²ÏݳñÏ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.539 - 8 سÛÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Բակօ Սահակեան Շուշիի զարգացումը կը նկատէ Արցախի առջեւ ծառացած գերխնդիրներէն մէկը
Շ
ՈՒՇԻ, «Արմէնփրէս».Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Մայիսին այցելած է Շուշի քաղաք: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գըլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ նախագահը մասնակցած է արցախեան պատերազմի անուանի հրամանատարներէն մէկուն՝ Շուշիի պաշտպանական շրջանի հրամանատար, «Մարտական խա»չ առաջին աստիճանի շքանշանակիր, գնդապետ Վաչագան Իշխանեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարի բացման արարողութեան: Ան կարեւոր նկատած է արցախեան ազատամարտին աշխոյժ մասնակիցներուն յիշատակի յաւերժացումը՝ թէ՛ քաղաքական, թէ բարոյական տեսանկիւններէ: Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան մասնակցած է 2013ի աշխատանքներու ամփոփման
üñ³Ýë³Ï³Ý Ñ»ÕÇݳϳõáñ §ÈÁ ØáÝï¦ Ã»ñÃÁ ËÙµ³·ñ³Ï³Ý Ûû¹áõ³Í ÙÁ ·ñ³Í ¿ ò»Õ³ëå³Ýáõû³Ý ï³ñ»ÉÇóÇÝ ³éÇÃáí ÂáõñùÇáÛ í³ñã³å»ï è»ã»÷ ³ÛÇ÷ ¾ñïáÕ³ÝÇ Û³Ûï³ñ³ñáõû³Ý Ù³ëÇÝ. Ýß»³É Ûû¹áõ³ÍÇÝ Ù¿ç ϰÁëáõÇ.
Ա
ռաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ վարչապետ մը ցաւակցութիւն յայտնեց 1915ի կոտորածներու հայ զոհերու հարազատներուն։ Այսպէս, Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողան առաւ պատմական քայլ մը, զոր պէտք չէ թերագնահատել։ Առաջին անգամ ըլլալով, Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի նախօրեակին, թրքական պետութիւնը իր քաղաքական առաջնորդին միջոցաւ ճանչցաւ հայկական ողբերգութեան իսկութիւնը՝ հաւաստիացնելով, թէ կը ցաւակցի զոհերու ժառանգորդներու տառապանքներուն։ Այս յայտարարութիւնը մաս կը կազմէ խորհրդանշական համեստ քայլերուն, որոնք կ՛առնըւին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գլխաւորութեամբ։ Այս քայլերով, իշխող կուսակցութիւնը կը հեռանայ քեմալա-
նուիրուած շրջանի վարչակազմի նիստին: Զեկոյցներով հանդէս եկած են վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Կասեանը եւ համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները: Բակօ Սահակեան Շուշիի շըրջանի եւ համահայկական արժէք ու կարեւորութիւն ունեցող Շուշի քաղաքի զարգացումը նկատած է հանրապետութեան առջեւ ծառացած գերխնդիրնե-
րէն մէկը՝ աւելցնելով, որ նման իւրայատկութիւն յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ համապատասխան մարմիններուն ուսերուն եւ կը պահանջէ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման գործընթաց: Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։
§ÈÁ ØáÝï¦
«Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»
կան քաղաքական ժառանգութենէն, որ կտրականապէս դէմ է որեւէ ձեւով Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ողբերգութեանց ճանաչման։ Սակայն այս քայլը չի կրնար դիտւիլ որպէս 1915ի Ցեղասպանութեան նոյնիսկ թաքուն ճանաչում մը։ Ի վերջոյ, Էրտողանի այդ յայտարարութեան մէջ հայերը յանցագործութեան մը զոհ են, բայց՝ չկան յանցագործներ։ Էրտողան զգուշութեամբ կը խուսափէր նշելէ սպանութիւններուն մէջ Օսմանեան զինւորներու պատասխանատուութեան մասին, հակառակ անոր, որ սպանութիւններու հետեւանքով, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցած էին։ Նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսուա Հոլանտ չըխաբուեցան։ Ապրիլ 24ին, երկուքն ալ ողջունեցին «առնուած քայլը», սակայն շարունակեցին կոչ ուղղել, որ Թուրքիա վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իր յայտարարութեան մէջ,
Թուրքիոյ վարչապետը հասցուց ռազմավարական «հարւած» մը, որ կը նուազեցնէր հայկական Սփիւռքի ու արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին պահանջներու դիւանագիտական տարողութիւնը։ Այնուամենայնիւ, Էրտողան, հաւանաբար, նոր զէնք մը տուաւ ընդդիմադիրներուն, մտաւորականներուն եւ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛աշխատին Թուրքիոյ պատմութեան մութ անցեալը ընդունելու ուղղութեամբ։ Իրականութեան մէջ, Էրտողանի յայտարարութիւնը պայքարի օրինական նոր գետին տրամադրեց բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան հրապարակայնութիւն տալ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մէջ թրքական պետութեան պատասխանատուութեան հարցին։ Կամայ թէ ակամայ, Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Անգարայի բեմականացումները 100ամեակի յետհաշուարկի առընթեր
