ՆՈՐ ՕՐ Շաբաթաթերթ

Page 1

Vol. 94, # 50, Thursday, December 29, 2016

www.noror.org è³Ùϳí³ñ ²½³ï³Ï³Ý Îáõë³Ïóáõû³Ý ²ñ»õÙï»³Ý ²Ù»ñÇϳÛÇ ä³ßïûݳûñÃ

94ñ¹ ï³ñÇ« ÃÇõ 50, ÐÇÝ·ß³µÃÇ 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Üàð úð-Ç ²Ù³Ýáñ»³Û ´³ó³éÇÏÇÝ Çñ»Ýó Ù³ëݳÏóáõÃÇõÝÁ ÏÁ µ»ñ»Ýª

è²Î ²ðºôØîº²Ü ²ØºðÆβÚÆ Þðæ²Ü²ÚÆÜ ì²ðâàôÂÆôÜ

²õ³· ²ß˳ï³ÏÇóÝ»ñ ê²ð¶Æê ØÆÜ²êº²Ü ¿ç 3 Ú²ÎഠزðîÆðàêº²Ü ¿ç 4 ì²â¾ êºØºðÖº²Ü ¿ç 5 î. ¼²ô¾Ü ²ð¼àôزܺ²Ü ¿ç 6 ʲâÆÎ Ö²ÜàÚº²Ü ¿ç 7 вش²ðÒàôØ ²Ôä²Þº²Ü ¿ç 8 ¶¾àð¶ ø¾úÞξðº²Ü ¿ç 9

ÞÜàðвôàð Üàð î²ðÆ ºô ê´. ÌÜàôܸ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը սրտանց կը շնորհաւորէ շրջանակիս անդամ-անդամուհիները, համակիր զանգուածները եւ համայն հայութիւնը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի զոյգ առիթներով, մաղթելով բարօրութիւն եւ յաջողութիւն իւրաքանչիւրիս անձնական թէ ազգային կեանքէն ներս։ Թող 2017-ը աշխարհին բերէ ուղղամտութիւն, իրար հասկցողութիւն եւ խաղաղութիւն։ Հայրենի մեր երկրին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կը մաղթենք անամպ երկինք, կայունութիւն եւ ընկերային արդարութիւն։ Արցախի քաջարի ժողովուրդին եւ պետականութեան՝ ամուր հաւատք եւ ուժականութիւն։ Թող 2017 թուականը Հայ Դատի մեր պահանջատիրութեան համար դառնայ արգասաբեր տարի մը, որպէսզի աշխարհով մէկ ցրուած հայը հասնի իր արդար դատին եւ իրաւունքներուն։ Շնորհաւոր Ամանոր։

г۳ëï³Ý »õ ²ß˳ñÑ ö²Üàê ÂÆÂƼº²Ü ¿ç 10 кÜðÆÎ ²Ü²êº²Ü ¿ç 14 ê²Øàô¾È Úàì²ê²öº²Ü ¿ç 16 Üàô²ð¸ î²ð²¶Öº²Ü ¿ç 20 ²½·³ÛÇÝ-¶³Õ³÷³ñ³Ëûë³Ï³Ý ä²ðàÚð ²Ôä²Þº²Ü ¿ç 21 ²ð² ²Ð²ðàܺ²Ü ¿ç 22 ØÆÜ²ê ¶àÖ²Úº²Ü ¿ç 23 ²ôºîÆê º²öàôÖº²Ü ¿ç 24 ¶¾à𶠺²¼ÀÖº²Ü ¿ç 27 ÎñÃáõÃÇõÝ »õ Øß³ÏáÛà ²ð²Ø êºöºÂÖº²Ü ¿ç 28 Úàìê¾ö Âàðàêº²Ü ¿ç 29 úÞÆÜ ø¾ÞÆÞº²Ü ¿ç 30 ¶¾àð¶ Ú²Îà´º²Ü ¿ç 48 ì²ð¸¶¾ê ¶àôðàôº²Ü ¿ç 49 äúÔàê Ȳ¶Æêº²Ü ¿ç 51 سñ½³Ï³Ý λ³Ýù ²ôºîÆê ´²Úð²Øº²Ü ¿ç 62 Գործ՝ Սիրուն Երէցեանի

ÞÜàðвôàð ²Ø²Üàð 2017

ÞÝáñѳϳÉáõû³Ý »õ »ñ³Ëï³·Çïáõû³Ý Ù»ñ ËûëùÁ Ï՚áõÕÕ»Ýù µáÉáñ ³ß˳ï³ÏÇóÝ»ñáõÝ, ÇÝãå¿ë ݳ»õ Üàð úð-Ç ÁÝûñóáÕÝ»ñáõÝ, ÝáõÇñ³ïáõÝ»ñáõÝ »õ í³ñã³Ï³Ý å³ï³ë˳ݳïáõÝ»ñáõÝ, áñáÝó ûųݹ³Ïáõû³Ùµ áõ ù³ç³É»ñ³Ýùáí Üàð úð ÏÁ ß³ñáõݳϿ Çñ »ñÃÁ ¹¿åÇ Ñ³ñÇõñ³Ù»³Ï£

²Ø²Üàðº²Ú ÞÜàðвôàð²Üø è²Øβì²ð ²¼²î²Î²Ü Îàôê²Îòàôº²Ü κ¸ðàÜ²Î²Ü ì²ðâàôº²Ü ²îºÜ²äºî êºðÊÆú ܲвäºîº²ÜÆÜ Յարգելի՛ պարոն Նահապետեան, Ընդունեցէք ամենաջերմ եւ անկեղծ շնորհաւորանքներս գալիք 2017թ. Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով: Անցնող տարին յատկանշական էր աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին համար։ Մենք միասին համախմբուած տօնեցինք հայկական երկու պետութիւններու անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանները, որոնք եղան նոր հզօր ազդակներ՝ մեզ մղելու առաւել արդիւնաւէտ եւ պատասխանատուութեամբ գործելու եւ ապրելու համար: Իրաւամբ կուսակցութեան համար տարուան կարեւոր իրադարձութիւններէն էր հիմնադրութեան 95-ամեակը, առաջին անգամ Մայր Հայրենիքի մէջ ՌԱԿ-ի պատգամաւորական ժողովի գումարումը եւ նոր վարչութեան ձեւաւորումը, որ վստահաբար առաւել պիտի զար-

գացնէ կուսակցութեան որդեգրած հայանպաստ սկզբունքները: Կը մաղթեմ Ձեզի եւ ՌԱԿ-ի ընտանիքի բոլոր անդամներուն քաջառողջութիւն, յաջողութիւն, անսպառ եռանդ եւ նորանոր ձեռքբերումներ ու նուաճումներ: Թող 2017 թուականը ըլլայ շրջադարձային եւ ՌԱԿ-ը բոլոր համախմբուի: Թող 2017 թ. ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարի: Յարգանքով` ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար


2

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý

γñ»õáñ ³ÝÏÇõݳ¹³ñÓÇ ÙÁ ë»ÙÇÝ Միջազգային քաղաքական աշխարհը այսօր կ՚ապրի անակնկալներու «դարաշրջան» մը, ուր յանուն մեծ-մեծ գաղափարախօսութիւններու, կը հետապնդուին հին մրցակցութիւններ, որոնք կը կարծուէին իրենց ժամանակը ապրած ու մեռած։ Ընդհակառակը, կը շարունակուին կեանքի կոչուիլ պաղ կամ ցուրտ կոչուող պատերազմին հետեւանքները, յեղակարծօրէն աւելի՛ ծայրայեղ, աւելի՛ արմատական ու աւերող։ Բնականաբար, մեր խօսքը այն «գարուններուն» մասին է, որոնք բերին «աշուն» եւ ձիւն «ձմեռ»... Ժողովրդավարութեան ու ռամկավարութեան անուան տակ ժողովուրդներու ազատ կամքի արտայայտութեան դուռեր բացուեցան, որոնք սակայն, այսօր յաճախ վերաճեցան անընդունելի այնպիսի ընդհարումներու՝ կրակի տակ պահելով Միջին Արեւելեան երկիրներն ու հիւսիսային Ափրիկէն, մինչեւ անգամ ահաբեկչութեան սպառնալիքներն ու ալիքները մուտք գործելով «քաղաքակիրթ» Եւրոպա։ Իսրայէլ հանգիստ է, գոնէ արտաքնապէս, ի տես անհանգիստ աշխարհի։ Միացեալ Նահանգներ ներքին թէ արտաքին շահերէ մղուած, աշխարհի դատաւորի զգեստ հագած կը շարունակէ բազմամիլիոն իր ծախսերով ներկայութիւն մը ըլլալ շատ ու շատ երկիրներու կամ միջազգային ջուրերու մէջ...։ Հարաւային Կովկասն ու Թուրքիան անմասն չեն մնար միջազգային ցնցումներէն եւ 2017-ն չի խոստանար ոչ մէկ բարելաւում միջազգային քաղաքական ու ռազմական բնագաւառներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու ներքին կեանքէն ներս նոյնպէս տարբեր տարի մը կը սպասուի Յունուարէն ետք։ Թէ այդ տարբերը որքան տարբեր պիտի ըլլայ եւ ո՞ր ուղղութեամբ, օրերը ցոյց կու տան։ Այս երկրին հայ քաղաքացիներուս պարտքն է աւելի՛ գործօն մասնակցութիւն բերել տեղական ընտրական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Չգոհանալ, չբաւարարուիլ եղածով, թիւ եւ ձայն ունենալով Քալիֆորնիո՛յ մէջ, Ուաշինկթընի՛ մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի ներքին քաղաքական եւ ընկերային վիճակը մտահոգիչ է։ Անցնող տարին շատ բան եկաւ հասկցնելու, թէ արդէն ուշացած ենք բարեփոխելու ներքին ընկերային, տնտեսական ու կենցաղային պայմանները։ Ժողովուրդը հողին վրայ պահելը

Սիրելի Ընկերուհիներ եւ Ընկերներ, Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեր Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը: Սրտանց կը մաղթեմ, որ 2017 թուականը Ձեզի, Ձեր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն համար երջանկաբեր եւ բարեյաջող տարի մը ըլլայ։ Մաղթանքս է նաեւ, որ Ձեր անձնական թէ հաւաքական աշխատանքները առաւել արդիւնաւորուին ու արգասաւորուին, ինչպէս նաեւ իրականութիւն դառ-

մեր առաջնային ու միակ նպատակը պէտք է ըլլայ այսօր։ Բարելաւել, բարեկարգել ներքին կեանքը, պատժել պատժելիները եւ սպիտակ յեղափոխութեամբ՝ եղափոխութեամբ, յուսալի ապագայ մը ապահովել հայրենաբնակ ժողովուրդին։ Որքան ալ ոմանց համար անիրական հնչէ ՆԵՐԳԱՂԹ-ը այսօր, մեր ժողովուրդին փրկութիւնը հոն է։ Վերադա՛րձ արմատներուն, վերադարձ հողին, որպէսզի այնքան մը հոն լեցուինք, որ երբ օրը գայ «պայթինք» Հայ Դատի պահանջքով դէպի Վան եւ Ուիլսընեան Հայաստան։ Երազելը հեշտ է, պէ՛տք է պայքարիլ, ինչպէս կ՚ըսէ մեծն Շիրազ։ Իսկ մենք, Մեծ Երազի ուղեկիցներս, ինչո՞վ կը զբաղինք. կը կոտորակենք մեր նուաղած ուժերը յանուն եսապաշտութեան, եւ ինքնասիրահարուածութեամբ՝ մոռնալով հայրենիք եւ ժողովուրդ, կուրօրէն չտեսնելով աչքին գերանը, դիմացինին աչքին շիւղը կը բարձրաղաղակենք։ «Խելքի աշեցէք» հա՛յ ժողովուրդ, խելքի՛, այս ի՜նչ տապլտուք է դէպի անդունդ, դէպի ինքնասպանութիւն։ Այսօր ուժերու գերլարում է անհրաժեշտ հին ու նոր սփիւռքներու միջեւ, հին ու նոր սերունդներու միջեւ, մտածողութեանց միջեւ, գործելակերպերու միջեւ, լսելու եւ դատելու ընդունակութեան միջեւ։ Յարգա՛նք է հարկաւոր մեծին ու փոքրին նկատմամբ, հինին ու նորին, աւանդականին ու նոր մտածողութեան։ Ուժերու գերլարում, այո՛, գեր-լա-րում, որպէսզի մեր ոտքին տակէն չսահին սրբազան լեռան հիւսիս-արեւելեան հողերը, որպէսզի օր մը հասնինք, հասնի՛նք Արարատ լեռան կատարին։ Եւ կրնա՛նք, եւ պիտի՛ կարենանք։ Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, կը շնորհաւորենք մեր ընթերցողներն ու համայն հայութիւնը, մաղթելով արթնամտութիւն, իսկ մեր սիրելի Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն՝ անսասանութիւն։ Բարի Նոր Տարի։ I

նան Ձեր բարի բոլոր իղձերը եւ փափաքները։ Լիայոյս եմ թէ մեր սիրելի կուսակցութեան միութիւնը եւ հզօրացումը բոլորին միասնական ճիգերով իրականութիւն պիտի դառնան, իսկ մեր Հայրենիքը խաղաղութեան, կայունութեան եւ յառաջդիմութեան տարի մը պիտի բոլորէ։ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ: Սերխիօ Նահապետեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Պուէնոս Այրէս, 26 Դեկտեմբեր 2016

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՌԱՖՖԻ ԵՒ ՓԷԹԻ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով կ՚ողջունենք մեր հարազատներն ու բարեկամները, մաղթելով որ 2017 տարին իրեն հետ բերէ բարգաւաճում, համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն՝ աշխարհի ժողովուրդներուն, Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ ճանաչում՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ անոր սրբազան դատին

ÐÇÙÝáõ³Í 1922-ÇÝ (üñ»½Ýû) Established 1922 (in Fresno) ä²Þîúܲºð è²Øβì²ð ²¼²î²Î²Ü Îàôê²Îòàôº²Ü ØƲòº²È ܲвܶܺðàô ²ðºôØîº²Ü Þðæ²ÜÆ An ADLP Publication

ÊØ´²¶Æð Ðñ³ã ê»÷»Ã×»³Ý ¶Èʲôàð ²Þʲî²ÎÆòܺð ¸áÏï© ØÇÝ³ë ¶á׳ۻ³Ý ʳãÇÏ Ö³ÝáÛ»³Ý Ú³ÏᵠسñïÇñáë»³Ý ê³ñ·Çë Ú© ØÇÝ³ë»³Ý Ø²ð¼²Î²Ü ´²ÄÆÜ ²õ»ïÇë ´³Ûñ³Ù»³Ý ì²ðâ²Î²Ü ä²î²êʲܲîàô êï»÷³Ý ö³ñóٻ³Ý вزβð¶â²ÚÆÜ Æð²¶àðÌàôØ Ø³ïÉ¿Ý Â³å³·»³Ý лé³Ó³ÛÝ (626) 296-2921 лé³ïÇå (626) 296-2922 e-mail: ÊÙµ³·Çñ` editor@noror.org ²Ý·É»ñ¿Ý ´³ÅÇÝ` english@noror.org ø³ñïáõÕ³ñáõÃÇõÝ` info@noror©org ´³Å³Ýáñ¹³·ñáõÃÇõÝ` subscription@noror.org ²é»õïñ³Ï³Ý ´³ÅÇÝ` advertising@noror.org

www©noror©org ¸³õ³Ý»Éáí é³Ùϳí³ñ³Ï³Ý ëÏÁ½µáõÝùÝ»ñáõ« ÏÁ ѳõ³ï³Ýù µ³½Ù³Ï³ñÍáõû³Ý »õ ³½³ï ËûëùÇ Çñ³õáõÝùÇÝ© Ñ»ï»õ³µ³ñ« Ññ³å³ñ³Ïáõ³Í ·ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ ³Ýå³ÛÙ³Ý ã»Ý ³ñï³Û³Ûï»ñ ËÙµ³·ñáõû³Ýë ï»ë³Ï¿ïÁ£ ÊÙµ³·ñáõû³Ý ÏÁ í»ñ³å³ÑáõÇ ÛÕáõ³Í Ûû¹áõ³ÍÝ»ñáõÝ Û³å³õáõÙÝ»ñáõ ϳ٠ãÑñ³ï³ñ³Ï»Éáõ Çñ³õ³ëáõÃÇõÝÁ£

Nor Or Weekly Nor Or Publishing Association, Inc. 1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001 U.S.A. 2nd Class: West Coast $75 2nd Class: East Coast $85 1st Class:West Coast, East Coast $120 Canada Air Mail: $130 All Other Countries Air Mail: $250 © 1922-2016 Nor Or Weekly Mail Postage Paid at Altadena, CA. & Additional office, USPS: 391-380 - ISSN: 0029-1161 POSTMASTER: Send address changes to Nor Or Publishing Association, Inc.


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

3

ÊáñÑñ¹³ÍáõÃÇõÝÝ»ñ Üáñ î³ñáõ³Ý ë»ÙÇÝ ê²ð¶Æê Ú. ØÆܲ꺲Ü

«Üáñ úñ»-Ç «î³ñáõ³Ý гÛÁ»ª ²Ý¹ñ³ÝÇÏ ä³Õï³ë³ñ»³Ý Մարդ մը, հայ մը, լիբանանահայ մը, որ այսօր արդէն աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ամերիկահայ է՝ ապրելով եւ գործելով Լոս Անճըելըսի մէջ։ Ան սեփականատէրն է բոլորիս քաջածանօթ «Գարուն» կաթի վերամշակման գործարանին, Քալիֆորնիոյ մէջ, հանրութեան հրամցնելով որակեալ արտադրանք։

Այս լիբանանահայը գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, ոչ միայն իր սեփական ուժերով ոտքի կանգնեցաւ, այլ նաեւ, ամենատարբեր առիթներով հասաւ տեղական հայ գաղութի, լիբանանահայութեան եւ հայրենիքի կարիքներուն։ Այստեղ, ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը փափաքինք հրաւիրել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին անոր կատարած վերջին նուիրատուութեան վրայ։ Երբ համայն հայութեան ջանքերով այս տարի հաւաքուեցաւ տասը միլիոնէն քիչ մը աւելի գումար, այս հայրենանուէր հայը եւ իր ազնիւ տիկինը հինգ միլիոն տոլարով իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի ապահովական կարիքներուն։ Այո, 5 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան արժանիօրէն շրջանցեց շարք մը ազգայիններ՝ «Նոր Օր»ին կողմէ արժանանալով «Տարուան Հայը» բարոյական տիտղոսին։ Մեր բարի մաղթանքն է, որ Պաղտասարեան ամոլը շարունակէ իր նպաստը բերել հայրենաշինութեան սուրբ գործին, նո՛յն հաւատքով եւ նո՛յն անմնացորդ նուիրումով։ 95-ամեայ «Նոր Օր»ը, որ կենսագիրներէն մէկն է Քալիֆորնիոյ հայկական կեանքին, աներկբայօրէն կը յայտարարէ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ 2016 ԹՈՒԱԿԱՆԻ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅԸ»

Տարեվերջը ինքնաքննութեան եւ հաշուեկշիռի պահն է. սկսելով անձէդ, ընտանիքէդ, ընկերային-հասարակական կեանքէդ, շրջապատէդ, բնակած երկրէդ եւ հայրենիքէդ, յանգելու համար շրջանային եւ համաշխարհային ոլորտներուն մէջ։ Բնականաբար, յարաբերական ու թէական ըլլալով վերոյիշեալ հաշուետուութիւնը, անոր ամբողջական կամ մասնակի գործադրութիւնը, փորձենք անդրադառնալ անոնցմէ մէկ մասին։ Ընտանիքը եւ օճախը դարձած են ու կը մնան այն կրանիթեայ կռուանները, որոնք ապահոված են հայ ժողովուրդին գոյատեւումը դարերու ընթացքին։ Հետեւաբար, ամէն հայ գուրգուրալու է, անքակտելի պահելու համար ընտանեկան յարկը Դամոկլեան սուրի պէս մեր գլխավերեւ կանգնած այլասերումը դիմագրաւելու համար։ Հայոց լեզուն ու մեր աւանդութիւնները, հաւատքը, կարելի չափով մը մաս կազմելու են մեր առօրեային։ Միջոցներն ու ձեւերը բազմատեսակ են՝ հայրենիքի եւ հայագաղութներու տեղական պայմաններուն համաձայն, ու միշտ հնարաւոր է պատշաճեցումներ կատարել։ Սփիւռքահային համար հայրենիք այցելութիւնը, մայր երկրին հետ հաղորդականութիւնը լրացուցիչ, ներշնչող գործօններ են ազգապահպանման։ Հայկական վարժարաններ, հայոց եկեղեցին, ընկերային, մշակութային, մարզական, սկաուտական, հայրենակցական, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական – բժիշկ, իրաւաբան, ոսկերիչ, եւլն. – կազմակերպութեանց գործունէութիւնները մաս կը կազմեն ինքնապահպանման պայքարին։ Միջին Արեւելեան տագնապը հետզհետէ ստացած է անսանձ ընթացք մը, քար ու քանդ ընելով յատկապէս Իրաքի ու Սուրիոյ տարածութիւններէն լայն մասեր, պատճառելով բազմահազար զոհեր, եւ յառաջացնելով բնակչութեանց զանգուածային արտագաղթեր։ Շրջանի հայահոծ գաղութները, ծանրօրէն տուժելով, նօսրացած են։ Մեծ պետութիւններ բացայայտ թէ քօղարկուած իրենց ծրագիրները կը հետապնդեն։ Մտահոգութիւնը խոր է ոչ միայն շրջանի դրացի երկիրներուն, այլ նաեւ՝ հայութեան համար, քանի Հայաստան կը գտնուի անմիջական հարեւանութեանը Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին։ Ազերիական ռազմական սպառնալիքները, եւ ատենատեն՝ ռմբակոծումները, այլազան տրամաչափի զէնքերու գործածութիւնը՝ Արցախի արեւելեան սահմաններու երկայնքին, պատերազմական հոգեվիճակի մէջ կը պահեն հայրենի ժողովուրդը։ Թուրքիա-Ատրպէյճան աքցանը Ռուսական Դաշնութեան ու Մինսքի Երրեակ Խորհուրդի (OSCE) ազդու հակակշիռով է որ զսպումի տակ առնուած է, կանխարգիլելով պաշտօնական բաց պատերազմը Ատրպէյճանի հետ։ Հայաստանին կը մնայ սպառազինուիլ արդիական զէնքերով, ու զինուորական բախում մը որեւէ ատեն դիմագրաւելու համար, պատրաստ վիճակի մէջ գտնուելու է։ 1994-ի զինադադարէն իվեր, վերիվայրումներով գոյատեւող վտանգաւոր կացութիւնը կը շարունակուի, առանց

վերջնական զինադադարի մը յանգելու։ Կը թուի, թէ այդպէս կը պահանջեն հսկող երկիրներու դիւանագիտական շահերը…։ Սփիւռքի մէջ հայը պիտի շարունակէ իր աշխատասիրութիւնը դառնալով ինքնաբաւ, զարգացած, ապրած տեղական վարչամեքենային մէջ պաշտօններ ու դիրքեր գրաւելով, մարզական, մշակութային, ուսումնական թէ գիտական մարզերէն ներս նուաճումներ արձանագրելով։ ՀԲԸ Միութեան հետզհետէ ծաւալող ներդրումները Հայաստանի մէջ, մէկէ աւելի բնագաւառներէ ներս, յոյժ գնահատելի են։ Սակայն, այդ արեւելումը սկսած է ազդել անոր սփիւռքեան առաքելութեան վրայ։ Հետզհետէ անտեսելով արտասահմանի հայագաղութներէ ներս ազգապահպանման իր պարտաւորութիւնները, Բարեգործականը շեղած կ՚ըլլայ մէկ մասէն իր հիմնական նպատակակէտերուն։ Անիկա վերանորոգելու է անդամակցական պատկանելութիւնը, ժողովրդական լայն խաւերու մասնակցութեամբ։ Անոր արտասահմանեան կառոյցները՝ ուսումնական, ընկերային, մշակութային, մարզական բնագաւառներէն ներս կը կարօտին տեւական, մնայուն օժանդակութեան, բնական է շօշափելի լրացուցիչ ներդրումովն ալ տեղական ուժերուն։ Հայ Դատի մարմինները աւելի աշխուժացնելու են իրենց գործունէութիւնները, հաւաքաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը տարածելով, հայապատկան կորուսեալ կալուածի եւ ինչքի հատուցումներ իրականացնելով, ու վերջապէս՝ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ կեցուածքներ ապահովելու համար բոլոր երկիրներու մօտ։ Արտասահմանի մէջ միջկուսակցական քօղարկեալ պայքարը կը ջլատէ հետապնդումի կարօտ պահանջատիրական մեր դատին արդիւնաւորումները. զուգահերաբար նաեւ՝ տեղական այլ ծրագիրներու իրագործման ատեն։ Աթոռամոլութեան հետեւանքով ներկուսակցական պայքարը տարաժամ, պառակտիչ եւ այպանելի ընթացք մըն է, որ մեկուսացուելու է, լայնախոհ ու շինարար գործունէութիւններ ու ծրագիրներ իրականացնելու համար։ Նոր Տարին մեզ մղելու է խորհրդածութեան բարելաւելու մեր հաւաքական կենսամակարդակը, իւրացնելով հասարակարգին թեքնիք յառաջդիմութիւնները։ Լաւատեսօրէն դիմաւորենք Նոր Տարին, թիկունք կանգնելով նոր սերունդին, անոր վստահելով սփիւռքահայ մեր հասարակութեան ղեկավարութիւնը, իբրեւ մէկ ազգ միշտ գործակցելով հայրենիքի մեր եղբայրներուն հետ։ Վերանորոգուած աւիւնով բարի երթ բոլորին։

Ø»ñ ѳÛñ»Ý³ÏÇó سÛù ê³ñ»³Ý ûųݹ³Ï³Í ¿ ²ØÜ-г۳ëï³Ý ϳåÇÝ Նոյեմբերին, Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղղած էր շնորհաւորական ուղերձ մը նորընտիր թեկնածուին, որուն որպէս պատասխան, նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր նախագահ Սարգսեանին հետ, քննարկելով զոյգ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումները։ Այստեղ, կարեւոր դեր խաղացած են Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանն ու Լոս Անճելըսէն Հանրապետական կուսակցութեան աջակցող հայկական միաւորի օժանդակողներէն

Մայք Սարեան։ Փոխնախագահ Մայք Փենս, որ ծանօթ է 2005 թուականին քուէարկած իր հայանպաստ դիրքորոշումով, 2007-ին եւ 2010-ին ցոյց չէր տուած իր զօրակցութիւնը, նկատի առնելով թուրք-ամերիկեան շահերը։ Ամերիկահայութեան դիմաց քարոզչութեան նոր մարտահրաւէրներ կան այսօր, գործակցելու համար Հանրապետական կուսակցութեան ներկայի ղեկավարութեան հետ, որուն գործնական մէկ ապացոյցն է Մայք Սարեանի բերած նպաստը այս ուղղութեամբ։ Ան յարգուած հասարակական գործիչ մըն է լոսանճելըսահայութեան մէջ, որ ծանօթ է Հայաստանի, ԱՄՆ-ի եւ սփիւռքի տարածքին իր կատարած բարեսիրական

գործունէութիւններով։ Սարեան նախագահն է համա-ամերիկեան հիւանդանոցներու ցանցի մը, ղեկավարելով աւելի քան 45 հիւանդանոցներ 15 նահանգներու մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր եւ թող անոր գործը բարի օրինակ ծառայէ մեր հայրենակիցներուն։


4

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

2016-Ý ³É «µ³ñáí-Ë¿ñáí» ×³Ùµ»óÇÝù Ú²ÎഠزðîÆðàêº²Ü 2017 տարուան սեմին ենք արդէն: Չեմ գիտեր թէ անցեալ տարուան սեմին կատարուած բարեմաղթութիւնները գոնէ մասամբ ի զօրու դարձան թէ ոչ: Բայց և այնպէս, փառք տանք այն արևին, որուն սերմանած ջերմութեամբ, և մեր հաւատքներով, տակաւին կը շնչենք և կ՚ապրինք այս անցողակ երկրի կեանքին մէջ: Ամէն առաւօտ, երբ կ՚արթննանք մեր երեխաներու ճիչերով կամ մեր մռնչիւններով, աշխարհը դադրած չ՚ըլլար թաւալելէ և ամէն ոք կազմ ու պատրաստ կամ՝ ոչ, կ՚ուղղուի իր աշխատանքին, դպրոցին կամ այլ պարտականութիւններու, համալրելու համար անգիր օրէնք դարձած ժողովուրդներու պարտաւորութիւնները այս աշխարհի երեսին: Կը զգուշանամ այս տարի որևէ տեսակի մաղթանքներէ, որովհետեւ ի հեճուկս անցեալին կատարած բոլոր բարեմաղթութիւններուս, կարծէք անոնց հակառակը պատահեցաւ կամ անկատար մնացին անոնք: Ի բաց առեալ կարգ մը նպաստաւոր և ուրախ դրուագներէ, ամբողջ 2016 տարին ապրեցանք սրտդողած, կսկիծով և մտահոգ մեր ազգին և հայրենիքին բարօրութեամբ: Ընդունեցինք անխուսափելին և փառք տուինք Ամենակալին մեր փրկութեան և չար փորձանքներէն զերծ մնալուն համար: Իսկ այսօր, ահաւասիկ կը դիմաւորենք նոր տարի մը, որ կը մնայ անորոշ ճակատագրով և իր բերած անակնկալներով: Տեսաժապաւէնի մը տեսագրութեան եթէ յանձնէինք 2016 տարին, անոր միջազգային իրադարձութիւնները կրկին ապրելու համար, հաւանաբար չունենայինք այդ պատեհութիւնը և համբերութիւնը. ուստի՝ յաջորդ տողերուն մէջ ջանանք տողանցել անցեալ տարուան գլխաւոր իրադարձութիւններուն մէջ, որոնք յաճախ հաճելի, ուրախ կամ նպաստաւոր պատահարներ չեն: Յունուար 2016 - Հիւսիսային Քորէա կը փորձէ իր առաջին հիւլէական ռումբը, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ահ ու դողի մատնելով շրջակայ պետութիւնները և ամբողջ աշխարհը: - ԻՍԻՍ-ը քար ու քանդ կ՚ընէ Իրաքի ամենահին քրիստոնէական դպրեվանքը և այլ քրիստոնէական պաշտամունքի վայրեր: - Պրազիլի մէջ կը յայտնաբերուի մահացու Զիքա մանրէն (վիրուս):

- Սէուտական Արաբիոյ և Իրանի միջև յարաբերութիւններու խզում, Նիմր-Ալ-Նիմրի սպանութեան պատճառով: - Իրան կը հրաժարի հիւլէական ոյժի ռազմական զէնքեր արտադրելու ծրագիրէն: Փետրուար 2016 - Վատիկանի Պապ Ֆրանսիսը Քուպայի մէջ կը հանդիպի Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կրօնապետ՝ Քիրիլին հետ: 1000 տարիներէ ի վեր խզուած յարաբերութիւններու բարելաւման և աշխարհի քրիստոնեաներուն ապահովման հարցեր քննարկելու համար: Մարտ 2016 - Պրիւքսէլի մէջ, Պելճիքա, ծայրայեղ իսլամական շարժումին ԻՍԻՍ-ի հետեւորդներուն խափանարարական արարքի մը հետեւանքով կը մահանան 34 հոգի և կը վիրաւորուին 151: Երկիրը խուճապի կը մատնուի և ծայրայեղ ապահովական միջոցառումներ կը կիրարկուին ձերբակալելու համար արարքին հեղինակները: - Լահորի մէջ, Փաքիստան, քրիստոնէական Զատիկի տօնակատարութեան առթիւ, 75 մեռեալ և 340 վիրաւորներ եղան սիւննի իսլամ զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ եղած յարձակումին հետեւանքով: Ապրիլ 2016 - Ղարաբաղեան-Ատրպէճանական զինադադարի խախտում և ատրպէճանական զօրքերու անակնկալ յարձակում ղարաբաղեան ճակատի արևելեան մասերուն վրայ: 3 օրուան բախումներէ ետք, այն ժամանակ երբ հայկական բանակը կ՚անցնի հակա-գրոհի և կը ձեռնարկէ կորսուած տարածքներու վերադարձին կամ՝ ինչու չէ, աւելիին, արդէն նորանոր զինադադար կը պարտադրուի հայկական բանակին վրայ: Հայրենի զինուորներուն զոհերուն թիւը կը հասնի մօտ 100-ի, բայց թշնամիին կորուստը կը գերազանցէ 900-ը: - Էքուատորի մէջ, կեդրոնական Ամերիկա, 7.8 տարողութեամբ հզօր երկրաշարժ մը կը ցնցէ երկիրը, 300 մեռեալ և 27 հազարէ աւելի վիրաւորներ ձգելով: Մայիս 2016 - Եգիպտական օդանաւ մը կը ջախջախուի Միջերկրականի վրայ

սպաննելով բոլոր ճամբորդներն ու անձնակազմը: Ահաբեկչական արարքի զոհ կը նկատուի պատահարը: Յունիս 2016 - Անգլիա կը հեռանայ Եւրոմիութենէն երկրի ժողովուրդին մեծամասնութեան քուէներով, որուն հետեւանքով վարչապետը կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Եւրոմիութեան մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած անհամաձայնութիւններն ու տարօրինակօրէն Ասիայէն, Ափրիկէէն և Միջին Արևելքէն ներխուժող գաղթականներու զանգուածային հոսքը գլխաւոր պատճառը դարձաւ Անգլիոյ ժողովուրդին տուած որոշումին, կասեցնելու համար այդ բեռան տարողութիւնը Անգլիոյ ժողովուրդին ուսերէն : - ՈԻԵՖԱ-ի Եւրոպական ֆութպոլային մրցաշարքը, որ տեղի կ՚ունենայ 4 տարին անգամ մը, կայացաւ Ֆրանսայի մէջ, և Փորթուկալի ազգային խումբը դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան: - Իսթանպուլի մէջ, Թուրքիա, Աթաթիւրքի օդակայանին մէջ յարձակում ԻՍԻՍ-ի զինեալներու կողմէ: 45 մեռեալներ և 230 վիրաւոր: Յուլիս 2016 - Յուլիս 15, 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ պետական յեղաշրջման փորձ մը, որ ձախողութեան կը մատնուի: Տարբեր վարկածներու հիման վրայ, շատեր կը կարծեն թէ կատարուածը պարզապէս թատերգութիւն մըն էր Էրտողանի կողմէ պատրաստուած, ձերբազատուելու համար իր հակառակորդներէն: 300 հոգիէ աւելի կը մահանան և 2100 կը վիրաւորուին, իսկ հարիւր հազարէ աւելի կը բանտարկուին և աշխատանքէ կը հեռացուին: Օգոստոս 2016 - 6,5 տարողութեամբ երկրաշարժ մը 247 զոհ կը խլէ կեդրոնական Իտալիոյ մէջ: Երկրաշարժը կը պատահի առաւօտ կանուխ, ժամը 3։00ին, կործանելով մի քանի փոքր գիւղաքաղաքներ: - Պրազիլի մէջ, Օգոստոս 5-21, տեղի ունեցան ամառնային ողիմպիական խաղերը, ուր Հայաստան արժանացաւ մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալի: Սեպտեմբեր 2016 - Հիւսիսային Քորէա կրկին կ՚երեւնայ քաղաքական ասպարէզին

մէջ իր հակասական հիւլէական ռազմափորձերով, ահազանգելով համայն շրջանն ու աշխարհը: Հոկտեմբեր 2016 - Մէթիու փոթորիկը, որ սկսած էր հարաւային ամերիկայի ափերէն անցնելով Միացեալ Նահանգներ, կործանելով և աւերելով իր ճամբուն վրայ գտնուող բնակչութիւն և քաղաքներ: Հայիթիի մէջ միայն 1000-է աւելի մեռեալներ եղան, 47 Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կործանուած և կորսուած գոյքի վնասը հասած է 6,5 երկիլիոն տոլարի: Նոյեմբեր 2016 Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններ, Նոյեմբեր 8: Պատմական յիշատակելի և անակնկալ իրադարձութիւններու օր մը, որ խախտեց ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան բոլոր համոզմունքներն ու ակնկալութիւնները: Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յաղթական կը հռչակուէր Դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի դէմ տարուած պայքարին մէջ, ընտրուելու համար որպէս երկրին 45-րդ նախագահը: Ան իր երդման արարողութիւնը պիտի կատարէ Յունուար 20, 2017-ին, ստանձնելու համար երկրին նախագահական պաշտօնը յառաջիկայ 4 տարիներուն համար: Դետկեմբեր 2016 - Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային շրջաններն ու Քանատա, այս տարի կը տառապին ձիւանմրրիկներու և փոթորիկներու տարափին տակ, ունենալով նիւթական և մարմնական հսկայական վնասներ: Շար. էջ 55

