²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç
ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.545 - 19 ÚáõÝÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Սուրիական տագնապի անխօս զոհերը
Ս
ուրիոյ տագնապի զարգացումներուն հետ, երկիր թափանցած օտարերկրացի ծայրայեղականներու թիրախը դարձաւ նաեւ Սուրիական հայրենիքի մշակութային ժառանգութիւնը: Մարտերու ընթացքին ոչ միայն անխընայ քանդըւեցան հնագիտական կառոյցներ եւ վայրեր, այլեւ զինեալներու գրաւած տարածքներուն մէջ, յանցագործներու կողմէ, տեղի ունեցան հընագիտական ապօրինի պեղումներ, թալանուեցան պատմամշակութային արժէք ներկայացնող թանկարժէք իրեր: Սուրիոյ մէջ հնագիտական հետազօտողներու վկայութեամբ, տագնապի ծնունդէն մինչեւ օրս, ամբողջութեամբ քանդուած կամ մասամբ վընասուած են շուրջ 420 հնագիտականվայրեր եւ կառոյցներ, որոնց շարքին նաեւ մզկիթներ եւ եկեղեցիներ՝ յատկապէս Հալէպի մէջ: «Եունեսքօ»ի գլխաւոր քարտուղարի օգնական՝ Ֆրանչեսքօ Պանտարենայի իսկ հաստատումով, Սուրիոյ մէջ անօրինական հնագիտական պեղումներ ընթացած են մասնաւորաբար՝ Մարի, Էպլա, Փալմիրա եւ Աֆամիա հնագոյն քաղաքներուն մէջ, իսկ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած զար-
դերն ու այլ հնագիտական արժէք ներկայացնող իրերը մաքսանենգ ճանապարհով դուրս բերւած են Սուրիայէն եւ վաճառւած այլ երկիրներու կամ միջազգային շուկաներու մէջ:
Տեղին է նշել, որ նախորդ տարի «Եունեսքօ»ն համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկած էր սուրիական վեց յուշարձան՝ զանոնք ոչնչացման վտանգի ենթակայհամարելով: Այդ ցանկին մէջ յայտնուած էին Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պուսրայի հին քաղաքները, Փալմիրայի հնագիտական յուշարձանները, Գրագ տէ-Շեւալիէ եւ Քալաաթ-Սալահ-ատտին ամրոցները: Վերոնշեալ երկու ամրոցները կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի ճարտարապետական մշակոյթի լաւագոյն կոթողները: Այստեղ հետեւեալ հարցը կը ծագի. ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու ջա-
Æñ³ù
Յ
Ճիհատականներու յարձակումէն ետք հայ ընտանիքներ հեռացած են Մոսուլէն
ունիս 10ին եւ 11ին, «Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ» խմբակցութեան (EIIL) ճիհատականները քանի մը ժամուան մէջ յաջողած են գրաւել ամբողջ Նինիվի գաւառը եւ Քէրքուքի մէկ մասը: Երկրին իշխանութիւնները՝ բոլորովին անզօր, միայն կրցած են հաստատել ապստամբներուն յառաջխաղացքը: Իրաքի Ազգային իշխանութեանց պատասխանատուներէն Պարոյր Յակոբեանի համաձայն՝ Մոսուլի շրջանը գրաւուած է, որուն իբրեւ հետեւանք՝ շրջանի բնակչութիւնը, որուն մէջ նաեւ 65 հայ ընտանիքներ եւ ծխատէր քահանան, հեռացած է շրջանէն: Յակոբեան հաւաստած է, որ մարդկային կորուստներ չկան:
