունդ միշտ կը յիշատակուի: - Երջանիկ զաւակ մը եղած էք, եւ՝ ԷՔ..... Շնորհակալութիւն այս հաճելի եւ հետքրքրական զրոյցին համար:
Մի պահ զղջում եմ Ես օգնեցի բոլորին, ես ինձ միայն չօգնեցի, Կորով տուի ամէնքին, միայն ինքս յոգնեցի։ Խորհուրդներով իմ խելօք խելք հաւաքած գնացին Քանի՜- քանի՜սը կեանքում - ե՛ս էլի գիժ մնացի։ Ով հանդիպեց՝ ստացաւ մի թաս գինի ինձանից, Լոկ ես գինի չըմպեցի իմ սեփական հնձանից։ Ի՞նչ եմ եղել ողջ կեանքում,– հարսանքաւոր ու քաւոր, Մինչ ամէնքից աւելի ի՛նձ էր օջախ հարկաւոր։ Վստահեցին ոմանք ինձ,– հոգիս դարձաւ գաղտնարան, Վստահեցի շատերին,– գաղտնիքս առան ու տարան։ Ու զղջում եմ ես մի պահ. սէր ու բարիք եմ ցրել, Մինչդեռ պէտք էր սէր հայցել, իսկ բարիքը՝ վաճառել… Պարոյր Սեւակ
Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 31
Սրտի խօսք՝ օր. Թագուհի Աթոքեանի տարիներու վաստակին ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կրկնութեան գնով ըսեմ, թէ առանց սեփական գիրին ու լեզուին, ազգերը կը չքանան, կ’անհետանան, հայրենիքի մէջ ապրին անոնք կամ իրենց հայրենիքէն դուրս: Ու բոլորս կը գիտակցինք, թէ հայ դպրոցի կողքին, հայ ուսուցիչն է, որ պահած է եկեղեցին, ազգը, պետութիւնը եւ հայրենիքը: Ու մեր դպրոցական եւ ուսանողական տարիներու տեւողութեան, դարձեալ բոլորս ալ ունեցած ենք մեր ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները, որոնցմէ կրած մեր ազդեցութիւնները երախտապարտ կերպով կը յիշենք նոյնիսկ մեր յառաջացած տարիքին: Անոնք էին, որ մեր միտքը բացին, մեր հոգիները ազնուացուցին, մարդկային ու ազգային արժէքներ դրոշմեցին անոնց մէջ: Անոնք էին, որ եկան վսեմին ու բարիին տենչալ սորվեցուցին: Արդարեւ, ուսուցիչին գործը մարդկութեան չափ հին է: Սուրբ գործ մըն է, ան, որ մեր մէջ միս ու ոսկոր ստացած է 5-րդ դարէն սկսեալ: Ուսուցանելը, գիտութիւն ու արուեստ ըլլալով հանդերձ, կոչում մըն է նուիրում մը, որ պայմանաւորուած է անանձնական սէրով՝ հանդէպ ասպարէզին, աշակերտին ու ազգին: Ան նիւթական շահեր ապահովելու ասպարէզ մը չէ: Չէ եղած երբեք: Եւ ինք ի սկզբանէ ծանօթ է այս մէկուն: Մեծարել հայ ուսուցիչը, գնահատել անոր կատարած գործը, ամէն առիթով խօսիլ անոր մասին, կը նշանակէ մեծարել ժողովուրդը, հայրենիքը, մայրենին, որքան ալ, երբեմն, ապերախտ դառնայ իր կատարած գործը: Ապերախտ՝ բայց ոչ անտեսումի արժանի: Ազգանուէր գործ: Եւ հայ ուսուցիչին մնայուն արժէքը հոս է, որ իմաստ կը ստանայ: Կը բիւրեղանայ ան՝ մեր մտքերուն մէջ ու տարիներու ցոյց տուած արդիւնքին հետ եւ այդ արժէքը, հայ ուսուցիչին արժէքը, տեղ կը գրաւէ նաեւ մեր սրտերուն մէջ՝ զայն դարձնելով մեր ապրած կեանքին ամէնէն յարգարժան անձնաւորութիւնը: Ան է, որ հինէն ի վեր միշտ հաւատացած է, թէ գիր եւ լեզու հայրենիք կը նշանակեն: Ազգ ու ժողովուրդ կը բնորոշեն, կը յաւերժացնեն: Ան հաւատացած է նաեւ, թէ առանց գիրի, առանց լեզուի, մեզի համար փրկութիւն չկայ: Չկայ ազգագոյութիւն: Անժխտելի իրականութիւններ են ասոնք, որոնց բուռն պաշտպանողը ու զանոնք ազգին մէջ արմատաւորողը հինէն ի վեր հայ ուսուցիչը հանդիսացած է: Ու հայ ուսուցչուհի մըն է Օր. Թագուհի Աթոքեանը.- հաստատապէս:
