Հայ Կեանք թիւ 16(77) 13-09-2019

Page 1

Հայ Կեանք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ Տարի Դ., թիւ 16(77)

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ՀՀ նախագահի ուղերձը Արցախի անկախութեան օրուայ առիթով

ԵՐԵՒԱՆ, 2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի առիթով: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն, ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր Արցախի անկախութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձն է: Այս երեք տասնամեակը համայն հայութեան մաքառումի, տոկունութեան, հերոսութեան ու յաղթանակի պատմութիւն է, որ կերտեց մեր ժողովուրդը: Արցախի մեր պատմական հողում ազատութեան տենչը գալիս է դարերի խորքից: Հայոց երկրի այդ հատուածում հնուց ի վեր դրուել են հայկական պետականութեան ամուր հիմքերը, կազմաւորուել է հզօր եւ մարտունակ բանակ, ստեղծուել են գիտակըրթական կեդրոններ եւ մշակութային արժէքներ, ձեւաւորուել խաղաղ գոյակցութեան ու բարիդրացիութեան աւանդոյթներ եւ, ամենակարեւորը, հայրենի հողն ու ընտանիքը ամէն գնով պաշտպանելու հզօր կամք ու անպարտ ոգի: Բայց պատմութիւնը միայն անցեալը չէ, պատմութիւնը նաեւ այսօրն է, պատմութիւնը ստեղծւում է նաեւ վաղուայ համար: 1988-ին բոլորս միասին երազում էինք ազատ Արցախի մասին, յետոյ, երբ վտանգուած էր ազատութիւնը, եւ հայ ժողովուրդը դուրս էր եկել հերթաՇարունակութիւնը էջ 4

Սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան օրն է

28 տարի առաջ՝ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին, ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային Խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային Խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու Խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեց՝ համապատասխան ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Այդ օրուընէ սկսաւ Արցախի՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ժամանակակից պատմութիւնը: Աւելի ուշ, օգտագործելով ինքնուրոյն հանրաքուէ իրականացնելու եւ սեփական պետաիրաւական կարգավիճակի մասին հարցադրման իրաւունքը, որ ամրագրուած է միութենական օրէնսդրութեան մէջ, ԼՂՀ ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդը որոշում ընդունեց հանրապետութեան անկախութեան մասին հանրաքուէ իրականացնելու շուրջ: 10 Դեկտեմբեր 1991-ին կայացած հանրաքուէին, որ անցած է հայկական բնակավայրերու անդադար հրետակոծութեան ներքոյ, մասնակցած էր գրանցուած քաղաքացիներու 82,2%-ը: Քուէարկողներու 99,89%-ը հանդէս եկած էր Ատրպէյճանէն անկախանալու օգտին: Շարունակութիւնը էջ 2


Հայ Կեանք

Էջ 2

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի աճիւնը Հայաստան պիտի փոխադրուի ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը պիտի տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը այս մասին տեղեկացնելով՝ կը գրէ. «Հաշուի առնելով միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆէսոր Վահագն Տատրեանի անկոտրում պայքարն արդարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար, իր մեծ գիտական ներդրումը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործում՝ որոշում է կայացուել նրա աճիւնը տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն իսկ իրականացւում են»:

Սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան օրն է Շարունակութիւն էջ 1-էն

Հանրաքուէի արդիւնքները, անոր ժողովրդավարական եւ թափանցիկ ըլլալը հաստատած էին արտասահմանեան անկախ դիտորդները: Հանրաքուէին հետեւած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որ իր հերթին կազմեց առաջին կառավարութիւնը:

“Հայ Կեանք”

Ելեկտրոնային Պարբերական Խմբագիր Տիգրան Ապասեան

Փոխ խմբագիր Խաչատուր Ադամեան

Հրատարակչակազմի գործակից Դոկտ․ Համբիկ-Սահակ Մարուքեան

Աթէնք - Յունաստան

“Χάι Γκιάνκ”

Ηλεκτρονική Περιοδική Ενημερωτική Έκδοση Υπεύθυνοι Έκδοσης

Δικράν Αμπασιάν Χατσαδούρ Αταμιάν Δρ. Χαμπίκ-Σαχάκ Μαρουκιάν

Αποστέλλεται ηλεκτρονικώς & ατελώς

“Hye Gyank” Electronic Periodical Publication

Անկախ ԼՂՀ կառավարութիւնը իր պարտականութիւններու իրականացման անցաւ բացարձակ շրջափակման եւ անոր հետեւած Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումներու պայմաններու տակ:

Athens - Greece E-mail: hyegyank@gmail.com

Արցախի անկախութեան ճանապարհը դեռ լի է բազմաթիւ խոչընդոտներով: Արցախը թերեւս ամէն օր ստիպուած է դիմակայելու ատրպէյճանական թշնամանքը: Անկախութեան հռչակման հետեւած 28 տարիներու ընթացքին աշխարհի որեւէ պետութիւն չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը: Հակառակ անոր՝ այսօր արդէն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կայացած է որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական պետութիւն:

News in Pages 15-20 Հաւատալով ազատ խօսքի իրաւունքին եւ բազմակարծութեան` կ՛ընդունինք, որ հրապարակուած գրութիւնները անպայման չարտայայտեն խմբագրութեան եւ հրատարակչակազմին տեսակէտը։ Խմբագրութեան կը վերապահուի յղուած յօդուածները յապաւելու կամ չհրատարակելու իրաւասութիւնը։


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

ՀՀ վարչապետի շնորհաւորական ուղերձը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուայ առիթով

«Արցախի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացիներ, Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շնորհաւորում եմ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուայ առթիւ: Այս օրը պատմական է բոլորիս՝ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, համայն հայութեան համար. 28 տարի առաջ այս օրն Արցախը հռչակուեց Հանրապետութիւն, փաստացի անկախանալով Խորհրդային Ատրպէյճանից եւ բռնեց անկախ պետականութեան կերտման ուղին: Այդ ուղին լի էր փորձութիւններով եւ յաջողութիւններով, կորուստներով եւ ձեռքբերումներով, պատերազմներով եւ յաղթանակներով: Արցախեան ազատամարտը հայ ժողովրդի պատմութեան փայլուն էջերից է եւ մեր հաւաքական հպարտութեան մարմնաւորումը: Պատմական այդ օրուանից անցել է 28 տարի, եւ ազատ ու անկախ Արցախն այսօր կայացած քաղաքական եւ պատմական իրողութիւն է: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ ժողովրդի յաղթանակների գրաւականը մեր միասնութիւնն է, մեր միահամուռ ու անկոտրում կամքը՝ յանուն ազատութեան, յանուն անկախութեան, յանուն մեր ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման: Հենց այդպէս են կերտուել մեր համազգային յաղթանակները: Հենց այդպիսի համաժողովրդական միասնութեան մարմնացում էր նաեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որի հիմքում պայքարն էր յանուն աւելի ազատ, ժողովրդավար ու զարգացող հայրենիքի։ Թաւշեայ յեղափոխութեան արժէքները համահայկական արժէքներ են, եւ այդ արժէքները շարունակաբար արմատաւորուելու են ողջ հայութեան շրջանում՝ Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում: Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը մեր բոլորիս առաջնահերթութիւնն է: Արցախի ճա-

Էջ 3

«Համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին». Արցախի նախագահ Բագօ Սահակեանի ուղերձը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանը Սեպտեմբեր 2-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուայ կապակցութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնէն, ուղերձի մէջ ըսուած է․ «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան օրուայ՝ մեր կարեւորագոյն պետական տօնի առթիւ: 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին մեր ժողովուրդն իրականութիւն դարձրեց իր բազմամեայ նուիրական երազանքը՝ ինքնուրոյն տնօրինել Շարունակութիւնը էջ 4

կատագիրը գտնւում է ողջ հայութեան ուշադրութեան կեդրոնում, եւ մենք շարունակելու ենք ջանքերը՝ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած Արցախեան ազատամարտի արդիւնքների պաշտպանութեան, խնդրի խաղաղ եւ արդարացի լուծման հասնելու ուղղութեամբ։ Սիրելի՛ արցախցիներ, Կրկին շնորհաւորում եմ բոլորիս Արցախի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ։ Փա՛ռք ու պատիւ մեր հերոսներին, ովքեր կեանքը չխնայեցին եւ չեն խնայում յանուն Արցախի: Փա՛ռք Արցախի հերոսական ժողովուրդին: Փա՛ռք միասնական եւ յաղթանակած հայ ժողովուրդին»:


Էջ 4

Հայ Կեանք

«Համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին». Արցախի նախագահ Բագօ Սահակեանի ուղերձը Շարունակութիւն էջ 3-էն

սեփական ճակատագիրը, ապրել ազատ ու անկախ հայրենիքում՝ պահելով ու փայփայելով ազգային արժէքներն ու աւանդոյթները, հաւատն ու լեզուն: Դա դժուարին, բայց եւ պատուաբեր ճանապարհ էր, որը մենք անցանք մայր Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր քոյրերի ու եղբայրների հետ ձեռք ձեռքի՝ միասին յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, միասին կերտելով մեծ յաղթանակներ: Եւ այսօր էլ մենք համատեղ ջանքերով հարթում ենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին՝ պաշտպանելով ու զարգացնելով Արցախի Հանրապետութիւնը, հետեւողականօրէն ու շարունակաբար ամրապնդելով մեր անկախ ու ժողովրդավարական պետութիւնը, ամուր հիմք դնելով սերունդների յուսալի ապագայի համար: Թանկագի՛ն հայրենակիցներ, Մէկ անգամ եւս շնորհաւորում եմ բոլորիս յիշարժան տօնի առթիւ եւ մաղթում խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ՝ ի փառս մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու ժողովուրդի բարօրութեան»:

Ամուլսարի հարցով վերջնական որոշում տակաւին չկայ. Վլատիմիր Կարապետեան

Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման հարցով վերջնական որոշում տակաւին չկայ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է վարչապետի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը՝ աւելցնելով, որ յստակ չի

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ՀՀ նախագահի ուղերձը Արցախի անկախութեան օրուայ առիթով Շարունակութիւն էջ 1-էն

կան գոյամարտի, բոլորս աղօթում էինք Արցախի փրկութեան համար, այսօր, երբ անկախութիւնն իրականութիւն է, մենք բոլորս պահանջում ենք խաղաղ ու անվտանգ Արցախ: Ազատութիւնն ու խաղաղութիւնը չեն նուիրուել արցախցուն, այլ՝ ձեռք են բերուել հազարաւոր հայորդիների կեանքի գնով, արիւնով ու հայրենիքի նկատմամբ անսահման սիրով ու նուիրումով է ամրագրուել 28 տարի առաջ ընդունուած Արցախի Անկախութեան հռչակագիրը: Այսօր էլ դեռ շատ են անելիքները մեր բարդ եւ յարափոփոխ ժամանակներում: Արցախի ազատագրման եւ անկախութեան համար զոհուածները, Արցախում ապրող ու իրենց ամենօրեայ կեանքով հերոսութեան օրինակ ծառայող մարդիկ, մեր ապագայ սերունդներն արժանի են, որ Արցախի ապագան շարունակուի կերտուիլ որպէս յաղթանակների, խաղաղութեան ու բարիդրացիութեան պատմութիւն: Այսօր, աւելի քան երբեւէ, մենք հաստատակամ եւ ամուր ենք հայոց միասնականութեան խորհրդանիշ ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութիւնը ու նրա հերոս զաւակներին պաշտպանելու հարցում: Այդ գիտակցութեամբ եմ իմ անկեղծ բարեմաղթանքները յղում Արցախին դէպի յաջողութիւն ու յաղթանակ տանող բոլոր ձեռնարկներում: Արցախի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ շնորհաւորում եմ բոլորիս Արցախում, Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Միասի՛ն պաշտպանենք ու պահպանենք մեր յաղթանակներն ու ձեռքբերումները: Եւ թող Աստուա՛ծ պահապան լինի Արցախին, Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին»: կրնար ըսել, թէ որոնք պիտի ըլլան հետագայ գործողութիւնները այս ուղղութեամբ: «Այդ հարցով քննարկումները կը շարունակուին: Յառաջիկային պատկան մարմինները պիտի անդրադառնան հարցին: Վարչապետի յանձնարարութեամբ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը պատրաստած է իրենց մօտեցումները նոր ՇՄԱԳ-ի վերաբերեալ»,- ըսաւ Կարապետեանը: Դիտարկման, որ հաղորդագրութենէն յայտնի չէ՝ նոր ՇՄԱԳ-ի կարիք կա՞յ, թէ՞ ոչ, Կարապետեանը ըսաւ. «Պատճառը այն է, որ վերջնական որոշում եւ վերջնական պատկերացում չկայ: Երբ քննարկումները ըլլան վերջնական, մենք այդ մասին պիտի յայտարարենք»:


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Վարչապետը Ղրղզստանի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին

Աշխատանքային այցով Ղրղզստան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 9-ին, մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի աշխատանքներուն որ տեղի ունեցան Ղրղզստանի Իսիկ Կուլի շրջանի Չոլպոն-Ատա քաղաքի Չ. Այթմատովի անուան «Ռուհ Օրդա» մշակութային կեդրոնի մէջ։ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստէն առաջ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներուն ընդունած է Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սորոնբայ Ժեենբեկովը։ Չ. Այթմատովի անուան «Ռուհ Օրդա» մըշակութային կեդրոնի մէջ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներուն դիմաւորած է Ղրղզստանի վարչապետ Մուհամմեդկալի Աբիլգազիեւը։ ԵԱՏՄ անդամ երկիներու վարչապետներու արարողակարգային լուսանկարահանման արարողութէնէն յետոյ տեղի ունեցած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով հանդիպումները։ Հայաստանի վարչապետը՝ որպէս ԵԱՏՄ մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, հանդէս եկած է բացման ելոյթով ընթգծելով թէ «Մենք առանձնակի կարեւորում ենք ԵԱՏՄ ընդհանուր ֆինանսական շուկայի ստեղծումը»։

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com

Էջ 5

Փաշինեան ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿի մէջ. Զօհրապ Մնացականեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես», «Փանորամա».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ իր նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմին եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներուն ամէնամեայ համաժողովը եզրափակելով՝ 6 Սեպտեմբերի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն։ Նախարարը ըսաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանին: «Մենք շատ հետեւողականօրէն օգտագործում ենք ՄԱԿի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը առաջ տանելու համար: Լինելու է վարչապետի ելոյթը նստաշրջանի ժամանակ: Լինելու են երկկողմ հանդիպումներ, տարբեր այլ միջոցառումներ եւ ելոյթներ», աւելցուց նախարարը։ Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ Մնացականեան յայտնեց, որ ողջունելի տուեալներ չկան հոն, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ Ցիւրիխի գործընթացը եւ կը շարունակէ շրջափակումը, Ղարաբաղեան տագնապին նկատմամբ ունի խիստ ընդգծուած կողմնակալ վերաբերմունք, նաեւ կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Կրկնում եմ, որ մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանների դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը Թուրքիայի հետ: Սակայն գործընթացը ենթադրում է երկու կողմ: Չեմ կարող ասել, որ մենք որեւէ լաւ լուր ունենք ասելու այսօր», դիտել տուաւ ան։ Նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ լուրեր շրջան կ’ընեն՝ թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Շարունակութիւնը էջ 6


Էջ 6

Հայ Կեանք

Փաշինեան ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿի մէջ. Զօհրապ Մնացականեան

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Փայլան Խորհրդարանին կոչ կ՛ընէ՝ հետաքննելու 1955-ի Թուրքիոյ կոտորածները

Շարունակութիւն էջ 5-էն

պայման դրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ իր Հայաստան այցելելութենէն առաջ ազատ արձակուի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը, ըսաւ. «Բամբասանքներ, ասեկոսներ, պայման դնել եւ այլն, խնդրեմ, աւելի լուրջ վերաբերուել մեր սկզբունքին: Կան ներքաղաքական, ներքին իրաւական, դատական հարցեր: Միակ պատասխանը՝ աւելի լուրջ վերաբերուել մեր սկզբունքին»: Ան ըսաւ, որ կը նախապատրաստուին Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին, որուն պիտի մասնակցին ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները: «Վստահ եմ, որ անցկացնելու ենք շատ արդիւնաւէտ, լաւ գագաթաժողով, վստահ եմ, որ հայ-ռուսական միջպետական յարաբերութիւնները միայն շահելու են այդ գագաթաժողովից», նշեց Զ. Մնացականեան: Ըստ Մնացականեանի՝ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի յստակ ձեւաւորուած, աւանդական ռազմավարական համագործակցութիւն. «Մենք բազմաթիւ գործընկերների հետ ունենք մեր համագործակցութեան օրակարգը, եւ այդ բոլոր ուղղութիւններում ունենք մեր գերակայութիւնը, հաշուի առնելով, բնականաբար, ներկայիս միջազգային յարաբերութիւնների օրակարգի դինամիկան»: Ան խօսեցաւ նաեւ Իրանի հետ կապերուն մասին՝ դիտել տալով, որ երկու երկիրները ունին բաւական ընդգրկուն, աւանդական օրակարգ, ու կը միտին խորացնել համագործակցութիւնը այնպէս, որ կարելի ըլլայ արդիւնքներու հասնիլ: «Իրանի հետ յարաբերութիւններում ունենք բաւական ծաւալուն օրակարգ, որի նպատակն է թէ՛ տարածաշրջանային անվտանգութեան, թէ՛ զարգացման բնագաւառում խորացնել համագործակցութիւնն այնպէս, որպէսզի կարողանանք արդիւնքներ ձեւաւորել այս նպատակը հետապնդելու առումով: Սա մեր ազգային շահերից է բխում: Իրանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները բաւական ակտիւ շարունակել ենք: Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄում հնարաւորութիւն է տալիս հետապնդել մեր շահերը նաեւ այդ շրջանակի միջոցով», դիտել տուաւ ան։ Ըստ Մնացականեանի՝ շուտով պիտի կայանայ իր եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հերթական հանդիպումը: «Մեր կառավարութիւնը շատ յստակ արտայայտել է լրջութիւնը մեր մտադրութիւնների՝ ակտիւ աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ, եւ այս տարուայ ընթացքում արտգործ նախարարների եւ երկու երկիրների ղեկավարների միջեւ հանդիպումների թիւն արդէն ի ցոյց է դնում այդ լրջութիւնը: Մեր հանդիպումը նախանշուած է,