տագովներ ըլլալու յաւակնոտութիւնը ունեցող շարք մը երկիրներ, վարչակարգ փոխելո՞ւ, ժողովրդավարութիւն հաստատելո՞ւ, թէ քաղաքակրթութիւններու այս օրրանը քանդելու միտումով կը քաջալերեն նըման խուլիկաններու հոսքը դէպի Սուրիա: Հնագիտական վայրեր պայթեցնելով, պատմամշակութային կառոյցներ քանդելով ինչպիսի՞ պայքար կը մղեն զինեալ ծայրայեղականներ… Ի՞նչ բան փըրկելու եւ ժողովրդավարական ինչպիսի՞ կարգեր հաստատելու համար… Ակնյայտ է, որ նման յանցագործներու դէպի Սուրիա հոսքը խրախուսելով, շարք մը երկիրներ կը ձգտին ոչ միայն սպառնալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու անոր ընկերային հիւսուածքի քայքայման, այլեւ երկրի պատմամշակութային դիմագիծի աղաւաղման: Սուրիոյ տագնապի անխօս զոհերը. այսպէս կը բնութագրուին այսօր վտանգի ենթակայ հնագիտական կառոյցներն ու վայրերը, որոնց հանրագումարը քաղաքակրթութիւններու օրրան հանդիսացող Սուրիական հայրենիքի պատմական հարուստ դիմագիծը կը կազմէ: Այս դիմագիծին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն նաեւ հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող հայկական շարք մը կառոյցներ‘ Ինչպէս Ս. Աննա ուխտավայր մատուռը (Եագուպիէ -1380թ.), Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին (Հալէպ -1476թ.) եւայլն: Լրջագոյն վտանգ կը սպառնայ այսօր Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան, անյետաձգելի հրամայական է մշակութային այս ժառանգութեան պահպանման միտող քարոզչական աշխատանքներու ծաւալումն ու յանցագործներու դատապարտումը, հնարաւորինս փըրկելու Սուրիոյ պատմամշակութային դիմագիծն ու անոր հնագիտական արժէքները:
Խմբագրական «ԳԱՆձԱՍԱր» շաբաթաթերթի Հալէպ
Մուսուլի եւ Քեսապի մէջ կայծակնային արագութեամբ արձանագրուող գործընթացներ
Ք
եսապի շրջանին նկատմամբ իրականացուած գործողութիւններու ընթացքը, կշռոյթն ու ձեռք ձգուած արդիւնքներուն անմիջականութիւնը մի քանի երեւոյթի մասին մտածել կու տայ։ Նախ անշուշտ այն, որ ներխուժման արագութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ գրաւող տարրերուն նահանջը կամ փախուստը։ Եթէ օրին բանակային ուժերու դիմադրութիւն չարձանագրուեցաւ, այս պարագային ալ միեւնոյն պատկերը կրկնուեցաւ հակառակ կողմին համար։ Տարբեր խնդիր, որ մարտ 21էն ետք ստեղծուած կացութեան մէջ բազմաթիւ անգամներ սուրիական պետական լրատուամիջոցները այն տպաւորութիւնը ձգեցին, որ սուրիական բանակը որոշ յենակէտեր գրաւելով կը նախապատրաստէ յարձակումի մեծ գործողութիւնը, Քեսապին վերատիրանալու համար։ Խորքին մէջ սակայն, գետնին վրայ նկատառելի տեղաշարժեր չէին արձանագրուեր, փոխանցելով այն համոզումը, որ Քեսապի ուղղութեամբ ռազմական հիմնական գործողութիւնը կը յետաձգուէր։ Ռազմական գործողութիւններու յետաձգումը միայն ռազմագիտական եւ ռազմավարական պատճառներ կրնայ չունենալ։ Խօսքը կը վերաբերի քաղաքական գործընթացներու այս կամ այն պահի ընտրութեան հրամայականին հետ։ Մինչ այդ, պարզ դարձաւ, որ Քեսապի ժողովուրդին