Ան թէ՛ դասատու է եւ թէ՛ դաստիարակ: Ու պատիւ իրեն, իր անհրաժեշտութիւնը կը մնայ եւ պիտի մնայ անժըխտելի եւ իր դերակատարութիւնը՝ վճռական: Կարելի չէ ժխտել, որ այսօրւան պայմաններուն մէջ հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը աւելի դժուարացած ու բարդացած է: Այսօր մեր բոլորին պայմանները նոյն չեն ինչ որ էին մօտիկ կամ հեռու անցեալին: Բայց … կրնաք փաստել, թէ անոր առաքելութիւնը մնացած է նոյնը: Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ հայակերտման ազգային մեր ճիգերուն մէջ, մեզի համար իր առաքելութիւնը մեծ զոհողութիւն մըն է, նախքան մասնագիտութիւն ըլլալը եւ նուիրում մը՝ նախքան պաշտօն կամ աշխատանք կոչուիլը: Հայ ուսուցիչի առաքելութիւնը, անոր՝ հայ աշակերտին հայերէն լեզուն սիրցնելու կոչումին մէջ է: Բացայայտ զմայլանք մը: Թէեւ ներկայիս չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները արժէքազրկուած: Բայց էականն ու նշանակալիցը պէտք չէ մոռնալ: Ու ահա այս բոլորէն ետք կրկնելու գնով ըսենք, որ օր. Թագուհի Աթոքեան հայերէն լեզուի մեծ ուսուցչուհիներէն մէկն է, անկասկած եւ հաստատ, դրական բոլոր նշեալ մակդիրներով: Փափուկ կարպետի նման բառեր չեն: Ինք ուսուցչուհի մըն է, երկար տարիներու վաստակով։ Այլ խօսքով՝ հայ կրթական համեստ ու ազնիւ մշակ մը։ Արեւներ անցած են իր մազերէն, նոյնիսկ ճերմակին մէջ ուշացած սեւ մազերով։ Ինք հոն, մեր այդ հին քաղաքէն ներս, այդ Սփիւռքի Մայր գաղութ հռչակուած Հալէպի մէջ օրին հաւատացած էր, որ թէ գիր եւ լեզու՝ հայրենիք կը նշանակեն: Ազգ ու ժողովուրդ կը բնորոշեն, կը յաւերժացնեն: Ան նաեւ հաւատացած էր, թէ առանց գիրի, առանց լեզուի, մեզի համար փրկութիւն չկայ: Չկայ ազգագոյութիւն: Անժխտելի իրականութիւններ են ասոնք, որոնց բուռն պաշտպանողը ու զանոնք ազգին մէջ արմատաւորողը հինէն ի վեր հայ ուսուցիչը հանդիսացած է: Անոր համար տասնամեակներու վրայ երկարող իր վաստակով մենք բոլորս ալ շնորհապարատ ենք: Ինք ամէն տեղ էր։ Իր աչքերէն կարելի է կարՇարունակութիւնը էջ 32
Հայ Կեանք
Էջ 32
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հնդկաստանի մէջ վերականգնուած է 300 տարուան հայկական ցուցանակը Վերջերս Հնդկաստանի Սայտապետ քաղաքին մէջ վերականգնուած է 300 տարեկան հայկական ցուցանակը, այս մասին կը հաղորդէ The Times of India-ն: Ցուցանակը, որ կը յիշատակէ 1726-ի Մարմալոնգ կամուրջի կառուցումը Այտար գետի վրայ` հայ վաճառական, Մատրասի մէջ հայ համայնքի առաջնորդ Խոճա Պետրոս Ոսկանի կողմէ, յայտնուած էր գետնի տակ: Սակայն այժմ, Հայաստանի հիւպատոսարանը, քաղաքի ղեկավարութեան հետ համատեղ ջանքերով, կրցած է վերականգնել զայն իր նախնական տեղը: «Փետրուարին, 20 հոգինոց խումբ մը այցելած է քաղաք ու տեսած ցուցանակը», -ըսած է Չեննայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշւարան ու նշած, որ ցուցանակը գրեթէ անցած էր գետնի տակ: Նախորդ շաբաթ արդէն ցուցանակը վերականգնուած է` վերամբարձ կռունկի միջոցով: Կը նշուի, որ ցուցանակը պաշտօնապէս պիտի բացուի Մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք:
Սրտի խօսք՝ օր. Թագուհի Աթոքեանի տարիներու վաստակին Շարունակութիւն էջ 31-էն
