Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 9(70)
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Նիկոլ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդգծեց ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններու սեղան Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի` Փաշինեան նշեց, որ չի կրնար խնդիրը
լուծուիլ, առանց Արցախի մասնակցութեան: «Մեր ընկալումով, այսօր կայ կարեւորագոյն քանի մը հարց, որոնց պէտք է պատասխանենք խաղաղութեան օրակարգը օրինական առումով զօրացնելու համար, եւ այդ հարցերէն մէկը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի լիարժէք գործարկումն է, որ կ’ենթադրէ նաեւ ԼՂ ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որովհետեւ շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչպէս մենք կը պատրաստուինք հարցը կարգաւորել, առանց խնդրի առաջնային եւ հիմնական կողմը լսելու, առանց անոր հետ խօսելու: Մեր քայլերը ուղղուած են անոր, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ վերականգնենք երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: ԼՂ-ի ու Ատրպէյճա-նի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է նաեւ ուղիղ հանդիպում, այդ փորձը եղած է: ԼՂ ընտրուած ներկայացուցիչները շատ երկար ժամանակ, եւ ըստ Շարունակութիւնը էջ 6
Արցախեան հիմնախնդիրը մեզի համար ճակատագրական նշանակութիւն ունի. Բագո Սահակեան
Մեր դիրքորոշման մասին, այս տարիներուն ընթացքին, մենք բազմիցս յայտնած ենք, որ թէ՛ տարածքներու եւ թէ՛ կարգավիճակի առումներով վերադարձ անցեալին պիտի չըլլայ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, խորհըրդարանին մէջ կայացած լիագումար նիստին ժամա-
նակ, ըսած է ԱՀ նախագահ Բագո Սահակեան: Անդրադառնալով վերջերս Վիեննայի մէջ կայացած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ մինչ այդ հանդիպումները կ’ըլլան բազմաթիւ խորհրդատւութիւններ, եւ բացառութիւն չէր նաեւ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը: «ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ԱԳՆ գործընկերներուն մենք հնարաւորութիւն ունեցած ենք ներկայացնելու մեր դիրքորոշումը: Իսկ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Այս տարիներուն ընթացքին մեր նուաճումներու շարքին կը դասուի այն, որ որեւէ անգամ մենք չենք առաջնորդուած ծայրայեղութեամբ, մենք որեւէ անգամ չենք տարածած մեծամըտութիւն: Արցախեան հիմնախնդիրը մեզի համար ունի ճակատագրական նշանակութիւն: ՀՀ մեր գործընկերները այդ նոյն գիտակցութեան ծիրէն Շարունակութիւնը էջ 6
Էջ 2
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Փութին-Փաշինեան յաջորդ հանդիպումը՝ հաւանաբար Մայիս 29-ին ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մատվիենքօ յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները՝ Վլատիմիր Փութին եւ Նիկոլ Փաշինեան հաւանաբար երկկողմանի հանդիպում մը ունենան Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի ժողովի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 29 Մայիսին Ղազախստանի մէջ։ «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքական գործակցութիւնը շատ կառուցողական եւ աշխոյժ ընթացք ունի: Մեր երկիրներու ղեկավարները անցեալ տարի հանդիպեցան եօթը անգամ եւ անոնք շարունակաբար շփման մէջ են հեռաձայնային զրոյցներով։ Եւրասիական տնտեսական միութեան այլ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 1-ին, Երեւանի մէջ, ուր եւս երկու երկիրներու ղեկավարները երկկողմանի հանդիպում ունենալու առիթ պիտի ունենան», ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի՝ յայտնեց Մատվիենքօ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին։
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը կոշտ արձագանգած է Էմանուէլ Մաքրոնի հրամանագիրին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոշտ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր ճանչնալու մասին հրամանագիրին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Չաւուշօղլուն գրած է Twitter-ի իր էջին: Մեւլութ Չաւուշօղլուն պնդած է, որ այդ հրամանագիրը կը խախտէ ՄԻԵԴ-ի եւ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումները: «Մաքրոնը նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հայերուն տուած խոստումները իրականացնելով` կրկին կը դիմէ փոփուլիզմի։ Նախ եւ առաջ թող իր մութ պատմութեան հայեացք նետէ: Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ցայսօր կէս դար անցած է»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։ Յիշեցնենք, որ ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ապրիլ 10-ին, ստորագրած էր Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ճանչնալու մասին հրամանագիրը։ Արդարեւ Ֆրանսայի նախագահը կատարեց Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Ապրիլ 10-ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան օրէնքով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2001-ին:
“Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան
Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան
Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com
News in Pages 15-22 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 3
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵՐ ՏԷՐ ԵՒ ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ նում կեանքը մեղքին, ենթարկում աղաւաղումների ու կործանման:
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք Նորա» (Ժամագիրք):
Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր, Սուրբ Յարութեան տօնի ուրախութիւնն է համակել մեր հոգիները, Յարութեան յաղթական բերկրանքն է ամենուր՝ մեր շուրջը, մեր եկեղեցիներում, ընտանիքներում, քրիստոնեայ ողջ աշխարհում, նաեւ՝ բնութեան զարթօնքի մէջ: Քրիստոս յաղթական ելլել է փակուած քարանձաւից, եւ հրեշտակը Նրա Յարութեան աւետիսն է հնչեցնում թափուր գերեզմանից: Փրկչի յաղթանակով փշրուել են մեղքի ու մահուան կապանքները, բացուել են դռները երկնքի արքայութեան եւ մարդկանց ընծայւում է աստուածային շնորհը՝ ժառանգելու յաւիտենական կեանքի անգին պարգեւը. «Ես իսկ եմ Յարութիւն եւ կեանք. ով հաւատում է Ինծ, թէպետ եւ մեռնի, կ’ապրի. եւ ով կենդանի է ու Ինծ հաւատում է, յաւիտեան չի մեռնի» (Յովհ. 11.25-26): Քրիստոսով Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի ուղին սկսւում է այս աշխարհից, մարդու կեանքի վերափոխումից, մեղքի ու չարիքների մերժումից, դէպի սրբութիւն ու կատարելութիւն ընթացքից: Արդարեւ, որտեղ բաց են մարդկային հոգիները Քրիստոսի Յարութեան լոյսի առջեւ, այնտեղ ցրւում ու նահանջում են խաւարները աստուածամերժ չարահնար խորհուրդների, մոլորեցնող գաղափարախօսութիւնների, բաժանումների ու բեւեռացումների, անհանդուրժողականութեան, թշնամութեան ու պառակտումի, եւ հաստատւում են համերաշխութիւն ու միաբանութիւն, հաւատարմութիւն, սրբութիւն, սէր եւ ուրախութիւն: «Աստուած Յարութիւն առաւ, եւ ցրուեցին Նրա բոլոր թշնամիները», օրհնաբանում է ժամասացը: Աշխարհի խաղաղութեան, հասարակութեան բարօրութեան, մարդկութեան ներդաշնակ գոյակցութեան, ընտանիքների ամրութեան եւ ամենայն բարիքի հակառակ են այն ընթացքները, որոնք մերժում են Քրիստոսով նորոգութիւնը եւ գերի դարձ-
Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը հրաւէր է ամէնքին՝ ապրելու Փրկչի պարգեւած շնորհներով՝ որպէս նոր մարդ, ինչպէս պատգամում է առաքեալը. «Հեռո՛ւ վանեցէք ձեզնից հին մարդուն իր նախկին կենցաղով, այն, որ ապականուած է խաբեպատիր ցանկութիւններով. նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքով եւ հոգով ու հագէ՛ք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստծու` արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ» (Եփ. 4.22-24): Հաւատալ Քրիստոսի Յարութեանը եւ Քրիստոսով մեր Յարութեանը ու մեր կեանքի վերափոխմանը, նշանակում է ոչ միայն յաղթանակ տանել մեղքի, մոլութիւնների ու մոլորութիւնների դէմ, այլեւ սիրով համակուել ամէնքի հանդէպ՝ մերժելով արդարութեան, արժանապատուութեան եւ ամենայն մարդկայինի ոտնահարումները, տարածել հոգատարութիւն ու համընդհանուր հաճութիւն, ինչպէս Քրիստոս, «որ եկաւ եւ փրկեց բոլոր արարածներին» (շարական): Յարութեան շնորհն ընդունած քրիստոնեայի կեանքում տեղ չունեն ագահութեան, անիրաւութեան, ատելութեան, բռնութիւնների եւ Աստծոյ պատուիրանները անտեսող այլ դրսեւորումները, որոնք մեղքից ու մահից Քրիստոսի պարգեւած ազատութեան մերժումն են եւ վերացնում են բարին ու բարիքը մարդու, ընտանիքի, երկրի կեանքից: Ազատութիւնը տրուած է բարին ընտրելու եւ ո՛չ թէ չարիքի ու սանձարձակութիւնների պատրուակ դարձնելու համար (հմմտ. Ա Պետ. Բ 16): Իրաւի, Յարութեան շնորհի ժառանգորդ լինելը արտայայտւում է ապրելակերպի, գործերի, ոչ միայն անձնական ու ընտանեկան, այլեւ հանրութեանը, ազգին, մարդկութեանը բերած օգտակարութեան ու ներդրումի մէջ: Այս ճանապարհով է պայծառանում եւ արդիւնաւորւում հաւատքը, առատանում յոյսը, հաստատւում եղբայրասիրութիւնն ու միասնաբար առաջընթացի ուղին: Քրիստոսի չարչարանքներն ու Յարութիւնը յանուն մեզ, յանուն ողջ մարդկութեան՝ աստուածային անսահման սիրոյ արտայայտութիւնն են: «Նա մեռաւ բոլորի համար, որպէսզի նրանք, որ կենդանի են, միայն իրենց համար կենդանի չլինեն, այլեւ Նրա համար, ով մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ իրենց համար (Բ․ Կորնթ. 5.15): Սէրը, սիրելիներ, անձնակեդրոն չէ, իրենը չի փնտրում (Ա․ Կորնթ. 13.5), արտայայտւում է միմեանց հանդէպ նուիրուածութեամբ եւ հիմքն է ծաղկումի, վերելքի, Յարութեան: Այս է այն կարեւոր պատգամը, որ Փրկիչ մեր Տէրը փոխանցում է մարդկանց Իր օրինակով: Տիրոջ Յարութիւնն ինքնին համընդհանրութեան, հաւաքականութեան ու միաբանութեան խորհուրդն է բերում աշխարհին: Քրիստոս բոլորին բերեց իր ծառայուՇարունակութիւնը էջ 4
Էջ 4
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵՐ ՏԷՐ ԵՒ ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Շարունակութիւն էջ 3-էն
թիւնը, այդպէս էլ մենք ապրենք միմեանց հանդէպ սիրոյ ու ծառայանուիրումի, նախանձախնդրութեան ու յանձնառութեան ոգով: Այս գիտակցութեամբ է, որ ի զօրու պիտի լինենք դիմագրաւելու մեր պետական ու համազգային կեանքի դժուարութիւնները, լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները, ամրապնդել ընտանիքները, անսասան պաշտպանել ու շէնացնել մեր հայրենիքը, աշխարհասփիւռ ազգային մեր կեանքը: Մեր ժողովուրդը, որ ընդունել է Քրիստոսին որպէս իր Փրկչի, եւ առ Տէրը սիրով ու հաւատարմութեամբ յառնել պատմութեան արհաւիրքներից, այսօր էլ այդ հաւատքով, այդ զօրութեամբ պիտի շարունակի կերտել իր յաղթանակներն ու ձեռքբերումները: Արդ, սիրելիներ, Քրիստոսի էջքով սրբագործուած մեր երկրում եւ համայն մեր կեանքում յարատեւ պահենք Քրիստոսի Յարութեան լոյսն ու զօրութիւնը եւ շարունակ նորոգուենք մեր Փրկչի պարգեւած շնորհով: Այսպէս մենք կարող կլինենք միասնաբար ընթանալ դէպի հզօր հայրենիքի նորակերտում, դէպի նոր հորիզոնները մեր կեանքի՝ փաստելով, որ մենք Քրիստոսով յարուցեալ ժողովուրդ ենք, Քրիստոսի ժողովուրդն ենք, Աստծոյ սեփական ժողովուրդն ենք: Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան ցնծալի աւետիսով ողջունում ենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու Նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կոստանդնուպոլսի Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշընորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանին, քոյր Եկեղեցիների հոգեւոր պետերին՝ իրենց ծառայութեան արգասաւորման մաղթանքով: Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունում եւ ամենայն բարեաց Մեր մաղթանքներն ենք բերում Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Արմէն Սարգսեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանին: Ողջոյն ենք յղում Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բագո Սահակեանին, հայոց պետական աւագանին: Սուրբ Յարութեան շնորհաբեր տօնի առիթով Մեր բարեմաղթանքներն ենք բերում Հայաստանում հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւնների ներկայացուցիչներին: Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը՝ մեր Սուրբ եկեղեցու հոգեւոր դասին եւ համայն հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին: Սուրբ Յարութեան շնորհառատ այս օրը աղօթում ենք, որ աշխարհում հրաշագործեն Փրկչի Յարութեան շնորհները, մարդիկ նորոգուեն կեանքի, խաղաղութեան, միասնութեան բարի ձգտումներով ու իրագործումներով եւ լինեն մէկ ընտանիք
աստուածային օրհնութեան ներքոյ: Ընտանիքին նուիրուած այս տարում վերստին հայցում ենք, որ Քրիստոսի Յարութեան լոյսով պայծառանան ու ամրանան ընտանեկան մեր հարկերը՝ լի սիրով, համերաշխութեամբ ու երջանկութեամբ: Թող Տէրն Իր անսահման սիրոյ մէջ պահպանի մեր ժողովուրդին եւ անշէջ պահի Յարութեան լոյսն ու ուրախութիւնը մեր սրտերում, մեր երկրում ու համայն աշխարհում: Թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, սէրը եւ խաղաղութիւնը լինեն մեզ հետ եւ ամէնքի. ամէն: Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 5
24 Ապրիլ 2019 Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակ
ԵՐԵՒԱՆ։— Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ու ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:
ԱԹԷՆՔ։— Նախագահութեամբ՝ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւՀայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Շարունակութիւնը էջ 12
Հայ Կեանք
Էջ 6
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Նիկոլ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդգծեց ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը Շարունակութիւն էջ 1-էն
էութեան միշտ ներգրաւուած եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Սովորաբար կ’ըսեն, որ մինչեւ 1998, բայց ես կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2018 Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Ռոպերթ Քոչարեանը Հայաստանի նախագահ դառնալէն առաջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած նախագահը, այնուհետեւ Սերժ Սարգսեանը ներկայացուցած Հայաստանը, բայց ան եղած է նաեւ Ղարաբաղի առաջնորդներէն մէկը, եւ մենք, ըստ էութեան, ունինք վիճակ մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային ողջ գործընթացին ընթացքին ներկայացուած եղած է բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Եւ մեր խնդիրն է այսօր ստեղծել պայմաններ, որ այդ երկխօսութիւնը ԼՂ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ չընդհատուի, եւ ասիկա շատ կարեւոր պարտաւորու-
թիւն է»,- ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետը կարեւոր համարեց նաեւ իր ու Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնները: «Վերջին շրջանին խաղաղութեան բանաձեւը կեանքի կոչելու առաջարկներ ներկայացնելը մեր ատրպէյճանցի գործընկերներուն, եւ հանրութեան, մեր ամենակարեւոր ընելիքներէն մէկն է, եւ ես ուրախ եմ, որ մենք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կրցած ենք բաւական ուղիղ, անկեղծ, ազնիւ եւ կառուցողական խօսակցութիւն ծաւալել: Ցաւօք, դեռ ընդհանուր պատկերացումներ չունինք Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նրբութիւններու կառուցակազմերուն մասին, բայց այն, որ մենք կրցած ենք կառուցողական, անկեղծ քննարկման մթնոլորտ ստեղծել, ատիկա արդէն իսկ բաւական լաւ է»,- նշեց Փաշինեան:
Արցախեան հիմնախնդիրը մեզի համար ճակատագրական նշանակութիւն ունի. Բագո Սահակեան Շարունակութիւն էջ 1-էն
ներս կ’իրականացնեն իրենց այսօրուան աշխատանքները: Մեր տեսակէտը պաշտպանած ենք եւ կը շարունակենք պաշտպանել ամենայն հաստատակամութեամբ: Այդ ամէնուն հետ մէկտեղ՝ մենք մեր պարտքը կը համարենք ամէն կերպով նպաստելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու գործունէութիւնը հնարաւորինս արդիւնաւէտ դարձընելուն»,- մասնաւորապէս նշած է Բագո Սահակեան: ԱՀ նախագահին խօսքով՝ վերջերս ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպշիկի հետ հանդիպման ընթացքին՝ քննարկուած է լրացուցիչ հնարաւորոթիւններու կիրառման մասին հարցը: «Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները ՀՀ գործընկերներու հետ՝ նշուած դիրքորոշումը պաշտպանելու ուղղութեամբ: Ես չեմ տեսներ որեւէ հաւանական փոփոխութիւն, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մեր այդ դիրքորոշումը վերանայելու համար: Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ՝ խօսուած է նաեւ շարք մը նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութեան մասին, եւ այդ մօտեցումներուն մասին, մենք այս տարիներուն ընթացքին, բազմիցս հնչեցուցած ենք: Վերջին՝ Մոսկուայի մէջ կայացած երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը հաստատած են պատրաստակամութիւնը սահմանագիծին վրայ աւելորդ լարուածութիւն
չստեղծելու մասին: Մենք ալ հետամուտ պիտի ըլլանք այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելուն», - աւելցուցած է Բագո Սահակեան:
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 7
Բաց նամակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ՅԱԿՈԲ ՏԷՐԵԱՆ Պրն. Նախագահ, Ահա դարձեալ Ապրիլ 24։ Դարձեալ Ցեղասպանութեան յիշատակումներ ու բողոքի ցոյցեր, որոնք որպէս աչքի փուշ ամէն տարի կու գան ցցուիլ ձեր դիմաց ու կը հարկադրեն ձեզ, որ դարձեալ մէջտեղ բերենք ձեր հին ու նոր շինծու փաստարկները, դրժելու եւ ուրանալու ձեր գործած ահաւոր ոճիրը։ Թէեւ տարուէ տարի կ՚ուզէք տեսնել Ցեղասպանութեան այս յիշատակումները քիչ մը աւելի նուազած եւ քիչ մը աւելի թափէ ինկած վիճակով, այն յոյսով որ օր մը զայն պիտի տեսնէք բոլորովին մոռցուած ու դադրած՝ սակայն ընդհակառակը, զայն կը գտնէք ամէն տարի քիչ մը աւելի շեշտուած, ինչ որ անելանելի վիճակ մը կը ստեղծէ ձեզի համար։ Եւ ահա ձեր ամբողջ ջանքն ու ճիգը ի գործ կը դնէք. ձեր ամբողջ ուժը կը վատնէք կարենալ համոզելու աշխարհը ձեր պետական տեսակէտի պնդումներով, բայց ի զուր։ Օտար պատմաբաններ կը վարձէք, որ կաշառքի ուժով պաշտպանեն ձեր պետական տեսակէտը։ Գործի կը լծէք ձեր համալսարաններու դասախօսներն ու տնօրէնները, որ նոր-նոր գիտաժողովներ կազմակերպեն եւ նոր-նոր խեղաթիւրուած պատմութիւններ հնարեն, ինքնարդարացման ինքնախաբէութեամբ։ Գործի կը մղէք ձեր ազգայնապաշտ փրոֆէսորները, որ ինքնարդարացման նոր սուտերով պատմութիւնը կեղծեն։ Գործի կը լծէք ձեր պատմութեան կաճառի ամբողջ կազմը, որ պատմութեան ճշմարտութիւնները նենգափոխելով, զայն ներկայացնեն 180 աստիճան յեղաշրջուած ձեւով։ Սակայն, ձեր այս բոլոր ջանքերը արդիւնք չեն տար, անոր համար որ անոնք բոլորն ալ հիմնուած են սուտի ու կեղծիքի վրայ միայն։ Սուտեր, այնքան ծիծաղելի ու ամօթալի, որ կը տարուինք մտածելու, թէ ի՞նչ նկարագրի տէր մարդիկ եղած պէտք է ըլլան այդ փրոֆէսոր կամ պատմաբան կոչուած անձերը, որ գիտնալով հանդերձ իրենց արտայայտած խօսքերուն 100 տոկոս սուտ եղած ըլլալը, տակաւին ներկայացնեն զանոնք որպէս ճշմարտութիւն։ Սակայն, ինչպէս կ՚ըսեն «լեզուն ոսկոր չունի», որովհետեւ կրնայ դառնալ որեւէ կողմ, իր ուզածին պէս։ Հարց է սակայն, եթէ երբեք լեզուն ոսկոր չունի, մարդ արարածն ալ երբեք մարդկայնութեան գիտակցութիւն (ինսանէթ պիլկիսի) չունի՞, որ կրնայ դարձնել ինքզինք տեղւոյն համեմատ անոսկոր լեզուի նման իր ուզած կողմը, լաւէն դէպի վատ, կամ
ճշմարտութենէ դէպի ստախօսութիւն։ Որեւէ անհատ անկախ իր ունեցած տիտղոսներէն, կը պահանջուի նախ եւ առաջ մարդկայնութեան գիտակցութիւն, հանրութեան ներկայանալ որպէս «մարդ»՝ փրոֆէսոր կամ պատմաբան ներկայանալէ առաջ։ Ձեր փրոֆէսորները հանրութեան կը ներկայանան այնպիսի ստախօսութիւններով, որոնք չեն ալ քօղարկուիր, քանի որ օդային խօսքը զուրկ է հիմքէ։ Պրն. նախագահ, եթէ երբեք փոքրիկ ակնարկ մը նետենք անցեալին վրայ, հոն կը գտնենք այնպիսի պատմական իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ հերքել կամ ուրանալ։ Ահաւասիկ մի քանի օրինակներ. «…Ասկէ 100 տարի առաջ Իթթիհատական կուսակցութիւնը ամբողջ Անատոլիան մահմետականացնելու եւ թրքացնելու քաղաքականութեամբ մը, այդ հողերուն վրայէն մերթ արտաքսումով կամ աքսորով, մերթ տեղահանութեան ու սպանդներու միջոցով, ուզեց անհետացնել ոչ-իսլամները, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդը։ …Անկէ յետոյ ալ ողբերգութեան հետեւանքներէն փրկուելու համար, ձեւաւորուեցաւ ուրացումի քաղաքականութիւն մը։ Սեղանին վրայ կեղծ պատմութիւն մը գրի առնուեցաւ։ Կարգ մը հայերու, հրոսակախումբերուն կողմէ կատարուած մանր-մունր գործողութիւնները, չափազանցուած համեմատութիւններով ներկայացուեցան։ Անոր փոխարէն անգոյ նկատուեցան հայերու վրայ գործադրուած հալածանքներն ու սպանդները»։ Սելահետտին Տէմիրթաշ *** Հմուտ պատմաբան Թանէր Աքչամ. «Երիտասարդ թուրքերու ոճիրը մարդկութեան դէմ – Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան շրջանի էթնիկ մաքրագործումները», գիրքը կու գայ ջրել բոլոր այն սուտ պատրուակները, ուր հեղինակը հաստատօՇարունակութիւնը էջ 8
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Բաց նամակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին
Շարունակութիւն էջ 7-էն
րէն կ՚ըսէ թէ «Իթթիհատականները պատերազմէն առաջ արդէն որոշած էին Ցեղասպանութիւնը իրագործել»։ *** «…Որքան ալ հայերը զանազան գրգռութիւններու ու պատահարներու հետեւանքով ապստամբած ըլլային, տեղահանութեան որոշումը արդէն անկէ առաջ ընդունուած ու յայտագրին մէջ առնուած էր»։ Այշէ Հուր *** «…Ամբողջ աշխարհ արդէն ընդունած է, որ 1915-ն Ցեղասպանութիւն էր։ Թուրքերը տակաւին որոշ քաղաքականութիւն մը չունին այս մասին»։ Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ *** Ահմէտ Ալթան «Խելագարներու երկիր» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը պախարակէր կառավարութիւնը իր պաշտօնական տեսակէտէն չկարենալ բաժնուելուն եւ ճշմարտութեան հետ երես առ երես չկարենալ գալուն համար ու կը գրէր հետեւեալ ցընցիչ խօսքերը. «…Դուն աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննէ, Անատոլուէն սրբէ հայերուն բոլոր հետքերը, ձեռք դիր անոնց կալուածներուն եւ ինչքերուն վրայ, յետոյ ալ տղոց ցոյց տուր վիտէօ ժապաւէններ ըսելով՝ «Նայեցէք հայերը ինչեր ըրին մեզի»։ Ահմէտ Ալթան *** «…Այս հասարակութեան շատ սուտեր խօսուեցան։ Այս հասարակութիւնը բազմիցս յանցագործութեան մղուեցաւ այդ սուտերուն պատճա-
ռաւ։ Յանցագործները «հերոս» եւ զոհերը «յանցաւոր» կոչեցինք»։ Ռակըպ Զարաքօղլու Պրն. նախագահ, տակաւին կարելի է շատ երկարել օրինակները։ Վստահ ենք, որ դուք մեզմէ աւելի լաւ գիտէք այս բոլոր պատմութեան իրականութիւնները։ Լաւ գիտէք շիտակն ու սխալը, լաւ գիտէք ճշմարիտն ու սուտը։ Սակայն գիտնալով հանդերձ ճշմարտութիւնը, կը մերժէք զայն ընդունիլ, քանի որ ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը ապտակ մըն է մարդոց երեսին»։ Այդ է պատճառը որ մարդիկ կը խուսափին անկէ։ Անցեալին Սէֆի Էօնկիւտար ցնցիչ յօդուած մը գրած էր «Ռատիքալ»-ի մէջ, մեղադրելով իթթիհատական կառավարութիւնը, որուն գործելակերպին նմանութիւնը կը տեսնէր ներկայ Ա.Գ.Փ. կուսակցութեան գործելակերպին մէջ, իր վարչապետ Էրտողանով։ Ան կը յիշեցնէր, թէ ինչպէս Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները, Տոքթ. Նազըմ, Տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի եւ այլն, 1 Նոյեմբեր 1918-ի գիշերը գերմանական նաւով խոյս տուած էին երկրէն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը գիտակցէին իրենց յանցագործութիւնը։ Շատ լաւ գիտէին, որ հարիւր հազարաւոր հայերու սպանդին պատասխանատուներն էին։ Շատ լաւ գիտէին որ դատարանը ինչ վճիռ պիտի արձակէր իրենց համար։ Այդ իսկ պատճառաւ անոնք փախան երկրէն։ Եւ ապա գիտենք, որ անոնք Օսմանեան պետութեան պատերազմական ատեանին կողմէ, Շարունակութիւնը էջ 29
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 9
Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Աշխատասիրեց՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Հ
այոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ գտնուած փաստաթուղթերը պահ դրուած են թրքական կառավարութեան կողմէ, իսկ բազմաթիւ փաստաթուղթեր ալ փճացուած են, որոնք առհասարակ կը վերաբերին այն ժամանակահատուածին, ուր պարտադիր տեղահանութեան հրամանագիրեր կան Արեւմտահայութեան, եւ կամ վճիռ կայ բնաջնջելու Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայ ազգաբընակչութիւնը: Անվնաս մնացած փաստաթուղթերէն ոմանք նպատակադրուած են հերքելու համար Ցեղասպանութեան քննադատութիւնները: Այս փաստաթուղթերը վերջին 20 տարիներուն հրատարակուած են թրքական կառավարութեան կողմէ: Իսկ անդին կը մնան բազմահազար փաստաթուղթեր, որոնք հասանելի չեն հանրութեան: Փաստաթուղթերը արաբատառ օսմանեան թրքերէնով գրուած են։ Մեր տրամադրութեան տակ եղած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1994-ին թրքերէն լեզուով, որպէս խորագիր ունենալով՝ “Osmanli Betyelerinde Ermeniler”: Իսկ թրքական կառավարութեան վարչապետութեան կողմէ հրատարակուած անգլերէն լեզուով՝ “Armenians in Ottoman Documents” գիրքը, որ կը պարունակէ 1915-1920 ժամանակաշրջանի փաստաթուղթերը, նպատակադրուած է փաստելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն ընդհանրապէս տեղի չէ ունեցած: Հրատարակութեան 275 էջերուն մէջ զետեղուած են շուրջ 260 հեռագիրեր: Գիրքին մէջ տեղ գտած հեռագիրներուն մեծամասնութիւնը ստորագրուած են ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային կողմէ, որոնք կը վերաբերին առաւելաբար հայ ազգաբնակչութեան տեղահանութեան: Կան նաեւ քանի մը յօդուածներ որոնք նպատակադրուած են արդարացնելու տեղահանութիւնը: Բայց թղթատելով ու կարդալով այդ գիրքը, միայն կարելի է փաստել թրքական կառավարութեան ցանկութեան հակառակը, թէ Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը ի յայտ կու գայ այդ գիրքին մէջ իսկ տեղ գտած հեռագիրներէն՝ հայ ժողովուրդը աստիճանաբար բնաջնջելու: Վերոյիշեալ գիրքը կը պարփակէ հեռագիրներուն պատճէնները օսմաներէնով, որոնց 156-ը ղըրկուած են 1915-ի ընթացքին: Ստորեւ հատորին մէջ տեղ գտած հեռագիրներուն տեղեկութիւնները տեղահանութեան մասին. 01 Զինուորական ապահովութեան համար Արեւելեան շրջանին մէջ պատերազմի հետեւանքով
