Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 13(74)
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ
Վարչապետը ընդունած է ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, Ս. Փեթերզպուրկի «Կոնստանտինեան» պալատին մէջ, հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ողջունելով Փաշինեանը՝ Փութին պնդեց, որ երկկողմ յարաբերութիւնները բնութագրելու կարիք չկայ. անոնք առանձնայատուկ ու ռազմավարական բնոյթ ունին: Հայաստանի վարչապետը, իր հերթին, ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ռուսիա ռազմավարական դաշնակիցներ են, եւ երկկողմ յարաբերութիւնները կը զարգանան կայուն եւ համաչափ կերպով: Խօսելով համագործակցութեան մասին, Փաշինեան նաեւ վկայաբերեց անոր շօշափելի արդիւնքները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը Փաշինեան չմանրամասնեց, սակայն, իր խօսքին վերջաւորութեան անդրադարձաւ Հայաս-
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեանին եւ ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Դալար Քազանճեանին: Կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային զարգացմանը նպաստելու գործին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու հայապահպանութեան ուղղութեամբ Հայաստան եւ Սփիւռք իրականացուող նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն։ Պերճ Սեդրակեանը նշած է, որ Սփիւռքը մեծ խանդավառութեամբ ընդունած է հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները, ինչպէս՝ Հայաստանի արձանագրուող տնտեսական զարգացումները ու զբօսաշրջութեան ոլորտի միտումները: ՀԲԸՄ նախագահը ընդգծած է, որ Միութեան աջակ-
Շարունակութիւնը էջ 2
Շարունակութիւնը էջ 2
Պարբերականիս յաջորդող երկու թիւերը պիտի հրատարակուին՝ Յուլիս 26-ին եւ Օգոստոս 30-ին: Մինչ, բարի արձակուրդ կը մաղթենք յարգելի ընթերցողներուն եւ աշխատակիցներուն: «Հայ Կեանք»
Էջ 2
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Շարունակութիւն էջ 1-էն
տան այցելող ռուս զբօսաշրջիկներուն՝ պնդելով, որ «այսպիսի շփումները կարող են նպաստել մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնների զարգացմանը»: Լրագրողներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, երկու ղեկավարները հանդիպումը շարունակեցին փակ դռներու ետին: Հանդիպման նախաշեմին, Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով նշած էր, որ կողմերը պիտի քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր: Հանդիպումի աւարտին, վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Կարապետեան լրագրողներուն յայտնեց. «Այսօր վարչապետը հանդիպեց ՌԴ նախագահ Վլադիմիր Փութինի հետ: Սա կանոնաւոր հանդիպումների շարքում է: Վերջերս նոյնպէս Նուր Սուլթանում տեղի ունեցաւ երկկողմ աշխատանքային հանդիպում Փութինի հետ, եւ այսօր արդէն՝ պաշտօնական հանդիպում: Անդրադարձան երկկողմ օրակարգի բոլոր հարցերին, մասնաւորապէս՝ տնտեսական համագործակցութեանը: Խօսք եղաւ նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ծրագրերի վերաբերեալ, եւ կողմերն ընդգծեցին նախ դրա արդիւնաւէտ շարունակութիւնը, նաեւ ամփոփեցին այն ձեռքբերումները, արդիւնքները, որ վերջին հանդիպումների ժամանակ պայմանաւորուածութիւնների արդիւնքում իրականացուեցին»: Վարչապետի մամլոյ խօսնակը նշեց, որ կողմերը անդրադարձան Արցախի հակամարտութեան հարցին, սակայն հարցերը գլխաւորաբար կը վերաբերէին տնտեսական օրակարգին: «ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին վերաբերեալ մանրամասն քննարկում չէ եղած, պարզապէս նշուած է, որ կայ ընդհանուր ըմբռնում այս խնդիրին վերաբերեալ»,- նշեց մամլոյ խօսնակը: Ըստ Կարապետեանի՝ հանդիպումը անցաւ շատ բարեկամական մթնոլորտի մէջ: «Մթնոլորտը շատ բարեկամական էր, կողմերը տրամադրուած էին լուծումներ տալու բոլոր այն հարցերուն, ուր կայ հետաքըրքրութիւն: Եւ յանձնարարականներ տրուեցան նաեւ թէ՛ միջկառավարական յանձնաժողովին՝ շարունակելու աշխատանքները, թէ՛ յատուկ խումբեր ձեւաւորելու՝ նաեւ այլ հարցերու շուրջ, ուր կայ յստակ արդիւնքներ ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւն»,- ըսաւ Կարապետեան:
Վարչապետը ընդունած է ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին
“Հայ Կեանք”
Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան
Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան
Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան
Աթէնք - Յունաստան
“Χάι Γκιάνκ”
Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης
Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν
Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς
“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com
News in
Շարունակութիւն էջ 1-էն
ցութեամբ իրականացուող ծրագիրները ուղղուած են հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներու լուծման: Իր խօսքով, իրենց նպատակն է ՀԲԸՄ ծրագիրները դարձնել համահունչ կառավարութեան ծրագիրներուն, ինչը կը նպաստէ անոնց արդիւնաւէտութեան ապահովման: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են ՀԲԸՄ-ի կողմէ տարբեր ոլորտներու, մասնաւորապէս, կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, ընկերային բնագաւառներու իրագործուող ծրագիրներու ընթացք ու յառաջիկայի նախատեսուող նախաձեռնութիւնները: Նիկոլ Փաշինեանը եւ Պերճ Սեդրակեանը միտքեր փոխանակած են նաեւ ազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքահայութեան համախըմբման, հայապահպանութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Pages 15-22 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը
Էջ 3
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ նոր Կեդրոնական վարչութեան դիւանի կազմ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հերթական ԻԸ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որ գումարուեցաւ 23-25 Մայիս 2019-ին, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, բազմաթիւ քննարկումներէ եւ առ այդ, որդեգրուած որոշումներէ ետք, նաեւ, ըստ կարգի, ընտրեց նոր Կեդրոնական վարչութիւն, գլխաւորութեամբ ընկ. Մայք Խարապեանի։ Կուսակցութեանս նորընտիր ղեկավարութեան դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով (Կեդրոնական վարչութենէն ներս ունեցած ծառայութեան տարիներու հերթականութեամբ).-
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, 1 Յունիս, 2019-ին, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամները` Ատենապետ Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ: Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները ընտրութեան կապակցութեամբ, մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն: Ազգային Ժողովի նախագահը նաեւ ընդգըծեց, որ իրենց առաջնահերթութիւններէն է Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ այդ առումով, կարեւորեց ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութեան սերտացումը: Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին ու բարեմաղթանքներուն համար` ՌԱԿ ատե-
ընկ. Մայք Խարապեան – ատենապետ ընկ. Ասատուր Տէվլեթեան – փոխատենապետ ընկ. Յակոբ Անդրէասեան – փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեան – փոխատենապետ ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան – ատենադպիր ընկ. Վազգէն Էսկիճեան – փոխատենադպիր ընկ. Նորայր Մկրտիչեան – գանձապահ ընկ. Փանոս Քէշիշեան – հաշուապահ ընկ. Արա Ահարոնեան – խորհրդական ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան – խորհրդական ընկ. Պարոյր Գույումճեան – խորհրդական ընկ. Գէորգ Հալէպլեան – խորհրդական ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան – խորհրդական իսկ Գործակից անդամներ՝ ընկ. Հայկ Լեփեճեան ընկ. Անդրանիկ Լեփեճեան ընկ. Բարդուղ Գալստեան ընկ. Նշան Պալեան 5 Յունիս 2019
նապետ ընկ. Մայք Խարապեանը շեշտեց Ազգային Ժողովի ստանձնած՝ ժողովուրդին ծառայելու եւ երկիրը շէնցնելու պատասխանատու առաքելութիւնը եւ բարձր գնահատեց ժողովըրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման եւ դատական ու ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն ուղղուած քայլերը: Այս առումով, կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան հետագայ խորացման կարեւորութիւնը եւ գործնական հանդիպում կազմակերպելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին: ՌԱԿ Մամլոյ դիւան
Էջ 4
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելը բարդ, բայց սկզբունքային հարց է. Զոհրապ Մնացականեան Առանց Արցախի որոշիչ ձայնին՝ խնդրի լուծման արդիւնաւէտ յառաջընթաց չենք ունենար: Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելը սկզբունքային հարց է: Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու համագործակցութիւնը եւս եղած է եւ կը մնայ սկզբունքային ու արդիւնաւէտ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վստահեցուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան: «Մենք միշտ Արցախի իշխանութիւններուն հետ կ’աշխատինք: Իւրաքանչիւր բանակցութիւններէ առաջ կամ ետք մենք միշտ կ’աշխատինք Արցախի ղեկավարութեան հետ: Ես անձամբ շատ սերտ համագործակցութեան մէջ եմ իմ գործընկերոջ` Մասիս Մայիլեանի հետ, նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, նոյնը կը վերաբերի նաեւ վարչապետ Փաշինեանին: Միասին սերտօրէն աշխատելու յստակ ձեւաչափ ունինք, որ կ’արտայայտէ քաղաքական այն գիծը, որ նշուած է մեր կառավարութեան կողմէ եւ կը վերաբերի բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան: Արցախի մասնակցու-
Եթէ Հայաստան վստահ է, թող ընդունի Ցեղասպանութիւնը քննող խումբ կազմելու առաջարկը. Չաւուշօղլու
թեան հարցը բարդ, բայց սկզբունքային եւ կարեւոր է: Հարցը կը վերաբերի Արցախին, որ ենթակայ (subject) է, եւ առանց Արցախի որոշիչ ձայնի մենք արդիւնաւէտ յառաջընթաց չենք ունենար: Մեր համագործակցութիւնը Արցախի իշխանութիւններու հետ եղած է եւ կը մնայ շատ սկզբունքային եւ արդիւնաւէտ»,- վստահեցուցած է Մնացականեան: Հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ինչպիսի՞ տրամադրուածութիւն ունին Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու հարցին շուրջ, արդեօք յառաջիկային ատիկա հնարաւոր է, նախարարը ըսած է, որ համանախագահները կ’ընդունին այն, ինչ ընդունելի կ’ըլլայ կողմերուն համար: Այդ առումով համանախագահներու հետ բանավէճ չունինք, բանավէճը այս հարցով Ատրպէյճանի հետ է: Հարցումին, թէ արդեօք բանակցային գործընթացին մէջ եղա՞ծ են նրբութիւններ, որոնց մասին Արցախը տեղեակ չէ եղած` Մնացականեան կրկնեց, որ կ’աշխատին Արցախի իշխանութիւններուն հետ: «Մենք ունինք մեր հարցերը, մեր մօտեցումները: Արցախը ունի իր դիրքորոշումները, իր մօտեցումները, որոնք յստակ կ’արտայայտուին Մասիս Մայիլեանի, Բակօ Սահակեանի կողմէ: Այդ ամէնը մենք կը քննարկենք, կը տեսնենք, թէ ինչը հնարաւոր է, ինչը` ոչ: Բանակցային ձեւաչափ է նաեւ աշխատանքը Արցախի մեր գործընկերներու հետ»,- նշած է նախարարը:
ցով Ֆրանսայի դիրքորոշումին:
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ, 13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հար-
Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարելու որոշումին մասին՝ ան ըսաւ. «Եթէ Հայաստան վստահ է, թող ընդունի Ցեղասպանութեան հարցը քննող միացեալ աշխատանքային խումբ կազմելու մեր առաջարկը: Խումբին թող մաս կազմեն Ֆրանսա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանէն, ով որ կը փափաքի: Բանանք արխիւները»։ Ան աւելցուց, որ Անգարա պատրաստ է ընդունելու աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութիւններուն եզրակացութիւնը։
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Մովսէս Աբէլեան նշանակուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ
Էջ 5
Զարեհ Սինանեանը նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ՝ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է Գլխաւոր ժողովի եւ համաժողովներու կառավարման հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այդ պաշտօնին Մովսէս Աբէլեան պիտի փոխարինէ Քեթրին Փպլարտին, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին: Մովսէս Աբէլեան 2016-ին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով գլխաւոր քարտուղարի փոխտեղակալ: Մինչ այս պաշտօնը ստանձնելը, ան կը զբաղեցնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը: Ան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներուն մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձ, ղեկավարած է Գլխաւոր ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագիրներու ու հիմնադրամներու Գործադիր խորհուրդներու ծիրէն ներս շարք մը գործընթացներ: Աբէլեան ունի նաեւ կառավարման ոլորտին մէջ մեծ փորձ, ներառեալ ծրագիրներու եւ ամավարկի ծրագրաւորման: Նախապէս զբաղեցուցած է Գլխաւոր ժողովի Վարչական ու պիւտճետային հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագիրներու ու համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները: 1998-2003 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ` մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը: Մինչ դիւանագիտական ծառայութեան անցնիլը, դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
