13524 armenio

Page 1

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.524 - 16 ÚáõÝáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

Àë³õ ²ñÃáõñ ²Õ³µ»Ï»³Ý

Ս

«Լ.Ղ.հ.ի վիճակահանութեան արդիւնքները լաւ սկիզբ են»

ՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը գոհ է պետական վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքէն եւ 28 Դեկտեմբերին կազմակերպուած վիճակաձգութեան արդիւնքներէն: Ան յոյս ունի, որ այս տարուան Մայիսին պիտի հրապարակուին աւելի մեծ քանակով տոմսեր, եւ տարեվերջին պիտի կազմակերպուի մէկ միլիոն տըպաքանակ ունեցող վիճակահանութիւն, որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործել ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ի խնդիր: Ըստ Աղաբեկեանի՝ վիճակահանութիւնը կը հետապնդէ երկու ռազմավարական նպատակ: Առաջինը՝ ապահովել աշխատատեղեր եւ տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացնել գրաւեալ տարածքներու վերաբնակեցման։ «Պէտք է ասեմ, որ երկու նպատակն էլ իրականութիւն է դարձել: 345 շահումներից 300ը արցախեան զարդանախշերով գորգեր են, որոնք այս պահին արտադրւում են Շուշիում եւ Ստեփանակերտում՝ «Ղարաբաղ կարպետ» ՍՊԸում, որտեղ արդէն աշխատում են 140ից աւելի կին: Եւ երկրորդը՝ տոմսերի

Ս

վաճառքից առաջացած գումարից մօտ 200 միլիոնը ուղղուելու է վերաբնակեցմանը: Մենք նըպատակ ունենք վիճակախաղի տոմսերի տպաքանակը մեծա-

ցնելով՝ 3 տարուայ ընթացքում կառուցել 100ից աւելի առանձնատուն, որոնցից իւրաքանչիւրի գումարը կը կազմի 14-15 միլիոն դրամ: Մարտ ամսից կը սկսուի 50 առանձնատան շինարարութիւն»: Նշենք, որ տոմսերու վաճառքէն գոյացած է աւելի քան 522 միլիոն դրամ գումար: Տոմսերը վաճառուած են «հայ Մամուլ»ի, «Արցախփոստ»ի կրպակներուն մէջ, սակայն, Աղաբեկեանի համաձայն, տոմսերուն գերակշիռ մասը սպառուած է ոչ աւանդական եղանակով: «Այո՛, մենք ինչ-որ տեղ տոմսերն իրացրել ենք ոչ աւանդական եղանակով: Այդ ճանա-

պարհով մեր բարեկամները, պետական պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնն են ցուցաբերել եւ օգնել տոմսերի իրացման գործում: Պէտք է նշեմ, որ այդ գործում մեծ աջակցութիւն են ցուցաբերել Պաշտպանութեան նախարարը, Երեւանի քաղաքապետը, Արտակարգ Իրավիճակների նախարարը, ԵՊհ ռեկտորը, Գագիկ Ծառուկեանը, հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ եւ շատ ուրիշներ, որոնց անունները հիմա չեմ յիշում: Ես յոյս ունեմ, որ յաջորդ տարի այս գործում մեզ աջակցելու համար ես կը տամ ոչ թէ 2-3 կամ 10 անուններ, այլ 50, 60 եւ 100 անուններ: Մեր նպատակն է շրջանառութեան մէջ դնել տարեկան 1 միլիոն տոմս: Այս տարուայ արդիւնքները լաւ սկիզբ էին», «Առաջին լրատուական»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արթուր Աղաբեկեանը: վիճակաձգութեան օրը տրամադրուած է 345 մրցանակ՝ 300 արցախեան գորգեր, 1 բնակարան՝ Ստեփանակերտի մէջ, 1 ինքնաշարժ եւ 5 ուղեգիր (տոմսակ)՝ դէպի Արցախ: Արցախի փոխվարչապետին համաձայն՝ վիճակահանութեան նոր տոմսերը այս տարի եւս շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին 9 Մայիսին:

