13531 armenio

Page 1

ԱկՆԱրկ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.530 - 13 سñï 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

êáõñdzѳÛáõû³Ý ³éûñ»³Û¿Ý

Պայթումներ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ

Հ

ԱԼԷՊ, “Բերիոյ Նիուզ”– Շաբաթ, 8 Մարտ 2014ին՝ առաւօտեան ժամը 7ին, Հալէպի Նոր Գիւղ-Պոստան Փաշա խաչմերուկին վրայ չորս պայթումներ տեղի ունեցան՝ ահ ու սարսափի մատնելով շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ բնակիչները։

Առաջին հրթիռը «Մարաբօ» շէնքին դիմաց ինկաւ, երկրորդ եւ երրորդ հրթիռները՝ Նոր Գիւղի մայր փողոցը, իսկ չորրորդ հրթիռը՝ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին դիմացի մայթին վրայ։ Պայթումներուն պատճառով բանակայիններ վիրաւորուեցան, ինչպէս նաեւ

արձանագրուեցան նիւթական լուրջ վնասներ։ Չորս հրթիռները, որոնք մէկ ժամուան ընթացքին ինկան յաջորդաբար, տեղական պատրաստութիւնն են՝ կազի շիշով, ու կը կոչուին «Մատֆահ ժահաննամ» (դժոխայաին հրետանի):

հանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենկ: Ելոյթ ունեցան շուրջ 50 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կարեւոր նկատեցին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրումը: Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան մասնաւորաբար նշեց, որ հայ ժողովուրդը, իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ, բարոյական խիստ պատասխանատուութիւն կը զգայ իր ներդրումը բերելու մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային ջանքերուն: Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ անդամ պետութիւններուն, որոնք պատրաստակամօրէն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն այս վեհ նպատակին ծառայող Հայաստանի տարբեր նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ շնորհա-

կալութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի բանաձեւի բոլոր համահեղինակներուն. բանաձեւը ընդունուած է այս բարձր մարմինին կողմէ անցեալ տարի: Ըստ Նալբանդեանի, հակառակ այն փաստին, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտը ընդունուած է 1948 թուականին, սակայն անոր յաջորդած տասնամեակներուն, ներառեալ` վերջին տարիներուն, դժբախտաբար իրագործուած են նոր ցեղասպանութիւններ, մարդկութեան դէմ ուղղուած նոր ոճիրներ: Նախարարը աւելցուց, որ այս սարսափելի երեւոյթը Քամպոտիայէն Ռուանտա եւ Տարֆուր կը շարունակէ յամենալ: «Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն քննարկումներու, բանաձեւերու, հռչակագիրներու, ուխտերու, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխող արդիւնաւէտ մեքանիզմներու կարիքը ունինք», շեշտեց նախարար Նալբանդեան:

«Մենք ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխող արդիւնաւէտ մեքանիզմներու կարիքը ունինք» կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

7

մարտին ՄԱկ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժումին մասին ուխտի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկման, որ գումարուած էր 2013 թուականին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւին համաձայն: ՄԱկ-ի Ժընեւի գրասենեակի նիստերու մեծ սրահին մէջ, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի ղեկավար Պոտըր Նտոնկ Էլլայի նախագահութեամբ գումարուած քննարկման բացման խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ՄԱկ-ի մարդկային իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ: Քննարկման հիմնական բանախօսներէն մէկն էր ՄԱկ-ի ընդ-

Խրիմի հանգոյցը հայկական գործօնի յարաբերակցութեամբ

Ռ

ուս-ուքրանական յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ լուսարձակները տեղաշարժեր կ՛արձանագրեն եւ կեդրոնացումի արագ փոփոխութիւններ կը կատարեն` իրադարձութիւններու միջավայրային տեղափոխումներու անմիջական զուգահեռականութեամբ: Մայտանը համեմատաբար մութի մէջ է այս օրերուն Խրիմի վրայ աշխարհաքաղաքական ուշադրութեան շատ արագ սեւեռումով: Փորձենք հեռու մնալ աշխարհաքաղաքական մեծ օրակարգերու հետ կապուած յայտարարողական թէ գետնի վրայ երեւցող ոլորապտոյտներէն` ամփոփուելու համար հայկական գործօնին յարաբերակցութեամբ իրադրային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներուն վրայ: Խրիմի մէջ տեսանելի դարձող քաղաքական շարժերը հայկական գործօնի յարաբերակցութեամբ երկու ուղղութեամբ մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան: Եթէ պահ մը շատ արագ մտաբերենք Խրիմի հայ համայնքի պաշտօնական մարմիններու հրապարակումները, որ հայութիւնը այնտեղ չէ ներքաշուած լարուած իրավիճակին մէջ, անմիջապէս իբրեւ թէժ առաջնային կէտ տեսանելի կը դառնայ արցախեան հիմնահարցը` դիպաշարի զարգացման առընթեր անպայման նկատի ունենալով Խրիմի նկատմամբ Մոսկուայի որդեգրելիք զինուորաքաղաքական քայլերը, Արեւմուտքի պատժամիջոցային ճնշումի հակազդեցութիւնը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (չ)աշխատիլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այս առումով դէպքերէն զերծ մնալու փաստը կամ Վրաստան – Ուքրանիա – Ազրպէյճան – Մոլտաւիա (ՎՈՒԱՄ) դաշինքի վերաշխուժացման հաւանականութեան (ան)իրատեսութիւնը: Խրիմը Ռուսիոյ վերադարձնելու պահանջներուն կողքին իբրեւ հնարաւորութիւն կը քննարկուի նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ նման կարգավիճակի տուչութեան հարցը: Այս ենթադրեալ տեսութիւնն է, որ կ՛առաջնորդէ նոյն կարգավիճակի մասին մտածելու նաեւ Արցախի պարագային: Արցախը կրնայ դուրս մնալ քաղաքական այս առեւտուրէն` նկատի ունենալով արդէն իսկ ռուս-վրացական եւ ռուսուքրանական ոչ բնականոն յարաբերութիւններու վրայ նաեւ չաւելցնելու ռուս-ազրպէյճանականը: Ուղղուածութիւն մը կայ սակայն, որ ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այն ալ ռուս-տուեալ կողմեր պատերազմներու իբրեւ անմիջական հետեւանք տարածքային ամբողջականութիւններու վերաքարտէսագծումն է, որ եթէ ոչ այս հանգրուանին, գուցէ այլ հանգամանքներու մէջ վերաբերի նաեւ Արցախին: Իրողական անկախութիւններու ռուսական միակողմանի ճանաչումի մասին է խօսքը առաւելաբար: Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած, փորձ պէտք է կատարել դիտարկելու համար կազմաւորման ընթացքի մէջ եղող Մաքսային միութեան ճակատագիրը` տրուած ըլլալով, որ մեծ հանգոյցը այս գործընթացին մէջ Քիեւն էր. իշխանափոխուած Քիեւը արդէն իսկ խանդավառ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դէպի Եւրոպական Միութիւն սուրալու: Ուղղակի թէ անուղղակի իւրաքանչիւր աղերս իր հերթին քաղաքական վերլուծումներու կարիքը ունի` միշտ նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան չափն ու կշիռը այս բոլորին մէջ: Վերջապէս` թրքական գործօնի աշխուժացումը Խրիմի աշխարհաքաղաքական օրակարգ յայտնուելուն առիթով: Խրիմի մէջ ստեղծուած անկախութեան առաջին օրերէն իսկ Անգարան սկսած էր ներգրաւուիլ այս հարցին մէջ` իր աշխուժ հետաքրքրութիւնը պայմանաւորելով այն բնորոշումով, որ Խրիմի թաթարները իրենց հայրենակիցներն ու ցեղակիցներն են: Անկախ այն իրողութենէն, որ Խրիմի նկատմամբ լուրջ յաւակնութիւններ մատնող քայլեր կը կատարէ Անգարան, աւելորդ չըլլար ենթադրելը, որ ներքին բարդ մարտահրաւէրներ եւ ճգնաժամներ ունեցող Թուրքիան այսպիսով իր տագնապը կ՛արտահանէ դէպի արտաքին օրակարգ համաթրքական առաջադրանքներ ձեւակերպելով` ցեղակիցներու, հայրենակիցներու տիրութիւն կատարելու կարգախօսներով: Հետաքրքրական է մէջբերել նաեւ Տաւութօղլուի յայտարարութեան այս բաժինը. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, դիմելով Խրիմի բնակիչներուն, ըսած է. «Թող ձեր մօտ նոյնիսկ կասկած չյառաջանայ այն մասին, որ մենք իրադարձութիւններէն դուրս կը մնանք»: (Þ³ñ.Á ¿ç IV)


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.
13531 armenio by diario armenia - Issuu