ԵՐԵՒԱՆ, 14 ՅՈՒՆԻՍ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Զարեհ Սինանեանը նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտարարութիւն լոյս տեսած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքի մէջ: «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 3.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը որոշում է ստորագրել՝ Զարեհ Սինանեանին նշանակելով Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատար»,- նշուած է որոշման գրութեան մէջ: Զարեհ Սինանեանը ծնած է Երեւան, կրթութիւնը ստացած է նախ Երեւան, ապա ԱՄՆ Պըրպանք քաղաքի մէջ: 1997-ին, քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան բակալաւրի աստիճան ստացած է Քալիֆորնիոյ UCLA համալսարանէն, այնուհետեւ աւարտած USC-ի իրաւագիտութեան դպրոցը: 2001-էն զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2014-2015 թուականներուն զբաղեցուցած է Կլէնտեյլի քաղաքապետի պաշտօնը, օրերս դադրեցուցած է Կլէնտեյլի քաղաքային խորհուդի իր լիազօրութիւնները: Զարեհ Սինանեանը ամուսնացած է, ունի չորս երեխայ: Ան կրթութիւն ստացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ:
Էջ 6
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Նոր ռազմավարութիւն «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»ի
Յունիս 18-ին, տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28-րդ համատեղ նիստը, նախագահութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի: Օրակարգի հարցերու քննարկումէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահի առաջարկութեամբ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հոգաբարձուներու խորհուրդի նախկին անդամ, անցեալ տարի կեանքէն հեռացած Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովին կը մասնակցէին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան ժողովին հիմնադրամը ներկայացուց իր նոր տեսլականը եւ ռազմավարութիւնը, որոնք հիմնուած են թափանցիկ եւ հաշուետու գործելաոճին վրայ: Արդարեւ, ժամանակին եւ նոր պահանջներուն հետ քայլ պահելով, հիմնադրամը յայտարարեց, որ պիտի կատարէ կառուցուածքային եւ մօտեցումներու փոփոխութիւններ։ Այս նոր ռազմավարութեամբ կը նախատեսուի առաւել նպատակային եւ համապարփակ մօտեցումներ ու յստակ գործելաոճ՝ ուղղուած Հայաստանի, Արցախի եւ Ափիւռքի համայնքներուն մէջ առաջնահերթ հարցերու բացայայտման ու լուծման ապահովելով թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն: Ասիկա կ’ենթադրէ Հայաստան-ԱրցախՍփիւռք ցանցային համագործակցութիւն՝ ի նպաստ կարիքներու գնահատման եւ զարգացման այն բոլոր համայնքներուն, ուր հայեր կ’ապրին եւ կը ստեղծագործեն։ Ժողովին քննարկուեցան նաեւ 2019-ի ծրագիրները եւ պատկերասփռուող թելեթոնի հիմնական ուղղութիւնները, իրականացուելիք նոր ձեւաչափով
ղեկավարման ու 2018-ին կեանքի կոչուած ծրագիրները: Ներկայացուեցաւ նաեւ հիմնադրամին նոր կայքը, ուր այցելուները կրնան ծանօթանալ հիմնադրամի թափանցիկ գործունէութեան, մասնակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զարգացման բազմաոլորտ ծրագիրներուն: ՀՀ նախագահէն զատ ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մինչ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը ներկայացուց 2018-ին կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ հաշուետուութիւնը։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հիմնուած է 1992-ին, Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով: Հիմնադրամի ցանցը կը գործէ 19 երկիրներու մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գանատա, Բրիտանիա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լիբանան, Աւստրալիա, Պրազիլ, Արժանթին, Յունաստան, Կիպրոս, Ուրուկուէյ, Ռումանիա, Իրան, Հոլանտա եւ Իտալիա:
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 7
ԱՄԲՈԽԱՅԻՆԷ ԵՒ «ԷՍԹԷՊԼԻՇՄԸՆԹԱՅԻՆ»Է ԱՆԴԻՆ՝ ԿՈՒ ԳԱ՞Յ ԺԱՄԱՆԱԿԸ «ՊԱՐԶ ՀԱՍԿԱՆԱԼՈՒ» ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Պարզ հասկանալ մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը, մեր գրականութիւնը, մեր պատմութիւնը ու մեր յիշատակարանները: Մինչեւ այժմ նրանք խօսել են մեր սրտի հետ, եւ մենք սիրել ենք զգացումով, անխտիր, յախուռն, առանց հասկանալու, թէ ինչ ենք սիրում եւ ինչու: Այժմ գալիս է ժամանակը՝ նրանց էութեանը ներհմուտ լինելու, նրանց լեզուն հասկանալու: Յովհաննէս Թումանեան
Երէկ, չեմ գիտեր ինչպէս յայտնուեցայ Երեւանի Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը: Օրօրոցային երգերու սկաւառակ մը ներկայացուեցաւ: Այդ առիթով տաղանդաւոր փոքրիկներ ալ երգեցին եւ նուագեցին, ոչ մանկական երգ ու նուագ, ոչ ալ ժամանակակից արդիականութեան աղմկարարութիւն: Երգեցին ու նուագեցին մեծերու պէս, փաստելով ազգի եւ անոր ինքնութիւնը պահող իրաւ որակի ժառանգութեան շարունակութիւնը: Վաղուան երաշխիք, որ փողոց եւ կիրք չէ: Սրահին մէջ չկային ոչ պոռչտացող ցուցարարները, ոչ հեռատեսիլային կայաններու իմաստուն-չիմաստուն տեսաբանները, ոչ ալ խօսափողներու առջեւէն չհեռացող բազմագոյն էսթէպլիշմընթներու աստղերը: Այս մանուկ վիրթուոզները ազգի վերականգնման եւ տեւականացման անեղծ ուժականութիւնն էին, այնքա՜ն տարբեր եւ այնքա՜ն հեռու հայկական ընկերութիւնը կրծող էսթէպլիշմընթային փառքի, աթոռ-աթոռակի, պատկերի եւ ընչաքաղցութեան ախտէն: Ելքին տեսայ օփերայի երգիչի մանրանկար տասներեք տարեկան տաղանդաւոր մանչուկը: Անոր ըսի, «ապրի՛ս» եւ աւելցուցի, «եթէ ծնողքդ անգամ երկրէն հեռանան, դուն մի՛ հետեւիր իրենց»… Ծնողքը լսեցին եւ ըսին. «Մենք չենք երթար այստեղէն»… Վերադարձիս, մենախօսելու պէս զրոյց սկսայ Յովհաննէս Թումանեանի հետ, միամտօրէն հաւատալով, որ էսթէպլիշմընթն ալ նոյնը կ’ընէ, անոր 150-ամեակին առիթով բարձրախօսներու առջեւ շորորալէ տարբեր մօտեցումով, Հայաստան եւ Սփիւռքներ, «պարզ հասկանալու» ազնիւ արկածախընդրութեան տրուելով, սաւառնելով ներկայի եւ ժամանակի վրայ: Արդարեւ, մեր եսերուն եւ մոլորակը վարարող նիւթապաշտութեան անձնատուր, կարծէք անկարող դարձած ենք պարզ հասկանալու, որ եկած է ժամանակը ներհմուտ լինելու, ինչպէս ըսած է իմաստուն Թումանեան:
Բայց անէծքի պէս կը շարունակուի էսթէպլիշմընթի թեր-դէմ շրջանակին մէջ աթոռ-աթոռակ գրաւելու ինքնանպատակ արշաւը, այս՝ Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ): Ոչ ազգն է նպատակ, ոչ ալ մշակոյթը, այլ դիրքը, իշխանութիւնը, երեւելիապաշտութիւնը: Արեւուն տակ տեղ մը ունենալու ցանկութիւնը յաճախ մոռացութեան կու տայ արժէք եւ բարոյական, որ եթէ չէ յանգած դատարկութեան, հոն պիտի հասնի, քանի որ աղմկարարութիւն եւ դրամ, անտեսելով ներհմուտը եւ պարզ հասկանալու իմաստութիւնը, դարձած են իրաւունքի եւ իշխանութեան հանդէս: Պատմութենէն փշրանքներ եւ մշակոյթի գործիչի անուն լսած ըլլալ կարծէք բաւարար դարձած են քաղաքականութիւն խաղալու եւ բանգէտի փետուրնրով զարդարուելու, որպէսզի կարեւորութիւն ունենանք, բեմ ունենանք: Խանգարուած է գիտակցութեան ենթահողը եւ զարմանալի չէ, որ կանոն դարձած են տեղատուութիւնները եւ նահանջները: Թումանեան ըսած է. «Այժմ գալիս է ժամանակը՝ նրանց էութեանը ներհմուտ լինելու, նրանց լեզուն հասկանալու»: Կը խորհիմ, որ այսօր է այդ ժամանակը, եւ վաղը ուշ կրնայ ըլլալ: Այդ «լեզուն հասկանալու» համար պէտք է անոնց մօտենալ առանց աչքի կապանքներու, ունենալով գալիքի ըմբռնումը, առանց խրելու անցելապաշտութեան եւ կարգախօսներու մէջ, որոնք հետեւանքներն են խորքի եւ առաքինութեան պակասի: Խորքը՝ մարդու եւ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութիւնն է, իսկ առաքինութիւնը՝ եսի գերանցումը, առաքինութիւն՝ միշտ հռոմէական իմատով, հոգիի ուժ, virtus: «Պարզ հասկանալու ժամանակը»… Իսկ ի՞նչ բան է այդ «հասկանալ»ը, ի՞նչ բան, ինչպէ՞ս: Յովհաննէս Թումանեան կը խօսի հոգեվերլուծողի պէս: Ուշադրութեամբ պէտք է լսել. «Մինչեւ Շարունակութիւնը էջ 8
Էջ 8
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
ԱՄԲՈԽԱՅԻՆԷ ԵՒ «ԷՍԹԷՊԼԻՇՄԸՆԹԱՅԻՆ»Է ԱՆԴԻՆ՝ ԿՈՒ ԳԱ՞Յ ԺԱՄԱՆԱԿԸ «ՊԱՐԶ ՀԱՍԿԱՆԱԼՈՒ» Շարունակութիւն էջ 7-էն
այժմ նրանք խօսել են մեր սրտի հետ, եւ մենք սիրել ենք զգացումով, անխտիր, յախուռն, առանց հասկանալու, թէ ի՞նչ ենք սիրում եւ ինչո՞ւ», այսինքն՝ հայը, հայերը այդպէս եղած են: Իսկ դար մը առաջ, երբ Հայաստանը սոսկ աշխարհագրական բացատրութիւն էր, Թումանեան հասկցած էր, որ «մեր գրականութիւնը, մեր պատմութիւնը, մեր յիշատակարանները», ոչ թէ պէտք է սիրել, այլ «հասկանալ»: Հասկընալ խորքը, ինք կը գործածէ «ներհմուտ» բառը, որ աւելին է գիտութենէն: Ազգի առաջնորդութեան կոչուած էսթէպլիշմընթները, Հայաստան եւ Սփիւռքներ, «ներհմուտ» վերաբերում ունի՞ն մեր գրականութեան, մեր պատմութեան եւ յիշատակարաններուն հանդէպ: Էսթէպլիշմընթը իրաւունք չունի անոնց վերաբերելու, ինչպէս այդ կ’ընէ զանոնք չարաշահելով եւ շաուի (show) վերածելով, ուրիշի գրածով բեմ բարձրանալով, խաբելու համար հանրութիւնը: Իսկ այս կարգի կեղծիքով վերականգնում կարելի չէ իրականացնել: Գիտակից հանրութիւնը, մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը, լուռ պէտք չէ մնան, պէտք չէ մնային: Չորրորդ իշխանութիւն կոչուած մամուլը, եթէ չէ ստրկացուած, դիմակազերծ պէտք է ընէ ամէն կարգի եսի ծառայող կեղծիք: Այսինքն՝ այլեւս չենք հասկնար մեր գրականութեան, պատմութեան եւ յիշատակարաններու լեզուն: Եթէ, հետեւելով Թումանեանի, ուզենք եւ կարենանք «հասկանալ» անոնց լեզուն, մեր կեանքը իրապէս կը փոխուի: Ըլլալու համար հայրենատէր եւ ազգատէր, ոչ միայն հայասէր: Ինչե՜ր կրնանք հասկնալ եւ սորվիլ, եթէ «հասկանալ»ու ատակ ըլլանք, այդ ճիգը ընենք: Երբեմն կը յիշեմ Յակոբ Օշականի դառն իմաստութիւնը, երբ ակնարկելով քարերու վրայ գրուած անուներով անմահանալու մասին, ըսած է. «Մագաղաթը աւելի կ’ապրի քան մարմարը», այսինքն ինքնութիւն խտացնող գիրը, գիրքը, գրականութիւնը: Այսօր կարդացի, որ հայաքաղաք դարձած Կէլնտէյլի մէջ գրախանութ մը կը փակուի: Ինչպէ՞ս պիտի չփակուի, երբ գիրքերը կը տպուին գրողին կամ անոր շրջապատին հաճոյք պատճառելու համար: Միշտ կարդացէ՛ք այն էջը, ուր գրուած կ’ըլլայ տպաքանակը: Հայաստան պէտք է գալ եւ քիչ մըն ալ շրջիլ, մտահոգուելու համար: Երեւանը զբօսաշրջիկին հպարտութիւն կը ներշնչէ, բայց հայը պէտք է մըտահոգէ, եբր ան մեծ քաղաքը կը զետեղէ երկրի քարտէսին վրայ եւ բաղդատութիւններ կ’ընէ: Եւ ինչպէս կրկին չյիշեմ Ի․ դարու հայ ազգային իրաւութեամբ գրողը, Վիգէն Խեչումեան, որ ըսած է՝ «մի քաղաքով ինչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Հայաստան
այսօր միաքաղաք երկիր է, եւ գալիք սերունդները պիտի տեսնեն, որ համաշխարհայնացման եռուզեռի հետեւանքով Հայաստան պիտի գան եւ բնակութիւն հաստատեն այլացեղ մարդիկ, օր մը Հայաստանը դարձնելու համար այլ: Եթէ մենք ամբողջը միաւորելու համար հայաբընակ չդարձնենք Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողը: Մտածումս կ’երթայ նոյն Վիգէն Խեչումեանի իմասոութեան, զոր պէտք է «հասկանալ»: Ան ըսած է. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Սփիւռք(ներ)ի միլիոնները «կը հասկանա՞ն» ինչ որ ըսած է գրականութիւնը, «կը հասկանա՞ն» արտագաղթողները, արտագաղթածները եւ արտագաղթի թեկնածուները: «Կը հասկանա՞ն» որ Կլէնտէյլը եւ Շանկհայը, Լիբանանը եւ Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Աւստրալիան հայրենիք չեն: Անոնք հիւրանոց են մինչեւ որ պատշաճինք, մերուինք եւ նոր հայրենիքի մաս կազմենք: Հայաստանէն արտագաղթող հայ մայր մը, օդանաւին մէջ իր աղջնակին կ’ըսէր՝ «քեզ քու նոր հայրենիքդ կը տանիմ»… Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի մեր տասը միլիոնը աշակերտէ Յովհաննէս Թումանեանի: Կարդալ կրկին, «ներհմուտ» ըլլալու եւ «հասկանալ»ու ճիգով, հարիւր տարիներու վրայէն անցնելով մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած խօսքը, որպէսզի կասեցնենք «ծագումով հայ» ըլլալու նահանջականութիւնը. «Պարզ հասկանալ մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը, մեր գրականութիւնը, մեր պատմութիւնը ու մեր յիշատակարանները: Մինչեւ այժմ նրանք խօսել են մեր սրտի հետ, եւ մենք սիրել ենք զգացումով, անխըտիր, յախուռն, առանց հասկանալու, թէ ինչ ենք սիրում եւ ինչու: Այժմ գալիս է ժամանակը՝ նրանց էութեանը ներհմուտ լինելու, նրանց լեզուն հասկանալու»: «Հասկանալ» գրականութիւնը՝ որ լեզու է, պատմութիւնը՝ առանց որուն քաղաքականութիւնը նպարավաճառութիւն է, յիշատակարաններն ալ զբօսաշրջիկները զուարճացնելու կոչուած գեղօրներ չեն: Նրանց էութեանը ներհմուտ լինել, նրանց լեզուն հասկանալ…
Արեւմտեան Հայաստան, Նեմրութ լեռ
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 9
