²ÏݳñÏ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.521 - 26 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 2013 - лé. (54 11) 4775 7595
ΰÁë¿ ²ñÍáõÇÏ ØÇݳ뻳Ý
«Պարտադիր Կուտակայինի երաշխիքային հիմնադրամը կեղծ է»
Հ
այաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «երկիր»ին յայտնեց, որ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը արդարացնելու ընթացքին ԱՊՊԱն (փոխադրական միջոցներու օգտագործումէն բխող պատասխանատուութեան պարտադիր ապահովագրութիւն) իբրեւ օրինակ ներկայացնելը կը խօսի արհեստավարժութեան պակասի եւ հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու մասին: Պէտք է նշել, որ 2014 թուականի պիւտճէի քուէարկութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումը համեմատեց ԱՊՊԱի բարեփոխումին հետ` ըսելով, որ այն ժամանակ ալ մարդիկ դէմ էին, բայց տարիներ ետք դէմ արտայայտուողները տեսան, որ այդ բարեփոխումը ինքզինք արդարացուց: Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ԱՊՊԱն եւ կենսաթոշակային համակարգը միանգամայն անհամադրելի են: ԱՊՊԱն կը խօ-
սի երրորդ արկածի ապահովագրութեան մասին, իսկ կենսաթոշակային բարեփոխումը կ՛առնչուի տուեալ մարդու ծերութեան եւ նուազող եկամուտներուն հետ: «ես միշտ կը բերեմ այն օրինակը, ճիշդ է` երգիծական տեսքով, որ եթէ դուն կրնաս մեքենայ ունենալ, բայց անոր վնաս չհասցնել, սակայն չես կրնար ապրիլ ու չծերանալ: Պետութեան պարտականութիւնն է ծեր մարդուն ապահովել արժանապատիւ կենսապայմաններ: Ճիշդ այս դաշտին մէջ կը ձեւաւորուի պետութեան հիմնական պարտաւորութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը: Ըստ անոր, եթէ օր մը կենսաթոշակային ֆոնտերը սնանկանան, պատասխանատու պէտք է ըլլայ պետութիւնը, ահա թէ ինչու քաղաքացիին դրամը սեփական հիմնադրամներուն փոխանցելը պետութեան` պարտաւորութենէ խուսափիլ կը նշանակէ: Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ իշխանութիւնը, իբրեւ երաշխիք, կը ներկայացնէ «երաշխիքային հիմնադրամ» հասկացողութիւնը, Մի-
նասեան նշեց, որ երաշխիքային հիմնադրամը որեւէ էական նշանակութիւն չունի: «Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած դիմումով մենք հիմնաւորած ենք, որ օրէնքով ներկայացուած երաշխիքը կեղծ է», ըսաւ պատգամաւորը` բացատրելով, որ ըստ օրէնքին, հիմնադրամներու երաշխաւորութեան 20 առ հարիւրը երաշխիքային հիմնադրամը կու տայ, իսկ 80 տոկոսը` պետական պիւտճէն: Ըստ Մինասեանի, պարզ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ քանի մը տարի ետք Հայաստանի որեւէ պետական պիւտճէ չի կրնար ապահովել այսպիսի ֆոնտերու փոխհատուցումը: «Ըստ պիւտճէի համակարգի օրէնքին, պիւտճէի երաշխիքը չի կրնար նախորդ տարուան հարկային եկամուտներու 10 առ հարիւրէն աւելի ըլլալ, որ չ՛անցնիր 100 միլիառի սահմանը, մինչդեռ պարտադիր կուտակային ֆոնտերու պարագային երկրորդ տարուընէ սկսեալ մենք կը գտնուինք կեղծ երաշխիքներու դաշտին մէջ», ըսաւ Մինասեան:
ê³Ñ³Ï»³ÝÇ »õ ØÇñ½áÛ»³ÝÇ Ñ»ï ѳݹÇåáõÙ¿Ý »ïù
«Որոշակի հանգրուանի ընթացքին ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ բանակցային հոլովոյթ», ըսաւ Իկոր Փոփով
ե
ԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտա-
քին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք եԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարեցին, թէ գիւղատնտեսութեան եւ այլ
խնդիրներէն բացի իրենք նաեւ էական հարցեր կը քննարկեն ղարաբաղ այցելութեան ժամանակ: Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով մասնաւորաբար ընդգծեց, որ իրենց այցելութիւնները Լեռնային ղարաբաղ, հանդիպումները նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ կը նշանակեն ղարաբաղի ընդգրկումը ընթացող քննարկումներուն մէջ, քննարկում այն էական հարցերուն շուրջ, որոնք կը շօշափուին կողմերուն միջեւ հանդիպման ժամանակ: «Մենք կը մեկնինք այն տեսակէտէն, որ որոշակի հանգրուանի ընթացքին ղարաբաղ պէտք է վերադառնայ այդ հոլովոյթին, որովհետեւ վերջաւորութեան կ՛որոշուի ճակատա(Þ³ñ.Á ¿ç II)