յառաջ եկած ռուսական վտանգը: 02 Յեղափոխական գործիչներ ու ազգային կուսակցութեան պատկանող անհատներ: 03 Տարագրութեան պարտադրուած հայերուն բնակարանները ապահովել Ռուսաստանէն գաղթած թրքածին գաղթականներուն համար: 04 Հայ ազգաբնակչութիւնը որոշ նահանգներու մէջ, տեղացի թուրքերէն աւելի կը նկատուէր: 05 Տեղահան ընել բոլոր հայերը, որոնք ցնծութեամբ դիմաւորեցին Թուրքիոյ պարտութիւնը Լիպիոյ մէջ, Իտալիոյ կողմէ: 06 Նախ տեղահան ընել Հայ Առաքելական եկեղեցոյ պատկանողները: 07 Ինչպէս նաեւ աւելի ուշ Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամները եւ Հայ բողոքականները: 08 Հայ ըլլալը պատճառաբանել: Նշեալ հեռագիրներուն մէջ նաեւ կան տեղահանութեան վերաբերեալ հետեւեալ տեղեկութիւնները. 01 Տեղահանուած հայերը տանիլ Սուրիոյ եւ Իրաքի անմարդաբնակ անապատները, ոչնչացնելու համար զանոնք: 02 ա) եթէ չէք կրնար բոլորովին ոչնչացնել Շարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Շարունակութիւն էջ 9-էն
տարագրեալները, կրնաք զանոնք բնակեցնել Փոքր Ասիոյ սահմաններէն դուրս, պայմանաւ որ անոնց թիւը տեղւոյն բնակչութեան թիւէն 10 տոկոսէն աւելի չըլլայ: բ) Տեղահանուածները պէտք չէ ապրին քաղաքներու մէջ, ինչպէս Հալէպ կամ Դամասկոս: գ) Տեղահանուածները պէտք է ապրին երկաթուղագիծէն առնուազն 20 քմ. հեռու: 03 Թուրքիոյ տարածքին ողջ մնացած հայ այրի կիները եւ երիտասարդ աղջիկները տեղահան ըրէք եւ ցրուեցէք թրքաբնակ գիւղերու մէջ, ստիպելով որ իսլամանան եւ ամուսնանան թուրքերու հետ: 04 Իսկ 12 տարեկանէն վար որբ երեխաները կրթեցէք, այսինքն թրքացուցէք: 05 Ինչ կը վերաբերի իսլամացած հայ կիներուն ու աղջիկներուն, եթէ անոնք մերժեն ամուսնանալ թուրքի հետ, պէտք է աքսորուին սուրիական անապատները (1916 Ապրիլ 30)։ Ըստ երեւոյթին, կան նաեւ աւելի խիստ ու վճռական հեռագիրներ, որոնք Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէ հրատարակած այս գիրքին մէջ: Մեծ Եղեռնէն 80 տարիներ ետք, որպէս նորութիւն Թուրքիան յարմար տեսնելով հրատարակած էր այս հատորը, ենթադրելով որ վերապրողներ արդէն գոյութիւն չունէին, որոնք տեղահանութեան ժամանակ չափահաս տարիքի էին: Ցեղասպան թուրքը կրցաւ հայութեան բեկորները վերածել որբ եւ այրի իգական սեռին, որոնց համար Միջին Արեւելեան զանազան քաղաքներու մէջ հիմնուեցան որբանոցներ եւ այրիանոցներ ողջ մնացած հաւաքականութիւնը փրկելու բարեսիրական ջանքերով: Մեհմէտ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ անշուշտ միայն իրենց կեղծիքով չէին կրնար քաղաքակիրթ աշխարհը խաբել, ծրագրուած Ցեղասպանութեան ձգտող իրենց արուած այս քայլերով, որովհետեւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմը պատրուակը չէր տեղահանութեան, փաստարկումներ կան դաշնակիցներու մօտ, որ ծրագրուած տեղահանութեան վերաբերող հեռագիրները արդէն, որոշ քանակով դաշնակիցներու տրամադրութեան տակ կը գտնուէին
Բարձրագոյն դուռ Ներքին Գործոց Նախարարութիւն Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւն Անձնական։ 1563 Գաղտնի Արտաքին Գործոց հզօր Նախարարութեան Ամփոփում։ Անհատապէս, յեղափոխութիւն կազմակերպելու մասնակցած հայերու մասին։ Պետական բարձր վեհափառութիւն, քաղաքական հրամաններու ընդհանուր տնօրէնութեան, քարտուղարութեան, 18 Ապրիլ 1332 թուակիր ու 81573/308 թուահամար պատգամագրի պետական պատասխանն է։ Մալումեան Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Դանիէլ Վարուժան (Չպուքքեարեան), պատմութեան ուսուցիչ Խաժակ (Գարեգին Չագալեան), Ատոմ Եարճանեան (Սիամանթօ) անուանումով անձերը անցեալ տարի հայկական կոմիտէներու աշխատանքներու առթիւ անհատապէս յեղափոխութիւն կազմակերպելու մասնակցած ըլլալուն պատճառաւ հսկողութեան տակ առնուած են։ Ապա դատարան յանձնուելու պահանջք ներկայացած ըլլալով Տիարպէքիրի Զինուորական դատարան փոխադրութիւնը իրականացնելու շրջանին, իրենց ընկերացող հսկիչ պաշտօնեաները բռնաբարելով, խոյս տուած աւելի վերջ հասկցուած է թէ, Ռուսիա ապաստանած են։ Յարգանքով կը յայտնեմ, թէ այս փախուստի ուղղութեամբ Իսթանպուլի ոստիկանութեան կողմէ որեւէ գործողութիւն չէ կատարուած։ Այս մասին Ձեր հրաման ու հրահանգը գլխուս վրայ։ 18 Ռամազան 1334 եւ 6 Յուլիս 1332 (19 Յուլիս 1916) Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթ Թիւ 28 այդ օրերուն:
Տեղահանութեան վայրերու հետ առնչուած հեռագիրներ. Վերոյիշեալ հատորին մէջ ներառուած են նաեւ 3 հեռագիրներ, որոնք կը ճշդեն տեղահանութեան վայրերը: Երեք հեռագիրներն ալ ստորագրուած են Մեհմէտ Թալէաթի կողմէ. 01 1915 Յուլիս 17-ի հեռագիրը ուղղուած Հալէպի կառավարիչին, կը հրահանգէ, որ Կիլիկիոյ կողմերէն Հալէպ ապաստանած հայերը պէտք է անմիջապէս աքսորուին Հալէպէն դէպի Հարաւարեւելք, այսինքն Սուրիական անապատ (Տէր-Զօր): Շարունակութիւնը էջ 27
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան պարգեւատրեց Երուանդ Զօրեանը
Ապրիլ 15-ին Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց «Սինոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ, ԱՄՆ «Սինոփսիս» ընկերութեան գլխաւոր ճարտարագէտ Երուանդ Զօրեանը: Ողջունելով հիւրը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման ընթացքը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի հիմնարկի ստեղծումը, յանձնակատարի գրասենեակի ուղղութիւնները, նշեց, որ այն, ըլլալով աւելի բարձր մակարդակի վրայ` վարչապետի աշխատակազմին մէջ ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, աւելի շատ պիտի ունենայ համակարգող գործառոյթ, պիտի ամրապնդէ համայնքներու հետ կապը, պիտի մշակէ միասնական քաղաքականութիւն: Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ սփիւռքը որպէս համաշխարհային ցանց դիտարկելու հնարաւորութիւնը, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու կողքին անհատներու ներգրաւումը: Այս առումով Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւորեց ՀԲԸՄի արդիւնաւէտ փորձն ու աշխատանքը, ՀԲԸՄի Հայկական համացանցային համալսարանի գործունէութիւնը: Երուանդ Զօրեան կը հանդիսանայ նաեւ այդ համալսարանի հիմնադիր նախագահը: Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարարի
Էջ 11
Ռեմոն Գէորգեան մաս կը կազմէ Ռուանտայի ցեղասպանութեան հետազօտութեան յատուկ յանձնաժողովին
Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-ամեակին առիթով նախագահ Մաքրոնի յատուկ յանձնարարութեամբ՝ ստեղծուեցաւ «Պատմաբաններու եւ հետազօտողներու յանձնաժողով մը, որ պիտի կատարէ խորքային աշխատանք, կեդրոնանալով 19901994 Ռուանտայի վերաբերող ֆրանսական դիւանաթուղթերու ուսումնասիրութեան վրայ»: Յանձնաժողովը պիտի գլխաւորէ Վենսան Տիւքլեր: Յանձնախումբի ինը մասնագէտներուն մէջ է նաեւ ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեան, կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»ը:
պաշտօնակատարը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ կապերու ամրապըդման գործին մէջ ներդրում ունենալու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար Երուանդ Զօրեանը պարգեւատրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալով: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ աւելի խորացնել համագործակցութիւնը եւ հանդէս գալ նոր համատեղ նախաձեռնութիւններով:
Էջ 12
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
24 Ապրիլ 2019 Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակ
ԱԹԷՆՔ։— ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յունաստանի մէջ Ֆաթէյ Չարչօղլեան դափնեպսակ կը զետեղէ Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ: Յունաստանի զինուորական ակադէմիայի հայ ուսանողները։
ԱԹԷՆՔ:—Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան։
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 13
ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ… ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ամէն տարի այս օրերուն, երբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն կ’անցնէի, կը հանդիպէի Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Աւստրալիայէն եկած ծանօթներու: Այս տարի կարծէք ամեակի սէրը պակսած է: Հայաստանի հեռատեսիլի կայանները կը խօսին ուսուցիչներու դասադուլի, վարչապետի ճամբորդութիւններուն, տեսակցութիւններուն, ժողովներու մասնակցութեան մասին, եւ այդ առիթներով կը սփռեն իր արտասանած խօսքերը` առանց բառ զեղչելու, կը խօսին դատերու եւ հետապնդումներու, հաշուական կամ ոճրային խնդիրներու մասին: Ամէն օր կը լսենք Ալիեւի եւ Մամետիարովի հետ հաւանական տեսակցութիւններու մասին: Ապրող երկիր է: Տասը օր ետք պիտի դիմագրաւենք ֆեթիշ թուականը, զոր կը յիշեցնեն արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող «ճանաչումներ»ը, երբեմն ալ` Ծիծեռնակաբերդի շուրջ եղած ծառատունկը: Ֆրանսա կամ Իտալիա, կամ` սպանական քաղաք մը, ճանչցած են եւ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ոչ ոք կ’ըսէ` ո՞վ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս պիտի սրբագրէ պատմութեան չարն ու չարիքը: Պարզ խօսքով. ի՞նչ բանի ծառայեցին եւ պիտի ծառայեն ճանաչումները: Երեւանը եռեւեփումի մէջ է, տասնեակներով թատերական ներկայացումներու եւ երաժշտական հանդիսութիւններու յայտարարութիւններ: Հաճելի է տեսնել պողոտաներու վրայ ցուցադրուած «Հայ մեծեր»ու անունները, որոնք հպարտութիւն կ’առթեն: Ընկեր-բարեկամի հետ զրոյցներու ընթացքին, անոնք ըլլան աշխատաւորներ, տանտիկիններ, թէ մտաւորականներ, չենք լսեր ֆեթիշ թուականի մասին: Ի՞նչ պիտի ըսեն, որ անցեալին ըսուածէն տարբեր ըլլայ, աւելի քայլ մը: Հաւանօրէն Ապրիլ 24-ին աւանդական ծէսերը պիտի կրկնուին, Ծիծեռնակաբերդը ուխտատեղի պիտի ըլլայ եւ պիտի ծածկուի ծաղիկներով: Աւուր պատշաճի խօսքեր ալ պիտի լսենք, յիշատակի, ոճիրի, ցեղասպանութեան մասին: Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ ինչո՛ւ այդ աւուր պատշաճի խօսքերուն մէջ, Հայաստան եւ արտասահման, «ճանաչում»ներու կրկնութիւններով կամ սպասումներով կ’երջանկանանք, զանոնք կը դարձնենք ցաւազերծող դեղ (palliatif) կամ փլասեպօ (palcebo): Եւ ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւէ կամ ցոյցէ վերադարձին, գոհունակութեամբ պիտի ըսենք, որ անոնք «յաջող» էին, «բազմամարդ» էին, ճառախօսները, հայ թէ օտար բարեկամներ, «փայլուն» էին… Բայց ո՞ւր, ո՞ր առաւելը արձանագրուեցաւ: Հայու եւ հայոց կեանքին մէջ 25-ը ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ 24-էն: Յետոյ ի՞նչ… Պիտի սպասենք, որ 104-ը 105 ըլլայ: Ինչպէս 103-ը 104 եղաւ:
Այս որքա՜ն աղմուկ եւ մելան` ճանաչումներու համար: Գէթ մէկ անգամ այդ ճանաչումներու հետ յիշուէր հայոց բռնագրաւուած հայրենիքը, ուր կան գերեզմաններ, խաչքարով կամ առանց խաչքարի, նաեւ մեր ազգի պատմութեան եւ ինքնութեան յիշողութիւն` քաղաքները, եկեղեցիները, վանքերը: Ըսէինք, որ անոնք մեր սեփականութիւններն են, եւ բռնագրաւումներուն մեղսակից են բոլոր անոնք, որոնք զանոնք կը շրջանցեն որձեւէգ դիւանագիտութեամբ: Մարդիկ իրապէս հաւկուրութենէ պէտք է տառապին կամ ըլլան չար` չյիշելու եւ չյիշեցնելու համար, որ Հայաստանի պարտադրուած սահմանին միւս կողմը, քարընկէց մը հեռու, կայ ԱՆԻն` իր եկեղեցիներով, պարիսպներով… Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան իւրացնել եւ պահել հայոց մայրաքաղաքը, ինչպէ՞ս միջազգային հասարակութիւնը կրնայ ընդունիլ այդ անտառի օրէնքով եղած աւազակութիւնը: Ինչո՞ւ կը յուզուինք եւ երախտագիտական զեղումներ կ’ունենանք ճանաչումներու համար, որոնք մեր Ազգային Հարցին ոչ մէկ նպաստ բերած են եւ պիտի բերեն, բայց մեր իրաւազրկման հանդիսատեսներուն եւ մեղսակիցներուն խիղճը հանդարտեցնելու կը ծառայեն: Մեր մանր քաղքենիական եսն ալ բաւարարութիւն կը կարծէ գտնել շնորհուած գութի բեմադրութեամբ: Երբեք պիտի չմոռնամ հայ մարդու դիպուկ արտայայտութիւնը, այն օրը, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան ըսաւ. «Ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Ամերիկահայութիւնն ալ, տասնեակ տարիներէ ի վեր, կը հետապնդէ ցեղասպանութեան ճանաչումը, «բարեկամներ» կան, անոնց պատիւներ կ’ընծայուին, անոնք յայտարարութիւններ կ’ընեն: Բայց ճանաչումը չի գար: Ճանաչումէ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ յաջորդելիք իրաւունքը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ՀԱՅ ԴԱՏ չէ: Մխիթարաբարոյական պարգեւ է: Ֆեթիշ թուականէն առաջ եւ վերջ, պետութիւն եւ հայրենահանուածներ, զորս կը կոչենք Սփիւռք, առանց ճապկումներու պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ է Հայ դատը: Այս յստակացումով պէտք է դիմենք մեր «բարեկամներ»ուն, որպէսզի դիրքորոշուին, եթէ ուզեն Շարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ… Շարունակութիւն էջ 13-էն
նանք:
այդ ընել: Անոնց պէտք է ըսենք, անոնք ալ պէտք է հասկնան, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, եւ ըստ այնմ խօսին ու գործեն, եթէ շահախընդրութիւնները այդ ընել արտօնեն: Այս սկզբունքային ըմբռնումը բացակայ է, եւ կը մնան հոգեպարար խօսքերն ու հոգեհանգիստները, կը տեւեն երեւելիութիւնները եւ բեմերու վրայ օրօրուողները` կրկնելով դիպաշարերը (ցենար):
Բայց մենք տեղ մը կը պոռանք, որ անընդունելի է այդ տապանաքարին վրայ դրուած ծաղկեպսակը:
Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը մշակուած էր Հրէական ողջակիզման համար: Այդ բանաձեւը անբաւարար է, թերի է` բնորոշելու համար հայկական կացութիւնը: Թերի բնորոշումով Հայկական հարցը ինքզինք կը դատապարտէ տեղքայլ ընելու եւ հայկական իրաւունքը փակուղի տանելու:
Եւ Հայկական հարցը կը նուաճէր իր իրաւութիւնը, որ պայքար է յանուն բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան:
Հրէական ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառները ոչ մէկ նոյնութիւն ունին: Անոնց արդիւնքը եթէ միայն նկատի ունենանք, նմանութիւն կը գտնենք միլիոնաւոր զոհերով: Այդքա՛ն: Հայկական հարցը բարոյական-բարեսիրական-մխիթարական դաշտէն հեռացնելով` պէտք է փոխադրել քաղաքական-իրաւական դաշտ: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները պատմական պատասխանատուութիւն ունին Հայկական հարցը բերելու քաղաքական-իրաւական դաշտ: Օրինակ, Ֆրանսան եւ Իտալիան, Անգլիան եւ Միացեալ Նահանգները Խաղաղութեան վեհաժողովի որոշումները ստորագրած են: Անոնք պէտք չէ մոռցած ըլլան նաեւ այն բոլոր յայտարարութիւնները եւ խոստումները, զորս ըրած էին պատերազմի թէժ օրերուն` իրենց փոքրիկ դաշնակիցին: Այս Խաղաղութեան վեհաժողովին հայ ժողովուրդի իրաւունքները ճանչցած յանձնառութիւնները կը փոխարինուին ցեղասպանութեան ճանաչման ոչ մէկ պարտաւորութիւն պահանջող որոշումով: Հայկական հարցին այս երեսը երբեք օրակարգ չէ, նոյնիսկ երբ մեր բարեկամներուն հետ կը խօսինք: Նման օրակարգ մենք չենք առաջադրեր, եւ իրենք ալ կը թուին մոռցած ըլլալ իրենց յանձնառութիւնները: Պիտի պատահի՞, որ օր մը, մեր իրաւունքները անտեսելով եղած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները մենք բարձրաղաղակ յայտարարենք անբաւարար, քաղաքական աճպարարութիւն եւ պարզապէս մեղսակցութիւն` մեզ իրաւազրկողի չարագործութեան: Թուրքիոյ հետ ինչ-ինչ շահերու համար դիւանագիտական քատրի պարողները, Ռուսիան եւ Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, ո՞ր բարոյականութեան եւ ո՞ր արդարութեան վրայ հիմնուելով` տապանաքար դրին եւ կը դնեն հայոց իրաւունքին վրայ: Հիմա, ճանաչումները ծաղկեպսակ են իրենց դրած տապանաքարին վրայ, եւ մենք կը շըլա-
Եթէ պոռացած ըլլայինք եւ եթէ այսօր պոռանք` կռթնելով անժամանցելի իրաւունքին վրայ, որ հայուն հայրենիքն է, հող, ուր կը հանգչին հայրերը, հայկական զանգուածները չէին ընդարմանար բարոյական մխիթարութիւններով:
Ցոյց, տողանցք, ճանաչումներ. յետոյ ի՞նչ: Առանց իսկական հայրենատիրութեան գիտակցութեան եւ յանձնառութեան` ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ անոր դրդապատճառը կը դառնայ չարագործութեան արդարացումը: Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար եւ այս տեւաբար պէտք է կրկնել, որպէսզի ճանաչումները չմոռցընեն Հայկական հարցը: Հայկական հարցը դրուած է իր գլխուն վրայ, զայն պէտք է կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ, այդպէս ըսած էր` Քարլ Մարքս` Հեկելի փիլիսոփայութեան մասին: Այսինքն անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով հարկ է քաղաքականացնել Հայկական հարցը` առանց անտեսելու յաջողութեան առաջնորդելու կոչուած մեծ եւ պզտիկ նախաձեռնութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք խանգարող եւ անհանգստացնող պիտի համարուին: Այս տեսանկիւնէ օրինակելի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը` դատարանի ճամբով վերատիրանալու իր իրաւունքին: Այս հատուցման պահանջ չէ, այլ` պատմական անբռնաբարելի իրաւունքի վերականգնում: Հնդիկ մեծ բանաստեղծը` Ռապինտրանաթ Թակոր, 1961-ին գրած էր. «Ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կարելի է` առանց անցնելու տառապանքի բովէն, եւ հոն է, որ նիւթապաշտը զինաթափ կ’ըլլայ»: Իրաւունքի վերականգնումը այլընտրանք չունի: Պէտք է գիտնալ կանգնիլ նիւթապաշտի ստըրկացնող եսին դէմ եւ ընդունիլ անհանգստացնող յանձնառութեան դժուար ճամբան, որ հայրենասիրական տուրիզմի թափառումներէն տարբեր որակ կը պահանջէ: Միշտ կրկնելով` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Այս կարգի հարցերու յիշեցումը եւ կրկնութիւնը բեմական զարդ չեն, ուշագրաւ ըլլալու միտում չունին, երէկ ըսուած էին, վաղն ալ պիտի ըսուին, քանի որ հայոց իրաւունքի վերականգնումը մեծ բացական է միջազգային շատախօսութիւններու հարթակին վրայ: 14 Ապրիլ 2019, Երեւան
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
French President Emmanuel Macron Officially Declares April 24 Day of Commemoration of the Armenian Genocide
PARIS — French President Emmanuel Macron has signed a decree designating April 24 as the day of commemoration of the Armenian Genocide. According to the document, a ceremony paying tribute to the Armenian Genocide victims are set to be held in Paris on this day every year. Similar events can also be held in each department at the initiative of the community heads. The French prime minister is responsible for the implementation of this decision, the order says. Macron, in keeping with a 2017 campaign promise, told an annual dinner of the Coordination Council of Armenian Organizations in France that France was among the first nations to denounce “the murderous hunt of the Armenian people in the Ottoman Empire.” France officially recognized the Armenian Genocide in 2001 and a law in 2016 made it illegal to deny that status. The Council of Europe and European parliament have both recognized the massacres as genocide, as has Pope Francis. However some other countries, including the UK, have said the evidence is not strong enough. Macron said he informed Turkish President Recep Tayyip Erdogan about the decision in advance, adding that he wanted to keep an open dialogue with Turkey. “We have disagreements over the fight against the Islamic State, human rights and civil liberties in Turkey and on the genocide,” Macron said. “We also have points of agreement such as the necessity for a political transition in Syria. As such, dialogue with Turkey is indispensable,” Macron said. Turkey has denounced Macron’s decision to set
Էջ 15
PM Pashinyan Meets with US Congress Members Calls for Increased US Assistance
YEREVAN (RFE/RL) — Prime Minister Nikol Pashinyan called for increased U.S. assistance to Armenia noting that radical reforms have been implemented by his government when he met with eight members of the U.S. House of Representatives in Yerevan on Thursday. The U.S. congressional delegation comprised David Price, the chairman of the House Democracy Partnership, and other members of the bipartisan commission tasked with supporting legislatures in emerging democracies. It met with Armenian parliament speaker Ararat Mirzoyan on Wednesday. Pashinyan told the visiting American lawmakers that boosting Armenia’s relations with the United States is one of his administration’s foreign policy priorities. According to a statement by the prime minister’s office, he briefed them on political and economic reforms launched in the country after last year’s “velvet revolution.” “Nikol Pashinyan emphasized that his government is taking consistent steps to strengthen the institutional and economic power of democracy and expects the support of our international partners, including the United States,” said the statement. “The Congress members assured of their willingness to assist Armenia in promoting democracy, implementing economic reforms and strengthening the Armenian-American friendship,” it added. Cont. on page 16
April 24 as a day to commemorate the Armenian genocide as political manipulation. “We condemn and reject attempts by Mr Macron, who is facing political problems in his own country, to save the day by turning historic events into political material,” Turkish presidential spokesman Ibrahim Kalin said in a statement.
Էջ 16
Հայ Կեանք
Foreign Ministers of Armenia, Azerbaijan and Russia Meet in Moscow
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
PM Pashinyan Meets with US Congress Members Calls for Increased US Assistance Cont. from page 15
The foreign ministers of Armenia and Azerbaijan on Monday met in Moscow to discuss a resolution to the Nagorno-Karabakh conflict. Foreign ministers Zohrab Mnatsakanyan and Elmar Mammadyarov , were joined by their Russian counterpart Sergei Lavrov and the OSCE Minsk Group Co-Chairs Igor Popov of Russia, Stéphane Visconti of France, and Andrew Schofer of the U.S., as well as Andrzej Kasprzyk, the Personal Representative of the OSCE Chairperson-in-Office. The agenda of the meeting was guided by the tenor set during a March 29 summit in Vienna between Prime Minister Nikol Pashinyan and Azerbaijani President Ilham Aliyev. An exchange of ideas took place on actions aimed at further reduction of tension in the conflict zone, as well as possible partnership in the humanitarian sector. A joint statement was adopted with the results of the meeting, the Armenian foreign ministry said. “As a development to the agreements reached during the March 29 summit between Azerbaijani President Ilham Aliyev and Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan in Vienna, the participants of the meeting discussed the situation at the border and the Line of Contact, as well as prospects of establishing partnership in the humanitarian area. A comprehensive exchange of ideas over fundamental
Speaking in the Armenian parliament late last month, Pashinyan complained about Washington’s “zero reaction” to democratic change in his country. He seemed unhappy with the fact that there has been no significant increase in U.S. economic assistance to Yerevan since he came to power a year ago. The U.S. ambassador to Armenia, Lynne Tracy, responded to the criticism when she spoke to RFE/ RL’s Armenian service on Monday. Tracy, who accompanied the U.S. lawmakers during their meetings in Yerevan, argued that the U.S. has provided over $2 billion in aid to Armenia since 1992 and is committed to more such assistance. issues of resolution took place. The Armenian and Azerbaijani foreign ministers reiterated the intention of the parties to continue efforts in the direction of the Karabakh conflict settlement through political-diplomatic means. The interest in the direction of further stabilization of the situation in the conflict zone was emphasized, particularly during the period of agricultural works. They also agreed to take action based on reciprocity to allow visits of families to persons detained in the territory of the parties. The ministers expressed readiness to take practical actions in the direction of establishing contacts between the populations, including through mutual visits of mass media representatives. Lavrov and the OSCE Minsk Group Co-Chairs reiterated their commitment to the mediation mission aimed at the establishment of sustainable peace in the region. Participants of the meeting agreed to continue contacts in the near future”, reads the joint statement, according to the foreign ministry.
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 17
Turkey’s policy unchanged 104 years after the Armenian Genocide, experts say tion to prevent the discussions on the Armenian Genocide Resolution in the US Congress. “Every effort will be made to prevent the passage of the resolution. That means official Ankara will maintain it policy of denying the Armenian Genocide, condemning all countries and parliaments that adopt genocide resolutions,” she said. What will the Armenian Genocide recognition give us? Experts say it will be more of moral importance.
(Armradio) – 104 years after the Armenian genocide, the situation has not improved in terms of Turkey’s policy, expert of Turkish studies Ruben Safrastyan says. Furthermore, according to him, the atmosphere of fear has strengthened in Turkey over the past years, and this, in turn, affects the truthful speeches. Speaking to reporters today, Safrastyan said the voice of brave representatives of Turkey, who had been trying to speak the truth about the Armenian genocide, has now weakened. He believes the trend will be maintained in the coming years.
Armenia ranked 61st in 2019 World Press Freedom Index
“We see an atmosphere in Turkey that aims to silence the public,” he said. According to him, the policy of denial has not undergone changes in Turkey, while he atmosphere is less conducive to speaking the truth about the Armenian Genocide.
Armenia is ranked 61st in the 2019 World Press Freedom Index released by Reporters Without Borders today.