6 Սեպտեմբեր 1955-ի Կոստանդնուպոլսոյ յունական թաղի մը կոտորածէն

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ Խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ ան Խորհրդարանին կոչ ըրած է՝ հետաքըննել 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի, փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուած կոտորածները։ «64 տարի անցած է այն դէպքերէն, երբ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ապրեցան իրենց փլուզումին պատճառ դարձած պատահար մը: Հակառակ այս իրականութեան, Ազգային մեծ ժողովը ցարդ ոչինչ կատարած է յայտնաբերելու համար այս դէպքերուն պատասխանատուները: Հետեւաբար, ըստ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ ներքին կանոնադրութեան 104-րդ եւ 105-րդ յօդուածներուն՝ 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի սպանդը կազմակերպած եւ ծրագրած պատասխանատուները յայտնաբերելու, մարդկային ու նիւթական կորուստները ճշդելու, տուժող անձերուն ու կազմակերպութիւններուն նիւթական եւ բարոյական վնասները հատուցելու եւ այսպիսով անցեալին հետ, թէեւ ուշ սակայն, արդաՇարունակութիւնը էջ 14

տեղի է ունենալու շուտով, մենք համաձայնութիւն ունենք միաժամանակ յայտարարելու հանդիպման մասին, ես, բնականաբար, չեմ ցանկանայ խախտել այն», շեշտեց նախարարը: Լրագրողները հարցուցին նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ հաւանական հանդիպումին մասին։ Մնացականեան նշեց, որ այս տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հետ ունին բաւարար երկխօսութիւն՝ բարձր մակարդակով, իսկ այդ կապը աշխուժացնելու սահմանափակում գոյութիւն չունի։ «ԱՄՆ նախագահի հետ հանդիպում կը լինի: Երբ կը լինի՝ շատ լաւ է: Աշխատում ենք եւ սա մեզ համար օրակարգային հարց է: Կրկնում եմ (ԱՄՆի հետ) բարձր մակարդակով շփումների որեւէ պակաս մենք չունենք», եզրափակեց նախարար Մնացականեան։


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 7

Հայաստանը, Կիպրոսը ու Յունաստանը կը սերտացնեն սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութիւնը

տանի եւ իւրքանչիւր մարդու համար, որ Կիպրոս կայցելէ »,-նշեց Ֆոթիուն: Օգոստոս 28-ին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը Կիպրոս կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն հանդիպեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրի եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուի հետ: Կիպրոսի մէջ ողջունելով Զարեհ Սինանեանին՝ Ֆոթիս Ֆոթիուն կարեւորեց արդէն ձեւաւորւած երկկողմ յարաբերութիւնները, անդրադարձաւ երկու պետութիւններու սփիւռքներու միջեւ համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութեանն ու յոյս յայտնեց, որ սփիւռք-սփիւռք կապերու խորացումը կ’ըլլայ նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններու օրակարգը: Կիպրացի պաշտօնեան առանձնակի ոգեւորութեամբ խօսեցաւ Կիպրոսի հայ համայնքի կազմակերպուածութեան, ներգրաւման բարձր աստիճանին, միեւնոյն ժամանակ ինքնութեանը եւ արմատներուն կառչած մնալու մասին: «Կիպրոս պետութիւնն ամէն բան կ’ընէ, որպէսզի հայ համայնքը ճանչնայ իր պատմութիւնն ու պահպանէ ինքնութիւնը, այդ նպատակով կառավարութիւնն կ’աջակցի հայկական կազմակերպութիւններուն, դպրոցներունն եւ եկեղեցիին»,-նշեց Ֆոթիուն՝ բարձր գնահատելով նաեւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գործունէութիւնը: Արտերկրի եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատարը նշեց նաեւ, թէ քննարկուած է Կիպրոսի մէջ Հայկական թանգարան կառուցելու նախագիծը, որի ֆինանսաւորումը կ’ակնկալուի Եւրոպական միութիւնէն: «Այս թանգարանը կարեւոր պիտի ըլլայ ոչ միայն հայ համայնքին, այլեւ Հայաս-

Զարեհ Սինանեանը ողջունեց թանգարանի կառուցման գաղափարը եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Ըստ Գլխաւոր յանձնակատարի՝ Հայաստանի եւ Կիպրոսի պատմական ընդհանրութիւնները էապէս կը նպաստեն երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացման, եւ սփիւռքի գիծով համատեղ աշխատանքները նոր թափ կը ստանան: «Կիպրոս պետութեան՝ հայ համայնքին ցուցաբերուող վերաբերմունքը բացառիկ ու փայլուն օրինակ է, եւ սա խօսում է այս երկրի բարձր արժեհամակարգի մասին»,-նշեց Զարեհ Սինանեանը: Կողմերը անդրադարձ կատարեցին համատեղ փոխըմբռնման յուշագրի ընդլայնման, նոր գաղափարներու մշակման, երկու սփիւռքներու երիտասարդական ներուժի համախմբման, երիտասարդական հաւաքներու կազմակերպման, փորձի փոխանակման, շարունակական փոխայցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ այս համագործակցութեան միջոցով երկու երկիրներու տնտեսական, մշակութային եւ Շարունակութիւնը էջ 8


Էջ 8

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայաստանը, Կիպրոսը ու Յունաստանը կը սերտացնեն սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութիւնը Շարունակութիւն էջ 7-էն

արեւտրական կապերու սերտացմանն առնչուող հարցերու: Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ եռակողմ ձեւաչափով եւ կողմերուն միացաւ նաեւ Յունաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարի՝ յունական սփիւռքի հարցերով տեղակալ Անտոնիս Տիամաթարիսը: Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութեան շրջանակներուն քննարկուեցան այնպիսի հարցեր, ինչպէս են երեք երկիրներու սփիւռքներու կազմակերպուած կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու միջեւ համագործակցութեան խրախուսումը, երիտասարդական ցանցերու ստեղծումը եւ հաւաքներու կազմակերպումը, մասնագիտական հարթակներու մշակումը, յայտնի մասնագէտներու միջեւ կապերու հաստատումը, սփիւռք-սփիւռք համագործակցութեան միջոցով նաեւ երեք պետութիւններու տնտեսական, զբօսաշրջային, ներդրումային կապերու ամրապնդումը, համատեղ օրակարգերու մշակումը եւ տարբեր համայնքերու միասնական միջոցառումներու կազմակերպումը: Օգոստոս 29-ին Կիպրոս կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հանդիպեցաւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիսի հետ: Նախ եւ առաջ կողմերն ամփոփեցին Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան սփիւռքի գիծով եռակողմ համագործակցութեան ներկայիս վիճակն ու հետագայ պայմանաւորուածութիւնները։ Այնուհետեւ Գլխաւոր յանձնակատարը ելոյթ ունեցաւ Կիպրական սփիւռքի համաշխարհային համաժողովին: Ելոյթի վերջաւորութեան Զարեհ Սինանեան պատասխանեց համաժողովի մասնակիցներու հարցումներուն: Նոյն օրը երեկոյեան, Կիպրոսի սփիւռքի՝

Համաշխարհային 20-րդ Համաժողովի ընթացքին, Սփիւռքի գործերու Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեցին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցի, Նարեկ վարժարան եւ Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան կիպրահայ համայնքի ղեկավար անդամներու հետ։

Իր մահկանացուն կնքեց երգիչ Ատիս Հարմանտեան

Երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Սանթա Մոնիքա հիւանդանոցին մէջ, 74 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ հռչակաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Ատիս Հարմանտեան, որ կը նկատուէր հայ ժողովրդային երգերու ռահվիրան, ծնած է 14 Յունուար 1945-ին, Պէյրութի մէջ: Ան 1960-էն սկսեալ մեկնաբանած է աւելի քան 400 երգեր: Արժանացած է զանազան մրցանակներու: Իր երգած «Ծաղիկներ», «Նունէ», «Գարուն գարուն», «Այլ աչեր» եւ ուրիշ բազմաթիւ երգեր արժանացած են սփիւռքահայութեան գնահատանքին:


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 9

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Վերջին տարիներուն, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ղեկավարութիւնը, իրականացուցած է հեզասահ եւ առողջ համագործակցութեան միջավայր մը, եւ միասնական ոգիով ծրագրած է ու գործած, դիմագրաւելով հայ համայնքին վերաբերող տարատեսակ մարտահրաւէրներ: Այս գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համագաղութային ճիգերն ու միջոցառումները, որոնց կազմակերպական աշխատանքներուն ընթացքին արձանագրուած են համագործակցութեան եզակի ու յաջող պատմական հանգրուաններ: Հարիւրամեակի աշխատանքներուն զուգահեռ ու անոնցմէ ետք, զանազան առիթներով եւ մասնակի յանձնարարութիւններով ստեղծուած գործադիր յանձնախումբեր եւս, ողջունելի աւանդ մը ստեղծած են, ապացուցելով համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Բացայայտ իրողութիւն է, որ օրէ օր քանակականօրէն կ’աճի Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, եւ որակականօրէն կը զարգանայ հայ համայնքի հաւաքական կարողականութիւնը: Այս իրողութեան առընթեր, բնականաբար կը բազմապատկուի հայ համայնքի հաւաքական շահերը պաշտպանելու եւ անոր հաւաքական դիմագիծը արտայայտելու կարեւորութիւնը: Հետեւաբար, մինչեւ օրս վերոյիշեալ հաւաքական աշխատանքի յաջող ու դրական արդիւնքներէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականի թելադրութենէն մղուած, եւ հայութեան ուժի հաւաքագրումը նկատելով անհրաժեշտ, Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող եւ գործակցութեան աւանդ ստեղծած ստորագրեալ կառոյցները համախմբուելով, որոշեցին կազմել համայնքի հաւաքական շահերը հետապնդելու ձգտող եւ միասնական ճիգերը համադրող ղեկավար խորհուրդ մը, որպէսզի հիմքը դրուի ապագայի գործակցութեան նոր էջի մը:

Խորհուրդը կը կոչուի Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ (Pan-Armenian Council of Western USA): Խորհուրդին անդամ դառնալու կը հրաւիրուին համայնքի այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս հաւաքական ճիգին, եւ իւրաքանչիւրը ունի նուազագոյնը 300 գործօն անդամ։ Խորհրդակցական բնոյթ ունեցող այս խորհուրդին որոշումները պարտադիր չեն անոր անդամ կազմակերպութեանց։ Ուստի, անոր գոյութիւնը մասնակից կազմակերպութեանց գործունէութեան վրայ ոեւէ իշխանութիւն չունի։ Խորհուրդը կ’առաջնորդուի առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու սկզբունքով եւ միշտ կը պահպանէ համախոհութիւն յառաջացընելու սկզբունքը: Առաւել եւս, ստորագրեալ կառոյցները յանձնառու են գործել իրարու հանդէպ փոխադարձ յարգանքի եւ զիջողութեան հասկացողութեամբ: Խորհուրդի առաքելութիւնն է` Համա-համայնքային բնոյթի աշխատանքներ ծրագրել եւ համադրել: Հայութեան հաւաքական շահերն ու համայնքի հայութեան իրաւունքները յառաջ տանող աշխատանքներ քաջալերել: Հայկական հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն սպառնացող միտումները հակակշռող քայլերու նախաձեռնել։ Առաւելագոյն չափով հաւաքագրել համայնքի հայութեան ներուժը, ներառելով համայնքի բոլոր հայկական ուժերը, յանուն համայնքի բարօրութեան ու Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: Միշտ հետամուտ ըլլալ համայնքային կեանքի առողջ պահպանման: Խորհուրդի աշխատանքներուն պարբերաբար կը հրաւիրուին համայնքէն ներս գործօն եւ Շարունակութիւնը էջ 10


Էջ 10

Հայ Կեանք

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Շարունակութիւն էջ 9-էն

ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ազգայիններ, որոնք իրենց մասնագիտական թէ այլ առաւելութիւնները, պատրաստ կ’ըլլան ի սպաս դնելու վերոյիշեալ աշխատանքներուն եւ նպատակներուն յաջողութեան համար:

Էրտողան հանդիպած է Մաշալեանի հետ, շուտով պիտի հրապարակուի կանոնակարգը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը եւ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի հոգաբարձուներու նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն մասնակցած են Թուրքիոյ յաղթանակի տօնի առիթով մայրաքաղաք Անգարայի՝ նախագահական նստավայրին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան: «Ակօս»ի հաղորդմամբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչները կարճ զրոյց ունեցած են նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ: Էրտողանը եպիսկոպոս Մաշալեանէն հետաքրքրուած է Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացով, որու ի պատասխան, Մաշալեանը նշած է, որ կը սպասուի կառավարութեան հրապարակելի կանոնակարգին: Նախագահը հանդիպման ներկայ եղող Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուէն՝ պահանջած է տեղեկութիւն այդ հարցով։ ՆԳ նախարարը շեշտած է, որ մէկ շաբթուան մէջ կառավարութիւնը պիտի հրապարակէ կանոնակարգը: Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած է այս հանդիպումը: 4 Յուլիսին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ներս գումարուած Եկեղեցական համագումարին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, ինչէն ետք պաշտօնապէս մեկնարկած է Պոլսոյ աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը։

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Խորհուրդի անդամ չեղող կազմակերպութիւններ կամ անհատ հայորդիներ եւս վերոյիշեալ հաւաքական ճիգէն անմասն չի ձգելու նպատակով, տարին առնուազն մէկ անգամ կամ աւելի (ըստ կարիքի եւ յարմարութեան) ու նախապէս որոշուած օրակարգով, Խորհուրդը կը նախաձեռնէ հաւաք-համագումարներու, որոնց կը հրաւիրուի համայնքի հայութիւնը, հաւաքական ծրագիրներու եւ նիւթերու ուղղութեամբ իր կարծիքները լսելի դարձնելու եւ իր ներդրումը բերելու: Հիմնուելով վերոյիշեալ տրամաբանութեան, տեսլականին, եւ նպատակներուն վրայ, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ ազգային եւ համայնքային իրականութեան մէջ, այսու կը յայտարարենք գործակցութեան եւ միասնութեան նոր էջի մը մեկնարկը: Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանքներու Արեւմտեան Թեմ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանքներու Շրջան Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն Միացեալ Հայ Երիտասարդներ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ Ամերիկայի Հայկական Համագումար, Արեւմտեան Շրջանային Գրասենեակ Հայ Իրաւաբանական Միութիւն Պոլսահայ Միութիւն Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն Լոս Անժելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 11

ԽՈՀԵՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Վերջերս, հայ մամուլին տրուած յայտարարութենէ մը կը տեղեկանանք համագաղութային բնոյթով նոր կառոյցի մը կազմութեան մասին, Արեւմըտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդ անունով։ Ան կը նպատակադրէ գաղութին բոլոր կառոյցներուն ուժերը ի մի բերել, համակարգել ու միասնական ոգիով գործի լծել. գաղութին կարիքներուն աւելի արդիւնաւէտ կերպով հասնիլ, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել տեղի հայութեան շահերուն բախող ժխտական զարգացումները։ Ինչպէս շեշտուած է վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ, նորակազմ մարմինը ունի տեղական բնոյթ եւ չի ձգտիր որեւէ մարմինի հրահանգ արձակել։ Այսինքն, ան չունի գործադիր (executive) հանգամանք։ Ան կը նպատակադրէ աւելի նպատակասլաց ու աւելի կազմակերպուած Սփիւռք մը ստեղծելու համար, ախտիր, բոլոր մեր ուժերը մէկտեղել, համադրել եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով գործի մղել։ Անցնելէ առաջ մեր ընդհանուր խորհրդածութեանց եւ փարատելու համար կարգ մը տարակարծութիւններ, որոնք հոս ու հոն կը շրջին, կը փափաքինք ընդգծել հետեւեալ իրողութիւնը։ Խորհուրդը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ անոր յարած քսաներեք կազմակերպութիւններուն։ Անկէ դուրս մնացած խմբաւորումներ եւ կամ անհատ ազգայիններ ազատօրէն կրնան իրենց յարգելի կարծիքը յայտնել։ Ի դէպ, մեր կողմէ աւելցնենք հետեւեալը. մենք Խորհուրդին մաս չենք կազմեր։ Անոր՝ Խորհուրդին կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ որեւէ բաժին չունինք։ Նաեւ՝ մենք հարցերը դուրսէն դիտող մը չենք։ Միամիտ ալ չենք։ Բնականաբար, երբ Խորհուրդը այս կամ այն նպատակով շեղի իր նըպատակէն,– բան մը, որուն ախտանշանները բացարձակապէս չենք տեսներ,– մեր ձայնը բարձրացնելու կամքը չի պակսիր մեզի։ Վերոյիշեալ նպատակները, սաղմնային բնոյթով սկիզբ առին Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, 1965-ին, Լիբանանի մէջ։ Արդարեւ, հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններն ու հայ յարանուանութեանց պետերը որոշեցին տեղի հայութիւնը համախմբել Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզադաշտին վրայ, միասնական ոգիով խոնարհիլ մէկուկէս միլիոն հայ անթաղ նահատակներուն յիշատակին առջեւ։ Եւ 120 հազար հոգի,– ամէն, տարիքի ու հատուածի պատկանողներ,– վճռեցին յարատեւ ու յամառ հանգրուանային ճիգերով հետապնդել անկորնչելի Հայկական Դատը։ Անդին, Երեւանի հրապարակներու վրայ տասնեակ հազարաւոր հայեր, «Մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչեցին։ Եւ այս բոլորը Խորհրդային իշխանութեանց նայուածքին տակ։ Երջանկայիշա-

տակ Վազգէն Ա. Հայրապետին միջամտութեան կարիքը զգացուեցաւ ցրուելու համար ամբոխը, վերէն տրուած հրահանգին համաձայն։ Եւ այդ հանգրուանէն ետք, Սփիւռքի բովանդակ տարածքին նոր զեփիւռ մը սկսաւ փչել. համազգային ու միասնական ոգիի։ Ուղիղ տասնամեակ մը ետք, 1975-ին, քաղաքացիական կռիւները ծայր տուին Լիբանանի մէջ։ Հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւնները կեցւածք որդեգրեցին։ Այսպէս կոչուած «Դրական չէզոքութիւն», որ կը նշանակէր մասնակից չըլլալ եղբայրական կռիւներուն։ Շնորհիւ լիբանանահայութեան վարած իմաստուն քաղաքականութեան, տեղի հայ համայնքը նուազագոյն մարդկային եւ նիւթական կորուստով դուրս եկաւ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն։ Եւ այս բոլոր ձեռքբերումները մենք կը պարտինք լիբանանահայութեան ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ոգիին ու համագաղութային նիւթական զոհողութեանց։ Արդարեւ, մեծ հպարտութեամբ աւելցնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին բացառիկ առիթով, համայն մեր ժողովուրդը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի լայն տարածքին ցուցաբերեց միասնականութեան հոյակապ ոգի, ինչպէս նաեւ համահայկական աշխատանք։ Արդարեւ, մակարդակ մը աւելի բարձրանալով, ազգային-քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերեցինք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին. բան մը, որ քաջալերեց, որպէսզի նախաձեռնուի Համահայկական նման խորհուրդի մը կազմաւորումը։ Բնականաբար, մեր հանրային կեանքին մէջ դեռեւս կը յամենան կարգ մը թերիներ, հատուածական առաջնահերթ նկատումներ, վերապահումներ, որոնք անյապաղ սրբագրութեան կը կարօտին։ Այլապէս պատմութիւնը ետ պիտի թողու անոնց պատասխանատուները։ Կարաւանը կը քալէ։ *** Զուգահեռ Սփիւռքի զարգացումներուն, հակիրճ կերպով անդրադառնանք հայրենիքի մէջ խմորուող իրադարձութեանց։ Նուազ քան մէկուկէս տարի առաջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։ Երկիրը ձերբազատուեցաւ «օլիկարխ»ներու մենատիրութիւններէն։ Յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը ընթացքին տնտեսական զարգացումները զգալի դարձան։ Լաւատեսութիւնը սկսաւ տիրել ամենուրէք։ Միւս կողմէ, սփիւռքահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանին գլխաւորած իշխանութիւնը։ Շարունակութիւնը էջ 12


Էջ 12

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ԽՈՀԵՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Շարունակութիւն էջ 14-էն

Մետալին միւս կողմը դարձնելով, կան նաեւ կարգ մը թերիներ։ Վարչապետ Փաշինեանի կողմէ բարձր պետական պաշտօններու նշանակուած տղաքը տակաւին շատ անփորձ են։ Անոնք ատակ են լուրջ սխալներ գործելու։ Տակաւին խորհրդարանին կը պակսի “checks and balance”-ի դրութիւնը։ Քաղաքական դրութեան եթէ պակսի առողջ ընդդիմութիւնը, իշխանութեան գլուխը անցնող ղեկավարները կը դառնան “autocrat”։ Սոյն յօդուածը մամուլին յանձնելէ անմիջապէս առաջ, միջազգային լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, թէ միջազգային փոխատուութիւն կատարող կազմակերպութիւններ վար առած են Հայաստանին տրուող փոխառութեան տոկոսը, սակը։ Այս մէկը կարեւոր բարենիշ մըն է Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան համար։ Լաւատեսութիւն ներշնչող այս լուրին պատճառ հանդիսացող ազդակն այն է, թէ Հայաստանի “macroeconomic” կացութիւնը բարելաւուած է զգալիօրէն։ Առաւել, միջազգային այդ ընկերութիւնները կը հաւատան, թէ Հայաստանի կայունութիւնը պիտի շարունակուի ապագային։ Ի հեճուկս Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ, որոնք «գունաւոր յեղափոխութեանց» հետեւանքով, աշխարհաքաղաքական նոր արեւելում որդեգրեցին (այդ երկիրները ծանրօրէն վնասուեցան, մասնահատուեցան), Հայաստանի իշխանութիւնները իմաստուն շարժեցան, պահելով արտաքին քաղաքականութեան պարագային, իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները։ Եւ այսօր, փաստօրէն, Հայաստանը կը տուայտի թրքական հայաջինջ քաղաքականութեան եւ ռուսական դէպի հարաւային Կովկաս իր ազդեցութիւնը պահելու եւ տարածելու փառասիրութեան միջեւ։ Հայաստանը ներկայիս կը գտնուի թշուառ ու կղզիացած վիճակի մէջ, հակառակ վարչապետ Փաշինեանի օրով արձանագրուող յառաջդիմութեան, գրեթէ ամէն մարզի մէջ։ Փաշինեան, տեղէ տեղ շրջելով, բազմաթիւ համաձայնութիւններ կնքելով, կը ջանայ երկիրը դուրս բերել անբաղձալի վիճակէն։ Հայ իրականութիւնը այսօր, երեք սիւներու վրայ կը կռթնի. Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ։ Այս երեք ուժերու ներդաշնակ, հեզասահ եւ համախոհ աշխատանքով, եւ իւրաքանչիւրին վիճակուած յստակ դերով միայն կարելի է դիմակալել ապագան։ Ցաւով պէտք է մատնանշել այն իրողութիւնը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները Սփիւռքին նայեցան առաւելաբար իբրեւ տնտեսական եւ ֆինանսական ներդրումի աղբիւր, այլ մարզերէ Սփիւռքը հեռու պահելով միշտ։ Սխալ եւ վնասակար է այս կեցուածքը։ Այո՛, ճիշդ է որ Երեւանը սիրտն է հայութեան, ան է որ մեզ իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն

կը ներկայացնէ միջազգային ատեաններու եւ երկիրներու քով, սակայն եւ այնպէս, Երեւանը առանձինը ի վիճակի չէ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը տնօրինելու։ Հայաստանը անհրաժեշտօրէն պէտք ունի Սփիւռքին։ Քանզի հայ սփիւռքը գիտական, արհեստագիտական, տնտեսական եւ ֆինանսական մեծ ուժ է։ Արտաքին մեծ ընկերութիւններու հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելու մեծ կարողութեան եւ կարելիութեան ատակ։ Հարկ է համազգային ծրագիր մը մշակել,– բնականաբար Հայաստանի գլխաւորութեամբ,– ուր Սփիւռքի դերը յստակօրէն սահմանուած ըլլայ։ Գալով Արցախին, ան իր դերը լիովին կը կատարէ։ Վերջերս, հորիզոնին վրայ յուսատու նշաններ կ՚ուրուագծուին։ Թէեւ փոքր, սակայն խորհրդանշական մեծ իմաստ ունեցող։ Ատրպէյճան այնպէս կը թուի, թէ պատրաստ է Հայաստանի հետ լուրջ բանակցութիւն կատարելու։ Բան մը, որ զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը ներշնչէ։ Ամէն պարագայի տակ, Արցախի համար յատուկ ծրագիր մը պէտք է գծուի, ուր յստակ կերպով ճշդուած ըլլան, թէ ո՛ր հարցերը բանակցութեան կը կարօտին եւ որո՛նք բացառուած են։ *** Եզրակացնելով, կը փափաքինք հետեւեալը աւելցնել։ Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդի կազմաւորումը մեզ առաջնորդեց համազգային համապարփակ խորհրդածութեանց։ Մենք՝ ազգովին, պէտք ունինք համազգային մտածողութեամբ եւ կենսական հարցերու պարագային միասնական ոգիով շարժելու։ Ա՛յդ կը պարտադրեն ներկայ ժամանակները։ Այս առնչութեամբ, նորակազմ Համահայկական Խորհուրդը ճիշդ վայրի մէջ՝ Լոս Անճելըս, ճիշդ նախաքայլ մըն է, ճիշդ նշանակէտով։ Շահան Շահնուր կ՚ըսէ, թէ ամբողջ ուժովդ վազէ դէմը նպատակիդ, բայց նախ նայէ, որ նըպատակակէտդ վազած ուղղութեանդ վրայ ըլլայ։ Լոս Անճելըս, 31 Օգոստոս 2019 ՆՈՐ ՕՐ

Պատմութիւն հայոց


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 13

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ԲԱԶՄԱԴԷՄ ԵՒ ՊՂՏՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հ

այաստան եւ սփիւռք յարաբերութիւններ ունեցած են խորհրդային շրջանին եւ ունին այսօր, միշտ հայաստանասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ հայասիրութեան կարգախօսներով: Այդ յարաբերութիւնները բնական եղած անցեալին, երբ հայութիւնը կ’ապրէր ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու մէջ: Մէկ եւ տէր ըլլալու զգացումը աւելի հզօր եղած է քան խորհրդային շրջանին եւ նոյնիսկ այսօր: Թէեւ նշուած սէրերը երբեք նոյն ձեւով չեն հասկցուած եւ նոյն նպատակները չեն հետապնդած, սահմաններու այս կամ այն կողմը: Խորհրդային շրջանին եւ մասամբ ալ այսօր, անոնք մնացած են զգացական մթնոլորտի մէջ, ձեւաւորուած են գեղեցիկ խօսքով, կամ շահագործուած են տարբեր նպատակներու համար: Այսինքն անոնք նոյն իմաստը չեն ունեցած հայ պետութեան, հայ անհատներուն եւ հայ հաւաքականութիւններուն համար: Վերանկախացումէն ետք, Խորհրդաժողովներ եւ երկու ուղղութիւններով այցելութիւններ եւ տեսակցութիւններ միշտ եղած են, բայց ազգային իրաւ մէկութեան գաղափարական վերաբերում չէ եղած: Խորհրդաժողովներէ ետք, տօնակատարութիւններու առիթով, գեղեցիկ բանաձեւումներով խօսուած է մէկութեան մասին, բայց ոչ մէկ տեղ չէ արձանագրուած մէկութեան կենսագործման համար պարտքի, իրաւունքի եւ մասնակցութեան կանոնը: Հետեւաբար, կարգ մը տարազներ, ինչպէս լաւ հնչող Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւնը, քաղաքական տարտամութիւն են, ըստ կացութեան, անհատի, միութեան կամ պետութեան առաջադրանքներուն կարելի է մեկնաբանութիւններ ընել: Ո՞վ կրնայ, թէ յստակ ըսել թէ ի՞նչ կայ այդ հընչեղ Եռամիասնութեան մէջ, բացի զգացականէ եւ քիչ մըն ալ՝ բարեսիրականէ: Յուզիչ Եռամիասնութեան բովանդակութիւն պէտք է տալ, որպէսզի ան դառնայ իսկական հզօրութիւն (բառ՝ զոր շատ կը սիրենք կրկնել): Միաժամանակ պէտք է հաստատել պարտքի եւ իրաւունք-մասնակցութեան կանոնը, էապէս տարբեր արձակուրդային հետաքրքրութիւններէ: Հայուն պարտքը ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ հայրենատիրութիւնն է: Իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ հայրենատիրութիւնը: Հայաստանեան անցագիր ունենանք թէ ոչ, տէր ըլլալու համար պարտքի գիտակցութեամբ պէտք է գործել, գործած ըլլայինք: Այս մասին ոչ մէկ ծրագիր ունինք: Հայրենատէր ըլլալու համար քաղաքացիի վերաբերում պէտք

է ունենալ: Այդ վերաբերումը առնուազն երեք կէտեր ունի: ա. Հայը, հայաստանաբնակ թէ ոչ, քաղաքացիի տուրք պարտի վճարել, հայրենիք պահելու համար: Այս հարցը հարկ էր քննել խորհրդաժողովներու ընթացքին: Այս տուրքը բարեսիրական Հիմնադրամի նուիրատուական մասնակցութիւն չէ: Ինչպէս որ տուրք կը վճարենք մեր բնակած երկիրներուն մէջ, այդպէս ալ, տարեկան գնահատումով եւ դրութեամբ, տուրք պէտք է վճարել Հայաստանի պետութեան: Ինչպէ՞ս: Այս մասին պէտք է խօսիլ եւ ճշդել, ապա իւրաքանչիւր հայու դիմել, զայն արձանագրել ցանկի վրայ, միաժամանակ, այդ տուրքը գանձելու կազմակերպութիւն եւ կառոյց պէտք է յառաջացնել: Հայը, հայաստանաբնակ թէ ոչ, ոչ միայն իր տուրքով իր քաղաքացիական պարտքը պիտի կատարէ, այլ նաեւ իր պարտականութիւնը պիտի համարէ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Սփիւռքի հայը, ազգային գիտակցութեամբ, պիտի ծառայէ բանակին: Այդ ծառայութեան եղանակը կը քննուի: Եթէ Սիսիանի կամ Եղէգնաձորի տղան բանակ կ’երթայ, ըլլալով հայ, Սփիւռքի տղան եւս, ըլլալով հայ, բնակի Սիտնի թէ Պէվըրլի Հիլզ, գիտակից յանձնառութեամբ բանակ պիտի երթայ: Այդպէս կ’ըլլայ հայրենատիրութիւնը, եթէ չենք եզրակացուցած, որ երկու տեսակ հայեր կան: Այսպէս կը ստեղծուի ցանկալի եւ իրաւ միութիւնը: Այս ծառայութիւնը ոչ թէ որպէս պարտք պէտք է դիմաւորուի, այլ՝ որպէս իրաւունք: բ. Սփիւռքի հայը սոսկ հանդիսատես պէտք չէ ըլլայ ինչ կը վերաբերի հայրենիքի եւ ազգի ճակատագրի ընթացքին, այդ դերին մէջ պէտք չէ բանտարկել ազգի աւելի քան կէսը: Իր պարտականութիւններուն տէր ըլլալով, ան իրաւունք պէտք է ունենայ իր կարծիքը յայտնելու եւ որոշումներու կայացման մասնակցելու: Այդ մասնակցութիւնը հաճոյակատարական շնորհ չէ, այլ հաւաքաբար ազգի ճակատագիրը տնօրինելու պարտականութիւն, երբ կը խօսինք մէկութեան եւ միասնութեան մասին: Ասկէ առաջ տուած եմ օրինակը: Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ընտրուած եւ լիիրաւ իրաւունքներով ընտրուած պատգամաւորներ կան, որոնք կը ներկայացնեն երկրէն դուրս ապրող Ֆրանսացիները: Անոնք ջոջական-էսթէպլիշմընթային իրաւունքներու հիման հրաւիրեալներ չեն, ընտրուած են: Այս մասին ոչ ոք կը խօսի Հայաստանի մէջ, ոչ ոք կը խօսի Սփիւռք(ներ)ի մէջ: Կարծէք ազգի միացման հեռանկարէ հրաժարած ենք, կամ զայն բանտարկած տօնական խօսքերու մէջ: Եւ ի հարկէ, ազգի աւազանին մէջ մնալու համար, յանձնառութեան եւ մասնակցութեան կողքին, Շարունակութիւնը էջ 13


Էջ 14

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ԲԱԶՄԱԴԷՄ ԵՒ ՊՂՏՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Շարունակութիւն էջ 13-էն

