²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç
ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.546 - 26 ÚáõÝÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
§Ð³ÛÏ³Ï³Ý åݹáõÙÝ»ñáõݦ ¹¿Ùª
թ
թուրքիոյ Արտաքին գործոց Նախարարութեան աշխատանքի մասին
ուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Խորհըրդարանին մէջ պատասխանած է, Պոլսոյ անկախ երեսփոխան Իհսան Պարութճուի գրաւոր հարցումին, որ կը վերաբերէր 1915ի «դէպքերու հայկական պնդումներուն» դէմ նախապատրաստական աշխատանքին: Տաւութօղլու դիտել տուած է, թէ «1915ի դէպքերու» կապակցութեամբ՝ շարունակ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ինչպէս եւ այլ մարմիններու շահագրգիռ անդամներու: Այս տեղեկութիւնները կը տրուին արտաքին գործոց նախարարութեան շըրջագծէն ներս գործող Դիւանագիտական Ակադեմիայի միջնորդութեամբ: Նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի նաեւ «Պետական Յանձնախումբի» գործունէութեան, որ հայաստանի հանրապետութեան նա-
խագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տակ հիմնուած էր 2011ին եւ կը գործէ հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենուրեք տարածելու նպատակով: Տաւութօղլու անգամ մը եւս շեշտեց, թէ այս նպատակով պէտք կայ ռազմավարութեան մը, որ Դիւանագիտական շըրջագծէն մինչեւ իրաւական շրջագիծ, ժողովրդական դիւանագիտութենէն մինչեւ ակադեմական դիւանագիտութիւն, թրքական սփիւռքն ալ ներառեալ, պիտի գործադրուի ներդաշնակ ու համընթաց աշխատանքով: Տաւութօղլու յիշեցուց որ զանազան երկիրներու Խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան բանաձեւերը պարտաւորիչ հանգամանք չունին թուրքիոյ համար, այնուհանդերձ՝ նախարարութիւնը ամէն աշխատանք կը տանի այս ճանաչումները կանխարգիլելու համար: Նախարարը
յիշեցուց նաեւ, որ վարչապետ Էրտողանի կողմէ 23 Ապրիլին արտասանուած ցաւակցական պատգամն ալ նոյն ռազմավարութիւնը կը ցոլացնէ. «Այս պատգամը, փոխանակ պատմութենէն թշնամութիւն ձեռք բերելու, զգացումները իրարու հետ բաժնելու եւ մարդասիրական կեցուածք ցուցաբերելու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր եւ կը ցոլացնէր ուրիշին տառապանքը մորթին վրայ ըզգալու հրամայականը»: Այնուհանդերձ, վարչապետ Էրտողան նոյն պատգամին մէջ վերանորոգած էր պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմելու թուրքիոյ առաջարկը: Տաւութօղլու վերջը ըսաւ, որ «1915ի պատահարներուն» մասին ամբողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած տեսութիւն մը չկայ եւ միջազգային ոչ մէկ դատարան մինչեւ այսօր 1915ը որակած է ցեղասպանութիւն:
Èǵ³Ý³Ý
Ազգային եւ ժողովրդային թաղում` մտաւորական Պօղոս Սնապեանի
Յունիս 21ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.15ին, բազմավաստակ գրականագէտ, գրաքննադատ, կրթական գործիչ եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեանի դագաղը «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն ուսամբաձ փոխադրուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր կատարւեցաւ հանգուցեալ գրականագէտին ազգային յուղարկաւորութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Պօղոս Սնապեանի ազգային եւ մտաւորական արժանիքներն ու ներկայացուց անոր կենսագրականը: Ապա Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ ՍամուէլեանԵռագոյն» սրահին մէջ յանուն հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան եւ հ.Յ.Դ. Բիւրոյի դամբանական խօսքեր արտասանեցին Տիգրան Ճինպաշեան
եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ցաւակցութիւններէն անմիջապէս ետք վաստակաշատ մտաւորականին մարմինը փոխադըրւեցաւ Այնճար հայաւան, ուր կատարուեցաւ Ազգային եւ ժողովրդային թաղում: Խօսքեր առին Վարուժան արք. հերկելեան եւ Յակոբ Այնթապլեան
