äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.530 - 6 سñï 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
ö.ø.ø.-Ç ³é³çÝáñ¹ ²åïáõÉÉ³Ñ ¾û׳ɳÝÇ Ý³Ù³ÏÁ
Մ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: “Ողջունելի, բայց լուրջ վերապահումներով”
օտ չորս շաբաթ առաջ հրապարակուեցաւ Փ.Ք.Ք.-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալանի նամակը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով, որ նախ հրատարակուեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Հ.Յ.Դ.-ն ցարդ պաշտօնապէս չարձագանգեց այդ նամակին. Այս նամակի մասին, ի՞նչ է կուսակցութեան կեցուածքը։ Յ.Տ.Խ. – Նախ ըսեմ, որ Էօճալանի նամակը նախատեսուածէն ուշ հրապարակուեցաւ, ենթադրաբար՝ որովհետեւ պէտք է անցներ թրքական համապատասխան կառոյցներու բովէն։ Հրապարակումէն մօտ քսան օր առաջ, Էօճալան «մինչեւ Հրանդին սպանութեան տարելիցի օրը» — այսինքն՝ 19 Յունուար — «մեր հայ հայրենակիցներուն ուղղուած» նման նամակ մը գրելու մասին արդէն հրապարակում կատարած էր։ Այդ ճիշտ այն օրերուն էր, երբ Էօճալանի գլխաւորած մէկ կազմակերպութեան՝ Քիւրտիստանի Համայնքներու Միութեան (KCK) համանախագահ Պէսսէ Խոզաթ խնդրահարոյց յայտարարութիւն կատարած էր հայութեան մասին։ Էօճալան, արձագանգելով Խոզաթի ըսածներուն նկատմամբ ստեղծուած ընդվզումին, ըսած էր, թէ հայերուն համոզելու համար պիտի գրէ իր նամակը։ Էօճալանի նամակը, սակայն, յստակ կերպով անհրաժեշտ սրբագրութիւնը չի կատարեր: Հարցում – Այսինքն, դժգո՞հ էք նամակէն։ Յ.Տ.Խ. – Ողջունելի է այն փաստը, որ քիւրտ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բանտարկուած առաջնորդը՝ Աբոն հայութեան ուղղուած նամակ գրած է։ Պէտք է անպայման նկատի ունենալ այն հանգամանքները, իր բառերով՝ «դժուար պայմաններ»ը, որոնց մէջ կը գտնուի Էօճալանը եւ նամակին բովանդակութիւնը ըստ այդմ պէտք է հասկնալ, արժեւորել։ Ուրախ ենք, որ Էօճալան անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ճիշդ բնորոշումը կու տայ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան համար այս ցաւոտ պատմութեան հետ առերեսումը անխուսափելի կը նկատէ: Ինչ որ անհասկնալի է Էօ-
Ձախէն՝ աջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշ եւ նոյն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, 29 Հոկտեմբեր 2013:
ճալանի նամակին մէջ, յղումներն են «լոպիներու» եւ «համայնքանման կառոյցներու»: Հայութեան ուղղուած նամակի մը մէջ այս յղումները առնուազն շփոթմունք կը ստեղծեն՝ արդեօ՞ք խօսքը Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու եւ լոպիներու մասին է։ Մանաւանդ՝ երբ Էօճալան հայ ժողովուրդին կ՚առաջարկէ «առանց ցեղապաշտ-ազգայնական թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը» եւ այդ բոլորին «դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրէ»: Սփիւռքի թէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպիներու մասին բացասական արտայայտութիւն կար նաեւ Խոզաթի ըսածին մէջ, եւ ըսած ըլլալու վերագրում՝ մօտ մէկ տարի առաջ, նոյնինքն Էօճալանին։ Սփիւռքի մէջ «հայկական լոպի» կոչուածը հայութեան ժողովրդային լայն խաւերու կամքը արտայայտող գործունեայ կառոյցներ են: Չեմ անդրադառնար նաեւ նամակին մէջ արտայայտուած եւ կամ չարտայայտուած մտքերու մասին արժեւորումնե-
րուն եւ քննադատութիւններուն, որոնք տեղ գտան հայկական լրատուամիջոցներու մէջ։ Այս բոլորէն անկախ, մենք, մեղմ ըսած՝ խիստ վերապահ ենք Աբոյի ակնարկած Թուրքիոյ հեռանկարին նկատմամբ, թէ՝ ան կրնայ ըլլալ «ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը, որ թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալու»: Ամենայնդէպս, կը կրկնեմ որ այս կոչը ինքնին, որքան ալ պակասաւոր կամ նոյնիսկ հակասական մտքերով խճողուած, ողջունելի է որպէս քայլ մը, որ կրնայ ճամբայ հարթել հայ-քիւրտ յարաբերութիւններու զարգացման: Այդ յարաբերութիւնները անշուշտ պէտք է խարսխուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ արդարութեան վրայ՝ որպէս գրաւական իսկական ժողովրդավարութեան եւ համահաւասար իրաւունքներու հաստատման:
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան
Հարաւային Տաքոթա մերժած է Ազրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւը
Մ
իացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը մերժած է ազրպէյճանցի լոպիիստներու ներկայացուցած հակահայկական թիւ 1020 բանաձեւը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի աղբիւրները Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին յայտնած են, որ ընդլայնուած քննարկումներէն ետք` բանաձեւը ներկայացուցած քոնկրեսական Լանս Ռասըլ ստիպուած եղած է պաշտօնապէս զայն ետ վերցնել: «Ցաւալի է, որ բանաձեւը այսքան հեռու գացած է, սակայն դրական կողմը այն է, որ Հարաւային Տաքոթայի 105 օրէնսդիրներ ականջալուր եղան հալածուած հայ քրիստոնեաներու վիճակին», ըսած է բանաձեւին դէմ արտայայտուած քոնկրեսական Սթիւ Հիքէյ: Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլըն Ասատրեան նշած է. «Մենք խորապէս երախտապարտ ենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւս մէկ նահանգի ընտրուած ղեկավարները ընդդիմացան քարիւղով հարուստ եւ փտած Ազրպէյճանի նախագահի ջանքերուն` իր հայատեաց արշաւը տարածելու Ամերիկայի սրտին մէջ»: Թիւ 1020 բանաձեւը յառաջ մղուած էր Իլհամ Ալիեւի կողմէ` միջամտելու Հարաւային Տաքոթայի ժողովրդավարական համակարգին: Անիկա կը վերաբերէր Խոջալուի դէպքերուն եւ Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուած էր 21 փետրուարին: Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկած էր հակազդելու Ազրպէյճանի եւ խոչընդոտելու բանաձեւի որդեգրումը: Յանձնախումբը կոչով դիմած էր Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիներուն, որպէսզի վերջիններս կապուին իրենց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ` յորդորելով դէմ քուէարկել բանաձեւին:
Հանդիպում՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ Նախագահ Սարգսեանի միջեւ
Ե
ՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 21ին, Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի միջեւ։ Ներկայ էր նաեւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս իմաստով ՀՄԸՄի ունեցած դերակատարութիւնն ու ներդրումը։ Արծարծուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն ընթացքը։ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Բիւրականի բանակավայրի կացութեան, զայն բարեկարգելու եւ ընդարձակելու վերաբերող ծրագիրներուն։ Իսկ նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ՝ զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր, եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու։ Նախագահ Սարգսեանի եւ Գառնիկ Մկրտիչեանի սոյն տեսակցութիւնը նաեւ առիթ եղաւ անդրադառնալու ՀՄԸՄի ծաւալած բազմաճիւղ եւ աշխարհատարած գործունէութեան։