13533 armenio

Page 1

Սուրիոյ տագնապ

«Ընդունիլ որպէս կոչ»

Յարձակում Քեսապի վրայ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.533 - 27 سñï 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

Ա

նցեալ ուրբաթ 21 մարտի առաւօտեան, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ բնակավայրը եւ շրջակայքը: Յարձակողները ներխուժեցին Թուրքիոյ տարածքէն: Յարձակման թիրախը սկզբնապէս կազմեց Քեսապի մաս կազմող Սեւ աղբիւր գիւղը, որու շրջակայ բարձունքները գրաւուեցան: Սուրիական բանակը փորձեց ետ մղել գրոհայինները: Բախումները շարունակուեցան: Այս ընթացքին բնակչութիւնը Սեւ Աղբյուրէն եւ վտանգի ենթակայ այլ տարածքներէ հեռացաւ աւելի ապահով վայրեր: Սուրիական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ծանր բախումներ տեղի ունեցան: Նշենք, որ ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիին վրայ, անոնքԻտլիպէն, Ժապել Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին: «Բերիոյ Նիուզ» նշեց, որ ներթափանցած արձակազէնները կը կրակեն բնակավայրերուն վրայ: Սուրիական զօրքը թէեւ այդ շրջանին մէջ ներկայութիւն էր սակայն ոչ բաւարար թիւով: Մարտ 23-ին սակայն անմիջապէս սուրիական բանակի յաւելեալ ջոկատներ հասած են շրջան:

2

Միւս կողմէ, բանակը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան: Սուրիական զօրքը արդէն կը շարունակէ ընդդիմադիր զինեալներու կարեւոր կէտերը հարուածել եւ կըպաշտպանէ աւանը՝ նահանջի մղելով ընդդիմադիրները: Մարտ 23-ի երեկոյեան Լաթաքիոյ շտապէն «Ազդակ»ին հաղորդեցին, որ Քեսապի հայ բնակչութիւնը գրեթէ պարպուած է շրջանէն: Քեսապի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած են Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն մօտ կամ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակը: Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցներ, հայկական միութիւններ եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար՝ անոնց բաժնելով ուտելիք եւ ծածկոցներ: Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական լուրեր երէկ երեկոյեան հաստատեցին, որ Սուրիա Թուրքիա սահմանային կէտերէն ներթափանցում կատարուածէ թրքական տարածքէն դէպի Լաթաքիոյ արուարձանը: PERIO NEWS կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին Քեսապի վրայ եղած յարձակումին

հետեւանքով Քեսապցիք ապաստան գտան Լաթաքիա, որոնցմէ մաս մը տեղաւորուեցաւ իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ծովափի հայութեան (ԼԱԹԱՔԻԱ ՔԵՍԱՊ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէնտեսակի կենսական նիւթեր:

Հալէպի մէջ հայ աշակերտ մը վիրաւորուեցաւ

Հալեպի հայաշատ թաղամասերը անցնող շաբաթավերջին հրասանդներու թիրախ դարձան: Նոր Գյուղ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռներու պայթիւնէն հայ երեխայ մը վիրաւորուեցաւ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց Հալէպի մէկ աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ վիրաւորը 9-րդ դասարանի աշակերտ Խաչիկ Գաբրիէլեանն է: Երեխայի վիճակը կայուն է, իր կեանքին վտանգ չ´սպառնար:

Հ.Օ.Մ.ը կը շարունակէ սուրիահայութեան իր օժանդակութիւնը Կրկին անգամ տրամադրելով $125,000 ԱՄՆ

0-24 Մարտ, 2014-ին Պոսթընի մէջ Հ.Օ.Մ.ի Կ.Վ.ը գումարեց իր 22-րդ լիագումար նիստը: Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման միջոցառումները եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները: Թրքական բացայայտ հովանաւորութեամբ զինեալներու Քէսապ ներթափանցման փորձին եւ անոր հետեւանք հայաւանի պարպումին ի տես, յաճախակի կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղւոյն միաւորի շրջանային եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներուն հետ, Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու բաւարարման համար՝ այս հանգրուանին Լաթաքիոյ եւ Քէսապի մասնաճիւղերուն յատկացուեցաւ $15,000 ԱՄՆ: Ընթացքի մէջ եղած ծրագիրներու գծով որոշուեցաւ.- Միաւորներու աշխոյժ մասնակցութեամբ շարունակել աշխատանքները՝

գաղութային շտապ օգնութեան մարմիններու շրջանակներէն ներս: 2012 Նոյեմբերէն սկիզբ առած Տաք Ճաշ ծրագիրը շարունակել նոյն ընթացքով: Այս հանգրուանին ծրագրին տրամադրելով $25,000 ԱՄՆ: Ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար, սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ծիրէն ներս՝ Դպրոց ֆոնտին յատկացնել $75,000 ԱՄՆ: ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ճամբով, Հալէպահայութեան խնամատարական կարիքներու բաւարարման ուղուած ծրագիրներու համար յատկացնել $10,000 ԱՄՆ: Աշխարհասփիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ առաւել հզօրացած՝ Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ աջալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու: Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւն

Ս

ուրիոյ պատերազմի անցնող երեք տարիներու ընթացքին, թէեւ Քեսապը ապրեցաւ տագնապի ելեւէջները, սակայն Քեսապը համեմատաբար կը շարունակէր մնալ ապահով: Տեղի կ՛ունենային թափանցման փորձեր, որոնց կը յաջողուէր ետ մղել: 21 Մարտ 2014ին հրաձգութիւնները սկսան, որոնք աստիճանաբար զարգացան: Առաւօտեան ժամը 5:45-ին արդէն զինեալ խմբաւորումներ իրենց արձակազէնները զետեղած էին ու թրքական բանակին հրթիռով պայթեցուցին Կասիոս լերան բարձունքին վրայ գտնուող ամէնէն մօտ ոստիկանատունը, որ համարեա՛ թրքական զօրանոցին դէմ կը գտնուի եւ անցնող երկու տարուան մէջ այդ շրջանէն թափանցման ոչ մէկ փորձ պատահած էր: Հոն վիրաւորուեցաւ ոստիկանապետն ու նահատակուեցան շարք մը ոստիկաններ, ապա զինեալները թափանցեցին Սեւ Աղբիւր գիւղ եւ գրաւեցին երկու ոստիկանատուներն ու բարձրադիր տուներու վրայ զետեղեցին իրենց արձակազէններն ու սկսան կրակել խաղաղ բնակչութեան վրայ եւ հրասանդեր արձակել: Մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:30 ը արդէն մեծաթիւ ձեռաշէն հրթիռներ պայթեցան Քեսապի մէջ: Ապա անոնք յարձակեցան Լեղի Ջուր շրջանի եւ մաքսատան վրայ: Հոն ունէինք ապահովական ուժեր, սուրիական բանակը տեղակայուած էր թիւ 45 կէտին վրայ եւ ունէր իր կազմածները: Լեղի ջուր կոչուած շրջանն ու 45-րդ կէտը Քեսապի մէջ կարեւոր դիրքեր են: Լեղի ջուրէն մինչեւ Գալատուրանի ծով 25 քլմ․ սահմանագիծ կ՛երկարի Թուրքիոյ հետ: Սահմանագծին վրայ, սուրիական երեք ոստիկանատուն կայ, ներառեալ մաքսատունը` շուրջ 100 ոստիկաններով միայն: 1952-53 թուականներէն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, ըստ որուն սուրիական կողմը` միայն ոստիկանատուներով, թրքական կողմին հետ համատեղ պիտի պաշտպանէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը եւ ծանր հռետանի մը 5 քլմ․ հեռու պիտի մնայ սահմանէն: Այս պատճառով ալ սուրիական բանակը ներկայութիւն չէր այդ շրջանին մէջ: Թուրքիան եւս նշեալ պայմանագրով յանձնառու կ՛ըլլար հսկել սահմանն ու թոյլ չտալ զինեալ անօրինական թափանցումներուն: Սակայն Թուրքիան խախտեց արդէն նշեալ համաձայնագրի պայմանները: Սուրիական բանակը անցնող տարիներուն շատ զգոյշ էր եւ վերապահ: Փաստօրէն Քեսապի պարագային մենք մնացած էինք թուրքին քմայքին: Թուրքիան նախապէս զգոյշ էր, բայց այս անգամ ան բառացուցական կերպով օժանդակեց թափանցման, որովհետեւ զինեալները, քեսապցի ականատեսներու վկայութեամբ, ճիշդ թրքական զօրանոցներէն անցան: Լեղի Ջուրի եւ Կասիոսի բարձունքին վրայ թրքական կողմը ունի հսկայ հրթիռներու եւ ռատարներու կայան, որոնց տակէն անցան զինեալներն ու թափանցեցին Քեսապ: Քեսապի մէջ ամէնէն պարզունակ մարդն անգամ կը հաստատէ, որ թրքական կողմին յստակ օժանդակութեամբ զինեալները խուժեցին Քեսապ: Տեղւոյն համայնքի պատասխանատուները հայ բնակչութիւնը հաւաքեցին Էքիզօլուխի բարձունքին վրայ, ապահովական անցարգելին մօտ եւ հանգրուանաբար անոնց ուղարկեցին աւելի ապահով վայրեր` Պասիթ, Լաթաքիա: Մինչ այդ բանակը հասաւ օժանդակելու եւ պաշտպանելու Քեսապը: Առաջին օրը մերթ հանդարտ, մերթ թէժ բախումներ տեղի կ՛ունենային: Սուրիական բանակը մինչեւ իրիկուն բաւական վնասազերծեց շրջանն ու դուրս մղեց զինեալները, եւ վերապաշարեց Սեւ Աղբիւրի եւ Քէմմէյի ոստիկանատուները, զինեալներ սկսան տեղի տալ: Մարտ 22ին բախումները կրկին սաստկացան: Զինեալ խմբաւորումներ կրկին յարձակեցան այս անգամ թրքական օժանդակութեամբ, այս իրողութիւնը «Ճապհաթ Ալ-Նուսրա», «Շամ ալ-Իսլամ» եւ «Անսար ալ-Շամ» արմատական ծայրայեղ շարժումնրը իրենց կայքերուն վրայ հաստատած են, նշելով «եօթ ամիսէ ի վեր կը պատրաստուին այս օրուան` թրքական կողմէն խուժելու համար այս շրջանները»: (Þ³ñ.Á ¿ç III)


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.
13533 armenio by diario armenia - Issuu