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով, սրտագին բարի մաղթանքներ մեր բոլոր հարազատներուն։ Թող 2017-ը ըլլայ յաջողութիւններու եւ փափաքներու իրականացման տարի մը


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

5

ø³Õ³ù³Ï³Ý ²ÏݳñÏ

²ÝóÝáÕ Ñ»ï³ùñùñ³Ï³Ý 2016 ï³ñÇÝ ì²â¾ êºØºðÖº²Ü Անցնող տարուան՝ 2016-ին ընթացքին հրատարակուած «Քաղաքական ակնարկ» վերնագրուած սիւնակի շարքին մէջ, Դեկտեմբերի աւարտին սովորութիւն է անգամ մը գոնէ ետ նայելու՝ խորաչափելու համար մեր անցած ուղին եւ հարց տալու. «Ո՞ւր էինք, իսկ այ-

սօր ո՞ւր ենք…»։ Իւրաքանչիւրս իրաւունք կու տանք մեր կատարածը գնահատելու, եւ ժպիտով մը, մեր դէմքը վաղուան կամ՝ անմիջական ապագային դարձնելով սպասելու 2017 Յունուար 2-ին, 3-ին, 4-ին… ու այդպէս՝ շարունակելու մինչեւ 2017 տարուան վերջին օրը։ Մեր անցնելիք ճամբան կը նմանի քաղաքական կեանքին մէջ առնուող հազարաւոր քայլերուն, այսինքն՝ գիտե՞նք թէ ուր պիտի հասնինք… մօտաւորապէս, սակայն չենք գիտեր թէ ուրիշներ ո՞ւր պիտի առաջնորդեն մեզ… Սիրուն անորոշութիւնն ալ իր համը ունի։ Քաղաքական կեանքը զոր ապրեցանք, որու զարգացումները վայելեցինք, դժգոհեցանք եւ միայն այսօր է որ կը փորձենք գնահատել զայն, նոյն ուղիով պիտի շարունակուի եւ տանի մեզ դէպի անորոշը. ճիշդ այնպէս, ինչպէս է քաղաքական կեանքը, զոր կը փորձենք… արժեւորել։ Աշխարհացունց երեւոյթները, պատահարներ եւ արկածներ չխանգարեցին 2016-ի մեր սովորական հանգիստը, կամ՝ խաղաղ ընթացքը մեր առօրեային։ Կ՚արձանագրենք անցնող շաբաթներուն եւ ամիսներուն կատարուածները եւ համբերութեամբ կը սպասենք յաջորդ տարուան՝ 2017-ի օրերու սահանքին… Ուրեմն. ՅՈՒՆՈՒԱՐ Նախագահ Պարաք Օպամա իր իշխանավարութեան վերջին տարին՝ 2016-ը կը սկսի իրեն յաջորդելիք նախագահին ընտրութիւնը պատրաստելով։ Տարուան առաջին ամիսներուն կասկած չկայ թէ ո՞վ է տիրապետող թեկնածուն։ Միացեալ Նահանգներու բնակիչները առաջին անգամ ըլլալով պիտի քուէարկեն ու ընտրեն ԿԻՆ մը որպէս նախագահ։ Արդեօ՞ք դեմոկրատ շարքերուն մէջ աչքառու անձնաւորութիւնը Հիլըրի Քլինթընն է, պետական անսահման փորձառութեամբ, իր յաջողութիւններով ու նոյնիսկ՝ իր ձախորդ սխալներով։ Վերմոնթ նահանգի ծերակուտականը՝ Պըրնի Սէնտըրզ, 74 տարեկան, աշխոյժ ու կենսուրախ արտաքինով եւ ճառախօսելու տաղանդով, կը տպաւորէ երիտասարդ սերունդ մը քուէարկող դեմոկրատներու. …ու ա՞յդքան։ Հանրապետական կողմը անհասկնալի խճողումի մէջ է այս ամիսներուն. 15-16 թեկնածուներ ամէն կողմ տարածուած, Օպամային յաջորդութեան մասին կը զրուցեն, կը խօսին ու կը ճառեն։ Բոլորին մէջն է նաեւ նիւ եորքցի պիլիոնատէր, կալուածատէր

ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓը, որու վայելած երկու թուանշանով առաւելութիւնը իր մրցակիցներուն վրայ, միա՛յն ժպիտ կը յառաջացնէ։ Անուանի մրցակիցներն են Թեքսասի ծերակուտական Թետ Քրուզը, Ֆլորիտայի Ծեր. Մարք Ռուպիոն, բայց մանաւանդ ծանօթ անունի տէր Ֆլորիտայի կառավարիչ Ճէպ Պուշը, որու ժողովրդականութիւնը տարօրինակ անկում մը կ՚ապրի…։ Վերջին «Պետութեան վիճակը» (State of the Union) ներկայացնող ճառին մէջ, նախագահ Օպամա Յունուար 12-ին կը դրուատէ ինքզինք, իր իրագործածները, տնտեսական իր յաջողութիւնները եւ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած նոր կապերը՝ Իրանի եւ Քուպայի հետ, երկիրներ, որոնք տասնամեակներ ամբողջ լուրջ թշնամիներ կը նկատուէին։ Հանրապետական Նիքքի Հէյլի կը մատնանշէ անշուշտ դեմոկրատ նախագահին ձախողութիւնները պետական վարչամեքենային կառոյցին մէջ…։ Ամսուան հետաքրքարական զարգացումներէն են Հիւսիսային Քորէայի անակնկալ յայտարարութիւնը, թէ՝ H-Bomb մը (ջրածնային) ռումբ մը փորձարկած է… անցնելով հզօր պետութիւններու շարքին։ Պրազիլէն կը յայտարարուի Զիքա վարակին (ZIKA virus) առկայութիւնը երկրէն ներս. կ՚ըսուի թէ 4,000 վարակեալներ կային 2015-ին եւ Զիքա-ն կրնայ տարածուիլ տարբեր երկիրներու մէջ եւս։ Հետեւելով Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութիւնն ու ՄԱԿ-ը պիտի թեթեւցնեն Իրանի դէմ կիրարկուող առեւտրական պատժական կաշկանդումները. ու որպէս հակազդեցութիւն, միջին արեւելեան դժգոհ պետութիւններ՝ Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Սոմալիա եւ ուրիշներ դիւանագիտական կապերը կը խզեն Իրանի հետ։ ՓԵՏՐՈՒԱՐ Ամերիկեան քաղաքական կեանքին ակնառու զարգացումը՝ գալիք ընտրութեան կը վերաբերի։ Տանըլտ Թրամփ Փետրուար 12-ին կը շահի Նեւատայի, Նիւ Հեմշըրի եւ Հարաւ. Քարոլայնայի տեղական ընտրութիւնները, ետ ձգելով Թետ Քրուզը։ Նիւ Ճըրզիի Քրիս Քրիսթին կը հեռանայ ընտրապայքարէն։ Դեմոկրատներու մօտ Հիլըրի Քլինթըն երեք նահանգներու, իսկ Սէնտըրս մէկ նահանգի կուսակցական ընտրութիւնները կը շահին։ Նիկերիա, Ափրիկէի ամէնէն բազմամարդ պետութիւնը, ներքին վտանգաւոր կացութիւն մը կը բոլորէ, երբ Պոքօ Հարամ կոչուած ահաբեկչական խմբակի երկու կին անդամներ իրենք զիրենք կը պայթեցնեն Տիքվա քաղաքին մէջ 58 անձերու մահ պատճառելով։ Պոքօ Հարամ արդէն տարածուած է Նիկերիոյ քաղաքներուն մէջ եւ 2009 թուականէն իվեր կատարած է 20 հազարէն աւելի անհարկի սպանութիւններ՝ մահմետական խալիֆայութիւն մը ստեղծելու երազով, Շարիայի օրէնքի վրայ հիմնուած։ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան Փետրուար 27-ին միասնաբար փորձեցին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին միջամտել՝ զինադադար մը իրագործելու միջոցով։ Մինչ այդ Սուրիոյ մէջ կը գործէին էլ Քայիտայի ճիւղ մը՝ Էլ-Նուսրա ճակատը, Իրաքի եւ Սուրիոյ Իսլա-

մական Պետութիւն (ԻՍԻՍ) ահաբեկչական խումբը, քրտական զինեալ ջոկատներ, որոնց չէզոքացումին պատրուակով՝ թրքական ուժեր անսանձ մուտք գործած են Սուրիա։ ԻՍԻՍ խումբը պատասխանատուութիւնը առաւ Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջ Փետրուար 21-ին կատարուած 140 անձերու սպանութեան։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը արդէն բոլորած է չորս տարին։ Ամերիկեան Գերագոյն Ատեանի անդամ Անթոնին Սքալիա Փետրուար 13-ին մահացաւ Թեքսասի որսորդական հիւղաւանի մը մէջ, Ատեանին մէջ կարեւոր պարապ մը ստեղծելով։ Նախագահ Ռեկընի 1986-ին նշանակած պահպանողական դատաւոր մը, Սքալիա կը ճանչցուէր իր հռետորական ելոյթներով։ Ծերակոյտի հանրապետական ղեկավար Միչ ՄըքՔոնել նոյն օրն իսկ առաջարկեց Սքալիայի յաջորդին նշանակումը յետաձգել 2016-ի նախագահական ընտրութենէն ետք, բայց նախագահ Պարաք Օպամա յստակացուց. «Իմ սահմանադրական պատասխանատուութիւնս պիտի կատարեմ, իր ատենին նշանակելով յաջորդ մը»։ Անլոյծ մնացած հարց մըն է Քուպայի հարաւը գտնուող Կուանթանամօ բանտին ապագան։ Փետրուար 23-ին նախագահ Օպամա Քոնկրէսին ներկայացուց ծրագիր մը, ամերիկեան սեփականութիւն եղող բանտին մնացեալ բանտարկեալները ամերիկեան ցամաքամաս փոխադրուին։ Ծրագիրին դէմ են մեծ թիւով քոնկրէսականներ, պատրուակելով տնտեսական դժուարութիւնը։ Կուանթանամոյի բանտը 2015 Նոյեմբերին ունէր 91 շատ վտանգաւոր տեսակի ահաբեկիչ կալանաւորներ, որոնցմէ 35-ը անմիջապէս փոխադրելի՝ մայր ցամաք։ Փակումին բերելիք խնայողութիւնը պիտի ըլլայ 85 միլիոն տոլար, մինչ վերջին նորոգութեան ծախսուած էր մօտաւորապէս 475 միլիոն տոլար…։ Կաթողիկէ աշխարհի Սրբազան Պապ Ֆրանսիսի եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կիրիլի պատմական հանդիպումը Փետրուար 12-ին, Քուպայի մէջ, առաջինն էր 1054 թուականի պատմական բաժանումէն իվեր։ Երկու կրօնապետերը համաձայնեցան գործակցիլ՝ ընդդիմանալու եւ առաջքը առնելու համար Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի տարածքին կատարուող հակաքրիստոնէական շարժումին։

(Þ³ñ. 1)

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԳԷՈՐԳ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆՆԵՐ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով, սրտագին բարի մաղթանքներ մեր բոլոր հարազատներուն։ Թող 2017-ը ըլլայ յաջողութիւններու եւ փափաքներու իրականացման տարի մը


6

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Üáñ î³ñáõ³Ý ØïáñáõÙÝ»ñ

ÆÝùÝáõÃÇõÝ »õ Çñ³·áñÍáõÙ ùñÇëïáÝ¿³Ï³Ý Ï»³ÝùÇ Ù¿ç ¸àÎî. ¼²ô¾Ü ². øÐÜÚ. ²ð¼àôزܺ²Ü

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով հարկ է պահ մը մտածել մեր ինքնութեան մասին որմէ կ՚ակնկալենք իրագործում մեր կեանքի ընթացքին, երկուքն ըլլալով մեր անմիջական հեռանկարներու յաջողութիւններուն զիրար ամբողջացնող լրացուցիչները։ Տարին արագ կը թաւալի եւ Սուրբ Ծնունդը կը վերանորոգէ մեր, շնորհընկալներուս, ջանքերը լարելու դէպի դրական իրագործում։ Որքան ատեն որ մարդուս ինքնութիւնը կը զարգանայ ժամանակի ընթացքին, յոյս կայ որ այդ ընթացքը դէպի Աստուած առաջնորդէ զինք բարի ծրագիրներու իրագործումով, այսինքն իրակա՛ն եւ ոչ թէական կամ ըղձական տեսիլքներով։ Ինքնութիւնը ինքնահնար եւ յայտարարուած որակում մը չէ, այլ Աստուծմէ տրուած պարգեւ մը, իրողութիւն մը, եւ ապրելակերպ մըն է որ մարդս կը մղէ յարաբերելու եւ գործելու իր նմանին հետ՝ հակակշիռը միշտ յարգելով եւ պահելով երկուքին միջեւ։ Եթէ ոմանք անցնող տարիներու արժէքն ու ազդեցութիւնը մոռնալով չեն պահեր ինքնութեան զարգացումի այդ ընթացքը, հեռացած կ՚ըլլան թէ՛ անցնող տարւոյն ընծայած բարիքներէն եւ թէ՛ զրկուած կ՚ըլլան հաւատքի ու հաւատարմութեան վերանորոգ զօրութենէն։ Այդ տեսակ մարդիկ կը վստահին միայն իրենց գիտցածին եւ կարողութեան վրայ, որոնք վաղանցիկ կ՚ըլլան ընդհանրապէս, ու այդ ձեւով ալ ապա-

ցոյցը կու տան միակողմանի եւ քմահաճ գործելաոճի մը։ Ինքնութեան ճանաչումը լաւապէս կը հասկնանք, երբ կարդանք Յիսուսի ներթափանց խօսքերը իր տասներկու աշակերտներու ընտրութեան մէջ, քանզի անոնք պատահաբար չեկան միանալու խմբակին, այլ Տէրը ինք կանչեց իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը ճանչնալով, նոյնիսկ մատնիչ աշակերտին ինչ ըլլալը գիտնալով՝ կանչեց զինք յանուն նախախնամութեան, քաջ գիտակցելով անոր բաժինը իր առաքելութեան նկատմամբ։ Երբ Նաթանայէլ, օրինակի համար, թզենիի ծառին տակ կը նստէր, գիտնալով անոր ինքնութիւնը Փիլիպպոսի միջոցաւ Յիսուս զինք իր քով կանչեց, ըսելով «Ահա մարդ մը որուն մէջ նենգութիւն չկայ»։ Նաթանայէլ որուն անունն էր նաեւ Բարթողիմէոս, դարձաւ Հայաստան աշխարհի Առաջին Լուսաւորիչը՝ Թադէոս Առաքեալի հետ, որոնց յիշատակը Հայ Եկեղեցին տօնեց անցեալ շաբաթ օր։ Ինքնութենէն իրագործում ընթացքին վրայ Հայաստան ու Հայ Եկեղեցին շնորհքը վայելեցին անցեալ Յունիսի վերջաւորութեան Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսկոս Պապին, որ ուխտաւորաբար Հայաստան ու Սուրբ Էջմիածին այցելեց։ Պահ մը աննախընթաց բերկրանքի ալիք մը տարածուեցաւ մեր աշխարհէն ներս, իսկական օրհնութիւն մը, երբ Քրիստոնեայ Քա-

հանայապետը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, պատասխանատու յանձնառութիւններ կատարելագործեց, բարձրագոյն սահմանում եւ տարածք տալով իր ինքնութեան եւ համաշխարհային դիրքին, երբ ցանկութեամբ եւ ամենայն խոնարհութեամբ եկաւ ու նուաճեց հոգիները բովանդակ հայ ժողովուրդին։ Քահանայապետին այդ օրինակելի ընթացքին բնօրինակը Յիսուս ինք տուաւ անկնկալելով որ Տասներկուքը ուշադիր ըլլային իր ուսուցումներուն նկատմամբ, եւ ոչ թէ աւելորդ խօսքերով աննպատակ հետաքրքրութիւններ ցոյց տային։ Ֆրանիսկոս Պապը ճիշդ այդ էր որ կատարեց՝ քալելով Տիրոջ ճամբէն։ Աննպատակը ունի նաեւ իր ժխտական դրսեւորումը, ինքնին նաեւ նպատակ մը, երբ մարդուս ինքնութիւնը աժան ճանաչումի եւ կամ հարստութեան անհիմն ուժին վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ։ Այդ պարագային որքան աչքառու է մերօրեայ իրականութիւնը, երբ մարդ ընկերային եւ քաղաքական շիլ հաշիւներու զոհ կ՚երթայ, փոխանակ Քրիստոսի հաստատած Եկեղեցիին նպաստելու, ուր ինքնութիւնն ու իրագործումը մարմին կ՚առնեն եւ շնորհներով կը զօրանան։ Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս այլուր, դրսեւորեց այդ զուգորդութիւնը նաեւ մեր երկրին մէջ՝ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետքերով` յօրինակ մերազն ժողովրդեան։ Փորձանքը հո՛ն է, երբ կամովին կ՚անգիտանաս «Աստուծոյ Պատկերը» որով սկիզբէն շնորհազարդարուեցար, անգիտանալով նաեւ Աստուծոյ բարերար առաջնորդութիւնը, վստահելով միայն քու ուժերուդ, եւ կը մնաս առանձին։ Այս իրողութիւնը պարզ հարցումի մը ետին Յիսուս հաստատեց, ըսելով եթէ իր աշակերտները կ՚ուզէին իրեն հետեւիլ կամ ոչ։ Պետրոս Առաքեալ իսկոյն պատասխանեց, ըսելով թէ որո՞ւ կրնային հետեւիլ բացի իրմէ, որ ունի յոյսի եւ լոյսի կեանքը որպէս Աստուծոյ Որդին։ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան հրաւէրն է զգաստ ըլլալ եւ լրջօրէն հասկնալ Քրիստոսի կատարած գործին հոգեկան ոլորտը, ուր մարդ կրնայ տեսնել եւ գնահատել միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գոյութենա-

կան փորձառութեան լիութիւնը։ Եւ այդ լիութիւնը հիմքը կը կազմէ մեր վերեւ կրկնած ինքնութեան եւ իրագործման լիիրաւ դրսեւորման։ Միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գործի հրաշագործ հանդիպման խաչմերուկին է, որ մարդ պիտի տեսնէ Տիրոջ ճշմարիտ սէրն ու գուրգուրանքը՝ կեանքի եւ յարատեւ նուիրումի վերածուած։ Չմոռնանք Աստուածադիր պատգամը՝ «Մարդ է որ գործէ զերկիր», յիրաւի անկրկնելի եւ անշրջելի պատգամ։ Նոր Տարուան սեմին մեր ականջին թող հնչէ այն պատգամը, թէ Քրիստոնէական հաւատքը երբեք դիւրահաւան կամ «կախարդական» ճամբայ չի քարոզեր կեանքի դժուարութեանց դէմ, այլ Խաչի նուիրական խորհուրդով հիմնական հաւատքի ապահովութիւնը կը շնորհէ օգնելու մարդուն որ գիտակից որոշումներ առնէ՝ ճանչնալով Մարդացեալ Փրկչին միջամտութիւնը մարդոց կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մէկ խօսուն օրինակն է այս մեծ պատկերին, Աստուծոյ ուղղակի յարաբերութեանը ընդմէջ հայ աշխարհի, սկսեալ առաջին մէկ օրէն։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը Խաչին պատգամն իսկ է, որմէ ճառագայթեց մարտիրոսութիւնն ու փրկագործութիւնը։ Կը մնայ մեզի մեր ինքնութիւնը ճշդել Խաչի զօրութեամբ եւ իրագործել ա՛յն ինչ որ կը պահանջէ նժարին միւս կողմը։

Դեկտեմբեր, 2016

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ՔԻՒՓԵԼԵԱՆՆԵՐ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով բոլորին առողջութիւն եւ յաջողութիւն


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

7

²ïñå¿Û׳ÝÇ Ü³Ë³·³Ñ ÆÉѳ٠²ÉÇ»õÇÝ

Ðá·»ÉáÛë ¶³ñ»·ÇÝ ². γÃáÕÇÏáë Úáíë¿÷»³ÝóÇ Ï»³Ýù¿Ý (1867-1952) «ºë »Ï»É »Ù Ò»ñ Ó»éùÁ ѳٵáõñ»É…» ʲâÆÎ Ö²ÜàÚº²Ü

Հայ ժողովուրդի համար վճռորոշ եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցան Սարդարապատի անունով մկրտուած 1918-ի ճակատամարտները: Այդ օրերուն, Ս. Էջմիածնի ճեմարանի տեսուչն էր Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանց, որ յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եղաւ: Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն, Գարեգին Սրբազանի սրտապնդիչ եւ կուռ խօսքերը մեծ դեր կատարեցին օրհասական այդ օրերուն հայոց բանակի զինուորներէ եւ աշխարհայիններէ բաղկացած գունդերուն վրայ: Այդ պատերազմին թուրք բանակը, որ քանակով եւ կազմակերպուածութեամբ, ի վերջոյ կայսրութեան մը բանակն էր, շատ աւելի հզօր էր, իսկ մեր բանակը, թիւով փոքր, զէնք ու զինամթերքով տկար, կրցաւ հերոսաբար կուրծք տալ թշնամիին եւ պաշտպանել հայրենի հողը: Արդարեւ, 1918-ի Սարտարապատի հերոսամարտը միշտ ալ անուանած ենք, որպէս մեր օրերու

20-րդ դարու Աւարայրի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցաւ 451 թուին: Ինչպէս 451-ին, 1918-ին եւս հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ լինել-չլինելու վճռորոշ ճակատագրական օրերու առաջ: Երկու պատերազմները բազմաթիւ նմանութիւններ ունին, երկուքն ալ համահայկական դիմադրութեան գեղեցիկ եւ ցայտուն պոռթկումներ էին: 1918-ին թուրքը անցաւ յարձակումի, նպատակ ունենալով գրաւել եւ շարունակել 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան գործը, այս անգամ միանգամընդմիշտ աշխարհի երեսէն վերացնել հայ ժողովուրդը Արեւմտահայութիւնը ջնջելէ ետք, այս անգամ Երեւանի, Գիւմրիի, Էջմիածնի, Արեւելեան Հայաստանի հայերն ալ սպանդի ենթարկելով, շարունակել փանթուրանիզմի իր երազը իրականացնել: Այդ օրերուն, Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսն էր Գէորգ Ե. Վշտալի կաթողիկոսը, որ ծանօթ է իր «թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր սրբարանը…» պատգամաշեշտ խօսքով, որ այս օրերուն ալ այժմէական են այդ խօսքերը, մանաւանդ որ այս օրերուն Ատրպէյճանի “play boy” նախագահը իր նաւթատոլարներով մեծամտացած, կը սպառնայ կռիւով ոչ միայն Արցախի հողերը առնել, այլ նոյնիսկ Երեւանը, Գիւմրին, Մեղրին եւ ողջ Հայաստանը, առնել՝ զանոնք ատրպէյճանական հողեր նկատելով: Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն Գարեգին Սրբազան Յովսէեփանց Ս. Էջմիածնի վեհարանէն ուղղակի Սարդարապատ գնաց, ուր հայոց փոքր բանակը դիրք գրաւած էր, դիմագրաւելու համար թշնամիի զինուորները: Բանակի զինուորներուն կողքին Երեւանէն եւ զանազան շրջաննե-

րէն եկած կամաւորները խոր մտահոգութեան մէջ էին, տեսնելով թշնամիին անհամեմատ ուժը, բանակը եւ զինամթերքը: Հռետորական, ոգեւորող եւ ոգեշնչող խօսքեր ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ընէին զինուորներուն եւ կամաւորներուն վրայ: «Հայրենիք, ժողովուրդ, հայրենասիրութիւն» բառերուն իմաստը փոխուած էին կռուող ժողովուրդին համար: Բոլորը կարծէք յուսահատած էին, ոչ ոք իր միտքին ծայրէն կրնար անցընել, որ կացութենէն բան մը կրնայ փոխուիլ: Ահա այդ դժուարին եւ օրհասական օրերուն, հոգելոյս Գարեգին Սրբազան Յովսէեփանց դրսեւորեց իր յատուկ եւ բացառիկ կարողութիւնը: Ան հայրենասիրական բոցավառ ելոյթ մը ունեցաւ զինուորներուն եւ զինեալ կամաւորներուն առջեւ, ըսելով. «Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել, եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել է իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը… Յետ նայեցէք, մեզ մնացել են Երեւանն ու Էջմիածինը... եթէ հերոսութեան չդիմենք, ամէն ինչ կորել է իսպառ, այլեւս չի լինելու հայ եւ ոչ էլ հայի հայրենիք…»: Բանակը հանգիստ կը լսէր Սրբազան Հօր: Քար լռութիւն կը տիրէր, ոչ մէկ վերաբերմունք, դրական կամ ժխտական արտայայտութիւն: Ապա հայրենասէր Սրբազանը իր խօսքը շարունակեց, ըսելով. «Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ, հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ կռուելու, նրա հրամանատարները Էջմիածին կը գային Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. կաթողիկոսի մօտ՝ նրա Աջը համբուրելու եւ նրա օրհնութիւնները առնելու: Բայց այս անգամ վտանգը այնքան մեծ է, որ ես Ս. Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքերը համբուրելու եւ խնդրելու,

որ փրկէք հայրենիքը, փրկէք ձեր պատիւը, հայի պատիւը…»: Ապա, Գարեգին Սրբազան, արտասուալից աչքերով կը մօտենայ եւ կը համբուրէ եւ իր օրհնութիւնները կու տայ բանակի ղեկավարութեան: Սրբազան Հօր այս պարզ եւ անպաճոյճ, հոգեցունց խօսքերը զգաստութեան հրաւիրեցին բոլոր զինեալները, կուսակցական, հոգեւոր, շինական, բանակային, մտաւորական, պարզ բանուոր ու մանաւանդ հայ գաղթականները, բոլորը հուժկու խումբի մը վերածուած, գրոհեցին թուրք բանակին վրայ, անոր շառաչուն ապտակ մը հասցնելով: Այսպէս թուրք բանակը անամօթաբար ետ շպրտուեցաւ հայկական հողերէն: Փրկուած էր հայ ժողովուրդը ստոյգ ջարդէ մը: Փրկուած էր մայր հայրենիքի մէկ մասը: Փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդի զինուորական, հոգեւոր եւ հասարակական գործիչներուն, որոնք նման դժուար օրերուն գիտեն միանալ, բռնցքաւորուիլ եւ իրենց հողին ու հայրենիքին տէր ըլլալ: Թող Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հոգին յաւէտ սաւառնի հայ ժողովուրդին վրայ, որպէս պահապան հրեշտակ, երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէն եւ թշնամիներէն մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը փրկելով: Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ համայն հայութեան եւ մեր ղեկավարութեանց:

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԴԱՒԻԹ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով բոլորին առողջութիւն եւ յաջողութիւն


8

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Նախկին խորհրդային շրջանին Հայաստանը ենթարկուած էր Մոսկուայի կեդրոնական տնտեսական կարգաւորման։ Ան մշակեց ժամանակակից արդիւնաբերական միջոցներ եւ կարողացաւ մեքենայ, գործիք, հիւսուածեղէն եւ այլ ապրանքներ արտադրել եւ խորհրդային միւս հանրապետութիւններուն նման ուրիշ երկիրներու հայթայթել եւ անոնց տեղ հում նիւթեր ստանալ: Անկախութիւնը հռչակելէ ետք 1991-ին, այդ բոլորը վերջ գտան. Հայաստանին մնաց երկրագործութիւն, ան ալ նեղ սահմաններու մէջ: Հայաստանը առեւտրականութեան համար ունի երկու բաց սահմաններ, Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որովհետեւ անոր սահմանները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ փակ են 1990 թուականներու սկիզբէն ի վեր։ Այդ պատճառով ներկայիս ծանրակշիռ ապրանքներու վաճառքը շատ հնարաւոր չէ Հայաստանի համար, սակայն օդային փոխադրման միջոցները աւելի ընդարձակ են։ Ուրեմն պէտք է աշխատիլ թեթեւ արդիւնաբերութեան միջոցներ գտնել, որոնք ընդհանրապէս էլեկտրոնական սարքաւորումներ, հնարքներ, բջիջային հեռախօսներ, ռազմական էլեկտրոնային սարքեր, եւայլն կը պարունակեն, որոնց հում նիւթերը դիւրամբ կարելի է փոխադրել Հայաստան օդային միջոցներով։ Նմանապէս, արտահանուած առարկաները երկրէն դուրս հանել. այս ասպարէզին մէջ արուեստագէտները շատ կարեւոր դեր ունին, անոնք կարող են աշխատանքները զարգացնել եւ յառաջ տանիլ։ Հայաստանը ունի պէտք եղած զարգացած եւ ընդունակ մարդուժը, կարելի է նաեւ օգտուիլ սփիւռքէն, ուր հազարաւոր հայ մասնագէտներ կան: Կը մնայ նիւթական ներդրումը, դրամագլուխի կարիքը: Հայաստանի ներկայ տնտեսութիւնը մեծ տոկոսով Դաշնակցային Ռուսիոյ հետ կապուած է, ըլլալ պետական մակարդակով կամ թէ ռուսական ընկերութիւններու եւ գործատէրերու մակարդակով, անոնց մէջ ըլլալով աչքառու ռուսահայ գործատէրեր: Գալով Հայաստանի ենթակառուցային համակարգին, ելեկտրականութեան արտադրումը եւ վառելանիւթի մատակարարումը մեծապէս Ռուսաստանի աջակցութեամբ կը շարունակուին: Հայաստան ներկայիս կ՚արտադրէ 7.3 միլիառ kWh ելեկտրականութիւն, որմէ 5.1 միլիառ (kWh) կը սպառուի երկրէն ներս եւ մաս մըն ալ՝ կ՚արտածուի: Այդ արտադրուող ելեկտրականութեան 32.2% բրածոյ վառելանիւթով (fossil fuel) կարտադրուի, իսկ 34.3% միջուկային

îÝï»ëáõÃÇõÝ

г۳ëï³ÝÁª ³ÝϳËáõÃ»Ý¿Ý 25 ï³ñÇÝ»ñ »ïù вش²ðÒàôØ ²Ôä²Þº²Ü վառելանիւթով (nuclear fuel) որոնք կը հայթաթուին Ռուսիոյ կողմէ, իսկ մնացած 33.5% ջրաելեկտրական կայանններ են (hydroelectric plants), որոնցմէ մէկը արդէն ամերիկեան ընկերութեան մը վաճառուած է: Քարիւղի եւ կազի արտադրութիւնը զէրօ է եւ երկրին կարիքները մեծամասնութեամբ Ռուսիոյ կողմէ կ՚ապահովուին, ինչպէս որ Հայաստանի շատ մը նման կենսական կարիքներ: Երկրին ենթակառոյցները, երկաթուղիի ցանցը, որ մօտաւորապէս 800 քմ. է եւ այլ կառոյցներ, անոնք արտաքին օգնութեան ենթակայ են: Հայաստանը ունի ստորգետնեայ մետաղներու պահածոներ, որոնցմէ մաս մը արտահանուած է, ուրիշ մաս մըն ալ կ՚արտահանուի եւ անոնք որոշ չափով երկրին եկամուտ կ՚ապահովեն: Վերոյիշեալ բոլոր գործունէութիւնները, աշխատանքները, արտադրութիւնները եւ ներածումները հսկայ նիւթական դրամագլուխներու կարիք ունին, որոնք հնարաւոր չեն ներկայ Հայաստանի համար, եւ գլխաւորապէս անոնք, առաւել քաղաքական կապակցութիւններն են, որոնք կը կաշկանդեն Հայաստանի տիրապետութիւնը եւ ազատ որոշումի հնարաւորութիւնը այդ հարցերու վերաբերեալ: Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը դանդաղ ընթացքի մէջ է Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին պատճառով: Սակայն, Հայաստանի ամենամեծ դրամագլուխը իր ժողովուրդն է, իր աշխատող ուժը, իր զարգացած երիտասարդ ուժը, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհածաւալ հզօր սփիւռքը, որոնցմէ պէտք է ամենալաւ կերպով օգտուիլ: Հայաստանի ժողովուրդը բաղդատմամբ եւրոպական երկիրներուն երիտասարդ կը թուի, ուր 24-էն պակաս տարիք ունեցողները մօտաւորապէս բնակչութեան 33% կը կազմեն։ Այլ խօսքով, բնակչութեան մէկ երրորդը, մինչ 65 տարեկանէն վեր տարիք ունեցողները բնակչութեան 10% կը կազմեն։ Գերմանիոյ բնակչութեան պարագային այդ տոկոսները 23% եւ 21% են, որ կը նշանակէ թէ Հայաստանը աւելի երիտասարդ աշխատող ուժ ունի եւ նուազ թոշակի կարիք ունեցողներ: Օգտուելով այս տուեալներէն կարելի է ակնկալել, որ Հայաստանը

ապագայի համար լաւ մարդուժ կը խոստանայ, սակայն պէտք է պետական եւ ժողովրդական մակարդակով մեծ աշխատանք տարուի եւ ջանք թափուի, որ այդ նոր սերունդը լաւ կրթութիւն ստանայ եւ պատրաստ ըլլայ ապագային արդի Հայաստան մը կերտելու համար: Հայաստանի համար թեթեւ արդիւնաբերութեան միջոցներ պէտք է ստեղծել, նախ երկրի արեւելեան եւ արեւմտեան սահմաններու փակման պատճառով, որոնք կը սահմանափակեն երկրի ցամաքային առեւտուրի միջոցները, երկրորդ, այդ աշխատանքները կարելի է սկսիլ փոքր դրամագլուխներով եւ Հայաստանը ունի այն ուղեղները, որ կարող են յառաջ տանիլ այդ գործերը։ Ի հարկէ, կարելի է միշտ օգտուիլ սփիւռքի հնարաւորութիւններէն: Հայաստանը արդէն շատ մը քայլեր առած է այդ ուղիով: Վերջերս Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ 2014 թուականէն գործող The International Science and Technology Center-ի (ISTC) նորարարական լուծումներու եւ արհեստագիտութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ: Կեդրոնը Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գրասենեակի եւ այլ հիմնադրամի ծրագիրն է. անոր նպատակն է զարգացնել եւ կայունացնել Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ տեղակատուական արհեստագիտական կրթութիւնը, խթանել հետազօտական աշխատանքներն ու աջակցիլ այդ ոլորտի ընկերութիւններու նորարարական միտքերու զարգացման։ Ներկայիս արդէն տեղեկատուական ճարտարարուեստը (ITInformation Technology) բաւական լաւ սկիզբ առած է Հայաստանի մէջ, ուր նոյնիսկ օտար ընկերութիւններ մուտք գործած են: Անցեալ ամառ Հայաստանէն տնտեսական եւ էլեկտրոնական ճարտարարուեստի պատուիրակութիւն մը ԱՄՆ այցելեց, ուր իր անդամները Քալիֆորնիոյ Silicon Valey-ի էլեկտրոնային սարքաւորումներ արտադրող գործատուները այցելեցին եւ գործատէրերու հետ հանդիպումներ ունեցան: ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը (Tumo Center for Creative Technologies),