Expert of Turkish studies Anush Hovhannisyan notes, in turn, that “the window of 2009-2010 that enabled a small number of media outlets and intellectuals to discuss the issue is now closed.”
Georgia is placed just ahead of Armenia at 60th, Russia is 149th, Turkey and Azerbaijan are ranked 157th and 166threspectively. Armenia’s southern neighbor Iran is 170th in the list.
Speaking about the international recognition of the Armenian Genocide, Ruben Safrastyan noted that the process intensifies, when the relations with Turkey reach a “bad haven” and aggravate.
Norway, Finland, Sweden, Netherlands and Denmark are ranked as the countries with the highest degree of freedom for journalists.
“When the Turkish-Israeli relations aggravate, Knesset starts actively discussing the issue, and everyone forgets about it, when relations normalize,” Safrastyan says. Anush Hovhannisyan also sees no changes in Turkey’s official policy regarding the Armenian Genocide, and an evidence of this is Ankara’s response to French president Emmanuel Macron’s decision to declare April 24 as Armenian genocide commemoration day and the Italian Parliament’s vote on Armenian Genocide motion. According to her, Ankara has already sent a delega-
According to the report, “the new media served as an echo chamber for the “velvet revolution” in the spring of 2018 that brought a former journalist [Nikol Pashinyan] to power.” The study notes, however, that “the media landscape is diverse but polarized and the editorial policies of the main TV channels coincide with the interests of their owners.” “Journalistic independence and transparent media ownership continue to be major challenges. The new government must try to recover the opportuniCont. on page 22
Էջ 18
Հայ Կեանք
Armenian Genocide commemorative billboards installed in Massachusetts
Peace of Art, Inc.continues its 2019 annual Armenian Genocide commemoration campaign in various Massachusetts cities in March and April with five digital billboards dedicated to the 104th anniversary of the Armenian Genocide, honoring the memory of the innocent victims of all genocides, reminding the international community of the first genocide of the 20th century – the Armenian Genocide – as an irrefutable historical fact. The theme of our campaign is “Never Forget”, which is represented by an Armenian young boy’s face. The one side of his face is dark and gloomy referring to the wounded Armenia of 1915, stormed by the Ottoman Empire, and the other side of his face is flourishing and bright like Armenia in 2019. “The teenager on the billboard, orphaned in 1915 and survived the genocide, is the same teenager who roamed the whole world being born on a foreign land, the same one who later liberated Artsakh and the same youngster who currently lives proudly in independent Armenia. “In the soul of every Armenian, no matter where he lives in the homeland or abroad, will always live the same youngster that will never forget and never give up, demanding condemnation and redemption for impunity,” in his speech underlined artist Daniel Varoujan Hejinian, the president and founder of “Peace of Art” organization. Since 1996, Hejinian has been displaying the Armenian Genocide Commemorative Billboards. In 2003, Peace of Art Inc. began to sponsor the Armenian Genocide Commemorative Billboards. In 2015, Peace of Art Inc. launched its Armenian Genocide Centennial awareness billboard campaign under the name of “100 Billboards for 100 Years of Genocide,” in the U.S. and Canada to commemorate not only the victims of the Armenian Genocide but also the victims of all genocides ever occurred. This year the billboards will remain on display until April 30, 2019. Armenians commemorate the mass killings on April 24 because on that date in 1915 a group of Arme-
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
US Congress Members Visit Armenian Genocide Memorial
YEREVAN — Members of the US Congressional delegation visited the Tsitsernakaberd memorial in Yerevan to pay their respect for the victims of the Armenian Genocide. The Congressmen were accompanied by members of the Armenia-U.S. parliamentary friendship group, MPs Gayane Abrahamyan and Hovhannes Hovhannisyan. The Congressmen laid flowers at the Eternal Flame and paid tribute to the memory of the Genocide victims with a moment of silence. They also visited the Armenian Genocide MuseumInstitute, got acquainted with the exhibits and left a note in the Honorary Guest Book. The Museum-Institute’s leadership handed over English-language books about the Armenian Genocide to the Congressmen.
nian intellectuals was rounded up and assassinated in Constantinople by the Ottoman government. On April 24, Armenians worldwide will be commemorating the 104th anniversary of the Genocide which continued until 1923. Some three dozen countries, hundreds of local government bodies and international organizations have so far recognized the killings of 1.5 million Armenians as Genocide. Turkey denies to this day.
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 19
AGBU Hosts Luncheon with Anna Hakobyan and Diasporan Women in New York
On April 13, 2019, Anna Hakobyan, founder and leader of two new charitable foundations in Armenia and spouse of Armenia’s Prime Minister, was the guest of honor at a luncheon with Armenian-American women in New York City organized by AGBU. Her visit to New York was the last stop of her 17day U.S. tour, the main goal of which was to raise awareness for My Step and City of Smile foundations.
ment is there to serve the needs of the people; to make sure there is economic opportunity; and work to eradicate poverty. And since no government can meet all its national priorities at once, that’s where the non-profit sector comes in. That is what AGBU has been doing for 113 years and what My Step and City of Smile foundations are doing to assist wherever needed and fill in the gaps.”
Welcoming Hakobyan on behalf of AGBU, Central Board Member Arda Haratunian described Hakobyan “not as the wife of the Prime Minister, but as an accomplished journalist, a passionate advocate, someone who has been an activist almost her entire life, and as a mother of four children.” In referring to Hakobyan’s newest role in the non-profit arena, Haratunian considered how charity fits into the larger picture of the New Armenia agenda. “Govern-
Hakobyan expressed her gratitude for the support of Armenians and non-Armenians alike, emphasizing how very proud she was to hear what Americans had to say about Armenia. “The American people who I met were so excited about Armenia, about our revolution, about our people, and their achievements. And this is so important for me.” She explained that, while her foundations are charitable,
Hakobyan responded by stating, “It is very important for me to meet powerful Armenian women, in New York City, the heart of the world.” She also characterized the numerous meetings and events she attended over the past few weeks as “very successful.” In Washington D.C. she was received by U.S. Representatives and had several meetings and speeches at the U.S. Congress, the Carnegie Endowment for International Peace, the National Endowment for Democracy and the Library of Congress. She also met with the Armenian communities in Boston and Los-Angeles. Notably, in Memphis, she signed a memorandum of understanding with St. Jude Children’s Research Hospital, making Armenia the first partner in St. Jude’s global pediatric cancer fight.
Cont. on page 22
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Şahan Arzruni Celebrates his 75th Birthday with a Solo Piano Concert of the composers whose work he performed, such as longtime friends and role models Hovhannes and Mirzoyan.
The sound of thunderous applause emanated from the French Institute Alliance Française’s Florence Gould Hall on April 5, 2019 as a sold-out crowd of music lovers, admirers and friends gathered for the Şahan Arzruni 75th Anniversary Concert, organized with the cooperation of multiple organizations of the Greater New York area, including AGBU, The Armenian Apostolic Church of America (Eastern Prelacy), Armenian Radio Hour of New Jersey, Eastern Diocese of the Armenian Church of America, Direct Help for Armenian People, and the Fund for Armenian Relief.
Arzruni has enjoyed widespread acclaim from across the classical music landscape, performing on international stages worldwide. He has been recognized in various capacities for his impassioned dedication to Armenian music and heritage. A recipient of the Movses Khorenatsi Medal for exceptional achievement in cultural development, Arzruni was appointed the full-fledged representative of Armenia’s Ministry of Culture in the Diaspora for the Aram Khachaturian Centennial in 2003. He has also been honored with both an encyclical and the Sts. Sahak and Mesrob Medallion by His Holiness Karekin I of blessed memory. In his program message, the Very Reverend Father Daniel Findikyan, Primate of the Eastern Diocese of the Armenian Church of America, expressed how Arzruni “is truly peerless in his championing of the Armenian musical inheritance; both its great figures like Khachaturian, Hovhaness, and the immortal Komitas, as well as our lesser known, but hardly less distinguished, names like Mirzoyan, Mansuryan, Babadjanyan, Arutiunuan, Zakaryan and others.” Making Armenian music accessible to the rest of the world, Arzruni was lauded throughout the night as an artist of striking versatility and an ambassador for the rich Armenian heritage he has worked tirelessly to promote and preserve. “The music abounds in subtlety and rhythmic surprise, and Mr. Arzruni created vivid, eloquent atmospheres,” the New York Concert Review raved. The concert was followed by a private reception at the AGBU Central Office in New York— a fitting venue, given Arzruni’s involvement with AGBU since 1964, receiving an AGBU scholarship in 1966 to pursue his musical studies. “Şahan is an icon,” AGBU President Berge Setrakian observed. “We are always trying to inspire the next generation and giving them role models to be proud of is how we do that—Şahan is just that.”
The renowned pianist, composer, ethnomusicologist, teacher, and scholar performed on the occasion of his milestone birthday, captivating the audience with original compositions, as well as works by musical giants Aram Khachaturian, Alan Hovhaness, and Edvard Mirzoyan. His varied repertoire was interspersed with anecdotes about some
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 21
Armenian Defense Minister visits country’s north-eastern border (News.am) – Armenian Defense Minister David Tonoyan made a working visit to the north-eastern border of the republic, the press service of the Defense Ministry of Armenia reported. The head of the defense ministry went around the combat positions, visited the directions from which Artsvashen was visible. David Tonoyan was informed about the operational situation at the border, the conditions of combat duty. The Minister of Defense talked with the servicemen, encouraged them and wished them peaceful and safe service. Within the framework of the working visit, David Tonoyan also met with the residents of the border village of Vahan, Gegharkunik region, and discussed issues of community development.
Russia, Armenia to increase intensity of joint military drills – Southern Military District HQ (Interfax) – The intensity of exercises involving the members of the armed forces of Russia and Armenia will be increased, the press service for the Russian Southern Military District said in a statement. Relevant agreements were made during a meeting between the commander of the Southern Military District troops and the chief of the Armenian Armed Forces General Staff, the statement said. During the meeting, the Southern Military District Troops Commander, Col. Gen. Alexander Dvornikov, and the Armenian Armed Forces General Staff Chief, Lt. Gen. Artak Davtyan, “discussed the plans of interaction during joint events in military training,” it said. According to the statement, Dvornikov noted the high level of interaction shown during a recent joint exercise involving the units of the 102nd Russian military base and the Armenian Armed Forces. “The exercise was conducted at various ranges; Alagyaz, Baghramyan, and Kamkhud. The established force of the two countries’ troops has successfully perfected modern methods of conducting combat actions and controlling, including carrying out objectives in shared reconnaissance-fire and strike channels,” the press service cited the commander as saying. “The representatives of the Armenian delegation, in turn, reiterated their readiness for the further strengthening of ties in joint combat and operative training,” the statement said.
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
AGBU Hosts Luncheon with Anna Hakobyan and Diasporan Women in New York Cont. from page 19
her goal is to provide sustainable and long-term development, not just a handout. She also spoke about the need for culture change in Armenia. Acknowledging that many in Armenia are accustomed to receiving help from the diaspora, she expressed hope that My Step Foundation will create a new culture of philanthropy within Armenia. “It is very important in the society for people to take care of each other, of the needy next to them and not to think only about themselves, their own benefit and happiness. We, at My Step Foundation, want to achieve these kinds of results.” She also fielded questions about women’s rights, domestic violence, and educational reforms. She agreed these are pressing concerns for Armenia and, in time, hopes to address them all. In response to a question about the one message that diasporans should deliver as ambassadors for Armenia, Hakobyan replied, “The Women for Peace Initiative is very important for me; I would like us to be advocates of this initiative and raise our voice as Armenian women and mothers for peace in our region. Call on decision-makers not to use force or vio-
Armenia ranked 61st in 2019 World Press Freedom Index Cont. from page 17
ties that were lost in the transition to digital TV, which has paradoxically restricted the number of regional channels,” Reporters Without Borders said. At the same time, the organization urges the government to refrain from any excesses in its attempts to combat “fake news”. “Its use of the security services for this purpose, followed by a social network user’s arrest, prompted concern. Investigative journalism, which is flourishing online, is well placed to play a major role in a national offensive against corruption.” The 2019 World Press Freedom Index shows how hatred of journalists has degenerated into violence, contributing to an increase in fear. The number of countries regarded as safe, where journalists can work in complete security, continues to decline, while authoritarian regimes continue to tighten their grip on the media.
lence.” In regard to the frozen conflict between Republics of Armenia and Artsakh with Azerbaijan, Hakobyan was clear. “My message is that it doesn't matter whether they are Armenians or Azerbaijanis, they are just 18 to 20-year-old soldiers, and they don't deserve to die because politicians can't sit around a table and work to find a solution to the conflict.” Guests were also given the opportunity to engage with Hakobyan in one-on-one conversations at her table, before she departed for a town hall meeting with the Armenian community at the Eastern Diocese of the Armenian Church. The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500.000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora. Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org.
