13529 armenio

Page 1

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.529 - 27 ö»ïñáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

ÈÔРܳ˳·³Ñ ´³Ïû ê³Ñ³Ï»³Ý

“Անցած տարիները ապացուցած են, որ մեր ընտրած ուղին ճիշդ է ու անշրջելի”

Լ

ՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ուղերձ յղած է Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն: Նախագահի ուղերձին մէջ ըսուած է. «Սիրելի հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Արցախի վերածննդի օրուայ առթիւ: Փետրուարի 20-ը մեր ժողովրդի պատմութեան մէջ մտաւ որպէս մի տօն, որը խորհրդանշում է արցախցիների ազատատենչ ոգին, հայրենի երկրում ազատ ու անկախ ապրելու եւ սեփական ճակատագիրն ինքնուրոյն տնօրինելու անսասան կամքը: Այդ օրինական, խաղաղ ու արդարացի

պահանջին ի պատասխան` Ատրպէյճանը սանձազերծեց կոտորածներ ու բռնի տեղահանութիւններ եւ մեր նորանկախ պետութեանը ներքաշեց արիւնահեղ պատերազմի մէջ: Դրանք չափազանց ծանր ու դժուարին տարիներ էին Արցախի կեանքում: Դիմակայելով անասելի զրկանքների ու փորձութիւնների, կրելով անդառնալի կորուստներ` մեր ժողովուրդը պահ անգամ չերկմտեց ու չընկճուեց, այլ իր քաջ զաւակների կեանքի գնով, աշխարհասփիւռ քոյրերի ու եղբայրների միասնականութեան ու սխրանքի շնորհիւ կարողացաւ պաշտպանել հայրենի հողը: Հայրենիքի նուիրեալների յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերում եւ սերունդների յիշողութեան մէջ: Անցած տարիները եկան ապացուցելու, որ մեր ընտրած

ուղին ճիշտ է ու անշրջելի: Արցախահայութիւնը շարունակում է կառուցել միջազգային նորմերին ու չափանիշներին համապատասխան ժողովրդավարական պետութիւն, շարունակում է շէնացնել գիւղերն ու քաղաքները, կառուցել նոր ճանապարհներ ու ջրատարներ, բնակարաններ ու հիւանդանոցնէր, դպրոցնէր ու մանկապարտէզներ, օրէցօր բարելաւել մարդկանց կենսապայմանները: Թանկագին արցախցիներ, մէկ անգամ եւս շնորհաւորում եմ բոլորիս այս յիշարժան տօնի կապակցութեամբ եւ մաղթում խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ նոր յաջողութիւններ ու յաղթանակներ` ի փառս մեր հերոսական ժողովրդի եւ Արցախի Հանրապետութեան», ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ:

եւ Մայք Կէյփսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի լուծման, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր: Գերագոյն մարմինի փոխ-

ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանացի պատգամաւորներուն` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ իրենց ջանքերուն համար: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Մանուշեանի գրուած նամակը` ուղղուած իր կնոջ` Մելինէին. «Քանի մը ժամ ետք ես այլեւս այս աշխարհին մէջ պիտի չգտնուիմ. զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Ես վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն կը պահեն մեր յիշատակը: Եթէ կարելի ըլլայ, իմ յիշողութիւններս փոխանցէ՛ Հայաստանի մէջ գտնուող իմ հարազատներուս»: Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ

Ֆրանսուա Հոլլանտ նշեց, որ Մանուշեան Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն է, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի մէջ եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Նախագահը շեշտեց, որ Միսաք Մանուշեան միակ հայը չէ, որ իր կեանքը զոհեց Ֆրանսայի ազատութեան համար: Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիպում` ՀՅԴ-ի եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական խորհրդականներու միջեւ

Հ

ՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Բրիտանական խմբակի կազմէն` Համայնքներու տան Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ Սթիվըն Փաունտի

Հոլանտի մասնակցութեամբ յիշուեցաւ Մանուշեանի գնդակահարման 70-րդ տարելիցը

Ո

ւրբաթ, Փետրուար 21ին, Փարիզի արուարձանին մէջ գտնուող ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման Մոն Վալերիեն յուշահամալիրին մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն` նուիրուած Միսաք Մանուշեանի խումբի անդամներուն նացիներուն կողմէ գնդակահարման 70-րդ տարելիցին: Ֆրանսուա Հոլլանտ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրին վրայ եւ հանդէս եկաւ ելոյթով: Արարողութեան մասնակցեցաւ ՀՀ արտգործ նախարար Է. Նալբանդեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայաստանի անունով:

Արցախեան խորհուրդին

առանձնայատկութիւնը

Փ

ետրուարեան խորհուրդները Վարդանանցէն սկսեալ, անցնելով ապստամբական իրադարձութիւնը հասնելու համար Սումկայիթ եւ Արցախեան ազատամարտ, պատմաքաղաքական ընդհանուր հիւսուածքի մը տարբեր բաժիններն են` ագուցուած իրարու այս կամ այն պատմական տրամաբանութեան ուղիով: Բոլորն ալ լինելութեան, գոյատեւման եւ ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորումներն են, տարողութեան յստակ տարբերութիւններով անշուշտ: Վարդանանց գաղափարախօսութիւնը կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու նոյն շարժառիթէն մեկնած էր. Արցախեան ազատամարտը կը յենէր ցեղային մաքրազտման չենթարկուելու համազգային որոշումէն, մինչ Սումկայիթը կը փաստէր, որ հայկական աշխարհի որեւէ անկիւն հակառակորդին համար թիրախ էր նոյն այդ ցեղային մաքրազտումը իրականացնելու համար: Այս բոլորին մէջ ազատ, ինքնուրոյն եւ անկախ ապրելու համաժողովրդային պոռթկումն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Հակահայ մոլուցքի միեւնոյն մղումն էր, որ 10 տարի առաջ վեր կը բարձրացնէր ազրպէյճանցի զինուորին ձեռքը իր քունին մէջ սպաննելու համար հայ սպան: 10 տարիէն առաջ նոյնն էր Ազրպէյճանի քաղաքականութեան հետեւանքը, 10 տարի ետք կը մնայ նոյնը: Հայատեաց քաղաքականութեան շարունակութիւն, մարդասպանի հերոսացում, գիշերը ծրագրուած դաւադիր ներխուժումի գործողութիւն, ռազմատենչ հռետորաբանութիւն, ռազմական պիւտճէի ուռճացում, հրադադարի անվերջ խախտում: Ահաւասիկ նման վարքագիծով Պաքուն կը փորձէ առաւելներ ապահովել արցախեան հակամարտութեան լուծման ճանապարհին` աւելիով բարդացնելով բանակցային գործընթացը եւ անվերջ հակադրուելով միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս միջնորդական առաքելութիւնը ստանձնած կողմերուն յստակեցուցած նորմերուն: Այս պայմաններուն մէջ Պաքուէն յաւելեալ գիտակցութիւն ակնկալելը կը թուի, թէ իրատեսական չէ: Պաքուն փաստած է, որ ինք քաղաքակիրթ բանակցող կողմին վերապահուած արժէքներէն բաւական հեռու գտնուող միանձնեայ իշխանութեան վրայ կառուցուած պետութիւն է, որ ոչ միայն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ու այլակարծութեան արժեչափերուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու մասնակից պետութիւն ըլլալու նախադրեալները չ՛ամբողջացներ: Այս հանգամանքները կը ստիպեն հայկական կողմին հզօրացնելու ինքնապաշտպանութեան համակարգը: Մանաւանդ որ հակառակ յայտարարողական մակարդակին վրայ անվերջ խաղաղասիրական ելոյթներ բեմադրելուն, Անգարան եւս կը շարունակէ մեր երկիրը շրջափակած պահել` պատրուակելով արցախեան հանգոյցը: Թէեւ սահմանի բացման մասին շրջող բազմակողմանի լուրերը, անցակէտերու անմիջական տարածքներու ականազերծման աշխատանքներուն մասին անվերջ յանկերգուող հաղորդագրութիւնները իբրեւ թէ կը նախապատրաստեն Անգարայի կողմէն առնուելիք խաղաղասիրական գործողութիւն մը: Այո. փետրուարեան խորհուրդները փոխկապակցուած են. Տիզպոնն ալ օրին խաբկանքի եւ խաբէութեան դաւեր կը նիւթեր հայութեան կրօնափոխութիւնը ապահովելու համար, նախքան պատերազմի յայտարարութիւնը: Այդ օրերու իմիթացիոն (պատրանքային) գործողութիւններու կը ձեռնարկէր Յազկերտը: Այնպէս ինչպէս Տաւութօղլուի բեմադրած արարները: Համազասպին դէմ թէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դէմ բարձրացած կացիններուն ետին կը կանգնի հայատեացութեան եւ հայու ազատատենչ ոգիի չէզոքացման քաղաքականութիւնը: Կարելի է պատմականին եւ ժամանակակիցին մէջ նման զուգահեռներ շարունակել` ընդգծելու համար հակառակորդին մղումներն ու մեր հաւաքական կամքի եւ իբրեւ ազգ գոյատեւումը շարունակելու դրսեւորման փաստերը: Հիմնական առանձնայատկութիւն մը կ՛երեւի այս բոլորին մէջ: Վարդանանց պարագային մենք ստացանք յաղթանակին բարոյական երեսը: Անկախութեան կարճատեւ վերականգնումը ամրագրած Փետրուարեան ապստամբութիւնը յանգեցաւ հանրապետութեան կորուստին: Արցախի պարագային հայութիւնը կերտեց թէ բարոյականն ու թէ իրողականը. մանաւանդ կերտեց երկրորդ անկախ հանրապետութիւնը: խագիծը ներկայացուցած է, որպէսզի ուսումնասիրեն, քննարկեն եւ յետոյ կրկին քննարկում ըլլայ: “ Ազ դակ”


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.