դալ իր անմեղ հոգին եւ մաքուր սիրտը։ Պատահական չէ, որ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կը պատուեն եւ կը փառաբանեն իրենց սերունդներու դաստիարակները, կերտիչները, ուսուցիչները: Եւ օր. Աթոքեանը պատուելը մեր պարտականութիւններէն մէկը պէտք է դասել: Ինք միշտ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է սերունդներու դաստիարակութեան, կրթութեան եւ իրենց միջավայրերուն ատակ անձնաւորութիւններ կերտելու դժուարին աշխատանքին մէջ: Եւ ահա պայծառ եւ տիպար անուն մը՝ Թագուհի Աթոքեան, որ բարերար լծակ մըն է սփիւռքահայ մեր ազգային կեանքին մէջ: Աւելին, այնքան ներուժ ու տրոփում ունեցած է իր սիրտը։ Ինքզինք միշտ խորապէս հայ զգացած է եւ տակաւին կը զգայ։ Խօսիլ իր հետ, կը զգաս, կը գտնես պարզութիւնը կեանքին, լուսաւոր ներդաշնակութեամբ։ Իր ձայնին ու բառերուն միջեւ հաճելի բան մը կ՚ուրուագըծուի՝ արեւու գոյնին նման պայծառ։ Բայց միշտ իր ներսին ունի խուճապը, հայկականութիւն կոչուած տագնապին։ Թէեւ ճակտին վրայ խորշոմներ ունի. բայց ոչ սրտին։ Ունի շատ գիտակից համոզումներ իր ազգին, գաղութին, մարդկութեան ու հայրենիքը հետաքըր-
քրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին։ Միշտ հպարտ է իր ժողովուրդի ստեղծածով։ Իր կեանքն ու արժէքը կապած է իր գաղութին ու մանաւանդ հայրենիքի կեանքին։ Շատ յաճախ տագնապած է, մտահոգուած է, խանդավառուած է, բայց երբեք չէ յուսահատած։ Իր հետ խօսելով, միշտ գտած եմ պարզութիւնը իր կեանքին։ Իր ամբողջ կեանքը իր աշակերտներն ու իր սրբազան գործն է եղած։ Ուսուցանել։ Դաստիարակել։ Իր սիրտը եղած է մշտական նուիրում, իսկ ցար մատուցած կեանքը՝ անսակարկ զոհաբերում, յանուն նոր սերունդի դաստիարակութեան։ Ահա արդար եւ իրաւ վկայութիւնը իր աշխատանքին։ Այս բոլորը անկասկած, մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչ մըն է։ Անկասկած, իբրեւ տարիներու վաստակ ունեցող կրթական մշակ Հալէպահայութիւնը, այս բոլորով հանդերձ իր մէջ մեծ հիացում մը ունի: Ունի յարգանք եւ երախտապարտ գնահատանք։ Չեմ գիտեր ուրիշ ի՞նչ անուն կրնամ տալ՝ օր. Թագուհի Աթոքեանին բայց միայն՝ մեծ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒ ՀԻ տիտղոսը: Ուստի, վարձքդ կատար Յարգելիս: Լոս Անճելըս 9 Մարտ, 2019
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 33
Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց Յունաստանի Աթէնք Ժամանակացոյց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ – Նէոս Գոսմոս «Այն Յիսուսը՛ զոր դուք խաչեցիք, յարեաւ ի մեռելոց․ եւ մենք վկաներն ենք այդ իրողութեան» Յարուցեալ Յիսուսը, կայ ու կը մնայ մեր մէջ, իր մարմնով եւ արեամբ, եւ հոգիով, եւ Աստուածութեամբ։ Ահա սրբագործուած հացը, Սուրբ Պատարագը, առաքեալները եւ իրենց յաջորդները տիրաւանդ իշխանութեամբ կը շարունակեն մատուցանել Զոհը։ «Առէք կերէք, այս է մարմին իմ, արբէք ի սմանէ, այս է արիւն իմ»։ «Հացս այս մարմին է Քրիստոսի, բաժակս՝ արիւն նորոյ ուխտի», կ’երգէին մեր hայրերը։ Շնորհիւ Սուրբ Հաղորդութեան, Յիսուս մեզի հետ է ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։ Մենք եւս, կաթողիկէ եւ առաքելական աշխարհին հետ, Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, կը վերանորոգենք մեր այս հաւատքը։ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնալ է Յարութիւնն Քրիստոսի