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
ՎԱՂՈՒԱՆ ԿՈՐԻԶԸ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հայ ժողովուրդ, ողորմութիւն տալու պէս մի օգներ որբին, այլ նկատէ թէ քու զաւակդ է ան, եւ տու՛ր անոր, ինչ որ լաւագոյն կերպով կրնաս: Անոնք պիտի ըլլան վաղուան Հայաստանի կորիզը:» Ռուբէն Հերեան «Ժողովուրդի Ձայն» 14 Յունիս 1920 Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած մօտ 200.000 որբերը կազմակերպութիւններու (Եկեղեցի, ՀԲԸՄ, Ազգերու Լիկա, Միջին Արեւելքի Նպաստամատոյց (ՄԱՆ), Որբախնամ Ընկերութիւններ, միսիոնարներ) եւ անհատներու ջանասէր գործունէութեան եւ զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ կեդրոնացնել Հայաստանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ զանազան այլ հիւրընկալ երկիրներու մէջ գտնուող որբանոցներու մէջ: Կատարեալ չէին կրնար ըլլալ կեանքի պայմանները նման հաստատութիւններու մէջ, թերեւս լաւագոյն կերպով ներկայացուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» հատորին մէջ: Հակառակ
Էջ 23
երբեմն խղճալի պայմաններուն, սակայն, այդ որբանոցներուն դերը եղաւ փրկարար: Անոնք ոչ միայն ֆիզիքապէս ապահովեցին այդ ծնողազուրկ մանուկները, այլ փորձեցին միացնել զանոնք իրենց ընտանիքներուն եւ հիմնական ուսմամբ եւ գիտելիքներով օժտելով պատրաստեցին կեանքին: Այդ որբանոցներուն գրեթէ բոլորը փակուեցան մօտ տասնամեակ մը վերջ - երբ որբերը դարձան չափահաս: Բացառութիւններէն եղան Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը, որ շարունակեց գործել Դանիական կառավարութեան խնամակալութեամբ, եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որ թէեւ որպէս որբանոց/դպրոց հիմնուեցաւ 1926-ին, 1936-ին պաշտօնապէս դարձաւ երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, լուսոյ տաճար, որ շարունակեց բազմաթիւ սերունդներ դաստիարակել, շնորհիւ մեծ ազգային բարերարներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու թողած կտակին, տալով ազգին ուսուցիչներ, մտաւորականներ, գիտակից հայեր: Յունաստանի մէջ եւս գործեցին որբանոցներ, մեծագոյնները՝ Քորֆու, Կորնթոս, Սիրոս, Քեֆալոնիա: 1923-27 Քորֆուի որբանոցէն 148 որբեր ընդունեց Գանատան (Armenian Boys’ Farm Home, Ontario, Canada): Ստորեւ գրութիւն մը Սիրոսի որբանոցին մասին:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑԻ (ՄԱՆ) ՈՐԲԱՆՈՑԸ ՍԻՐՈՍԻ ՄԷՋ
1923-ին ՄԱՆի Թուրքիայէն հեռացումէն ետք Յունաստան համաձայնեցաւ հիւրընկալել աւելի քան 16.000 որբեր: Այդ որբերէն շատեր նոր տուն մը կառուցեցին (բառացիօրէն) գեղեցիկ Սիրոս կղզիին վրայ:
Նաւարկելով դէպի ապահովութիւն 1922-ի Սեպտեմբերին, Զմիւռնիոյ հրկիզումէն ետք, ՄԱՆ դէմ յանդիման գտնուեցաւ Թուրքիայէն 20.000 որբեր տեղափոխելու պարտականութեան հետ: Յունական կառավարութիւնը առատաձեռնօրէն յօժարեցաւ ընդունիլ այդ մանուկ-գաղթականներուն մեծամասնութիւնը: Միջին հաշուով որբերը 3-6 շաբաթ ճամբորդեցին Յունաստան հասնելու համար: Յունական կառավարութեան օգնութեամբ ՄԱՆ 1923-ի վերջաւորութեան աւելի քան 16.000 մանուկ տեղափոխեց Եգէականի երկայնքին: Մանուկներէն մօտ 9.000-ը հայեր էին: Մնացեալը ազգութեամբ յոյներ էին, որ որբացած եւ տեղահանուած էին Անատոլուի յոյն բնակչութեան ցեղասպանութեան ընթացքին:
Կղզի-տուն մը Թէեւ Յունաստան առաջարկած էր ընդունիլ որբերը, զանոնք հիւրընկալելու համար նախապէս
Նոյեմբեր 1923
գոյութիւն ունեցող բաւարար որբանոցներ չկային: Մանուկներուն մեծամասնութիւնը ամառը անցուցին ապրելով առժամեայ կացարաններու մէջ, ներառեալ ծովեզերեայ հանգստավայրեր եւ պանդոկներ, որոնք տեղ տրամադրեցին այդ նպատակին համար: Յունական կառավարութիւնը ՄԱՆ-ին տրամադրեց Քիքլատես կղզեխումբի Սիրոս կղզիին վրայ գտնուող մեծ հողակտոր մը: Այս տարածքը ընտրուած էր յատկապէս իր գերազանց հողագործային հեռանկարին պատճառով: Շարունակութիւնը էջ 24
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑԻ (ՄԱՆ) ՈՐԲԱՆՈՑԸ ՍԻՐՈՍԻ ՄԷՋ
Որբանոցի կառուցումը 3/1924 Շարունակութիւն էջ 23-էն
ՄԱՆ ծրագրեց կառուցումը դպրոց որբանոցի մը, ննջարաններով, դասարաններով, աշխատանոցներով եւ խաղավայրերով: ՄԱՆ չափահաս գաղթականներ վարձեց նոր կառոյցներու շինութեան օգնելու համար, բայց աշխատանքին մեծ մասը կատարուեցաւ անոր ապագայ բնակիչներուն կողմէ: ՄԱՆի որբերը կը մնային վրաններու տակ, մինչ զուգահեռաբար կ’օգնէին իրենց նոր տան շինութեան: Որբերն ու գաղթականները փորեցին նաեւ 14 ջրհոր, որոնք ջուր պիտի հայթայթէին որբանոցին:
Շինելով եւ սորվելով Երբ ամբողջացաւ Սիրոսի որբանոցը՝ ապաստան դարձաւ 2․200-3․000 մանուկներու: Խումբը կազմուած էր հաւասար թիւով հայ եւ յոյն մանուկներէ: Որպէս ՄԱՆի համակարգի մեծագոյն որբանոցներէն մին, Սիրոս կը ջամբէր ուրիշ որեւէ այլ հաստատութենէ աւելի աշխատանքային վերապատրաստումի ծրագիրներ: Հակառակ որբանոցի արագընթաց ստեղծումին, գաղթականական ճգնաժամի մը ճիշդ մէջտեղը, կրթութեան կը տրուէր մեծագոյն կարեւորութիւնը: ՄԱՆի պաշտօնեաները տեղական սովորութիւններու մանրակրկիտ հետազօտութիւն մը կատարեցին Էրմուփոլիսի (Սիրոս կղզիի մայրաքաղաքը, ԵՂ) եւ Փիրէայի մէջ, ընտրելու համար տեղական կարիքներուն պատշաճե-
L.Ray Ogden կը խօսի տղոց հետ, 1926
ցուած ծրագիրներ: Մանչերուն համար նախասիրուած նիւթեր էին ելեկտրագործութիւնը, կահագործութիւնը, մետաղագործութիւնը, ջրմուղագործուծիւնը: Աղջիկները կը ստանային առտնին գիտելիքներ եւ կարելիութիւնը ունէին հիւանդապահութեան կամ ուսուցչութեան հետեւելու: Մինչեւ 1924 Սիրոսի մէջ գոյութիւն ունէր գործող հիւանդանոց մը, հիւանդապահութեան ամբողջական ծրագիրով: Նախակրթարանի հիմնական դասերը կը տրուէին յունարէնով:
Մթերքը Ամերիկայէն Մանչերը կ’աշխատէին ներածուող սարքերով եւ մթերքով: ՄԱՆ հունտեր ուղարկեց Ամերիկայէն օժանդակելու համար յունական հողագործութեան վերաշխուժացումին: Մանչերը երկար կեանք ունեցող բանջարեղէններու հարուստ տեսականի մը կ’աճեցնէին, ներառեալ կաղամբ, բողկ, գետնախընձոր: Արտը կ’օգնէր որբանոցին ինքնաբաւ ըլլալուն, մինչ անոր բնակիչներուն կը պատրաստէր հողագործութեան ասպարէզին: Մանչերը պատրաստուեցան նաեւ զբաղելով կենդանիներով - ներառեալ ամերիկեանները - հաւերով եւ կովերով: Սորվեցան անասնաբուծութիւն եւ վերարտադրութիւն: Հոգատար անասնաբուծութեամբ, նոր հողագործները կը վերարտադրէին կենդանիներ, որոնք իրենց նախնիներէն աւելի կաթ, միս հաւկիթ պիտի արտադրէին: Բոլոր մանչերը կ’աշխատէին առնուազն կէս օր: Օրուան մնացեալը կը տրամադրէին ընդհանուր ուսման: Աւելի մեծ մանչերը կ’աշխատէին ամբողջ օրը: Աշխատանքային պատրաստութենէն բացի, մանչերը ստացան առողջ կեանքի եւ ճիշդ քաղաքացի ըլլալու գիտելիքներ, ինչ որ պիտի պատրաստէր զիրենք անկախանալու 16 տարեկանին: Աշխատող աշակերտները կ’օգտուէին ծրագ-
Որբանոցը, 1926
Շարունակութիւնը էջ 26
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 25
Ուզե՞լ թէ՞՝ չուզել... Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Վասնզի Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ» Ղուկաս 13:31 «Քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» Ղուկաս 13:34 « ...Եւ դուք չուզեցիք» Ղուկաս 13:34
Ղուկաս Աւետարանի տասնըերրորդ գլխուն մէջ՝ կը հանդիպինք այն վարկածին երբ Քրիստոս կը ճամորդէր դէպի Երուսաղէմ։ Եւ երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ուխտագնացութի՞ւն։ Առաքելութի՞ւն։ Եւ հոն՝ նոյն այդ ճամբորդութեան ընթացքին՝ եւ նոյնինքն հատուածին 31-35 համարներուն մէջէն կը հանդիպինք երեք անգամ օգտագործուած «ուզել» բառին եւ տարբեր պարունակ-մարտահրաւէրներու դիմաց։ Առաջինը՝ երբ փարիսեցիները կուգան Քրիստոսի՝ եւ նոյնինքն իր ճամբորդութեանը առաքելութեանը ընթացքին՝ զգուշացնելով Քրիստոսի թէ՝ «Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ...»։ Բայց կար Քրիստոսի վճռակամ կեցուածքը՝ «գացէք այդ աղուէսին ըսէք թէ ես դեւեր եւ բժշկութիւններ կը կատարեմ...» (Ղուկաս 31:32)։ Ի՞նչ խօսք՝ Քրիստոս իր առաքելութեան հրամայականին դիմաց՝ ան երբեք պիտի չի զիչեր Հերովդէսի «ուզածին»՝ եւ ձգելով՝ իմմա դասալիք ըլլալով՝ հեռանար իր առաքելութենէն։ Իսկ Քրիստոսի առաքելութի՞ւնը։ Կը բացատրուի հատուածին երկրորդ «ուզելու» գործածութեանը մէջէն։ «Ով Երուսաղէմ…քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» (Ղուկաս 31:34)։ Բայց չուշացաւ երեւի Քրիստոսի յուսախաբութի՞ւնը…։ Յուսահատութի՞ւնը…։ Եւ այս կուգայ երրորդ «(չ) ուզելու» մէջէն…։ «…Եւ դուք չուզեցիք» (Ղուկաս 13:34)։ Եթէ Քրիստոս ուզեց՝ բայց անոնք՝ իմմա Երուսաղէմ՝ չուզեց։ Եւ հոս արժէ պահ մը կանգ առնել եւ բացատրել հատուածին մէջ գործածուած «ուզել» բառին բնագիրէն թարգմանուած հայերէնի հոմանիշը՝ բայց նաեւ ընկերալեզուաբանական ու մշակութային պարունակային բացատրութիւնը։ «Ուզել» բառին յունարէն բնագիր-արմատը կուգայ թելո (Thelo): Թելո բառին մէջ հայերէն բացատրութիւնը կրնայ ընդգրկել ուզել, փափաքիլ ու տակաւին ցանկալ։ Բայց նաեւ պատրաստ ըլլալ՝ ու տակաւին վճռակամ՝ երթալու յառաջ եւ իրականացնելու համար նպատակ։ Եւ այս պարունակին եւ անոր բացատրութեան մէջէն է որ պէտք է տեսնել թէ ինչպէս Հերովդէս «ուզեց» (թելո) սպաննել Յիսուսը...։ Բայց Յիսուս եղաւ վճռակամ՝ քանի «կ’ուզէր» իրականացընել այն՝ որուն համար աշխարհ եկած էր՝ եւ այս՝ «բժշկութիւններ» ընելու համար։ Եւ եթէ Քրիստոս ուզեց «բուժել»՝ բայց կար նաեւ դիմադրութիւնը։ «Չուզելու» այն՝ որ Քրիստոս կ’ուզէր ընել։ Իսկ չուզելը՞...։ Ան հասաւ մինչեւ այն վարկա-
ծին՝ ուր Քրիստոս ըսաւ,«ալ զիս պիտի չի տեսնէք (Ղուկաս 31:35)։ Եւ այդ չի տեսնելը պիտի իրականանար խաչելութեանը մէջէն։ Բայց հոն չի մնաց ու չ՚աւարտեցաւ…։ Այլ խաչելութենէն եւ մահուընէ ետք եկաւ յարութիւնը՝ ուր Քրիստոս շնորհեց մարդուն եւ աշխարհին Նոր Կեանքը՝ ուր կրցանք ըսել՝ «Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կուգայ»։ Այսինքն՝ Նոր Կեանքի գիտակցութեանը մէջէն՝ եթէ կ’ուզենք՝ «Տէրոջը անունովը» կրնանք ապրիլ։ Քրիստոս՝ իր ճամբորդութիւնը-ուխտագնացութիւնը-առաքելութիւնը Երուսաղէմի՝ իմմա աշխարհի մէջ՝ աւարտեց…։ Եթէ աշխարհ եկաւ՝ եւ իր «ուզելով»՝ եւ ապրեցաւ ու չարչարուեցաւ եւ մահացաւ խաչին վրայ՝ դարձեալ իր «ուզելով»՝ ու իր յարութեամբը մեզի շնորհեց Նոր Կեանք՝ ու տակաւին իր «ուզելու» պատրաստակամութեամբը։ Եւ ընտրանքը մերն է։ Ուզե՞լ թէ՞՝ չուզել։ Աշխարհ այսօր՝ տակաւին չէ սպառած անհատնում «Հերովդէսներէ»՝ որոնք «կ’ուզեն» սպաննել հաւատքին իրականութիւնը եւ հասկացողութիւնը մեր ազգային եւ ընդհանրական կեանքերուն մէջէն։ Եւ անոնք՝ «Հերովդէսները»՝ ամէնայն վճռակամութեամբ կը միտին իրականացնել իրենց նպատակներ։ Բայց այդ բոլորին դիմաց՝ Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի հասկացողութիւնը տակաւին արկայ է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ դարձած։ Ան տակաւին ի զօրու է եւ ուժական։ Քրիստոսի յարութեամբ շնորհուած Նոր Կեանքը տակաւին կ’ուզէ ու կրնայ ժողվել մարդկութիւնը եւ նոյն ուժականութեամբ։ Եթէ աշխարհ պիտի շարունակէ կառչիլ իր Շարունակութիւնը էջ 26
Էջ 26
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑԻ (ՄԱՆ) ՈՐԲԱՆՈՑԸ ՍԻՐՈՍԻ ՄԷՋ Շարունակութիւն էջ 24-էն
րուած խաղի ժամերէն: ՄԱՆ-ի պաշտօնեայ՝ Fred Midgley եւ տիկինը՝ Carie կը յիշեն աւելի փոքր տղոց խաղալը փակին մէջ, որ տեսանելի էր իրենց ննջասենեակի պատուհանէն: Թէ մանչերը եւ թէ աղջիկները հաճոյքով կ’այցելէին ծովեզերքը, ինչպէս նաեւ մօտակայ ճամբարը, Վարիի զօրանոցին մէջ, ուր կը գիշերէին: Մինչեւ 1920-ականներու վերջերը «Ամերիկեան Դպրոցը», ինչպէս յոյները կը կոչէին զայն, բարձր համբաւ շահած էր Յունաստանի մէջ: Տեղացի հողագործներ կ’ուզէին իրենց տղաքը Սիրոս ղրկել ուսանելու: Ան եղաւ նաեւ ՄԱՆի վերջին որբանոցը: Տրուած ըլլալով թէ ՄԱՆի աշխատանքները կ’աւարտէին 1929-ի վերջաւորութեան, Սիրոս շարունակեց կեդրոնանալ ուսման վրայ, մինչ միւս որբանոցներու առաջնահերթութիւնը աշխատանքի շուկայ վերազետեղել էր: Մինչեւ 1930, 7․000 հայ եւ
Մանուկները կը լողան Լազարեթայի ծովեզերքը 1927
յոյն մանուկներ ապրեցան եւ ուսանեցան Սիրոսի մէջ: Յունարէնէ թրգմ. Երանուհի Ղազարեան syrosagenda.gr
Ուզե՞լ թէ՞՝ չուզել... Շարունակութիւն էջ 24-էն
«չուզելու» տրամադրութիւններուն մէջէն՝ յար եւ նման Երուսաղէմի…։ Եւ թէ Հերովդէսներ պիտի շարունակեն ուզել մեռցնելու համար Քրիստոսի հաւատքը՝ եւ ուր մարդկային «տուներ»՝ իմմա կեանքերը՝ աւերակ ընելով (Ղուկաս 13:34)...։ Եւ երեւի մխտեն մեզ՝ որպէսզի մենք՝ մեր հաւատքէն «ելլենք եւ երթանք» (Ղուկաս 13:31)՝ իմմա հեռանա՞նք ու փախչի՞նք…։ Երկչոտութեան հոգիով եւ անկէ մղուա՞ծ…։ Ներկայ օրերու այս բոլոր «թոհ ու փոհին» մէջէն՝ ընտրանքը մերն է ։ Ուզե՞լ թէ՞՝ չուզել։ Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութիւնը։ Այն կեանքը՝ որ կը մնայ «Օրհնեալ»։ Եւ որ կը դառնայ Արժէք։ Եւ որ կը շարունակուի՝ անկախ բոլոր սպառնալիքներու։ Օրհնեալ՝ ուր մարդկային «տուներ» կը շինուին եւ ոչ թէ կը քանդուին։ Եւ այս անկախ բոլոր դժուառութիւններու եւ մեր կեանքերու մէջ դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Օրհնեալ՝ ուր մարդկային «կեանքեր» ունին ապահովութիւն՝ անկախ բոլոր անորոշութիւններէ եւ սպառնալիքներէ։ Հոս՝ երկրի վրայ՝ բայց նաեւ անդին…։ Ֆիզիքական կեանքէն դէպի յաւիտենականութիւն։ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։
Եւ այս յարութիւնն է՝ եւ անոր շնորհած Նոր Կեանքն է՝ որ պիտանի է։ Եւ որ երբեք չի հիննար։ Ու տակաւին կը մնայ զօրաւոր։ Ուզե՞լ թէ՞՝ չուզել։ Կ’ուզե՞նք թէ՞՝ չենք ուզեր…։ Քրիստոսի շնորհած Օրհնեալ կեանքը…։
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 27
Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Շարունակութիւն էջ 10-էն
02 1915 Յուլիս 21-ի հեռագիրը ուղղուած Մուսուլի կառավարիչին, կը հրահանգէ այդ շրջանէն ներս գտնուող հայերը աքսորուին Պաղտատէն արեւմուտք, այսինքն դարձեալ Սուրիական անապատ: 03 1915 Յուլիս 5-ի հեռագիրը կը ճշդէ տարագրութեան վայրերու սահմանները, ուր նշուած է Տէր-Զօրէն Քերքուք երկարող գիծէն Հարա, ՀամաՀոմսէն դէպի արեւեւելք, որ դարձեալ կը նշանակէ Սուրիական անապատ ու դէպի Հարա՝ այսինքն մինչեւ Հարան եւ Քերեբ (պաղեստինեան անապատ) պայմանաւ որ հայերուն թիւը հոն բնակողներու թիւին 10 տոկոսէն աւելի չըլլայ:
Հեռագիրներ Կիլիկիոյ քաղաքներու տեղահանութեան. Անգլերէնով հրատարակուած այս հատորին մէջ կան կարեւոր նկատուած երկու հեռագիրներ, որոնք կը վերաբերին Կիլիկիոյ հայութեան: 1915 Մարտ 2-ի հեռագիրը Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) հայութեան կը վերաբերի, ուղղուած Ատանայի կառավարիչին. «Չորք-Մարզպանի հայութեան տեղահանութեան մասին Փետրուար 13-ի ձեր նամակին համաձայն ենք: Նկատի առնելով ներկայ դժուար կացութիւնը, կառավարութիւնը չ՚ուզեր որ որեւէ խառնակութիւն կամ ըմբոստութիւն տեղի ունենայ. հակառակ պարագային, եթէ նման շարժումներ նշմարուին, անմիջապէս եւ ամենայն խըստութեամբ պէտք է ճզմուին»: Մեզի անշուշտ ծանօթ է այս հեռագրին դրդապատճառը, որովհետեւ 1909-ի Ատանայի կոտորածի օրերուն, Չորք-Մարզպանի հայութիւնը զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմեց Օսմանեան բանակին դէմ, միայն 3 հոգի զոհ տալով: 1919-ին Չորք-Մարզպանի հայութիւնը առաջին տեղահանութիւնը համտեսեց (Փետր. 15), երբ թրքական բանակը պաշարելով Չորք-Մարզպանը, ձերբակալեց 1․600 հայ երիտասարդներ պատրուակելով Ինթիլլի քաղաքի ճամբաներու շինութիւնը ու ապա 2 ամիս ետք անոնք իրենց ընտանիքներով աքսորուեցան Սուրիական անապատ: 1915 Մարտի 15-ի հեռագիրը կը վերաբերի Մարաշի եւ Զէյթունի հայութեան տարագրութեան: Այս երկու քաղաքներու հայութիւնը նախ տարագրուեցաւ Գոնիա, ու ապա Ապրիլ 24-ին՝ դէպի Սուրիական անապատ: Այս տեղահանութեան հետ առնչուած ուրիշ հեռագիր մը կայ Թալէաթի կողմէ ղրկուած թրքական 4-րդ բանակի հրամանատար Ճեմալ փաշային հետեւեալ պարունակութեամբ. «Զէյթունէն եւ Մարաշէն Գոնիա տարագրուած հայերը, տեղաբնակ հայերուն միանալով
կրնան ըմբոստութիւն յառաջացնել կառավարութեան դէմ: Ուրեմն, ոչ մէկ հայ այլեւս որպէս տարագիր ղրկուի Գոնիա: Բոլորը պէտք է ղրկուին դէպի Հալէպ, Տէր-Զօրի շրջանը եւ Ուրֆա»: Կայ նաեւ ուրիշ հեռագիր մը զետեղուած հատորին մէջ, որ կ՚ակնարկէ գաղթականներուն համար յատկացուած պիւտճէի մասին, որ պէտք է հոգար Գոնիա աքսորուած հայերուն սնունդի եւ բնակարանի ծախսերը: Բայց այդ պիւտճէն միայն տարեցներուն տրամադրեց օրական մէկ հաց եւ ոչինչ մանուկներուն կամ այրի կիներուն, ու շատեր սովամահ մահացան: Իսկ ողջ մնացողները որոնք հասարակաց խանի մէջ զետեղուած էին, հոն պահուեցան միայն շաբաթ մը ու ապա տարագրուեցան դէպի Սուրիական անապատ: Ուրեմն, կեղծիքի ետին պահուըտած Թալէաթի նման գազաններ միայն կրնային պատրուակել Կիլիկիոյ քաղաքներու հայութեան յեղափոխութիւնը, երբ Գոնիա տարագրուածները տարեցներ, այրի կիներ եւ երեխաներ էին, որոնք որեւէ ըմբոստութիւն յառաջացնելու վիճակի կամ կարողութեան մէջ չէին:
Թալէաթի 1915 Ապրիլ 24-ի տխրահռչակ հեռագիրը որ մահավճիռը դարձաւ հայ մտաւորականութեան. Գաղտնի եւ ստիպողական նկատուած այս հեռագիրը, որ տեղ գտած է հատորին մէջ ուղղուած Անքարայի կառավարիչին, հետեւեալը կը պարունակէ. «Այս իրիկուն, Ապրիլ 24, Կիրակի օր (Ապրիլ 11՝ հին տոմարով) ժամը 10:23-ին, թիւ 78 շոգեկառքը ճամբայ պիտի ելլէ Պոլսոյ Հայտար Փաշա շոգեկառքի կայանէն եւ Անքարա պիտի հասնի յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 8:00-ին թիւ 164 շոգեկառքով: Այս շոգեկառքին մէջ կան 15 ոստիկան եւ 2 սպայ, 1 զինուորական հրամանատար, 1 քաղաքական պաշտօնեայ, 75 զինուած բանակայիններ եւ Շարունակութիւնը էջ 28
Էջ 28
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Շարունակութիւն էջ 27-էն
180 աքսորեալ հայեր, որոնք յեղափոխականներու ղեկավարներն են: Անոնց մէջ հայեր նաեւ, որոնց Պոլիս ապրիլը անպատեհ կը նկատուի: Ինչպէս երէկուան մեր հեռագիրին մէջ յիշած էինք, 60-70 հոգի ղրկեցէք Այաշի բանտը, իսկ մնացեալը՝ Չանկըրը քաղաքը: Այս տարագրեալներուն ապահովութիւնը եւ հանգիստը վստահուած է ձեզի, անշուշտ ձեր գիտցած ձեւով»: Այս հեռագիրն է անշուշտ որ գլխատեց Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութիւնը, դահճապետ Թալէաթի եւ իր գործակիցներուն կողմէ ոչնչացման դատապարտելով հայ մտաւորականութիւնը: Այաշը թրքաբնակ ու յետամնաց գիւղաքաղաք մըն էր, Անքարայէն արեւմուտք գտնուող։ Միակ կարեւոր տեղը եղած է բանտը, որ դարձաւ հայ մտաւորականութեան մեռելատունը (Funeral Home)։ Հատորին մէջ զանց առնուած է այդ բացատրութիւնը, թէ ինչու եղան այդ ձերբակալութիւնները կամ տեղահանութիւնը ու ինչ պիտի ըլլար անոնց ճակատագիրը: «Այաշ» աքսորուած հայերուն 70 հոգիէն 20-ը դաշնակցականներ էին, 5-ը Սահմանադրական Ռամկավարներ եւ 4-ը Հնչակեաններ, իսկ 40-ը անկուսակցական։ Անոնց մէջ էր Հնչակեան, խորհրդարանի անդամ Համբարձում Պոյաճեանը (Մուրատ): Այս խումբէն միայն արձակուեցան 6 հոգի (անկուսակցականներ): Իսկ մնացեալները վայրագօրէն սպաննուեցան: Չանկըրը աքսորուած 110 հայերուն մէջ կար Օսմանեան խորհրդարանի 3 անդամ՝ Գրիգոր Զոհրապ եւ Վարդգէս Սերենկիւլեան (դաշնակցականներ), ինչպէս նաեւ Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան (Սահմանադրական Ռամկավար): Այս խումբէն 106-ը սպաննուեցան՝ Չանկըրըէն տարագրութեան ճամբուն վրայ դէպի Տիգրանակերտ տեղափոխութեան ժամանակ, իսկ 4-ը կրցան փախչիլ ու ծըպտուած միանալ Չանկըրըի փոքրաթիւ հայութեան ու հասնիլ Սուրիական անապատ: Դժբախտաբար հատորին նախաբանին մէջ, ակնարկուած է կասկածելի ձերբակալուածներուն մասին, որոնք մեծ մասամբ անպարտ հռչակուած, հաստատուած են Անքարայի եւ Չանկըրըի շրջանը: Ահաւասիկ անհիմն ձեւաւորում եւ արդարացում թրքաբարոյ կեղծիքի, որուն համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս հատորը հրապարակ հանեց: Թալաաթի կողմէ 1915 Օգոստոս 15-ի հեռագիրը ուղղուած Թուրքիոյ բոլոր նահանգներու կառավարիչներուն, կ՚ակնարկէ Օսմանեան խորհրդարանի հայ անդամներուն (երեսփոխան) ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, որ անոնք ալ ժամանակաւոր պէտք է տեղափոխուին Պոլիսէն: Սուտի եւ կեղծիքի ուրիշ հեռագիր մը, որմէ շուրջ ամիս մը առաջ հայ երեսփոխանները արդէն նահատակուած
էին: Իսկ իրենց ընտանիքները տարագրուած Հալէպ ու ապա՝ Սուրիական անապատ: Հատորին մէջ տեղ գտած վերոնշեալ հեռագիրներուն նենգութիւնը ցոյց կու տայ նախապէս ծրագրուած բնաջնջումը հայ ազգաբնակչութեան Թուրքիոյ տարածքին, որ հակառակ փաստն է հատորի հրատարակութեան նպատակին, որ միայն կրնայ կեղծիք ըլլալ օտար ազգերու մօտ՝ ցոյց տալու որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած չէ: Մինչդեռ 1946-ի ՄԱԿ-ի որոշումով, կատարուածը բնութագրուած է որպէս ցեղասպանութիւն. այն միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, որուն անդամ է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Հատորին մէջ տեղ գտած հեռագիրները իրաւացի փաստարկումներն են 24 Ապրիլ 1915-ի երեկոյեան Պոլիսէն աքսորելու ու ապա նահատակելու կուսակցական ղեկավարներ, հայ ազգային ժողովի անդամներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, դեղագործներ, գիտնականներ, բանաստեղծներ, գրողներ, խմբագիրներ, արուեստագէտներ ու յայտնի վաճառականներ: Իսկ շուրջ 600 այլ մտաւորականներ ու յայտնի ազգայիններ ալ նախորդող օրերուն տարագրուեցան ու նահատակուեցան զանազան նահանգներու մէջ, հայ ժողովուրդի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆը ծրագրած իթթիհատական բորենիներու ձեռքով։
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 29
Բաց նամակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին Շարունակութիւն էջ 8-էն