Մարդկային իրաւունքները ընդդէմ ազգային իրաւունքներուն եւ առաջնահերթութիւններու ճշդումի հարցը
Մ
արդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք կարելի չէ նկատել, իբրեւ բացատրութիւն կը հիմնուի ազատ կարծիքի սկզբունքին հիման վրայ: Ածանցեալ հիմնաւորում կայ սակայն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ: Կ՛ըսուի պարզ ձեւով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով միատեսակ կարծիք չկայ: Ճիշդ այստեղ է, որ մարդկային իրաւունքի եւրոպական կառոյցը ինքզինք կը մատնէ: Հարցը կը համեմատուի հրէական Ողջակիզումին հետ: Հիմա փորձենք համեմատել ազատ կարծիքի իրաւունքը եւ միջազգային համախոհութիւնը: եթէ մարդու կարծիքի ազատութիւնը բացարձակ եւ անքննարկելի սկզբունք է, ապա այդ պարագային միջազգային համաձայնութիւն մը տուեալ երեւոյթին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնայ արգիլել այդ կարծիքի հրապարակումը: Փաստօրէն արգիլուած է ժխտել հրէական Ողջակիզումը: Իսկ նման դիրքորոշում մը, մարդու կարծիքի արտայայտութեան դէմ դրուած ճնշամիջոց չէ՞: Առանց խորանալու այլ հիմնաւորումներու բացատրութեան մէջ, միայն այս անհամատեղելիութիւնը կը պարզէ խնդիրին մօտենալու զուտ քաղաքական մղումը: Որովհետեւ, բողոքառուն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն է եւ ոչ թէ միջազգային դատարանը: Իսկ եւրոպական դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ գոյացած համախոհութիւնը դատելու համար պիտի հիմնուէր եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած կեցուածքներուն, դիրքորոշումներուն եւ բանաձեւերուն վրայ եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Տարբեր հարց, որ մասնակիօրէն այս ձեւով եւրոպական կառոյց մը իր դիրքորոշումով կը հակասէ եւրոպական պետութեան մը որդեգրած օրէնքին: Բայց իրաւաբանական մեկնաբանութիւններուն ծալքերուն ոլորապտոյտէն հեռու մնալու համար կեդրոնանանք հարցի քաղաքական մօտեցումներուն վրայ: Յիշենք, որ նոյն Ֆրանսան իր Ազգային ժողովի մէկ հաստատութենէն միւսը եւ` փոխադարձաբար, հարցը քաղաքական շրջագայութիւններու մէջ դնելէ ետք, չհաստատեց օրինագիծի սահմանադրականութիւնը` ինքնահակասական ակներեւ երեւոյթ մը պարզելով դիպաշարին հետեւողներուն առջեւ: Նոյն Ֆրանսայի համար քրէականացուած է հրեաներու Ողջակիզումը, մինչ սահմանադրական չի նկատուիր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի նկատելը: Իսկ այստեղ միջազգային համախոհութեան եւ համաձայնութեան յղում կատարելու խնդիր չկայ, որովհետեւ կը խօսինք երկրի մը մասին, որ պաշտօնապէս ճանչցած է երկու ցեղասպանութիւնները: Իսկ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին շատ հանգիստ յղում կը կատարէ այսօր Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական դատարանը: եւրոպական ինքնահակասական դրսեւորումները` իրենց կարգին: Հայկական կողմը անհրաժեշտութեան առջեւ է վերանայելու իր մարտավարութիւնը այս հարցին ուղղութեամբ: Կարծիքի կամ արտայայտուելու ազատութիւնը ընդհանրապէս քաղաքակիրթ երկիրներու համար օրինաչափ է, որ գերարժեւորումի ենթարկուի: Այստեղ մեր խնդիրը զուտ հայեցողական առումով արդէն իսկ որոշ խոչընդոտներու կը հանդիպի, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք, որ ժխտողականութեան քրէականացումի աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած է եւրոպական միջավայրերու վրայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ հրէական խմբաւորումներուն կողմէ անուղղակիօրէն ստեղծուող արգելակումները` Ողջակիզման պարագայի եզակիութիւնը պահպանելու համար: Այս եւ նմանատիպ հանգամանքներու բերումով, արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ Ֆրանսայի կամ Զուիցերիոյ մէջ մեր առաւելները կը վերածուին նուազներու: Այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմ կը մերժեն զայն ժխտելու քրէականացումը կամ ալ կ՛ենթարկուին քրէականացման իրենց որոշումներու բեկանումներուն: Ճանաչումէն հատուցում աշխատանքային անցումի մէջ եղող հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի այսօր իր
(Þ³ñ.Á ¿ç II)