гñó³½ñáÛó Ð.Ú.¸. ´ÇõñáÛÇ
Ý»ñϳ۳óáõóÇã Ðñ³Ý¹ سñ·³ñ»³ÝÇ Ñ»ï
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.523 - 9 ÚáõÝáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Ø»ÍÇ î³ÝÝ ÎÇÉÇÏÇáÛ ²ñ³Ù ². γÃáÕÇÏáëÇ ê. ÌÝݹ»³Ý å³ï·³ÙÁ.
Լ
«Ձեզի փրկի՛չ ծնաւ»
ոյսին մէջ ու լոյսին համար ստեղծուած աշխարհը խաւարի մէջ էր ընկղմած: Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեղքի տիղմին մէջ էր խրած: Արարիչին գործակիցը դառնալու երկնային շնորհին արժանացած մարդը դարձած էր գերին փառքին, հաճոյքին, իր անձին: Այլ խօսքով, քանդուած էր աստուածաստեղծ մարդը մարդուն մէջ: Մարդուն անկումով ապականած էր նաեւ մարդուն խնամքին յանձնուած տիեզերքը: Աստուածային ծրագիրի իրագործման նպաստելու կոչուած մարդկային պատմութիւնը կորսնցուցած էր իր ուղղութիւնն ու նպատակը: Ի զուր սաղմոսերգուն յիշեցուց Աստուծոյ դառնալու հրամայականը: Ի զուր մարգարէներ շեշտեցին Աստուծոյ ապաւինելու եւ Անոր ներկայութիւնը ապրելու անհրաժեշտութիւնը: Անառակ դարձած մարդը շարունակեց թափառիլ անառակ կեանքի մոլոր ճամբաներուն վրայ: Ու ահա յանկարծ Բեթղեհէմի երկինքին վերեւ Աստուծոյ հրեշտակը իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն երեւնալով կ՛ըսէր. «Մի՛ վախնաք, այսօր ձեզի փրկիչ ծնաւ» (Ղուկ. 2,11): Ժամանակի ընդերքներէն ժայթքող երկնային ձայն մը, որ միշտ մնաց հնչեղ ժամանակի փոշիին ու ժանգին դիմաց: Երկինքէն երկիր բացուած լոյսի ճառագայթ մը, որ արշալոյսը եղաւ նո՛ր աշխարհին, նո՛ր մարդկութեան ու նո՛ր պատմութեան: Աշխարհը իր թմբիրէն արթնցնող, մարդկային կեանքը յեղաշրջող ու անոր առջեւ նոր հորիզոններ բացող երկնառաք պատգամ մը: Մի՛ վախնաք, այսօր ձեզի փրկիչ ծնաւ: «փրկի՜չ» ծնաւ: Սովորական մարդ չէր Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնողը, ո՛չ ալ սոսկ մարգարէ մը, այլ` Աստուծոյ Միածին Որդին: Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցող դէպքը, Աստուծոյ երկիր էջքով, ինքնանպատակ չէր: Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանար մարդը վերամարդացնելու համար, մարդը ազատագրելու մեղքի տիրապետութենէն ու առաջնորդելու դէպի փրկութիւն: Յիսուս դարերով սպասուած Մեսիան էր: «Ձեզի» փրկիչ ծնաւ: Հրեշտակը հովիւներուն ճամբով
մարդկութեան կը յիշեցնէր, թէ Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդին կը մարդանար մարդո՛ւն համար: Ան աշխարհ կու գար իբրեւ փրկիչը աշխարհին: Հրեշտակին պատգամին մէջ, նո՛յնիսկ իր մեղաւոր վիճակին մէջ Աստուծոյ յաւիտենական սիրոյն
արժանացած մարդուն նկատմամբ Երկնաւոր Հօր անհուն սէրը կայ: «Մի՛ վախնաք»: Աստուծոյ հրեշտակը կը վստահեցնէր հովիւներուն, թէ փրկիչին ներկայութեան ամէն վախ կը փարատի: Արդարեւ, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ամէն անգամ, երբ Քրիստոս մարդը վտանգի, ցաւի, յուսահատութեան, տառապանքի ու մահւան դիմաց տեսաւ, ըսաւ. Մի՛ վախնար, ե՛ս եմ, ես եկած եմ քեզի վերստին ծնունդ շնորհելու, նոր կեանք պարգեւելու. արդ, մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛: «Այսօ՛ր» ձեզի փրկիչ ծնաւ: Կարելի չէ Աստուծոյ յայտնութիւնը