ի բացակայութեան մահուան դատապարտուեցան։ Այս տեղեկութիւնները տալէ ետք յօդուածագիրը կ՚աւելցնէ. «Այս բաները ձեզի դպրոցներու մէջ չսորվեցուցին, բայց այդպիսով կը կարծէ՞ք, որ ասոնք պատմութենէն սրբուեցան»։ Միթէ անհերքելի փաստ մը չէ՞ Օսմանեան պետութեան պատերազմական ատեանին կողմէ արձակուած մահապատիժը ոճրագործ խմբակին համար։ Վճիռ մը, ուր Ցեղասպանութիւնը հաստատուած է նոյն ինքն պետութեան կողմէ։ Սակայն տակաւին մինչեւ այսօր, Օսմանեան պետութեան կողմէ իսկ վաւերացուած այդ ոճիրը կը մերժուի ձեր կողմէ։ Հոս նախ յստակ կը տեսնուի, որ Իթթիհատական կուսակցութիւնը նախապէս ծրագրած էր արդէն հայուն հետքը ամողջովին սրբել Անատոլիայէն, եւ ահա իր ծրագիրը գործադրած էր… սպաննելով 1,5 միլիոն հայեր։ 500 հազարն ալ տարտղնուած եղան աշխարհի չորս կողմերը։ Եւ ահա «այդ ողբերգութեան հետեւանքներէն փրկուելու համար ձեւաւորուեցաւ ուրացումի քաղաքականութիւն մը»։ Այո, պէտք չէր ընդունիլ որ կատարուածը Ցեղասպանութիւն համարեն, պէտք էր ուրանալ եւ աշխատիլ կարելի եղածին չափ արագ մոռացութեան մատնել զայն։ Ուրիշ ելք չկար, այլ միայն ուրանալ։ Սակայն ի՞նչ պէտք էր ընէին հիմա, կարենալ դուրս գալու այդ ոճիրին ահաւորութեան տակէն։ Բոլոր ճամբաները գոց էին, միակ ճամբան որ կը տեսնուէր, ուրացումի ճամբան էր. ուրիշ ելք չկար, որովհետեւ որոշուեցաւ մնալ ուրանալու սկզբունքին վրայ ու չշեղիլ անկէ եւ ահա այդ օրէն սկսեալ յաջորդ իշխանութիւնները հաւատարմօրէն գործադրելով այդ ուրանալու սկզբունքը, հասցուցին զայն ձեզի եւ ահա այսօր, դուք եւս Պրն. Նախագահ շատ ճարտարօրէն կը շարունակէք քալել ուրացումի ձեր այդ ուղիէն։ Ատկից զատ կար նաեւ նկատի առնելիք կարեւոր կէտ մը եւս, որ պէտք չէր մոռցուէր։ Այդ ուրացումին առընթեր, պէտք էր նաեւ ինքնարդարացման որոշ պատճառներ ճարել եւ ոճիրին ահաւորութիւնը մեղմացնող ու փոքրացնող նոր պատմութիւններ յօրինել, համոզիչ եղանակով մը հաւատացնելու աշխարհին, որ եղածը այդքան ալ նկատի առնելու չափ մեծ բան մը չէր, որովհետեւ խռովելու հարց չկայ։ Ահա օրինակ մը այդ փոքրացումի եղանակէն։ * Հայկական աղբիւրները իրենց փաստացի տուեալներով, Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուածներուն թիւը կը գնահատեն 1-1,5 միլիոն։ * Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր հեղինակ Թալէաթ փաշան, իր յուշերուն մէջ զեղչելով այդ
թիւը, կը հաստատէր որ գաղթականութենէն ետք, երկրէն պակսած էին մէկ միլիոն հայեր։ * 1918-ին Օսմանեան Ներքին գործոց նախարարութեան յանձնախումբը այդ թիւը կ՚իջեցնէր 800․000-ի։ * 1983-ին պատմաբան Քիամրան Կիւրին, այդ թիւն ալ փոխելով կ՚ըսէր. «Ինչպէս որ ալ հաշուեն սպաննուած հայերուն թիւը 300 հազարէն աւելի չէ։ * Իսկ ամենավերջը, թուրք պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ Պրն. Եուսուֆ Հալլաճօղլուն այդ թիւը կ՚իջեցնէր 9-էն 10 հազարի…։ Ահաւասիկ թրքական աճպարարութենէն նմոյշ մը…։ Երկու միլիոնէն իջնել 9-10 հազարի… հրաշալի գիւտ։ Չ՚արժե՞ր շքանշանով մը պատուել Պրն. Հալլաճօղլուն, իր հնարած հրաշալի այս գիւտին համար, քանի որ այժմ կարելի կ՚ըլլայ հարց տալ՝ մի՞թէ 9-10 հազար մարդու սպանութիւնը կարելի է ցեղասպանութիւն համարել…։ *** Պրն. Նախագահ, երբ մարդիկ կը կարդան Թանէր Աքչամի, Էլիֆ Շաֆաքի, Վահագն Տատրեանի, Աւետիս Փափազեանի, Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի եւ անոնց նման աշխարհահըռչակ պատմաբաններու գիտական տուեալներով գրուած գիրքերը, որոնք կը ցոլացնեն պատմութեան բոլոր ոլորտները բազմակողմանի բացատրութիւններով, ստոյգ կը տեղեկանան անհերքելի ճշմարտութիւններուն, սակայն դուք նոյնիսկ չէք ուզեր ակնարկ մը իսկ նետել այդ գրութիւններուն վրայ, չտեսնելու եւ չլսելու համար զանոնք։ Վստահաբար նեղութիւն պիտի զգաք այդ ճշմարտութիւնները լսելէն։ Սակայն, երբ կը փորձէք ձեր պատմաբաններուն կեղծ պատմութիւններով համոզել աշխարհը, թէ դուք Ցեղասպանութիւն չէք գործած, բան չէք շահիր, քանի որ աշխարհ շատ լաւ գիտէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։ Այդ իսկ պատճառաւ ձեր պատմաբաններուն խօսքերը օդի մէջ կը մնան եւ տեղ չեն բռներ։ Այսօր մօտ 25 երկիրներ պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ամերիկայի 49 նահանգ նոյնպէս կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։ Լացիոն դարձեր է Իտալիոյ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 136-րդ տարածքային ինքնակառավարման խորհուրդը։ Եւ բոլոր այն երկիրները որոնք տակաւին պաշտօնապէս չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը այլ եւ այլ հաշիւներով, սակայն եւ այնպէս տակաւին ոեւէ մէկը չէ հերքած անոր իրականութիւնը։ Մինչդեռ թրքական պետական տեսակէտը ընդունող երկիր մը չկայ տակաւին։ Միայն դուք էք Շարունակութիւնը էջ 30
Հայ Կեանք
Էջ 30
Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Զատկուայ պաշտամունքներու ժամանակացոյց
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայկ Նագգաշեանի անուան գրական գնահատանքի հիմնադրամ
Լամիաս 30 - Գոքինիա Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019 Ծաղկազարդ Առաւօտեան ժամը 11.00ին Մասնակցութեամբ՝ Կիրակնօրիայ դպրոցի աշակերտներուն Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019 Աւագ Շաբաթ Երեկոյեան ժամը 19.30ին Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2019 Սուրբ Հաղորդութիւն Երեկոյեան ժամը 19.30ին Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019 Խաչելութիւն Երեկոյեան ժամը 19.30 Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019 Յարութեան Պաշտամունք Առաւօտեան ժամը 11.00ին
Բաց նամակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին Շարունակութիւն էջ 29-էն
որ կը պնդէք ձեր տեսակէտին վրայ։ Միայն դուք էք որ չէք ընդունիր ու չէք դատապարտեր կատարուած ոճիրը, ինչ որ կը նշանակէ համաձայն ըլլալ կատարուած ոճիրին հետ, որովհետեւ երբ համաձայն էք արդէն կատարուածին հետ, ալ ինչ խօսք ընել դատապարտելու մասին։ Ընդհակառակը, պատշաճ է որ ձեր շնորհակալութիւնը յայտնէք այդ ոճրագործ խմբակին, որ ձեզի շնորհեց աներեւակայելի հսկայական աւար, ինչ փոյթ, որ ան ձեզի հասած ըլլայ միլիոնաւոր մարդոց արեան գնով…։ Չէ որ իվերջոյ դուք եւս Իթթիհատական ճամբու ճամբորդներ էք…։ Ի զուր չէ, որ Սէֆի Էօնկիւտար Իթթիհատական կառավարութեան գործունէութեան նմանութիւնը կը տեսնէր ներկայ Ա.Գ.Փ. կուսակցութեան գործունէութեան մէջ, անոր ղեկավար Էրտողանով։
31 Մարտ 2019, Կլենմոնթ, Նիւ Եորք ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017-ին հիմնեց «Հայկ Նագգաշեանի գրական գնահատանք» անունով հիմնադրամը, արժեւորելու հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Հիմնադրամը կը յայտարարէ, որ կազմուած է հնգանդամ գնահատիչ մարմին մը, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ 2019 Հոկտեմբերին՝ Հայ մշակոյթի ամսուան հանդիսութեանց օրերուն: Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2018-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ եւ նոյնին PDF տարբերակը մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 30 առաքել Սօսի Նագգաշեանին, հետեւեալ հասցէներով՝ Sossie Naccashian 11848 Rue Filion, Montreal, Quebec, H4J 1T3 CANADA կամ՝ n.sossie@yahoo.ca։
Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայ Կեանք
Էջ 31
ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական երկիրներու մէջ կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման մասին բանաձեւ ընդունած է ռութեամբ զեկոյցը հեղինակած է հոլանտացի պատգամաւոր Մարթ Վան Տե Վենը: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը անհանգստացած է «ատրպէյճանական լուացքատան» զեկոյցով, ուր կը խօսուի խոշոր գումարներու լուացման, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու կողմէ եւրոպացի գործիչները եւ պատգամաւորները կաշառելու մասին: «Այն եղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու շահերը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ առաջ մղելու նպատակով», – նաեւ ըսուած է ԵԽԽՎ-ի կողմէ նախօրէին ընդունուած բանաձեւին մէջ:
Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի եւ եւրոպական երկիրներու մէջ կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման մասին բանաձեւ ընդունած է: «Լուացքատուն. ի պատասխան կազմակերպուած յանցագործութեան, կաշառակերութեան եւ փողերու լուացման դէմ միջազգային պայքարի հարցով ստեղծուած նոր մարտահրաւէրներու» վերտա-
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ԵԽԽՎ-ը խորապէս մտահոգուած է այդ նպատակներու համար Ատրպէյճանէն դուրս բերուած շուրջ 3 միլիառ տոլարի կապակցութեամբ: Փաստաթուղթի հեղինակի համոզմամբ՝ Ատրպէյճանի մէջ փտածութեան պատճառներէն մէկը անկախ քաղաքացիական հասարակութեան, լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը կասեցնելն է, որոնք վերահսկիչ դեր կրնան ունենալ յանցաւոր գործարքներուն դէմ:
Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Պուրկոսը դարձաւ Սպանիոյ 34-րդ քաղաքը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պուրկոսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին միջնորդագիրը, զոր նիստին ներկայացուցած էր միութեան անդամ Վահէ Պապեան: Միջնորդագիրին հիման վրայ աւագանիի 4 կուսակցութիւնները հրապարակեցին համատեղ յայտարարագիր մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը իրականացնողները եւ կը յորդորեն Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «Շանթ Նիուզ»-ին յայտնեց «Արարատ» միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան: Սպանիոյ 5 մարզեր՝ Պասքերու երկիր, Քաթալոնիա, Պալեարներ, Նաւար եւ Արակոն, արդէն ճանցած են Ցեղասպանութիւնը եւ յորդորած կեդրոնական իշխանութեան՝ հետեւիլ իրենց քայլին:
Էջ 32
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննենք. Կարօ Փայլան ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհըրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ իշխանութիւններուն նորագոյն քայլերուն՝ գրելով. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսայի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խորհրդարաններէն, եւ պէտք է զայն արծարծման նիւթ դարձնել այն երկրին մէջ, ուր տեղի ունեցած է այդ մեծ յանցագործութիւնը, այսինքն՝ Թուրքիոյ խորհըրդարանին մէջ»: Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, 10 Ապրիլին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին: Նոյն օրը, Իտալիոյ խորհրդարանը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յայտնենք, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Մարգար Եսայեան նոյնպէս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Իտալիոյ խորհրդարանի որոշումին եւ Ֆրանսիայի նախագահի հրամանագիրին եւ, ի տարբերութիւն Փայլանի արձագանգին՝ խստօրէն դատապարտեց նման քայլերը, կրկնելով Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը։ Ան նաեւ բաւարարուեցաւ «աքսոր» որակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
«ԱՐԱՄ» ընկերակցութիւնը Ներքին գործոց նախարարէն կը պահանջէ լուծել թրքական «COJEP France» ընկերակցութիւնը Նոր Յառաջ:-- Մարսիլիոյ մէջ գործող հայկական յուշագրութեան հետազօտութեան եւ տոմարագրութեան «ԱՐԱՄ» ընկերակցութիւնը իր նախագահ Ժագ Ուլուսեանի ստորագրութիւնը կրող խնդրագիր մը յղած է Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթանէրին, անկէ պահանջելով լուծել Ֆրանսայի մէջ գործող թրքական «COJEP France» ընկերակցութիւնը։ Դիմումին մէջ կը բացատրուի, թէ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ազգային օր հռչակող հրամանագրին՝ նախագահ Մաքրոնի կողմէ Ապրիլ 10-ին ստորագրումէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող բազմաթիւ ձայներ բարձրացած են ամէն կողմէ, բայց ամենէն անընդունելին Ֆրանսայի հողին վրայ գործող թրքական «COJEP France» ընկերակցութեան պարագան է, որ իր նախագահ՝ Քատիր Կիւզլէի միջոցաւ դատապարտած է նախագահ Մաքրոնի նշեալ քայլը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակելով «ենթադրեալ»։ «ԱՐԱՄ», այս կեցուածքը համարելով Ֆրանսայի հողին վրայ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի բացայայտ արտայայտութիւն, որ ատելութիւն կը սերմանէ, ինչպէս նաեւ կը վիրաւորէ Ցեղասպանութեան զոհերու շառաւիղները, Ֆրանսայի պատկան մարմիններէն կը պահանջէ լուծել խնդրոյ առարկայ թրքական ընկերակցութիւնը։