(վերջինս` հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով), որ յետմահու Պօղոս Սնապեանը պարգեւատրեց Այնճարի շքանշանով: հետագային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք Պօղոս Սնապեանի Ազգային թաղման ընթացքին արտասանուած դամբանական խօսքերուն:
հ
Լուսարձակներ` հայաստանի հանրապետութիւնՆախիջեւան սահմանին վրայ
այ-ազրպէյճանական շփման գիծերուն վրայ արձանագըրւող զարգացումները բնականաբար չեն վրիպիր տարբեր կեդրոններու ուշադրութենէն: Ամէնէն սուր կերպով ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած իրողութիւնը այն է, որ դիպաշարը հրադադարի հերթական խախտումներով յատկանշուած եւ սովորական երեւոյթի վերածուած ազրպէյճանական ոտնձըգութիւններուն մասին չէ: թէ՛ Նախիջեւանի ուղղութեամբ եւ թէ՛ Տաւուշի ուղղութեամբ արձանագրուած դէպքերը կը խօսին արդէն ոչ միայն արցախա-ազրպէյճանական, այլ նաեւ հայ-ազրպէյճանական (հայաստանի հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանային գօտիներու վրայ) արձանագրուած զարգացումներուն մասին: Արագ կարգով, քանի մը լրատուութիւն եւ ապա որոշ հետեւութիւններ: Ուրբաթ օր հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած է ժամկէտային զինւոր մը: 5 Յունիսին հայաստան-Նախիջեւան սահմանի Արարատի հատուածին մէջ ազրպէյճանցի արձակազէններու կրակոցէն սպաննուած էին երկու պայմանագրային զինուորական ծառայողներ: հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ուրբաթ օր այցելեց հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամիաւորումներուն: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը փոխանցէ, որ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է մարտական յենակէտեր, հետեւած է դիրքերու մարտավարական բնագիծի ճարտարապետական բարելաւման եւ յենակէտերու կահաւորման աշխատանքներուն, ծանօթացած է մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն: Դէպքերուն բնոյթն ու պատահարի մանրամասնութիւնները իմանալու համար պէտք է սպասել պաշտօնական լրահոսին: Եւ իրօք այս մէկը այն ոլորտն է, որ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները պէտք է զիջին առարկայական տեղեկութիւն հաղորդելու սկզբունքին, որ մեզի նման կիսապատերազմական իրավիճակի մէջ գտնըւող երկրի համար իբրեւ աղբիւր պէտք է նկատի ունենայ զինւորական համապատասխան գերատեսչութիւններու մամլոյ ծառայութիւններու հաղորդածները: Բայց անկախ դէպքերու բնոյթէն, յենակէտերու կարգավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններէն, նախայարձակման կամ համարժէք պատասխաններու արդիւնքներէն, կ՛արժէ քանի մը դիտարկում կատարել. արձանագրուող դէպքերու միջավայրերուն եւ զինուորական ճակատներու բռնկման հարաւարեւմտեան զգալի բաժինները յայտնապէս կը խօսին հայաստանի հանրապետութիւն-Նախիջեւան շփման գիծերուն մասին: Դէպքերու շարժառիթներուն, ռազմագիտական ակնոցով կատարուող դիտարկումներուն որոշ հետեւութիւններ կատարելը կը պահանջէ մասնագիտական մօտեցում: Եւ առանց տիրապետելու իրավիճակի մանրամասնութիւններուն, այս զարգացումներուն մասին եզրայանգումներ կատարելը լրագրական առումով ճիշդ պիտի չըլլար: Տեղեկատուականի պարագային սակայն փաստերու վրայ հիմնուելով որոշ խորհրդածութիւն ընելը կրնայ օգտակար ըլլալ: Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումներուն օրերուն հայկական կողմէն կային հերքումներ. ազրպէյճանականը համեմատաբար զուսպ էր եւ կը պահէր լռութիւն: Աշխուժը ռուսականն էր, որ կը խօսէր հայկական ուժերու առաւելութեան, այդ ուղղութեամբ յենակէտ գրաւելու եւ Նախիջեւանի մէջ ազրպէյճանական գիւղի բնակչութեան տարհանումի մասին: Առ այժմ աւելի հետեւութիւն ընելը կը թուի, որ նպատակայարմարութիւն չ՛ապահովեր: հայկական կողմէն կայ որոշակի զսպուածութիւն այս մասին բարձրաձայնումներ կատարելու: Նախիջեւանի աշխարհագրութիւնը նկատի ունենալով կան վերլուծութիւններ, որոնք կը նշեն հարցին արտակարգ տարողութիւնը` ընդգծելու համար, որ եղածը ռուս-թրքական քաղաքական պարանաձգութեան մէջ տեղաւորուող ուղերձներու փոխանակում է:
(Þ³ñ.Á ¿ç II)