Փոփոխութիւն կ’ուզե՞նք…փոխենք մտածելու մեր ձեւը ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Կասկածէ վեր է որ ընկերութեան մը, ազգի մը կամ որեւէ խմբաւորումի ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրը, որ իբրեւ քաթալիսդ մղում կու տայ շարժումներու կամ պատճառ կը դառնայ ընկերային անդամալուծութեան: Ճիշդ է նաեւ որ ընկերութեան մը բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը, առանց սեռային, տարիքային թէ դասակարգային տարբերութեան ունին իրենց դերակատարութիւնը ընկերային շարժումներու կամ անշարժութեան մէջ, սակայն երիտասարդութիւնը կը մնայ հիմնաքարը ընկերային ամէն տեսակի փոփոխութեան: Թէ ինչու երիտասարդութեան վերապահուած է առանցքային այս յատկութիւնը, անիկա ունի բազմաթիւ պատճառներ սկսելով բնախօսականէն մինչեւ հոգեբանական տուեալներ, որոնց մատնանշումը կամ վերլուծումը դուրս կը մնայ այս գրութեան նպատակէն։ Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման որ ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ’առաջնորդէ դէպի առաջ՝ յառաջդիմութեան, ընկերային դրական փոփոխութիւններու, քաղաքակրթութեան եւ գաղափարախօսական նուաճումներու ուղղութեամբ։ Այս ճամբուն վրայ, միջոցները հաւանաբար առաջնորդեն նաեւ ծայրայեղ տարազներու, բայց ընկերային փոփոխութիւնները միշտ չէ, որ կը պայմանաւորեն բիրտ ուժը, որ կ’առընչուի բոլոր միջոցներու սպառումին: Երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, էական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Չմոռնանք որ երիտասարդութիւնը ինքնըստինքեան գոյութիւն չէ, նոյնիսկ եթէ բնախօսական տուեալները այդ մէկը կ’ենթադրեն։ Երիտասարդութիւնը նաեւ դաստիարակութիւն է, ժառանգութիւն է: Երիտասարդութեան ըմբոստ, առկայ պայմանները մերժելու, միշտ փոփոխութիւններու հակամէտ նկարագիրը կրնայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տալ եթէ չուղղուի, չդաստիարակուի։ Այս հաստատումին լաւագոյն փաստը կարելի է նկատել խուլիկանութեան, աննպատակ վայրագութեան եւ ինքնանպատակ այլամերժութեան երեւոյթներու տարածումը՝ գաղափարախօսութիւններու անկման այս օրերուն: Դաստիարակութեան բացակայութիւնը կրնայ յանգիլ այլ հետեւանքի ՝ երիտասարդութեան ծերացումին։ Այս օրերուն ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել ընկերութիւններ, որոնք ունին երիտասարդ տարրեր, բայց չունին երիտասարդութիւն: Պահպանողական, իշխանատենչ եւ շահամէտ ղեկավարութիւնը, պետական թէ կուսակցութիւններու մակարդակին վրայ, դէմ է դաստիարակուած եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւ նման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը
կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուական համակագի յառաջացման եւ յեղաշրջումներու, որոնք բնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւատապետական մաֆիականութեան: Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը պահպանողականութիւն-փոփոխութիւն յարաբերութեան մէջ: Բնականօրէն, հայ երիտասարդը եւս ենթակայ է իր միջավայրի ազդեցութեան, որ իր անմիջական դրոշմը կը դնէ անոր առօրեային վրայ: Հայ երիտասարդութիւնը այսօր նոյնը չէ ինչ որ էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Մայիսեան անկախութեան օրերուն, 20-րդ դարու 50-ական եւ 60-ական, 70-ական թուականներուն կամ 80-ական թուականներու վերջաւորութեան ու 90-ական թուականներուն, երկրորդ անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան օրերուն, եւ հիմա, այս օրերուն: Քաղաքական կամ ընկերային հոլովոյթներու հետ բնականօրէն փոխուած է հայ երիտասարդութեան դիմագիծը։ Այսպէ՛ս է, կը փոխուի։ Անշուշտ կան սկզբունքային առաջադրանքներ, որոնք չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, ինչպէս հայապահպանումը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը, սակայն յիշեալ առաջադրանքներուն հետապնդման եղանակը ունի յարափոփոխ դիմագիծ որ յաճախ չի ներդաշնակուիր ներքին եւ արտաքին պայմաններուն հետ, այն իմաստով որ չի կանխեր կամ չի չէզոքացներ ճնշող ազդակները կամ նոյնիսկ չի ցուցաբերեր խաղին օրէնքները օգտագործելու արթնութիւն եւ ճկունութիւն: Արցախեան զինադադարէն ետք, 1994-ին, Հայաստանի նորաստեղծ պահպանողական խաւի իշխանատենչ խաղերը եկան կլանելու նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, որ մեծ տոկոսով սկսաւ լողալ նոյն իշխանատենչութեան եւ նիւթապաշտութեան ճահիճին մէջ ու սկսաւ բռնել այլասերման ճամբան: Սփիւռքը շատոնց մխրճուած էր այդ տիղմին մէջ: Այս հոսանքին առընթեր, նշմարելի է նաեւ Շարունակութիւնը էջ 10
Էջ 10
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Փոփոխութիւն կ’ուզե՞նք…փոխենք մտածելու մեր ձեւը Շարունակութիւն էջ 9-էն
գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ’արդարացնէ գաղափարով, բայց սա կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է անձնիշխանութիւնը՝ իր աւատապետական ու մաֆիական ստորոգելիներով։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը ստեղծած է, որովհետեւ կ’արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտականութիւն եւ վանողականութիւն։ Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներու: Ինչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ։ Տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոցի թէ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դիմաց։ Եթէ նպատակ է, այլ խօսքով, վախճանական նպատակի ճամբուն վրայ արդեօք պէտք է սորվի՞լ խաղին օրէնքները եւ պահպանողական հոսանքին զէնքերով պայքարի՞լ նոյնինքն պահպանողականութեան դէմ: Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կր դնեն հրամայականի մը, զոր կ’ուզենք բնորոշել նոր մտածողութիւն դարձուածքով – մտածողութիւն մը, որ ունի գիտական հիմք եւ լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն։ Հինին կառչելու յամառութիւնը, իբրեւ հարազատութեան արտայայտութիւն, կ’առաջնորդէ կեթոյականութեան եւ բնականօրէն՝ ձախողութեան։ Իսկ նոր մտածողութիւնը պէտք չէ ունենայ երազային կամ ցնորատեսական հիմք, այլ պէտք է բխի առարկայական իրականութիւններէ։ Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձեւը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրականացնելու համակարգչային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բազմաթիւ երեսներով։ Գաղափարական մեր ժառանգութիւնները, մեր արմատներէն եկած աւիշը մեզի կրնան շնորհել հաւատք, սակայն չեն կրնար մեզի տրամադրել պայքարի գիտական միջոցները։ Պէտք է յամառօրէն կառչինք մեր մշակութային ժառանգութեան եւ անշեղօրէն պահենք մեր ազգային աւանդութիւնները, սակայն ասոնցմէ դուրս չենք կրնար չտեսնել հրամայականը՝ մտածելու նոր եղանակի մը, արդի մտա-
ծողութեան մը։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած թերութիւնները չենք կրնար սրբագրել ինքնանպատակ քննադատութիւններով կամ ճառերով: Ամբողջ մարդկութիւնը պահպանողական հոսանքին մէջ կլանող արշաւին դիմաց, չենք կրնար չփնտռել ազդու զէնքեր, չենք կրնար չտեսնել մեր հաւաքական կեանքին փտտումը, չճանչնալ մեր թերութիւնները եւ ըստ այնմ չհակազդել: Հակազդելու համար պէտք է ունենալ առողջ միտք, նոր մտածողութիւն, որ ծնունդն է միջազգային եւ ներազգային իրավիճակներու առարկայական ծանօթութեան: Մեր դատը թաղելու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ լարուող դաւերուն դիմաց, չենք կրնար մեր վճռականութիւնը չստանալ մեր երիտասարդութենէն, գիտակից երիտասարդութենէն։ Պայքարը անցելապաշտութիւն չէ, գիտութիւն է։ Այս օրերուն գիտակցութիւնը սերտօրէն կ’առընչուի գիտութեան: Հաւատքը միշտ դերակատար է, բայց առանց գիտութեան անբաւարար։ Գիտութիւնը պէտք չէ շփոթել ուսման հետ։ Այս պարագային, գիտութիւնը ծանօթութիւն է, առարկայական ծանօթութիւնն է շրջապատի պայմաններուն, խաղին օրէնքներուն։ Գիտութիւնը ապագան գնահատող տեսիլք է, ցնորատեսութիւն չէ։ Գիտութիւնը ծրագրում է։ Կ’արժէ լրջօրէն մտածել այս մասին։ Տարակուսանքը եւ հարցադրումները կը նկատուին սկիզբը գիտական մտածողութեան։ Պայման է որ տարակուսինք մեր ներկայ իրավիճակով եւ հարցադրումներ կատարենք մեր ապագային նկատմամբ։ Ժամանակն է որ մտածումները, բոլոր տեսակի մտածումները լոյս աշխարհ գան եւ չմնան պահուած կամ կաշկանդուած։ Ժամանակն է առողջ քննադատութիւնը նստեցնելու իր բարձր պատուանդանին վրայ եւ պահպանողական պոռոտախօսութիւնները դատապարտելու քաջութեամբ եւ անզիջողութեամբ։
Արեւմտեան Հայաստան Անի, Կուսանաց վանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 11
Թրքական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը Պիտի Փակուի 2020-ին. Լաւ Ազատեցանք ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թ
րքական Ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (ԹՈւՀ) շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1983-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 3 միլիոն տոլար նուիրատուութեամբ։ 31 Մայիս 2019-ին, ԹՈւՀ հանդէս եկաւ մամլոյ հաղորդագրութեամբ՝ յայտարարելով, որ կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը 30 Սեպտեմբեր 2020-ին։ Այս յայտարարութիւնը անսպասելի էր երկու պատճառով․ 1) Երեք միլիոն տոլարը համեմատաբար մեծ գումար մը չէ թրքական կառավարութեան համար, որ տարիներ շարունակ տասնեակ միլիոն տոլարներ ծախսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային կապերու (PR) եւ լոպիիստական ընկերութիւններ վարձելու համար։ Երեք միլիոն տոլարի կամ մնացորդի վերադարձը Թուրքիոյ՝ չի կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ երկրին նիւթական դրութեան վրայ։ Տնտեսական անկումէն ուշքի գալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է քանի մը հարիւր միլիառ տոլար։ 2) Հակառակ հիմնարկի յաջողութիւններուն մասին անոր ղեկավարութեան հրապարակած պարծենկոտ մամլոյ հաղորդագրութեան, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ դրամական միջոցներու դադրեցումը կը նշանակէ, որ հիմնարկը չէ կրցած հասնիլ իր քարոզչական նպատակներուն։ Թրքական կառավարութիւնը դադրեցուցած է ԹՈւՀի ֆինանսաւորումը 2015-ին։ Բարդացնելով խնդիրը՝ հիմնարկի ղեկավարները իրենց մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ խոստովանած են, որ չեն յաջողած արտաքին աղբիւրներէ բաւարար միջոցներ ստանալ հիմնարկի գործունէութիւնը շարունակելու համար։ Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ նիւթական մասնակի աջակցութիւն ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, Koç հոլտինկէն, FIBA հոլտինկէն եւ Մուխթար Քենթէն («Քոքա-քոլա» ընկերութեան խորհուրդի նախկին նախագահ) եւ անոր տիկնոջմէ, ինչպէս նաեւ այլ անհատ նուիրատուներէ։ ԹՈւՀի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 1983-էն սկսեալ իր դրամաշնորհները նպաստած են Թուրքիոյ եւ թրքերէնի ուսումնասիրութեան՝ «ԱՄՆ 45 նահանգներու եւ Քոլումպիայի շրջանին մէջ: Աւելի քան 130 դրամաշնորհային ատենախօսութիւններ վերածուած են 70-է աւելի փրոֆեսէօրական պաշտօններու բարձրագոյն կրթութեան ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ, իսկ լեզուական եւ հետազօտական պարգեւները օգնած են առնուազն 235 անձերու, որոնք գրաւած
են դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօններ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր։ Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին քանի մը տասնեակ երիտասարդ գիտնականներու տրուած պարգեւները լրացուցիչ օգուտ պիտի բերեն ապագային։ Գրեթէ 80 ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ ստեղծուած են Թուրքիոյ վերաբերեալ գրադարանային եւ հետազօտական հաւաքածոներ, կամ բաւականաչափ աւելցած են առկայ միջոցները ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորման շնորհիւ, իսկ 19 ամերիկեան համալսարաններ ստացած են մեկնարկային գումարներ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ դասաւանդման նոր պաշտօններու հաստատման աջակցելու համար»։ Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ հաստատուած էր Ուաշինկթըն, Ճորճթաունի համալսարանի Էտմոնտ Ա. Ուոլշի արտաքին ծառայութեան դպրոցի տարածքը: Հիմնարկի պատուաւոր նախագահը Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանն էր, որ անմիջական վերահսկողութիւն հաստատած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ԹՈւՀ-ի դրամաշնորհներուն վրայ։ Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը ինկած է շարք մը գայթակղութիւններու մէջ, սկսած Հիթ Լորիէն, որ հիմնարկի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէնն էր 1983-1993 թուականներուն: Լորին կարեւոր դեր խաղցած է՝ ամբողջական էջ մը յայտարարութիւններու պատրաստման եւ հրատարակման գծով «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթերու մէջ, 19 Մայիս 1985-ին՝ ստորագրուած 69 «մտաւորականներու» կողմէ, որոնք կը ժխտէին Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը։ Լորին հետագային դարձաւ օսմանեան եւ ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու Աթաթուրքի փրոֆեսէօր Փրինսթընի համալսարանի մէջ՝ շնորհիւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 750 հազար տոլար նիւթական աջակցութեան։ 1985-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ Շարունակութիւնը էջ 12
Հայ Կեանք
Էջ 12
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահը պիտի ընտրուի Յունիս 26-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 26-ին: «Ժամանակ» օրաթերթի փոխանցմամբ, պատրիարքարանին մէջ Կրօնական ժողովի գումարման վերջին նիստին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի նախագահութեամբ եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի ատենապետութեամբ քննարկուեցան ու յստակացան յառաջիկայ ընտրութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր: Եկեղեցական աւանդոյթներու ու կանոնադրութեան համաձայն, տեղապահը կ’ընտրուի Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականներու Եկեղեցական համագումարին կողմէ: «Ժողովը կ’ապահովէ, որպէսզի Յունիս 26-ի տեղապահի ընտրութեան օրակարգի շուրջ գումարուելիք Եկեղեցական համագումարը ունենայ իրաւական ամուր հիմք», -կը գրէ «Ժամանակ»-ը: Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէն ետք այս տարուան Մարտ 8-ին Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանը համայնքի օրակարգ բերաւ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Մայիս 13-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլեյման Սոյլուի եւ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Եէրլիքայայի պատրիարքարան այցէն ետք որոշում կայացուած էր ընտրել պատրիարքական տեղապահ, որն ալ պիտի համակարգէ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Աւելի վաղ, Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի եւ կրօնական ժողովի ընդհանուր ստորագրութեամբ դիմում ներկայացուած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան ժամանակացոյցը պետական մարմիններու հետ համաձայնեցնելու համար:
