13537 armenio

Page 1

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.537 - 24 ²åñÇÉ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

Կիրօ Մանոյան

«Նախագահին վատ խորհուրդ տուած են հայ-թրքական Արձանագրութիւններու մասին»

Ն

ախագահ Սերժ Սարգսեանը Ապրիլ 18ին Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ խորհրդակցութիւն անցկացնելէ ետք այլ հարցերու, անդրադարձած էր նաեւ հայթրքական յայտնի ու աղմկահարոյց Արձանագրութիւններուն: Նախագահը խօսած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ազնիւ մղումներուն, Թուրքիոյ կողմէ պայմանաւորուածութիւնները խախտելուն, Արձանագրութիւնները չստորագրելուն: Սերժ Սարգսեանը նաեւ նշած է, որ ճիշտ քաղաքականութիւն վարած է Հայաստանը՝ նախաձեռնողական կեցուածք որդեգրելով, Հայաստանի դիրքերը միջազգային ասպարեզի մէջ ուժեղացել են: Սերժ Սարգսեանը նաեւ հռետորական հարցեր ուղղած է այս հարցի մէջ իր ընդդիմախօսներուն: Իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյանը այժմ եւս կը պնդէ, որ հայ-թրքական Արձանագրութիւնները հայանըպաստ չեն: «Հայաստանը Թուրքիոյ հետ սկսած էր յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց՝ Արձանագրութիւններու միջոցով՝ ի սկզբանէ գիտակցելով, որ դժուար պիտի ըլլայ», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսյանը՝ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ: Աւելցուց, որ գիտէինք` որու հետ գործ ունինք եւ գործընթացի սառեցումը եւս կանխատեսելի էր: Սերժ Սարգսեանն անդրադարձաւ նաեւ ընդդիմախօսներուն, որոնք կը պընդէին եւ կը պնդեն, որ Արձանագրութիւններն առնուազն երկու շատ մեծ բացասական կողմ ունին: Առաջին բացասականը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի կասեցումըն էր: «Հիմա ես կը հարցնեմ ձեզ, եւ այդ մարդոց՝ ինչո՞վ են այսօր թուրքերն զբաղուած այդ հարցի մէջ: Իրենց ողջ ուժերը նետած են Միացեալ Նահանգներու Սենատի Արտաքին Յարա-

բերութիւններու յանձնաժողովի՝ Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի դէմ պայքարելուն: Գիտէ՞ք, որ վերջին 24 տարիներու ընթացքին այս առաջին այդպիսի որոշումն է:

Կիրօ Մանոյան

Եթէ մենք վնաս կը հասցնենք այդ գործընթացին եւ այն, ըստ ոմանց, պէտք է կասեցուէր, ապա ինչո՞ւ այսպիսի իրավիճակ կայ այսօր», ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Փաստը, որ քանի մը շաբաթ առաջ Սենատի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովը բանաձեւ որդեգրեց, այդ ոչ թէ Արձանագրութիւններու արդիւնքն էր, այլ՝ անոնց չգործելու», կը վստահեցնէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյանը: Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի դանդաղելուն, ապա Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Մանոյանը կը հաշուէ, թէ Արձանագրութիւններու ի յայտ գալէն՝ 2009 թուականէն ի վեր քանի պետութիւն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Մէկ երկիր ճանչցած է՝ Շըւէտիան, եւ այդ ընդամէնը մէկ քուէով, նաեւ Միացեալ Նահանգներու յանձնաժողովը բանաձեւ որդեգրած է՝ մեկ քուէի տարբերութեամբ, բայց այդ մօտ էր Արձանագրութիւններու ստեղծման: Շուէտիայի պարագային կառավարութիւնը կ՚ըսէր, որ մենք պէտք չէ միջամտենք գործընթացի մը, երբ երկու կողմերը համաձայն են», ըսաւ Կիրօ Մանոյանը: Սերժ Սարգսեան կ՚անդրադառնայ նաեւ Արձանագրութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խընդ-

րի հետ կապին: «Կա՞յ արդեօք մէկը, որ այսօր առանց աչքերը գետնին հառելու կը պնդէ, որ այդ Արձանագրութիւնները վընասած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման եւ որ այդ Արձանագրութիւններով ուղղակի մենք հիմք կը ստեղծենք փոխզիջումներու: Խնդրից տեղեակ մարդիկ գիտեն, որ այսօր մենք այդ գործընթացի մէջ ունինք շատ հաստատուն դիրք, ամուր հիմքեր»: Կիրօ Մանոյանը կը պնդէ, որ Արձանագրութիւնները հնարաւորութիւն են Թուրքիոյ ձեռքին միջամտելու փորձ ընել. Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարը նաեւ յայտարարած է, որ պէտք է Թուրքիային առաւել մասնակից դարձնել Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ: «Եւրոպան կ՚ըսէր, որ եթէ Ղարաբաղի հարցը լուծուի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը նորմալանան, Միացեալ Նահանգները կ՚ըսէ, որ Թուրքիան պէտք է աւելի մասնակից ըլլայ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման», կը պնդէ Մանոյանը: Սերժ Սարգսեանը Արձանագրութիւններու հայանըպաստ ըլլալու եւս մէկ մեկնաբանութիւն կ՚ընէ: «Եթէ շատերը կ՚ըսէին, որ այդ փաստաթուղթը, աւելի ճիշտ, այդ երկու փաստաթուղթերը հայանպաստ չեն, այլ ակնյայտօրէն Թուրքիոյ շահերէն կը բխին, այդ պարագային ինչո՞ւ մինչև հիմա թուրքերը չեն վաւերացնէր այդ փաստաթուղթերը», կը հարցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: «Նախագահին վատ խորհուրդ տուած են հայ-թրքական Արձանագրութիւններու մասին, որովհետեւ եթէ այդքան լաւ են, ապա ինչո՞ւ Հայաստանը չի վաւերացներ», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյան: Արձանագրությունները, ըստ Կիրօ Մանոյանի, վատ են եւ պէտք է օր առաջ ազատուիլ, քանի դեռ Թուրքիան չէ որոշած օր մը անոնք օգտագործել:

Գ

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի յայտարարութիւնը

իտակցելով իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը կուսակցութեան վերջին շրջանի քաղաքականութեան համար` Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, կազմակերպութեան Գերագոյն ժողովից առաջ, անհրաժեշտ է համարում հանրութեանը ներկայացնել իր դիրքորոշումները երկրում ստեղծուած նոր իրավիճակի վերաբերեալ: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին բարդագոյն մարտահրաւէրներ է դիմագրաւում: Իշխանութիւնների վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետեւանքով մեր քաղաքացիների գերակշիռ մասը կորցրել է վստահութիւնն ապագայի հանդէպ եւ արմատական բարեփոխումներ է պահանջում: Մեր համոզմամբ` առկայ խնդիրները հնարաւոր է լուծել երկրում համերաշխութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու, հասարակական-քաղաքական համախմբում առաջացնելու միջոցով: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ձեւակերպել է համակարգային փոփոխութիւնների, նոր որակի պետութիւն ստեղծելու, արդիւնաւէտ կառավարում ապահովելու իր պատկերացումները, որոնք ամփոփուած են քաղաքական ու տնտեսական առաջադրանքների եօթը կէտանոց փաթեթում: Վստահ ենք` դրանց քայլ առ քայլ, բայց ամբողջական իրականացումը երկիրը դուրս կը բերի ծանրագոյն վիճակից եւ մեր քաղաքացիների համար ազատ ու բարեկեցիկ կեանք կ’երաշխաւորի: Մենք հետեւողականօրէն պահանջելու ենք այդ ծրագրի կենսագործումը` ձգտելով մեր սկզբունքների շուրջ համախմբել հասարակութեան լայն զանգուածներին ու քաղաքական ուժերին: Այս հանգրուանում Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը որդեգրում է հետեւեալ մօտեցումները. 1.- Մաս չկազմել նոր ձեւաւորուող կառավարութեանը: 2.- Հետեւել իշխանութեան եւ կառավարութեան գործողութիւններին, նրանց հանդէպ մեր վերաբերմունքն ու գործակցութեան ձեւաչափը պայմանաւորել առաջարկուած փաթեթի իրագործման աստիճանով: 3.- Շարունակել գործել ընդդիմադիր դաշտում` մի կողմից ձգտելով հանրութեանն ու քաղաքական ուժերին համախմբել մեր դաւանած ազգային-պետական արժէքների, մեր առաջարկած լուծումների շուրջ, միւս կողմից` փորձելով մեր երկիրը զերծ պահել ցնցումներից ու անկայունութիւնից: Մեր նպատակը եղել եւ մնում է Հայաստանի պետականութեան հզօրացումը, մեր քաղաքացիների արժանապատիւ, բարեկեցիկ կեանքը: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը այս դիրքորոշումները յանձնում է հանրութեանն ու մեկնարկելիք Գերագոյն ժողովին` բնականաբար բոլոր հարցերի վճռահատումը թողնելով հայաստանեան կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովին:

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

Ռակըփ Զարաքօլու

«Հայկական Քեսապը այժմ դատարկ է»

Թուրք մտաւորական, հասարակական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն իր շաբաթական յօդուածը նուիրած է սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ անոնց` Թուրքիոյ մասնակցութեան:

Ք

այիտա» խմբաւորման հետ կապ ունեցող խումբ մը Անթաքիոյ սահմանը դիւրութեամբ անցնելով, հակառակ կողմը գտնուող շրջանի մը` Քեսապի վրայ յարձակած է: Քեսապի առանձնայատկութիւնը հայկական աւան ըլլալն է: Քեսապը այժմ դատարկ է: Հոն բնակողները, որոնք 1915ին, 1939ին դարձեալ գաղթի ճամբան բռնած էին, այժմ հաստատուած են Լաթաքիա: Արդեօք ճի՞շդ է, որ ջախջախուած սուրիական օդանաւը հոն էր խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկիչներէն պաշտպանելու համար: Չեմ ուզեր հաւատալ, բայց եթէ ատիկա ճիշդ ըլլայ, ապա կը նշանակէ, որ ոչ միայն սահմանէն, այլ նաեւ օդէն ահաբեկիչները աջակցութիւն ստացած են: Ասիկա բաւական ծանր պիտի ըլլայ: Թուրքիոյ ղեկավարները կը հպարտանան սուրիական հալածիչը վար առնելնուն համար: Իսկապէս ալ սահմանի ապա(Þ³ñ.Á ¿ç III)


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.