Աւագ Սուրբ Շաբթուայ յայտագիր 2019 Շաբաթ 20 Ապրիլ՝ Յիշատակ Ղազարու յարութեան։ Երեկոյեան «Բացումն վարագոյրի»։ Կիրակի 21 Ապրիլ՝ Ծաղկազարդ։ Համաշխարհային Օր երիտասարդութեան։ Առաւօտեան ժամը 10։30-ին ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ եւ ձիթենաց ճիւղերու օրհնութիւն ապա թափօր դէպի եկեղեցւոյ բակը ուր տեղի կ’ունենայ Անդաստանը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 5-ին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Դըռնբացէքի արարողութիւնը։ Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ՝ Յիշատակ Բիւրաւոր Նահատակաց Ազգիս Հայոց։ Նախաձեռնութեամբ՝ Ատտիկէի մարզպետարանի, Նախագահութեամբ՝ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու․ Հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ կէսօրէ ետք ժամը 16:30-ին։ Ողջոյնի խօսք՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիսի կողմէ։ Հինգշաբթի 25 Ապրիլ՝ Աւագ Հինգշաբթի։ Երեկոյեան ժամը 4։30-ին Ժամերգութիւն, Ոտնլուայ եւ Սուրբ Պատարագ ապա երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ։ Իսկ Խաւարման Ժամերգութիւնը ու «Չարչարանքներու Աւետարանները» երեկոյեան ժամը 9-ին։ Եկեղեցին բաց կը մնայ առաւօտ ժամը 9-էն մինչեւ կէս գիշեր։
Ուրբաթ 26 Ապրիլ՝ Աւագ Ուրբաթ: Երեկոյեան ժամը 8։00-ին ժամերգութիւն, քարոզ եւ Տ Մ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Արարողութիւն ու թափօր։ (Հաւարտ արարողութեան, կրօնական ֆիլմ, ընթրիք եկեղեցւոյ բակին մէջ «Ֆալաֆէլ»)։ Եկեղեցին բաց կը մնայ առաւօտ ժամը 9-էն մինչեւ կէս գիշեր։ Շաբաթ 27 Ապրիլ՝ Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյց Յարութեան։ Հին կտակարանէն ընթերցումներ, Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, երեկոյեան ժամը 8։00-ին ապա շնորհաւորութիւններ։ Կիրակի 28 Ապրիլ՝ Տօն Յարութեան Քրիստոսի։ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ առաւօտեան ժամը 10։30-ին ապա Առաջնորդ հայրը կ’ընդունի ձեր շնորհաւորութիւնները առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։ Երկուշաբթի 29 Ապրիլ` Օր Մեռելոց: Առաւօտեան ժամը 8։30-ին Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ։ Միօրեայ պտոյտ դէպի «Նաֆփլիո», մասնակցութեան սակը 15 եւրո։ Մեկնումը առաւօտեան ժամը 9-ին, եկեղեցիէն։ Արձանագրուելու համար՝ հեռ 2109014089։ Չորեքշաբթի 01 Մայիս՝ Մարեմեան ջերմերանդութեան սկիզբը, ամէն օր երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Վադարան, քարոզ եւ օրհնութիւն։ Լիայոյս ենք որ պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին ու մասնակցիք մեծ թիւով բոլոր արարողութիւններուն։
Էջ 34
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019
«ՆերՈւժ»-ցիները կ’ընեն իրենց առաջին քայլերը Հայաստանի մԷջ
Ապրիլ 10-ին Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամին մէջ (FAST) հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան «ՆերՈւժ» ծրագիրի յաղթող ստարտափերներու հետ, որոնք արդէն տեղափոխուած են Հայաստան եւ կ’ընեն իրենց գործարարութեան կայացման առաջին քայլերը: Անոնք այժմ կ՛անդամակցին FAST ստարտափ-կեդրոնի` չորս ամիս շարունակ ամբողջական «ուսուցողական» ծրագիրներէն եւ աշխատանքային տարածքէն օգտուելու հնարաւորութեամբ: Նախարարի պաշտօնակատարի հետ հանդիպման ներկայ էր նաեւ FAST-ի