Պ
ոլսահայ համայնքի հոգեւոր թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն հետ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումը արտակարգ երեւոյթ չէ, չըսելու համար օրինաչափ նոյնիսկ: Բնական էր, որ գաղութի դասական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը հետեւէր Էրտողանի ցաւակցական գործողութեան: Հայկական կողմը համազարկ բանալու պէտք չունի Պոլսոյ հայ ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած գերխանդավառ յայտարարութիւններուն եւ մանաւանդ Անգարայէն պահանջուած պատուէրային արձագանգումներուն վրայ: Այս առաջին հայկական արձագանգը իր ժամանակով, ձեւաչափով եւ բովանդակութեամբ սպասելի էր ըստ ամենայնի: Անտեղի պիտի ըլլար ներհայկական որեւէ բանավէճ ծաւալելը այս ուղղութեամբ: Բաւարարուիլ ուրեմն, այս պարագային արձանագրելով, որ Պատրիարքին ձիթենիի ճիւղի համեմատումը արդէն քաղաքական ապսպրանք է` նոյն մօտեցումը հրապարակող Անգարային կողմէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար խաղաղասիրական բնոյթի այն ժեսթը, որուն դիմեց վարչապետ Էրտողանը: Այդպէս ալ պիտի ըլլար: Հակառակը ակնկալելը քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չնկատւէր: Հայկական առաջին արձագանգը այսպիսով կը յստականար: Ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը ճշդած էր փոխվարչապետը: Այսպէս. Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ փոխվարչապետը կը յայտարարէր. Էրտողան շատ կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է, եւ խօսած 1915ի դէպքերու 100ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ կատարած քայլերուն մասին: «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ թէ՛ հայկական սփիւռքէն այդ ուղերձին պատասխանը կ՛ակնկալենք: Այդ հարցերու լուծման համար մենք յայտարարութեան եւ քայլերու կը սպասենք»: Նախքան փոխվարչապետին սպասողական վիճակին անդրադառնալը, արագօրէն յիշենք եւ որոշ տարբերութիւն նկատենք փոխվարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին այս մասին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ: Դիւանագիտական ըսելաձեւային խաղերու մասնագէտ նախարար Տաւութօղլուն ուղերձի հասցէատէրերուն մասին բաւարարւած էր բոլոր հայերը ըսելով: Յստակացնելով, որ ուղերձը ուղղուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ բոլոր հայերուն: Առաջնային հասցէատէրը մշուշի մէջ մնացած էր այս ձեւով: Հիմա, փոխվարչապետը ճշդած է ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը. նախ Միացեալ Նահանգները, ապա միջազգային ընտանիքը, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ապա սփիւռքը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ողջունած էր Էրտողանի ցաւակցութիւնը, մինչ Ֆրանսայի նախագահը զայն նկատած էր անբաւարար. այստեղ պէտք է նկատի ունենալ անշուշտ յայտարարութեան ժամանակն ու մանաւանդ միջավայրը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքին ունեցած հակազդեցութիւններուն մէջ որեւէ էական տարբերութիւն չկար, եւ այդ առումով Անգարան հակասութիւններ գտնելու խաղին մէջ մեծ առաւելութիւններ չունեցաւ: Պոլսահայ համայնքը այս հասցէատէրերուն շարքին տեղ չունէր ուրեմն: Թէեւ հանդիպման գործողութիւնը կազմակերպուած էր եւ անոր նախաբանը կատարուած, երբ նոյն պատուիրակութեան մէկ անդամը խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի արժանի նկատած էր Թուրքիոյ վարչապետը իր առած այս քայլին համար: Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ընտանիքին անդրադարձները չեն բաւարարած Անգարան: Ցաւակցութիւնը յայտնաբար չէ աշխատած, այնպէս ինչպէս կը պատկերացնէին Անգարայի վարիչները: Հայկական կողմը միանշանակ արձագանգած է, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը, տակաւին չեն բաւարարած Անգարան: Ցաւակցելու, անցագրեր տրամադրելու, «հրամմեցէք»ի եւ խաղաղասիրական դրսեւորումներու այս շարքը կը թուի, թէ պիտի շարունակուի: 100ամեակի յետհաշուարկը սկսած է արդէն եւ այս օրակարգը տեղ գտած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Անգարան հետեւողականօրէն պիտի փորձէ գնդակը տեսնել տալ հայկական դաշտին մէջ: «ԱԶԴԱԿ» Պէյրութ