որուն մասին անդրադարձած էինք ուրիշ առիթով, ըստ ֆրանսական “We Demain” ամսաթերթին՝ աշխարհի ամէնէն նորարար դպրոցներու առաջին դիրքին վրայ է: Այդ կեդրոնը կրկին բարձր գնահատուեցաւ երբ Նոյեմբեր 2016-ին Եւրոմիութեան (ԵՄ) յանձնակատար հետազօտութիւններու, գիտութեան եւ նորարարութեան (innovation) ներկայացուցիչ Քառլոս Մոտաս, ԹՈՒՄՕ-ն կարեւորած է որպէս գերազանցութեան կեդրոն: Այս բոլորը եւ իրենց նման այլ պետական հաստատութիւններու աշխատանքներ անպայման զարգացած եւ արդի գիտութեամբ զինուած նոր սերունդ մը պիտի պատրաստեն. սակայն դեռ աւելին պէտք է ընել։ Հայաստանը արդէն ժամանակէ մը ի վեր կ՚արտադրէ եւ կը վաճառէ էլեկտրոնային սարքեր եւ այդ աշխատանքները աշխուժացնելու, զարգացնելու եւ ընդարձակելու համար վերջերս Հայաստանի գործատէրերու պահանջով 15 երկիրներու մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն առընթեր տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին։ Այս մէկը լուռ եւ լուրջ հրաւէր է սփիւռքի գործատէրերուն եւ այդ մարզի մէջ աշխատող մասնագէտներուն, որպէսզի իրենք ալ մասնակցին այդ արդիւնաբերութեան եւ յաջող առեւտուրի աշխատանքներուն՝ օգտակար հանդիսանալով բոլորին: Ի հարկէ, Հայաստանի պետութիւնը ամէն ձեւով պէտք է նեցուկ կանգնի բոլոր ներդրողներուն, բոլորն ալ պէտք է ապահով մթնոլորտի մէջ աշխատին եւ կոռուպցիան, ինչպէս որ կ՚ըսեն տեղացիները, ապականութիւնը, փտութիւնը եւ կաշառակերութիւնը պէտք է վերջ գտնեն, որպէսզի մարդիկ ազատ շունչով աշխատին:

Դեկտեմբեր 12, 2016

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆՆԵՐ Ընտանեկան պարագաներուն եւ «Նոր Օր»ի աշխարհատարած ընթերցողներուն, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով, կը մաղթենք առողջութիւն եւ յաջողութիւն,


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

êáõñ ²ÝÏÇõÝ

гõ³ï³Ýù ϳ٠áã, ï³ñÇ ÙÁÝ ³É µáÉáñ»óÇÝù, î³ëÝí»ó ÃÇõÁ ³Û¹ù³Ý ³É ß³ï ãëÇñ»óÇÝù Տարին թէեւ Ողիմպիական էր, Սակայն հունձքը բաւարար չէր. Ապրի՛ն տղաները քաջարի, Ոսկի արծաթ շահած բերին. Պարծանք դարձան ողջ աշխարհին՝ Հայու անունն իրենց ճակտին։ Նոյնն էր տղան Մխիթարեան Հայ ֆութպոլի ներկայ արքան, Թող միշտ տածէ համակ սէր Ու պայքարի հոսանքն ի վեր։ Տեղքայլ էր տարին շախմատային Չեղան բեկումներ շահ-մաթ-ային, Լեւոն Արոնեանն ու միւս տիտաններ, Մնացի՛ն, կա՛ն. կ՚ուզենք աւել դեռ։ Քաղաքական տարին որքա՜ն բերաւ Անակնկալներ իրաւ-անիրաւ. Ապրիլը դարձաւ նոր Ապրիլ ցաւոտ Եւ Արցախը՝ փորձադաշտ արիւնոտ։ Սահմանապահը հերոսն է տարուան, Հայ ժողովուրդին դէմքն է իսկական։ Եկաւ Յուլիսը իրեն հետ բերելով «Սասնայ ծռեր», Ծուռ ճամբաներով շիտակին հաւատացողներ, Միամիտ թէ հեռատես քայլերով զինուած, Ալիքներ բերին, թոյլ կազմակերպուած։ Ներքին կեանքը զոյգ հանրապետութեանց Պէտք էր դառնար յոբելեանական, Երկու քսանհինգամեակներ պատուական՝ Մայր ու որդի տօնէին համահայկական։ Եկան տարեդարձները եւ գացին արագ Չկրցանք ըմբոշխնել տօնական կարկանդակ։ Սահմանը թէժ է, հարեւանները՝ հարեւանցի... Հիւսիսի քեռին, մեզ կը կարծէ իր գերին, Իսկ Սէմ հօբարը, աշխարհը խառնած, Հիմա Տանըլտ հօբարի անուան տակ եկած... Բայց ո՞ւր են մեր հին հօբարները Լեւոն ու Ռոբերթ, Որ գան իրենց աղբօրը՝ Սերժին օգնեն արտահերթ. Կայ նո՜ր հօբար մը, կուշտ ու գործունեայ Ամէնքի յոյսը հիմա նա է նա. Ե՛կ թել ու ասեղով տղայ Կարէն, Որպէսզի կարկտան երկիրդ կարեն։

2017-Ç Î³Õ³Ý¹ã¿ùÝ»ñ Սփիւռքահայ մանուկներուն՝ հայախօսութիւն Ամերիկահայ ծնողներուն՝ հայախօսութիւն Մեծ-մեծ մամաներուն եւ պապաներուն՝ հայախօսութիւն Հայաստանի ժողովուրդին՝ հայախօսութիւն Հայաստանի պրեզիդենտին՝ հայախօսութիւն Ղարաբաղցիին՝ հայախօսութիւն Ֆղանսայուն՝ հայախօսութիւն Եւ վերջապէս՝ հայ դպրոցին... հայախօսութիւն։ Ամէն։ *** Ամէն տարի խաղաղութիւն կը մաղթենք Աշխարհին, Եւ ամէն տարի խաղաղութիւն պիտի մաղթենք Աշխարհին. Եկէք չմաղթենք այս տարի, այլ՝ պահանջենք խաղաղութիւն, Եւ մե՛նք սկսինք այդ խաղաղութիւնը... պատերազմելով յանուն խաղաղութեան... *** Ամէն տարի Հայաստան Աշխարհը կ՚ուզենք տեսնել շէն ու պայծառ, Եւ ամէն տարի պիտի շարունակենք ուզել տեսնել շէն ու պայծառ. Եկէք մե՛նք ստեղծենք Հայաստան Աշխարհը շէն ու պայծառ, Եւ չսպասենք, որ մեր հարեւանները սարքեն մեր երկիրը շէն ու պայծառ... *** Միասնականութի՜ւն... հոգէառ բառ մը բազմիմաստ, Եկած թառած է մեզմէ ամէն մէկուն սիրտին վրայ չարաբախտ, Դեռ քանի՜ կտոր պիտի դառնանք ազգով համայն, Որ խելքի գանք, որ պէտք չեն բառեր, այլ իսկութիւն միասնական։ Աշխարհը կրակներու տակ, Արցախն ու Հայաստանը վտանգի տակ, Իսկ հայութենէ խօսող միամիտներ ու չարամիտներ ստահակ, Կը քանդեն սրբութիւն, ազնուութիւն, հաւատք եւ ոգի, Դառնալով օտարին ջրաղացին գերի։

9

²Ù³Ýáñ»³Ý Øï³Ñá·áõÃÇõÝÝ»ñ

à±õñ Ï՚»ñóë, Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹... ¶¾àð¶ ø¾úÞξðº²Ü Մի քանի բարեկամներով, սրճարանը (coffee shop) նստած կը զրուցէինք սփիւռքահայութեան սպառնացող վտանգներու մասին։ Օրինակ՝ գէթ Ամերիկայի մէջ, Հայկական վարժարաններու ուսանողները՝ դպրոցին մէջ անգամ հայերէն չեն խօսիր։ Մեզ յաջորդող սերունդները՝ հայերէն թերթ պիտի կարդա՞ն արդեօք։ Որքանո՞վ հայ պիտի մնան՝ օտար ամուսնութիւն կնքողները։ Կարծես առաջին երկու հարցերուն նկատմամբ, մենք գրեթէ հաշտուած ըլլալ կը թուէինք, ուստի մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ օտար ամուսնութիւն կնքողներու ճակատագրին վրայ։ Օտար ամուսնութիւն կնքողներու անմիջական պարագաները յաճախ կ՚արդարացնեն զանոնք ըսելով, թէ՝ «Հարսերնիս օտար է, սակայն շատ լաւ հայերէն կը խօսի»։ «Մեր փեսան օտար է, սակայն շատ լաւ հայր է իր զաւակներուն»։ «Մեր հարսը օտար է, սակայն ամէն Կիրակի հայկական եկեղեցի կը յաճախ»։ «Փեսանիս օտար է, սակայն տասը հատ հայու հետ չեմ փոխեր զինք»։ Այս պատճառաբանութիւնները ուրիշ բան չեն՝ եթէ ոչ «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց» միայն։ Այսինքն, այրած սրտի անյաջող մխիթարանք... Ինչ որ է, անցնինք մեր բուն նիւթին։ Ուրեմն, մեր խօսակիցներէն մէկը մեզ տեղեակ պահեց, որ Պէյրութի հայկական երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ երիտասարդ մը կ՚ամուսնանայ հայ աղջկայ մը հետ եւ կը կազմէ ընտանեկան երջանիկ բոյն մը ու անոնք կը բախտաւորուին մի քանի զաւակներով։ Գործի ասպարէզը զինք կը նետէ Արաբական Ծոցի երկիրներէն մէկուն մէջ, ուր կը հանդիպի օտար աղջկայ մը։ Աղջկան հետ իր յարաբերութիւնը զարգանալով, կ՚որոշէ ամուսնանան հետը։ Սակայն իր առաջին ամուսնութիւնը «խոչընդոտ» հանդիսանալով, կը փափաքի ամուսնալուծուիլ իր հայ կնոջմէն։ Երբ հայ կինը արգելք հանդիսա-

նալով ամուսնալուծում չի շնորհեր, ան կը դիմէ ծայրայեղ միջոցի մը։ Քանի որ ան կ՚ապրէր իսլամական երկրի մը մէջ, ուր օրէնքով կրնայ մէկը մինչեւ չորս կին ունենալ՝ իսլամ կը դառնայ եւ կ՚ամուսնանայ իր սիրած հոմանուհիին հետ... Հիմա ան՝ յաչս օրէնքի, պաշտօնապէս երկու կին ունի։ Թէեւ անիրաւ է մեր հայ երիտասարդը եւ անոր արարքը խոտոր, սակայն ես ակամայ ճարպիկ եւ պատեհապաշտ պիտի որակեմ զինք՝ որ կրցաւ երկրին օրէնքը գործադրել, ի նպաստ իրեն։ Ան հետեւեցաւ «նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը» (the end justifies the means) լոզունգին, ոտնակոխելով բարոյական ամէն սկզբունք եւ խախտելով հայկական դաստիարակչութեան ու ազգային պատկանելիութեան բոլոր հիմերը։ Իր այս գռեհիկ արարքով, ան դաւաճանած եղաւ նախ իր ազգին՝ օտարի հետ ամուսնանալով, եւ ապա իր կրօնքին՝ դաւանափոխ ըլլալով։ Ո՞ւր մնացին հայ մայրերու զոհողութիւնները, որոնք տարագրութեան ժամանակ ինքզինքնին Եփրատ գետը նետեցին՝ որպէսզի կրօնափոխ չըլլան։ Իսկ մեր «հերոս»ը՝ կամայականօրէն կ՚ընդունի մեզ ջարդող թուրքին իսլամութիւնը. որքա՜ն փոխուած են ժամանակները… Բարեկամներ, ճերմակ ջարդը կը սպառնայ բոլորիս՝ աշխարհի որ անկիւնը որ ապրինք։ Հայուն համար միակ ապահով ապաստանը իր հայրենիքն է եւ պէտք է մենք ամէն գնով անսասան պահենք զայն եւ աշխատինք, որ ան դառնայ բարգաւաճ եւ բարեբեր երկիր մը, որ կարենայ իր մէջ ներգրաւել բոլոր հայերը։ Վստահ եմ նմանօրինակ սրտաճմլիկ երեւոյթներ կան ամէնուրեք եւ դժբախտաբար անոնց թիւերը կ՚աճին ու կը բազմանան, յուզում պատճառելով մէն մի մտահոգ հայուն՝ հայրենիքի մէջ, թէ արտասահմանի օտար ափերուն վրայ։

Իսկ ինչո՞ւ է պէտք միասնականութիւն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեան, Դրօշակներու զանազանութեան, Էջմիածնական եւ Անթիլիասական, Կաթոլիկութեան թէ բողոքականութեան, Ուղղագրութեան թէ ուղղախօսութեան, Հին ու նոր ժողովրդավարութեան... Հին ու նոր «ախպար»ներու գոյութեան... Հին ու նոր «հայաստանցի»ներու սփիւռքեան... Վերջապէս, ինչո՞ւ այսքան տառապանք, Թող երկուք ըլլանք, երեք, տասներեք, Հարիւրերեք, ու հազարերեք, Մինչեւ ըսենք մեր հարեւաններուն թուրք-թաթարական Եկէք եւ կերէք, այս է մարմինը մեր... միլիոնուերեք։ *** Կաղանդչէ՞քը 2017-ի... Երեք բառեր են պարզ ու շատ մեկին՝ «Դա՛րձ, դէպի տուն»։ ՆԵՏ ՈՒ ԱՂԵՂ


Üáñ úñ

10 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016 øÝÝ³Ï³Ý ²ÏݳñÏ

г۳ëï³ÝÇ Ý»ñùÇÝ áõ ³ñï³ùÇÝ Ù³ñï³Ññ³õ¿ñÝ»ñÁ ö²Üàê ÂÆÂƼº²Ü Հայաստան բարդ ու դժուարին օրեր կ՚ապրի ներկայիս։ Ան, միաժամանակ կը դիմակալէ ներքին ու արտաքին շարք մը հարցեր, որոնք արմատական լուծումի կը կարօտին։ Հայաստանի ներքին դժուարութիւնները առաւելաբար տնտեսական բնոյթ ունին։ Անբաղձալի կացութեան մատնուած երկրին տնտեսութիւնը պատճառ հանդիսացած է անգործութեան, մասսայական արտագաղթի, լայնատարած դժգոհութեան եւ յոռետեսութեան։ Հաւանաբար երկրին բնակչութեան յիսուն տոկոսը թշուառութեան մատնուած է։ Տեղին է այստեղ մատնանշել, թէ երկրին իշխանութեանց գործը պարզապէս պաշտօն վարել չէ։ Անոնց բուն գործը երկիրը կառավարել է, մանաւանդ երբ երկիրը ծանր, չըսելու համար անել վիճակի մատնուած է։ Ասոնք, ամէն բանէ առաջ, ստիպողութեան գիտակցութիւն (sense of urgency) պէտք է որ ունենան։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու գործի անցնելու, որպէսզի կարելի փութով, ժողովուրդին իրավիճակը բարելաւուի։

Որո՞նք են Հայաստանի ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները

Նախ, այդ առնչութեամբ աչքի առաջ ունենանք երկու միջադէպեր, որոնք տեղի ունեցան մօտաւոր անցեալի մէջ։ Իրադարձութիւններ, որոնք ցնցեցին երկիրը, զգաստութեան հրաւիրեցին մեր ժողովուրդը, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուինք ներկայիս։ Մանաւանդ՝ հարկ եղած դասերը քաղելէ ետք, անյապաղ պէտք է դիմենք արմատական միջոցառումներու։ Առաջին իրադարձութիւնը, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, անցնող Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմն էր։ Այդպիսի տարողութեամբ բախումներ, 1994-ի զինադադարէն ետք երբեք տեղի ունեցած չէին։ Բախումներ, որոնք տեղի ունեցան սահմանագծի ամբողջ երկայնքին, արդիական զէնքերով, բոլորովին յանկարծակի բերելով հայերը։ Եւ այդ արդիական

զէնքերը, որոնք օգտագործուեցան քառօրեայ պատերազմին, ռուսերն էին Ատրպէյճանին վաճառողները։ Չորս միլիառ տոլարի արժողութեամբ զէնքեր։ Այո՛, Հայաստանի դաշնակիցին կողմէ։ Ընդհանուր բնութագրումով կարեւոր է ըսել, թէ քառօրեայ պատերազմը ի վնաս Ղարաբաղի եղաւ։ Նախ status quo-ն, որ ի նպաստ էր հայերուն, խախտեցաւ։ Թէեւ փոքր, սակայն յատկանշական բնոյթ ունեցող հողամաս մը, Ղարաբաղը զիջեցաւ Ատրպէյճանին։ Աւելին՝ հարիւրէ աւելի զոհեր ու աւերներ արձանագրուեցան։ Առ այսօր, սահմանագծի վրայ կը շարունակուին ազերիներու կողմէ կրակոցները։ Համատարած բախումի մը հաւանականութիւնը միշտ բարձր է՝ աննախատեսելի յառաջանալիք բարդութիւններով։ Մոսկուայի առած քայլերը պէտք չէր որ մեզ զարմացնէին։ Ներկայիս, տնտեսական եւ մանաւանդ աշխարհա-քաղաքական հաշիւներով, Ռուսիան եւ Թուրքիան մրցումի ելած են Ատրպէյճանը սիրաշահելու համար։ Հայաստանի շահը նկատի առնուելու համար, մեր երկիրը չունի կարեւոր լծակներ։ Մենք կախեալ ենք ռուսէն։ Քառօրեայ պատերազմէն ետք, ա՛լ աւելի։ Քառօրեայ պատերազմը իր որոշ անդրադարձը պիտի ունենար, յետագային, Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող տխուր միջադէպերուն վրայ։ Այսպէս կոչուած խմբակը՝ «Սասնայ Ծռեր»ը պիտի գրաւէր Երեւանի ոստիկանատունը, պահանջելով քաղաքական ընդդիմադիր տարրերու (Սէֆիլեան) բանտէն ազատ արձակումը։ Դէպքերու զարգացումը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ հազարաւոր ցուցարարներ հրապարակ իջնէին։ Դժգոհ “activist”ներու պիտի միանային նաեւ քաղաքական ընդդիմադիր հոսանքներ։ Այլեւս խնդիրը դուրս պիտի գար պարզապէս բանտարկեալներու ազատ արձակումի պահանջքէն։ Ցուցարարները նոյնպէս պիտի պահանջէին կառավարութեան եւ նոյնիսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Բացայայտ էր, որ հրապարակային ցոյ-

ցերը կրնային աւելի տարողութիւն ստանալ, արծարծելով թշուառութեան մատնուած ժողովրդային դժգոհութիւնները։ “Activist”ները չունէին քաղաքական յստակ դիրքորոշում։ Սակայն անոնց միացած, իշխանութեանց դէմ դիրքորոշում ունեցող քաղաքական հոսանքները, կրնային օգտագործել ստեղծուած բարդ դրութիւնը։ Միւս կողմէ, նախագահ Սարգսեան լուրջ աշխատանք տարեր էր անցնող չորս տարիներու ընթացքին, որպէսզի կարենար վերջ դնել երկրին մէջ յառաջացած քաղաքական բեւեռացումին։ Բանտարկեալներ ազատ արձակելով եւ այլ միջոցառումներով։ Սակայն եւ այնպէս, այդ բոլորը արմատական պատճառ չէին։ Նախագահ Սարգսեան, ճիշդ գնահատելով տիրող բարդ եւ դեռեւս աւելի բարդացող հակամէտ կացութիւնը, երկխօսութեան ձեռնարկեց ընդդիմադիր հոսանքին հետ։ Ան ընդունեց իշխանութեանց անցեալի թերիները։ Ան խոստացաւ նոր ոգիով եւ ազդու միջոցներով, երկրին բարեկարգման անյապաղ ձեռնարկել։ Այսպէս, կառավարական նոր կազմ մը իսկոյն գործի գլուխ անցաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ։ Նախարարական նոր կազմը, լուսամիտ, պատրաստուած ու բարեկարգութեանց դիմելու վճռակամութեամբ օժտուած անձերէ կը բաղկանար։ Միւս կողմէ, նախորդ տարուան ձեռնարկուած Սահմանադրական բարեկարգութիւններու շարունակման թափ պիտի տրուէր, նպատակ ունենալով գործադիր իշխանութիւնը, նախագահական դրութենէն ձերբազատելով, անցնիլ վարչապետական-խորհրդարա նական դրութեան, ուր վարչապետն էր որ պիտի ըլլար ուժի բուն տէրը եւ ոչ թէ նախագահը։ Տակաւին կանխահաս է որոշ գնահատական տալու նոր կառավարութեան աշխատանքին։ Զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ըսենք, սակայն, որ մեր տպաւորութիւնները դրական են այդ մասին։ Ժողովուրդը, ըստ երեւոյթին, սպասողական դիրքի վրայ է։ Յստակ դիր-

քորոշումի չէ յանգած։ Այժմ, գանք բուն հարցին։

Երկրին տնտեսութեան հիւանդագին իրավիճակը

Հայաստանի մէջ ստեղծուած է եւ կը գործէ, այնպէս կոչուած, ապրանքային առ ու ծախի դրութիւն մը, “commodity based cartel”, որ մենաշնորհի տակ առած է գրեթէ ամբողջ տնտեսութիւնը։ Այդ մենաշնորհը երկրին պարտադրած oligarch-ները, տուրքեր չեն վճարեր եւ կարելի ալ չէ պետականօրէն հետեւիլ իրենց առեւտրական գործառնութեանց։ Աւելին ըլլալով, անոնք թափանցած են նաեւ երկրին քաղաքական մարզէն ներս։ Հայաստանի խորհրդարանը այնպէս հարկադրուած է շարժիլ, որ այդ “elite” դասակարգը, անկաշկանդ ու սանձարձակ գործել կարենայ։ Շատ վտանգաւոր է Հայաստանի համար տաքուկ ու սերտ յարաբերութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն, oligarch-ներու հսկողութեան տակ։ Իրերու այդ դժբախտ կացութիւնը կ՚անդամալուծէ ամէն դեմոկրատական յառաջդիմութիւն։ Երկրին դատական, օրէնսդրական

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԽԱՉԻԿ ԵՒ ՌՈԶՄԷՐԻ ՃԱՆՈՅԵԱՆՆԵՐ Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի Ծննդեան տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին ազգականները, յաճախորդները, գաղափարի ընկերները եւ ծանօթները, մաղթելով բոլորին քաջառողջ եւ բարեբեր տարի մը JANOYAN INSURANCE AGENCY, SINCE 1977 TEL: (818)241-8277


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

եւ գործադիր իշխանութիւնը, անջատ իրարմէ եւ ազատ չեն կրնար աշխատանք յառաջ տանիլ։ Այս ձեւով, երկրին իշխանութիւնները օրէ օր կը մաշին եւ նոյնինքն պետութեան գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն։ Արդի՞ւնք այս բոլորին.- համատարած թշուառութիւն, անգործութիւն, յոռետեսութիւն ու բարոյական անկում։ Եւ առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, թէ oligarch-ներու դրութիւնը, կղզիացած ու փակ վիճակի մէջ կը պահէ երկրին առեւտուրը, արտադրական միջոցները, ներդրումները եւլն.։ Մէկ խօսքով, առանց այլեւայլի երկրին պարտադրուած այս դրութիւնը «քաղցկեղ» է Հայաստանին համար։ Եւ եթէ երկիր կ՚ուզենք պահել, հարկ է արմատապէս, կտրուկ ու ազդու միջոցներով եւ հզօր կամքով խորտակել զայն։ Այդ մէկը, որքան որ գիտենք կրնայ ըլլալ պետական կառոյցներու (state regulatory institution) միջոցաւ, անոնց տրուելով օրէնքի ուժով լայն միջոցներ։ Նաեւ anti-trust օրէնքներու կիրարկումով։ Ատով է միայն, որ երկրին տնտեսութիւնը, ձերբազատ այդ ազգակործան կապանքներէն, կրնայ մտնել շրջանային եւ կլոպալ տնտեսական դրութեան մէջ։

Այժմ անցնինք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը մեծապէս առնչուած ու պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական (Geo-political) իրողութիւններէ ու իրադարձութիւններէ։ Ինչպէս տեսանք ղարաբաղաատրպէյճանական քառօրեայ պատերազմին պարագային, հայերը շրջանային կամ միջազգային տէրութեանց մէջ բարեկամ չունին։ Նոյնպէս, մեր երկրին սերտ դաշնակիցը, իր կարգին, շարժեցաւ համաձայն իր տնտեսական եւ քաղաքական շահերով։ Հայաստանն ու համայն հայութիւնը խիստ կարեւոր է որ խորապէս ըմբռնեն, թէ Հայաստան ուրիշներէ կախեալ երկիր մըն է։ Աշխարհաքաղաքական տարածք մը, որ կոչուած է երկար ատեն վարելու շրջագիծի վրայ քաղաքականութիւն։ Քանզի, չունին սեփական կարեւոր լծակներ։ Մեր երկրին մեկուսացած եւ կղզիացած իրավիճակը ա՛յդ կը պարտադրէ։ Ըլլալ միշտ զգօն ու արթուն, իրազեկ շրջանային եւ կլոպալ իրադարձու-

թիւններուն եւ ճարպիկօրէն պէտք է որ գիտնանք օգտուիլ անակնկալօրէն ի նպաստ մեր երկիրն համար ստեղծուող բարեբաստիկ եղելութիւններէն։ Այսօր, Հայաստանը սեղմուած է երկու ուժերու միջեւ։ Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան եւ Ռուսիոյ հարաւային Կովկասի գօտին ամէն գնով իր ազդեցութեան տակ պահելու փառասիրութեան։ Ահա, այս իրավիճակը Հայաստանին կը պարտադրէ վարել ռուսամէտ քաղաքականութիւն։ Այլընտրանք չունինք։ Քանզի մեր խնդիրը վերապրելու հարց է։ Մեկնաբանենք.-

Պատմական ակնարկ

Հարկ է պատմական ակնարկ նետել անցնող շուրջ երեք տասնամեակներուն վրայ, լաւապէս ըմբռնելու համար Մոսկուայի վարած այսօրուան քաղաքականութիւնը, այն ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովի շրջանին։ 1989-ին, երբ Պերլինի պատը փուլ եկաւ, այլեւս բացայայտ եղաւ, որ Սովետ կարգերու փլուզումը օրերու հարց էր։ Սովետական բանակները ոչ միայն Գերմանիան, այլ ամբողջ Եւրոպան պիտի պարպէին։ Ուաշինկթըն կը հաւաստիացնէր Սովետական ղեկավարութիւնը, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի չլեցնէր Եւրոպայի մէջ ստեղծուող քաղաքական ու ապահովական պարապը։ Անցողակի կերպով աւելցնենք, որ յետագային Ուաշինկթըն պիտի հերքէր նման հաւաստիացում մը ռուսերուն տուած ըլլալը։ Յաղթողի հոգեբանութեամբ, ՆԱԹՕ-ի ուժերը դէպի Արեւելք սկսան տարածուիլ հասնելու համար մինչեւ Սան Փեթերզպուրկի արուարձանները, միաժամանակ ապահովելով պալթեան երկիրներու անկախութիւնն ու ապահովութիւնը ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեամբ։ Արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրները, Եւրոպական Միութեան եւ Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) անդամակցութեան մէջ առնելէ ետք, կարգը պիտի գար Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին։ Այս վերջին երկու երկիրներու մէջ այսպէս կոչուած գունաւոր յեղափոխութիւններ պիտի պայթէին Արեւմուտքի կազմակերպութեամբ եւ ֆինանսաւորումով։ Ռուսիոյ քանիցս բարձրացուցած բողոքները Ուաշինկթընի կողմէ փաստօրէն անտեսուած էին։ Կարելի չէր որ Ռուսիան ան-

տարբեր մնար Արեւմուտքի դիմաց վերոյիշեալ ծառայողական արարքներու դիմաց։ Ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմ մը տեղի ունեցաւ 2008-ին։ Այդ պատերազմին իբրեւ հետեւանք, Վրաստան պիտի վերջնականապէս կորսնցնէր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ինքնավար շրջանները, Մոսկուան պիտի ճանչնար անոնց անկախութիւնը։ 2014-ին, կրկին արեւմտեան դրդումով ու ֆինանսաւորումով, Ուքրանիոյ կառավարութիւնը բռնի վար պիտի առնուէր եւ արեւմտամէտ նոր կառավարութիւն մը իշխանութեան գլուխ պիտի գար։ Ռուսիան, ի միջի այլոց, առանց ժամանակ կորսնցնելու Խրիմը պիտի կցէր Ռուսական Դաշնակցութեան։ Այդ ձեւով, Սեւաստափոլի զինուորական խարիսխն ու Սեւ Ծովու վրայ Ռուսիոյ ունեցած ռազմական գերակայութիւնը պիտի պահպանուէին։ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ վտանգաւոր առճակատում մը յառաջացած էր, վտանգելով ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը։ Սկսած էր նոյնիսկ խօսուիլ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմի մը կարելիութեան մասին։ Վերոյիշեալ զարգացումներէն ետք այլեւս յստակ կը դառնար այն իրողութիւնը, թէ Հարաւային Կովկասի գօտին որքա՛ն կենսական նշանակութիւն կը ստանար Ռուսիոյ ապահովութեան տեսակէտով։ Վասնզի, որեւէ պատճառով, եթէ Ռուսիա ստիպուէր քաշուիլ Հարաւային Կովկասէն, ան պիտի անցնէր կովկասեան լեռնաշղթային ետին, ուր կը գտնուէին իսլամական շրջաններ Չեչնիա, Տաղստան, Ինկուշեթիա եւլն.՝ քսան միլիոն, արագ աճող իսլամ բնակչութեամբ։ Չմոռնանք, որ ներկայիս, աւելի քան հինգ հազար այդ շրջաններէն արմատական իսլամներ կը կռուին ISIS-ի եւ ՏԱԷՇ-ի կողքին, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Այսպէս, աշխարհա-քաղաքական եւ ռազմական տեսակէտով այնքան կարեւորութիւն ունի Հարաւային Կովկասը, որ Ռուսաստան վճռած է, ամէն գնով պաշտպանել զայն։ Եւ այս բոլորը կու գան ընդգծելու այն հաստատ իրողութիւնը, որ Գիւմրիի ռազմական խարիսխը, Ռուսաստանի ապահովութեան եւ ընդհանուր քաղաքականութհան համար կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ։ Ուստի, կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծենք, որ Հայաստանի ապահո-

11

վութեան համար, ռուսական տնտեսական եւ ապահովական կառոյցներու մէջ ըլլալը ճի՛շդ է։ Այլապէս Հայաստանի մինչեւ իսկ գոյութիւնը կրնայ ծանրօրէն վտանգուիլ։

Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակը

Թուրքիոյ ներքին իրավիճակն ու արտաքին քաղաքականութիւնը մեծապէս կ՚ազդեն Հայաստանի եւ առհասարակ հայութեան վրայ։ Ան քաղաքական եւ ռազմական տեսակէտով ուղղակիօրէն կը նպաստէ Ատրպէյճանի։ «Երկու երկիր, մէկ ազգ» նշանաբան ըրած է ան։ Նաեւ՝ աւելի քան վաթսուն հազար հայեր կ՚ապրին Պոլիս։ Ուստի, կ՚արժէ որ հակիրճ կերպով անդրադառնանք անոր ներկայ իրավիճակին մասին։ Շուրջ կէս տարի առաջ, երկիրը ցնցող միջադէպեր պատահեցան Թուրքիոյ մէջ։ Արդարեւ, երկրին բանակին մէկ հատուածը պետական ձախող հարուած կատարեց, թիրախ ունենալով նախագահ Էրտողանն ու անոր Յառաջդիմութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (APK) դուրս նետելու համար պետական հրապարակէն։ Երկրին ներկայ իշխանութիւնները խորունկ եւ արմատական մաքրագործումներու ձեռնարկեցին, որոնք ընդգրկեցին շուրջ հարիւր հազար ամէն խաւի պատկանող անձեր։ Բանակայիններ, պետական պաշտօնեաներ, թերթի խմբագիրներ, թղթակիցներ, դատաւորներ եւլն.։ Նոյնպէս այդ ձերբակալութիւններուն զոհ պիտի դառնային նաեւ պետական հարուածին մասնակից չեղող քաղաքական ընդդիմադիր հոսանքներու ղեկավարներ եւ այդ մաքրագործումները դեռեւս կը շարունակուին։ Միջազգային առումով, Թուրքիոյ վերջին պետական հարուածը մեծ ազդեցութիւն պիտի ներգործէր առաւելաբար Ամերիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ վրայ։ Ամերիկա արդէն շարք մը տարակարծութիւններ ունէր Թուրքիոյ հետ, ի մասնաւորի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ վերջինիս վարած քաղաքականութեան հետեւանքով եւ ահա այդ բոլորին վրայ կու գար բարդուելու Թուրքիոյ վերջին պետական հարուածը։ Պետական հարուած մը, որ Թուրքիոյ պետական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կը վերագրեն թուրք, իսլամկրօնական Ֆեթհուլա Կիւլէնի ընկերակցութեան։ Ուաշինկթըն Կիւլէնը Թուրքիոյ չյանձնելով, աւելի Շար. էջ 56

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏՈՔԹ. ԵՒ ՓՐՈՖ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆՆԵՐ ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ԽԱՉԻԿ ԵՒ ԶԵԼԱ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՆԵՐ ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՓԱԹԻԼ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր ազգականներն ու բարեկամները, մաղթելով բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն


Üáñ úñ

12 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016 Ú³ïáõÏ « Üáñ úñ» ÇÝ

²ÝÏ³Ë Ð³Û³ëï³ÝÇ å³ïÏ»ñÁ. Æñ³ñ³ÝóáõÙ¿Ý »õ ïûÝ³Ï³Ý µ³Å³ÏÝ»ñ¿Ý ³Ý¹ÇÝ

Անուշ Թրուանց

Վահան Իշխանեան

Տիգրան Պասկեւիչեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը միայն 21 Սեպտեմբերը չէ: Ոչ, թէ միայն անոր համար, որ այս տարին կը զու գադիպի այդ անկախութեան 25 -րդ տարեդարձին, այլ անոր համար, որ անկախութեան տօները լաւագոյն առիթ պէտք է հանդիսանան վերատեսութեան ենթարկելու անցնող տարիներուն հայոց երկրի ՝ Հայաստանի ապրած ընդհանուր հոլովոյթները, քննարկութեան դնելու անոր հիմնահարցերը եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու: Նո րութիւն ալ չէ, որ սփիւռքի տարածքին Հայաստանի Հանրապետու թեան նուիրուած բոլոր միջոցառումները եղած են մէկ նպատակով՝ տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշել անկախութեան տարեդարձը եւ այդ առթիւ պատգամներ փոխանցել մեր ժողովուրդին: Խնդիրը այդ չէ սակայն: Հայաստանի հանդէպ մեր պատկերա ցում ները աւելի խորքային ու մեր երկրին հետ կապը աւելի ամուր եւ անմիջական դարձնելու համար մեր մարմինները պէտք է նոր ընկալումներով նային իրերուն: Այսինքն, եթէ թերացումներ կան, եթէ նահանջ կայ, եթէ անկում կայ՝ մենք եւս քաջութիւնը ունենանք այդ մասին բարձրաձայնելու: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ 25 տարուան կեանք կերտած մեր պետութիւնը այսօր ալ կ’ապրի ոչ այնքան «պայծառ» օրեր: Տնտեսական բարդ իրավիճակ, Արցախի անվտանգութեան հիմ -

1. Հայաստանի Հանրապետութիւնը բո լորեց իր անկախութեան 25-րդ տարին: Այսօր համայն հայութիւնը կը գտնուի նոր հանգրուանի մը դիմաց: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ են այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յան դիման կը գտնուինք թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ՛ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Անուշ Թրուանց (Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի Երեւանի ներկայացուցիչ) Հիմնական մարտահրաւէրը ժամանակակից կրթութեան ապահովումն է անկախ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի կրթական համակարգը յաճախ ենթարկուած է վայրիվերումներու. խորհրդային տարիներու ոչ ազգային կրթութեանը յաջորդած է անկախ Հայաստանի առաջին տարիներու կրթական համակարգը, որը փորձած է ազատագրուիլ նախկին ախտերէն, սակայն չէ ստեղծած ամուր եւ ազգային կրթութիւն, որը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն: Մեր կեանքի բազում բացասական երեւոյթներու տակ թաքնուած է կրթութեան պակասը, գիտելիքի, դաստիարակութեան եւ նոր աշխարհի մի-

նախնդիր, անկասելի արտագաղթ ու մարդագրական պատկերի նուազում: Այս բոլորը կան ու այս բոլորին կողքին սփիւռքը իրա ւունք չունի լուռ հայեացքով հետեւելու: Եթէ մեր մօտեցումը պիտի շարունակէ մնալ սիրողական, ապա սպասելի է, որ հայրենի իշխա նու թիւնները եւս անտեսեն բոլոր բացթողումները եւ շարունակեն «սխալը սխալով սրբագրելու» քաղաքականութիւնը: Հայաստանի ցաւերուն հանդէպ անկեղծ մօտեցում ունեցող ցանկացած հայու համար քննադատութիւն ընելը ինքնանպատակ չէ, չարակութեան արդիւնք չէ եւ աղմուկ ստեղծելու համար չէ, այլ սխալները սրբագրելու, իրադրութիւնը բարելաւելու եւ մեր երկիրը բարւոք վիճակի մը մէջ տեսնելու երազն է այդ բոլորին մղում տուող ուժը: Այս մտահոգութիւններով է նաեւ, որ «Նոր Օր»ի առաջարկով ան կախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ նման հարցախոյզ մը կատարեցինք: Մեր խօսակիցները Հայաստանի լրագրողական եւ մտաւորական շրջանակներուն մէջ վարկ եւ ստորագրութիւն ունեցող անձեր են, որոնց խօսքին արժէքը եւ ուժականութիւնը սնունդ կը ստանայ ան կ եղծութեան, իրաւութեան եւ պարկեշտ խօսք մը տալու հիմունքներէն: Ահա եւ հարցախոյզը.

