13514 armenio

Page 1

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.514 - 7 ÜáÛ»Ùµ»ñ 2013 - лé. (54 11) 4775 7595

Ազգային վիճակագրական ծառայութիւն

Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն 122,000 հայաստանցի հեռացած է երկրէն

Ը

ստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն՝ 2013 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի 122 հազար 191 քաղաքացի անցած է սահմանային անցակէտերը եւ չէ վերադարձած: Նախորդ տարի չվերադարձածներուն թիւը 109 հազար 405 էր: Այս մասին կը յայտնէ “Ազատութիւն” ռատիկայանը։ Այս թիւերը անգամ մը եւս մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն յառաջացուցած են ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ այս տուեալները ձեւով մը կը կապուին արտագաղթի հետ: Միւս կողմէ պետական պաշտօնեաները կը շարունակեն պնդել, որ ասիկա պարզապէս սահմանահատումներու պատկերն է, իսկ արտագաղթի պատկերը պիտի յստականայ տարեվերջին հրապարակուելիք ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեանի համաձայն՝ արձանագրուածը սոսկ մեքենական տեղաշարժ է. «Մենք ոչ պատճառը գիտենք, ոչ էլ այս ցուցանիշների մէջ ներառուած է, թէ ինչ ժամկէտներով են մարդիկ գնացել, որպէսզի մենք կարողանանք իրենց վերագրել «միգրանտ» կո-

չումը»: Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, 1 միլիոն 118 հազար 683 մարդ, միայն Հայաստանի քաղաքացիներ, այս տարուան 9 ամիսներուն դուրս եկած են երկրէն: Մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին այդ թիւը չէր հասներ նոյնիսկ 1 միլիոնի՝ 957 հազար 153: Փաստօրէն այս տարի երկիրէն մեկնողներուն թիւը աւելցած է 161 հազար 530ով: Այս կը նշանակէ, որ մեկնողներուն թիւը աւելցած է 11.5 տոկոսով: Կ. Կույումջեան հաստատած է, որ հիմնականօրէն վերադարձ կ՛արձանագրուի Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր ամիսներուն. ան օրինակ բերած է այն, որ անցած տարեվերջին բացասական հաշուեկշիռը 109 հազար 405էն հասած է 42 հազարի: Միւս կողմէ, կրկին Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը յայտնած է, որ 1 Հոկտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 10 հազարով՝ տարեսկիզբի թիւին հետ բաղդատելով։ 1 Հոկտեմբերին Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը եղած է 3017 հազար մարդ, որուն 913,4 հազարը կը բնակի քաղաքներուն մէջ, 1,103,6ը՝ գիւղերուն: Ըստ գործակալութեան, ձեւաւորուած բացասական ցուցանիշը կը գերազանցէ բնակ-

չութեան բնական աճը: Երեխաներու ծնունդներուն թիւը այս տարուան 9 ամիսներուն նուազած է 1.9 տոկոսով՝ կազմելով 30,477: Մահերուն թիւը եւս նուազած է 3 տոկոսով, կազմելով 20,268։ Այս մասին յայտնած է ԱՌԿԱ գործակալութիւնը: Հոկտեմբերին սկիզբը Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան յայտնած է, որ աշխատանքային գաղթականներուն միայն 23 տոկոսը կրկին մնայուն բնակութեան համար Հայաստան կը վերադառնայ: «Ցաւօք, մարդիկ վերադառնում են ոչ թէ կամաւոր, այլ պարտադրուած, ելնելով տարբեր պատճառներից»։ Ան նշած է, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Հայաստան վերադարձածներուն կարելիութեան եւ կարողականութեան, քանի որ երկիրէն դուրս գտնուած հանգրուանին անոնք նոր ունակութիւններ ձեռք կը բերեն: «Սակայն, այդ պոտենցիալը մինչեւ վերջ չի օգտագործւում, ինչը կարող է մարդկանց կրկնակի գաղթականութեան պատճառ դառնալ: Այդ մարդիկ մէկ անգամ արդէն յաղթահարել են մեկնելու պատնէշը, երկրորդ անգամ նրանց համար աւելի հեշտ կը լինի մեկնելը», նշած է Մակարեան։

Քիւրտ-թուրք բախումներն ու տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման միտումները

