13555 armenio

Page 1

ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §Ð³Ûñ»ÝÇù¦Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.555 - 28 ú·áëïáë 2014 - лé. (54 11)4775 7595

г۳ëï³ÝÇ Ð³Ýñ³å»ïáõû³Ý ä³ßïå³Ýáõû³Ý ܳ˳ñ³ñáõÃÇõÝ

«Ազրպէյճանական ուժերը չեն ենթարկուիր հրամանատարութեան»

17

-22 օգոստոսին ազըրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարը հայ-ազըրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հըրապարակած տուեալներուն, նոյն ժամանակամիջոցին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը զինադադարը շուրջ 240 անգամ խախտած է, եւ այդ ընթացքին, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1900 կրակոցներ: Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծին վրայ 17-22 օգոստոսին հակառակորդը զինադադարը խախտած Է շուրջ 48 անգամ, տարբեր տրամաչափի զէնքերով հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 300 կրակոց: Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ

հաւատարիմ մնացած են զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` վստահօրէն վերահըսկելով իրենց պահպանութեան ներքեւ գտնուող դիրքերուն: Ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի պարբերական խախտումները հերթական անգամ կը վկայեն, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ղեկավարութիւնը միտումնաւոր կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արհեստական լարուածութիւն ըստեղծելու նպատակով, կամ` ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տեղակայուած ստորաբաժանումները չեն ենթարկուիր կեդրոնական հրամանատարութեան,

Îáõï³Ï³ÛÇÝ Î»Ýë³Ãáß³ÏÝ»ñáõ سëÇÝ

Հ

Սահմանադրական Դատարանին դիմում պիտի պատրաստուի

.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի պատասխանած է 168.am կայքի` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցումին: Ըստ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, նոր չէ, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ամէն ձեւով քաղաքացիները այս համակարգին մէջ տեսնէ, եւ յառաջացած բոլոր խնդիրները կառավարութեան կողմէ կը մեկնաբանւին, որ «այո՛, անհատը պարտաւոր է վճարում ընել», եւ քաղաքացին այս պարագային այլ ելք չունի: Արծուիկ Մինասեան տեղեկացուցած է, որ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին վաւերացուած «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ դիմում կը նախապատրաստուի Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու եւ վիճելի դրոյթները հակասահմանադրական ճանչնալու համար: Թէ ե՛րբ պատրաստ կ՛ըլլայ փաստաթուղթը, պատգամաւորը նշած է, որ դիմումը պէտք է քառեակին մէջ եւս քննարկուի եւ համաձայնեցուի: «Հաւանաբար, Սեպտեմբերի մէջ կը ներկայացուի Սահմանադրական Դատարան», ըսաւ ան:

զբաղած են ինքնագլուխ գործունէութեամբ եւ հաշուետու չեն հրամանատարութեան` ըսպառած ռազմամթերքի համար, եթէ, անշուշտ, նման հաշուետուութիւն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ ընդհանրապէս կը կատարուի: Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական կողմին զերծ մնալու իրավիճակի լարման ուղղուած քայլերէ եւ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն կը հետեւին զինադադարի դրութեան պահպանման: Հայ զինւորները իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային:

Հ

Պատահարը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

այորդին չկրնար անտարբեր մնալ այն կատարուած հալածանքներուն, չարչարանքներուն եւ սադրանքներուն, որոնք կը կատարուին Եզիտի ժողովուրդին դէմ: Միշտ ալ հալածուած եւ ճնշման ենթարկուած Եզիտիներու ներկայ իրավիճակը կը յիշեցնէ… գրեթէ հարիւր տարի առաջ կատարւած, ցայսօր մեր մորթին վրայ ազդող ՊԱՏԱՀԱՐԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Նմանօրինակ իրադարձութիւններ կը կատարուին եւ իրավիճակ ստեղծուած է Իրաքի Հիւսիս-Արեւելեան շրջանէն ներս, Սուրիոյ սահմանին մօտերը, ուր Սինժար լերան շրջակայքը կրցած են փախուստ տալ, ծայրայեղ Իսլամական ուժերու կողմէ հալածուած անմեղ Եզիտիները: Անոնց յանցանքը… իրենց կրօնքն ու հաւատքն է: Զրադաշտականութեան, Սուֆի եւ Շիի կրօնքի խառնուրդ մըն է Եզիտիին դաւանանքը, որուն արդիւնք ան միշտ ալ հալածւած է: Սակայն, այս անգամուայ կատարուածը շատ աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ է: Մանաւանդ որ, Հայաստանի մէջ Եզիտիները կը կազմեն ամենէն աւելի բարձր թիւ հաշուող փոքրամասնութիւններէն մէկը, եւ միշտ ալ ունեցած են իրենց ազատութիւնը: Այնքան մը որ, դեռ երկու տարի առաջ՝ Սեպտեմբեր 2012ին, անոնք օժտուեցան իրենց առաջին սրբատեղիով, որ կը գտնուի Արմաւիրի շրջանէն ներս, ուր գոյութիւն ունին երկու Եզիտի գիւղեր՝ Ֆերիք եւ Երաշահուն: Հակառակ կրօնական տարբերութեան, Եզիտին եղած է Հայորդիին բարեկամը: Դժբախտաբար ճակատագիրը այնպէս մը եղած է որ, երկու ժողովուրդներն ալ շարունակ դժուարութիւններու հանդիպած են: Այս գծով, տեղին է նշել, վերջերս Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի մէկ հաստատումը.- «Բախտակից ազգ ենք մենք եւ հարիւրամեակներ շարունակ միասին պայքարած ենք ընդհանուր թշնամիներու դէմ, եւ մեր ճակատագիրը միասնական դարձած է, անոր համար ալ, ինչ որ կը կատարուի եզիտիներուն հետ, կը կատարուի նաեւ հայութեան հետ: … Մենք ոչ թէ կոչ կ՛ուղղենք եզիտիներուն լքելու իրենց պատմական հայրենիքը, այլ կ՛ըսենք` մենք ձեզի հետ ենք ե՛ւ բարոյապէս, ե՛ւ ամէն ձեւով, եւ եթէ որեւէ մէկը Արցախ գալու ցանկութիւն յայտնէ կամ Արցախէն որեւէ աջակցութեան կարիք ունենայ, մենք պատրաստ ենք»: Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարարութիւնն ալ, արդէն իսկ գործի լծուած է, այս հարցին առնչութեամբ եւ կատարուած մարդասիրական օժանդակութեան կողքին, դիւանագիտական մեքենան, միջազգային շրջանակներէն ներս, պատշաճօրէն կ՛արծարծէ եզիտիներու նկատմամբ շարունակուող զանգուածային բռնութիւններու, հալածանքներու, մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ … ցեղասպանութեան հարցը: Անշուշտ այս իրադարձութիւնները կը կատարուին Թուրքիոյ Հարաւ-Արեւելեան մօտակայ սահմանին մօտ, ուր նորընտիր նախագահ եւ նախկին վարչապետ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողան, քաջատեղեակ է անցուդարձերուն, մանաւանդ որ այդ ծայրայեղ կրօնամոլներու մատակարարումն ու օժանդակութիւնը կը կատարուի իր երկրի «բաց» սահմաններուն ճամբով: Հուսկ, ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլիի կատարուած գլխահատումը բաւարար է եզրակացնելու թէ ինչպիսի՞ անձնաւորութեան տէր են, նորաստեղծ իսլամական Խալիֆայութեան ղեկավարները…

Æñ³íÇ׳ÏÁ гɿåÇ Ù¿ç

Ժիտէյտիէ-Սալիպէի Ազգային Առաջնորդարանը թիրախ` պայթումի

Բ

երիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ինչպէս միշտ, հին Հալէպի շրջանը բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է: Հետեւաբար այդ շրջանը գտնուող Ազգային Առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ այլ ազգապատ-

կան կառոյցներ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու: Արդարեւ, 22 oգոստոս 2014ի երեկոյեան ժամերուն հրասանդ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին մէկ բաժինին վրայ: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:

Նշենք, որ Հալէպի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր, վերոնշեալ կառոյցները անապահով շրջանի մէջ գտնուելնուն պատճառով չեն գործեր: Ազգային Առաջնորդարանը արդէն քանի մը տարի է ի վեր տեղափոխուած է Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող «Ս. Վրացեան» կեդրոնը:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.