տումներէն ետ մնալու նկատելի թերացումները: Տիգրան Պասկեւիչեան (լրագրող, սենարիստ) Մարտահրաւէրն իրականում challenge բառի անյաջող թարգմանութիւնն է։ Challenge-ի առաջին իմաստը կանչն է, հրաւէրը, ոչ թէ մարտահրաւէրը, որը ենթադրում է յաղթանակ կամ պարտութիւն, մահ կամ կեանք, լինել կամ չլինել։ Այս երկընտրանքն է հասարակութեան մէջ լարուածութիւն, պրկում առաջացնում՝ սնելով աղէտի, արհաւիրքի, վախճանի սպասումները։ Իրականում մենք պէտք է ընդունենք կամ ընդունած լինէինք այն հրաւէրը, որը մեզ տրուեց 1991 թուականի Սեպտեմբերի 21-ին՝ մեր իսկ քուէով ու վճռով։ Ի՞նչ պէտք է արած լինէինք, որ չենք արել անցած 25 տարուայ ընթացքում. այս հարցն է, որ հիմա «մարտահրաւէր» է թւում։ Առաջին հերթին պէտք է տարանջատէինք բիւրեղեայ մեր երազանքը իրական հնարաւորութիւններից։ Եւ երբ յաջողութեամբ տարանջատած լինէինք, բիւրեղեայ մեր երազանքը եւ երբեմն անհաճոյ թուացող իրականութիւնը կը սկսէին մօտենալ իրար եւ միեւնոյնանալով կը

կերտէին անկախ հայաստանցու մի ինքնութիւն՝ կազմուած հակադիր երկու տարրերից՝ սեփականատիրութիւն եւ պետականութիւն։ Երկրորդը՝ պէտք է վերագնահատէինք պատմութիւնը, յատկապէս Հայաստանի անկախ երկու հանրապետութիւնների միջակայքի, որտեղ եղած բարիքը մեր հաւաքական ծուլութեան արդարացումն է, իսկ չարիքը՝ մեր նուաստութեան ապացոյցը։ Սա հասկանալուց յետոյ անտրտունջ կարելի էր կրել անկախութեան շրջանի բոլոր տառապանքները եւ առաւել ջանքով պայքարել լաւագոյն Հայաստանի համար։ Երրորդը՝ պէտք էր հասկանալ, որ պետութեան ոյժը ոչ թէ այս կամ այն անհատներն են, կուսակցութիւնները, իշխանութիւնը կամ ընդդիմութիւնը, այլ հէնց ժողովուրդը՝ առ Հայրենիք ու պետութիւն ունեցած իր նախանձախնդրութեամբ։ Եթէ ժողովուրդը նախանձախնդիր չէ, եթէ յարմարուող ու հեռացող է, բարեկամն ու չարակամը կարող են ընկոյզ կոտրել մեր պետութեան գլխին՝ ոչ այնքան ֆիզիքական վերացման

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԱՐԱ ԵՒ ՍՕՆԻԱ ՊԱՊԱՅԵԱՆՆԵՐ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր ազգականները, գաղափարի ընկերները եւ ծանօթները, մաղթելով բոլորին քաջառողջ եւ բարեբեր տարի մը


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

վտանգ ստեղծելով, որքան հոգեպէս ու բարոյապէս ընկճելով մեզ։ Բայց դեռ ուշ չէ կամ գուցէ հէնց ժամանակն է երեք այս բաներն անելու եւ դիմադրութիւնդիմակայութեան ջանքը վերածելու կեանքի եւ ապրելու ներուժի։ Վահան Իշխանեան (լրագրող, գրող, «Ինքնագիր» գրական հանդէսի համախմբագիր (www.inknagir.org) Յիշենք որ ամէն ինչ սկսուեց ղարաբաղեան շարժումից, այն մարդիկ ովքեր Ղարաբաղի միացում էին պահանջում, անկախութեան խնդիր չունէին, բայց մի պահ նկատելով, որ Սովետը քանդւում է, որոշեցին Սովետի մի պատառը իւրացնել եւ խժռել: Այդ պատառը Հայաստանն էր, որը մինչեւ այժմ խժռում են, իսկ ինչ ագահօրէն խժռես մի օր կը վերջանայ: Խժռողները իշխում են, ով խժռելու հնարաւորութիւն չունի, արտագաղթում է: Իսկ որպէսզի երկիրը չվերջանայ պէտք է զսպել ագահութիւնը: Հայաստանի մի մարտահրաւէրը գաղափարական ընդդիմութեան բացակայութիւնն է, 1990 թուից մինչեւ այժմ 25 տարի իշխում են այն ուժերը որոնց գաղափարախօսութիւնն է անձնական շահը, ամէն ինչ սեփականաշնորհելը՝ (ինչպէս կ՚ուզէք անուանէք՝ ազատական կամ նոր-ազատական, իրենք իրենց ազատական են անուանում) եւ գոյութիւն չունի ձախ քաղաքական հոսանք որ զսպի անյագուրդ ագահութիւնը: Միւս մարտահրաւէրը պատերազմն է, որի վտանգն ու երկրում իշխող ագահութիւնը անհամատեղելի են, չես կարող պաշտպանութիւն ապահովել եթէ իշխանութիւնները միայն անձնական շահն են բաւարարում՝ ամբողջ երկրի հարստութիւնը՝ հանքարդիւնաբերութեան եկամուտները մի քանի հոգու ու ինչ որ վերազգային կոռպորացիաների գրպանն է գնում, իսկ այն ինչ մնում է պաշտպանութեան համար, պիւճէն, էն էլ ուտում են: Պատերազմի հարուածները պիտի սթափեցնող դեր կատարէին, առաջացնէին ուժեր որոնք փոխէին նիոլիպերալ համակարգը, այդպիսի փորձ էր «Սասնայ ծռեր»ի ապստամբութիւնը, սակայն նրանք չունենալով գաղափարական բաւարար հիմք, միայն հիացրին որ համատարած շահամոլութեան մէջ կան մարդիկ ովքեր անձնական շահից, ընտանքից, ապրելուց բացի այլ ձգտումներ ունեն: 2. Անկախութեան առաջին օրէն ի վեր Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութիւնը դարձաւ հիմնական առաջնահերթութիւն: Ի՞նչպէս կը գնահատէք այդ փոխգործակ ցու թիւնը այսօր: Անուշ Թրուանց.- Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դրական երեւոյթ է, եթէ այն իրականութիւն դառնայ առանց վերապահումներու: Հայաստանը կ′ուզէ, որ սփիւռքը գայ, ներդրում կատարէ Հայաստանի մէջ, սակայն սփիւռքահայուն կը վերաբերին իբրեւ օտարի, իբրեւ մէկի, որ ունի դրամ եւ հայրենասիրական զգացումներ եւ ուրիշ ոչինչ: Սփիւռքահայերն ալ ձգած են, որ հայաստանցիներու մէկ մասը, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնեաներ, իրենց վերաբերին իբրեւ այդպիսին՝ ուրախանալով հայրենասիրական մետալներով եւ շքանշաններով, պաշտօնեաներու կամ յայտնի դէմքերու հետ լուսանկարուելով եւ զանոնք ճաշի հրաւիրելով: Մէկ կողմէն ալ, շարքային սփիւռքահայը կ′ուզէ Հայաստան գալ,

բայց շարքային հայաստանցիին կը վերաբերի իբրեւ կոպիտ, յետամնաց մէկը, ինչը խոչընդոտ կ′առաջացնէ: Թերեւս կան այդպէս մտածելու նախադրեալներ, սակայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաջինը պիտի կայանայ պարզ մարդոց՝ շարքային սփիւռքահայի եւ շարքային հայաստանցիի միջեւ, իսկ յետոյ միայն՝ իշխանաւորներու եւ բարձր դիրք ունեցող սփիւռքահայերու միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր շահն ունի: Տիգրան Պասկեւիչեան.- Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան մէջ թերագնահատումը կամ գերագնահատումն անթոյլատրելի է։ Երբ Սփիւռքը Հայաստանն ընդունում է որպէս բնապատկեր, որպէս լանդշաֆտ, Հայաստանը պետականազրկւում է, դառնում անսեռ հայրենիք։ Իսկ երբ, պետականութիւնն ընդունելով՝ հնչեցնում է անիրական պահանջներ, պետութիւնն է վտանգւում։ Հայաստանում էլ շատերը չեն հասկանում, որ Սփիւռքը կազմակերպութիւն չէ, կուսակցութիւն չէ, եկեղեցի չէ, որ Սփիւռքը տարբեր պետութիւնների քաղաքացիների հաւաքականութիւն է՝ դրանից բխող բոլոր բարդութիւններով։ Եթէ սփիւռքահայն ուզում է մասնակցել Հայաստանի կեանքին, պէտք է հայաստանցի դառնայ։ Մուտքն ազատ է։ Ասածիս լաւագոյն օրինակը Ժիրայր Սեֆիլեանն է, ով բանտում է իրականացնում իր մասնակցութիւնը։ Կարող էր, չէ՞, տունն ու ընտանիքը հաւաքել ու վերադառնալ այնտեղ, որտեղից եկել էր։ Միւս օրինակն էլ Ռուբէն Վարդանեանն է, ով Հայաստանի կեանքին մասնակցում է զուգահեռ եւ շատ արժէքաւոր գործընթացներ առաջացնելով ու խթանելով։ Եթէ սփիւռքահայն ուզում է սփիւռքահայ մնալ ու մասնակցել Հայաստանի կեանքին, պէտք է գտնի դրա ձեւը։ Անկախութեան հռչակումից կէս տարի անց Հայաստանի առաջին նախագահը ստեղծեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, որը գուցէ մասնակցութեան ամենապարզունակ ձեւն է, բայց մինչ օրս չի կորցրել եւ դեռ շատ երկար չի կորցնելու իր կենսունակութիւնը՝ չնայած յոռետեսների այն պնդումներին, թէ Հայաստանը Սփիւռքին կթու կով է համարում։ Վահան Իշխանեան.- Ե՛ւ սփիւռքում ե՛ւ Հայաստանում ազգայնականութիւնը թոյլ չի տալիս ճգնաժամի իրական թիրախներ նկատել եւ խոցել, օրինակ այստեղ Հայաստանում իշխանութեանը թուրք են ասում: Ինչո՞ւ թուրք: Եթէ իմանան, որ իրենց դէմ ոչ թէ թուրքն է, այլ դրամատիրութիւնը, ագահութիւնը, մրցակցութիւնը, անձնական շահը, որոնք ոչ թուրքն է յօրինել, ոչ ռուսը, կը գտնեն, թէ ինչի դէմ պայքարեն: Սփիւռքն էլ նացիոնալիստ է՝ գալիս տեսնում են ոստիկանը հայ է, նախարարը հայ է, նախագահը հայ է, իրենց կորցնում են: Իսկ Հայաստանին օգնողները ովքե՞ր են՝ Սփիւռքի հարուստները, նրանք շատ լաւ հասկանում են իշխանութիւնների լեզուն, քանի որ նոյն գաղափարներն են դաւանում ու Սփիւռքում էլ չկան ձախ հոսանքներ որ այլ կերպ տեսնեն Հայաստանի խնդիրները եւ պայքարի ճիշդ թիրախներ ընտրեն: Դաշնակցութիւնն էր իբր ձախ, բայց եթէ եղել է ձախ, ապա դաւաճանել է իր գաղափարներին միայն նրա համար, որ մասնակցի երկրի թալանին, դաշնակցական նախարարներն էլ նոյն կոռումպացուած թալանչիներն են,

13

ինչպէս ՀՀՇ-ի կամ Հանրապետական նախարարներն են եղել: Մի դաշնակցական ասում էր՝ բա ինչպէ՞ս պահենք կուսակցութիւնը, ուրեմն, նրանց համար աւելի կարեւոր է կուսակցութիւն պահելը քան Հայաստանը: 3. Հայաստանի անկախու թե նէն կարճ տարիներ անց Սփիւռ քը, իր տարբեր երանգ ներով ապրեցաւ որոշակի յուսախա բու թիւն մը: Այդ մասին ցայսօր ալ բարձրաձայն խօսելու քաջու թիւնը կը պակսի մեզի: Ձեր կար ծիքով, ի՞նչ պատճառներով, սփիւռքի տար բեր հատուածներ յուսախաբութեան ուռկանին մէջ ինկան: Անուշ Թրուանց.- Յուսախաբութիւնները թերեւս աւելի շատ դրամական հարցերու մէջ եղան: Հայաստանցիները փորձեցին օգտուիլ սփիւռքահայերու դրամէն, ինչը յուսախաբութիւն ծնաւ, բայց հակառակ ատոր, Սփիւռքը կը շարունակէ իր նիւթական պաշարներու մէկ մասը ուղղել դէպի Հայաստան: Շատ լաւ կ′ըլլար, որ սփիւռքահայերը, այդ ամէն ինչէն զատ նաեւ հսկելու հնարաւորութիւն ունենան եւ նաեւ տէրը զգան Հայաստանի: Տիգրան Պասկեւիչեան.- Սփիւռք ասելով ի՞նչ ենք հասկանում։ Եթէ Սփիւռքն աշխարհի բոլոր մայրցամաքներում ապրող բոլոր հայ մարդիկ են, ես այս հարցին չեմ պատասխանի։ Իսկ եթէ նկատի ունենք Հայաստանի ապագայով մտահոգ, հասարակական աքթիվութիւն ունեցող անհատներին կամ խմբերին, համաձայն չեմ, որ անկախութիւնից կարճ ժամանակ անց նրանք յուսախաբութեան ուռկանի մէջ են յայտնուել։ Նրանք յայտնուել են նինջի ու թմբիրի մէջ, եւ նրանց համար տեսանելի չեն Հայաստանը կեղեքող երեւոյթները, առաջին հերթին՝ ընտրութեան անկարելիութիւնը։ Մի քանի տարի առաջ սփիւռքահայ մի շատ յայտնի գործչի (անունը չեմ ուզում տալ) հետ բաւական երկար զրուցելիս ինձ այդպէս էլ չյաջողուեց բացատրել «ընտրեալ» եւ «օրուայ» իշխանութիւնների տարբերութիւնը։ Ինքն ասում էր մենք (ո՞ւմ անունից՝ պարզ չէ) ընդունում ենք օրուայ իշխանութիւններին, ես պնդում էի, որ իշխանութիւնը պէտք է ժողովրդի կողմից ընտրուած լինի։ Հակառակ դէպքում ստիպուած կը լինենք մոնղոլ-թաթարներին, պարսիկ խաներին, ռուս գեներալ-գուբերնատորներին, Սթալինի դրածոներին ընդունել։ Հիմա Սփիւռքը, կարծես, արթնանում է։ Նկատի ունեմ Սերժ Թանկեանի նախաձեռնած շարժումը։ Բայց դա ոգեւորելուց առաջ՝ բազմաթիւ հարցեր է ծնում։ Ո՞ւմ է աջակցում այդ շարժումը՝ քաղաքական լուսանցքային ուժերի՞, թէ՝ ժողովրդին։ Ինչո՞ւ հիմա եւ մի՞թէ սա ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի արձագանգը չէ, որը կարող է մարել ռազմահայրենասիրական սնապարծութեան աղմուկի մէջ։ Եթէ Սերժ Թանկեանին եւ ընկերներին յաջողուի ստեղծել առողջացման մեխանիզմներ, օրինակ՝ յառաջիկայ ընտրութիւնները վերահսկող, այդ դէպքում կ′արձանագրենք, որ Սփիւռքը մասնակցում է Հայաստանի կեանքին, եթէ՝ ոչ, աշխարհահռչակ Սերժը գուցէ եւս մի պատասխան նամակ ստանայ անարդար կերպով իշխանութեան հասած պաշտօնեաներից։ Վահան Իշխանեան.- Իսկ ինչո՞ւ միայն Սփիւռքը, Հայաստանում հազարաւոր մարդիկ

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՐԹԱՄԵԱՆ Նոր Տարուան առիթով, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով բոլորին առողջութիւն եւ յաջողութիւն

Շար. էջ 55


14

Üáñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Üáñ ï³ñÇ, Ýáñ ï³ñÇ, ·³É¹ ÃáÕ ÉÇÝÇ µ³ñÇ... кÜðÆÎ ²Ü²êº²Ü …Որքան էլ որ թոհ ու բոհ է աշխարհի տարբեր անկիւններում, միեւնոյնն է` մարդիկ ուրախութեամբ են դիմաւորում Ամանորը, նոյնիսկ Սիրիայի ազատամարտիկների կացարանում, եւ, իհարկէ նաեւ Ղարաբաղի խրամատներում: Ամէն Նոր տարին չէ, որ ուրախութիւն, երջանկութիւն է բերում մարդուն երկրագնդի տարբեր անկիւններում: Մի երկրում արիւն է հեղւում, մարդկային արիւն, մէկ ուրիշ տեղ արժեքազրկւում է երկրի դրամը, մէկ այլ տեղ նոր օրէնք է հրապարակւում միասեռականների վերաբերեալ, եւ այսպէս` խելամիտ, ու շատ անգամ էլ անմիտ ու վտանգաւոր որոշումներ աշխարհի բոլոր ծալքերում: Մի խօսքով` Նոր Տարի, նոր սպասելիքներ, նոր յուզումներ, նոր երջանկացած զոյգեր, եւ, ինչո՞ւ չէ, նոր հիասթափութիւններ: Այս վերջին` «Հիասթափութիւններ» զգացողութիւնը չափազանց յատուկ է մեր երկրին, Հայաստան աշխարհին եւ նրա անբաժան մտահոգութիւններին մասնակից եւ դրանք իրենը համարող Սփիւռքին, որը ի հեճուկս հայրենի որոշ իշխանաւորների, շատ աւելի ՀԱՅ է եւ է՛լ աւելի մտահոգ հայրենիքի ապագայի համար, քան իրենք` հայրենի ժողովրդին դէպի «լուսաւոր ապագայ առաջնորդող» իշխանութիւնը: Չգիտեմ, թէ Հայաստանի միջազգային պարտքը քանի միլիարդի կը հասնի գալիք` 2017 թուականին, բայց վստահ եմ, որ ինչպէս արեւմտահայը կ՚ասի` ապագայ սերունդներուն ճիտին պարտքը պիտի ըլլայ այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւններու ապիկար գործունէութեան հետեւանքով սնանկացած մեր հայրենիքին պարտքը վճարելը…: Չէ, ոչ, յաջողակ տարի չեղաւ Հայստանում 2016 թուականը: Մեր դարդն ու ցաւը հայրենիքն է, թէ չէ ի՛նչ` Սփիւռքն ինքն իրենով քիչ թէ շատ բաւարար պայմանների մէջ է: Մեր մտահոգութիւնները ի սկզբանէ կապուած են Մայր Հայրենիքի հետ: Անցնող տարուայ ընթացքին հայրենիքի հարուստն է՛լ աւելի հարստացաւ, աղքատն էլ` է՛լ աւելի խրուեց պարտքերի մէջ ու տոկոսախեղդ եղաւ: Շատերն էլ կորցրին ինչքն ու պապենական տունը: Այս է

իրականութիւնը, որից փախուստ առայժմ չկայ եւ հորիզոնում էլ չի երեւում: Էլի, նորից, ինչպէս ասում են` մեր վրայ չեկաւ Ապրիլը: Մենք, որ մշտապէս երազում ենք Ապրիլն ապրելու ամսի վերածել` չի լինում, չի ստացւում, եւ ցաւալին այն է, որ բազմաթիւ երկրներ, որոնք սկսել էին վերջին տարիներին համակրանքով լցուել մեր հայրենիքի ու մեր ժողովրդի հանդէպ, սկսել են նկատելիօրէն վերապահութիւն ցոյց տալ մեզ վերաբերուող քաղաքական, շատ անգամ էլ ճակատագրական հարցերում: Մեր ասածի լաւագոյն փաստը աշխարհի անտարբեր հայեացքն էր Ղարաբաղեան պատերազմի իրադարձութիւնների վերաբերեալ: Հայաստանում եւ Սփիւռքում Եղեռնի օրը նշելու նախապատրաստութիւնների բովում, խախտելով միջազգային օրէնքները, Ապրիլի 2-ին Ատրպէյճանը ուխտադրուժ կերպով յարձակուեց Ղարաբաղի վրայ: - Վա՜հ, տօ՜,- կ՚ասէր թիֆլիսեցի բարեկամս,- էդպէս էլ բան կ՚ուլի՞… (կը լինի՞), առանց խաբար տալո՞ւ… - Ի՞նչ խաբար, լուր տալ…, Կ՚ուլի՜, կ՚ուլի Սերգէյ ջան, ի՞նչ խաբարմաբար, դու թուրք-ազերիի հետ գործ ունես ախպե՜ր, շուն թուրքի հետ, որը գիտի միայն մորթել, ջարդել, փշրել, սրախողող անել մօր արգանդում լոյս աշխարհ գալուն սպասող մանչուկին: Վա՜յ…մեղայ, մեղայ, ներիր Աստուած իմ` թուրքին շուն անուանելուս համար… Ակամայ յիշեցի մի դէպք: Ոչինչ, չէ՞, որ մի փոքր շեղուեմ: Տարիներ առաջ, 1985-ին, երբ Լոս Անճելըսում նշում էինք Մեծ Եղեռնի 70-ամեակը, գրական նիւթի մէջ ես թուրքին շուն էի անուանել: Դրուատելով գրական-երաժշտական փառահեղ երեկոն`«Սիփան» երգչախմբի եւ սիմֆոնիկ նուագախմբի մասնակցութեամբ, կաթողիկէ վարդապետ Հայր Օգոստինոս Սէքուլեանը մի յիշատակելի դիտողութիւն էր արել, պնդելով, որ երբեք չի կարելի թուրքին շան հետ համեմատել: - Անուանեցէք թուրքին ինչպէս որ կ՚ ուզէք, բորենի, արիւնախում գազան եւ այլն, բայց երբեք չնմանցնէք շունին հետ, որովհետեւ շունը մարդուս ամէնէն մտերիմ եւ հաւատարիմ բարեկամն է,- իր նամա-

կում գրել էր Հայր Սուրբը: Հէնց այդ նամակի ազդեցութեան տակ էլ հետագայում, Պոլսում եղած ժամանակ ես գրեցի իրական դէպքերի հիման վրայ շարադրուած իմ «Շունն ալ սիրել գիտէ» պատմուածքը: Այսպէս. 2016, Ապրիլ 2-4: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը մէկ մարդու պէս պատրաստ է գնալ Ղարաբաղ` պաշտպանելու Ղարաբաղի անկախութիւնը: Միասնականութեան ոգին ամրագրուել է իւրաքանչիւր հայորդու հոգում: Հարիւրաւոր մարդիկ, առանց պետական հրահանգի, ինքնուրույն մեկնում են ճակատ: Պարէնով լեցուն խանութպանի մեքենան սուրում է հայոց լեռների միջով, ջուր եւ սննդամթերք հասցնելու համար կռուող զինուորներին ու աշխարհազօրայիններին: Ու երբ, մերոնք նոր գրոհ են կազմակերպում գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու համար, գալիս է հրամանը` ԿԱՆԳ ԱՌ, զինադադար է յայտարարուած: - Այդ ինչպէ՞ս,- անզօրութիւնից կարկամած հարցնում են հրամանատարի շուրջը բոլորուած զինուորները: - Հէնց այդպէս,- պատասխանում է պարարտ փորով կերած-խմած գեներալը, որը պարտաւոր է կատարել վերեւից եկած հրամանը: Էն էլ` ԱՄԵՆԱՎԵՐԻՆ ՄԱՐՄՆԻՑ, Փութինեան Ռուսաստանից: - Բա՜, պանն էդպիսի, կ՚ասէր Վանը կորցրած վանեցին: Այո, բանն այդպէս է: Ռուսի ոտը ամրօրէն մեխուած է Հայաստան աշխարհի հողի վրայ դեռ է՜ն հեռաւոր օրերից` 1828 թուականից: Դեռ Աշխարհաբարի ստեղծիչ Խաչատուր Աբովեանն էլ ասում էր` «Օրհնուի էն օրը, որ ռսի ոտը մտաւ հայոց հողը»: Էն էլ ո՜նց մտաւ… - Մտել ա` ու դուրս չի գալի…,ասում է գիւմրեցին: - Որ տուս կյա` մենք ի՞նչ տինք անելի,- ասում է ղարաբաղցին: Մենք էլ ենք ասում` «Դուրս մի արի», դուրս գաս, որ 70 միլիոնանոց թուրքն ու նրա կրտսեր եղբայր, 7 միլիոն ազերին մեզ հում-հում ուտե՞ն: Դեռ էն վախտ, գեներալ Պասկեւիչի օրերին, ոտդ դրել ես մեր հողին ու` մինչեւ վերջ հուպ ես տալի: Էլ ո՞ւր ես էրթալի,- էլի մէջ ընկաւ էս վանեցին,-… Ժողովուրդը շատ ա իմաստուն է՜…: Պատահական չի, որ ասում ա` «ասինք զարկ,

չասինք սպանի…»: Աստուածային օրէնք կայ ռուս ախպեր. Քրիստոնեան` միշտ Քրիստոնեայի կողքին պիտի լինի: Մի օրէնք էլ կայ, դա էլ` փորձառութեան, աչքը տեսածի օրէնք է: Արի յիշենք բարեկամս. <«Էն ձեռը, որ չես կարող կտրել, համբուրիր ու դիր ճակատիդ…»: Էդ էլ անում ենք էլի՜, էլ ի՞նչ ես ուզում, մեզ մի խեղդի ստորակայութեան բարդոյթի մէջ: Ախր մենք հի՜ն, հնից էլ հին ազգ ենք: Դարերի մշակոյթով ու, դժբախտաբար` հեզ բնաւորութեամբ (դրա համար էլ հա հուպ ես տալի…): Մեր անսպառ համբերութիւնը` մեր չարիքն է ու` դժբախտութիւնը նաեւ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի ամբողջ գործունէութիւնը անցնող տարում` այս կամ այն կերպ կապուած է Ռուսաստանի հետ: Երբեւէ ռուսի ներկայութիւնը հայ ժողովրդի կեանքից ներս` այդքան ցցուն չի եղել, որքան 2016 թուականին: «Ռուսաստանը մեր դաշնակիցը չէ»,- ասում է քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրաբեանը եւ աւելացնում.- Հայռուսական բարեկամութեան առասպելը վերջնականապէս փուլ եկաւ ապրիլեան պատերազմի օրերին, երբ ազերիները հայերի վրայ սկսեցին կրակել ռուսական զէնքերից: Շինծու, կեղծ բարեկամութեան լաւագոյն օրինակներից մէկն էլ, անկասկած, ռուս զինուորական Պերմեակովի հետ կապուած քստմնելի պատմութիւնն է, երբ ռուսները նրան չյանձնեցին հայերին, եւ միայն ժողովրդի բուռն ընդդիմութեան շնորհիւ, հնարաւոր եղաւ համաձայնութիւն կորզել` յանցագործին դատել հայկական դատարանում, եւ սակայն… ռուսական հողում, Գիւմրիի ռուսական զինուորական ստորաբաժանում:

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԳԱՍՊԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

2016 թուականին հայ-ռուսական փոխյարաբերութիւնների տարօրինակ ձեւերը կրկնապատկեցին անվստահութիւնը փութինեան Ռուսաստանի դէմ: Եւ ամէն ինչ այս նոր քաղաքականութեան մէջ տանում է նրան, որպէսզի ռուսները վերացնեն Հայաստանի պետական կառուցուածքը եւ վերջնականապէս ենթարկեն իրենց: Ինչպէս դարձեալ մեկնաբան Մեհրաբեանն է նշում. «…Ենթարկել տալ Հայաստանին եւ դարձնել Ռուսաստանի նահանգներից մէկը»: Եւ նման սադիստական գաղափարին ուժ ենք տալիս մենք բարձրագոչ յայտարարելով, թէ պէտք է զօրացնել ռուսերէն լեզուի իմացութիւնը Հայաստանում: Դեռ ցանկութիւն էլ կայ ռուսերէնը դարձնել պետական երկրորդ լեզու: - Ռուսաց լեզուն առաւել տարածուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ մենք շահագրգռուած ենք, որ այն աւելի ամրապնդուի,ասում է նախարար Լեւոն Մկրտչեանը: Չի բացառւում, որ ռուսների հեռահար նպատակն է գրեթէ ամբողջովին դատարկել Հայաստանը եւ բաւարարուել միայն ու միայն Երեւանի Նահանգով, այսինքն երկիրը դարձնել այնպիսին, ինչպիսի եղել է նախանցեալ դարում: Անշուշտ, այդ պարագային կը վերանան Հայաստան աշխարհի բոլոր գիւղերը եւ դրանց փոխարէն վեր կը խոյանան թունաբեր, շրջակայ միջավայրն աղտոտող քիմիական, հանքարդիւնաբերական գործարանների ծխնելոյզները, որոնց արտաբերած թունաւոր գազերը կը հասնեն նաեւ Երեւան: Այո, Փութինեան Ռուսաստանը ցանկանում է Կայսերական Ռուսաստանի նման հայերին ամբողջացնել, ինչպէս կ՚ասէր մայրս, «պստլիկ» Երեւանի նահանգում: Հէնց այդ նպատակի համար էլ արդէն քանի տարի, լայնօրէն բացել է ճամբէքը հայերի առաջ եւ օրնիբուն զբաղուած է նրանց տեղահան անելով իր մայր հողից, իր հայրենիքից, տանելով ու տարածելով հսկայական ռուսական կայսրութեան մէջ: Ապրիլեան պատերազմի արդիւնքում, հայ ժողովուրդը համոզուեց, որ ինքը միայնակ է, բարեկամ չունի, ու յոյսը պիտի դնի միայն ու միայն ի՛ր վրայ: Հասկացաւ նաեւ, որ ռուսական կողմի դրդմամբ ազերին ներխուժեց Ղարաբաղ:

Յուսահատութեան ու անհեռանկար վիճակի արդիւնքում ոտքի ելան «ամբոխները խելագարուած»: «Սասնայ Ծռեր» խմբաւորման տղաները 8-10 օր շարունակ պաշարեցին Երեւանի պետական ոստիկանական կենտրոնը` յոյս ունենալով լսելի դարձնել` ժողովրդի թարգմանը դարձած իրենց ձայնը: Անհեռանկար, ոչ ծրագրային գործողութիւնների ընթացքում նրանցից ոմանք յայտնուեցին բանտում, մի քանիսն էլ անդամալոյծ դարձան հայրենակցի կողմից արձակուած հրազէնի կրակոցից եւ մէկ ոստիկան էլ մահացաւ: Ճիշդ է, գործնական արդիւնքի չհասաւ համեմատաբար փոքրաթիւ անդամներով համալրուած ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ խումբը, սակայն խախտեց պետական-իշխանական համակարգի մտայնութիւնը: Իշխանութիւնը հասկացաւ, որ գաղափարական ազնիւ ու լրջմիտ մտածումներով տոգորուած Սասնայ Ծռերի տղաները իրենց գործողութիւններով ժողովրդի կամքն են արտայայտում: 2016 թուականի վերջին ամիսներին նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը երկու տասնեակ նորանշանակ նախարարների եւ պետական կառոյցների ղեկավարների հետ որոշեցին նիւթական օգնութիւն ցոյց տալ Ղարաբաղեան պատերազմում զոհուած զինուորների ընտանիքներին եւ Ղարաբաղի բանակին: Այդ նպատակի իրականացման համար սկսեց գործել 1000-ական դրամ հաւաքելու արշաւը: Լաւ, առողջ մտայղացում է. խօսք չկայ: Բայց` դիւրին է ասելը` 1000 դրամ: Ճիշդ է, մեր տոլարին համարժէք` 2 եւ մի փոքր էլ աւելի տոլար է 1000 դրամը: Սփիւռքի հայի համար դա գումար չէ: Այսօր հազիւ թէ կարողանաս մէկ բաժակ ամերիկեան սուրճ գնել։ Բայց հայաստանցու համար1000 դրամը փող է, արժէք, մանաւանդ օրը 2-3 հազար դրամ աշխատողի համար: Յարգելի պարոն Վարչապետ, եթէ կարող էք, սկզբում դատարկեցէք մեծահարուստների` ժողովրդից ու միամիտ, դիւրահաւատ պիզնեսմէն «ախպարներից» խլած, թալանած գումարները յատկացնել 1000 դրամ արշաւին, յետոյ նոր միայն անցէք ժողովրդին: 2016 թուականի մշակութային կեանքը առանձնապէս չփայլեց նորանոր ձեռքբերումներով: Տեխնիկան գնալով էլ աւելի է բեմից դուրս մղում կենդանի ձայնն ու կեն-դանի

հնչողութիւնը: Մարդիկ 100-200 տոլար են վճարում եւ 5 ժամ շարունակ պարտաւորուած են դիտել ու լսել ձայնագրութեան ու արտիստի շրթունքների անհամատեղ շիլափլաւը: Եւ սրանք հիմնականում հայաստանեան «արտիստներն» են, որոնք ամէն տարուայ պէս գալիս են «աշնան բերքահաւաքի»: Ամբողջ տարին եկան ու գնացին բազմատեսակ խմբեր, անհատ կատարողներ: Մենք դէմ չենք, թող էլի գան ու գնան, բայց գան` նոր, թարմ ծրագրերով ու նոր մտայղացումներով: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս, Գոհաբանութեան օրը տեղի ունեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած Թելեթոնը, որի առնչութեամբ Քաղաքագիտութեան դոկտոր Հայկ Մարտիրոսեանը գտնում է, որ նոր Սփիւռքը (նկատի ունի Հայաստանից արտագաղթածներին,- Հ. Ա.) «Ո՛չ ֆինանսապէս, ո՛չ ինտելէկտով բարեգործութիւն անելու մակարդակ չունի»: - Տօ՜…, լսիր, ընկեր, էդ ո՞նց, էդ ո՞վ է պահում այսօր Հայաստանի ժողովրդին: Այո՛, հայաստանցի սփիւռքահայը, ճիշդ է, այնքան դրամ չի տալիս Թելեթոններին, բայց դրա փոխարէն ամբողջ տարին, ամսէ-ամիս դրամ է ուղարկում ոչ միայն իր հարազատներին, այլեւ անծանօթ մարդկանց ու հիւանդների: Հայաստանցին փորձ ունի, գիտի, որ ուղարկած դրամների առիւծի բաժինը մսխւում է: Կորել է, կորե՜լ վստահութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնների հանդէպ: Հայաստանցին փորձ ունի, փո՜րձ… Ա՛յ՝ միամիտ, դիւրահաւատ իսկական սփիւռքահայը, որ ամբողջ կեանքում ապրել է Մայր Հայրենի-

15

քի տեսլականով ու երբեք չի եղել Հայաստանում, նա` տուել է եւ միշտ է տալիս: Աւարտուեց 2016 դժուարից էլ դժուարին տարին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պարոն Սերժ Սարգսեանի հետեւեալ կոչով. - Անհանդուրժողականութեան կամ կուլակաթափութեան կոչերով ո՛չ մի տեղ չէք հասնի: Երանի՜ թէ Պարոն Սարգսեանը հասկանար իր ասածի միտք բանին: Եթէ դու քո յորդորկոչի մէջ օգտագործում ես «Անհանդուրժողականութիւն» եւ «Կուլակաթափութիւն» բառերը, կը նշանակի ժողովրդի մէջ կայ անհանդուրժողականութիւն իշխանութիւնների հանդէպ: Իսկ ինչ վերաբերւում է «Կուլակաթափութեան»ը, մի բառ, որ 7080 տարի է դուրս եկել մեր բառապաշարից, մեր նախագահը ըստ երեւոյթին նկատի ունի այսօրուայ Հայաստանի միլիոնա-միլիարդատէրերին, որոնց հնարաւոր չէ ձեռք տալ ու կուլակաթափ անել…, ուրեմն, եկէք մեր յոյսը դնենք 1000-ական դրամների վրայ: Գալիք Նոր Տարում գուցէ թէ Հայաստանում ստեղծուի հանդուրժողականութեան մթնոլորտ, որին սպասում ենք արդէն 25 տարի, եւ, մէկ էլ , թող մեր Կուլակ ընկերները նոր տարում արժանապատիւ տղամարդու վարմունքին յարիր կեցուածք ընդունեն եւ իրենց կարողութեան գէթ մէկ քառորդը նուիրեն Հայաստանի ժողովրդին` նրան, իմ կարծիքով ազատելով մեր ազգութեանը այս կամ այն կերպ նուաստացնող 1000-ական դրամաարշաւից: ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

Üáñ î³ñÇ Արի՛, Նոր Տարի, Եւ քո նորութեամբ Բեր մեզ նորանոր Մուրազ-երազներ։ Արի՛, Նոր Տարի, Միայնակիս բեր Սրտամօտ մարդիկ. Խռովեալներին՝ Լաւատեսութիւն. Ընկճուածներին՝ Յուսալիութիւն. Չար մարդկանց դու բեր Խիղճ ու գթութիւն. Անզգամներին՝

Ամօթխածութիւն. Նենգամիտներին՝ Ոգու վեհութիւն. Շահամոլներին՝ Չափաւորութիւն. Ռազմամոլներին՝ Մարդասիրութիւն։ Արի՛, Նոր Տարի, Մարդկութեանը բեր Վերը թուարկած Անմատչելիներ։ ԺՈՐԱ ՀԱՄԲԱՐՉԵԱՆ Կլենտէյլ, Դեկտեմբեր 2004

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԱՐԳԻՍ ՔԱՋԻԿԵԱՆՆԵՐ

Նոր Տարուան սեմին, կը մաղթենք աշխարհին խաղաղութիւն, հայ ազգին սէր, միութիւն


16

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Վերջին տարիներին Հայաստանի ոչ միայն տնտեսական և քաղաքական իրավիճակն է, որ մտահոգում է շատերիս, այլ մի քանի այլ հանգամանքներ ևս, որոնք բոլորն էլ շղթայաբար կապուած են իրար: Դրանք են՝ ա) Ռուսաստանի չափից աւելի ներկայութիւնը և ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ոլորտներում: Որքանով, որ հասարակութեանը յայտնի է, Հայաստանի գրեթէ բոլոր տնտեսական կարևոր կառոյցները կենտրոնացուել են Ռուսաստանի քաղաքացիների ձեռքերում: Ոչ միայն այդ. քաղաքական դաշտում Ռուսաստանը իրեն թոյլ է տալիս Հայաստանի իշխանութիւնների հետ վարուել որպէս «վասալ»ի: Նա գրեթէ միայնակ ցանկանում է կարգաւորել Արցախի հարցը, նա համարեա թելադրում է Հայաստանին թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական արտաքին կապերը: Ռուսաստանի իշխանութիւնները իրենց նման բան թոյլ են տալիս՝ լաւ գիտակցելով երկրի աշխարհագրական դիրքը, Հայաստանի իշխանութիւնների հակաժողովրդական քաղաքականութեան պատճառով վարկի, այդպիսով նաև իրենց թիկունքի կորուստը թէ՛ Հայաստանի և թէ՛ աշխարահասփիւռ հայութեան մօտ: բ) Բնականաբար, վերոյիշեալ իրողութիւնը բացի այն, որ ժողովրդի մօտ անվստահութիւն է առաջացնում դէպի իշխանութիւնները, նաև նրա մօտ հակառուսական տրամադրութիւններ է ստեղծում, որը իրենց հերթին բորբոքում են ընդդիմութեան որոշ լիդերներ, որոնց ընդգծուած հակառուսական կեցուածքը և քարոզչութիւնը լուրջ մտահոգութեան առիթ է տալիս: Ինչումն է կայանում ընդդիմութեան որոշ լիդերների հակառուսական կեցուածքի և քարոզչութեան վտանգաւորութիւնը. եթէ երբևէ այն դառնայ պետական քաղաքականութեան հիմք, ապա դա կը նշանակի լրջօրէն վտանգել երկրի և հայ ժողովրդի ապագան: Այդ լիդերները դասը սերտած աշակերտի նման, միալար հոլովում են այն կարգախօսը, որ Հայաստանը լաւ ապագայ կ՚ունենայ միայն Ռուսաստանի ազդեցութիւնից դուրս, բայց, քանի որ շրաջապատուած է թշնամի երկրներով, ապա նա պէտք է «քաղաքակիրթ աշխարհի» հովանաւորութիւնը փնտռի: Նման քարոզչութիւնը սիրով մոռանում է անցեալը, պատմութիւնը, հաշուի չի առնում վերջին երկու հարիւր տարուայ հակամարտութիւնների ընթացքը Եւրոպայում և Արևմուտքի փարիսեցիական և շահամոլ քաղաքակա-

ØÇç³½·³ÛÇÝ ø³Õ³ù³Ï³Ý ²ÏݳñÏ

à±í ¿ ù³ÙÇ ó³ÝáõÙ… ê²Øàô¾È Úàì²ê²öº²Ü նութիւնը, և թէ դա որքան թանկ նստեց հայ ժողովրդի վրայ և այսօր էլ թանկ է նստում աշխարհի թոյլ զարգացած, մանաւանդ Միջին Արևելքի արաբախօս ժողովուրդների վրայ: Բայց իրականում ի՞նչ է իրենից ներկայացնում այդ, այսպէս կոչուած, «քաղաքակիրթ աշխարհը»: Սկսած 1985 թուականներից՝ չի խաղաղւում Իրաքը: Իրան-Իրաք երկարատև պատերազմի ընթացքում երկկողմ զոհուեցին և խեղանդամ դարձան միլիոնաւոր մարդիկ, աւերուեցին քաղաքներ, բազմաթիւ բնակավայրեր: Դա «քաղաքակիրթ աշխարհից» և ոչ մի պետութեան կամ դիւանագէտի չէր հետաքրքրում. նրանք աւելի շուտ հետաքրքրուած էին և հոգ էին տանում, որ այդ պատերազմում յաղթող և յաղթուող կողմեր չլինեն: Գիտակ թղթակիցները գրել են, որ այդ պատերազմի ընթացքում Արևմուտքի ռազմարդիւնաբերութիւնը՝ մանաւանդ ամերիկեանը, միլիարդներ շահեց, քանի որ, ոչ միայն Իրաքն էր Արևմուտքից զէնք գնում, այլ նաև Իրանն էր ստիպուած ԱՄՆ-ից գնում, քանի որ Իրանի զինտեխնիկան բացարձակապէս Արևմտեան էին: Յայտնի է, որ շահի տիրապետութեան ժամանակ Իրանը ԱՄՆ-ում արտադրուած զէնքերի տարածաշրջանում ամենախոշոր գնորդն էր: Տարիներ յետոյ այդ պատերազմին հետևեց ԱՄՆ-ի և այսպէս ասած՝ կամաւորների ներխուժումը Իրաք, ինչը բացարձակապէս հիմնուած էր CIA-ի կողմից յօրինուած կեղծ փաստաթղթերի վրայ և լիազօրուած չէր ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդի կողմից: ***

Դաստին Հոֆման

Այդ օրերին՝ Բեռլինի կինոֆիլմերի փառատօնի բացման ժամանակ, ամերիկեան յայտնի դերասան Դաստին Հոֆմանը (Dustin Hoffman), դատապարտելով այդ պատերազ-

մը, որը, ըստ իրեն, արդիւնքն է «հնարած ստերի և կեղծիքների», ասաց. «Նաև Վիեթնամի պատերազմը ստերով սկսուեց, որը այդքան մարդկային զոհեր խլեց»: Երևի թէ սխալ և աւելորդ չէր լինի այդ «քաղաքակիրթ աշխարհի» էութիւնը լրիւ պարզաբանելու համար այստեղ ևս մէջբերումներ կատարել մի քանի գրքերից: Վերջին տարիներին Գերմանիայում, ինչպէս նաև ԱՄՆ-ում տպագրուել են բազմաթիւ գրքեր. տարբեր գիտակ և անաչառ թղթակիցներ, պատմաբաններ փորձում են դիմակազերծել այդ «քաղաքակիրթ աշխարհին», որը Հայաստանի ընդդիմադիրների մօտ երբեմն որպէս «առասպելի հերոս» է ընկալւում: Արևմուտքի այդ թղթակիցները փաստերով և իրենց ուսումնասիրութիւններով, նաև անաչառ վերլուծութիւններով, բացայայտում, քօղազրկում են այդ «առասպելը»: Նրանք ապացուցում են, որ իրականում ԱՄՆ-ի թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին տնտեսական քաղաքականութիւնը թելադրում են ԱՄՆ-ի ռազմական և նաւթարդիւնաբերական ինդուստրիայի շէֆերը և իրականում նրանք իրենց լոբբիստների միջոցով ցանկալի ուղղութիւնն են տալիս այդ քաղաքականութիւններին:

Ճոն Ջ. Մերսհայմեր

Չի կարելի անտեսել նաև Իսրայէլի լոբբիստներին, որոնց ազդեցութիւնը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ որոշիչ է այն պահին, երբ Իսրայէլի անվտանգութեան հարցն է օրակարգի վրայ դրուած լինում: Այս հարցին մանրամասնօրէն անդրադարձել են ամերիկացի անուանի քաղաքագէտներ և միջազգային յարաբերութիւնների մասնագէտներ Ճոն Ջ. Մերսհայմերը (John J. Mearsheimer) և Շտեֆեն Մ. Ուելտը (Stephen M. Walt): Նրանք 2006 թուականին հրատարակել են մի ուշագրաւ գիրք,

Շտեֆեն Մ. Ուելտ

հետևեալ խորագրերով՝ «Իսրայէլի լոբբին». «Թէ ինչպէս է ազդեցութիւն բանեցւում ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վրայ» (John J. Mearsheimer and Stephen M. Walt, The Israel Lobby and U.S. Foreign Policy)։ Նրանք գրում են. Ինչո՞ւ է ԱՄՆ-ը ներխուժել Իրաք: Տապալել Սատտամ Հիւսէյնին. նոյնիսկ այսօր էլ դժուար է նման որոշումը հասկանալ: Իհարկէ, որ նա բիրտ բռնակալ էր՝ երկիւղալի յաւակնութիւններով, ներառեալ նրա ձգտումը՝ մասսայական ոչնչացման զէնքերի տիրանալու, բայց այն նոյն նրա անընդունակութիւնը, նրան խանգարում էր նման վտանգաւոր նպատակին հասնել: 1991 թուականի նեղուցի երկրորդ պատերազմում պարտուել էր նրա բանակը, իսկ ՄԱԿ-ի տասնամեակ տևող հարկադրական միջոցները և սահմանափակումներն էլ աւելի էին թուլացրել նրա մարտունակութիւնը: Իրաքը, որի ռազմական կարողութիւնը, բացի թղթերի վրայ, երբեք յատուկ տպաւորութիւն չէր թողնում, արդէն իսկ 2003 թուականին դարձել էր մի թոյլ հակառակորդ, քանի որ ՄԱԿ-ի յաճախակի ստուգումները ընդհատել էին Սատտամ Հիւսէյնի աթոմային ռումբի ծրագիրը, նրան ստիպել էին ոչնչացնել նաև իր քիմիական և կենսաբանական զէնքերի պահեստները: Միւս կողմից կարելի չեղաւ որևէ կապ յայտնաբերել Սատտամ Հիւսէյնի և Ուսամա Պէն Լատենի միջև, որպէսզի կարողանալ այն հաւաստիօրէն փաստել (նրանք նոյնիսկ թշնամիներ էին): Բացի այդ, Ուսամա Պէն Լատենը և նրա օգնականները գտնւում էին Աֆղանստանում, կամ Փաքիստանում, ոչ թէ Իրաքում: Այնուամենայնիւ, Պուշի կառավարութիւնը Սեպտեմբերի 11-ի յայտնի դէպքերի հետևանքով որոշում կայացրեց յարձակուել մի կործանուող երկրի վրայ, որը ոչ մի առնչութիւն չունէր Համաշխարհային առևտրի կենտրոնի (World Trade Center) և Փենթակոնի վրայ յարձակումների հետ, բացի այդ նա արդէն իսկ ամբողջովին խիստ և

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՏԻԿ. ՄԱՐԿԱՐԻԹ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն


Üáñ úñ

ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

ազդեցիկ հսկողութեան տակ էր գտնւում: Բայց այստեղ գոյութիւն ունի նաև մի այլ էական գործօն, առանց որի ներգործութեան, հաւանաբար, այդ պատերազմը տեղի չէր ունենալու: Այդ գործօնը Իսրայէլի լոբբին է, և յատկապէս մի խումբ նոր պահպանողական գաղափարախօսների և փորձագէտների ազդեցութիւնը, որոնք դեռ շատ վաղուց՝ այսինքն դեռ Սեպտեմբեր 11-ից շատ առաջ, Ամերիկայի իշխանութիւնների վրայ ճնշում էին գործադրում, որպէսզի նա յարձակուի Իրաքի վրայ: Իհարկէ, Իսրայէլի և Իսրայէլի լոպպիի ճնշումը միակ ֆակտորը չէր, որը յանգեցրեց Պուշի կառավարութեան որոշմանը՝ 2003 թուականի Մարտին, յարձակուել Իրաքի վրայ: Բայց այն որոշիչ էր: Մենք հաւատացած ենք, որ պատերազմը մեծ մասամբ պայմանաւորուած էր հետևեալ ցանկութիւնով՝ Իսրայէլի համար էլ աւելի ապահովութիւն ստեղծելով: 20052006 թուականներին արտաքին գործերի նախարար Ֆիլիփ Ցելիկովը՝ Կոնտալիզա Ռայսի խորհրդատուն, իր 2002 թուականին կայացած մի բանախօսութեան ընթացքում անդրադառնում է, որ Սատտամը Ամերիկայի համար ոչ մի վտանգ չի ներկայացնում: Ըստ նրա, «Իրական սպառնալիքը», դա «Իսրայէլի դէմ սպառնալիքն» էր: Նա աւելացնում է նաև, որ ոչ մէկը չի ցանկանում այդ սպառնալիքը այդպէս կոչել, որովհետև դա եւրոպացիներին բոլորովին չի հետաքրքրում, իսկ Ամերիկայի կառա-

վարութիւնը չի ցանկանում այն նշել, քանի որ այն որպէս փաստարկ, սիրուած չէ: Իսրայէլի առնչութիւնը Իրաքի պատերազմին այն սկսուելուց դեռ շատ առաջ յայտնի էր լայն շրջաններին: 2002 թուականի աշնանը թղթակից Մայքըլ Քինսլին գրեց. «Իսրայէլի դերի շուրջ հրապարակայնօրէն վիճաբանութեան բացակայութիւնը նման է այս առածին՝ «Փիղը սենեակում»: Ամէն մէկը տեսնում է նրան, բայց ոչ ոք չի խօսում այդ մասին»: ***

Պետեր Շոլ-Լատուր

Գերմանացի յայտնի թղթակից և հրապարակագիր Պետեր Շոլ-Լատուրը (Peter Scholl-Latour) իր բազմաթիւ գրքերում անդրադարձել է այդ հարցերին և թէ, որքան կործանարար է «քաղաքակիրթ աշխարհի» երկերեսանի շահադիտական քաղաքականութիւնը զարգացող և ոչ զարգացած երկրների համար: Նա իր, «Չար արարքի անէծքը» գրքում մանրամասն քննարկելով Միջին Արևելքում և Սիրիայում Արևմուտքի՝ ամէնից առաջ ԱՄՆ-ի գործադրած քաղաքականութիւնը,

գրում է. «Ինչ որ տեղ՝ գաղտնի հրամանատարական վայրերում, կեղծ տեղեկատուութիւն թողարկող այդ գաղտնի ֆաբրիկաներում, որոնք անգլօ-սաքսոնական, կարծիքներ ապակողմնորոշող ուժերի կողմից այդքան վարպետօրէն օգտագործւում են, նշւում է, որ Սիրիան պէտք է ենթարկուի այն նոր կարգ ու կանոնին, որը համապատասխանելու է Միջին Արևելքում ամերիկեան պատկերացումներին: Ես տեղեկացել էի, որ Նոր Քարոլինայում կեղծիքներ յօրինող նման մի կենտրոն կայ և դա ամենևին էլ չի բացառում, որ Մեծն Բրիտանիայում և Իսրայէլում էլ նման կենտրոններ կը լինեն: Յամենայնդէպս, դեռ նախքան Տարայում և Հոմսում տեղական ցոյցերի սկսուելը, առանց այլևայլի պահանջ էր դրւում, որ պէտք է Դամասկոսում իշխանութիւնը ոչնչացուի: 2013 թուականին «Ազատ Սիրիայի Բանակի» Սուլէյման կեղծանունով մի սպայ, ում ես այցելել էի, իր ժամանակաւոր հրամանատարական տնակում, ինձ հետևեալը խոստովանեց. «Տարայում ցոյցերը ինքնաբերաբար չեն սկսուել: Նա ինքը դրանից մի տարի առաջ հանդիպում է ունեցել յորդանանեան և ամերիկեան ծպտուած լրտեսների հետ: Նրանք, իրեն վստահեցնելով, որ նա ֆինանսապէս ապահովուած կը լինի, ցանկանում էին իրեն քաջալերել՝ միանալու «Ազատ Սիրիական Բանակի» յեղաշրջման ծրագրերին: Այդ բանակին անհրաժեշտ կառու-

17

ցուածքը տրամադրուելու և զինումը կատարուելու էր Յորդանանի հողի վրայ: Դրանից յետոյ, շնորհիւ Սէուտական Արաբիայի, ինչպէս նաև Քաթարի, Իմիրաթի լայն ֆինանսաւորման, բայց և CIA-ի անմիջական ղեկավարութեան ներքոյ, իրականացուել է խռովարարների բանակի կազմումը և զինումը՝ ամենաժամանակակից պատերազմական զէնքերով: Անկասկած, որ հէնց այդ ժամանակ էլ միջազգային դաւադրութիւն է կազմակերպուել Դամասկոսում՝ Պաաս կուսակցութեան իշխանութեան դէմ»: Ուաշինկթընում, Ռիատում, Տոհայում, ինչպէս նաև Երուսաղէմում վստահ էին, որ Սիրիայում, Արևմուտքի կողմից օգնութիւն ստացող ընդդիմադիրների բանակի երևան գալը յուսալքուած զանգուածների մօտ համաժողովրդական անդիմադրելի մի շարժում կ՚առաջացնէր, որի պատճառով Ասատի և ալաուիների կլանը կարճ ժամանակամիջոցում վերացուելու էր: Ահա մէկ անգամ ևս, ինչպէս ժամանակին Իրաքում, Լիպիայում, Եգիպտոսում, հաւանաբար նաև վաղը Իրանում, Արևմուտքի լրտեսական ծառայութիւնները իրենց ցանկալի պատկերացումների, ինչպէս նաև ուտոպիական և սխալ ծրագրերի զոհը դարձան: Տարայի անկումից յետոյ Հոմս քաղաքը առնուեց աքցանի մէջ. այստեղ Սէուտական Արաբիայի կողմից ռազմամթերքի տրամադրումը աւելի ուժեղացրած թափով էր, քան այլ տեղերից, որի պատճառով պետական բանակը ծանր

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով, կ՚ողջունենք մեր հարազատներն ու բարեկամները, մաղթելով բոլորին յաջողութիւն ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԻՆԱՆ ԵՒ ԱՆԺԷԼ ՍԻՆԱՆԵԱՆ

Շար. էջ 59


18

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

ÀÜκðàôÐÆ ²ÜÆ ê²ð¶Æêº²Ü ºô ¼²ô²ÎܺðÀª IJÜÆÜ, ²Èºø ºô زðÈ¾Ü Æ ÛÇß³ï³Ï ÀÜÎ. ¾îØàÜ ê²ð¶Æ꺲ÜÆÜ «Üáñ úñ» ß³µ³Ã³Ã»ñÃÇÝ ÏÁ Ù³ÕÃ»Ý µ³ñÇ »ñÃ, Ñ³Û ·ÇñÝ áõ Ùß³ÏáÛÃÁ ѳëóÝ»Éáõ Ýáñ ë»ñáõݹÇÝ Çñ ëñµ³½³Ý ³é³ù»Éáõû³Ý Ù¿ç


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Նոր Տարուայ եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ սքանչելի տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր Միութեան անդամները, համակիրները, կամաւորները եւ ազնուասիրտ բարերարները, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի, Արցախի եւ աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, մաղթելով բոլորին բարեբեր եւ օրհնաբեր տարի մը, հայօրէն ապրելու աննկուն կամքով ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի բարեբաստիկ առիթներով, կը շնորհաւորենք «Նոր Օր»ի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր ազգականներն ու բարեկամները ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

19


Üáñ úñ

20 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016 ²ÝϳËáõû³Ý 25-³Ù»³ÏÇ îå³õáñáõÃÇõÝÝ»ñáí

«Ü³Ë ѳÛñ»ÝÇùë, Û»ïáÛ Ù³ñ¹ÏáõÃÇõÝÁ» Üàô²ð¸ زîàÚº²Ü-î²ð²¶Öº²Ü Եթէ հայրենիքը հող է եւ մշակոյթ, ապա հայրենասիրութիւնը գաղափարական ապրում մըն է, որ կ՚ենթադրէ նուիրում եւ զոհաբերում։ Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայրենիքի ազատութեան համար հերոսական պայքար մղեց, զոհաբերութեան եւ հերոսութեան աննման էջեր արձանագրեց։ Օտար բռնակալներ, չկրցան ընկճել ազատատենչ հայու հոգին։ Պետութիւններ հզօր, անզօր էին որոշելու հայ ժողովուրդին ճակատագիրը՝ աշխարհի քարտէսէն վերացնելու հայոց երկիրը, ի սպառ բնաջնջելու հինաւուրց ազգ մը ամբողջ։ Իրենց վճիռներուն ուրիշ բան չէր վիճակուած, այլ միայն անփառունակ թաղումը իրենց որոշումներուն։ Ազատութեան տենչը հազարամեակներով միշտ եղաւ հայ ժողովուրդին հետ։ Դարեր շարունակ հայը երազեց ազատաբեր կեանքի մը փրկարար շունչը, ազատ ու անկախ կեանքի տիրացումը իր սեփական հայրենի հողին վրայ։ Ազատութեան ձգտումը ի վերուստ շնորհուած էր հայերուն։ Յանկարծ երազը դարձաւ իրականութիւն։ Հայերը կրցան հասնիլ իրենց բաղձալի նպատակին։ Դարերու միջով անցած հայ հերոսներուն վառ պահած ազատութեան ջահը՝ Հայկով, Տիգրանով ու Արշակով հաստատուած, Աւարայրով ու Սարդարապատով նուիրագործուած, եկաւ ու հասաւ հայրենի ժողովուրդին՝ երբ 1991-ին Սեպտեմբեր 21-ի օրը, Ազատութեան հրապարակին վրայ միահամուռ ու միաբերան «Անկախ Հայաստան» բացագանչեց։ Ժամանակի տիրող պայմաններու թելադրանքով, Հայաստանը հռչակուեցաւ ինքնիշխան եւ ինքնուրոյն անկախ պետութիւն։ Այդ օրէն հայրենի ժողովուրդը դարձաւ իր սեփական ճակատագրին տէրը, դարձաւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ, ուր կրնար հնչեցնել իր ազատ խօսքը։ Այսօր, անկախ Հայաստանը 25 տարեկան է։ Անկախութեան արծաթեայ յոբելեանը պատեհ առիթ մը հանդիսացաւ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենի հողին վրայ։ Հոն, ուր ջերմ հայրենասիրութեամբ զեղուն հայրենաբաղձ սրտերը կ՚երգէին, հայու հոգիին մէջ անկեղծ զգայութիւն մը արթնցնելով, մաքուր ու հարազատ ապրումներով զեղուն։ Սփիւռքը, իր գոյառումէն մինչեւ այսօր, հոգիով միշտ փարած է հայրենիքին, փարած է հարազատի անկեղծ սիրով ու գուրգուրանքով, հայրենիքի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման մէջ տեսնելով իր երազներուն իրականացումը։ Հայրենիքի սէրը, հայրենասիրութիւնը, սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ սփիւռքահայ հոգիներուն։ Հայրենասիրութեան բնազդը, խլրտեցաւ ու հոսեցաւ հայ սերունդներու ար-

եան մէջ։ Այդ բոլորը ազնիւ զգացումները, հայ հոգիներուն մէջ ստեղծեցին պայծառ ու վճռական ազգային գիտակցութիւն մը։ Զգացում մը, որ միշտ կը յորդի եւ երբեք չի յոգնիր։ *** Յոբելենական այդ օրերուն հայոց մայրաքաղաքը իր հարուստ տեսքով՝ իր շքեղ կառոյցներով, իր լուսաւոր խանութներով ու հիւրանոցներով, օտար զբօսաշրջիկներու եռուզեռով, աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու տպաւորութիւնը կը թողուր։ 21 Սեպտեմբերին, հայրենի երկնակամարին վրայ կը թեւածէր վահագնատիպ հայու ոգին։ Հայոց բանակին զօրահանդէսը հզօր Հայաստանի հեռանկարը կ՚ուրուագծէր։ Մեր աչքերը մերթ կը յառէին պատմութեան փառապանծ էջերու հերոսական դէմքերուն, եւ մերթ 25 տարիներու վրայ երկարող անկախ Հայաստանի անցած ճանապարհին՝ այն օրէն, երբ անկախութիւնը տակաւին իր սաղմնային վիճակի մէջ էր։ Ջերմ ու ոգեղինացած մթնոլորտը խրախուսիչ էր ու պարտաւորեցնող։ Պարտաւորութիւններ ազգին հանդէպ, որոնք կը թելադրէին մեր քաղաքական ծրագիրներուն մէջ իւրացնել մեր նախնիներուն քաղաքացիական մնայուն աւանդոյթները, հայրենի հողին հանդէպ ունեցած անձնուրաց զոհաբերութիւնը, ողջախոհութեան եւ արդարամտութեան չգրուած օրէնքները, պահպանելու հայ ժողովուրդին դարաւոր հայրենիքը։ «Անցեալէն վերցնել կրակը, ոչ թէ մոխիրը» պիտի ըսէր ֆրանսացի քաղաքագէտ ու հրապարակախօս Ժան Ժորէս։ Ո՞վ չի գիտեր, որ մեր ազատագրական պայքարի էջերը, Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ արցախեան պատերազմ, հարուստ են անվեհեր հերոսներու խօսուն անուններով, որոնք դարձան խիզախութեան, անձնուիրութեան եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդը ընդունակ է ծնելու հերոսներ, որոնք ի ծնէ եւ ի բնէ եղան առաջնորդներ, պաշտպանեցին ու պահպանեցին հայոց հայրենիքը։ Անոնք հայութեան եղերական օրերուն, իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարեցին պայծառատեսութեամբ, ճակատաբաց եւ վճռական, դառնալով փառքն ու պարծանքը հայ ժողովուրդին։ Այս գիտակցութեամբ ու այս մտահոգութեամբ, ուրախութեան յուզումնախառն խոհերով ու մտորումներով պարուրուած, պահ մը հայոց պատմութեան էջերը կը տողանցէին մտքիս պաստառին վրայ։ *** Հայաստանի 25-ամեայ անկախութիւնը, որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կը պարզէին մեր ազգային կեանքին մէջ, նոյնքան ալ կային մտահոգիչ խնդիր-

ներ, մռայլ ու տխուր իրավիճակներ։ Եթէ ոմանց բաժին ինկաւ վայելելու անկախութեան բարիքները, ուրիշներ՝ կեանքի անձուկ պայմաններու մէջ ապրող մարդիկ, յուսալքումներէն շփոթ ու անորոշ ապրումներով, կորսնցուցած էին իրենց կենսունակութիւնը։ Անոնց մէջ բոյն դրած էր վհատութիւնը, որ ջլատած էր զիրենք, դարձուցած էր կամազուրկ։ Իսկ առաւել մտահոգիչ հարցը հայ հասարակական կեանքի գլխաւոր խոցերէն մէկը՝ ազգացրւումը, վերածուած է համընդհանուր աղէտի եւ կը սպառնայ մեր գոյութեան։ Դարաւոր արմատներ ունեցող արտագաղթի հոսքը դեռ կը շարունակուի։ Յուսահատ ու հիասթափուած մարդիկ չեն փորձեր հաշտուիլ տիրող իրավիճակին հետ, կը բռնեն գաղթի ճամբան, կամովին կը յանձնուին արեւմուտքի քաղաքակրթութեան լափող բարիքներուն։ *** Կասկած չկայ, թէ ամէն հայ սկզբունքով հայրենասէր է։ Սակայն այդ հայրենասիրութիւնը որքանով կը դիմանայ երբ կը հանդիպի կարծր իրականութեան։ Այդ հայրենասիրութիւնը որքանով կրնայ յաղթահարել արեւմտեան արժէքներու ներխուժումի վտանգը, որ այսօր կու գայ հայ հոգիներուն՝ յատկապէս երիտասարդութեան տանելու ապազգայնացումի, ստորադասելով մեր մշակոյթն ու մայրենի լեզուն։ Թէ որքանով անոնք կը ճանչնան հայոզ պատմութիւնը, որքանով գիտեն իրենց մայրենի լեզուին առանձնայատկութիւններուն արժէքը։ Երբ անդին աշխարհահռչակ գիտնականներ ու հայագէտներ չեն վարանած իրենց բարձր ու ջերմ գնահատանքներով, արժեւորելու հայոց լեզուին հարստութիւնը։ Որքան իրաւացի է Դանիէլ Վարուժանը երբ կ՚ըսէ. «Ես կը սիրեմ շովինիզմը հանդէպ մեր լեզուին ու իմ ինքնուրոյնութեանս»։ Այս խօսքերուն իմաստը, որքանով կրնայ իւրացնել դարեր շարունակ բռնատիրութեան լուծին տակ ապրած, այլասերումի ենթարկուած ժողովուրդ մը, որ իր վրայէն տակաւին չէ թօթափած իր ցեղային յատկութիւններուն վրայ ծանրացող անբուժելի ախտը, հոգեպէս չէ ազատագրուած անցեալի բարդոյթներէն, ունենալու համար հայրենասիրութեան լրիւ գիտակցութիւնը։ Անկասկած, կարելի է մտային զարգացման գագաթին հասնիլ։ Բայց հայրենասիրութիւնը ոչ թէ գիտութիւնն է, ուսումն է, այլ հոգեկան այն արժէքները, զգալու եւ կենսագործելու այն թափը, հայրենեաց հաւատքով ապրելու այն կարողութիւնը, որ անհրաժեշտ է պահպանելու ազգի մը հոգիին ամբողջականութիւնը, ստեղծելու ժողովուրդին հոգեւոր միասնութիւնը։ Այն ինչ՝ հիմնական կարեւոր նախադրեալն է դառնալու համար

հզօր ազգ, կերտելու համար հզօր պետութիւն։ Այդպէս վարուեցան քաղաքակիրթ ազգեր ու ժողովուրդներ, սերտելով տեսլապաշտ մտածողներու, ընկերաբաններու առաջադրած գաղափարները։ Ինչպէս՝ 18-րդ դարուն Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարները յաղթանակեցին ֆրանսական յեղափոխութեամբ։ Իսկ 19-րդ դարու վերջը, քաղաքական տարբեր հոսանքներու ազդեցութեամբ տնտեսապէս քայքայուած ու պառակտուած Իտալիան, իր ժողովուրդին հասարակական խնդիրներու բարւոք լուծումը գտաւ Էնրիքօ Ֆերրի տեսութիւններուն մէջ, որպէս գիտական եւ բարոյական ճշմարտութիւն, ընկերային-քաղաքական կեանքի յառաջընթացին համար։ Ֆերրիի տեսութիւններուն նշանաբանն էր. «Նախ հայրենիքս, յետոյ մարդկութիւնը»։ Ընկերվարական մըն էր Ֆերրին։ Իր տեսակէտները կը միտին առաջին հերթին ժողովուրդին մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, հասնելու համար հասարակական բարեփոխութեան։ Այդ բարեփոխութիւնը կ՚իրականանայ մարդկային գաղափարներով տոգորուած քաղաքակիրթ ժողովուրդներու համագործակցութեամբ։ Ահա թէ ինչու քաղաքակիրթ ազգեր պէտք չունեցան իրենց զաւակը կրթելու, ինչպէս մենք պարտաւոր ենք ընել։ Անոնք աւելի կը ձգտին մանուկին մէջ զարգացնել մարդկային գիծերը, սատարելու մարդկութեան յառաջընթացին։ Իսկ մենք պարտաւոր ենք փրկել անոր մէջ վտանգուած ու խաթարուած հայութիւնը։ Քանի որ նախ եւ առաջ ատոր պէտք ունինք, կերտելու համար հայ մարդը։ Իր ազգին օգտակար եղողը անպատճառ կրնայ օգտակար ըլլալ մարդկութեան։ Չմոռնանք, որ մարդասիրութիւնը հինէն ի վեր, հայոց պատմութեան վաղ շրջաններէն, եղած է մեր ազգային նկարագրին իւրայատկութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը քալէ հայութեան բոլոր խաւերուն հետ։ Մարդկային առաքինութիւն մըն է սեփական թերութիւնները տեսնելը, գործած սխալները սրբագրելը, ինչ որ բոլորին տրուած չէ դժբախտաբար։ Շար. էջ 57