Թրքական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը Պիտի Փակուի 2020-ին. Լաւ Ազատեցանք Շարունակութիւն էջ 11-էն
ամերիկացի մտաւորականներուն անունները թուարկելու եւ թրքական հիմնարկէ իւրաքանչիւրին ստացած գումարներուն մասին յօդուած գրելէ ետք, ես դարձայ թրքական հիմնարկի հետ իրաւական առճակատման առաջին թիրախը։ Հետաքրքրական է, որ թրքական հիմնարկը այդ մասնագէտներէն շատերուն դրամաշնորհներ տուած է: ԹՈւՀի փաստաբաններէն ես նամակ ստացայ, ուր ըսուած էր, որ անոնք դատ պիտի բանան ինծի դէմ՝ զրպարտութեան մեղադրանքով, եթէ ես չհրապարակեմ ծաւալուն հերքում իմ յօդուածիս առնչութեամբ, ինչ որ ես մերժեցի ընել։ Փաստաբաններս տեղեկացուցին թրքական հիմնարկի իրաւաբաններուն, որ իրենց զրպարտութեան մասին պնդումը անհիմն է, եւ յայտնեցին անոնց, որ մենք իրենց դէմ բողոքի հայց պիտի ներկայացնենք։ Ի պատասխան՝ ԹՈւՀ հրաժարեցաւ իր սպառնալից դատական հայցէն… Այնուհետեւ, 1995-ին, Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամսագրին մէջ հրապարակուեցաւ «Փրոֆեսիոնալ բարոյականութիւն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը» վերնագրով յօդուած, որ բացայայտեց ԹՈւՀ-ի գործադիր տնօրէն Հիթ Լորիի կազմած նամակը, որ 1990-ին թուրք դեսպան Նուզէթ Քանտեմիրի անունով ուղարկուած էր փրոֆեսէօր Ռապըրթ Ճէյ Լիֆ-
թընի՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Լորիի սեւագիր նամակը դեսպանի անունով անզգուշաբար յղուած էր փրոֆ․ Լիֆթընի, ինչ որ ակադեմական մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձաւ: 2006-ին, ամերիկացի փրոֆեսէօր Տոնալտ Քուաթերթ հրաժարական տուաւ ԹՈւՀ-ի խորհուրդի նախագահութենէն՝ մերժելով ենթարկուիլ Թուրքիոյ դեսպանի հրամանին, որ Թուրքիա կը ջնջէ ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորումը, այնքան ատեն որ փրոֆեսէօր Քուաթերթ չէ հերքած գիտական գիրքի մը մասին իր գրութիւնը, ուր ան գրած էր՝ «այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայերու հետ, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի «ցեղասպանութիւն» սահմանումին»։ Ի նշան բողոքի՝ ԹՈւՀ-ի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ շուտով հրաժարական տուին։ Ակնյայտ է, որ թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փակման յայտարարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նուազի թրքական քարոզչութեան հնարաւորութիւնը՝ խեղաթիւրելու Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական ճշմարտութիւնները։ Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 13
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Հայ Ազգը ո՛չ միայն խօսքով, այլ մանաւանդ գործով պէտք է տիրանայ ապրելու իր իրաւունքին:
Շահան Նաթալի
Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս ոգեկոչեց եւ խոնարհեցաւ իր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Քայլարշաւներ, թափօրներ ամէնուրեք, պատարագներ, դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ճառեր եւ շռնդալից յայտարարութիւններ...: Բայց յետոյ ի՞նչ...: 104 տարի անցած է մեր ազգային պատմութեան արիւնոտ աղէտէն եւ դժբախտաբար կենդանի վերապրողներ չկան այլեւս որպէսզի ամէն օր մեզի յիշեցնեն իրենց տառապանքները...արիւնոտ Եփրատէն մինչեւ մարդակուլ Տէր Զօրի անապատին սարսափազդու հոգեվիճակները: Չկայ այլեւ հայրս՝ որ ամէն առիթով կը յիշէր իր հօր վերջին նայուածքը՝ իրեն եւ ցասումով կը պատմէր իր նորապսակ քրոջ, եղբօր ու մօր տառապանքներուն եւ նահատակութեան մասին: Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ 104 տարի ետք ո՞վ պիտի պատմէ մեր զաւակներուն ու թոռներուն՝ ցեղասպանութեան հոգեկան արհաւիրքին մասին, որ մինչեւ այսօր իւրանքանչիւրս կը հիւծէ: Դժբախտաբար եւ դառնօրէն կ’անդրադռնամ ա՛յն իրողութեան որ այս մասին բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն Ապրիլ 24-ին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց մէջ: Դժբախտաբար յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ կամ երկօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ ակնկալեցինք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, որ չպատահեցաւ, եւ չարդինաւորուած «բարոյական արժէքներու» մասին մեր յոյսերը անգամ մը եւս ի դերեւ ելան: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ քոնկրէսականներու կոչերը, ուղղուած նախագահ Տոնալտ Թրամփին, ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դարձան ձայն բարբառոյ յանապատի: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:
Բոլորս ալ հետեւեցանք Հայ եւ օտար մամուլի մէջ արձանագրուած լորձնաշուրթն յայտարարութիւններուն: Այսպէս. ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Ճիմ Քոսթան դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ: Ըստ անոր, Էրտողանի յայտարարութիւնը կեղծ է. «Մենք պէտք չէ Թուրքիոյ մենատէր նախագահին, որ կը խախտէ մարդու իրաւունքները, կրօնի եւ մամուլի ազատութիւնը, թոյլ տանք վերաշարադրել պատմութիւնը»: ԱՄՆ Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի խօսքերը ցեղասպանութեան մասին անուանեց «զզուելի»: «Ատելութեամբ լեցուած այս խօսքը, զոր Էրտողան ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը, պատմական փաստերու զզուելի ժխտում է»: Թուրքիոյ «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթիճի, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլի 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին որոշումը, յայտարարած է թէ Թուրքիա պէտք է արտաքսէ Հայաստանի թուրքիաբնակ քաղաքացիները: Երանի՜ թէ.... Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սոլպերկ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն` պատճառաբանելով, թէ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ աւելի կարեւոր է: Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք տակաւին կը հրճուի՜նք այս կամ այն օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ Արեւմտահայաստանի մեր կորսնցուցած հողերուն վերաբերեալ: Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը վաղո՜ւց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու Շարունակութիւնը էջ 14
Հայ Կեանք
Էջ 14
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ Շարունակութիւն էջ 13-էն
կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողային պահանջին վրայ: Հետեւաբար պարտաւոր ենք մշակել ազգապահպանման նոր ծրագիր.1.- Նիւթական կորուստներու հատուցում (շարժուն եւ անշարժ գոյքեր): 2.- Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կեանքի հատուցում: 3.- Մշակութային կորուտներու հատուցում: 4.- Հայրենիքի կորուստ: 5.– Անխոնջ պայքար ահաւոր սպիտակ ջարդին դէմ: 6.- Ազգը պահել հողին համար: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիւն չկայ: Ժամանակն է որ խօսքէն անցնինք գործի եւ դարձեալ աղաղակենք բարձրաձայն ՀՈՂԵՐԸՀՈՂԵՐԸ: Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին «ցաւակցութիւնը»՝ իր բացատրութեամբ՝ 1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ՑԵՂԱՍ ՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է եւ այս իրողութիւնը ո՛չ քննութեան, ո՛չ ալ վիճաբանութեան եւ կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար։ Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց Ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել՝ կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիոյ, Գերմանիոյ ու
Ֆրանսայի: Այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք: Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային, ոճրագործական արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ: Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ: Նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն: Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքՇարունակութիւնը էջ 29
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Pashinyan, Putin Meet in St. Petersburg
President Vladimir Putin of Russia and Prime Minister Nikol Pashinyan met on Thursday in St. Petersburg ahead of an international economic summit, where the Armenian leader is scheduled to deliver a speech. According to Pashinyan’s press office the focus of the meeting was advancing RussiaArmenia economic relations. “I am very happy to welcome you once again, this time in St. Petersburg. The economic forum of St. Petersburg is a good opportunity to meet with partners and discuss economic issues. There is no need to discuss bilateral issues, since we do it regularly. Russia is a leading partner for Armenia in terms of trade and many other aspects, which shows the good relations between our two countries,” said Putin in welcoming Pashinyan and reminding him of Russia’s investments in Armenia, which amount to $2 billion annually or 26 percent of Armenia total investment, according to the Russian leader Pashinyan praised bilateral ties between Russia and Armenia, and added that the cooperation between the two countries is further enhanced due to their membership in and cooperation within the Eurasian Economic Union, the Commonwealth of Independence States and the Collective Security Treaty Organization “The economic growth of our country amounted to 9,2 percent in April. This is a good indicator not only for Armenia, but also for the EAEU,” said Pashinyan who explained that economic ties between Russia and Armenia were mainly conditioned by the EEU. “This year we have registered quite optimistic economic indicators. We have recorded 7,1 percent economic in the 1st quarter of the year. In April the index of our economic activity amounted to 9,2 percent,” said Pashinayn who Cont. on page 16
Էջ 15
AGBU Leadership Briefs Armenia’s Prime Minister on Current Strategic Goals
On June 5, 2019, on the heels of an official visit to Artsakh in support of the AGBU Fund for Artsakh, AGBU President Berge Setrakian had the opportunity to meet with Prime Minister of Armenia Nikol Pashinyan at the government building. Along with AGBU Armenia’s President Vasken Yacoubian and Executive Director Talar Kazanjian, Mr. Setrakian briefed the prime minister and key staffers on the successful Artsakh visit, presented the organization’s strategy for accelerating socio-economic development in the war-torn republic, and updated them on the progress of other AGBU initiatives throughout Armenia since the first official meeting with then- interim PM Pashinyan shortly after the Velvet Revolution. Now, a year later, with the New Armenia Agenda under way, areas of mutual interest could be explored with greater substance and specificity with an understanding that the work of AGBU in Armenia is driven by a conviction that a strong, vibrant, democratic Armenia is the key to preserving and enhancing the global Armenian identity in the 21st century. Prime Minister Pashinyan expressed the Armenian government’s appreciation of AGBU’s growing presence in the country and its ability to address pressing needs of the people on multiple fronts, assuring AGBU leadership of its desire to cooperate and assist, where appropriate, in meeting the organization’s strategic goals and programmatic needs. After the one-hour meeting, Mr. Setrakian noted that there are many areas of mutual alignment, citing such examples as the AGBU Women’s Entrepreneurs program (W.E.), designed to uplift the status of women in Armenia through financial independence, and its efforts to build capacity among Cont. on page 16
Էջ 16
Հայ Կեանք
President Armen Sarkissian hosted the President of the Armenian General Benevolent Union Berge Setrakian
President Armen Sarkissian hosted today the President of the Armenian General Benevolent Union (AGBU) Berge Setrakian. President Armen Sarkissian, who is a member of AGBU Central Board of Directors since 2016, spoke with Berge Setrakian about different ongoing and forthcoming programs implemented through the assistance of the AGBU in different areas. The interlocutors exchanged also views on the issues related to the all-Armenian agenda and the Armenian Summit of Minds to be held soon in Dilijan.
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com
Pashinyan, Putin Meet in St. Petersburg Cont. from page 15
He also added that the tourists have indicated that they feel welcome in Armenia and enjoy traveling there for vacation. “I hope that we will manage to find solutions on some issues which will not disrupt this good pace of economic growth,” added Pashinyan. According to Pashinyan’s press office, the two leaders also discussed future cooperation efforts outside of the economic sphere and pledged to strengthen the activities of inter-governmental commissions and organizations.
