13547 armenio

Page 1

imprenta - 13547 - 3-7-2014 - armenio_Armenio 30/06/2014 10:48 p.m. Página I

²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.547 - 3 ÚáõÉÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595

ΰÁë¿ ÎÇñû سÝáÛ»³Ý

«Ալիեւ վտանգաւոր կը դառնայ աշխարհին համար»

Ա

նդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, Panorama.am-ի հետ զըրոյցի ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Իլհամ Ալիեւի ելոյթը պարզապէս հեռու է առողջ բանականութենէն: Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նիստին Ազրպէյճանի նախագահութեան ելոյթին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կրկին հակահայկական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ: Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւորներու հարցումներուն ան պատասխանած է կոպիտ ձեւով եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ մեղա-

դրած եւրոպական ժողովրդավարական պետութիւնները: «Հասկնալի է, որ խօսքի ազատութիւն է, ով ինչ կ՛ուզէ` կրնայ ըսել, սակայն եթէ որեւէ երկրի նախագահ այս ձեւով ու ոճով կը խօսի նման ատեանի մէջ, եթէ մարդ այդքան սուտ խօսելու համարձակութիւն ունի եւ խօսքի ազատութեան անւան տակ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ կը հանդուրժուի ատիկա, կը սկսիմ մտածել, թէ արդեօք այդ ատեանին մէջ մենք պէ՞տք է մնանք, թէ՞ ոչ: Չեմ

պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ նման մարդու հետ», ըսաւ Մանոյեան: Ըստ Մանոյեանի, Ազըրպէյճանի նախագահի իւրաքանչիւր ըսածին հայատեաց էութիւնը յստակ պէտք է ներկայացուի միջազգային հանրութեան, եւ պէտք չէ մտածել, որ ուրիշներ խնդիրները կը պատկերացնեն այնպէս, ինչպէս մենք: «Ալիեւ կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի նախագահը ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապը կրօնական է: Այսինքն` այդ նոյն սրահին մէջ Հայաստանի նախագահի ըսածը այդքան գլխիվայր ներկայացնելը, ալ չեմ ըսեր անոր յայտարարութիւնը, թէ այսօրուան Հայաստանը հին ազրպէյճանական տարածք է, զարմանալի է ուղղակի: Այդ մարդը քիչ մըն ալ որ շարժի, ուղղակի պէտք է կապել-տանիլ` իբրեւ գլուխը կորսնցուցած մարդ, որ կրնայ վըտանգ ներկայացնել աշխարհին համար», շեշտեց Մանոյեան:

Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ ԵԱՀԿ-էն կը պահանջեն ԼՂՀ-Ի մասնակցութիւն բանակցային գործընթացներուն

Հ

այաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջ-խորհըրդարանական յանձնաժողովը դիմեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ բանակցային գործընթացներու բոլոր փուլերուն Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութիւն ապահովելու համար: Պատգամաւորները Մինսկի խումբին մէջ համանախագահող երկիրներուն կոչ ուղղեցին գործնական քայլեր ձեռնարկել Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծէն դիպուկահարներու հեռացման, միջադէպերու հետաքննութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններու ու գործողութիւններու բացառման ուղղութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման լիիրաւ կողմ, յիշեցնեմ, բանակցային գործընթացին չի մասնակցիր 1998 թուականէն: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-

նախագահ Էդուարդ Շարմազանովը (ՀՀԿ) «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան բանակցային գործընթացին, հնարաւոր չէ ակնկալել լուրջ առաջընթաց: «Սրանով թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յստակ ազդակ են յղում միջազգային հանրութեան եւ առաջին հերթին՝ Մինսկի խումբի համանախագահ երեք երկիրներուն եւ անոնց նախագահներուն, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը պատերազմ չեն ցանկանում: Մենք բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու կողմնակից ենք: Եւ մենք պատրաստ ենք դուրս հանել դիպուկահարներին: Եթէ մենք ուզում ենք բանակցութիւնների վերսկսում կամ բանակցութիւնների ակտիւացում, ապա այստեղ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէս զինադադար

կնքած կողմերից մէկը, պատրաստ է ամբողջութեամբ ներգրաւուել», ըսաւ Շարմազանովը: Հարցին, թէ կարելի է այս քայլը դիտարկել որպէս հայկական կողմէ բանակցութիւնները ակտիւացնելու նախապայման է, ան արձագանգեց. «Սա ոչ թէ պայման է կամ նախապայման է, սա անհրաժեշտութիւն է՝ տրամաբանական եւ կարեւոր անհրաժեշտութիւն, առանց որի հնարաւոր չէ առաջընթաց: Որովհետեւ որեւէ մէկը՝ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ համանախագահ երկրներից որեւէ մէկը ո՛չ բարոյական, ո՛չ իրաւական, ո՛չ էլ պատմական իրաւունք ունեն առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի որոշելու նըրանց ճակատագիրը: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքը իր ճակատագիրը որոշել է եւ պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, որպէսզի ինքը, որպէս կողմ, ներկայացնի իր շահերը»:

«Հասարակաց ապագայ» եւ միակողմանի հատուցում

Թ

ուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնը որեւէ նոր տուեալ չ՛ապահովեր Անգարայի կողմէ որոշ ժամանակէ ի վեր կիրարկութեան դրուած թաւշեայ ժխտողականութեան քաղաքականութեան մէջ: Ուղերձը նոյն յստակութեամբ բանաձեւուած է: Իր վարչապետը «խաղաղասիրական մեծ քայլ առած է»: Կատարուածը ցաւակցութենէն անդին «յարատեւ խաղաղութեան» առաջադրանքով հասարակաց ապագայի ապահովման միտող ծրագիր է: Բնականաբար պիտի հետեւէր հայկական կողմէն առնուելիք համապատասխան քայլի սպասումը: Մինչեւ հոս նոյն յանկերգն է: Այս բանաձեւի իրականացման համար ներկայացուող հիմնաւորումները որոշակի դիտարժանութիւն կ՛ապահովեն: Անոնք հետեւեալներն են.Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ նոր եւ աւելի հիմնաւորուած խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը կը սկսի, եթէ մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ երկու կողմերուն միջեւ հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու եւ արդար յիշողութիւն մը կառուցելու համար իրենց ներդրումը ունենան: Նախքան յաջորդ կէտերուն անցնիլը, պահ մը կեդրոնանանք առաջին այս հիմնաւորումին վրայ: Առաջարկուածը գուցէ մասնագէտներու աշխատանք է, եւ եթէ կը խօսուի հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու մասին, մտաւորականներէն եւ քաղաքագէտներէն առաջ գուցէ հոգեբաններու կարիքը զգացուէր, ուսումնասիրելու համար երկու կողմերուն միջեւ գոյացած հոգեբանական պատուարներուն պատճառները: Բայց այստեղ, խորքին մէջ թրքական միեւնոյն յանկերգային առաջարկին մէկ տարբերակն է, որ սահած է Տաւութօղլուի յայտարարութեան մէջ: Մտաւորականներ ըսելով, Անգարայի վարիչը խորքին մէջ կը հասկնայ պատմագէտներ եւ գիտակցաբար բառին չօգտագործումով կ՛առաջադրէ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի միեւնոյն ծուղակը: Նոյն Տաւութօղլուն կը պատասխանէ՞ արդեօք Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնաժողովի նիստի բացումին նախագահ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, որ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չկայ համոզուելու համար, որ դէպքերը Ցեղասպանութիւն էին: Առաջին հիմնաւորումին մէջ, թուրք նախարարը կը խօսի արդար յիշողութիւն մը կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին: Պարզ է ակնարկը: Հայերը կ՛ապրին անարդար յիշողութեամբ: Եթէ արդարացման ենթարկենք յիշողութիւնը, ապա այնտեղ պիտի յայտնուի հասարակաց ցաւը, որ նաեւ թուրքերունն է: Այստեղ ահա կը սկսի աշխատիլ Անգարայի միւս թեզը, որ կառուցուած է զոհերու համահաւասարեցման ըսկզբունքին վրայ: Արդար յիշողութիւնը դժուար թէ այլ բացատրութիւն ունենայ: Հիմնաւորումները կը զարգանան. եթէ արդար յիշողութիւնը չկայանայ, այլ ուժեր պիտի շահարկեն հայ-թուրք հակամարտութիւնը եւ երկու կողմերը պիտի ենթարկուին շահագործումի: Ներկայ գոյավիճակի պահպանման, առ այդ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ թուրքերու շահագործման ենթակայ մնալու պատասխանատուութիւնը հայկական կողմին է, ուրեմն, ըստ թուրք դիւանագէտի տրամաբանութեան: Աւելի՛ն. հայկական կողմը այսպիսով պատասխանատուութեան տակ կը դրուի ոչ միայն հասարակաց անցեալի ճիշդ գնահատականը չտալու, այլ նաեւ գրաւի տակ դնելու երկու ժողովուրդներու հասարակաց ապագան: Կարմիր թելի պէս բոլոր հիմնաւորումներուն մէջ կը գծուի հասարակաց բառը. հասարակաց անցեալ, հասարակաց պատմութիւն, հասարակաց ցաւ, հասարակաց յիշողութիւն, եւ հիմա` հասարակաց ապագայ: Հասարակացումի այս քաղաքականութիւնը, որ խորքին մէջ թաւշեայ ժխտողականութիւն է, կը յատկանշէ 100ամեակին թրքական ռազմավարութիւնը: Կը թուի, թէ հասարակաց ապագայ կառուցելու բազմաթիւ առաջարկներ պիտի ստանայ հայկական կողմը Անգարայէն: Հայկական պատասխանը բոլոր խնդիրները հասարակացնելու թրքական այս խաղին լսուեցաւ քոնկրեսի ժողովասըրահներուն մէջ, երբ հատուցման բանաձեւը 4347 համարակալումով արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին անունով Անգարայէն պահանջեց իրաւատիրոջ վերադարձընել քրիստոնէապատկան գոյքերը: Հատուցման իրաւաքաղաքական հոլովոյթը, 100ամեակի արդէն հիմնական փուլին մէջ, ծայր առած է: Եւ այստեղ հոգեբաններէն եւ մտաւորականներէն առաջ իրաւագէտները աշխատանք ունին կատարելիք: Եւ կը կատարեն արդէն:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.