Սուրիահայերը Սփիւռքի Նախարարութենէն թափանցիկ գործունէութիւն կը պահանջեն

ուրիահայերը կը պահանջեն, որ իրենց յատկացուող գումարները բաշխուին թափանցիկ, իսկ տեղեկատւութիւնը` ճշգրիտ: Ըստ yerkirmedia.am-ի՝ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին անոնք ըսած են, որ յատկապէս հասարակական ցանցերու մէջ կը խօսուի իրենց յատկացուող գումարներու ոչ ճիշդ ու հասցէական բաժանման մասին: Այդ հարցով որեւէ փաստ չկայ, իսկ որպէսզի շահարկումներ չըլլան, անհրաժեշտ է, որ գումարները բաշխուին թափանցիկ, ու ըլլան հաշուետը-

ւութիւններ: «Այդ գումարները կը յատկացնէ Սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ թափանցիկ ըլլայ ամէն ինչ, քանի որ ոչ ոքի կրնաս ըսել, թէ Facebook-ի մէջ արձանագրութիւններ մի ըներ: Չունինք փաստեր, թէ գումարները ճիշդ չեն բաժանուիր: Պարզապէս որպէսզի խօսակցութիւններէն հեռու մնանք, աւելի լաւ է հաշւետւութիւններ ըլլան», ըսած է վազգէն Պերղուտեանը: Իսկ լրագրողներուն կոչ ուղղած են` ճշգրտել Սուրիայէն հասած տեղեկատւութիւնը, քանի որ երբեմն լրատւութիւնն

ու փաստը չեն համապատասխաներ: Անոնք նաեւ խօսած են իրենց առջեւ ծառացած առաջնահերթ խնդիրներու մասին` յատկապէս առանձնացնելով աշխատանքի հարցը: «Գերակայ է աշխատանքի հարցը: Սուրիահայերու հիմնական մասը ունակ է աշխատելու, աւելին, ունի արհեստներ կամ ուսեալ է: Այնպէս որ, պետութիւնը կրնայ օգտուիլ ատկէ ու նաեւ օգնած ըլլալ: Կայ ասոր միւս կողմը, արդեօ՞ք աշխատավարձը այնքան է, որ մարդը կարենայ այստեղ վարձք տալ եւ ընտանիքը պահել», ըսած է Ռոպերթ Սուլահեանը:

Անգարայի ցուցմունքը եւ Պաքուի ձախող կատարումը

հ

ինգշաբթի օր, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտարարած էր, որ եթէ հայաստանը «կառուցողական դիրքորոշում» ցուցաբերէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման գործին մէջ, ապա «կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութեան գալ»: Ալիեւի համաձայն, որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած արցախեան բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Թէեւ տարեվերջին որոշակի աշխուժացում նկատուած է: Ընդհանուր այս պարունակին մէջ յայտարարութիւնը շարունակուած է: «Որոշակի յոյսեր, որոշակի լաւատեսական պահեր կան, բայց 2014 թուականին մենք կ՛ուսումնասիրենք զանոնք: Ամէն պարագայի, 2014 թուականին հայաստանի իրական մտադրութիւնը ամբողջովին կը պարզուի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը: Յայտարարութիւնը ունի այլ բաժիններ եւս: Կը վերադառնանք այդ բաժիններուն: Մինչ այդ փորձենք դիտարկել այս հատուածը: Ուրեմն Պաքուն կառուցողականութիւն կ՛ակընկալէ Երեւանէն: Մինչ այդ սակայն, կառուցողականութիւն ակնկալողը բացի հրադադար խախտելէ եւ հետախուզական գործողութիւններ կազմակերպելէ, աննախադէպ վտանգաւոր քայլերով նախայարձակողականութեան այլ հարթութիւններ կը թեւակոխէ: Ազրպէյճանական կողմէն կրակահերթ կը տեղայ ոչ միայն ազրպէյճանաարցախեան շփման գիծին վրայ, այլ ուղղակի դէպի հայաստանի հանրապետութեան տարածք: Նման յարձակողապաշտութեան դրսեւորումներ ցուցադրելէ ետք, կը թուի, թէ «կառուցողականութեան» եւ «խաղաղասիրութեան» ակնկալութիւններ յայտարարելու ցուցմունքը Պաքու հասած է Անգարայէն: Այս հատուածին երկրորդ բաժինը այդ մասին մտածել կու տայ: Ալիեւ փաստօրէն կը կապկէ Տաւութօղլուի «խաղաղասիրութիւն»ը: Յար եւ նման է այս մէկը մանաւանդ, երբ նկատի կ՛ունենանք տարեվերջին երեւցած, ըստ Ալիեւի անշուշտ, ուղղակի որոշակի աշխուժացումը: Տարեվերջին Տաւութօղլուն այցելած էր Երեւան, սեւծովեան երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ: Այցելութեան նախորդող ժամանակաշրջանին եւ այցելութեան օրերուն եւ անկէ անմիջապէս ետք, դիպաշարին հետեւողը ականատես եւ ունկնդիր դարձաւ իբրեւ թէ կառուցողականութիւն ցուցադրող Անգարայի թիւ մէկ դիւանագէտի ըսելաձեւերուն: Անոնց հետեւեցաւ անշուշտ Թուրքիոյ քարոզչաքաղաքական խումբի նուագը, որ ներդաշնակ էր թուրք արտաքին գործոց նախարարի ճպոտի շարժումներուն: Այս բոլորին նկատմամբ լուռ էր Պաքուն` թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տեղեկատուական առումներով: Լուռ անհանգստութիւն մը կար Թուրքիոյ բեմադրած համանուագին դիմաց, որ կը բացատրուէր Պաքուի շրջանցումով հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման (ան)հաւանական մեկնարկի մը նախատեսումով: Թէեւ, Անգարայի ներկայացուցիչը ամէն պատեհ - անպատեհ առիթի կը յիշեցնէր արցախեան հարցի լուծման անհրաժեշտութիւնը: Նոյնիսկ պաշտօնապէս կը յայտարարւէր յարաբերութիւններու վերամեկնարկման աշխատանքներուն վերջին փուլին մէջ ըլլալը… Ալիեւի կողմէ կառուցողականութիւն ակնկալելու այս յայտարարութիւնը համահունչ է Տաւութօղլուի բեմականացումներուն նաեւ 2014ի նշումով: Թուականը անպայման հայազրպէյճանական բանակցութիւններուն միայն չի վերաբերիր: Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու վերամեկնարկը պայմանաւորուած է հայկական ուժերու Արցախէն հեռացումով: Պատուէրային ապատեղեկատուութիւնը կը խօսէր հայկական համաձայնութեան մասին արցախեան երկու շրջաններէ հայկական ուժերը հեռացնելու առումով: Ալիեւի ակնկալածը 2014ին նման տեղաշարժի մասին է: Ինչ որ նաեւ Տաւութօղլուին լաւատես ըլլալու միտումներ փոխանցած էր: Կառուցողականութեան, բանակցութիւններու աշխուժացման եւ խաղաղասիրական շեշտադրումներով հանդէս գալու Անգարայի ցուցմունքը յայտնապէս ձախող կատարած է Պաքուի առաջնորդը: Յայտարարութիւնը կ՛աւարտի հետեւեալ բառերով. «Մեր ռազմական հզօրութիւնը վճռական դեր կը խաղայ միջազգային նորմերուն համապատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արդարացի լուծման գործին մէջ: Մեր բանակը աշխարհի ամէնէն ուժեղ բանակներէն է»: Անկախ անկէ, որ միջազգային նորմերուն ճշդած սահմանները վաղուց անցած է ազրպէյճանական սպառազինումը, պահ մը պէտք է կեդրոնանալ Ազրպէյճանի նախագահին կատարած իր իսկ էութեան վերադարձին: Ռազմական հզօրութեան վճռական դեր վերապահելով Ալիեւ միեւնոյն յանկերգն է, որ կը կրկնէ: հիմա պէտք է մտածել, թէ քաղաքական նման պահուածքի դիմաց ի՞նչ կառուցողականութիւն կը սպասուի հայկական կողմէն: Խնդիրը սակայն, այս պարագային Անգարայի ցուցմունքը Պաքուի կողմէ ձախող կերպով կատարելն է: «ԱԶԴԱԿ»


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.