սահմանափակել ժամանակի ու միջոցի մէջ: Ան իբրեւ դէպք պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ, սակայն իբրեւ խորհուրդ ու պատգամ կ՛անդրանցնի ժամանակի ու պատմութեան սահմանները: Աստուծոյ փրկագործական խորհուրդը, Քրիստոսի մարդեղութեամբ սկսած, առաքելութեամբ շարունակուած եւ յարութեամբ պսակուած, անցեալ չէ, այլ` եկեղեցւոյ ճամբով շարունակւող դէպք: Աստուածային յայտնութեան մէջ երէկը, այսօրը եւ վաղը մէկ ու անանջատելի ամբողջութիւն կը կազմեն: Հետեւաբար, այսօ՛ր եւս Քրիստոս կը ծնի, եթէ մենք պատրաստ ենք ընդունելու զինք իբրեւ մեր փրկիչը: Այսօ՛ր եւս հրեշտակը երկնային աւետիսը կու տայ մեզի, եթէ մենք
պատրաստ ենք լսելու զայն: Հովիւները լսեցին հրեշտակին աստուածատուր պատգամը եւ հաւատքէ մղուած ուղղուեցան դէպի Բեթղեհէմ: Սիրելի՛ հայորդի, Բեթղեհէմ ուղղուած ու Յիսուս մանուկին առջեւ առաջին անգամ խոնարհած ժողովուրդին հարազատ զաւակն ես դուն: Բեթղեհէմը իր խորհուրդով ու պատգամով իր կեանքին հետ շաղախած ժողովուրդին հաւատարիմ զաւակն ես դուն: Բեթղեհէմի հաւատքով զօրացած պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց կանգուն մնացած ժողովուրդին արի զաւակն ես դուն: Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդին իր գոյութեան ապաւէնը, իր ճամբուն լոյսը, իր կեանքին յոյսը եւ միակ փրկիչը դարձուցած հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակն ես դուն: Ի՜նչ մեծ պատիւ, նաեւ ի՜նչ նուիրական պարտաւորութիւն… Դո՛ւն, սիրելի՛ հայորդի, ո՛չ միայն քու պապերուդ արիւնով թրծուած բեթղեհէմեան հաւատքին ժառանգորդն ես, անոր պահակն ու պահապանն ես, այլ կոչուած ես պապերուդ լոյս հաւատքը քու կեանքիդ մէջ ապրելու, քու կեանքդ անով շաղախելու ու իմաստաւորելու: Կեանքի ուրախ թէ տխուր պահերուն միշտ լսէ՛ երկնային պատգամը հրեշտակին` «ձեզի փրկի՛չ ծնաւ…»: Ու Բեթղեհէմի հաւատքով վերանորոգուած ու հզօրացած` Մերժէ՛ ներկայ աշխարհին բոլոր տեսակի «փրկիչ»ները, որոնք կը փորձեն մոլորեցնել քեզ: Մի՛ վախնար աշխարհի երեւելի ու աներեւոյթ չարիքներէն, որոնք կը փորձեն ապականել քու կեանքդ: Եւ քա՛ջօրէն դաւանէ, քու հայրերուդ օրինակով, կեանքո՛վ ու գործո՛վ, Բեթղեհէմի փրկիչը` իբրեւ միակ առաջնորդը եւ պահապանը քու կեանքիդ: u
u
u
Աստուածայայտնութեան հոգեպարար տօնին առիթով հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սար(Þ³ñ.Á ¿ç II)
«Ժողովրդի համար նախ ապրելու պայմաններ պէտք է ստեղծել» Üáñ î³ñáõ³Ý ë»ÙÇÝ, «ºñÏÇñ»Ç ϳÛù¿çÁ ѳñó³½ñáÛó ÙÁ áõÝ»ó³õ Ð.Ú.¸. ´ÇõñáÛÇ Ý»ñϳ۳óáõóÇã Ðñ³Ý¹ سñ·³ñ»³ÝÇ Ñ»ï: êïáñ»õ` ѳñó³½ñáÛóÁ ³ÙµáÕçáõû³Ùµ: -- Պարո՛ն Մար գարեան, աւարտւում է 2013 թուականը: Որ պէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` ամփոփելով անցնող տարին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք` ինչպիսի՞ն էր այն Դաշնակցութեան համար: -- Հարցին կարելի է զանազան ձեւերով պատասխանել, բայց ամէնքս էլ մարդ ենք, եւ չես կարող կտրուել քո շրջապատից, երկրի մթնոլորտից, որպէսզի փորձես դրական գնահատականներ հնչեցնել: Մեր երկիրը հիմա մի վիճակում է, երբ համատարած աղքատութիւն է, անգործութիւն