13540 armenio

Page 1

ΰÁë¿ ¸³õÇà Æß˳ݻ³Ý

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.540 - 15 سÛÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

Հ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 22ամեակը

այաստան նշեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը: Տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շընորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ 9 Մայիսը Հայաստանի ժողովուրդին համար սուղ է անով, որ անիկա ազդարարած է նոր` խաղաղ կեանքի սկիզբը: Նախագահ Սերժ Սարգըսեան նշեց, որ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն հարիւր հազարաւոր հայեր կըռւեցան արդարութեան եւ ազատութեան խրամատներուն մէջ` բարձր պահելով հայ ռազմիկի անունը եւ պատիւը: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ասիկա հայութեան համար նախ եւ առաջ խաղաղութեան տօն է, որ արդար աշխատանքի եւ հայրենի երկիրը ոտքի կանգնեցնելու պատմական կարելիութիւն տուաւ: «Ճակատագիրը մեզի համար սահմանած էր այլ պատմական կարելիութիւն մը եւս, մայիսեան այլ յաղթանակ մը եւս: 9 Մայիս 1992ին մենք կըրկին արդարութեան եւ ազատութեան խրամատին մէջ էինք ընդդէմ ազգային խտրականութեան եւ եղեռնագործութեան: Շուշիի ազատագրումով ֆիզիքական բնաջնջումէն փրկուեցաւ ոչ միայն Ստեփանակերտը, այլեւ ամբողջ Արցախը, իսկ աւելի լայն առումով` Հայաստանը եւ հայութեան հեռանկարը: Այսօր մենք երախտագիտութեան գլուխ կը խոնարհենք մեր բոլոր այն քաջերուն յիշատակին առջեւ, որոնք կեանքով վճարեցին մեր խաղաղութեան գինը: Կեցցէ՛ խաղաղութիւնը, որ աշխարհի բոլոր բարիքներուն մայրն է: Փա՛ռք մեր հերոսներուն», ըսուած է Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ: Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շընորհաւորական իր ուղերձին մէջ հայրապետական իր օրհ-

նութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց հայ ժողովուրդին` 9 Մայիսի պանծալի յաղթանակներուն առիթով: Վեհափառ Հայրապետը ընդ-

ազատամարտը: Լի ենք հաւատքով` Աստուծոյ զօրակցութեամբ յաղթանակով պիտի պսակուի նաեւ արցախահայութեան ազատ ու անկախ ապ-

գծեց, որ 9 Մայիսը մարդոց եւ ազգերու խաղաղ ու ազատ ապրելու աստուածաշնորհ իրաւունքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար: Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նշեց, որ աշխարհասփիւռ հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին բոլոր ռազմաճակատներուն հերոսական մասնակցութիւն ունեցած են բռնութեան դէմ պայքարին եւ յաղթանակի ձեռքբերման գործին մէջ: «Հայրենասէր եւ քաջարի նոյն ոգիով հայորդիք ազատագրեցին Շուշին` մեծ յաղթութեամբ պսակելով արցախեան

րելու արդար իրաւունքը», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նշուող մայիսեան եռատօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան: Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ 9 Մայիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յիշարժան տօներէն մէկն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ազգային բնաւորութեան յատուկ հայրենասիրութիւնը եւ խիզախութիւնը, անձնազոհութիւնը եւ սխրանքը, օտարի լուծին դէմ ըմբոստանալու եւ յաղթելու (Þ³ñ.Á ¿ç II)

«Արցախը չի կրնար տարածքային փոխզիջման տարբերակը ընդունելի նկատել»

