äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.526 - 30 ÚáõÝáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
ըսաւ Կիրû Մանոյան
Ղ
«ԼՂՀ-ի ընդգրկումը որպէս բանակցային կողմ վաղուց հասունցած խնդիր է»
արաբաղեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ բանակցութիւնները այս կերպ շատ հեռու չեն կրնար երթալ. յունուար 27ին «Փաստարկ» մամուլի ակումբի մէջ հրաւիրուած ասուլիսին տեսակէտ յայտնեց Հ.յ.դ. Հայ դատի և Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ մանոյանը։ «Վաղուց ժամանակն է, որ ԼՂՀն որպէս լիիրաւ կողմ մասնակցի բանակցութիւններուն, և միջնորդ կողմերն առնուազն այդ պէտք է ապահովեն՝ որպէս զսպող մեխանիզմ, Ատրպէյճանին թոյլ չտալով նման վարքագիծ դրսևորել», ըսաւ ան։ Կիրօ մանոյանը նկատել է նաև, որ արտաքին դիւանագիտութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս ակնյայտ դարձաւ յատկապէս Հայաստանի և Ատրպէյճանի արտգործնախարարներու վերջին հանդիպումէն առաջ, երբ Ատրպէյճանը հրադադարը խախտեց։ Անդրադառնալով մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, Կիրօ մանոյանը տարակուսանք յայտնեց՝ թէ անկէ ետք իմաստ ունէ՞ր շարունակել բանակցութիւնները, թէ՞ պէտք էր ընդամէնն ըսել, որ, Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպման նախօրէին Ատրպէյճանի պահուածքը ընդունելի չէ, և մենք չենք մասնակցիր։ «Չեմ կարծեր, որ հայկական կողմը երբևէ կը մերժէ երթալ բանակցութիւններուն, որովհետև միշտ ցանկութիւն կայ «լաւ» հասկցուելու, յատկապէս՝ Արևմուտքի կողմէ։ Բայց անհրաժեշտ է նոյն Արևմուտքին ցոյց տալ, որ իրենց այդ «հաւասարակշռուած» մօտեցումը մեղսակցութիւն է Ատրպէյճանի քաղաքականութեան և անոր համար ալ պէտք է Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը ապահովեն», կրկնեց մանոյանը: Կիրօ մանոյանի համոզմամբ, թէեւ Ատրպէյճանը պատերազմ չ՚ուզեր սկսիլ, բայց պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը կը մեծնայ։ «Վստահ չեմ, որ Ատրպէյճանը պատերազմ կ՚ուզէ սկսիլ, եթէ ան համոզուած ըլլար, որ յաղթանակ կը տանի, կ՚սկսէր վաղուց, բայց հաւանական է, որ
նման գործողութիւնները կարող են պատերազմի սկսման պատճառ դառնալ։ Անհրաժեշտ է որ միջնորդները յստակ գնահատական տան, և չթաքնուին կեղծ հաւասարակշռութեան ետև», ըսաւ ան։ Հարցումին, թէ Ատրպէյճանի նպատակն այն չէ՞ արդէօք, որ բանակցութիւնները տապալի, Կիրօ մանոյանը համաձայնեցաւ, բայց ընդգծեց, որ հայկական կողմի քայլերը պէտք չէ սահմանափակուին բանակցութիւններով և պէտք է նախ և առաջ արտաքին քաղաքականութիւնն ուղղել ԼՂՀ միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերու իրականացման։ «մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ նախաձեռնողական, և Հայաստանը պէտք է սկըսի ուղղակի քայլեր ձեռնարկել ԼՂՀ միջազգային ճանաչման համար», ընդգծեց մանոյանը: Քաղաքական գործիչը անդրադարձաւ նաև Հայաստանի մաքսային միութեան անդամագրուելուն և, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արտաքին քաղաքական ի՞նչ ազդեցութիւն կարող է ունենալ փաստա-
թուղթերու արդէն վերջնական ստորագրումը, ըսաւ. «Արտաքին քաղաքականութեան վրայ բաւական յստակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը նոյն ինտենսիւութեամբ առաջ պիտի չ՚երթայ իր բոլոր հետեւանքներով: Եւրոմիութեան այն շրջանակները, որոնք հակառուսական տրամադրութիւն ունին, պիտի մեկանաբանեն որպէս Հայաստանի կողմէ Եւրոպայէն հրաժարում, բայց, բարեբախտաբար, ամբողջ Եւրոմիութիւնը այդպիսի գնահատական պիտի չի տայ: Անոնք կը հասկընան, որ Եմն ինքն ալ պատասխանատուութիւն ունի, որ Հայաստանի հետ բանակցած փաստաթուղթը չստորագրուեցաւ, որովհետև իրենք չէին առաջարկեր Հայաստանին այն, ինչի կարիքը Հայաստանն ունէր»: մանոյանը աւելցուց, որ չի կարծեր, թէ այս որոշումը Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացի վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունենայ. «մենք պէտք է յիշենք, որ Ռուսաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, բայց իր առջև խնդիր դրած է՝ տարածաշրջանի մէջ յստակ պահել իր ազդեցութիւնը: մենք պէտք է միշտ զգոն ըլլանք»: պատասխանելով հարցումին, թէ ինչ կրնայ ընել Հայաստանը, եթէ անոր չեն հրաւիրեր Սուրիոյ հարցով «Ժնեւ 2» խորհրդաժողովին, Կիրօ մանոյանը պատասխանց` Հայաստանը պէտք է հետեւի Սուրիոյ ազ-