եւ արտագաղթ: Յատկապէս դա շատ նկատելի է դառնում տօնական օրերին, երբ տեսնում ես, թէ ինչքան կարիքաւոր մարդ կայ շրջապատումդ, ինչքան ընտանիքներ կան, որ յայտնուել են լուրջ կարիքի մէջ, ինչքան կիսուած ընտանիքներ կան, որ արտերկրում են, եւ այլն: Եւ սա, բնականաբար, ազդում է դատողութիւններիդ, հայեացքներիդ վրայ: Մարդը պէտք է իր մէջ ուժ գտնի, զերծ մնայ այս խնդիրներից, որպէսզի կարողանայ մէկ այլ հայեացքով գնահատել անցած տարուայ անցուդարձը: Ինչ վերաբերում է երկրին եւ ժողովրդին, պէտք է ասեմ, որ լաւ տարի չէր, որովհետեւ ոչ միայն մեր բազում խնդիրներն ու ընկերայինտնտեսական հարցերը չեն լուծուել, այլ ընդհակառակը` աւելի վատացել են: Լաւատես լինելու համար պէտք է բաւական ճիգ թափես, որ կարողանաս լաւատեսական գնահատականներ տալ, մի բան, որ անհրաժեշտ է, բայց այդքան էլ դիւրին չէ: Ինչ վերաբերում է մեր աշխատանքներին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններին, ընտրութիւնների արդիւնքում ունեցած ձախողութիւններին, որոնք բնականօրէն վատ էին ազդել մեր կազմակերպութեան վրայ, կարծեմ` բոլոր քաղաքական ուժերի վրայ եւս, համատարած ճնշող մթնոլորտը, որ բոլորին անկարողութեան մատնեց, թոյլ չտալով ունենալ արդար ընտրութիւններ, որտեղ կը պարզուէր ժողովրդի իրական կարծիքը, տեսակէտը, իրական համոզմունքները, հակակրանքներն ու համակրանքները, մեզ համար արդէն անցած հանգրուան է, եւ այս տարուայ ընթացքում կարողացանք այդ փուլն անցնել: Այժմ փորձում ենք մեր մէջքն ուղղել եւ նոր պայքարի, նոր հանգրուանի, նոր աշխատանքների ենք տրամադրուած: Այս առումով տարին սկսեցինք փակել դրական առումով, այսինքն` երկրորդ կիսամեակը մեզ համար արդիւնաւէտ էր: Հայ դատի, մեր քաղաքական աշխատանքների առումով, կարծում եմ, դրական ձեռքբերում էր երկու կաթողիկոսների ապրիլքսանչորսեան ուղերձը, որով, փաստօրէն, Հայ դատի պայքարի մէջ բացուեց մի նոր հանգրուան, որով մենք Հայ եկեղեցու իրաւունքների պաշտպանութիւնով սկսում ենք մեր պահանջատիրական նոր ժամանակաշրջանը: Թուրքիայում մնացած հայութեան բեկորների բաւական լուրջ ձգտումները դէպի արմատները եւս մեզ համար շատ կարեւոր էին: Իսկ ամենակարեւորը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացն էր, որ տեղի ունեցաւ մեր` Հայ դատի յանձնախմբերի տարած աշխատանքների շնորհիւ: փաստօրէն, մենք այս տարի սկսեցինք այդ աշխատանքները եւ արդէն առաջին դրական արդիւնքները ունենք: Կարողացանք նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը միջազգային եւ տարբեր պետութիւնների խորհրդարանական հարթակներում որպէս պաշտօնական կողմ ներկայացնել, հաւասար մակարդակի հանդիպումներ կազմակերպել, որը նոյնպէս առաջընթաց էր: Չնայած ղարաբաղեան բանակցութիւններում տեղի չունեցաւ որեւէ առաջընթաց, բայց դրան զուգահեռ զարգացաւ թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ թէ՛ Արցախն ուղղակի կարողացաւ ներկայութիւն դառնալ եւ պետական մակարդակում առաջին քայլերն արեց միջազգային ասպարէզում: Սա, անշուշտ, մեծ ձեռքբերում էր եւ սկիզբն էր այն մեծ աշխատանքի, որ առաջիկայում դեռ պէտք է կատարենք: (Þ³ñ.Á ¿ç III)