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

21

سÑáõ³Ý 25-³Ù»³Ï

¸Çõ³Ý³·¿ï, ù³Õ³ù³·¿ï, ·³Õ³÷³ñ³·¿ïª Ý»ñÑáõÝ Õ»Ï³í³ñ öðàü. ´²ðàôܲΠÂàìز꺲ÜÀ ä²ðàÚð Ú. ²Ôä²Þº²Ü Մեր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, բացառիկ պատեհութիւն եւ եզակի առիթ էր, շփուիլ, ծանօթանալ եւ ապրիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներու հետ, որոնք՝ իրենց հիմնադիրներու եւ յաջորդներու աւանդը եւ ուղին շարունակեցին, ազնուական այս կուսակցութեան վարկն ու տեղը, դիրքն ու դերը արժանի մակարդակի վրայ պահելու համար։ Ոչ միայն այսքան. անոնք դարձան «կենդանի» ԴՊՐՈՑներ, թէ՛ իրենց շրջանակներուն, թէ՛ ազգային-քաղաքական, թէ՛ մշակութայինկրթական, թէ՛ հայրենական-եկեղեցական կեանքին մէջ դառնալով մէկական փարոսներ, դաստիարակելով սերունդներ ու լուսաւորելով հայկական գաղթամիջավայրեր։ Բնական է, այդ մեծերը այսօր «բացակայ» են, բայց, իրենց գործերը, նպաստները, ժառանգները կա՛ն, զգալի՛ ու շօշափելի՛ են, ամէն անգամ որ կը խօսուի, կը յիշուի կամ կը գրուի անոնց մասին, կը վկայակոչուին, կը մէջբերուին կամ կ՚արձանագրուին անոնց դերակատարութիւններն ու գործունէութիւնները։ Հարցը այն էր, որ այս մեծերէն իւրաքանչիւրը իր գրաւչական, մտաւորական, բարեմասնական, դատողական ու վերլուծական վարակիչ յատկանիշներով, առաւել՝ նկարագրային, ընկերային ու մարդկային անմիջականութեամբ, մեծ յարգանքի ու հիացմունքի կ՚արժանանար իր կուսակիցներէն, գաղափարակիցներէն, պաշտօնակիցներէն, բայց, մանաւանդ կրտսեր կուսակցականներէն եւ երդմնառուներէն։ Այս վերջին պարագան կարեւորութեամբ շեշտելու է, պարզապէս անոր համար, որ մեծերուն անդրադառնալը կամ զանոնք վերյիշելը, հանգրուան մըն է կուսակցական կեանքէն ներս, երբ անոնք շառաւիղի մը շարունակութեան մարմնացումն են եւ ենթադրուած էր (նաեւ է՛), որ այդ մարտահրաւէրները ընդունելու ու զանոնք վերանորոգելու յանձնառութեան մը առջեւ գտնուելու ժառանգորդներ ստանձնեն այդ կապի իրականացման գործը։ Բախտաւոր են այն սերունդները, որոնք ոչ միայն «աշակերտ»եցին մեծերուն, հետեւելով անոնց խորհուրդներուն, գաղափարախօսուելով անոնց լիցքէն, դաստիարակուելով անոնց գիտութենէն, այլեւ՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոնք դարձան գործակիցները կամ ժողովակիցները անոնց, փորձառութիւն շահելով ու ժողովականութիւն սորվելով։ Սերնդափոխութիւնը կամ հերթափոխութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ազգային-կուսակցականմիութենական կեանքին մէջ, եթէ ոչ այս ընտրանքով, որուն յաջողութեան համար, այդ ՄԵԾԵՐԸ, առանց բարդոյթի ու վարանումի, ջատագովն էին անոնց, որովհետեւ, ազգային սկզբունքային համոզումներէն մեկնելով, կը հաւատային, որ ՃԻ՛ՇԴ ուղին ատիկա էր։ Պատահական չէր, որ ա՛յդ մեծերը, կուսակցութեան անիւը դարձնելու եւ անխափանելու վճռակամութեամբ, երիտասարդ ղեկավարներ պատրաստելու ու կազմաւորելու ճամբուն վրայ, պատասխանատու մարմիններու մէջ կը ներգրաւէին խոստմնալից ուժեր, անոնց վստահելով կարեւոր պաշտօններ, տալով պատասխանատուութիւններ, զանոնք մղելով «ջահ»ը վերցնելու պատրաստակամութեան, յօգուտ, կուսակցաշէն գործունէութեան ընդմէջէն, հասնելու ազգային ընդհանրական շահերու, նաեւ ծրագիրներու յաջողութեան եւ առաջադրութեանց։ *** Առանց թերագնահատելու այդ մեծերէն ոեւէ մէկուն բերած ներդրումը եւ ունեցած օրինակելի ներգործութիւնը այս կամ այն մարզէն, կ՚արժէ այս առիթով յիշել եւ արժեւորել այն մեծութիւնը, որ կը կոչուի՝ ՓՐՈՖ. ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ, նկատի

ունենալով որ անոր մահուան 25ամեակն է այս տարի։ (Ի դէպ, ակնկալելի էր որ՝ այս մասին արտայայտութիւններ ըլլային մամուլին մէջ՝ յիշատակագրութիւններով թէ ոգեկոչագրութիւններով եւ կամ՝ հրապարակախօսութեամբ՝ բանախօսական թէ ոգեկոչական ելոյթներով)։ Եթէ պիտի յիշուի Թովմասեանը, պէտք է թուարկել այն արժանիքները, որոնք զինք լաւագոյնս կը բնորոշեն եւ յաջողագոյնս կը յատկանշեն։ Իմ ծանօթութիւնս Թովմասեանին հետ, աւելի քան 20 տարուան պատմութիւն ունի, ոչ միայն կուսակցական կեանքէս ներս, այլեւ նոյն տեղաշրջանին մէջ ապրելով, մեր մերձեցումները գրեթէ ամենօրեայ էին, մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, մայրաքաղաքի անցման կէտերու բռնկումի պահերուն եւ ընդհանրապէս ապահովական անակնկալ բախումներու ընթացքին, երբ մեր հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները, անպակաս կ՚ըլլային, Փրոֆեսորին խորհուրդներուն ու ցուցմունքներուն հետեւելով։ Թերեւս այս մտերմութիւններն ու գործակցութիւնները աւելիով առիթ տուած էին զինք մօտէն ճանչնալու, իր բազմակողմանի արժանիքներով, ատոնք ըլլան կուսակցական, գաղափարական, քաղաքական, ազգային, հայրենասիրական, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ան ունէր պատկերացում ու խօսք, դատողութիւն ու դիրքորոշում, մեկնաբանութիւն ու կողմնորոշում, տրամաբանութիւն ու վերլուծում։ *** Դասական մօտեցումէն հեռու, ինծի համար Փրոֆեսորը կը ներկայանար ու կ՚իմաստաւորուէր, հետեւեալ բնորոշական առանձնաշնորհումներով. ԱՌԱՋԻՆ՝ ամէնէն մեծ ու կարողական արժանիքը՝ դիւանագիտական խոհեմութեան, հեռատեսութեան եւ իրատեսութեան մտածողութիւնն էր. հետեւապէս, սթափ ու հանդարտաբարոյ եզրակացութիւնը, մասնաւորաբար փշոտ ու հանգուցաւոր հարցեր քննարկելու ժամանակ։ Ոչ միայն ներկուսակցական, այլեւ միջկուսակցական բարդ ու կնճռոտ օրակարգերու պարագային, ան միշտ առաջին կարգի տեսաբան-առարկայապաշտն էր, համադրողն ու համակարգողը, իրեն յատուկ հայեցողութեամբ եւ անհատականութեամբ։ ԵՐԿՐՈՐԴ՝ անոր քաղաքական հոտառութիւնը, սրատեսութիւնն ու վերլուծութիւնը, տեղական, շրջանային ու միջազգային կնճռոտ հարցերու ընդմէջէն, տեսնելու սեւ ու ճերմակ, ժխտական ու դրական, մոխրագոյն ու սպիտակագոյն կողմերը եւ այդ հիման վրայ տեսակէտներ պարզելու ու ճշդելու։

Իր մտածումներն ու վերլուծումները ոչ միայն լսելի ու գնահատելի էին, այլեւ՝ ընդհանրապէս հաւաստի ու համոզիչ, որպէս իրապաշտ միտք եւ արտայայտութիւն։ ԵՐՐՈՐԴ՝ գաղափարախօսական ամուր ենթահողը, սկզբունքային տեսութիւններու վրայ հիմնուելու նուիրականութիւնները անկախ պահելէն բացի, ռամկավարական վարդապետութեան տալու լայնախոհութեան եւ ազատախօսութեան բարենշային ընտրանք։ Ասիկա ոչ թէ աժան քարոզչութիւն ընելու դիտաւորութեամբ, այլ հիմնաւորելու իր գաղափարական ուղղուածութեան անփոխարինելիութիւնը, չափաւորականութիւնն ու հանրամատչելիութիւնը, միանգամա՛յն, որուն տէր կանգնելու ու զայն պաշտպանելու համար, ամէն նախադրեալները, տուեալներն ու տարանշանները ունէր, իբրեւ ձեռնհաս հեղինակութեան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը։ ՉՈՐՐՈՐԴ՝ ղեկավարական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած դէմք, որ գիտէր ազգային-կուսակցական ցանցերը կազմակերպելու եւ առաջնորդելու, դրսեւորելու ու ներդաշնակելու ոճն ու եղանակը, զանոնք միշտ արդիւնաւորուած տեսնելու լաւատեսութեամբ։ Ասոր պատճառը՝ գաղափարական հաւատամքին ու դաւանանքին հետ հաշտ ապրելու ու գործելու անվիճելիութիւնն էր, որուն նկատմամբ ոչ միայն անզիջողութեան-ցանկապատ մըն էր, այլեւ՝ զայն կենսաւորող ու կենդանացնող խօսափող մը։ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ՝ հայրենասիրութիւնը իրեն համար գերիվեր սրբութեան մը խորհրդանիշն էր, անայլայլօրէն եւ անսակարկօրէն, որուն ամրապնդման ու հզօրացման համար, կուսակցութիւնը կը ծառայեցնէր հայրենական նուաճումներու իրականացման գործին, չընկրկելով որեւէ խոչընդոտի առջեւ, ոչ ալ հանդուրժելով ուրիշներուն կամակորութիւնը։ Հիմնաւորուած էր այս կեցուածքային-պատւանդանային երեւոյթը, ոչ թէ միայն անոր համար, որ Փրոֆ.ը կողմնակից մըն էր հայրենական հարազատ ընտրանքին, այլ՝ գործնական գետնի վրայ, գերագոյն զօրակից մը անոր, կուսակցական իր կառոյցներով ու մարդուժերով, ինչպէս նաեւ համակիր ուղեկիցներով։ ՎԵՑԵՐՈՐԴ՝ Էջմիածնապաշտպանութիւնը եւ Էջմիածնածառայութիւնը անսակարկելի նուիրականութիւններ էին, որոնց իրականացման համար, գործով ու բանիւ փարած էր անոնց, գաղափարական ու հաւատքի ներզօրութեամբ, կուսակից սերունդները դաստիարակելու եւ առաջնորդելու դէպի լուսոյ աղբիւր՝ գերագոյն եկեղեցւոյ ՄԷԿՈՒԹԵԱՄԲ։ *** Իմ եւ ինձմէ երէց սերունդներու ներկայացուցիչները, կրնան վկայել ու հաստատել, թէ մեր մեծերէն որքա՜ն կոփուեցան ու հասունցան, թեւաւորուեցան եւ արմատաւորուեցան, գաղափարականօրէն, հայրենասիրականօրէն, ազգայնօրէն ու ՀԱՅՕՐԷՆ, որպէսզի Փրոֆ.էն (եւ միւսներէն) ժառանգուած կտակը շարունակուէր յաջորդներուն կողմէ։ Անցնող բազմատասնեակներու հայ ժողովուրդը, իր զանազան շերտաւորումներով, բայց, մանաւանդ Փրոֆ.ական պատկանելիութեամբ ու հետեւորդութեամբ, այլապէս ալ՝ հայրենական-եկեղեցական առաքելութեամբ ու զօրակցութեամբ, ո՞ւր կը տեսնեն մեծութեան մը մեծութիւնը, որ մեծութեամբ ծառայեց իր ժողովուրդին համայնական կարիքներուն ու հրամայականներուն։ *** Սիրելի Փրոֆ. Թովմասեան, բառերը, տողերը եւ էջերը քիչ են, քու մեծութիւնդ մեծարելու՝ մեծարանքի մեծութիւններով, քու մեկնումիդ 25ամեակին առիթով։ Պէյրութ, 19 Նոյեմբեր 2016


22

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

è²Î-Ç ºñ³Ëï³õáñÝ»ñÁ

¶³Õ³÷³ñÇ í³ëï³Ï³õáñ Ññ³å³ñ³Ï³·Çñª ¸áÏï. Üáõå³ñ ä¿ñå¿ñ»³Ý ¶³ÑÇñ¿ 1922 – äáëÃáÝ 2016 ²ð² ²Ð²ðàܺ²Ü Ընկ. Նուպար Պէրպէրեան շուրջ 40 օրեր առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ, իր ետին թողնելով սփիւռքահայ վաստակաւոր գործիչի, հայրենասէր հայու, գաղափարապաշտ ռամկավարի օրինակելի անցեալ մը։ Ստորեւ, մեր աւագ աշխատակիցներէն Արա Ահարոնեանի գրութիւնը Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի անձին ու գործին մասին պատմող, պատրաստուած՝ անոր մահուան քառասունքին առիթով։ «Նոր Օր»

Երախտաւոր Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան ծնած է Գահիրէ 1922 Սեպտեմբերին, արաբկիրցի ծնողներէ՝ Գէորգ եւ Արեգնազ Պէրպէրեան։ Հայրը ֆրանսերէն լեզուին ծանօթ ըլլալով, կը դառնայ Գահիրէի հանրակառքի ընկերութեան տնօրէնը։ Գահիրէի ատենոյ հայաշատ արուարձան Հիլիոպոլսոյ ծանօթ Նուպարեան ազգային վարժարանը կը յաճախէ Պէրպէրեան՝ նախակրթական իր ուսումը ստանալու համար, ու ապա երկրորդական կրթութեան համար կը յաճախէ ֆրանսական լիսէն, ծանօթանալով ֆրանսերէն լեզուին, ուրկէ ստացած է ֆրանսական պաքալորէայի առաջին ու երկրորդ վկայականները, յաջողութեամբ աւարտելով իր երկրորդական ուսումը։ 1941-ին Գահիրէի մէջ բարձրագոյն ուսման համար կը հետեւի իրաւագիտութեան։ Եգիպտահայ ազգային հասարակական ատենոյ եռուզեռը, կլանած էր Պէրպէրեանին ու սերնդակից երիտասարդները նուիրուելու գաղթաշխարհի մէջ իրենց ապրած գաղութի կեանքին։ Պէրպէրեան մուտք կը գործէ նոյն տարին Ռամկավար Կուսակցութեան շարքերը եւ կը դառնայ օգնական խմբագիրը «Արեւ» օրաթերթին, որուն խմբագրապետն էր վաստակաշատ երախտաւոր՝ Վահան Թէքէեանը։ Այս պաշտօնը ան կը վարէր մասնակի ժամանակով, միւս կողմէ հետեւելով իր համալսարանական ուսման։ Անկասկած Պէրպէրեանի համար որպէս ազգային ծառայութիւն, սկիզբ մը պիտի ըլլար այս քայլը։ Նոյն տարին ան կարգ մը խանդավառ երիտա-

Երկրորդ շարք ձախէն չորրորդը՝ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան

սարդներու հետ կ՚անդամագրուի ՀԲԸ Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղին։ Յաջորդ տարին իրեն կ՚առաջարկուի դառնալ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ քարտուղարը, որուն կ՚ատենապետէր Էօժէն Բաբազեանը, իսկ Միհրան Տամատեան կը մասնակցէր որպէս պատուակալ նախագահ այդ կազմին։ Վահան Թէքէեան, Լեւոն Աճեմեան, Պետրոս Տեփոյեան ու ՌԱԿ-ի այլ երախտաւորներ նոյնպէս մաս կը կազմէին այդ օրերու Կեդրոնական Վարչութեան, որուն կեդրոնատեղին էր Գահիրէն իր «Արեւ» պաշտօնաթերթով։ 1944-ին կը ստանայ «Լեսանս»ը իրաւաբանութեան մէջ ու որպէս իրաւաբան կ՚արձանագրուի եգիպտական խառն դատարաններու մօտ։ Տարեվերջէն առաջ կ՚որոշէ տարուան մը համար մեկնիլ Պէյրութ ու յաճախել Ամերիկեան Համալսարան, իր մասնագիտութիւնը կատարելագործելու, Դոկտորայի հետեւելէն առաջ։ Հոն առիթը կ՚ունենայ հանդիպելու ՌԱԿ ատենոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանին, որ դասախօս էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս, ու իրենց ծանօթութիւնն ու կուսակցական գործունէութիւնը սկիզբ մը կ՚առնէ ամբողջ տասնամեակներ,

մինչեւ Թովմասեանի մահը՝ 1991-ին, Պոսթոնի մէջ։ 1945-ի աւարտին կը մեկնի Փարիզ, հետեւելու պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժնի երկամեայ շրջանին, դոկտորայի վկայականը ստանալու համար։ Միջազգային իրաւագիտութեան դոկտորայի աւարտաճառը կը ներկայացնէ 1947-ին, իբրեւ նիւթ ունենալով «Ապահովութեան Խորհուրդը – Անոր Հիմնական Տարբերութիւնը Ազգերու Ընկերութեան Խորհուրդին»։ Իբրեւ աւարտաճառ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի նախագահներէն եւ Միջազգային օրէնսգիտութեան աշխարհահռչակ հեղինակաւոր դէմք Փրոֆ. Ժորժ Սէլը իրեն կ՚առաջարկէ ատեանի մէջ պաշտօն ստանձնել, բայց Պէրպէրեան կը մերժէ, հայ ազգին ծառայելու առաքելութիւնը նախընտրելով։ Նոյն տարուայ ընթացքին, Փարիզի մէջ կը գումարուի ՌԱԿ Ը. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի աւարտական նիստը, որուն կը մասնակցի Պէրպէրեան, որպէս ժողովի երիտասարդագոյն անդամը, ու հոն կը հանդիպի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած Հրաչ Երուանդին ու Անդրանիկ Անդրէասեանին։ 1947-ին Պէրպէրեան կը ստանձնէ Փարիզ հրատարակուող «Ապագայ» երկլեզու (հայերէն ու ֆրանսերէն) շաբաթաթերթի խմբագրի

պաշտօնը տարուան մը համար, ու կը հետեւի Փարիզի լրագրութեան դասընթացքներուն (1947-48)։ Փարիզի մէջ իր միութենական խանդավառութիւնը պիտի շարունակուէր Արշակ Չօպանեանի ու Արտակ Դարբինեանի կողքին։ Աւելցնենք, որ Պէյրութ գտնուած շրջանին որպէս երիտասարդ համալսարանական, կը դառնայ ատենապետը Բարեգործականի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան համալսարանականներու վարչութեան։ 1948-ի աւարտին կը վերադառնայ Գահիրէ ու կը ստանձնէ «Արեւ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ յաջորդ 10 տարիներուն ընթացքին։ Իր խմբագրութեան շրջանին հեռակայ մասնակցութիւն կը բերէ «Ապագայ»ին ու «Զարթօնք»ին։ Պէտք է ըսել, որ հայրենադարձութեան տարիներէն ետք, «Արեւ» օրաթերթը շարունակեց իր անսայթաք հրատարակութիւնը յարաբերաբար նօսրացած եգիպտահայութեան համար ու դարձաւ հայրենասիրութեան անշեղ ջատագովը։ Երախտաւորը իր խմբագրականներով դարձած էր փնտռուած հրապարակագիրը Միջին Արեւելքի գաղութներուն համար, մանաւանդ 1956-ին ծայր տուած եկեղեցական տագնապի շրջանին։ ՌԱԿ-ի մամուլի պաշտօնաթերթերուն լիցքաւորումը անկասկած իր շինիչ ու գործնական անդրադարձը կ՚ունենար, քանդիչ երկփեղկումէ հեռու պահելու եգիպտահայ գաղութը այդ օրերուն։ Պէրպէրեան իր մասնագիՇար. էջ 59

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը շնորհաւորենք մեր բարեկամները, մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

23

ºñáõë³Õ¿ÙÇ Ð³Û ºñÇï³ë³ñ¹³ó ØÇáõû³Ý (Ð.º.Ø.) 80-³Ù»³ÏÁ ¸àÎî. ØÆÜ²ê ¶àÖ²Úº²Ü

Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան եւ անոր հովանաւորութեամբ գործող Ժառանգաւորաց եւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի կողքին որպէս աշխարհիկ կազմակերպութիւններ եւ կամ միութիւններ, գոնէ վերջին հարիւրամեակին, սփիւռքի նաւուն ղեկը իրենց ձեռքը առած են Երուսաղէմի Հայ Բարեսիրական Միութիւնը («Բարեսիրաց», հիմնուած 1925-ին), ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը։ Վերջինիս գործունէութեան որակն ու ծիրը համեմատաբար աւելի զգալի եղած է անցեալին եւ այժմ։ 1937-ին էր, երբ քանի մը Սաղիմացի երիտասարդներ իրենց քսաններուն մէջ, ըսել է թէ ծնած էին ցեղասպանութենէն քանի մը տարիներ առաջ, պայծառ գաղափարը կ՚ունենան հիմնելու երիտասարդական միութիւն մը, որ ի մի հաւաքէր գաղափարակից, նմանօրինակ երազներով եւ յոյսերով լի երիտասարդներ, որպէսզի կազմակերպուին, դառնան մէկ բռունցք եւ գալիք սերունդները պատրաստեն հայրենիքին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ Պաղեստինահայ համայնքներուն զանազան ընկերային, մարզական ու մշակութային կարիքներուն օգտակար հանդիսանալու համար։ Տեսիլք ունեցող այդ երիտասարդներուն սիրտն ու հոգին էր Ընկ. Հայկազ Մխալեան, որուն անունը այսօր կ՚արտասանուի խոր յարգանքով ու երախտագիտութեամբ։ - Իբր գաղափար եւ մտայղացում եւ անոր ծնունդ տուող հանգամանքները պէտք է փնտռել այն բարոյա-հոգեբանական պայմաններուն մէջ, ուր հասակ սկսած էին առնել յետ-եղեռնեան հայութիւնն ու մեր գաղութը։ Հ.Ե.Մ.-ի հիմնադրութեան յղացումը եւ անոր յարատեւութիւնը կարելի պիտի չըլլար երեւակայել, եթէ չըլլար Սաղիմահայ մեծ երախտաւոր Ընկ. Հայկազ Մխալեան հայրենասէր մտաւորականը։ Ան էր որ գլուխը անցաւ այս միութեան եւ շնորհիւ իր վայելած վստահութեան ու համակրանքին՝ դարձաւ հայրը Հ.Ե.Մ.-ի։ Այդ պատիւը անյափշտակելի է իրմէ, որուն համար ան արժանացած է Սաղիմահայութեան խոր յարգանքին,- կ՚ըսէ Հ.Ե.Մ.-ի երկարամեայ անդամ եւ երկու շրջանի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան։ Հ.Ե.Մ.-ը չսահմանափակեց իր գործունէութիւնը Երուսաղէմի ու շրջակայ սրբավայրերու մէջ, այլ իր

Հիմնադիրներու կազմը, 1937 թ.

Հ.Ե.Մ.-ի հռչակուած երկսեռ փողերախումբը փորձի պահուն՝ Մայրավանքի մեծ բակին մէջ

մասնաճիւղերը ունեցաւ նաեւ Յոպէի (Եաֆա) եւ Հայֆայի մէջ մինչեւ արաբա-հրէական քաղաքացիական կռիւներու հետեւանքով վերջին երկու քաղաքներու հրէականացումը։ Խանդավառութիւնը մեծ էր ամէն կողմ եւ ամէն հայ երդիքի տակ։ Այդ խանդավառներէն մէկն էր երիտասարդ բանաստեղծ, ապա վարդապետ ու Պատրիարք Եղիշէ Տէրտէրեան (Եղիվարդ), որ հիմնադրութեան օրերուն կը գրէր իր յայտնի բանաստեղծութիւնը եւ որ շուտով կը դառնար Հ.Ե.Մ.-ի մաղթերգը։

Անդունդներէն տառապանքին, Ծնունդ աղուոր մենք պարմաններ, Նորոգելու ուխտն ենք ըրեր Գիրը ճակտին մեր դարաւոր, Զի թարմութիւնն ենք մենք այսօր։ Ի դէպ այս մաղթերգը մոգական ազդեցութիւն մը կ՚ունենայ այն բոլոր Սաղիմահայ Հ.Ե.Մ.-ականներու վրայ, որոնք, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին սարսուռ մը կ՚ապրին ու խոնաւ աչքերով աղօթքի ու շարականի պէս կ՚երգեն զայն, վասնզի անով մեծցած ու դաստիարակուած են անոնք։ - Ինծի նման շատերու համար հինգ-վեց տարեկանէն Հ.Ե.Մ.-ը եղած է մեր տունը, դպրոցը, հայրենասիրութեան դարբնոցը եւ մեր գաղափարներուն, ազգին ու եկեղեցիին ծառայելու հարազատ միջավայրը,- կ՚ըսէ Ընկ. Յակոբ Շէօհմէլեան՝ ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» ակումբի ներկայի ատենապետը։ Գայլիկ, սկաուտ, վարչական եւ ապա ատենապետ, Հ.Ե.Մ.-ը եղած է իմ հարազատ տունս եւ գուրգուրանքիս առարկան։ Հո՛ս է որ ես եւ

մեր տարեկիցները թրծուած ենք հայրենասիրական անսակարկ ոգիով՝ ազգին եւ մեր արժէքներուն շահերը դասելով ամէն բանէ վեր։ Խորունկ է պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամէն տարիքի Հ.Ե.Մ.-ականի սրտին ու հոգիին մէջ, որովհետեւ անոնք ուժգնօրէն կը հաւատան, թէ դպրոցին ու տունին չափ եւ թերեւս ալ աւելի՝ այս հարազատ յարկին տակ իրենք գտած են իրենց ինքնութիւնը։ Կը յիշեմ ամրան տաք երեկոյ մը, երբ պատանիները կը խաղային վանքին «մեծ բակին» մէջ, աղջնակներէն մէկը վիճաբանութեան մը ընթացքին ինքզինքէն ելած ուղղակի ճչաց. «Հո՛ս նայէ, ես Հ.Ե.Մ.ական եմ, հասկցա՞ր...»։ Իսկ քանի մը ամիսներ առաջ, երբ բացումը կը կատարուէր երիտասարդներու եւ արի-արենուշներու կողմէ նորոգուած պասքէթպոլի դաշտին, երիտասարդ համալսարանական ու գործօն անդամ Ընկ. Յակոբ Ճռնազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. - Աւստրալիա էի, ազգականներու եւ բարեկամներու մէջ. սկսանք խօսիլ Հ.Ե.Մ.-ի գործունէութեան մասին, անցեալն ու ներկան իրար խառնելով։ Այդ պահուն տանտէրը՝ խանդավառ Հ.Ե.Մ.-ական մը, ոտքի ելաւ, նախ բացատրեց մաղթերգին ամէն մէկ բառին իմաստը եւ ապա բոլորս միասին երգեցինք խոնաւ ու կարօտաբաղձ աչքերով։ 2017-ը յոբելենական տարի է, որուն մեծ շուքով կը պատրաստուին Երուսաղէմի եւ սփիւռքի տարածքին ապրող Հ.Ե.Մ.-ականները։ Այս պանծալի Միութիւնը պիտի դառնայ 80 տարեկան։ Եթէ մարդ արարածին համար այս տարիքը ծերութեան շրջանն է, այդպէս

Հ.Ե.Մ.-ի զինանշանը

րու, որոնք յոբելեաններէն ետք կրկին անգամ կ՚երիտասարդանան։ Հ.Ե.Մ.-ը կը պատկանի այդ վերանորոգուող ու վերընձիւղուող հաւաքականութեան, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած է այսօր Միութեան երկարամեայ նուիրեալ անդամ, բազմիցս վարչական եւ այժմ ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գալայճեան։ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի, Հ.Ե.Մ.-ի 80-ամեակին առթիւ գրած իր ողջոյնի խօսքին մէջ կ՚ըսէ. - Մարդկային պատմութիւնը, սիրելի Հ.Ե.Մ.-ականներ, մանկական հէքիաթներու հսկան է, եւ մարդկութիւնը` անոր ուսերուն նստած գաճաճը, որ կը փորձէ տեսնել հեռուն, ապագան: Ութսուն տարիներ ետք հէքիաթի գաճաճին նման, Հ.Ե.Մ.-ի ղեկավարները նստած պատմութեան ուսերուն, պարտին նայիլ հեռուն` դէպի փառայեղ հարիւրամեակ մը, բայց միշտ կառչած իրենց, հիմնադիրներու հայաշունչ ոգիին եւ ազնիւ սկզբունքներուն, հեռու նկարագրի խաթարող անձնական հաշիւներէ: *** Ստորեւ կը ներկայացնենք Սաղիմահայ բանաստեղծ եւ երկարամեայ կրթական մշակ, նուիրեալ ՀԵՄ-ական (իր եղբօր՝ Ընկ. Կարապետ Չափատարեանի նման) Նազարէթ Չափատարեանի «Ձօն»ը։

ՁՕՆ Հ.Ե.Մ.-ԻՆ Ծիլ մըն էիր երէկ Դուն, Այսօր՝ աճած սէգ կաղնի, Ու կը սընես օրն ի բուն, Մտքեր, յոյզեր պարմանի։ Դարձար ջահ մը լուսատու, Բեկորներուն հայութեան. Թախծութիւնը աչքերու Վերածեցիր բերկրութեան։ Զաւակներդ Սփիւռքի, Հաւաքեցիր յարկիդ տակ, Ու ջամբեցիր հոգիի Նոր կրակներ՝ սրտէդ տաք։ Հասակ առին սերունդներ Քու տեսիլքով սրբազան. Տարածեցին լոյս սերմեր, Անցան ծովեր ու ովկիան։ Քեզ կը մաղթեմ մի՛շտ վերելք, Հոսուն աւիշ յարաժամ, Որ մնաս Դուն ընդերկար, Տաս բիւր բերքեր քաղցրահամ։ Նազարէթ Չափատարեան Երուսաղէմ, 1987


Üáñ úñ

24 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

«Ø»ñ ÑáÕ³ÛÇÝ å³Ñ³Ýç³ïÇñáõÃÇõÝÁ ÙÇç³½·³ÛÇÝ Ñ³Ýñ³ÛÇÝ Çñ³õáõÝùÇÝ Ù¿ç» Ð»ÕÇݳϪ Ø»Ãñ ¶³ëå³ñ î¿ñï¿ñ»³Ý ²ôºîÆê º²öàôÖº²Ü Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը ծանօթ իրաւաբան մըն է, սակայն, ան առաւելաբար ծանօթ է հայկական հարցերու իրաւական տեսանկիւնէն դիտուած իր մեկնաբանութիւններով, որոնք նոր ուղիներ կը բանան Հայ Դատին հետապնդման ճամբուն վրայ: Եւ արդէն Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, ինքը կը պարզէ այս հատորին, այսպէս ասած՝ առաքելութիւնը, որ կը յստակացնէ Հայ Դատին հետապնդման ճանապարհին վրայ գտնուող բազում հարցերը: Այսպէս՝ «Այս գիրքին կեդրոնական առաջադրանքն է հեռու մնալ մեր ենթակայական ու զգացական մօտեցումներէն և նկատի ունենալ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հիմնական սկզբունքները, իրաւաքաղաքականօրէն ըմբռնելու համար Մեծ Եղեռնի տարողութիւնը, անկէ բխող մեր պահանջատիրութեան բովանդակութիւնը, և զայն հետապնդելու ուղիղ ճանապարհը»: Արդ, առաջին առթիւ ճշդելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ունեցած կորուստները, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան զանոնք կը թուէ մի առ մի, ինչ որ կ’ենթադրէ մեր պահանջատիրութեան ոլորտին տարողութիւնը: Բայց նախ տանք մեր կորուստներուն ցուցակը այնպէս, ինչպէս որ յստակացեցուցած է հեղինակը. «Ցեղասպանութեան լոկ մարդկային կորուստին կողքին, մենք կորսնցուցած ենք նաև՝ մեր հողերը, մեր մտաւորական ուժը, մշակութային ժառանգութիւնը, 21-45 տարիքի մեր աշխատունակ ու մարտունակ գործօն ուժերու ամբողջ սերունդ մը, մեր անշարժ ու շարժուն գոյքերն ու նիւթական խնայողութիւնները»: Այնուհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով, կը ցուցաբերէ անցեալ հարիւր տարիներուն ընթացքին մեր ցուցաբերած, ըսենք՝ անտարբերութիւնը Հայ Դատին իսկական բնոյթին հանդէպ, որ մեր հողային պահանջը պէտք էր որ ըլլար գլխաւորաբար, սակայն մենք մտանք սխալ ճամբու մը մէջ, որ չի կրնար մեզ առաջնորդել դէպի Հայ Դատին լուծումը. «Մենք 10 տասնամեակներու տեւողութեան, ժամավաճառ եղած ենք Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումներ մուրալով, և հասած ենք 2015 թուին, առանց պահանջելու Արեւմտահայաստանը»: Եւ որպէսզի կարենանք մեր դատը հետապնդել իրաւականօրէն, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան նախապայման կը նկատէ, համազգային բնոյթով կառոյցի մը գոյառումը, զոր ինք կը կոչէ «Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէս» (ՏԱՀՔ): Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի այս տեղին նկատողութիւնը առաջինը չէ որ կ՚ըլլայ, այլ՝ առողջ մտածողութեամբ գործող մեր բոլոր մտաւորականներուն ալ պահանջը նոյնը եղած է, սակայն անոնց այդ իրաւացի կոչն ու կանչը միշտ ալ մնացած է ձայն բարբառոյ յանապատի: Սակայն, երբ ամբողջ հայութիւնը, իր բոլոր հատուածներով, անհրաժեշտ կը գտնէ նման մարմինի մը գոյութիւնը, իրականութիւն չի դառնար և կը մնայ միայն որպէս բարի ցանկութիւն: Որովհետեւ, սկզբունքով բոլոր կողմերն ալ համաձայն են գործակցաբար աշխատելու, սակայն, երբ հարցը գործնականին կու գայ, անհամաձայնութիւնները անմիջապէս գլուխ կը բարձրացնեն, և գործակցաբար աշխատելու բարի կամեցողութիւնը ջուրը կը տանի... Այնպէս որ վստահօրէն կրնանք հաստատել, թէ ՏԱՀՔ-ը գոյութիւն առնելու բախտին երբեք պիտի չարժանանայ, եթէ պիտի սպասենք, որ բոլոր կողմերն ալ համաձայն գտնուին... Որովհետեւ, մենատիրական մոլուցքը իրենց թոյլ պիտի չտայ, որ կողմերը հաւասար գետնի վրայ գործակցաբար աշխատին... Որովհետեւ, յայտնի չէ, թէ ո՞վ պիտի նախաձեռնէ այդ համազգային մարմնին կազմութիւնը:

Կուսակցութիւննե՞րը, Հայաստանեայց Եկեղեցի՞ն, Բարեգործակա՞նը, կամ Հայաստանի Կառավարութիւնը, որ չի ճանչնար հայ ժողովուրդին հողային պահանջը, այլ՝ ընդհակառակը, կը մերժէ անոր այդ տեղին ու արդար պահանջը, երբ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը յայտարարէր. «Եթէ Թուրքիա ընդունի Ցեղասպանութեան իրականութիւնը և ներողութիւն մըն ալ խնդրէ, այնուհետեւ Հայաստան ուրիշ ոչինչ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն»: Այսպիսով, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը ժխտէ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները, մանաւանդ երբ կ’աւելցնէ. «Դուք կրնաք Ցեղասպանութիւն բառը չընդունիլ, բայց կոտորած մը եղած է: Սփիւռք կոչուածը այդ դէպքին հետեւանքով ծնունդ առած է: Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրաւական հարց մը չէ, այլ հայ ժողովուրդին համար արժանապատուութեան հարց է: Արդէն, Օսմանեան շրջանին այսօրուան Հայաստանը չկար ու Հայաստան չի կրնար այդ հողամասերուն ժառանգորդը ըլլալ»: Իսկ ներկայ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեանը, Թուրքիոյ հետ իր կնքած արձանագրութիւններով, կը համաձայնէր. «Երկու երկիրները պիտի վերահաստատէին իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը՝ սահմանուած միջազգային իրաւունքի համապատասխան պայմանագրերով», որուն համաձայն, Հայաստան միանգամընդմիշտ պիտի հրաժարէր որեւէ հողային պահանջէ: Ապա, կազմել «ենթայանձնախումբ մը, որուն նպատակն է անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութիւն պատմական փաստաթուղթերու և արխիւներու, առկայ խնդիրներու ձեւակերպման համար»: Ասոր հետեւանքով, Թուրքիա այլեւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որեւէ պարտաւորութենէ պիտի ձերբազատուէր: Հետեւաբար, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ է Հայ Դատին իրաւատէրը, որ ենթադրուած էր առաջին հերթին ըլլար Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը: Սակայն, ինչպէս տեսանք, ան կը ժխտէ Հայ Դատին արդարացիութիւնը: Այսպէս ուրեմն, կրկնեմ, երբ տարագիր Սփիւռքահայութեան բոլոր հատուածներն ալ անհրաժեշտ կը գտնեն մէկ և միասնական մարմնի մը կազմութիւնը, սակայն կառքը տեղէն չի շարժիր, առաջ չ՚ընթանար, անշարժ կը մնայ...