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
AGBU Leadership Briefs Armenia’s Prime Minister on Current Strategic Goals Cont. from page 15
civil society organizations in Armenia through its Bridge for CSOs program, which can help promote an open and trusting relationship between citizens and their government. Both programs involve diaspora participation which adds another important dimension to the much needed reset in ArmeniaDiaspora relations. “Anything that AGBU can do to help the people of Armenia succeed in their personal lives and as citizens of a country with so much human potential will help keep the entire Armenian Nation moving in a positive direction,” Setrakian observed. “In these times, what happens in Armenia, does not stay in Armenia. Its trials and triumphs, its place in the world, and its image as a distinctive living culture, has, to one degree or another, tangibly or psychologically, an impact on Armenians everywhere.” The parties agreed to continue an open dialogue in the months ahead to ensure optimal outcomes for shared goals. During his stay in Yerevan, Mr. Setrakian also met with President of Armenia Armen Sarkissian to discuss the highlights of his official visits.
The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500,000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora. Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org.
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
No Progress in Karabakh Talks Without Artsakh’s ‘Decisive Voice’
Armenia’s Foreign Minister Zohrab Mnatsakanyan told Parliament on Thursday that that without Artsakh’s “decisive voice” there will be no progress in the Nagorno-Karabakh conflict resolution process, adding that returning Stepanakert to the negotiations table is a matter of principle. Mnatsakanyan also said that the cooperation between the governments of Armenia and Artsakh has been and remains principled and effective. “We are always working with the Artsakh government. Before or after each negotiation we always work with Artsakh’s leadership. I personally have very close cooperation with my colleague [Artsakh Foreign Minister] Masis Mayilyan and also with [Artsakh] President Bako Sahakian, as does Prime Minister Nikol Pashinyan,” said Mnatsakanyan. “We have a clear format of closely working together, which reflects the political line that is drawn by our government and refers to Artsakh’s participation in the negotiations process. The issue of Artsakh’s participation is a difficult, but principled, and important,” explained Mnatsakanyan.
Էջ 17
Baroness Caroline Cox visits Artsakh
(Armradio) – On June 13, Minister of Foreign Affairs of the Republic of Artsakh (Nagorno-Karabakh Republic) Masis Mayilian received a delegation led by member of the House of Lords of the United Kingdom of Great Britain and Northern Ireland Baroness Caroline Cox. Masis Mayilian highly appreciated Caroline Cox’s consistent efforts to advocate the interests of Artsakh in the international arena, noting her invaluable contribution to the struggle of the Artsakh people for its ideals and to the achievement of its goals throughout the years of independence. During the meeting, the Foreign Minister briefed Caroline Cox on the current stage of the AzerbaijanKarabakh conflict settlement, as well as touched upon the latest developments in the process of international recognition of Artsakh and decentralized cooperation. An exchange of views also took place on a range of issues related to the humanitarian programs being implemented in Artsakh.
“The issue concerns Artsakh, which is an entity, and without Artsakh’s decisive voice we will not have productive progress. Our cooperation with Artsakh’s authorities has been and remains very principled and productive,” Mnatsakanyan said. Asked about the OSCE Minsk Group Co-Chairs’ view regarding the suggestion to include Artsakh itself in Karabakh talks, Mnatsakanyan saud the “co -chairs accept what will be acceptable for the parties. We don’t have a debate over this issue with the co-chairs, the debate is with Azerbaijan.” Mnatsakanyan also said that a date for an upcoming meeting with his Azerbaijani counterpart Elmar Mammadyarov will be announced soon, adding that
WESTERN ARMENIA VAN, Akhtamar island, the Holy Cross church there were no immediate plans for a meeting between Pashinyan and Azerbaijani president Ilham Aliyev.
Էջ 18
Հայ Կեանք
Armenian Diaspora Opinion Survey Results Published
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Armenia’s Lake Sevan a top destination for travelers
LONDON—The Armenian Diaspora Survey (ADS) published the results of a first ever survey, which provides a snapshot of the issues, attitudes and trends shaping the Armenian world in the 21st century. The 150-page Armenian Diaspora Opinion, Pilot Project 2018 includes six thematic chapters—on identity, language and culture, religion, community, politics and relations with Armenia—and the full results of the pilot survey conducted in May and June 2018 in Boston, Cairo, Marseille and Pasadena. There are sections on research methodology, profiles of the communities in the four cities and the entire questionnaire. Published by the Armenian Institute in London, the report is available to the public (downloadable for free). “The primary aim of this research project, which is led by a team of academics, researchers and experts, is to provide evidence-based understanding of the multilayered and diverse aspects of Armenian diasporic life,” said Dr. Hratch Tchilingirian, a scholar at University of Oxford, who directs the project. “The knowledge gained and the full survey responses presented in this new publication could be useful to institutional and community leaders in the Diaspora and policy-makers in Armenia,” explained Dr. Tchilingirian, “especially, when they are taking decisions about priorities, projects and services in the communities.” The Armenian Diaspora Survey (ADS) is funded by the Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation and carried out under the auspices of the Armenian Institute in London.
Lake Sevan in Armenia is included in the list of the 5 best resorts in the CIS countries, which are popular for summer holidays among Russian tourists, analytical agency TurStat reveals. The ranking also includes the Burabay resort in Kazakhstan, Lake Issyk-Kul in Kyrgyzstan, Lake Naroch in Belarus and the Absheron resorts in Baku on the Caspian Sea coast. Visa-free entry, knowledge of the Russian language and the hospitality of the locals, inexpensive relaxation, tasty local food and fruits are cited as the main advantages of summer holidays in the CIS countries. The agency said earlier that Armenia is among the top 20 countries preferred for travel by Russian tourists for 2019. tourist trips to Armenia have increased by 19% to 94.000 in the first three months of 2019 against the same period last year.
Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com “We are pleased to see the publication of this report on the multi-country systematic survey of the Diaspora,” said Dr. Razmik Panossian, Director of Gulbenkian Foundation’s Armenian Communities Department. “The need for evidence-based understanding of Armenians around the world,” he continued, “is essential not only to comprehend current realities, but also to plan for the future.” The full report is available on the ADS website and could be downloaded for free: https://www.armeniandiasporasurvey.com/2018
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Defense Minister Davit Tonoyan visits border military base
Էջ 19
Artsakh Defense Army holds large-scale command and staff exercises
(Armradio) – Large-scale command and staff exercises envisaged by the 2019 plan of the Armed Forces have been launched in Artsakh.
Armenpress – Defense Minister Davit Tonoyan has visited a military base of the Armenian Armed Forces, spokesperson Artsrun Hovhannisyan said on Facebook, without elaborating the location. “At the combat position D. Tonoyan personally viewed the tactical situation, the adversary units, the engineering work done by our troops etc. At the end of the visit Davit Tonoyan issued relevant orders to the commanders,” Hovhannisyan wrote on Facebook.
The drills involving 10.000 servicemen, more than 200 artillery systems, over 50 air defense systems, more than 400 armored vehicles and other equipment were continued through June 20. During the exercises, the main emphasis was placed on the implementation of the practical tasks of the troops at night, as well as the development of new tactical episodes. High-tech intelligence and management systems, new samples of weapons were tested during the exercises.
The Flame of 7th Pan-Armenian Games Lit on Top of Musa Dagh The torch was lit by Pan-Armenian Games cofounder, Armenian-American philanthropist Albert Boyajyan. Pan-Armenian Games World Committee Vice President Roland Sharoyan said the ceremony symbolizes the unity of the Armenian nation, wherever they might be. Armenia’s ruling My Step Alliance faction lawmaker Taguhi Tovmasyan was also in attendance of the ceremony.
VAKIF, MUSA DAGH — The flame of the 7th PanArmenian Games was lit from candles of the Holy Mother of God Armenian Church in Vakif village at the foothills of Musa Dagh, a territory which was once the Armenian Kingdom of Cilicia.
The flame was then taken to the summit of Musa Dagh, and will find its way all the way to Artsakh, where the opening ceremony of the 7-th PanArmenian Games will take place in Stepanakert on August 6. The delegation arrived in Turkey via the recently launched Yerevan-Van direct flight.
Էջ 20
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Concert Series in Brussels to Benefit Rising Talents in Armenia Over the weekend of May 24, three concerts were performed in the city of Brussels, Belgium featuring Armenian musicians of various musical backgrounds. The concert series, organized by the AGBU Performing Arts Department (PAD) of France/Europe, took place at the Boghossian Foundation, with its magnificent Art Deco venue the Villa Empain, and the Armenian Cultural Center of the Armenian community of Belgium. Duduk legend Lévon Minassian, who introduced the authentic Armenian instrument to the world through his collaboration with international artists such as Peter Gabriel and contributed to the soundtracks of major feature films, performed on Friday evening at the Villa Empain. He was accompanied by his longtime keyboarder Serge Arribas, along with Brusselsbased guitar player Tigran Ter Stepanian, French cellist Pierre Nentwig, and Belgian pianist Philippe Navarre. The non-Armenian audience was won over by Minassian’s unique sound and mastery of the genre.
Lévon Minassian & Friends
The following evening, the Boghossian Foundation welcomed Diana Adamyan, the 19-year old risingstar violist who won the 1st Prize of the Yehudi Menuhin International Competition in 2018, in Geneva. Accompanied by pianist Mamikon Nakhapetov, Adamyan performed works by Bach, Beethoven, Saint-Saëns, Kreisler and Komitas. The musical weekend concluded on Sunday at the Armenian Cultural Center with a special presentation of the works of Hayrik Mouradian, followed by a concert of the Lisbon-based Dellalian Trio. The musicians emphasized the accomplishments of Mouradian over the course of the 20th century in collecting, transmitting and promoting the musical heritage of Western and Eastern Armenian culture. Dellalian sisters Nariné and Marina, along with cellist Levon Mouradian were accompanied by guest violist Artur Mouradian from Rotterdam. They performed for a world premiere Vache Sharafyan’s Goodlights, a work mixing Hayrik Mouradian’s voice recordings and a piano quartet, as well as Belgian premiere works by Harutiun Dellalian, Tigran Mansurian and Komitas arrangements by Arakelian. True to the AGBU mission to expand educational and cultural horizons for Armenians worldwide, the concert series helped support the PAD Musical Instruments Fund in collaboration with Musicians for Musicians, an association led by well-known cello player and friend of AGBU Sevak Avanesyan. The Fund lends high quality musical instruments to
Adamyan (violin) and Mamikon Nakhapetov (piano)
Dellalian Trio & Guest
young musicians in Armenia. As PAD FranceEurope’s manager Christian Erbslöh explained, “While Armenia is known for its musical excellence, unfortunately too many young musicians with the ambition and talent to reach the top of their field are deprived of the proper instruments to achieve their dream.” Cont. on page 21
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 21
Concert Series in Brussels to Benefit Rising Talents in Armenia
Call for Applications: Hrant Dink Foundation Empowering CSO’s Grant Program 2019-2021 Hrant Dink Foundation Empowering CSO’s Grant Program 2019-2021 applications are now open! Deadline: 12 July 2019 Within the framework of Instrument for Pre-accession Assistance (IPA) 2014-2020 and the supplement of the grant dedicated to civil society, the Civil Society Facility and Media Programme, European Union provided financial assistance to Hrant Dink Foundation with the goal of strengthening civil society in Turkey. An important pillar of the project, being conducted in collaboration with Olof Palme International Center and Istanbul Policy Center, is the Empowering CSO’s Grant Program.
Cont. from page 20
The Fund lends the instruments to deserving students to help improve their musical practice, participate in international competitions, and perform on prestigious stages. Thanks to the support of concert patrons, the Fund is now in a position to acquire its first instruments: French and German instruments from the last Century, including bows made by Charles-Nicolas Bazin. Inspired by the success of the musical weekend, AGBU Central Board Member and President of AGBU Europe and France Nadia Gortzounian is looking forward to further developing the Fund, saying, “Armenia has many gifted artists who are the pride of our global nation. The Musical Instruments Fund makes it possible for these great artists of tomorrow to showcase their talents to the world, just as they have during this special weekend in Brussels.”