Հ

.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անընդունելի եւ մտահոգիչ նկատեց Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի ելոյթը: Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, հակառակ այն հանգամանքին, որ ելոյթին մէջ չէ նշուած «Մատրիտեան սկզբունքներ» բառակապակցութիւնը, սակայն ատիկա բաց ենթահողով ներկայացուեցաւ հանրութեան, ամբողջ ելոյթին առանցքը կազմըւած էր «Մատրիտեան սկզբունքներ»ու հիման վրայ: «Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ «Մատրիտեան սկըզբունքներ»ուն շուրջ կառուցւող բանակցային հոլովոյթը մեզի համար անընդունելի է, եւ որեւէ քայլ, որ կրնայ վնասել Ղարաբաղի ապագային, անմիջականօրէն պիտի ստանայ իրեն համարժէք պատասխանը», ըսաւ Իշխանեան: Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ բազմիցս Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ շատ կարծր դիրքորոշումներ արտայայտուած են «Մատրիտեան սկզբունքներ»ուն վերաբերեալ, եւ այսօր ալ լիայոյս է, որ Արցախի իշխանութիւնները իրենց տեսակէտը ոչ միայն չեն փոխեր, այլեւ կարծր կերպով կ՛արձագանգեն Ուորլիքի այս ելոյթին, որ, ինչպէս ան կը ներկայացնէ, ամերիկեան կողմի յըստակ դիրքորոշումն ու քաղաքական գիծն է: Իշխանեան ընդգծեց, որ այս քաղաքական գիծը չի տարբերիր միւս երկու` ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու քաղաքական գիծէն: Անոր համոզումով` ասիկա նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ քայլ մըն է` աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն ընթացքին բանակցային հոլովոյթի իր դերակատարութիւնը ցոյց տալու, յառաջատար դեր ստանձնելու համար: Ինչ կը վերաբերի փոխզիջումներուն, ապա Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ Արցախի կողմէ փոխզիջումնային տարբերակը արդէն իսկ 20 տարի առաջ զինադադարի տեսքով եղած է, եւ բոլորն ալ, որոնց շարքին` ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը, շատ լաւ կը գիտակցին այդ փաստին: «Փոխզիջումի այն տարբերակները, որոնք պարոն Ուորլիքը կը փորձէ մատուցել, մեզի համար անընդունելի են, եւ ոչ միայն անընդունելի են, այլեւ մենք, հաստատակամ եւ հաւատարիմ ըլլալով մեր որդեգրած սկըզբունքներուն, պիտի պայքարինք այդ սկզբունքները արմատաւորելու հակառակ դաշտին մէջ: Եթէ համանախագահները կը փորձեն իրենց սկզբունքները արմատաւորել մեր դաշտին մէջ` ի դէմս համերաշխութեան կոչերու, խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրներու, այս ամէնով մեր հանրութեան մէջ նոր սերմեր մտցնել կը ցանկան, սակայն մենք արդէն իսկ ունինք մեր տեսակէտը եւ ատիկա պէտք է անոնց համար ընդունելի դարձնել», նշեց ան: Իշխանեան համոզուած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան անպըտուղ կ՛ըլլայ որեւէ բանակցային հոլովոյթ: Բանակցութիւններու ընթացքին կարելի չէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին տեսակէտը. Արցախը չի կրնար տարածքային փոխզիջման տարբերակը ընդունելի նկատել:

Ø. ܳѳݷݻñ

Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը

Ս

ԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Գալիֆորնիոյ նահանգային Խորհրդարանը Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ 70 թեր եւ 1 դէմ քուէով վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը:

Գալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը նաեւ որոշեց իր բանաձեւը յղել Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսին եւ նախագահին՝ դիմելով անոնց, որ իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման: Բանաձեւի քննարկման ընթացքին խօսք առին Էսէմպլիի անդամներ Մայք Կաթօ, Թիմ Տանըլի, Սքաթ Ուիլք, Իըն Քալ-

տերոն, Քաչօ Աշաճեան եւ Շերըլ Պրաուն: «Այսօրուան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շահած այս քուէարկութեամբ, Գալիֆորնիոյ նահանգային Խորհրդարանը պաշտօնապէս կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կողքին եւ կը վերահաստատէ իր անտեղիտալի յանձնառութիւնը՝ բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան եւ

ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ», յայտարարեց Գալիֆորնիոյ նահանգային Խորհըրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ: Իր կարգին, բանաձեւի համահեղինակ Քաչօ Աշաճեան յայտարարեց. «Այս բանաձեւը յատկանշական քայլ մըն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը ճանչնալու արշաւին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս պաշտօնակիցիս՝ Խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյին, որ այս հարցը Խորհրդարանին մէջ քննարկման նիւթ դարձուց: Հպարտ եմ, որ (Þ³ñ.Á ¿ç II)


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.
13540 armenio by diario armenia - Issuu