ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §¸ñû߳ϦÇ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.520 - 19 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013 - лé. (54 11) 4775 7595
Հ
Տաւութօղլու բողոքի ցոյցով դիմաւորուեցաւ Երեւանի մէջ
ինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերի առաւօտեան Երեւանի «արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մօտ հաւաքուած` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով բողոքի ցոյց կատարող եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան, «Նիկոլ աղբալեան» ուսանողական Միութեան եւ Ս.Դ.Հ.կ. «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական-Երի տա սարդական Միութեան անդամները չտեսան Տաւութօղլուն, որ Հայաստան ժամանեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով: Յայտնի դարձաւ, որ Տաւութօղլու պանդոկ մըտած է ետեւի մուտքէն: Ցուցարարները «ամօթ, ամօթ» վանկարկումներով արձագանգեցին այդ լուրին: անոնք փորձեցին մօտենալ պանդոկի մուտքին, բայց ոստիկանները զանոնք ետ մղեցին: «Թուրքիա կրկին ապացուցեց, որ վախկոտ է, որ կը վախնայ առճակատիլ պատմութեան, որ կը վախնայ կանգնիլ եւ բաց աչքերով նայիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն: Քանի տակաւին Թուրքիա չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, միշտ ալ ետեւի մուտքէն պիտի մտնէ, միշտ ալ փախուստ պիտի տայ: Թող իմանան, որ պահանջատէր ենք: Եթէ այսօր մենք չյաջողինք իրաւունքով կամ միջազգային հանրութեան ճնշումով հասնիլ պատմութեան արդարութեան, մեր թոռները վաղը զէնքով պիտի հասնին անոր», յայտարարեց Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ աղբալեան» ուսանողական Միութեան վարչութեան ատենապետ գերասիմ Վարդանեան: անհրաժեշտ է նշել, որ թուրք լրագրողներ եւս եկած էին Հայաստան եւ կը լուսաբանէին Տաւութօղլուի դէմ կատարուած բողոքի ցոյցը: Երիտասարդները պանդոկին առջեւ հաւաքուած էին «STOP» գրութեամբ պաստառներով, որոնցմով STOP կ՛ըսէին Ցեղասպանութեան, STOP ուրացման, STOP պատմութեան խեղաթիւրման, STOP անարդարութեան: գետինը թափուած էին թրքական դրօշներ` վրան խաչ քաշուած: Տեղեկանալով, որ Տաւութօղ-
լու արդէն պանդոկին մէջ կը գտնուի, ցուցարարները յայտարարեցին, որ կ՛աւարտեն բողոքի ցոյցը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու պատասխանատու կիրօ Մանոյեան «Սիվիլնեթ»ի տաղաւա-
2015 թուականին հետ, այլ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն չվաւերացուելուն հետ: Մանոյեան ընդգծեց, որ եթէ Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացուցած ըլլար, ապա վերաբերմունքը տարբեր
րին մէջ կարծիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր հայաստանեան այցելութեամբ կը փորձէ ցոյց տալ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հոլովոյթ կայ: «Եթէ այդ նպատակով եկած չըլլար, ապա ճիգ պիտի չթափէր հանդիպելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, նախագահին կամ որուն հետ որ պատահի: ան ուղղակի կը ցանկայ ցոյց տալ, որ հոլովոյթ կայ», ըսաւ Մանոյեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հայկական կողմի պաղ վերաբերմունքը Տաւութօղլուի նկատմամբ կապւա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարելիցին հետ, Մանոյեան յայտնեց, որ կեցուածքը կապուած է ոչ թէ
պիտի ըլլար: այս ձեւով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ դժգոհ են Թուրքիոյ պահուածքէն: ան միաժամանակ աւելցուց, որ շատ գէշ պիտի ըլլայ, եթէ մինչեւ 2015 թուական արձանագրութիւնները ոչ միայն վաւերացուած ըլլան, այլ նոյնիսկ շարունակեն գոյութիւն ունենալ: Ըստ Մանոյեանի, հայկական կողմը պէտք է յետս կոչէ իր ստորագրութիւնները եւ սեղանին վրայ դնէ առանց նախապայմաններու փաստաթուղթ մը, ուր կը նշուի դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ ցամաքային հաղորդակցութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջազգային իրաւունքին համապատասխան դարձնելու մասին:
ºñ»õ³ÝÇ Ù¿ç
կայացաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստը
Դ
եկտեմբեր 12ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 29րդ հանդիպումը: Նիստին կը մասնակցէին պատուիրակութիւններ կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներէ, 9 դիտորդ եւ ներկայացուցիչներ գործընկեր երկիրներէ, ՍԾՏՀ կառոյցի եւ միջազգային կազմակեր(Þ³ñ.Á ¿ç IV)