With this grant program, Hrant Dink Foundation aims to provide financial support to projects focusing on the strengthening of human rights and democracy in Turkey, the protection of rights and liberties, and the promotion of conviviality among different ethnic, social and political groups through culture of dialogue, empathy and trust. Non-for-profit foundations, associations, nonprofit cooperatives and universities are eligible to apply for this grant. The maximum amount to be granted will be 120.000 EUR, and the minimum will be 40.000 EUR. Those organizations whose projects will be financed are expected to start their projects on November or December 2019, and the duration of the projects must be between 12-18 months. Please find the Application Guide here. The applications must be in Turkish, and in formats found below. Application Form (MS Word and PDF) Project Budget Form (MS Excel and PDF)
Important Dates Applications begin: 21 May 2019 Deadline: 12 July 2019 Announcement of Results: 7 October 2019
WESTERN ARMENIA ANI, the church of St Gregory
Contact Hrant Dink Foundation will provide assistance with technical questions regarding the terms and procedures of the applications, and will not provide assistance regarding the content of the project applications. In case of questions, please contact the e-mail below with the grant call reference number HDVHP19 until 1 July 2019, 18:00. E-mail for consultation and submissions: hibeprogrami@hrantdink.org
Էջ 22
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 23
Հենրիկին Կեցուածքը… Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փոքր տարիքէս միշտ ալ հետեւած եմ մարզանքի ու մարզական կեանքին: Երկար տարիներ տրամադրած եւ խաղացած եմ պասքեթպոլ` տարբեր խումբերու մէջ, բայց միշտ ալ ֆութպոլը դարձած է հետաքրքրութիւնս եւ ուշադրութիւնս գրաւող աշխարհ, մանաւանդ` հայրենի ու հայաստանեան ֆութպոլային աշխարհը, որ մարզական հետաքրըքրութենէն անցաւ աւելի անդին: Մեր պատանեկան տարիներուն եւ մեծնալու այդ շրջանին հայաստանեան ֆութպոլը եթէ մարզական խաղ էր, բայց նաեւ` հայկական: Եւ այդ հայկականը ունէր իրեն շատ յատուկ դրուածք եւ քաշողականութիւն, որ կ’անցնէր մարզական աշխարհի այդ բոլոր հաճոյքհետաքրքրութեան պարունակէն` հասնելու համար ազգային ինքնութեան եւ հպարտութեան գիտակցութեան: Այո՛, մարզանքն ու մարզաշխարհը եւ անոնց իւրաքանչիւր մարզիկ-հերոսը իրենց դերը ունեցան ու տակաւին ունին մեր կեանքերուն, ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթի զարգացման մէջ: Այս բոլորին մէջ իւրայատուկ տեղ ունէին Հայաստանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը եւ անոր իւրաքանչիւր մարզիկը: «Արարատ 1973», որ նոյն այդ տարին եղաւ ձեւով մը խումբին պիտակը, երբ նուաճեց այդ տարուան ու տարեշրջանի Խորհրդային Միութեան ողիմպիական եւ ախոյանութեան մրցաշարքերու զոյգ բաժակները: Մեր օրերուն չկային տեղեկատուութեան աշխարհի ստեղծած շատ արագ եւ դիւրին լուրերու սփռումը: Պէտք էր սպասէինք նուազագոյնը յաջորդող օրերուն, որպէսզի իմանայինք մրցումներուն արդիւնքները: «Արարատ»ի տղաքը մեր պատանեկան կեանքերուն համար եղած էին հերոսներ: Խումբին նկարը ննջասենեակիս պատին վրայ էր, իսկ
տղոց բոլոր անունները գոց սորված էի` Յովհաննէս Զանազանեան, Լեւոն Իշտոյեան, Արկադի Անդրէասեան, Նիքոլա Ղազարեան, Էդուարդ Մարգարով, Ալիոշա Աբրահամեան, Խորիկ Յովհաննէսեան, Նորիկ Մեսրոպեան ու տակաւին… Սերգէյ Բոնդարենկօ, զայն կը կոչէինք «պոնտ», որովհետեւ գնդակին իր հարուածները ուժգին էին: Ինչպէս մոռնալ Կովալենկոն, որ շատ լաւ հայերէն կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Ես ռուս ժողովուրդին հայ զաւակն եմ»: Այս տղաքը, մեր պատանեկան տարիներէն սկսած եւ մինչեւ երիտասարդութեան սեմին, մեզ տարին ֆութպոլային աշխարհէն մինչեւ ազգային արժէքի ու հպարտութեան գիտակցութեան: Կարծէք` իւրաքանչիւր գնդակի խփումին հետ մէյ-մէկ ազգային գիտակցութեան հունտեր կը դնէին մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ… Բայց որքան տարբեր էր այդ տարիներուն, երբ Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտի վրայ դիտեցի մեր տղաքը, որոնք պիտի ճակատէին «Տինամօ Քիեւ»-ի եւ անոր հուժկու աստղ Օլեկ Պլոխինի դէմ: Միջազգային համբաւ շահած ֆութպոլիստ էր Պլոխինը: «Արմենիա» պանդոկին մէջ եւ մրցումին նոյն օրը տեսայ Պլոխինը եւ իր խաղընկերները, որոնք մեր քովի սեղանը նստած` կը ճաշէին: Մօտեցայ իրեն եւ, այսպէս ըսած, երիտասարդական հմայուած դէմքովս խնդրեցի իրմէ, որ իր ստորագրութիւնը դնէր այդ օրուան «Արարատ»ի դէմ իրենց մրցումի յայտագիր-բացիկին վրայ: Արհամարհական ձեւով մը ստորագրեց եւ թուղթը նետեց իմ կողմս… Նեղուա՞ծ էի… Այո՛: Վիրաւորուա՞ծ… Անպայմա՛ն: Բայց երեկոյեան Հրազդան մարզադաշտի վրայ «Արարատ»ի տղաքը իրենք զիրենք գերազանցեցին: Եւ արդիւնքը` երկու «Արարատ»ին եւ զերօ «Տինամօ»-ին, ի նպաստ մեր տղոց: Պլոխինը այդ մրցումին գրեթէ անյայտացած էր մեր տղոց շատ զօրաւոր գրոհներուն դիմաց, իսկ ես, կարծէք, ուրիշ տրամադրութիւններու մէջ էի… Նեղութիւնս եւ վիրաւորանքս վերացած էին, ու անոնց տեղը լեցուած էր հպարտութիւն: Հպարտութեան արժէքը շատ աւելի կրնաս գիտնալ, եթէ անոր հասնելու համար անցնիս նեղութեան եւ վիրաւորանքի փորձառութենէն… Բայց մեր հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ալ այդպէս է, չէ՞: Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը մեզի սորվեցուց վերապրիլ, ապրիլ մեր հպարտութեամբ: Բայց «Հրազդան» դաշտին մէջ մթնոլորտը Շարունակութիւնը էջ 24
Հայ Կեանք
Էջ 24
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հենրիկին Կեցուածքը… Շարունակութիւն էջ 23-էն
ուրիշ էր: Մեր հայրենի հողին վրայ ու ժողովուրդին հետ դաշտը կը թնդար: «Արի, «Արարատ», հո՛ւպ տուր»: Իւրաքանչիւր «հուպին» հետ մեր սփիւռքեան կեանքերուն մէջ ցանուած այդ հունտերը, կարծէք, կ’աճէին եւ կը բուսնէին` տալով «ծաղի՞կ», հայուն ազգային ինքնութեան ու այդ ինքնութեան եւ անոր համար ապրելու հպարտութեան: Պիտի վերադառնայինք սփիւռքեան մեր իրականութեան` շարունակելով հետեւիլ «Արարատ»ի խաղերուն: Եթէ մէկ կողմէ լուրերէն, բայց նաեւ մէկմէկ նկարներով ու քիչ մը յապաղած խաղերուն կարճ հաղորդումներով: Այդ լուրերուն մէջէն Լեւոն Իշտոյեանի «առճակատումը» ատրպէյճանական խումբի մը խաղացողին հետ` խորհրդային մրցաշարքի օրերու մէկ մրցումի մը ընթացքին: Երեւի ատրպէյճանցի խաղացողը զայրացած էր Լեւոնէն եւ զայն իր ազերի լեզուով կոչած էր «այի»` հայերէնով արջ: Բայց ազերի խաղացողը պէտք էր իմանար, որ Լեւոնը Ատրպէյճանի զաւակ էր եւ լաւ տիրապետած` իրենց լեզուին: Ահա չ’ուշանար Լեւոնի պատասխանը` «Այի պապան տըր» (արջը հայրդ է): Առճակատումը պիտի մեծնար եւ վրայ պիտի հասնէր իրաւարարին միջնորդութիւնը: Թերթերուն մէջ այդ օրերուն բաւական տեղ գրաւեց Լեւոնի եւ ատրպէյճանցի խաղացողին «առճակատումը» դաշտին վրայ: Բայց ո՞վ կրնար կռահել այդ օրերուն, որ Լեւոնի եւ ատրպէյճանցի խաղացողին այդ «առճակատումը» տարբեր բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ պիտի շարունակուէր տարիներ ետք եւ ընդարձակուէր մինչեւ այսօր… Ո՞վ կրնար տեսնել, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատմութեան եւ քաղաքականութեան հոլովոյթները պիտի զարգանային ու ընդարձակուէին` առճակատումը վերածուելով… պատերազմի: Պատերազմ մը` հայուն համար, ոչ թէ սպաննելու, այլ` ապրելու… Որովհետեւ հայը կ’ուզէ ապրիլ իր ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեան մէջ, իր հարազատ հողին վրայ: Լեւոնը «արջ» չէ: Ոչ ալ ընդունեց, որ «արջ» է: Ան ամուր կեցաւ իր դիրքին ու արժանապատուութեան գիտակցութեան վրայ: Հենրիկ Մխիթարեանը կը շարունակէ իր նախորդներուն աւանդը: Ան այսօր դարձած է համաշխարհային մակարդակի խաղացող. նոյն եռանդով ան կը սրսկէ իր հայ ժողովուրդին ազգային հպարտութեան ինքնագիտակցութիւնը: Անոր մէկ լաւ ու խօսուն օրինակը «Արսենալ»-ի խումբի (այն ակումբը, որուն մաս կը կազմէ) եւ «Չելսի»-ի միջեւ ճակատագրական մրցումին` իր բացակայութիւնը, որովհետեւ մրցումը կայացաւ… Պաքուի մէջ: Հենրիկ ի՞նք որոշեց չերթալ, թէ՞ խորհուրդ տուին իրեն չմեկնիլ` մեկնելով ապահովական անորոշութիւններէ եւ կամ Հայաստան-Ատրպէյճան ու ղարաբաղեան հիմնահարցի քաղաքական լարուածութիւնը խոչընդո-
տեց, որ ան մնայ իր որոշումին եւ կեցուածքին մէջ… Եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք տեղեկատուութեան եւ լրատուական միջոցառումներու հսկայական արձանագրութիւններու եւ արձագանգներու` Հենրիկի այս կեցուածքին առնչութեամբ, այդ մէկը արդէն բաւական տուեալներ էին դարձեալ խօսելու հայուն ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան գիտակցութեան եւ անոր արժանահաւատութեան մասին: Պատմութեան արժանահաւատութիւնը, որ արժէ հպարտօրէն կերտել եւ պահել զայն: Մինչ Հենրիկ կը բացակայէր, իր խաղընկերները կը պարէին քոչարին: Ու տակաւին, իրենց մարզական շապիկներուն վրայ անոնք գրեցին` Մխիթարեան: Հենրիկի որոշումը տեղեկատուութեան աշխարհին համար տուաւ բաւական ենթահող, որպէսզի ֆութպոլային վերլուծումներէ շատ աւելի` անոնք վերլուծեն Հենրիկի կեցուածքին տուն տուող պատճառները: Յովհաննէս Թումանեանի նկարագրականով, Հենրիկի կեցուածքը եղաւ «Կաթիլ մը մե՞ղր»… Որ մեծցաւ, տարածուեցաւ ու ընդհանրացաւ… Ֆութպոլային այդ մէկ մրցումի սահմաններէն շատ անդին` հասնելու համար պատմական արմատներուն եւ իրականութիւններուն: Եթէ Հենրիկ իր կեցուածքով հպարտութիւն ներշնչեց իր անմիջական համակիրներուն, բայց նոյն շարունակուող հպարտութիւնն է, որ ան կը փոխանցէ իր «երկրպագուներուն»… Անպայմանօրէն` հայուն: Մեր հայկական ինքնութիւնը եւ անոր նկատմամբ հպարտութիւնը կը ներշնչուի հայ կեանքին մէջ ապրած ու ապրող ազգային հերոսներով, որոնք կրնան տարբեր բնագաւառներու մէջ ըլլալ: «Արարատ-1973»-ի տղոցմէ արդէն քանիները մեկնեցան այս աշխարհէն: Անոնք մեր պատանեկան-երիտասարդական օրերուն մեզի համար մարզիկ-«հերոսներ» էին, որոնք ոչ միայն շատ լաւ ֆութպոլ կը խաղային, այլ նաեւ մեր սրտերուն եւ հոգինեՇարունակութիւնը էջ 28
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 25
Լեզուաբանական Կիրակնօրեայ ընթերցումներ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Սիրամարգ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» աշխատութեան Բ․ հատորին մէջ (1837) սիրամարգ բառին կից տրուած է հետեւեալ մեկնութիւնը. «որ սիրէ զմարգս կամ ճեմել ի մարգս»,– այսինքն՝ «որ կը սիրէ մարգերը կամ ճեմել մարգերու վրայ»: Հիմնուելով այս իմաստին վրայ՝ դարավերջին Յովհաննէս Գազանճեան, իր քերականութեան բարձրագոյն դասընթացքի բարդ բառերու նուիրուած գլուխին մէջ, նկատել կու տայ, որ սիրամարգ բառը կազմութեամբ սխալ է. ասոր կից կը թուէ քանի մը ուրիշ բառեր, մասնաւորաբար սեղմիրան-ը, որոնք, ըստ իրեն, նմանապէս սխալ կառոյց ունին: Երեք տասնամեակ ետք հայր Արսէն Ղազիկեան, «Մի՛ գրէք, այլ գրեցէք» աշխատութեան «Բարդութիւն» գլուխին մէջ իր կարգին կը թուէ հայերէն սխալ կազմութիւն ունեցող բառերու փունջ մը, ուր յիշուած են սիրամարգ-ը եւ սեղմիրան-ը: Իսկ անկէ քանի մը տասնեակ տարի ետք Մինաս Թէօլէօլեան իր «Նախակրթարանի քերականութիւն»ին մէջ կը թուէ երկու «սխալ բառեր»՝ սիրամարգ-ը եւ սեղմիրան-ը: Ասոնցմէ սեղմիրան-ին, ինչպէս կը յիշէք, անդրադարձայ առանձին յօդուածով մը, ուրեմն հիմա կը սերտեմ միայն սիրամարգ-ը: *** Ինչո՞ւ սխալ նկատուած է սիրամարգ-ը: Բոլորիդ ծանօթ են սէր բաղադրիչով բարդ բառեր, որոնց մէջ սէր-ը (որ է սիրել-ի արմատը) դրուած է ու պէտք է դրուի բառին վերջը, օրինակ՝ ընկերասսէր, եղբայրասէր, հայրենասէր, ազգասէր, հաճոյասէր, իմաստատսէր եւ այսպէս շարունակ, որոնց մէջ սէր կը նշանակէ սիրող (եղբայր, ազգ, ընկեր, հաճոյք, իմաստութիւն սիրող եւ այլն): Քանի որ սիրամարգ-ը, ըստ «Նոր հայկազեան»ի, թռչուն մըն է, որ «կը սիրէ մարգերը», ուրեմն ան պէտք է ըլլար մարգասէր եւ ոչ թէ «սիրամարգ»: Եւ այնուհետեւ աւելի քան 120 տարի սերունդներ դաստիարակուած են այն «տրամաբանութեամբ», թէ «սիրամարգ-ը սխալ կազմութիւն ունի, ան պէտք է ըլլար մարգասէր»: Մինչեւ որ... Մինչեւ որ լոյս տեսան Աճառեանի «Արմատական բառարան»-ը եւ Մալխասեանցի «Բացատրական բառարան»ը, որոնց լոյսին տակ, ահա, բոլորովին տարբեր մեկնաբանութիւն կը գտնէ սիրամարգ-ը:
Ուրեմն բառս փոխառութիւն մըն է պարսկերէնէն, ուր անոր առաջին արմատը սիր/սէր չէ, այլ՝ սին է,որ արտասանական մէկ տարբերակն է չինին: Արեւմտահայ ընթերցողը լաւ գիտէ, որ հոն, ուր մենք չին(արէն) կ’ըսենք, մեր արաբ հայրենակիցները կ’ըսեն սին(ի): Ուրեմն՝ սին = չին: Իսկ երկրորդ արմատն ալ մարգ չէ, այլ մուրգ է, որ պարսկերէն կը նշանակէ թռչուն: Պարսկական այս մուրգ արմատը հայերէնի մէջ դարձած է մարգ, որ բեղուն չէ եղած. ասով ունինք ընդամէնը մէ՛կ բառ, որ է լորամարգի-ն, որ կաքաւազգի, սակայն կաքաւէն աւելի փոքր գաղթող թռչուն մըն է. կը կոչուի նաեւ պարզապէս լոր: Արաբերէնը սումման կամ սմմուն է, ֆրանսերէնը՝ caille, անգլերէնը՝ quail: Ուրեմն բառիս ստուգաբանական իմաստն է «չինական թռչուն»՝ սինամուրգ, որ աղաւաղուելով, – իսկ այս աղաւաղումը տեղի ունեցած է հազարամեակներ առաջ,– դարձած է սիրամարգ: Այսպէս կը կոչուէր ան արդէն մեր դասական շրջանին ու այս ձեւով ալ մտած է մեր դասական գրողներու գործերուն մէջ՝ սկսած Խորենացիէն: Սակայն մեր բարբառները յաճախ կը պահեն այնպիսի բառաձեւեր, որոնք շատ աւելի հին ու հարազատ են, քան դասական հայերէնինը: Եզերական գաւաառներու, օրինակ՝ Վանի բարբառին մէջ, սիրամարգ արտասանութիւնը չկար, այլ կ’արտասանէին սինամարգ, մինչեւ անգամ սինահաւ (հաւ = թռչուն): Այս բառերը բազմիցս կը գտնենք, օրինակ, գործերուն մէջ Մկրտիչ Խերանեանի, որ վանեցի էր: Այս ալ ցոյց կու տայ, որ վանեցին, շատ մօտ ըլլալով պարսիկին, աւելի լաւ կը հասկնար մարգ արմատին իմաստը ու թարգմանած էր զայն իբրեւ «հաւ», եւ սինամուրգ-ը անոր բերնին մէջ դարձած էր սինահաւ: Գալով այս թռչունին բնավայրին եւ նախասիրութիւններուն, ապա անոր հայրենիքը եղած է յատՇարունակութիւնը էջ 26
Հայ Կեանք
Էջ 26
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Շարունակութիւն էջ 25-էն
կապէս Չինաստանը, ուրկէ տարածուած է մասնաւորաբար ծայրագոյն արեւելեան ուրիշ երկիրներ, ապա աւելի հեռուները՝ առ ի ցուցադրութիւն: Եւ ուրեմն ան բնաւ ալ «մարգերը սիրող թռչուն» մը չէ եղած, այլ նախընտրած է բարձունքները՝ բուրգերը, աշտարակները, զանգակատուները եւ նմանները: Այլ հարց թէ զայն բռնի իր օրրանէն հեռացնողները իբրեւ զարդ բանտարկած են իրենց պարտէզներուն մէջ եւ պարտադրած են անոր՝ բնակիլ մարգերու վրայ, փակ միջավայրերու մէջ, որոնք բնաւ ալ անոր ճաշակին չեն: Մարգը այդ թռչունին համար բոլորովին խորթ միջավայր մըն է, ուր ան կը պանդխտանայ իր կամքէն անկախ: Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը կը կարծէ, թէ «ան կը սիրէ մարգերը», այլ խօսքով՝ մարգասէր է... Խեղճին հարցնող եղա՞ծ է բնաւ, թէ ո՛ւր պիտի ուզէր ապրիլ: Եզրակացութիւն Ուրեմն «Նոր հայկազեան»ի մէկ թիւրիմացութիւնը,– թէ սիրամարգը «մարգերը սիրող» կը նշանակէ,– պատճառ դարձած է, որ բառիս կազմութիւնը աւելի քան դար մը սխալ մեկնաբանուի, մինչեւ որ կարելի եղած է ունենալ անոր բո՛ւն իմաստը, որ է «չինական թռչուն». իր այս իմաստով՝ սիրամարգ բարդ բառը,– թէեւ աղաւաղուած արտասանութեամբ,– կը դառնայ բոլորովին ճիշդ կառոյց մը, որ էապէս հարազատ է հայեցի մտածողութեան ու բառակազմութեան կանոններուն: ***
Սրտցաւ ընթերցող մը կը գրէ, թէ «ինչպէ՛ս կարելի էր աւելի քան 120 տարի եւ հարիւրաւոր սերունդներու սխալ գիտելիք ուսուցել սիրամարգ բառին առթիւ: Ըլլալիք բա՞ն է այս»: Եւ ինչո՞ւ չէ, փաստը մէջտեղ է: Ստորեւ պիտի պատմեմ երկու ուրիշ բառերու ճակատագիրին մասին՝ ինքս ալ այս անգամ զարմանալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր: Մի՛ մոռնաք, «մեզ հայ են ասում»...
Փալա 1956-ին Երեւանի մէջ անակնկալօրէն հրատարակուեցաւ Դանիէլ Վարուժանի երկերու այնքան սպասուած եւ բաւական ճոխ մէկ հաւաքածոն: Խմբագիրն էր Սողոմոն Տարօնցին՝ այն յարմարագոյն հայորդին, որ հրատարակիչները կրնային նշանակել: Հատորին կցուած էր բառարան մը, ուր կը գտնուէր փալա բառը: Այս բառը, որ թրքերէն է, բացատրուած էր իբրեւ համետ: Վարուժան այս բառը իր ամբողջ գրականութեան մէջ գործածած է ընդամէնը մէ՛կ անգամ՝
«Դերենիկը» քերթուածի հետեւեալ երկատողին մէջ. ***«Բայց, մայրի՛կ, Ալին թուրքի զաւակ է, Աչքին մէջ հեռ[1] կայ, եւ մէջքին՝ փալա»: Պատանի Դերենիկը, որուն գլուխէն արիւն կը հոսի, այս պատասխանը կու տայ մօրը, որ իրմէ կը պահանջէր վրիժառու ըլլալ թուրք դրացի տղուն՝ Ալիին հանդէպ, որ համարձակած էր զարնել-արիւնել զաւակին գլուխը: Պարզ է՝ Դերենիկ վախցած էր Ալիի կերպարէն՝ անոր աչքերու հեռ-էն եւ մէջքի փալա-էն: Այնուհետեւ Վարուժանի գործերը աւելի ու աւելի ճոխ հրատարակուեցան ու տրամադրուեցան հայրենի ընթերցողներուն՝ պատկառելի տպաքանակներով: Ամէն անգամ ալ անոնց կ’ընկերանար բառարան մը, ուր ներկայ էր՝ «փալա = համետ» բացատրութիւնը: Ուրեմն բազմաթիւ հրատարակութիւններու առթիւ եւ տասնամեակներ շարունակ հալած իւղի պէս կուլ տրուած էր այն գաղափարը, թէ «Ալին կռնակին կը կրէր համետ մը»: Հետաքրքրական է, թէ ճիշդ ի՛նչ կը մտածէին արեւելահայ ընթերցողները,– բայց նաեւ մտաւորականութիւնը՝ ուսուցիչներ, բանասէրներ, գրաբաններ, արուեստաբաններ, – Վարուժանի այս արտասովոր պատկերին դիմաց՝ դիտելով իր կռնակին համետ կրող թուրք պատանիի մը կերպարը: *** 1986-ին Լիբանանի մէջ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն, լոյս տեսաւ Վարուժանի գործերուն մէկ ստուար, կաշեկազմ ու պատկառելի հատորը՝ «Բանաստեղծական երկեր» անունով, «Դանիէլ Վարուժան» գրական հիմնադրամի միջոցներով եւ խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի՝ անզուգական գրագէտին, գրականագէտին ու հայագէտին, որ 30 գիրքի հեղինակ է ու հարիւր հատի ալ խմբագիր: Եւ այստեղ կը գտնենք նոյն բացատրութիւնը՝ «փալա = համետ»: Պէ՞տք է ենթադրել, թէ Սնապեան իր կարգին բնական կը գտնէր, որ Դերենիկին գլուխը պատռող Ալին իր կռնակին կրէր համետ մը...հապա այդ քերթուածը կարդացող արեւմտահայ ընթերցողնե՞րը՝ սկսած հիմնադրամի պատկառելի անդամներէն, հասնելու համար մեր ուսուցիչներուն, գրողներուն, մտաւորականներուն եւ մասամբ նոցին: Իսկ փալա...համետ չի նշանակեր: Համետը՝ «փալան» կը կոչուի՝ ն-ով: Փալա կը նշանակէ փոքրիկ կեռ սուր, նրա նիկ, վաղր, դաշոյն: Ուրեմն Ալիին մէջքին գտնուողը համետ չէր, այլ... պարզապէս դաշոյն մը: Շարունակութիւնը էջ 27
[1] Ոխ, քէն, ատելութիւն:
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 27
Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Շարունակութիւն էջ 26-էն
ներս»:
Իսկ Դերենիկն ալ Ալիի համետէն չէ որ վախցած էր, այլ անոր...դաշոյնէն:
Հայ բանասիրական հանճարեղ մտքի զառածումները այստեղ կանգ չեն առներ. լսլսաքած-ը նոյնութեամբ մտած է նաեւ...Պօղոս Սնապեանի խմբագրած հատորին մէջ:
Լսլսաքած Քանի մը անգամ կարդացէք այս բառային լղրճուկը՝ անդրադառնալու համար, թէ որքանո՛վ յարիր է ան մեր ոսկեղէնիկին, մանաւանդ երբ ան կը վերագրուի Դանիէլ Վարուժանի պէս վճիտ ու պայծառ բանաստեղծի մը գրիչին: Արդարեւ: Այդ նոյն հրատարակութեան, որուն ակնարկեցի վերը, «Պատգամաւորներս» քերթուածին մէջ կը գտնենք Վարուժանին վերագրուած հետեւեալ հատուածը. «Ըսէ՛, իմ կռո՛ւնկ, «Դէպի հորիզոն նետի պէս լսլսաքած վիզդ բոցեղէն՝ «Այսպէս ո՞ւր կ’երթաս...»: Հարցումը կ’ուղղուի կռունկ թռչունին, իսկ ամբողջ քերթուածը նուիրուած է Աւ. Ահարոնեանին, որ 1909-ին Թիֆլիսի Մետեխի բանտը արգելափակուեցաւ կովկասահայ ուրիշ մտաւորականներու հետ, որոնց շարքին Յովհ. Թումանեանը, Աւ. Իսահակեանը եւ շատ ուրիշներ: Ան առաջին անգամ տպուած է Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթի 1910 Մայիս 16/19 թիւի առաջին էջի առաջին սիւնակին վրայ, երբ Ահարոնեան տակաւին բանտն էր: Պէտք է ենթադրել, թէ գրաշարական վրէպ մըն է պատահածը, որ սպրդած է Տարօնցիի խմբագրած հատորին մէջ: Բայց ահա այդ վրէպը իր կարգին հալած իւղի պէս կուլ տրուեցաւ Երեւանի հետագայ բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ, վերջինը՝ 1986-ին, 50.000 տպաքանակով եւ երեք պատկառելի հատորներով[2]: Եւ ոչ միայն... Այս «բառը»,– իբրեւ հայոց լեզուի գանձերէն մէկը,– մտաւ բոլոր բառարաններուն մէջ, նախ՝ Աշոտ Սուքիասեանի Հոմանիշներու բառարանին, տասնամեակ մը անց՝ Ակադեմիայի քառահատորին, մէկ-երկու տարի ետք՝ Էդ. Աղայեանի երկհատոր բացատրականին մէջ, ուր տրուած են «պատշաճ մեկնութիւններ» եւ ուր աւելցուած է լսլսաքել բայ մըն ալ: Հապա՞՞՞... Զայն չենք գտներ, բնականաբար, Մալխասեանի բառարանին մէջ, քանի անոր ծնունդը տեղի ունեցաւ Մալխասեանի քառահատորէն 12 տարի ետք[3]: Այս նոյն «բառը» մտած է ելեկտրոնային բոլոր հրատարակութեանց մէջ. կը բաւէ դիմել Google-ին եւ փնտռել Վարուժանի «Գողգոթայի ծաղիկներ» ժողովածուն, որուն մաս կը կազմէ «Պատգամաւոր-
Ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս: Ըլլալիք բա՞ն է,– պիտի հարց տան «Պարոն»ին արժանապատիւ երկրպագուները: Բայց ես հեքիաթ չէ որ կը պատմեմ: Բոլոր ըսածներս հաստատելի են: *** Իսկ Վարուժանի բնագիրին մէջ բառս սլաքած է՝ սլաքել բայէն: «Ըսէ՛, իմ կռո՛ւնկ, «Դէպի հորիզոն նետի պէս սլաքած վիզդ բոցեղէն՝ «Այսպէս ո՞ւր կ’երթաս...»: Վարուժան այնքան գեղեցիկ բաղդատութիւն մը ըրած է, որ կարելի է միայն հիանալ. ան թռչող կռունկին շէկ վիզը նմանցուցած է ուղիղ սլաքի մը: Եւ իրօք ալ բոլոր երկարավիզ թռչունները՝ արագիլը, կարապը, սագը, բադը, այլեւ կռունկը երկար թռիչքներու առթիւ ճիշդ սլաքի մը պէս ուղիղ դէպի առաջ կը լարեն իրենց վիզը, ինչ որ կը նուազեցնէ օդի շփումը եւ կը դիւրացնէ անոնց թռիչքը եւ յառաջընթացը: Գիւղի ու հողի զաւակ ըլլալով՝ Վարուժան ընտելացած էր այս հոգեպարար պատկերին եւ այս առիթով կը վերարտադրէ զայն այնքան հարազատութեամբ: Ահա այս սլաքած-ն է, որ դարձած է լսլսաքած.. Երբ այսպիսի հրէշութիւն մը,– որ, կը կրկնեմ, ցաւալի վրէպ մըն էր Սողոմոն Տարօնցիի հրատարակութեան մէջ,– թուղթին կը յանձնէին հետագայ այնքան ծիրանաւոր բանասէրներ ու բառարանագիրներ՝ յայնկոյս եւ յայսկոյս Արարատի, երբեք, ոչ իսկ պահ մը չէի՞ն փորձուած, ուրեմն, տարրական ստուգում մը կատարել «լսլսաքած»-ի ծագումնաբանութեան մասին կամ հաստատել անոր գոյութիւնը բառարանի մը մէջ: Մոռնա՜նք արեւելահայերը, որոնց տգիտութիւնը՝ արեւմտահայերէնի մէջ, ուղղակի առասպելական է, հապա արեւմտահայ խմբագիրի՞նը: Շարունակութիւնը էջ 28
[2] Եզակի հրատարակութիւն մըն է այս, ուր հաւաքուած են Վարուժանի ստորագրութիւնը կրող անխտիր բոլոր գրութիւնները՝ արձակ եւ ոտանաւոր, մանրակրկիտ ծանօթագրութիւններով, տարբերակներով եւ մատենագիտութեամբ: Այս հրատարակութեան մէջ սըրբագրուած է փալա բառը, որուն տրուած է «դանակ» բացատրութիւնը: Սակայն լսլսաքած-ը կը մնայ անփոփոխ: [3] Աւելցնեմ, որ ոչ մէկ արեւմտահայ բառարանագիր տեղ տուած է լսլսաքած-ին:
Հայ Կեանք
Էջ 28
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Իսլամացուած հայերու մասին ֆիլմին շնորհանդէսը Տիարպեքիրի մէջ րը կը շարունակեն ապրիլ իրենց ինքնութենէն հեռացած: Էղիլի մէջ, ուր վերջին տարիներուն իրականացուող ուսումնասիրութիւններու, հաղորդումներու ու ժողովներու արդիւնքով շատցած են ինքնութեան փնտռտուքները, սկսած է ի յայտ գալու «հայկականութեան հանգամանքը»: Երկու մասէ բաղկացած ֆիլմի առաջին մասը աւելի շատ կեդրոնացած է 1915 թուականին այստեղ տեղի ունեցած կոտորածներու վրայ, իսկ 2-րդ մասը կը պատմէ ինքնութեան ճգնաժամի, վերքերու ու փնտռտուքներու մասին: Յունիս 16-ին տեղի ունեցաւ Տիարպեքիրի Էղիլ շրջանի իսլամացուած հայերու մասին պատմող «Թաքնուած խաչ» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Լրագրող Ալթան Սանջարի բեմադրութեամբ նկարահանուած ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի մշակոյթի ու համաժողովներու կեդրոնին մէջ, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:
Լրագրողներ Ալթան Սանջարի ու Սերհաթ Թեմելի 1 տարուան աշխատանքներու հիման վրայ նկարահանած ֆիլմը նպատակ ունի, Թուրքիոյ ժողովրդավարացման մէջ մեծ կարեւորութիւն ունեցող 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրակարգ բերելով, կազմակերպել անոր առերեսումը, որ կանգնած է Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ:
Ֆիլմին նկարագրութեան մէջ կ’ըսուի. «էղիլը մինչեւ 1915 թուականը հայերով բնակուած եւ հայկական մեծամասնութեամբ շրջաններէն մէկն էր Տիարպեքիրի մէջ: 1915-ին եւ ատկէ ետք տեղի ունեցած կոտորածներէն ու բռնագաղթէն ետք հայկական մշակոյթը ամբողջութեամբ ջնջուած է այնտեղէն, ողջ մնացած հայ երեխաներն ու մնացած հայ բնակչութիւնը իսլամացուած է: Հասարակութեան կողմէ «իսլամացուած հայեր» կոչուող բնակչութեան 1-ին եւ 2-րդ սերունդնե-
Արեւմտեան Հայաստան Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցի
Հենրիկին Կեցուածքը… Շարունակութիւն էջ 24-էն
րուն մէջ կը դնէին հայուն հպարտութեան հունտերը:
Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Շարունակութիւն էջ 27-էն
Չե՛ն ըրած:
Անոնք այսօր մեծցան ու շինեցին կեանքեր, լեցուն` հայու հպարտութեամբ, որ կը շարունակուի: Հենրիկը այսօր կը շարունակէ նոյն այս աւանդը եւ ինքն ալ հայուն ներկայ օրերուն մարզիկ-«հերոսներէն» է, որուն «կեցուածքը» հայուն արժանապատուութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ: Հենրիկին կեցուածքը հայուն ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան հպարտութիւնն է, որ պէտք է շարունակուի: Որովհետեւ հայը որոշած է ապրիլ իր ինքնութեամբ եւ հպարտութեամբ:
Կ’ըլլա՞յ... Բայց եղած է, չէ՞՞՞... Հետեւա՞նքը...ահա մօտաւորապէս 70 տարի է Հայաստանի մէջ,– շատ հաւանաբար նաեւ Սփիւռքի,– նոր հասնող սերունդները ամենայն լրջութեամբ կը սերտեն կռունկին լսլսաքած վիզը եւ թուրք Ալիի համետ կրող կռնակը: Իսկ ասոնք սրբագրելու մասին մտածող պիտի ըլլա՞յ: Ո՞վ գիտէ...
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
Էջ 29
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ Շարունակութիւն էջ 14-էն
նամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիան չկայ: Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք, եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ աննշան քաղաքը ճանչցեր է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց յետոյ ի՞նչ. ատկէ ասդին բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ: Անշո՛ւշտ ոչ: Ընդհակառակն՝ Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն: Դժբախտաբար Սփիւռքն ալ, հակառակ իր բովանդակ կարողականութեան, ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ կը գտնուի այսօր: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը՝ բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ, պարտաւոր է ասոնցմէ անդին իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը վերաշահելու հիմնախնդրին վրայ: Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու, եւ վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, եւ որմէ ետք, ուրեմն, Սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ իր գլխուն ճարին նայիլ ու այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում: Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատան-
քով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ՝ պատրաստելով գիտակից մասնագէտներ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գիտական ոլորտներէն ներս, այն երկիրներու մէջ ուր ստուար հայութիւն կայ: Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը Սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին՝ պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ մեր ամլութեան, ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ: Կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափըշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ: Չկան այսօր մեր երիտասարդները զանգուածային կերպով՝ մեր հանրային հասարակական կեանքին մէջ… Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, այլ պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու: Այսուհետեւ, մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո՛չ արտաքին եւ ո՛չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ խօսքը կը ցնդի՝ գո՛րծն է մնայուն: Աշխարհ այլեւս գիտէ՛ թէ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումի մխիթարական խօսքերէն անդին պարտին զօրավիգ կանգնիլ մեզի՝ մեր իրաւատէրի պահանջատիրութեան մէջ: Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց անվիճելի, անկոտրում ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու Շարունակութիւնը էջ 30
Հայ Կեանք
Էջ 30
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Բացուեցաւ Հրանդ Տինքին նուիրուած «Յիշողութեան վայր»ը
ՊՈԼԻՍ.- «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, 17 Յունիսին, հանրութեան առջեւ իր դռները բացաւ «23,5. Հրանդ Տինքի Յիշողութեան Վայր» անունով մկրտուած կեդրոնը: 145 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող այս կեդրոնին անունը կու գայ 23 Ապրիլ 1996-ին, «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած Տինքի՝ «Ապրիլ 23,5» վերնագիրով յօդուածէն: Կեդրոնը կը գտնուի «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակին մէջ, որուն շէնքին առջեւ 2007-ին սպաննուած էր Հրանդ Տինք: Այցելուները կրնան տեսանիւթեր կամ լուսանկարներ դիտել, ձայնագրութիւններ ունկնդրել կամ տպագիր նիւթեր կարդալ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար յայտնի լրագրող-հրապարակախօսին կեանքի զանազան դրուագներուն: Հոն կը պահուին նաեւ «Ակօս» թերթի մինչեւ 2007-ի բոլոր թիւերը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել hrantdink.org կայքը։
Կապ Խմբագրութեան հետ: hyegyank@gmail.com
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ Շարունակութիւն էջ 29էն
թալանելով (որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ Թուրքերը), մարդու տեսակի (species) այդ վիժուկները սակայն չկարողացան սպաննել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը: Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը: Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ: Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ, եւ ո՛չ ալ յուսահատինք վաղանցուկ ժխտումներէ, ուրացումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:
28 Մայիս 2019 Լոս Անճէլըս
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Հայ Կեանք
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ
Էջ 31
Ընկ. Արա Ահարոնեանի այցելութիւնը Քարվաճառ
անդամ ընկ. Յակոբ Նազարեանի այցը Արցախ
Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հրաւէրով, Արցախ այցելած էր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ՝ մեծարգոյ ընկ․ Յակոբ Նազարեանը: Այցելութեան առաջին օրը, յարգարժան ընկերը, շինարարական փոքրիկ դասախօսութիւն կարդաց Շուշիի Արհեստագիտական համալսարանի շինարարական բաժնի խումբ մը ուսանողներուն, պատասխանեց անոնց հարցերուն: Ուսանողներու խանդավառութեան ի տես, ընկ. Նազարեանը խոստացաւ յաճախակի դարցնել նման արդիւնաւէտ հանդիպումները: Յաջորդ օրը ընկ. Յակոբ Նազարեանը Արցախի ՌԱԿ գրասենեակէն ներս հանդիպում ունեցաւ խումբ մը կուսակցական երիտասարդներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան՝ Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ, միտուած՝ կուսակցութեան շարքերը երիտասարդներով համալրելու եւ Արցախի ու Սփիւռքի երիտասարդութեան կապը ամրապնդելուն: Ընկ. Յակոբ Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Ռամկավար Ազատական Կու-
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նոր Շահումեան շրջանի մարզպետ՝ Գագիկ Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի 27 Մայիսին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ․ Արա Ահարոնեան մեկնեցաւ Քարվաճառ։ 1994-էն ի վեր, Քարվաճառի լեռնային բարձունքը դարձած է հայաբնակ, Նոր Շահումեան մարզի գիւղաբնակչութեան որպէս վարչական կեդրոն ծառայելով։ Քարվաճառի մարզպետարանէն ներս ընկ․ Ահարոնեան դիմաւորուեցաւ մարզպետ Մարտիրոսեանի եւ օգնական Պօղոս Մեղրեանի կողմէ։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, ընկ․ Ահարոնեան մօտէն ծանօթացաւ Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ բնակութեան համար թափուած ճիգերուն։ Պէտք է ըսել, որ շրջանը աւելի այցելուներ ունեցած է Վարդենիս-Մարտակերտ նոր ճանապարհի բացումէն ետք, ուր այցելուները նաեւ առիթը կ՚ունենան այցելելու մօտակայ պատմական արժէք ունեցող Տատի վանքը։ Իսկ Քարվաճառի մէջ արդէն գոյութիւն ունի ամենօրեայ վարժարան եւ դարմանատուն մը, շրջանի 3,000 բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ նորոգման կարօտ գեղարուեստի կեդրոն մը։ ՆՈՐ ՕՐ
սակցութեան ատենապետ ընկ. Բարդուղ Գալստեանին, ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց, խոստանալով իր աջակցութիւնը բերել յատկապէս Արցախի երիտասարդութեան զարգացման եւ հնարաւորութիւններու ստեղծամ գործին: ՌԱԿ Մամլոյ դիւան
Էջ 32
Հայ Կեանք
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019
Համահայկական խաղերու ջահը վառած է Մուսա Lերան գագաթին գործին եւ հայապահպանման այս պահուն»: Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդեր` Լեւոն Երկրորդ թագաւորի բերդ եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդ: Համահայկական 7-րդ խաղերը այս տարի պիտի կայանան Օգոստոսին: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ` Օգոստոս 6-ին: Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ ժամանած է Կիլիկիայ: Մուսա Lերան ստորոտը՝ Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուած է պատարագ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուած է խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպեր Պոյաճեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Համահայկական խաղերու կազմկոմիտէն։
Հայաստանը տնտեսական աճի մակարդակով ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու շարքին առաջինն է
ՀԽՀԿ փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի կարծիքով՝ այս արարողութիւնը մէկ անգամ եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքը ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենիքը միասնութեան միջոցով պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն: «Կեանքը ցոյց տուած է, որ երբ կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան իբրեւ արդիւնք, եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի գոնէ վերագտնենք մեզի եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին»,- նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան: Վառած կրակը Մուսա լերան գագաթ հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր այլ մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ: ՀԽՀԿ գործկոմի անդամ Պերճ Հալաճեան ջահի վառման եւ տեղի ունեցած իրադարձութեան վերաբերեալ ըսած է. «Բախտ ունեցանք այսօր, այս սերունդի մարդիկ, որ տեսանք ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս սերունդը տէրն է այս
Հայաստանը տնտեսական աճի մակարդակով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու շարքին առաջինն է: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան ֆէյսպուքեան էջը՝ հրապարակելով աճի ցուցանիշները: Ըստ այդ՝ այս տարուան առաջին եռամսեակին ԵԱՏՄ երկիրներու շարքին ամենանուազ տընտեսական աճը գրանցուած է Ռուսաստանի մէջ՝ կազմելով 0,5 տոկոս: Պելառուսիոյ մէջ նոյն ժամանակահատուածին 1,1 տոկոս տնտեսական աճ գրանցուած է: Ղազախստանի մէջ աճը կազմած է 3,8 տոկոս, իսկ Ղրղզստանի մէջ՝ 5,3 տոկոս: Հայաստանի մէջ այս տարուան առաջին եռամսեակին տնտեսական աճը կազմած է 7,1 տոկոս: