13551 armenio

Page 1

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý ²ðغÜƲ-Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.551 - 31 ÚáõÉÇë 2014 - лé. (54 11)4775 7595

ܳ˳·³Ñ ê³ñ·ë»³Ý ÏÁ ½·áõß³óÝ¿ ³½ñå¿Û׳ÝóÇÝ»ñÁ

Շ

«Հայոց աշխարհին մէջ պիտի գտնէք ձեր վախճանը»

աբաթ, 26 Յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ ելոյթ ունենալով Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկի հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձի ձեռնարկին, ըսած է, որ «այլեւս անցած են այն ժամանակները, երբ հայ մարդուն վնասելը անպատիժ կը մնար»: Ձեռնարկին ընթացքին, դիմելով զինուորական հաստատութիւններու այս տարուան շրջանաւարտներուն, Սերժ Սարգսեան յորդորած է վնասազերծել հակառակորդին ոտնձգութիւնները: «Արձակազէններով մեզ թիրախ դարձնող, մեր թիկունքին դաւադիր ոտնձգութիւններ իրականացնել ցանկացող եւ մեր դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ծրագրող հակառակորդին կ՛ըսենք, «Զգո՛ւշ

Ե

եղէք, սա հայոց աշխարհն է, ուր պիտի գտնէք ձեր վախճանը»: Եւ ես շնորհակալ եմ ձեզմէ, որ ընտրելով սպայի մասնագիտութիւնը` գիտակցաբար եւ նըւիրումով դարձած էք այս պատւիրաններուն հետեւորդները եւ զանոնք գործով իրականացնողները: Սակայն ես կը հրա-

մայեմ ձեզ, կը խնդրեմ, տղա՛ք, ընել ամէն ինչ, հերոսանալու ոչ թէ սեփական կեանքը կորսնցնելու, այլ մեր աշխարհին անդորրը խաթարող յելուզակները վնասազերծելու միջոցով: Հայրենիքը խիստ կարիքը ունի ձեր նման տղոց», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ընդունելի են: Այն, ինչ մենք լսում ենք՝ լսել ենք թերթերից, լրատւութիւնից, յայտարարութիւններից, համանախագահող երկրների ներկայացուցիչների կողմից, եւ չեմ գըտնում, որ եթէ Արցախը բանակցող կողմ լինի, այս հարցի շուրջ քննարկումներ կ՛իրականացնի, եւ երբ որ վերջում արդէն նման փաստաթուղթ պէտք է ներկայացուի Արցախին, Արցախի բնակչութեանը, իշխանութեանը, որեւէ դրական արձագանգ կարող է ստանալ», յայտնած է ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ միջազգային հանրութեան պա-

տասխանը այն պարագային, եթէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտարարեն միաւորման մասին՝ Արա Յարութիւնեանը ըսած է, որ պիտի գտնուին երկիրներ, որոնք ժխտական պիտի արձագանգեն, ուրիշներ հաւանաբար անտարբեր մնան, իսկ ինք չի կարծեր, որ «Արցախի խընդրի կարգաւորման հարցում այդ քայլը կարող է վըճռական դեր խաղալ»: Իսկ թէ ինչպէս կը պատկերացնէ Հայաստանի ու Արցախի միաւորման գործընթացը՝ ան յայտնած է, որ Հայաստանն ու Արցախը միաւորուած կը նկատէ, «սակայն Արցախը ինքնուրոյնութեան իր հնարաւորութիւններն ունի»: «Որքանո՞վ է իրատեսական շրջանառուող այն լուրը, թէ Ռուսաստանը պատրաստւում է վերցնել Լաչինը՝ այնտեղ խաղաղապահ զօրքեր տեղակայելու նպատակով», հարցուցած է լրագրող մը, որուն Յարութիւնեան պատասխանած է. «Նըման տեղեկութիւններ չկան, դա անթոյլատրելի եւ անհնարին եմ համարում»:

Արցախը անընդունելի կը նկատէ Մատրիտեան սկզբունքները

ՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը «Առցանց հարցուպատասխան Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի հետ» ձեւաչափով հարցազրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները համաձա՞յն են ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին յանձնելու, բան մը, որուն մասին քանի մը տարիէ կը խօսին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները այդ 7 շրջանները կը նկատեն Արցախ, ուր կը կատարեն հեռանկարային ներդրումային ծրագիրներ: Խօսելով Մատրիտեան սկըզբունքներուն մասին՝ ան ըսած է, որ անընդունելի կը նկատէ զանոնք, եւ եթէ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղը կրկին մասնակցի բանակցութիւններուն, նման փաստաթուղթի քննարկումը դրական արձագանգ չի ստանար: «Ի հարկէ, Մադրիդեան սկզբունքները մեզ համար ան-

«Ազատութիւն» Րատիոկայանի թղթակիցին հերիւրանքները նախագահ Սարգսեանի այցելութեան առիթով

Հ

այաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգըսեանի եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան Արժանթին, Ուրուկուայ եւ Չիլէ այցելութիւնը Յուլիս 7էն 12 լայն արձագանգի արժանացաւ հայրենի թէ Սփիւռքի մամլոյ շրջանակներուն մէջ: Անկախ դիւանագիտական իմաստով իր ներկայացուցած կարեւորութենէն, հրապարակային ելոյթներու թէ մամլոյ ասուլիսներուն եւ անհատ լրագրողներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներու ընթացքին նախագահ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւններուն բովանդակութիւնը՝ ե՛ւ Հայաստանի անվտանգութեան հարցերու, ե՛ւ երկկողմանի յարաբերութիւններու, ե՛ւ Արցախի հիմնախնդրով, ե՛ւ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի, ե՛ւ Սփիւռքի հետ համագործակցութեան նիւթերուն մասին չվրիպեցան ուշադրութենէ: Այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին հայրենի թէ սփիւռքեան հանրային կարծիքը անմիջականօրէն տեղեակ պահելու գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան ե՛ւ ՀՀ պատուիրակութեան մաս կազմող լրագրողներու խումբը, ե՛ւ հարաւամերիկեան հայկական մամլոյ օրգաններու եւ լրատու գործակալութեանց պատասխանատուները շնորհիւ իրենց մասնագիտական բարձր որակին: Բացառութիւն էր Ազատութիւն րատիոկայանի Ուրուկուայի թղթակիցը որուն հաղորդումը Պուէնոս Այրէսէն ոչ միայն չէր համապատասխաներ իրադարձութեանց առարկայական տեղեկատուութեան այլեւ իր բնոյթով ապատեղեկատուութիւն էր, չըսելու համար այցելութիւնը խայտառակելու յատուկ ճիգ: Հեռարձակած իր հերիւրանքներուն շարքին էր լուրի հաղորդման իսկ նախորդած իր արժեւորումը Սարգսեանի Արժանթին այցելութեան, որ որակուեցաւ ոչ այնքան յաջող որքան կ’ակնկալւէր որովհետեւ, եղեր, Նախագահին չէր ընդունած արժանթինցի իր պաշտօնակիցը՝ Քրիսթինա Ֆեռնանտէս տէ Քիրչնէր, այլ՝ փոխ-նախագահ Ամատօ Պուտու: Արժանթինի նախագահուհին, ինչպէս հանրածանօթ էր, խիստ հիւանդութեան պատճառով ջնջած էր այդ շաբթուայ բոլոր հանդիպումները որոնց շարքին հարաւամերիկեան երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ խորհրդաժողով մը: Բայց այդ առարկայական տուեալները անտեսուեցաւ, նսեմացուեցաւ Ազատութիւն րատիոկայանի թղթակիցին կողմէ, եւ անոր փոխարէն շարահիւսւեցան այնպիսի պատճառներ որոնք ոչ մէկ կապ ունէին հայ-արժանթինեան յարաբերութիւններուն հետ: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, ան չյիշեց Նախագահին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ներկայ կառավարական բարձրագոյն պաշտօնեաներէն եւ ոչ մէկը: Նոյն օրուայ երեկոյեան եւ յաջորդ օրուան ընթացքին, նոյն անձնաւորութիւնը ճիգ չխնայեց Նախագահին եւ արժանթինահայ համայնքին հանդիպումներուն միայն ժխտական երեսները տեսնելու, մինչ երկրի գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքային կառավարութեան անդամներուն հետ տեսակցութիւններուն, խօսակցութիւններուն ու ստորագրուած համաձայնագրերուն մասին ոչ իսկ անդրադարձաւ: Աւելի՛ն, այդ անձնաւորութիւնը իր լրագրողի հանգամանքին մասնագիտական որակին մասին յաւելեալ փաստ մը տուաւ նախագահ Սարգսեանի Ուրուկուայ այցելութեան նախօրեակին, երբ անդրադառնալով երկրի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի մասին ըսաւ թէ ան ծանօթ է որպէս աշխարհի ամենաաղքատ նախագահներէն մէկը, որ, միշտ իր խօսքերով, շատերուն համար երկրի մը նախագահին իսկ չնմանիր... Նախագահական այցելութեան նախօրեակին հանրային կարծիքը ժխտականօրէն նախատրամադրելու, այցելութեան լրջութեան ու կարեւորութեան մակարդակը գետնին հաւասարացնելու համար ասկէ լաւ մեկնաբանութիւն դժուար թէ կարելի ըլլայ երեւակայել... Անկախ նախագահ Սարգսեանի այցելութեան կարեւորութիւնը ջրելէ, անկախ արժանթինահայ համայնքի հանդէպ առնուազն անյարգալից վերաբերմունք ցոյց տալէ, անկախ իր անշնորհ հաղորդումներով հայրենի թէ սփիւռքեան հանրային կարծիքը մոլորեցնելէ, Ազատութիւն րատիոկայանի Ուրուկուայի թղթակիցը փաստը տուաւ իր անմասնագիտութեան մակարդակին, ինչ որ Ազատութիւն րատիոկայանի պատասխանատուներուն մտահոգութեան պատճառ պէտք է ըլլայ եթէ, անշուշտ, կ’ուզեն պահել րատիոկայանի հանրածանօթ լրջութեան որակը ինչ կը վերաբերի Հարաւային Ամերիկայէն իրենց ալիքներով հեռարձակուող հաղորդումներուն:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.