Հայաստանի Ազգային Ժողովի չորս խմբակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւն
2
014 թուականի յունուարի 24ին Սահմանադրական դատարանը, մինչեւ գործի դատաքննութեան աւարտը, կասեցրեց «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի 76րդ յօդուածի եւ 86րդ յօդուածի 3րդ մասի գործողութիւնները: Սա նշանակում է, որ 1974ին եւ դրանից յետոյ ծնուած աշխատող անձինք չեն խախտել օրէնքի պահանջը` մինչեւ 2014 թուականի յունուարի 1ը չընտրելով կենսաթոշակային ֆոնտ եւ ֆոնտի կառավարիչ: Բացի այդ` առնուազն մինչեւ 2014 թուականի մարտի 28ը գործատուները կարող են չհաշուարկել եւ չփոխանցել այդ աշխատողների համար կուտակային վճարները` չկրելով որեւէ պատասխանատուութիւն: Ելնելով այս որոշման էութիւնից, վերահաստատելով օրէնքի պարտադիր բաղադրիչի վերացման ուղղութեամբ համակարգուած պայքարի կարեւորութիւնը` Կոչ ենք անում 1.- Գործատուներին` աշխատողների աշխատավարձից պարտադիր կուտակային վճարի հաշուարկում եւ փոխանցում մի կատարէք: Այլապէս, աշխատակիցների փաստացի տնօրինւող աշխատավարձերը կը նուազեն, աշխատակիցներին կը ստիպէք այս անորոշութեան մէջ ընտրութիւն կատարել կենսաթոշակային ֆոնտերի եւ կառավարիչների միջեւ: Եւ եթէ 2014 թուականի մարտի 28ի դատաքննութեամբ օրէնքի վիճայարոյց դրոյթները ճանաչուեն սահմանադրութեանը հակասող եւ անվաւեր, դուք եւ ձեր աշխատակիցները կը կրէք չվերականգնուող ելեւմտական կորուստներ: 2.- 1974 թուականին եւ դրանից յետոյ ծնուած աշխատող բոլոր քաղաքացիներին` մի կատարէք ընտրութիւն կենսաթոշակային ֆոնտերի եւ կառավարիչների միջեւ, յորդորէք ձեր գործատուներին, որ ձեր աշխատավարձից պարտադիր կուտակային վճարներ չպահեն եւ չփոխանցեն: 3.- Գործատուների միութիւններին եւ արհեստակցական միութիւններին` պաշտպանէք ձեր իրաւունքները համախմբըւած հասարակութեան հետ, թոյլ մի՛ տուէք որեւէ մարմնի կողմից ձեր կազմակերպութեան անդամների նկատմամբ անօրինականութեան պարտադիր գործադրում: 4.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձանց, կառավարութեանը եւ Կենտրոնական դրամատան` դադարեցրէք ապատեղեկատուութիւնը քննարկուող օրէնքի վերաբերեալ, ինչը մենք գնահատում ենք որպէս բացայայտ ճնշում Սահմանադրական դատարանի վրայ: 5.- Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներին, կազմակերպութիւններին եւ պայքարող երիտասարդութեանը` էլ աւելի համախմբուած, լայն թափով շարունակէք պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական ճանաչելուն ուղղուած գործողութիւնները: 6.- մենք ակնկալում ենք, որ Սահմանադրական դատարանը կը ճանաչի պարտադիր բաղադրիչը սահմանադրութեանը հակասող եւ կ՛առաջարկի խնդրի սահմանադրական լուծման այնպիսի տարբերակ, որը հաշուի կ՛առնի կենսաթոշակային համակարգի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները: մենք վճռական ենք շարունակել պայքարը կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչի դէմ: Հայաստանի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններ`
Հ.յ.դ. ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱյԱՍՏԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՀԱյ ԱԶԳԱյԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ
(Þ³ñ.Á ¿ç III)
ըսաւ Սէյրան Օհանեան
Հ
«Հայկական Զինեալ Ուժերը մարտունակութեան առումով շրջանին մէջ իրենց նմանը չունին»
այաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհաւորելով մեր բանակի կազմաւորման տարեդարձը, նշեց թէ հայկական բանակը ոչ թէ 22 տարւան երիտասարդ, այլ զինուորական մեծ փորձառութիւն
ունեցող բանակ է, որուն կազմաւորման հիմքը ժողովուրդի զինուորական գիտելիքներն են: Ան նշեց, որ հայ զօրավարներու միջազգային պատերազմներու ժամանակ մասնակցութեան եւ կերտած յաղ-
թանակներուն շնորհիւ հայկական զինեալ ուժերը տարուէ տարի կը դառնան աւելի մարտունակ ու զարգացած եւ այդ առումով շրջանին մէջ իրենց նմանը չկայ: Հայկական զինեալ ուժերը միջազգային ասպարէզին մէջ իրենց մասնակցու-
թեամբ ցոյց տուին ոչ միայն բարձր պատրաստուածութիւն, այլեւ ապացուցեցին, որ սպառազինութեան եւ զինուորական-արհեստագիտական հարցերուն մէջ ազնիւ են եւ կը նըպաստեն ապահովութեան:
(Þ³ñ.Á ¿ç III)