Ք

րտական աղբիւրներու հաղորդած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն Թել Ապիատի արուարձաններուն մէջ ծաւալած մարտերուն ընթացքին սպաննուած է ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը, սուրիական դիպաշարի վերջին զարգացումներուն մէջ կը գրաւէ դիտարժան երեւոյթի դիրք: Թել Ապիատ անունը հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն յայտնի դարձաւ տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ սրբապղծման եւ հրկիզման արարքով: Ռաքքայի շրջանին մէջ գտնուող այս քաղաքը տարիներու ընթացքին հայաթափուած է. այնտեղ կ՛ապրին տասնեակ մը հայ ընտանիքներ: Քրիստոնեայ հոգեւորականներու առեւանգումի, տարբեր դաւանապատկան եկեղեցիներու աւերման, ռմբակոծման եւ հոգեւոր գործիչներու սպանութեան դէպքերը մտածել կու տան, որ ծայրայեղ իսլամականութիւնը ընդհանրապէս թիրախ ընտրած է քրիստոնէական միջավայրերը` յստակ այն ուղերձը փոխանցելով, որ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը ապագայ չունի տարածաշրջանին մէջ: Այս ուղղուածութիւնը, իր հերթին առաջին հայեացքով այն մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ, որ Թել Ապիատի հայկական եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը կը դիտարկուի ընդհանրապէս տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման միտող (եւ ոչ թէ զուտ հայկական թիրախ ընտրած) ընդհանուր գործողութիւններու շարքին: Մանաւանդ, որ Թել Ապիատը հայաթափուած քաղաք է: Բայց վերադառնանք առաջին հաստատումին: Փաստօրէն Թել Ապիատի շրջակայքը ընդհարումներ տեղի կ՛ունենան տեղւոյն քրտական կազմակերպութեան եւ ծայրայեղ իսլամական տարրերու միջեւ: Իսկ Թել Ապիատը, ըստ երեւոյթին, միակ աշխարհագրական միջավայրը չէ, ուր այս երկու կողմերը կը պատերազմին: Հիմա նայինք, թէ ծայրայեղ իսլամականութեան զինեալները դիպաշարի այս վերջին շրջանին ի՛նչ տեսակ կեդրոններէ կը ֆինանսաւորուին եւ կը զինուին: Այլ աղբիւրներ վկայակոչելը այս հանգրուանին այնքան յատկանշական չէ, որքան հակամարտող կողմին համոզումը: Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը բոլոր քիւրտերը չի ներկայացներ` նշելով, որ գոյութիւն ունին խմբաւորումներ, որոնք նեղացած են Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ճնշումներէն եւ աջակցութեան խնդրանքով Անգարա կու գան, միեւնոյն ժամանակ հերքելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ «Քայիտա»-ի առնչակից խմբաւորումներու որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած յայտարարութեան մէջբերուած բաժինը իր պարունակին մէջ իսկ յստակօրէն կը մեկնաբանուի, որ Սուրիոյ քիւրտերուն մէկ կազմակերպութիւնն է միայն, որ հակադրուած է Անգարային: Մնացեալները Անգարայի հովանաւորութիւնը կը հայցեն: Անգարան արդէն իսկ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ եւ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ Իրաքի քիւրտերուն հետ: Հակադրուած տարրը քրտական իրականութեան մէջ, ըստ Տաւութօղլուի, այսպիսով կը մեկուսանայ իր հակադրութեան մէջ: Թէ որքանո՞վ Անգարան կը յաջողի Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել կամ թէ որքա՞ն ամուր են Իրաքի քիւրտերուն հետ իր կապերը, կը մնայ խիստ հարցականներու տակ: Այս պարագային պէտք է կեդրոնանալ ծայրայեղ իսլամականներուն դէմ կռուող Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ եւ տեսնել յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, որ հերքում է: Տաւութօղլուն առանց հասցէն ճշդելու կը հերքէ Անգարային կողմէ «Քայիտա»-ն ֆինանսաւորելու եւ զինելու մեղադրանքը: Մեղադրանքի հասցէատէրը պարզ է: Այն քիւրտերն են, որոնցմէ նեղացած են միւսները եւ որոնք կը վազեն իբրեւ թէ դէպի Անգարա® Հիմա պարզ կը դառնայ, որ քրտական ժողովրդավարական միութիւն-Ահրար Շամ (ծայրայեղ իսլամականներ) բախումները պէտք է դիտարկել իբրեւ քիւրտ-թուրք բախումներ` սուրիական տարածքներու վրայ: Այս առումով ալ Թել Ապիատի եկեղեցւոյ հրկիզումը ընդհանուր քրիստոնէական թիրախէն քայլ մը անդին անցած ըլլալու տրամաբանութիւնը կը յուշէ. թէկուզ քաղաքին հայաթափուած պատկերով: «ԱԶԴԱԿ»


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.