Դ
Հայ-թրքական դերասանութիւն
եկտեմբերի 6ին, թուրք եւ հայ դերասաններ Դենիս Բարըշն ու Յովհաննէս աջինեանը Վրաստանի մայրաքաղաքում իրար ձեռք սեղմեցին: այդ ընթացքում նրանք ձեռքի հետ ձեռքսեղմումի համաշխարհային ռեկորդ սահմանեցին, իրար բաց չթողնելով 43 ժամ շարունակ: Խորհրդանշական ակտը ի սկզբանէ ուղեկցուեց համապատասխան քարոզչութեամբ: կարծում եմ իսկապէս երեւոյթը խորհրդանշական է, բայց այն իմաստով, որ իրար ձեռք են սեղմել երկու դերասաններ եւ հետեւաբար տեղի ունեցածը աւելին չէ քան՝ դերասանութիւնը: Հետաքրքիրն այստեղ այն է թերեւս, որ մեզանում միշտ գտնւում են մարդիկ, ովքեր իրենց իրաւունք են վերապահում, հանդէս գալու որպէս ազգի, երկրի եւ երբեմն էլ պետութեան ներկայացուցիչներ: Սեփական մանր յաւակնոտութիւնը (գուցէ նաեւ ինչ-ինչ շահեր) բաւարարելու համար նրանք պատրաստ են թուրքերի հետ հաշտեցման կամ եղբայրացման նպատակով համատեղ մշակութային, տնտեսական կամ հասարակական բնոյթի ձեռնարկումներ նախաձեռնել, եղբայրական ձեռքսեղմումներ եւ նմանատիպ շոուներ կազմակերպել: Իսկ ոմանք էլ աւելի են առաջ անցնում եւորոշում են թէ օրինակ կարող են հանդէս գալ որպէս արեւմտահայաստանի իրաւատէրեր, թուրքերի հետ պատմական կամ քաղաքական խնդիրներ քննարկողներ եւ այլն: Մանր յաւակնոտութիւնը (գուցէ նաեւ ինչ-ինչ շահերը) այս մարդկանց այնպէս են կուրացնում, որվերջիններիս մտքով չի անցնում, թէ իրենք-իրենց այդպիսի իրաւասութիւններ վերապահելու իրաւունքունե՞ն արդեօք, ում անունից են հանդէս գալիս ու վերջապէս, այն թէ իրենց արածը վնաս չի բերի արդեօք երկրի ու ժողովրդի շահերին: Թերեւս կարելի էր եւ անտեսել նման անհեթեթ դրսեւորումները, մտահոգիչը սակայն այն է, որ նման ձեռնարկումները հաւանաբար բազմապատկուելու են ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի մօտենալուն զուգահեռ: Չծայրայեղացնելով խնդիրը նկատի ունենանք, որ ամենայնհաւանականութեամբ, յաճախ դրանց ետեւում կանգնած կը լինեն հէնց թուրքական իշխանութիւնները: Եւ դա կարող է լինել հայութեան բարձրացրած ալիքի դէմ թուրքական պատասխաններից մէկը: այն է տպաւորութիւն ստեղծել, թէ հայ-թուրքական մերձեցման գործընթացը շարունակւում է, երկու երկրների հասարակութիւնները տարբեր մակարդակներով եւ ձեւաչափերով արդէն իսկ գնում են փոխշփման ու հաշտեցմանն: այս թատերական ներկայացման մէջ չի բացառւում, որ ներառուեն նաեւ քաղաքական գործիչներ, որոնք կը ստեղծեն բանակցութիւնների իմիտացիա, հող կը նախապատրաստեն, որպէսզի միջազգային ասպարէզում պատճառաբանութիւն շրջանառւի, թէ ինչու ճանաչումներով ու դատապարտումներով չի կարելի խոչընդոտել երկու ժողովուրդների մերձեցման գործընթացը: Ըստ էութեան ներկայացման նոր արարը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ դրսեւորւում է ոչ միայն պաշտօնական դերասանների խաղով: Յիշենք ինչպէս օրեր առաջ, Հայաստան առաջիկայ այցելութեան առիթն օգտագործելով, Թուրքիայի արտգործնախարարը կրկին փորձել էր ներկայացնել, թե Հայաստանի հետ բանակցութիւնների մի ինչ-որ գործընթաց շարունակւում է եւ խօսքի հետ կրկին անցել էր նախապայմաններին ինչպէս եւ ի ցոյցդրել Ղարաբաղի խնդրին միջամուխ լինելու, իր կառավարութեան, անհագուրդ ձգտումը: ակնյայտ է նաեւ, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան այցելութիւնը, ինչը նրա ու նրա ներկայացրած կառավարութեան համար կը լինի բոլոր կողմերից պատճառաբանուած եւ անխոցելի, լաւ առիթ կը ծառայի կրկին անդրադառնալու բանակցութիւնների ու յայտնի արձանագրութիւնների թեմային: Եւ աւելին: կը յաջողուի՞ արդեօք Տաւութօղլուին, ինչ-որ ձեւով, խօսակցութեան նիւթ դարձնել Ղարաբաղի թեման թէ՝ ոչ նա այցից օրեր առաջ խօսել է նաեւ այս մասին, ի սկզբանէ տպաւորութիւն ստեղծելով, թէ տուեալ թեման յաջողուել է օրակարգային նիւթ դարձնել նաեւ Հայաստանի իշխանութեան հետ: Միաժամանակ, նոյն օրերին, մէկ այլ առիթով, թուրք արտաքին գործոց նախարարն ասել է. «Երբ դուք հրաժարւէք հարեւան երկրի տարածքների բռնազաւթումից, այդ ժամանակ բարեկամներ դառնալու հեռանկար կը լինի»։ Տաւութօղլուի ձեռնարկած խաղի քարոզչական կողմը զուգահեռաբար տանում են թուրքականլրատուամիջոցները: այս ամենին ընդհանուր առմամբ ճիշդ արձագանգեց ՀՀ
(Þ³ñ.Á ¿ç IV)