Ինչո՞ւ... Պարզ է: Որովհետեւ, կառքին անիւները... քառակուսի են: Իսկ ո՞վ կառքին անցուցած է այդ քառակուսի անիւները... Պարզ է՝ հատուածամոլութիւնը... Եւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարելով, կ’ըսէ. որովհետեւ` «Համահայկականութեան ոգիին նուաճումն ու Տարագիր Արեւմտահայութեան վերակազմակերպումը արգելակող հատուածամոլութիւնն ու մենատիրական կեդրոնախոյս մոլուցքը՝ միայն այսպիսի բաբելոնեան խանգարում մը կրնային յառաջացնել... իրենց «ազատութեան» անիշխանական ընկալումով»: Մեթր Գասպար Տէրտէրեան շատ իրաւամբ, անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ ՏԱՀՔ-ի կազմութեան «ընտրովի» ըլլալուն: Սակայն, ո՞վ պիտի կատարէ այդ ընտրութիւնները: Կուսակցութիւննե՞րը, Բարեգործակա՞նը, Հայաստանեայց Եկեղեցի՞ն, թէ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը: Ի՞նչ ձեւով պիտի կատարուի ընտրութիւնը: Բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց շարքերուն մէջէ՞ն պիտի կատարեն, թէ իրենք միայն իրենց թեկնածուները պիտի առաջադրեն և Տարագիր Արեւմտահայութիւնը այդ ցանկին վրայէն պիտի կատարէ ընտրութիւնը: Իսկ ո՞վ պիտի կազմէ այդ ցուցակը: Ի՞նչ հիման վրայ պիտի կազմուի այդ ցուցակը: Ապա, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը իր ներկայ խառնիճաղանճ և անկազմակերպ վիճակին մէջ, պիտի կարողանա՞յ ողջմիտ դատողութեամբ և անաչառ անկողմնակալութեամբ կատարել ընտրութիւնները, թէ ըստ սովորութեան, ամէն մէկը իր կառքը առաջ պիտի քշէ՝ յանգելու համար անել կացութեան մը... Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի համաձայն, Հայ Դատին իրաւատէրը Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է: Սակայն, ի՞նչ միջոցաւ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պիտի կարողանայ տէր կանգնիլ իր Դատին: Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ցոյց կու տայ օրինակը Պաղեստինցի ժողովուրդին, որուն մէկ և միակ համաժողովրդական ներկայացուցիչն էր Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւնը՝ «ՊԱԿ-ը, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովէն ստացաւ՝ Պաղեստինի ժողովուրդին միակ օրինական և լիազօր ներկայացուցիչի ճանաչումը՝ ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամի կարգավիճակով: (Յետագային) ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը ՊԱԿ-ը ճանչցաւ, այս անգամ՝ որպէս Պաղեստինի անկախ պետութեան լիազօր ներկայացուցիչը և Պաղեստին անկախ պետութիւնը ընդունեց՝ որպէս ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամ պետութիւն»: Նոյն կարգավիճակով, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը հաստատէ, թէ ՏԱՀՔ-ը պիտի ընդունուի ՄԱԿ-ի անդամ: Սակայն, ան կը հաստատէ նաև, թէ «Այս ճանապարհը երկար է՝ բայց կը սկսի ՏԱՀՔ-ի ստեղծումով միայն:» Արդ, եթէ ՏԱՀՔ-ը ՄԱԿ-ին դիմէ՝ անդամակցութեան համար, որեւէ կարգավիճակով, ՄԱԿ-ը պիտի ընդունի՞ երկու Հայաստաններու անդամակցութիւնը, թէկուզև անոնցմէ մին որպէս դիտորդ: Ապա, այս ըմբռնումով, ՏԱՀՔ-ը չի ճանչնար Արեւելահայաստանը՝ որպէս անկախ պետութիւնը համայն հայութեան, այլ՝ Արեւելահայութեան կառավարութիւնը միայն, որ իրաւունք չունի խօսելու Տարագիր Արեւմտահայութեան անունով, թէեւ արդէն, ինչպէս ըսի վերեւը, ներկայ անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը չի ճանչնար Տարագիր Արեւմտահայութեան իրաւունքները, որուն սեփականատէրն է ան, իրականութեան մէջ: Սակայն, Պաղեստինի ժողովուրդին և հայ ժողովուրդին միջեւ մէկէ աւելի էական և հիմնական տարբերութիւններ կան: Նախ, որ Տարագիր Պաղեստինցի ժողովուրդին բեկորները, իրենց բնակած երկիրներուն քաղաքացիները չեն,


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

25

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով, կ՚ողջունենք մեր հարազաներն ու բարեկամները, մաղթելով բոլորին յաջողութիւն ՏԻԿ. ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ

մինչդեռ, Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներէն իւրաքանչիւրը, իր բնակած երկրին քաղաքացիներն են, և հետեւաբար, ենթակայ՝ անոր օրէնքներուն, անոր քաղաքականութեան, անոր կողմնորոշման: Այդ երկիրներուն կառավարութիւններէն ոմանք բարեկամ կամ դաշնակից են Թուրքիոյ, առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները, ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի ունենան ՏԱՀՔ-ի թեկնածութեան առթիւ: Այստեղ կարելի է ակնկալել, որ ՄԱԿ-ը կրնայ ՏԱՀՔ-ը ճանչնալ հակառակ Միացեալ Նահանգներուն և Թուրքիոյ կամքին, ինչպէս որ եղած է ՊԱԿ-ի պարագային, սակայն, ի՞նչ երաշխիք կայ որ նոյն պատեհութիւնը ներկայանայ նաև ՏԱՀՔ-ի առթիւ: Հոս կրնայ առարկուիլ, որ ՄԱԿ-ի անդամներէն շատ շատեր ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնպէս որ անոնք կրնան թիկունք կանգնիլ ՏԱՀՔ-ի անդամակցութեան: Սակայն, տարբեր բան է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, սակայն բոլորովին տարբեր բան է հողային պահանջի մը զօրավիգ կանգնիլը: Ապա, Պաղեստինցի ժողովուրդը հայրենազուրկ, ազգային պետութենէ զուրկ ժողովուրդ մըն էր, որուն ՊԱԿ-ն էր մէկ և միակ կազմակերպութիւնը, և հետեւաբար, իր միակ ներկայացուցիչը: Մինչդեռ, հայութիւնը հայրենիք ունի և ազգային պետութիւն: Այս ձեւով, հետեւանքը պիտի ըլլայ գոյառումը երկու Հայաստաններու: Մին՝ Արեւելահայաստանը, իմա՝ ներկայ Հայաստանը, իսկ միւսը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան հայրենիքը՝ Արեւմտահայաստանը, երբ կարելի ըլլայ զայն ձեռք ձգել... Այնուհետեւ, ՊԱԿ-ը Տարագիր Պաղեստինցիներուն մէկ և միակ ներկայացուցիչն է: Մինչդեռ, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ունի բազմաթիւ և բազմատեսակ կազմակերպութիւններ, որոնք ունին հակոտնեայ և խայտաբղէտ գործունէու-

թիւն: Միւս կողմէ, դարաւոր փորձառութիւնը, զոր ունեցած է հայ ժողովուրդը, այն եղած է, թէ որեւէ ակնկալութիւն չի կրնար ունենալ Արեւմտեան մեծ պետութիւններէն, որոնք իրենց սեփական շահուն համար, միշտ ալ հայ ժողովուրդը գործածած են որպէս մանր դրամ՝ Թուրքիայէն առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու համար: Հայ ժողովուրդին միակ բարեկամը եղած է, ինչպէս որ պատմական փորձառութիւնը ցոյց տուած է, միայն ու միայն Ռուսաստանը, ոչ թէ հայ ժողովուրդին սեւ աչքերուն համար, այլ պարզապէս որովհետեւ, իր շահերը միշտ և մինչեւ այսօր, եղած են համապատասխան հայ ժողովուրդին շահերուն: Արդ, յոյս դնել Արեւմուտքի մեծ պետութիւններուն վրայ, թէ ՏԱՀՔը պիտի ընդունին որպէս Արեւմտահայութեան իրաւասու ներկայացուցիչ, տարակուսելի է, այնքան ատեն, որ անոնց շահերը կը համապատասխանեն Թուրքիոյ զաւթողական շահերուն, և խոտոր կը համեմատին հայ ժողովուրդին շահերուն հետ: Հետեւաբար, միայն զէնքի ուժն է, որ պիտի կարենայ լուծել Հայ Դատը, իսկ զէնքի ուժը՝ Հայաստանը չունի և երբեք ալ պիտի չկարենայ ունենալ, հետեւաբար, հայ ժողովուրդին կը մնայ ապաւինիլ մեծ պետութեան մը օգնութեանը: Այդ մեծ պետութիւնը կրնայ ըլլալ միայն Ռուսաստանը, որ սակայն, եթէ զէնքի ուժի դիմէ, այդ պարագային կը ծագի համաշխարհային պատերազմը, բան մը՝ որմէ ամէն կերպ կը խուսափի Ռուսաստանը, շատ արդարացիօրէն և իրաւացիօրէն: Ուրեմն, հայ ժղովուրդին կը մնայ համբերութեամբ սպասել այն պատեհութեան, երբ Ռուսաստանը պիտի կարենայ իր զէնքին ուժով ազատագրել Արեւմտահայաստանը: Իսկ թէ ինչո՛ւ Արեւմտահայութեան հողային դատը հարիւր տարի անտեսուած մնաց, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը հաստատէ. «Հաւան-

օրէն, մեր հարիւրամեայ մոռացումը Արեւմտահայաստանի հողային դատին, հետեւանքն էր այն պատմական փաստին, երբ Դաշնակցութիւնը վերջնականապէս դուրս եկաւ Արեւելահայաստանէն, և Սփիւռքը պառակտուեցաւ՝ երկու հակադիր ճակատներու, Սովետահայաստանի ՀԵՏ և անոր ԴԷՄ, Դաշնակցութեան համար Հայ Դատը վերածուեցաւ Սովետ Հայաստանը «ազատագրելու» դատի, իսկ հակառակորդ ճակտին համար, Սովետ Հայաստանի պաշտպանութիւնը դարձաւ հիմնական դատը, և երկու ճակատներն ալ մոռցան Արեւմտահայաստանի հողային դատը և բաւականացան Ցեղասպանութեան ոճիրին լոկ բարոյական ճանաչումին պահանջատիրութեամբ»։ Այնուհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը մէջբերէ մի ոմն Կարէն Միքայէլեանի կազմած «Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդ»ը, որ արդէն համաձայնութիւն գոյացուցեր է Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան հետ, որպէսզի միասնաբար գործակցին... Ի՞նչ սկզբունքի վրայ հիմնուած է այդ համագործակցութիւնը, ի՞նչ նպատակի շուրջ անոնք պիտի համագործակցին... Անյայտ է... Սակայն, հարցը այդ չէ, հարցը այն է, որ պատահական մարդիկ կը յաջողին «միութիւն»ներ, «խորհուրդ»ներ, «յանձնախումբ»ներ «կազմել», մինչ Սփիւռքի տարածքին սունկի նման կը բուսնին Հայ Դատի ամուլ Յանձնախումներ, կամ Հայ Իրաւանց նոյնքան ամուլ Խորհուրդներ, սակայն, Սփիւռքահայութիւնը չի կրնար, չի յաջողիր մէկ ու միակ միասնական համահայկական կառոյց մը կեանքի կոչել, հակառակ բոլոր կողմերուն բարի կամեցողութեան և պատրաստակամութեան... Ինչո՞ւ... Կը կրկնեմ՝ որովհետեւ, Հայ Սփիւռքը կը տառապի հատուածամոլութեան ախտով...։ (Մնացեալը յաջորդ թիւով)


26

Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

Նորանոր ամեակներ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, մաղթելով անոր փայլուն յաջողութիւններ իր առաքելութեան մէջ։ Բարեբեր խաղաղութեան տարի մը իր պատասխանատուներուն եւ ընթերցողներուն ՏՈՔԹ. ՄԱՐԱԼ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆԱՆՃԱՐԿՕԼԵԱՆ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով, կ՚ողջունենք մեր հարազատներն ու բարեկամները, մաղթելով բոլորին յաջողութիւն ՏՈՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

27

¶ñ³ËûëáõÃÇõÝ

ØÇñ½³ ²ïÇÏ¿û½³É-ä¿Ï, «Ô³ñ³µ³Õ-ܳٿ» ²ß˳ï³ëÇñáõû³Ùµ ²ñï³Ï سճɻ³ÝÇ «¼³Ý·³Ï» Ññ³ï³ñ³ÏãáõÃÇõÝ, ºñ»õ³Ý, 2016, 164 ¿ç ¶¾à𶠺²¼ÀÖº²Ü Գրախօսուող գիրքը տպագրուած է արցախեան ճակատներուն վրայ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն՝ Հ. Հ.-ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդին որոշմամբ: Խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Մալխասեանը: Հրատարակութիւնը նախատեսուած է պատմաբաններուն, արեւելագէտներուն եւ ընթերցող լայն հասարակայնութեան համար: Սոյն գիրքով հրատարակուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ պահպանուող թիւ 4463 ձեռագիրը, որ այսօր ատրպէյճանցի կոչուող հանրոյթին պատկանող գրագիր Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի հեղինակածին գրաբար թարգմանութիւնն է: Ան կը ներկայացնէ Արցախին եւ յարակից տարածքներուն մէջ 1730-1820-ական թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար՝ Ղարաբաղի խանութեան կազմաւորումն ու հզօրացումը Խամսայի հայկական մելիքութիւններու թուլացման հաշուին, Ղարաբաղի Փանահ, Իպրահիմ եւ Մեհտի-Ղուլի կոչուած խաներուն նենգ եւ խաբեպատիր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մեծ մասամբ թրքացեղ միւս կառավարիչներուն՝ Նախիջեւանի, Գանձակի, Շաքիի, Շիրվանի, Նուխիի, Պաքուի խաներուն եւ Վրաստանի թագաւորներուն նոյնպիսի քաղաքականութիւնները, ռուսպարսկական մրցակցութիւնը եւ անոնց՝ տարածաշրջանին տիրելու կամ տիրութիւնը պահպանելու համար մղած պատերազմները: Անցքերուն պատումը կը սկսի 1736 թ. Նատիր շահի գահակալութեամբ եւ կ’ընդգրկէ գրեթէ հարիւր տարի՝ աւարտելով 10 (22) Փետրուար 1828-ին Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ կնքուած Թիւրքմէնչայի հաշտութեան պայմանագիրով, որով հաստատուեցան այն սահմանները, որոնք, շատ քիչ փոփոխութիւններով, կը գոյատեւեն առ այսօր: Աշխատասիրող Արտակ Մաղալեանը Արցախի 17-19-րդ դարերու պատմութեան մեր լաւագոյն մասնագէտ պատմաբաններէն է այսօր: Ան արդէն հրատարակած է քանի մը մենագրութիւն, նաեւ լոյս ընծայած բազմաթիւ գիտական յօդուածներ հայրենի եւ սփիւռքեան հայագիտական հանդէսներու ու ժողովածուներու մէջ: Գրախօսուող գիրքին սկիզբը ան հրատարակած է գիտական ներածութիւն մը՝ «Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի «ՂարաբաղՆամէ» Աշխատութիւնը» վերնագիրին տակ (էջ 3-32), որու սկիզբը ան կը ներկայացնէ հեղինակին կենսագրութիւնը: Միրզա Ատիկէօզալը 1799-ին ծառայութեան մտած է վրաց արքունիքին մէջ, ապա ան-

ցած տարածաշրջանին մէջ թափով յայտնուած ռուսերուն ծառայութեան, մասնակցած 1804-1813 եւ 1826-1828 թթ. ռուս-պարսկական պատերազմներուն՝ իբրեւ գրագիր ռուսական զօրամասերուն մէջ: Ռուսերուն հաւանութեամբ, 18161822-ին գտնուած է Ղարաբաղի Մեհտի-Ղուլի խանի ծառայութեան մէջ՝ մինչեւ վերջինիս հերթական դաւաճանութիւնը ռուսերուն եւ փախուստը դէպի Պարսկաստան 1822-ին: 1823-1826-ին եղած է ռուսական բանակի կազմին մէջ Արցախի սահմանապահ ուղեկալներէն մէկուն հրամանատարը: 1829ին կամ 1830-ին զօրացրուած է եւ իբրեւ գրագիր աշխատած Ղարաբաղի գաւառական դատարանին մէջ: 1845-ին հեղինակած «Ղարաբաղ-Նամէ»-ն ան գրած է ռուսերուն պատուէրով՝ անոնց համար ամփոփելով 1730-1820-ական թուականներու անցքերը Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ: Այնուհետեւ Արտակ Մաղալեանը կ’անդրադառնայ աշխատութեան հայերէն թարգմանութեան առնչուած հարցերու: Կը պարզուի, որ նախապէս հայերէնով լոյս տեսած են այս պատմական սկզբնաղբիւրի միայն 7-րդ եւ 8-րդ գլուխները՝ Ռուզան Տիտանեանի կազմած «Հայկական Աղբիւրները Աղա Մուհամմատ Խանի Անդրկովկասեան Արշաւանքների Մասին» գիրքին մէջ (Երեւան, 1981), ինչպէս նաեւ իր՝ Ա. Մաղալեանի հրատարակութեամբ՝ երկին առաջին երեք գլուխները Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 2011-ի թիւին մէջ: Սոյն գիրքը երկի հայերէն ամբողջական առաջին հրատարակութիւնն է: Ներածութեան մնացեալ մասը նուիրուած է բուն երկի արժեւորման, թէեւ կառուցուածքային առումով աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ներածութեան վերջին էջերը, որոնք կը վերաբերին երկի՝ ուրիշ լեզուներով հրատարակութիւններուն, տեղափոխել հայերէն հրատարակութեանց մասին գրութենէն անմիջապէս ետք: «Ղարաբաղ-Նամէ»-ն առաջին անգամ լոյս տեսած է ռուսերէն թարգմանութեամբ, 1950-ին, Պաքուի մէջ: Այդ թուականներուն արդէն իրենք իրենց ատրպէյճանցի կոչող այս ջոլիրին պատկանող «գիտնական»ները չէին կրնար դաւաճանել իրենց էութեան եւ խեղաթիւրումներու չդիմել: Անոնք Ատիկէօզալի շարադրանքին մէջ կատարած են ձեռնածութիւններ, աւելի ստոյգ՝ «մի շարք կրճատումներ եւ բացթողումներ». «հիմնականում կրճատուել են հայութեանն ու հայ գործիչներին վերաբերող տեղեկութիւնները»,- կը գրէ Ա. Մաղալեանը (էջ 29): Այս հայերէն հրատարակութեան մէջ տպուած են այդ զեղչուած հատուածները, որոնց պարզ քննութիւն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ատր-

պէյճանցի պատմակեղծարարները ռուսերէն հրատարակութենէն հանած են հայոց քաջագործութիւնները եւ իրենց նախնիներուն վայրագութիւնները նկարագրող շատ հատուածներ, երբեմն՝ նոյնիսկ ամբողջ էջեր (եւ ըսել թէ այս բոլորը կը կատարուէին սովետական կոչուող պետութեան մէջ, ուր իբրեւ թէ կը գերիշխէին ժողովուրդներու բարեկամութիւնն ու արդարութիւնը…): Երկը ատրպէյճաներէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է… 1989-ին՝ «Ղարաբաղնամէլեր» երկհատորեակի առաջին հատորին մէջ, որ, ինչպէս դիպուկ կերպով նկատել կու տայ Արտակ Մաղալեանը, հրատարակուած է «Ղարաբաղեան հիմնահարցի սրման շրջանում եւ կրում է ակնյայտ քարոզչական բնոյթ» (էջ 30): Երկի անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է եւ զայն 2004-ին Քալիֆորնիոյ Քոսթա Մեսա քաղաքին մէջ հրատարակած է ամերիկահայ հայագէտ Ճորճ Պուռնութեանը՝ Պաքուի 1950 թուականի եղծուած հրատարակութեան հիման վրայ՝ բացթողումները փորձելով լրացնել բռնի իսլամացուած հայազգի պատմագիր Միրզա Եուսուֆ Ներսէսովի «Թարիխ-է Սաֆի» («Ճշմարտացի Պատմութիւն». հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 2000-ին, Քրիստինէ Կոստիկեանի աշխատասիրութեամբ) երկի հաղորդած տեղեկութիւններով, ինչի պատճառով, Ա. Մաղալեանի համոզմամբ, անգլերէն թարգմանութիւնը «անխուսափելիօրէն հեռացել է երկի բնագրից» (էջ 31): Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի «Ղարաբաղ-Նամէ» աշխատութեան բովանդակութեան իր գնահատականին մէջ, Արտակ Մաղալեանը իրաւացիօրէն կը գրէ, թէ քոչուոր ճիւանշիր ցեղի սարըճալու ճիւղի ցեղապետ, աւազակ Փանահի Արցախի մէջ յայտնուելով, հայոց հայրենիքի այդ հատուածին մէջ «սկսուեց այլացեղ եւ այլակրօն էթնիկ տարրի ներթափանցումը» (էջ 15), ինչին, իր աւատապետական գձուձ հաշիւներով նպաստեց Վարանդայի մելիք, մայրը թրքուհի Մելիք Շահնազար Բ.-ը: Այս ծիրին մէջ, Ա. Մաղալեանը կ’անդրադառնայ ՅՈՅԺ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ փաստի մը, որու մասին թէ՛ ինք եւ թէ՛ այս տողերը գրողը քանի մը անգամ բարձրաձայնած են նախորդ տարիներուն, սակայն լսող ականջներ չեն գտած Հ.Հ.-ի եւ Լ.Ղ.Հ.-ի պետական եւ հայագիտական շրջանակներուն մէջ: Արդարեւ, հայկական միջավայրին մէջ յայտնուած են կերպարներ, որոնք բացայայտօրէն կը պաշտպանեն այս դաւաճան մելիքին անգոյ «պատիւ»ը՝ անոր վարքագիծը ներկայացնելով իբրեւ «դիւանագիտութիւն», նոյնիսկ, չզարմանաք, այլացեղ այս խաժամուժին ներկրումով Արցախի ան-

կախութիւնը հզօրացնելու խելամիտ քաղաքականութիւն…: Ա. Մաղալեանը այս վարքագիծը կը բնութագրէ «պարզունակ պատմաշինարարութիւն» (էջ 11), մինչդեռ զայն պէտք է յստակօրէն կոչել ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ. դաւաճաններ արդարացնելն ու անոնց շուրջ լուսապսակ հիւսելը նոյնպէ՛ս դաւաճանութիւն է, եւ մեր օրերու եւ յետագայի հաւանական դաւաճանութիւններու «արդարացման» փորձ՝ «դիւանագիտութիւն» լպրծուն հասկացութեան տակ ծածկելով: Իսկ որո՞նք են լծուած այդ անշնորհակալ գործին: Ա. Մաղալեանը անոնց անունները կու տայ էջատակի ծանօթագրութեամբ՝ նշելով անոնց մականուններն ու անուան առաջին սկզբնատառերը, որու պատճառով անոնց ինքնութիւնը մինչեւ վերջ չի բացայայտուիր, մինչդեռ անոնք արժանի են յականէ յանուանէ գամուելու անարգանքի սիւնին: (Մնացեալը յաջորդ թիւով)


Üáñ úñ

28 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016 гÛñ»Ý³Ï³Ý îå³õáñáõÃÇõÝÝ»ñ

ì»ñ³ÙáõïÇ ³é³çÇÝ ½³Ý·Á ºñ»õ³ÝÇ Ð³Û ²õ»ï. Êáñ¿Ý »õ Þáõß³ÝÇÏ ²õ»ïÇë»³Ý ¹åñáó¿Ý Ý»ñë ²ð²Ø êºöºÂÖº²Ü Հայրենիքի ամբողջ տարածքին, դպրոցական նոր տարեշրջանը աւետող Առաջին Զանգի արարողութեան պահն է: Սեպտեմբեր 1, 2016: Օրը՝ Հինգշաբթի առաւօտ: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերութեան հովանաւորութիւնը վայելող Երեւանի «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կենտրոն» նորակառոյց ու շքեղ համալիրէն ներս կը տիրէ համընդհանուր ցնծալից պահ մը՝ բառին հոգեկան եւ իմացական զոյգ առումներով: Արդարեւ, աւելի քան 500 երկսեռ աշակերտութիւն, իրենց տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, առաւել՝ պաշտօնական հիւրեր եւ հրաւիրեալներ կ՚ապրէին դպրոցական վերամուտի օրուան ուրախառիթ խորհուրդը: Առաջին այցելութիւն մը նորակառոյց այս համալիրին, կը թողու անջնջելի տպաւորութիւն մը՝ լի հիացումի եւ գնահատանքի բարձր տպաւորութեամբ: Դպրոցաշէնքը՝ իր արդիական մասնաբաժիններով ու յարմարութիւններով, կը համապատասխանէ շինարարական արուեստի ամէն կարգի առաջնակարգ պայմաններուն: Վայրը,- որ ընտրուած է բարերար ընտանիքի բաղձանքով,- կը գտնուի մայրաքաղաքի ՄալաթիաՍեբաստիա շրջանէն ներս, յատկապէս համեստ կենսամակարդակի ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն անվճար ուսում ջամբելու յանձնառութեամբ: Երեւոյթ մըն է այս՝ մեծապէս գնահատելի եւ ազգօգուտ, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին վիճակուած տնտեսական ներկայ անձուկ պայմանները։ Դպրոցը հիմնուած է 20 Սեպտեմբեր 1999-ին, 99 տարուան անվճար վարձակալումով մը՝ հին դպրոցաշէնքի մը օգտագործումով: Շուրջ 15 տարի, այս համեստ պայմաններէն մեկնելով եւ ընդառաջելով ուսումնատենչ աշակերտներու հոսքին, նոյն քաղաքամասի մօտակայ մէկ վայրին մէջ, 2012-2014ին կը կառուցուի նոր համալիր մը՝ յաւելումովը «Գրիգոր եւ Պէաթրիս Պիլեզիկեան» մասնաշէնքին: Արդարեւ, իբրեւ սփիւռքահայ այցելու, անկարելի է անխառն գոհունակութեամբ ու գնահատանքով չդիտել այս մեծ իրագործումը՝ կատարուած ամերիկահայ բարերար ու նուիրատու անհատներու կողմէ, հովանաւորութեամբ ու վարչական տնօրինութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան: Վերոյիշեալ իրագործումը պիտի չարդարացնէր ինքզինք, եթէ ուղիղ համեմատութեամբ մը չունենայինք ուսումնատենչ աշակերտութիւն եւ նոյնքան երախտաշատ՝ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին 15 տարիներու տքնաջան աշխատանքով իրենց վայելած բարոյական հեղինակութիւնը: Տնօրէնուհին՝ Մելանիա Գեղամեան (Տիկին Մարտոյեան) Մանկա-

վարժական գիտութիւններու թեկնածու է եւ դափնեկիր Հ.Հ. Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յուշամետալին՝ իբրեւ լաւագոյն տնօրէնուհի (Հոկտ. 2004 թ.): Թէեւ անծանօթներ էինք նախապէս, սակայն Սփիւռք Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հետ իրենց ունեցած համագործակցութիւնը առիթ ընծայեց, որ մեր քայլերը ուղղուին դէպի Խ. եւ Շ. Աւետիսեան դպրոց, եւ իբրեւ սփիւռքահայ գրող մեր խօսքը արտասանենք 2016-2017 դպրոցական տարեշրջանի Առաջին Զանգի առիթով: Արդարեւ, Դպրոցին բակէն ներս կը տիրէր հոգեկան բերկրանքի երջանիկ ժամ մը: Բացման առիթով արտասանուած խօսքերը գեղարուեստական փոքր հանդիսութեան մը կը վերածէին պահը, մանաւանդ՝ երբ տնօրէնուհին շեշտեց կարեւորութիւնը հայրենի ներկայ իրականութեան, անկախ Հայաստանի 25-ամեայ մաքառումներուն ու նուաճումներուն, ու նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան վսեմ գործին: Ապա՝ տուաւ ազդանշանը Առաջին Զանգին: Օրուան խորհուրդին շուրջ, աշակերտութեան իր ողջոյնի խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ տողերս գրողը, որ կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.ա.- Անկախութեան 25-ամեակի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, իբրեւ հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ. բ.-Սփիւռքահայ բարերարներու անսահման սէրն ու գուրգուրանքը,այս պարագային՝ ամերիկահայ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն, եւ յարակից միւս բարերարներու, նուիրատուներու եւ Հոգաբարձու մարմիններու, որոնց շնորհիւ ամէն տարի բազմահարիւր աշակերտներ կ՚ուսանին այս վարժարանէն ներս: գ.- Կառչիլ հայրենի հողին սրբութեան: Տասնեակ տարիներ ետք, ապագայի այս սերունդն է, որ տէր պիտի կանգնի Հայաստան աշխարհին: Ձեր ստացած ուսումը, ապա՝ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները ուր պիտի շարունակէք ձեր համալսարանական կրթութիւնը, մեր երկիրը պիտի վերածեն այնպիսի հայրենիքի մը, որուն պիտի ուղղուին աչքերն ու քայլերը Սփիւռքի մեր տարագիր զաւակներուն: Շնորհաւոր վերամուտ եւ յաջող տարի մը բոլորիդ: *** Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, աշակերտներ ուրախ մթնոլորտի մէջ խումբ առ խումբ ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները, ի բաց առեալ երէց կարգերու սան-սանուհիներէն, որոնց համար նախատեսուած էր յատուկ ծրագիր մը,- մտորումներ օրուան խորհուրդին շուրջ,- իբրեւ շարունակութիւն բացօթեայ շրջափակէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան: Յարգարժան տնօրէնուհին, հան-

գամանօրէն կարեւորեց սփիւռքահայութեան կատարած նիւթաբարոյական ներդրումները հայրենի իրականութեան մէջ, մանաւանդ այս վարժարանի պարագային՝ երբ ամերիկահայ բարերարներու եւ հովանաւորներու ամբողջանուէր աջակցութեան շնորհիւ ծնունդ առած է եւ կանգուն կը մնայ կրթական այս հաստատութիւնը: Ապա՝ ներկայացուց կրկին օրուան հիւրբանախօսը, որ իր խօսքը ուղղէ երէց աշակերտներուն՝ որոնք յառաջիկայ տարիներուն մաս պիտի կազմէին Հայաստանի Հանրապետութեան բազմահազար համալսարանական ուսանողութեան մեծ բանակին: Այնտեղ արտասանուած բանաւոր խօսքս, կ՚ուզեմ ամփոփել հետեւեալ տողերուն մէջ.«Նախ կ՚ուզեմ յայտնել շնորհակալ զգացումներս վարժարանիս տնօրէնութեան, որու հրաւէրին ընդառաջելով կը գտնուիմ ձեր ներկայութեան, սփիւռքահայ մարդու սրտի խօսքս ուղղելու երէց դասարաններու աշակերտութեան: Յարգանք ու սէր ձեր հայրերուն, որոնք տէր կանգնեցան մեր պապենական հողերու այս մէկ-տասներորդ մասունքին, եւ ձեր սերունդը արիաբար պիտի պաշտպանէ սրբութիւնը հայրենի հողին, ինչպէս պատահեցաւ դեռ երէկ՝ Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Անշուշտ, գիտէք թէ՝ սփիւռքահայութեան թուաքանակը քառապատիկն է Հայաստանի հայ ազգաբնակչութեան: Դժբախտաբար, տխուր է ապագան արտերկրի հայութեան, որ գերմարդկային ճիգերով, հոսանքն ի վեր թիավարելով կը պայքարի յանուն իր ինքնութեան պահպանումին: Այս նպատակով էր, որ ձեր դպրոցին բարերարները՝ ամերիկահայ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու զաւակները հիմնեցին կրթական այս համալիրը Երեւան մայրաքաղաքի ՄալաթիաՍեբաստիա շրջանին մէջ, յանուն իրենց հանգուցեալ ծնողաց անմեռ յիշատակին: Այսօր, Սեպտեմբեր 1-ին, երբ Հայաստանի ամբողջ տարածքին մեր դպրոցներու դուռները լայնօրէն կը բացուին բազմահարիւր հազարներով ուսումնատենչ աշակերտներուն դաստիարակութիւն ջամբելու համար, եկէք, օրուան իբրեւ բնաբան առնենք ու միասնաբար արտասանենք շուրջ երեք հազարամեակ մը առաջ սաղմոսերգու Դաւիթ Մարգարէին հետեւեալ յաւերժախօս պատգամը. «Առաքեա մեզ Տէր զլոյս քո եւ զճշմարտութիւն քո...» ինչու՝ որպէսզի մեզ առաջնորդեն եւ բարձրացնեն դէպի իր սրբազան լեռներն ու յարկերը: ԼՈՅՍ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ: Այս վարժարանը, եւ ասոր նմանօրինակ բոլոր վարժարանները հիմնուած են Լոյսի ու ճշմարտութեան ուսուցման համար: ԼՈՅՍ՝ իր հոգեւոր, իմացական եւ առարկայական եռեակ իմաստներով: ՃՇՄԱՐՏՈՒ-

ԹԻՒՆ՝ դարձեալ իր եռեակ իմաստներով: Ուրեմն, դասարանային ձեր բոլոր գիրքերէն ստացած եւ ստանալիք գիտելիքներուն ՄԱՅՐն է Լոյսն ու Ճշմարտութիւնը եւ դուք ձեր աչքերը պիտի յառէք այս սրբազան պատգամին: Ձեր սերունդին կը մաղթեմ Գիտութեան Լոյսի անսպառ բարիքներուն ընկալումը վերածել առարկայական լուսաւորութեան: Բացատրեմ միտքս: Գիշերային մութն ու խաւարը մենք կը լուսաւորենք ելեկտրական հոսանքի ստեղծումով եւ անոր օգտագործումով: Աւանդոյթ դարձած ելեկտրականութիւնը ըլլալով մեծածախս, անոր գործածութիւնը կը կատարենք խնայողաբար, որու պատճառով նոյնիսկ՝ մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող շրջաններու, վայրերու, գիւղերու բնակիչները մասամբ կը զրկուին անոր բարիքներէն: Մանաւանդ, հեռաւոր մարզերէն դէպի Երեւան հոսող մայրուղիները գիշեր ատեն անհրաժեշտօրէն կարիքն ունին լուսաւորումի: Դուք, իբրեւ աշակերտները այս վարժարանին, քաջատեղեակ էք, որ ամբողջ լուսաւորումը այս համալիրին, արդիւնք է արդի գիտութեան շնորհած բարիքներուն, այսինքն, արեգակնային ելեկտրուժի (solar energy) դրութեան, որ մեծապէս կը նուազեցնէ վարժարանիս պարտադիր ծախսերը: Ուրեմն, սիրելի աշակերտներ, ձեր դպրոցէն սկսելով, կոչ կ՚ուղղեմ Հայաստանի բոլոր դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսանողութեան, որպէսզի գիտնան իսկական եւ ամբողջական իմաստն ու բարիքը ԼՈՅՍԻ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ: Արեւաշող երկիր մըն է մեր հայրենիքը: Օգտուինք աստուածային այս պարգեւէն եւ ոչ մէկ հայ զրկուի անոր բարիքէն: Գիտէ՛ք անշուշտ, հայերէն լեզուն որքա՛ն հարուստ է իր բառագանձով: Առնենք «պատուհան» եւ «լուսամուտ» բառերը: Պատ-ու-հանը պատին վրայ բացուածք մըն է, որ ցերեկին բնութեան լոյսով կ՚օժտէ մեր սենեակները: Այս պարագային, մենք զայն կը կոչենք «լուսամուտ»՝ բայց ոչ՝ պատուհան. եւ այդ բառը կը վերապահենք միայն այլապէս օգտագործուող «բացուածք»ներու: Իմ բաղձանքս է, որ ձեր ՄԻՏՔին ու ՀՈԳԻին լուսամուտները մշտապէս բաց ըլլան ընդունելու համար «Լոյսն ու ճշմարտութիւնը»: Դուք էք ԱՊԱԳԱՆ Հայաստանի: Երբ «դուք» կ՚ըսեմ, խօսքս կ՚ուղղեմ Հայաստանի ամբողջ երիտասարդութեան: Կեցցէ՛ք դուք: Իսկ մեր Հայրենիքին կը մաղթենք անամպ ու խաղաղ երկինք, անվտանգ սահմաններ, յաղթական նուաճումներ՝ միշտ ի բարօրութիւն հայրենի ժողովուրդին»: *** Շնորհակալ զգացումներով ու քաղցր յիշատակներով հրաժեշտ կ՚առնեմ հայրենաշունչ այս կրթական համալիրէն:


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

29

â³ñÃÁñ í³ñųñ³ÝÝ»ñáõ ³ÛÉÁÝïñ³ÝùÁ ²Ù»ñÇϳÛÇ Ñ³ÛÏ³Ï³Ý ÏñÃ³Ï³Ý Ñ³ëï³ïáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ Ñ³Ù³ñ ¸àÎî. Úàìê¾ö Âàðàêº²Ü Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական դպրոցները, ինչպէս սփիւռքի այլ դպրոցներ, կը դիմագրաւեն նիւթական դժուարութիւններ: Չափազանցութիւն չէ ըսել, որ իսկական մարտահրաւէրի կը վերածուի արդէն ոչ թէ կրթական բարձր մակարդակ ապահովելը, այլ դպրոցի նիւթական ինքնաբաւութիւնը: Հայկական վարժարաններու տնօրէններու եւ հոգաբարձութիւններու մեծագոյն մտահոգութիւնը կը մնայ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը: Բոլորին յայտնի է, որ աշակերտներու վճարած կրթաթոշակներով, առաւել՝ տրամադրուած զեղչերով, կարելի չէ հաւասարակշռել սփիւռքահայ որեւէ վարժարանի պիւտճէ: Միացեալ Նահանգներու մէջ միջին հաշուով իւրաքանչիւր աշակերտի համար պետական դպրոցները կը տրամադրեն 10,000 ամ. տոլար: Ոչ պետական դպրոցներու տարեկան կրթաթոշակի գիները կը տարուբերին 20,000-էն 40,000 տոլարի միջեւ: Իսկ հայկական դպրոցներու միջին տարեկան կրթաթոշակը 3000-էն 6000-ի (9000 – Խմբ.) միջեւ է: Եւ այս, առանց նկատի ունենալու նիւթապէս անապահով ընտանիքներու անխուսափելի զեղչերը: Թիւերու այս հսկայական տարբերութիւնը, բնականաբար պիտի ազդէ հայկական վարժարաններու ուսումնական բարձր մակարդակ ապահովելու խնդրի լուծմանը եւ հանգեցնէ դժուար որոշումներ կայացնելու երկընտրանքին առջեւ: Շարունակե՞լ բախել նուիրատուներու դռները: Շարունակե՞լ մեծագումար զեղչերու տրամադրումը: Ինչպէս շարունակել պահել կարող ուսուցիչներ կամ տնօրէններ միջինէն ցած աշխատավարձերով: Մինչեւ երբ շարունակել հսկայական ջանքեր գործադրել հաւասարակշռելու ամէն տարի գոյացող եւ հետզհետէ ուռճացող պիւտճէական բացերը: Իսկապէս քուն փախցնելիք հարցեր: Այստեղ պէտք է հաստատեմ, որ մեր բոլոր դպրոցներու պատասխանատուները մեծապէս գնահատելի զոհողութիւններով տակաւին կը դիմադրեն, շարունակելով բաց պահել հայկական դպրոցները:

Չարթըր Դպրոցներու Տարբերակը

Իմ 17 տարուայ հայկական չարթըր դպրոցի մէջ պաշտօնավարումս, նաեւ այս ուղղութեամբ համալսարանական դասաւանդումներս եւ ուսումնասիրութիւններս,

ինծի յուշեցին կիսել իմ փորձառութիւնս հայկական դպրոցներու ապագայով մտահոգ հանրութեան հետ: Չարթըր դպրոցները պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, ուսումնական որոշ իւրայատկութիւններով օժտուած պետական հաստատութիւններ են: Չարթըր դպրոցներու շարժումը սկսաւ Ամերիկայի Ուսուցիչներու Միութեան, 19741997 թուականներու նախագահ Ալպերթ Շէնքըրի նախաձեռնութեամբ: Յետագային անոր միացաւ Մէսէչուսէց համալսարանի դասախօս Ռէյ Պատը: Ի տես Ամերիկայի պետական դպրոցներու ոչ պատշաճ ուսումնական մակարդակին, վերոյիշեալները ծնողներուն ընտրութեան հնարաւորութիւն տուին, իրենց զաւակները վստահելու Չարթըր դպրոցներուն: Այլեւս կարեւոր չէր, թէ ընտանիքը ուր կը բնակէր, նաեւ, այլեւս ընտանիքը ստիպուած չէր իր զաւակը ուղարկել իր տան մօտակայքը գտնուող բայց ձախող վարժարանը: Կար Չարթըրի տարբերակը, որ ծնղողներուն պիտի գրաւէր իր ուսումնական յաջող ծրագիրներով: Քանի մը տարիէն այս շարժումը մեծ արձագանգ գտաւ ու տարածուեցաւ ամէնուր: Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ 2,9 միլիոն աշակերտներ կ’ուսանին 42 նահանգներու մօտ 6700 չարթըր դպրոցներու մէջ: Պէտք է նշել, որ այս շարժումը թափ առաւ ի հեճուկս պետական դպրոցներու դիմադրութեան, որոնք կը պատճառաբանէին թէ չարթըր դպրոցներու գոյութիւնը կը վնասէ պետական դպրոցներու կայացման գործին: Այս առնչութեամբ պէտք է նշել, որ Միշիկընն ու Քալիֆորնիան ունին կայացած չարթըր վարժարաններու համակարգ: Փետրուար 2015-ի դրութեամբ 307 չարթըր վարժարաններ կային Միշիկընի մէջ 140,000 աշակերտներով. իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ չարթըր վարժարաններու թիւը 1230 էր 581,000 աշակերտներով:

Միշիկընի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Չարթըր Դպրոց

Մեր վարժարանը իր դռները բացաւ 1969 թուականին, շնորհիւ ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանին: Առաջին տարին դպրոցը ունէր 20 աշակերտ եւ 2 ուսուցչուհի: Տարիներու ընթացքին դպրոցը ունեցաւ մինչեւ 200 աշակերտներ: Սակայն, հակառակ Ալեք Մանուկեանի տարեկան աւելի քան 500,000 տոլարի յատկացումներուն, նիւթական դժուարութեանց պատ-

ճառով դպրոցի երկրորդական բաժնի դռները փակուեցան: Ահա այդ ժամանակ, ինչպէս միշտ, Ալեք Մանուկեան գտաւ իւրօրինակ լուծում: 1995 թուականին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր Central Michigan University-ի հետ, ըստ որուն Մանուկեան վարժարանը դարձաւ չարթըր դպրոց: Այս փոփոխութիւնը էապէս բարելաւեց վարժարանին նիւթական կացութիւնը, որը իր կարգին պատճառ հանդիսացաւ ոչ միայն ուսումնական բարձր մակարդակը պահպանելուն, այլեւ այն հասցնելու Միշիկըն նահանգի լաւագոյն դպրոցներէն մին ըլլալու պատուաւոր կարգավիճակին: Յաջողութիւնները յաջորդեցին մէկը միւսին, մինչեւ որ 2012 եւ 2013 իրերայաջորդ տարիներուն, ըստ “US News and World Report”-ի Մանուկեան վարժարանի երկրորդականի բաժինը դասուեցաւ Ամերիկայի մօտ 5400 երկրորդական վարժարաններէն լաւագոյններէն մին: Առ այդ, վարժարանս արժանացաւ պրոնզ կարգի շքանշանի: Այս յաջողութիւնները քաջալերեցին բարերարներ Լուիզ եւ Ռիչըրտ Մանուկեանները իշխանավայել նուիրատուութեամբ կառուցել արդի բոլոր պայմանները բաւարարող երկրորդականի նոր մասնաշէնքը: Դպրոցի աշակերտութեան թիւը հասաւ 400ի: Մանուկեան վարժարանի աւարտականներու համալսարանական յաջողութիւններու համբաւը հասաւ նաեւ ոչ հայերուն, որոնք իրենց զաւակները սկսան վստահիլ այս հայկական դպրոցին: Այստեղ հարց կրնայ առաջանալ թէ արդեօ՞ք ոչ հայերու մուտքը չի խանգարեր հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան եւ հայկական նիւթերու դասաւանդման: Անշուշտ, ըլլալով պետական հաստատութիւն, մեր դպրոցի դռները բաց են բոլոր դիմողներուն համար: Սակայն մենք մտահոգուելու բնաւ պատճառ չունինք մեր երեխաներու օտարներու հետ շփումէն: Մանաւանդ, որ մենք բնաւ չենք զիջած մեր հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդելու պարտաւորութենէն: Իւրաքանչիւր աշակերտ, մանակապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան հայ կամ ոչ հայ, պարտաւոր է ամէն օր մէկ ժամ մասնակցելու հայերէնի դասաւանդման: Ոչ հայախօսներուն համար յատուկ մշակուեցաւ ծրագիր Armenian as a Second Language (ASL): Կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէս տարբեր ազգի երեխաներ (ուքրանացիներ, քաղդէացիներ, ռումանացիներ, ասորիներ,

լիբանանցիներ) կը սորվին հայկական այբուբենը, կամ ինչպէս կ’երգեն Վարդանանցի երգերը, կամ՝ կը սորվին հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագները: Կը մնայ կրօնի դասաւանդման պարագան: Իբր պետական հաստատութիւն մենք չենք կրնար կրօն դասաւանդել. սակայն այդ բացը կարելի է լրացնել Կիրակի օրերը արձանագրուելով հայկական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններ: Անշուշտ պէտք է խոստովանիլ որ ոչ բոլոր չարթըր դպրոցները յաջողակ դարձած են: Շատեր փակուած են վատ կառավարման եւ նիւթական մսխումներու պատճառով: Նոյնիսկ կայ թուրք իմամ Ֆէթուլահ Կիւլէնի օրինակը, որ իր եւ իր ընկերակիցներու մօտ 140 չարթըր դպրոցներու հասոյթներով Թուրքիոյ մէջ քաղաքական կազմակերպութիւն մը կը հովանաւորէր: Սակայն, չարթըր դպրոցներու ընդհանուր առմամբ արձանագրած յաջողութիւնները եւ կրթական մարզին մէջ յառաջացուցած բարեփոխումները կը քաջալերեն մեծ առեւտրական հաստատութիւնները միլիոնաւոր տոլարներով օժանդակելու չարթըր դպրոցներու տարածման: Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութը նոյնպէս, իմ կարծիքովս պէտք է կարողանայ օգտուիլ չարթըրի ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Անշուշտ չարթըր դպրոց ըլլալու պայմանները կը տարբերին նահանգէ նահանգ, սակայն աներկբայ է, որ կողմնորոշուելով դէպի չարթըր, ապահոված պիտի ըլլանք մեր հայկական դպրոցներու ապագան առանց դոյզն ինչ զիջելու մեր հայապահպանման առաքելութենէն: Մենք գիտենք, որ կան ծնողներ որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոցներ պիտի չուղարկեն ինչ ալ ըլլան այդ դպրոցներուն մակարդակն ու պայմանները: Սակայն իբր պատասխանատուներ, պէտք է լուծումներ գտնենք ամերիկահայ այն ծնողներուն համար, որոնք հեռու կը մնան հայկական դպրոցներէն նիւթական պատճառներով, եւ չարթըր դպրոցի տարբերակը վստահաբար պիտի օգնէ այդ կարգի ծնողներուն:

Ծանօթ.-Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան տնօրէնն է ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանի: Ան նաեւ Կեդրոնական Միշիկընի Համալսարանէն ներս հեռակայ կարգով կը դասաւանդէ «Դպրոցական Ղեկավարում», «Դպրոցի Ուսումնական Ծրագրաւորում» եւ այլ առարկաներ

ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՏԻԿ. ՃԻՆԱ ՇԵՔԵԼԵԱՆ Նոր Տարուան սեմին, կը մաղթենք աշխարհին խաղաղութիւն, հայ ազգին սէր, միութիւն


Üáñ úñ

30 ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

²é³ç³ï³ñ µ³Ý³ëï»ÕÍ ¼³ñ»Ñ Êñ³ËáõÝÇ öðàü. úÞÆÜ ø¾ÞÆÞº²Ü Զարեհ Խրախունի, ժամանակակից հայ գրականութեան առաջատար կարեւոր դէմքերէն մէկը, մահացաւ Նոյեմբեր 27, 2015-ին Պոլսոյ մէջ՝ 89 տարեկանին։ Բախտաւոր եղած եմ զինք մօտէն ճանչնալու թէ՛ Պոլսոյ մէջ եւ թէ՛ Լոս Անճելըս, ուր 1993-ի Նոյեմբեր, 14-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ իր «Ազատերգութիւն» հատորին նուիրուած հանդիսութեան բանախօսներէն մէկն էի։ Մէկ շաբթուայ ընթացքին երեք հրապարակային հանդիպումներ տեղի ունեցան եւ այլ առիթներով ալ միասին եղանք եւ մօտէն ծանօթացայ իր գրական սկզբունքներուն ու մանաւանդ իր աշխարհահայեացքին մասին։ Հոկտեմբեր 16, 1926-ին Պոլիս ծնած, Մխիթարեան վարժարան աւարտած է 1945-ին պատուոյ յիշատակութեամբ։ Տարի մը իրաւաբանութիւն ուսանած է, եւ 1951-ին աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանը ստանալով Մագիստրոս Արուեստի վկայական՝ մասնագիտանալով հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ։ Շրջան մը Փարիզ մեկնելով խորացուցած է իր գիտութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրականութեան մէջ՝ մեծապէս նպաստելով իր գրականութեան խոհական ու նորարական ընդլայնումին։ Խրախունիի առաջին բանաստեղծութիւնը «Յաղթանակը» լոյս տեսած է 1948-ին Մխիթարեան «Սան» ամսաթերթի առաջին թիւին մէջ, երբ 22 տարեկան էր։ Իր քերթուածները երկար ժամանակ մնացած են ձեռագիր վիճակի մէջ, երբեմն լոյս տեսած են մամուլի մէջ, սակայն 60 բանաստեղծութիւններ պարունակող առաջին հատորը հրապարակ իջած է 16 տարի ետք 1964-ին, երբ ինք արդէն 38 տարեկան էր։ Հրատարակած է ընդհանրապէս 30-էն 100 էջերու շուրջ աւելի քան 20 փոքրածաւալ բանաստեղծական գիրքեր, որոնք տպագրուած են Իսթանպուլ, Փարիզ, Լոս Անճելըս, Մոնթրէալ եւ Պէյրութ, իսկ Հայաստանի մէջ 1993-ին լոյս տեսաւ իր «Ազատերգութիւն» հատորը Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ 211 էջերով՝ Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանի խմբագրութեամբ։ Ունի 30-ի հասնող արձակ հատորներ – թատրերգութիւններ, թարգմանութիւններ կամ արեւմտահայերէնի վերածումներ, յուշամատեաններ եւ գրականագիտական յօդուածներ։ Իր գործերէն լոյս տեսած են 5 լեզուներու թարգմանուած հատորներ – ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն։ Նուիրուած էր ուսուցչութեան ասպարէզին հայկական վարժարաններու մէջ, Էսայեան եւ Կեդրոնական՝ պատրաստելով խումբ մը երիտասարդ բանաստեղծներ, որոնք այսօր գիրքեր կը հրատարակեն, բայց հաւանաբար հայերէնով արտայայտուող վերջիններն են։ Արժանացած է զանազան գրական մրցանակներու՝ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, Էլիզ Գաւուքճեան Ֆրանսահայ Գրողներու, ԹՄՄ-ի Հայկաշէն Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Կաթողիկոսի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին 1984-ին։ Իր քերթողագիրքերն են. «Քար կաթիլներ» 1964, «Ես եւ ուրիշներ» 1964, «Լուսնապարտէզ» 1968, «Ստուեր եւ արձագանգ» 1973, «Տօնակարգ» 1973, «Զբօսապտոյտ» 1978, «Ամպ ու աւազ ափերուս» 1982, «Դիւցազնահանդէս» 1984, «Ուղիներ» 1987, «Ազատերգութիւն» 1993, «Սրտի Խօսք» 1996, «Քար Հայաստանի» 1997, «Արի Արքայն» 1997, «Շեղբի վրայ ճարտարախաղ» 1998, «Ծաղիկներու պէս» 2000, «Դատապարտում» 2001 եւ ուրիշներ։

Ժամանակաւոր տեղքայլ

Եղեռնէն վերապրող սերունդը բնականաբար

մը սկսած էր եւ գրեթէ բոլոր մտաւորականներն ալ ըսելիք ունէին։ Անշուշտ նկատի պիտի ունենանք հիմնական հարցը – թրքական գաղտնի ոստիկանութեան շուքը, որ միշտ ներկայ էր, կասկածամտութիւն մը հիմնաւորուած էր եւ որմէ խուսափիլը շատ դժուար էր։ Նոյնիսկ հայ մտաւորականներ բանտ դրուած էին իրենց գաղափարախօսութեան համար։ Ազատութեան բացակայութիւնը մասնաւորաբար մտաւորականներուն թռիչքները կ՚արգելակէր ու գիտենք որ մտաւորականը, գեղանկարիչը, յօրինողը, արուեստագէտը պիտի ըլլայ ազատ, որպէսզի կարենայ իր կարողականութիւնը ամբողջութեամբ արտայայտել եւ լուսաւորել նաեւ շրջապատը՝ անկաշկանդօրէն։

Նոր անուններ

Ձախէն՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Զարեհ Խրախունի եւ Վաչէ Սեմերճեան

ընկերային պայմաններու պատճառով նախ անձնական, ընտանեկան եւ վերականգնումի աշխատանքին պիտի լծուէր ու կեանքի անհաւասար գուպարին մէջ օրն ի բուն պիտի մարտնչէր կայուն գոյութիւն մը ապահովելու համար։ Մշակոյթն ու գրականութիւնը գէթ ժամանակաւորապէս իրենց տեղերը պիտի զիջէին հանապազօրեայ հարցերու – ապրուստ, առողջութիւն, ուսում, ընտանիքի վերապրում եւ այլն։ Սակայն հազիւ տասնամեակ մը կամ քիչ մը աւելի պիտի տեւէր այս տեղքայլը գրականութեան կալուածին մէջ, ու կամաց-կամաց պիտի լսուէին անունները Համաստեղին, Բենիամին Նուրիկեանին, Արամ Հայկազին՝ Ամերիկայի մէջ, Շահան Շահնուրին, Նիկողոս Սարաֆեանին ու Որբունիին՝ Ֆրանսայի մէջ, 1925-էն 1935 շրջանին։ 30-ական թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ գիրքերով հրապարակ պիտի իջնէին Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ-Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Ժագ Յակոբեան եւ ուրիշներ՝ գրեթէ բոլորին ալ կազմաւորման մէջ դեր պիտի ունենային Յակոբ Օշական, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Թէքէեան, Շահան Պէրպէրեան եւ Լեւոն Շանթ, որոնք կը բնակէին Միջին Արեւելքի այդ շրջաններուն մէջ, եւ գրական գործեր արտադրելէ բացի բարեբախտաբար ուսուցչութեան ասպարէզ մտած էին եւ սերունդներ պատրաստած էին։ Սակայն, երբեմնի Պոլիսը կամ Իսթանպուլը հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի պատճառներով քիչ կը շարժէր։ Որոշ շարժումի մը նախաքայլերը կը լսուէին – Զոհական 1922-ին, կը հրատարակէր «Մեծ պատրանքը», Արեգ Տիրազան 1928-ին՝ «Արիւն եւ ծաղիկներ», Յակոբ Մնձուրին 1931-ին՝ «Երկրորդ ամուսնութիւն», Բագրատ Թեւեան 1931-ին՝ «Խօսուն Մերրիկ», Գուրգէն Թրենց 1934-ին՝ «Աշուղական», Ատրինէ Տատրեան 1937-ին եւ ուրիշներ, ոմանք ալ քայլեր կը նետէին աշխատակցելով «Ազդարար», «Ժամանակ», «Պատկեր», «Հայ Կին» եւ այլ թերթերու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս Թորոս Ազատեան, Խաչիկ Ամիրեան, Սոնա Մարգարեան-Թնկրեան, Վարուժան Աճէմեան, Աւետիս Ալեքսանեան եւ ուրիշներ։ Եղեռնէն քիչ մը առաջ կամ ալ այդ օրերուն Իսթանպուլ ծնած սերունդը, որ այժմ կ՚ապրէր քաղաքական եւ ընկերային տարբեր պայմաններու մէջ եւ ունէր տարբեր հայեացքներ եւ տեսակէտներ, սկսած էր գեղարուեստական գրականութեան սահմաններուն մէջ մնալ՝ իւրաքանչիւրը իր հասկցած ձեւով, իր ըմբռնումով, երբեմն անհաւասար տաղանդով, առաւելաբար անցեալէն մնացած քիչ մը կաղապարուած արտայայտչական ձեւերով։ Յամենայնդէպս, կարեւորը այն էր որ զգալի ճիգ մը կար, շարժում

Բարեբախտաբար, 40-ական թուականներուն այլեւս հին սկզբունքներէ ձերբազատուած, Պոլսոյ մէջ նոր անունները սկսան ուռճանալ ու երեւիլ, բացուիլ ի լոյս աշխարհին՝ թրքական ժամանակակից մտաւորականութեան համընթաց։ Թուրք գրականութեան Ղարիպ Շարժումը – մասնակցութեամբ Օքթայի Ռիֆաթի, Մելիհ Անտայի եւ Օրհան Վէլիի – իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ 40-ական թուականներու բանաստեղծութեան վրայ՝ տարածելով պարզ գրելու սկզբունքը մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ։ Պէտք է աւելցնել, որ 40-ական թուականներուն թրքական քերթողութիւնը ազդեցութեան տակն էր ֆրանսական ժամանակակից, քիչ մըն ալ ռուսական արդի յառաջապահներու արուեստին։ Հայ գրողները որոնք քաղաքական, ընկերային, մտաւորական գաղափարախօսական հանգիտութիւններ ունէին տեղացի գրողներու հետ, քիչ մը ներշնչուեցան եւ ուժ առին, բացին պատուհանները նոր շունչ առնելու եւ այդ շունչը փոխանցեցին ընթերցողներուն։ Անոնք չէին կրնար անմասն մնալ այդ ընդհանուր շարժումէն, որովհետեւ ի վերջոյ հոգեկցութիւն ունենալով այդ գրողներուն հետ, յղացքը եւ համարձակութիւնը պիտի ունենային իրենք եւս խիզախօրէն արտայայտուելու, սակայն դիմելով ոճի այնպիսի մակարդակի մը, որ ձեւով մը գաղափարախօսականը թեթեւօրէն պիտի վարագուրուէր՝ դրսեւորելու համար ընկերային խոտելի երեւոյթները՝ ժողովուրդին առօրեայի մտահոգութիւնները շեփորելով մատչելի լեզուով։ Հայ մտաւորականները, որոնք ծնած էին 20-ական թուականներուն – Հայկազուն Գալուստեան 1920, Զաւէն Պիպեռեան 1921, Երուանդ Կոպէլեան 1923, Զահրատ 1924, Ռոպէր Հատտէճեան 1926, Զարեհ Խրախունի 1926 եւ ուրիշներ – կը ներկայացնէին նոր սերունդ մը, որ նոր ուղղութիւն մը պիտի կազմաւորէր, նոր եւ կարեւոր շարժում մը պիտի կերտէր ոչ միայն պոլսահայ գրականութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան մէջ։ Այդ գրողները պիտի դիմէին գրական նոր ձեւերու եւ միջոցներու, այսինքն ոճի նոր մակարդակ մը ստեղծելու՝ առատօրէն օգտագործելով խորհրդանշաններ, որոնք իրենց պարզութեան մէջ անգամ յայտնութենական տարազ պիտի ստանային։ Հայկազուն Գալուստեանի, Կարպիս Ճանճիկեանի եւ Ա. Շաւարշի քայլերը կրնային մնալ նախնական վիճակի մէջ եւ հոսանքը կրնար դադրէր, եթէ չյայտնուէին հրապարակի վրայ տաղանդաւոր նոր դէմքեր – Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռոպէր Հատտէճեան, Զաւէն Պիպեռեան, Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան եւ ուրիշներ։ Ուրեմն, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ շնչեց եւ ուռճացաւ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին,


Üáñ úñ ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016

իսկական անունով Արթօ Ճիւնպիւշեան, որ ոչ միայն այս նոր շարժումին մաս կազմեց, այլ եղաւ գրական այս հոսանքին կազմակերպիչը, դրօշակակիրը, տեսաբանը, նաեւ՝ մղիչ ուժը։ Իր ստեղծագործութիւններով եւ առաւելաբար իր արձակ բացատրողական յօդուածներով, ան կը բիւրեղացնէր այդ շարժումին գեղագիտական ու գրականագիտական կերպարը, գրական հանգանակը, էատարրը։ Վերացականը թանձրացնել, սեղմել, կոճկել, փնտռել ու գործածել պարզ թուացող խորհրդանշաններ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար արտայայտել նոր մօտեցումով երեւոյթներն ու անոնց երանգները՝ հասնելու համար բուն սկիզբին – ճշմարտութեան։ «Բանաստեղծութիւնը մեզի ծանօթ բաներու մասին պիտի խօսի, զանոնք բացայայտօրէն գործածելով իբր խորհրդանշաններ, այնքան ընդհանուր, որ ընթերցողը ազատ ըլլայ իր մեկնաբանութիւններուն մէջ, բայց նաեւ այնքան պայծառ, որ ան չխարխափէ առեղծուածի աղջամուղջին մէջ», կ՚ըսէ Զարեհ Խրախունի իր տեսաբանական «Մայր գիծը» յօդուածին մէջ՝ յստակ, պարզ եւ հասկնալի, «Թօ» պարբերաթերթին մէջ, զոր կը հրատարակէին ու կը խմբագրէին Վարդերես Գարակէօզեանն ու Մկրտիչ Մարկոսեանը 1959-ին։ Բանաստեղծ Խրախունիին համար քերթողական արուեստը ամէն բանէ առաջ պէտք է որ ուղեղի բովէն անցնի, քանի որ ստեղծագործական արարքը ներաշխարհ մը արտաբերելու եւ զայն մատուցելու մտային աշխատանք է ու մանաւանդ ծրագրուած աշխատանք՝ հիմնաւորուած արտաքին աշխարհի երեւոյթներուն վրայ, այսինքն բանաստեղծին հոգիէն եւ անձէն դուրս գտնուող, բոլորին տեսանելի խորհրդանշաններու վրայ, արտաբերելու համար այն բոլորը, որ կուտակուած է ստեղծագործին հոգիին ու միտքին մէջ։ Խրախունի շեշտաւորեց «Առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն»ը, որ հարստացուց հայ քերթողութեան աշխարհը իր այս ըմբռնումով։ Որոշ մտաւորականներ դժբախտաբար կը գործածեն «Առարկայական խորհրդապաշտութիւն» բացատրութիւնը որ նոյն իմաստը չունի ինչ որ ունի «Խորհրդանշապաշտութիւն»ը, որ աւելի կը նրբացնէ սկզբունքը։ Խրախունի, որ իր աւարտաճառը գրած է համաշխարհային հանրածանօթ ֆրանսացի փիլիսոփայ Անրի Պերկսոնի մասին, բնականաբար նաեւ ազդուած պիտի ըլլար Պերկսոնէն, ինչպէս ինք կը հաստատէ, մանաւանդ բնութեան նկատմամբ ունեցած իր տարողունակ կեցուածքով։ Հայ մտաւորականներէն շատերու կարգին մասնաւորաբար կը սիրէ Նարեկացին, Դանիէլ Վարուժանը, Մատթէոս Զարիֆեանը, ու մանաւանդ Վահան Թէքէեանը։ Քիչ մը եւս խորանալով, կը նշմարենք որ Խրախունիի կազմաւորած տեսաբանութեան մէջ կարեւորագոյն շերտը այդ խորհրդանշաններուն կարելի եղածին չափ առարկայական ըլլալն է, որովհետեւ խորհրդանշաններն անգամ ենթա-

կայական կրնան ըլլալ եւ կրնան ունենալ յարաբերական իմաստներ, որոնք կը տարբերին անձէ-անձ՝ ենթակային մտային ու մտաւորական պատրաստութեան եւ փորձառութեան վրայ հիմնուած։ Ոգեղինացած երեւոյթները թանձրացնող եւ առարկայացնող բանաստեղծը ունենալու է իսկական պատրաստութիւնը, որպէսզի անցնի պարզ երեւոյթներէն անդին՝ հասնելու բան ստեղծելու բարձր ոլորտին, որուն հասած է Խրախունին։ Երբ կը գրէ իր մասին կամ կը գործածէ իր դերանունը՝ նկատի պէտք է առնել, որ միայն իր մասին չէ որ կ՚արտայայտուի, այլ նկատի ունի նաեւ նոյն վիճակի մատնուածները եւ յաճախ ամբողջ մարդկութիւնը։ Ան իր նիւթերը կ՚առնէ գրեթէ ամէն տեղէ – առօրեայ կեանքէն, անձնական թէ ընդհանրական երեւոյթներէ, քաղաքական ու ընկերային հարցերէն, հայութիւնը յուզող խնդիրներէն։ Ան կ՚օգտագործէ որոշ ձեւեր, միջոցներ, պատկերներ, փոխյարաբերութիւններ, խորհրդանիշեր, հեռու մաշած ու հինցած կրկնութիւններէ՝ միշտ նորին հետամուտ ու նորին ձգտող։ Իր բոլոր հատորներն ալ ծրագրուած գործեր են, կազմակերպուած աշխատանք պահանջող, միշտ մնալով առարկայական խորհրդանշաններու սահմաններուն մէջ, «առարկային» բոլոր հնարաւոր կարելիութիւնները դրսեւորելով, միշտ նորութիւն մը հրամցնելով։ Կեանքի տարբեր երեւոյթները իր աչքէն չեն վրիպիր, ըլլան անոնք պարզ կամ խրթին, ինչպէս հետեւեալը.

Ծորակ

Երբ ծորակն է աւրուած Մէկ կողմէ Կաթիլ կաթիլ ծով կ՚ըլլայ Միւս կողմէ Ոչ լիճ ոչ ծով կը դիմանայ Եւ կամ ալ Ջրամբարը բերնէ բերան Այդպէս լեցուն կը մնայ Եւ անդին Մարդիկ ծարաւ Դաշտերն երաշտ Կը մահանան կը կենան։ Պարզութեան մէջ գեղեցիկ պատկերներու կը հանդիպինք իր գործերուն մէջ։ Դիտելու, զննելու եւ մեկնաբանելու, վերատեսնելու սուր աչքեր ունի Խրախունի իր բոլոր գործերուն մէջ, կը նշմարենք ապրելու խորհուրդին փնտռտուքը եւ կեանքը սիրելու ու զայն լիովին ապրելու մօտեցումը ազատութեան մէջ՝ առանց ճնշումի։ Նիւթը զարգացնելու աստիճանումի որոշ յատկութիւն ունի բանաստեղծը, որ տող առ տող, հիմնականը կը յստակացնէ, տարբեր շերտեր կ՚աւելցնէ, տարբեր երանգներ կը գտնէ ըսելու համար իր խօսքը՝ վերջին տողին կամ վերջին քանի մը տողերուն մէջ, այսպէս.

Զաւեշտ

Երբ զաւեշտը վերջանայ Ծափն ու խնդուքն ալ դադրին Վարագոյրը կը գոցուի Բեմին վրայ – մեր վրայ Ու դռները կը բացուին Նոր զաւեշտ մը կը սկսի Ուրիշներուն եւ մեզի Բեմին վրայ – բեմէն դուրս։ Իր կարեւոր երկերէն մէկն ալ կը կոչուի «Արի Արքայն», որ կը ներկայացնէ Արտաշէս թագաւորին եւ պարսից արքայ Միհրդատին տարած յաղթանակը Գուշաններուն եւ Մարերուն դէմ։ Դիւցազնային պատմութիւն վկայագրող այս գրքոյկը (33 էջ) ազգային ձգտումներու հեռարձակ լաւագոյն նմոյշ մըն է հրատարակուած 1998-ին։ Հատորներէն մէկը կը պարունակէ իր բանաստեղծութիւններուն վրայ յօրինուած երգերուն

31

նոթաները, հեղինակութեամբ Սիրվարդ Գարամանուկեանի, Գոհարիկ Ղազարոսեանի, Սուսաննա Մելքումեանի եւ այլոց։ Խրախունիի կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ հայերէն լեզուի հանդէպ ունեցած իր ակնածանքն է եւ զայն կը գործածէ բծախնդրօրէն՝ օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները։ Լեզու մը, որուն բոլոր կարելիութիւնները շարժման մէջ դնելն է, միտքերու սեղմումն է, մտածուած նոր բառակապակցութիւններ ստեղծելով – նոյնիսկ իր հատորներու խորագիրներուն մէջ – Լուսնապարտէզ, Տօնակարգ, Դարապատում, ինչպէս նաեւ հոգեձանձրոյթ, յուշատեսիլ, կարօտերգ, ազատերգութիւն, ձիւնանուագ, եւ այլ բառեր՝ ստեղծելու համար խտութիւն մը, թարմատար բառերէ խուսափելով, որպէսզի պատկերը չըլլայ բեռնաւորուած աւելորդ վերադիրներով։ Խրախունի հայոց պատմութեան մօտէն ծանօթ մտաւորականն է, որ անցեալն ու ներկան կը շաղախէ անպայման միջազգային քաղաքակրթութիւնը հայկականին հետ՝ կապ մը կամ կամուրջ մը ստեղծելով, շատ աւելի տարողունակ դարձնելով իր քերթողութիւնը։ Հայրենիքի հանդէպ ունեցած իր յստակ գիտակցութիւնը եւ անպարագիծ սէրը կը բարձրացնէ զայն համաշխարհային մակարդակի այնքան տրամաբանականօրէն, որ համակեցումի պարզ վիճակ մը կը ստեղծէ։ Ահաւասիկ օրինակ մը.

Մինչ ասիկա հայրենիք է Քանի՜ անգամ օտար լուծի տակ կքած Յետոյ դարձեալ արեան գինով եւ հրաշքով վեր կանգնած Վերջին բերդը – միջնաբերդը՝ իբր ապրող ազգ գոյութեան Միակ յոյսն է Միակ լոյսն է յառած գալիք դարերուն Յաւերժափառ Հայաստան։ Խրախունի ազատ տաղաչափութիւն գործածելով հանդերձ, իր տողերը չափերու եւ վանկերու ճոխութեամբ, ձայնային համերաշխութիւն մը կը ստեղծեն։ Ունի կարճ եւ երկար տողեր – 43, 4-4, մինչեւ 4-4-4-3 եւ այլ վանկաւորումներ, երբեմն մէկ տողի մէջ գործածելով մինչեւ 18 եւ 20 վանկ՝ միշտ երաժշտականութիւն ստեղծելով, միշտ հեզասահ։ Խրախունի իր փիլիսոփայական միտքը յստակացնելու համար հակադրութիւններով պատկերներ կը ստեղծէ, կարճ եւ կտրուկ, որպէսզի ընթերցողին յիշողութիւնը զօրացնէ, նաեւ՝ գաղափարին իմաստը շեշտաւորէ, այսպէս.

Հաշիւով պիտի ընես ամէն բան Հաշիւով պիտի ուտես Հաշիւով պիտի խմես Հաշիւով պիտի ելլես եւ Ամէն ինչ հաշիւով Սարսափելի հաշուագէտ պիտի կտրիս ամէն տեղ Ապա թէ ոչ՝ հաշիւդ շուտ կը մաքրեն։

²Ýí»ñݳ·Çñ Յաճախ շատ յաճախ մտածում ես Թէ ինչու մարդը պիտի չարանայ, Երբ որ բարին կայ, գոյութիւն ունի Հապա ինչու չար եւ ոչ թէ բարին Երբ որ լաւը կայ աշխարհում բոլոր Ինչու վատ անել վատ ուզել մարդուն Ու չեմ հասկանում ինչու սպանել Կամ էլ թէ ինչո՞ւ պիտ՚ ատել մարդուն Չէ որ մենք ունենք հաւատքը մաքուր Ու յետոյ թէ կայ խիղճը մարդու մէջ Ինչու վատանալ ինչու սպանել Վատը թող մեռնի մարդու խղճի մէջ Չարը չլինի ու չապրի երբեք... ՆԵԼԼԻ Պոսթոն


32

Üáñ úñ

ÐÇÝ·ß³µÃÇ« 29 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2016


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.