տարհանումը Մոսկուայի համար առաւելագոյն լուսարձակներ բանալու առիթ էր եւ զայն լիարժէք օգտագործելը կը բխէր տուեալ պետութեան կողմէ տեղեկատուական պատերազմի ամրագրած օրինաչափութիւններէն։ Աւելի ճիշդը ապատեղեկատըւութեան լայնածիր դրսեւորումներէն։ Եւ ինչպէս, որ Քեսապ ներխուժման գործողութիւնը 0 ժամի ճշդման քաղաքական բացատրութիւնը ունէր, այս պարագային վերատիրացումը եւս։ Ժամանակ պէտք էր, որպէսզի Ուքրանիա-Խրիմէն միջազգային ուշադրութիւնը անցնէր դէպի Քեսապ, իբրեւ հակակշիռ երեւոյթ-գործողութիւն։ Միջազգային ընտանիքի եւ հանրութեան դիտարկումի տրամաբանութեամբ’ ռուսական տարածքէ Խրիմ հասած ուժերուն դիմաց, թրքական տարածքներէ Սուրիա ներխուժած ահաբեկիչներ։ Քեսապի վերատիրացման մեծ գործողութիւնը սակայն ունէր այլ շարժառիթ եւս։ Նոյն տարրերուն Իրաքի մէջ յանկարծակի աշխուժացումը եւ Իրաքի երկրորդ քաղաքին կայծակնային արագութեամբ գրաւումը, նախ իբրեւ ձեւ եւ իրականացուող եղանակ զուգահեռներ կ՜ուրուագծեն շրջանային երկու հրատապ շրջաններու մէջ արձանագրուող գործընթացներուն միջեւ։ Ուժանիւթային պաշարներու տարողութիւնը, շրջանի քարտէսի վերագծման օրակարգի քաղաքական ուրուականը եւ քրտական գործօնի անմիջականութիւնը տարբեր տարողութիւն կ՜ապահովեն Մուսուլի դէպքերուն։ Խնդիրը սակայն, այս բոլորի օգտագործման համար օգտագործուած գործիքն է, որ օգտագործողի եւ գործիքի նոյնութիւն կը ստեղծէ թէ՜ Մուսուլի եւ թէ՜ Քեսապի պարագաներուն։ Հիմա արդէն կը խօսինք թրքական տարածքներու մէջ արմատաւորուող, այնտեղերէն ֆինանսաւորուղ, զինուող եւ գործուղւող միջազգային ահաբեկչութեան այն բաղադրիչին մասին, որ քաղաքական ժամացոցյներու սլաքներու պահ ճշդող ժամերուն կ՜աշխատին Քեսապի մէջ թէ Մուսուլի, իրականացնելու համար աշխարհաքաղաքական ուժերու գուցէ ժամանակաւոր ծրագիրները։ Անգարան պէտք ունէր քարոզչական իմաստով Քեսապէն դէպի Թուրքիա փախուստ տուող ծայրայեղականներուն դիմաց կարճատեւ դրուածքով սահմանը փակելու։ Խաբկանքի այդ գործողութիւնը լուրջ կ՜ընկալուէր, եթէ ծայրայեղականները աքցանելու եւ չէզոքացնելու չյայտարարուած համակողմանի համաձայնութիւն մը ըլլար։ Այդ աքցանումը չեղաւ եւ զինեալները շուտով հասան Ալեքսանտրէթ։ Դժուար է կանխատեսելը, թէ նոյն արագութեամբ, ճշդուած պահուն Մուսուլին կը վերատիրանա՞ն թէ ոչ իրաքեան իշխանութիւնները։ Հայկական ոսպնեակէն չի վրիպիր սակայն թրքական տարածքներէ ներխուժում եւ դէպի թրքական տարածք վերաապաստանում միջազգային ահաբեկչութեան բաղադրատարրերուն անարգել ելքն ու մուտքը Թուրքիա։ Նոյն տարրերն են, որոնք շատ արագ հասան Մուսուլ։ Եւ եթէ նոյն տարրերն են, նոյնն են նաեւ զիրենք զինողներն ու ֆինանսաւորողները։ Միջազգային ընտանիքը անտեղիտալի պատերազմ յայտարարած էր միջազգային ահաբեկչութեան դէմ։ Սկզբունքով նաեւ զայն հովանաւորողներուն դէմ։ Յատկապէս’ ներխուժման տարածքներ եւ փախուստի անցքեր տրամադրողներուն։