Սփիւռք(ներ)ի ինքնութեան եւ հարազատութեան հարցը կը դառնայ պետական օրակարգ, որովհետեւ ազգը ազգ է իր ինքնութեամբ, այդ ինքնութիւնը կը ստացուի պատմութենէն, լեզուով եւ մշակոյթով: Ի հարկէ, շատ բան ըսուած եւ գրուած է լեզուի կորուստով ինքնութեան կորուստի մասին, թէեւ կը շարունակենք ինքնախաբէութիւն մշակել բացառութիւններու օրինակներով: Երբ կանոնակարգուին իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, յարաբերութիւնները կ’ունենան նոր որակ: Սփիւռքի էսթէպլիշմընթը չ’ըլլար խօսակիցը, Հայաստանի արտասահման այցելող մեծերը չեն գոհանար հիւրընկալի դեր ունեցող երեւելիներով, Սփիւռքը անոնց պատկերով չեն տեսներ եւ սխալ դատումներ չեն ըներ: Այս աշխատանքը կը կազմակերպուի, ընելու համար այնպէս, որ Սփիւռք(ներ)ի միլիոնաւոր հայերը, գէթ անոնց որոշ տոկոսը կը դառնայ հայրենատէր եւ մասնակից: Ի հարկէ, այս պարտքի եւ իրաւունքի կենսագործումով, Սփիւռք(ներ)ը, յանձնառութեան ճամբով, ինքնութիւն կը պահէ, կը կանխուի օտարումը (aliénation): Այսօր, Սփիւռք(ներ)ը հայասէրի վիճակին մէջ է, եւ հակառակ ամէն կարգի ճոռոմաբանութիւններու, բախտաւոր պարագային կը համարուի կառքին հինգերորդ անիւը (որմէ միշտ կարելի է հրաժարիլ), կամ անոր պէս բան մը: Առանց պարտքի, իրաւունքի եւ մասնակցութեան, Միասնութեան ճառերը ամբոխ յուզելու կը ծառայեն, ծագումով հայերու տուրիզմին: Իսկ մենք պարտաւոր ենք գործել իրաւ հզօրութիւն ստեղծելու համար, որ խորհրդաժողովներէն, շրջապտոյտներէն եւ տուրիզմներէն խորապէս տարբեր որակ կը պահանջէ: Որակ՝ այսօր, նաեւ գալիքի համար, մտածելով 2119 թուականի ազգի եւ հայրենիքի մասին: 2119-ի մասին մտածել բառերու մարզանք չէ, ան ազգի լինելութեան պարզ-բարդ խնդիրն է, սերունդներու ինքնութեան, պատմութիւն ապրած եւ ինքնութիւն մշակած ժողովուրդի մը գոյութենական մղձաւանջային հարցականը, որուն պատասխանը այսօ՛ր կը փնտռուի: Այս հարցականին պատասխանը, անցեալ եւ ինքնութիւն ունեցող մեր ժողովուրդին սպառնացող անհետացման սպառնալիքին դիմաց, ներկայ պայմաններուն մէջ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Մարդկային իրաւունքի եւ արժանապատուութեան (յարգելիութեան) խնդիր է ընդունիլ ըլլալ անորոշ նորի ակամայ սկիզբ, փոխանակ ըլլալու ժառանգուած ինքնութեամբ շարունակութիւն: Այդ շարունակութիւնը Հայրենիքով

կ’երաշխաւորուի, որ կը կենսագործուի հայրենատիրութեամբ: Այս ըմբռնումով ալ, Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ տեղի ունեցող արտագաղթը ազգային աղէտ է, աղէտ է հայրենադարձութեան բացակայութիւնը: Զոյգ պարագաներուն ալ, մեր հաւաքականութիւնները պիտի մտնեն նորի սկիզբի հունը, որ ոչ մէկ ձեւով նախկինի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ, որքան որ պահ մը լաւ հնչեն մարդորսական ճապկումները: Այս ըմբռնումով պէտք է վերատեսութեան ենթարկել եւ յստակացնել Հայաստան-Սփիւռք(ներ) յարաբերութիւնները, իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները: Անմիջականի ճնշումը եւ տուրիստական երթալ-գալու իրարանցումը կը խցեն հեռանկար տեսնելու եւ ունենալու ճանապարհները:

Փայլան Խորհրդարանին կոչ կ՛ընէ՝ հետաքննելու 1955-ի Թուրքիոյ կոտորածները Շարունակութիւն էջ 6-էն

րութիւնը վերահաստատելու համար կ’առաջարկենք խորհրդարանական հետաքննութեան մը իրականացումը», կը գրէ Փայլան: Նշենք, որ Սեպտեմբեր 1955-ի սպանդը հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ամենասարսափելի իրադարձութիւններէն մէկն է, որուն հետ տակաւին առերեսում չէ կատարուած: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ միայն Պոլսոյ մէջ 73 եկեղեցիներ, երկու վանքեր, 5․538 բնակարաններ եւ գործատեղիներ քանդուած, հրդեհուած եւ թալանուած են: Դարձեալ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ 60 կիներ բռնաբարուած են եւ բազմաթիւ մարդիկ սպաննուած: Տասնեակ հազարաւոր յոյն, հայ, հրեայ եւ ասորի քաղաքացիներ ստիպուած հեռացան երկիրէն, տեղի տալով ճնշումներուն եւ իրենց կեանքին դէմ կատարուած սպառնալիքներուն: «Պատասխանատուները ո՛չ թէ պատժելու, այլ պարգեւատրելու մտայնութիւնը երբեք չէ փոխուած: 2007-ին սպաննուած «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան մասնակցած պաշտօնեաները ստացան պաշտօնի բարձրացում եւ պարուրուեցան անպատժելիութեան վահանով, ինչ որ լաւագոյն օրինակն է յիշեալ շարունակականութեան», կ’աւելցնէ Փայլան:


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 15

Artsakh Celebrates 28 Years of Independence

STEPANAKERT — On September 2, 1991, a joint session of the provincial and Shahumyan Regional Council of Deputies was held in Stepanakert, where the Declaration of Independence was adopted. From that day on, the modern history of Artsakh as an independent and sovereign state began. On December 10 of the same year, a referendum was held to confirm the independence of Artsakh. On that day, 99% of the population voted for independence. Azerbaijan tried to eradicate Artsakh’s self-determination by force, but Artsakh was able to not only neutralize the Azeri invasions but to also liberate new territories and strengthen its independence.

On Monday, September 2nd, Artsakh President Bako Sahakyan issued a message to congratulate Armenians on the Day of Artsakh. “The path we walked hand in hand with our sisters and brothers from Mother Armenia and the Diaspora, triumphing over all the challenges and hardship, carving resounding victories, was indeed arduous. However, we were honored and privileged,” Sahakyan said. “Today we eliminate all the impediments along the path we committed ourselves to 28 years ago, defending and advancing the Republic of Artsakh, enhancing consistently our independent and democratic state, securing solid ground for the sustainable future for generations to come.”

Russia MFA on Armenian PM’s statement that Karabakh is Armenia cow’s stance as one of the co-chairs of the OSCE Minsk Group to the statements. According to her, Russia proceeds from the fact that there is an internal rhetoric, and there are those internal attitudes that reflect the views of political parties and movements – given that they are talking about a democratic state. However, she noted, there is also a peace process with participants and international efforts to achieve a peaceful settlement.

The spokesperson for Russian Foreign Ministry Maria Zakharova commented on Armenian Prime Minister Nikol Pashinyan’s statement that Karabakh is Armenia. Her remarks came in response to comment on Mos-

“And, of course, we proceed from the fact that the statements of the parties should fit into the context of these common efforts aimed at a peaceful settlement,” she noted. According to her, the process is complex, lengthy, but there is a common understanding of the need to move faster, and for this, statements must be appropriate and contributing to this main goal.


Էջ 16

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Artsakh FM hails push for restoring full-format negotiations bal trends, according to which the realization of the right of peoples to self-determination is considered as the basis for the resolution of ethno-political conflicts, “have opened new opportunities and prospects for the settlement of the Azerbaijan-Karabakh conflict.” The Foreign Minister also stressed the importance of ensuring the sustainability and irreversibility of the positive trends in the process of international recognition of the Republic of Artsakh.

The first meeting of the Central Offices of the Foreign Ministries of the Republic of Artsakh and the Republic of Armenia was held in Stepanakert, with the participation of the heads of the diplomatic and consular services of the Republic of Armenia abroad. During the meeting, Artsakh’s Foreign Minister Masis Mayilian presented the main priorities of the foreign policy of the Republic of Artsakh and the position of the authorities on the process of its international recognition, as well as the Azerbaijan-Karabakh conflict settlement. Masis Mayilian noted, in part, that the strengthening of the statehood of Artsakh, as well as certain glo-

Touching upon the process of peaceful settlement of the Azerbaijan-Karabakh conflict, Masis Mayilian hailed the positions of the leadership of the two Armenian states on the restoration of the full-format negotiations, with the direct and full-fledged participation of official Stepanakert, fully coincide, outlining some steps towards the achievement of this goal. Further, an exchange of views took place on the common foreign policy agenda and the development of new ideas and approaches for addressing the challenges facing the two Armenian states in the international arena. In this context, practical steps on the implementation of joint initiatives and programs were discussed, as well as a range of issues on the agenda of consultations between the Ministries and their respective offices were identified in accordance with the Plan of Consultations between the two Ministries. An agreement was reached to hold regular meetings in such a format.

Free economic zone to be created near Gyumri international airport

At Cabinet meeting, the government of Armenia approved the initiative to create a free economic zone (FEZ) nearby the Shirak International Airport of Gyumri—and by the Eurasian Logistic Park Free

Economic Zone LLC. The Minister of Economy, Tigran Khachatryan, noted that this initiative aims to serve the e-commerce logistics warehouses and export-oriented manufacturing processes. “The creation of a free economic zone aims to promote foreign direct investments [into Armenia], increase the investment appeal of the country, create new jobs, and sustainable economic development,” he said, in particular. In the minister’s words, the aforesaid company plans to build a 319-hectare FEZ within 10 to 12 years. “It’s envisaged that about 13 thousand employees will have jobs there,” Khachatryan added.


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 17

ATN’s Armenia Diaspora Business Forum to be held in Yerevan on October 10, 2019 topics of the upcoming Forum, which envisages open discussion between speakers and registered invitees on important issues related to the challenges for developing Armenia-Diaspora economic ties. High-level government representatives, ATN member organizations’ delegates, Armenian business people and invited observers from different countries are expected to participate. Sessions will be chaired by ATN, as well as public and private sector representatives. The Global Armenian Chamber of Commerce, also known as ATN (Armenian Trade Network), is organizing its 4th Business Forum dedicated to the development of Armenia-Diaspora economic ties on October 10, 2019, in Yerevan. ATN is the only cross-sectoral pan-Armenian business organization counting 17 associations in 13 countries. It aims to rebuild the centuries-old Armenian trade networks by promoting new linkages. ATN provides a platform for Armenian chambers of commerce and business associations to exchange knowledge and experiences, as well as promote the economic development agenda in Armenia and Artsakh. Charting a Sustainable Armenia-Diaspora Economic Partnership, including the need to further enhance global networking opportunities are the main

Following the Forum, the ATN Awards Ceremony will take place to recognize Armenian entrepreneurs excelling locally and globally. Participation in the Forum is free. You can use the following web link to register and obtain more information: https://forms.gle/PeVSzPVAx9ZF1xVt9? hl=eng. If you have any questions regarding the Forum, please feel free to contact the ATN team at info@armeniantradenetwork.com. Also ATN is partnering with the government bodies and UATE in promoting the World Congress on IT, which will be held in Yerevan from October 6 to 9, 2019. A special promo code (WCITYerevan-ATN) providing a significant discount for participants is available. For more information visit: https://preview.mailerlite.com/l3g4c3.

Total foreign investments increase by 26% in Armenia in first half of 2019 705 billion drams, Armenpress reports. Foreign direct investment flows have also increased by 20% in the same period, comprising 152 billion drams, against the 126 billion drams of the first half of 2018. The Statistical Committee published the data on the socio-economic situation of the country for 2019 January-June.

In January-June 2019 the total foreign investments made in Armenia’s real sector increased by 26%, compared to the same period of 2018, comprising

According to the data, in January-June the net flows of foreign investments comprised 97,8 billion drams, against the -24,5 billion drams recorded in 2018. At the same time the net flows of foreign direct investments declined from 38.6 billion drams to 7.7 billion drams. The main major investments were made from Russia, Germany, Italy and Netherlands.


Էջ 18

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Permanent Workshops of 23.5 Hrant Dink Site of Memory begin in September at Armenian Culture and History Through Hrant Dink's Office has a special focus on text reading, narration of images and objects. The number of participants is limited to 10.

Permanent workshops that will be organized within the scope of the public programs of the 23.5 Hrant Dink site of Memory are starting as of September. Permanent workshops will continue each month and the dates of each workshop can be followed via our website. Workshops in English language will also be carried out in the following months. A Look at Armenian Culture and History Through Hrant Dink's Office: The first workshop will be organized on Hrant Dink’s birthday, September 15th. This workshop aims to shed light on Armenian culture and history based on the correlation between the images in Hrant Dink’s room. A Look

Archeology of Memory: The workshop which will be organized on September 19th for the first time, asks participants to bring three objects or images that represent the past, the present and the future that they imagine. Archeology of Memory is a collective creative exercise that aims to elaborate on different layers of meaning. The number of participants is limited to 10. Memory Sites Workshop: The first workshop on Memory Sites will be organized on September 20th. The participants will explore a range of memory sites, museums and memorials that deal with difficult pasts in different geographies and as well as discovering inspiring memorialization projects that are implemented by a range of organizations. Memory Sites workshop offers interactive activities, and the participants will have the opportunity to benefit from audiovisual and text materials. The number of participants is limited to 15.

French lawmakers visit Artsakh

(Armradio) – Artsakh National Assembly Speaker Ashot Ghulyan received a delegation of French lawmakers, comprising Guy Teissier, Valérie Boyer, Danièle Cazarian, Mohamed Laqhila, Jean Pierre Cubertafon, Guillaume Kasbarian and Pierre Ouzoulias. Mr. Ghulyan said such meetings provide an opportunityt to refresh the agenda and work on new cooperatuion programs. Ashot Ghulyan also expressed gratitude for the attention shown by the friendly people of France to-

Pages from Armenian history wards Artsakh. President of the France-Artsakh Circle Guy Teissier expressed readiness to spare no effort to make Artsakh recognizable to the world and outlined the key activities that will make recognition and development of Artsakh irreversible. A wide range of issues related to parliamentary diplomacy, prospects for cooperation, in particular, cooperation in the fields of agriculture, science and tourism was discussed.


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 19

The Gurdjieff Ensemble, Leading Group Specializing in Ancient and Medieval Music, set to Make Debut American Tour With their second album, “Komitas,” also on ECM Records, the Ensemble turned their attention to the music of Komitas Vardapet (1869-1935). Composer, ethnomusicologist, arranger, singer and priest, Komitas is popularly held to be the founder of contemporary music in Armenia, and in his work as a collector he explored the connections that uniquely bind together Armenian sacred and secular music.

Gurdjieff Ensemble to Perform in New York, Chicago and Los Angeles, Presented by AGBU The Gurdjieff Ensemble, one of the leading groups in the world specializing in ancient and medieval music from the East, will be making their first American Tour to three major cities this September sponsored by the Armenian General Benevolent Union (AGBU) The internationally acclaimed Gurdjieff Ensemble was founded by Armenian musician Levon Eskenian in 2008 with the intention of bringing the music of the Armenian philosopher, author and composer Georges I. Gurdjieff back to its ethnic inspirational sources. The Ensemble consists of Armenia’s leading musicians playing traditional instruments. Their debut album on ECM Records, “Music of Georges I. Gurdjieff,” was widely acclaimed, and won prestigious awards including the Edison Award in the Netherlands.

"This year we mark the 150th anniversary of Komitas and the AGBU Performing Arts is presenting the Gurdjieff Ensemble from Armenia for a debut tour in the biggest cities of America. We are extremely excited for the chance to share this special music with the US audiences," said Eskenian. Eskenian collected piano and vocal works and arranged them for traditional instruments, thereby enhancing and preserving their authenticity. The resulting music allows the Gurdjieff Ensemble, performing on more than 16 traditional Armenian and Eastern instruments, to illuminate the deep roots of Komitas’s and Gurdjieff’s works. Tickets can be purchased at https://agbu.org/events/. The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500,000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora. Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org

They have been touring the world with sold out appearances at major festivals and concert halls in Europe, Australia, the Middle East, Russia and South America, and will bring their music to American audiences for the first time in September with concerts in New York, Chicago and Los Angeles. G.I. Gurdjieff, born in Armenia, is known to many in the West as one of the major spiritual figures of the 20th century. He was a musician, philosopher, choreographer, and writer, and his extensive musical repertoire was based on the music he heard while traveling in Armenia, the Caucasus, the Middle East, and many parts of Central Asia, India and North Africa, where he witnessed a myriad of folk and spiritual music, rituals and dance traditions.

Pages from Armenian history

Contact with the publisher: hyegyank@gmail.com


Էջ 20

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 21

ՌԱԿի օրագիրէն Երուսաղէմ. ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Յակոբ Անդրէասեան, իր յարկին տակ հիւրընկալեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Երուսաղէմ այցի ծիրէն ներս, 28 Յուլիս, 2019-ին հիւրընկալուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի Երուսաղէմի հայոց թաղին մէջ գտնուող ընտանեկան յարկին տակ: Հանդիպումը անցաւ շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր զրուցակիցները երկու ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, երկուստեք՝ շինիչ գաղափարներու փոխանակումով արծար­ ծեցին հայութիւնը, ի մասնաւորի Երուսաղէմի հայ գաղութը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ տիրող վերջին քաղաքական զարգացումներուն մասին: Ընկեր Անդրէասեանը յարգելի նախարարին ընդգծեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Կեդրոնական վարչութեան դրական տրամադրութիւնները՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ եւ՝ պատրաստակամութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու հայրենիքի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն: Նախարարը գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցած ազգային քաղաքական հայրենանպաստ անշեղ ուղին եւ կարեւորեց անոր դերը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի ապագայի տեսլականի իրագործման մէջ: Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ իրարու յաջողու­ թեան մաղթանքներ փոխանակելով։ Նշենք, որ Չորեքշաբթի՝ 31 Յուլիս 2019ին, ՌԱԿի Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ հանդիպում տեղի ունեցաւ նախարար Յարութիւնեանին հետ, ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջա-

նային վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան անդամներու մասնակցութեամբ:

ՌԱԿ Կեդ․ վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսին հետ

Երկուշաբթի, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, բաղկացած ընկերներ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանէ, Արա Ահարոնեանէ, Գէորգ Հալէպլեանէ, Շարունակութիւնը էջ 22


Էջ 22

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ՌԱԿի օրագիրէն ՌԱԿ Կեդ․ վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսին հետ

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿի պատասխանատուներուն

Շարունակութիւն էջ 21-էն

Փանիկ Քէշիշեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ Յակոբ Նազարեանէ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ, ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա։ Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, գլխաւոր հիւպատոսը պաշտօնապէս շնորհաւորելէ ետք ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին ընտրուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի վերջերս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափ կատարած այցելութիւններուն։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գալուստը Միացեալ Նահանգներ եւ անոր անդրանիկ երկօրեայ այցելութիւնը Լոս Անճելըս, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Այդ առիթով պիտի կազմուի համագաղութային յանձնախումբ մը, ծրագրելու եւ գործադրելու համար պատշաճ ընդունելութիւն ի պատիւ վարչապետին, նախընտրաբար՝ համաժողովրդային մասնակցութեամբ։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու գաղութս յուզող զանազան կազմակերպչական հարցերու եւ համասփիւռքեան կառոյցներու աշխատանքին

Արցախի ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցած է 67․ 326 ընտրող

Հայաստանի նոր իշխանութեան օրով կայանալիք առաջին դեսպանահաւաքի նախօրէին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը ուզած է լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ տարրերուն հայեցակէտն ու հոգերը փոխանցել Հայրենի իշխանութեանց: Այս ծիրէն ներս Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ի կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ Թէքէեան Կեդրոն, հանդիպելու համար ՌԱԿի Լիբանանի պատասխանատուներուն հետ: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ նոյն վարչութեան ատենադպիր՝ ընկ.հի Անի Լաչինեան-Մակարեան: Հանդիպումը առիթ մըն էր ներկաները յուզող հարցերու շուրջ սրտբաց խօսակցութեան: Յարգելի դեսպանը խոստացաւ ՌԱԿի ներկայացուցիչներուն միտքերն ու առաջարկները փոխանցել առ որ անկ է:

Տարածքային ընտրական յանձնաժողովներու տուած տուեալներուն համաձայն` Սեպտեմբեր 8-ի ժամը 20.00-ի դրութեամբ ընտրութիւններուն մաս-

նակցած է 67․326 ընտրող: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին փոխարինող Եղիշէ Արզումանեան: «Մասնակիցներու թիւը ըստ ընտրական տեղամասերու հետեւեալն է` Ստեփանակերտի մէջ` 21 հազար 643 ընտրող, Ասկերանի մէջ` 9․011 ընտրող, Հադրութի մէջ` 5․967 ընտրող, Մարտունիի մէջ` 12․ 600 ընտրող, Մարտակերտի մէջ` 9․41 ընտրող, Շահումեանի մէջ` 1․512 ընտրող, Շուշիի մէջ` 2․306 ընտրող, Քաշաթաղի մէջ` 5․046»,- մանրամասնած է Արզումանեան:


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 23

Արեւմտահայերէնը եւ ներկայ հայրենիքը ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Ժ

ողովուրդի մը լեզուն՝ անոր մեծագոյն հարստութիւնն է, անտարակոյս: Ազգի մը միասնականութեան խորհրդանիշն է ան: Հաւաքական յարատեւ ճիգի արգասիքը: Աւելին: Լեզուն, իր կառոյցով ու ձայնական, հնչական հնարաւորութիւններով, ժողովուրդի մը շնորհներուն եւ յատկանիշներուն արտացոլումն է: Ան իր մէջ կը պարփակէ զինք ստեղծող հաւաքականութեան հանճարն ու իմաստութիւնը: Իր խորքին մէջ ունի ժողովուրդին արարիչ հուրը, ինչպէս նաեւ անոր ճարտարագիտութեան բնոյթն ու որակը, անոր քնքշանքն ու մտածելակերպը: Լեզուն իր ներսը կը կրէ զինք ստեղծող մարդոց նկարագիրը, արտայայտչական վաւերականութիւնն ու ճաշակը: Իր մէջ հաւաքած է զինք գործածողներուն ոգեղէն դարաւոր պաշարը, իր խորքին մէջ պահած է անոնց ամբողջ պատմութիւնը: Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մըտնելու, ըսենք թէ, պատմական իրադարձութիւններու բերումով, մեր արդի լեզուն բաղկացած է երկու գլխաւոր մասերէ, որոնք ծանօթ են «արեւելահայերէն» եւ «արեւմտահայերէն» անուններով: Չենք փորձուիր գերադասել մէկը կամ միւսը: Կը բաւարարուինք յիշատակելով թէ անոնք հայութեան երկու հատուածներուն սեփականութիւնն են, եւ թէ երկուքն ալ, անջատաբար, մշակած են վաւերական, հպարտութիւն ներշնչող գրականութիւն: Բարեբախտ զուգադիպութեամբ մը, արեւելահայերէնը՝ ոչ միայն Արարատեան դաշտին մէջ եւ անոր շրջակայքը ամփոփուած հայութեան, այլ նաեւ մեր պետական լեզուն է: Եւ որպէս այդպիսին, ժողովուրդին կենդանի արտայայտութիւնն է: Հայկական օրինական իշխանութեան առօրեային մէջ հաւատարիմ ծառայող, եւ ամէն հոգածութեան եւ խրախուսանքի արժանի: Իսկ արեւմտահայերէնը, եղելութիւններու եղերական դասաւորումով, սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, զայն գործածել յամառող հոգիներուն հետ: Յանձնուած է ոսոխ հովերու ապերասան քմայքին, ու մշտապէս ենթակայ է անխուսափելի աղճատման: Հրաշքով մը՝ ան տակաւին կը շարունակէ իր գոյութիւնը: Տարագիր հատուածին ապրելու յամառութեան ու նուիրումին, պէտք է, թերեւս, ըսել «խենթութեան», կը պարտինք արեւմտահայերէնի վերապրումը մինչեւ այսօր: Սակայն, ինչպէս բացայայտ է արդէն, յարատեւ կը մաշի անոր էութիւնը: Հորիզոնին վրայ նշմարելի է արդէն անոր անյայտացումը: Իրապէս հասած է տեղ մը, ուր հարկ է հնչեցնել անկանգնելի կորուստին սահմռկեցնող ահազանգը: Եւ հարկ է յիշել թէ արեւմտահայերէնը,

միւս բոլոր տուեալներէն ու նկատումներէն անջատ, մեր հողային եւ այլ պահանջատիրութեան կենդանի վկան է, անոր մշտական եւ անզիջող յուշարարը: Ահա, այդ իմաստով, այդ խորտակիչ խռովքով է որ կը գրուին այս տողերը: Երեւցածին համաձայն, Սփիւռքը ի վիճակի չէ կասեցնելու կամ նոյնիսկ փոփոխելու տխուր ընթացքը անողոք դէպքերուն: Շատ են այդ դրութեան պատճառները, որոնց չենք փափաքիր անդրադառնալ այստեղ: Ակնարկուած իրողութիւններուն դիմաց, Հայաստանի իշխանութիւնը, կը խորհինք, պէտք է տէր կանգնի մեր լեզուին՝ ընդհանուր առմամբ: Հայկական պետութեան անխուսափելի, անյետաձգելի պարտականութիւնն է պաշտպանել ու պահպանել նաեւ արեւմտահայերէնը, որպէս ազգային հարստութիւն, որպէս դարերէն ու դարերով փոխանցուած հայրենական աւանդ: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ իբրեւ համաշխարհային բնոյթ ու տարողութիւն ունեցող գանձ: Մեր կարծիքով, Հայաստանի պատկան մարմինները, արծարծուած նիւթին առնչուող մասնագէտներու առաջնորդող օժանդակութեամբ, հարկ է որ փութով մշակեն արեւմտահայերէնի վերաբերեալ ընդարձակ եւ համապարփակ ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կրնայ կատարուիլ մաս առ մաս, տրամադրելի միջոցներուն ու տիրող պայմաններուն համաձայն: Ստիպողական այդ աշխատանքին առնչութեամբ, կը համարձակինք ներկայացնել կարգ մը արագ ու չդասաւորուած առաջարկներ կամ մտածումներ:  Երեւանի Պետական Համալսարանի որպէս մաս կամ առանձին հաստատութիւն ու, թերեւս, Գիտութիւններու կաճառին համապատասխան թեւին վերահսկողութեան տակ, պէտք է հաստատել արեւմտահայերէնի մասնաւոր բաՇարունակութիւնը էջ 24


Էջ 24

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Արեւմտահայերէնը եւ ներկայ հայրենիքը Շարունակութիւն էջ 23-էն

ժանմունք՝ տարողութեամբ ու բովանդակութեամբ նախապատիւ՝ ներկայիս ուսուցանուող օտար լեզուներուն կողքին:  Անմիջական կարիքներու գոհացումին համար, կամ այլապէս, հարկ է պատրաստել ա.- Արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներ: բ.- Արեւմտահայերէնով աւանդող դասախօսներ՝ այլազան նիւթերու մասնագիտութեամբ:  Յատկապէս Սփիւռքի դպրոցները ի մտի ունենալով, արեւմտահայերէն լեզուով պատրաստել դասագիրքեր՝ պահանջուած նիւթերու եւ մասնաւոր դասարաններու համար, հարկ եղած ուսումնասիրութիւնները կատարելէ յետոյ, ու խնդրոյ առարկայ վարժարաններու ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելով:  Արեւմտահայերէն դասաւանդելու է հայրենի բոլոր վարժարաններուն մէջ, եւ ամէն անհրաժեշտ մակարդակով, որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ զայն, եւ լիովին օգտուի անով մըշակուած գրականութենէն: Համապատասխան մտահոգութեամբ՝ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ արժանի տեղ տալու է արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան:  Հայաստանի մէջ ստեղծել պայմաններ, ուր հնարաւոր ըլլայ հաստատել արեւմտահայերէնով մամուլ, եւ ամէն կերպով քաջալերել նման նախաձեռնութիւն մը:  Յատուկ նախաձեռնութեամբ ու բծախնդիր հոգատարութեամբ՝ երկրին մէջ ստեղծել մասնաւոր պայմաններ, կամ դիւրութիւններ, որոնց շնորհիւ Սփիւռքի հեղինակներ կարենան, կամ քաջալերուին, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնով տպագրել եւ հրատարակել իրենց արժանաւոր գործերը: Նոյն ատեն, հնարաւոր ամէն ջանք թափելու է որ այդ հրատարակութիւնները մատչելի ըլլան հայրենի ընթերցողին:  Նախատեսուած ծրագիրի մը համաձայն, հրատարակել կամ վերահրատարակել արեւմըտահայ անուանի գրողներու երկերը՝ բնագիրներու ուղղագրութեամբ, ու ջանալ որ անոնք դիւրութեամբ հասնին հանրութեան եւ մանաւանդ՝ նոր սերունդին: Հասկնալի է թէ պատկան կամ լիազօրուած մարմինները ազատ զգալու են դիմելու նաեւ տարբեր ազդու, արդիւնաբեր միջոցառումներու: Ամէն պարագայի, անոնք պէտք է շարժին անմիջապէս, առաջին առիթով իսկ: Որովհետեւ ճգնաժամը շատոնց սկսած է: Որովհետեւ վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ այլեւս: Համոզուած ենք թէ նման յառաջադրանքներ՝ ո՛չ միայն իրարու աւելի պիտի մօտեցնեն հայութեան երկու հատուածները, անոնց միջեւ

պիտի մշակեն փոխադարձ հասկացողութիւն եւ վստահութիւն, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստեն անոնց հոգեղէն միասնականութեան: Բարիքներ, որոնց տեւական կարօտն ունեցած է հայութիւնը: Նպատակը, ըստ մեզի, այնքան սրբազան է, այնքան անյետաձգելի ու պատմականօրէն ճակատագրական որ, վերջին վերլուծումով, յարաբերաբար անկարեւոր կը դարձնէ հաւանական նիւթական թէ այլ մտահոգութիւնները: Թէեւ կը հաւատանք թէ, եթէ հայրենիքը որդեգրէ արծարծուած գաղափարը, հայկական սփիւռքը, լիովին ըմբռնելով անոր բնոյթն ու տարողութիւնը, անպայմանօրէն պիտի ուզէ ստանձնել համապատասխան դրամական ու բարոյական պարտաւորութիւններ: Նիկոսիա, Կիպրոս

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն աճած է

2019-ի առաջին կիսամեակին, Հայաստանի Հանրապետութիւն ընդհանուր առմամբ, այցելած է 1 միլիոն 679 հազար անձ, որոնցմէ 770 հազարը եղած է զբօսաշրջիկ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը: «Ընդհանուր առմամբ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ այցելութիւններու թիւը աճած է 12,3 տոկոսով: Զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 12,1 տոկոսով: 2018 թուականին Հայաստան ժամանած է 3,7 միլիոն անձ, որոնցմէ 1,5 միլիոնը զբօսաշրջիկներ եղած են: Այն անձերը, որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն, կը դիտուին որպէս զբօսաշրջիկներ: Հիմնականօրէն Հայաստան կ’այցելեն հարեւան եւ հայկական մեծ համայնքներ ունեցող երկիրներէ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ»,- նշած է Սաֆարեանը: Անոր խօսքով` կ'աշխատին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ եւրոպական երկիրներէն աւելի շատ զբօսաշրջիկ ներգրաւել դէպի Հայաստան:


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 25

Պատմութեան հետքերով

ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ` Վաղուան Համար (30 Մայիս - 6 Յունիս 2019) ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Է. Տարօն-Տուրուբերան, Մուշ, Գէորգ Չաւուշ, Հայկ-Հայրէտտին, ՆշանՊուրհան Արածանին կը մնայ մեր ետին, Սուլուխի առասպելական կռիւի պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դաղուած է, Հայաստան կ’ըսեն` լեգենդը, կը շարունակենք մեր ճանապարհը դէպի Մուշ: Հայաշխարհի հարթութեան վրայ ենք: Այս հողը հայոց պատմութիւն կը բուրէ: Հայկական արմատներով մարդիկ կան թաքնուած, բայց հայութիւնը բացակայ է: Կ’անցնինք անծայրածիր տարածութիւններէ, որոնց վրայ գծուած են արդիական եւ մաքուր ճանապարհներ: Մանուկի հետաքրքրութեամբ կ’ուզեմ հասնիլ այնքան լսուած Մշոյ դաշտ, շնչել հեքիաթի նմանող էջերու վրայ կարդացուած Մշոյ հացի բոյրը: Օրը իրիկնացած է: Մութին հետ տեսարանները կը խորանան, անուններ կ’արձագանգեն: Մշոյ Գեղամ, Եղեռնի զոհ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1911-ին Պոլիս լոյս տեսած, հողերու ամայացումէն չորս տարի առաջ, գիրք գրած էր. «Հողային հարցը հայաբնակ նահանգներու մէջ»… Ի՞նչ պիտի գրէր այսօր, ի՞նչ կը գրենք այսօր, ի՞նչ պիտի գրենք եւ ընենք վաղը, որ խօսք չըլլայ, հողին տէր ըլլալու համար: Լայն ճամբայ մը: Կարմիր կակաչներու լամբերու լոյսով կը մտնենք լեռներով պարսպուած Մուշ: Կը գիշերենք պանդոկի մը մէջ: Առաւօտուն խումբ մը սար պիտի բարձրանայ երթալու համար Մուշի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Գէորգ Չաւուշի դամբանը: Պիտի տանին կարմիր վարդեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յանձնած Նարեկ աղօթամատեանը` ազգին համար զոհուած հերոսի տապանաքարին տակ դնելու: Հիւրանոցին առջեւ, քարի մը վրայ նստած, կը զրուցեմ մշեցի երկու հայերու հետ: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կոչեմ Հայրէտտինը եւ Պուրհանը, իրենք կ’ըսեն, որ կը կոչուին Հայկ եւ Նշան, թէեւ վստահ եմ, որ որեւէ տեղ նման արձանագրութիւն չկայ` բացի իրենց հոգիի անկիւնէն: Կը խօսինք քիչ մը հայերէն, քիչ մը թրքերէն: Ազգականներ ունին Հայաստան, որոնց հետ կապ ունին, երբեմն այցելութեան կ’երթան: Նշանին հարց կու տամ, թէ տունը պահուած հայերէն գիրք ունի՞: Կը բացատրէ, որ ժամանակին բիրտ հետապնդումներ կային, կը խուզարկէին, կը փճացնէին, ինչ որ գտնէին: Իրենց ծնողները կրօ-

նափոխ եղած են, փոխած են անունները: Բայց պատժուած երեխայի պէս կ’ըսէ, որ «հայ է»: Զրոյցը կը շարունակուի, եւ Նշան կ’ըսէ, որ շրջանին մէջ կան շուրջ հարիւր հազար թաքնուած հայեր… Ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղը` թաքնուած հայեր որակումը: Դար անցած է, եւ հայկական տռամը կը շարունակուի: Աշխարհի մեծերը, իրաւարարները, ամպագոռգոռ ժողովները տեղեա՞կ են, որ հայկական տռամը կը շարունակուի, որ` ոգեկոչումներէ եւ ճանաչումներէ տարբեր ցաւի եւ ողբերգութեան խտութիւն ունի: Այս համամարդկային արժէքներու խնդիր է, բայց ան ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Նշան խոնաւ աչքերով ըսաւ, որ կ’ուզէր իր լիիրաւ ինքնութիւնը վերանուաճել: Եւ մրճահարուող հարցումը. ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ե՞րբ… Խումբը կը վերադառնայ սարի գերեզմանատունէն: Արձանագրութիւնը ջնջուած տապանաքար մը գտած են` այլ տապանաքարերու կողքին: Վերջիններուն վրայ դեռ կարելի եղած է կարդալ հայերէն տառեր: Աղօթած են, երգած են, եռագոյն փռած են տապանաքարին վրայ, Նարեկը զետեղած քարին տակ: Ազգը չէ մոռցած իր արժանաւոր հերոս զաւակը: Այդ երախտագիտութիւնը կարեւոր է երէկուան համար, կարեւոր է նաեւ այսօր` ջրդեղելու համար մեր սիրած միասնութիւնը: Կէսօրը անցած էր, երբ «Մուշի հայեր»ը մեզ տարին իրենց կեդրոնը, որուն մուտքի ճակատին թրքերէնով գրուած է Մուշի հայկական կեդրոն: Շարունակութիւնը էջ 26


Էջ 26

Հայ Կեանք

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ` Վաղուան Համար (30 Մայիս - 6 Յունիս 2019) Շարունակութիւն էջ 25-էն

Ներսը, այրեր եւ կիներ, ոգի ի բռին լծուած էին ճաշի, աւանդական գառի պատրաստութեան: Պատին վրայ մեծատառ գրուած էր հայերէն եւ ֆրանսերէն «Տարօն-Տուրուբերանի հայրենասիրական միութիւն»: Մեր խումբին հետ այս հանդիպումը «Մուշի հայերուն» համար յիշատակ կ’ըլլայ, բայց նաեւ ոմանք հաւանօրէն կը փորձեն որոնել իրենց արմատները, իրենց ինքնութիւնը: Այդ ճիգը հաւաքական ըլլալու համար կը կարօտի ծրագրումի, կազմակերպութեան, նիւթական եւ մարդկային ներդրումի: Մեծամասնութիւնը վաղը պիտի գտնէ իր բնական առօրեան: Մուշը մեր ետին ձգեցինք, բայց Մուշի հայերը կը տանինք մեզի հետ` որպէս խնդիր եւ յուզում: Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ մէկուկէս միլիոնին վրայ չգումարուի այսօրուան թաքուն մշեցիներուն հարիւր հազարը… Եթէ ոչինչ ընենք այսօր, վաղը մեր յետնորդները պիտի ոգեկոչե՞ն Մուշի եւ այլ վայրերու հարիւրաւոր հազարները, ճանաչումնե՞ր պիտի հետապնդեն.. Եթէ «թաքնուածներու» ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրանայ, անոնց կեանքը պիտի երկփեղկուի եւ պիտի դժուարանայ: Երբ արդէն ճանապարհին էինք դէպի Կարս, կը խորհէի, որ օր մը կարելի կ՛ըլլա՞յ, իրենց ըսածին հետեւելով, շրջանի հարիւր հազար հայերուն համար դպրոցներ ստեղծել: Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայերէն սորվեցնել, երբ դպրոցներուն մէջ կ՛արգիլուի քրտերէնի ուսուցումը:

Ը․ Կարս, Բերդ, Առաքելոց եկեղեցի, Ախուրեանով մայր Երկրէն Զատուած մեր Անին Հեռաւորութիւնները չեմ հաշուեր: Անոնք խրձիկ են: Այնքան խառն են տպաւորութիւնները եւ անոնցմէ ծնող ու բազմապատկուող միտքերը:

Ս․ Առաքելոց եկեղեցին - Կարս

անց դէմ առ դէմ կը գտնուինք Կարսի բերդին եւ Առաքելոց եկեղեցիին: Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը կը խօսի ինքնիրեն եւ մեզի համար: Աբաս Բագրատունիի օրերուն, 940-ական տարիներուն, կառուցուած է եկեղեցին, եւ 1579-ին օսմանցի թուրքերը զայն վերածած են մզկիթի, երբ գրաւած են քաղաքը, ապա, ռուսական գրաւման շրջանին, ան վերածւած է ռուսական ուղղափառ եկեղեցիի: 1917-ին թուրքերը եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի: Իսկ 1918ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, ան եղած է հայկական: 1920-էն ի վեր ան կրկին մզկիթ է: Մօտեցանք: Դռները փակ էին: Գմբէթին խաչ չկար: Ի՞նչ կ՛ըսէ քաղաքակիրթ աշխարհը, ի՞նչ կ’ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Ճիշդ հարցումներուն մէջ կը գըտնուին անոնց ճիշդ պատասխանները: Բարձունքին կը տիրէ բերդը, որ կառուցուած է Կարսը գրաւող թուրքերուն կողմէ, 1153-ին: Բայց կ’ըսուի նաեւ, որ հոն բերդ եղած է ուրարտական վաղ ժամանակաշրջանին: Մեր պատմական գրականութեան մէջ ան կը յիշուի որպէս Շարունակութիւնը էջ 27

Մութ է արդէն, երբ հանրակառքը (աւդոպուսը, autobus) կանգ կ’առնէ Կարսի հիւրանոցին առջեւ: Աշոտ Սողոմոնեան, պատմաբան, այնքա՜ն լաւ կազմակերպած է ճամբորդութիւնը, որ կարծէք մտաւորական չըլլայ: Ընթրիքէն ետք ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին եւ տնօրէն Էդիկ Մինասեանին հետ կը ժամադրուինք առաւօտ կանուխ երթալու համար Կարսի Առաքելոց եկեղեցին եւ պատմական բերդը: Առաւօտեան զովին կը բարձրանանք հիւրանոցի փողոցէն վեր, կը թեքինք աջ, քիչ ժամանակ

Կարսի բերդը


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 27

ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ` Վաղուան Համար (30 Մայիս - 6 Յունիս 2019) Շարունակութիւն էջ 26-էն

«Կարուց բերդ», երբ դեռ թուրքեր չկային: Անոր տիրած են ռուսերը: Քսաներորդ դարու սկիզբի մեր պատմութեան դժուար օրերուն հոն տեղի ունեցած են ծանրակշիռ իրադարձութիւններ: Կարսը հայկական քաղաք եղած էր: Իր մարդոցմով եւ բարբառով: Կը վերադառնանք հիւրանոց: Համահայկական խաղերու պատասխանատուները կ’երթան` տեսնելու քաղաքապետը եւ զայն հրաւիրելու Ստեփանակերտի խաղերուն, իսկ մեր խումբը կ’ուղեւորուի դէպի Անի: Հաստաբեստ պարիսպները դեռ կանգուն են: Անոնց զով ստուերին նստած են մարդիկ: Գեղեցիկ եւ տխուր Անի: Քարքարուտ արահետներով կը յառաջանանք: Եկեղեցիներ, որոնց անունները մեզմէ շատերուն մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը յուզած են, անոնք այնքա՜ն հարազատ կը թուին: Հովիւի եկեղեցին` պարիսպներէն դուրս, Ապու Ղամրենց, Տիգրան Հոնենց… Կողքէս քալող թրքուհին իր ամուսինին կը բացատրէ, որ մեծ վաճառական մը կառուցել տուած է այդ եկեղեցին: Վարէն կը հոսի հայ աշխարհը արհեստականօրէն բաժնելու դերին կոչուած Ախուրեանը: Ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, եւ այս պատկեր չէ, Հայաստանի Հանրապետութեան հողը քարընկէց մը հեռու է: Քաղաքական խենէշութիւններու անթաքոյց վկայութիւն… Եւ Անիի մայր եկեղեցին… Դարեր անցած են: Եկեղեցիին ներսը փողոցի պէս քարքարուտ է: Իսլամական տօն է, եկած են դիտելու, քանի մը օտարներ ալ կան: Եթէ հայ մարդիկ նկարելով չզբաղին, կրնան միայն լալ: Կրկին պոլսահայ Սիպիլ մեղմիւ կ’երգէ: Գետնէն ճկոյթի չափով խիճ մը կը վերցնեմ, կը պահեմ ափիս մէջ: Չար աշխարհէն ինծի բաժին ինկած ժառանգութիւն: Օր մը, տեղ մը կարդացած էի, որ ահաբեկչութիւնը թշուառներուն հիւլէական ռումբն է: Առանձին կը քալեմ դէպի ելքը: Կը հասնիմ պարիսպներու ստուերին, ուր սուրճի եւ զովացուցիչի շրջուն վաճառողներ աթոռակներ դրած են: Կու գան խումբի միւս անդամները: Ի՜նչ ահաւորութիւն… Մեզի մնացած է մեր ժառանգութիւն եկեղեցիները միայն տեսնելու եւ նկարելու իրաւունքը: Եւ կրկին ցաւի հարցումը. մինչեւ ե՞րբ… Անի քաղաքին մէջ չկան միայն եկեղեցիներ: Տիրողը պարիսպներէն ներս հաստատած է նաեւ թիթեղածածուկ գոմեր, եկեղեցիներու անմիջական

Գեղեցիկ եւ տխուր Անի

դրացնութեամբ: Քաղաքակիրթ եւ մարդկային աշխարհի լրատուամիջոցները ինչո՞ւ նկարահանող խումբեր չեն ղրկեր հոս` յանուն մշակոյթներու պաշտպանութեան, որուն մասին այնքա՜ն կը սիրեն խօսիլ: Հայաստան կ’ըսեն կրաֆիկը: Մեր ուղեւորութիւնն ալ ունի իր կրաֆիկը, ուղին եւ ժամերը, պէտք է խմբուիլ եւ մեկնիլ: Կը մեկնինք` Անին մեր աչքերուն եւ մեր այ-ֆոններուն մէջ:

Թ. Անիէն Ախալքալաք, Գիւմրի եւ Երեւան Մարդոց անարդարութեան գինը վճարելու պարտադրանքով մեր ետին կը ձգենք հարազատ Անին: Կը մտածեմ, որ միշտ վառ պէտք է պահել Յոյսը: Աւետիս Ահարոնեան մեր պատմութեան ամէնէն մութ պահերուն ըսած էր, որ` «դեռ կայ հրաշքը»: Իրաւ ազգային քաղաքականութեան առանցքին եղած է եւ կայ հրաշքի հաւատքը, այնքա՜ն տարբեր` վկայեալ գործնապաշտներու նահանջականութենէն: Թրքական եւ վրացական սահմանի Կարծախի լիճի եզերքով կը շարունակենք մեր ճանապարհը: Կարծախով պիտի մտնենք Վրաստան: Մուտքին տեղի ունեցաւ անհեթեթ միջադէպ մը, երբ սահմանապահները ակադեմիկոս, Ախալքալաք ծնած եւ նոյն տեղի «պատուաւոր քաղաքացի» Աշոտ Մելքոնեանին մուտքը արգիլեցին: Միջադէպ, որուն լայնօրէն անդրադարձաւ մամուլը: Յետոյ իմացանք, որ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջամտութեամբ թոյլատրուած էր Աշոտ Մելքոնեանին մուտքը, որպէսզի ան Հայաստան վերադառնար: Զարմանալի վերաբերում` անձնաւորութեան մը նկատմամբ, որուն առջեւ աւելի քան քառասուն երկիրներու սահմանՇարունակութիւնը էջ 28


Հայ Կեանք

Էջ 28

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ` Վաղուան Համար (30 Մայիս - 6 Յունիս 2019) Շարունակութիւն էջ 27-էն

Ի՞նչ եզրակացնել, ի՞նչ ըսելու համար: Պահ մը նոյնիսկ մտածեցի, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար այս ճամբորդութիւնը չընել, որպէսզի ցաւի եւ կորուստի զգացումները բաց վէրք չդառնային: Հիմա միտքերս կը նմանին խռիւ մազերու, հայրերուս նարնջենիներու բոյրին, եւ կանաչին կը միաձուլուին` հերոսապատումի Մուսա Լեռը, Վանայ ծովակին կապոյտը, Արթոս եւ Սիփան լեռները, Արածանին, Ախուրեանը, Արաքսը, բերդերը, ուր ժամանակը կանգ առած է, լուռ սպասումի մատնուած` Ախթամարի, Կարսի Առաքելոց եւ Անիի եկեղեցիները…

Աշուղ Ջիւանի

ները բաց եղած են` իր իսկ վկայութեամբ: Ճանապարհի կէսին, Հայաստանի անցակէտը չհասած, Աշոտ Մելքոնեանը եւ ճամբորդութեան առաջնորդը` Աշոտ Սողոմոնեանը միացան մեզի: Կարծախը հայկական գիւղ է Վրաստանի մէջ: Ան ծննդավայրն է նաեւ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի: Վրաստանի մէջ գտնուող Սամցխէ-Ջաւախքի Ախալքալաքի ճամբով պիտի հասնինք Գիւմրի: Տխրութեամբ կը հաստատենք` բաղդատելով Թիֆլիսի գեղեցկութեան, ճոխութեան եւ խնամքին, որ շրջանը լքուած եւ անխնամ տեսք ունի, ճամբաները գրեթէ անանցանելի են: Հատուած մը, դէպի Գիւմրի, արձանագրուած է 38 քմ, տեւեց չորս ժամ: Մութ է արդէն, երբ Գիւմրի կը հասնինք: Վերջին անգամ Գիւմրի եկած էի քառորդ դար առաջ: Ուրախացայ, երբ տեսայ մաքրուած փողոցները եւ քաղաքապետարանի լուսաւորուած շէնքը: Գեղատեսիլ վաճառատուներ կային, եւ եկեղեցին, կանգուն, հոն էր միշտ: Որքա՜ն պիտի ուզէի կրկին տեսնել ֆրանսական թեքումով դպրոցը, ուր օր մը լրիւ անցուցած էի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին հետ, զրուցած, եւ վերադարձիս խօսած անոնց մասին` հայկական ձայնասփիւռէն: Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, որ կը ջնջէր հին անլոյս օրերու պատկերները, հրաժեշտ կու տանք Գիւմրիին, ուր պէտք է վերադառնալ, կրկին տեսնել եւ լսել մարդիկը, վկայել վերածնունդի մասին: Ուրիշ բառ չեմ գիտեր կացութիւնը եւ յոյսը բնորոշելու համար: Գիշերուան ժամը երեքին հանրակառքէն կ’իջնենք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը: Այս գրեթէ ճամբորդական նոթերը եւ տպաւորութիւնները եզրակացնելու եւ ամփոփելու համար լուռ նստած եմ համակարգիչիս առջեւ:

Եւ ինչպէ՞ս կրնամ ազատագրուիլ ՀայրէտտինՀայկի եւ Պուրհան-Նշանի բացած պատուհանի մութէն, ուր կան անհետ կորած հինգ հարիւր եկեղեցիներ եւ լռած-թաքնուած հարիւր հազարաւոր հայեր: Կ’ըսեն, որ սորվելու եւ ապրելու համար պէտք է մոռնալ գիտնալ: Երանի անոնց, որոնք այդ հոգիի տկարութիւնը եւ ուժը ունին: Բայց Արարատը հոն կանգնած է եւ կ’ըսէ, որ` «Դուն հոն ես եւ ես հեռու, իրարմէ այնքա՜ն հեռու եւ այնքա՜ն մօտ»: Բանաստեղծները միշտ գիտցած են գտնել ամոքող գաղտնաբառերը: Հայրենի կարօտ, դու ծանր անում ես, Իմ դատարկ հոգում դու խորանում ես, Ամէնին չգնաց, փշրուեց, անցաւ, Բայց դու բարձրանում ու ծովանում ես: (Վահան Թոթովենց) Ծովանում ես, կ՛ըսէ բանաստեղծը իր կարօտին: Եթէ մեր ժողովուրդին ըսէինք` ծովանանք հայրենի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ, այդ կ՛ըլլար այսօրուան եւ վաղուան յաղթանակ: Այս ընելու համար պէտք է լսել քսաներորդ դարու ներհուն գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ պատգամած է, թէ` «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Ըլլալ «ծագումով հայ» եզրակացութիւնը չէ՞ Վիգէն Խեչումեանի խարանող խօսքին: Իսկ ի՞նչ ընել «թաքնուած հայ»երուն համար: Ճամբորդեցի, տեսարանները գեղեցիկ էին, բայց մնացի տգէտ, չեղայ այ-ֆոնով զբօսաշրջիկ… թմրած ուղեղով տուրիստ… պատմութեան բեռը եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումը շալկած` գացի եւ եկայ:

(Շար. 3 եւ վերջ) 11Յունիս 2019, Երեւան


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 29

ՌԱԿ-ի երախտաւորները

ՅՈՎՍԷՓ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ 1877, Պիթլիս – 1934, Գահիրէ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Ե

րախտաւոր Գույումճեան ծնած է Պիթլիս, 1877-ին։ Ծննդավայրի նախնական կրթութեան վարժարանը չաւարտած, ծնողքը զինք 8 տարեկանին կ՚ուղարկէ Պոլիս։ Կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, որ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք 1896-ին, կ՚որոշէ մնալ հոն, ուր կը պաշտօնավարէ իր աւարտած Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ։ Շուրջ 12 տարի պաշտօնավարելէ ետք, Վահան Թէքէեանի առաջարկով, կը հրաւիրուի Վանի նորակազմ ռամկավար շրջանակ, անցնելու Կեդրոնական Հայկազեան վարժարանի տեսուչի պաշտօնին։ 1909-ի գարնան Գույումճեան Վան կը մեկնի ստանձնելու իրեն առաջարկուած պաշտօնը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Գույումճեան Պոլսոյ մէջ դարձած էր փնտռուած հասարակական գործիչ մը ու 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, ան ընտրուած էր երեսփոխան Օրթագիւղի շրջանէն՝ Պոլսոյ Ազգային ժողովին մէջ, Գույումճեան կը նախընտրէ մեկնիլ գաւառ ու հոն գործուն դեր վերցնել սատարելով Վասպուրականի կրթական ու հասարակական կեանքին։ Այդ օրերուն, իր դաւանած Սահմանադրական ռամկավար գաղափարախօսութեամբ, Վասպուրականի շրջանակը կարեւոր դեր պիտի վերցնէր որպէս շարունակութիւնը Արմենական կուսակցութեան Ա. շրջանակի։ Տարուան մը ընթացքին արդէն Գույումճեան կը դառնայ սիրուած ու փնտռուած դաստիարակն ու ազգային գործիչը, մանաւանդ կուսակցութեան եւ համակիր ընտանիքներուն համար։ Իր աշակերտներէն շատեր արդէն խանդավառ էին ծառայելու իրենց տնօրէնին պատկանած ու քարոզած գաղափարախօսութեան։ 1910-ի Ապրիլին, ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան 4-րդ տարեդարձին առիթով, Յովսէփ Գույումճեան կը նախաձեռնէ Միութեան Վանի մասնաճիւղի կազմութեան, որուն առաջին ատենապետը կ՚ընտրուի ծանօթ ազգային Պետրոս Պէյ Գափամաճեանը, իսկ Գույումճեան կը դառնայ վարչական անդամ այդ կազմէն ներս։ Նոյն տարուան աւարտէն առաջ, Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովին կողմէ կը նշանակուի պատուիրակ, շրջելու Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններ ու դառնալու կրթական գործիչ։ Վանի մէջ գոյութիւն ունէր Միացեալ Ընկերու-

թեան վարժապետանոցը, որուն Վանի դաշնակցական կառոյցը ոտնձգութիւններով կը փորձէր փակել տալ վարժապետանոցը։ Վասպուրականի ռամկավար շրջանակի կարգադրութեամբ երախտաւոր Գույումճեան կը դառնայ վարժապետանոցին տնօրէնը։ Ան, իր հմտութեամբ՝ որպէս կրթական մշակ, կ՚արհամարհէ ամէն ոտնձգութիւն, իսկ տարի մը ետք 1912-ին, Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովի եւ Միացեալ ընկերութեան գործակցութեան շնորհիւ, Գույումճեանին կը յանձնուի վարժապետանոցին հոգատարութիւնը։ Նոյն տարին ան կը նշանակուի ընդհանուր տեսուչ Բարեգործականի Մեծ Հայքի վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Միութեան մասնաճիւղերու շրջուն գործիչ Արեւմտահայաստանի համար։ Իսկ վարժապետանոցի տեսչութիւնը կը վստահուի ամերիկահայ ծանօթ խմբագիր Միքայէլ Մինասեանին, որ նախ եկած էր Պոլիս, որպէս խմբագիր «Լոյս» թերթին։ Երախտաւոր Յովսէփ Գույումճեան իր շրջուն պաշտօնին առընթեր, նաեւ մաս կը կազմէ Վասպուրականի ռամկավար շրջանակի ղեկավարութեան ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Վան-Տոսպ» պաշտօնաթերթին՝ որպէս աշխատակից։ Արդէն հասած էր կարմիր Ապրիլը ու Վասպուրականի հայութեան ճակատագիրը ինքնապաշտպանութիւնն էր, 1915-ի Վանի հերոսամարտով։ Արեւմտահայաստանի հայութիւնն ալ տեղահանութեան, կողոպուտի ու ջարդի արհաւիրքը կ՚ապրի։ Վարժապետանոցը կը փակուի, իսկ կրթական մշակ Յովսէփ Գույումճեան կը կանգնի զինուորական ղեկավար Արմենակ Եկարեանի կողքին։ Իրեն կը յանձնուի խրամներու ինքնապաշտպանական խումբի մը առաջնորդութիւնը, ուր յաջոՇարունակութիւնը էջ 30


Հայ Կեանք

Էջ 30

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

ՅՈՎՍԷՓ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ 1877, Պիթլիս – 1934, Գահիրէ Շարունակութիւն էջ 29-էն

ղութեամբ Այգեստանի շրջանէն թուրք բանակը կը հեռացնեն։ Վանի հերոսամարտի յաղթանակէն ետք, միայն հինգ ամիսներ Վասպուրականի հայութիւնը կրցաւ պահպանել իր պապենական հողը, որովհետեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերի աւարտին, ռուսական բանակի նահանջին պատճառաւ Վասպուրականի հայութիւնն ալ գաղթականի ցուպը բռնած, անցաւ Վաղարշապատ կամ Թիֆլիս։ Յովսէփ Գույումճեան կը հաստատուի Թիֆլիս, ու գործուն մասնակցութիւն կը բերէ Կովկասի մէջ, վերակազմակերպելով ռամկավար շրջանակը, ու մաս կը կազմէ «Վան-Տոսպ» պաշտօնաթերթի վերահրատարակման աշխատանքներուն, Արտակ Դարբինեանի եւ Վարդան Պապիկեանի կողքին։ 1917-ին, իր առողջութեան վատթարացման պատճառաւ, կը ստիպուի Շուէտի ճամբով մեկնիլ Փարիզ՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի անապահովութեան թոհուբոհին տակ։ Փարիզի մէջ դարմանուելէ ետք, շուրջ 3 տարի բնակութիւն կը հաստատէ հոն, մաս կազմելով տեղւոյն հասարակական կեանքին։ 1920-ի վերջաւորութեան կը հրաւիրուի Պոլիս, ու կը ստանձնէ Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչական պաշտօնը։ Պոլսոյ մէջ այս շրջանին ազգային հասարակական նոր զարթօնք մը գոյութիւն ունէր, ուր Ռամկավար կուսակցութիւնը կը հրատարակէր «Հայրենիքի Ձայն» պաշտօնաթերթը։ Կրթական ասպարէզին կողքին ան կը լծուի ազգային կարեւոր աշխատանքի, մաս կազմելով Ռամկավար եւ Ազատական հոսանքներու միաձուլումին, որ պիտի հռչակէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 1 Հոկտեմբեր 1921-ին։ Այս ժամանակաշրջանին Գույումճեանի սերտ գործակիցը կը դառնայ Վահան Թէքէեան, որ կը վարէր Կեդրոնականի տեսչութիւնը։ 1923-ին Գույումճեան կ՚անցնի Փարիզ, քեմալական արշաւանքներուն պատճառաւ վերջնականապէս հեռանալով Պոլիսէն։ Արշակ Չոպանեան, որ ՌԱԿ-ի կազմութենէն ետք ստանձնած էր Ֆրանսայի Ռամկավար շրջանակի կազմաւորումը, կը հրաւիրէ Գույումճեանը ստանձնելու «Ապագայ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, որ ձեռնհասութեամբ կը վարէ շուրջ երկու տարի։ 1925-ին կը հրաւիրուի Մարսէյլ, որպէս տեսուչ «Դպրոցասէր» վարժարանին։ Երկու տարի ետք վարժարանը կը տեղափոխուի Փարիզ եւ Գույումճեան կը վերադառնայ Փարիզ նոյն պաշտօնը շարունակելու։ Այս ժամանակաշրջանին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնը Աթէնքէն տեղա-

փոխուած էր Փարիզ, ուր Արշակ Չօպանեան ստանձնած էր Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը։ 1929-ին Փարիզի մէջ կայացած ՌԱԿ Դ. Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը Գույումճեանը կ՚ընտրէ անդամ Կեդրոնական վարչութեան՝ Չօպանեանի, Միքայէլ Պապաջանեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանի եւ Յովհաննէս Պօղոսեանի կողքին, յաջորդ երկու տարիներուն համար։ Փարիզի կրթական պաշտօնէն կը հրաժարի 1933-ին ու կը մեկնի Եգիպտոս, հրաւէրովը Եգիպտահայ Թեմական խորհուրդին, դառնալու համար տեսուչը Հելիոպոլսոյ «Նուպարեան» ազգային վարժարանին։ Տարեշրջանը չաւարտած Գույումճեան կ՚անհանգստանայ ու կը տեղափոխուի հիւանդանոց, ուր հազիւ երկու ամիս անց անդարման, իր մահկանացուն կը կնքէ 1934 Մարտին՝ հազիւ 57 տարեկան հասակին։ Երախտաւորին նուիրեալ վաստակը ճանչցող աշակերտները ու գաղափարի ընկերները՝ Պոլիսէն Վան ու Փարիզէն Գահիրէ, իրենց վշտակցութիւնը յայտնած են «Արեւ» օրաթերթին, որուն խմբագրութիւնը ստանձնած էր Յովհաննէս Պօղոսեանը։ Պօղոսեան դամբանականով մը դրուատած է երախտաւոր Գույումճեանի կրթական ու հասարակական նուիրեալ վաստակը, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած ազգային յուղարկաւորութեան ընթացքին։ 

Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց Յունաստանի Աթէնք

Տօն Վերացման Սրբոյ Խաչին Վերացման Սրբոյ Խաչի տօնին առթիւ ձեզ կը հրաւիրենք մասնակցելու ձայնաւոր Սուրբ Պատա­ րագի, ապա Ռեհանի օրհնութեան, Կիրակի՝ 15 Սեպտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7-ին, հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռա­ նիստ եկեղեցւոյ մէջ՝ Նէոս Գոզմոս։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի պիտի ունենայ յունական երեկոյ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Խրախճանքը պիտի ճոխացնէ երգիչ Պապիս եւ իր պարողները։ Ընթրիք՝ Հալէպի լահմաճուն։ Մուտքը ազատ է։ Երկուշաբթի՝ 16 Սեպտեմբեր 2019-ին պիտի նշուի Օր Մեռելոց, առաւօտեան ժամը 9-ին Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգիստ, հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Նէոս Գոզմոս։


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Էջ 31

Լեզուաբանական

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Հագնիլ եւ հագուիլ Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ անոնց տարբերութիւնը: Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Սոսկածանցաւոր բայ է եւ ունի ածանցական խոնարհում՝ հագայ-հագար-հագաւ-հագի՛ր: Ներգործական է եւ առ այդ օժտուած է ներգործականութեան երկու հիմնական յատկութիւններով. ա) կրնայ ուղիղ խնդիր ստանալ՝ հագուստ հագնիլ, տաբատ հագնիլ, կօշիկ հագնիլ եւ այլն. բ) նաեւ ունի իր կրաւորականը՝ հագնուիլ. «Այս կօշիկը դեռ կը հագնուի, այդ մէկը այլեւս չի հագնուիր»: Ոմանք կ’ըսեն՝ չի հագցուիր, ինչ որ սխալ է. չի հագնուիր-ը կը համապատասխանէ չի տեսնուիր, չի գտնուիր, չի զարնուիր ձեւերուն, որոնք անվիճելի են եւ փոխարինելի չեն տեսցուիր, գտցուիր, զարցուիր «տարբերակներով», որոնք գոյութիւն չունին: Բայս օժտուած է նաեւ անցողական կամ պատճառական սեռով՝ հագցնել, որ կու տայ հագցուցի-հագցո՛ւր. օրինակ՝ «Մայրը զաւակին կօշիկը հագցուց»: *** Գալով հագուիլ-ին, ապա այս բայը բոլորովին աշխարհաբարեան ծագում ունի, կը համապատասխանէ ֆրանսերէնի` s’habiller, անգլերէնի to get dressed բայերուն. սեռով չէզոք է (Տե՛ս Այտընեան, Քնն. քեր., էջ 65, § 215), հետեւաբար չի կրնար ուղիղ խնդիր ստանալ, եւ ճիշդ այս կէտին մէջ է, որ կը գործուին բոլոր սխալները: Կարելի չէ ըսել՝ հագուստ կը հագուիմ, կօշիկ կը հագուիմ կամ թէ որեւէ այլ առարկայ յիշել իբրեւ ուղիղ խնդիր: Հագուիլ կը նշանակէ իր վրայ կրել օրուան կամ եղանակին թելադրած զգեստները՝ կօշիկէն մինչեւ գլխարկ ի պահանջեալ հարկին. այս առումով՝ ան մօտաւոր հոմանիշ է զգեստաւորուիլ կրաւորական բային, որ նմանապէս ուղիղ խնդիր չի կըրնար առնել. Ի՞նչ կ’ընես,-- կը հագուիմ: Հագուեցայ ու ներկայացումի գացի: Տակաւին չեմ հագուած: Ինչպէս նկատելի է, որեւէ առարկայի անուն՝ իբրեւ ուղիղ խնդիրի, չտրուեցաւ: Վերջին նախադասութիւնը չի նշանակեր, թէ ենթական մերկ է, այլ տուեալ պահի թելադրած պատշաճ իրերը չի կրեր իր վրան: Բայիս խոնարհումը կու տայ՝ հագուեցայհագուեցար-հացուեցաւ-հագուի՛ր: Բայս ունի պատճառական սեռն ալ՝ հագուեցընել, որ կու տայ հագուեցուցի-հագուեցո՛ւր.

օրինակ՝ «Մայրը հագուեցուց փոքրիկները»,_ կը համապատասխանէ զգեստաւորել հոմանիշին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն habiller կամ vêtir, իսկ անգլերէն to get dressed բայերուն: Ծանօթ.-- 1. Ամէն պատճառական բայ կրնայ ստանալ ուղիղ խնդիր մը, որմէ զուրկ է այդ նոյն բային չէզոքը, այս պարագային՝ հագուիլ-ը: Սակայն, ինչ կը վերաբերի հագուեցնել-ին, չենք կրնար ասոր իբրեւ ուղիղ խնդիր տալ զգեստի մը անունը. ճիշդ ինչպէս որ չենք կրնար ըսել հագուստ հագուիլ, այնպէս ալ չենք կրնար ըսել՝ հագուստ հագուեցնել, տաբատ հագուեցնել եւ նմանները. այլ այդ ուղիղ խնդիրը պէտք է ըլլայ զգեստը կրողի՛ն անունը, այլ խօսքով՝ հագուիլ բայի ենթակա՛ն, այսպէս՝ հագուեցնել զաւակը, հիւանդը, Թորոսը, Մարկոսը եւ այլն (օրինակ՝ Տղաս հագուեցաւ եւ Տղաս հագուեցուցի) համազօր է զգեստաւորեցի-ին: 2. Հագուիլ բայը այլապէս կրնայ ունենալ իր լրացումները՝ շատ հագուիլ, քիչ հագուիլ, վայելուչ հագուիլ, անճաշակ հագուիլ, հաստ հագուիլ, բարակ հագուիլ, արագ հագուիլ, դանդաղ հագուիլ եւ այլն, որոնք բոլորն ալ պարագայական լրացումներ են:

Պէտք է լաւ ի մտի ունենալ, որ հագուիլ-ը, հակառակ իր ուիլ վերջաւորութեան, կրաւորական բայ մը չէ, այլ չէզոք է. այսպիսիները հազուագիւտ են հայերէնի մէջ եւ կը կոչուին կրաւորակերպ, այսինքըն՝ կերպով, երեւոյթով կրաւորականի կը նմանին, սակայն ըստ էութեան կրաւորական չեն: Կրաւորական բային հիմնական յատկանիշը ներգործող խնդիր ունենալն է, իսկ հագուիլ-ը չի կրնար ներգործող խնդիր ունենալ: Տեսականօրէն կրաւորական կրնայ ունենալ հագուեցնել բայը, որ է հագուեցուիլ, որը սակայն շատ ապաշնորհ ու խժալուր բառ մըն է, որ փաստօրէն չի գործածուիր: «Առձեռն»-ը չունի հագուիլ: Քիչ անց 1886ին Սամուէլ վ. Գանթարճեան իր «Գաղղիերէն-հայերէն-տաճկերէն բառարան»-ին s’habiller բառին կից գրած է հագուիլ, մինչ porter-ին կից՝ կրել, իսկ se porter-ին կից՝ հագնուիլ: Ուրեմն կատարելապէս ըմբռնուած է հագուիլ-ին եւ հագնուիլ-ին տարբերութիւնը: Քիչ մը զարմանալի է, բայց ահա Յովհ. Գազանճեան ետքայլ մը ընելով հագուիլ-ը կը ներկայացնէ իբրեւ հագնիլ-ին կրաւորականը: Աշխարհաբարի բառարաններէն միայն Գայայեան ունի թէ՛ հագնիլ, թէ՛ հագուիլ. այս վերջինին համար տրուած հոմանիշները՝ շքուիլ, յարդարուիլ, մոլորեցուցիչ են: Շուքի ու յարդարանքի գաղափարը չկայ այս բային մէջ. ծովազգեստ մը վրան եւ գլխարկ մը գլուխը անցընելն ալ հագուիլ է, արքայական ծիրանի կրելն ալ հագուիլ է: Հայր Պետրոս Ճիզմեճեան ունի միայն հագնիլ, որ սակայն խոնարհած է հագուեցայ ձեւով, Շարունակութիւնը էջ 32


Հայ Կեանք

Էջ 32

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Շարունակութիւն էջ 31-էն

ինչ որ սխալ է. հագնիլ-ը, տեսանք, կու տայ հագայհագի՛ր,. իսկ հագուեցայ-ն կատարեալն է հագուիլ -ին, որ բացակայ է բառարանէն: Տէր Խաչատուրեան եւ հայր Կռանեան չունին հագուիլ: *** Բաղդատական տախտակ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի ա) Մերիններուն դիմաց արեւելահայերէնը ունի հագնել, որ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագնիլ-ին. երկուքն ալ ներգործական են եւ կատարեալի մէջ ունին նոյն խոնարհումը՝ հագայ -հագար-հագաւ-հագի՛ր. օրինակ՝ --- Այսօր նոր զգեստդ հագի՛ր: --- Նրանց կանայք մուշտակ կը հագնեն: --- Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ: --- Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ հագան: Ասոնք լրիւ կը համապատասխանեն արեւմըտահայերէնին. --- Այսօր նոր զգեստդ հագի՛ր: --- Անոնց կիները մուշտակ կը հագնին: --- Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ: --- Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ հագան: բ) Ունի նաեւ հագնուել, որ չէզոք է եւ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագուիլին. երկուքն ալ զրկուած են ուղիղ խնդիր առնելէ. օրինակ՝ --- Շտապ հագնուեց ու փողոց վազեց: --- Վասակը սկսաւ արագ հագնուել: --- Ամառ-ձմեռ նա միատեսակ կը հագնուի: --- Ներս մի՛ գար, դեռ հագնուած չեմ: Ասոնց դիմաց, ուրեմն, արեւմտահայերէնը կը դնէ հագուիլ. այսպէս՝ --- Շտապ հագուեցաւ ու փողոց վազեց: --- Վասակը սկսաւ արագ հագուիլ: --- Ամառ-ձմեռ ան միատեսակ կը հագուի: --- Ներս մի՛ գար, դեռ հագուած չեմ: գ) Ուրեմն այս երկուքէն բացի՝ արեւմտահայերէնը ունի հագնուիլ կրաւորականը, որ կը սերի հագնիլ ներգործականէն եւ կը պակսի արեւելահայերէնին. այսպէս՝ --- Այս կօշիկը շատ հին է ու այլեւս չի հագնուիր: --- Նման տաք վերարկուն միայն ձմեռը կը հագնուի: ===========================

Առնչութի՞ւն, թէ՞ առընչութիւն Ասի բաղադրեալ բառ մըն է, որուն բաղադրիչներն են՝ առ-ինչ-ութիւն: Առնչութիւն դառնալով՝ ինչ բաղադրիչին ի ձայնաւորը կը սղի ու փոխարէնը կը լսուի ը ձայնա-

ւորը, որ ոմանք չեն գրեր (առնչութիւն), իսկ ուրիշներ կը գրեն (առընչութիւն)՝ մէկ միաւորով աւելցընելով բառամէջի ը-ի գործածութիւնը, որուն այնքան հակառակ է մեր լեզուն եւ էր...Մեսրոպ Մաշտոց ի՛նքը: Այս պարագային եւս երկւութեան սերմը կը գտնենք, դժբախտաբար, «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, ուր բառս հաւասարապէս կիրարկուած է երկու ձեւերով. բայց իրապէս պէ՞տք է այս եզակի գործը այպանել նման երկւութիւններու համար: Պէտք չէ մոռնալ, որ «Նոր հայկազեան»-ը ուղղագրական ձեռնարկ մը չէ, այլ ան յղացուած է իբրեւ հարազատ պատկերը, հայելին, անդրադարձը մեր անցեալի մատենագրական ժառանգին, ուր նման երկւութիւններ անխուսափելիօրէն յառաջացած են, ինչպէս պէտք է ըլլայ պարագան աշխարհի բոլոր հին մատենագրութեանց. անոր հեղինակները պարզապէս ջանացած են հարազատօրէն ցոլացնել այդ երկւութիւնները կամ բազմաձեւութիւնները: Կաճառ մը, լեզուաբանական հիմնարկ մը կամ եզրաբանական կոմիտէ մը պէտք է ընէր այդ զտումի աշխատանքները. ահա ա՛յս է որ պակսած է արեւմտահայերուս, մինչ արեւելահայերը ունեցած են այդ բախտը, որուն շնորհիւ ալ արեւելահայերէնի բառապաշարը գրեթէ զերծ է ակնբախ ու գայթակղեցուցիչ բազմաձեւութիւններէ: «Նոր հայկազեան»-ը ունի առինչ, որ հաւասարապէս տուած է առընչից եւ առինչից. ապա ունի առինչունակ, բայց նաեւ առնչունակ, այլեւ ունի առնչութիւն (Ա. հատոր, էջ 305բ). յատկանըշական է, որ այս վերջին բառը առանձին բառայօդուածի չէ վերածուած: Աշխարհաբարը աւելցուցած է առնչել, առնչուիլ, առնչակից, առնչակցիլ, առնչաբար, առնչական, առնչում: «Առձեռն»-ը ունի միայն առնչակից, Գաբամաճեան՝ առնչակից եւ առնչութիւն, եւ այնուհետեւ բոլոր բառարանագիրները՝ Գայայեան, հայր Ճիզմեճեան, Տէր Խաչատուրեան այս եւ արմատակից բառերը գրած են առանց ը-ի: Բայց ահա Բենիամին Թաշեան 1963-ին կը պաշտպանէ առընչութիւն ձեւը՝ ծանօթ հիմնաւորումով: Որմէ ետք զայն ը-ով կը գրէ հայր Կռանեան եւս՝ առընչուիլ եւ առընչութիւն: Արեւելահայերը ը-ով ոչ մէկ միաւոր ունին: Եթէ ը-ով գրութեան բառարանային համեմատութիւնը շատ համեստ է, ապա արեւմտահայ իրականութեան մէջ այդ համեմատութիւնը բաւական բարձր է. գոնէ 50 տոկոս, եթէ ոչ աւելի: Անշուշտ պէտք չէ կարծել, թէ հայր Կռանեանին կը պարտինք այս բարձր համեմատութիւնը: Այս ալ արեւմտահայու հոգեբանութեան մէկ շատ հարազատ ցոլացումն է. ան կը սիրէ շեղիլ սովորական ճամբայէն ու անցնիլ նեղ կածաններէ. այս պատկերն ալ կը գտնենք մեր սերտած բառին առթիւ: Բառս եւ անոր բաղադրեալները ը-ով գրողներուն հիմնաւորումը ա՛յն է, որ միավանկ արմատնեՇարունակութիւնը էջ 33


Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

Հայ Կեանք

Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Գրաուած օրեր՝ 6 Հոկտեմբեր 2019 Յիշատակի Պաշտամունք Նուիրուած՝ Աստղիկ Չոլաքեանի Առաւօտեան ժամը 11։00-ին Գոքինիա

2 Նոյեմբեր 2019 Հայ Աւետարանական Տիկնանց Մարմնի Տարեկան Պազար Գոքինիա

Էջ 33

ԿՈՉ

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Նախկին Սաներուն եւ Բարեկամներուն Օգտուելով արհեստագիտութեան պարգեւած բարիքներէն, ստեղծած ենք ֆէյսպուքի խումբ մը՝

Vahan Tekeyan School’s Alumni and Friends Ընկերային համացանցի այս խումբին նպատակն է ի մի բերել աշխարհասփիւռ բոլոր թէքէեանցիները: Առ այս, կոչ կ’ուղղենք առնչուած բոլոր մեր սիրելիներուն անյապաղ անդամակցիլ նշեալ խումբին, իրար հետ բաժնեկցելու նկարներ, դրուաքներ, եւ լաւ յիշատակներ:

Աշխարհասփիւռ Թէքէեանցիներու Համախմբում

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ Շարունակութիւն էջ 32-էն

րու բառասկիզբի ի-ն բարդումի եւ ածանցումի առթիւ կը հնչիւնափոխուի ը-ի. օրինակ՝ ինչ-ընչեղ, ընչաքաղց, ընչազուրկ, ինձ-ընձենի, իղձ-ըղձալի, ունդ-ընդեղէն եւ այլն. ուրեմն՝ առինչ-առընչութիւն: Թէեւ այս վերջին բերուած օրինակները կը տարբերին անով, որ ասոնց մէջ հնչիւնափոխուող ի-ն կը գտնուի բառին սկիզբը, իսկ այդ դիրքի վրայ ը-ի զեղչումը կ’աղաւաղէ բառերը. անընթեռնելի են՝ նչեղ, նձենի, ղձալի եւ այլն. այս պատճառով ալ այս դիրքին վրայ ը տառի առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Մինչդեռ առնչութիւն բառին մէջ ը-ի բացակայութիւնը որեւէ աղաւաղում չի յառաջացներ: Ահա այս հիմամբ ալ վաղ գրաբարեան օրերէն նման ը մը աւելորդ տեսնողներ եղած են, որոնց վրայ աւելցած են աշխարհաբարի մէջ այդ ը-ն անտեսողները: Հարցը ինքզինք այսպէս ալ լուծած ըլլալ կը թուէր՝ նկատի առած այն լայն կիրարկութիւնը, որ, սկսած գրաբարի օրերէն, թօթափած է ը միջանկեալ տառը: Սակայն, ինչպէս ըսի, բաւական մեծ է թիւը անոնց, որոնք կառչած են այդ ը-ին: Ի նպաստ անոր զեղչումին՝ բերենք հետեւեալ հիմնաւորումը եւս. Բառակազմական տեսակէտէ՝ առ-ինչ եւ ոչինչ երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանին իրարու. ըստ

այսմ ալ եթէ կարելի է կամ պէտք է գրել առընչութիւն, ապա պէտք է կարելի ըլլայ նաեւ գրել ոչընչութիւն: Արդ, մենք չենք պատկերացներ արեւմտահայ մը, որ ոչնչութիւն, ոչնչական, ոչնչային, ոչնչաբան, ոչնչանալ [1] բառերէն մէկը կամ միւսը փորձուէր գրել ը-ով. ինչո՞ւ,− չենք գիտեր ինչո՛ւ, սակայն այս այսպէ՛ս է: Նոյնքան բարացուցական է յղել բառը, որ ստուգաբանօրէն՝ ի ուղել է, ուր նմանապէս զեղչուած է ու ձայնաւորը՝ առանց ը-ի վերածուելու: Միւս կողմէ՝ մենք չենք կրնար երկու չափ, երկու կշիռ ալ գործածել նոյն երեւոյթներուն հանդէպ, նոյնիսկ եթէ նման բաներ կամայաբար, իսկ երբեմն ալ տգիտաբար տեղի ունեցած են մեր լեզուի անտէրութեան դարերուն: Հիմա որ որոշած ենք այլեւս վերջ տալ բազմաձեւութիւններու եւ աւելի կուռ ու տրամաբանական ուղղագրութիւն մը կտակել մեր յետնորդներուն, ապա մեզի կը մնայ, որ միահամուռ որդեգրենք բերուած բառայօդուածին ը-է զուրկ տարբերակը ու գրենք՝ առնչութիւն, առնչուիլ, առնչակից եւ այլն: [1] «Նոր հայկազեանը» ոչինչ բառայօդուածին կից դրած է ոչընչի, քիչ անդին ունի ոչնչէ. իսկ բոլոր բաղադրեալ բառայօդուածները առանց ը-ի են, ինչպէս՝ ոչնչանամ, ոչնչութին, ոչնչաքեան եւ այլն:


Էջ 34

Հայ Կեանք

Նոր հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ  Արսէնեան Մարիա, «Հայոց տաճարային ճարտարապետութիւնը Ուքրաինայի տարածքին», Քիեւ, 2019 (ռուսերէն):  Բարխուդարեանց Մակար եպս., «Արցախ», Ստեփանակերտ, 2019 (վերահրատարակութիւն երկրագիտական նոյնանուն հատորին):  Գատեան-Կոփիկեան Սիւզըն, «Հայկական առածներ եւ ասացուածքներ», նկարներու հեղինակ՝ Սիւզըն Քոլիեր Պոլթ, Միչիկընի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա.Մ.Ն., 1 Մայիս 2019, 223 էջ (19 x 22,9 սմ.) (Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէ Ա.Մ.Ն., մասնաւորաբար Միչիկընի նահանգի Տիթրոյթ քաղաքի մերձակայ Տելրէյ բնակավայրը գաղթած հայոցմէ տասնամեակներու ընթացքին հաւաքուած բանահիւսական նիւթեր, գունաւոր գծանկարներ) (անգլերէն):  Եունանեսեան Իսաք, «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Նաշրէ մոարեֆ» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 275 էջ (Եէյլի համալսարանի փրոֆէսոր Ճի. Ուինթըրի համանուն գիրքէն հրապարակումներու ընտրանիի թարգմանութիւնը Ի. Եունանեսեանի աշխատասիրութեամբ, նաեւ՝ Եունանեսեանի հեղինակած երկու յօդուած) (պարսկերէն):

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019

աւելի (Մեծ Եղեռնի զանազան ծալքերուն մասին, ականատեսներու վկայութիւններ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Հատորը լոյս տեսած է Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեանի մեկենասութեամբ:  Սմբատեան Գրիշա, «Սիւնիք – Պատմութիւն եւ յիշողութիւն», «Սիւնիք – Վայոց Ձորի հոգեւոր եւ պատմա-մշակութային ժառանգութիւն» մատենաշարի 6-րդ գիրք, խմբագիր՝ Հրանոյշ Խառատեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 744 էջ (17,5 x 24,7 սմ.) (խմբագիրի եւ հեղինակի ներածական գրութիւններ, այսօրուայ Սիւնիքի մարզի պատմութեան առնչուած բազմաթիւ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր ու այլ նիւթեր, բազմաթիւ լուսանկարներ, հեղինակի յիշատակարանը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): «Գրքի հրատարակութիւնը հովանաւորել են Արմէն Յովհաննէսի Ղուկասեանը, Էդուարդ Վաղինակի Մուսայէլեանը»: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր վաղամեռիկ կնոջ՝ «Լաուրայի լուսաւոր յիշատակին»:  «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան – Գիրք Ի. – Ս. Էջմիածինը եւ հայոց գրերի գիւտի 1500 ու տպագրութեան 400 ամեակների տօնակատարութիւնը 1912-1913 թթ. – Փաստաթղթերի ժողովածու», կազմող՝ Գոհար Աւագեան, խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի համատեղ հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2019 (փաստաթուղթերու ժողովածու ըստ Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերուն, անձնանուններու, տեղանուններու եւ հրապարակուած փաստաթուղթերու ցանկեր): «Հրատարակւում է երաշխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական խորհրդի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի Գիտական խորհրդի որոշմամբ»:

 Թումանեան Յովհաննէս, «Թմկաբերդի առումը», հայերէնէ թարգմանեց Գալինա Իզապէլլա Ֆիօլա, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 32 էջ (հայերէն եւ լեհերէն): Լոյս տեսած է Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ:  (Խմբագրական խորհուրդ), «Երեւանի պետական համալսարան – 100. Կենսագրական հանրագիտարան», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 750 էջ (17,2 x 24,6 սմ.) (Ե.Պ.Հ.ի դասախօսներու, գիտաշխատողներու եւ Արցախեան գոյամարտին զոհուած ուսանողներու կենսագրութիւններ՝ լուսանկարներով, օգտագործուած յապաւումներու ցանկ):  Հարպոյեան Կարպիս, «Խճանկար Հայկական ցեղասպանութեան», յառաջաբանը՝ Սարգիս Մահսերէճեանի, Մոնթրէալ, 2019, 500 էջէ

Պատմութիւն հայոց

Կապ Հրատարակութեան հետ: hyegyank@gmail.com


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.