արագացման եւ նախապատրաստման գծով փոխնախագահ Տէյվիտ Պեքեթը: Ողջունելով «ՆերՈւժ»-ցիները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւորեց նմանատիպ հանդիպումներու պարբերական իրականացումը, որ թոյլ կու տայ բարձրաձայնել եւ լուծել ընթացիկ խնդիրները: Սփիւռքահայ եւ տեղացի ստարտափները ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, ըրած աշխատանքները, խօսեցան խոչընդոտներու մասին: Յատկապէս անոնց կ’անհանգստացնէին դրամաշնորհներու տրամադրման ընթացիկ բարդութիւնները, իրաւաբանական եւ հարկային ծանրաբեռնուածութիւնը, որոնք թոյլ չեն տար զարգացնել իրենց ստարտափները: ԱՄՆէն Հայաստան տեղափոխուած Միհրան Փափազեան այստեղ կեանքի կը կոչէ «Brushette» ստարտափը` ստեղծելով նորարական ատամի խոզանակՈներ` փոփոխուող յատուկ գլխիկներով եւ նպատակ ունենալով աւելի հեշտ ու հաճելի դարձնել բերանի խոռոչի խնամքը: Արդէն իսկ արտադրանքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ է, Միհրանը տեղափոխուած է Հայաստան եւ չնայած առկայ խոչընդոտներուն` կը փորձէ շարունակել իր գործը Երեւանի մէջ: «ՆերՈւժ»-ի մէկ այլ յաղթող Արմէն Ռոստոմեան «GRUV» ստարտափի հիմնադիրն ու տեխնիկական ճարտարապետն է: Այն հիմնականին մէջ երաժշտական ուղղուածութիւն ունի` նպատակ
ունենալով հնարաւորութիւն տալ երաժիշտներուն գումար վաստակելու առանց ձայնագրութիւններու վրայ մեծ գումար ծախսելու եւ անոնց դարձնել աւելի անկախ եւ ստեղծագործ: Հանդիպման ընթացքին Արմէն պատմեց, որ արդէն իսկ իր անձնակազմին մէջ ունի ճարտարագէտ եւ ծրագրի համակարգող: Գանատայէն Հայաստան տեղափոխուած Արեւիկ Վարդանեան նորաձեւութեան գործով կը զբաղուի, lemonadefashion.com կայքի եւ ծրագրի թուային առեւտուրի պատասխանատուն է: Կայքը սպառողներուն կը ներկայացնէ անհատական ոճով պատրաստուած բարձրորակ բացառիկ հաւաքածուներ: Այն պատուիրատուի հագուստի չափագրումը կը կատարէ ընդամէնը ներբեռնուած երկու լուսանկարի միջոցով, հագուստը կը կարուի արհեստավարժ ձեւաւորողներու կողմէ եւ ընտրուած նիւթերու համեմատ բաւականին մատչելի է: «ՆերՈւժ»ցի Արեւիկը եւս այսօր մեքենականութեան հետ որոշ խնդիրներ ունի, յատկապէս ֆինանսներու տրամադրման հետ կապուած: Անդրանիկ Վարդանեան կը ներկայացնէ «Illuria security» ստարտափը, որ կը զբաղուի կիբեռ անվտանգութեամբ, տեղեկատուական պաշտպանուածութեամբ: Գաղափարը խումբ մը հայրենադարձներու է, որոնք կը ցանկան օգնել Հայաստանին լուծել տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Անդրանիկը Բաբգէն Տէր Գրիգորեանին մանրամասն ներկայացուց իրենց գործունէութեան ընթացքը, անդրադարձաւ դժուարութիւններուն յատկապէս այն ստարտափերներուն համար, որոնք կը ստանան կրկնակի ֆինանասաւորում: Յոյս յայտնեց, որ յետագային այս ընթացակարգերն աւելի ճկուն կ’ըլլան: Ան նաեւ հանդէս եկաւ առաջարկութեամբ իրականացնելու առցանց ժողով «ՆերՈւժ» ծրագրին մասնակից բոլոր ստարտափերներուն հետ, պահպանել եւ ամրացնել կապերը, կիսուիլ փորձով, ստեղծել ցանց: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ մէկ սեղանի շուրջ նստիլ կառավարութեան միւս օղակներուն հետ եւս, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի մէջ ստարտափ էքոհամակարգի բարելաւման, առկայ թերութիւններուն, խոչընդոտներու վերացման: