13535 armenio

Page 1

²ÏݳñÏ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.535 - 10 ²åñÇÉ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

Հ

Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր հրաժարականը ներկայացուց

այաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր հրաժարականը ներայացուց 9 Ապրիլին: Վարչապետին ներկայացուցած հրաժարականը Հանրապետական կուսակցութեան նիստին ընթացքին քննարկուելէ ետք ընդունուեցաւ: «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշած է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ վարչապետը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ: «Տակաւին մէկ ամիս առաջ վարչապետը հանրապետութեան նախագահէն խնդրած էր, որ զինք ազատ կացուցէ վարչապետութեան պաշտօնէն, սակայն նկատի ունենալով, որ վարչակազմը Մաքսային միութեան հետ բանակցութիւններու մէջ էր, ինչպէս նաեւ կուտակային կենսաթոշակներու խնդիրը Սահմանադրական դատարանին մէջ քննութեան կ՛ենթարկուէր, հանրապետութեան նախագահը խնդրած էր, որ վարչապետը իր աշխատանքները շարունակէ», յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով: Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը նշած է նաեւ, որ վարչապետը իր հրաժարականը ներկայացուցած է անձնական նախաձեռնութեամբ: Տիգրան Սարգսեան «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, որ հրաժարականի որոշումը «հասունցած էր եւ խորապէս գիտակցուած»: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնց հետ աշխատած եմ, նախ` հանրապետութեան նախագահին, որ վարչապետի բարձր պաշտօնը ինծի վստահեցաւ: Նոր կառավարութեան կը մաղթեմ հայրենանուէր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք», գրած է վարչապետը: Տիգրան Սարգսեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է 9 Ապրիլ 2008ին, իսկ 2 յունիս 2012ին վարչապետ վերանշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով:

ՆԱխԱգԱՀ ՍԱրգՍեԱՆ ըՆԴուՆեց ԿԱռԱՎԱրութեԱՆ ՀրԱժԱրԱԿԱՆը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգը-

սեան ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը: «Առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 4րդ կէտով եւ հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգըսեանի ներկայացուցած հրաժարականին վրայ` կ՛որոշեմ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: ըստ նախագահի հրամանագրին, կառավարութեան անդամները պէտք է շարունակեն պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: 9 Ապրիլի առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան թէեւ չնշեց, թէ որուն կը տեսնէ իբրեւ նոր վարչապետ, սակայն խոստացաւ, որ նոր կառավարութեան մասին տակաւին պիտի խօսի: Նախագահը ընդգծեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի ապահովել տնտեսական աճ, բարեփոխումներու շարունակականութիւն եւ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի վերականգնել մեր քաղաքացիներուն վստահութիւնը բարեփոխումներուն եւ իր գործունէութեան նկատմամբ: Նախագահ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ կառավարութեան մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին եւ անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի նոր աչքով նայուի եղած խնդիրներուն, մարզերուն: Նշենք, որ նախորդ տարուան Մարտին Սերժ Սարգսեան յայ-

տարարած էր, որ այն կառավարութիւնը, որ տարուան արդիւնքներով 7 առ հարիւր տնտեսական աճ չ՛ապահովեր, պէտք է հրաժարական ներկայացնէ: Նախորդ տարի կառավարութիւնը արձանագրած էր ընդամէնը 3.5 առ հարիւր աճ, իսկ տնտեսութեան նախարարը յայտարարած էր, որ նախագահի այդ պահանջը ընդամէնը քաղաքական յայտարարութիւն է: Նախագահ Սարգսեան աւելցուց. «Վեցը տարին երկար ժամանակահատւած է վարչապետի համար: Ամենածանր, ամենատաժանակիր, միգուցէ ճիշդ բառ չեմ ասում, բայց ամենաանշնորհակալ, կոնկրետ ժամանակահատուածի համար եմ ասում, աշխատանքըն է: ես շատ քիչ եմ աշխատել այդ պաշտօնում, բայց դա էլ բաւարար է եղել, որպէսզի ծանրութիւնն զգամ: Այդպիսին է մեր իրավիճակը, ցաւօք: Բայց կարծում եմ, որ մի քսան տարի յետոյ արդէն շատ աւելի հեշտ է լինելու շատ աշխատանքներ կատարելը»: Աւելի ուշ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, հըրամանագիրով մը, ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը: Հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Հայաuտանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 4րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ներկայացրած հրաժարականը՝ որոշում եմ. 1. ընդունել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը: 2. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներին՝ շարունակել պարտականութիւնների կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը: 3. Սոյն հրամանագիրն ուժի մէջ է մտնում ստորագրման պահից»: Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը տեսակցած է Ազգային ժողովի նախագահ յովիկ Աբրահամեանի հետ։ Անոնք քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական վիճակը, մասնաւորապէս՝ վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականին առնչուող հարցեր:

Քեսապը՝ թրքական ահաբեկչութեան եւ ռուսական ապատեղեկատուութեան միջեւ

Ք

եսապի դէպքերուն առնչութեամբ կը թուի, որ տեղեկատուական պատերազմը Սուրիոյ մէջ իր գագաթնակէտին հասած է: խօսքը չի վերաբերիր միայն պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն դիրքեր գրաւել-վերագրաւել անվերջանալի հաստատուողհերքուող (ապա)տեղեկութիւններու շղթային: Մէկ կողմէ Անգարան քաղաքական անհեթեթութեան նըմուշներ կը հրամցնէ ոչ միայն իր տարածքներէն դէպի Քեսապ թափանցման գործողութիւններուն նկատմամբ պիղատոսութիւն ցուցադրելով, այլ տարհանուած քեսապահայութիւնը «հիւրընկալ» թուրքիա հրաւիրելով: Պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէր, որ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն կողմէ Քեսապի գրաւման մէջ թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են: Անգարայի այս դիրքորոշումը հերքելու համար նոյնինքն թուրքիոյ մէջ եութիուպեան բացայայտումներ կ՛արձանագրուէին, թէ ինչպէ՛ս թրքական սահմանապահ զօրքերը հանգիստ անցք կը տրամադրէին զինեալ խմբաւորումներուն` անցնելու սուրիական սահմանը: Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարարին, բանակի հրամանատարին եւ ծառայութեան պետին միջեւ հեռաձայնային գաղտնալսուած խօսակցութիւններու հրապարակումը պարզ կը դարձնէր, որ դէպի Սուրիա ներխուժման գործողութիւնները ծրագրաւորուած էին: եութիուպեան այս բացայայտումները գուցէ ներթրքական հարթութեան վրայ կարելի է դիտարկել վերջին շրջանին գործող վարչակարգի հեղինակազրկման միտող բացայայտումներու ընդհանուր ծիրին մէջ: Ինքնակառավարման ընտրութիւնները եկան ընդգծելու, որ այդ բացայայտումները վճռորոշ ազդեցութեան չեն գործած ընտրազանգուածին դիրքորոշման վրայ: Անգարայի իւրայատուկ այս «հիւրընկալութեան» յայտարարութիւնը նոր չէ. Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ նման խաղաղասիրական բարի կամեցողութեան դրսեւորումներ ունեցան Անգարայի բարձրաստիճան դէմքերը յատկապէս սուրիահայութեան ուղղութեամբ: Պատրանքային տպաւորութիւն ստեղծող (իմիթացիոն) քարոզչաքաղաքական այս գործողութիւններուն համընթաց կը զարգանայ նաեւ թրքական տեղեկատուական համակարգը, որ քաղաքական անհեթեթութեան նշանաւոր օրինակներ կը տրամադրէ դիպաշարին հետեւողներուն: Տեղեկատուական պատերազմը միակողմանի չէ սակայն: Նոյն ուժգնութեամբ համարժէք գործողութիւններու ծաւալ կայ նաեւ ռուսական կողմէն: յատկապէս Քեսապի դէպքերուն առաջին օրէն սկսեալ ապատեղեկատուութեան ալիք բարձրացաւ, որուն տեղաշարժի աղբիւրները այս պարագային ռուսական ներշնչումներ ունէին: Հայ տեղեկագիտութիւնը վերջերս համացանցի վրայ բացայայտեց նման իբրեւ թէ քեսապահայութեան դէմ գործադրուող ջարդերու, հաւաքական սպանութիւններու, գնդակահարումներու տեսարիզներու շարք մը: Առաջադրանքը այս պարագային, ոչ անպայման հայկական գործօնը ներքաշելու կը վերաբերէր, որքան հանրային կարծիքը ցնցելու, թէ Արեւմուտքի օժանդակութեամբ եւ ՕթԱՆ-ի անդամ թուրքիոյ ուղղակի նախաձեռնութեամբ միջազգային ահաբեկչութիւնը ի՛նչ աւերներ կը գործէ Սուրիոյ մէջ: Տեղեկատուական պատերազմի ալիքի մակընթացութեան այս մակարդակի նուաճումը կը բացատրուի այն իրականութեամբ, որ Քեսապը նախադուռն է ծովեզերեայ Սուրիոյ, որ գլխաւոր յենակէտն է գործող իշխանութեան եւ ռազմակայանը ռուսական ռազմանաւերուն: ուրեմն ռազմավարական կարեւորագոյն այս յենակէտի պահպանման կամ կորուստի նախապատերազմն է, որ առայժմ կը կիրարկուի տեղեկատւական հարթութեան վրայ: Բայց տեղեկատուականը նախապատրաստութիւնն է այլ գործողութիւններու: Չ՛ուշանար յստակացումը, թէ սուրիական զօրքերու շրջանին մէջ կուտակումը կը նախանշէ ծայրայեղականներու մաքրագործումի ընդհանուր արշաւը: Բայց առաջադրուածը յայտնապէս աւելին է: Պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարելու առաջար(Þ³ñ.Á ¿ç IV)

«ԱԶԴԱԿ» Պէյրութ


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.
13535 armenio by diario armenia - Issuu